Կիւրեղ Զօհրապեան — Յուշեր
Մխիթարեան Հրատարակչատունը յատուկ ուրախութեամբ կ՚ողջունէ Հ. Կիւրեղ Զօհրապեան վեղարաւոր Վարդապետի յուշերուն իտալերէն բնագրի հայերէն թարգմանութիւնը:
Ներկայ հրատարակութիւնը լոյս կ՚ընծայուի որպէս երախտագիտութիւն սրբակենցաղ վարդապետին երկարամեայ հոգեւոր ու ազգանուէր սպասարկութեան: Ան անշահախնդիր ու անսակարկ կերպով ծառայեց բոլոր հայորդիներուն անխտիր, եւ փայլեցաւ որպէս քաջ հովիւ ու տիպար հոգեւորական:
Կրեց Հայ Ժողովուրդին վիճակուած խաչը եւ անձամբ դարձաւ մեր ժամանակներու խոստովանող վկան: Հայրական գորովով տէր կանգնեցաւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերուն, իր կեանքը ի սպաս դնելով մեր ժողովուրդի տագնապները ամոքելու:
Յուշեր
Հեղինակ՝ Կիւրեղ Զօհրապեան
Հրատարակչություն՝ Մխիթարեան, Վենետիկ — Ս. Ղազար
Տարեթիվ՝ 2007
Նախաբան. Ծնած՝ Հայաստան, կրօնաւորական եւ քահանայական կրթութիւնս ստացած՝ Արեւելեան Առաքելական Հաստատութեան քով, առաքելական քարոզիչ՝ Փոքր Ասիոյ մէջ, ապրած էի ամբողջովին իւրօրինակ պարագաներու մէջ եւ ականատես եղած էի ազգիս մարտիրոսութեան եւ Պոնտոսի քրիստոնեայ համայնքներու կոտորածին ու տեղահանութեան: Նախախնամութիւնը զիս դրած էր այդ զարհուրելի ողբերգութիւններու կեդրոնը, յանձնարարելով ինծի կատարել դժուարին գործեր, մինչ մարմինս կը տառապէր թուրքերու կողմէ ստացած խոշտանգումներու պատճառով:
Հայրենիքէս ընդմիշտ աքսորուած, պիտի ուզէի մոռցուիլ ամէնքէն: Բայց չէի կրնար ինծմէ օժանդակութիւն ստացած հայերը եւ յոյները լռեցնել, որոնք ինծի նման աքսորուեր էին Անատոլուէն…
Թողնել պատասխան