ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԵՓԵՍԱՑԻՍ

ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԵՓԵՍԱՑԻՍ

1 1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը Աստուծոյ կամքովը՝ Եփեսոսի մէջ եղած սուրբերուն եւ Յիսուս Քրիստոսին հաւատացողներուն. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի՝ Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՀՈԳԵՒՈՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Օրհնեալ է Աստուած եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը, որ մեզ օրհնեց ամէն հոգեւոր օրհնութիւններով՝ երկնաւորներուն մէջ՝ Քրիստոսով. Ինչպէս մեզ անով աշխարհի սկիզբէն առաջ ընտրեց, որպէս զի մենք սիրով սուրբ ու անարատ ըլլանք իր առջեւ։ Առաջուընէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով մեզ իրեն որդեգիր ըլլալու սահմանեց իր կամքին հաճութեանը պէս, Իր փառաւոր շնորհքին գովութեանը համար, որով մեզ զարդարեց Սիրելիին ձեռքով. Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը, Որ մեր վրայ աւելցուց իմաստութեամբ ու գիտութեամբ, Մեզի յայտնելով իր կամքին խորհուրդը՝ իր հաճութեանը պէս, որ իր մէջ նախասահմաներ էր. 10 Որպէս զի ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութեանը մէջ ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ։ 11 Անով՝ մենք ալ ժառանգութիւն առինք, որ որոշուած էր անոր նախասահմանութիւնովը, որ ամէն բան իր կամքին խորհուրդովը կը գործադրուի։ 12 Որպէս զի մենք անոր փառքին գովութիւն ըլլանք՝ առաջուընէ Քրիստոսին յուսացողներս. 13 Որուն վրայ դուք ալ յուսացիք՝ երբ լսեցիք ճշմարտութեան խօսքը, ձեր փրկութեան աւետարանը, որուն հաւատալով՝ խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուեցաք. 14 Որը մեր ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է մինչեւ սեփականութիւնը դարձնենք իր փառքին գովութեանը համար։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

15 Ուստի ես ալ, երբ լսեցի Տէր Յիսուսին վրայ ունեցած հաւատքնիդ ու բոլոր սուրբերուն վրայ ձեր ունեցած սէրը, 16 Չդադրեցայ ձեզի համար գոհութիւն մատուցանելէ՝ ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելով. 17 Որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Աստուածը՝ փառաց Հայրը՝ տայ ձեզի իմաստութեան ու յայտնութեան հոգին իր գիտութիւնովը։ 18 Որպէս զի սրտերնուդ աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՞նչ է անոր ձեզ կանչելուն յոյսը ու ի՞նչ է անոր ժառանգութեանը փառքին ճոխութիւնը սուրբերուն մէջ 19 Եւ ի՞նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ իր կարող զօրութեանը գործադրութիւնովը, 20 Որ Քրիստոսին վրայ ի գործ դրաւ, երբ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց ու նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ 21 Ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ 22 Եւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ։ 23 Եկեղեցին անոր մարմինն է, անոր լրումը՝ որ կը լեցնէ ամէնը ամէն բանի մէջ։

ՄԱՀԷՆ ԿԵԱՆՔԻ

2 1 Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք, ինք ձեզ կենդանացուց։ Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ։ Անոնց մէջ մենք ամէնքս ալ կը պտըտէինք մեր մարմնին ցանկութիւններովը եւ մարմնին ու մտքին ուզածը կը կատարէինք եւ բնութեամբ բարկութեան որդիներ էինք՝ ինչպէս ուրիշներ. Բայց Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւնով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց, Երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց, (դուք շնորհքով փրկուած էք,) Անոր հետ մեզ յարուցանեց ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով, Որպէս զի գալու դարերուն մէջ ցուցնէ իր շնորհքին գերազանց մեծութիւնը՝ Քրիստոս Յիսուսով մեզի ցուցուցած քաղցրութիւնովը։ Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է. Ո՛չ թէ գործերէն, որ մէ՛կը չպարծենայ. 10 Վասն զի մենք անոր ձեռագործն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար։ Աստուած նախապէս պատրաստեց մեզ, որպէս զի անոնց մէջ քալենք։

ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՄԷԿ

11 Ուստի մտքերնիդ բերէք թէ դուք ատեն մը մարմնով հեթանոսներ ըլլալով, (որոնք անթլփատուած կը սեպուին անոնցմէ՝ որոնք թլփատուած կը կոչեն ինքզինքնին, մարմինի մէջ՝ ձեռքով եղած,) 12 Որ այն ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք ու հեռացած էիք Իսրայէլի հասարակութենէն եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն ու յոյս մըն ալ չունէիք եւ աշխարհի մէջ անաստուած էիք։ 13 Բայց հիմա Քրիստոս Յիսուսով դուք որ ատեն մը հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսին արիւնովը։ 14 Վասն զի անիկա է մեր խաղաղութիւնը, որ երկուքը մէկ ըրաւ ու մէջտեղի բաժանող պատը, այսինքն իրարու հետ եղած թշնամութիւնը, իր մարմնովը քակեց 15 Եւ հրամաններով եղած պատուիրանքներուն օրէնքը խափանեց. որպէս զի իրմով այն երկուքին տեղ նոր մարդ մը ստեղծէ ու ասով խաղաղութիւն ընէ 16 Եւ երկուքն ալ մէկ մարմին եղած՝ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ իր խաչովը. վասն զի անով սպաննեց թշնամութիւնը 17 Եւ եկաւ խաղաղութիւն քարոզեց ձեզի, որ հեռուն էիք ու անոնց՝ որ մօտ էին։ 18 Քանզի անոր ձեռքով մենք երկուքս ալ մէկ Հոգիով՝ Հօրը մօտենալու արտօնութիւն ունինք։ 19 Ուրեմն ա՛լ ասկէ յետոյ դուք օտար ու պանդուխտ չէք, հապա սուրբերուն քաղաքակիցները եւ Աստուծոյ ընտանիքը՝ 20 Առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիման վրայ շինուած, որուն անկիւնին գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է. 21 Որով բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած՝ կ’աճի սուրբ տաճար մը կ’ըլլայ Տէրոջմով. 22 Որով դուք ալ մէկտեղ կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակարան ըլլալու Սուրբ Հոգիով։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԳՈՐԾԸ ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

3 1 Ուստի ես՝ Պօղոսս՝ Յիսուս Քրիստոսին բանտարկեալը ձեզի հեթանոսներուդ համար, Անշուշտ լսած էք թէ Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութիւնը, որ ինծի տրուած է ձեզի համար, Թէ այն խորհուրդը յայտնութիւնով ցուցուեցաւ ինծի. (ինչպէս նախապէս ալ ձեզի համառօտաբար գրեցի, Որը կրնաք կարդալ ու հասկնալ թէ ես տեղեակ եմ Քրիստոսին խորհուրդին.) Եւ որ ուրիշ դարերու մէջ մարդոց որդիներուն չերեւցաւ, ինչպէս հիմա Սուրբ Հոգիով յայտնուեցաւ իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն. Որպէս զի հեթանոսները Քրիստոսով ժառանգակից ու մարմնակից եւ անոր խոստումին հաղորդ ըլլան աւետարանով. Որուն ես սպասաւոր եղայ՝ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ ինծի տրուեցաւ իր զօրութեան ներգործութիւնովը, Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնն եմ, այս շնորհքը տրուեցաւ, հեթանոսներուն մէջ Քրիստոսին անքննելի ճոխութիւնը քարոզելու Եւ ամէնքը լուսաւորելու, որպէս զի գիտնան թէ ի՛նչ է այն խորհուրդին տնօրէնութիւնը՝ որ յաւիտեանս ծածկուած էր Աստուծոյ քով, որ ամէն բան ստեղծեց. 10 Որպէս զի հիմա Աստուծոյ բազմատեսակ իմաստութիւնը եկեղեցիին ձեռքով յայտնի ըլլայ երկինքը եղող իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն, 11 Իր յաւիտենական նախասահմանութեանը համեմատ, որ ըրաւ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով. 12 Որով մենք ալ համարձակութիւն ու մօտենալու արտօնութիւն ունինք վստահութեամբ՝ իրեն հաւատալով։

ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՍԷՐԸ

13 Ուստի կ’աղաչեմ որ չձանձրանաք իմ նեղութիւններուս պատճառաւ, որոնք ձեզի համար են եւ որոնք ձեր փառքն են։ 14 Ասոր համար ծունկի վրայ գալով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրը առջեւ, 15 Ուրկէ ամէն ազգատոհմ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ անուն կ’առնէ, 16 Կ’աղաչեմ որ տայ ձեզի իր փառքին ճոխութեանը չափովը որ Հոգիին զօրութիւնով հաստատուի ներսի մարդուն մէջ. 17 Որպէս զի Քրիստոս՝ հաւատքով ձեր սրտերուն մէջ բնակի եւ դուք սիրով արմատանաք ու հաստատուիք, 18 Որպէս զի կարենաք հասկնալ բոլոր սուրբերուն հետ մէկտեղ, թէ ի՞նչ է լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը. 19 Այսինքն ճանչնալ Քրիստոսին սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է, որպէս զի լեցուիք Աստուծոյ լիութիւնովը։ 20 Ան որ կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք, այն զօրութիւնովը որ մեր մէջ կը ներգործուի, 21 Իրեն փառք եկեղեցիին մէջ Քրիստոս Յիսուսով բոլոր դարերուն մէջ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ՄԱՐՄՆԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

4 1 Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի՝ ես որ Տէրոջը համար կապուած եմ, որ դուք այնպէս քալէք՝ ինչպէս կը վայլէ այն կոչումին որով կանչուեցաք, Լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնմտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով. Ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել. Մէկ մարմին ու մէկ հոգի, ինչպէս կանչուեցաք ձեր կոչումին մէկ յոյսովը. Տէրը մէկ է, հաւատքը մէկ, մկրտութիւնը մէկ. Մէկ է Աստուած եւ ամենուն Հայրը, որ ամենուն վրայ ու ամենուն հետ եւ ձեր ամենուն մէջն է։ Բայց մեր ամէն մէկուն ալ շնորհք տրուած է Քրիստոսին պարգեւին չափովը։ Անոր համար կ’ըսէ. «Բարձրը ելաւ, գերութիւնը գերի բռնեց ու մարդոց պարգեւներ տուաւ»։ Այս «Ելաւ» ըսելը ի՞նչ է, ըսել է թէ՝ ինք առաջ երկրի վարի կողմերը իջաւ։ 10 Ան որ իջաւ՝ նոյն ինքն է, որ բոլոր երկինքներէն վեր ելաւ, որպէս զի ամէն բան լեցնէ։ 11 Եւ ինք մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու, մէկ քանին՝ մարգարէներ, մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու վարդապետներ. 12 Սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար. 13 Մինչեւ ամէնքս ալ հասնինք հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու. 14 Որպէս զի ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու. 15 Հապա սիրով ճշմարտութեան հետեւելով՝ ամէն բան Անով աճեցնենք որ գլուխ է, այսինքն Քրիստոս. 16 Որմէ բոլոր մարմինը մէկտեղ կազմուած եւ բոլոր յօդուածները իրարու հաղորդուելով կցուած՝ ամէն մէկ մասին չափով ներգործելով՝ սիրով մարմնին աճում կու տայ իրեն շինութեանը համար։

ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ

17 Ուստի կ’ըսեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք անգամ մըն ալ այնպէս չքալէք, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն իրենց մտքին ունայնութեանը մէջ. 18 Որոնց իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով եւ իրենց սրտին կուրութեանը համար. 19 Որոնք անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու։ 20 Բայց դուք այսպէս չսորվեցաք Քրիստոսը, 21 Թէեւ անոր վրայով լսեցիք եւ անկէ սորվեցաք, թէ ճշմարտութիւնը Յիսուսին մէջ է, 22 Որպէս զի ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր 23 Եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք 24 Եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։ 25 Ուստի ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին, վասն զի մենք իրարու անդամներ ենք։ 26 Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ 27 Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք։ 28 Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէս զի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին։ 29 Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ։ 30 Եւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար։ 31 Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ։ 32 Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի։

ԼՈՅՍԻ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼ

5 1 Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, Եւ սիրով վարուեցէք, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու իր անձը մեզի համար մատնեց՝ անուշահոտ պատարագ ու զոհ ըլլալով Աստուծոյ։ Բայց պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն, Եւ գարշելի բաներ կամ յիմարական խօսքեր կամ խեղկատակութիւն, որ չի վայլեր, այլ մանաւանդ՝ գոհութիւն։ Քանզի գիտէք, թէ ամէն պոռնիկ կամ պիղծ կամ ագահ, որ կռապաշտ է, Քրիստոսին ու Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ժառանգութիւն չունի։ Չըլլա՛յ որ մէկը ձեզ խաբէ փուճ խօսքերով, վասն զի այս բաներուն համար Աստուծոյ բարկութիւնը կու գայ անհնազանդութեան որդիներուն վրայ։ Ուստի անոնց հաղորդ մի՛ ըլլաք։ Քանզի թէեւ ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի լոյսի որդիներու պէս քալեցէք. Վասն զի Հոգիին պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է։ 10 Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին. 11 Ու կցորդ մի՛ ըլլաք խաւարին անպտուղ գործերուն, այլ մանաւանդ զանոնք յանդիմանեցէ՛ք։ 12 Վասն զի անոնց մէջ գաղտուկ գործուած բաներու մասին խօսիլն ալ ամօթ է։ 13 Բայց երբ բան մը լոյսի մէջ ցուցադրուած է՝ յայտնի կ’ըլլայ վասն զի ամէն բան որ յայտնի կ’ըլլայ՝ լոյս է։ 14 Անոր համար կ’ըսէ. «Արթնցի՛ր, դուն որ կը քնանաս եւ կանգնէ՛ մեռելներէն ու Քրիստոս քեզի լո՛յս պիտի տայ»։

15 Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, 16 Հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են։ 17 Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը։ 18 Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք։ 19 Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը ձեր սրտերուն մէջ։ 20 Ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը։

ԿԻՆԵՐ ԵՒ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐ

21 Իրարու հնազանդ եղէ՛ք Աստուծոյ վախովը։ 22 Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. 23 Վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։ 24 Ուստի ինչպէս եկեղեցին հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կիները՝ ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն։ 25 Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար. 26 Որպէս զի զանիկա սրբէ ու մաքրէ աւազանին ջրովը եւ խօսքով. 27 Որպէս զի ինք իր դէմը փառաւոր կեցնէ եկեղեցին, որ արատ մը կամ աղտեղութիւն կամ ուրիշ ասոնց պէս բան մը չունենայ, հապա սուրբ ու անարատ ըլլայ։ 28 Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. 29 Վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին։ 30 Վասն զի մենք անոր մարմնին անդամներն ենք, անոր մարմնէն ու անոր ոսկորներէն։ 31 «Ասոր համար մարդը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ 32 Այս խորհուրդը մեծ է, բայց ես կը խօսիմ Քրիստոսին ու եկեղեցիին վրայով։ 33 Սակայն ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի։

ՈՐԴԻՆԵՐ ԵՒ ԾՆՈՂՆԵՐ

6 1 Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ», որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով, «Որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։ Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը։

ԾԱՌԱՆԵՐ ԵՒ ՏԷՐԵՐ

Ծառանե՛ր, հնազանդ եղէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ահով ու դողով՝ ձեր սրտին միամտութիւնովը, որպէս թէ Քրիստոսին։ Ո՛չ թէ մարդահաճոյի պէս աչքի առջեւ ծառայելով, հապա Քրիստոսի ծառաներու պէս՝ սրտանց Աստուծոյ կամքը ընելով. Յօժարութեամբ ծառայելով որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց. Գիտնալով որ ամէն մէկը ինչ բարիք որ ընէ, նոյնը Տէրոջմէն պիտի ընդունի, թէ՛ ծառայ ըլլայ եւ թէ՛ ազատ։ Դուք ալ, տէրե՛ր, նոյնը ըրէք անոնց ու սպառնալիքը մոռցէ՛ք, գիտնալով թէ անոնց ալ, ձեր ալ Տէրը երկինքն է ու անոր քով աչառութիւն չկայ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

10 Ալ ասկէ յետոյ, եղբա՛յրներս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։ 11 Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։ 12 Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։ 13 Ասոր համար ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել 6։14 ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ։ 14 Ուստի ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը հագնելով 15 Ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը 16 Եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել 17 Եւ փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է։ 18 Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով ու այս բանին վրայ հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ ու աղաչանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար, 19 Ինծի համար ալ, որպէս զի ինծի խօսք տրուի, որ բերանս բանամ համարձակութեամբ աւետարանին խորհուրդը յայտնելու. 20 Որուն համար ես դեսպանութիւն կ’ընեմ կապանքովս, որպէս զի անով համարձակութիւն ունենամ խօսելու՝ ինչպէս պէտք է։

ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ

21 Բայց որպէս զի դուք ալ գիտնաք իմ վրայովս՝ թէ ի՞նչ կ’ընեմ ես, ամէն բան պիտի ցուցնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրը ու հաւատարիմ պաշտօնեան՝ Տէրոջմով. 22 Որ յատկապէս այդ բանին համար ձեզի ղրկեցի, որպէս զի լուր ունենաք մեր մասին ու ինք ձեր սրտերը մխիթարէ։

23 Խաղաղութիւն եղբայրներուն եւ սէր հաւատքով մէկտեղ Հօր Աստուծմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ 24 Շնորհք այն ամենուն հետ՝ որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը անկեղծութեամբ կը սիրեն։ Ամէն։