ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ ՊԵՏՐՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ ՊԵՏՐՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

1 1 Պետրոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ օտարականներուդ, որ ցրուած էք Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ, ընտրուած՝ Հօր Աստուծոյ կանխագիտութեանը համեմատ՝ Հոգիին սրբացնելովը, հնազանդութեան եւ Յիսուս Քրիստոսին արիւնին սրսկուելուն համար. շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ թող շատնան։

ԿԵՆԴԱՆԻ ՅՈՅՍ ՄԸ

Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը, Անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի, Որ Աստուծոյ զօրութիւնովը պահպանուած էք հաւատքով այն փրկութեանը համար՝ որ պատրաստուած է վերջին ժամանակը յայտնուելու. Որով կ’ուրախանաք, թէեւ հիմա, ինչպէս հարկը կը պահանջէ, քիչ մը ատեն տրտմած էք զանազան փորձութիւններով Որպէս զի ձեր հաւատքին փորձառութիւնը որ կորստական ոսկիէն աւելի պատուական է, թէեւ ոսկին կրակով կը փորձուի, գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը. Որ դուք չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր եւ ուրախ էք անպատմելի եւ փառաւոր խնդութեամբ, Որպէս ձեր հաւատքին արդիւնք՝ հոգիներուն փրկութիւնը ընդունեցիք։ 10 Այդ փրկութեան համար փնտռեցին ու քննեցին մարգարէները, որ մարգարէացան ձեզի ըլլալու շնորհքը։ 11 Ու կը քննէին թէ ե՞րբ կամ ի՞նչպիսի ատեն կ’իմացնէր իրենց մէջ եղած Քրիստոսին Հոգին, որ առաջ կը վկայէր Քրիստոսին չարչարուիլը ու անկէ յետոյ փառաւորուիլը։ 12 Անոնց յայտնուեցաւ, որոնք ո՛չ թէ իրենց՝ հապա մեզի մատակարարեցին այն բաները, որոնք հիմա ձեզի պատմուեցան անոնց ձեռքով՝ որ աւետարանը քարոզեցին ձեզի Սուրբ Հոգիով, որ երկնքէն ղրկուեցաւ. որոնց հրեշտակները կը ցանկան տեսնել ակնկառոյց։

ԿՈՉ ՄԸ ՍՈՒՐԲ ԿԵԱՆՔԻ

13 Ձեր մտքերը գօտեպնդեցէ՛ք՝ արթուն կեցած՝ կատարելապէս յուսացէք այն շնորհքին որ ձեզի պիտի տրուի Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը։ 14 Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, 15 Հապա ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ 16 Վասն զի գրուած է. «Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ»։ 17 Եթէ Հայր կը կոչէք զանիկա՝ որ առանց աչառութեան կը դատէ ամէն մէկը իր գործին համեմատ, ուրեմն ձեր պանդխտութեան ժամանակը վախո՛վ անցուցէք, 18 Գիտնալով որ դուք ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք, որ ձեր հայրերէն ստացաք անուղիղ ճամբաներով, 19 Հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը. 20 Որ ճանչցուած էր աշխարհի սկիզբէն առաջ ու վերջին ատենը յայտնուեցաւ ձեզի համար, 21 Որուն միջոցով Աստուծոյ հաւատացիք, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց եւ անոր փառաւորութիւն տուաւ, որպէս զի ձեր հաւատքը ու յոյսը Աստուծոյ վրայ ըլլայ։ 22 Ձեր անձերը մաքրեցէ՛ք Հոգիին միջոցաւ՝ ճշմարտութեանը հնազանդելով, եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլալով։ Սուրբ սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք, 23 Նորէն ծնած ըլլալով՝ ո՛չ թէ ապականացու սերմէն, հապա՝ անապականացուէն Աստուծոյ կենդանի ու յաւիտենական խօսքովը։ 24 Վասն զի ամէն մարմին խոտի պէս է եւ մարդուն բոլոր փառաւորութիւնը՝ խոտի ծաղիկի պէս. խոտը կը չորնայ ու անոր ծաղիկը կը թափթփի. 25 Բայց Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ, այսինքն այն խօսքը, որ աւետարանով ձեզի քարոզուեցաւ։

ԿԵՆԴԱՆԻ ՎԷՄԸ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԱԶԳԸ

2 1 Ուրեմն մէկդի՛ ձգելով ամէն չարութիւն ու ամէն խաբէութիւն ու կեղծաւորութիւն եւ նախանձ ու ամէն չարախօսութիւն՝ Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէս զի անով մեծնաք մինչեւ փրկութիւն, Քանզի Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը առիք։ Մօտեցէ՛ք անոր, այն կենդանի Վէմին որ թէպէտ մարդոցմէ անարգուած է, բայց Աստուծմէն ընտրուած ու պատուական է, Դուք ալ կենդանի քարերու պէս շինուիք հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու։ Որովհետեւ գրքին մէջ ալ կայ. «Ահա՛ Սիօնի մէջ ընտիր, պատուական անկիւնի վէմ մը կը դնեմ եւ ով որ անոր հաւատայ՝ բնաւ պիտի չամչնայ»։ Ուստի ձեզի հաւատացեալներուդ պատուական է ան, բայց անհաւատներուն՝ «Այն քարը որ շինողները անարգեցին՝ անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ» Եւ «գլորման վէմ ու գայթակղութեան քար» անոնց՝ որ խօսքին չհաւատալով կը գայթակղին, որուն սահմանուած ալ էին։ Բայց դուք «ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները», որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց. 10 Որ ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. որ առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՆԵՐԸ

11 Սիրե՛լիներ, կ’աղաչեմ, պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին, 12 Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը։ 13 Ուստի հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է, 14 Թէ՛ կուսակալներուն՝ անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։ 15 Վասն զի Աստուծոյ կամքը այսպէս է, որ բարեգործութեամբ անխելք մարդոց տգիտութիւնը պապանձեցնէք. 16 Ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս։ 17 Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք. թագաւորը յարգեցէ՛ք։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

18 Ծառաները ամէն բանի մէջ վախով հնազանդ ըլլան իրենց տէրերուն, ո՛չ միայն բարերարներուն ու հեզերուն, հապա ժանտաբարոներուն ալ։ 19 Քանզի Աստուծմէ է այս շնորհքը, երբ մէկը բարի խղճմտանքով անիրաւ տեղ վիշտ կը կրէ։ 20 Վասն զի գովեստի արժանի ի՞նչ կայ եթէ մեղք գործելով ծեծուիք ու համբերէք։ Բայց եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է։ 21 Քանզի դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք։ 22 Ան մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ, 23 Բայց կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր. 24 Որ մեր մեղքերը իր մարմնովը խաչափայտին վրայ վերցուց, որպէս զի մենք մեղքերէն ազատինք ու արդարութեան համար ապրինք. որուն վէրքերովը դուք բժշկուեցաք։ 25 Վասն զի մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք։

ԿԻՆԵՐ ԵՒ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐ

3 1 Նմանապէս կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ Տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը։ Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով եւ ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, Հապա սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է։ Վասն զի ատենօք սուրբ կիները, որոնք իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած էին, անձերնին կը զարդարէին՝ իրենց այրերուն հնազանդ ըլլալով. Ինչպէս Սառա հնազանդ էր Աբրահամին եւ զանիկա տէր կը կոչէր։ Դուք՝ եթէ բարեգործ ըլլաք ու ոեւէ երկիւղ չունենաք՝ անոր զաւակները կ’ըլլաք։

Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ։

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔ

Վերջապէս ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ։ Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք, այլ ընդհակառակն՝ օրհնեցէ՛ք, գիտնալով որ այս բանին համար կանչուեցաք, որպէս զի օրհնութիւն ժառանգէք։ 10 Վասն զի ան որ կ’ուզէ կեանքը սիրել ու բարի օրեր տեսնել, իր լեզուն թող դադրեցնէ չարութենէ ու իր շրթունքները՝ նենգութիւն խօսելէ։ 11 Թող չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, թող խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ։ 12 Վասն զի Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է։ 13 Եւ ո՞վ ձեզի չարիք մը պիտի հասցնէ՝ եթէ դուք բարիին հետեւիք։ 14 Բայց եթէ արդարութեան համար չարչարուիք ալ՝ երանելի էք եւ անոնց ահէն մի՛ վախնաք ու մի՛ շփոթիք. 15 Հապա Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն։ 16 Մաքուր խղճմտանք ունեցէք, որպէս զի անոնք որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործներ ամօթով մնան, անոնց պէս որ Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը կը պախարակեն։ 17 Վասն զի աւելի աղէկ է բարեգործութիւն ընելով չարչարուիլ, եթէ Աստուծոյ կամքը այդ է, քան թէ չարագործութիւն ընելով։ 18 Վասն զի Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը անարդարներուն համար, որպէս զի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ։ Ան թէպէտ մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի է հոգիով. 19 Որով բանտի մէջ եղած հոգիներուն ալ գնաց ու քարոզեց. 20 Որոնք ատեն մը ապստամբ էին, երբ Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը՝ երբ տապանը կը շինուէր, որուն մէջ քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան. 21 Որ մեզ ալ՝ այն օրինակին պէս՝ մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ, (ո՛չ թէ մարմնին աղտը մէկդի ձգելը, հապա բարի խղճմտանքին վկայութիւնը առ Աստուած,) Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնովը. 22 Որ երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է, հրեշտակներն ու իշխանութիւնները եւ զօրութիւնները իրեն հնազանդ են։

ՓՐԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ

4 1 Քանի որ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմնով, դուք ալ նո՛յն մտքով զինուեցէք. վասն զի ան որ մարմնով չարչարուեցաւ՝ մեղանչելէ դադարեցաւ. Որպէս զի ալ ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն պէս՝ հապա Աստուծոյ կամքին պէս ապրիք մարմնի մէջ մնացած ատեն։ Վասն զի հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք։ Ու կը զարմանան՝ որ դուք նոյն անառակութեան մէջ անոնց հետ չէք վազեր ու հայհոյութիւն կ’ընեն, Որոնք պատասխան պիտի տան անոր՝ որ պատրաստ է դատել կենդանիներն ու մեռելները։ Քանզի ասոր համար մեռելներուն ալ աւետարանը քարոզուեցաւ, որպէս զի դատուին մարդոց կողմանէ մարմնով ու հոգիով կենդանի ըլլան Աստուծոյ կողմանէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՆՈՐՀՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԻ ՏՆՏԵՍՆԵՐԸ

Սակայն ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք։ Եւ ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։ Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու։ 10 Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս։ 11 Եթէ մէկը խօսի, Աստուծոյ պատգամներուն պէս թող խօսի. եթէ մէկը մատակարարութիւն ընէ, որպէս թէ Աստուծոյ շնորհներու զօրութենէն թող ընէ, որպէս զի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով. որուն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ԻԲՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՉԱՐՉԱՐՈՒԻԼ

12 Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. 13 Հապա ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք, որպէս զի անոր փառքին յայտնուելու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք։ 14 Եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիք, երանելի է՛ք. վասն զի փառքի եւ զօրութեան եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է. արդարեւ անոնց կողմէն կը հայհոյուի անիկա, բայց ձեր կողմէն կը փառաւորուի։ 15 Չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը չարչարուի իբրեւ մարդասպան կամ գող կամ չարագործ կամ իբրեւ ուրիշի բանին խառնուող. 16 Բայց եթէ չարչարուի իբրեւ քրիստոնեայ՝ թող չամչնայ, հապա ատոր համար թող Աստուծոյ փառք տայ։ 17 Քանզի ժամանակ է որ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսի։ Եթէ առաջ մեզմէ սկսի, հապա անոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ որոնք Աստուծոյ աւետարանին չեն հնազանդիր։ 18 Եթէ արդարը դժուարաւ կը փրկուի, հապա ամբարիշտն ու մեղաւորը ո՞ւր պիտի գտնուին։ 19 Ուստի անոնք որ Աստուծոյ կամքին համեմատ կը չարչարուին, բարիք գործելով իրենց հոգիները թող անոր յանձնեն, իբրեւ հաւատարիմ՝ Ստեղծողին։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՕՏԸ

5 1 Ձեր մէջ եղող երէցներուն կ’աղաչեմ, ես ալ նոյնպէս երէց ըլլալովս, Քրիստոսին չարչարանքներուն վկայ եւ մասնակից հանդերձեալ փառքին որ պիտի յայտնուի, Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, Ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով. Եւ Հովուապետին երեւցած ատենը փառքի անթառամ պսակը պիտի ընդունիք։

Նմանապէս դո՛ւք, երիտասարդներ, հնազա՛նդ եղէք ծերերուն։ Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։ Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։

Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։

10 Եւ բոլոր շնորհներու Աստուածը, որ մեզ իր յաւիտենական փառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսին միջոցով, քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛։ 11 Իրեն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ

12 Սիղուանոս հաւատարիմ եղբօր ձեռքով, ինչպէս ես կը կարծեմ, համառօտ մը ձեզի գրեցի, յորդորելով ու վկայելով թէ այս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցեր էք։ 13 Բարեւ կ’ընէ ձեզի Բաբելոնի մէջ եղած եկեղեցին, որ ձեզի հետ ընտրուած է ու իմ որդիս Մարկոսն ալ։ 14 Բարեւ տուէք իրարու սիրոյ համբոյրով. խաղաղութիւն ձեր ամենուն հետ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էք։ Ամէն։