Բ. ԳԻՐՔ ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

Բ. ԳԻՐՔ ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ

(Գ Թագ. 3։1-15)

1 1 Դաւիթին որդին՝ Սողոմոն՝ իր թագաւորութեանը մէջ զօրացաւ ու իր Տէր Աստուածը իր հետն էր ու Աստուած զինք խիստ մեծցուց։ Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի, այսինքն հազարապետներուն, հարիւրապետներուն, դատաւորներուն ու բոլոր Իսրայէլի տոհմապետներուն, խօսեցաւ։ Սողոմոն ու բոլոր ժողովուրդը իր հետ Գաբաւոնի բարձր տեղը գացին. քանզի Տէրոջը ծառային՝ Մովսէսին անապատին մէջ շինած՝ Աստուծոյ վկայութեան խորանը հոն էր. Միայն թէ Դաւիթ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն իր պատրաստած տեղը տարեր էր. քանզի Երուսաղէմի մէջ անոր վրան մը կանգներ էր, Սակայն Ովրեան Ուրիին որդիին Բեսելիէլին շինած պղնձէ սեղանը Տէրոջը խորանին առջեւն էր եւ Սողոմոն ու ժողովուրդը զանիկա փնտռեցին։ Սողոմոն հոն Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին պղնձէ սեղանին քով ելաւ ու անոր վրայ հազար ողջակէզ մատուցանեց։

Այն գիշերը Աստուած Սողոմոնին երեւցաւ ու ըսաւ. «Խնդրէ՛, քեզի ի՞նչ տամ»։ Սողոմոն Աստուծոյ ըսաւ. «Դուն իմ հօրս Դաւիթին մեծ ողորմութիւն ըրիր ու զիս անոր տեղ թագաւոր ըրիր։ Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած իմ հօրս Դաւիթին ըրած խոստումդ հաստատ թող մնայ. քանզի դուն զիս երկրի հողին չափ շատ ժողովուրդի վրայ թագաւոր ըրիր։ 10 Ինծի իմաստութիւն ու գիտութիւն տուր, որպէս զի այս ժողովուրդին առջեւ ելլեմ ու մտնեմ. վասն զի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել»։ 11 Աստուած Սողոմոնին ըսաւ. «Որովհետեւ քու սրտիդ մէջ այս փափաքը ունեցար ու հարստութիւն, ստացուածք, փառք եւ քու թշնամիներուդ հոգին կամ երկար կեանք չխնդրեցիր, հապա քեզի իմաստութիւն ու գիտութիւն խնդրեցիր, որպէս զի դատես իմ ժողովուրդս՝ որուն վրայ քեզ թագաւոր ըրի, 12 Ուրեմն իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի տրուի քեզի եւ հարստութիւն, ստացուածք ու փառք ալ պիտի տամ քեզի։ Այնպէս որ քեզմէ առաջ եղող թագաւորներուն այնպէս եղած չէ, ու քեզմէ ետքը եկողներուն ալ այնպէս պիտի չըլլայ»։ 13 Սողոմոն Գաբաւոնին բարձր տեղէն՝ վկայութեան խորանին առջեւէն Երուսաղէմ դարձաւ ու Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։

ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

(Գ Թագ. 10։26-29)

14 Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասներկու հազար ձիաւոր ունեցաւ։ Զանոնք կառքի քաղաքներուն մէջ ու թագաւորին քով Երուսաղէմի մէջ տեղաւորեց։ 15 Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթն ու ոսկին քարերու պէս ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։ 16 Սողոմոնին ձիերը Եգիպտոսէն կու գային ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէին։ 17 Եգիպտոսէն կառք մը վեց հարիւր արծաթով դուրս կը հանէին ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով։ Քետացիներուն բոլոր թագաւորներուն համար եւ Ասորիներուն բոլոր թագաւորներուն համար ալ՝ անոնց ձեռքով կ’արտածէին։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

(Գ Թագ. 5։1-18)

2 1 Սողոմոն միտքը դրաւ, որ Տէրոջը անուանը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։ Եւ Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրելու համար ութսուն հազար մարդ ընտրեց եւ անոնց վրայ երեք հազար վեց հարիւր վերակացու դրաւ։

Սողոմոն Տիւրոսի Քիրամ թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ հօրս Դաւիթին եղեւնափայտեր ղրկեցիր, որպէս զի իրեն բնակելու համար տուն շինէ, Ահա ես իմ Տէր Աստուծոյս անուան տուն պիտի շինեմ, որպէս զի անոր նուիրուի, անոր առջեւ անուշահոտ խունկ ծխուի ու առաջաւորութեան հացը դրուի, առտուն ու իրիկունը, շաբաթները եւ ամսագլուխները ու մեր Տէր Աստուծոյն տօներուն օրերը ողջակէզներ մատուցանուին. ասիկա Իսրայէլի յաւիտենական պարտաւորութիւնն է։ Այն տունը որ ես պիտի շինեմ, մեծ ըլլալու է. քանզի մեր Աստուածը բոլոր աստուածներէն մեծ է Ու ո՞վ կարող է անոր տուն շինել. քանզի երկինք, նոյնիսկ ամենաբարձր երկինքը չի կրնար պարունակել զանիկա։ Ուրեմն ես ո՞վ եմ, որ անոր տուն շինեմ։ Միայն անոր խունկ ծխելու տեղ մը պիտի պատրաստեմ։ Ուստի ինծի իմաստուն մարդ մը ղրկէ, որ հմուտ ըլլայ ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, ծիրանեգոյնը, կարմիրը եւ կապուտակը գործածելու ու քանդակագործութիւն ալ գիտնայ, որպէս զի իմ քովս Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող իմ հօրս Դաւիթին պատրաստած վարպետներուն հետ գործէ։ Ինծի Լիբանանէն եղեւնափայտեր, մայրիի փայտեր ու ալմուկ փայտեր ղրկէ. քանզի ես գիտեմ թէ քու ծառաներդ Լիբանանէն փայտ կտրել գիտեն։ Ուրեմն իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ թող գործակցին։ Ինծի խիստ շատ փայտ թող պատրաստեն. քանզի իմ շինելու տունս մեծ ու փառաւոր ըլլալու է։ 10 Եւ ահա ես քու ծառաներուդ, փայտ կտրող բանուորներուդ, քսան հազար քոռ ծեծուած ցորեն ու քսան հազար քոռ գարի ու քսան հազար մար գինի ու քսան հազար մար իւղ պիտի տամ»։

11 Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Սողոմոնին նամակ ղրկեց ու ըսաւ. «Տէրը իր ժողովուրդը սիրելուն համար քեզ անոնց վրայ թագաւոր դրաւ»։ 12 Եւ Քիրամ աւելցուց. «Երկինքն ու երկիրը ստեղծող Իսրայէլին Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Դաւիթ թագաւորին խոհեմութիւն ու գիտութիւն ունեցող իմաստուն որդի մը տուաւ, որ Տէրոջը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։ 13 Իմ վարպետս Քիրամը կը ղրկեմ, որ հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մըն է։ 14 Անիկա Դանի աղջիկներէն կնոջ մը որդին է ու անոր հայրը Տիւրացի է։ Անիկա ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, քարեր ու փայտեր, նաեւ ծիրանեգոյնի, կապուտակի, բեհեզի եւ կարմիրի վրայ բանելու ու ամէն տեսակ քանդակ փորագրելու կողմէ վարպետ է։ Քու վարպետներուդ հետ ու քու հօրդ Դաւիթին, իմ տիրոջս վարպետներուն հետ ամէն առաջարկուած բանին հնարքը կրնայ գտնել։ 15 Իմ տէրս իր ըսած ցորենն ու գարին, իւղն ու գինին իր ծառաներուն թող ղրկէ։ 16 Մենք Լիբանանէն հարկաւոր եղածին չափ փայտ պիտի կտրենք եւ լաստեր շինելով՝ զանոնք ծովէն Յոպպէ պիտի բերենք քեզի։ Դուն զանոնք Երուսաղէմ փոխադրէ»։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

(Գ Թագ. 6։1-38)

17 Սողոմոն Իսրայէլի երկրին մէջ եղող բոլոր օտարազգի մարդիկը՝ որոնք իր հօրը Դաւիթին մարդահամարէն ետքը եկած էին՝ համրեց։ Անոնք հարիւր յիսունըերեք հազար վեց հարիւր հոգի էին։ 18 Անոնցմէ եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրող ութսուն հազար ու զանոնք բանեցնելու համար երեք հազար վեց հարիւր վերակացու որոշեց։

3 1 Սողոմոն սկսաւ Տէրոջը տունը շինել Երուսաղէմի մէջ, Մօրիա լերանը վրայ, ուր Տէրը անոր հօրը Դաւիթին երեւցեր էր, այն տեղը որ Դաւիթ Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ պատրաստեր էր։ Իր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, երկրորդ ամսուան երկրորդ օրը սկսաւ զանիկա շինել։ Աստուծոյ տունը շինելու համար Սողոմոնին դրած հիմը առաջուան չափով վաթսուն կանգուն՝ երկայն ու քսան կանգուն լայն էր։ Դիմացի սրահին երկայնութիւնը՝ տանը լայնութեան պէս՝ քսան կանգուն ու բարձրութիւնը հարիւր քսան կանգուն էր ու զանիկա ներսէն մաքուր ոսկիով պատեց։ Մեծ տունը մայր փայտով ծածկեց ու զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց ու անոր վրայ արմաւենիներ ու շղթաներ փորագրեց։ Շքեղութեան համար տունը պատուական քարերով զարդարեց ու ոսկին Փարուիմի ոսկի էր։ Տանը գերանները, սեմերը, պատերն ու դռները ոսկիով պատեց ու պատերուն վրայ քերովբէներ քանդակեց։

Սրբութիւն Սրբութեանցի տունը շինեց. անոր երկայնութիւնը տանը լայնութեանը պէս՝ քսան կանգուն ու լայնութիւնը քսան կանգուն էր։ Եւ զանիկա վեց հարիւր տաղանդի չափ մաքուր ոսկիով պատեց։ Բեւեռներուն կշիռքը յիսունական սիկղ ոսկի էր։ Վերնատունները ոսկիով պատեց։ 10 Սրբութիւն Սրբութեանց տանը մէջ երկու քերովբէներ քանդակեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ 11 Քերովբէներուն թեւերը քսան կանգուն երկայնութիւն ունէին։ Մէկ թեւը հինգ կանգուն էր ու տանը պատին կը դպչէր։ Միւս թեւը հինգ կանգուն էր ու միւս քերովբէին թեւին կը դպչէր։ 12 Միւս քերովբէին ալ մէկ թեւը հինգ կանգուն էր ու տանը պատին կը դպչէր ու միւս թեւը հինգ կանգուն էր ու միւս քերովբէին թեւին կցուած էր։ 13 Այս քերովբէներուն տարածուած թեւերուն երկայնութիւնը քսան կանգուն էր։ Անոնք իրենց ոտքերուն վրայ կայնած էին։ Անոնց երեսը դէպի տունը կը նայէր։

14 Վարագոյրը կապուտակէ, ծիրանիէ, կարմիրէ ու բեհեզէ շինեց ու անոր վրայ քերովբէներ գործեց։

ԵՐԿՈՒ ՊՂՆՁԷ ՍԻՒՆԵՐԸ

(Գ Թագ. 7։15-22)

15 Տանը առջեւ երեսունըհինգ կանգուն երկայնութեամբ երկու սիւն շինեց։ Ամէն մէկուն վրայի խոյակը հինգ կանգուն էր։ 16 Դաբիրին մէջի շղթաներուն պէս շղթաներ շինեց ու սիւներուն վրայ դրաւ։ Հարիւր նուռ շինեց ու շղթաներուն անցուց։ 17 Սիւները տաճարին առջեւ կանգնեցուց, մէկը աջ կողմէն ու միւսը ձախ կողմէն։ Աջ կողմը եղողին անունը՝ Յաքին ու ձախ կողմը եղողին անունը Բոոզ դրաւ։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

(Գ Թագ. 7։23-51)

4 1 Պղնձէ սեղան մը շինեց։ Երկայնութիւնը քսան կանգուն, լայնութիւնը քսան կանգուն ու բարձրութիւնը տասը կանգուն։ Ձուլածոյ ծովը շինեց։ Մէկ շրթունքէն մինչեւ միւս շրթունքը տասը կանգուն էր ու անոր շրջապատը երեսուն կանգուն էր։ Եւ անոր տակ շուրջանակի ամէն կողմէն եզներու նմանութիւններ կային։ Ծովուն բոլորտիքը մէկ կանգունի մէջ տասնական եզներ կային։ Եզները երկու կարգ էին, որոնք ծովը ձուլած ատեննին ձուլեր էին։ Անիկա տասներկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը՝ դէպի հիւսիս, երեքը՝ դէպի արեւմուտք, երեքը՝ դէպի հարաւ ու երեքը դէպի արեւելք կը նայէին։ Ծովը անոնց վրայ էր։ Բոլորին ետեւի կողմը դէպի ներս դարձած էր։ Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր։ Շրթունքը գաւաթի շրթունքի պէս էր։ Վրան շուշանի ծաղիկներ շինուած էին։ Ան երեք հազար մար կ’առնէր։

Տասը աւազան շինեց։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգն ալ ձախ կողմը դրաւ լուացման համար։ Ողջակէզները անոնց մէջ կը լուային։ Ծովը քահանաներուն համար էր, որպէս զի հոն լուացուին։

Տասը ոսկեղէն աշտանակներ շինեց իրենց օրինակին համեմատ ու զանոնք տաճարին մէջ դրաւ։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգը՝ ձախ կողմը։

Տասը սեղան շինեց ու զանոնք տաճարին մէջ դրաւ։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգը՝ ձախ կողմը ու հարիւր ոսկեղէն կոնքեր շինեց։

Քահանաներուն գաւիթն ու մեծ գաւիթը եւ գաւիթին դռներ շինեց։ Անոնց փեղկերը պղնձով պատեց։ 10 Ծովը՝ աջ կողմը՝ հարաւային արեւելեան անկիւնը դրաւ։

11 Քիրամ կաթսաներ, թիակներ ու կոնքեր շինեց։ Քիրամ լրացուց այն բոլոր գործերը, որոնք Աստուծոյ տանը համար Սողոմոն թագաւորին կը շինէր։ 12 Այսինքն երկու սիւներն ու գունտերը ու երկու սիւներուն գլուխը եղող խոյակները եւ սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար երկու ցանցակերպ զարդեր 13 Ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռեր, այսինքն սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար՝ ամէն մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ երկու կարգ նուռեր։ 14 Խարիսխներ շինեց, խարիսխներուն վրայ աւազաններ շինեց։ 15 Մէկ ծովն ու անոր տակի տասներկու եզները 16 Եւ կաթսաներն ու թիակները ու մսահանները եւ անոնց բոլոր գործիքները՝ Տէրոջը տանը համար Սողոմոն թագաւորին՝ փայլուն պղնձէ շինեց անոր վարպետը՝ Քիրամ։ 17 Թագաւորը զանոնք Յորդանանի դաշտին մէջ թանձր հողի մը վրայ ձուլել տուաւ Սոկքովթի ու Սարեդայի մէջտեղ։ 18 Սողոմոն խիստ շատ կարասիներ շինեց, քանզի պղինձը անհաշիւ էր։ 19 Սողոմոն Աստուծոյ տանը բոլոր կարասիները շինեց. նաեւ խունկին ոսկի սեղանն ու այն սեղանները՝ որոնց վրայ առաջաւորութեան հացը կը դրուէր 20 Եւ մաքուր ոսկիէ աշտանակներ ու անոնց ճրագները, դաբիրին առջեւ վառելու համար ըստ սովորութեան 21 Եւ զուտ ոսկիէ ծաղիկներ ու ճրագներ եւ ունելիներ 22 Ու մաքուր ոսկիէ բազմակալներ, տաշտեր, խնկամաններ ու բուրվառներ եւ տանը դռները, այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին ներսի դրանը փեղկերը։ Տանը՝ այսինքն տաճարին՝ դրանը փեղկերը ոսկիէ շինեց։

5 1 Երբ Տէրոջը տանը համար բոլոր գործը լմնցաւ, Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին նուիրած բաները՝ արծաթն ու ոսկին ու բոլոր անօթները՝ տարաւ եւ Աստուծոյ գանձերուն մէջ դրաւ։

ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ ՏԱՃԱՐ ԲԵՐՈՒԵՑԱՒ

(Գ Թագ. 8։1-9)

Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերն ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները, Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթին քաղաքէն՝ այսինքն Սիօնէն՝ հանեն։ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուան տօնին թագաւորին քով հաւաքուեցան։ Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան ու Ղեւտացիները տապանակը վերցուցին։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանը եւ խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին։ Սողոմոն թագաւորն ու անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը տապանակին առջեւ անթիւ ու անհամար ոչխարներ ու արջառներ կը զոհէին։ Քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը՝ տանը դաբիրը, Սրբութիւն Սրբութեանց ու քերովբէներուն թեւերուն տակը դրին։ Քերովբէները տապանակին տեղի վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին եւ տապանակն ու անոր ձողերը վերէն կը ծածկէին։ Ձողերը երկնցուցին եւ ձողերուն ծայրերը տապանակէն դաբիրին առջեւ կ’երեւնային, բայց դուրսէն չէին երեւնար ու մինչեւ այսօր հոն էին։ 10 Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու տախտակները, որոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ ուխտ ըրաւ՝ անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը

ՏԷՐՈՋԸ ՓԱՌՔԸ

11 Երբ քահանաները սուրբ տեղէն ելան, (վասն զի բոլոր հոն գտնուող քահանաները սրբուեր էին, առանց իրենց յաջորդական կարգը պահելու 12 Ու բոլոր երգիչ Ղեւտացիները՝ Ասափին, Եմանին ու Իդիթունին եւ անոնց որդիներուն ու եղբայրներուն հետ բեհեզներ հագած ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով սեղանին արեւելեան կողմը կեցան։ Անոնց հետ հարիւր քսան քահանայ փող կը հնչեցնէին)։ 13 Փող հնչեցնողներն ու երգողները միաբերան մէկ ձայնով Տէրը կ’օրհնէին ու կը գովէին եւ փողերով, ծնծղաներով ու նուագարաններով ձայներնին վերցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին, ըսելով. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Այն ատեն Տէրոջը տունը ամպով լեցուեցաւ։ 14 Ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որպէս զի իրենց պաշտօնը կատարեն. քանզի Տէրոջը փառքը Աստուծոյ տունը լեցուցեր էր։

ՍՈՂՈՄՈՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Գ Թագ. 8։12-21)

6 1 Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ՝ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։ Բայց ես քեզի բնակութեան համար տուն ու յաւիտեան նստելու համար տեղ շինեցի»։ Թագաւորը իր երեսը դարձուց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը օրհնեց։ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ կեցեր էին Եւ անիկա ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթին խոստացաւ ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ՝ ‘Իմ ժողովուրդս Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս ի վեր՝ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ ու մարդ մը չընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըլլայ. Ապա Երուսաղէմը ընտրեցի, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ ու Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ’։ Եւ իմ հայրս Դաւիթ միտք ունէր, որ Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ, Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթին ըսաւ. ‘Թէեւ դուն միտքդ դրիր որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր, որ այս բանը միտքդ դրիր. Սակայն տունը դուն պիտի չշինես. հապա քու որդիդ, որ քու երանքէդ պիտի ելլէ։ Անիկա իմ անուանս տունը պիտի շինէ’։ 10 Եւ ահա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց ու ես իմ հօրս Դաւիթին յաջորդեցի ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլին աթոռը նստայ ու Տէր Աստուծոյն անուանը՝ այս տունը շինեցի։ 11 Հոն դրի տապանակը, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը, որ Իսրայէլի որդիներուն հետ ըրաւ։

ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

(Գ Թագ. 8։22-53)

12 Տէրոջը սեղանին առջեւ՝ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին դէմը կենալով, ձեռքերը տարածեց. 13 (Քանզի Սողոմոն պղնձէ խարիսխ մը շինելով՝ զանիկա գաւիթին մէջտեղը դրեր էր։ Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։ Ինք անոր վրայ կեցաւ ու Իսրայէլին բոլոր ժողովուրդին առջեւ ծունկ կրկնեց եւ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց)։

14 Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, երկնքի մէջ ու երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն պահես։ 15 Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին, ըրած խոստումդ պահեցիր ու բերնով ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։ 16 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստումը որ քու ծառայիդ իմ հօրս Դաւիթին ըրիր ու ըսիր. ‘Իմ առջեւս Իսրայէլի աթոռին վրայ նստող քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ, այն պայմանով որ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ օրէնքիս մէջ քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր’։ 17 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ Դաւիթին ըսած խօսքդ հաստատուի»։

18 «Բայց միթէ Աստուած իրաւցնէ երկրի վրայ մարդոց հետ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինքն ու ամենաբարձր երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս։ 19 Սակայն, ո՛վ Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ՛ եւ քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքն ու աղօթքը լսէ՛, 20 Որպէս զի այս տանը վրայ ցորեկ ու գիշեր քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ՝ որուն համար ըսիր թէ՝ քու անունդ հոն պիտի դնես։ Ուստի քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսէ։ 21 Նոյնպէս քու ծառայիդ եւ ժողովուրդիդ Իսրայէլին այս տեղ ըրած աղօթքը լսէ՛ այո՛, քու բնակութեանդ տեղէն, երկինքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛։

22 «Եթէ մէկը իր ընկերին դէմ մեղանչէ ու ան ալ երդում ընել տալու համար անոր երդում առաջարկէ ու երդումը այս տունը քու սեղանիդ առջեւ գայ, 23 Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ ու կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ՛ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ըրէ՛։

24 «Եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլը քեզի դէմ մեղանչելուն համար, իրենց թշնամիներուն առջեւ յաղթուին ու քեզի դառնան եւ քու առջեւդ աղօթք ու աղաչանք ընեն, 25 Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ մեղքը ներէ՛ ու անոնց եւ անոնց հայրերուն տուած երկիրը դարձուր զանոնք։

26 «Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելուն համար երկինք գոցուի ու անձրեւ չգայ ու անոնք այս տեղ քեզի աղօթք ընեն եւ քու անուանդ փառք տան ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան, 27 Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին մեղքը ներէ՛, որպէս զի անոնց սորվեցնես այն աղէկ ճամբան՝ որուն մէջ պէտք է քալեն ու քու ժողովուրդիդ՝ իբր ժառանգութիւն տրուած երկրին վրայ անձրեւ տո՛ւր։

28 «Եթէ երկրի վրայ սով կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն կամ արմտեաց դալուկ կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն կամ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ 29 Եւ եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրանք մը ընելու ըլլայ ու իւրաքանչիւր մարդ իր ախտն ու ցաւը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ, 30 Այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս, 31 Որպէս զի քեզմէ վախնան ու քու ճամբաներուդ մէջ քալեն իրենց բոլոր օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տրուած երկրին վրայ ապրին։

32 «Եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու մեծ անուանդ համար եւ զօրաւոր ձեռքիդ համար ու բարձր բազուկիդ համար եկող օտարականն ալ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ, 33 Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրանքը կատարէ՛, որպէս զի երկրին բոլոր ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է։

34 «Երբ քու ժողովուրդդ իր թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով, որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այդ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով՝ քեզի աղօթք ընեն, 35 Երկնքէն անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսէ՛ եւ անոնց իրաւունք ըրէ՛։

36 «Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես ու գերեվարները հեռու կամ մօտ երկիր մը գերի տանին զանոնք, 37 Եթէ իրենց գերութեան երկրին մէջ զղջան ու դառնան եւ իրենց գերութեան երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն՝ ‘Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք’, 38 Եթէ անոնք այն երկրին մէջ, ուր գերի տարուած են, իրենց բոլոր սրտովն ու իրենց բոլոր հոգիովը քեզի դառնան ու իրենց երկրին, որ իրենց հայրերուն տուիր եւ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով աղօթք ընեն, 39 Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքն ու խնդրանքը լսէ՛ ու անոնց իրաւունք ըրէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ներէ։ 40 Հիմա, ո՛վ Աստուած իմ, այս տեղ մատուցուած աղօթքին վրայ թող քու աչքերդ բաց ըլլան ու քու ականջներդ մտիկ ընեն։ 41 Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը. ո՛վ Տէր Աստուած, թող քու քահանաներդ փրկութիւն հագնին եւ քու սուրբերդ բարութիւնով ուրախանան։ 42 Ո՛վ Տէր Աստուած, քու օծեալիդ երեսը մի՛ անարգեր, հապա քու ծառայիդ Դաւիթին ըրած ողորմութիւններդ յիշէ՛»։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ

(Գ Թագ. 8։62-66)

7 1 Երբ Սողոմոն իր աղօթքը լմնցուց, երկնքէն կրակ իջաւ ու ողջակէզները ու զոհերը լափեց ու Տէրոջը փառքը տունը լեցուց։ Քահանաները չէին կրնար Տէրոջը տունը մտնել, քանզի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։ Բոլոր Իսրայէլին որդիները կրակին իջնելը եւ տանը վրայ Տէրոջը փառքին հանգչիլը տեսան ու երեսի վրայ գետինը իյնալով՝ քարայատակին վրայ երկրպագութիւն ըրին ու Տէրը օրհնեցին, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Եւ թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը առջեւ զոհեր կը մատուցանէին։ Եւ Սողոմոն թագաւորը քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհեց։ Այսպէս թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին։ Քահանաները իրենց պահպանութեանը համեմատ կը կենային ու Ղեւտացիները՝ Տէրոջը նուագարաններովը, որոնք Դաւիթ թագաւորը շիներ էր Տէրը գովելու համար, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Երբ Դաւիթ անոնց ձեռքով Տէրը օրհնեց ու քահանաները փողերը հնչեցուցին, բոլոր Իսրայէլ ոտքի վրայ կեցաւ։

Սողոմոն Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց եւ որովհետեւ Սողոմոնին շինած պղնձէ սեղանը, ողջակէզներն ու հացի ընծաները ու ճարպերը չէր կրնար պարունակել։ Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, խիստ մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը եօթը օր տօն ըրին։ Եւ ութերորդ օրը մեծ ժողով մը ըրին. քանզի եօթը օր սեղանին նաւակատիքը ու եօթը օր տօնը կատարեցին։ 10 Ու եօթներորդ ամսուան քսանըերեքերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բարիքներուն համար, որոնք Տէրը Դաւիթին, Սողոմոնին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին տուեր էր։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՐԿԻՆ ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Գ Թագ. 9։1-9)

11 Սողոմոն Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը լմնցուց եւ Սողոմոնին սիրտը ինչ որ ծրագրած էր Աստուծոյ տանը եւ թագաւորական տանը համար, ամէնքն ալ յաջողութեամբ կատարուեցան։ 12 Ու Տէրը գիշերով Սողոմոնին երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Քու աղօթքդ լսեցի ու այս տեղը ընտրեցի, որպէս զի ինծի զոհի տուն ըլլայ։ 13 Եթէ երկինքը գոցեմ, որպէս զի չանձրեւէ եւ եթէ մարախին պատուիրեմ, որպէս զի երկիրը ուտէ կամ եթէ իմ ժողովուրդիս մէջ ժանտախտ ղրկեմ 14 Ու իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհին ու աղօթք ընեն ու իմ երեսս խնդրեն եւ իրենց չար ճամբաներէն դառնան, ես ալ երկնքէն պիտի լսեմ ու անոնց մեղքը ներեմ ու անոնց երկիրը պիտի բժշկեմ։ 15 Հիմա այստեղ մատուցանուելու աղօթքին իմ աչքերս բաց պիտի ըլլան ու ականջներս պիտի լսեն։ 16 Քանզի այս տունը ընտրեցի ու սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն ըլլայ։ Իմ աչքերս ու սիրտս ամէն ատեն հոն պիտի ըլլան։ 17 Եթէ դուն իմ առջեւս այնպէս քալես, ինչպէս Դաւիթ քալեց ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես եւ իմ կանոններս ու օրէնքներս պահես, 18 Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթին հետ ուխտ ըրի՝ ըսելով. ‘Քեզմէ Իսրայէլի վրայ իշխող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։ 19 Բայց եթէ դառնաք ու ձեր առջեւ դրուած կանոններս ու պատուիրանքներս թողուք ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք, 20 Այն ատեն ձեզ արմատէն պիտի խլեմ այն երկրին վրայէն, որ ձեզի տուի եւ այս տունը որ իմ անուանս համար սրբեցի, երեսէս պիտի ձգեմ ու զանիկա բոլոր ազգերու մէջ ծաղրանքի առարկայ պիտի ընեմ։ 21 Եւ այս բարձր տանը համար անոր քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու պիտի ըսէ՝ ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ’։ 22 Եւ պիտի պատասխանեն. ‘Վասն զի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցին, որ զիրենք Եգիպտոսէն հաներ էր եւ ուրիշ աստուածներու յարեցան եւ անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառով անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ’»։

ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

(Գ Թագ. 9։10-28)

8 1 Սողոմոն Տէրոջը տունն ու իր տունը քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը, Այն քաղաքներն ալ շինեց, որոնք Քիրամ Սողոմոնին տուեր էր ու հոն Իսրայէլի որդիներ բնակեցուց։ Սողոմոն Սուբայի Եմաթը գնաց ու անոր տիրեց։ Անապատին մէջ Թադմօրը շինեց ու այս բոլոր շտեմարանի քաղաքները՝ որոնք Եմաթի երկրին մէջ շինեց Ու վերի Բեթորոնն ու վարի Բեթորոնը պարիսպներով, դռներով ու նիգերով ամրացած քաղաքներ շինեց. Նաեւ Բաաղեթը ու Սողոմոնի բոլոր շտեմարանի քաղաքներն ու կառքերուն բոլոր քաղաքները ու ձիաւորներուն քաղաքները եւ այն բոլոր շէնքերը՝ որոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի, Լիբանանի ու իր տէրութեանը բոլոր երկրին մէջ։

Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Քետացիներէն, Ամօրհացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին, Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին ու Իսրայէլի որդիները զանոնք բոլորովին կորսնցուցած չէին, Սողոմոն հարկատու ըրաւ մինչեւ այսօր։ Սողոմոն իր գործին համար Իսրայէլի որդիներէն ծառաներ չառաւ, հապա անոնք պատերազմիկներ ու իր զօրքերուն իշխաններ եւ իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներ էին։ 10 Սողոմոն թագաւորին գլխաւոր իշխանները երկու հարիւր յիսուն հոգի էին, որոնք ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին։

11 Սողոմոն Փարաւոնին աղջիկը Դաւիթին քաղաքէն անոր համար շինած տունը տարաւ ու ըսաւ. «Իմ կինս Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին տունը պէտք չէ նստի, վասն զի Տէրոջը տապանակին մտած տեղերը սուրբ են»։

12 Այն ատեն Սողոմոն սրահին առջեւ շինած Տէրոջը սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց Տէրոջը։ 13 Մովսէսին պատուիրածին համեմատ ամէն օրուան որոշուածը՝ շաբաթներու, ամսագլուխներու ու հանդիսաւոր տօներուն մէջ, տարին երեք անգամ, այսինքն Բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու Տաղաւարահարաց տօնին կը մատուցանէր։ 14 Իր հօրը Դաւիթին կանոնովը քահանաներուն դասերը իրենց պաշտօններուն վրայ ու Ղեւտացիները իրենց պահպանութիւններուն վրայ, ամէն օրուան որոշուածին պէս, քահանաներուն առջեւ օրհնելու ու սպասաւորութիւն ընելու համար եւ դռնապաններն ալ իրենց դասերուն կարգովը մէկ մէկ դուռի քով դրաւ. քանզի այսպէս էր Աստուծոյ մարդուն՝ Դաւիթին՝ հրամանը։ 15 Քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, գանձարաններուն համար եւ ամէն բանի մէջ թագաւորին հրամանէն դուրս չեկան։ 16 Սողոմոնին բոլոր գործերը՝ Տէրոջը տանը հիմը դրուած օրէն մինչեւ անոր լմննալը՝ պատրաստուած էին։ Այսպէս լրացաւ Տէրոջը տունը։

17 Այն ատեն Սողոմոն Եդովմի երկրին մէջ՝ ծովեզերքը եղող Գասիոնգաբեր ու Ելաթ գնաց։ 18 Քիրամ իր ծառաներուն ձեռքով նաւեր ու ծովու ճամբորդութեան հմուտ ծառաներ ղրկեց անոր, որոնք Սողոմոնին ծառաներուն հետ Ոփիր գացին, անկէ չորս հարիւր յիսուն տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։

ՍԱԲԱՅԻ ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

(Գ Թագ. 10։1-13)

9 1 Սաբայի թագուհին Սողոմոնին համբաւը լսեց ու խրթին հարցումներով Սողոմոնը փորձելու համար Երուսաղէմ եկաւ խիստ մեծ շքախումբով եւ խունկեր ու ոսկի եւ պատուական քարեր բեռցուցած ուղտերով։ Երբ Սողոմոնին քով գնաց, իր սրտին մէջ բոլոր եղածին վրայով անոր հետ խօսեցաւ։ Սողոմոն անոր բոլոր հարցերը բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ Սողոմոն չհասկնար ու չբացատրէր անոր։ Սաբայի թագուհին Սողոմոնին իմաստութիւնն ու անոր շինած տունը Եւ անոր սեղանին կերակուրներն ու անոր ծառաներուն բնակարանները եւ սպասաւորներուն կեցուածքն ու անոնց հագուստները եւ անոր մատռուակները, անոնց հագուստներն ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց Եւ թագաւորին ըսաւ. «Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր, Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ։ Ահա քու իմաստութեանդ շատութեանը կէսը ինծի պատմուած չէր։ Դուն գերազանց ես այն համբաւէն, որ ես լսեցի։ Երանի՜ քու մարդոցդ ու երանի՜ այս քու ծառաներուդ, որոնք միշտ քու առջեւդ կայնելով քու իմաստութիւնդ կը լսեն։ Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ իր աթոռին վրայ դրաւ, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ հաճելի թագաւոր ըլլաս։ Քու Աստուածդ Իսրայէլը սիրելուն ու զանիկա յաւիտեան հաստատելու համար, քեզ անոնց վրայ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես»։ Եւ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր եւ պատուական քարեր տուաւ։ Սաբայի թագուհիին՝ Սողոմոն թագաւորին տուած խունկերուն նմանը չկար։

10 Եւ Քիրամին ծառաներն ու Սողոմոնին ծառաները, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին։ 11 Եւ թագաւորը ալմուկ փայտէն՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը աստիճաններ ու երգողներուն համար քնարներ ու տաւիղներ շինեց եւ անոնց նմանը անկէ առաջ Յուդայի երկրին մէջ չէր երեւցած։

ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

(Գ Թագ. 10։14-25)

12 Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, այն բաներէն զատ՝ որոնք անիկա թագաւորին բերաւ եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց։

13 Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկին վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ կը կշռէր, 14 Առուտուր ընողներուն ու վաճառականներուն եւ Արաբացիներուն բոլոր թագաւորներուն ու երկրին նախարարներուն՝ Սողոմոնին բերած ոսկիէն ու արծաթէն զատ։

15 Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց ու ամէն մէկ վահանի համար վեց հարիւր սիկղ կռածոյ ոսկի գնաց։ 16 Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց։ Ամէն մէկ ասպարին երեք հարիւր սիկղ ոսկի գնաց ու թագաւորը Լիբանանի անտառին տունը դրաւ զանոնք։

17 Թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց ու զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց։ 18 Աթոռը վեց աստիճան ու ոսկիէ պատուանդան մը ունէր, որոնք աթոռին կից էին եւ նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր։ Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։ 19 Վեց աստիճաններուն վրայ՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ոեւէ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր։

20 Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին եւ Լիբանանի անտառին տանը բոլոր ամանները զուտ ոսկիէ էին, արծաթէ չկար. վասն զի արծաթը Սողոմոնին օրերը բանի տեղ չէր սեպուեր։ 21 Քանզի թագաւորին նաւերը Քիրամին ծառաներուն հետ Թարսիս կ’երթային. Թարսիսի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով, կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային։

22 Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ՝ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ։ 23 Երկրի բոլոր թագաւորները կը փափաքէին Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր։ 24 Անոնց ամէնքը տարուէ տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ։

25 Սողոմոն ձիերու ու կառքերու համար չորս հազար ախոռ ունէր ու տասներկու հազար ձիաւոր ու զանոնք կառքերու քաղաքներուն ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց։ 26 Եփրատ գետէն մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր թագաւորներուն վրայ կ’իշխէր։ 27 Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։ 28 Անոր համար Եգիպտոսէն ու ամէն երկրէ ձիեր կ’արտածուէին։

ՍՈՂՈՄՈՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ

(Գ Թագ. 11։41-43)

29 Սողոմոնին առաջին ու վերջին պատմութեանը մնացորդը՝ Նաթան մարգարէին գրքին ու Սիլօնացի Աքիայի մարգարէութեանը եւ Ադդով տեսանողին՝ Նաբատեան Յերոբովամին վրայով գրած տեսիլքներուն մէջ գրուած են։ 30 Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի վրայ Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 31 Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ռոբովամը թագաւոր եղաւ։

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՑԱՂԵՐՈՒՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

(Գ Թագ. 12։1-20)

10 1 Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց. վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր։ Նաբատեան Յերոբովամը, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած Եգիպտոս կը բնակէր, այս բանը լսելով Եգիպտոսէն դարձաւ Եւ մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին ու Յերոբովամ եւ բոլոր Իսրայէլ եկան ու Ռոբովամին հետ խօսեցան ու ըսին. «Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ ու հիմա քու հօրդ դաժան ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր, որ քեզի ծառայութիւն ընենք»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Երեք օր ետքը ինծի եկէք»։ Ժողովուրդը գնաց։

Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնին առջեւ կը կենային, երբ անիկա ողջ էր ու ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ»։ Անոնք խօսեցան ու ըսին. «Եթէ այս ժողովուրդին հետ քաղցրութեամբ վարուիս ու անոնց հաճելի ըլլաս ու անոնց բարի խօսքեր խօսիս, այն ատեն անոնք միշտ քեզի ծառայ պիտի ըլլան»։ Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց ու իր առջեւ կեցող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ. քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին. ‘Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր’»։ 10 Անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին. «Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց ու դուն մեր վրայէն թեթեւցուր՝ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսիր ու անոնց այսպէս ըսէ. ‘Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։ 11 Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր է, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր է, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ’»։

12 Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամին եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ՝ «Երրորդ օրը ինծի եկէք»։ 13 Թագաւորը անոնց խստութեամբ պատասխան տուաւ։ Ռոբովամ թագաւորը ծերերուն խորհուրդը մերժելով, 14 Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես զանիկա աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ»։ 15 Թագաւորը ժողովուրդին խօսքին մտիկ չըրաւ. վասն զի այս բանը Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիային միջոցով Նաբատեան Յերոբովամին ըսած խօսքը կատարէ։

16 Երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ որ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք Դաւիթին քով ի՞նչ բաժին ունինք ու Յեսսէին որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, թող ամէն մարդ իր վրանը դառնայ։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգայ»։ Բոլոր Իսրայէլ իրենց վրանները գացին։ 17 Բայց Յուդային քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլին որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։ 18 Ռոբովամ թագաւորը, երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, Իսրայէլին որդիները զանիկա քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի։ 19 Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթին տան դէմ ապստամբ մնաց մինչեւ այսօր։

ՍԵՄԱՅԻԱՅԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

(Գ Թագ. 12։21-24)

11 1 Ռոբովամ Երուսաղէմ եկաւ ու Յուդայի եւ Բենիամինի տունէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որպէս զի Իսրայէլի հետ պատերազմ ընեն ու թագաւորութիւնը Ռոբովամին դարձնեն։ Բայց Տէրոջը խօսքը Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ եղաւ, ըսելով. «Սողոմոնին որդիին, Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եղող բոլոր Իսրայելացիներուն խօսէ եւ ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ ելլէք ու ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ, վասն զի այս բանը ինձմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Յերոբովամին վրայ երթալէն ետ կեցան։

ՌՈԲՈՎԱՄ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԷ

Ռոբովամ Երուսաղէմ բնակեցաւ ու Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ շինեց։ Բեթլեհէմը, Ետամը, Թեկուէն, Բեթսուրը, Սոքովը, Ոդողոմը, Գէթը, Մարեսան, Զիփը, Ադորայիմը, Լաքիսը, Ազեկան, 10 Սարաան, Այեղոնը ու Քեբրոնը շինեց, որոնք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ պարսպապատ քաղաքներ էին։ 11 Պարիսպները ամրացուց ու անոնց մէջ զօրապետներ եւ կերակուրի ու իւղի եւ գինիի շտեմարաններ 12 Ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ վահաններ ու նիզակներ դրաւ եւ զանոնք խիստ շատ ամրացուց։ Յուդա եւ Բենիամին անոր հպատակ էին։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ ԵՒ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐ ՅՈՒԴԱ ԿՈՒ ԳԱՆ

13 Բոլոր Իսրայէլի մէջ եղող քահանաներն ու Ղեւտացիները իրենց բոլոր սահմաններէն անոր քով հաւաքուեցան. 14 (Քանզի Ղեւտացիները իրենց արուարձաններն ու կալուածները թողուցին եւ Յուդայի երկիրը ու Երուսաղէմ գացին. վասն զի Յերոբովամ ու անոր որդիները զանոնք Տէրոջը քահանայութենէն հանեցին։ 15 Անիկա բարձր տեղերու համար ու դեւերու համար ու իր շինած հորթերուն համար իրեն քուրմեր որոշեց)։ 16 Եւ անոնց ետեւէն՝ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն Իսրայէլի Տէր Աստուածը սրտանց փնտռողները իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյ զոհ ընելու համար Երուսաղէմ կ’երթային։ 17 Յուդայի թագաւորութիւնը զօրացուցին եւ Սողոմոնին որդին Ռոբովամը երեք տարուան մէջ ուժովցուցին. քանզի երեք տարի Դաւիթին ու Սողոմոնին ճամբովը քալեցին։

ՌՈԲՈՎԱՄԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

18 Ռոբովամ Դաւիթին որդիին Յերիմովթին աղջիկը՝ Մայէլէթը՝ իրեն կնութեան առաւ. նաեւ Յեսսէին որդիին Եղիաբին աղջիկը՝ Աբիքէլը։ 19 Անիկա որդիներ ծնաւ անոր՝ Յեուսը, Սամարիան ու Զաամը։ 20 Անկէ ետքը Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան առաւ, որ անոր ծնաւ՝ Աբիան, Եթթին, Զիզան ու Սաղօմիթը։ 21 Ռոբովամ Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան իր բոլոր կիներէն ու հարճերէն աւելի կը սիրէր. (վասն զի անիկա տասնըութը կին ու վաթսուն հարճ առեր էր եւ քսանըութը տղայ ու վաթսուն աղջիկ ծնաւ)։ 22 Ռոբովամ՝ Մաաքային որդին Աբիան գլուխ դրաւ, այսինքն իր եղբայրներուն վրայ իշխան կարգեց, քանզի զանիկա թագաւոր ընելու միտք ունէր։ 23 Խելացութեամբ՝ իր բոլոր տղաքները Յուդայի ու Բենիամինի գաւառներուն պարսպապատ քաղաքներուն մէջ տեղաւորեց եւ անոնց առատ ապրուստ տուաւ ու շատ կիներ փնտռեց։

ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔ ՄԸ ՅՈՒԴԱՅԻ ՎՐԱՅ

(Գ Թագ. 14։25-28)

12 1 Երբ Ռոբովամին թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ ու ինք զօրացաւ, Տէրոջը օրէնքը թողուց ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլն ալ։

Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ ելաւ (քանզի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ըրեր էին)։ Անիկա հազար երկու հարիւր կառքով ու վաթսուն հազար ձիաւորով եկաւ ու անոր հետ Եգիպտոսէն եկած ժողովուրդը անթիւ էր՝ այսինքն Լիբէացիները, Սովկիացիներն ու Եթովպիացիները։ Յուդայի պարսպապատ քաղաքները առաւ ու մինչեւ Երուսաղէմ եկաւ։ Սեմայիա մարգարէն եկաւ Ռոբովամին ու Յուդային իշխաններուն, որոնք Սիսակին երեսէն Երուսաղէմ հաւաքուեր էին ու անոնց ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք զիս թողուցիք, ես ալ ձեզ Սիսակին ձեռքը կը թողում’»։ Իսրայէլի իշխանները, նաեւ թագաւորը խոնարհեցան ու ըսին. «Տէրը արդար է»։ Երբ Տէրը անոնց խոնարհիլը տեսաւ, Տէրոջը խօսքը Սեմայիային եղաւ՝ ըսելով. «Անոնք խոնարհեցան. ուստի պիտի չկորսնցնեմ զանոնք, հապա անոնց քիչ մը ազատութիւն պիտի տամ ու իմ բարկութիւնս Սիսակին ձեռքով Երուսաղէմի վրայ պիտի չթափի։ Սակայն անոր ծառաներ պիտի ըլլան, որպէս զի իմ ծառայութեանս ու երկրի թագաւորներուն ծառայութեանը տարբերութիւնը գիտնան»։ Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ եւ Տէրոջը տանը գանձերն ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ, ամէնքն ալ առաւ, Սողոմոնին շինած ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։ 10 Եւ Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։ 11 Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար, սուրհանդակները կու գային, զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։ 12 Ուստի, քանի որ խոնարհեցաւ, Տէրոջը բարկութիւնը անկէ դարձաւ ու զանիկա բոլորովին չկորսնցուց, վասն զի Յուդայի մէջ աղէկ բաներ կային։

ՌՈԲՈՎԱՄԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ

13 Ռոբովամ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ զօրացաւ ու թագաւորութիւն ըրաւ ու երբ Ռոբովամ թագաւորեց՝ քառասունըմէկ տարեկան էր։ Տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ՝ որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց՝ իր անունը հոն դնելու համար ու անոր մայրը Ամմոնացի էր Նաամա անունով։ 14 Անիկա չարութիւն ըրաւ ու իր սիրտը չուզեց, որ Տէրը փնտռէ։ 15 Ռոբովամի առաջին ու վերջին գործերը ահա Սեմայիա մարգարէին գրքին ու Ադդով տեսանողին ազգաբանութեանը մէջ գրուած են։ Ռոբովամին ու Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։ 16 Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Աբիան թագաւոր եղաւ։

ԱԲԻԱՆ ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

(Գ Թագ. 15։1-8)

13 1 Յերոբովամ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Յուդայի վրայ Աբիան թագաւորեց։ Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ եւ անոր մայրը՝ Միքայիա՝ Գաբաացի Ուրիէլին աղջիկն էր. Աբիային ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար։ Աբիան զօրաւոր ու պատերազմող զօրքերով՝ չորս հարիւր հազար ընտիր մարդոցմով պատերազմելու պատրաստուեցաւ։ Յերոբովամ ալ անոր դէմ ելաւ ութ հարիւր հազար ընտիր, զօրաւոր ու պատերազմող մարդոցմով։

Եւ Աբիա Եփրեմին լեռնակողմը Սեմարիմ լերան վրայ կանգնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամ ու բոլոր Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէք. Դուք գիտնալու չէ՞ք թէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Իսրայէլի վրայ թագաւորելը՝ յաւիտեան Դաւիթի ու անոր որդիներուն տուած է աղի ուխտով։ Բայց Դաւիթին որդիին Սողոմոնին ծառան՝ Նաբատեան Յերոբովամը ոտքի ելաւ ու իր տիրոջմէն ապստամբեցաւ։ Անոր քով դատարկապորտ ու անօրէն մարդիկ հաւաքուեցան ու Սողոմոնին որդիին Ռոբովամին դէմ կեցան. քանզի Ռոբովամ մանկահասակ ու փափկասիրտ ըլլալով՝ անոնց դէմ չդրաւ։ Հիմա դուք շատուոր ըլլալնուդ համար ու Յերոբովամին ձեզի շինած աստուածներուն, այն ոսկիէ հորթերուն, ձեր քով ըլլալուն համար, Դաւիթին որդիներուն ձեռքը եղող Տէրոջը թագաւորութեանը դէմ կենալ կը մտածէք։ Միթէ դուք Տէրոջը քահանաները՝ Ահարոնին որդիներն ու Ղեւտացիները դուրս չըրի՞ք եւ ուրիշ երկիրներու ժողովուրդներուն պէս ձեզի քուրմեր չըրի՞ք այն բոլոր մարդիկը, որոնք մէկ զուարակով ու եօթը խոյերով կու գային զիրենք նուիրելու, որպէս զի չաստուածներու քուրմ ըլլան։ 10 Բայց մեր Աստուածը Եհովան է։ Մենք զանիկա չթողուցինք եւ Տէրոջը ծառայութիւն ընող քահանաները Ահարոնին որդիներն են ու Ղեւտացիները իրենց պաշտօնին վրայ են։ 11 Ամէն առտու ու ամէն իրիկուն Տէրոջը ողջակէզներ կը մատուցանեն ու անուշահոտ խունկ կը ծխեն ու մաքուր սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացերը կը շարեն եւ ամէն իրիկուն վառելու համար ոսկիէ աշտանակն ու անոր ճրագները կը պատրաստեն. քանզի մենք մեր Տէր Աստուծոյն պահպանութիւնը կը պահենք, բայց դուք զանիկա մերժեցիք։ 12 Ահա Աստուած ինք մեզի հետ է՝ մեր իշխանը ըլլալու. նաեւ անոր քահանաները ազդարարութեան փողերով, որպէս զի ձեզի դէմ հնչեցնեն. ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն հետ մի՛ պատերազմիք. քանզի դուք յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։

13 Բայց Յերոբովամ դարանակալներ ղրկեց, որպէս զի անոնց ետեւէն գան. այնպէս որ Իսրայելացիները Յուդայեաններուն առջեւն էին ու դարանակալները անոնց ետեւն էին։ 14 Յուդայեանները նայեցան, որ պատերազմը իրենց առջեւէն ու ետեւէն էր ու Տէրոջը աղաղակեցին եւ քահանաները փողերը հնչեցուցին։ 15 Յուդայի մարդիկը աղաղակ բարձրացուցին ու երբ Յուդայի մարդիկը աղաղակեցին, Աստուած Յերոբովամն ու բոլոր Իսրայէլը Աբիային ու Յուդային առջեւ զարկաւ։ 16 Իսրայէլի որդիները Յուդային առջեւէն փախան։ Աստուած անոնց ձեռքը մատնեց զանոնք։ 17 Աբիան ու իր զօրքը մեծ կոտորած ըրին անոնց մէջ։ Իսրայէլէն հինգ հարիւր հազար ընտիր մարդիկ սպաննուած ինկան։ 18 Այն ատեն Իսրայելացիները նուաճուեցան ու Յուդայի որդիները իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ապաւինելնուն համար ոյժ գտան։ 19 Աբիան Յերոբովամը հալածեց ու անկէ քաղաքներ առաւ՝ Բեթէլն ու անոր գիւղերը եւ Յեսանան ու անոր գիւղերը եւ Եփրոնն ու անոր գիւղերը։ 20 Յերոբովամ Աբիային օրերուն մէջ անգամ մըն ալ չկրցաւ ոյժ գտնել։ Տէրը զանիկա զարկաւ ու մեռցուց։

21 Աբիան ուժովցաւ ու իրեն տասնըչորս կին առաւ։ Քսանըերկու տղայ ու տասնըվեց աղջիկ ծնաւ։ 22 Աբիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր գործերն ու խօսքերը Ադդով մարգարէին յիշատակարանին մէջ գրուած են։

ԱՍԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵԹՈՎՊԻԱՅԻ ԿԸ ՅԱՂԹԷ

14 1 Աբիան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ասան թագաւոր եղաւ։ Ասոր օրերը երկիրը տասը տարի հանգստութիւն գտաւ։ Ասա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի եւ ուղիղ եղածը ըրաւ։ Օտար աստուածներուն սեղաններն ու բարձր տեղերը վերցուց եւ արձանները կոտրտեց ու Աստարովթին կուռքերը կտոր կտոր ըրաւ։ Յուդային հրամայեց, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը փնտռեն ու օրէնքն ու պատուիրանքները կատարեն։ Յուդային բոլոր քաղաքներէն բարձր տեղերը ու արեգակին նուիրուած կուռքերը վերցուց ու թագաւորութիւնը հանգստացուց։ Անիկա Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ շինեց. քանզի այն տարիներուն մէջ երկիրը հանգստութիւն կը վայելէր ու անոր հետ պատերազմ ընող չկար, վասն զի Տէրը անոր հանգստութիւն տուաւ։ Ասա Յուդային ըսաւ. «Այս երկիրը քանի որ մեր իշխանութեան տակն է, նոր քաղաքներ շինենք ու զանոնք պարիսպներով, աշտարակներով, դռներով ու նիգերով շրջապատենք. քանզի մենք մեր Աստուածը փնտռեցինք ու ատոր համար ամէն կողմէ մեզի հանգստութիւն տուաւ։ Զանոնք շինեցին ու յաջողութիւն գտան։ Ասա Յուդայէն՝ վահան ու նիզակ կրող երեք հարիւր հազար զօրք ու Բենիամինէն ասպար կրող ու աղեղ քաշող երկու հարիւր ութսուն հազար զօրք ունէր։ Ասոնք ամէնքը զօրաւոր կտրիճներ էին։

Եթովպիացի Զարա մէկ միլիոն զօրքով եւ երեք հարիւր կառքով անոնց վրայ յարձակեցաւ ու մինչեւ Մարեսա եկաւ։ 10 Ասա անոր դէմ ելաւ ու Մարեսայի Սեփաթա ձորին մէջ պատերազմի շարուեցաւ։ 11 Ասա իր Տէր Աստուծոյն աղաղակեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քու առջեւդ տարբերութիւն մը չկայ թէ՛ շատով եւ թէ՛ քիչով օգնութիւն ընելու մէջ։ Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք ու այս բազմութեան վրայ քու անունովդ եկանք։ Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը դուն ես. մի՛ թողուր, որ մարդը քեզի դէմ զօրանայ»։ 12 Տէրը Եթովպիացիները Ասային ու Յուդային առջեւ զարկաւ։ Եթովպիացիները փախան։ 13 Ասա ու անոր հետ եղող ժողովուրդը զանոնք մինչեւ Գերարա հալածեցին։ Եթովպիացիները ինկան եւ անոնց վրայ կենդանութիւն չմնաց. քանզի Տէրոջը առջեւ ու անոր բանակին առջեւ խորտակուեցան։ Յուդայեանները խիստ շատ աւար առին 14 Եւ Գերարայի բոլորտիքը եղող բոլոր քաղաքները զարկին. քանզի անոնց վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու բոլոր քաղաքները կողոպտեցին, վասն զի անոնց մէջ շատ աւար կար։ 15 Հօտերուն վրաններն ալ զարկին ու խիստ շատ ոչխար եւ ուղտ առնելով՝ Երուսաղէմ դարձան։

ԱՍԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

15 1 Ովդեդի որդիին Ազարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ Եւ Ասային առջեւ ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ Ասա ու բոլոր Յուդա ու Բենիամին, ինծի մտիկ ըրէք. Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու։ Իսրայէլ երկար ժամանակ առանց ճշմարիտ Աստուծոյ, առանց սորվեցնող քահանայի ու առանց օրէնքի մնացեր էր. Բայց իրենց նեղութեանը մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ դարձան ու զանիկա փնտռելով գտան։ Այն ատենները ելլողին ու մտնողին ապահովութիւն չկար. քանզի երկիրներուն բոլոր բնակիչներուն մէջ շատ խռովութիւններ կային։ Ազգ ազգի հետ ու քաղաք քաղաքի հետ կը զարնուէր. վասն զի Աստուած ամէն նեղութիւններով զարհուրեցուց զանոնք։ Եւ հիմա դուք զօրացէ՛ք ու ձեռքերնիդ չթուլնան. վասն զի ձեր գործին վարձք կայ»։

Ասա այս խօսքերն ու Ովդեդ մարգարէին մարգարէութիւնները լսելով՝ զօրացաւ եւ Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր երկրէն ու Եփրեմի լեռնէն իր առած քաղաքներէն պղծութիւնները վերցուց ու Տէրոջը տաճարին սրահին առջեւը եղող սեղանը նորոգեց։ Յուդայէն ու Բենիամինէն ու Եփրեմէն եւ Մանասէէն ու Շմաւոնէն անոնց քով գտնուած պանդուխտները հաւաքեց. քանզի Իսրայէլէն շատ մարդիկ անոր կողմը անցան, տեսնելով որ անոր Տէր Աստուածը անոր հետն է։ 10 Անոնք Ասային թագաւորութեանը տասնըհինգերորդ տարիին երրորդ ամսուն Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան 11 Ու այն օրը իրենց բերած աւարէն Տէրոջը զոհ ըրին, եօթը հարիւր արջառ ու եօթը հազար ոչխար 12 Եւ ուխտ ըրին, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով փնտռեն 13 Եւ ով որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը չփնտռէ, թէ՛ պզտիկ եւ թէ՛ մեծ, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին ըլլայ՝ պիտի մեռցուի։ 14 Մեծ ձայնով եւ ցնծութեան աղաղակով ու փողերով ու շեփորներով Տէրոջը երդում ըրին։ 15 Բոլոր Յուդան այն երդումին վրայ ուրախացաւ. քանզի իրենց բոլոր սրտովը երդում ըրին ու իրենց բոլոր կամքովը փնտռելով՝ գտան զանիկա։ Տէրը ամէն կողմանէ հանգստացուց զանոնք։

16 Ասա թագաւորը իր մայրը՝ Մաաքան ալ տիկնութենէ հանեց, վասն զի անիկա Աստարովթի կուռք շիներ էր։ Ասա անոր կուռքն ալ կոտրտեց ու փշրեց ու Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց։ 17 Բայց բարձր տեղերը Իսրայէլէն չվերցուեցան. սակայն Ասային սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ուղիղ էր։ 18 Իր հօրն ու իր նուիրած բաները, արծաթն ու ոսկին ու անօթները, Աստուծոյ տունը տարաւ։ 19 Մինչեւ Ասային թագաւորութեան երեսունըհինգերորդ տարին պատերազմ չեղաւ։

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ

(Գ Թագ. 15։17-22)

16 1 Ասային թագաւորութեան երեսունըվեցերորդ տարին Իսրայէլի Բաասա թագաւորը Յուդային դէմ ելաւ ու Ռաման շինեց, որպէս զի չթողու որ Յուդայի Ասա թագաւորին քով մարդ մտնէ ու ելլէ։ Ասա Տէրոջը տանն ու թագաւորին տանը գանձերէն արծաթ ու ոսկի հանեց ու Դամասկոս բնակող Ասորիներու թագաւորին՝ Բենադադին ղրկեց՝ ըսելով. «Իմ ու քու մէջտեղ դաշինք կայ։ Ահա քեզի արծաթ ու ոսկի կը ղրկեմ. եկո՛ւր, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշինքդ աւրէ, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի»։ Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքին մտիկ ըրաւ եւ իր զօրագլուխները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց ու Իյօնը, Դանը, Աբէլմայիմն ու Նեփթաղիմին բոլոր շտեմարանի քաղաքները զարկին։ Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու գործը դադրեցուց։ Ուստի Ասա թագաւորը բոլոր Յուդան առաւ ու Բաասային շինած Ռամայի քարերն ու փայտերը վերցուցին ու անոնցմով Գաբան ու Մասփան շինեցին։

ԱՆԱՆԻ ՍԱՐԳԱՐԷՆ

Այն ատեն Անանի տեսանողը Յուդային Ասա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Քանի որ Ասորիներուն թագաւորին ապաւինեցար ու քու Տէր Աստուծոյդ չ’ապաւինեցար, անոր համար Ասորիներուն թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ։ Միթէ Եթովպիացիներն ու Լիբէացիները խիստ շատ կառքերով ու ձիաւորներով բազմաթիւ զօրք չէի՞ն. բայց որովհետեւ դուն Տէրոջը ապաւինեցար՝ զանոնք քու ձեռքդ մատնեց. Քանզի Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ։ Դուն այդ բանին մէջ անմտութիւն ըրիր. ասկէ ետքը պատերազմներ պիտի ունենաս»։ 10 Ասա՝ տեսանողին սրդողեցաւ ու զանիկա բանտը դրաւ, վասն զի այս բանին համար խիստ բարկացաւ անոր։ Այն ատեն Ասա ժողովուրդէն մէկ քանիներ հարստահարեց։

ԱՍԱՅԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ

(Գ Թագ. 15։23-24)

11 Եւ Ասայի առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։ 12 Ասա իր թագաւորութեանը երեսունըիններորդ տարին ոտքի ցաւով հիւանդացաւ ու անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ եւ իր հիւանդութեանը մէջ ալ Տէրը չփնտռեց, հապա բժիշկներ փնտռեց։ 13 Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անիկա իր թագաւորութեան քառասունըմէկերորդ տարին մեռաւ։ 14 Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ իրեն համար փորուած գերեզմանը թաղեցին եւ զանիկա խունկերով ու իւղագործի արուեստին զանազան բաղադրութիւններովը լեցուն անկողինի մը մէջ պառկեցուցին ու անոր վրայ խիստ շատ խունկեր ծխեցին։

ՅՈՎՍԱՓԱՏ ԿԸ ԹԱԳԱՒՈՐԷ

17 1 Անոր տեղը անոր որդին Յովսափատը թագաւոր եղաւ ու Իսրայէլին դէմ զօրացաւ։ Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զօրքեր դրաւ ու Յուդայի երկրին մէջ ու անոր հօրը Ասային առած Եփրեմին քաղաքներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ։ Տէրը Յովսափատին հետ էր. քանզի անիկա իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու Բահաղիմը չփնտռեց, Հապա իր հօրը Աստուածը փնտռեց, անոր պատուիրանքներուն մէջ քալելով եւ ո՛չ թէ Իսրայէլին պէս ընելով։ Տէրը թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատեց ու բոլոր Յուդան Յովսափատին ընծաներ կը բերէր։ Անոր հարստութիւնն ու փառքը շատցաւ։ Անոր սիրտը Տէրոջը ճամբաներուն մէջ զօրացաւ։ Անիկա բարձր տեղերն ու Աստարովթին կուռքերն ալ Յուդայէն վերցուց։

Իր թագաւորութեան երրորդ տարին իր իշխանները՝ Բենհայիլը, Աբդիան, Զաքարիան, Նաթանայէլը ու Միքիան՝ ղրկեց, որպէս զի Յուդային քաղաքներուն մէջ սորվեցնեն։ Անոնց հետ էին Սեմայիա, Նաթանիա, Զաբադիա, Ասայէլ, Սեմիրամովթ, Յովնաթան, Ադոնիա, Տուբիա ու Տոբադոնիա Ղեւտացիները. նաեւ անոնց հետ՝ Եղիսամա ու Յովրամ քահանաները։ Յուդայի մէջ կը սորվեցնէին ու Տէրոջը օրէնքի գիրքը անոնց հետ էր։ Յուդայի բոլոր քաղաքները կը պտըտէին ու ժողովուրդին կը սորվեցնէին։

ՅՈՎՍԱՓԱՏԻՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ

10 Յուդային բոլորտիքը եղող երկիրներուն բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու Յովսափատին հետ պատերազմ չըրին։ 11 Փղշտացիներէն ալ Յովսափատին ընծաներ ու տուրք բերին։ Արաբացիներն ալ հօտերէն եօթը հազար եօթը հարիւր խոյ ու եօթը հազար եօթը հարիւր նոխազ բերին անոր։ 12 Յովսափատ երթալով խիստ մեծցաւ ու Յուդայի մէջ բերդեր ու շտեմարանի քաղաքներ շինեց։ 13 Անիկա Յուդայի քաղաքներուն մէջ շատ գործեր ունէր ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր կտրիճներ ու պատերազմող մարդիկ ունէր։ 14 Այս էր անոնց թիւը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ. Յուդայի հազարապետները՝ Եդնա իշխանը ու անոր հետ երեք հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ։ 15 Անկէ ետքը Յօհանա իշխանը ու անոր հետ երկու հարիւր ութսուն հազար մարդիկ։ 16 Անկէ ետքը Զեքրիի որդին Ամասիան, որ Տէրոջը ուխտաւորն էր ու անոր հետ երկու հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ. 17 Բենիամինէն զօրաւոր կտրիճ Եղիադան եւ անոր հետ երկու հարիւր հազար աղեղնաւոր ու ասպարաւոր մարդիկ. 18 Անկէ ետքը Յովզաբադն ու անոր հետ հարիւր ութսուն հազար սպառազինեալ մարդիկ։ 19 Ասոնք էին թագաւորին ծառայութիւն ընողները, բացի այն մարդոցմէ, որոնք թագաւորը բոլոր Յուդայի պարսպապատ քաղաքներուն մէջ դրաւ։

ՄԻՔԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԱՔԱԱԲԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

(Գ Թագ. 22։1-28)

18 1 Յովսափատ խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ եւ Աքաաբին հետ խնամութիւն ըրաւ։ Մէկ քանի տարի ետքը Սամարիա գնաց Աքաաբին։ Աքաաբ անոր ու անոր հետ եղող ժողովուրդին խիստ շատ ոչխարներ ու արջառներ մորթեց ու զանիկա համոզեց, որ Ռամովթ–Գաղաադ երթայ։ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը Յուդայի Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ–Գաղաադ կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ ու իմ ժողովուրդս քու ժողովուրդիդ պէս է։ Քեզի հետ պատերազմի երթանք»։

Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Նախ Տէրոջը կամքը հարցուր»։ Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, որոնք չորս հարիւր հոգի էին ու անոնց ըսաւ. «Ռամովթ–Գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենամ»։ Անոնք ըսին. «Գնա՛. վասն զի Աստուած զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։ Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը ուրիշ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որպէս զի անոր ալ հարցնենք»։ Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Ուրիշ մարդ մըն ալ կայ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ, քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա՝ միշտ գէշ. անիկա Յեմլային որդին Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը այդպէս թող չխօսի»։

Իսրայէլի թագաւորը ներքինի մը կանչեց ու ըսաւ. «Յեմլային որդին Միքիան շուտով հոս բեր»։ Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը, Սամարիային դրանը առջեւի հրապարակին մէջ, ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր ու բոլոր մարգարէները անոնց առջեւ մարգարէութիւն կ’ընէին։ 10 Քանանային որդին Սեդեկիան իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’»։ 11 Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ–Գաղաադ ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս եւ Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։

12 Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Ահա բոլոր մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար նպաստաւոր խօսեցան. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ»։ 13 Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ իմ Աստուածս ինծի ինչ որ ըսէ, այն պիտի ըսեմ»։

14 Երբ անիկա թագաւորին գնաց, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Միքիա, Ռամովթ–Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք»։ Անիկա ըսաւ. «Ելէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք ու ձեր ձեռքը պիտի տրուին»։ 15 Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունովը ճշմարիտը միայն խօսիս ինծի»։ 16 Անիկա ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլը հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ եւ Տէրը ըսաւ. «‘Ասոնք տէր չունին’. ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ»։ 17 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ»։ 18 Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր աջ կողմը ու ձախ կողմը կայներ էին 19 Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ո՞վ կրնայ խաբել, որպէս զի Ռամովթ–Գաղաադ ելլէ ու կորսուի’։ Մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ։ 20 Ու ոգի մը ելաւ եւ Տէրոջը առջեւ կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա ես կը խաբեմ’։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Ի՞նչ միջոցով’։ 21 Անիկա ըսաւ. ‘Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի դնեմ’։ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս։ Ելի՛ր ու այնպէս ըրէ՛’։ 22 Ահա Տէրը այս քու մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է. Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ»։

23 Այն ատեն Քանանային որդին Սեդեկիան մօտեցաւ ու Միքիային ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօսելու համար»։ 24 Միքիան ըսաւ. «Դուն ալ պիտի տեսնես այն օրը որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ պիտի մտնես»։

25 Թագաւորը ըսաւ. «Միքիան առէք ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին եւ թագաւորին որդիին Յովասին տարէք 26 Ու ըսէք՝ Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Զանիկա բանտը դրէք։ Մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէ՛ք’»։ 27 Միքիան ըսաւ. «Եթէ երբեք խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինձմով խօսած չըլլայ» ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ամէնքդ ալ լսեցէ՛ք»։

ԱՔԱԱԲԻՆ ՄԱՀԸ

(Գ Թագ. 22։29-35)

28 Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ–Գաղաադ ելան։ 29 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կերպարանքս պիտի փոխեմ ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ. բայց դուն քու հագուստդ հագիր»։ Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց ու պատերազմի մէջ մտան։ 30 Ասորիներուն թագաւորը իր կառքերու պետին պատուիրեց ու ըսաւ. «Պզտիկի կամ մեծի հետ մի՛ պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ»։ 31 Ու երբ կառքերու իշխանները Յովսափատը տեսան՝ «Իսրայէլի թագաւորը ասիկա է», ըսելով, անոր դէմ պատերազմելու գացին։ Յովսափատ աղաղակեց ու Տէրը իրեն օգնութիւն ըրաւ եւ Աստուած զանոնք իրմէ դարձուց։ 32 Երբ կառքերու իշխանները տեսան թէ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։ 33 Եւ մարդ մը առանց դիտելու իր աղեղը քաշեց ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն զարկաւ. այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ»։ 34 Այն օրը պատերազմը սաստկացաւ ու Իսրայէլի թագաւորը մինչեւ իրիկուն Ասորիներուն դէմ իր կառքին մէջ կեցաւ ու արեւուն մարը մտած ատենը մեռաւ։

ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ ՅՈՎՍԱՓԱՏԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ

19 1 Յուդայի Յովսափատ թագաւորը խաղաղութեամբ Երուսաղէմ իր տունը դարձաւ։ Անանիին որդին Յէու տեսանողը անոր դէմ ելաւ ու Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Պէ՞տք էր որ մեղաւորին օգնէիր ու Տէրը ատողները սիրէիր։ Ահա ասոր համար Տէրը քեզի դէմ բարկացած է։ Բայց քու վրադ բարի բաներ գտնուեցան. քանզի Աստարովթին կուռքերը երկրէն բնաջինջ ըրիր ու քու սիրտդ Աստուած փնտռելու պատրաստեցիր»։

Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ կը բնակէր ու նորէն ելաւ ժողովուրդին մէջ պտըտեցաւ, Բերսաբէէն մինչեւ Եփրեմին լեռը ու զանոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դարձուց։ Երկրին մէջ բոլոր քաղաքներուն դատաւորներ դրաւ, նոյնպէս Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ։ Դատաւորներուն ըսաւ. «Նայեցէ՛ք թէ ի՛նչ կ’ընէք, քանզի ձեր դատաստանը մարդու չի վերաբերիր, հապա Տէրոջը, որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է։ Ուրեմն Տէրոջը վախը ձեր վրայ ըլլայ, զգուշութեամբ գործեցէք. քանզի մեր Տէր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն, աչառութիւն ու կաշառք չկայ»։

Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ ալ որոշ թիւով Ղեւտացիներ ու քահանաներ ու Իսրայէլէն նահապետներ որոշեց՝ Տէրոջը դատաստանին եւ վիճելի հարցերը վճռելու համար։ Անոնք Երուսաղէմ դարձան։ Անոնց պատուէր տուաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը վախովը, հաւատարմութեամբ եւ ուղիղ սրտով ըրէք։ 10 Երբ քաղաքներուն մէջ բնակող ձեր եղբայրներէն դատ մը գայ ձեր առջեւ՝ թէ՛ արիւնահեղութեան, թէ՛ օրէնքի ու պատուիրանքի եւ թէ՛ կանոններու եւ օրէնքներու, անոնց խրատ տուէք, որ Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեն. որպէս զի ձեր վրայ ու ձեր եղբայրներուն վրայ բարկութիւն չգայ։ Այսպէս ըրէք, որպէս զի յանցաւոր չըլլաք։ 11 Ահա Տէրոջը ոեւէ գործի համար Ամարիա մեծ քահանան ձեր առաջնորդն է ու թագաւորին ոեւէ գործի համար Յուդային տանը իշխանը Իսմայէլին որդին Զաբադիան ու ձեր առջեւէն Ղեւտացիները ոստիկաններ են։ Զօրացէք ու այսպէս ըրէք ու Տէրը բարիին հետ պիտի ըլլայ»։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՍԷԻՐԻ ԴԷՄ

20 1 Ասկէ ետքը Մովաբի որդիները ու Ամմոնին որդիները ու անոնց հետ Ամմոնացիներէն ալ Յովսափատին հետ պատերազմելու եկան։ Քանի մը հոգի գացին ու Յովսափատին պատմեցին ու ըսին. «Քու վրադ ծովուն անդիի կողմէն Ասորիներուն մէջէն մեծ բազմութիւն կու գայ։ Անոնք Ասասանթամարի (այսինքն Ենգադդիի) մէջ են»։ Յովսափատ վախցաւ ու Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ եւ բոլոր Յուդայի մէջ ծոմապահութիւն քարոզեց։ Յուդայեանները հաւաքուեցան որպէս զի Տէրոջմէ օգնութիւն խնդրեն ու Յուդային բոլոր քաղաքներէն ալ եկան։ Յովսափատ Տէրոջը տանը մէջ, նոր գաւիթին առջեւ, Յուդային ու Երուսաղէմին ժողովուրդին մէջ կեցաւ Ու ըսաւ. «Ո՛վ մեր հայրերուն Տէր Աստուածը, դուն այն Աստուածը չե՞ս որ երկինքը կը բնակիս ու բոլոր ազգերուն թագաւորութիւններուն վրայ կը տիրես եւ քու ձեռքիդ մէջ այնպիսի զօրութիւն եւ ոյժ մը կայ, որ բնաւ մէկը չի կրնար քեզի դէմ դնել։ Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, այս երկրին բնակիչները քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ առջեւէն վռնտեցիր ու զանիկա յաւիտեան քու սիրելիիդ, Աբրահամին սերունդին տուիր։ Անոնք հոն բնակեցան ու հոն քու անուանդ համար քեզի սրբարան մը շինեցին ու ըսին. ‘Եթէ մեր վրայ չարիք, սուր, դատաստան, ժանտախտ, կամ սով գայ, մենք այս տանը առջեւ ու քու առջեւդ կենանք (վասն զի այս տանը մէջ քու անունդ կայ) ու մեր նեղութեան ատենը քեզի աղաղակենք, այն ատեն լսես ու մեզ ազատես’։ 10 Ահա Ամմոնին ու Մովաբին որդիները ու Սէիր լերանը բնակիչները՝ որոնց մէջ մտնելու հրաման չտուիր Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելած ատենը, հապա անոնցմէ խոտորեցան ու զանոնք չկորսնցուցին՝ 11 Ահա անոնք մեզի հատուցում ընելու համար՝ կու գան մեզ վռնտելու քու ժառանգութենէդ, որ մեզի տուիր։ 12 Ո՛վ մեր Աստուածը, անոնց դատաստան չե՞ս ըներ. քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. ուստի մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք»։ 13 Բոլոր Յուդայեանները իրենց ընտանիքներովը, կիներովն ու տղաքներովը Տէրոջը առջեւ կեցեր էին։

14 Այն ատեն Ասափին որդիներէն Ղեւտացի Մաթանիային որդիին Յէիէլին որդիին Բանիային որդիին Զաքարիային որդիին Յազիէլին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ժողովուրդին մէջ 15 Ու անիկա ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ ու դո՛ւն, Յո՛վսափատ թագաւոր, մտիկ ըրէ՛ք, Տէրը ձեզի այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք մի՛ վախնաք ու այս մեծ բազմութեանը երեսէն մի՛ զարհուրիք, քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյն է’։ 16 Վաղը անոնց վրայ իջէ՛ք. ահա անոնք Ասիսի զառիվերէն պիտի ելլեն։ Զանոնք հեղեղատին ծայրը, Յերուէլին անապատին առջեւ, պիտի գտնէք։ 17 Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք։ Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմ. մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վաղը անոնց դէմ ելէ՛ք ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։ 18 Այն ատեն Յովսափատ երեսը գետինը ծռեց ու բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները Տէրոջը առջեւ երեսի վրայ ինկան ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։ 19 Կահաթեաններու որդիներէն ու Կորխեաններու որդիներէն եղող Ղեւտացիները Իսրայէլի Տէր Աստուածը խիստ բարձր ձայնով օրհնեցին։

20 Առաւօտուն կանուխ ելան ու Թեկուէի անապատը գացին։ Անոնց երթալու ատենը Յովսափատ կեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէք. ձեր Տէր Աստուծոյն հաւատացէք ու ապահով պիտի ըլլաք։ Անոր մարգարէներուն հաւատացէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք»։ 21 Ժողովուրդին հետ խորհուրդ ըրաւ ու Տէրոջը երգողներ որոշեց, որպէս զի զօրքին առջեւէն ելլեն ու Տէրոջը սուրբ փառքը օրհնեն ու ըսեն. «Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։

22 Երբ անոնք ցնծութեան երգն ու օրհնութիւնը սկսան, Յուդայի վրայ եկող Ամմոնին ու Մովաբին որդիներուն ու Սէիր լերանը բնակիչներուն դէմ Տէրը դարանակալներ հանեց եւ անոնք կոտորուեցան։ 23 Քանզի Ամմոնի ու Մովաբի որդիները Սէիր լերանը բնակիչներուն վրայ յարձակեցան, որպէս զի զանոնք ջարդեն ու բնաջնջեն։ Երբ Սէիրի բնակիչները հատցուցին, մէկզմէկ կոտորելու սկսան։ 24 Յուդայեանները անապատին մէջ եղող դիտանոցը հասնելով՝ այն բազմութեանը նայեցան եւ ահա անոնց դիակները գետնին վրայ փռուած էին ու ազատուած մը չկար։ 25 Այն ատեն Յովսափատ ու անոր ժողովուրդը անոնց աւարը հաւաքելու գացին ու շատ ապրանք ու պատուական ամաններ գտան ու կողոպտեցին, այնքան որ ալ չէին կրնար տանիլ։ Աւարը երեք օր հաւաքեցին, վասն զի խիստ շատ էր։

26 Չորրորդ օրը Օրհնութեան հովիտը հաւաքուեցան ու հոն Տէրը օրհնեցին։ Ատոր համար այն տեղին անունը Օրհնութեան Հովիտ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։ 27 Բոլոր Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդիկը ու անոնց առաջնորդը Յովսափատ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան. քանզի Տէրը զիրենք իրենց թշնամիներէն ազատելով ուրախացուցեր էր 28 Եւ տաւիղներով, քնարներով ու փողերով Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գացին։ 29 Բոլոր երկիրներուն թագաւորութիւններուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, երբ լսեցին թէ Տէրը Իսրայէլի թշնամիներուն հետ պատերազմեցաւ։ 30 Յովսափատին թագաւորութիւնը խաղաղ էր ու Աստուած զանիկա ամէն կողմանէ հանգստացուց։

ՅՈՎՍԱՓԱՏԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ

(Գ Թագ. 22։41-50)

31 Յովսափատ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Երեսունըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու քսանըհինգ տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորեց։ Անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիին աղջիկն էր։ 32 Յովսափատ իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց ու անկէ չխոտորեցաւ՝ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ընելով։ 33 Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան ու ժողովուրդը դեռ սրտերնին լման չէին դարձուցած իրենց հայրերուն Աստուծոյն։ 34 Յովսափատին մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ յիշուած Անանիին որդիին Յէուին պատմութեանը մէջ գրուած է։

35 Ասկէ ետքը Յուդայի Յովսափատ թագաւորը՝ չարութիւն ընող Իսրայէլի Ոքոզիա թագաւորին հետ միաբանեցաւ 36 Ու անոր հետ ընկերութիւն ըրաւ, որպէս զի Թարսիս երթալու նաւեր շինեն ու Գասիոն–Գաբերի մէջ նաւեր շինեցին։ 37 Մարեսացի Դօդիային որդին Եղիազարը Յովսափատին վրայ մարգարէութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ դուն Ոքոզիային հետ ընկերացար, Տէրը քու գործդ աւրեց»։ Նաւերը խորտակուեցան ու չկրցան Թարսիս երթալ։

ՅՈՎՐԱՄ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐ

(Դ Թագ. 8։17-24)

21 1 Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովրամը թագաւոր եղաւ։ Յովրամին եղբայրներն էին՝ Ազարիան, Յեքիէլը, Զաքարիան, Ազարիուն, Միքայէլն ու Սափատիան։ Ասոնք ամէնքը Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովսափատին որդիներն էին։ Անոնց հայրը արծաթ ու ոսկի ու թանկագին բաներ, շատ պարգեւներ տուաւ անոնց, նաեւ Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ, բայց թագաւորութիւնը Յովրամին տուաւ, քանզի անդրանիկը ան էր։ Երբ Յովրամ իր հօրը թագաւորութեան աթոռը նստաւ ու զօրացաւ, իր բոլոր եղբայրներն ու Իսրայէլի իշխաններէն մէկ քանիները սրով մեռցուց։ Յովրամ երեսունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ ութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա Աքաաբին տանը ըրածին պէս Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց (քանզի Աքաաբին աղջիկը անոր կինն էր) ու Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Բայց Տէրը, Դաւիթին հետ ըրած ուխտին համար եւ անոր ու անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տալու խոստումին համար, Դաւիթին տունը կորսնցնել չուզեց։

Ասոր օրերը Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։ Յովրամ իր իշխաններովն ու բոլոր կառքերովը գիշերով գնաց եւ իր չորս կողմը գտնուող Եդովմայեցիներն ու կառքերու իշխանները զարկաւ։ 10 Բայց Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբ մնացին մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Լեբնա ալ անոր ձեռքին տակէն ապստամբեցաւ, քանզի անիկա իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էր։ 11 Անիկա Յուդայի լեռներուն վրայ բարձր տեղեր ալ շինեց ու Երուսաղէմին բնակիչներուն պոռնկութիւն ընել տուաւ եւ Յուդան գլխէ հանեց։

12 Եղիա մարգարէէն անոր թուղթ մը եկաւ, որով կ’ըսէր. «Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու հօրդ Յովսափատին ճամբաներէն ու Յուդային Ասա թագաւորին ճամբաներէն չքալեցիր, 13 Հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներէն քալեցիր եւ Յուդային ու Երուսաղէմին բնակիչներուն՝ Աքաաբին տանը պոռնկութիւններուն պէս պոռնկութիւն ընել տուիր ու նաեւ քեզմէ աղէկ եղող եղբայրներդ, քու հօրդ որդիները մեռցուցիր, 14 Ահա քու ժողովուրդդ, քու որդիներդ ու կիներդ եւ քու բոլոր ստացուածքդ մեծ հարուածով պիտի զարնեմ 15 Ու դուն չարաչար պիտի հիւանդանաս փորի հիւանդութիւնով, մինչեւ որ փորոտիքդ դուրս թափին այն հիւանդութեան պատճառով, որ օրէ օր պիտի սաստկանայ’»։

16 Տէրը Յովրամին դէմ գրգռեց Փղշտացիները ու Եթովպիացիներուն մօտերը բնակող Արաբացիները 17 Եւ անոնք Յուդայի վրայ ելան ու զանիկա կողոպտեցին եւ թագաւորին տանը մէջ գտնուած բոլոր ստացուածքը ու անոր որդիներն ու կիներն ալ քշեցին տարին ու անոր որդիներէն միայն անոր պզտիկ որդին Յովաքազը ազատուեցաւ։

18 Այս բոլոր բաներէն ետքը՝ Տէրը զանիկա այնպիսի փորոտիքի հիւանդութեամբ մը զարկաւ, որ անբժշկելի էր։ 19 Ժամանակի ընթացքին, այսինքն երկու տարիի չափ ժամանակ անցնելէն ետքը, իր հիւանդութենէն փորոտիքը դուրս թափեցան ու չարաչար հիւանդութիւնով մեռաւ։ Ժողովուրդը անոր վրայ խունկեր չծխեցին, ինչպէս անոր հայրերուն վրայ ծխեր էին։ 20 Անիկա թագաւոր եղած ատենը երեսունըերկու տարեկան էր եւ ութը տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա մեռաւ եւ ոեւէ մէկը անոր վրայ չցաւեցաւ։ Զանիկա ալ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց ոչ թէ թագաւորներու գերեզմաններուն մէջ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 8։25-29, 9։21-28)

22 1 Երուսաղէմի բնակիչները անոր տեղ անոր պզտիկ որդին Ոքոզիան թագաւոր ըրին. քանզի Արաբացիներուն հետ բանակը եղող գունդերը բոլոր մեծերը մեռցուցեր էին։ Այսպէս Յուդային Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիան թագաւորեց։ Ոքոզիան քառասունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Գոթողիա էր ու Ամրիին աղջիկն էր։ Անիկա ալ Աքաաբին տանը ճամբաներուն մէջ քալեց. քանզի անոր մայրը չարութիւն ընելու խորհուրդ կու տար անոր։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ Աքաաբին տանը պէս. վասն զի իր հօրը մեռնելէն ետքը անոնք էին իր խորհրդականները՝ իր կործանման համար։ Անիկա անոնց խորհուրդովը գնաց ու Աքաաբեան Յովրամին, Իսրայէլի թագաւորին հետ Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ–Գաղաադ պատերազմելու գնաց։ Ասորիները Յովրամը զարկին։ Եւ անիկա դարձաւ որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները իրեն տուեր էին Ռամովթի մէջ, Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը։ Յուդայի թագաւորը՝ Յովրամին որդին՝ Ազարիան՝ Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբին որդին Յովրամը տեսնելու, վասն զի անիկա հիւանդ էր։ Ոքոզիային կործանումը Աստուծմէ եղաւ՝ Յովրամին քով երթալովը. վասն զի երբ անիկա հոն գնաց, Նամեսսեան Յէուն դիմաւորելու ելաւ, որ Տէրը օծեր էր Աքաաբին տունը բնաջինջ ընելու համար։ Երբ Յէուն Աքաաբին տանը վրայ Աստուծոյ վճիռը կը գործադրէր, Յուդային իշխանները եւ Ոքոզիային ծառայութիւն ընող Ոքոզիային եղբօրորդիները գտաւ ու զանոնք մեռցուց. Ոքոզիան ալ փնտռեց, որ Սամարիայի մէջ պահուած էր։ Զանիկա բռնեցին եւ Յէուին բերելով մեռցուցին ու թաղեցին, քանզի ըսին. «Ասիկա բոլոր սրտով Տէրը խնդրող Յովսափատին որդին է»։ Ոքոզիային տունէն մէկը չկար՝ որ թագաւորութիւնը պահելու կարող ըլլար։

ԳՈԹՈՂԻԱ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳՈՒՀԻ

(Դ Թագ. 11։1-3)

10 Իսկ Ոքոզիային մայրը Գոթողիան իր որդիին մեռնիլը տեսնելով՝ ելաւ ու Յուդային տանը բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։ 11 Բայց թագաւորին աղջիկը Յօսաբէէ Ոքոզիային որդին Յովասը առաւ ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն փախցուց զանիկա եւ անոր դայեակին հետ անկողիններու սենեակին մէջ դրաւ զանիկա ու այսպէս Յովրամ թագաւորին աղջիկը, Յովիադա քահանային կինը Յօսաբէէն, Ոքոզիային քոյրը ըլլալով՝ Գոթողիան պահեց, որ զանիկա չմեռցնէ։ 12 Եւ Յովաս անոնց հետ վեց տարի Աստուծոյ տանը մէջ պահուեցաւ, երբ երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։

ԳՈԹՈՂԻԱՅԻ ԴԷՄ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ

(Դ Թագ. 11։4-16)

23 1 Եօթներորդ տարին Յովիադա ուժովցաւ, դաշնադրութեամբ իրեն հետ առնելով հարիւրապետները՝ Յերոամին որդին Ազարիան եւ Յօհանանին որդին Իսմայէլը ու Ովբէդին որդին Ազարիան եւ Ադայիային որդին Մաասիան ու Զեքրիին որդին Եղիսափատը։ Անոնք Յուդայի մէջ պտըտեցան ու Յուդայի բոլոր քաղաքներէն Ղեւտացիներն ու Իսրայէլի տոհմերուն իշխանները հաւաքեցին ու Երուսաղէմ եկան։ Բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը մէջ թագաւորին հետ դաշինք կնքեցին ու Յովիադան անոնց ըսաւ. «Ահա թագաւորին որդին թագաւոր պիտի ըլլայ, ինչպէս Տէրը Դաւիթին որդիներուն համար ըսաւ։ Ահա ձեր ընելիքը. ձեր մէկ երրորդ մասը, թէ՛ քահանաներէն եւ թէ՛ Ղեւտացիներէն շաբաթ օրը մտնողները, դռներուն պահպանութիւն պիտի ընեն։ Ու ձեր մէկ երրորդ մասը՝ թագաւորին տունը ու մէկ երրորդ մասը Հիմին դուռը պիտի կենան, բայց բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը գաւիթներուն մէջ թող կայնի. Իսկ Տէրոջը տունը՝ քահանաներէն ու ծառայութիւն ընող Ղեւտացիներէն զատ ուրիշ մարդ պիտի չմտնէ։ Անոնք պիտի մտնեն, քանզի անոնք սուրբ են եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը հրամանը պիտի կատարէ։ Ղեւտացիները՝ ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը բռնած՝ թագաւորին շուրջը պիտի կենան։ Տունը մտնողը պիտի մեռցուի։ Անոնք թագաւորին հետ պիտի ըլլան անոր մտած ու ելած ատենը»։ Ու Ղեւտացիներն ու բոլոր Յուդան Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Ամէն մէկը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ շաբաթ օրը մտնողները, թէ՛ շաբաթ օրը ելլողները. քանզի Յովիադա քահանան պաշտօնին վրայ եղողները չարձակեց։ Յովիադա քահանան Դաւիթ թագաւորին նիզակները, ասպարներն ու վահանները, որոնք Աստուծոյ տանը մէջ էին, հարիւրապետներուն տուաւ 10 Եւ բոլոր ժողովուրդը, ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը, տանը աջ կողմէն մինչեւ ձախ կողմը, սեղանին ու տանը քով թագաւորին շուրջը կեցուց։ 11 Թագաւորին որդին հանեցին ու անոր գլուխը դրին թագն ու վկայութիւնը ու զանիկա թագաւոր յայտարարեցին։ Յովիադան ու անոր որդիները զանիկա օծեցին ու ըսին. «Կեցցէ՛ արքայ»։

12 Գոթողիան, լսելով ժողովուրդին ձայնը, որոնք կը վազէին ու թագաւորը կ’օրհնէին, Տէրոջը տունը ժողովուրդին եկաւ 13 Ու տեսաւ որ ահա թագաւորը իր սիւնին քով սրահին մուտքը կեցեր էր եւ զօրապետներն ու փողերը թագաւորին քով էին ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախանալով՝ փողեր կը հնչեցնէին ու երգողները նուագարաններով ու երաժշտապետները օրհնութիւններ կ’երգէին. այն ատեն Գոթողիան իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։ 14 Եւ Յովիադա քահանան զօրքին վրայ եղող հարիւրապետները հանեց ու անոնց ըսաւ. «Ասիկա կարգերուն մէջէն հանեցէք ու ասոր ետեւէն գացողը սրով թող մեռցուի (քանզի քահանան ըսեր էր՝ ‘Զանիկա Տէրոջը տանը մէջ մի՛ մեռցնէք’)։ 15 Անոր վրայ ձեռքերնին երկնցուցին ու երբ անիկա թագաւորական տանը ձիերու դռնէն ներս կը մտնէր, զանիկա հոն մեռցուցին։

ՅՈՎԻԱԴԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

(Դ Թագ. 11։17-20)

16 Յովիադան իրեն ու բոլոր ժողովուրդին ու թագաւորին մէջտեղ դաշինք կնքեց, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան։ 17 Բոլոր ժողովուրդը Բահաղին տունը մտան ու զանիկա կործանեցին եւ անոր սեղաններն ու կուռքերը կտոր կտոր ըրին ու Բահաղին քուրմը՝ Մատթանը՝ սեղաններուն առջեւ սպաննեցին։ 18 Յովիադան Ղեւտացի քահանաներուն ձեռքով Դաւիթին Տէրոջը տանը համար պաշտօնեաներ դրաւ, որպէս զի Մովսէսին օրէնքին մէջ գրուածին պէս՝ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանեն ուրախութեամբ ու երգով, ինչպէս Դաւիթ սահմաներ էր։ 19 Դռնապանները Տէրոջը տանը դռներուն քով կեցուց, որպէս զի ոեւէ կերպով անմաքուր եղող մարդ մը չմտնէ։ 20 Անիկա հարիւրապետներն ու ազնուականները եւ ժողովուրդին իշխաններն ու երկրին բոլոր ժողովուրդը առաւ ու թագաւորը Տէրոջը տունէն իջեցուց եւ բարձր դռնէն թագաւորին տունը մտան ու թագաւորը նստեցուցին թագաւորական աթոռին վրայ։ 21 Երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախացաւ եւ քաղաքը հանգստութեան մէջ էր ու Գոթողիան սրով մեռցուցած էին։

ՅՈՎԱՍ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐ

(Դ Թագ. 12։1-16)

24 1 Յովաս եօթը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաքէն։ Յովաս՝ Յովիադա քահանային բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Յովիադան անոր երկու կին առնել տուաւ ու տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։

Ասկէ ետքը Յովաս ուզեց որ Տէրոջը տունը նորոգէ։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները հաւաքուեցան եւ անոնց ըսաւ. «Յուդայի քաղաքները ելէ՛ք ու ձեր Աստուծոյն տունը նորոգելու համար բոլոր Իսրայէլէն տարուէ տարի ստակ հաւաքեցէ՛ք։ Այս գործը շուտով ըրէ՛ք»։ Բայց Ղեւտացիները շուտով չըրին։ Ուստի թագաւորը Յովիադա իշխանը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրոջը ծառային, Մովսէսին ու Իսրայէլի ժողովուրդին վկայութեան խորանին համար պատուիրուած տուրքը ինչո՞ւ համար Ղեւտացիներէն չպահանջեցիր, որ Յուդայէն ու Երուսաղէմէն բերեն։ (Քանզի անօրէն Գոթողիան ու անոր որդիները Աստուծոյ տունը աւերեր էին ու Տէրոջը տանը բոլոր սուրբ բաները Բահաղիմին նուիրեր էին)։ Թագաւորը հրամայեց ու սնտուկ մը շինեցին ու զանիկա Տէրոջը տանը դրանը դուրսի կողմը դրին Եւ Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ Աստուծոյ ծառային, Մովսէսին, անապատին մէջ Իսրայէլի պատուիրած տուրքը Տէրոջը բերեն։ 10 Բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը ուրախացան ու իրենց տուրքը բերին սնտուկին մէջ ձգեցին, մինչեւ որ անիկա լեցուեցաւ։ 11 Երբ սնտուկը Ղեւտացիներուն ձեռքով թագաւորին վերակացուներուն կը տարուէր, անոնք տեսան թէ ստակը շատ շատ է. թագաւորին գրագիրն ու մեծ քահանային վերակացուն եկան եւ սնտուկը պարպեցին ու վերցնելով իր տեղը դարձուցին։ Ամէն օր այսպէս կ’ընէին։ Շատ ստակ հաւաքուեցաւ։ 12 Թագաւորն ու Յովիադան զանիկա Տէրոջը տանը ծառայութեան գործը ընողներուն կու տային ու անոնք Տէրոջը տունը նորոգելու համար՝ վարձքով քարահատներ ու հիւսներ կը բռնէին ու Տէրոջը տունը ամրացնելու համար՝ երկաթագործներուն ու պղնձագործներուն ալ կու տային։ 13 Բանուորները կ’աշխատէին ու նորոգութեան գործը անոնց ձեռքով կը կատարուէր։ Այսպէս Աստուծոյ տունը իր ձեւին բերելով՝ զանիկա ամրացուցին։ 14 Երբ նորոգութիւնը լմնցուցին, մնացած ստակը թագաւորին ու Յովիադային առջեւ բերին ու անով Տէրոջը տանը համար անօթներ, պաշտամունքին ու ողջակէզներուն համար ամաններ ու խնկամաններ եւ ուրիշ ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ շինեցին։ Յովիադային բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ ողջակէզներ կը մատուցանուէին։

15 Յովիադան ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով մեռաւ։ Մեռած ատենը հարիւր երեսուն տարեկան էր։ 16 Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թագաւորներուն հետ թաղեցին. քանզի անիկա Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր։

ՅՈՎԻԱԴԱՅԻՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ

17 Յովիադային մեռնելէն ետքը՝ Յուդայի իշխանները եկան ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրին։ Այն ատեն թագաւորը անոնց մտիկ ըրաւ։ 18 Անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը թողուցին եւ Աստարովթին կուռքերուն ու չաստուածներուն ծառայութիւն ըրին։ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ իրենց այս յանցանքին համար։ 19 Վասն զի անոնց մարգարէներ ղրկեց, որպէս զի զանոնք Տէրոջը դարձնեն։ Ասոնք անոնց վկայութիւն ըրին, բայց անոնք մտիկ չըրին։

20 Յովիադա քահանային որդիին Զաքարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու անիկա ժողովուրդին մէջ բարձր տեղ մը կեցաւ ու անոնց ըսաւ. «Աստուած այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ինչո՞ւ համար Տէրոջը պատուիրանքներէն կը խոտորիք։ Դուք բնաւ յաջողութիւն պիտի չգտնէք, քանզի դուք Տէրը մերժեցիք, ան ալ ձեզ պիտի մերժէ’»։ 21 Ժողովուրդը անոր դէմ միաբանեցան ու զանիկա թագաւորին հրամանովը Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ քարկոծեցին։ 22 Յովաս թագաւորը անոր հօրը Յովիադային իրեն ըրած բարերարութիւնը չյիշելով՝ անոր որդին մեռցուց, բայց անիկա մեռած ատենը ըսաւ. «Տէրը տեսնէ ու դատէ»։

ՅՈՎԱՍ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՎԱԽՃԱՆԸ

23 Հետեւեալ տարին Ասորիներուն զօրքը անոր դէմ ելլելով Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները մեռցուցին ու անոնց բոլոր աւարը Դամասկոսի թագաւորին ղրկեցին։ 24 Ասորիներուն զօրքը քիչ մարդոցմով եկաւ, բայց Տէրը խիստ շատուոր եղող զօրքը անոնց ձեռքը մատնեց. քանզի անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին։ Այսպէս Ասորիները Աստուծոյ դատաստանը գործադրեցին Յովասին վրայ։ 25 Երբ անոնք գացին անկէ, մեծ հիւանդութիւններու մէջ ձգելով զանիկա, անոր ծառաները անոր դէմ դաւաճանութիւն ըրին Յովիադա քահանային որդիներուն արեանը համար ու զանիկա իր անկողնին մէջ սպաննեցին ու զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց թագաւորներու գերեզմանին մէջ չթաղեցին։ 26 Անոր դէմ դաւաճանութիւն ընողները ասոնք էին՝ Ամմոնացի կնոջ Սամեթի որդին Զաբադն ու Մովաբացի կնոջ Սամարիթի որդին Յովզաբադը։ 27 Անոր որդիներուն մասին ու իր քով հաւաքուած տուրքին շատութեանը մասին ու Աստուծոյ տանը նորոգութեանը մասին՝ ահա թագաւորներու գրքին յիշատակարանին մէջ գրուած է։ Անոր տեղ անոր որդին Ամասիան թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄԱՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 14։2-6)

25 1 Ամասիա քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յովադան էր ու Երուսաղեմացի էր։ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ կատարեալ սրտով։

Երբ թագաւորութիւնը անոր վրայ հաստատուեցաւ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր թագաւոր հայրը սպաններ էին. Բայց անոնց որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսին օրինաց գրքին մէջ գրուած է։ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը չմեռցուին ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը չմեռցուին, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար պիտի մեռցուի»։

Ամասիա Յուդան հաւաքեց ու անոնց տոհմերուն վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ՝ բոլոր Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եւ քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեց ու պատերազմի ելլող եւ նիզակ ու վահան կրող երեք հարիւր հազար ընտիր զօրք գտաւ։ Անիկա հարիւր տաղանդ արծաթով Իսրայէլէն հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ վարձեց։ Աստուծմէ մարդ մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, Իսրայէլի զօրքը քեզի հետ մի՛ տանիր, քանզի Տէրը Իսրայէլի հետ՝ այսինքն բոլոր Եփրեմի որդիներուն հետ չէ. Բայց եթէ դուն երթալ կ’ուզես, գնա՛ ու պատերազմի համար ուժովցի՛ր, բայց Աստուած թշնամիին առջեւ պիտի կործանէ քեզ, քանզի օգնելու ու կործանելու զօրութիւնը Աստուծոյ ձեռքն է»։ Ամասիա Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Հապա ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այն հարիւր տաղանդը, որ ես Իսրայէլի զօրքին տուի»։ Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ»։ 10 Ամասիա Եփրեմէն իրեն եկող գունդերը զատեց, որպէս զի իրենց տեղը երթան ու անոնք Յուդայէն խիստ սրդողեցան ու սաստիկ բարկութեամբ իրենց տեղերը դարձան։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՍԷԻՐԻ ԴԷՄ

(Դ Թագ. 14։7)

11 Ամասիա ուժովցաւ ու իր զօրքը հանեց ու Աղի ձորը գնաց եւ Սէիրի որդիներէն տասը հազար հոգի զարկաւ։ 12 Յուդայի որդիներէն տասը հազար ալ ողջ գերի առին եւ քարաժայռին գլուխը տարին ու զանոնք քարաժայռին գլխէն վար ձգեցին ու ամէնքն ալ կտոր կտոր եղան։

13 Այն զօրքերը, որոնք Ամասիա ետ ղրկեց, որպէս զի իրեն հետ պատերազմի չերթան, Յուդայի քաղաքներուն վրայ յարձակեցան՝ Սամարիայէն մինչեւ Բեթորոն ու անոնցմէ երեք հազար մարդ մեռցուցին եւ շատ աւար առին։

14 Երբ Ամասիա Եդովմայեցիները ջարդելէն դարձաւ, Սէիրի որդիներուն աստուածները բերաւ ու զանոնք կանգնեցուց, որպէս զի իրեն աստուածներ ըլլան։ Անոնց առջեւ երկրպագութիւն կ’ընէր ու անոնց խունկ կը ծխէր։ 15 Տէրոջը բարկութիւնը Ամասիային վրայ բորբոքեցաւ եւ անոր մարգարէ մը ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ դիմեցիր այն ժողովուրդին աստուածներուն, որոնք չկրցան իրենց ժողովուրդը քու ձեռքէդ ազատել»։ 16 Երբ անոր հետ կը խօսէր, թագաւորը ըսաւ անոր. «Միթէ քեզ թագաւորի խորհրդակա՞ն դրին. լո՛ւռ կեցիր, չըլլայ որ մեռցուիս»։ Մարգարէն կեցաւ ու ըսաւ. «Աղէկ գիտեմ թէ Աստուած որոշեր է քեզ կորսնցնել, որովհետեւ իմ խրատիս մտիկ չընելով՝ այդ բանը ըրիր»։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ

(Դ Թագ. 14։8-20)

17 Յուդայի Ամասիա թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու Իսրայէլի թագաւորին, Յէուին որդիին Յովաքազին որդիին Յովասին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, երես երեսի տեսնուինք»։ 18 Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղեւնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. ‘Քու աղջիկդ իմ տղուս կնութեան տուր’. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ ու փուշը կոխկռտեց։ 19 Դուն՝ ‘ահա Եդովմը զարկի’, ըսիր ու քու սիրտդ քեզ բարձրացնելով հպարտացուց. հիմա քու տունդ նստէ. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզի հետ Յուդան ալ»։ 20 Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ. քանզի ասիկա Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնէ, Եդովմայեցիներուն աստուածները փնտռելուն համար։ 21 Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ եւ ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան։ 22 Եւ Յուդա Իսրայէլէն յաղթուեցաւ ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։ 23 Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Յովաքազի որդիին Յովասին որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը, Բեթսամիւսի մէջ բռնեց ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ ու Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկեան դուռը՝ Երուսաղէմի պարսպէն չորս հարիւր կանգուն փլցուց։ 24 Բոլոր ոսկին ու արծաթը եւ Աստուծոյ տանը մէջ գտնուած՝ Աբդեդօմին քովի բոլոր ամաններն ու թագաւորին տանը գանձերը եւ պատանդներ ալ առաւ ու Սամարիա դարձաւ։

25 Յուդայի թագաւորը՝ Յովասին որդին Ամասիան՝ Իսրայէլի թագաւորին Յովաքազին որդիին Յովասին մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ։ 26 Ամասիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։ 27 Ամասիա, երբ Տէրոջը հետեւելէն խոտորեցաւ, անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին ու անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին եւ զանիկա հոն մեռցուցին։ 28 Ձիերով բերին ու իր հայրերուն հետ Յուդայի քաղաքին մէջ թաղեցին։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 14։21-22, 15։1-7)

26 1 Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ոզիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր ու զանիկա իր հօրը՝ Ամասիային տեղը թագաւոր ըրին։ Ասիկա Ելաթը շինեց ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը զայն Յուդային վերադարձուց։ Ոզիան տասնըվեց տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր, որ Երուսաղեմացի էր։ Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային ըրածին պէս։ Աստուծոյ տեսիլքներուն հմուտ եղող Զաքարիային օրերը Աստուած կը փնտռէր։ Տէրը փնտռած օրը Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար։ Ան գնաց Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ եւ Գէթին պարիսպը, Յաբնէին պարիսպը ու Ազովտոսի պարիսպը փլցուց եւ Ազովտոսի գաւառին մէջ ու Փղշտացիներու միւս երկիրներուն մէջ քաղաքներ շինեց։ Աստուած անոր օգնութիւն ըրաւ Փղշտացիներուն դէմ ու Գուր–Բահաղ բնակող Արաբացիներուն դէմ ու Մաոնացիներուն դէմ։ Եւ Ամմոնացիները Ոզիային ընծաներ տուին ու անոր անունը մինչեւ Եգիպտոսի մուտքը տարածուեցաւ, քանզի անիկա խիստ ուժովցաւ։ Ոզիան Երուսաղէմի մէջ՝ Անկեան դրանը վրայ ու Ձորի դրանը վրայ եւ պարսպին դարձուածքին վրայ աշտանակներ շինեց ու զանոնք ամրացուց։ 10 Եւ անապատին մէջ ալ աշտարակներ շինեց ու շատ ջրհորներ փորեց. քանզի անիկա դաշտի մէջ ու հովիտի մէջ շատ անասուններ ու լեռնակողմը նաեւ Կարմեղոս լեռը երկրագործներ ու այգեգործներ ունէր. քանզի երկրագործութիւնը կը սիրէր։ 11 Ոզիան, Յէիէլ դպրապետին ու Մաասիա ոստիկանին ձեռքով համրուած թիւին համեմատ, թագաւորին իշխաններէն Անանիային ձեռքին տակ՝ գունդով պատերազմի ելլող զօրքեր ունէր։ 12 Բոլոր զօրաւոր կտրիճներուն տոհմապետներուն թիւը երկու հազար վեց հարիւր էր։ 13 Անոնց ձեռքին տակ երեք հարիւր եօթը հազար հինգ հարիւր պատերազմող մարդ կար, որոնք մեծ ուժով կը պատերազմէին ու թշնամիին դէմ թագաւորին օգնութիւն կ’ընէին։ 14 Ոզիա բոլոր զօրքին համար վահաններ, նիզակներ, սաղաւարտներ, զրահներ, աղեղներ ու քարերու համար պարսատիկներ պատրաստեց։ 15 Անիկա Երուսաղէմի մէջ արհեստաւորներուն ճարտարութիւնովը մեքենաներ շինեց, որպէս զի նետեր ու մեծ քարեր նետելու համար՝ աշտարակներուն վրայ եւ անկիւններուն վրայ կենան։ Անոր անունը հեռու տեղեր տարածուեցաւ, վասն զի անիկա զարմանալիօրէն օգնութիւններ գտաւ, մինչեւ որ ուժովցաւ։

ՈԶԻԱ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ

16 Բայց երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ եւ իր Տէր Աստուծոյն դէմ յանցանք գործեց ու Տէրոջը տաճարը մտաւ, որպէս զի խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխէ։ 17 Անոր ետեւէն Ազարիա քահանան մտաւ ու անոր հետ Տէրոջը ութսուն քահանաները՝ որոնք զօրաւոր մարդիկ էին։ 18 Անոնք Ոզիա թագաւորին դէմ կեցան ու անոր ըսին. «Ո՛վ Ոզիա, քեզի չիյնար որ Տէրոջը խունկ ծխես, հապա Ահարոնեան քահանաներուն՝ որոնք խունկ ծխելու համար սրբուած են. սրբարանէն դո՛ւրս ելիր, քանզի յանցանք գործեցիր ու այս բանին համար Տէր Աստուծմէ պիտի չպատուըուիս»։ 19 Ոզիա բարկացաւ ու անոր ձեռքը խունկ ծխելու համար բուրվառ կար։ Երբ քահանաներուն բարկացաւ, քահանաներուն առջեւ, Տէրոջը տանը մէջ խունկի սեղանին քով, անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն երեւցաւ։ 20 Ազարիա քահանայապետն ու բոլոր քահանաները անոր նայեցան եւ ահա անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն կար ու զանիկա շուտով անկէ հանեցին ու անիկա ալ ելլելու արտորաց, քանզի Տէրը զանիկա զարկեր էր։ 21 Ոզիա թագաւորը մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր ու զատ տան մը մէջ բորոտած կը նստէր, վասն զի Տէրոջը տունէն արտաքսուեցաւ։ Անոր որդին Յովաթամ, թագաւորին տանը վրայ ըլլալով, երկրին ժողովուրդը կը դատէր։

22 Ոզիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը Ամովսի որդին՝ Եսայի մարգարէն գրեց։ 23 Ոզիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հայրերուն հետ թագաւորներու գերեզմաններուն դաշտին մէջ թաղեցին. վասն զի ըսին. «Անիկա բորոտ է»։ Եւ անոր որդին Յովաթամը անոր տեղ թագաւորեց։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱԹԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 15։32-38)

27 1 Յովաթամ քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յերուսա էր ու Սադովկին աղջիկն էր։ Իր հօրը Ոզիային բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ. բայց Տէրոջը տաճարը չմտաւ ու ժողովուրդը տակաւին ապականած էր։ Ասիկա Տէրոջը տանը ամենէն բարձր դուռը շինեց ու Ոփաղի պարսպին վրայ շատ բաներ շինեց։ Յուդայի լեռնակողմը քաղաքներ ու անտառներու մէջ բերդեր ու աշտարակներ շինեց։ Անիկա Ամմոնին որդիներուն եւ թագաւորին հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց եւ նոյն տարին Ամմոնին որդիները հարիւր տաղանդ արծաթ ու տասը հազար քոռ ցորեն եւ տասը հազար քոռ գարի տուին անոր։ Նոյնպէս երկրորդ ու երրորդ տարին ալ Ամմոնին որդիները նոյն բաները բերին։ Յովաթամ զօրացաւ, վասն զի իր ճամբաները իր Տէր Աստուծոյն առջեւ շտկեց։

Յովաթամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր պատերազմները ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներու գրքին մէջ գրուած են։ Անիկա թագաւոր եղած ատենը քսանըհինգ տարեկան էր ու տասնըվեց տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին եւ անոր որդին Աքազ անոր տեղ թագաւորեց։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 16։1-4)

28 1 Աքազ քսան տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Դաւիթին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն չըրաւ. Հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներուն մէջ քալեց ու Բահաղիմին ձուլածոյ կուռքեր շինեց։ Անիկա Ենովմին որդիին ձորին մէջ խունկ կը ծխէր ու իր որդիները կրակով այրեց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտեց։ Բարձր տեղերը ու բլուրներու վրայ եւ ամէն կանանչ ծառերու տակ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։

ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

(Դ Թագ. 16։5)

Անոր համար Աստուած զանոնք Ասորիներու թագաւորին ձեռքը մատնեց։ Անոնք անոր յաղթեցին եւ շատ գերիներ առին ու Դամասկոս տարին։ Նաեւ Իսրայէլի թագաւորին ձեռքը մատնուեցաւ, որ զանիկա մեծ հարուածով զարկաւ։ Ռովմելայի որդին Փակէէն մէկ օրուան մէջ Յուդայէն հարիւր քսան հազար մարդ մեռցուց, որոնց ամէնքն ալ զօրաւոր կտրիճներ էին. քանզի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին։ Եփրեմէն Զեքրի անունով զօրաւոր մարդ մը թագաւորին որդին Մաասիան եւ պալատին հազարապետը Եզրիկամը ու թագաւորին փոխանորդը Եղկանան մեռցուց։ Իսրայէլի որդիները իրենց եղբայրներէն՝ կիներ ու տղաքներ եւ աղջիկներ՝ երկու հարիւր հազար գերի առին եւ անոնցմէ շատ աւարներ առին ու աւարը Սամարիա տարին։

ՈՎԴԵԴ ՄԱՐԳԱՐԷՆ

Հոն Տէրոջը մարգարէներէն Ովդեդը Սամարիա գացող զօրքին դէմ ելաւ ու անոնց ըսաւ. «Ահա ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը Յուդային վրայ բարկանալուն համար՝ զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց ու մեռցուցիք զանոնք այնպիսի բարկութեամբ, որ մինչեւ երկինք հասաւ։ 10 Հիմա կը մտածէք Յուդայի ու Երուսաղէմի որդիները ձեզի ծառաներ ու աղախիններ ընել. Անով ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ դուք յանցաւոր չէ՞ք ըլլար։ 11 Ինծի մտիկ ըրէ՛ք. ետ դարձուցէք այն գերիները, որոնք ձեր եղբայրներէն առիք. քանզի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ է»։ 12 Եփրեմին որդիներուն իշխաններէն Յօհանանին որդին Ազարիան, Մեսեղամօթին որդին Բարաքիան, Սեղղումին որդին Եզեկիան ու Ադղիային որդին Ամեսային՝ պատերազմէն եկողներուն դէմ կեցան 13 Եւ անոնց ըսին. «Գերիները հոս մի՛ բերէք. քանզի մենք արդէն Տէրոջը առջեւ յանցաւոր ենք ու դուք կ’ուզէք ասիկա ալ մեր մեղքերուն ու մեր յանցանքներուն վրայ աւելցնել։ Մեր յանցանքը շատ է ու Իսրայէլի վրայ սաստիկ բարկութիւն կայ»։ 14 Այն ատեն պատերազմողները իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ թողուցին գերիներն ու աւարը։ 15 Իրենց անուններովը յիշուած մարդիկը ելան ու գերիները առին ու բոլոր մերկ եղողները աւարէն հագցուցին։ Անոնց հանդերձներ ու կօշիկներ հագցուցին, զանոնք կերցուցին ու խմցուցին եւ զանոնք իւղով օծեցին եւ բոլոր տկարները էշերու վրայ հեծցնելով՝ Արմաւենիներու քաղաքը Երիքով տարին անոնց եղբայրներուն քով ու իրենք Սամարիա դարձան։

ԱՔԱԶ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՆԴՐԷ

(Դ Թագ. 16։7-9)

16 Եւ այն ատեն Աքազ թագաւորը Ասորեստանի թագաւորներուն պատգամ ղրկեց, որպէս զի իրեն օգնութիւն ընեն. 17 Վասն զի Եդովմայեցիները նորէն եկեր էին ու Յուդան զարնելով գերիներ տարեր էին։ 18 Փղշտացիներն ալ դաշտի մէջ ու Յուդայի հարաւային կողմը եղող քաղաքներուն վրայ յարձակելով՝ Բեթսամիւսը, Այեղոնը, Գադերօթը, Սոքովն ու անոր գիւղերը եւ Թամնան ու անոր գիւղերը եւ Գամզովն ու անոր գիւղերը առեր ու հոն բնակեր էին։ 19 Վասն զի Տէրը Իսրայէլի Աքազ թագաւորին պատճառով Յուդան նկուն ըրաւ. որովհետեւ անիկա Յուդան գլխէ հանեց ու Տէրոջ դէմ ապստամբեցաւ։ 20 Ու Ասորեստանի Թագղաթ–Փաղասար թագաւորը անոր եկաւ ու զանիկա նեղեց. բայց անոր չօգնեց։ 21 Քանզի թէպէտեւ Աքազ Տէրոջը տունէն ու թագաւորին եւ իշխաններուն տուներէն բաժիններ առաւ ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ, բայց անիկա իրեն չօգնեց։

ԱՔԱԶԻՆ ՄԵՂՔԵՐԸ

22 Իր նեղութեանը մէջ՝ ա՛լ աւելի Տէրոջը դէմ մեղք կը գործէր։ Այսպիսի մարդ մըն էր Աքազ թագաւորը։ 23 Անիկա զոհեր մատուցանեց Դամասկոսի աստուածներուն, որոնք զինք զարկեր էին. քանզի ըսաւ. «Ասորիներուն թագաւորներուն աստուածները անոնց օգնեցին, ուստի անոնց զոհ մատուցանեմ, որպէս զի ինծի ալ օգնեն»։ Բայց անոնք իրեն ու բոլոր Իսրայէլի աւերումին պատճառաւ դարձան։ 24 Աքազ Աստուծոյ տանը անօթները հաւաքեց ու զանոնք կոտրտեց եւ Տէրոջը տանը դռները գոցեց ու Երուսաղէմի բոլոր անկիւնները իրեն սեղաններ շինեց։ 25 Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ բարձր տեղեր շինեց, որպէս զի ուրիշ աստուածներու խունկ ծխէ ու իր հայրերուն Տէր Աստուածը սրդողցուց։

26 Անոր մնացորդ պատմութիւնը ու բոլոր վարմունքը, առաջինն ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ 27 Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Զանիկա Երուսաղէմ քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց Իսրայէլի թագաւորներուն գերեզմաննոցը չտարին։ Անոր որդին Եզեկիան անոր տեղ թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԵԶԵԿԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 18։1-3)

29 1 Եզեկիա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Աբիա էր, որ Զաքարիային աղջիկն էր։ Եզեկիա իր հօրը Դաւիթին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ

Անիկա իր թագաւորութեան առաջին տարուան առաջին ամիսը Տէրոջը տանը դռները բացաւ ու զանոնք նորոգեց։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները բերել տուաւ ու զանոնք արեւելեան հրապարակին մէջ հաւաքեց Եւ անոնց ըսաւ. «Ինծի մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Ղեւտացիներ, հիմա սրբուեցէ՛ք ու ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը սրբեցէ՛ք եւ պղծութիւնը սրբարանէն դուրս հանեցէք. Քանզի մեր հայրերը ապստամբեցան ու մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրին ու զանիկա թողուցին եւ իրենց երեսը Տէրոջը խորանէն դարձուցին ու արհամարհեցին զանիկա. Սրահին դռներն ալ գոցեցին, ճրագները մարեցին, խունկ չծխեցին ու սուրբ տեղը Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզ չմատուցանեցին։ Անոր համար Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ Տէրը բարկացաւ ու զանոնք խռովութեան, աւերման ու խայտառակութեան մէջ ձգեց, ինչպէս հիմա ձեր աչքերովը կը տեսնէք։ Այս պատճառով ահա մեր հայրերը սրով ինկան ու մեր տղաքները եւ աղջիկներն ու կիները գերութեան մէջ են։ 10 Հիմա ես սրտանց կը փափաքիմ, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ուխտ ընեմ, որպէս զի իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ։ 11 Արդ՝ որդեակնե՛րս, անհոգութիւն մի՛ ընէք. վասն զի Տէրը ձեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն ծառայութիւն ընելու համար իր առջեւ կայնիք, իրեն սպասաւորներ ըլլաք ու խունկ ծխէք»։ 12 Այն ատեն ոտքի ելան Ղեւտացիները, այսինքն Կահաթի որդիներէն Ամեսայիի որդին Մաաթն ու Ազարիայի որդին Յովէլը եւ Մերարիի որդիներէն՝ Աբդիի որդին Կիսը ու Յալէլէլի որդին Ազարիան ու Գերսոնեաններէն Զամմայի որդին Յովաքը եւ Յովաքի որդին Եդէնը, 13 Ու Եղիսափանի որդիներէն՝ Սամարին ու Յէիէլը եւ Ասափի որդիներէն՝ Զաքարիան ու Մաթանիան 14 Ու Եմանի որդիներէն՝ Յեքիէլն ու Սեմէին եւ Իդիթունի որդիներէն՝ Սեմայիան ու Ոզիէլը։ 15 Եւ իրենց եղբայրները հաւաքեցին ու սրբուեցան եւ թագաւորին հրամանովն ու Տէրոջը խօսքովը Տէրոջը տունը մաքրելու գացին։ 16 Քահանաները մաքրելու համար՝ Տէրոջը տանը ներսի կողմը մտան ու Տէրոջը տաճարին մէջ գտնուած բոլոր աղտեղութիւնը Տէրոջը տանը գաւիթը հանեցին ու Ղեւտացիները զանիկա վերցուցին, որպէս զի դուրսը Կեդրոն հեղեղատը տանին։ 17 Առաջին ամսուան առաջին օրը սկսան սրբել ու ամսուան ութերորդ օրը Տէրոջը սրահը եկան ու Տէրոջը տունը ութ օրուան մէջ սրբեցին եւ առաջին ամսուան տասնըվեցերորդ օրը լմնցուցին։

ՏԱՃԱՐԸ ՎԵՐԸՆԾԱՅՈՒԱԾ

18 Եզեկիա թագաւորին քով գացին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր տունն ու ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները եւ առաջաւորութեան հացին սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները մաքրեցինք։ 19 Ու նաեւ պատրաստեցինք ու սրբեցինք այն բոլոր ամանները, որոնք Աքազ թագաւորը իր թագաւորութեանն ու իր անօրէնութեանը ատենը պղծեց։ Ահա անոնք Տէրոջը սեղանին առջեւն են»։

20 Եզեկիա թագաւորը կանուխ ելաւ ու քաղաքին իշխանները հաւաքելով Տէրոջը տունը գնաց 21 Եւ իր թագաւորութեանն ու սրբարանին ու Յուդային համար եօթը զուարակ, եօթը խոյ ու եօթը գառ ու մեղքի պատարագ ըլլալու համար եօթը նոխազ բերին եւ անիկա Ահարոնին որդիներուն, քահանաներուն, հրամայեց, որ զանոնք Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանեն։ 22 Զուարակները մորթեցին եւ քահանաները արիւնը առին ու սեղանին վրայ սրսկեցին եւ խոյերն ալ մորթեցին ու արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին։ 23 Ու մեղքի պատարագի նոխազները թագաւորին ու ժողովուրդին առջեւ բերին եւ անոնք ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։ 24 Քահանաները զանոնք մորթեցին եւ անոնց արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին բոլոր Իսրայէլին քաւութիւն ընելու համար. վասն զի թագաւորը ըսեր էր որ ողջակէզն ու մեղքի պատարագը բոլոր Իսրայէլին համար մատուցանեն։ 25 Ու Ղեւտացիները ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով Տէրոջը տանը մէջ կեցուց, ինչպէս Դաւիթ ու Դաւիթ թագաւորին տեսանողը Գաթ եւ Նաթան մարգարէն պատուիրեր էին. վասն զի Տէրը իր մարգարէներուն միջոցով այսպէս հրամայեր էր։ 26 Ու Ղեւտացիները Դաւիթին նուագարաններով եւ քահանաները փողերով կեցան։ 27 Եզեկիա հրամայեց որ ողջակէզը սեղանին վրայ մատուցանեն ու ողջակէզին սկսած ատենը Տէրոջը օրհնութիւնն ալ փողերով ու Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին նուագարաններովը սկսաւ։ 28 Մինչեւ ողջակէզին լմննալը բոլոր ժողովը երկրպագութիւն կ’ընէր, երգողները օրհնութիւն կ’երգէին եւ քահանաները փողերը կը հնչեցնէին։ 29 Երբ ողջակէզ մատուցանելը լմնցուցին, թագաւորը եւ բոլոր քովը գտնուողները ծռելով երկրպագութիւն ըրին։ 30 Եզեկիա թագաւորն ու իշխանները Ղեւտացիներուն ըսին, որ Տէրոջը օրհնութիւն երգեն Դաւիթին ու Ասափ տեսանողին խօսքերովը։ Անոնք ալ ուրախութեամբ երգեցին ու խոնարհելով երկրպագութիւն ըրին։

31 Եզեկիա ժողովուրդին ըսաւ. «Հիմա ինքզինքնիդ Տէրոջը նուիրեցիք. մօտեցէ՛ք ու Տէրոջը տունը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերէ՛ք»։ Ժողովուրդը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերաւ եւ ամէն յօժարութիւն ունեցողը ողջակէզներ բերաւ։ 32 Ու ժողովուրդին բերած ողջակէզներուն թիւը այս էր՝ եօթանասուն արջառ, հարիւր խոյ ու երկու հարիւր գառ. ասոնց ամէնքը Տէրոջը ողջակէզ ըլլալու համար էին։ 33 Նուիրուածները վեց հարիւր արջառ ու երեք հազար ոչխար էին։ 34 Բայց քահանաները քիչուոր ըլլալնուն համար՝ բոլոր ողջակէզներուն մորթերը հանելու կարող չեղան ու մինչեւ այս գործը լմննալը ու մինչեւ միւս քահանաներուն սրբուիլը, իրենց Ղեւտացի եղբայրները իրենց օգնեցին. քանզի Ղեւտացիները քահանաներէն աւելի յօժարութեամբ սրբուեցան։ 35 Ողջակէզներուն խաղաղութեան զոհերուն ճարպը եւ ողջակէզներուն ըմպելի նուէրները շատ էին։ Այսպէս Տէրոջը տանը պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ։ 36 Եզեկիա եւ բոլոր ժողովուրդը ուրախացան, որ Աստուած ժողովուրդը այսպէս պատրաստեց. քանզի այս բանը յանկարծ եղաւ։

ԶԱՏԿԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

30 1 Եզեկիա Իսրայէլին եւ Յուդային մարդ ղրկեց ու Եփրեմին ու Մանասէին ալ նամակներ գրեց, որպէս զի Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գան ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն։ Թագաւորն ու անոր իշխանները ու բոլոր ժողովուրդը Երուսաղէմի մէջ խորհուրդ ըրին, որ Զատիկը երկրորդ ամսուան մէջ տօնեն. Վասն զի այն ատեն կարող չէին զանիկա ընելու, քանզի պէտք եղածին չափ քահանաներ սրբուած չէին ու ժողովուրդը Երուսաղէմ հաւաքուած չէր։ Այս բանը թագաւորին առջեւ ու բոլոր ժողովուրդին հաճելի երեւցաւ։ Այնպէս որոշեցին, որ բոլոր Իսրայէլի մէջ Բերսաբէէն մինչեւ Դան լուր ղրկեն, որպէս զի գան ու Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն. քանզի շատ ատենէ ի վեր գրուածին պէս ըրած չէին։

Սուրհանդակները թագաւորին ու իշխաններուն նամակներովը բոլոր Իսրայէլ ու Յուդա գացին ու թագաւորին հրամանին համեմատ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Աբրահամին, Իսահակին ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք ու ան ալ պիտի դառնայ ձեզի, որ Ասորեստանի թագաւորներուն ձեռքէն ազատուելով՝ ձեր երկիրը մնացեր էք։ Ձեր հայրերուն պէս ու ձեր եղբայրներուն պէս մի՛ ըլլաք, որոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբեցան. ան ալ զանոնք կործանման մատնեց, ինչպէս դուք կը տեսնէք։ Ուրեմն ձեր հայրերուն պէս ձեր պարանոցը մի՛ խստացնէք. հնազանդեցէ՛ք Տէրոջը ու եկէ՛ք անոր սրբարանը, որ ինք յաւիտեան սրբած է ու ձեր Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի անոր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ Քանզի եթէ դուք Տէրոջը դառնաք՝ ձեր եղբայրներն ու ձեր որդիները զիրենք գերի տանողներուն երեսէն գթութիւն պիտի գտնեն եւ այս երկիրը պիտի դառնան, վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ողորմած ու գթած է ու եթէ անոր դառնաք, ձեզմէ երես պիտի չդարձնէ»։

10 Սուրհանդակները Եփրեմին ու Մանասէին երկիրը քաղաքէ քաղաք պտըտելով, մինչեւ Զաբուղոն գացին. բայց զանոնք ծաղր կ’ընէին ու կ’արհամարհէին։ 11 Սակայն Ասերէն ու Մանասէէն ու Զաբուղոնէն ոմանք խոնարհեցան ու Երուսաղէմ գացին։ 12 Աստուծոյ ձեռքը Յուդայի վրայ ալ էր, որ անոնց մէկ սիրտ տայ, որպէս զի թագաւորին ու իշխաններուն՝ Տէրոջը խօսքին համեմատ պատուիրածը կատարեն։

ԶԱՏԻԿԸ ԿԸ ՀՌՉԱԿՈՒԻ

13 Երուսաղէմի մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ հաւաքուեցան երկրորդ ամսուան մէջ բաղարջակերաց տօնը կատարելու համար ու խիստ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ։ 14 Ելան Երուսաղէմի մէջ եղող զոհի սեղաններն ու խունկի սեղանները վերցուցին ու Կեդրոն հեղեղատը նետեցին։ 15 Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկը մորթեցին եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները պատկառանքով սրբուեցան ու Տէրոջը տունը ողջակէզներ բերին։ 16 Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին օրէնքին համեմատ, իրենց սովորութեանը պէս, իրենց տեղը կեցան։ Քահանաները Ղեւտացիներուն ձեռքէն արիւնը կ’առնէին ու կը սրսկէին։ 17 Քանզի ժողովուրդին մէջ չսրբուածները շատ էին ու բոլոր մաքուր չեղողներուն համար զատկի գառը Ղեւտացիները կը մորթէին։ Որպէս զի զանիկա Տէրոջը առջեւ սրբացնեն։ 18 Վասն զի ժողովուրդէն շատերը, այսինքն Եփրեմէն, Մանասէէն, Իսաքարէն ու Զաբուղոնէն եկողներէն շատերը, մաքուր չէին։ Ամէն պարագայի զատիկը կերան՝ բայց ո՛չ թէ գրուածին համեմատ, իսկ Եզեկիա անոնց համար աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Բարերար Տէրը քաւութիւն թող ընէ այն բոլոր մարդոց, 19 Որոնք սրտանց փնտռեցին Տէր Աստուածը, իրենց հայրերուն Աստուածը, թէեւ անոնք սրբարանին մաքրութեանը համեմատ մաքրուած չէին»։ 20 Տէրը Եզեկիային աղօթքը լսեց ու ժողովուրդին թողութիւն տուաւ։

21 Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսրայէլի որդիները մեծ ուրախութեամբ եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ու Ղեւտացիները եւ քահանաները ամէն օր բարձրաձայն նուագարաններ հնչեցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին։ 22 Եզեկիա քաղցրութեամբ խօսեցաւ Տէրոջը բարի հանճարը իմացող բոլոր Ղեւտացիներուն։ Տօնին եօթը օրը խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով ու իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն գոհութիւն տալով կ’ուտէին։

ԵՐԿՐՈՐԴ ՀՌՉԱԿՈՒՄ ՄԸ

23 Բոլոր ժողովուրդը խորհուրդ ըրին, որ ուրիշ եօթը օր ալ տօն պահեն։ Եօթը օր ալ մեծ ուրախութիւն ըրին։ 24 Քանզի Յուդայի Եզեկիա թագաւորը ժողովուրդին հազար զուարակ ու եօթը հազար ոչխար պարգեւեց։ Իշխաններն ալ ժողովուրդին հազար զուարակ ու տասը հազար ոչխար պարգեւեցին ու շատ քահանաներ սրբուեցան։ 25 Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը ու քահանաներն ու Ղեւտացիները եւ Իսրայէլէն եկողներուն բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի երկրէն եկող եւ Յուդայի մէջ բնակող պանդուխտները ուրախացան։ 26 Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին օրերէն ի վեր Երուսաղէմի մէջ այսպիսի ուրախութիւն եղած չէր։

27 Անկէ ետքը Ղեւտացի քահանաները ելան ու ժողովուրդը օրհնեցին եւ անոնց ձայնը լսուեցաւ ու անոնց աղօթքը Աստուծոյ սուրբ բնակարանը՝ երկինք՝ հասաւ։

ԵԶԵԿԻԱ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱԶՄԷ

31 1 Երբ այս ամէնը լմնցաւ, հոն գտնուող բոլոր Իսրայելացիները Յուդայի քաղաքները գացին եւ բոլոր Յուդայի, Բենիամինի, Եփրեմի ու Մանասէի մէջ եղող արձանները կտոր կտոր ըրին, Աստարովթին կուռքերը կոտրտեցին եւ բարձր տեղերն ու սեղանները փլցուցին, այնպէս որ բան մը չթողուցին։ Ետքը Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքները դարձան։ Ամէն մարդ՝ իր կալուածը։

Եզեկիա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժանումները հաստատեց իրենց կարգերուն համեմատ, թէ՛ քահանաներուն եւ թէ՛ Ղեւտացիներուն, ամէն մէկուն գործին նայելով, ողջակէզներու ու խաղաղութեան զոհերու համար ու Տէրոջը սրահներուն դռներուն մէջ պաշտելու, գովելու ու օրհնութիւն երգելու համար։ Նաեւ իր ստացուածքէն ողջակէզներուն համար, այսինքն Տէրոջը օրէնքի գրքին մէջ գրուածին պէս, առաւօտեան ու երեկոյեան ողջակէզներուն համար եւ շաբաթներուն ու ամսագլուխներուն ու հանդիսաւոր տօներուն ողջակէզներուն համար, թագաւորին բաժինը որոշեց։ Երուսաղէմի մէջ բնակող ժողովուրդին հրամայեց որ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժինը տան, որպէս զի անոնք Տէրոջը օրէնքը կատարելու նուիրուին։ Երբ այս հրամանը հրատարակուեցաւ, Իսրայէլի որդիները ցորենին, գինիին, իւղին, մեղրին եւ բոլոր անդաստաններու բերքերուն երախայրիները առատութեամբ բերին ու ամէն բանի տասանորդը առատապէս բերին։ Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի ու Յուդայի որդիները՝ անոնք ալ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդները եւ իրենց Տէր Աստուծոյն նուիրած սուրբ բաներուն տասանորդները բերին ու դիզեցին։ Անոնք երրորդ ամսուան մէջ սկսան դիզել եւ եօթներորդ ամսուան մէջ լմնցուցին։ Եզեկիա ու իշխանները եկան ու երբ այն դէզերը տեսան՝ Տէրը ու անոր Իսրայէլ ժողովուրդը օրհնեցին։ Եզեկիա այն դէզերուն համար քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն հարցուց։ 10 Եւ Սադովկի տունէն եղող մեծ քահանան՝ Ազարիան՝ անոր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Երբ ընծաները Տէրոջը տունը բերելու սկսան՝ կերանք, կշտացանք ու խիստ շատ աւելցաւ, վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը օրհնեց ու աւելցածը այս առատութիւնն է»։ 11 Եզեկիա հրամայեց որ Տէրոջը տանը մէջ շտեմարաններ պատրաստեն ու պատրաստեցին։ 12 Եւ ընծաներն ու տասանորդները ու սուրբ բաները հաւատարմութեամբ ներս տարին։ Անոնց վերակացուն Ղեւտացի Քոնոնիան էր ու անոր եղբայրը Սեմէին անոր փոխանորդն էր։ 13 Յեքիէլը, Ազազիան, Նահաթը, Ասայէլը, Յերիմովթը, Յովզաբադը, Եղիէլը, Յեսմաքիան, Մաաթն ու Բանիան Քոնոնիային ու անոր եղբօրը Սեմէիին ձեռքին տակ՝ Եզեկիա թագաւորին ու Տէրոջը տանը առաջնորդին՝ Ազարիային՝ հրամանով վերակացուներ էին։ 14 Արեւելեան կողմին դռնապանը Ղեւտացի Յեմնային որդին Կովրէն, Տէրոջը բարձրացնելու ընծաներն ու ամենասուրբ բաները բաժնելու համար՝ Աստուծոյ կամաւոր ընծաներուն վրայ էր։ 15 Անոր հրամանին տակ քահանաներու քաղաքներուն մէջ՝ Եդենին, Մինիամինին, Յեսուին, Սեմայիային, Ամարիային ու Սեքենիային յանձնուած էր՝ իրենց եղբայրներուն, մեծին ու պզտիկին պաշտօնին նայելով ընծաներ բաժնելը։ 16 Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած երեք տարեկանէն վեր եղող բոլոր արուները, որոնք օրէ օր Տէրոջը տունը կը մտնէին իրենց պարտականութիւնները, իրենց պաշտօններուն համեմատ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։ 17 Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած քահանաներուն, իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու քսան տարեկանէն վեր եղող Ղեւտացիներուն, իրենց պարտականութիւններուն ու իրենց պաշտօններուն մէջ։ 18 Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած անոնց բոլոր ընտանիքներուն, կիներուն, տղաքներուն ու աղջիկներուն, այսինքն անոնց բոլոր անդամներուն. քանզի հաւատարմութեամբ կը սրբուէին։ 19 Եւ անոնց քաղաքներուն արուարձաններուն արտերուն մէջ եղող Ահարոնին որդիներուն, քահանաներուն համար՝ ամէն քաղաքի մէջ իրենց անուններովը յիշուած մարդիկ կային, որոնք քահանաներուն բոլոր արուներուն ու Ղեւտացիներու ազգահամարին մէջ բոլոր գրուածներուն բաժիններ կու տային։ 20 Եզեկիա բոլոր Յուդայի մէջ այսպէս կարգադրեց եւ իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի, ուղիղ ու ճշմարիտ եղածը ըրաւ։

21 Իր ձեռք զարկած բոլոր գործերը, թէ՛ Աստուծոյ տանը ծառայութեանը համար եւ թէ՛ օրէնքին ու պատուիրանքին համար, իր բոլոր սրտովը իր Աստուածը փնտռելով ըրաւ ու յաջողեցաւ։

ԱՍՈՐԵՍՏԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ

(Դ Թագ. 18։13-37, 19։14-19, 35-37, Ես. 36։1-22, 37։8-38)

32 1 Այս բաներէն ու ճշմարտութենէն յետոյ, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը եկաւ ու Յուդայի երկիրը մտնելով՝ պարսպապատ քաղաքներուն դէմ բանակեցաւ։ Միտքը դրած էր, որ զանոնք բռնութեամբ գրաւէ։ Եզեկիա տեսնելով որ Սենեքերիմ եկեր է ու Երուսաղէմի դէմ պատերազմիլ կ’ուզէ, Իր իշխաններուն ու զօրապետներուն հետ խորհուրդ ըրաւ, որ քաղաքէն դուրս եղող աղբիւրներուն ջուրերը գոցէ։ Անոնք իրեն օգնեցին։ Շատ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ ու բոլոր աղբիւրները ու երկրին մէջէն անցնող հեղեղատը գոցեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար Ասորեստանի թագաւորները գան ու առատ ջուր գտնեն»։ Եզեկիա զինք ուժովցուց եւ բոլոր փլած պարիսպները շինեց ու աշտարակները բարձրացուց ու դուրսէն ուրիշ պարիսպ մըն ալ շինեց եւ Դաւիթի քաղաքին մէջ եղող Մելօնը նորոգեց ու շատ նիզակներ ու ասպարներ շինեց։ Ժողովուրդին վրայ պատերազմի զօրապետներ դրաւ ու զանոնք քաղաքին դրանը հրապարակին մէջ իր քով հաւաքեց եւ անոնց հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Զօրացէ՛ք ու քաջասիրտ եղէ՛ք. Ասորեստանի թագաւորին երեսէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատ են։ Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ»։ Ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ։

Ասկէ յետոյ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը, երբ ինք ու իր բոլոր իշխանները Լաքիս եկած էին, իր ծառաները Երուսաղէմ ղրկեց Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ու Երուսաղէմ եղող բոլոր Յուդային՝ ըսելով. 10 «Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք որո՞ւ ապաւինելով Երուսաղէմ պաշարման մէջ կը նստիք. 11 Չէ՞ որ Եզեկիա ձեզ գլխէ կը հանէ, որպէս զի ձեզ անօթութեամբ եւ ծարաւով մեռնելու մատնէ ըսելով թէ՝ «Մեր Տէր Աստուածը մեզ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատէ»։ 12 Ասիկա նոյն Եզեկիան չէ՞, որ անոր բարձր տեղերն ու սեղանները վերցուց եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսաւ. «Միայն մէկ սեղանի առջեւ երկրպագութիւն ըրէք ու անոր վրայ խունկ ծխեցէք»։ 13 Չէ՞ք գիտեր թէ երկիրներուն բոլոր ժողովուրդներուն ի՛նչ ըրինք ես ու իմ հայրերս. միթէ այն երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց երկիրները կրցա՞ն իմ ձեռքէս ազատել։ 14 Իմ հայրերուս բնաջինջ ըրած ազգերուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ազատել կրցաւ, որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս կարենայ ազատել։ 15 Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ ու ձեզ այդպէս գլխէ թող չհանէ, անոր մի՛ հաւատաք. վասն զի ազգի մը կամ թագաւորութեան մը ոեւէ մէկ աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ու իմ հայրերուս ձեռքէն չկրցաւ ազատել. ո՞ւր մնաց որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս ազատէ’»։ 16 Անոր ծառաները Տէր Աստուծոյ դէմ ու անոր ծառային Եզեկիային դէմ աւելի խօսքեր ալ ըսին։ 17 Սենեքերիմ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ հայհոյելով ու անոր դէմ խօսելով նամակ գրեց ու ըսաւ. «Ինչպէս միւս երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց ժողովուրդները իմ ձեռքէս չկրցան ազատել, այնպէս Եզեկիային Աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս պիտի չկրնայ ազատել»։ 18 Եւ պարսպին վրայ եղող Երուսաղէմի ժողովուրդին՝ բարձր ձայնով Եբրայեցերէն պոռացին զանոնք վախցնելու ու շփոթութեան մէջ ձգելու համար, որպէս զի քաղաքը առնեն։ 19 Երուսաղէմի Աստուծոյն դէմ խօսեցան՝ ինչպէս միւս երկրի ժողովուրդներուն աստուածներուն դէմ, որոնք մարդու ձեռագործ են։

20 Եզեկիա թագաւորը եւ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն այս բանին համար դէպի երկինք աղաղակելով աղօթք ըրին։ 21 Տէրը հրեշտակ մը ղրկեց ու Ասորեստանի թագաւորին բանակին մէջ ամէն զօրաւոր կտրիճ ու իշխան ու զօրագլուխ զարկաւ։ Սենեքերիմ ամօթով իր երկիրը դարձաւ ու իր աստուծոյն տունը մտաւ եւ իր երանքէն ելած որդիները զանիկա սրով մեռցուցին։ 22 Այսպէս Տէրը Եզեկիան ու Երուսաղէմի բնակիչները Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին ձեռքէն եւ ամենուն ձեռքէն ազատեց ու զանոնք ամէն կողմանէ պաշտպանեց։ 23 Շատերը Տէրոջը ընծաներ բերին Երուսաղէմ ու Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ալ պատուական բաներ։ Անկէ ետքը անիկա բոլոր ազգերուն առջեւ բարձրացաւ։

ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

(Դ Թագ. 20։1-3, 12-19, Ես. 28։1-3, 39։1-8)

24 Այն օրը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ եւ Տէրը խօսեցաւ անոր ու հրաշք մը ըրաւ անոր։ 25 Եզեկիա իր ընդունած բարիքին փոխարէն շնորհակալութիւն չմատուցանեց, վասն զի անոր սիրտը հպարտացաւ. ուստի անոր վրայ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ։ 26 Բայց Եզեկիա իր սրտին հպարտութեանը համար խոնարհեցաւ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Երուսաղէմի բնակիչները. անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը Եզեկիայի օրերը անոնց վրայ չեկաւ։

ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՓԱՌՔԸ

27 Եզեկիա խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ։ Անիկա իրեն արծաթի, ոսկիի, պատուական քարերու, խունկերու, զէնքերու ու ամէն տեսակ ցանկալի անօթներու համար գանձարաններ շինեց։ 28 Եւ ցորենի ու գինիի ու իւղի բերքերուն համար՝ շտեմարաններ եւ ամէն տեսակ անասուններու համար՝ ախոռներ ու հօտերու համար փարախներ շինեց։ 29 Քաղաքներ շինեց իրեն։ Շատ ոչխարներ ու արջառներ ստացաւ. վասն զի Աստուած խիստ շատ ստացուածք տուաւ անոր։ 30 Եզեկիան Գեհոնին վերի ջրանցքը գոցեց ու զանիկա դէպի վար Դաւիթի քաղաքին արեւմտեան կողմը ուղղեց։ Եզեկիա իր բոլոր գործերուն մէջ յաջողութիւն գտաւ։

31 Բայց երբ Բաբելոնի իշխաններուն դեսպանները անոր ղրկուեցան՝ երկրին մէջ եղած հրաշքին մասին հարցնելու համար, Աստուած զանիկա թողուց որպէս զի փորձէ ու բոլոր անոր սրտին մէջ եղածը գիտնայ։

ԵԶԵԿԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ

(Դ Թագ. 20։20-21)

32 Ու Եզեկիայի մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բարեպաշտութիւնը՝ ահա Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին մարգարէութեանը մէջ եւ Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ 33 Ու Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթի որդիներուն ամենէն բարձր գերեզմաններուն մէջ թաղեցին եւ բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները պատիւ ըրին անոր իր մահուան ատենը ու անոր տեղ անոր որդին Մանասէն թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՄԱՆԱՍԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 21։1-9)

33 1 Մանասէն տասնըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Անիկա իր հօրը Եզեկիային կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց ու Բահաղիմին սեղաններ կանգնեցուց եւ Աստարովթին կուռքեր շինեց ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ եւ անոնց ծառայութիւն ըրաւ Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որուն համար Տէրը ըսած էր թէ «Իմ անունս յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի ըլլայ»։ Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկնքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց։ Անիկա Ենովմին որդիին ձորին մէջ իր որդիները կրակէ անցուց ու գուշակութիւն, հմայութիւն ու դիւթութիւն կ’ընէր, վհուկներ ու նշանագէտներ ունէր եւ Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց։ Իր շինած քանդակեալ կուռքը Աստուծոյ տունը դրաւ, որուն համար Աստուած Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին ըսեր էր՝ «Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան Եւ Իսրայէլին ոտքը անգամ մըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, որուն մէջ ձեր հայրերը հաստատեցի. միայն թէ անոնք զգուշութեամբ գործադրեն այն օրէնքները, կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք Մովսէսին միջոցով իրենց պատուիրեցի»։ Բայց Մանասէն՝ Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները այնպէս մոլորեցուց, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին։ 10 Տէրը Մանասէին ու անոր ժողովուրդին խօսեցաւ, բայց անոնք մտիկ չըրին։

ՄԱՆԱՍԷՆ ԿԸ ԶՂՋԱՅ

11 Տէրը անոնց վրայ Ասորեստանի թագաւորին զօրագլուխները բերաւ, որոնք Մանասէն կարթերով բռնեցին եւ զանիկա ոտնակապերով կապեցին ու Բաբելոն տարին։ 12 Անիկա իր նեղութեան ատենը իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց եւ իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ։ 13 Անոր աղօթք ըրաւ։ Տէրը անոր աղօթքը ընդունեց ու անոր աղաչանքը լսեց ու զանիկա Երուսաղէմ իր թագաւորութեանը դարձուց։ Այն ատեն Մանասէն իմացաւ թէ Եհովա է Աստուած։ 14 Անկէ ետքը Դաւիթին քաղաքին դուրսը, Գեհոնի արեւմտեան կողմը հեղեղատին մէջ ու մինչեւ Ձուկերուն Դրանը բերանը պարիսպ մը շինեց, Ոփաղն ալ մէջը առնելով ու զանիկա շատ բարձրացուց եւ Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զինուորական իշխաններ դրաւ։ 15 Օտար աստուածներն ու կուռքերը Տէրոջը տունէն վերցուց ու Տէրոջը տանը լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ իր շինած բոլոր սեղանները վերցուց եւ քաղաքէն դուրս նետեց։ 16 Տէրոջը սեղանը շինեց եւ անոր վրայ խաղաղութեան ու շնորհակալութեան զոհեր մատուցանեց եւ Յուդային պատուիրեց, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընեն, 17 Սակայն ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին, բայց միայն իրենց Տէր Աստուծոյն։

ՄԱՆԱՍԷԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ

(Դ Թագ. 21։17-18)

18 Մանասէին մնացորդ պատմութիւնն ու իր Աստուծոյն ըրած աղօթքը ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոր տեսանողներուն խօսքերը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 19 Անոր աղօթքը եւ ընդունուիլն ու անոր բոլոր մեղքը ու յանցանքը եւ այն տեղերը՝ ուր իր դարձի գալէն առաջ բարձր տեղեր շինեց ու Աստարովթին կուռքեր ու քանդակուած կուռքեր կանգնեցուց, ահա Հօզայի ժամանակագրութեան մէջ գրուած են։ 20 Մանասէն իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր տանը մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ամոնը թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 21։19-26)

21 Ամոն քսանըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 22 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս եւ իր հօրը Մանասէին շինած բոլոր կուռքերուն զոհ մատուցանեց ու անոնց ծառայութիւն ըրաւ։ 23 Բայց Տէրոջը առջեւ չխոնարհեցաւ, ինչպէս իր հայրը Մանասէն խոնարհեր էր. ընդհակառակը Ամոնը աւելի յանցանք գործեց։ 24 Իր ծառաները դաւաճանութիւն ըրին իրեն դէմ ու իր տանը մէջ մեռցուցին։ 25 Ու երկրին ժողովուրդն ալ Ամոն թագաւորին դէմ բոլոր դաւաճանութիւն ընողները մեռցուցին ու երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 22։1-2)

34 1 Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորեց։ Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ։

ՅՈՎՍԻԱ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Իր թագաւորութեան ութերորդ տարին, երբ դեռ ինք պատանի էր, իր հօրը Դաւիթին Աստուածը փնտռել սկսաւ ու տասներկրորդ տարին՝ Յուդան ու Երուսաղէմը բարձր տեղերէն, Աստարովթի կուռքերէն եւ քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերէն մաքրեց։ Բահաղիմին սեղանները անոր առջեւ կործանեց ու անոնց վրայի արեգակի կուռքերը կոտրտեց եւ Աստարովթին կուռքերն ու քանդակուած եւ ձուլածոյ կուռքերը մանրեց ու փշրեց ու անոնց զոհ մատուցանողներուն գերեզմաններուն վրայ ցանեց։ Քուրմերուն ոսկորները անոնց սեղաններուն վրայ այրեց ու Յուդան ու Երուսաղէմը մաքրեց։ Մանասէին ու Եփրեմին ու Շմաւոնին քաղաքներուն մէջ մինչեւ Նեփթաղիմ եւ անոնց բոլորտիքը եղած աւերակ տեղերը նոյնպէս ըրաւ։ Սեղանները եւ Աստարովթին կուռքերը կործանեց ու քանդակուած կուռքերը մանրեց ու փշրեց եւ Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ եղող բոլոր արեգակի կուռքերը կոտրտեց ու Երուսաղէմ դարձաւ։

ՕՐԷՆՔԻՆ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ

(Դ Թագ. 22։3-20)

Իր թագաւորութեանը տասնըութերորդ տարին երկիրն ու իր տունը մաքրեց, ապա Եսելիային որդին Սափանն ու քաղաքին իշխանը Մաասիան ու Յովաքազին որդին Յովաքը՝ յիշատակներու դպիրը՝ ղրկեց, որպէս զի իր Տէր Աստուծոյն տունը նորոգեն։ Անոնք Քեղկիա քահանայապետին եկան ու Աստուծոյ տունը բերուած ստակը առին, որ Ղեւտացիները, դրան պահապանները, Մանասէին ու Եփրեմին ձեռքէն եւ Իսրայէլի բոլոր մնացորդէն ու բոլոր Յուդայէն ու Բենիամինէն ու Երուսաղէմի բնակիչներէն հաւաքեր էին, 10 Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին. անոնք ալ Տէրոջը տանը մէջ գործող բանուորներուն տուին՝ տունը նորոգելու եւ շինելու համար. 11 Այսինքն հիւսներուն ու շինողներուն տուին, որպէս զի Յուդայի թագաւորներուն աւերած տուները շինելու համար տաշուած քարեր ու գերաններու համար փայտեր ծախու առնեն։ 12 Այն մարդիկը գործը հաւատարմութեամբ կը բանէին ու գործը յառաջ տանելու համար անոնց վրայ կեցողները Մերարիին որդիներէն՝ Ղեւտացի Յեթն ու Աբդիան եւ Կահաթեաններու որդիներէն Զաքարիան ու Մեսուղամն էին. նաեւ Ղեւտացիները, նուագարաններուն աղէկ տեղեակ եղողներուն ամէնքը. 13 Նաեւ բեռնակիրներուն ու ամէն տեսակ գործ կատարողներուն վերակացուներն էին։ Դպիրները, ոստիկաններն ու դռնապանները Ղեւտացիներէն էին։

14 Երբ Տէրոջը տունը բերուած ստակը կը հանէին, Քեղկիա քահանան Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը գտաւ։ 15 Քեղկիա Սափան դպիրին ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ օրէնքներու գիրք մը գտայ»։ Քեղկիա այն գիրքը Սափանին տուաւ։ 16 Սափան գիրքը թագաւորին տարաւ ու տեղեկացուց՝ ըսելով. «Քու ծառաներդ իրենց յանձնուած բոլոր գործը կատարեցին 17 Եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին ու զանիկա վերակացուներուն ձեռքը ու գործը կատարողներուն ձեռքը տուին»։ 18 Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ»։ Սափան անոր մէջէն թագաւորին առջեւ կարդաց։ 19 Թագաւորը օրէնքներու խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։ 20 Թագաւորը Քեղկիային ու Սափանին որդիին Աքիկամին ու Միքային որդիին Աբդօնին եւ Սափան դպիրին ու թագաւորին ծառայ Ասայիային պատուիրեց ու ըսաւ. 21 «Գացէք ինծի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի մնացորդներուն համար այս գտնուած գրքին խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէք. քանի որ մեր հայրերը Տէրոջը խօսքը չպահեցին եւ այս գրքին մէջ բոլոր գրուածները չկատարեցին, ուստի մեր վրայ թափուեցաւ Տէրոջը մեծ բարկութիւնը»։ 22 Ու Քեղկիան եւ թագաւորին մարդիկը Ասրային որդիին Թեկուային որդիին Սեղղում հանդերձապետին կնոջ, Ողդա մարգարէուհիին գացին եւ անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր ու անոր հետ այդ մասին խօսեցան։

23 Ողդան ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն ըսէք. 24 «Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն այն բոլոր անէծքները, որոնք Յուդայի թագաւորին առջեւ կարդացուած գրքին մէջ գրուած են, 25 Քանզի զիս թողուցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի»։ 26 Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ լսած խօսքերուդ համար. 27 Որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Աստուծոյ առջեւ խոնարհեցար, երբ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ անոր ըսած խօսքերը լսեցիր եւ իմ առջեւս խոնարհեցար ու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի», կ’ըսէ Տէրը։ 28 Ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս եւ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն’»։ Ու անոնք թագաւորին պատասխան տարին։

ՅՈՎՍԻԱ ՏԷՐՈՋԸ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ Կ’ՈՒԽՏԷ

(Դ Թագ. 23։1-20)

29 Թագաւորը մարդ ղրկեց ու Յուդայի բոլոր ծերերը հաւաքեց։ 30 Թագաւորն ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բնակիչները եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները ու բոլոր ժողովուրդը, մեծէն մինչեւ պզտիկը, Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կարդաց։ 31 Ու թագաւորը իր տեղը ոտքի վրայ կանգնեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որպէս զի այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը կատարելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները եւ կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։ 32 Երուսաղէմի ու Բենիամինի մէջ բոլոր գտնուողները կանգնեցուց ու Երուսաղէմի բնակիչները իրենց հայրերուն Աստուծոյն ուխտին պէս ըրին։ 33 Յովսիա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երկիրներէն բոլոր գարշութիւնները վերցուց ու բոլոր Իսրայէլի մէջ գտնուողներուն իրենց Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընել տուաւ։ Անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իրենց հայրերուն Տէր Աստուծմէն չխոտորեցան։

ՅՈՎՍԻԱ ԶԱՏԻԿԸ ԿԸ ՏՕՆԷ

35 1 Յովսիա Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը զատիկը տօնեց ու զատիկը առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը մորթեցին։ Քահանաները իրենց պահպանութեանը վրայ կեցուց ու զանոնք քաջալերեց, որ Տէրոջը տանը ծառայութիւն ընեն։ Բոլոր Իսրայէլին սորվեցնող ու Տէրոջը նուիրուած Ղեւտացիներուն ըսաւ. «Սուրբ տապանակը Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին, շինած տունը դրէք, ձեր ուսերուն վրայ բեռ թող չըլլայ ու ձեր Տէր Աստուծոյն ու անոր ժողովուրդին Իսրայէլին ծառայութիւն ըրէ՛ք։ Ձեր ազգատոհմերովն ու ձեր բաժանումներովը՝ Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին գրածին պէս ու անոր որդիին Սողոմոնին գրածին պէս պատրաստ եղէ՛ք։ Ձեր եղբայրներուն, ժողովուրդին որդիներուն տոհմերուն որոշումներուն համեմատ ու Ղեւտացիներուն ազգատոհմերուն բաժանումներուն համեմատ, սրբարանին մէջ կեցէք։ Զատիկը մորթեցէ՛ք ու սրբուեցէ՛ք ու զանիկա ձեր եղբայրներուն համար պատրաստեցէ՛ք, որպէս զի անոնք Տէրոջը Մովսէսին միջոցով ըսած խօսքին պէս ընեն։ Յովսիա բոլոր հոն գտնուող ժողովուրդին որդիներուն՝ իր հօտերէն երեսուն հազար գառ ու այծի ձագ պարգեւեց, ամէնքն ալ զատկի համար, նաեւ երեք հազար արջառ։ Ասոնք թագաւորին ստացուածքէն էին։ Իր իշխաններն ալ ժողովուրդին, քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն յօժարութեամբ պարգեւ տուին։ Աստուծոյ տանը իշխանները՝ Քեղկիան, Զաքարիան ու Յեքիէլը, զատկի համար երկու հազար վեց հարիւր գառ ու երեք հարիւր արջառ քահանաներուն տուին։ Քոնոնիան ու անոր եղբայրները, Սեմայիան ու Նաթանայէլը ու Ղեւտացիներուն իշխանները, Ասաբիան, Յէիէլը եւ Յովզաբադը, զատկի համար Ղեւտացիներուն հինգ հազար գառ ու հինգ հազար արջառ պարգեւեցին։

10 Պաշտամունքը պատրաստուեցաւ ու թագաւորին հրամայածին պէս, քահանաները իրենց կարգին համեմատ ու Ղեւտացիները իրենց բաժանումներուն համեմատ կեցան. 11 Զատիկը կը մորթէին ու քահանաները անոնց ձեռքէն արիւնը առնելով կը սրսկէին. իսկ Ղեւտացիները մորթը կը հանէին 12 Եւ ողջակէզ ըլլալու մասերը կը զատէին ու զանոնք ժողովուրդին որդիներուն՝ ազգատոհմերուն համեմատ՝ կը բաժնէին, որպէս զի Տէրոջը մատուցանեն Մովսէսին գրքին մէջ գրուածին պէս։ Արջառներն ալ նոյնպէս կ’ընէին։ 13 Զատիկը սովորութեան համաձայն կրակով խորովեցին. բայց նուիրուած բաները կաթսաներով, սաներով ու տապակներով եփեցին ու փութով բաժնեցին բոլոր ժողովուրդին։ 14 Իրենց ու քահանաներուն համար ետքը պատրաստեցին. քանզի Ահարոնին որդիները՝ քահանաները, մինչեւ գիշեր ողջակէզներն ու ճարպերը մատուցանելով զբաղած էին. ուստի Ղեւտացիները իրենց համար եւ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ համար պատրաստեցին։ 15 Իսկ Ասափին որդիները, երգողները, Դաւիթին ու Ասափին ու Եմանին եւ թագաւորական տեսանող Իդիթունին պատուիրածին համեմատ իրենց տեղը ու դռնապանները մէկ մէկ դուռը կեցեր էին. պէտք չեղաւ որ իրենց պաշտօնէն զատուին. վասն զի անոնց համար անոնց եղբայրները, Ղեւտացիները կը պատրաստէին։ 16 Յովսիա թագաւորին հրամայածին պէս՝ այն օրը Տէրոջը բոլոր պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ, զատիկը ընելու ու ողջակէզները Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանելու համար։ 17 Այն ատեն հոն գտնուող Իսրայէլի որդիները զատիկն ու բաղարջակերաց տօնը եօթը օր ըրին։ 18 Սամուէլ մարգարէին օրերէն ի վեր Իսրայէլի մէջ ասոր պէս զատիկ մը եղած չէր. Յովսիային ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բոլոր հոն գտնուող Յուդայի ու Իսրայէլի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըրած զատկին պէս Իսրայէլի բոլոր թագաւորները ըրած չէին։ 19 Այս զատիկը Յովսիային թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին եղաւ։

ՅՈՎՍԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ

(Դ Թագ. 23։28-30)

20 Այս բոլոր բաներէն եւ Յովսիային տաճարին կարգադրութիւնը հաստատելէն ետքը, Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորը Եփրատի քով Քարքամիս քաղաքին դէմ պատերազմելու գնաց։ Յովսիա զանիկա դիմաւորելու գնաց։ 21 Նեքաւով դեսպաններ ղրկեց Յովսիային ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւոր, դուն ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիս. ես այսօր քեզի դէմ ելած չեմ, հապա ինծի հետ պատերազմ ընող տանը դէմ։ Աստուած ինծի հրամայեց, որ շուտով ընեմ. ինծի հետ եղող Աստուծմէն ետ կեցիր, որպէս զի քեզ չկորսնցնէ»։ 22 Բայց Յովսիա իր երեսը անկէ չդարձուց, հապա անոր հետ պատերազմելու համար իր հագուստը փոխեց ու մտիկ չըրաւ Նեքաւովին խօսքին, որ Աստուծոյ բերնէն էր ու Մակեդդովի հովիտը պատերազմելու գնաց։ 23 Աղեղնաւորները Յովսիա թագաւորը նետով զարկին։ Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Զիս վերցուցէք ասկէ, վասն զի սաստիկ վիրաւորուեցայ»։ 24 Իր ծառաները զանիկա կառքէն հանեցին, իր երկրորդ կառքը հեծցնելով Երուսաղէմ տարին, ուր մեռաւ ու իր հայրերուն գերեզմաններուն մէջ թաղուեցաւ եւ բոլոր Յուդան ու Երուսաղէմը Յովսիային համար սուգ ըրին։ 25 Երեմիան Յովսիային վրայ ողբաց։ Բոլոր երգողները՝ այրեր եւ կիներ՝ մինչեւ այսօր իրենց ողբերուն մէջ Յովսիան կը յիշեն։ Զանոնք երգելու սովորութիւնը Իսրայէլի մէջ մտցուցին, որոնք ողբերուն մէջ գրուած են։

26 Եւ Յովսիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր՝ Տէրոջը օրէնքին մէջ գրուածին համեմատ ըրած բարեգործութիւնը 27 Եւ անոր առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 23։30-35)

36 1 Երկրին ժողովուրդը Յովսիային որդին Յովաքազը առին ու զանիկա իր հօրը տեղ Երուսաղէմի մէջ թագաւոր ըրին։ Յովաքազ քսանըերեք տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Եգիպտոսի թագաւորը զանիկա Երուսաղէմի մէջ աթոռէն վար առաւ ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու մէկ տաղանդ ոսկի տուրք դրաւ։ Եգիպտոսի թագաւորը անոր եղբայրը Եղիակիմը Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ թագաւոր դրաւ եւ անոր անունը Յովակիմի փոխեց ու Նեքաւով անոր եղբայրը Յովաքազը առաւ ու Եգիպտոս տարաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱԿԻՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 23։36–24։7)

Յովակիմ քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Անոր վրայ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ելաւ ու զանիկա Բաբելոն տանելու համար ոտնակապերով կապեց։ Նաբուգոդոնոսոր Տէրոջը տանը անօթները առաւ ու Բաբելոն տարաւ ու զանոնք Բաբելոն իր տաճարին մէջ դրաւ։ Եւ Յովակիմին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ըրած գարշութիւնները եւ անոր վրայ գտնուածը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ Անոր տեղ անոր որդին Յովաքինը թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՔԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 24։8-17)

Յովաքին տասնըութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս ու տասը օր թագաւորեց։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ 10 Հետեւեալ տարին Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զօրք ղրկեց եւ զանիկա ու Տէրոջը տաճարին պատուական սպասները Բաբելոն տարաւ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ անոր եղբայրը Սեդեկիան թագաւոր դրաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՍԵԴԵԿԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Դ Թագ. 24։18-20, Երեմ. 52։1-3ա)

11 Սեդեկիան քսանըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 12 Անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը բերնէն խօսող Երեմիա Մարգարէին առջեւ չխոնարհեցաւ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԸ

(Դ Թագ. 25։1-21, Երեմ. 52։3բ-11)

13 Նաեւ ապստամբեցաւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին դէմ, որ անոր երդում ընել տուեր էր Աստուծոյ անունովը։ Իր պարանոցը խստացուց ու իր սիրտը կարծրացուց՝ որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն չդառնայ։ 14 Քահանաներուն բոլոր իշխանները ու ժողովուրդն ալ ազգերուն բոլոր գարշութիւններուն հետեւելով՝ խիստ շատ անօրէնութիւններ ըրին ու Տէրոջը Երուսաղէմի մէջ սրբած տունը պղծեցին։ 15 Անոնց հայրերուն Տէր Աստուածը՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով ազդարարութիւններ կը ղրկէր. 16 Բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’անարգէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին. մինչեւ որ Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց։ 17 Անոնց վրայ Քաղդէացիներուն թագաւորը հանեց. անիկա ալ անոնց երիտասարդները անոնց սրբարանին մէջ սրով մեռցուց ու երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալեւորին չխնայեց. ամէնքն ալ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց։ 18 Ու Աստուծոյ տանը բոլոր մեծ ու պզտիկ անօթները ու Տէրոջը տանը գանձերը եւ թագաւորին ու անոր իշխաններուն գանձերը՝ ամէնքն ալ Բաբելոն տարաւ։ 19 Եւ Աստուծոյ տունը այրեցին ու Երուսաղէմի պարիսպը փլցուցին ու անոր բոլոր պալատները կրակով այրեցին ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւերեցին։ 20 Սուրէն փախած մնացորդները Բաբելոն գերի տարին ու մինչեւ Պարսից թագաւորութեան հաստատուիլը, անոր եւ անոր որդիներուն ծառաները եղան, 21 Որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, մինչեւ երկիրը իր շաբաթները վայելէ։ Իր աւերման բոլոր օրերը շաբաթ պահեց, մինչեւ եօթանասուն տարին լմնցաւ։

ԿԻՒՐՈՍ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ Կ’ԱՐՏՕՆԷ

(Եզրաս 1։1-4)

22 Եւ Պարսից Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, Տէրը Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով.

23 «Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսիկներու թագաւորը. ‘Երկնքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ ու անիկա ինծի պատուիրեց որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Եհովա Աստուածը իրեն հետ ըլլայ ու թող մեկնի’»։