ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԶԱՔԱՐԵԱՅ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԶԱՔԱՐԵԱՅ

ԱՍՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐԵՆ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

1 1 Դարեհի երկրորդ տարուան ութերորդ ամիսը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով.

 «Տէրը ձեր հայրերուն խիստ բարկացաւ։

 Անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Ինծի դարձէ՛ք

Ու ես ձեզի պիտի դառնամ,

 Ձեր հայրերուն պէս մի՛ ըլլաք,

Որոնց առաջուան մարգարէները կոչ կ’ուղղէին՝ ըսելով.

‘Ձեր չար ճամբաներէն ու չար գործերէն դարձէք’,

Բայց անոնք մտիկ չըրին

Ու ինծի ականջ չտուին։

 Ձեր հայրերը ո՞ւր են

Ու մարգարէները յաւիտեան կ’ապրի՞ն։

 Իմ խօսքերս ու հրամաններս

Որոնք իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ պատուիրեր էի,

Ձեր հայրերուն չհասա՞ն»։

Անոնք դարձան ու ըսին.

‘Զօրքերու Տէրը ինչ որ մեզի ընելու որոշեր էր

Մեր ճամբաներուն ու գործերուն համեմատ,

Զանիկա մեր վրայ գործադրեց’»։

ՁԻԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ

Դարեհի երկրորդ տարուան, տասնըմէկերորդ ամսուան, այսինքն Սեբաթ ամսուան, քսանըչորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով. «Գիշերով տեսայ թէ աշխէտ ձիու մը վրայ հեծած մարդ մը ձորին մէջ եղող մրտենիներուն մէջտեղը կայներ էր ու անոր ետեւը աշխէտ, պիսակ ու ճերմակ ձիեր կային»։ Ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ Տէր իմ»։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը քեզի պիտի ցուցնեմ»։ 10 Իսկ մրտենիներուն մէջ կայնող մարդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ասոնք անոնք են՝ որոնք Տէրը ղրկեց երկիրը պտըտելու համար»։ 11 Անոնք մրտենիներուն մէջ կայնող Տէրոջը հրեշտակին պատասխան տուին ու ըսին. «Երկիրը պտըտեցանք ու տեսանք թէ բոլոր երկիրը հանդարտ կեցեր է»։ 12 Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Ո՛վ զօրքերու Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չողորմիս Երուսաղէմի եւ Յուդայի քաղաքներուն, որոնց եօթանասուն տարիէ ի վեր բարկացած ես»։ 13 Տէրը ինծի հետ խօսող հրեշտակին բարի խօսքերով ու մխիթարական խօսքերով պատասխան տուաւ։ 14 Եւ հրեշտակն ալ ինծի ըսաւ. «Կանչէ՛ ու ըսէ՛,

Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

‘Երուսաղէմի համար ու Սիօնի համար

Չափազանց նախանձախնդիր եմ։

15 Խաղաղ ազգերուն խիստ շատ բարկացած եմ,

Քանզի երբ ես քիչ բարկացայ,

Անոնք չարութիւնը աւելցուցին’։

16 ‘Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

Երուսաղէմին կարեկցութեամբ դարձայ’։

‘Իմ տունս անոր մէջ պիտի շինուի

Ու Երուսաղէմի վրայ լար պիտի քաշուի’»։

17 Դարձեալ կանչէ՛ ու ըսէ՛,

Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Իմ քաղաքներս նորէն բարիքներով պիտի յորդին

Եւ Տէրը նորէն Սիօնը պիտի մխիթարէ,

Նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։

ԵՂՋԻՒՐՆԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ

18 Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ չորս եղջիւր։ 19 Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են»։ Ան ինծի ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան, Իսրայէլն ու Երուսաղէմը ցրուեցին»։ 20 Եւ Տէրը ինծի չորս դարբիններ ցուցուց։ 21 Ես ըսի. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընեն»։ Անիկա խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան ցրուեցին, այնպէս որ ոեւէ մարդ չկրցաւ իր գլուխը վերցնել։ Ուստի ասոնք եկան որպէս զի զանոնք վախցնեն ու Յուդայի երկիրը ցրուելու համար եղջիւր վերցնող ազգերուն եղջիւրները վար ձգեն»։

ՉԱՓԵԼՈՒ ԼԱՐԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

2 1 Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ մարդ մը, որուն ձեռքին մէջ չափելու չուան մը կար։ Անոր ըսի. «Դուն ո՞ւր կ’երթաս»։ Ան ինծի ըսաւ. «Երուսաղէմը չափելու, որպէս զի լայնութիւնը՝ որչափ ու երկայնութիւնը որչափ ըլլալը ճշդեմ»։ Ահա ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ, որուն դէմը ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ Ու առաջինին ըսաւ. «Վազէ՛, այս երիտասարդին ըսէ՛.

‘Երուսաղէմ առանց պարիսպի պիտի բնակուի

Մարդու եւ անասունի բազմութեանը պատճառով։

 Ես անոր բոլորտիքը հրեղէն պարիսպ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ Տէրը

Ու անոր մէջ իր փառքը պիտի ըլլամ’»։

ԱՔՍՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՏՈՒՆ ԴԱՌՆԱԼ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻՆ

 «Աղէ՜, աղէ՜, հիւսիսի երկրէն փախէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,

Քանզի ձեզ երկնքի չորս հովերուն պէս ցրուեցի»։

 «Աղէ՜, քեզ ազատէ՛, ո՛վ Սիօն,

Որ Բաբելոնի աղջկան հետ կը բնակիս»։

 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Իր փառքին ետեւէն զիս ղրկեց ձեզ կողոպտող ազգերուն,

Քանզի ձեզի դպչողը անոր աչքին բիբին կը դպչի։

 Ուստի ես իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի շարժեմ

Ու անոնք իրենց ծառաներէն պիտի կողոպտուին»։

Ու պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ղրկեր է։

10 «Ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,

Քանզի ահա ես կու գամ

Ու քու մէջդ պիտի բնակիմ», կ’ըսէ Տէրը։

11 «Այն օրը շատ ազգեր Տէրոջը պիտի յարին

Ու ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։

Ես քու մէջդ պիտի բնակիմ»։

Ու պիտի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկեր է։

12 Տէրը, սուրբ երկրին մէջ

Որպէս իր բաժինը Յուդան պիտի ժառանգէ

Ու նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ։

13 Տէրոջը առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ մարմին,

Քանզի անիկա իր սուրբ բնակութենէն արթնցաւ։

ՄԵԾ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

3 1 Տէրը ինծի ցուցուց մեծ քահանան՝ Յեսուն, որ Տէրոջը հրեշտակին առջեւ կայներ էր ու Սատանան անոր աջ կողմը կայներ էր՝ անոր դէմ դնելու համար։ Տէրը Սատանային ըսաւ. «Տէրը թող քեզ յանդիմանէ, ո՛վ Սատանայ։ Երուսաղէմը ընտրող Տէրը թող քեզ յանդիմանէ. միթէ ասիկա կրակէ հանուած խանձող չէ՞»։

Յեսու աղտոտ հանդերձներ հագեր էր ու հրեշտակին առջեւ կը կայնէր։ Հրեշտակը իր առջեւ կայնողներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աղտոտ հանդերձները ատոր վրայէն հանեցէ՛ք»։ Անոր ալ ըսաւ. «Նայէ՛, քու անօրէնութիւնդ վրայէդ վերցուցի ու քեզի պատուական զգեստներ պիտի հագցնեմ»։ Ու ես ըսի. «Անոր գլուխը մաքուր խոյր թող դնեն»։ Անոր գլուխը մաքուր խոյր դրին ու անոր հանդերձներ հագցուցին ու Տէրոջը հրեշտակը կայներ էր։

Տէրոջը հրեշտակը Յեսուին վկայութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես ու իմ հրամաններս պահես, այն ատեն դուն իմ տունս պիտի կառավարես եւ իմ սրահներս պիտի պահես։ Քեզի այս ներկաներուն մէջէն գործակիցներ պիտի տամ’։ Հիմա մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յեսու մեծ քահանայ, դուն ու քու առջեւդ նստող բարեկամներդ, քանզի անոնք իբր նշան տրուած մարդիկ են։ Վասն զի ահա ես իմ ծառաս Շառաւիղը պիտի բերեմ։ Եւ Յեսուին առջեւ դրուած քարին վրայ եօթը աչք պիտի ըլլայ։ Ես անոր վրայ արձանագրութիւն մը պիտի փորագրեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Այն երկրին անօրէնութիւնը մէկ օրուան մէջ պիտի վերցնեմ։ 10 Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, ձեզմէ ամէն մէկը իր դրացին իր որթատունկին ու թզենիին տակ պիտի հրաւիրէ»։

ԱՇՏԱՆԱԿԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

4 1 Ինծի հետ խօսող հրեշտակը դարձաւ եւ զիս իր քունէն արթնցնող մարդու պէս արթնցուց։ Ու ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ու ըսի. «Կը տեսնեմ զուտ ոսկիէ աշտանակ մը։ Անոր վրայ բաժակ մը, որուն վրայ՝ եօթը ճրագ։ Անոր վրայի եօթը ճրագներուն համար եօթը խողովակ կայ։ Անոր քով երկու ձիթենի կայ, մէկը բաժակին աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը»։ Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակին հարցուցի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ով տէր իմ»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԶՕՐԱԲԱԲԷԼԻՆ

Եւ ան ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի.

‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ,

Հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

 ‘Դո՛ւն, ո՛վ մեծ լեռ, ո՞վ ես։

Զօրաբաբէլին առջեւ դաշտ պիտի ըլլաս։

Գլխաւոր քարը ինք պիտի հանէ’։

Ու պիտի աղաղակեն. ‘Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր’»։

 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

 «Զօրաբաբէլին ձեռքերը հիմնեցին այս տունը,

Անոր ձեռքերը պիտի լրացնեն զանիկա,

Որպէս զի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկած է.

10 Քանզի ո՞վ պզտիկ բաներուն օրը անարգեց։

Մարդիկ պիտի ուրախանան երբ տեսնեն կապարալարը

Զօրաբաբէլին ձեռքին մէջ։

Այս եօթը Տէրոջը աչքերն են, որոնք բոլոր երկրի մէջ կը պտըտին»։

11 Անոր հարցուցի. «Աշտանակին աջ կողմը ու անոր ձախ կողմը եղող այս երկու ձիթենիները ի՞նչ են»։ 12 Երկրորդ անգամ հարցուցի. «Երկու ոսկի խողովակներուն միջոցով իւղը իրենցմէ ոսկիի պէս թափող երկու ձիթենիի ոստերը ի՞նչ են»։ 13 Ինծի պատասխանեց ու ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ»։ 14 Ըսաւ. «Ասոնք երկու օծեալներն են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կը կայնին»։

ԹՌՉՈՂ ՏՈՄՍԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

5 1 Դարձայ ու աչքերս վերցնելով տեսայ թռչող տոմս մը։ Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ըսի. «Թռչող տոմս մը կը տեսնեմ։ Երկայնութիւնը քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասը կանգուն»։ Ինծի ըսաւ. «Ասիկա բոլոր երկրի երեսին վրայ ելլող անէծքն է, քանզի ամէն գողութիւն ընող այս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի ու ամէն երդում ընող միւս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի»։ «Զանիկա ե՛ս կը հանեմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, որը գողին տունը եւ իմ անունովս սուտ երդում ընողին տունը պիտի մտնէ ու անոր տանը մէջ պիտի մնայ եւ զանիկա իր փայտերովը ու քարերովը պիտի սպառէ»։

ԿՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋԻ ԿՆՈՋ ՏԵՍԻԼՔԸ

Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ ու ինծի ըսաւ. «Հիմա աչքերդ վերցո՛ւր ու տե՛ս թէ այս ելլողը ի՞նչ է»։ Ես ըսի. «Ի՞նչ է»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Այս ելլողը արդու է ու բոլոր երկրի վրայ անոնց անիրաւութիւնը ասիկա է»։ Ահա կապարեայ ծածկոց մը վերցուեցաւ ու կին մը արդուին մէջ կը նստէր։ Եւ ան ըսաւ. «Այս է չարութիւնը» ու զանիկա արդուին մէջ ձգեց եւ այն կապարեայ ծածկոցը այն արդուին բերանը ձգեց։ Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու կին ելան։ Հովը անոնց թեւերուն մէջ էր։ Անոնք արագիլի թեւերու նման թեւեր ունէին։ Անոնք արդուն երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուցին։ 10 Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ո՞ւր կը տանին արդուն»։ 11 Անիկա ինծի ըսաւ. «Կը տանին, որ անոր տուն շինեն Սենաար երկրին մէջ։ Հոն պիտի հաստատուի եւ հոն իր խարսխին վրայ պիտի դրուի»։

ՉՈՐՍ ԿԱՌՔԵՐՈՒՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

6 1 Դարձայ ու աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու լեռներու մէջէն չորս կառք կ’ելլէին։ Լեռները պղնձէ էին։ Առաջին կառքին աշխէտ ձիեր լծուած էին, երկրորդ կառքին՝ սեւ ձիեր, Երրորդ կառքին՝ ճերմակ ձիեր եւ չորրորդ կառքին՝ սպիտակ ու գորշագոյն ձիեր։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ Հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք երկնքի չորս հովերուն հոգիներն են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կայնելէն կու գան։ Սեւ ձիերը, որ այս կառքին լծուած են, հիւսիսի երկիրը կ’ելլեն։ Ճերմակները դէպի արեւմուտք կ’ելլեն ու պիսակները դէպի հարաւային երկիրը կ’ելլեն»։ Երբ երիվարները եկան, անհամբերութեամբ կ’ուզէին երթալ եւ երկրի վրայ պտըտիլ։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք, երկրի վրայ պտըտեցէ՛ք»։ Անոնք երկրի վրայ պտըտեցան։ Անիկա ինծի աղաղակեց. «Նայէ՛, հիւսիսի երկիրը ելլողները իմ հոգիս հիւսիսային երկրին մէջ հանգչեցուցին»։

ՀՐԱՄԱՆ ՅՈՎՍԻԱՆ ՊՍԱԿԵԼՈՒ

Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Գերութենէ դարձողներէն, 10 Հեղդայէն, Տուբիայէն ու Յեդայիայէն ա՛ռ ու նոյն օրը գնա՛ Բաբելոնէն եկող Սոփոնիայի որդիին Յովսիային տունը մտիր։ 11 Արծաթ ու ոսկի առ ու պսակներ շինէ ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին գլուխը դի՛ր 12 Եւ անոր ըսէ՛.

Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ.

‘Ահա այն մարդը, որուն անունը Շառաւիղ է.

Անիկա իր տեղին մէջ պիտի բուսնի

Ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինէ։

13 Անիկա պիտի շինէ Տէրոջը տաճարը

Ու պատիւ պիտի ունենայ

Եւ իր աթոռին վրայ նստելով՝ պիտի կառավարէ

Ու քահանայ պիտի ըլլայ իր աթոռին վրայ

Ու երկուքին մէջտեղ խաղաղութեան խորհուրդ պիտի ըլլայ’»։

14 «Եւ պսակները Հելէմին, Տուբիային ու Յեդայիային եւ Սոփոնիայի որդիին Հենին պիտի ըլլան՝ Տէրոջը տաճարին մէջ յիշատակ ըլլալու համար։ 15 Եւ հեռուն եղողները պիտի գան ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինեն եւ պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ձեզի ղրկեր է։ Ասիկա պիտի ըլլայ՝ եթէ ուշադրութեամբ ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ընէք»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԵՂԾ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ

7 1 Դարեհ թագաւորին չորրորդ տարուան, իններորդ ամսուան, այսինքն Քասղեւին չորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Զաքարիային եղաւ, Երբ Սարասար ու Ռեկէմմելէք եւ անոնց մարդիկը Աստուծոյ տունը ղրկուեցան, որպէս զի Տէրոջը առջեւ աղօթք ընեն Ու զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ եղող քահանաներուն ու մարգարէներուն խօսին ու ըսեն. «Արդեօք հինգերորդ ամսուն իմ անձս զատելով լա՞մ, ինչպէս այսչափ տարիներ ըրի»։ Այն ատեն զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Այս երկրին բոլոր ժողովուրդին ու քահանաներուն ըսէ՛. ‘Այս եօթանասուն տարին, երբ հինգերորդ ու եօթներորդ ամիսներուն մէջ ծոմապահութիւն կ’ընէիք ու սուգ կը բռնէիք, միթէ ինծի՞ համար ծոմապահութիւն կ’ընէիք։ Ու երբ կ’ուտէիք ու կը խմէիք, ձեզի համար չէի՞ք ուտեր ու ձեզի համար չէի՞ք խմեր։ Ասոնք չե՞ն այն խօսքերը, որոնք Տէրը առաջուան մարգարէներուն միջոցով հրատարակեց, երբ Երուսաղէմ ու անոր շրջակայ քաղաքները բնակուած ու հանգիստ էին եւ հարաւային ու դաշտային կողմերը բնակուած էին’»։

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԱՔՍՈՐԻՆ ՊԱՏՃԱՌ

Դարձեալ Տէրոջը խօսքը Զաքարիային եղաւ՝ ըսելով. «Զօրքերու Տէրը այսպէս ըսաւ. ‘Արդար դատաստան տեսէ՛ք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն թող ընէ։ 10 Որբեւայրին ու որբը, օտարականը եւ տնանկը մի՛ հարստահարէք։ Ոեւէ մէկը իր եղբօրը համար իր սրտին մէջ չարութիւն թող չմտածէ’»։ 11 Բայց անոնք չուզեցին մտիկ ընել, հապա իրենց ուսը թօթուեցին եւ ականջնին ծանրացուցին, որպէս զի չլսեն 12 Ու իրենց սիրտը ադամանդի պէս ըրին, որպէս զի չլսեն այն օրէնքն ու այն խօսքերը, որոնք զօրքերու Տէրը իր Հոգիովը առաջուան մարգարէներուն միջոցով անոնց ղրկեց։ Անոր համար զօրքերու Տէրը խիստ բարկացաւ։ 13 «Ինչպէս անիկա կանչեց ու անոնք մտիկ չըրին, այնպէս ալ անոնք կանչեցին ու ես մտիկ չըրի», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. 14 «Հապա զանոնք իրենց անծանօթ բոլոր ազգերուն մէջ փոթորիկով ցրուեցի եւ անոնց երկրէն երթեւեկը դադրեցաւ եւ այդ ցանկալի երկիրը ամայացուցին»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ

8 1 Դարձեալ զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնի համար խիստ նախանձախնդիր եղայ ու անոր համար մեծ սրտմտութիւնով նախանձեցայ’։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնին պիտի դառնամ ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակիմ ու Երուսաղէմ՝ Ճշմարտութեան քաղաք եւ զօրքերու Տէրոջը լեռը Սուրբ պիտի կոչուի’։

Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, որոնց ամէն մէկուն ձեռքը գաւազան մը պիտի ըլլայ, քանի որ ծերացած են։ Քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան’։

Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ այն օրերը այս ժողովուրդին մնացորդին աչքերուն ասիկա դժուար երեւնայ, միթէ իմ աչքերո՞ւս ալ դժուար պիտի երեւնայ’։

Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա իմ ժողովուրդս արեւելեան երկրէն ու արեւմտեան երկրէն պիտի փրկեմ Եւ զանոնք պիտի բերեմ, որ Երուսաղէմի մէջ բնակին։ Անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ’։

Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ո՛վ դուք, որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը այն մարգարէներուն բերնէն, որոնք զօրքերու Տէրոջը տանը հիմնարկութեան ու տաճարին նորոգութեան օրը խօսեցան։ 10 Քանզի այն օրերէն առաջ մարդու համար վարձք չկար ու անասունի համար վարձք չկար եւ նեղութեան պատճառով՝ ելլողին ու մտնողին խաղաղութիւն չկար, քանզի ես ամէն մարդ իր ընկերին դէմ ոտքի հաներ էի։ 11 Բայց հիմա այս ժողովուրդին մնացորդին՝ առաջուան օրերուն պէս պիտի չըլլամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ 12 Քանզի խաղաղութիւն պիտի սերմանուի, որթատունկը իր պտուղը պիտի տայ ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ ու երկինք իր ցօղը պիտի տայ եւ այս ամէն բաները այս ժողովուրդին մնացորդին ժառանգել պիտի տամ։ 13 Ու ինչպէս դուք ազգերու մէջ անէծք եղաք, ո՛վ Յուդայի տուն ու Իսրայէլի տուն, այնպէս ձեզ պիտի ազատեմ ու օրհնութիւն պիտի ըլլաք։ Մի՛ վախնաք, ձեր ձեռքերը թող ուժովնան’։ 14 Քանզի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչպէս ձեզի չարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ, երբ ձեր հայրերը զիս սրդողցուցին ու չզղջացի, 15 Այնպէս դարձայ ու այս օրերը Երուսաղէմի ու Յուդայի տանը բարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ։ Մի՛ վախնաք։ 16 Ձեր ընելիքները ասոնք են՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ, ձեր դռներուն մէջ արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ դատաստան տեսէք 17 Ու ձեզմէ մէկը իր սրտին մէջ իր ընկերին համար չարութիւն թող չմտածէ եւ սուտ երդումը մի՛ սիրէք. վասն զի ես այս բոլոր բաները կ’ատեմ’», կ’ըսէ Տէրը։

18 Դարձեալ զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով. 19 «Չորրորդ ամսուան ծոմն ու հինգերորդին՝ ծոմը ու եօթներորդին՝ ծոմը եւ տասներորդին ծոմը Յուդայի տանը ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ու խնդալից տօներ պիտի ըլլան. ուստի ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրեցէք»։

20 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Նորէն ժողովուրդներ ու շատ քաղաքներու բնակիչներ պիտի գան։ 21 Մէկուն բնակիչները միւսին պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու եւ զօրքերու Տէրը փնտռելու երթանք։ Ես ալ պիտի երթամ’։ 22 Ու շատ ժողովուրդներ եւ զօրաւոր ազգեր Երուսաղէմի մէջ զօրքերու Տէրը փնտռելու ու Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու պիտի գան»։ 23 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։

ԴՐԱՑԻ ԱԶԳԵՐՈՒ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

9 1 Հադրաքի երկրին դէմ Տէրոջը պատգամը.

Դամասկոսի վրայ պիտի հանգչի

(Քանզի Տէրոջը աչքը մարդու

Եւ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն կը նայի).

 Եմաթ ալ անոր սահմանակից է,

Նաեւ Տիւրոս ու Սիդոն՝ թէեւ շատ իմաստուն են։

 Տիւրոս իրեն ամրոց շինեց

Ու արծաթը՝ հողի պէս,

Զուտ ոսկին փողոցներու ցեխի պէս դիզեց։

 Տէրը զանիկա պիտի քշէ

Եւ անոր ունեցած զօրութիւնը ծովուն մէջ պիտի նետէ

Ու անիկա կրակով պիտի սպառի։

 Ասկաղոնը պիտի տեսնէ ու պիտի վախնայ,

Գազան ալ՝ մեծապէս պիտի տագնապի,

Ակկարոնն ալ՝ քանզի իր յոյսը պարապ պիտի ելլէ

Եւ Գազայէն թագաւորը պիտի կորսուի,

Ասկաղոնի մէջ բնակող պիտի չըլլայ,

 Իսկ Ազովտոսի մէջ օտարազգի պիտի բնակի։

Փղշտացիներու հպարտութիւնը պիտի ջնջեմ.

 Անոնց արիւնը՝ իրենց բերնէն

Եւ անոնց պղծութիւնները իրենց ակռաներուն մէջէն պիտի վերցնեմ

Ու մնացորդը՝ անիկա ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ։

Յուդայի մէջ՝ հազարապետի պէս,

Ակկարոն Յեբուսացիի պէս պիտի ըլլայ։

 Անցնող ու դարձող զօրքին պատճառով

Իմ տանս բոլորտիքը պիտի բնակիմ,

Ա՛լ անոնց մէջէն բռնաւոր պիտի չանցնի,

Քանզի հիմա իմ աչքերովս տեսայ։

ԱՊԱԳԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

 Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,

Ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ.

Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ.

Անիկա արդար ու փրկիչ է,

Հեզ է ու իշու վրայ հեծած

Եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ։

10 Ու Եփրեմէն՝ կառքը

Եւ Երուսաղէմէն ձին պիտի ջնջեմ։

Պատերազմին աղեղը պիտի կոտրի։

Անիկա ազգերուն խաղաղութիւն պիտի քարոզէ,

Անոր իշխանութիւնը՝ ծովէ ծով,

Գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի ըլլայ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

11 Քեզի այս ըրի՝ քու ուխտիդ արիւնովը

Քու գերիներդ ջուր չունեցող գուբէն հանեցի։

12 Ամրոցը դարձէ՛ք, ո՛վ յուսոյ գերիներ,

Ես այսօր ալ կը ծանուցանեմ,

Թէ քեզի կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ,

13 Վասն զի Յուդան ինծի համար աղեղի պէս պիտի լարեմ

Ու Եփրեմը նետի պէս պիտի դնեմ

Եւ քու որդիներդ, ո՛վ Սիօն,

Յոյներու որդիներուն վրայ պիտի բարձրացնեմ.

Քեզ զօրաւորին սուրին պէս պիտի ընեմ։

14 Տէրը անոնց վրայ պիտի երեւնայ,

Անոր նետը փայլակի պէս պիտի ելլէ։

Տէր Եհովան փող պիտի հնչեցնէ

Ու հարաւային մրրիկներով պիտի քալէ։

15 Զօրքերու Տէրը զանոնք պիտի պաշտպանէ

Եւ անոնք բնաջինջ պիտի ընեն

Ու պարսաքարերու վրայ պիտի կոխեն

Եւ պիտի խմեն ու գինովի պէս պիտի աղաղակեն

Ու անոնք տաշտի պէս,

Սեղանին անկիւններուն պէս պիտի լեցուին։

16 Այն օրը անոնց Տէր Աստուածը

Զանոնք իր ժողովուրդին հօտին պէս պիտի փրկէ,

Քանզի անոր երկրին վրայ թագի քարերու պէս պիտի փայլին։

17 Անոր բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը որքա՜ն մեծ է.

Ցորենը՝ երիտասարդները ու քաղցուն կոյսերը պիտի ծաղկեցնէ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ

10 1 Վերջին անձրեւին ժամանակը

Տէրոջմէ անձրեւ խնդրեցէ՛ք։

Տէրը փայլակներ պիտի հանէ

Եւ առատ անձրեւ պիտի տայ

Ու ամէն մէկուն՝ ագարակին խոտ։

 Քանզի թերափիմները ունայնութիւն խօսեցան

Ու գուշակութիւն ընողները ստութիւն տեսան

Եւ սուտ երազներ պատմեցին,

Պարապ մխիթարութիւն տուին,

Անոր համար հօտերու պէս չուեցին,

Հովիւ չըլլալուն համար տագնապեցան։

 «Հովիւներուն վրայ իմ բարկութիւնս բռնկեցաւ

Ու նոխազները պիտի պատժեմ,

Քանզի զօրքերու Տէրը իր հօտը,

Յուդայի տունը, պիտի հոգայ

Եւ զանոնք իր պատերազմի մէջ հեծած գեղեցիկ ձիուն պէս պիտի ընէ։

 Անկիւնը՝ անկէ, բեւեռը՝ անկէ,

Պատերազմի աղեղը՝ անկէ,

Ամէն զօրապետ մէկտեղ անկէ պիտի ելլէ.

 Այնպիսի զօրաւոր մարդոց պէս պիտի ըլլան,

Որոնք պատերազմի մէջ թշնամին փողոցներուն ցեխին մէջ կը կոխկռտեն

Ու անոնք պատերազմ պիտի ընեն.

Քանզի Տէրը անոնց հետ է։

Ձիաւորները պիտի ամչնան։

 Յուդային տունը պիտի զօրացնեմ.

Յովսէփին տունը պիտի փրկեմ

Եւ զանոնք նորէն պիտի բնակեցնեմ,

Քանզի անոնց ողորմեցայ.

Անոնք այնպէս պիտի ըլլան,

Որպէս թէ զանոնք երեսէ ձգած չէի։

Քանզի անոնց Տէր Աստուածը՝ ե՛ս եմ,

Անոնց պիտի լսեմ։

 Եփրեմ զօրաւոր մարդու պէս պիտի ըլլայ։

Անոնց սիրտը ուրախ պիտի ըլլայ, գինովցածի պէս։

Անոնց տղաքներն ալ պիտի տեսնեն ու պիտի ուրախանան։

Անոնց սիրտը Տէրոջմով պիտի ցնծայ։

 Անոնց պիտի սուլեմ ու զանոնք պիտի հաւաքեմ,

Վասն զի զանոնք փրկեցի։

Անոնք պիտի շատնան՝ ինչպէս որ առաջ էին։

 Թէեւ զանոնք ժողովուրդներու մէջ ցրուեմ,

Սակայն հեռաւոր տեղեր զիս պիտի յիշեն,

Իրենց որդիներուն հետ պիտի ապրին ու ետ պիտի դառնան։

10 Զանոնք Եգիպտոսէն պիտի դարձնեմ,

Ասորեստանէն պիտի հաւաքեմ,

Գաղաադի երկիրը

Ու Լիբանան պիտի բերեմ, այնպէս որ

Անոնց համար բաւական տեղ պիտի չգտնուի։

11 Ծովէն նեղութեամբ պիտի անցնի,

Ծովուն ալիքները պիտի զարնէ։

Գետին բոլոր խորութիւնները պիտի ցամքին,

Ասորեստանի հպարտութիւնը պիտի իջնէ,

Եգիպտոսի գաւազանը պիտի վերցուի։

12 Անոնք Տէրոջմով պիտի զօրանան

Ու անոր անունովը պիտի պտըտին», կ’ըսէ Տէրը։

ԲՌՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԱՆԿՈՒՄԸ

11 1 Դռներդ բա՛ց, ո՛վ Լիբանան,

Որ կրակը քու եղեւիններդ ուտէ։

 Մայրի ծառը թող ողբայ,

Քանզի եղեւինը ինկաւ,

Վասն զի ազնուականները կողոպտուեցան։

Բասանի կաղնիները թող ողբան,

Քանզի անմատչելի անտառը կտրուեցաւ։

 Հովիւներուն ողբալու ձայնը կը լսուի,

Քանզի անոնց փառքը յափշտակուեցաւ։

Առոյգ առիւծներու մռնչելուն ձայնը կը լսուի,

Քանզի Յորդանանի շքեղութիւնը յափշտակուեցաւ։

ԵՐԿՈՒ ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ

 Իմ Տէր Աստուածս այսպէս կ’ըսէ.

«Մորթուելու ոչխարները արածէ,

 Զանոնք՝ որ ծախու առնողները կը մորթեն

Ու յանցաւոր չեն սեպուիր։

Զանոնք ծախողները կ’ըսեն.

‘Տէրը օրհնեալ ըլլայ, որ հարստացայ’։

Անոնց հովիւները անոնց վրայ գութ չունին։

 Քանզի անգամ մըն ալ ես երկրի բնակիչներուն պիտի չգթամ, կ’ըսէ Տէրը։

Ահա ես ամէն մարդ իր ընկերին ձեռքը

Ու իր թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ։

Երկիրը պիտի զարնեն,

Անոնց ձեռքէն պիտի չփրկեմ»։

 Մորթուելու ոչխարները,

Այո՛, հօտին խեղճերը, արածեցի։

Ինծի երկու գաւազան առի,

Մէկուն անունը Գեղեցկութիւն

Ու միւսին անունը Կապեր դրի։

Ոչխարները արածեցի։

 Մէկ ամսուան մէջ երեք հովիւ փոխեցի,

Քանզի հոգիս անոնց նեղացաւ

Եւ անոնց հոգին ալ ինձմէ զզուեցաւ։

 Ես ըսի. «Ձեզ պիտի չհովուեմ։

Մեռնողը թող մեռնի,

Կոտորուողը թող կոտորուի

Եւ մնացածները թող իրարու միս ուտեն»։

10 Գեղեցկութիւն կոչուած գաւազանս առի եւ զանիկա կոտրեցի,

Որպէս զի բոլոր ժողովուրդներուն հետ ըրած ուխտս աւրեմ։

11 Ու նոյն օրը աւրուեցաւ։

Ինծի սպասող հօտին խեղճերը

Հաստատ գիտցան թէ ասիկա Տէրոջը գործն է։

12 Անոնց ըսի.

«Եթէ ձեր աչքերուն հաճոյ կ’երեւնայ, իմ վարձքս տուէք,

Ապա թէ ոչ՝ զանց ըրէք»։

Իմ վարձքիս համար երեսուն արծաթ կշռեցին։

13 Տէրը ինծի ըսաւ.

«Զանիկա բրուտին նետէ։

Ասիկա վայելուչ գին մըն է,

Որ անոնք ինծի համար կտրեցին»։

Երեսուն արծաթը առի,

Զանիկա Տէրոջը տունը բրուտին նետեցի։

14 Ետքը կապեր կոչուած միւս գաւազանս կոտրեցի,

Որպէս զի Յուդայի ու Իսրայէլի մէջ եղող եղբայրութիւնը աւրեմ։

15 Տէրը ինծի ըսաւ.

«Քեզի նորէն անարժէք հովիւի մը գործիքները ա՛ռ.

16 Քանզի ահա ես երկրի վրայ նոր հովիւ մը պիտի հանեմ,

Որը կորսուելու վրայ եղողներուն հոգ պիտի չտանի։

Ցրուածը պիտի չփնտռէ,

Կոտրածը պիտի չբժշկէ,

Ողջը պիտի չսնուցանէ,

Հապա գէրերուն միսը պիտի ուտէ

Ու անոնց կճղակները պիտի խորտակէ։

17 Վա՜յ ունայնութեան հովիւին, որ հօտը կը լքէ.

Սուրը անոր բազուկը ու աջ աչքը պիտի զարնէ,

Անոր բազուկը բոլորովին պիտի չորնայ

Ու աջ աչքը բոլորովին պիտի խաւարի»։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՊԱԳԱՅ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

12 1 Իսրայէլի վրայով Տէրոջը պատգամը։

Երկինքը տարածող ու երկրին հիմը դնող

Ու մարդուն հոգին անոր մէջ ստեղծող Տէրը կ’ըսէ.

 «Ահա ես Երուսաղէմը բոլոր շրջակայ ազգերուն

Թմրութեան բաժակ պիտի ընեմ.

Նաեւ Յուդայի վրայ ալ պիտի ըլլայ՝ Երուսաղէմի պաշարման ատենը։

 Այն օրը Երուսաղէմը

Բոլոր ժողովուրդներուն ծանր քար պիտի ընեմ.

Ամէն անոնք որ անով կը բեռնաւորուին՝ բոլորովին պիտի կոտրին

Եւ երկրի բոլոր ազգերը անոր վրայ պիտի հաւաքուին։

 Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,

Ամէն ձի սոսկումով պիտի զարնեմ

Ու անոր հեծեալը՝ ապշութեամբ։

Յուդային տանը վրայ աչքերս պիտի բանամ,

Ժողովուրդներուն բոլոր ձիերը կուրութեամբ պիտի զարնեմ։

 Յուդային հազարապետները իրենց սրտին մէջ պիտի ըսեն.

‘Երուսաղէմի բնակիչները մեր զօրութիւնն են

Զօրքերու Տէրոջմով, իրենց Աստուծմով’»։

 «Այն օրը Յուդային հազարապետները

Կրակի վառարանի պէս պիտի ընեմ՝ փայտերու մէջ

Ու կրակի ջահի պէս՝ որաներու մէջ։

Անոնք աջ կողմէն ու ձախ կողմէն

Բոլոր շրջակայ ժողովուրդները պիտի ուտեն,

Բայց Երուսաղէմ դարձեալ իր տեղը պիտի մնայ։

Երուսաղէմի մէջ բնակիչներ պիտի ըլլան։

 Տէրը Յուդային վրանները պիտի փրկէ,

Որպէս զի Դաւիթին տանը փառքը

Ու Երուսաղէմին բնակիչներուն փառքը

Յուդայի վրայ չյոխորտան։

 Այն օրը Տէրը Երուսաղէմին բնակիչներուն պաշտպանութիւն պիտի ընէ.

Անոնց մէջ տկար եղողը այն օրը Դաւիթին պէս պիտի ըլլայ,

Դաւիթին տունը՝ Աստուծոյ պէս,

Տէրոջը հրեշտակին պէս, պիտի ըլլայ անոնց առջեւ։

 Այն օրը

Երուսաղէմի վրայ եկող բոլոր ազգերը

Բնաջինջ ընելու ետեւէ պիտի ըլլամ։

10 Դաւիթին տանը վրայ

Եւ Երուսաղէմին բնակիչներուն վրայ

Շնորհքի եւ աղօթքի հոգին պիտի թափեմ,

Եւ անոնք իրենց խոցածին պիտի նային։

Անոր վրայ մէկ հատիկ զաւակի վրայ ողբալու պէս պիտի ողբան,

Անոր վրայ անդրանիկ զաւակի վրայ ցաւելու պէս պիտի ցաւին։

11 Այն օրը Երուսաղէմի մէջ մեծ ողբ պիտի ըլլայ

Մակեդդովի դաշտին մէջ Ադադ–Ռեմօնի ողբին պէս։

12 Երկիրը պիտի ողբայ,

Ամէն ազգատոհմ՝ առանձին.

Դաւիթին տանը ազգատոհմը՝ առանձին,

Անոնց կիները առանձին,

Նաթանին տանը ազգատոհմը առանձին,

Անոնց կիները առանձին,

13 Ղեւիին տանը ազգատոհմը առանձին,

Անոնց կիները առանձին,

Սէմէիին ազգատոհմը առանձին,

Անոնց կիները առանձին,

14 Բոլոր մնացած ազգատոհմերէն ամէն մէկը առանձին,

Անոնց կիները առանձին»։

13 1 Այն օրը Դաւիթին տանը ու Երուսաղէմի բնակիչներուն

Բացուած աղբիւր մը պիտի ըլլայ

Մեղքէն ու պղծութենէն մաքրուելու համար։

 «Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,

Կուռքերուն անունները երկրէն պիտի ջնջեմ, այնպէս որ

Անգամ մըն ալ պիտի չյիշուին։

Անոնց մարգարէներն ու պիղծ ոգին ալ երկրէն պիտի վերցնեմ։

 Այնպէս որ երբ մարդ մը անկէ յետոյ մարգարէութիւն ընէ,

Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը իրեն պիտի ըսեն.

‘Պիտի չապրիս, քանզի Տէրոջը անունովը սուտ խօսեցար’։

Անոր մարգարէութիւն ըրած ատենը՝

Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը զանիկա պիտի խոցեն։

 Այն օրը մարգարէները

Մարգարէութիւն ըրած ատեննին պիտի ամչնան։ Ամէն մէկը՝ իր տեսիլքէն։

Խաբելու համար մազոտ վերարկու պիտի չհագնին։

 Անոնց ամէն մէկը պիտի ըսէ.

‘Ես մարգարէ չեմ, ես երկրագործ մարդ եմ.

Քանզի իմ մանկութենէս ան իմ ստացուածքս է’։

 Անոր պիտի ըսուի.

‘Ձեռքերուդ մէջի այս վէրքերը ի՞նչ են’։

Անիկա պիտի ըսէ.

‘Ասոնք իմ բարեկամներուս տանը մէջ ընդունած վէրքերս են’»։

 «Արթնցի՛ր, ո՛վ սուր, իմ հովիւիս դէմ

Ու իմ ընկերս եղող մարդուն դէմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

«Հովիւը զա՛րկ, որ ոչխարները ցրուին։

Իմ ձեռքս պզտիկներուն դէմ պիտի դարձնեմ»։

ՀՐԱՄԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈՎԻՒԸ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ

 Տէրը կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին

Երկու երրորդ մասը պիտի կտրուի ու պիտի մեռնի,

Միայն մէկ երրորդ մասը պիտի մնայ անոր մէջ։

 Այդ մէկ երրորդ մասը կրակէ պիտի անցընեմ,

Զանոնք պիտի զտեմ՝ ինչպէս արծաթը կը զտուի,

Զանոնք պիտի փորձեմ՝ ինչպէս ոսկին կը փորձուի.

Անոնք իմ անունս պիտի կանչեն

Ու ես անոնց պատասխան պիտի տամ։

Ես պիտի ըսեմ. ‘Անիկա իմ ժողովուրդս է’.

Անոնք ալ՝ ‘Տէրը մեր Աստուածն է’, պիտի ըսեն»։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԵՒ ԱԶԳԵՐԸ

14 1 Ահա Տէրոջը օրը կու գայ

Եւ քու աւարդ քու մէջդ պիտի բաժնուի.

 Քանզի բոլոր ազգերը պատերազմի համար

Երուսաղէմի վրայ պիտի հաւաքեմ։

Քաղաքը պիտի առնուի,

Տուները պիտի կողոպտուին,

Կիները պիտի պղծուին,

Քաղաքին կէսը գերի պիտի տարուի,

Բայց ժողովուրդին մնացորդը քաղաքէն պիտի չհեռանայ։

 Տէրը պիտի ելլէ,

Ապա այն ազգերուն հետ պիտի պատերազմի,

Ինչպէս պատերազմին օրը պատերազմեցաւ։

 Այն օրը անոր ոտքերը

Ձիթենիներու լերանը վրայ պիտի կայնին,

Որ Երուսաղէմին առջեւն է դէպի արեւելք։

Ձիթենիներու լեռը դէպի արեւելք ու դէպի արեւմուտք կէսէն պիտի պատռուի

Ու խիստ մեծ ձոր մը պիտի կազմուի։

Լերանը կէսը՝ դէպի հիւսիս,

Կէսը դէպի հարաւ պիտի քաշուի

 Եւ դուք լեռներուն ձորը պիտի փախչիք,

Քանզի լեռներուն ձորը մինչեւ Ասալ պիտի հասնի։

Պիտի փախչիք՝ ինչպէս գետնաշարժէն փախաք՝

Յուդայի թագաւոր Ոզիային օրերը։

Իմ Տէր Աստուածս պիտի գայ,

Բոլոր սուրբերը քեզի հետ պիտի ըլլան։

 Եւ այն օրը

Լոյսը պայծառ կամ աղօտ պիտի չըլլայ։

 Անիկա Տէրոջը յայտնի օր մը պիտի ըլլայ,

Ո՛չ ցորեկ ու ո՛չ գիշեր պիտի ըլլայ,

Սակայն երեկոյեան ժամանակը լոյս պիտի ըլլայ։

 Այն օրը Երուսաղէմէն կենդանի ջուրեր պիտի հոսին,

Կէսը՝ դէպի արեւելեան ծովը,

Կէսը՝ դէպի արեւմտեան ծովը։

Ամառ ու ձմեռ այնպէս պիտի ըլլայ։

 Տէրը բոլոր երկրի վրայ Թագաւոր պիտի ըլլայ,

Այն օրը Տէրը՝ մէկ ու անոր անունը մէկ պիտի ըլլայ։

10 Բոլոր երկիրը դաշտ պիտի դառնայ

Գաբայէն մինչեւ Ռեմօն, Երուսաղէմի հարաւային կողմը։

Երուսաղէմը պիտի բարձրանայ ու իր տեղը պիտի մնայ՝

Բենիամինին դռնէն մինչեւ Առաջին դրանը տեղը, մինչեւ Անկեան դուռը,

Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ թագաւորին հնձանները։

11 Հոն պիտի բնակին ու հոն անգամ մըն ալ նզովք պիտի չըլլայ։

Երուսաղէմի մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին։

12 Այս պիտի ըլլայ այն հարուածը,

Որով Տէրը պիտի զարնէ այն բոլոր ժողովուրդները,

Որոնք Երուսաղէմին դէմ պատերազմեցան։

Ոտքի վրայ կայնած ատեննին անոնց մարմինը պիտի հալի,

Անոնց աչքերը իրենց խորշերուն մէջ պիտի հալին,

Անոնց լեզուն անոնց բերնին մէջ պիտի հալի։

13 Այն օրը անոնց մէջ

Մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ Տէրոջմէն։

Ամէն մէկը իր ընկերին ձեռքը պիտի բռնէ

Ու անոր ձեռքը իր ընկերին ձեռքին դէմ պիտի վերցուի։

14 Յուդան ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պատերազմի

Ու բոլոր շրջակայ ազգերուն ստացուածքը,

Ոսկի ու արծաթ ու հանդերձներ, մեծ առատութեամբ հոն պիտի հաւաքուին։

15 Ձիուն, ջորիին, ուղտին ու իշուն

Եւ այն բանակներուն մէջի բոլոր անասուններուն աղէտը

Նոյն աղէտին պէս պիտի ըլլայ։

16 Երուսաղէմի վրայ եկած բոլոր ազգերուն մնացորդները

Ամէն տարի Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու

Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու պիտի գան։

17 Երկրի ազգատոհմերէն ով որ Երուսաղէմ չելլէ

Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու,

Անոր վրայ պիտի չանձրեւէ։

18 Եթէ Եգիպտացիներու ազգատոհմը չելլէ ու չգայ

(Որոնք անձրեւ չունին),

Անոնց վրայ պիտի ըլլայ այն հարուածը,

Որով Տէրը պիտի զարնէ այն ազգերը,

Որոնք տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չեն ելլեր։

19 Ասիկա պիտի ըլլայ Եգիպտոսի պատիժը

Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չելլող բոլոր ազգերուն պատիժը։

20 Այն օրը ձիերուն սանձի զարդերուն վրայ

ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ պիտի գրուի։

Տէրոջը տանը կաթսաները

Սեղանին առջեւի կոնքերուն պէս պիտի ըլլան։

21 Երուսաղէմի մէջ եւ Յուդայի մէջ ամէն կաթսայ

Զօրքերու Տէրոջը սուրբ պիտի ըլլայ։

Բոլոր զոհ ընողները պիտի գան,

Անոնցմէ պիտի առնեն ու անոնց մէջ պիտի եփեն։

Այն օրը անգամ մըն ալ զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ Քանանացի պիտի չըլլայ։