ԳԻՐՔ ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ
ՅՈՒԴԱՅԻՆ ԵՒ ՇՄԱՒՈՆԻՆ ՑԵՂԵՐԸ ԱԴՈՆԻԲԵԶԵԿԸ ԿԸ ԿԱԼԱՆԱՒՈՐԵՆ
1 1 Յեսուին մեռնելէն յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հարցուցին ու ըսին. «Մեզմէ ո՞վ առաջ Քանանացիներուն վրայ պէտք է ելլէ՝ անոնց հետ պատերազմելու»։ 2 Տէրը ըսաւ. «Յուդան թող ելլէ։ Ահա երկիրը անոր ձեռքը տուի»։ 3 Յուդան իր եղբօրը Շմաւոնին ըսաւ. «Ինծի հետ իմ երկիրս ելի՛ր ու Քանանացիներուն հետ պատերազմինք։ Ես ալ քեզի հետ քու երկիրդ երթամ»։ Շմաւոն անոր հետ գնաց։ 4 Յուդան ելաւ ու Տէրը Քանանացիներն ու Փերեզացիները անոնց ձեռքը տուաւ։ Անոնցմէ Բեզեկի մէջ տասը հազար մարդ կոտորեցին։ 5 Բեզեկի մէջ Ադոնիբեզեկը գտնելով անոր հետ պատերազմեցան ու Քանանացիները եւ Փերեզացիները զարկին։ 6 Ադոնիբեզեկ փախաւ, բայց անոնք անոր ետեւէն իյնալով զանիկա բռնեցին ու անոր ձեռքերուն ու ոտքերուն մեծ մատները կտրեցին։ 7 Ադոնիբեզեկ ըսաւ. «Ձեռքերնուն ու ոտքերնուն մեծ մատները կտրուած եօթանասուն թագաւորներ իմ սեղանիս տակ ինկած փշրանքները կը հաւաքէին. ես ինչպէս որ ըրի, Աստուած ալ ինծի այնպէս հատուցում ըրաւ»։ Զանիկա Երուսաղէմ տարին ու հոն մեռաւ։ 8 Յուդային որդիները Երուսաղէմին հետ պատերազմ ընելով զանիկա առին ու սուրի բերնէ անցնելով քաղաքը կրակով այրեցին։
9 Անկէ յետոյ Յուդային որդիները վար իջան, որպէս զի լեռնակողմը ու հարաւային կողմը ու դաշտի մէջ բնակող Քանանացիներուն դէմ պատերազմին։ 10 Յուդան Քեբրոնին մէջ բնակող Քանանացիներուն վրայ գնաց. (Քեբրոնին անունը առաջ Կարիաթ–Արբա էր.) եւ անոնք Սէսին, Աքիմանը ու Թոլմին զարկին։
ԳՈԹՈՆԻԷԼԸ ԴԱԲԻՐԻՆ ԿԸ ՏԻՐԷ
(Յեսու 15։13-19)
11 Անկէ Դաբիրին բնակիչներուն վրայ գնաց. (Դաբիրին անունը առաջ Կարիաթ–Սեփեր էր.) 12 Եւ Քաղէբ ըսաւ. «Ով որ Կարիաթ–Սեփերը զարնէ ու առնէ, իմ աղջիկս Աքսան անոր կնութեան պիտի տամ»։ 13 Ուստի Քաղէբին պզտիկ եղբօրը Կենեզին որդին Գոթոնիէլը զարկաւ առաւ զանիկա եւ Քաղէբ իր աղջիկը Աքսան անոր կնութեան տուաւ։ 14 Երբ աղջիկը անոր կ’երթար, զանիկա յորդորեց որ իր հօրմէն ագարակ մը ուզէ։ Աղջիկը էշէն վար իջաւ։ Քաղէբ ըսաւ անոր. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ 15 Աղջիկը հօրը ըսաւ. «Ինծի օրհնութիւն տուր։ Ինծի հարաւային երկիր մը տուիր։ Ջուրի աղբիւրներ ալ տուր»։ Ուստի Քաղէբ վերի աղբիւրները ու վարի աղբիւրները տուաւ անոր։
ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՈՒ ԲԵՆԻԱՄԻՆԻՆ ՑԵՂԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ
16 Մովսէսին աներոջ Կենեցիին որդիները Յուդային որդիներուն հետ արմաւենիներուն քաղաքէն Արադին հարաւային կողմը եղող Յուդային անապատը ելան ու գացին ժողովուրդին հետ բնակեցան։
17 Յուդան իր եղբօրը Շմաւոնին հետ գնաց ու Սեփաթի մէջ բնակող Քանանացիները զարկին եւ զանիկա նզովեցին ու այն քաղաքին անունը Հօրմա կոչեցին։ 18 Ետքը Յուդայեաններուն Գազան ու անոր սահմանը եւ Ասկաղոնն ու անոր սահմանը առին։ 19 Տէրը Յուդային հետ էր ու անիկա լերանը տիրեց, բայց հովիտներուն բնակիչները չկրցաւ վռնտել, քանզի անոնք երկաթէ կառքեր ունէին։ 20 Քեբրոնը Քաղէբին տուին, ինչպէս Մովսէս ըսեր էր, որը անկէ Ենակին երեք որդիները վռնտեց։
21 Բենիամինին որդիները Երուսաղէմի մէջ բնակող Յեբուսացիները չվռնտեցին։ Յեբուսացիները Բենիամինին որդիներուն հետ Երուսաղէմի մէջ բնակեցան մինչեւ այսօր։
ԵՓՐԵՄԻՆ ՈՒ ՄԱՆԱՍԷԻՆ ՑԵՂԵՐԸ ԲԵԹԷԼԻՆ ԿԸ ՏԻՐԵՆ
22 Յովսէփին տունն ալ Բեթէլի վրայ ելան ու Տէրը անոնց հետ էր։ 23 Յովսէփին տունը Բեթէլը լրտեսեցին. (այն քաղաքին անունը առաջ Լուզ էր.) 24 Եւ պահապանները մարդ մը տեսան, որ այն քաղաքէն կ’ելլէր ու անոր ըսին. «Շնորհք ըրէ՛. քաղաքը մտնելու կողմը մեզի ցուցուր ու քեզի ողորմութիւն ընենք»։ 25 Անիկա քաղաքը մտնելու կողմը ցուցուց անոնց։ Քաղաքը սուրի բերնէ անցուցին, բայց այն մարդը եւ անոր բոլոր ազգատոհմը թող տուին։ 26 Այն մարդը Քետացիներուն երկիրը գնաց եւ հոն քաղաք մը շինեց ու անոր անունը Լուզ կոչեց։ Մինչեւ այսօր անոր անունը այդ է։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԷՆ ՉՔՇՈՒԵՑԱՆ
27 Մանասէն Բեթսանը եւ անոր գիւղաքաղաքները, Թանաքն ու անոր գիւղաքաղաքները, Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Յեբղաամի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները չզարկաւ եւ Քանանացիները շարունակեցին այս երկրին մէջ բնակիլ։ 28 Երբ Իսրայէլ ուժովցաւ, Քանանացիները հարկատու ըրաւ, բայց զանոնք բոլորովին չվռնտեց։
29 Եփրեմն ալ Գազերի մէջ բնակող Քանանացիները չվռնտեց ու Քանանացիները անոր հետ Գազերի մէջ բնակեցան։
30 Զաբուղոն Կեթրոնի բնակիչները եւ Նաաղօլի բնակիչները չվռնտեց ու Քանանացիները անոնց մէջ բնակելով հարկատու եղան։
31 Ասեր Ակքովին բնակիչները՝ Սիդոնի, Աքղաբի, Աքեզիբի, Ելբայի, Ափէկի ու Րոոբի բնակիչները՝ չվռնտեց. 32 Հապա Ասերեանները այն երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցան, որովհետեւ զիրենք չվռնտեցին։
33 Նեփթաղիմ՝ Բեթսամիւսի բնակիչներն ու Բեթանաթի բնակիչները չվռնտեց, հապա այն երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցաւ եւ Բեթսամիւսի ու Բեթանաթի բնակիչները անոր հարկատու եղան։
34 Ամօրհացիները Դանի որդիները լերան վրայ նեղը ձգեցին, քանզի անոնց չթողուցին որ հովիտները իջնեն։ 35 Ամօրհացիները հաստատամտութեամբ Հարէս լեռը, Այեղոն ու Սաղաբինի մէջ բնակեցան. բայց երբ Յովսէփին տանը ձեռքը ուժովցաւ, անոնք հարկատու եղան։ 36 1։35 Ամօրհացիներուն սահմանը Ակրաբիմի զառիվերէն, Վէմէն վեր էր։
ՏԷՐՈՋԸ ՀՐԵՇՏԱԿԸ ԲՈՔԻՄԻ ՄԷՋ
2 1 Տէրոջը հրեշտակը Գաղգաղայէն Բոքիմ ելաւ ու ըսաւ. «Ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի եւ ձեզ այն երկիրը բերի, որուն համար ձեր հայրերուն երդում ըրեր էի ու ըսի թէ՝ ‘Ձեզի հետ ըրած ուխտս յաւիտեան պիտի չաւրեմ։ 2 Այս երկրին բնակիչներուն հետ դաշնակցութիւն մի՛ ընէք, անոնց սեղանները փլցուցէ՛ք’. բայց դուք իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիք։ Ինչո՞ւ համար այս բանը ըրիք։ 3 Ես ալ ըսի, ‘Զանոնք ձեր առջեւէն պիտի չվռնտեմ, հապա անոնք ձեզի թշնամի ու անոնց աստուածներն ալ ձեզի որոգայթ պիտի ըլլան’»։ 4 Երբ Տէրոջը հրեշտակը բոլոր Իսրայէլի որդիներուն այս խօսքերը ըսաւ, ժողովուրդը ձայնը վերցնելով լացաւ։ 5 Եւ այն տեղին անունը Բոքիմ կոչեցին ու հոն Տէրոջը զոհ մատուցանեցին։
6 Երբ Յեսու ժողովուրդը արձակեց, Իսրայէլի որդիները ամէն մէկը իր կալուածքը գնաց՝ երկիրը ժառանգելու համար։ 7 Ժողովուրդը, Յեսուին բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը տեսնող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Տէրոջը ծառայութիւն ըրին։
ՅԵՍՈՒԻ ՄԱՀԸ
8 Տէրոջը ծառան Յեսու Նաւեան հարիւր տասը տարեկան մեռաւ։ 9 Զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լերանը հիւսիսային կողմը, Եփրեմի լեռը, Թամնաթ–Հարեսի մէջ թաղեցին։ 10 Այն դարուն բոլոր մարդիկը իրենց հայրերուն խառնուեցան ու անոնցմէ յետոյ ուրիշ ազգ մը ելաւ, որ Տէրը ու Իսրայէլին համար անոր ըրած գործերը չէր ճանչնար։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՏԷՐԸ ՊԱՇՏԵԼԷ ԿԸ ԴԱԴՐԻ
11 Եւ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը պաշտեցին 12 Եւ թողուցին իրենց հայրերուն Աստուածը, որ զիրենք Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր ու օտար աստուածներու ետեւէն գացին, այսինքն իրենց բոլորտիքը եղող ազգերուն քանի մը աստուածներուն ու անոնց երկրպագութիւն ըրին եւ Տէրը սրդողցուցին։ 13 Անոնք Տէրը թողուցին եւ Բահաղն ու Աստարովթը պաշտեցին։ 14 Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք կողոպտիչներու ձեռքը մատնեց, որոնք զանոնք կողոպտեցին։ Զանոնք շրջակայ թշնամիներուն ծախեց ու ալ չէին կրնար իրենց թշնամիներուն դէմ կենալ։ 15 Ուր որ երթային՝ Տէրոջը ձեռքը անոնց վրայ էր չարիք ընելու համար, ինչպէս Տէրը ըսեր էր եւ ինչպէս անոնց երդում ըրեր էր, որով խիստ մեծ նեղութեան մէջ ինկան։
16 Տէրը դատաւորներ հանեց, որոնք կողոպտիչներուն ձեռքէն ազատեցին զանոնք։ 17 Սակայն իրենց դատաւորներուն ալ մտիկ չըրին ու օտար աստուածներու ետեւէ երթալով պոռնկութիւն ըրին ու անոնց երկրպագութիւն ըրին։ Շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որուն մէջ իրենց հայրերը կը քալէին Տէրոջը հրամաններուն հնազանդելով, բայց ասոնք այնպէս չըրին։ 18 Երբ Տէրը անոնց դատաւորներ կը հանէր, Տէրը դատաւորին հետ ըլլալով, դատաւորին բոլոր օրերը զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն կ’ազատէր. քանզի անոնց նեղութիւն տուողներուն ու չարչարողներուն երեսէն անոնց հեծութիւններուն համար Տէրը կը խղճար։ 19 Երբ դատաւորը մեռնէր, կը դառնային նորէն օտար աստուածներու ետեւէն կ’երթային, զանոնք կը պաշտէին եւ անոնց երկրպագութիւն կ’ընէին ու իրենց հայրերէն աւելի անօրէնութիւն կ’ընէին. իրենց չար գործերէն ու իրենց ծուռ ճամբայէն չէին դառնար։ 20 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքելով՝ ըսաւ. «Որովհետեւ այս ազգը իրենց հայրերուն պատուիրած ուխտս զանց ընելով, իմ ձայնիս հնազանդութիւն չըրին, 21 Ես ալ այսուհետեւ անոնց առջեւէն բնաւ մէկը պիտի չվռնտեմ այն ազգերէն, որոնք Յեսու իր մեռած ատենը թողուց։ 22 Որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը փորձեմ, թէ արդեօք իրենց հայրերուն պէս զգուշութիւն պիտի ընե՞ն Տէրոջը ճամբէն քալելու, թէ ոչ»։ 23 Ուստի Տէրը այս ազգերը թող տուաւ եւ շուտով չվռնտեց ու զանոնք Յեսուին ձեռքը չմատնեց։
ԵՐԿԻՐԸ ՄՆԱՑՈՂ ԱԶԳԵՐԸ
3 1 Ասոնք են այն ազգերը որոնք Տէրը թողուց, որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը, այսինքն Քանանացիներուն բոլոր պատերազմները չգիտցողները փորձէ. 2 (Միայն ասոր համար՝ որ Իսրայէլի որդիներուն սերունդը, մանաւանդ նախապէս չգիտցողները, պատերազմ սորվին ու գիտնան.) 3 Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները եւ բոլոր Քանանացիները ու Սիդոնացիները, Լիբանանի լեռը բնակող Խեւացիները, Բաաղհերմոն լեռնէն մինչեւ Եմաթի մուտքը։ 4 Ասոնցմով պիտի փորձէր Իսրայէլը, որպէս զի գիտնայ թէ արդեօք պիտի հնազանդի՞ն Տէրոջը պատուիրանքներուն, որոնք Մովսէսին միջոցով անոնց հայրերուն տուեր էր։
5 Իսրայէլին որդիները Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն մէջ բնակեցան։ 6 Անոնց աղջիկները իրենց կին առին ու իրենց աղջիկներն ալ անոնց տուին։ Անոնց աստուածները պաշտեցին։
ԳՈԹՈՆԻԷԼ
7 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին եւ իրենց Տէր Աստուածը մոռնալով Բահաղիմը ու Աստարովթը պաշտեցին։ 8 Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորին ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլին որդիները ութ տարի ծառայութիւն ըրին Քուսարսաթեմին։
9 Ետքը Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու Տէրը Իսրայէլի որդիներուն փրկիչ մը հանեց, Քաղէբին պզտիկ եղբօրը Կենեզի որդին Գոթոնիէլը, որ զանոնք ազատեց։ 10 Տէրոջը Հոգին անոր վրայ ըլլալով՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր ու երբ պատերազմի ելաւ, Տէրը Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորը անոր ձեռքը տուաւ եւ անոր ձեռքը Քուսարսաթեմի դէմ զօրացաւ։ 11 Երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։ Կենեզեան Գոթոնիէլը մեռաւ։
ԱՒՈՎԴ
12 Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելնուն համար Տէրը Մովաբի Էգղոն թագաւորը Իսրայէլին դէմ ուժովցուց։ 13 Անիկա Ամմոնի ու Ամաղէկի որդիները իր քով հաւաքեց եւ գնաց Իսրայէլը զարկաւ ու Արմաւենիներուն քաղաքին տիրեց։ 14 Եւ Իսրայէլին որդիները Մովաբի Էգղոն թագաւորին տասնըութը տարի ծառայութիւն ըրին։
15 Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին եւ Տէրը անոնց փրկիչ մը հանեց, Բենիամինեան Գերային որդին Աւովդը, որ ահեկագործ էր ու Իսրայէլի որդիները անոր ձեռքով Մովաբի Էգղոն թագաւորին ընծայ ղրկեցին։ 16 Աւովդ մէկ կանգնաչափ երկայնութեամբ երկսայրի սուր մը շինեց իրեն ու զանիկա լաթերուն տակէն իր աջ ազդրին վրայ կապեց։ 17 Ընծան Մովաբի Էգղոն թագաւորին տարաւ. (Էգղոն խիստ գէր մարդ մըն էր.) 18 Երբ ընծան տուաւ լմնցուց, ընծան կրող մարդիկը ետ ղրկեց։ 19 Ինք Գաղգաղայի մօտ եղած քարահանքէն ետ դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քեզի ծածուկ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա ըսաւ. «Լուռ կեցիր»։ Անոր քով եղողները դուրս ելան։ 20 Աւովդ անոր մօտեցաւ։ Անիկա նստեր էր իրեն յատկացեալ ամառնային վերնատանը մէջ։ Աւովդ անոր ըսաւ. «Քեզի Աստուծոյ կողմանէ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա աթոռին վրայէն ելաւ։ 21 Աւովդ իր ձախ ձեռքը երկնցնելով սուրը իր աջ ազդրին վրայէն քաշեց ու թագաւորին փորը խոթեց, 22 Այնպէս որ երկաթին ետեւէն կոթն ալ ներս մտաւ ու գիրուցը երկաթը բռնեց, այնպէս որ սուրը անոր փորէն չկրցաւ հանել ու աղբը դուրս ելաւ։ 23 Աւովդ սրահը ելաւ ու վերնատանը դռները անոր վրայէն գոցեց ու փականքը զարկաւ։ 24 Ինք ելաւ գնաց։ Էգղոնին ծառաները գացին նայեցան, որ ահա վերնատանը դռներուն փականքը գոցուած էր ու ըսին. «Անիկա անտարակոյս իր ամառնային սենեակին մէջ հարկաւորութեան գացած է»։ 25 Բաւական սպասեցին՝ մինչեւ որ ամչցան, բայց ահա վերնատանը դռները չէին բացուեր։ Բանալին առին, բացին, ահա իրենց տէրը գետնին վրայ ինկած մեռած էր։ 26 Քանի որ անոնք կը տընտընային՝ Աւովդ փախաւ եւ քարահանքէն անցնելով ողջ առողջ Սէիր հասաւ։
27 Երբ հասաւ, Եփրեմին լերանը վրայ փող հնչեցուց եւ Իսրայէլի որդիները անոր հետ այն լեռնէն վար իջան ու ինք անոնց առջեւէն կ’երթար։ 28 Անոնց ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկէք, քանզի Տէրը ձեր թշնամիները, Մովաբացիները, ձեր ձեռքը տուաւ»։ Ուստի անոր ետեւէն իջան եւ Մովաբի առջեւէն Յորդանանի անցքերը բռնեցին ու չթողուցին, որ մարդ մը անցնի։ 29 Այն ժամանակ Մովաբէն տասը հազարի չափ մարդ կոտորեցին, որոնց ամէնքն ալ յաղթանդամ ու զօրաւոր մարդիկ էին եւ մէ՛կը չկրցաւ փախչիլ։ 30 Ու այն օրը Մովաբ Իսրայէլի ձեռքին տակ նուաճուեցաւ ու երկիրը ութսուն տարի հանգստացաւ։
ՍԱՄԵԳԱՐ
31 Եւ անկէ յետոյ Անաթի որդին Սամեգար ելաւ ու եզներու խթանով մը Փղշտացիներէն վեց հարիւր մարդ կոտորեց եւ Իսրայէլը ազատեց։
ԴԵԲՕՐԱ ԵՒ ԲԱՐԱԿ
4 1 Աւովդի մեռնելէն յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին։ 2 Տէրը մատնեց զանոնք Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին ձեռքը, որ Հասորի մէջ կը թագաւորէր եւ անոր զօրագլուխը Սիսարա էր, որ Արիսօթի մէջ կը բնակէր։ 3 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին. քանզի անիկա ինը հարիւր երկաթէ կառքեր ունէր ու անիկա քսան տարի Իսրայէլի որդիները սաստիկ նեղեց։
4 Այն ատեն Դեբօրա մարգարէուհին՝ Ղաբիդօթի կինը՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր։ 5 Անիկա Եփրեմի լերանը վրայ, Ռամայի ու Բեթէլի մէջտեղ, Դեբօրային արմաւենիին տակ կը բնակէր։ Իսրայէլին որդիները դատաստանի համար անոր կ’ելլէին։ 6 Դեբօրան մարդ ղրկեց եւ Նեփթաղիմի Կադէսէն Աբինոամի որդին Բարակը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը քեզի չհրամայե՞ց ըսելով. ‘Գնա՛, Թաբօր լեռը ելի՛ր ու Նեփթաղիմի որդիներէն եւ Զաբուղոնի որդիներէն քեզի հետ տասը հազար մարդ առ 7 Ու ես Յաբինի զօրագլուխը Սիսարան եւ անոր կառքերն ու զօրաց բազմութիւնը քու դէմդ պիտի հանեմ Կիսոն հեղեղատին քով ու զանիկա քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’»։ 8 Բարակ անոր ըսաւ. «Եթէ դուն ալ ինծի հետ երթաս, կ’երթամ. բայց եթէ ինծի հետ չերթաս, չեմ երթար»։ 9 Դեբօրա ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հետ պիտի երթամ, բայց քու երթալու ճամբադ քեզ քու փառքիդ պիտի չառաջնորդէ. քանզի Տէրը Սիսարան կնոջ մը ձեռքը պիտի մատնէ»։ Դեբօրան ելաւ ու Բարակին հետ Կադէս գնաց։ 10 Բարակ Զաբուղոնն ու Նեփթաղիմը Կադէսի մէջ հաւաքեց եւ տասը հազար մարդով ելաւ։ Դեբօրա ալ անոր հետ ելաւ։
11 Մովսէսին աներոջ Յոբաբին որդիներէն Կենեցի Քաբերը Կենեցիներէն զատուեր էր ու իր վրանը Կադէսի մօտ Սանանիմի Կաղնիին քով կանգնեցուցեր էր։
12 Այն ատեն Սիսարային իմացուցին թէ Աբինոամի որդին Բարակ Թաբօր լեռը ելեր է։ 13 Սիսարան իր բոլոր կառքերը, ինը հարիւր երկաթէ կառքերը ու իրեն հետ եղող բոլոր զօրքը Արիսօթէն Կիսոն հեղեղատը հաւաքեց։
14 Դեբօրա ըսաւ Բարակին. «Ոտքի՛ ելիր, քանզի Տէրը այսօր Սիսարան քու ձեռքդ մատնեց. միթէ Տէրը քու առջեւէդ չելա՞ւ»։ Բարակ Թաբօր լեռնէն իջաւ եւ իրեն հետ տասը հազար մարդ կար։ 15 Տէրը Սիսարան եւ բոլոր կառքերն ու բոլոր բանակը Բարակին առջեւ սուրի բերնով խորտակեց։ Սիսարան կառքէն վար իջաւ ու ոտքով փախաւ։ 16 Բարակ կառքերն ու բանակը մինչեւ Արիսօթը հալածեց ու Սիսարային բոլոր բանակը սուրի բերնով ինկաւ ու մարդ մը չմնաց։
17 Սիսարա ոտքով Կենեցի Քաբերին կնոջ Յայէլին վրանը փախաւ. քանզի Հասորի Յաբին թագաւորին ու Կենեցի Քաբերին տանը մէջտեղ խաղաղութիւն կար։ 18 Ուստի Յայէլ Սիսարան դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, դարձի՛ր, ինծի՛ դարձիր, մի՛ վախնար»։ Ուստի անիկա դէպի վրանը անոր դարձաւ։ Կինը զանիկա վերմակով մը ծածկեց։ 19 Անիկա կնոջը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ինծի քիչ մը ջուր տուր որ խմեմ, քանզի ծարաւ եմ»։ Ան ալ կաթին տիկը բացաւ ու անոր խմցուց. ետքը զանիկա ծածկեց։ 20 Անիկա կնոջը ըսաւ. «Վրանին դուռը կեցի՛ր ու եթէ մարդ մը գայ, քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ ‘Այս տեղ մարդ կա՞յ’, ‘Չկայ’, ըսէ՛»։ 21 Քաբերին կինը Յայէլ վրանին մէկ ցիցը առաւ, ուռն ալ ձեռքը բռնելով՝ կամացուկ մը անոր քով գնաց, ցիցը անոր ծամելիքը մխելով մինչեւ գետինը գամեց։ Անիկա յոգնած ըլլալուն համար խորունկ քունի մէջ էր։ Այսպէս մեռաւ։ 22 Բարակ Սիսարային ետեւէն կը վազէր եւ Յայէլ զանիկա դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քու փնտռած մարդդ քեզի ցուցնեմ»։ Անիկա կնոջը հետ ներս մտաւ եւ ահա Սիսարան մեռած պառկեր էր ու ցիցը անոր ծամելիքին մէջն էր։
23 Աստուած այն օրը Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն առջեւ կորագլուխ ըրաւ։ 24 Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին դէմ Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը օրէ օր կը զօրանար, մինչեւ որ Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը բնաջինջ եղաւ։
ԴԵԲՕՐԱՅԻՆ ԵՒ ԲԱՐԱԿԻՆ ԵՐԳԸ
5 1 Այն օրը Դեբօրա ու Աբինոամի որդին Բարակ երգեցին ու ըսին.
2 «Իսրայէլի զօրավարներուն առաջնորդներուն
Ու ժողովուրդին յօժարակամ անձնուէր ըլլալուն համար՝
Տէրը օրհնեցէ՛ք։
3 Ո՜վ թագաւորներ, մտի՛կ ըրէք,
Ո՜վ նախարարներ, ակա՛նջ դրէք.
Ես Տէրոջը պիտի երգեմ,
Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սաղմոս պիտի ըսեմ։
4 Ո՜վ Տէր, երբ դուն Սէիրէ ելար ու Եդովմի դաշտէն չուեցիր,
Երկիրը շարժեցաւ, երկինքը անձրեւ տեղաց,
Ամպերն ալ ջուր կաթեցուցին։
5 Տէրոջը երեսէն լեռները հալեցան,
Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն երեսէն Սինան ալ հալեցաւ։
6 Անաթի որդիին Սամեգարի օրերը,
Յայէլի օրերը,
Մեծ ճամբաները անկոխ էին
Ու ճանապարհորդները խոտորնակ ճամբաներէ կ’երթային։
7 Իսրայէլի մէջ զօրավարներ չմնացին,
Չմնացին, մինչեւ որ ես Դեբօրա ելայ,
Մինչեւ որ ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու։
8 Նոր աստուածներ ընտրեցին.
Այն ատեն իրենց դռներուն մէջ պատերազմ եղաւ,
Արդեօք Իսրայէլի քառասուն հազար զօրքին մէջ
Վահան կամ նիզակ երեւցա՞ւ։
9 Իմ սիրտս Իսրայէլի իշխաններուն վրայ է.
Ո՛վ ժողովուրդին անձնուէր եղողներ,
Տէրը օրհնեցէ՛ք։
10 «Ճերմակ էշերու վրայ հեծնողներ,
Դատաստանի ատեանը նստողներ
Ու ճամբու վրայ պտըտողներ, խօսեցէ՛ք։
11 Աղեղնաւորներուն ձայնէն ազատուած՝
Ջուր հանելու տեղերուն մէջ,
Հոն Տէրոջը արդարութիւնները
Ու Իսրայէլի մէջ անոր զօրավարներուն արդարութիւնները թող պատմեն.
«Այն ատեն Տէրոջը ժողովուրդը դռները իջան։
12 «Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ո՛վ Դեբօրա,
Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու երգէ՛.
Ո՛վ Բարակ, ելի՛ր.
Ո՛վ Աբինոամի որդի, քու գերութիւնդ գերի ըրէ՛։
13 Այն ատեն փախստականները
Ժողովուրդին զօրավարներուն վրայ յարձակեցան.
Տէրը ինծի հետ
Զօրավարներուն դէմ իջաւ։
14 Եփրեմին արմատէն եղողները Ամաղէկի վրան ելան.
Բենիամինը քու ետեւէդ քու ժողովուրդիդ մէջ եկաւ.
Մաքիրէն՝ իշխաններ
Ու Զաբուղոնէն դպիրի գրիչ բռնողներ իջան։
15 Եւ Իսաքարին զօրավարները Դեբօրային հետ
Ու Իսաքար ալ Բարակին պէս
Անոր ետեւէն հովիտը ղրկուեցաւ.
Ռուբէնին տոհմերուն մէջ
Մեծ յուզմունք կար.
16 Ինչո՞ւ համար փարախներուն մէջ նստար,
Որ հօտերուն մայե՞լը լսես։
Ռուբէնին տոհմերուն մէջ մեծ տարակուսանք կար։
17 Գաղաադ Յորդանանին անդիի կողմը կը բնակէր
Ու Դան ինչո՞ւ համար նաւերու մէջ պանդուխտ մնաց։
Ասեր ծովուն եզերքը կը նստէր,
Ու իր նաւահանգիստներուն քով կը բնակէր։
18 Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ այնպիսի ժողովուրդ մըն է,
Որ դաշտին բարձր տեղերը զինք մահուան վտանգին մէջ կը դնէ։
19 Թագաւորները եկան, պատերազմ ըրին.
Այն ատեն Քանանացիներու թագաւորները
Մակեդդովի ջուրին քով Թանաքի մէջ պատերազմ ըրին.
Ստակ չշահեցան։ 20 Երկնքէն պատերազմ ըրին.
Աստղերը իրենց շրջաններէն
Սիսարայի դէմ պատերազմ ըրին։
21 Կիսոն հեղեղատը, այն հին հեղեղատը,
Կիսոն հեղեղատը զանոնք քշեց տարաւ։
Ո՛վ իմ անձս, անոնց զօրութիւնը կոխեցիր։
22 Այն ատեն ձիերուն սմբակները
Սաստիկ վազելուն համար կտոր կտոր եղան,
Զօրավարներուն վազցնելովը։
23 Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Մարովզը նզովեցէ՛ք,
Անոր բնակիչները սաստիկ նզովեցէ՛ք,
Քանզի Տէրոջը օգնութեան,
Զօրաւոր թշնամիներուն դէմ Տէրոջը օգնութեան չեկան»։
24 Կենեցի Քաբերին կինը Յայէլ
Կիներուն մէջ ամենէն աւելի օրհնեալ ըլլայ.
Վրաններու մէջ բնակող կիներէն աւելի օրհնեալ ըլլայ։
25 Սիսարա ջուր ուզեց. կաթ տուաւ,
Իշխաններուն ամանովը կոգի մատուցանեց։
26 Անիկա իր ձեռքը ցիցին
Ու իր աջ ձեռքը հիւսնի ուռին երկնցուց
Ու Սիսարային զարնելով գլուխը ճեղքեց
Ու ցիցը անոր ծամելիքը մխելով խոցեց։
27 Անիկա ծռեցաւ, Յայէլին ոտքերուն մէջ ինկաւ փռուեցաւ,
Ոտքերուն մէջ ծռեցաւ ինկաւ.
Ուր որ ծռեցաւ, հոն մեռած ինկաւ։
28 Սիսարային մայրը պատուհանէն նայեցաւ
Ու վանդակին ետեւէն աղաղակեց.
‘Ինչո՞ւ համար անոր կառքը կ’ուշանայ գալու,
Ինչո՞ւ անոր կառքերուն քայլերը ետ կը մնան’։
29 Անոր իմաստուն տիկինները անոր պատասխան տուին,
Ինք ալ իր խօսքերուն պատասխանը իրեն կու տար.
30 ‘Անշուշտ անոնք աւար գտան,
Զանիկա բաժնելու վրայ են.
Ամէն կտրիճի համար մէկ կամ երկու աղջիկ,
Իսկ Սիսարային համար գոյնզգոյն աւար մը,
Գոյնզգոյն նկարագործ աւար մը,
Երկու կողմը բանուած ու գոյնզգոյն վզնոցներ աւար առած պիտի ըլլան’։
31 Ո՛վ Տէր, քու բոլոր թշնամիներդ
Այսպէս թող կորսուին.
Իսկ զանիկա սիրողները
Իր զօրութիւնովը ելլող արեւուն պէս ըլլան»։
Ու երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։
ԳԵԴԷՕՆ
6 1 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Տէրը զանոնք եօթը տարի Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց։ 2 Մադիանացիներուն ձեռքը Իսրայէլին վրայ ուժովցաւ ու Իսրայէլին որդիները Մադիանացիներուն պատճառով իրենց համար լեռներու մէջ խոռոչներ, քարայրներ, պատնէշներ շինեցին։ 3 Երբ Իսրայելացիները սերմ կը ցանէին, Մադիանացիները անոնց վրայ կ’ելլէին եւ Ամաղեկացիներն ու արեւելքի բնակիչներն ալ կ’ելլէին 4 Եւ անոնց դէմ բանակ կազմելով գետնին բերքը կ’աւերէին մինչեւ Գազա ու Իսրայէլին ապրուստ մը չէին թողուր, ո՛չ ոչխար, ո՛չ արջառ եւ ո՛չ էշ. 5 Քանզի անոնք իրենց հօտերովն ու վրաններովը կ’ելլէին եւ մարախի պէս բազմութեամբ կու գային. թէ՛ անոնք եւ թէ՛ անոնց ուղտերը չէին համրուեր ու Իսրայէլի երկիրը կու գային զանիկա աւերելու համար։ 6 Իսրայէլ Մադիանացիներուն պատճառով շատ աղքատացաւ։ Այն ատեն Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին։
7 Երբ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին Մադիանացիներուն պատճառով, 8 Տէրը Իսրայէլին որդիներուն մարգարէ մը ղրկեց ու անիկա ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի ու ձեզ ծառայութեան տունէն դուրս բերի 9 Եւ ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն ու բոլոր ձեզի նեղութիւն տուողներուն ձեռքէն ազատեցի եւ զանոնք ձեր առջեւէն վռնտելով անոնց երկիրը ձեզի տուի 10 Ու ձեզի ըսի՝ ‘Ես եմ ձեր Եհովա Աստուածը. մի՛ վախնաք Ամօրհացիներուն աստուածներէն, որոնց երկրին մէջ կը բնակիք’։ Բայց դուք իմ խօսքիս մտիկ չըրիք’»։
11 Տէրոջը հրեշտակը եկաւ ու Աբիեզերեան Յովասին բեւեկնիին տակ նստաւ, որ Եփրայի մէջ էր ու Յովասին որդին Գեդէօն հնձանին մէջ ցորեն կը ծեծէր՝ Մադիանացիներուն երեսէն փախցնելու համար։ 12 Տէորջը հրեշտակը անոր երեւցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ զօրաւոր կտրիճ, Տէրը քեզի հետ է»։ 13 Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, եթէ Տէրը մեզի հետ է, ինչո՞ւ համար այս բոլոր բաները մեր գլխուն եկան։ Ո՞ւր են անոր հրաշքները, որոնց մասին մեր հայրերը մեզի կը պատմեն՝ ըսելով թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն հանեց’. բայց հիմա Տէրը մեզ երեսէ ձգեց ու մեզ Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց»։ 14 Տէրը անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Այդ քու զօրութիւնովդ գնա՛, որպէս զի Իսրայէլը Մադիանացիներուն ձեռքէն ազատես։ Չէ՞ որ ես քեզ ղրկեցի»։ 15 Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, Տէր իմ, Իսրայէլը ինչո՞վ ազատեմ. ահա իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ»։ 16 Տէրը անոր ըսաւ. «Ես անշուշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ ու Մադիամը մէկ մարդու պէս պիտի զարնես»։ 17 Եւ Գեդէօն անոր ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, եթէ ես քու աչքիդ առջեւ շնորհք գտայ, ինծի նշան մը ցուցուր, որպէս զի գիտնամ թէ ինծի հետ խօսողը դուն ես։ 18 Կ’աղաչեմ որ ասկէ չերթաս, մինչեւ ես քեզի գամ, իմ ընծաս բերեմ ու քու առջեւդ դնեմ»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Ես կը սպասեմ մինչեւ որ դուն դառնաս»։ 19 Գեդէօն ներս մտաւ, այծերէն ուլ մը եւ մէկ արդու ալիւրէ բաղարջ շօթեր պատրաստեց. միսը սակառի մը մէջ դրաւ ու արգանակն ալ պտուկի մը մէջ դրաւ եւ հրեշտակին առջեւ հանեց բեւեկնիին տակ ու անոր մատուցանեց։ 20 Աստուծոյ հրեշտակը անոր ըսաւ. «Միսն ու բաղարջ շօթերը ա՛ռ ու վէմին վրայ դիր ու արգանակը թափէ՛»։ Անիկա այնպէս ըրաւ։ 21 Այն ատեն Տէրոջը հրեշտակը իր ձեռքի գաւազանին ծայրը երկնցուց ու միսին եւ բաղարջ շօթերուն դպաւ ու վէմէն կրակ ելլելով միսը եւ բաղարջ շօթերը այրեց։ Տէրոջը հրեշտակը անոր աչքերուն առջեւէն գնաց։ 22 Գեդէօն հասկցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն էր։ Գեդէօն ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա Տէրոջը հրեշտակը երես առ երես տեսայ»։ 23 Բայց Տէրը անոր ըսաւ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, մի՛ վախնար. պիտի չմեռնիս»։
24 Գեդէօն հոն Տէրոջը սեղան մը շինեց ու անոր անունը Եհովա–Շալօմ կոչեց, որ մինչեւ այսօր Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ կեցած է։
25 Այն գիշերը Տէրը անոր ըսաւ. «Քու հօրդ զուարակը՝ եօթը տարեկան երկրորդ զուարակը՝ ա՛ռ եւ քու հօրդ ունեցած Բահաղին սեղանը փլցուր ու քովի Աստարովթը կոտրէ։ 26 Եւ այս ապառաժ քարին գլուխը օրինաւոր կերպով քու Տէր Աստուծոյդ սեղան մը շինէ ու երկրորդ զուարակը ա՛ռ եւ քու կոտրած Աստարովթիդ փայտերովը ողջակէզ ըրէ»։ 27 Գեդէօն իր ծառաներէն տասը մարդ առաւ եւ Տէրոջը իրեն ըսածին պէս ըրաւ ու իր հօրը տունէն եւ քաղաքին մարդոցմէն վախնալով այս բանը ցորեկը ընելու տեղ՝ գիշերը ըրաւ։
28 Երբ քաղաքին մարդիկը առաւօտուն կանուխ ելան, տեսան որ Բահաղին սեղանը փլած եւ անոր քովի Աստարովթը կոտրած ու երկրորդ զուարակը շինուած սեղանին վրայ ողջակէզ եղած էր։ 29 Ուստի իրարու ըսին. «Այս բանը ո՞վ ըրաւ» եւ փնտռեցին ու քննեցին ու ըսուեցաւ թէ այս բանը Յովասին որդին Գեդէօնը ըրաւ։ 30 Քաղաքին մարդիկը Յովասին ըսին. «Որդիդ դուրս հանէ, որպէս զի մեռցնենք, քանզի Բահաղին սեղանը փլցուցեր ու անոր քովի Աստարովթը կոտրեր է»։ 31 Յովաս իր վրայ եկող բոլոր մարդոցը ըսաւ. «Միթէ Բահաղի իրաւունքը դո՞ւք պիտի պաշտպանէք, կամ թէ զանիկա դո՞ւք պիտի ազատէք. ով որ անոր իրաւունքը կը պաշտպանէ, թող մեռցուի մինչեւ առտու։ Եթէ անիկա աստուած է, թող ինք իր իրաւունքը պաշտպանէ անոր դէմ, իր սեղանը փլցնելուն համար»։ 32 Եւ նոյն օրը զանիկա Յերոբաաղ անուանեց, քանզի ըսաւ. «Թող Բահաղ իր իրաւունքը պաշտպանէ անոր դէմ, իր սեղանը փլցնելուն համար»։
33 Եւ բոլոր Մադիանացիները, Ամաղեկացիներն ու արեւելքի բնակիչները մէկտեղ հաւաքուեցան ու Յորդանանէն անցնելով՝ Յեզրայէլի հովտին մէջ բանակեցան։ 34 Տէրոջը Հոգին Գեդէօնին վրայ հանգչեցաւ ու անիկա փող հնչեցուց եւ Աբիեզերեանները անոր քով հաւաքուեցան։ 35 Մանասէին պատգամաւորներ ղրկեց, ան ալ անոր քով հաւաքուեցաւ եւ Ասերին, Զաբուղոնին ու Նեփթաղիմին ալ պատգամաւորներ ղրկեց ու անոնք գացին զանոնք դիմաւորելու։
36 Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Եթէ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս ազատելու ես, 37 Ահա ես կալին մէջ բուրդի գզաթ մը կը դնեմ. եթէ միայն գզաթին վրայ ցօղ իջնէ, իսկ գետինը չոր ըլլայ, այն ատեն պիտի գիտնամ որ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս պիտի ազատես»։ 38 Եւ այնպէս եղաւ, վասն զի առաւօտուն կանուխ ելաւ ու գզաթը քամեց։ Գզաթէն ցօղը քամեց, որ կոնք մը լեցուն ջուր եղաւ։ 39 Այն ատեն Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Քու բարկութիւնդ իմ վրաս չբորբոքի ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ։ Այս անգամ գզաթովը փորձեմ. հիմա միայն գզաթը թող չորնայ ու բոլոր գետնին վրայ ցօղ ըլլայ»։ 40 Այն գիշերը Աստուած այնպէս ըրաւ։ Միայն գզաթը չոր էր, բայց բոլոր գետնին վրայ ցօղ իջած էր։
ԳԵԴԷՕՆ ՍԱԴԻԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ
7 1 Եւ Յերոբաաղ, այսինքն Գեդէօն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը կանուխ ելան, Հարօդի աղբիւրին քով բանակեցան։ Մադիամի բանակը անոր հիւսիսային կողմը, դէպի Մօրէի բլուրը, հովիտին մէջ էր։ 2 Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Քեզի հետ եղող ժողովուրդը շատ է. չեմ ուզեր Մադիամը անոնց ձեռքը տալ, չըլլայ որ Իսրայէլ ինծի դէմ պարծենայ ու ըսէ թէ ‘Իմ ձեռքս զիս ազատեց’։ 3 Ուստի հիմա քարոզ կարդայ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ ու ըսէ՛՝ ‘Ով որ վատասիրտ ու երկչոտ է, թող ետ դառնայ եւ շուտով Գաղաադ լեռնէն երթայ’»։ Ժողովուրդէն քսանըերկու հազար հոգի ետ դարձան ու տասը հազար մնացին։ 4 Եւ Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Ժողովուրդը տակաւին շատ է։ Ջուրին քով իջեցուր զանոնք ու հոն զանոնք փորձեմ եւ որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող երթայ’, անիկա քեզի հետ թող երթայ ու որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող չերթայ’, անիկա թող չերթայ»։ 5 Ուստի ժողովուրդը ջուրին քով իջեցուց եւ Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Ով որ շունի լափելուն պէս ջուրը լեզուովը լափէ, զանիկա առանձինն կեցուր ու ով որ խմելու համար իր ծունկերուն վրայ ծռի, զանիկա ալ առանձինն կեցուր»։ 6 Ձեռքը բերանը տանելով լափողներուն թիւը երեք հարիւր էր եւ բոլոր մնացած ժողովուրդը իրենց ծունկերուն վրայ ծռեցան ջուր խմելու համար։ 7 Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Այն երեք հարիւր մարդոցմով, որոնք ջուրը լափեցին, ձեզ պիտի ազատեմ եւ Մադիամը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ ու բոլոր մնացած ժողովուրդը, ամէն մարդ, իր տեղը թող երթայ»։ 8 Ուստի ժողովուրդը իրենց ձեռքը պաշար առին եւ իրենց փողերն ալ։ Եւ Գեդէօն Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, ամէն մէկը, իր վրանը ղրկեց, բայց այն երեք հարիւր մարդը իր քով պահեց։ Մադիամի բանակը հովիտին մէջն էր։
9 Նոյն գիշերը Տէրը անոր ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր ու ասկէ բանակը իջի՛ր, քանզի զանիկա քու ձեռքդ մատնեցի։ 10 Եթէ դուն իջնելու կը վախնաս, նախ դուն քու ծառայիդ Փուրային հետ բանակը իջիր 11 Եւ լսէ թէ անոնք ի՞նչ կը խօսին, անկէ յետոյ քու ձեռքերդ պիտի ուժովնան, որպէս զի բանակին դէմ իջնես։ Ուստի ինք եւ իր ծառան Փուրա բանակին մէջի գունդերուն ծայրը իջան։ 12 Մադիամ եւ Ամաղէկ ու բոլոր արեւելքցիները մարախներու պէս բազմութեամբ հովիտին մէջ պառկեր էին եւ անոնց ուղտերը անթիւ էին ու ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ 13 Գեդէօն հոն երթալով՝ լսեց որ մարդ մը իր ընկերին երազ կը պատմէր ու կ’ըսէր. «Ես երազ մը տեսայ։ Գարեղէն հաց մը դէպի Մադիամի բանակը կը գլորուէր, վրանին հասնելով անոր զարկաւ, ձգեց ու գլխիվար դարձուց եւ վրանը ինկաւ»։ 14 Անոր ընկերը պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց միայն Իսրայելացի Յովասի որդիին Գեդէօնին սուրը։ Աստուած Մադիամն ու բոլոր բանակը անոր ձեռքը մատներ է»։
15 Երբ Գեդէօն երազին պատմութիւնն ու անոր մեկնութիւնը լսեց, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ եւ Իսրայէլի բանակը դարձաւ ու ըսաւ. «Ոտքի ելէ՛ք, քանզի Տէրը Մադիամի բանակը ձեր ձեռքը տուեր է»։ 16 Այն երեք հարիւր մարդը երեք գունդի բաժնելով, ամենուն ձեռքը փողեր ու պարապ սափորներ տուաւ եւ սափորներուն մէջ ալ ջահեր դրաւ 17 Ու անոնց ըսաւ. «Ինծի նայեցէ՛ք եւ այնպէս ըրէ՛ք ու երբ բանակին եզերքը հասնիմ, ես ի՛նչպէս որ ընեմ, դուք ալ այնպէս ըրէք։ 18 Երբ ես ու բոլոր ինծի հետ եղողները փողը հնչեցնենք, այն ատեն դուք ալ բոլոր բանակին չորս կողմը փողերը հնչեցուցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. ‘Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը’»։
19 Գեդէօն ու անոր հետ եղող հարիւր մարդը ճիշդ կէս գիշերին, երբ պահապանները նոր դրած էին, բանակին եզերքը հասան եւ փողերը հնչեցնելով ձեռքերնուն մէջ եղած սափորները կոտրտեցին։ 20 Այն ատեն երեք գունդն ալ փողերը հնչեցուցին ու սափորները կոտրտեցին ու ձախ ձեռքով ջահերը ու աջ ձեռքով փողերը բռնած էին եւ հնչեցնելով կը պոռային ու կ’ըսէին. «Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը»։ 21 Ամէն մարդ բանակին բոլորտիքը իր տեղը կայներ էր ու բոլոր բանակը վազելով եւ աղաղակելով կը փախչէին։ 22 Երբ այն երեք հարիւր մարդիկը իրենց փողերը հնչեցուցին, Տէրը բոլոր բանակին մէջ գտնուող ամէն մարդու սուրը իր ընկերին վրայ դարձուց եւ զօրքը մինչեւ Բեթասետա դէպի Սարերա ու մինչեւ Աբէլմաուլայի սահմանը եւ Տաբէթ փախաւ։
23 Իսրայելացիները Նեփթաղիմէն, Ասերէն եւ բոլոր Մանասէէն հաւաքուեցան ու Մադիանացիներուն ետեւէն ինկան։ 24 Գեդէօն Եփրեմի բոլոր լեռնակողմը պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Մադիանացիները դիմաւորելու իջէք եւ անոնց առջեւէն ջուրերը բռնեցէ՛ք մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը»։ Ուստի Եփրեմի բոլոր մարդիկը հաւաքուեցան ու ջուրերը բռնեցին մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը։ 25 Եւ Մադիամի երկու իշխանները, Օրէբն ու Զէբը բռնեցին։ Օրէբը՝ Օրէբի վէմին քով մեռցուցին ու Զէբը՝ Զէբի հնձանին քով մեռցուցին։ Եւ Մադիանացիները հալածեցին ու Օրէբի եւ Զէբի գլուխները Գեդէօնին բերին Յորդանանի անդիի կողմէն։
ՄԱԴԻԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
8 1 Եփրեմեանները Գեդէօնին ըսին. «Ի՞նչպէս, ինչո՞ւ Մադիամի դէմ պատերազմելու գացիր եւ մեզ չկանչեցիր»։ Անոր հետ սաստիկ վէճ ըրին։ 2 Եւ անիկա անոնց ըսաւ. «Ես ի՞նչ ըրի ձեզի։ Եփրեմին ճռաքաղութիւնը Աբիեզերին այգեկութէն լաւագոյն չէ՞ արդեօք։ 3 Աստուած Մադիամի իշխանները՝ Օրէբն ու Զէբը՝ ձեր ձեռքը տուաւ. ես ձեզի ի՞նչ կրցայ ընել»։ Երբ այս խօսքը ըսաւ՝ անոնց սիրտը հանդարտեցաւ։
4 Գեդէօն Յորդանան եկաւ ու ինք եւ իրեն հետ եղող երեք հարիւր մարդիկը անցան. թէպէտեւ նուաղած էին, բայց թշնամին կը հալածէին։ 5 Սոկքովթի մարդոցը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛ք, ետեւէս եկող ժողովուրդին հացի նկանակներ տուէ՛ք, քանզի նուաղած են ու ես Մադիամի թագաւորներուն՝ Զեբէէի ու Սաղմանայի՝ ետեւէն ինկեր կը հալածեմ»։ 6 Բայց Սոկքովթի իշխանները ըսին. «Միթէ Զեբէէն ու Սաղմանան արդէն քու ձեռքիդ մէ՞ջ են, որ մենք քու զօրքիդ հաց տանք»։ 7 Ու Գեդէօն ըսաւ. «Ուրեմն, երբ Տէրը Զեբէէն ու Սաղմանան ձեռքս տայ, ձեր մարմինները անապատին փուշերովն ու տատասկներովը պիտի ծածկեմ»։ 8 Անկէ Փանուէլ ելաւ ու անոնց ալ նոյնը ըսաւ. Փանուէլի մարդիկն ալ Սոկքովթի մարդոց տուած պատասխանին պէս պատասխան տուին։ 9 Ան Փանուէլի մարդոցն ալ ըսաւ. «Երբ խաղաղութեամբ դառնամ, այդ աշտարակը պիտի փլցնեմ»։
10 Եւ Զեբէէն ու Սաղմանան եւ անոնց հետ իրենց բանակն ու արեւելքի բնակիչներուն բոլոր բանակէն մնացած զօրքը, ամէնքը տասնըհինգ հազարի չափ մարդ, Կարկարի մէջ էին, իսկ ինկած մեռածները հարիւր քսան հազար սուսերամերկ մարդիկ էին։ 11 Գեդէօն Նոբահին ու Յօգբէհային արեւելեան կողմէն վրանաբնակներուն ճամբովը ելաւ ու բանակը զարկաւ, քանզի բանակը անհոգ կը կենար։ 12 Եւ Զեբէէն ու Սաղմանան փախան ու Գեդէօն անոնց ետեւէն իյնալով, Մադիամի երկու թագաւորները՝ Զեբէէն ու Սաղմանան՝ բռնեց ու բոլոր բանակը տակնուվրայ ըրաւ։
13 Յովասին որդին Գեդէօն արեւը չելած պատերազմէն ետ դարձաւ 14 Ու Սոկքովթի մարդոցմէն երիտասարդ մը բռնեց եւ զայն հարցուփորձեց ու անիկա Սոկքովթի իշխաններէն ու ծերերէն, եօթանասունըեօթը մարդու անուն գրեց տուաւ անոր։ 15 Եւ Գեդէօն Սոկքովթի բնակիչներուն եկաւ ու ըսաւ. «Ահա Զեբէէն ու Սաղմանան, որոնց համար զիս նախատեցիք ու ըսիք. ‘Միթէ Զեբէէն ու Սաղմանան արդէն քու ձեռքիդ մէջ ե՞ն, որ մենք քու նուաղած մարդոցդ հաց տանք’»։ 16 Ուստի քաղաքին ծերերը առաւ եւ անապատէն փուշեր ու տատասկներ քաղեց եւ անոնցմով Սոկքովթի մարդիկը պատժեց։ 17 Ու Փանուէլի աշտարակը փլցուց եւ քաղաքին մարդիկը կոտորեց։
18 Զեբէէին ու Սաղմանային ըսաւ. «Թաբօրի մէջ մեռցուցած մարդիկնիդ ի՞նչպէս մարդիկ էին»։ Անոնք ըսին. «Ինչպէս որ դուն ես, անոնք ալ այնպէս էին. ամէն մէկը թագաւորի տղու կը նմանէր»։ 19 Եւ անիկա ըսաւ. «Անոնք իմ եղբայրներս, մօրս տղաքներն էին։ Կենդանի է Տէրը, եթէ դուք զանոնք ողջ թողէիք, ես ձեզ չէի մեռցներ»։ 20 Ու իր անդրանիկ տղուն Յեթերին ըսաւ. «Ելի՛ր, ասոնք մեռցուր»։ Բայց պատանին իր սուրը չքաշեց. քանզի մանկահասակ ըլլալով վախցաւ։ 21 Ուստի Զեբէէն ու Սաղմանան ըսին. «Դուն ելի՛ր ու մեզ սպաննէ, քանզի մարդուս ոյժը իր հասակին համեմատ կ’ըլլայ»։ Գեդէօն ոտքի ելաւ ու Զեբէէն ու Սաղմանան մեռցուց եւ անոնց ուղտերուն պարանոցին վրայ եղած մահիկները առաւ։
22 Իսրայէլի մարդիկը Գեդէօնին ըսին. «Մեր վրայ թագաւորէ դուն ու քու որդիդ եւ քու թոռդ, որովհետեւ մեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեցիր»։ 23 Բայց Գեդէօն անոնց ըսաւ. «Ես ձեր վրայ չեմ թագաւորեր, ո՛չ ալ իմ որդիս ձեր վրայ պիտի թագաւորէ, ձեր թագաւորը Տէրը թող ըլլայ»։
24 Ապա Գեդէօն անոնց ըսաւ. «Ձեզմէ բան մը պիտի խնդրեմ։ Ամէն մարդ իր աւարին օղերը թող ինծի տայ։ (Քանզի անոնք Իսմայելացի ըլլալով ոսկի օղեր ունէին։) 25 Ու անոնք ըսին. «Բոլոր սրտով կու տանք»։ Ուստի լաթ մը փռեցին ու ամէն մարդ իր աւարին օղերը հոն ձգեց։ 26 Հաւաքուած ոսկի օղերուն կշիռքը հազար եօթը հարիւր սիկղ ոսկի եղաւ, մահիկներէն, գինտերէն ու Մադիամի թագաւորներուն վրայի ծիրանի պատմուճաններէն եւ անոնց ուղտերուն պարանոցին վրայ եղած մանեակներէն զատ։ 27 Ու Գեդէօն անոնցմով եփուտ մը շինեց եւ իր Եփրա քաղաքին մէջ դրաւ ու բոլոր Իսրայէլ հոն անոր ետեւէն երթալով պոռնկացաւ։ Ատիկա Գեդէօնին ու անոր տանը որոգայթ եղաւ։
28 Այսպէս Մադիամ Իսրայէլի որդիներէն նուաճուեցաւ եւ այնուհետեւ չկրցաւ գլուխ վերցնել։ Ու Գեդէօնին ժամանակ երկիրը քառասուն տարի խաղաղեցաւ։
ԳԵԴԷՕՆԻՆ ՄԱՀԸ
29 Յովասին որդին՝ Յերոբաաղ՝ գնաց ու իր տանը մէջ նստաւ։ 30 Եւ Գեդէօն եօթանասուն տղայ ունէր իր երանքէն ելած, քանզի շատ կիներ ունէր։ 31 Սիւքէմի մէջ ունեցած հարճն ալ անոր տղայ մը ծնաւ, որուն անունը Աբիմելէք դրաւ։ 32 Յովասին որդին Գեդէօն բարի ծերութեամբ մեռաւ եւ Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ իր հօրը Յովասին գերեզմանը թաղուեցաւ։
33 Գեդէօն մեռածին պէս՝ Իսրայէլի որդիները դարձան ու Բահաղիմի ետեւէն երթալով պոռնկացան ու Բահաղ–Բերիթը իրենց աստուած ըրին։ 34 Իսրայէլի որդիները չյիշեցին իրենց Տէր Աստուածը, որ զիրենք ազատեր էր իրենց շուրջի բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն։ 35 Յերոբաաղի (այսինքն Գեդէօնի) տանը, անոր Իսրայէլին ըրած բոլոր բարութեանը համեմատ, երախտագիտութիւն չցուցուցին։
ԱԲԻՄԵԼԷՔ
9 1 Յերոբաաղի որդին Աբիմելէք Սիւքէմ գնաց իր մօրն ու եղբայրներուն քով եւ անոնց հետ ու իր մօրը ազգատոհմին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. 2 «Շնորհք ըրէ՛ք, Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսէ՛ք՝ ‘Ձեզի ո՞րը աղէկ է. Յերոբաաղի բոլոր որդիներուն՝ եօթանասուն մարդոց՝ ձեր վրայ թագաւորե՞լը, թէ մէկ մարդու ձեր վրայ թագաւորելը’։ Մտքերնիդ բերէք, թէ՝ ես ձեր ոսկորն ու ձեր մարմինն եմ»։ 3 Ուստի իր մօրը եղբայրները այս խօսքը Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսին ու անոնց սիրտը Աբիմելէքին կողմը դարձաւ, քանզի ըսին թէ՝ ‘Անիկա մեր եղբայրն է’։ 4 Եւ Բահաղ–Բերիթի տունէն եօթանասուն կտոր արծաթ տուին անոր ու Աբիմելէք անոնցմով դատարկապորտ ու սրիկայ մարդիկ վարձքով բռնեց, որոնք իր ետեւէն գացին։ 5 Եփրայի մէջ իր հօրը տունը մտաւ եւ իր եղբայրները, Յերոբաաղի որդիները, եօթանասուն հոգի, մէկ քարի վրայ սպաննեց. բայց Յերոբաաղի պզտիկ տղան՝ Յովաթամը՝ պահուելով ողջ մնաց։ 6 Ետքը բոլոր Սիւքէմի բնակիչները եւ Մելօնի բոլոր տունը մէկտեղ հաւաքուեցան ու գացին Սիւքէմի մէջ պահապաններու կաղնիին քով Աբիմելէքը թագաւոր ըրին։
7 Ու երբ այս բանը Յովաթամին իմացուցին, անիկա գնաց Գարիզին լերանը գլուխը կայնեցաւ եւ ձայնը վերցնելով պոռաց ու անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սիւքէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք եւ Աստուած ձեզի մտիկ պիտի ընէ։ 8 Ծառերը գացին, որ իրենց համար թագաւոր մը օծեն ու ձիթենիին ըսին՝ ‘Մեր վրայ թագաւոր եղիր’։ 9 Բայց ձիթենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ պարարտութիւնս թողում, որ ինձմով Աստուած ու մարդիկը կը պատուեն ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ։ 10 Եւ ծառերը թզենիին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։ 11 Եւ թզենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ քաղցրութիւնս ու աղէկ պտուղս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։ 12 Այն ատեն ծառերը որթատունկին ըսին. ‘Դուն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։ 13 Որթատունկն ալ ըսաւ. ‘Աստուած ու մարդիկը ուրախացնող գինիս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։ 14 Այն ատեն բոլոր ծառերը դժնիկին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։ 15 Դժնիկը ծառերուն ըսաւ. ‘Եթէ դուք իրաւցնէ զիս ձեր վրայ թագաւոր կ’օծէք, եկէք իմ հովանիիս տակ նստեցէք, եթէ ոչ դժնիկէն կրակ թող ելլէ ու Լիբանանի եղեւինները այրէ’։
16 Եթէ դուք Աբիմելէքը թագաւոր ընելով ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք եւ եթէ Յերոբաաղի ու անոր տանը բարութիւն ըրիք եւ եթէ անոր գործերուն համեմատ անոր հատուցում ըրիք. 17 (Քանզի իմ հայրս ձեզի համար պատերազմ ըրաւ ու իր անձը վտանգի մէջ դրաւ եւ ձեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեց. 18 Իսկ դուք այսօր իմ հօրս տանը դէմ ելաք ու անոր որդիները՝ եօթանասուն մարդ՝ մէկ քարի վրայ սպաննեցիք ու անոր աղախինին տղան Աբիմելէքը, ձեր եղբայրը ըլլալուն համար, Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ թագաւոր ըրիք.) 19 Ուստի եթէ այսօր Յերոբաաղին ու անոր տանը հետ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք, Աբիմելէքին վրայ ուրախացէ՛ք, ան ալ ձեր վրայ թող ուրախանայ. 20 Ապա թէ ոչ՝ թող Աբիմելէքէն կրակ ելլէ եւ Սիւքէմին բնակիչներն ու Մելօնին տունը այրէ եւ Սիւքէմին բնակիչներէն ու Մելօնին տունէն կրակ ելլէ եւ Աբիմելէքը այրէ»։ 21 Ետքը Յովաթամ փախաւ ազատեցաւ ու Բէեր գնաց եւ իր Աբիմելէք եղբօրմէն վախնալուն համար հոն բնակեցաւ։
22 Աբիմելէք Իսրայէլի վրայ երեք տարի թագաւորեց։ 23 Աստուած Աբիմելէքին եւ Սիւքէմին բնակիչներուն մէջ չար ոգի մը ղրկեց ու Սիւքէմին բնակիչները Աբիմելէքին հետ նենգութեամբ վարուեցան. 24 Որպէս զի Յերոբաաղին եօթանասուն որդիներուն եղած անիրաւութիւնը գայ եւ անոնց թափուած արիւնը անոնց եղբօրը Աբիմելէքին վրայ հասնի, որ զանոնք սպաններ էր ու Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ, որոնք անոր ձեռքերը ուժովցուցեր էին իր եղբայրները սպաննելու։ 25 Ուստի Սիւքէմին բնակիչները լեռներուն գլուխները անոր դարաններ պատրաստեցին եւ ճամբան իրենց քովէն բոլոր անցնողները կը թալլէին։ Այս բանը Աբիմելէքին իմացուցին։ 26 Եւ Աբեդին որդին Գաաղն ու անոր եղբայրները եկան, Սիւքէմի մէջ մտան եւ Սիւքէմին բնակիչները անոր ապաւինեցան 27 Ու դաշտը ելլելով իրենց այգիներուն խաղողները քաղեցին եւ կոխելով ուրախութիւն ըրին ու իրենց աստուծոյն տունը մտնելով կերան ու խմեցին եւ Աբիմելէքը անիծեցին։ 28 Ու Աբեդեան Գաաղը ըսաւ. «Աբիմելէքը ո՞վ է եւ Սիւքէմը ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայ ըլլանք։ Անիկա Յերոբաաղին տղան չէ՞ ու Զեբուղ անոր փոխանորդը չէ՞։ Սիւքէմին հօրը Եմովրին մարդոցը ծառաները։ Մենք ինչո՞ւ համար անոր պիտի ծառայենք։ 29 Երանի՜ թէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքիս տակ անցնէր ու ես Աբիմելէքը վերցնէի եւ Աբիմելէքին ըսաւ. ‘Զօրքերդ շատցուր ու ելիր’»։
30 Եւ քաղաքին իշխանը Զեբուղ, երբ Աբեդեան Գաաղին խօսքերը լսեց, խիստ բարկացաւ 31 Եւ ծածուկ կերպով մը Աբիմելէքին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա Աբեդեան Գաաղն ու իր եղբայրները Սիւքէմ կու գան։ Անոնք քեզի դէմ քաղաքը ոտքի պիտի հանեն։ 32 Ուստի դուն գիշերով ելի՛ր ու դաշտը դարանի մէջ նստէ՛ քեզի հետ եղող ժողովուրդով։ 33 Առաւօտուն արեւը ծագածին պէս կանուխ ելի՛ր ու եկուր քաղաքին վրայ յարձակէ՛, քանզի անիկա ու անոր հետ եղող ժողովուրդը քեզի դէմ պիտի ելլեն, ուստի ձեռքէդ եկածը ըրէ՛ անոնց»։
34 Ուստի Աբիմելէք եւ անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը գիշերով ելան ու չորս գունդի բաժնուելով՝ Սիւքէմին դէմ դարանի մէջ նստան։ 35 Աբեդեան Գաաղը ելաւ ու քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցաւ եւ Աբիմելէք իրեն հետ եղող ժողովուրդով դարաններէն դուրս ելաւ։ 36 Գաաղ այն ժողովուրդը տեսնելով Զեբուղին ըսաւ. «Ահա լեռներուն գլխէն ժողովուրդ կ’իջնէ»։ Զեբուղ անոր ըսաւ. «Լեռներուն շուքը քեզի մարդոց պէս կ’երեւնայ»։ 37 Գաաղ դարձեալ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ահա երկրին բարձր տեղերէն ժողովուրդ կ’իջնէ եւ գունդ մըն ալ Մէօնէնիմին կաղնիին ճամբով կու գայ»։ 38 Ու Զեբուղ անոր ըսաւ. «Ո՞ւր է այն քու բերանդ, որով կ’ըսէիր թէ ‘Աբիմելէք ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայութիւն ընենք’։ Քու վար զարկած ժողովուրդդ ատիկա չէ՞. հիմա ելի՛ր ու անոր հետ պատերազմ ըրէ՛»։ 39 Ուստի Գաաղ Սիւքէմի բնակիչներուն առջեւէն ելլելով՝ Աբիմելէքին հետ պատերազմ ըրաւ։ 40 Աբիմելէք զանիկա հալածեց ու անիկա անոր առջեւէն փախաւ ու մինչեւ դրանը առջեւ շատերը մեռած ինկան։ 41 Աբիմելէք Արումայի մէջ նստաւ ու Զեբուղ Գաաղը եւ անոր եղբայրները վռնտեց, որպէս զի ա՛լ Սիւքէմի մէջ չբնակին։ 42 Հետեւեալ օրը ժողովուրդը դաշտը ելաւ ու երբ Աբիմելէք իմացաւ, 43 Իր ժողովուրդը առաւ, երեք գունդի բաժնեց եւ դաշտին մէջ դարանամուտ եղաւ ու երբ տեսաւ որ ժողովուրդը քաղաքէն դուրս կ’ելլէ, անոնց վրայ յարձակելով զանոնք զարկաւ։ 44 Աբիմելէք ու անոր հետ եղող գունդը յարձակելով քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցան ու երկու գունդերը բոլոր դաշտին մէջ եղողներուն վրայ յարձակելով զանոնք զարկին։ 45 Աբիմելէք այն բոլոր օրը քաղաքին հետ պատերազմեցաւ ու քաղաքը առաւ եւ մէջը եղող մարդիկը կոտորեց ու քաղաքը փլցուց եւ հոն աղ ցանեց։
46 Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները երբ այս բանը լսեցին, Բերիթ Աստուծոյն տանը բերդը մտան։ 47 Աբիմելէքին իմացուցին թէ Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները հաւաքուեր են։ 48 Այն ատեն Աբիմելէք իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով Սելմօն լեռը ելաւ։ Աբիմելէք տապարը ձեռքը առնելով ծառի ճիւղ մը կտրեց ու զանիկա վերցուց իր ուսին վրայ դրաւ եւ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա տեսաք ինչ որ ես ըրի, շուտով դուք ալ ինծի պէս ըրէք»։ 49 Ուստի բոլոր ժողովուրդը մէկ–մէկ ճիւղ կտրեցին ու Աբիմելէքին ետեւէն գացին։ Ճիւղերը բերդին քով դրին ու անոնցմով բերդը կրակով այրեցին։ Այսպէս, Սիւքէմի աշտարակին բոլոր մարդիկը, որոնք հազարի չափ այր ու կին էին, մեռան։
50 Ապա Աբիմելէք Թեբէս գնաց ու Թեբէսը պաշարեց ու զանիկա առաւ։ 51 Քաղաքին մէջտեղը ամուր աշտարակ մը կար։ Քաղաքին բոլոր բնակիչները, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին հոն փախան, դուռը ներսէն գոցեցին ու աշտարակին տանիքը ելան։ 52 Աբիմելէք մինչեւ աշտարակը գնաց ու անոր դէմ պատերազմեցաւ եւ աշտարակին դրանը մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա կրակով այրէ։ 53 Կին մը Աբիմելէքին գլխուն վրայ երկանաքարի կտոր մը նետեց եւ անոր գանկը կոտրեց։ 54 Աբիմելէք իր զէնքերը կրող երիտասարդը կանչեց եւ անոր ըսաւ. «Սուրդ քաշէ ու զիս մեռցուր, որպէս զի ինծի համար չըսեն թէ ‘Զանիկա կին մը մեռցուց’։ Երիտասարդը զանիկա սրով խոցեց ու մեռցուց։ 55 Իսրայէլի մարդիկը Աբիմելէքին մեռնիլը տեսնելով՝ ամէն մարդ իր տունը գնաց։
56 Այսպէս Աստուած Աբիմելէքին հատուցանեց այն չարութիւնը, որ անիկա իր հօրը ըրեր էր իր եօթանասուն եղբայրները սպաննելով։ 57 Եւ Սիւքէմի մարդոց բոլոր չարութիւնը Աստուած անոնց հատուցանեց ու Յերոբաաղի որդիին Յովաթամին անէծքը անոնց վրայ եկաւ։
ԹՈՎՂԱ
10 1 Աբիմելէքէն յետոյ Իսաքարեան Դովդայի որդիին Փուայի որդին Թովղա ելաւ Իսրայէլը ազատելու համար։ Անիկա Եփրեմի լեռը Սամիրի մէջ կը բնակէր։ 2 Իսրայէլի մէջ քսանըերեք տարի դատաւորութիւն ըրաւ ու մեռաւ եւ Սամիրի մէջ թաղուեցաւ։
ՅԱՅԻՐ
3 Անկէ յետոյ Գաղաադացի Յայիր ելաւ եւ Իսրայէլի մէջ քսանըերկու տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ 4 Անիկա երեսուն որդի ունէր, որոնք երեսուն աւանակի վրայ կը հեծնէին եւ անոնք Գաղաադի երկրին մէջ երեսուն քաղաք ունէին, որոնք մինչեւ այսօր Յայիրի գիւղաքաղաքները կը կոչուին։ 5 Յայիր մեռաւ ու Կամօնի մէջ թաղուեցաւ։
6 Եւ Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը եւ Աստարովթը ու Ասորիներու աստուածները եւ Սիդոնի աստուածները ու Մովաբի աստուածները եւ Ամմոնի որդիներուն աստուածները ու Փղշտացիներու աստուածները պաշտեցին եւ Տէրը թողուցին ու անոր ծառայութիւն չըրին։ 7 Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Փղշտացիներուն ձեռքն ու Ամմոնի որդիներուն ձեռքը մատնեց։ 8 Անոնք տասնըութը տարի Իսրայէլին որդիները նեղեցին ու հարստահարեցին, այսինքն բոլոր Իսրայէլի որդիները, որոնք Յորդանանի անդիի կողմը, Գաղաադի մէջ, Ամօրհացիներուն երկրին մէջ կը բնակէին։ 9 Նաեւ Ամմոնի որդիները Յորդանանէն անցան, որպէս զի Յուդային հետ, Բենիամինին հետ ու Եփրեմին տանը հետ ալ պատերազմին։ Իսրայէլ խիստ մեծ նեղութեան մէջ էր։
10 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու ըսին. «Քեզի դէմ մեղք գործեցինք, քանզի մեր Աստուածը թողուցինք ու Բահաղիմը պաշտեցինք»։ 11 Եւ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Չէ՞ որ ձեզ ազատեցի Եգիպտացիներէն, Ամօրհացիներէն, Ամմոնի որդիներէն ու Փղշտացիներէն. 12 Նաեւ երբ Սիդոնացիները, Ամաղեկացիներն ու Մաոնացիները ձեզ նեղեցին ու դուք ինծի աղաղակեցիք, ես ձեզ անոնց ձեռքէն ազատեցի։ 13 Բայց դուք զիս թողուցիք եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ըրիք. անոր համար ես անգամ մըն ալ ձեզ պիտի չազատեմ։ 14 Գացէ՛ք ձեր ընտրած աստուածներուն աղաղակեցէք. ձեր նեղութեանը ատեն թող անոնք ձեզ ազատեն»։ 15 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ըսին. «Մեղք գործեցինք. քու աչքիդ առջեւ ինչ որ հաճելի է, ըրէ մեզի. բայց միայն կ’աղաչենք, ազատէ մեզ այսօր»։ 16 Ուստի իրենց մէջէն օտար աստուածները վերցուցին ու Տէրոջը ծառայութիւն ըրին եւ Անոր սիրտը վշտացաւ Իսրայէլի նեղութեանը համար։
17 Ամմոնին որդիները հաւաքուեցան ու Գաղաադի մէջ բանակեցան։ Իսրայէլի որդիներն ալ հաւաքուեցան ու Մասփայի մէջ բանակեցան։ 18 Ժողովուրդն ու Գաղաադի իշխանները իրարու ըսին. «Ով որ Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմ ընելու սկսի, անիկա Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն գլուխը թող ըլլայ»։
ՅԵՓԹԱՅԷ
11 1 Գաղաադացի Յեփթայէն զօրաւոր ու կտրիճ մարդ մըն էր, բայց անիկա պոռնիկ կնոջ մը զաւակն էր։ Գաղաադ Յեփթայէին հայրն էր։ 2 Գաղաադին կինը անոր զաւակներ ծնաւ ու երբ կնոջը զաւակները մեծցան, Յեփթայէն վռնտեցին ու անոր ըսին. «Դուն մեր հօրը տանը մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենաս, քանզի դուն օտար կնոջ մը զաւակն ես»։ 3 Ու Յեփթայէն իր եղբայրներուն երեսէն փախչելով՝ Տովբի երկրին մէջ բնակեցաւ։ Յեփթայէին քով սրիկայ մարդիկ հաւաքուեցան ու անոր հետ կը պտըտէին։
4 Ատեն մը ետքը Ամմոնին որդիները Իսրայէլին հետ պատերազմ ըրին։ 5 Երբ Ամմոնին որդիները Իսրայէլին հետ կը պատերազմէին, Գաղաադի ծերերը գացին որ Յեփթայէն Տովբի երկրէն բերեն։ 6 Եւ Յեփթայէին ըսին. «Եկո՛ւր, մեզի զօրագլուխ եղիր, որպէս զի Ամմոնին որդիներուն հետ պատերազմինք»։ 7 Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն ըսաւ. «Դուք զիս ատեցիք եւ իմ հօրս տունէն զիս վռնտեցիք ու հիմա որ նեղութեան մէջ էք, ինչո՞ւ համար ինծի եկաք»։ 8 Գաղաադի ծերերը Յեփթայէին ըսին. «Անոր համար հիմա քեզի դիմեցինք, որ մեզի հետ երթաս ու Ամմոնին որդիներուն դէմ պատերազմիս եւ մեր՝ Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն՝ գլուխ ըլլաս»։ 9 Ու Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն ըսաւ. «Եթէ դուք զիս տանիք Ամմոնին որդիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար ու Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնէ, այն ատեն ես ձեզի գլուխ ըլլա՞մ»։ 10 Գաղաադի ծերերը Յեփթայէին ըսին. «Տէրը մեր մէջ վկայ թող ըլլայ, որ ըսածիդ պէս պիտի ընենք»։ 11 Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն հետ գնաց։ Ժողովուրդը զանիկա իրենց վրայ գլուխ ու զօրապետ դրին։ Յեփթայէն Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ իր բոլոր խօսքերը ըսաւ։
12 Յեփթայէն Ամմոնին որդիներուն թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, որ ինծի եկար իմ երկրիս մէջ պատերազմ ընելու համար»։ 13 Եւ Ամմոնին որդիներուն թագաւորը Յեփթայէին պատգամաւորներուն ըսաւ. «Որովհետեւ Իսրայէլ Եգիպտոսէն ելած ատենը Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ ու մինչեւ Յորդանան իմ երկիրս առաւ։ Հիմա զանիկա խաղաղութեամբ ետ դարձուր»։ 14 Ու Յեփթայէն Ամմոնին որդիներուն թագաւորին նորէն պատգամաւորներ ղրկեց 15 Եւ անոր ըսաւ. «Յեփթայէն այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլ Մովաբին երկիրն ու Ամմոնին որդիներուն երկիրը չառաւ. 16 Քանզի Եգիպտոսէն ելած ատենը Իսրայէլ մինչեւ Կարմիր ծովը անապատէն գնաց ու Կադէս եկաւ 17 Եւ Իսրայէլ Եդովմին թագաւորին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ», բայց Եդովմի թագաւորը մտիկ չըրաւ։ Նոյնպէս ալ Մովաբին թագաւորին ղրկեց, ան ալ թող չտուաւ։ Իսրայէլ Կադէսի մէջ մնաց 18 Եւ անապատին մէջէն գնաց ու Եդովմին երկրին ու Մովաբին երկրին բոլորտիքը պտըտեցաւ։ Մովաբին երկրին արեւելեան կողմէն երթալով Առնոնին անդիի կողմը բանակեցաւ, բայց Մովաբին սահմանին մէջ չմտաւ. քանզի Մովաբին սահմանը Առնոնն էր»։ 19 Ու Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին, (որ Եսեբոնի թագաւորն էր,) եւ Իսրայէլ անոր ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ, որպէս զի իմ տեղս երթամ»։ 20 Բայց Սեհոն Իսրայէլին հրաման չտուաւ, որ իր սահմանէն անցնի ու Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց եւ Յասսայի մէջ բանակեցան ու Իսրայէլի դէմ պատերազմեցան։ 21 Իսրայէլին Տէր Աստուածը Սեհոնն ու անոր բոլոր ժողովուրդը Իսրայէլին ձեռքը մատնեց, որոնք զանոնք զարկին։ Իսրայէլ այն երկրին մէջ բնակող Ամօրհացիներուն բոլոր երկիրը առաւ։ 22 Իսրայէլ Ամօրհացիներուն բոլոր սահմանը, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ ու անապատէն մինչեւ Յորդանան ժառանգեց։ 23 Ուստի հիմա որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Ամօրհացիները իր Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւէն վռնտեր է, դո՞ւն պիտի ժառանգես այն երկիրը։ 24 Քու աստուծոյդ Քամովսին քեզի ժառանգութիւն տուածը դուն չե՞ս ժառանգեր. մենք ալ մեր Եհովա Աստուծոյն մեր առջեւէն վռնտած ազգերուն երկիրը կը ժառանգենք։ 25 Եւ հիմա դուն Մովաբի թագաւորէն, Սեպփօրեան Բաղակէն, աւելի՞ զօրաւոր ես. միթէ անիկա Իսրայէլին հետ կռուեցա՞ւ, կամ անոնց հետ պատերազմ ըրա՞ւ։ 26 Իսրայէլ Եսեբոնին ու անոր գիւղերուն մէջ, Արոէրին ու անոր գիւղերուն մէջ եւ Առնոնին եզերքին վրայ եղող բոլոր քաղաքներուն մէջ երեք հարիւր տարի է, որ կը բնակի։ Ինչո՞ւ համար զանոնք այնքան ատենի մէջ չազատեցիք։ 27 Ուստի ես քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած եւ դուն ինծի հետ պատերազմ ընելով ինծի չարութիւն կ’ընես։ Այսօր Իսրայէլի որդիներուն ու Ամմոնի որդիներուն մէջ Դատաւոր եղող Տէրը թող դատաստան ընէ»։ 28 Բայց Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Յեփթայէին խօսքերուն մտիկ չըրաւ։
29 Այն ատեն Յեփթայէին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ու անիկա Գաղաադէն ու Մանասէէն անցաւ, Գաղաադի Մասփայէն ալ անցաւ ու Գաղաադի Մասփայէն Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց։ 30 Յեփթայէն Տէրոջը ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Ամմոնին որդիները բոլորովին իմ ձեռքս մատնես 31 Ու Ամմոնի որդիներէն խաղաղութեամբ ետ դառնամ, այն ատեն իմ տանս դռնէն զիս դիմաւորելու ելլողը Տէրոջը թող ըլլայ ու զանիկա ողջակէզ պիտի մատուցանեմ»։ 32 Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց, որպէս զի անոնց հետ պատերազմի։ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց զանոնք։ 33 Արոէրէն մինչեւ Մեննիթ, քսան քաղաք ու մինչեւ Աբէլքերամիմ սաստիկ կոտորածով ջարդեց զանոնք ու Ամմոնին որդիները Իսրայէլին որդիներուն առջեւ նուաճուեցան։
ՅԵՓԹԱՅԷԻՆ ԱՂՋԻԿԸ
34 Յեփթայէն Մասփա իր տունը եկաւ ու ահա անոր աղջիկը թմբուկներով եւ պար բռնելով զանիկա դիմաւորելու ելաւ։ Անիկա անոր մէկ հատիկ զաւակն էր ու անկէ զատ տղայ կամ աղջիկ չունէր։ 35 Յեփթայէն, երբ զանիկա տեսաւ, իր լաթերը պատռեց ու ըսաւ. «Ո՜հ, աղջի՛կս, դուն զիս բոլորովին նկուն ըրիր եւ դուն ինծի իմ նեղիչներէս մէկը եղար. քանզի ես բերանս բացի Տէրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել»։ 36 Աղջիկը անոր ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, եթէ բերանդ Տէրոջը բացիր, բերնէդ ելածը ըրէ ինծի. քանզի Տէրը քու թշնամիներէդ, Ամմոնին որդիներէն, քեզի համար վրէժխնդրութիւն ըրաւ»։ 37 Եւ իր հօրը ըսաւ. «Միայն այս բանն ըրէ ինծի։ Զիս երկու ամիս թող տուր, որպէս զի լեռներուն վրայ ելլեմ ու իջնեմ եւ իմ ընկերներովս իմ կուսութեանս վրայ լամ»։ 38 Հայրը ըսաւ. «Գնա՛»։ Զանիկա երկու ամիս թող տուաւ եւ անիկա իր ընկերներով գնաց ու լեռներուն վրայ իր կուսութիւնը լացաւ։ 39 Երկու ամիսը լմննալէն յետոյ իր հօրը դարձաւ ու անիկա իր ըրած ուխտը կատարեց։ Անիկա այր մարդ չճանչցաւ։ 40 Ու Իսրայէլի մէջ սովորութիւն եղաւ, որ ատեն ատեն Իսրայէլին աղջիկները երթան ու Գաղաադացի Յեփթայէին աղջկանը համար տարին չորս օր լան։
ՅԵՓԹԱՅԷՆ ԵՒ ԵՓՐԵՄԵԱՆՆԵՐԸ
12 1 Եփրեմին մարդիկը հաւաքուեցան եւ դէպի հիւսիսային կողմը անցան ու Յեփթայէին ըսին. «Ինչո՞ւ համար Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմելու գացած ատենդ մեզ չկանչեցիր, որպէս զի քեզի հետ երթայինք, հիմա մենք ալ քու տունդ քու վրադ կրակով պիտի այրենք»։ 2 Յեփթայէն անոնց ըսաւ. «Ես ու իմ ժողովուրդս Ամմոնի որդիներուն հետ մեծ կռիւներ ունեցանք եւ ձեզ կանչեցի, բայց դուք զիս անոնց ձեռքէն չազատեցիք։ 3 Ես ալ երբ տեսայ թէ դուք զիս չէք ազատեր, հոգիս ձեռքիս մէջ դնելով Ամմոնի որդիներուն վրայ գացի ու Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնեց։ Ինչո՞ւ համար դուք այսօր ինծի դէմ պատերազմելու եկաք»։ 4 Յեփթայէն Գաղաադի բոլոր մարդիկը հաւաքելով Եփրեմին հետ պատերազմ ըրաւ։ Գաղաադի մարդիկը Եփրեմեանները զարկին. քանզի ըսեր էին թէ «Դուք, Գաղաադացիներդ, Եփրեմի մէջ ու Մանասէի մէջ փախստականներ էք»։ 5 Գաղաադացիները Եփրեմին առջեւէն Յորդանանի անցքերը բռնեցին ու երբ Եփրեմէն փախստական մը «Թող տուէք, անցնիմ» ըսէր, Գաղաադի մարդիկը անոր կ’ըսէին. «Եփրեմեա՞ն ես»։ Անիկա «Ո՛չ» կ’ըսէր 6 Եւ անոնք անոր կ’ըսէին. «Ուրեմն Շիպպօլէթ ըսէ»։ Անիկա եթէ Սիպպօլէթ ըսէր, (քանզի չէր կրնար շիտակ արտասանել,) զանիկա կը բռնէին եւ Յորդանանի անցքերուն մէջ կը սպաննէին։ Այն ատեն Եփրեմէն քառասունըերկու հազար մարդ ինկաւ։
7 Եւ Յեփթայէն Իսրայէլի մէջ վեց տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Երբ Գաղաադացի Յեփթայէն մեռաւ, Գաղաադի քաղաքներէն մէկուն մէջ թաղուեցաւ։
ԱԲԵՍՍԱ, ԵԼՕՆ, ԱԲԴՕՆ
8 Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ Բեթլեհեմացի Աբեսսան դատաւորութիւն ըրաւ։ 9 Անիկա երեսուն տղայ ունէր ու երեսուն աղջիկ, որոնք դուրս տուաւ ու դուրսէն ալ իր տղոցը երեսուն աղջիկ ներս առաւ։ Ինք Իսրայէլի մէջ եօթը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ 10 Երբ Աբեսսան մեռաւ՝ Բեթլեհէմի մէջ թաղուեցաւ։
11 Անկէ յետոյ Զաբուղոնացի Ելօն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ ու Իսրայէլի մէջ տասը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ 12 Երբ Զաբուղոնացի Ելօն մեռաւ, Զաբուղոնի երկիրը՝ Այեղոնի մէջ թաղուեցաւ։
13 Անկէ յետոյ Փարաթոնացի Հելլելի որդին Աբդօն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ։ 14 Անիկա քառասուն տղայ ու երեսուն թոռ ունէր, որոնք եօթանասուն աւանակներու վրայ կը հեծնէին։ Ինք Իսրայէլի մէջ ութը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ 15 Երբ Փարաթոնացի Հելլելի որդին Աբդօն մեռաւ, Ամաղեկացիներու լերանը վրայ, Եփրեմի երկիրը, Փարաթոնի մէջ թաղուեցաւ։
ՍԱՄՓՍՈՆԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
13 1 Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին, ուստի Տէրը զանոնք քառասուն տարի Փղշտացիներուն ձեռքը մատնեց։
2 Դանի ցեղէն Մանուէ անունով Սարաացի մարդ մը կար, որուն կինը ամուլ էր եւ զաւակ չէր ծնաներ։ 3 Տէրոջը հրեշտակը այս կնոջ երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Դուն հիմա ամուլ ես ու չես ծնանիր, բայց պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս։ 4 Ուստի զգոյշ կեցիր, չըլլայ որ գինի կամ օղի խմես, ո՛չ ալ անմաքուր բան մը ուտես, 5 Քանզի դուն պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնանիս։ Անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չդպի. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի սկսի Իսրայէլը Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատել»։ 6 Կինը գնաց եւ իր էրկանը պատմեց՝ ըսելով. «Աստուծոյ մարդ մը ինծի եկաւ ու անոր դէմքը Աստուծոյ հրեշտակին դէմքին պէս խիստ ահարկու էր եւ անոր ուրկէ ըլլալը չհարցուցի, ո՛չ ալ անիկա իր անունը ինծի յայտնեց։ 7 Բայց ինծի ըսաւ. ‘Ահա դուն պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս։ Ասկէ վերջ գինի ու օղի պիտի չխմես ու անմաքուր բան մը պիտի չուտես. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն մինչեւ իր մահուան օրը Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ’»։
8 Մանուէ Տէրոջը աղաչելով՝ ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, այն Աստուծոյ մարդը, որ դուն ղրկեցիր, նորէն թող գայ ու մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք»։ 9 Աստուած Մանուէի ձայնը լսեց ու հրեշտակը նորէն կնոջը եկաւ՝ երբ արտին մէջ նստեր էր, բայց այրը՝ Մանուէ՝ անոր հետ չէր։ 10 Կինը շուտով վազեց ու էրկանը ըսաւ. «Ահա այն օրը ինծի եկող մարդը նորէն ինծի երեւցաւ»։ 11 Մանուէ ելաւ իր կնոջ ետեւէն գնաց եւ այն մարդուն քով մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Կնոջս հետ խօսող մարդը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ 12 Մանուէ ըսաւ. «Երբ քու ըսածդ ըլլայ, տղուն հետ ինչպէ՞ս վարուինք ու ի՞նչ ընելու է»։ 13 Տէրոջը հրեշտակը Մանուէին ըսաւ. «Կինը ամէն ըսածէս թող զգուշանայ, 14 Որթատունկէն ելած բան մը թող չուտէ եւ գինի ու օղի թող չխմէ եւ անմաքուր բան մը բնաւ թող չուտէ ու իմ ամէն պատուիրածս պահէ»։
15 Մանուէ Տէրոջը հրեշտակին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քիչ մը մեր քով նստէ։ Այծերէն ուլ մը պատրաստենք ու քու առջեւդ դնենք»։ 16 Եւ Տէրոջը հրեշտակը Մանուէին ըսաւ. «Եթէ ես քու քովդ նստիմ անգամ՝ քու հացէդ պիտի չուտեմ, բայց եթէ ողջակէզ պիտի ընես՝ զանիկա Տէրոջը ընծայէ»։ Քանզի Մանուէ չգիտցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն է։ 17 Մանուէ Տէրոջը հրեշտակին ըսաւ. «Անունդ ի՞նչ է, որպէս զի երբ խօսքդ կատարուի, քեզ պատուենք»։ 18 Տէրոջը հրեշտակը անոր ըսաւ. «Իմ անունս ինչո՞ւ կը հարցնես, որովհետեւ անիկա սքանչելի է»։ 19 Եւ Մանուէ ուլն ու հացի ընծան առաւ եւ ապառաժին վրայ Տէրոջը ընծայեց։ Ու հրեշտակը Մանուէին ու անոր կնոջը աչքերուն առջեւ հրաշք մը ըրաւ, 20 Քանզի երբ բոցը սեղանէն դէպի երկինք վեր կ’ելլէր, Տէրոջը հրեշտակն ալ սեղանին բոցովը վեր ելաւ եւ Մանուէ ու իր կինը ապշեցան, երեսի վրայ գետինը ինկան։ 21 Տէրոջը հրեշտակը անգամ մըն ալ Մանուէին ու անոր կնոջը չերեւցաւ։ Այն ատեն Մանուէ հասկցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն է։ 22 Մանուէ իր կնոջ ըսաւ. «Անշուշտ պիտի մեռնինք, քանզի Աստուած տեսանք»։ 23 Կինը անոր ըսաւ. «Եթէ Տէրը մեզ մեռցնել ուզէր, մեր ձեռքէն ողջակէզն ու հացի ընծան չէր ընդուներ ու այս բոլոր բաները մեզի չէր ցուցներ եւ այս միջոցին մէջ այսպիսի խօսքեր մեզի ըսել չէր տար»։
24 Ու Կինը որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սամփսոն կոչեց ու տղան մեծցաւ եւ Տէրը զանիկա օրհնեց։ 25 Ու Տէրոջը Հոգին Սարաայի ու Եսթաւուղի միջեւ՝ Դանի բանակին մէջ զինք զօրացուց։
ՍԱՄՓՍՈՆ ԵՒ ԹԱՄՆԱԹԱՑԻ ԱՂՋԻԿԸ
14 1 Սամփսոն Թամնաթա իջաւ ու Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսաւ 2 Եւ իր տունը դարձաւ ու իր հօրը եւ մօրը պատմեց ու ըսաւ. «Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսայ, զանիկա ինծի կին առէք»։ 3 Անոր հայրն ու մայրը անոր ըսին. «Միթէ քու եղբայրներուդ աղջիկներուն մէջ ու իմ բոլոր ժողովուրդիս մէջ կին չկա՞յ, որ դուն անթլփատ Փղշտացիներէն կին առնելու պիտի երթաս»։ Բայց Սամփսոն իր հօրը ըսաւ. «Զանիկա ինծի առ, քանզի իմ աչքերուս անիկա հաճելի երեւցաւ»։ 4 Անոր հայրն ու մայրը չէին գիտեր թէ այս բանը Տէրոջմէն է, քանզի անիկա Փղշտացիներէն առիթ մը կը փնտռէր, քանզի Փղշտացիները Իսրայէլի վրայ կ’իշխէին։
5 Սամփսոն իր հօրը ու մօրը հետ Թամնաթա իջաւ ու մինչեւ Թամնաթայի այգիները գացին եւ ահա առիւծի կորիւն մը մռնչելով անոր դէմը ելաւ։ 6 Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ Սամփսոն ուլ մը ճեղքելու պէս առիւծը ճեղքեց։ Ձեռքին մէջ բան մը չկար եւ ըրածը իր հօրն ու մօրը չպատմեց։ 7 Իջաւ ու կնոջ հետ խօսեցաւ ու կինը Սամփսոնին աչքերուն հաճելի երեւցաւ։ 8 Ժամանակ մը ետքը, երբ դարձաւ կինը առնելու, առիւծին դիակը տեսնելու համար իր ճամբայէն խոտորեցաւ եւ առիւծին դիակին մէջ մեղուներու գունդ մը կար եւ մեղր։ 9 Մեղրը առաւ եւ ուտելով քալեց ու իր հօրն ու մօրը գնաց։ Անոնց ալ տուաւ ու կերան. բայց անոնց չըսաւ թէ մեղրը առիւծին դիակէն հանեց։
10 Հայրը այն կնոջ քով իջաւ ու Սամփսոն հոն խնճոյք մը ըրաւ, քանզի երիտասարդները այդպէս կ’ընէին։ 11 Ու երբ զանիկա տեսան, երեսուն ընկեր բերին, որպէս զի անոր հետ ըլլան։
12 Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Հիմա ձեզի հանելուկ մը պիտի ըսեմ. եթէ զանիկա այս խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ ինծի բացատրէք ու գտնէք, ես ալ ձեզի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տամ. 13 Բայց եթէ չկարենաք զանիկա ինծի բացատրել, այն ատեն դուք ինծի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տաք»։ Անոնք ըսին. «Քու հանելուկդ մեզի ըսէ՛, որպէս զի լսենք»։ 14 Անոնց ըսաւ. «Կերողէն կերակուր ելաւ ու հզօրէն անոյշ ելաւ»։ Անոնք այս հանելուկը երեք օրուան մէջ չկրցան լուծել։ 15 Եօթներորդ օրը Սամփսոնին կնոջը ըսին. «Այրդ խաբէ՛, որպէս զի հանելուկը մեզի բացատրէ, որ չըլլայ թէ քեզ ու քու հօրդ տունը կրակով այրենք։ Մեզ թալլելո՞ւ համար կանչեցիք. այնպէս չէ՞»։ 16 Սամփսոնի կինը անոր քով լալով՝ ըսաւ. «Անշուշտ դուն զիս կ’ատես ու չես սիրեր. իմ ժողովուրդիս որդիներուն հանելուկ մը ըսիր, բայց ինծի չբացատրեցիր»։ Սամփսոն ըսաւ անոր. «Ահա իմ հօրս ու մօրս ալ չյայտնեցի ու քեզի՞ պիտի յայտնեմ»։ 17 Բայց կինը իրենց խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ անոր քով լացաւ ու Սամփսոն եօթներորդ օրը անոր բացատրեց, քանզի իրեն նեղութիւն կու տար։ Անիկա ալ իր ժողովուրդին որդիներուն բացատրեց հանելուկը։ 18 Քաղաքին մարդիկը եօթներորդ օրը արեւին մտնելէն առաջ անոր ըսին. «Մեղրէն անոյշ ու առիւծէն զօրաւոր ի՞նչ կայ»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Եթէ դուք իմ երինջովս չհերկէիք, իմ հանելուկս չէիք կրնար գտնել»։ 19 Տէրոջը Հոգին անոր վրայ եկաւ եւ անիկա Ասկաղոն իջաւ եւ անոնցմէ երեսուն մարդ մեռցուց եւ անոնց հանդերձները առաւ ու հանելուկը բացատրողներուն տուաւ եւ սաստիկ բարկանալով իր հօրը տունը դարձաւ։ 20 Ու Սամփսոնին կինը անոր փեսայութեան ընկերին տրուեցաւ։
15 1 Ժամանակէ մը ետքը ցորենի հունձքի օրերը՝ Սամփսոն այծերէն ուլ մը առաւ ու իր կնոջ այցելութեան գնաց ու ըսաւ. «Ներքին սենեակին մէջ կնոջս քով պիտի մտնեմ», բայց կնոջը հայրը զայն չթողուց որ մտնէ։ 2 Անոր հայրը ըսաւ. «Իրաւցնէ կարծեցի թէ դուն զանիկա բոլորովին ատեցիր ու զանիկա քու ընկերիդ տուիր. ահա անոր պզտիկ քոյրը անկէ գեղեցիկ է, հիմա անոր տեղ անիկա քեզի ըլլայ»։ 3 Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Այս անգամ Փղշտացիներէն անպարտ պիտի ըլլամ, եթէ անոնց չարութիւն մը ընեմ»։ 4 Սամփսոն գնաց երեք հարիւր աղուէս բռնեց եւ ջահեր առաւ։ Աղուէսները պոչ պոչի կապեց ու երկու պոչերուն մէջտեղ ջահ մը դրաւ։ 5 Ջահերը կրակով բռնկեցնելէն յետոյ՝ զանոնք Փղշտացիներուն հունձքին մէջ ձգեց ու դիզուած եւ չկտրուած հունձքերն ու մինչեւ անգամ այգիներն ու ձիթենիները այրեց։ 6 Փղշտացիները ըսին. «Այս բանը ո՞վ ըրաւ»։ Ու ըսին. «Թամնաթացիին փեսան Սամփսոն. քանզի անոր կինը առաւ՝ անոր ընկերին տուաւ»։ Փղշտացիները ելան եւ կինն ու անոր հայրը կրակով այրեցին։ 7 Իսկ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Թէեւ դուք այսպէս ըրիք, բայց ես վրէժս պիտի առնեմ ձեզմէ ու ետքը պիտի դադարիմ»։ 8 Եւ զանոնք սրունքէն մինչեւ երանքը զարկաւ ու իջաւ Ետամ խոռոչը բնակեցաւ։
ՍԱՄՓՍՈՆ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ
9 Փղշտացիները ելան ու Յուդայի դէմ բանակեցան ու Լեքիի մէջ տարածուեցան։ 10 Յուդայեանները ըսին. «Ինչո՞ւ համար մեր վրայ ելաք»։ Անոնք ալ ըսին. «Սամփսոնը կապելու ելանք, որպէս զի մեզի ըրածին պէս մենք ալ անոր ընենք»։ 11 Յուդայէն երեք հազար մարդ Ետամ ապառաժին խոռոչը իջան եւ Սամփսոնին ըսին. «Չե՞ս գիտեր թէ Փղշտացիները մեր վրայ կ’իշխեն. ինչո՞ւ համար այս բանը մեզի ըրիր»։ Անիկա անոնց ըսաւ. «Անոնք ինծի ինչպէս ըրին, ես ալ անոնց այնպէս ըրի»։ 12 Անոր ըսին. «Մենք իջանք որ քեզ կապենք ու Փղշտացիներուն ձեռքը տանք»։ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Ինծի երդում ըրէք, թէ դուք զիս պիտի չմեռցնէք»։ 13 Եւ անոնք անոր ըսին. «Ո՛չ, քեզ պիտի չմեռցնենք, բայց քեզ պիտի կապենք ու անոնց ձեռքը տանք»։ Զանիկա երկու նոր չուանով կապեցին եւ ապառաժէն դուրս հանեցին։
14 Երբ անիկա մինչեւ Լեքի գնաց, Փղշտացիները աղաղակելով զանիկա դիմաւորեցին։ Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ անոր թեւերուն վրայ եղող չուանները կրակով այրուած քթանի պէս եղան ու կապերը ձեռքերէն քակուեցան։ 15 Իշու ծնօտ մը գտաւ, որ դեռ չորցած չէր ու ձեռքը երկնցուց զանիկա առաւ եւ անով հազար մարդ մեռցուց։ 16 Սամփսոն ըսաւ. «Իշու ծնօտով դէզ դէզ ձգեցի զանոնք, իշու ծնօտով հազար մարդ մեռցուցի»։ 17 Ու երբ իր խօսքը լմնցուց, ծնօտը ձեռքէն նետեց եւ այն տեղին անունը Ռամաթ–Լեքի կոչեց։
18 Եւ խիստ շատ ծառաւնալով՝ Տէրոջը աղաղակեց ու ըսաւ. «Դուն քու ծառայիդ ձեռքով այս մեծ փրկութիւնը յաջողցուցիր. հիմա ծառա՞ւ մեռնիմ, կամ անթլփատներուն ձե՞ռքը իյնամ»։ 19 Աստուած Լեքիի մէջ եղած փոսը բացաւ ու անկէ ջուր ելաւ եւ Սամփսոն խմեց ու ոգին իրեն դարձաւ եւ ապրեցաւ. անոր համար անոր անունը Ենգօրէ ըսուեցաւ, որ Լեքիի մէջ է մինչեւ այսօր։
20 Սամփսոն Փղշտացիներուն օրերուն Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւորութիւն ըրաւ։
ՍԱՄՓՍՈՆ ԳԱԶԱՅԻ ՄԵՋ
16 1 Սամփսոն Գազա գնաց ու հոն պոռնիկ կին մը տեսաւ ու անոր մտաւ։ 2 Գազացիներուն ըսուեցաւ թէ Սամփսոն հոս եկեր է։ Պաշարեցին ու բոլոր գիշերը անոր դարանակալ եղան քաղաքին դրանը քով ու բոլոր գիշերը լուռ կեցան եւ ըսին. «Առաւօտուն զանիկա կը մեռցնենք»։ 3 Սամփսոն մինչեւ կէս գիշեր քնացաւ ու կէս գիշերին ելաւ, քաղաքին դրանը փեղկերը երկու սեմերովը բռնեց, զանոնք նիգովը մէկտեղ փրցուց ու կռնակը առնելով զանոնք Քեբրոնի դիմացի լերանը գլուխը հանեց։
ՍԱՄՓՍՈՆ ՈՒ ԴԱԼԻԼԱ
4 Անկէ ետքը Սովրեկ Հեղեղատին եզերքը բնակող կին մը սիրեց։ Անոր անունը Դալիլա էր։ 5 Փղշտացիներու նախարարները կնոջ քով գացին ու անոր ըսին. «Զանիկա խաբէ ու անկէ հասկցիր թէ անոր մեծ զօրութիւնը ինչէ՞ն է եւ թէ ինչո՞վ կրնանք անոր յաղթել, որպէս զի զանիկա կապենք ու հնազանդեցնենք։ Ատոր համար քեզի ամէն մէկս հազար հարիւր կտոր արծաթ կու տանք»։ 6 Ու Դալիլա Սամփսոնին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է եւ քեզ հնազանդեցնելու համար ի՞նչ բանով կապել պէտք է»։ 7 Սամփսոն անոր ըսաւ. «Եթէ զիս եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլերով կապեն, կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։ 8 Փղշտացիներու նախարարները անոր եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլեր բերին։ Զանիկա անոնցմով կապեց։ 9 Ներքին սենեակին մէջ դարանակալ մարդիկ նստեր էին։ Ու կինը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ Այն ատեն անիկա ջիլերը կրակի հոտէն փրթած խծուծէ լարի պէս փրցուց։ Ասով ալ անոր ոյժին գաղտնիքը չհասկցուեցաւ։ 10 Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Ահա զիս խաբեցիր ու ինծի սուտ խօսեցար. հիմա կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։ 11 Ան ալ ըսաւ. «Եթէ զիս նոր ու չգործածուած չուաններով աղէկ մը կապեն, այն ատեն կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։ 12 Դալիլա նոր չուաններ առաւ եւ անոնցմով զանիկա կապեց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ (Դարանակալ մարդիկ ներքին սենեակին մէջ նստեր էին։) Սամփսոն զանոնք իր թեւերէն դերձանի պէս փրցուց։ 13 Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Մինչեւ հիմա զիս խաբեցիր եւ ինծի սուտ խօսեցար։ Ըսէ՛ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։ Ու անիկա ըսաւ անոր. «Եթէ գլխուս եօթը բաժին մազերը աղբով հիւսես»։ 14 Անիկա այնպէս ըրաւ, ու գործարանին ցիցովը ամուրցուց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ Անիկա քունէն արթնցաւ ու ոստայնին ցիցը աղբովը մէկտեղ քաշեց տարաւ։ 15 Այն ատեն Դալիլա անոր ըսաւ. «Քու սիրտդ ինծի հետ չէ։ Ի՞նչպէս կ’ըսես թէ ‘Քեզ կը սիրեմ’։ Երեք անգամ է, որ զիս կը խաբես ու ինծի չըսիր թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է»։ 16 Որովհետեւ ամէն օր իր խօսքերովը անոր նեղութիւն կու տար ու զանիկա կը բռնադատէր, այնպէս որ անոր սիրտը մինչեւ մահուան աստիճան նեղացաւ։ 17 Ուստի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր պատմեց ու ըսաւ անոր. «Իմ գլխուս վրայ ածելի չէ դպած. քանզի իմ մօրս արգանդէն ես Աստուծոյ ուխտաւոր եմ։ Եթէ ածիլուիմ, իմ ոյժս ինձմէ կ’երթայ ու կը տկարանամ եւ ամէն մարդու պէս կ’ըլլամ»։ 18 Երբ Դալիլա տեսաւ որ անիկա բոլոր իր սրտին մէջ եղածը իրեն պատմեց, նախարարները կանչել տուաւ ու ըսաւ. «Այս անգամ ելէ՛ք. քանզի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը ինծի յայտնեց։ Այն ատեն նախարարները անոր քով ելան ու արծաթն ալ իրենց հետ բերին։ 19 Դալիլա զանիկա իր ծունկերուն վրայ քնացուց ու մարդ մը կանչեց եւ անոր գլխուն եօթը բաժին մազերը ածիլել տուաւ ու սկսաւ զանիկա նեղել եւ անոր ոյժը իրմէ գացած էր։ 20 Կինը ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ Անիկա քունէն արթննալով ըսաւ. «Ելլեմ ու միւս անգամներուն պէս ցնցուիմ»։ Անիկա չէր գիտեր թէ Տէրը իրմէ գացեր էր։ 21 Փղշտացիները զանիկա բռնեցին եւ անոր աչքերը փորեցին ու զանիկա Գազա իջեցուցին եւ ոտնակապերով կապեցին ու բանտին մէջ աղօրիքի քար կը դարձնէր։
ՍԱՄՓՍՈՆԻՆ ՄԱՀԸ
22 Անոր գլխուն մազը սկսաւ բուսնիլ։ 23 Փղշտացիներու նախարարները հաւաքուեցան, որպէս զի իրենց աստուծոյն՝ Դագոնին՝ մեծ զոհ մատուցանեն եւ ուրախութիւն ընեն ու ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամի Սամփսոնը»։ 24 Ու ժողովուրդը զանիկա տեսնելով՝ իրենց աստուածը գովեցին. քանզի ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամին, մեր երկիրը աւրողը եւ մեզմէ շատեր մեռցնողը»։ 25 Երբ անոնց սիրտը ուրախ էր, ըսին. «Սամփսոնը կանչեցէք, որ մեր առջեւ խաղայ»։ Ուստի Սամփսոնը բանտէն կանչեցին ու անոնց առջեւ խաղաց եւ զանիկա սիւներուն մէջտեղ կայնեցուցին։ 26 Սամփսոն իր ձեռքէն բռնող պատանիին ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, որ այս տունը վերցնող սիւները բռնեմ ու անոնց վրայ կռթնիմ»։ 27 Տունը այր եւ կիներով լեցուն էր ու Փղշտացիներու բոլոր նախարարները հոն էին եւ տանիքին վրայ երեք հազարի չափ մարդիկ ու կիներ կային, որոնք Սամփսոնին խաղալը կը դիտէին։ 28 Սամփսոն Տէրոջը աղաղակելով ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, զիս յիշէ՛. ո՛վ Աստուած, միայն այս անգամ ալ զիս զօրացուր, որպէս զի Փղշտացիներէն իմ երկու աչքերուս վրէժը մէկէն առնեմ»։ 29 Ու Սամփսոն այն տունը վերցնող երկու միջին սիւները մէկը աջ ձեռքովը ու միւսը ձախ ձեռքովը բռնելով, անոնց վրայ կռթնեցաւ 30 Եւ Սամփսոն ըսաւ. «Իմ անձս Փղշտացիներուն հետ թող մեռնի» ու բոլոր ուժովը ծռեցաւ եւ տունը՝ նախարարներուն ու իր մէջը եղող բոլոր ժողովուրդին վրայ ինկաւ։ Իր մեռած ատենը մեռցուցածները իր կենդանութեան ատենը մեռցուցածներէն աւելի էին։ 31 Այն ատեն եղբայրները եւ բոլոր հօրը տունը իջան ու զանիկա վերցուցին եւ հանեցին իր հօրը Մանուէին գերեզմանը թաղեցին՝ Սարաայի ու Եսթաւուղի մէջտեղ։ Անիկա Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւորութիւն ըրաւ։
17 1 Եփրեմին լեռնէն Միքա անունով մարդ մը կար։ 2 Անիկա իր մօրը ըսաւ. «Քեզմէ առնուած այն հազար հարիւր կտոր արծաթը, որուն համար անէծք տուիր, ահա այն արծաթը իմ քովս է, զանիկա ես առի»։ Մայրը անոր ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզ օրհնէ»։ 3 Եւ անիկա հազար հարիւր կտոր արծաթը իր մօրը դարձուց. բայց անոր մայրը ըսաւ. «Ես այն արծաթը իմ ձեռքէս բոլորովին Տէրոջը նուիրեցի իմ տղուս համար, անով քանդակուած ու թափծու կուռք շինելու համար. ուստի հիմա զանիկա քեզի կու տամ»։ 4 Իսկ Միքա այն արծաթը իր մօրը դարձուց։ Մայրը երկու հարիւր կտոր արծաթ առաւ ու զանոնք ոսկերիչին տուաւ, ան ալ անոնցմով քանդակուած ու թափծու կուռք շինեց եւ անոնք Միքայի տունը դրուեցան։ 5 Ու Միքան աստուածներու տուն մը ունեցաւ ու եփուտ եւ թերափիմ շինեց ու իր տղաքներէն մէկը ընտրեց, որ իրեն քահանայ ըլլայ։ 6 Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար։ Ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր։
7 Յուդային ազգատոհմէն ու Յուդային Բեթլեհէմէն պատանի մը կար։ Անիկա Ղեւտացի էր ու հոն կը բնակէր պանդուխտի պէս։ 8 Այս մարդը Յուդային Բեթլեհէմէն ելաւ, որպէս զի ապրուստ գտած տեղը պանդխտութիւն ընէ ու ճամբորդութիւն ընելով մինչեւ Եփրեմի լեռը ու մինչեւ Միքայի տունը գնաց։ 9 Միքա անոր ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու անիկա անոր ըսաւ. «Ես Ղեւտացի եմ ու Յուդային Բեթլեհէմէն կու գամ, եւ ապրուստ գտած տեղս պանդխտանալու կ’երթամ»։ 10 Միքա անոր ըսաւ. «Իմ քովս բնակէ եւ ինծի հայր ու քահանայ եղիր եւ ես քեզի տարուէ տարի տասը կտոր արծաթ, ձեռք մը փոխելու հանդերձ ու քու ուտելիքդ տամ»։ 11 Ղեւտացին հոն մնաց։ Ղեւտացին այն մարդուն հետ բնակելու հաւանութիւն տուաւ եւ այս պատանին անոր որդիներէն մէկուն պէս եղաւ անոր։ 12 Ու Միքա Ղեւտացին օրհնեց եւ պատանին անոր քահանայ եղաւ ու Միքայի տունը կը բնակէր։ 13 Եւ Միքա ըսաւ. «Հիմա աղէկ գիտեմ որ Տէրը ինծի բարիք պիտի ընէ, քանզի այս Ղեւտացին իմ քահանաս եղաւ»։
ՄԻՔԱՆ ԵՒ ԴԱՆԻՆ ՑԵՂԸ
18 1 Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար ու Դանին ցեղը իրեն ժառանգութիւն մը կը փնտռէր բնակելու համար, քանզի մինչեւ այն օրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ անոր բաւական ժառանգութիւն ինկած չէր։ 2 Դանի որդիները իրենց ազգատոհմերէն ու իրենց սահմաններէն, Սարաայէն ու Եսթաւուղէն, հինգ զօրաւոր մարդ ղրկեցին, որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու քննեն եւ անոնց ըսին. «Գացէք երկիրը քննեցէք»։ Անոնք Եփրեմին լեռը մինչեւ Միքային տունը գացին եւ գիշերը հոն մնացին։ 3 Երբ անոնք Միքային տանը քովն էին, Ղեւտացի պատանիին ձայնը ճանչցան եւ հոն դարձան ու ըսին. «Ո՞վ քեզ հոս բերաւ եւ դուն հոս ի՞նչ կ’ընես ու ինչո՞ւ համար հոս կեցեր ես»։ 4 Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Միքան ինծի այսպէս այսպէս ըրաւ ու զիս վարձքով բռնեց, որպէս զի իրեն քահանայ ըլլամ»։ 5 Անոր ըսին. «Հիմա Աստուծոյ հարցուր, որպէս զի գիտնանք թէ արդեօք մեր գացած ճամբուն մէջ պիտի յաջողի՞նք»։ 6 Ու քահանան անոնց ըսաւ. «Խաղաղութեամբ գացէք. ձեր երթալու ճամբան Տէրոջը առջեւ հաճելի է»։
7 Այն ատեն այն հինգ մարդիկը գացին Լայիս մտան եւ անոր մէջ բնակող ժողովուրդը տեսան, որոնք Սիդոնացիներուն պէս անհոգութեամբ հանգիստ ու ապահով կը բնակէին եւ այն երկրին մէջ վնաս տուող մը չկար, որ իշխէր անոնց վրայ ու Սիդոնացիներէն հեռու ըլլալով՝ բնաւ մարդու մը հետ գործ չունէին։ 8 Եւ այն հինգ մարդիկը Սարաա եւ Եսթաւուղ դարձան իրենց եղբայրներուն, որոնք իրենց հարցուցին. «Դուք ի՞նչ ըրիք»։ 9 Անոնք ըսին. «Ելէ՛ք, անոնց վրայ երթանք, քանզի մենք երկիրը տեսանք, ահա շատ աղէկ է. բայց դուք թոյլ մի՛ կենաք։ Երթալու ու երկիրը ժառանգելու եւ հոն մտնելու անհոգութիւն մի՛ ընէք։ 10 Երբ հոն երթաք, անհոգ ժողովուրդ մը ու շատ ընդարձակ երկիր մը պիտի գտնէք, որը Աստուած ձեր ձեռքը տուեր է ու այնպիսի տեղ մըն է, ուր երկրի վրայ եղող բաներէն մէ՛կը պակաս չէ»։
11 Դանին ազգատոհմէն, անկէ՝ այսինքն Սարաայէն ու Եսթաւուղէն, վեց հարիւր սպառազինեալ մարդիկ գացին։ 12 Ելան Յուդայի Կարիաթարիմը բանակեցան։ Անոր համար այն տեղը մինչեւ այսօր Մահանէ–Դան կը կոչուի։ Ահա անիկա Կարիաթարիմի ետեւն է։ 13 Անկէ Եփրեմին լեռը անցան ու մինչեւ Միքային տունը գացին։ 14 Լայիսի երկիրը լրտեսելու գացող այն հինգ մարդիկը իրենց եղբայրներուն ըսին. «Գիտէ՞ք թէ այս տուներուն մէջ եփուտ, թերափիմ եւ քանդակուած ու թափծու կուռք կայ. ուստի ձեր ընելու բանը գիտցէք»։ 15 Այն ատեն անոնք դէպի հոն դառնալով այն Ղեւտացի պատանիին՝ Միքային տունը մտան ու անոր ողջութիւնը հարցուցին։ 16 Եւ Դանին որդիներէն վեց հարիւր սպառազինեալ մարդիկ դրանը բերանը կեցան։ 17 Երկիրը լրտեսելու գացող հինգ մարդիկը հոն մտան եւ քանդակուած կուռքը, եփուտը, թերափիմն ու թափծու կուռքը առին եւ քահանան այն վեց հարիւր սպառազինեալ մարդոց հետ դրանը բերանը կեցեր էր։ 18 Ու երբ անոնք Միքային տունը մտան եւ քանդակուած կուռքը, եփուտը, թերափիմն ու թափծու կուռքը առին, քահանան անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ կ’ընէք» 19 Անոնք ըսին անոր. «Լո՛ւռ կեցիր, ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր ու մեզի հետ եկո՛ւր եւ մեզի հայր ու քահանայ եղիր։ Մէկ մարդու տա՞նը քահանայ ըլլալ աղէկ է, թէ Իսրայէլի մէկ ցեղին ու մէկ ազգատոհմին քահանայ ըլլալը»։ 20 Քահանան սրտին մէջէն ուրախանալով՝ եփուտը, թերափիմը եւ քանդակուած կուռքը առաւ ու ժողովուրդին մէջ մտաւ։ 21 Եւ անոնք դարձան գացին ու ընտանիքները եւ անասուններն ու թանկագին կարասիները իրենց առջեւ դրին։
22 Երբ անոնք Միքային տունէն հեռացան, Միքային տանը մօտ եղող տուներուն մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանին որդիներուն ետեւէն հասան։ 23 Դանին որդիներուն ետեւէն կանչվռտեցին, անոնք ալ երեսնին դարձուցին ու Միքային ըսին. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, որ այսպէս բազմութիւնով կու գաս»։ 24 Անիկա ըսաւ. «Իմ շինած աստուածներս ու քահանան առած կ’երթաք, ալ ինծի ի՞նչ կը մնայ։ Ինծի ինչո՞ւ համար կ’ըսէք թէ ‘Քեզի ի՞նչ եղաւ’»։ 25 Դանին որդիները անոր ըսին. «Մեր մէջ քու ձայնդ չլսուի. չըլլայ որ բարկացոտ մարդիկ քու վրադ յարձակին ու քու կեանքդ եւ քու ընտանիքիդ կեանքը կորսնցնեն»։ 26 Դանին որդիները իրենց ճամբան գացին։ Միքա տեսնելով որ անոնք իրմէ զօրաւոր են, դարձաւ իր տունը։
27 Անոնք Միքային շինածները եւ անոր քահանան առին ու Լայիսի վրայ, հանգիստ եւ անհոգ կեցող ժողովուրդի մը վրայ գացին ու զանոնք սուրի բերնէ անցընելով քաղաքը կրակով այրեցին։ 28 Անոնք Սիդոնէն հեռու ըլլալնուն ու մարդու մը հետ գործ չունենալնուն համար, զանոնք ազատող մը չկար։ Այն քաղաքը Բեթրոոբի հովիտին մէջ էր։ Քաղաքը շինեցին եւ անոր մէջ բնակեցան։ 29 Քաղաքին անունը իրենց հօրը Իսրայելեան Դանին անունովը Դան կոչեցին, բայց քաղաքին անունը նախապէս Լայիս էր։ 30 Դանին որդիները քանդակուած կուռքը կանգնեցուցին իրենց համար։ Ու Մանասէի որդիին Գերսոնին որդին Յովնաթան, ինք ու իր որդիները, մինչեւ երկրին գերութեան օրը՝ Դանի ցեղին քահանաներն էին։ 31 Ուստի անոնք Միքային քանդակուած կուռքը իրենց պահեցին, որչափ ժամանակ որ Աստուծոյ տունը Սելովի մէջ էր։
ՂԵՒՏԱՑԻՆ ԵՒ ԻՐ ՀԱՐՃԸ
19 1 Այն օրերը երբ Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար, Եփրեմի լերանը կողմերը բնակող պանդուխտ Ղեւտացի մը կար, որ Յուդայի Բեթլեհէմէն հարճ մը առաւ իրեն։ 2 Անոր հարճը անոր դէմ շնութիւն ընելով՝ անկէ իր հօրը տունը, Յուդայի Բեթլեհէմը գնաց ու չորս ամիսի չափ հոն կեցաւ։ 3 Այրը անոր ետեւէն գնաց, որպէս զի քաղցրութեամբ խօսի անոր հետ ու զանիկա ետ բերէ։ Իրեն հետ առեր էր իր ծառան ու երկու էշ։ Կինը զանիկա իր հօրը տունը տարաւ եւ աղջկան հայրը երբ զանիկա տեսաւ, ուրախութեամբ զանիկա դիմաւորեց։ 4 Աղջկան հայրը՝ անոր աները՝ զանիկա ներս առաւ եւ երեք օր անոր հետ նստաւ. կերան, խմեցին ու գիշերները հոն մնացին։
5 Չորրորդ օրը, երբ առաւօտուն կանուխ ելան, Ղեւտացին ոտքի ելաւ որպէս զի երթայ. բայց աղջկան հայրը իր փեսային ըսաւ. «Կտոր մը հաց կեր, որպէս զի սիրտդ ուժովնայ ու ետքը գացէք»։ 6 Նստան ու երկուքը մէկտեղ կերան եւ խմեցին ու աղջկան հայրը այն մարդուն ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, այս գիշեր ալ հոս կեցիր, որ սիրտդ զուարճանայ»։ 7 Այն մարդը ելաւ որ երթայ, բայց քանի որ աները բռնադատեց, այդ գիշեր ալ հոն մնաց։ 8 Հինգերորդ օրը առաւօտուն կանուխ ելաւ որ երթայ։ Աղջկան հայրը ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, սիրտդ ուժովցուր» եւ ուշացուց մինչեւ կէսօրուան անցնիլը ու երկուքը մէկտեղ կերան։ 9 Այն մարդը ելաւ՝ ինք, իր հարճն ու իր ծառան՝ ճամբայ երթալու համար. բայց անոր աները՝ աղջկան հայրը՝ ըսաւ անոր. «Ահա օրը իրիկուն ըլլալու վրայ է. կ’աղաչեմ, գիշերը հոս մնացէք։ Ահա օրը կ’իջնէ, գիշերը հոս կեցիր ու սիրտդ զուարճանայ եւ վաղը կանուխ ճամբայ ելէք ու ձեր վրանը գացէք»։ 10 Սակայն Ղեւտացին գիշերը մնալ չուզեց ու ելաւ գնաց ու մինչեւ Յեբուսի, այսինքն Երուսաղէմի մօտը եկաւ։ Իրեն հետ երկու համետած էշ ունէր ու իր հարճն ալ իրեն հետ էր։
11 Երբ Յեբուսի մօտեցան, օրը շատ անցած ըլլալուն համար, ծառան իր տիրոջը ըսաւ. «Եկուր այս Յեբուսացիներու քաղաքը երթանք ու գիշերը հոն մնանք»։ 12 Բայց տէրը անոր ըսաւ. «Իսրայէլի որդիներէն չեղող օտարազգիներուն քաղաքը չերթանք, հապա մինչեւ Գաբաա անցնինք»։ 13 Եւ իր ծառային ըսաւ. «Եկո՛ւր, այն տեղերէն մէկուն մօտենանք ու գիշերը Գաբաայի կամ Ռամայի մէջ մնանք»։ 14 Ուստի անցան գացին ու երբ Բենիամինի Գաբաային մօտեցան՝ արեւը մարը մտաւ։ 15 Հոն դարձան, որպէս զի Գաբաա մտնեն ու գիշերը հոն մնան։ Գացին քաղաքին հրապարակին մէջ նստան ու մարդ մը չկար, որ զանոնք իր տունը տանէր՝ գիշերը անցընելու համար։
16 Իրիկունը արտէն ծեր մարդ մը կու գար՝ իր գործէն դառնալով ու անիկա Եփրեմի լեռնէն էր եւ Գաբաայի մէջ պանդխտացեր էր, իսկ այն տեղին բնակիչները Բենիամինեաններ էին։ 17 Երբ անիկա աչքերը վերցուց եւ ճամբորդները քաղաքին հրապարակին վրայ տեսաւ, ծեր մարդը ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաք եւ ո՞ւր կ’երթաք»։ 18 Ու Ղեւտացին ըսաւ. «Մենք Յուդայի Բեթլեհէմէն մինչեւ Եփրեմի լերան կողմերը կ’անցնինք։ Ես այն տեղացի եմ ու մինչեւ Յուդայի Բեթլեհէմը գացի եւ հիմա Տէրոջը տունը կ’երթամ, բայց հոս զիս իր տունը ընդունող մարդ մը չկայ։ 19 Մեր էշերուն համար յարդ ու ճարակ կայ եւ ինծի համար, քու աղախինիդ ու քու ծառաներուդ հետ եղող մանչուն համար հաց ու գինի ունիմ, բնաւ բան մը պակաս չէ»։ 20 Այն ծեր մարդը ըսաւ. «Խաղաղութիւն քեզի. քու ամէն պակասութեանդ հոգը իմ վրայ ըլլայ. ուրեմն գիշերը հրապարակին մէջ մի՛ մնար»։ 21 Ու զանիկա իր տունը տարաւ, էշերուն կեր տուաւ։ Անոնք ոտքերնին լուալէն ետքը կերան եւ խմեցին։
22 Երբ անոնց սիրտը կը զուարճանար, ահա քաղաքին բնակիչներէն չար մարդիկ տանը չորս կողմը պաշարեցին ու դուռը ձեռք առին եւ տանը տիրոջը, այն ծեր մարդուն հետ խօսեցան ու ըսին. «Տունդ եկող մարդը հանէ՛, որպէս զի զանիկա գիտնանք»։ 23 Այն տանտէրը անոնց ըսաւ. «Ո՛չ, եղբայրներս. կ’աղաչեմ, գէշութիւն մի՛ ընէք. այս մարդուն իմ տունս մտնելէն ետքը այս անզգամութիւնը մի՛ ընէք։ 24 Ահա իմ կոյս աղջիկս ու այն մարդուն հարճը հիմա ձեզի հանեմ եւ զանոնք լլկեցէք ու ձեր ուզածը ըրէք անոնց, բայց այս մարդուն այս անզգամութեան գործը մի՛ ընէք»։ 25 Բայց այն մարդիկը չուզեցին անոր խօսքին մտիկ ընել։ Այն մարդը իր հարճը բռնեց դուրս հանեց եւ անոնք զանիկա գիտցան ու բոլոր գիշերը զանիկա լլկեցին մինչեւ առաւօտ։ Երբ արշալոյսը ծագեցաւ, զանիկա թող տուին որ երթայ։ 26 Այն կինը առտուան դէմ գնաց ու ինկաւ այն մարդուն տանը դրանը առջեւ, ուր իր տէրը կը կենար ու մինչեւ որ լուսցաւ հոն մնաց։ 27 Անոր տէրը առաւօտուն ելաւ, տանը դռները բացաւ, որպէս զի ելլէ իր ճամբան երթայ եւ ահա իր հարճը, տանը դրանը առջեւ ինկեր էր եւ ձեռքերը սեմին վրայ էին 28 Ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, երթանք»։ Բայց պատասխան տուող չկար։ Այն ատեն զանիկա իր իշուն վրայ դրաւ ու իր տեղը գնաց։ 29 Երբ իր տունը հասաւ, դանակ մը առաւ ու իր հարճը բռնեց եւ զանիկա ոսկորներովը տասներկու կտորի բաժնեց ու Իսրայէլի բոլոր սահմանները ղրկեց։ 30 Եւ ամէն տեսնողները կ’ըսէին թէ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօր այսպիսի բան մը ո՛չ եղեր է, ո՛չ ալ տեսնուեր է։ Ասոր վրայ մտածեցէ՛ք, խորհուրդ ըրէ՛ք ու խօսեցէ՛ք։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
20 1 Այն ատեն բոլոր Իսրայէլի որդիները ելան ու ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ եւ Գաղաադի երկիրը, Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ հաւաքուեցան։ 2 Բոլոր ժողովուրդին, Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն, գլխաւոր մարդիկը չորս հարիւր հազար սուր քաշող հետեւակ զօրք ըլլալով, Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովին ներկայացան։ 3 Բենիամինին որդիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփա ելեր են։ Իսրայէլի որդիները ըսին. «Մեզի պատմեցէ՛ք թէ այս չարութիւնը ի՛նչպէս եղաւ»։ 4 Այն Ղեւտացի մարդը, մեռցուած կնոջ այրը, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես ու իմ հարճս Բենիամինի Գաբաան եկանք, որպէս զի գիշերը հոն մնանք։ 5 Գաբաայի բնակիչները ինծի դէմ ոտքի ելան ու գիշերով իմ եղած տունս պաշարեցին եւ զիս մեռցնել կ’ուզէին ու իմ հարճս լլկեցին եւ մեռաւ։ 6 Ես ալ իմ հարճս առի ու զանիկա կտոր կտոր ըրի եւ Իսրայէլի ժառանգութեանը բոլոր երկիրը ղրկեցի, քանզի անոնք Իսրայէլի մէջ մեծ յանցանք ու անզգամութիւն ըրին։ 7 Ահա դուք ամէնքդ ալ Իսրայէլի որդիներ էք, հոս ձեր մէջ խօսեցէ՛ք ու խորհուրդ ըրէ՛ք»։ 8 Բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի ելաւ ու ըսաւ. «Մեզմէ բնաւ մէկը իր վրանը պիտի չերթայ ու բնաւ մէկը իր տունը պիտի չդառնայ։ 9 Ահա թէ Գաբաայի ինչ պիտի ընենք։ Անոր վրայ վիճակով երթանք 10 Ու Իսրայէլի ամէն ցեղէ հարիւրէն՝ տասը, հազարէն՝ հարիւր ու տասը հազարէն հազար մարդ առնենք, որպէս զի ժողովուրդին պաշար տանին։ Անոնք ալ Բենիամինի Գաբաան մտնելով, անոր բնակիչներուն Իսրայէլի մէջ ըրած բոլոր անզգամութեանը փոխարէնը հատուցանեն»։ 11 Այն քաղաքին վրայ երթալու համար՝ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը մէկ մարդու պէս միաբանութեամբ հաւաքուեցան։
12 Իսրայէլի ցեղերը Բենիամինին ցեղին մարդիկ ղրկեցին ու ըսին. «Այս ի՞նչ չարութիւն է ձեր մէջ եղաւ։ 13 Հիմա Գաբաայի մէջ եղող այն չար մարդիկը տուէք, որպէս զի զանոնք մեռցնենք ու չարութիւնը Իսրայէլէն վերցնենք»։ Բայց Բենիամինեանները իրենց եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն, խօսքին մտիկ ընել չուզեցին։ 14 Բենիամինին որդիները Իսրայէլի որդիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար, իրենց քաղաքներէն Գաբաայի մէջ հաւաքուեցան։ 15 Այն օրը իրենց քաղաքներէն եկող Բենիամինին որդիները համրուեցան ու քսանըվեց հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ, բացի Գաբաայի բնակիչներէն, որոնք եօթը հարիւր ընտիր մարդիկ էին։ 16 Այս բոլոր ժողովուրդին մէջ եօթը հարիւր ընտրուած ահեկագործ մարդիկ կային, որոնց ամէնքն ալ պարսատիկով մազի վրայ քար կը նետէին առանց վրիպելու։ 17 Իսրայէլի մարդիկն ալ համրուեցան ու Բենիամինէն զատ չորս հարիւր հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ, որոնց բոլորն ալ պատերազմող մարդիկ էին։
ԲԵՆԻԱՄԻՆԻՆ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄ
18 Գացին Բեթէլ։ Իսրայէլի որդիները Աստուծոյ հարցուցին ու ըսին. «Բենիամինին հետ պատերազմելու համար ո՞վ մեզի առաջնորդ ըլլայ»։ Տէրը ըսաւ. «Յուդան առաջնորդ թող ըլլայ»։ 19 Իսրայէլի որդիները առաւօտուն ելան եւ Գաբաայի դիմաց բանակեցան։ 20 Իսրայելացիները Բենիամինին հետ պատերազմ ընելու ելան եւ Գաբաայի քով անոնց դէմ շարուեցան պատերազմի համար։ 21 Բենիամինին որդիները Գաբաայէն ելան եւ այն օրը Իսրայէլէն քսանըերկու հազար մարդ գետինը փռեցին։ 22 Ժողովուրդը, այսինքն Իսրայելացիները, ուժովցան եւ նորէն գացին պատերազմելու համար շարուեցան նոյն տեղը, ուր առջի օր շարուեր էին։ 23 (Ու Իսրայէլի որդիները ելան եւ Տէրոջը առջեւ մինչեւ իրիկուն լացին ու Տէրոջը հարցնելով՝ ըսին. «Մեր եղբօրը Բենիամինին հետ պատերազմելու համար նորէն ելլե՞նք»։ Տէրը ըսաւ. «Անոր դէմ ելէք»։) 24 Երկրորդ օրը Իսրայէլի որդիները Բենիամինին որդիներուն մօտեցան։ 25 Երկրորդ օրը Բենիամինեանները Գաբաայէն անոնց դէմ ելան պատերազմելու համար եւ Իսրայէլի որդիներէն նորէն տասնըութը հազար մարդ գետինը փռեցին։ Ամէնքն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։
26 Այն ատեն բոլոր Իսրայէլի որդիները, այսինքն բոլոր ժողովուրդը, ելան Բեթէլ գացին ու հոն Տէրոջը առջեւ նստան լացին եւ այն օրը մինչեւ իրիկուն ծոմ պահեցին ու Տէրոջը առջեւ ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։ 27 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հարցուցին. (ու այն օրերը Աստուծոյ ուխտին տապանակը հոն էր 28 Եւ այն օրերը անոր առջեւ Ահարոնեան Եղիազարին որդին Փենէհէս կը կենար.) ու ըսին. «Մեր եղբօրը Բենիամինին որդիներուն հետ պատերազմելու համար նորէն անգամ մըն ալ ելլե՞նք, թէ ետ քաշուինք»։ Տէրը ըսաւ. «Ելէ՛ք, քանզի վաղը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի մատնեմ»։
29 Իսրայելացիները Գաբաայի շուրջը դարանակալներ դրին։ 30 Եւ Իսրայէլի որդիները երրորդ օրը Բենիամինին որդիներուն վրայ գացին ու նախորդին պէս Գաբաայի դիմացը շարուեցան։ 31 Այն ատեն Բենիամինին որդիները ժողովուրդին դէմը ելան եւ քաղաքէն զատուեցան ու նախորդին պէս սկսան ժողովուրդը զարնել ու երեսունի չափ Իսրայելացի մեռցուցին այն ճամբաներուն մէջ, որոնցմէ մէկը Բեթէլ կ’ելլէր ու միւսը՝ դաշտի Գաբաան։ 32 Բենիամինին որդիները ըսին. «Ահա անոնք մեր առջեւ առաջին անգամներուն պէս կը կոտորուին»։ Իսրայէլի որդիները ըսին. «Փախչինք ու զանոնք քաղաքէն դուրս ճամբաները հանենք»։ 33 Իսրայէլի բոլոր մարդիկը իրենց տեղէն ելան ու Բաալթամարի առջեւ շարուեցան։ Իսրայէլի դարանակալները յանկարծ իրենց տեղէն, Գաբաայի դաշտէն, դուրս ելան։ 34 Ու Գաբաայի առջեւ բոլոր Իսրայէլէն տասը հազար ընտրուած մարդ եկան եւ պատերազմը սաստկացաւ ու անոնք չէին գիտեր թէ իրենց վրայ չարիք հասեր է։ 35 Եւ Տէրը Իսրայէլի առջեւ Բենիամինը զարկաւ ու այն օրը Իսրայէլի որդիները Բենիամինէն քսանըհինգ հազար հարիւր մարդ կոտորեցին։ Անոնց ամէնքն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։
ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՔ Ի՞ՆՉՊԷՍ ՅԱՂԹԵՑԻՆ
36 Բենիամինին որդիները իրենց յաղթուիլը տեսան։ Քանզի Իսրայելացիները Գաբաայի շուրջը դրած դարանակալներուն ապաւինելով՝ Բենիամինեաններուն տեղի տուին։ 37 Եւ դարանակալները շուտով Գաբաայի վրայ յարձակեցան ու դարանակալները չորս կողմը տարածուեցան եւ բոլոր քաղաքը սուրի բերնէ անցուցին։ 38 Իսրայելացիները դարանակալներուն հետ ժամանակ մը որոշեր էին, որպէս զի քաղաքէն մեծ կրակով ծուխ հանեն։ 39 Այն ատեն Իսրայէլի մարդիկը պատերազմին մէջ փախուստ կեղծեցին ու Բենիամինեանները սկսան Իսրայելացիները զարնել ու երեսուն մարդու չափ մեռցուցին. քանզի ըսին թէ՝ ‘Անտարակոյս անոնք մեր առջեւ առաջին պատերազմին պէս պիտի կոտորուին’։ 40 Բայց երբ քաղաքէն կրակին ծուխը սիւնի պէս բարձրանալ սկսաւ, Բենիամինեանները ետեւնին դառնալով՝ տեսան թէ քաղաքին հրդեհը երկինք կ’ելլէր։ 41 Երբ Իսրայելացիները նորէն ետ դարձան, Բենիամինեանները ապշեցան մնացին, քանզի տեսան թէ չարիքը իրենց վրայ հասեր էր։ 42 Ուստի անոնք Իսրայելացիներու առջեւէն դէպի անապատին ճամբան դարձան. բայց պատերազմը անոնց հասաւ ու քաղաքներէն ելլողները զանոնք մեռցուցին։ 43 Ու այսպէս Բենիամինեանները պաշարեցին, զանոնք հալածեցին ու զանոնք դիւրութեամբ մինչեւ Գաբաայի դիմաց արեւելեան կողմը զարկին։ 44 Բենիամինէն տասնըութը հազար մարդ ինկաւ։ Ամէնքն ալ զօրաւոր մարդիկ էին։ 45 Մնացածները դարձան դէպի անապատը եւ Ռեմօնի վէմը փախան։ Անոնցմէ ճամբաներուն մէջ հինգ հազար մարդ ճռաքաղ եղան եւ զանոնք մինչեւ Գեդոմ հալածելով՝ անոնցմէ երկու հազար մարդ ալ զարկին։ 46 Բենիամինէն այն օրը բոլոր ինկածները քսանըհինգ հազար սուր քաշող մարդ էին։ Անոնց ամէնքն ալ զօրաւոր մարդիկ էին։ 47 Վեց հարիւր մարդ դարձան ու անապատը, Ռեմօնի վէմը, փախան ու հոն չորս ամիս կեցան։ 48 Իսրայելացիները Բենիամինին որդիներուն դառնալով՝ զանոնք սուրի բերնէ անցուցին, քաղաքներուն մէջի մարդոցմէ մինչեւ անասունները ու ինչ որ գտնուեցաւ։ Բոլոր գտնուած քաղաքներն ալ կրակով այրեցին։
ԿԻՆԵՐ ԲԵՆԻԱՄԻՆԻՆ ՑԵՂԻՆ ՀԱՄԱՐ
21 1 Իսրայէլի մարդիկը Մասփայի մէջ երդում ըրեր էին ու ըսեր էին թէ՝ ‘Մեզմէ բնաւ մարդ մը իր աղջիկը Բենիամինին կին ըլլալու պիտի չտայ’։ 2 Ժողովուրդը Բեթէլ երթալով՝ հոն Աստուծոյ առջեւ մինչեւ իրիկուն նստան ու ձայներնին վերցնելով՝ մեծ լացով մը լացին 3 Եւ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի Տէր Աստուած, ինչո՞ւ համար այս բանը Իսրայէլի մէջ պատահեցաւ, որ այսօր Իսրայէլէն ցեղ մը կը պակսի»։ 4 Հետեւեալ օրը ժողովուրդը կանուխ ելաւ եւ հոն սեղան մը շինեցին ու ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։
5 Իսրայէլի որդիները ըսին. «Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ժողովուրդին հետ Տէրոջը առջեւ չելլողը ո՞վ կայ»։ Քանզի Տէրոջը առջեւ Մասփա չելլող մարդուն համար մեծ երդում ըրեր էին՝ ըսելով թէ՝ ‘Անիկա անպատճառ պիտի մեռնի’։ 6 Այն ատեն Իսրայէլի որդիները իրենց եղբօրը Բենիամինին համար ցաւելով ըսին. «Այսօր Իսրայէլէն ցեղ մը բնաջինջ եղաւ։ 7 Այս մնացածներուն ի՞նչ ընենք, որ անոնց կիներ առնենք. քանզի մենք Տէրոջը անունովը երդում ըրինք, որ մեր աղջիկներէն անոնց կին չտանք»։ 8 Ու ըսին. «Իսրայէլի ցեղերէն ո՞րը Տէրոջը առջեւ Մասփա չելաւ»։ Ահա Գաղաադի Յաբիսէն բնաւ մարդ մը եկած չէր բանակը ու ժողովի։ 9 Ժողովուրդը աչքէ անցուցին եւ ահա անոնց մէջ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներէն մարդ մը չգտնուեցաւ։ 10 Այն ատեն ժողովը խիստ զօրաւորներէն տասներկու հազար մարդ ղրկեցին ու անոնց պատուիրելով՝ ըսին. «Գացէ՛ք եւ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները սուրի բերնէ անցուցէ՛ք, կիներն ալ ու տղաքներն ալ»։ 11 Եւ ահա ձեր ընելիքը. «Ամէն այր մարդ ու այր մարդու անկողին գիտցող ամէն կին կորսնցուցէ՛ք»։ 12 Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներուն մէջ չորս հարիւր կոյս աղջիկներ գտան, որոնք արուի հետ պառկած չէին ու այր մարդ չէին գիտեր։ Զանոնք Քանանի երկրին մէջ Սելովի բանակը տարին։ 13 Ու բոլոր ժողովը մարդ ղրկելով, Ռեմօնի վէմը եղող Բենիամինի որդիներուն խօսեցան եւ զանոնք խաղաղութեան հրաւիրեցին։ 14 Այն ատեն Բենիամինեանները դարձան եւ անոնց այն կիները տուին, որոնք Գաղաադի Յաբիսի կիներէն ողջ թողուցեր էին, բայց անոնց բաւական չեղան։ 15 Ժողովուրդը Բենիամինին համար ցաւեցաւ. քանզի Տէրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ խրամատ մը բացաւ։
16 Ժողովին ծերերը ըսին. «Մնացածներուն ի՞նչպէս կին ճարենք. որովհետեւ Բենիամինի ցեղէն կիները կոտորուեցան»։ 17 Եւ ըսին. «Ողջ մնացող Բենիամինեաններուն ժառանգութիւն թող մնայ, որպէս զի Իսրայէլէն ցեղ մը բնաջինջ չըլլայ։ 18 Ու մենք անոնց մեր աղջիկներէն կին չենք կրնար տալ, քանզի Իսրայէլի որդիները երդում ընելով ըսին թէ՝ ‘Բենիամինին կին տուողը անիծեալ ըլլայ’։ 19 Եւ ըսին. «Ահա տարուէ տարի Տէրոջը տօնախմբութիւն կ’ըլլայ Սելովի մէջ, այն տեղը՝ որ Բեթէլի հիւսիսային կողմը ու Բեթէլէ Սիւքէմ ելլող ճամբուն արեւելեան կողմը, Ղեբօնայի հարաւային կողմը կ’իյնայ։ 20 Բենիամինին որդիներուն պատուիրելով՝ ըսին. «Գացէ՛ք, այգիներուն մէջ պահուեցէ՛ք 21 Ու երբ տեսնէք թէ Սելովի աղջիկները պար բռնելով խաղալու ելեր են, այն ատեն այգիներէն ելէ՛ք եւ ամէն մէկդ Սելովի աղջիկներէն ձեզի մէկ–մէկ կին յափշտակեցէ՛ք ու Բենիամինին երկիրը դարձէք։ 22 Եթէ անոնց հայրերը կամ եղբայրները մեզի գալով՝ գանգատ ընեն, անոնց կ’ըսենք թէ ‘Մեր սիրոյն համար շնորհք ըրէք անոնց. քանզի մենք պատերազմին մէջ անոնց ամենուն մէկ–մէկ կին չպահեցինք’ ու հիմա դուք չտուիք անոնց որ յանցաւոր ըլլաք»։ 23 Բենիամինին որդիները այնպէս ըրին ու իրենց թիւին չափ պար բռնողներէն կիներ յափշտակելով՝ առին ու գացին իրենց ժառանգութիւնը դարձան ու քաղաքներ շինեցին եւ անոնց մէջ բնակեցան։ 24 Այն ատեն Իսրայէլի որդիները՝ ամէն մարդ՝ իր ցեղին ու իր ազգատոհմին գնաց։ Ամէն մարդ անկէ իր ժառանգութիւնը գնաց։ 25 Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր։