ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ

ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ

1 1 Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ, առաքեալ ըլլալու կանչուած, Աստուծոյ աւետարանին համար որոշուած, Որ առաջուընէ իր մարգարէներուն ձեռքով սուրբ գրքերով խոստացաւ, Իր Որդիին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով, որ մարմնի կողմանէ Դաւիթին սերունդէն եղաւ, Որ սրբութեան հոգիին կողմանէ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ զօրութեամբ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելով. Որով շնորհք եւ առաքելութիւն առինք՝ հաւատքի հնազանդութեան համար բոլոր ազգերուն մէջ, անոր անունին համար. Որոնց մէջ դուք ալ Յիսուս Քրիստոսին կանչուածներն էք. Ձեր բոլորին, որ Հռովմի մէջ էք, Աստուծոյ սիրելիներուդ, սուրբ ըլլալու կանչուածներուդ, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Նախ կը գոհանամ իմ Աստուծմէս Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով ձեր ամենուն համար, վասն զի ձեր հաւատքը բոլոր աշխարհի մէջ կը պատմուի։ Քանզի վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ իմ հոգիովս անոր Որդիին աւետարանին մէջ, 1։10 Թէ անդադար ձեզ կը յիշեմ, ամէն ատեն իմ աղօթքներուս մէջ 10 խնդրելով՝ որ թերեւս անգամ մը Աստուծոյ կամքովը յաջողիմ ձեզի գալու։ 11 Քանզի կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որ ձեզի հոգեւոր շնորհք մը հաղորդեմ, որպէս զի հաստատուիք. 12 Այսինքն ձեզի հետ ես ալ մխիթարուիմ իմ ու ձեր փոխադարձ հաւատքին միջոցով։ 13 Սակայն չեմ ուզեր որ չգիտնաք, եղբայրնե՛ր, որ շատ անգամ ուզեցի գալ ձեզի, եւ մինչեւ հիմա արգիլուեցայ, որպէս զի ձեր մէջ ալ պտուղ մը ունենամ, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներու մէջ ալ։ 14 Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։ 15 Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի ալ, որ Հռովմի մէջ էք, աւետարանը քարոզել։

ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

16 Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին։ 17 Վասն զի անով Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է հաւատքէն, հաւատքի համար կը յայտնուի. ինչպէս գրուած է թէ՝ ‘Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի’։

ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂՔԸ

18 Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են։ 19 Վասն զի ինչ որ Աստուծոյ մասին պէտք է գիտնալ՝ իրենց մէջ յայտնի է, որովհետեւ Աստուած անոնց յայտնեց։ 20 Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան։ 21 Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան եւ սրտերնին անմտութիւնով խաւարեցաւ։ 22 Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան 23 Եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու եւ թռչուններու ու չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին։ 24 Անոր համար Աստուած ալ պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սրտերուն ցանկութիւններովը՝ իրենց մարմինները իրենց մէջ անարգելու։ 25 Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։ 26 Անոր համար Աստուած զանոնք անարգ կրքերու մատնեց։ Իրենց էգերն անգամ բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի փոխեցին։ 27 Նոյնպէս ալ արուները կնոջ բնական պէտքը թողուցած՝ իրենց ցանկութիւնովը իրարու հետ վառուեցան. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին եւ իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին։ 28 Քանի որ չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել, Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու. 29 Որոնք լեցուած էին ամէն անիրաւութիւնով, պոռնկութիւնով, անզգամութիւնով, ագահութիւնով, չարութիւնով, նախանձով, մարդասպանութիւնով, հակառակութիւնով եւ նենգութիւնով, չարասրտութիւնով եւ էին քսուներ, 30 Չարախօսներ, Աստուած ատողներ, նախատողներ, հպարտներ, ամբարտաւաններ, չար բաներ հնարողներ, ծնողաց անհնազանդներ, 31 Անմիտներ, ուխտ չպահողներ, անգութներ, անհաշտներ, անողորմներ։ 32 Անոնք գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ’ընեն՝ մահուան արժանի են, ո՛չ միայն այն բաները կ’ընեն, հապա ընողներուն ալ հաւանութիւն կու տան։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

2 1 Ո՛վ մարդ, ո՛վ որ ըլլաս՝ դուն որ կը դատես՝ արդարանալու չքմեղանք չունիս. քանզի ի՛նչ բանով որ ուրիշը կը դատես, անով քու անձդ կը դատապարտես. վասն զի դո՛ւն ալ որ կը դատես՝ նոյն բաները կ’ընես։ Բայց գիտենք թէ Աստուծոյ դատաստանը ճշմարտութիւնով կ’ըլլայ անոնց վրայ՝ որ այնպիսի բաներ կը գործեն։ Արդ՝ ո՛վ մարդ, դուն որ այսպիսի բաներ ընողները կը դատես եւ նոյն բաները կ’ընես, մտքէդ կ’անցընե՞ս թէ դուն Աստուծոյ դատաստանէն ազատ պիտի մնաս. Կամ թէ անոր անչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը ու երկայնամտութիւնը կ’արհամարհե՞ս։ Չե՞ս գիտեր թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ։ Բայց դուն քու խստութիւնովդ եւ անզիղջ սրտովդ քու անձիդ վրայ բարկութիւն կը դիզես՝ բարկութեան օրուան համար, երբ Աստուծոյ արդար դատաստանը պիտի յայտնուի։ Քանզի ամէն մէկուն իր գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանէ. Յաւիտենական կեանք անոնց, որոնք բարի գործերու մէջ համբերութեամբ յարատեւելով փառք ու պատիւ եւ անմահութիւն կը խնդրեն. Բայց անոնց՝ որ հակառակ են եւ ճշմարտութեան անհնազանդ ու անիրաւութեան հնազանդած՝ պիտի ըլլայ բարկութիւն եւ սրտմտութիւն, Նեղութիւն եւ տառապանք ամէն անոնց որ չար են, 10 Առաջ Հրեային ու ետքը՝ Յոյնին, իսկ փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն այն ամենուն, որ բարի են։ Առաջ՝ Հրեային ու ետքը՝ Յոյնին։ 11 Վասն զի Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ 12 Քանզի անոնք որ առանց օրէնքի մեղք գործեցին, առանց օրէնքի պիտի կորսուին եւ անոնք որ օրէնքի տակ մեղք գործեցին, օրէնքով պիտի դատուին, 13 Վասն զի ոչ թէ օրէնքը լսողները Աստուծոյ առջեւ արդար են, հապա օրէնքը կատարողները պիտի արդարանան։ 14 Քանզի հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, 15 Որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը, 16 Այն օրը երբ Աստուած մարդոց ծածուկ բաները դատէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով իմ քարոզած աւետարանիս համեմատ։

ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԵՒ ՕՐԷՆՔԸ

17 Դուն Հրեայ կոչուեր ես եւ օրէնքին կռթներ ես ու Աստուծմով կը պարծենաս 18 Եւ անոր կամքը գիտես ու տարբեր բաները կը զանազանես՝ օրէնքէն խրատուած ըլլալով 19 Եւ քու անձիդ վրայ վստահութիւն ունիս՝ թէ կոյրերուն առաջնորդ ես, խաւարածներուն՝ լոյս, 20 Անմիտներուն՝ խրատ տուող, տղայոց՝ վարժապետ, վստահ ես թէ օրէնքով գիտութեան ու ճշմարտութեան կերպարանքը ունիս։ 21 Իսկ արդ՝ դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս. 22 Որ կ’ըսես շնութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն կ’ընե՞ս. որ կը զզուիս կուռքերէն, սրբապղծութի՞ւն կ’ընես. 23 Որ օրէնքով կը պարծենաս, օրինազանց ըլլալով՝ Աստուած կ’անարգե՞ս։ 24 Վասն զի ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն, ինչպէս գրուած է։ 25 Արդ՝ թլփատութիւնը շահ կ’ունենայ, եթէ օրէնքը պահես. իսկ եթէ օրէնքին դէմ յանցաւոր ես, քու թլփատութիւնդ անթլփատութիւն կ’ըլլայ։ 26 Ուստի եթէ անթլփատութիւնը օրէնքին իրաւունքները պահէ, չէ՞ որ անոր անթլփատութիւնը թլփատութիւն պիտի սեպուի. 27 Եւ ի բնէ եղած անթլփատութիւնը օրէնքը կատարելով՝ պիտի դատապարտէ քեզ, որ գրով ու թլփատութիւնով օրէնքին դէմ յանցաւոր ես։ 28 Վասն զի Հրեայ չէ ան որ դուրսէն է եւ թլփատութիւն չէ այն որ դուրսէն՝ մարմնով է. 29 Հապա ա՛ն Հրեայ է որ ներսէն է եւ իսկական թլփատութիւնը՝ սրտին թլփատութիւնն է հոգիով ու ո՛չ թէ գրով, որուն գովեստը ո՛չ թէ մարդոցմէ է, հապա՝ Աստուծմէ։

3 1 Ուրեմն Հրեան ի՞նչ առաւելութիւն ունի, կամ թլփատութենէն ի՞նչ շահ կայ։ Շատ՝ ամէն կերպով. ամենէն առաջ ան՝ որ Աստուծոյ պատգամները անոնց վստահուեցան։ Եթէ անոնցմէ ոմանք չհաւատացին, միթէ՞ անոնց անհաւատութիւնը Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կը խափանէ. քա՛ւ լիցի։ Սակայն Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ. ինչպէս գրուած է. ‘Որպէս զի քու խօսքերուդ մէջ արդար ըլլաս եւ դատուելու ատենդ դուն յաղթես’։ Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնի կը ցուցնէ, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ իր բարկութիւնը մեր վրայ կը բերէ. 3։6 (մարդկօրէն կ’ըսեմ.) Քա՛ւ լիցի. ապա թէ ոչ՝ ի՞նչպէս Աստուած պիտի դատէ աշխարհը։ Վասն զի եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը իմ ստութիւնովս կ’աւելնայ իր փառքին համար, ալ ես ինչո՞ւ մեղաւորի մը պէս դատուիմ։ Եւ ինչո՞ւ համար պէտք չէ ըսել, ինչպէս ոմանք մեր վրայ չարախօսութիւն ընելով՝ կ’ըսեն թէ մենք կ’ըսենք՝ ‘Չարը գործենք, որպէս զի բարին գայ’։ Ատոնք իրապէս դատապարտելի են։

ՈՉ ՄԷԿ ՄԱՐԴ ԱՐԴԱՐ Է

Ուստի ալ ի՞նչ ըսենք։ Հրեաներս առաւելութիւն ունի՞նք հեթանոսներէն։ Երբեք. վասն զի առաջ մեղադրեցինք Հրեաները եւ հեթանոսները թէ բոլորը մեղքի տակ են։ 10 Ինչպէս գրուած է թէ՝ «Արդար մը չկայ եւ ո՛չ մէկը, 11 Մէկը չկայ որ հասկնայ, մէկը չկայ որ Աստուած փնտռէ։ 12 Բոլորը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. աղէկութիւն ընող մը չկայ, մէկ մըն ալ չկայ»։ 13 «Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան»։ «Իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ»։ 14 «Անոնց բերանը անէծքով ու դառնութիւնով լեցուն է». 15 «Անոնց ոտքերը կ’աճապարեն արիւն թափելու». 16 «Կործանում եւ թշուառութիւն կայ իրենց ճամբաներուն մէջ, 17 Խաղաղութեան ճամբան չճանչցան»։ 18 «Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ»։ 19 Բայց գիտենք թէ օրէնքը ինչ որ կ’ըսէ, անոնց կ’ըսէ՝ որոնք օրէնքին տակ են, որպէս զի ամէն բերան գոցուի եւ բոլոր աշխարհ դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ։ 20 Վասն զի անոր առջեւ ոեւէ մարմին պիտի չարդարանայ օրէնքին գործերովը, քանզի օրէնքով մեղքը կը ճանչցուի։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ Կ’ԱՐԴԱՐԱՑՆԷ

21 Բայց հիմա առանց օրէնքի Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուած է, թէեւ օրէնքն ու մարգարէները կը վկայեն թէ 22 Աստուծոյ արդարութիւնը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքն է, որ բոլոր հաւատացողներուն վրայ կ’ըլլայ. քանզի խտրութիւն չկայ։ 23 Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան. 24 Բայց անոր շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան, 25 Որը Աստուած նախապէս սահմանած էր, քաւութիւն ըլլալու, եթէ անոր արեան հաւատան։ Այս եղաւ ապացուցանելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը. քանզի Աստուած իր երկայնամտութեամբ ջնջած էր նախապէս գործուած մեղքերը։ 26 Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ժամանակին մէջ ցուցնելու համար, որպէս զի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսին հաւատացողը։ 27 Ուրեմն ո՞ւր մնաց պարծենալը։ Խափանուեցաւ։ Ո՞ր օրէնքէն, գործերո՞ւ օրէնքէն։ Ո՛չ, հապա հաւատքի օրէնքէն։ 28 Վասն զի կը սեպենք թէ մարդ հաւատքով կ’արդարանայ առանց օրէնքին գործերուն։ 29 Միթէ Աստուած միայն Հրեաներո՞ւնն է ու հեթանոսներունը չէ՞։ Այո՛, հեթանոսներունն ալ։ 30 Որովհետեւ Աստուած մէկ է։ Թլփատութիւնը հաւատքով կ’արդարանայ եւ անթլփատութիւնը՝ նոյն հաւատքով։ 31 Ուստի մենք հաւատքով օրէնքը կը խափանե՞նք։ Քա՛ւ լիցի, հապա օրէնքը կը հաստատենք։

ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

4 1 Ուրեմն ի՞նչ գտաւ Աբրահամ՝ մեր նահապետը՝ մարմնի կողմանէ։ Վասն զի եթէ Աբրահամ գործով արդարացած ըլլար, իրաւցնէ պարծանք պիտի ունենար, բայց ո՛չ թէ Աստուծոյ առջեւ։ Քանզի գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց եւ ան՝ իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ»։ Բայց ան որ գործ մը կ’ընէ, վարձքը շնորհքէ եղած չի սեպուիր անոր, հապա՝ շահուած։ Իսկ ան որ չի գործեր, բայց կը հաւատայ անոր որ ամբարիշտը կ’արդարացնէ, անոր հաւատքը իրեն արդարութիւն կը սեպուի։ Ինչպէս Դաւիթ ալ կը յիշէ այն մարդուն երանութիւնը, որուն Աստուած արդարութիւն կը սեպէ, առանց գործերու։ «Երանի՜ անոնց, կ’ըսէ, որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան։ Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղք չի սեպեր Տէրը»։ Ուստի այս երանութիւնը թլփատութեա՞ն վրայ է, թէ անթլփատութեան վրայ։ Քանզի կ’ըսենք թէ՝ «Հաւատքը Աբրահամին արդարութիւն սեպուեցաւ»։ 10 Ուրեմն ի՞նչպէս սեպուեցաւ. թլփատութեա՞ն մէջ եղած ատենը, թէ անթլփատութեան մէջ։ Ո՛չ թէ թլփատութեան մէջ, հապա՝ անթլփատութեան։ 11 Ու ետքը թլփատութեան նշանը առաւ՝ իբրեւ անթլփատութեան ատենէն ունեցած հաւատքին արդարութեան կնիքը, որպէս զի ինք հայր ըլլայ այն բոլոր հաւատացողներուն, որոնք անթլփատութենէ են, անոնց ալ արդարութիւն սեպուելու համար, 12 Եւ թլփատութեան հայր՝ ո՛չ թէ միայն թլփատութենէ եղողներուն, հապա անոնց ալ՝ որոնք մեր հօրը Աբրահամին անթլփատութեան ատենի հաւատքին շաւիղներուն մէջ կը քալեն։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԿԸ ՍՏԱՑՈՒԻ

13 Վասն զի Աբրահամին եւ անոր սերունդին՝ աշխարհը ժառանգելու համար տրուած խոստումը ո՛չ թէ օրէնքով եղաւ, հապա հաւատքին արդարութիւնովը։ 14 Քանզի եթէ օրէնքէն եղողները ժառանգորդ ըլլային, հաւատքը փուճ պիտի ըլլար եւ խոստումը պիտի խափանուէր։ 15 Վասն զի օրէնքը բարկութիւն կը գործէ. քանզի ուր օրէնք չկայ, օրինազանցութիւն ալ չկայ։ 16 Ասոր համար ժառանգորդ ըլլալը հաւատքէն է, որպէս զի շնորհքով եղած ըլլայ, որ խոստումը հաստատուն ըլլայ բոլոր սերունդին։ Ո՛չ միայն անոր՝ որ օրէնքէն է, հապա անո՛ր ալ՝ որ Աբրահամին հաւատքէն է, որ մեր ամենուն հայրն է, 17 (Ինչպէս գրուած է թէ՝ «Քեզ շատ ազգերու հայր ըրի»,) Աստուծոյ առջեւ, որուն ինք հաւատաց, ան որ մեռելները կ’ողջնցնէ եւ չեղած բաները եղածներու պէս կը կանչէ։ 18 Որ չյուսացուած բանին՝ յոյսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսուեցաւ ալ, թէ՝ «Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ». 19 Եւ ինք հաւատքի մէջ չտկարացած՝ չնայեցաւ իր մարմնին, որ արդէն մեռածի պէս էր, (որովհետեւ ինք հարիւր տարեկանի չափ էր,) ո՜չ ալ Սառայի արգանդին մեռած ըլլալուն։ 20 Անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին վրայ, հապա հաւատքով զօրացած՝ Աստուծոյ փառք տուաւ 21 Եւ իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ։ 22 Ասոր համար իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ։

23 Բայց ո՛չ միայն անոր համար գրուեցաւ, որ իրեն սեպուեցաւ. 24 Հապա մեզի համար ալ՝ որոնց պիտի սեպուի, որ կը հաւատանք Անոր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, 25 Որ մեր յանցանքներուն համար մատնուեցաւ եւ մեզ արդարացնելու համար յարութիւն առաւ։

ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼ

5 1 Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով. Որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք եւ Աստուծոյ փառքին յոյսովը կը պարծինք։ Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ Եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս. Եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ։ Վասն զի երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։ Վասն զի արդարի մը համար հազիւ կրնայ մէկը մեռնիլ. բայց բարի մարդու մը համար՝ կարելի է որ մէկը համարձակի մեռնիլ. Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ. ուրեմն հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն։ 10 Վասն զի եթէ մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի ապրինք անոր կեանքովը։ 11 Եւ ոչ միայն այս, հապա Աստուծմով կը պարծենանք ալ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով հիմա հաշտութիւն ընդունեցինք։

ԱԴԱՄ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍ

12 Վասն զի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին։ 13 Վասն զի մինչեւ օրէնքին ատենը աշխարհի մէջ մեղք կար, բայց մեղք չէր սեպուեր՝ քանի որ օրէնք չկար։ 14 Սակայն մահը Ադամէն մինչեւ Մովսէս թագաւորեց, նաեւ Ադամին յանցանքին նման չմեղանչողներուն վրայ ալ, որ օրինակ էր անոր որ ետքը պիտի գար։ 15 Բայց շնորհքը յանցանքին պէս չէ. վասն զի եթէ մարդու մը յանցանքովը շատեր մեռան, ալ որչա՜փ աւելի Աստուծոյ շնորհքը եւ այն պարգեւը որ Յիսուս Քրիստոսի՝ մէկ մարդուն՝ շնորհքովն է, շատերուն վրայ աւելցաւ։ 16 Բայց ձրի պարգեւը այնպէս չէ, ինչպէս մէկին մեղքին արդիւնքը. վասն զի դատաստանը մէկ մեղքէն դատապարտութեան մէջ ձգեց, բայց շնորհքը շատ մեղքերէ արդարութեան տարաւ։ 17 Վասն զի եթէ մէկ մարդու մեղքովը մահը թագաւորեց, ո՜րչափ աւելի անոնք որ շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը կ’առնեն, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ 18 Ուրեմն ինչպէս մէկուն յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս՝ մէկուն արդարութիւնովը բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ. 19 Վասն զի ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան։ 20 Սակայն օրէնքը մէջտեղ ինկաւ որպէս զի յանցանքը շատնայ. բայց ուր աւելի եղաւ մեղքը, ա՛լ աւելի եղաւ շնորհքը. 21 Որպէս զի ինչպէս մեղքը թագաւորեց մահով, այնպէս շնորհքը թագաւորէ արդարութիւնով՝ մինչեւ յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։

ՄԵՂՔԻՆ՝ ՄԵՌԱԾ, ԲԱՅՑ ԿԵՆԴԱՆԻ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՀԵՏ ՄԻՈՒԹԵԱՄԲ

6 1 Ալ հիմա ի՞նչ պիտի ըսենք. մեղքի մէջ մնա՞նք արդեօք, որպէս զի շնորհքը շատնայ։ Քա՛ւ լիցի. մենք որ մեղքին մեռանք, ի՞նչպէս անոր մէջ կենանք։ Չէ՞ք գիտեր թէ մենք որ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուեցանք, անոր մահուանը մկրտուեցանք։ Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար. որպէս զի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքովը յարութիւն առաւ մեռելներէն, այնպէս ալ մենք կեանքի նորոգութեան մէջ պտըտինք։ Վասն զի եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուանը նմանութիւնովը, նաեւ անոր յարութեանը նմանութիւնով ալ կցորդ պիտի ըլլանք։ Այս գիտնանք թէ մեր հին մարդը անոր հետ խաչուեցաւ, որ մեղաւոր մարմինը փճանայ, որպէս զի ասկէ յետոյ մեղքի չծառայենք։ Վասն զի ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է։ Արդ՝ եթէ մենք Քրիստոսին հետ մեռանք, կը հաւատանք թէ անոր հետ պիտի ապրինք ալ։ Քանզի գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալով՝ նորէն չի՛ մեռնիր, ա՛լ մահը անոր վրայ իշխանութիւն չունի։ 10 Վասն զի քանի որ մեռաւ՝ մեղքի մեռաւ մէկ անգամ եւ որ կենդանի է՝ Աստուծոյ կենդանի է։ 11 Այսպէս դուք ձեր անձերը մեղքի մեռած սեպեցէք, բայց Աստուծոյ կենդանի՝ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։ 12 Ուստի ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ, որ անոր ցանկութիւններուն հնազանդիք։ 13 Եւ ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք, անիրաւութեան գործիք ըլլալու, հապա ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք որպէս թէ մեռելներէն ողջնցած եւ ձեր անդամները արդարութեան գործիքներ՝ Աստուծոյ։ 14 Քանզի մեղքը ձեր վրայ պիտի չիշխէ. վասն զի օրէնքի տակ չէք, հապա շնորհքի տակ։

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՆԵՐԸ

15 Ուրեմն ի՞նչ. մե՞ղք գործենք քանի որ օրէնքի տակ չենք, հապա շնորհքի տակ։ Քա՛ւ լիցի։ 16 Չէ՞ք գիտեր թէ որու որ անձերնիդ իբր ծառայ ընծայէք հնազանդելու, ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքի՝ որ մահուան կը տանի եւ թէ՛ հնազանդութեան որ՝ արդարութեան։ 17 Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէեւ դուք մեղքի ծառայ էիք, սակայն սրտանց հնազանդեցաք այն վարդապետութեան գաղափարին, որ ձեզի յանձնուեցաւ։ 18 Ուստի դուք մեղքէ ազատուելով՝ արդարութեան ծառայ եղաք. 19 Մարդու սովորութեան պէս կ’ըսեմ՝ ձեր մարմնին տկարութեանը համար. քանզի ինչպէս ատեն մը ձեր անդամները անօրէնութեան ընծայեցիք՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան ծառաներ ըլլալու, ա՛յնպէս հիմա ձեր անդամները սրբութեան ընծայեցէք՝ արդարութեան ծառաներ ըլլալու։ 20 Վասն զի երբ դուք մեղքի ծառաներ էիք, արդարութենէ ազատ էիք։ 21 Ուրեմն այն ժամանակ ի՞նչ պտուղ ունէիք այն բաներէն՝ որոնցմով հիմա կ’ամչնաք. վասն զի անոնց վերջը մահ է։ 22 Բայց հիմա մեղքէ ազատուած եւ Աստուծոյ ծառաներ եղած՝ ձեր պտուղը ունիք սրբութիւնով ու վերջը յաւիտենական կեանք։ 23 Քանզի մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵՆԷՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

7 1 Միթէ չէ՞ք գիտեր, եղբայրնե՛ր, (քանզի ես օրէնքը գիտցողներուն կը խօսիմ,) որ օրէնքը մարդուս վրայ կ’իշխէ՝ որչափ ժամանակ որ ողջ է։ Վասն զի այր ունեցող կինը իր ողջ էրկանը կապուած է օրէնքով. բայց եթէ այրը մեռնի, արձակուած է էրկանը օրէնքէն։ Ուրեմն քանի որ այրը ողջ է, շուն պիտի կոչուի՝ եթէ ուրիշ էրկան մը կին ըլլայ. բայց եթէ այրը մեռնի, այն օրէնքէն ազատ կ’ըլլայ, այնպէս որ շնացող չ’ըլլար՝ եթէ ուրիշ էրկան մը կին ըլլայ։ Ուստի դո՛ւք ալ, իմ եղբայրներս Քրիստոսին մարմնովը օրէնքին մեռաք. որպէս զի ուրիշի մը ըլլաք, անոր՝ որ մեռելներէն յարութիւն առեր է որպէս զի Աստուծոյ պտուղ բերէք։ Քանզի երբ մենք մարմնով էինք՝ մեղքերու կրքերը, որոնք օրէնքով կ’ըլլային, մեր անդամներուն մէջ կը ներգործէին, որպէս զի մենք մահուան պտուղ բերենք։ Բայց հիմա այն օրէնքէն արձակուեցանք. վասն զի մեռանք անոր՝ որով բռնուած էինք որպէս զի մենք ծառայենք հոգիին նորոգութիւնովը եւ ո՛չ թէ գրին հնութիւնովը։

ՕՐԷՆՔ ԵՒ ՄԵՂՔ

Ուրեմն ի՞նչ ըսենք. օրէնքը մե՞ղք է։ Քա՛ւ լիցի. բայց ես մեղքը պիտի չճանչնայի, եթէ օրէնքով չըլլար. ինչպէս ցանկութիւնն ալ պիտի չգիտնայի, եթէ օրէնքը ըսած չըլլար՝ «Մի՛ ցանկար»։ Բայց մեղքը՝ պատուիրանքը առիթ սեպելով՝ իմ մէջս ցանկութիւններ գոյացուց։ Վասն զի առանց օրէնքի՝ մեղքը մեռած է։ Ես ալ առանց օրէնքի ատեն մը կենդանի էի. բայց երբ պատուիրանքը վրաս հասաւ, մեղքը ողջնցաւ 10 Եւ ես մեռայ ու այն պատուիրանքը որ կեանքի համար էր, նոյնը ինծի մահուան համար եղաւ։ 11 Վասն զի մեղքը պատուիրանքը առիթ սեպելով՝ զիս խաբեց ու անով մեռցուց։ 12 Ուստի օրէնքը սուրբ է ու պատուիրանքը՝ սուրբ եւ արդար ու բարի։

ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԷՋ ՏԱԳՆԱՊ

13 Ուրեմն բարին ինծի մա՞հ եղաւ։ Քա՛ւ լիցի, հապա մեղքը իմ մէջս մահ գործեց այս բանին միջոցով, որ բարի է, որպէս զի մեղքին իսկական բնոյթը յայտնուի, պատուիրանքով մեղքին շիտակ մեղք ըլլալը հաստատուի։ 14 Վասն զի գիտենք թէ օրէնքը հոգեւոր է, բայց ես մարմնաւոր եմ՝ մեղքի տակ ծախուած։ 15 Քանզի ինչ որ կ’ընեմ՝ չեմ ճանչնար։ Չէ թէ ինչ որ կ’ուզեմ զայն կ’ընեմ, հապա ինչ որ կ’ատեմ՝ զայն կ’ընեմ։ 16 Բայց եթէ չուզածս կ’ընեմ, հաւանութիւն կու տամ օրէնքին՝ թէ բարի է։ 17 Իսկ արդ՝ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիդիս կը բնակի։ 18 Քանզի գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասն զի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։ 19 Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։ 20 Իսկ եթէ չուզած բանս կ’ընեմ, ալ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիդիս բնակած է։ 21 Ուստի ես կը գտնեմ օրէնք մը, որ երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ։ 22 Վասն զի ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. 23 Բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է։ 24 Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն։ 25 Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ Ուրեմն ես ինքս մտքով Աստուծոյ օրէնքին կը ծառայեմ ու մարմնով՝ մեղքի օրէնքին։

ՀՈԳԻՈՎ ԿԵԱՆՔ

8 1 Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն, որոնք մարմնաւոր կերպով չեն վարուիր։ Քանզի Քրիստոս Յիսուսով կեանքի հոգիին օրէնքը զիս ազատեց մեղքի եւ մահուան օրէնքէն։ Վասն զի այն որ օրէնքին համար անկարելի էր, որովհետեւ տկար էր մարմնով, Աստուած իր Որդին ղրկելով մեղանչական մարմնի նմանութեամբ ու մեղքի համար եւ դատապարտեց մեղքը այն մարմնին մէջ. Որպէս զի օրէնքին արդարութիւնը կատարուի մեր մէջ, քանի որ մարմնաւորապէս չենք քալեր, հապա՝ հոգեւորապէս։ Քանզի մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները։ Վասն զի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն։ Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. վասն զի Աստուծոյ օրէնքին չի հնազանդիր, մանաւանդ չի կրնար ալ։ Վասն զի մարմնով եղողները չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ։ Բայց դուք մարմնով չէք, հապա՝ հոգիով, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ բնակած է. իսկ եթէ մէկը Քրիստոսին Հոգին չունի, անիկա անորը չէ։ 10 Եւ եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, ա՛լ մարմինը մեռած է մեղքի համար ու հոգին կենդանի է արդարութեան համար։ 11 Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին ձեր մէջ բնակած է, ուրեմն անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմիններն ալ իր Հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի։

12 Ապա ուրեմն, եղբայրնե՛ր, պարտական ենք, ո՛չ թէ մարմնին՝ մարմնաւորապէս ապրելու համար. 13 Վասն զի եթէ մարմնաւորապէս ապրելու ըլլաք, պիտի մեռնիք. բայց եթէ Հոգիով մարմնին գործերը սպաննէք, պիտի ապրիք։ 14 Վասն զի անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ 15 Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ 16 Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. 17 Եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք։

ԱՊԱԳԱՅ ՓԱՌՔԸ

18 Վասն զի ես այսպէս կը նկատեմ թէ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի։ 19 Քանզի ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։ 20 Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց, 21 Այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին։ 22 Քանզի գիտենք թէ բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն։ 23 Եւ ոչ միայն անոնք, հապա մենք ալ որ Հոգիին առաջին պտուղը ունինք, մենք մեզմէ մեր անձերուն մէջ կը հառաչենք՝ որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմնին ազատութեանը սպասելով։ 24 Վասն զի յոյսով փրկուեցանք. բայց յոյսը երբ տեսնուի, յոյս ըլլալէ կը դադրի, վասն զի ոեւէ մէկը տեսնուած բանին ինչո՞ւ պիտի յուսայ։ 25 Իսկ եթէ չտեսնուած բաներուն կը յուսանք, համբերութիւնով պիտի սպասենք անոր։ 26 Նոյնպէս Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։ 27 Եւ սրտերը Քննողը գիտէ Հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար։

28 Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են։ 29 Վասն զի զանոնք որ առաջ կը ճանչնար, առաջուընէ սահմանեց որ Որդիին պատկերին կերպարանակից ըլլալու. որպէս զի անիկա անդրանիկ ըլլայ բազմաթիւ եղբայրներու մէջ։ 30 Անոնք որ նախապէս սահմանեց նաեւ կանչեց զանոնք եւ անոնք որ կանչեց, նաեւ արդարացուց զանոնք եւ անոնք որ արդարացուց, նաեւ փառաւորեց զանոնք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ

31 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ։ 32 Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր։ 33 Ո՞վ է որ Աստուծոյ ընտրածներուն դէմ մեղադիր կ’ըլլայ։ Աստուած է որ կ’արդարացնէ։ 34 Ուրեմն ո՞վ է որ կը դատապարտէ։ Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ։ 35 Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը. 36 Ինչպէս գրուած է. «Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք». 37 Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ 38 Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, 39 Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԸՆՏՐԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

9 1 Ստոյգը կ’ըսեմ Քրիստոսով ու չեմ ստեր, իմ խիղճս ալ ինծի կը վկայէ Սուրբ Հոգիով, Որ մեծ տրտմութիւն է ինծի ու իմ սրտիս ցաւը անպակաս է։ Քանզի ես ինքս կը փափաքէի նզովուիլ Քրիստոսէն, մարմնի կողմէ իմ եղբայրներուս ու ազգականներուս համար, Որոնք իսրայելացի են. որոնցն է որդեգրութիւնը, փառքը, ուխտերը, օրէնսդրութիւնը, պաշտօնն ու խոստումները։ Իրենցն են նահապետները, Քրիստոս ալ իրենցմէ եկաւ մարմնի կողմանէ, որ ինքը օրհնեալ Աստուած է ամենուն վրայ յաւիտեանս։ Ամէն։ Բայց Աստուծոյ խօսքը երբեք գետին ինկած չէ. քանզի ոչ թէ ամէն անոնք որ Իսրայէլէն են՝ Իսրայելացի են Եւ ոչ թէ Աբրահամին սերունդ ըլլալնուն համար ամէնքը որդիներ են. այլ «Իսահակով քեզի սերունդ պիտի կոչուի»։ Այսինքն՝ ո՛չ թէ անոնք որ մարմնին որդիներ են՝ Աստուծոյ որդիներ ալ են, հապա խոստումի որդիները սերունդ կը սեպուին։ Վասն զի խոստումը այս էր, թէ՝ «Երբ դառնամ՝ Սառան որդի մը պիտի ունենայ»։ 10 Ո՛չ միայն այսքան, հապա Ռեբեկայէն ալ յայտնի է որ յղացաւ մէկէն, այսինքն՝ մեր Իսահակ հօրմէն. 11 Վասն զի տղաքը դեռ չծնած եւ դեռ աղէկ կամ գէշ բան մը չգործած, որպէս զի Աստուծոյ նախասահմանութիւնը հաստատ մնայ ընտրութեանը պէս, 12 Ո՛չ թէ գործերէն, հապա անկէ՛ որ կանչեց, իրեն ըսուեցաւ թէ՝ 13 «Մեծը պզտիկին պիտի ծառայէ». ինչպէս գրուած է թէ՝ «Յակոբը սիրեցի, բայց Եսաւը ատեցի»։

14 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ։ Քա՛ւ լիցի։ 15 Վասն զի Մովսէսին կ’ըսէ. «Որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։ 16 Ուրեմն մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ՝ որ կ’ողորմի։ 17 Քանզի գիրքը Փարաւոնին կ’ըսէ. «Անոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի»։ 18 Ուստի որո՛ւ որ ուզէ՝ կ’ողորմի եւ որը ուզէ՝ կը խստացնէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ

19 Ուրեմն ինծի պիտի ըսես թէ՝ «Ա՛լ ինչո՞ւ մեղադիր կ’ըլլայ. վասն զի ո՞վ կրնայ անոր կամքին դէմ դնել»։ 20 Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ հակառակ պատասխան կու տաս։ Միթէ ստեղծուածը իր Ստեղծողին կրնա՞յ ըսել թէ «Զիս ինչո՞ւ այդպէս շինեցիր»։ 21 Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն զանգուածէն ամաններ շինելու։ Ոմանքը՝ պատուի, ուրիշներ՝ անարգանքի համար։ 22 Արդ՝ ի՞նչ կրնայ ըսել մէկը, եթէ Աստուած իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցուցնելէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց տայ ա՛յն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած, 23 Եւ կամ եթէ ուզէ իր փառքին ճոխութիւնը ցուցնել ողորմութիւն գտնող անօթներուն, այն փառքին համար, որ նախապէս պատրաստեց. 24 Այսինքն՝ մեզի՝ որ կանչեց, ո՛չ թէ միայն Հրեաներէն, հապա հեթանոսներէն ալ. 25 Ինչպէս Ովսէէի մէջ ալ կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս չեղողը ‘իմ ժողովուրդս’ պիտի կոչեմ ու սիրելի չեղողը՝ ‘սիրելի’։ 26 Այն տեղ՝ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ՝ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք ‘կենդանի Աստուծոյ որդիները’ պիտի կոչուին»։ 27 Եսայի ալ Իսրայէլի համար կ’աղաղակէ. «Եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ալ ըլլայ, միայն մնացորդ մը պիտի ազատի։ 28 Քանզի Տէրը համառօտ եւ կտրուկ կ’ընէ արդարութեամբ. վասն զի Տէրը կարճ բան մը պիտի ընէ երկրի վրայ»։ 29 Եւ ինչպէս Եսայի նախապէս ըսաւ. «Եթէ զօրաց Տէրը մեզի սերունդ թողուցած չըլլար, մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք ու Գոմորի պիտի նմանէինք»։

ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ

30 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Թէ հեթանոսները որոնք արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարութեան հասան, ա՛յն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է. 31 Բայց Իսրայէլ, որ արդարութեան օրէնքին կը հետեւէր, արդարութեան օրէնքին չհասաւ։ 32 Ինչո՞ւ համար. վասն զի ո՛չ թէ հաւատքով, հապա որպէս թէ օրէնքին գործերով ուզեց արդարանալ։ Անոնք գայթակղութեան վէմին վրայ գլորեցան. 33 Ինչպէս գրուած է. «Ահա Սիօնի մէջ գայթակղութեան քար մը կը դնեմ ու գլորելու վէմ մը. եւ ամէն ով որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ»։

10 1 Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը փափաքիմ ու կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իսրայէլը փրկէ։ Վասն զի ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար։ Վասն զի անոնք Աստուծոյ արդարութիւնը չճանչնալով՝ իրենց արդարութիւնը հաստատել ուզելով, Աստուծոյ արդարութեան չհնազանդեցան։ Քանզի օրէնքին վախճանը Քրիստոս է ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար։

ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ Է

Վասն զի Մովսէս օրէնքէն եղած արդարութիւնը հաստատեց ըսելով. «Զանոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի»։ Բայց հաւատքէն եղած արդարութիւնը այսպէս կ’ըսէ. «Մի՛ ըսեր քու սրտիդ մէջ՝ ‘Ո՞վ պիտի ելլէ երկինք’, այսինքն Քրիստոսը իջեցնելու. Կամ թէ՝ ‘Ո՞վ պիտի իջնէ անդունդը’, այսինքն Քրիստոսը մեռելներէն հանելու»։ Հապա ի՞նչ կ’ըսէ. «Խօսքը մօտդ է, քու շրթունքիդ վրայ եւ քու սրտիդ մէջ է». այսինքն հաւատքին խօսքը, որ մենք կը քարոզենք. Վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս. 10 Վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար։ 11 Քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ»։ 12 Վասն զի խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է, որ առատութեամբ կը հասնի անոնց, որոնք իրեն կը կանչեն։ 13 Քանզի «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։

14 Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։ 15 Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. «Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։ 16 Բայց ամէնքը հնազանդ չեղան աւետարանին. քանզի Եսայի կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»։ 17 Ուրեմն հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն։ 18 Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ չլսեցի՞ն. մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։ 19 Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ Իսրայէլ չգիտցա՞ւ»։ Առաջ Մովսէս կ’ըսէ. «Ես ձեզ պիտի գրգռեմ որ նախանձիք անպիտան ժողովուրդի մը ու անմիտ ազգով մը ձեզ պիտի բարկացնեմ»։ 20 Բայց Եսային կը համարձակի ու կ’ըսէ. «Ես անոնցմէ գտնուեցայ՝ որոնք զիս չէին փնտռեր, յայտնի եղայ անոնց՝ որոնք զիս չէին հարցներ»։ 21 Սակայն Իսրայէլի վրայով կ’ըսէ. «Բոլոր օրը իմ ձեռքերս երկնցուցի անհնազանդ ու հակառակող ժողովուրդի մը»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ

11 1 Ուստի կը հարցնեմ. «Միթէ Աստուած իր ժողովուրդը մերժե՞ց»։ Քա՛ւ լիցի. վասն զի ես ալ Իսրայելացի եմ, Աբրահամին սերունդէն, Բենիամինին ցեղէն։ Աստուած չմերժեց իր ժողովուրդը որ ինք նախապէս ճանչցաւ։ Միթէ չէ՞ք գիտեր թէ Եղիային պատմութեանը մէջ գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ, երբ անիկա Իսրայէլին համար կը գանգատէր Աստուծոյ. «Տէ՛ր, քու մարգարէներդ մեռցուցին ու քու սեղաններդ փլցուցին, միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն»։ Բայց ի՞նչ ըսաւ աստուածային պատասխանը. «Ինծի թողուցի եօթը հազար մարդիկ, որոնք Բահաղի ծնրադրութիւն չըրին»։ Հիմա ալ շնորհքով ընտրուած մնացորդ մը կայ։ Եւ եթէ շնորհքով, ուրեմն ա՛լ գործերէն չէ. ապա թէ ոչ՝ շնորհքը ա՛լ շնորհք չ’ըլլար. իսկ եթէ գործերէն է, ա՛լ շնորհք չէ. ապա թէ ոչ գործը ա՛լ գործ չ’ըլլար Ուստի ի՞նչ. Իսրայէլ չհասաւ այն բանին որ կը փնտռէր։ Ընտրուածները հասան ու մնացածները կուրցան Ինչպէս գրուած է՝ «Աստուած անոնց թմրութեան ոգի տուաւ։ Աչքեր՝ որոնցմով պիտի չտեսնեն ու ականջներ՝ որոնցմով պիտի չլսեն, մինչեւ այսօր»։ Եւ Դաւիթ կ’ըսէ. «Անոնց սեղանը իրենց որոգայթ ու որս եւ գայթակղութիւն ու հատուցում ըլլայ. 10 Անոնց աչքերը պիտի մթննան, որպէս զի չտեսնեն ու անոնց կռնակը միշտ վար պիտի ծռի»։ 11 Ուրեմն կ’ըսեմ. «Միթէ անո՞ր համար անոնք յանցանք գործեցին որ կործանին»։ Քա՛ւ լիցի. հապա իրենց յանցանքովը հեթանոսներուն փրկութիւն եղաւ, որպէս զի անոնց նախանձը շարժէ։ 12 Ուստի եթէ անոնց յանցանքը աշխարհի մեծութիւն եղաւ ու անոնց նուաստութիւնը՝ հեթանոսներուն մեծութիւն, ալ որչա՜փ աւելի անոնց լրութիւնը։

ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐՈՒՆ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

13 Բայց կ’ըսեմ ձեզի՝ հեթանոսներուդ, որովհետեւ հեթանոսներուն առաքեալն եմ, իմ պաշտօնս կը մեծարեմ. 14 Որպէս զի թերեւս իմ մարմինէս եղողներուն նախանձը շարժեմ ու անոնցմէ մէկ քանիները ապրեցնեմ։ 15 Վասն զի եթէ անոնց մերժուիլը աշխարհի հաշտութիւն է, հապա անոնց ընդունուիլը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ոչ՝ մեռելներէն կենդանանալ։ 16 Արդ՝ եթէ երախայրին սուրբ է, նաեւ զանգուածը եւ եթէ արմատը սուրբ է, ուրեմն ճիւղերն ալ։ 17 Եթէ այն ճիւղերէն մէկ քանիները կոտրտեցան ու դուն որ վայրենի ձիթենի էիր՝ անոնց վրայ պատուաստուեցար ու ձիթենիին արմատին եւ պարարտութեանը հաղորդ եղար, 18 Ճիւղերուն դէմ մի՛ պարծենար. իսկ եթէ պարծենաս, յիշէ թէ դուն արմատը վեր չես բռներ, հապա արմատը՝ քեզ։ 19 Ուրեմն պիտի ըսես՝ «Ճիւղերը կոտրեցան որպէս զի ես պատուաստուիմ»։ 20 Աղէ՛կ, անոնք անհաւատութիւնով կոտրեցան ու դուն հաւատքով հաստատուեցար։ Մի՛ հպարտանար, հապա վախցիր. 21 Վասն զի եթէ Աստուած բնական ճիւղերուն չխնայեց, գուցէ քեզի ալ չխնայէ։ 22 Ուստի տե՛ս Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու խստութիւնը։ Կործանուածներուն վրայ՝ խստութիւնը եւ քու վրադ՝ քաղցրութիւնը, եթէ այն քաղցրութեան մէջ կենաս, ապա թէ ոչ դուն ալ պիտի կորսուիս։ 23 Իսկ անոնք եթէ իրենց անհաւատութեանը մէջ չկենան, պիտի պատուաստուին, վասն զի Աստուած կարող է զանոնք նորէն պատուաստել։ 24 Քանզի եթէ դուն քեզի բնական եղող վայրենի ձիթենիէն կտրուեցար ու այն բարի ձիթենիին վրայ, որ քեզի բնական չէր, պատուաստուեցար, ալ որչա՜փ աւելի անոնք որ բնական ճիւղեր են, պիտի պատուաստուին իրենց ձիթենիին վրայ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐԻՆ

25 Վասն զի չեմ ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ չգիտնաք այս խորհուրդը, որպէս զի ինքզինքնիդ իմաստուն չսեպէք, որ Իսրայէլին մասամբ կուրութիւն եղաւ, մինչեւ հեթանոսներուն լրութիւնը մտնէ։ 26 Այսպէս՝ բոլոր Իսրայէլ պիտի փրկուի. ինչպէս գրուած է՝ «Սիօնէն պիտի գայ Փրկիչը ու Յակոբէն ամբարշտութիւնները մէկդի պիտի դարձնէ։ 27 Այս է իմ ուխտս անոնց, երբ անոնց մեղքերը վերցնեմ»։ 28 Աւետարանին նայելով՝ անոնք թշնամի են ձեր սիրոյն համար. բայց ընտրութեանը նայելով՝ սիրելի են իրենց հայրերուն սիրոյն համար։ 29 Վասն զի Աստուծոյ պարգեւներն ու կոչումը առանց զղջալու են։ 30 Վասն զի ինչպէս դուք ալ ատեն մը Աստուծոյ չէիք հաւատար բայց հիմա ողորմութիւն գտաք անոնց անհաւատութիւնովը, 31 Նոյնպէս անոնք ալ հիմա անհաւատ եղան, որպէս զի ձեր ողորմութիւն գտնելովը՝ իրենք ալ ողորմութիւն գտնեն։ 32 Վասն զի Աստուած ամէնքն ալ անհաւատութեան մէջ արգիլեց, որպէս զի ամենուն ողորմի։

ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

33 Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները։ 34 Վասն զի «ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ». 35 Կամ «ո՞վ նախապէս անոր բան մը տուաւ, որ փոխարէնը իրեն տրուի»։ 36 Վասն զի ամէն բաները անկէ ու անով եւ անոր համար են. իրեն փառք յաւիտեանս։ Ամէն։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԵԱՆՔ

12 1 Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։ Քանզի ինծի տրուած շնորհքով այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց։ Վասն զի ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, Նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք։ Ուստի մենք զանազան պարգեւներ ունենալով այն շնորհքին համեմատ որ մեզի տրուած է, եթէ մարգարէութիւն՝ հաւատքին չափովը գործածենք. Եթէ սպասաւորութիւն՝ սպասաւորութեան մէջ ըլլանք. ան որ պիտի սորվեցնէ՝ սորվեցնելու ետեւէ ըլլայ. Ան որ պիտի յորդորէ՝ յորդորելու ետեւէ, ան որ կը բաշխէ՝ պարզմտութեամբ թող ընէ, ան որ վերակացու է՝ ջանքով, ան որ կ’ողորմի՝ յօժարութեամբ. Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։ 10 Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք. 11 Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք. 12 Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք. 13 Սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք. 14 Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք. 15 Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք. 16 Իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք. ամբարտաւանութիւն մի՛ ընէք, հապա խոնարհներուն հետ խոնարհեցէ՛ք, ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի՛ դնէք. 17 Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ 18 Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ 19 Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. «‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։ 20 Ուստի «եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես»։ 21 Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։

ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

13 1 Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։ Ուրեմն ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ անոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ’ընդունին։ Վասն զի իշխանները բարիք գործողները չեն վախցներ, հապա՝ չարը։ Կ’ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն, բարիք գործէ ու անկէ գովութիւն պիտի ընդունիս. Վասն զի անիկա Աստուծոյ սպասաւորն է քեզի բարիի համար. բայց եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր. վասն զի դատարկ տեղ մէջքը թուր չէ կապեր, քանզի Աստուծոյ սպասաւորն է եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ։ Ասոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։ Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կու տաք. վասն զի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու։ Ուստի հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, որո՛ւ որ վախ՝ վախնալը, որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը։

ԻՐԱՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ

Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասն զի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ. Վասն զի այն Մի՛ շնարը, Մի՛ սպանները, Մի՛ գողնարը, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըները, Մի՛ ցանկարը եւ ուրիշ ինչ պատուէր որ կայ՝ բոլորը այս խօսքին մէջ կը բովանդակուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ 10 Սէրը ընկերին գէշութիւն չ’ըներ. ուրեմն օրէնքին լրումը սէրն է։

11 Եւ այսպէս ըրէք, գիտնալով թէ ժամանակն է, որ քունէն արթննանք. վասն զի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք։ 12 Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած. ուստի մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը։ 13 որպէս զի ցորեկ ատեն՝ պարկեշտութեամբ պտըտինք, ո՛չ թէ անառակութիւններով ու գինովութիւններով եւ ո՛չ թէ խառնակ անկողիններով ու պղծութիւններով եւ ո՛չ թէ հակառակութիւնով ու նախանձով. 14 Հապա ձեր վրայ հագէք Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու խնամք մի՛ տանիք մարմնին՝ ցանկութիւններու համար։

ԵՂԲԱՅՐԴ ՄԻ՛ ԴԱՏԵՐ

14 1 Հաւատքի մէջ տկար եղողը ընդունեցէք, ո՛չ թէ տարակուսական որոշումներով։ Մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել եւ ան որ տկար է՝ կանանչեղէն կ’ուտէ։ Ան որ կ’ուտէ չուտողը թող չանարգէ՛ ու ան որ չ’ուտեր՝ ուտողը թող չդատէ՛, վասն զի Աստուած զանիկա ընդուներ է։ Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ. բայց պիտի կանգնի, վասն զի Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել։ Մէկը մէկ օրը ուրիշ օրէ աւելի կը յարգէ, մէկն ալ ամէն օրը մէկ կը սեպէ. թող ամէն մարդ իր միտքը հաճեցնէ։ Ան որ կը հոգայ օրը, Տէրոջը կը հոգայ եւ ան որ չի հոգար օրը, Տէրոջը չի հոգար ու ան որ կ’ուտէ, Տէրոջը կ’ուտէ, քանզի Աստուծմէ կը գոհանայ եւ ան որ չ’ուտեր, Տէրոջը չ’ուտեր ու Աստուծմէ կը գոհանայ։ Վասն զի մեզմէ ոեւէ մէկը իր անձին համար չ’ապրիր, կամ իր անձին համար չի մեռնիր։ Քանզի եթէ ապրինք, Տէրոջը համար կ’ապրինք եւ եթէ մեռնինք, Տէրոջը համար կը մեռնինք. ուրեմն թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք։ Վասն զի Քրիստոս ալ անոր համար մեռաւ ու ապրեցաւ, որ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ՛ կենդանիներուն իշխէ։ 10 Իսկ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կը դատես կամ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կ’անարգես. վասն զի ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք։ 11 Վասն զի գրուած է. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի եւ ամէն լեզու Աստուած պիտի դաւանի»։ 12 Ուրեմն մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար։

ԵՂԲԱՅՐԴ ՄԻ՛ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՆԵՐ

13 Ա՛լ զիրար չդատենք, հապա որոշենք մեր մտքերուն մէջ՝ խոչ կամ գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր։ 14 Ասիկա գիտեմ ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով, թէ բա՛ն մը ինքնիրմէ պիղծ չէ, բայց պիղծ է անոր, որ պիղծ կը նկատէ։ 15 Իսկ եթէ կերակուրի համար եղբայրդ տրտմեցնես, սիրով վարուած չես ըլլար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ զանիկա՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ 16 Թող ձեր բարին չար խօսքերու նշաւակ չըլլայ։ 17 Վասն զի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։ 18 Քանզի եթէ մէկը այս բաներով Քրիստոսին ծառայէ, անիկա Աստուծոյ հաճելի կ’ըլլայ ու մարդոցմէ կը գովուի։ 19 Ուրեմն իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք։ 20 Կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը մի՛ քակէք։ Ամէն բան մաքուր է. միայն այն մարդուն գէշ է, որ ուրիշը կը գայթակղեցնէ։ 21 Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ։ 22 Դուն հաւատք ունի՞ս. զանիկա քեզի պահէ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր որ իր անձը չի դատապարտեր անով, որ ինք կ’ընդունի։ 23 Բայց ան որ կը խղճահարուի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, վասն զի հաւատքով չ’ուտեր, քանզի ի՛նչ բան որ հաւատքով չէ՝ մեղք է։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՀԱՃԵՑՆԵԼ, ՈՉ ԹԷ ԻՆՔԶԻՆՔԴ

15 1 Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար, Հապա մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ։ Քանզի Քրիստոս ալ ո՛չ թէ իր անձին հաճոյ եղաւ, հապա ինչպէս գրուած է՝ «Քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան»։ Վասն զի ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվինք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք։ Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս, Որպէս զի մէկ սրտով ու մէկ բերնով փառաւորէք Աստուած՝ մեր Տէրոջը՝ Յիսուս Քրիստոսին Հայրը։

ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ՝ ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐՈՒՆ

Ասոր համար մէկզմէկ ընդունեցէք, ինչպէս Քրիստոս մեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար։

Բայց կ’ըսեմ թէ Յիսուս Քրիստոս սպասաւոր եղաւ թլփատուածներուն, ցուցնելու համար Աստուծոյ ճշմարտութիւնը, որպէս զի նախահայրերուն տրուած խոստումները հաստատէ Եւ հեթանոսները ողորմութեան համար Աստուած փառաւորեն. ինչպէս գրուած է. «Ասոր համար ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ»։ 10 Եւ դարձեալ կ’ըսէ. «Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէք»։ 11 Եւ դարձեալ. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ բոլոր ազգեր ու գովեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ»։ 12 Եւ դարձեալ Եսային կ’ըսէ. «Յեսսէի արմատը պիտի գայ ու ան ազգերուն իշխան պիտի ըլլայ, ազգերը անոր պիտի յուսան»։ 13 Արդ՝ յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէս զի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը։

ՊՕՂՈՍԻՆ ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԳՐԵԼՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

14 Ես ինքս ալ հաստատ համոզուած եմ ձեզի համար, իմ եղբայրնե՛րս, որ դուք լեցուած էք բարութիւնով եւ գիտութիւնով եւ կրնաք մէկզմէկ խրատել։ 15 Սակայն մէկ կողմէ համարձակութեամբ գրեցի ձեզի, իմ եղբայրներս, որպէս զի մտքերնիդ ձգեմ այս բաները, այն շնորհքին պատճառով որ Աստուծմէ ինծի տրուած է, 16 Որպէս զի ես Յիսուս Քրիստոսին սպասաւորը ըլլամ հեթանոսներուն մէջ եւ Աստուծոյ աւետարանը մատակարարեմ, որպէս զի հեթանոսներուն ընծայուիլը ընդունելի ըլլայ՝ Սուրբ Հոգիով սրբուելով։ 17 Ուստի Աստուծոյ քով կրնամ պարծենալ Քրիստոս Յիսուսով։ 18 Վասն զի չեմ համարձակիր խօսիլ այն բաներու մասին, որ Քրիստոս իմ ձեռքովս գործած չէ հեթանոսները հնազանդեցնելու համար՝ խօսքով ու գործով, 19 Նշաններու ու հրաշքներու զօրութիւնով, Աստուծոյ Հոգիին զօրութիւնովը. այնպէս որ Երուսաղէմէն սկսած եւ շրջան ընելով մինչեւ Լիւրիկացիներու կողմերը Քրիստոսին աւետարանը լեցուցի։ 20 Այնպէս ջանացի աւետարանը քարոզել, ոչ թէ ուր որ Քրիստոսին անունը յիշուած էր, որ չըլլայ թէ ուրիշի մը դրած հիման վրայ շինեմ. հապա ինչպէս գրուած է թէ՝ 21 «Որոնց չպատմուեցաւ անոր վրայով՝ պիտի տեսնեն ու որոնք չլսեցին՝ պիտի իմանան»։

ՊՕՂՈՍԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ՀՌՈՎՄ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ

22 Անոր համար ալ շատ անգամ արգիլուեցայ ձեզի գալէ։ 23 Բայց հիմա այս կողմերը ա՛լ ինծի տեղ չկայ ու շատ տարիներէ ի վեր խիստ կը փափաքիմ ձեզի գալ, 24 Երբ դէպի Սպանիա երթամ, կը յուսամ անցնելու ատենս ձեզ տեսնել ու ձեզմէ ճամբուիլ հոն երթալու, եթէ առաջ քիչ մը ձեզմով լեցուիմ։ 25 Բայց հիմա Երուսաղէմ կ’երթամ սուրբերուն սպասաւորութիւն ընելու։ 26 Վասն զի Մակեդոնացիները եւ Աքայիացիները յօժարեցան որ Երուսաղէմի մէջ եղած աղքատ սուրբերուն քիչ մը օգնութիւն ընեն։ 27 Յօժարեցան, քանզի անոնց պարտական ալ են։ Եթէ հեթանոսները հոգեւոր բաներու մէջ Հրեաներէն օգնութիւն ստացան, պարտաւոր են անոնց օգնել մարմնաւոր բաներու մէջ ալ։ 28 Ուրեմն ասիկա կատարելով ու կնքելով անոնց այս պտուղը՝ ձեզմէ Սպանիա պիտի անցնիմ։ 29 Գիտեմ թէ իմ ձեզի գալու ատենս՝ Քրիստոսին աւետարանին լեցուն օրհնութիւնովը պիտի գամ։

30 Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով ու Հոգիին սիրովը, որ ինծի հետ պատերազմակից ըլլաք ձեր աղօթքներուն մէջ առ Աստուած ինծի համար, 31 Որպէս զի Հրէաստանի մէջ հաւատքի չհնազանդողներէն ազատուիմ ու իմ Երուսաղէմ ընելու սպասաւորութիւնս սուրբերուն ընդունելի ըլլայ, 32 Որպէս զի Աստուծոյ կամքովը ուրախութեամբ ձեզի գալով՝ ձեզի հետ հանգչիմ։ 33 15։32 Եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ

16 1 Ձեզի կը յանձնեմ Փիբէ քոյրը, որ Կենքրայի եկեղեցիին սպասաւորն է. Որպէս զի զանիկա ընդունիք Տէրոջմով՝ ինչպէս սուրբերուն արժան է եւ անոր խնամք տանիք ի՛նչ բանի որ ձեր օգնութեանը կարօտի. քանզի ինք ալ շատերու խնամք տարաւ ու ինծի ալ։

Բարեւ ըրէք Պրիսկէին ու Ակիւղասին Քրիստոս Յիսուսով իմ գործակիցներուս. Որոնք իմ կեանքիս համար իրենց պարանոցները տուին. որոնցմէ ոչ միայն ես շնորհակալ կ’ըլլամ, հապա հեթանոսներուն բոլոր եկեղեցիներն ալ. Եւ անոնց տանը մէջի եկեղեցիին ալ։ Բարեւ ըրէք Եպենետոս իմ սիրելիիս, որ Աքայիայէ առաջին պտուղն է Քրիստոսին։ Բարեւ ըրէք Մարիամին, որ մեր վրայ շատ աշխատեցաւ։ Բարեւ ըրէք Անդրոնիկոսին ու Յունիային, իմ ազգականներուս եւ գերութեան ընկերներուս, որոնք առաքեալներուն մէջ երեւելիներ են, որոնք ինձմէ առաջ Քրիստոսին եղան։ Բարեւ ըրէք Ամպղիա իմ սիրելիիս Տէրոջմով։ Բարեւ ըրէք Ուրբանոս մեր գործակիցին Քրիստոսով ու Ստաքէս իմ սիրելիիս։ 10 Բարեւ ըրէք Ապեղեսին, որ ընտրեալ է Քրիստոսով։ 11 Բարեւ ըրէք Արիստաբուղոսին տանը։ Բարեւ ըրէք Հերովդիոն իմ ազգականիս։ Բարեւ ըրէք անոնց, որոնք Նարկէսին տունէն են, Տէրոջմով։ 12 Բարեւ ըրէք Տրիփոնէին ու Տրիփոսէին, Տէրոջմով աշխատողներուն։ Բարեւ ըրէք Պերսիդէ սիրելիին, որ շատ աշխատեցաւ, Տէրոջմով։ 13 Բարեւ ըրէք Ռուփոսին, Տէրոջմով ընտրուածին ու անոր մօրը եւ իմինիս։ 14 Բարեւ ըրէք Ասինկրիտոսին, Փղեգոնին, Երմասին, Պատրոբային, Երմէսին ու անոնց հետ եղող եղբայրներուն. 15 Բարեւ ըրէք Փիղողոգոսին ու Յուլիային, Ներէոսին ու անոր քրոջը եւ Ողիմպասին ու անոնց հետ եղող բոլոր սուրբերուն։ 16 Բարեւ ըրէք իրարու սրբութեան համբոյրով։ Բարեւ կ’ընեն ձեզի Քրիստոսին [բոլոր] եկեղեցիները։

ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐԸ

17 Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք անոնք, որոնք ձեր սորված վարդապետութենէն դուրս բաժանում կը յառաջացնեն ու գայթակղութիւններ կ’ընեն։ Անոնցմէ ետ կեցէք։ 18 Վասն զի այնպիսիները մեր Տէրոջը՝ Քրիստոսին՝ չեն ծառայեր, հապա իրենց որովայնին։ Անոյշ խօսքերով ու գովեստներով պարզամիտներուն սրտերը կը խաբեն։ 19 Քանզի ձեր հնազանդութիւնը ամենուն ծանօթ է. ուստի ձեզի համար ուրախ եմ. բայց կ’ուզեմ որ դուք իմաստուն ըլլաք բարիին ու միամիտ՝ չարին։ 20 Եւ խաղաղութեան Աստուածը շուտով խորտակէ Սատանան ձեր ոտքերուն տակ։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։

21 Բարեւ կ’ընէ ձեզի Տիմոթէոս իմ գործակիցս եւ Ղուկիոսը ու Յասոն եւ Սոսիպատրոսը, իմ ազգականներս։ 22 Բարեւ կ’ընեմ ձեզի Տէրոջմով ես ալ՝ Տերտիոս՝ որ այս թուղթը գրեցի։ 23 Բարեւ կ’ընէ ձեզի Գայիոսը, իմ ու բոլոր եկեղեցիին հիւրընկալը։ Բարեւ կ’ընէ ձեզի Երաստոսը, քաղաքիս գանձապետը ու Կուարտոս եղբայրը։ 24 Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

25 Արդ՝ անոր, որ կարող է ձեզ հաստատել իմ աւետարանիս պէս ու Յիսուս Քրիստոսին քարոզութեանը պէս, այն խորհուրդին յայտնուելուն պէս՝ որ յաւիտենական ատեններէն ի վեր ծածկուած էր, 26 Հիմա յայտնուեցաւ ու մարգարէական գրքերը յաւիտենական Աստուծոյ հրամանով բոլոր հեթանոսներուն ճանչցուեցան, հաւատքի հնազանդելու համար, 27 Մի միայն իմաստուն Աստուծոյն, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, փառք յաւիտեանս։ Ամէն։