ԿԻՒՐԵՂ ԵՊՍ. ԶՕՀՐԱՊԵԱՆ

(1881 – 1972)

ՅՈՒՇԵՐ

(ինքնակենսագրութիւն)

 ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ

Մխիթարեան Հրատարակչատունը յատուկ ուրախութեամբ կ՚ողջունէ Հ. Կիւրեղ Զօհրապեան վեղարաւոր Վարդապետի յուշերուն իտալերէն բնագրի հայերէն թարգմանութիւնը:

Ներկայ հրատարակութիւնը լոյս կ՚ընծայուի որպէս երախտագիտութիւն սրբակենցաղ վարդապետին երկարամեայ հոգեւոր ու ազգանուէր սպասարկութեան: Ան անշահախնդիր ու անսակարկ կերպով ծառայեց բոլոր հայորդիներուն անխտիր, եւ փայլեցաւ որպէս քաջ հովիւ ու տիպար հոգեւորական:

Կրեց Հայ Ժողովուրդին վիճակուած խաչը եւ անձամբ դարձաւ մեր ժամանակներու խոստովանող վկան: Հայրական գորովով տէր կանգնեցաւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերուն, իր կեանքը ի սպաս դնելով մեր ժողովուրդի տագնապները ամոքելու:

Այս գիրքին հրատարակութեան առիթով սրտի պարտք կը զգանք մեր ջերմ շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնելու Օր. Երանուհի Բամպակեանին, առանց որուն գաղափարին, տարած ջանքերուն եւ այս հատորին խմբագրութեան մեկենասութեան, կարելի պիտի չըլլար այս գրքին պատրաստութիւնը:

Ան, աշակերտելով Հայր Կիւրեղ Զօհրապեանի Աթէնքի մէջ, երախտագիտութեան պարտք համարեց այս գիրքը հայերէնի վերածել, մատչելի դարձնելու համար Հայ հասարակութեան, մասնաւորապէս Յունաստանի ու Միջին Արեւելքի Հայերուն, որոնցմէ շատերու սրտերուն մէջ անջնջելիօրէն մնացած է իրենց ուսուցիչին եւ բարերարին յիշատակը:

Այս գործին իտալերէն բնագրին երեք հատորներուն առաջին եւ ամբողջական թարգմանութիւնը Երանուհի Բամպակեան կատարած էր 1990-ական տարիներուն: Սակայն ձեռագիրը ճշտելու եւ բաղդատականը ընելու համար ուղարկուած էր Աթէնք, տեղւոյն կաթողիկէ Առաջնորդարանի պատասխանատուներուն, իբրեւ անմիջական յաջորդները հայր Կիւրեղի: Հոն, փոխն ի փոխ անցումներու շրջանի հանդիպելով, ձեռագիրը անցած էր քանի մը անձերու ձեռքէն եւ, մեծ յապաղումով, ելեկտրոնային սկաւառակի վերածուած վերջնական օրինակը, անգործածելի նկատուած էր տպագրութեան համար:

Ասոնք են պատճառները որ մինչեւ օրս, Էրզրումի մէջ Հայր Կիւրեղի առաքելական գործունէութեան, ապա Յունաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ կեդրոնացած հայ գաղթականներու հասարակական եւ դաստիարակչական վերակազմութեան կարեւոր շրջանի մը պատմութեան «ՅՈՒՇԵՐ»ը անծանօթ մնային հայ հասարակութեան մեծ մասին: Մաշտոց Վահէ Ղազարեանի բարեփոխած, խմբագրած եւ մէկ հատորի մէջ ամփոփած այս գործը, կու գայ լաւագոյնս լրացնելու այս բացը:

ՆԱԽԱԲԱՆ

1924 թուականի Մայիսին, առաջին անգամ ըլլալով ոտք դրի Իտալիա. կարիքն ունէի բուժուելու. հիւանդանոցային խնամքներէ յետոյ քանի մը ամիս կազդուրման շրջան անցուցի մեր Մայրավանքի ու Ֆրասքաթիի վանքին մէջ: Հանգիստի առաջին շրջանն էր առաքելական կեանքիս ամբողջ ընթացքին:

Ծնած՝ Հայաստան, կրօնաւորական եւ քահանայական կրթութիւնս ստացած՝ Արեւելեան Առաքելական Հաստատութեան քով, առաքելական քարոզիչ՝ Փոքր Ասիոյ մէջ, ապրած էի ամբողջովին իւրօրինակ պարագաներու մէջ եւ ականատես եղած էի ազգիս մարտիրոսութեան եւ Պոնտոսի քրիստոնեայ համայնքներու կոտորածին ու տեղահանութեան: Նախախնամութիւնը զիս դրած էր այդ զարհուրելի ողբերգութիւններու կեդրոնը, յանձնարարելով ինծի կատարել դժուարին գործեր, մինչ մարմինս կը տառապէր թուրքերու կողմէ ստացած խոշտանգումներու պատճառով:

Հայրենիքէս ընդմիշտ աքսորուած, պիտի ուզէի մոռցուիլ ամէնքէն: Բայց չէի կրնար ինծմէ օժանդակութիւն ստացած հայերը եւ յոյները լռեցնել, որոնք ինծի նման աքսորուեր էին Անատոլուէն: Որոշ պատմութիւններ հասան Ընդհանրական Մեծաւորներուս ականջը: Անոնք տեսնելով, որ ցաւալի պիտի ըլլար զրկել մեր միւս եղբայրակիցները իմ երկարատեւ ու եզակի փորձառութեանս մանրամասնութիւններէն, ուզեցին որ թուղթին յանձնէի յուշերս:

Ասոնց միացան նաեւ շատ սիրելի աշակերտուհիիս՝ Տիկ. Երանուհի Բամպակեանին աղերսները, որոնց մերժելը անամոքելի ցաւ պիտի ըլլար սրտիս համար: Ծանր գործ էր խնդրածը, բայց իր ազնիւ վերաբերմունքով ու երախտագիտութեան զգացումներով՝ ան արժանացած էր որ շատ աւելի ծանր աշխատանքներ յանձն առնէի իր մատուցած ծառայութիւններուն փոխարէն:

Յուշերուս շարադրումը սկսայ նոյն 1924 թուականին եւ որոշ դադարէ մը ետք, 1925ին կրկին շարունակեցի, Հռոմի մէջ կարճատեւ կեցութեանս ընթացքին: Այս անգամ աւելցեր էին նաեւ Կարդինալ Թաչչիի եւ Գերպ. Ֆիլիփփոյ Ճոպպէի պնդումները: Երկուքն ալ մեծապէս բարեացակամ եղած են ինծի հանդէպ: Յուշերուս շարադրումը կրկին ձեռքս առի 1935ին, Յունաստանէն դուրս տասնհինգ ամիս տեւած աքսորիս ընթացքին: Այդքան տարիներ յետոյ՝ արդէն կատարուած աշխատանքը գտայ չափազանց պակասաւոր, որովհետեւ դիտաւորեալ կերպով զանց ըրած էի որոշ դրուագներ, որոնք վտանգաւոր նկատած էի տակաւին Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներուն համար: Ծայրէ ծայր վերաշարադրեցի գրութիւնը:

Ապա, եպիսկոպոսական ծառայութեանս տարիներուն, ծանր պատասխանա-տուութիւններս չթոյլատրեցին բաւարար ժամանակ տրամադրել յուշագրութեանս: Շատ անգամներ գրիչը ձեռքս առած եմ եւ միայն մէկ նախադասութիւն կրցած եմ գրել: Այս է պատճառը որ պատմութիւնը երբեմն իրարու կցուած պատառիկներու տպաւորութիւն կը թողու:

Կանգ չառի Թուրքիայէն աքսորուելուս, այսինքն՝ 1923 թուականին, այլ շարունակեցի մինչեւ 1954 թուականը, ընդգրկելով քահանայական կեանքիս յիսուն տարիները, որոնք կը համապատասխա նեն առաքելական գործունէութեանս յիսուն տարիներուն:

Յուշագրութեանս համար գործածեցի օրագրութիւններս, որոնք գրած էի ֆրանսերէնով: Անոնց մէջ, սակայն, շատ պակաս կէտեր կան:

Հնազանդութեան հոգիով կատարեցի այս աշխատանքը եւ միեւ նոյն հոգիով զայն կը յանձնեմ տպագրութեան, յուսալով որ առաքելական փորձառութիւնս կրնայ օգտակար ըլլալ Աւետարանի միւս մշակներուն: Կ՚ուզեմ նաեւ յուսալ որ այս էջերը կրնան նպաստել աւելի խոր կերպով ճանչնալու Արեւելեան Եկեղեցիները:

Մասն Ա.

ՓՈՔՐ ԱՍԻԱ

ԳԼՈՒԽ Ա.

 

Մանկութեան յուշեր – Նախնական կրթութեան տարիները – Կրօնաւորական կոչումը եւ վանական կեանքի առաջին տարիները – Քահանայ եւ առաքեալ – Դէպի Կարին

 

Մանկութեան յուշեր

Ծննդավայրս եղած է Կարին֊Էրզրում, Բարձր Հայքի գլխաւոր քաղաքը. Հայրս՝ Վարդան Զօհրապեան, մայրս՝ Սառա Յովհաննէսեան:

Բնիկ Խեւկցի էին, Տրապիզոնի ձորերու մէջ գիւղ մը: Կարին գաղթած էին, քանի որ Խեւիկի մէջ հայութիւն գրեթէ չէր մնացած:

Հայրս արհեստով հացագործ էր ու բարեպաշտ քրիստոնեայ: Գրել կարդալէ բնաւ գաղափար չունէր: Օր մը իրեն ցոյց տուի շատ գեղեցիկ գունաւոր տպուած պատկեր մը: Աջէն ու ձախէն դիտեց, զարմացաւ, ուժգին համբուրեց ու հարցուց. «Ո՞վ գծած է այս գեղեցիկ պատկերը»: Մայրս ու եղբայրներս ժպտելով իրարու աչքով նշան կ՚ընէին: Պատասխանեցի. «Աղա, ես գծեր եմ»: Անմիջապէս վրաս ինկաւ, յուզուած, զիս ուժգին համբուրեց ու ըսաւ. «Աֆէրիմ Օվաննէս, դուն մեծ մարդ պիտի ըլլաս: Ապրիս, տղաս, իմ ընտանիքիս պատիւ պիտի բերես»:

Նկարագրով քննող չեմ, ամէնուն շուտով կը հաւատամ: Մանկութեանս օրերուն ալ պարզամիտ էի ու քիչ մըն ալ միամիտ: Ասիկա պատճառ էր, որ խենթ ու խելառ գաղափարներ ունենայի: Համոզուած էի, որ տղայ կամ աղջիկ ըլլալը իւրաքանչիւրիս կամքէն կախում ունի: Անգամ մը Մխիթարեան Հ. Օգոստինոս Ամրիկեանի եղբօր ամուսնութեան օրհնութեան ներկայ գտնուեցայ եկեղեցւոյ մէջ: Հարսը շատ գեղեցիկ հագուած էր: Եկեղեցին ալ խուռներամ հաւատացեալներով լեցուն: Ամէն կերպով կ՚ուզէի մօտէն տեսնել այդ շատ գեղեցիկ հարսը: Աջէն ու ձախէն հրելով ու հրմշտկելով նպատակիս հասայ: Շատ հաւնեցայ հագուստները, պսակը, մէկ խօսքով՝ զարդերու գեղեցկութիւնը: Տուն վերադառնալով, արտասուախառն ձայնով ըսի մօրս. «Սառա, ես ալ կ՚ուզեմ հարս ըլլալ»: Մայրս, առանց ծիծաղի, պատասխանեց. «Ձագուկս, դուն դեռ շատ պզտիկ ես, երբ մեծնաս՝ հարս կ՚ըլլաս: Աղադ քեզի համար աւելի գեղեցիկ ու թանկագին հագուստներ ու զարդեր պատրաստել պիտի տայ: Միայն թէ դուն խելօք եղիր, մնացած ամէն բան կ՚ըլլայ»:

Հայ վարժուհի մը ինծի հայերէն գրել կարդալ սորվեցուց: Մայրս կարդալ գիտէր եւ կը պարծենար թէ չորս Աւետարանները գոց գիտէր: Իրմէ սորվեցայ «Հայր մեր», «Ողջոյն քեզ Մարիամ», «Փառք Հօր» աղօթքները, Հաւատամքը, Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ պատուիրանները: Ան ինծի բերանացի կը սորվեցնէր: Համեստութեան մասին պատուիրանները չէր բացատրեր. այնպէս որ չեմ յիշեր թէ մինչեւ ո՞ր տարիքս տակաւին համոզուած էի թէ «Մի՛ շընար» վեցերորդ պատուիրանը՝ կ՚արգիլէր շուներու հետ խաղալ: Վեց եղբայր եւ մէկ քոյր էինք: Քրոջս անունը Թերեզ էր, որ յետոյ, երբ կրօնաւորուհի եղաւ, Քոյր Մարգարիտ անուանուեցաւ: Ծնողքս զինքը մօրեղբօրս նուիրած էր, որովհետեւ ան բնական զաւակ չունեցաւ: Թերեզը անդամակցեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան. շատ բարեպաշտ, առաքինի, ամէնուն կողմէ սիրուած ու յարգուած անձ մըն էր: Մեծաւորուհիները իր ուշիմութիւնը նկատելով, զինք Նանսիի ֆրանսացի Մայրապետներու վանքը ղրկեցին, որպէսզի ֆրանսերէն սորվէր: Չսխալեցան, որովհետեւ Քոյր Մարգարիտ Զօհրապեանը ֆրանսական «պրէօվէ»ի քննութեան ներկայացած եօթանասուն ուսանողներուն մէջ առաջինը հանդիսացաւ: Կարինի Մայրապետներու Վարժարանին մէջ պաշտօնավարեց մինչեւ 1915ի ջարդերու տարին: Շնորհիւ Տրապիզոնի Աւստրիական Հիւպատոսի պաշտպանութեան, մեր Հայ Մայրապետները չկոտորուեցան: Բայց խեղճ քոյրս, Կարինէն մինչեւ Տրապիզոն ճանապարհին, կոտորուած անթիւ հայերու դիակները տեսնելով ծանր հիւանդացաւ ու սրտի կաթուածով վախճանեցաւ:

Անդրանիկ եղբայրս Առաքելը, շատ առաքինի, սրբակեաց անձ մըն էր. աշխարհի մարդ չէր, այլ երկնային կեանք կ՚ապրէր: Երկրորդ եղբայրս՝ Գրիգորը, կրակ ու բոց բնաւորութեամբ, թունդ ու մոլի հայ, ֆրանսացի Ֆրէրներու Միաբանութեան կրօնաւոր եղաւ, միշտ հոգւով ու սրտով հայ մնալով: Իր Մեծաւորները զինք Անքարա ղրկեցին քանի մը միաբանակիցներու հետ, դպրոց մը հիմնելու համար ի նպաստ Հայ Կաթողիկէ թեմին: Ֆրանսերէն շատ լաւ գիտէր, բայց դիտաւորեալ կերպով սխալ կը հնչէր, որպէսզի հայերէն դասերը իրեն յանձնէին: Բոլոր Միաբանակիցները ֆրանսացի ըլլալով, երբեմն կը զուարճանային իր հետ կատակելով: Օր մը խօսակցութիւնը Հայաստանի մասին ըլլալով, ֆրէրներէն մին քրքջալով բացականչած է. «Ի՞նչ կ՚արժէ քու սիրելի Հայաստանդ, ես զայն խոհանոցի լաթերու արժէքով չեմ գներ»: Եղբայրս զայրոյթէն ինքզինքը կորսնցուցած է: Երեսը կաս կարմիր, աչքերը ուռած, կատղած ետ ու առաջ քալելով ոյժերը ժողված է եւ ֆրէրին վրայ նետուելով՝ բռունցքի զօրաւոր հարուածով զայն գետին փռած է: Բայց խեղճը այդպիսի վիճակի մէջ տեսնելով՝ գթացած է, մօտեցած ու համբուրած է եւ ներողութիւն խնդրած է: Ան ալ իրմէ ներողութիւն խնդրած է, եւ այդ օրուընէ անոնց միջեւ անկեղծ ու սերտ բարեկամութիւն մը հաստատուեր է մինչեւ վերջ:

 

Նախնական կրթութեան տարիները

Հայ Կաթողիկէներու դպրոցը կը կառավարէին ֆրանսացի Ֆրէրները, այդ իսկ պատճառով՝ դպրոցի պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէնն էր:  Հայերէն լեզուն օրական ժամ մը կը դասաւանդուէր: Մնացած դասերն էին կրօն, բնական գիտութիւններ, թուաբանութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, մէկ խօսքով՝ բոլոր նիւթերը, բացի հայերէնէն, ֆրանսերէն կ՚աւանդուէին: Ակնյայտ է, որ այդպէս ոչինչ կը սորվէի: Դասերս թութակի նման բերանացի կը սորվէի, առանց բան մը հասկնալու: Թուաբանութեան մէջ, պիւթագորեան աղիւսակը ֆրանսերէնով գոց գիտէի, բայց երբ հաշիւ մը ընելու կարիքը կ՚ունենայի, ֆրանսերէնէ հայերէնի կը թարգմանէի: Աշխարհագրութիւնը լաւ կը հասկնայի եւ քաղաքներու անունները ֆրանսերէն լեզուով գիտէի:

Յիշարժան ու զուարճալի է Առաջին Հաղորդութեանս պատմութիւնը: Մայրիկէս սորված եմ քրիստոնէական վարդապետութիւնը: Ֆրէրներն ալ, ֆրանսերէն լեզուով, ամէն օր կէս ժամ կրօնի վերաբերեալ ու խորհուրդներու մասին խրատներ կու տային մեզի, քարոզի ոճով: Օր մը Ֆրէրը խոստովանելու կերպը կը սորվեցնէր: Մայրիկէս արդէն սորված էի խոստովանելու կերպը: Ֆրէրի ըսածներէն բան մը չհասկցայ: Քովս նստած դասընկերոջս հարցուցի. «Բան մը հասկցա՞ր»: Պատասխանեց. «Ի՞նչ դժուար բան կայ, որ չըհասկնամ»: «Այսի՞նքն»: «Ինչ որ խոստովանահայրը կը հարցնէ, դուն պէտք է բառ առ բառ կրկնես, այլապէս խոստովանանքը սըրբապիղծ կ՚ըլլայ, այսինքն՝ դուն մահացու մեղք գործած կ՚ըլլաս: Եթէ այդ մեղքը չքաւած մեռնիս, դժոխք կ՚երթաս»: Ես ինծի մտածեցի. «Սառաս (այսինքն՝ մայրիկս) ինծի այդպէս չսորվեցուց»: Բայց եզրակացուցի, որ թերեւս Ֆրէրը մայրիկէս աւելի լաւ գիտէ, ուստի պարտաւոր եմ Ֆրէրին սորվեցուցածը ընդունիլ, եթէ չեմ ուզեր դժոխք երթալ:

Յաջորդ շաբաթ օրը երեկոյեան, Ֆրէրը մեզ եկեղեցի առաջնորդեց շաբաթական խոստովանանքի համար: Երբ իմ հերթս հասաւ, խոստովանարանին առջեւ ծունկի եկայ: Խոստովանահայրը սկըսաւ.

«Ծո, խաչ հանէ»:

Եւ ես, ինչպէս որ սորվեր էի, կրկնեցի. «Ծո, խաչ հանէ»:

Խոստովանահայրը. «Ըսէ. ՚՚Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ՚՚»:

Կրկնեցի. «Ըսէ. ՚՚Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ՚՚»:

«Առաջի՞ն անգամն է, որ կը խոստովանիս»:

Կրկնում. «Առաջի՞ն անգամն է, որ կը խոստովանիս»: Խոստովանահայրը. «Մայրիկիդ տոպրակէն շաքար գողցե՞ր ես»: Ես. «Մայրիկիդ տոպրակէն շաքար գողցե՞ր ես»:

Խոստովանահայրը. «Սուտ խօսե՞ր ես: … Չար տղոց հետ խաղցե՞ր ես»: Ես. «… Չար տղոց հետ խաղցե՞ր ես»:

Խոստովանահայրը. «Ծո ապուշ, հարցումներուս պատասխանը տուր եւ ոչ թէ կրկնէ զանոնք»: Ես. «Ծո ապուշ, հարցումներուս պատասխանը տուր եւ ոչ թէ կրկնէ զանոնք»:

Ի վերջոյ, խոստովանահօր համբերութիւնը հատաւ, իր նստած տեղէն դուրս ելաւ, ձեռքէս բռնեց, ուժքին հրեց, ըսելով. «Գնա՛ կորսուէ, անպիտան»: Ես ալ, կարծելով թէ ատիկա է տրուած ապաշխարութիւնը, նորէն կրկնեցի այդ բառերը:

Մայրիկս, քրիստոնէական վարդապետութիւնը, Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ պատուիրանները չափազանց խիստ կերպով կը բացատրէր: Օրինակ, այսպէս կ՚ըսէր. «Ձագուկս, եկեղեցւոյ մէջ մի՛ խօսիր, որովհետեւ անոյշ Յիսուսը, որ տապանակի մէջէն քեզ կը տեսնէ, կը բարկանայ ու կը պատժէ, դժոխք կը ճամբէ»: Կը պատասխանէի. «Սառաս, ասկէ ետք եկեղեցւոյ մէջ պիտի չխօսիմ, այլ միայն աւանդատան մէջ»: Մայրիկս. «Չէ, չէ, տղաս, անոյշ Յիսուսը տապանակի մէջէն աւանդատան մէջ ալ կը տեսնէ: Հոն ալ մի՛ խօսիր, անոյշ Յիսուսի սիրտը չցաւցնելու համար»: «Շատ լաւ», կը պատասխանէի, «ասկէ ետք ո՛չ եկեղեցւոյ եւ ո՛չ ալ աւանդատան մէջ պիտի խօսիմ, որ չըլլայ թէ անոյշ Յիսուսը ինծի բարկանայ»:

Եթէ չեմ սխալիր, հետեւեալ պատմութիւնը 1888 Յուլիս 16ին տեղի ունեցած է: Ականջիս հասաւ, որ Կիրակի, Յուլիս 16ին, լատիներէն հանդիսաւոր Պատարագ պիտի մատուցուի Քափուչիններու եկեղեցւոյ մէջ, Կարմեղոսի Աստուածամօր տօնին առիթով:  Եկեղեցի մտնելով, ապշած մնացի՝ Աւագ Խորանը գոյնզգոյն ծաղիկներով զարդարուած ու բազմաթիւ մոմերով լուսաւորուած տեսնելով: Երգեցողութիւնը երգեհոնի ընկերակցութեամբ կը կատարուէր: Պատարագիչն ու Սարկաւագները, Կիսասարկաւագներն ու փոքր սպասաւորները փայլփլուն հանդերձներով զգեստաւորուած էին: Ես ինքզինքս կորսնցուցած էի. Երկնքի Արքայութեան մէջ այդքա՜ն գեղեցկութիւն ու փայլ կա՞յ արդեօք: Եկեղեցին լեցուն էր, ինծի համար տեղ չկար: Սուսիկ փուսիկ, դասին մէկ անկիւնը խելօք մը նստայ, աչքերս, միտքս եւ ուշադրութիւնս դէպի Խորանը յառած: Աւետարանը ընթերցելէ ետք, Աւագ Սարկաւագը Խորանէն հեռացաւ: Պըզտիկ մանուկ էի, չէի հասկնար: «Ի՞նչ կը պատահի», ես ինծի կը հարցնէի: «Արդեօք Պատարագիչին հետ կռուե՞ր է»: Կը տեսնէի՝ թէ ինչպէս Սարկաւագը ամպիոն կը բարձրանար: Մտահոգութիւնս կ՚աւելնար, գլուխս կը տաքնար, երեսս ու ականջներս կաս կարմիր կ՚ըլլային, կը քրտնէի, կը նուաղէի: Քարոզիչը ամպիոնի բարձունքէն լռելեայն կ՚ողջունէր աջ ու ձախ կողմերը գտնուող հաւատացեալները: Ես, մինչդեռ, միշտ աւելի գէշ կ՚ըլլայի: Երբ խօսելու սկսաւ, այսինքն՝ քարոզելու, վիշտէս ինքզինքս կորսնցուցի, մտաբերելով մայրիկէս սորվածներս. այս մարդը եկեղեցւոյ մէջ կը խօսի, անոյշ Յիսուսի սիրտը ծանր կերպով կը վիրաւորէ, ուրեմն՝ դժոխք պիտի երթայ: Հա զիւ կրցայ բարձրաձայն լացս զսպել: Վերջ ի վերջոյ, յոգնութենէս քունս տարաւ ու խոր քուն մտայ: Այն ատենները, եթէ քարոզ մը միայն մէկ ժամ տեւէր, կարճ կ՚ըսուէր: Քարոզի վերջաւորութեան, երբ ձայնը իջեցուց, արթնցայ: Վերջին խրատը ուշադրութիւնս գրաւեց. «Ով որ իր հոգին աւանդելու վայրկեանին Կարմեղոսի Աստուածամօր հանդերձը իր սրտին վրայ ունենայ, Աստուածամայրը խոստացեր է այդ հոգին Արքայութիւն տանիլ»: Այս խօսքերը լսելով՝ մխիթարուեցայ ու մտածեցի. «Ո՛չ, այս մարդը անոյշ Յիսուսի սիրտը չի վիրաւորեր»: Պատարագի աւարտին, բազմաթիւ բարեպաշտ հաւատացեալնե րու հետ հիւրանոց մտայ եւ ուղղակի Պատարագիչ Վարդապետին առջեւ կանգնեցայ: Աջը համբուրեցի եւ գիտցած ֆրանսերէնովս խնդրեցի. «Հայր, կ՚աղաչեմ որ ինծի համար Կարմեղոսի Աստուածամօր հանդերձը օրհնես ու սրտիս վրայ դնես»: Պատասխանեց. «Շատ լաւ, սիրելիս, վաղը առտու …»: Բայց ես իր խօսքը ընդհատեցի, բարձրաձայն ըսելով. «Ո՛չ, ո՛չ վաղը, որովհետեւ եթէ այս գիշեր մեռնիմ, դժոխք կ՚երթամ: Հիմա անմիջապէս կ՚ուզեմ, որպէսզի Մարիամ անուշիկ Մայրիկը զիս Արքայութիւն տանի»: Ազնիւ Վարդապետը հազար ու մէկ ծանր պատճառներ ունէր՝ գործը վաղուան յետաձգելու, բայց այնքան բարի էր որ իմ բարի կամքէս յաղթուեցաւ: Վերջին խօսքս եղաւ. «Հայր, մինչեւ որ Կարմեղոսի Աստուածամօր զգեստը չօրհնես ու սրտիս վրայ չդնես, քեզ հանգիստ չեմ ձգեր, տե ղէս չեմ շարժիր»: Եկեղեցի գացինք, զգեստը օրհնեց ու պաշտօնապէս ուսէս կախեց: Այդ հանդերձը կրողները հոգեւոր պարտականութիւն մը ունէին. ամէն օր տասներկու անգամ «Ողջոյն քեզ, Մարիամ» աղօթքը ըսելու: Չեմ գիտեր, կա՛մ ինքը լաւ չհասկցուց կա՛մ ես չհասկցայ. այնպէս հասկցայ՝ թէ տասներկու օր անընդմէջ այս եկեղեցին պիտի այցելեմ ու Պատարագի պիտի մասնակցիմ:

Աստուածամօր զգեստը հազիւ թէ սրտիս վրայ դրուեցաւ, զգացի Աստուածամօր պաշտպանութիւնը: Սրտանց առաջադրանքներ կ՚ընէի այլեւս մեղք չգործելու, չար տղոցմէ հեռու կենալու, դասերս լաւ պատրաստելու, եւ այլն, եւ այլն: Ծնողներս եւ ուրիշներ շուտով նշմարեցին դրական փոփոխութիւնը ու բաւական զարմացան: Տասներկու օր անընդմէջ կատարեցի սրբազան պարտականութիւնս. ամէն օր Քափուչիններու եկեղեցւոյ մէջ Պատարագի կը մասնակցէի, աղօթքներս կ՚ընէի: Ջերմեռանդ կեցուածքս, Քափուչին Եղբօր՝ Ֆրա Քարմելոյի ուշադրութիւնը գրաւեց: Հետս բարեկամացաւ, զանազան նուէրներ տուաւ եւ լատիներէն Պատարագի սպասաւորութիւն սորվեցուց:

 

Կրօնաւորական կոչումը եւ վանական կեանքի առաջին տարիները

Ութը տարեկան էի, երբ մայրական կողմէ մեծ մօրս՝ Նազելի Թաթարեանի հետ մասնակցեցայ Քափուչիններու եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին: Եկեղեցիէն դուրս ելլելու ատեն մեզի ընդառաջ եկաւ Հայր Դոմինիկոսը: Մեծ մօրս հետ որոշ կարեւոր հարցեր քննարկելէ յետոյ, քանի որ մեծ մայրս Ֆրանչիսկեան Երրորդ Կարգի Միաբան էր, հայեացքը ինծի ուղղելով հարցուց. «Այս պզտիկը ի՞նչ պիտի դառնայ»:

«Այս չարաճիճին Քափուչին պիտի դառնայ», պատասխանեց մեծ մայրս:

«Դեռ շատ փոքր է Քափուչին դառնալու համար», յարեց վարդապետը: Ապա գլուխս շոյելով աւելցուց. «Թանկագին որդեակս, տակաւին շատ հաց պէտք է ուտես՝ վանական դառնալու համար: Առ այժմ շուտ է նման գաղափարի մը մասին խօսելու համար. կը տեսնուինք երեք տարի յետոյ»:

Այդ պահուն է որ Տէրը սրտիս մէջ մեծ սէր արթնցուց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Միաբանութեան հանդէպ: Այդ օրուընէ սկսեալ, սկսայ յաճախել Քափուչիններու եկեղեցին եւ քիչ ժամանակուայ մէջ սորվեցայ Պատարագի սպասաւորութիւնը: Քափուչիններու եկեղեցին յաճախելուս պատճառով, այլեւս չէի երթար հայ կաթողիկէ եկեղեցին: Բացակայութիւնս զգալի էր, որովհետեւ Պատարագներու սպասաւոր չկար: Հ. Օգոստինոս Ամրիկեանը զիս փնտռեց ու կանչեց. «Ի՞նչ է պատճառը, որ բաւական ժամանակէ ի վեր քեզ եկեղեցի չենք տեսներ»: Պատասխանեցի. «Յուլիս 23ին ես Քափուչին ձեռնադրուեցայ, ուստի այլեւս ինծի մի՛ սպասէք»: Հայր Օգոստինոս տեսակ մը այլայլած ըսաւ. «Տղաս, այդպիսի բան մի՛ ըներ: Օտարէն աւելի՝ դուն մեր ազգին ծառայելու պարտական ես: Եկուր քեզ Վիեննա ղրկեմ, հոն ազգօգուտ փառաւոր կրօնաւոր մը կ՚ըլլաս»: Պատասխանեցի. «Հայր պատուական, սիրտս կը վկայէ որ պաշտելի Հայ Ազգիս աւելի օգտակար պիտի ըլլամ իբրեւ Քափուչին կրօնաւոր»:

Հ. Օգոստինոս այս մասին խօսեցաւ նաեւ մայրիկիս հետ: Ան ալ կանչեց զիս ու ըսաւ. «Տղաս, ես չեմ կրնար հակառակիլ Աստուծոյ կամքին: Բայց գիտցիր, որ եթէ վանական ըլլալու փափաքդ Աստուծմէ չէ՝ չես կրնար յաղթահարել այն փորձերը, որոնց կ՚ենթարկուին Քափուչիններու երիտասարդ թեկնածուները»:

«Ի՞նչ փորձեր են ատոնք», հարցուցի:

«Պիտի հրամայեն քեզի հագուստներով միասին կրակի կամ փո թորկայոյզ ծովու մէջ նետուիլ, եւ նոյնանման բաներ»:

«Մամ», շարունակեցի հարցումներս, «ուրեմն Հայր Դոմինիկոսն ու Եղբայր Քարմելոն ա՞լ, Քափուչիններու զգեստը հագուելէ առաջ, նետուեր են փոթորկայոյզ ծովու եւ բոցավառ կրակի մէջ»:

«Այո՛, տղաս, ճիշտ այդպէս», պատասխանեց մայրիկս:

«Եթէ անոնք կրցած են ընել այդ ամէնը եւ տակաւին ողջ են», եզրակացուցի, «ինչո՞ւ ես նոյնպէս չեմ կրնար գերազանցել այդ փորձերը»:

Հայր Դոմինիկոսի կողմէ պահանջուած երեք տարիները արդէն անցեր էին: Մեր տան ամենամեծ սենեակին մէջ հաւաքուած, քանի մը կիներ, ընտանիքի ազգականներ կամ բարեկամներ, աճապարանքով ներքնազգեստներ ու վերնազգեստներ կը կարէին ինծի համար, ղեկավարութեամբ մօրաքրոջս՝ Քոյր Թէոդորայի, որ Սուրբ Յովսէփի Միաբանութեան կրօնաւորուհիներէն էր: Յանկարծ մօրաքոյրս սկսաւ ծաղրել զիս, ըսելով որ այդ դդում ուղեղովս պիտի չկարենայի տիրապետել այն բոլոր գիտելիքներուն, որոնք Քափուչինները իրենց Միաբանութեան անդամակցիլ փափաքող թեկնածուներէն կը պա հանջեն: Որպէս ապացոյց իր ըսածներուն, նկատել տուաւ որ գրեթէ բոլոր Քափուչինները, նոյնիսկ առողջները, ակնոցաւոր ու կիսով չափ կոյր են, քանի որ կը յոգնեցնեն իրենց տեսողութիւնը երկարատեւ ընթերցումներով ու գիշերային հսկումներով:

Մօրաքրոջս պատճառաբանումները զիս շփոթութեան մատնեցին: Հարցը շատ լուրջ էր եւ անկիւն մը քաշուեցայ լաւ մը խորհրդածելու: Ես իմ մէջս այս հարց ու պատասխանը ըրի. «Ի՞նչ կրնան գիտնալ Քափուչինները ինծմէ աւելի: Քրիստոնէական վարդապետութի՞ւնը: Ա՜հ, ասիկա երբե՛ք: Կրօնի դասերու մէջ միշտ բարձրագոյն նիշերը ստացեր եմ: Թուաբանութի՞ւնը: Աս ալ չի կըրնար ըլլալ: Ո՞վ ինծմէ աւելի լաւ գիտէ չորս գործողութիւնները: Պատմութի՞ւնը: Աշխարհագրութի՞ւնը: Վստահ եմ, որ գիտեմ այն ամէն բան որ կրնայ գիտնալ Քափուչին մը»: Փայլուն կերպով յաղթահարած էի մորաքրոջս յարուցած խո չընդոտը: Յաղթական կեցուածքով ներկայացայ կիներու խումբին եւ հանդիսաւոր ձայնով յայտարարեցի. «Տիկիններ, Աստուծոյ շնորհքով արդէն իսկ փոքրիկ Քափուչին մըն եմ, որովհետեւ կը տիրապետեմ աշխարհի ամբողջ գիտութեան, այնպէս՝ ինչպէս Քափուչինները»:

1893 թուականի Մայիսին մեր քաղաքը այցելեց Հ. Էուճենիոն, Սեւ Ծովի առաքելութեան Մեծաւորը: Արդէն երեք տարի էր որ կը յաճախէի Քափուչիններու վանքը եւ շահած էի Եղբայր Քարմելոյի բացարձակ վստահութիւնը, որ ինծի յանձնած էր եկեղեցւոյ ու աւանդատան խնամքը եւ վանքի մաքրութիւնը, ինչպէս նաեւ զիս քաղաք կը ղրկէր ամէնօրեայ փոքրիկ գնումներու համար: Իմ այս գործերուս համար Հ. Էուճենիոն անուանակոչեց զիս ՚՚Եղբայր Քարմելոյի գործակիցը՚՚, իսկ երբ երկչոտ ձայնով մը յայտնեցի իրեն Քափուչիններու Միաբանութեան անդամակցելու փափաքս, երկու անգամ կրկնել չտուաւ: Հազիւ վերջացաւ իր կանոնական այցելութիւնը, մեկնեցանք Տրապիզոն, ուր Սուրբ Յովսէփի մայրապետներու որբանոցը ուղարկուեցայ՝ տարուան փորձի շրջան մը անցընելու համար:

Յաջորդ տարի, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին օրը մօտենալուն, ղրկուեցայ Պոլսոյ ՚՚Սուրբ Ստեփանոս՚՚ կղերանոցը: Վերջապէս տեսայ այդքան երազած Պոլիսս: Բայց աննկարագրելի եղաւ յուսախաբութիւնս: Մանկական մտքիս մէջ համոզուած էի թէ Պոլսոյ գեղեցկութիւնը գրեթէ երկնքի արքայութեան գեղեցկութեան հաւասար ըլլալով, հոն հող, քար ու ցեխ չկար: Երեւակայութեանս մէջ, Պոլիսը ամպերու վրայ կառուցուած կը կարծէի, տուները ամբողջովին ոսկիով ու արծաթով պատուած, ադամանդներով զարդարուած: Կը կարծէի թէ հոն գիշեր չկար, փայլուն արեւը քաղաքին վրայ անդադար կը սփռէր կէսօրուան լոյսը: Ո՜հ, ինչպէ՞ս բացատրեմ յուսախաբութիւնս: Ես ինծի կ՚ըսէի. «Ծո, ա՞յս է եղեր Պոլսոյ սքանչելի գեղեցկութիւնը: Կարինի գեղեցկութենէն տարբերութիւն մը չեմ տեսներ: Ամէն կողմ հող, քար, ցեխ: Կարինի մէջ այդքան շատ շուն չկայ՝ որքան Պոլիս: Հարիւրաւոր շուներ կը թափառին ու փողոցները կ՚աղտոտեն: Այդ օրուընէ ի վեր սրտիս մէջ պաղութիւն մը մտաւ եւ բնաւ չեմ յուզուիր ճարտարապետական գեղեցկութիւններու դիմաց: Միայն մէկ բացառութեամբ. անարտայայտելի են զգացումներս Երեւանի, Մասիսի, Վաղարշապատի, Էջմիածնի նկատմամբ: ՚՚Սուրբ Ստեփանոս՚՚ կղերանոցին մէջ կատարեցի դպրոցական ուսումներս եւ չորս տարի յետոյ, 1898 Յուլիս 14ին, սկսաւ նորընծայութեանս տարին: Վանական զգեստը ստանալու արարողութեան նախորդեց եռօրեայ հոգեւոր կրթութիւն մը, որու ընթացքին աղօթեցի Տիրոջ որ ներշնչէ Մեծաւորներս, որպէսզի տային ինծի Սուրբի մը անունը, որ յայտնի ըլլար Աստուածածնի հանդէպ ունեցած իր բարեպաշտութեամբ: Որքա՜ն մեծ եղաւ ուրախութիւնս, երբ Հ. Լինոն, վանական զգեստը ինծի տալով, ըսաւ. «Յովհաննէս Զօհրապեան, այսուհետեւ դուն պիտի կոչուիս Եղբայր Կիւրեղ Կարնեցի: Սուրբ Կիւրեղ Աղեքսանդրացին, քու նոր պաշտպան Սուրբդ, մեծ բարեպաշտութիւն ունէր Տիրամօր հանդէպ»:

Նորընծայութեան տարուան աւարտին, տասներկու օրուան հոգեւոր կրթութեամբ նախապատրաստուած, 1899 Յուլիս 14ին, ես եւ ուրիշ հինգ նորընծաներ կատարեցինք մեր ժամանակաւոր ուխտադրութիւնը: Օգոստոս 13ին մեկնեցանք Պուճճա, Զմիւռնիայի մօտակայքը, հոն սկսելու համար իմաստասիրութեան դասընթացքը: Այդ նոյն վանքէն ներս իրենց ուսումները կ՚ընէին նաեւ աստուածաբա նութեան ուսանողները:

Աստուածաբանութեան երկրորդ տարին արդէն աւարտած էի եւ երրորդ տարին պիտի սկսէի, որու վերջաւորութեան՝ քահանայ պիտի օծուէի: Սարսափելի խղճահարութիւններ սկսան նեղել հոգիս, աչքերուս առջեւ ներկայացնելով քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունելու անարժանութիւնս: Ես, որ խեղճ ու անխելք տղայ մըն եմ, ինչպէ՞ս պիտի կարենամ Աստուծոյ հանդէպ քահանայական պատասխանատուութեան ծանր լուծը կրել, մինչ Սուրբ Ֆըրանչիսկոսը, որ իր եղբայրակիցներու հարկադրանքին տակ Փերուճիա կ՚երթար տեղւոյն Եպիսկոպոսէն քահանայ օծուելու, ճանապարհին հրեշտակ մը իրեն երեւցաւ, ձեռքին վճիտ ջուրով լի գաւաթ մը, եւ ըսաւ. «Ֆրանչիսկոս, քահանայ ըլլալու համար՝ հոգիդ պէտք է այս ջուրէն աւելի մաքուր ըլլայ»: Մեր Սուրբ Հայր Ֆրանչիսկոսը վերադարձաւ Ասսիզի, հասկցաւ աստուածային պատգամը եւ հրաժարեցաւ քահանայական օծումէն: Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սրբութիւնը ո՜ւր, իմ նուաստութիւնս ո՜ւր: Այս խղճահարութիւնները սաստիկ կը չարչարէին զիս, հիւանդանալու աստիճան: Օր մը դասագիրքերով լաւ ծրար մը շինեցի եւ թեւիս տակ դնելով՝ ներկայացայ ուսանողներու Մեծաւորին:

Ծունկի եկայ, ըսելով. «Օրհնեցէք, Հայր պատուական»:

Ապշած հայեացքով երեսիս նայելով, ըսաւ. «Աստուած օրհնէ քեզ: Տեսնենք՝ ինչ կ՚ուզէ մեր սիրելի Կարնեցի Եղբայր Կիւրեղը»: Սկսայ բացատրութիւններս. «Հայր պատուական, քանի մը ամիս է արդէն, որ խիղճս կը չարչարէ զիս, ըսելով որ ես քահանայու թեան չափազանց ծանր լուծը ուսերուս առնելու ո՛չ խելքը եւ ո՛չ ալ կարողութիւնը ունիմ: Կը յիշէ՞ք, թէ ինչպէս մեր Սուրբ Հայր Ֆրանչիսկոսը չէր ուզեր քահանայ օծուիլ, ըսելով որ արժանի չէ այդ սրբազան աստիճանին: Ամիսներ շարունակ եղբայրակիցները կը համոզէին զինք, որպէսզի ընդունէր այդ սուրբ աստիճանը, որպէս պատճառ ներկայացնելով այն հանգամանքը, որ իր հիմնած Միաբանութեան անդամներէն շատերը քահանայական ձեռնադրութիւն ունէին, իսկ ինքը՝ Ֆրանչիսկոսը միայն Աւագ Սարկաւագ ըլլալով չէր կրնար քահանաներուն հրամայել, ըստ եկեղեցական կանոններուն: Ի վերջոյ, ամէնքը գոհացնելու նպատակով, օր մը քալելով դէպի Փերուճիա կ՚երթար, տեղւոյն Եպիսկոպոսէն քահանայ ձեռնադրուելու: Հրեշտակ մը իրեն …»:

Մեծաւորը հոս խօսքս ընդհատեց, բացականչելով. «Լաւ, լաւ, հասկցայ: Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես. չե՞ս ուզեր քահանայ ըլլալ»: Պատասխանեցի. «Ճիշտ այդպէս, Հայր պատուական: Երբ քահանայի սուրբ ըլլալու պարտականութիւնը եւ ուրիշ շատ մը պատասխանատուութիւնները միտքս կու գան, սիրտս դող կը մտնէ, ծառի տերեւներու նման կը դողամ: Գիտեմ, որ մէկ տարիէն պէտք է քա հանայ օծուիմ: Ե՞ս: Կը յուզուիմ, լալով կը պոռամ. ՚՚Վա՜յ իմ գլխուս՚՚: Կ՚աղաչեմ Ձեզի, հրաման տուէք որ պարտէզ երթամ, եղբայրներու հետ կաղամբ ու դդում ցանեմ: Կամ ալ խոհանոց, խոհարար Եղբօր օգնեմ»:

Մեծաւոր Հայրը խօսքերէս յուզուեցաւ եւ քանի մը վայրկեան չկրցաւ խօսիլ, յուզմունքը զսպելու համար: Վերջապէս ինքզինքը գտաւ, մեծաւորներուն բնորոշ սարսափազդու հայեացքով իր փայլուն աչքերը դէմքիս սեւեռելով՝ ըսաւ. «Եղբայր Կիւրեղ, ուշադիր լսէ ինծի: Մեր Սուրբ Հայր Ֆրանչիսկոսը քեզ կանչեց իր Միաբանութեան անդամակցելու ո՛չ իբրեւ Եղբայր, քահանաներուն օգնելու համար, այլ իբրեւ քահանայ ծառայելու: Իսկ եթէ չես ուզեր Սուրբ Հայր Ֆրանչիսկոսին հնազանդիլ, անմիջապէս խուցդ քաշուէ, ծառային հիմա պիտի ըսեմ որ զոյգ մը տաբատ բերէ քեզի, եւ այսօր իսկ Հա յաստան պիտի վերադառնաս»:

Մեծաւորը ձայնը երթալով աւելի կը բարձրացնէր, եւ որքան աւելի կը բարձրացնէր իր սպառնացող ձայնը՝ այնքան աւելի սրտիս մէջ անդորր ու խաղաղութիւն կը զգայի: Սրտանց ուրախ ու զուարթ ձայնով բացականչեցի. «Հայր պատուական, մեր Սուրբ Հայր Ֆրանչիսկոսը իսկապէ՞ս զիս քահանայ կ՚ուզէ»: Պատասխանեց. «Հարկաւ, տարակոյս չկայ: Չե՞ս յիշեր թէ քանի՜ քանի՜ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցար ու միշտ յաղթեցիր: Քո՞ւ ոյժերով: Ո՛չ երբեք, այլ մեր Սուրբ Հօր բարեխօսու թեամբ»: Եզրակացութիւնս ա՛յլ բան չէր կրնար ըլլալ. «Հայր պատուական, մեռնիմ ալ՝ մեր Սուրբ Հօր կամքին հակառակ չեմ գործեր: Եթէ այդպէս է իր կամքը, քահանայ ալ կ՚ըլլամ, եպիսկոպոս ալ»:

 

Քահանայ եւ առաքեալ

1904 Մայիս 12ին, Աստուծոյ կամքով, կուսակրօն քահանայ օծուեցայ:

Գիտէի որ Սեւ Ծովու առաքելութեան Մեծաւոր Հայր Էուճենիոն Ընդհանուր Մեծաւորէն խնդրեր էր, որ քննութիւններէն յետոյ զիս իր քովը՝ Տրապիզոն ղրկէ որպէս միսիոնար: Ինծի համար «միսիոնար»ը հոմանիշ է «առաքեալ»ին: Ինչպէս Սուրբ Պօղոս Առաքեալը: Սիրտս դող մտաւ, երբ լսեցի որ զիս առաքելութեան պիտի ղրկեն: Մտքիս մէջ շարունակ արթուն էին յարուցեալ Յիսուսի աստուածային խօսքերը. «Ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ: Գացէք, այսուհետեւ, աշակերտ ըրէք բոլոր ազգերը, մկրտեցէք … սորվեցուցէք անոնց պահել այն ամէն բան որ պատուիրեցի ձեզի»: Աներեւակայելիօրէն մեծ էին ցաւս ու երկիւղս, որովհետեւ հասկացողութեանս համաձայն՝ միսիոնարը Պօղոս Առաքեալին հաւասար մէկը պէտք է ըլլայ: Կը խորհէի թէ ինչպէ՞ս կըրնայի այդ մեծ վտանգէն ազատիլ: Աստուծմէ կը խնդրէի որ Հայր Էուճենիոն զիս մոռնար: Հայր Էուճենիոն կը գրէր ինծի, իսկ ես չէի պատասխաներ անոր նամակներուն. նուէրներ կը ղրկէր ինծի, իսկ ես եւ ոչ իսկ կը տեղեկացնէի թէ ստացեր եմ: Որպէսզի զիս չկարենային առաքելութեան ղրկել, միակ միջոցն այն էր որ ընդհանուր քննութիւններուն ձախողէի: Ուստի սրտաբուխ եռանդով ինքզինքս աղօթքներու, զանազան զրկանքներու ու ձաղկումներու նուիրեցի, Աստուծմէ խնդրելով չյաջողիլ վերջին քննութիւններուն:

Բայց Աստուած ի յաւիտենից որոշած էր, որ անարժան ըլլալով հանդերձ՝ առաքելութեան ասպարէզին նուիրուիմ: Եզակի դըրուագ մըն են վերջին քննութիւններս: Հազիւ մտայ քննութիւններու սրահը, յանկարծ ամբողջովին մոռցայ որ գրեթէ տարի մը այդքան աղօթքներով ու զրկանքներով Աստուծմէ խնդրած էի ձախողիլ վերջ նական քննութիւններու ատեն: Անկախ իմ կամքէս ու գիտակցութե նէս, այդ պահուն միակ մտահոգութիւնս հարցումներուն կրցածիս չափ լաւ պատասխանելն էր: Բոլոր քննիչ Վարդապետները կը խնդակցէին հետս, ըսելով որ փառաւոր քննութիւն մը տուած էի: Քննութիւններու աւարտին, Եկեղեցի գացինք՝ Աստուծոյ գոհութիւն մատուցանելու: Յանկարծ արթնցայ թմրութենէս, եւ չէի կրնար համոզուիլ՝ թէ ինչ պատահած էր, երա՞զ թէ իրականութիւն: Գոհաբա նական աղօթքէն յետոյ եղբայրակիցներս նոյնպէս կը մօտենային ու կը շնորհաւորէին քննութիւններուս փայլուն արդիւնքները եւ բեղուն առաքելութեան բարեմաղթութիւններ կ՚ընէին: Հասկցայ, որ երազ չէր, այլ՝ իրականութիւն: Խուցս քաշուեցայ, աչքերս դէպի երկինք բարձրացուցի եւ զիս յաւիտենից սիրող Աստուծոյս ըսի. «Շնորհակալ եմ, Ամենակալ Աստուած, որ չնայած անարժանութեանս՝ զիս ընտրած ես թէ՛ քահանայ ե՛ւ թէ՛ առաքեալ ըլլալու: Դուն, Աստուած իմ, գիտես որ ես ոչինչ եմ: Գործերս միայն թերութիւն կրնան արտադրել: Բայց վստահ եմ, որ Դուն պիտի կատարես քահանայական ու առաքելական պարտականութիւններս, եւ չես ձգեր միայն իմ ոյժերուս, որ տկար են»: Այդպէս ալ եղաւ. առաքելական բոլոր ձեռնարկներուս մէջ ես իմ կողմէս անխոհեմութիւն, յանդգնութիւն ու սխալներ կը խառնէի, որոնք սակայն, Աստուծոյ օգնութեամբ, բարիի կը փոխուէին ու լիուլի յաջողութեամբ կը պսակուէին:

Ամենապատիւ Հայր Պերնարտոյ Անտերմացին նոյն ամսու 24ին ստորագրած իր հրամանագրով զիս Սեւ Ծովի, այսինքն՝ Տրապիզոնի առաքելավայր ղրկեց:

Դէպի Կարին

Յունիսի կէսերուն մեզի յանձնեցին Ընդհանուր Մեծաւորի հրամանագիրները, եւ 1905 Յուլիս 3ին, ողջագուրուելով եւ հրաժեշտ տալով սիրելի մեծաւորներուս, վարժապետներուս, եղբայրակիցներուս ու գործակիցներուս, հեռացայ Պուճճայէն եւ նաւով հասայ Պոլիս, ուրկէ, Յուլիս 12ին, կրկին նաւ բարձրացայ դէպի Տրապիզոն, ուր հասայ չորս օր յետոյ, Յուլիս 16ին, Կարմեղոսի Տիրամօր տօնին օրը: Այդ զուգադիպութիւնը ինծի համար խորհրդաւոր նշանակութիւն ունէր: Իրօք, 1888 Յուլիս 16ին էր որ առաջին անգամ ըլլալով ճանչցայ Քափուչինները, Աստուածամօր զգեստը ստանալով Էրզրումի մէջ իր առաքելական ծառայութիւնը կատարող Հայր Ֆրանչիսկոսէն: Այդ օրը սրտիս խորը Աստուածամօր հանդէպ ջերմ բարեպաշտութիւն մը եւ սրբանալու հաստատուն կամք մը ծնաւ: Մարմնական մայրս նոյնպէս զգաց վարքիս այս անկիւնադարձային փոփոխութիւնը եւ կ՚ըսէր՝ թէ նախապէս այդքան չարաճճի ըլլալով հանդերձ, քիչ կը մնար որ պզտիկ հրեշտակ մը դառնայի:

Նաւահանգիստին մէջ զիս դիմաւորելու եկած էին տեղական Մեծաւորը՝ Հ. Էուճենիոն եւ քանի մը ուրիշ եղբայրակիցներ: Հան դիպումը շատ յուզիչ էր եւ բարեսիրտ Վարդապետը մխիթարութեան ջերմ արցունքներ կը թափէր, որովհետեւ զիս կը նկատէր որպէս իր առաքելական կեանքի ու գործունէութեան երկարատեւ տարիներու ընթացքին քաղուած առաջին եւ միակ պտուղը: Ուղեւորները քաղաք մտնելէ առաջ խիստ քննութեան կ՚ենթարկուէին մաքսատան մէջ: Յատկապէս գիրքերը կը քննէին: Ղուրանի ֆրանսերէն թարգմանութեան օրինակ մը ունէի քովս, քարոզչութեան ատեն կրնար գործի գալ: Մաքսատան պաշտօնեան, առանց քննելու, մէկդի դրաւ, ըսելով. «Ալլահի այս սուրբ գիրքը քու քովդ չի կրնար մնալ: Իմ քովս ալ չի մնար, որովհետեւ թարգմանութիւնը հաւատարիմ չէ, ինչպէս հաւատարիմ չեն ձեր Աւետարանները»: Ժամագրքիս մէջ «Հայաստան» եւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց» բառերը սեւ մելանով ջնջեցին: Բառարանի «Հայաստան» եւ «Հայրենիք» բառերը նոյնպէս: Կատղած էի, բերանս պիտի բանա յի ու այդ սրիկայի երեսը լաւ մը լուայի: Բայց Մեծաւորս աչքով նշան ըրաւ, որ լռեմ: Լաւ որ դեռ հետս չէի առած հայերէն բոլոր գիրքերս եւ քարտէսները՝ որոնց վրայ գրուած էր Հայաստան: Տրապիզոն մնացի եօթը օր, որմէ ետք, քառաձի կառքով, Կարինի նորընտիր Մեծաւորին հետ ճամբայ ելանք դէպի Կարին: Տրապիզոնի մէջ անցուցած այդ շաբթուան ընթացքին, Հայր Էուճենիոն ուզեց այցելութիւն կազմակերպել ինծի համար դէպի մեր առաքելավայրին ամարանոցը: Մինչ խոհարարը ճաշը կը պատրաստէր, Հայր Սալվաթորէի եւ Հայր Ճուզեփփէի հետ գացի տեսնելու տեղւոյն յոյն օրթոտոքս եկեղեցին, որ գիւղին միակ դիտարժան կառոյցն էր: Քահանան հոն չէր, արտերու մէջ աշխատելու գացեր էր: Մեզ երէցկինը ընդունեցաւ: Որքա՜ն հպարտ էր որ իր ամուսինին ինը զաւակ պարգեւեր էր, որոնցմէ վեցը տղայ եւ երեքը աղջիկ, բոլորը ողջ ու առողջ, իսկ ներկայիս ուրիշ զաւակ մըն ալ կը սպասէին: Այդպիսի աղքատութիւն երբեք չէի տեսած. կիսով հողաշէն, կիսով փայտաշէն խրճիթ մը, հազիւ քսանհինգ քառակուսի մեթր տարածքով, տասնմէկ հոգւոյ բնակութեան կը ծառայէր: Ընտիր կահոյքի եւ հագուստներու մասին խօսք անգամ չէր կրնար ըլլալ: Այսու հանդերձ, կ՚ապրէին սրտաբուխ ուրախութեամբ, անկեղծ գոհունակութեամբ, իսկապէս երջանիկ էին եւ բոլորն ալ, առանց բացառու թեան, քաջառողջ էին: Զաւակները աշխոյժ էին, կայտառ եւ խելացի: Վեցօրեայ ճամբորդութենէ ետք հասանք Կարին: Ծնողքս, ազ գականներս, եղբայրներս դիմաւորելու եկած էին մինչեւ Իլիճէ, որ քաղաքէն տասներեք հազարամեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղ մըն է: Մեր հանդիպումը, Աստուծոյ ուղղուած երախտագիտութեան հանդիսաւոր արտայայտութեան վերածուեցաւ, քանի որ յուզուած ծնողներս, զիս հազիւ տեսած, ծունկի եկան եւ ձեռքերնին դէպի երկինք բարձրացուցած սկսան Մեծացուսցէն եղանակել: Աղօթքը հազիւ վերջացած, զիս անհամար համբոյրներով ու ջերմ արցունքներով ողողեցին: Ոչինչ կը պակսէր այդ հանդիսաւոր տօնակատարութեան: Ներկայ էին երկու հօրաքոյրներս եւ հինգ հօրեղբայրներս, երկու մօրաքոյրներս եւ երեք մօրեղբայրներս, բոլորն ալ իրենց զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռերուն հետ միասին:

Հազիւ վանք հասանք, պարտէզին մէջ ծունկի եկայ եւ արտասուելով ու հողը համբուրելով ինքզինքս խաչակնքեցի ու այսպէս աղօթեցի. «Տէր Աստուած, առաքելական գործունէութիւնը ընդունեցայ կամքդ կատարելու նպատակով: Շնորհքդ պարգեւէ ինծի, որպէսզի սրբազան պարտականութիւններս միշտ մաքուր սրտով կատարելով՝ օրհնութեանդ արժանանամ եւ այսպիսով բոլոր ձեռնարկներս կատարեալ յաջողութեամբ պսակուին»:

           

ԳԼՈՒԽ Բ.

 

Կարինի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը – Առաքելական Համայնքը – Աւետարանական Համայնքը – Մանուկներու քրիստոնէականի ուսուցիչ – Հիւանդներու օրհնութիւնը – Սբ. Սահակ եւ Սբ. Յովսէփ Մարտիրոսներու բանտը – Ձմրան ամիսներուն – Դէպի Թորթում, Ռապատ եւ Նորշէն

 

Կարինի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը

Կարինի Հայ Կաթողիկէները, առաջին քրիստոնեաներուն նման, մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի էին: Անոնց ամենամեծ փափաքը լաւ քրիստոնեաներ եւ Եկեղեցւոյ օրէնքներու խղճամիտ պահպանողներ ըլլալն էր: Հաւատարիմ կերպով պահք կ՚ընէին Քառասնորդացի ամբողջ տեւողութեան եւ տարուան բոլոր ուրբաթ օրերը, ոչ ոք կը բացակայէր տօնական Սուրբ Պատարագէն եւ շաբթուան պարզ օրերուն նոյնպէս՝ մարդիկ աշխատանքի երթալէ առաջ կը մասնակցէին Սուրբ Պատարագին ու բոլորն ալ Ապաշխարութեան եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներուն կը մերձենային ամիսը գէթ մէկ անգամ: Ամէնուր կ՚իշխէր եղբայրական սէրը եւ այդ իսկ պատճառով՝ Համայնքի անդամներուն մէջ մուրացիկներ չկային: Ամուսնալուծութիւնը գոյութիւն չունէր եւ ես ալ անձամբ, Կարինի մէջ կատարած պաշտօնավարութեանս բազմաթիւ տարիներու ընթացքին, եւ ոչ իսկ մէկ պարագայի հանդիպեցայ: Հիւանդները քահանան կը կանչէին բժիշկէն առաջ, կը խոստովանէին, կ՚ընդունէին Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը եւ, եթէ պարագան այդպիսին էր, կը խնդրէին նաեւ Հիւանդաց Օծումը: Երբեք չէր պատահեր որ մահամերձը առանց սուրբ խորհուրդները ստանալու մահանար:

Հայ Կաթողիկէ քահանաները կը փայլէին իրենց առաքինութեամբ, մասնաւորապէս՝ համերաշխութեան ու եղբայրսիրութեան հոգիով, այն աստիճան որ անոնց այդ առաքինութիւնները առակներու կարգը անցած էին: Թէ՛ ոչ կաթողիկէները, եւ թէ՛ մահմետականները, ցոյց տալու համար որ երկու անձեր զիրար շատ կը սիրէին ու կը յարգէին, կ՚ըսէին. «Զիրար կը յարգեն ինչպէս Հայ Կաթողիկէ քահանաները»: Ուստի զարմանալի չէ որ այսպիսի հովիւներով առաջնորդուած ժողովուրդն ալ կը փայլէր առաքինութիւններով ու բարութեամբ:

Ինծի համար հաճելի է մէկ առ մէկ յիշատակել այդ հոգեշնորհ թանկագին հոգեւորականները, որոնք կրցայ ճանչնալ: Տէր Յովսէփ Աբրահամեան, որ նաեւ երրորդ կարգի ֆրանչիսկեան էր եւ մեր սերովբէանման Հայր Սբ. Ֆրանչիսկոսի հանդէպ շատ բարեպաշտ: Կը քարոզէր մեր եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Սբ. Պատարագներու ատեն ալ սարկաւագական սպասաւորութեան մասը կը ստանձնէր: 1915ին մարտիրոսացաւ գանակոծութեամբ, որովհետեւ չուզեց իր գլուխը ծածկել մահմետական իմամներուն յատուկ ճերմակ փաթթոցով:

Գերպ. Յովսէփ Քեչուրեան, թեմական կղերանոցի աշակերտներէն, Նորին Սրբութիւն Պիոս Թ.ի քահանայապետական արքունիքի անդամներէն: Մասնակցեցաւ Վատիկանեան Առաջին Ժողովին: Թէեւ բծատենդով ծանր հիւանդ էր եւ անկողին ինկած, 1915ին տեղահանման ենթարկուեցաւ եւ գանակոծութեամբ գազանաբար սպաննուեցաւ: Տէր Գրիգոր Քեչուրեան, նախորդին եղբայրը, Հաւատոյ Տարածման Ժողովի աշակերտներէն, մեծ աստուածաբան եւ լատինա գէտ: Մահացաւ 1915ի Մեծ Եղեռնէն քիչ մը առաջ: Տէր Կարապետ Կէտիկեան, թեմական կղերանոցի աշակերտնե րէն: Ասոր մասին իսկապէս կրնանք ըսել որ իրական քրիստոնեայ մըն էր, որուն մէջ նենգութիւն չկար: Տէր Սերովբէ Քեչուրեան, Գերպ. Կարապետ Քեչուրեանին աւագ եղբայրը, թեմական կղերանոցի աշակերտներէն: Եռանդուն հոգեւորական մըն էր եւ իրական առաքեալ մը: Աստուծոյ խօսքը կը հասցնէր մինչեւ ամենաանհասանելի բնակավայրերը: Ինքնուսոյց կերպով սորվեր էր լատիներէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն լեզուները: 1915ի տեղահանութիւններու ատեն կրցաւ խուսափիլ թուրքերու ուշադրութենէն եւ ապաստանեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր մահացաւ իննսունչորս տարեկան հասակին: Տէր Պօղոս Չոտոյեան, Կոստանդնուպոլսոյ ֆրանսացի Քափուչիններու աշակերտներէն: Երեսուն տարեկանը տակաւին չէր բոլորած, երբ 1915ին անողորմ կերպով սպաննուեցաւ գաւազաններու եւ կացինի հարուածներով:

Տէր Յովսէփ Զօհրապեան, իմ կրտսեր եղբայրս, Պէյրութի Յիսուսեաններու Համալսարանի աշակերտներէն: 1915ին թուրքերը զինք ողջ ողջ մորթազերծ ըրին եւ հողի վրայ խաչեցին Քեմահի մէջ, Խարբերդի մօտակայքը, որովհետեւ հակառակ տարահանուածներու կարաւանի հրամանատարի հրահանգներուն՝ շարունակած էր Աստուծոյ խօսքը քարոզել ժողովուրդին եւ մատակարարել Ապաշխարութեան Խորհուրդը:

 

Առաքելական Համայնքը

Կարինի Առաքելական Հայերը բնականաբար շատ աւելի բազմաթիւ էին՝ քան Կաթողիկէները: Ինչ կը վերաբերի բարքերուն եւ քրիստոնէական կեանքին ու առաքինութիւններուն, տարբերութիւններ չկային երկու Համայնքներու միջեւ:

Հայ ընտանիքները միջին հաշուով բաղկացած էին եօթը հոգիէ, եւ այս է պատճառը որ, հակառակ պարբերական ջարդերուն ու կոտորածներուն, հայ բնակչութիւնը միշտ ծաղկուն եղած է դարերու ընթացքին:

Բազմադարեան եկեղեցիները, որոնք բոլորն ալ ճարտարապետական հիանալի յուշարձաններ էին, վերածուեր էին մզկիթներու: 1914 թուականին Հայ Առաքելականները տակաւին ունէին հայկական ոճով կառուցուած շատ գեղեցիկ Մայր Տաճար մը, իր գեղատեսիլ զանգակատունով: Մայր Տաճարին կից կար Աստուածածնին նուիրուած հինաւուրց սրբատեղի մը, ուր 732 թուականին գումարուեր էր եկեղեցական ժողով մը:

Համայնքի հոգեւոր սպասաւորութեան կը հետեւէին 15 ամուսնացեալ քահանաներ, որոնք խորհուրդները կը մատակարարէին իւրաքանչիւրը իրեն յատկացուած թաղամասերուն մէջ: Ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սովորութեան, Սբ. Պատարագի ծիսակատարութենէն քառասուն օր առաջ եւ քառասուն օր յետոյ՝ հեռու կը մընա յին իրենց ընտանիքներէն: Տարեց կամ վատառողջ քահանաներու պարագային, թեմական Եպիսկոպոսը իրաւասու էր կրճատելու Սբ. Պատարագի ծիսակատարութենէն յետոյ ինկած ժամանակամիջոցը: Պարզ քահանաները ուսեալ չէին, բայց բոլորն ալ օրինակելի քրիստոնեաներ էին: Սովորաբար տարիքնին առած ուսուցիչներ էին, որոնք այլեւս չկարենալով զբաղիլ դպրոցի գործերով, կը շարունակէին իրենց ազգօգուտ ծառայութիւնը եկեղեցական ասպարէզէ ներս: Ըստ եկեղեցական օրէնքներու, քահանայութեան թեկնածուն պէտք է ամուսնանար սարկաւագութենէն առաջ եւ չէր կրնար ամուսնանալ արդէն անգամ մը ամուսնացած եւ այրի մնացած կնոջ հետ: Իսկ այրի մնացած քահանաները իրաւասու չէին երկրորդ անգամ ամուսնանալու: Երէցկիներն ալ լուրջ, բարի սովորութիւններու տէր եւ օրինակելի կիներ էին:

Կարինի բոլոր Առաքելական քահանաները, առանց բացառութեան, որպէս մարտիրոսներ նահատակուեցան 1915 թուականին, որպէս քրիստոնէական հաւատքի եւ հայութեան վկաներ: Թուրքերը նախ զանոնք սպաննեցին, յուսալով որ եթէ մէջտեղէն վերցնէին քահանաները, դիւրին պիտի ըլլար ժողովուրդը մահմետական դարձնելը: Չարաչար սխալեցան:

Հայ Առաքելական Եպիսկոպոսը, Տ. Սմբատ Սահադեթեան, Օրմանեան Պատրիարքին աշակերտներէն էր, արժանայիշատակ Հովիւ մը, բոլոր առաքինութիւններով զարդարուած: 1915ին տարագրուեցաւ իր հաւատացեալներուն հետ: Չորս հազար հոգիէ բաղկացած կարաւանին հետ հասնելով Երզնկա, հրաժարեցաւ ընդունիլ թուրք հրամանատարին կողմէ իրեն ընծայուած ազատութեան հնարաւորութիւնը: «Ո՞ւր են», ըսաւ, «իմ գառներս: Ես անոնց հովիւն եմ եւ կ՚ուզեմ ըլլալ հոն՝ ուր որ են իմ սիրելի գառներս: Կ՚ուզեմ մասնակից ըլլալ անոնց ճակատագրին»: Հրամանատարը, առանց որեւէ զգացում արտայայտելու, հրամայեց տանիլ առաքինի Եպիսկոպոսը Երզնկայի հայկական գերեզմանոցը, հրամայեց անոր փորել սեփական շիրիմը եւ, մինչ անիկա կը կատարէր հրամանը, գլխատեց հերոս նահատակը եաթաղանի հարուածով: Սմբատ Սրբազանի աւագ եղբայրը, նոյնպէս տարագրեալ, չը սպաննուեցաւ եւ կրցաւ ապաստանիլ Սամոս կղզին, Յունաստան, ուրկէ 1923 թուականին գաղթեց Պէյրութ:

Հայ Առաքելական Համայնքը երկու մեծ դպրոց ունէր, մէկը մանչերու, իսկ միւսը՝ աղջիկներու, որոնք միասին շուրջ չորս հազար աշակերտ ունէին: Ուսուցիչները բոլորն ալ աշխարհականներ էին: Դասաւանդութեան իրենց յատուկ ծրագիրը ունէին, որուն մէջ ընդգրկուած էր հայերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներու ուսուցումը: Քրիստոնէական վարդապետութեան դասեր գոյութիւն չունէին, այլ կ՚ուսուցանէին միայն Հին եւ Նոր Կտակարաններու սրբազան պատմութիւնը: Բայց այս դասանիւթերը նոյնպէս աշխարհական ուսուցիչներու յանձնուած էին, որոնք կրօնական դասաժամը կը նըկատէին որպէս միւս նիւթերէն որեւէ մէկը, այսպիսով դժբախտաբար աւելցնելով կրօնական անտարբերութիւնը, փոխանակ աշակերտները քրիստոնէաբար կրթելու:

Ազգային մշակոյթի մեծ մեկենասներէն եղաւ Մկրտիչ Սանասարեան, Ռուսաստան բնակող Առաքելական Հայը: Ան, ուզելով որ վառ պահուին ազգային հոգին եւ աւանդութիւնները, իր հարստութիւնները գործածեց Կարինի մէջ վարժարան մը հիմնելու համար, որ իր անունով կոչուեցաւ Սանասարեան: Վարժարանը յագեցած էր գործիքներով: Վարժարանի թանգարանը ունէր եգիպտական փարաւոններէն մէկու մը մումիան, զմռսուած կենդանիներու հաւաքածոյ մը, Կարինի բարձրաւանդակի թռչուններու ամբողջական հաւաքածոն եւ Հայաստանի հին դրամներու հարուստ հաւաքածոյ մը: Վարժարանի գրադարանէն ներս կը պահուէին մօտ հարիւրի հասնող հին հայ կական մագաղաթեայ ձեռագիրներ:

Մկրտիչ Սանասարեան դպրոցի բացումը կատարած էր 1860 թուականին: Յետագային շատ ցաւալի դէպքեր պատահեցան Սանասարեան Վարժարանի անաստուած ու գոռոզամիտ վարժապետներու եւ անոնց կողմնակիցներուն կողմէ, որոնք յանդգնեցան տեղական յեղափոխութիւն մը կազմակերպել, ընդդէմ բոլորին, մասնաւորապէս ազգային Եկեղեցւոյ իշխանութեան: Գրաւեցին եկեղեցին, անարգեցին քահանաներն ու Եպիսկոպոսը, իսկ եկեղեցին վերածեցին թատրոնի, որպէս բեմահարթակ գործածելով Աւագ Խորանը: Այդ վարժապետները ուսում առած էին Գերմանիոյ մէջ եւ ով գիտէ ինչ սեւ հոսանք ներու անդամակցած էին:

1911 թուականին Հայոց Պատրիարքարանը, ստանալով Կարինէն հասնող ահազանգող լուրերը, որպէս այցելու ղրկեց Բարիքեան Սրբազանը: Սրբազան Հօր այցելութենէն յետոյ, ընդհանուր տնօրէնութիւնը դպրոցը տեղափոխեց Սեբաստիա: Չափազանց ուշ էր: Մեծ եղաւ այդ դպրոցին հասցուցած հոգեւոր ու բարոյական վնասը, Կարինի հայութեան:

Յամենայն դէպս, պէտք է ընդգծել որ Սանասարեան վարժարանը իր մատուցած ծառայութեամբ հանդերձ՝ կարելի չէ համեմատել Վենետիկի Մխիթարեան Հայրերու Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին հետ:

 

Աւետարանական Համայնքը

Աւետարանականները Կարինի մէջ հաստատուեցան 1885 թուականին: Անոնց տաճարը, հովիւի բնակարանը, դպրոցներն ու մեծ որբանոցը ամբողջական թաղամաս մը կը գրաւէին «Կարսի» կոչուող դարպասներուն մօտ: Դրամական առատ օգնութիւններ կը ստանային Ամերիկայէն, բայց հակառակ միջոցներով հարուստ եւ շինութիւններով մեծղի ըլլալնուն, երբեք չկրցան շահիլ հայերուն համակրանքը: Հայերը անոնցմէ կը խուսափէին վարակիչ հիւանդութեան նման եւ զանոնք կը կոչէին «ֆրամասսոններ»: Եթէ չպատահէին 1895ի ջարդերը, հայ մը անգամ պիտի չկարենային բողոքական դարձնել: Այդ եղերական դէպքերէն յետոյ կրցան բազմաթիւ որբեր հաւաքել, որոնք ձեւացուցին Հայ Աւետարանական Համայնքի առաջին կորիզը: Ցաւալի էր տեսնել՝ թէ ինչպիսի թափով բողոքականութիւնը կը տարածուէր Կարինի մէջ. մինչ 1895 թուականին բողոքական հայ մը անգամ չկար Կարինի մէջ, 1905ին հայ բողոքական ընտանիքները հարիւր քսանէ աւելի էին, այսինքն՝ գրեթէ հաւասարած էին Հայ Կաթողիկէ ընտանիքներու թիւին:

Բողոքական առաքելութեան առաջնորդն էր Պատուելի Սթեփելթոնը: Շատ սիրալիր եւ համակրելի անձնաւորութիւն մըն էր: Կը խօսէր եւ կը գրէր անսխալ հայերէնով. լաւ գիտէր հայոց պատմութիւնը: Ուսուցիչ էր նաեւ Մարմնամարզութեան: Իր կինը վկայեալ մանկաբարձուհի էր եւ, իր մասնագիտութեան բերումով՝ առիթը ունէր այցելելու բոլոր ընտանիքներուն, յատկապէս երեւելիներուն: Անկեղծ սիրով կը սիրէր հայ ժողովուրդը, նմանապէս ինքն ալ շատ լաւ կը տիրապետէր մեր լեզուին ու բացի կրօնքէն ու Աստուածաշունչէն՝ կարծես ուրիշ նիւթի մասին խօսելու կարող չէր:

Մարդորսութեան գործին մէջ Պատուելի Սթեփելթոնի օգնականներն էին ամերիկացի երեք օրիորդներ. եռանդագին, ամէն Կիրակի քալելով կը շրջէին քաղաքի շրջակայքը՝ հիւանդները խնամելու եւ իրենց կրօնական ուսուցումները տարածելու համար, ինչ որ կ՚ընէին հայերէնով: Տիկին Սթեփելթոնը եւ երեք օրիորդները մեր եկեղեցւոյ մէջ ներկայ կը գտնուէին քարոզներուս եւ կրօնագիտութեան դասաւանդումներուս: Վերջաւորութեան, Տիկ. Սթեփելթոնը կը մօտենար եւ հարցումներ կ՚ուղղէր իրեն զարմանք պատճառող նիւթերու մասին, եւ զիս ազատ չէր ձգեր՝ մինչեւ չգոհացնէի իր արդարացի հետաքրքրասիրութիւնը:

Հակառակ մեր դաւանական անհամաձայնութեան, բողոքական միսիոնարներու հետ միշտ բարեկամական յարաբերութիւն ունեցեր եմ, իսկ Պատուելի Սթեփելթոնի հետ անձնական մտերմութիւնս աւելի եւս խորացաւ Տրապիզոնի մէջ, ուր ան վեհանձն օգնութեան ձեռք երկարեց թրքական կառավարութեան կողմէ հալածուած մեր բազմաթիւ հայրենակիցներուն:

 

Մանուկներու քրիստոնէականի ուսուցիչ

Հոգեպէս խաղաղ չէի եւ սրտիս խորքը մեծ անձկութիւն կը զգայի առաքելական կոչումիս համապատասխան զբաղում չունենալուս պատճառով: Սեպտեմբեր ամիսը մօտենալով, անսովոր շարժում մը նկատեցի. ընտանիքներու հայրեր ու մայրեր տարբեր բնակավայրերէ կու գային իրենց զաւակները դպրոց արձանագրելու: Կաթողիկէ ընտանիքներու պատկանող աղջիկները կը յաճախէին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու վարժարանը, որ ամէն տեսակէտէ ընտիր կրթօճախ մըն էր, մահմետականներու նախանձը շարժելու աստիճան: Իսկ տղա՞քը: Քանի որ քաղաքէն արդէն հեռացեր էին Քրիստոնեայ Դպրոցներու Միաբանութեան Եղբայրները, տղաքը ստիպուած էին յաճախել կա՛մ մահմետական դպրոցները, ուր կ՚ուսուցանէին Ղուրանը, կա՛մ ալ դպրոցներ, որոնք այո՛ քրիստոնեայ ճանչըցուած ազգերու կը պատկանէին, բայց ուր ծաղր ու ծանակի կ՚ենթարկուէին սրբազան պատմութեան աստուածային ճշմարտութիւնները: Իսկ Հայ Կաթողիկէ կղերականները միայն հովուական ծառայութիւն կը մատուցանէին օրինակելի յանձնառութեամբ:

Մտահոգութիւններս յայտնեցի իմ Մեծաւորիս եւ ան թոյլատրեց ինծի հաւաքել երեք կամ չորս տղաք եւ կրթել զանոնք այնպէս որ կարենային սպասաւորել Սուրբ Պատարագի եւ ծիսական միւս արարողութիւններու ատեն: 1905 թուականի Սեպտեմբեր 9ին խուցիս մէջ հաւաքեցի առաջին երեք աշակերտներս: Անոնցմէ մէկն էր Քերովբէն, իմ ամենակրտսեր եղբայրս: Ուսուցիչի պաշտօնը շուտով հաճելի դարձաւ ինծի եւ յստակ ծրագիր մը կազմեցի դպրոցի օրերով ու ժամերով: Աշակերտներս շատ ջանասէր էին եւ քիչ ժամանակուան ընթացքին սորվեցան Սուրբ Պատարագի սպասաւորութիւնը եւ երգեցողութիւնը: Քրիստոնէականի դասերը կը ծառայէին զանոնք նախապատրաստելու շաբա թական Հաղորդութեան:

1906ի Սեպտեմբերին աշակերտներուս թիւը աւելցաւ: Փողոց դուրս ելայ եւ հաւաքեցի դիմացս հանդիպած բոլոր տղաքը: Դասի ատեն խելօք մնացողներուն եւ դասերը լաւ սերտողներուն կը խոստանայի եւ կու տայի փոքրիկ սրբապատկերներ, ինչ որ աւելի եւս կը խթանէր աշակերտներուս խանդավառութիւնը:

Ինծի մեծապէս կ՚օգնէր եղբայրս Քերովբէն: Ան հիանալի կերպով կը յաջողէր քրիստոնէական վարդապետութիւնը եւ աղօթքները սորվեցնել անոնց՝ որոնք մտային կարողութիւններով քիչ մը տկար էին կամ անգրագէտ: Սկզբնական շրջանին, քրիստոնէականի դասաւանդումը կը տե ւէր մէկ ժամ, բայց քանի որ աշակերտներու թիւը օրէ օր կ՚աւելնար, թանկագին չարաճճիներուս հետ համաձայնեցայ դասը մէկ ու կէս ժամ դարձնելու. ժամ մը նախորդ օրուան դասը հարցաքննելու եւ կէս ժամ ալ նոր դասը բացատրելու համար: Հարկադրուած էի այդպէս վարուելու, քանի որ բոլորն ալ անպայման կ՚ուզէին ցոյց տալ որ սորվեր էին նախորդ օրուան դասը, որովհետեւ ոչ մէկը կ՚ուզէր հրաժարիլ սրբապատկերի մրցանակէն:

Հիւանդներու օրհնութիւնը

Կարինի մէջ բժիշկներ չկային: Եւրոպացիները բժշկական օգնութեան համար կը դիմէին դեղագործ Պրն. Լաւինիին, իսկ թուրքերն ու հայերը կը վստահէին իրենց տարեց կիներու ժողովրդական դեղամիջոցներուն: Բազմաթիւ թուրքեր մեծ վստահութիւն ունէին քրիստոնեայ քահանաներու օրհնութեան վրայ եւ կու գային զայն խնդրելու մեր եկեղեցւոյ մէջ, մօտաւորապէս հետեւեալ խօսքերով. «Փափազ էֆէնտի (այսինքն՝ Պարոն Քահանայ), Հազրէթի Իսսայի (Սուրբ Յիսուսի) Աւետարանը կարդա՛ հիւանդին գլխուն, որպէսզի Հազրէթի Իսսան առողջացնէ հիւանդը: Գացինք մեր տէրվիշներու քով, բայց ոչ մէկ փոփոխութիւն ստացանք: Ձեր ձեռքը թեթեւ է եւ վստահ ենք որ կ՚առողջացնէ հիւանդը»:

Այդ մահմետականները կարծես թէ իրական անկեղծ հաւատքով կը դիմէին Տէր Յիսուսի, որովհետեւ շատ անգամ իսկապէս կը ստանային բժշկութեան շնորհքը: Հիւանդը կը հրաւիրէի դէպի Աստուածամօր խորանը, կը պատուիրէի ծունկի գալ յատակին, ապա Մատթէոսի Աւետարանէն կը կարդայի լատիներէն լեզուով, եւ Աստուածամօր աղօթքը ըսելէ յետոյ՝ Աստուածամօր հրաշագործ մետալը վի զէն կը կախէի: Եզակի հրաշք մըն ալ պատահեցաւ, որ թուրք ոստիկանութեան կասկածիլ տուաւ որ թերեւս թուրքերը կը մկրտեմ: Թուրք պառաւ մը, տասնեակ մը բարեկամուհիներով, ինծի ներկայացուց իր երիտասարդ զաւակը, որ շատ տարիներէ ի վեր աչքերու սաստիկ ցաւով կը տառապէր: Երիտասարդ հիւանդը աչքերը սեւ լաթով մը գոցած կու լար ու կ՚ողբար: Պառաւը կ՚աղաչէր. «Փափազ էֆէնտի, Հազրէթի Իսսայի Աւետարանը կարդա՛ զաւակիս գլխուն, որպէսզի աչքերու ցաւերը անցնին: Մեր ակնաբոյժները ֆէսիս բոլոր ոսկիները կերան, բայց զաւակիս աչքերուն օգուտ մը չբերին»: Մայրը, հիւանդ երիտասարդն ու բարեկամուհիները առաջնորդեցի դէպի Աստուածամօր խորանը: Բարեկամուհիները եկեղեցւոյ պատերը քերելով կը պոռային. «Եա՛ Տէր Յիսուս, գթա՛ խաթունին եւ իր տղուն աչքերը բաց»: Մատթէոսի Աւետարանը կարդացի, Աստուածամօր ուղղուած աղօթքը ըրի, հրաշագործ մետալը ճակատին կապեցի, աչքերը ծածկող սեւ լաթին վրայ: Յանկարծ հիւանդը սկսաւ սաստիկ ոյժով պոռալ. «Առողջացա՜յ, աչքերս չեն ցաւիր»: Բոլոր ներկաները վազելով մեր շուրջը հաւաքուեցան, տեսնելու՝ թէ ինչ կը պատահի: Աչքերու սեւ լաթը կամացուկ մը բացի. աչքերը չոր էին, արցունք չկար, բայց առաջուան պէս կարմիր էին: Պառաւին ըսի. «Վաղը դարձեալ կու գաք, Յիսուսի Աւետարանը նորէն պիտի կարդամ: Վստահ եմ, որ Իսսա Էֆէնտին տղուդ աչքերը իմիններէս աւելի պիտի բանայ»:

Յաջորդ օրը, բարեկամուհիներու եռապատիկ բազմութեամբ, մեր թուրք պառաւը ներկայացաւ գիրկը կրելով ձիւնափայլ անուշիկ գառնուկ մը, խօսքը ինծի ուղղեց, մինչ բազմութիւնը բարեպաշտ լռութեամբ մտիկ կ՚ընէր. «Այս անմեղ անասունը քեզի կը նուիրեմ, քանի որ քու միջնորդութեամբդ Հազրէթի Իսսան տղուս աչքերը առողջացուց: Անթիւ ակնաբոյժներ, բացի ոսկիներս իւրացնելէ՝ օգուտ մը չտուին: Հիմա կը խնդրեմ, ըսէ՛ ինծի՝ թէ ի՞նչ կըրնամ նուիրել Իսսա Էֆէնտիին, որ իրեն հաճելի ըլլայ»: Պատասխանեցի. «Մտիկ ըրէ, Խանըմ, մենք՝ քրիստոնեաներս հաստատապէս կը հաւատանք, որ Իսսա Էֆէնտին Աստուած է, հետեւաբար՝ բանի մը կարօտ չէ»: Բայց ան կը շարունակէր զիս հետապնդել. «Անպատճառ կ՚ուզեմ Հազրէթի Իսսայիս բան մը նուիրել»: Պատասխանեցի. «Ինծի նայէ, Խանըմ, Յիսուս Աստուած քեզ ստեղծեր է, քեզ շա՜տ շա՜տ կը սիրէ: Քու անձդ իրեն նուիրէ»: Զարմացած հարցուց. «Ինչպէ՞ս կարելի է, այդ խօսքդ չեմ հասկնար»: Համարձակութիւն առի ու ըսի. «Քրիստոնեայ եղիր»:

Ըսած չըլլայի: Մէկ ակնթարթի մէջ կաս կարմիր եղաւ, խենթ ու խելառ շարժումներ ընելով պոռալու սկսաւ, մինչ ներկաները արձագանգ կու տային. «Ես քրիստոնեա՞յ, երբե՛ք: Նոյնիսկ եթէ տղուս ցաւերը կրկնուին, դարձեալ պիտի խոստովանիմ. ՚՚Լէ իլլ Ալլահ, Մոհամէտ Ռասուլ Ալլահ՚՚ (՚՚Ուրիշ Աստուած չկայ եւ Մոհամէտ Աստուծոյ մարգարէն է՚՚)»: Սրտիս մէջ այնպիսի դող մը մտաւ, որ ինքզինքս կորսնցուցի: Թուրքերը կը շարունակէին պոռալ: Այս խառ նաշփոթութեան մէջ՝ բնազդաբար սենեակս փութացի ու անկողինիս վրայ երկնցայ: Կարծեմ շատ յոգնած էի, քանի որ անմիջապէս խոր քուն մտայ: Տարօրինակ է, բայց արթննալուս՝ ամէն վախ ու դող մոռցեր էի:

Յաջորդ օրը, երկուշաբթի, ոստիկան մը դպրոց եկաւ, մեր թուրք վարժապետին առջեւ ըսաւ. «Ոստիկանապետ Էֆէնտիին հըրահանգն է, որ ասկէ յետոյ թուրք հիւանդներու գլխուն Աւետարան չկարդաս: Եթէ չհնազանդիս, բանտ կը նետուիս»: Պատասխանեցի. «Մեծ ուրախութեամբ: Խնդրեմ, Ոստիկանապետ Էֆէնտիին իմ կողմէս մեծ շնորհակալութիւն յայտնեցէք, քանի որ այդ արգելքով զիս կ՚ազատէ սաստիկ յոգնեցուցիչ բեռէ մը, որովհետեւ հիւանդներուն շատերը թուրք են, որ Աւետարանը կարդալէ յետոյ ողջ առողջ տուն կը վերադառնան: Քեզի ալ շնորհակալ եմ, որ ինծի համար այդ շատ հաճելի արգելքը աւետեցիր: Կեցցէ՛ մեր սիրելի թուրք ոստիկանը»: Այդ ոստիկանին այցելութիւնը արդիւնքն էր երիտասարդ թուրքին աչքերու բժշկումին: Կա՛մ պառաւը կա՛մ ալ բարեկամուհիներէն մին պատմեր էր քրիստոնեայ ըլլալու առաջարկիս մասին: Ոստիկանը լաւ հասկցեր էր առաջարկիս իմաստը, այսինքն՝ Մկրտութիւն, քանի որ մարդ Մկրտութեամբ քրիստոնեայ կ՚ըլլայ:

Բայց ամիս մը չանցած, թուրքերը բողոքեցին՝ թէ ինչու ոստի կանութիւնը կ՚արգիլէ հիւանդներու գլխուն Աւետարան կարդալը: Ոստիկանապետը ստիպուեցաւ հնար մը գտնել, թուրք բնակչութեան սպառնալիքներէն ազատելու համար: Մեծ քաղաքավարութեամբ զիս իր քովը հրաւիրեց, յարգանքով ընդունեցաւ, սուրճ հրամցուց: Բարեկամի հովեր կ՚առնէր: Մտերմական ոճով պատմելու սկսաւ՝ թէ ամէն օր իր դէմ անթիւ բողոքներ կը հասնին: Շատ կը նեղուի, կը վախնայ որ Պոլիսէն զինք պաշտօնանկ ընեն: Ձեռքը ուսիս դրաւ եւ դէմքը երեսիս մօտեցնելով, մեղմ ձայնով ըսաւ. «Աստուած սիրես, գաղտնի կերպով ըսէ՛ ինծի, քանի՞ թուրք հիւանդ մկրտեր ես»: Պատասխանեցի. «Աստուած վկայ, կ՚երդնում որ հազարաւոր թուրք հիւանդներու գլխուն Աւետարան կարդացեր եմ, եւ կրնամ վկայել որ Հազրէթի Իսսան 99 առ հարիւրին առողջութիւն շնորհեր է: Բայց մէկ հոգի իսկ չեմ մկրտած»: Այն ատեն հարցուց՝ թէ ինչ բացատրութիւն կու տամ ըրած առաջարկիս. «Եթէ կ՚ուզես Հազրէթի Իսսային հաճելի բան մը նուիրել, քրիստոնեայ եղիր»: Երկար բարակ բացատրեցի պատահարը: Կարծեմ թէ հասկցաւ, որ մկրտութեան խնդիր չկար:

Այս եզրակացութեան յանգեցաւ. պիտի թոյլատրէր հիւանդներուն քովս գալ, պայմանով որ ոստիկան մը ընկերանար թուրք հիւանդներուն:

Շատ իմաստուն լուծում մըն էր, որ սակայն երկու կամ ամէնէն շատ երեք կիրակի տեւեց: Անկէ ետք, թուրք հիւանդները առանց ոստիկանի կը ներկայանային: Մինչեւ իսկ թախանձագին խնդրող եղաւ մկրտուելու, միայն թէ գլխուն Աւետարան կարդայի: Կը պատասխանէի. «Հոգւով մարմնով հայ քրիստոնեայ եմ: Կ՚ուզէք ջարդեցէք զիս, կը մեռնիմ, բայց օրինաւոր հրամանի դէմ չեմ կըրնար մեղանչել: Ոստիկանին արգելքը ինծի համար Ալլահի արգելքն է»: Այնուհետեւ միայն քրիստոնեայ հիւանդները՝ հայերն ու յոյները օրհնութեան կու գային, եւ ամենաբարին Յիսուս զիրենք գրեթէ միշտ ողջ ու առողջ տուն կը դարձնէր: Երեկոյեան դասերուս աշակերտները, որ ասպետներ էին, զօրա վարներ ու վարժապետներ, մէկ խօսքով՝ խելացի եւ ուսեալ անձեր, շատ անգամ դասերէն յետոյ լուսաբանութիւններ կը խնդրէին քրիստոնէական հաւատքի խորհուրդներուն վերաբերեալ: Արդէն բոլորը, մեծէն մինչեւ փոքրը, Մոհամէտը իբրեւ սրիկայ աւազակին մէկը կը ճանչնային: Կը խոստովանէին, որ Աստուծոյ հաճելի կրօնը միմիայն Քրիստոսի կրօնն է: Այդ ամէնը կը լսէի, սակայն չէի համարձակիր ըսելու որ եթէ այդպէս է եւ ճիշտ է որ այդպէս է, ինչո՞ւ քրիստոնէութիւն չէք ընդունիր: Օր մը մինակ մնացի տասնչորս կամ տասնհինգ տարեկան թուրք աշակերտի մը հետ, որ շատ աղտոտ խօսքեր կ՚ըսէր իր մարգարէի հասցէին: Հարցուցի. «Ինչո՞ւ քրիստոնեայ չես ըլլար»: Պատասխանեց. «Անհնարին է, որովհետեւ Ալլահը մեզ մահմետական ստեղծելով, կ՚ուզէ որ մահմետական ապրինք եւ մահմետական մեռնինք»: Իսկ ուրիշ մը, որ թուրք Լիսէի մէջ Ընդհանուր Ազգաց Պատմութեան ուսուցիչ էր, խնդրեց որ իրեն անկեղծօրէն յայտնեմ համոզումներս Մոհամմէտին մասին: Կրնայի՞ վստահիլ: Վերջապէս համաձայնեցանք, որ իրեն փոխ տամ Ռամպույյէի «Ընդհանուր Պատմութեան» հաստափոր հատորներէն մին, որ միայն Մոհամմէտի պատմութիւնը կը պարունակէ: Կիրքով ու եռանդով կարդացեր էր: Սրտին մէջ կրակ ու բոց կը զգար Մոհամմէտին դէմ: Դասերէն մէկուն ընթացքին չէր կրցած ինքզինքը զսպել, սկսած էր թուրք աշակերտներուն բարձր ձայնով ըսել. «Արաբ Մոհամմէտը Աստուծոյ մարգարէ չէ, այլ սրիկայ աւազակին մէկը»: Դասարանը տակն ու վրայ եղած էր: Բողոք, հայհոյանք, սպառնալիքներ իրարու յաջորդած էին: Տնօրէնը, որ համամիտ էր, յաջորդ օրը զինք Պոլիս ճամբած էր, կատղած աշա կերտներու ձեռքէն ազատելու համար: Երկու խօսք ալ ըսեմ ոչ կաթողիկէ քրիստոնեաներուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուս մասին, որոնք միշտ անկեղծ ու սիրալիր եղած են, յատկապէս հայազգի հաւատացեալներուն հետ: Ստէպ կ՚այցելէի Կարինի Առաջնորդ Տէր Սմբատ Եպս. Սահադեթեանին եւ Կարինի Տէր Հայրերուն, որոնց հետ մտերմաբար բարեկամացեր էի: Քանի մը անգամ պատահեցաւ որ ոչ կաթողիկէ հիւանդներ, առողջանալու պարագային՝ երդում ըրած էին կաթողիկէ դառնալ: Կը պատահէր, որ իսկապէս կ՚առողջանային եւ կու գային ինծմէ կը խնդրէին, որ զիրենք կաթողիկէներուն ցանկը անցընեմ: «Ո՛չ», կը պատասխանէի, «կարելի չէ, քանի որ ուշ կամ կանուխ խիղճդ քեզ պիտի տանջէ, ըսելով՝ թէ ինչու քրիստոնէական հայրական դաւանանքէդ հեռացար»: Կ՚առաջարկէի Տէր Հօր հարցնել՝ թէ ինչ պէտք է ընէ: Տէր Հայրը կը պատասխանէր, որ եթէ ուխտեր է՝ պարտական է ուխտը կատարել: Բայց ես այդքանով ալ չէի գոհանար, այլ կ՚ըսէի. «Եթէ անպատճառ կ՚ուզես կաթողիկէ ըլլալ, քեզի դասեր կու տամ կաթողիկէ դաւանանքի ու հայ դաւանանքի մասին: Երբ դասերը աւարտենք, եթէ Աստուած սրտիդ կը խօսի որ կաթողիկէ ըլլաս, ամենայն սիրով անունդ կաթողիկէներու ցանկի մէջ կ՚անցընեմ, իսկ եթէ ոչ՝ քեզ միշտ ա՛լ աւելի պիտի սիրեմ:

Սբ. Սահակ եւ Սբ. Յովսէփ Մարտիրոսներու բանտը

Յուլիս ամսուն առաջին երկուշաբթին կամ երեքշաբթին, Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Կարինի Սուրբ Մարտիրոսներ՝ Սահակի եւ Յովսէփի տօնը: Անոնց մարտիրոսութիւնը տեղի ունեցած է 808 թուա կանի Հոկտեմբեր 19ին, կամ ոմանց համաձայն՝ Յունուար 22ին, Կոստանդնուպոլսոյ Նիկեփորոս Կայսրին եւ Պաղտատի Հարուն Էմիրի օրով:

Ծնած էին Գայիս անունով մահմետական հօրմէ եւ քրիստոնեայ մօրմէ, ունէին ուրիշ եղբայր մըն ալ, որուն անունը անյայտ է: Մօր կողմէ քրիստոնէաբար դաստիարակուելով, երբ չափահաս կը դառնան՝ չեն կրնար այլեւս ծածկել իրենց հաւատքը եւ կ՚որոշեն փախչիլ Կոստանդնուպոլիս: Սահակ նախ կը փորձէ փախչիլ, բայց հայրը կը գտնէ զինքը եւ եղբօր՝ Յովսէփի հետ միասին կը յանձնէ քաղաքի կուսակալին: Կուսակալը կ՚ընդունի զիրենք բարեացակամօրէն եւ կը փորձէ առաջնորդել դէպի ուրացութիւն, խոստանալով մեծամեծ պատիւներ ու հարստութիւններ: Գործը դիւրացնելու նպատակով կը կանչէ նաեւ մայրը, բայց ան կը յորդորէ իր զաւակները յարատեւել ճշմարիտ հաւատքի մէջ եւ նախընտրել մահը, քան դժոխքի յաւիտենական կրակը: Այսպիսով, երկու երիտասարդ եղբայրները, անսասան մնալով իրենց հաւատքին մէջ, կը դատապարտուին մահապատիժի: Այն վէմը, որուն վրայ կը գլխատուին, կը բացուի եւ անկէ կը սկսի կենդանի ջուր հոսիլ: Սուրբերու մարտիրոսութեան վայրը նպատակակէտն էր յաճախակի կատարուող ուխտագնացութիւններու, թէ՛ քրիստոնեաներու, թէ մահմետականներու համար: Ջուրը շարունակ կը հոսէր, բայց հընարաւոր չէր տեսնել քարը, որմէ կը բխէր, քանի որ դրուած էր շատ նեղ եւ խոր գետնախորշի մը ամենաներքին մասը: Ջուրը փոքրիկ կոնքի մը մէջ կը հաւաքուէր գետնախորշի մուտքին, ապա կը թափէր Սուրբերու բանտի աւազանին մէջ, մօտաւորապէս եօթ մեթր հեռաւորութեան վրայ: Գերմանացի ճանապարհորդ Վայսը կրցեր էր հասնիլ ջուրը բխող քարին: Չուզելով խօսիլ հրաշքի մասին, բաւարարուեր էր ըսելով որ գտնուեր էր բնութեան զարմանալի ու անբացատրելի ստեղծագործութեան դիմաց: Ես անձնապէս շատ անգամներ այցելած եմ այդ սուրբ վայրը, խմեր եմ հրաշագործ ջուրէն եւ լուացուեր եմ անով: Անգամ մը որոշեցի զննել գետնախորշը մինչեւ ջուրի ակունքը, բայց երկու կամ երեք մեթրէն անդին չկրցայ երթալ, ծռելու դժուարութեան եւ օդի բացակայութեան պատճառով: Քրիստոնեաները եւ մահմետականները մեծապէս կը պատուէին նաեւ Սուրբերու գերեզմանը, որուն վրայ կառուցուած էր փոքրիկ մատուռ մը, Ուլու Ճամի մեծ մզկիթի մօտակայքը, որ նախապէս քրիստոնէական եկեղեցի մըն էր թրքական ներխուժումներէն առաջ: Աստուած բազմաթիւ հրաշքներով կը փոխհատուցէր Սուրբ Մարտիրոսներու հանդէպ ցուցաբերուած մեծարանքը, որոնք արժանաւոր կերպով կը կոչուէին Հրաշագործներ: Կը պատմեմ քանի մը դէպք, որոնց ականատես վկան եղած եմ:

Լուսահոգի մայրս, տարիներէ ի վեր կը տառապէր ոտքերու երակներու թարախոտ ընդլայնումէ, որոնց պատճառով չէր կրնար քալել: Օր մը նախազգացում մը ունեցաւ ու խնդրեց որ զինք սայլակով Սուրբ Մարտիրոսներու բանտը տանին, ուր լուացուեցաւ հրաշագործ աղբիւրի ջուրով եւ տուն վերադարձաւ իր ոտքերուն վըրայ քալելով, կատարելապէս առողջացած:

Մօրաքոյրս, որ մայրապետ էր, ամբողջ մարմնով անդամալուծւած էր: Զինք ընկղմեր էին Սուրբերու Բանտի հրաշագործ ջուրի աւազանին մէջ, որմէ ետք տուն վերադարձած էր ծնրադիր, ինչպէս որ խոստացած էր երկու Հրաշագործ Սուրբերու բարեխօսութիւնը հայցած ատեն: Իր կեանքի մնացած տարիներու ընթացքին երբեք չտառապեցաւ յօդացաւէ:

1906 թուականին բազմաթիւ ուխտաւորներ գացած էին այցելելու Սուրբ Մարտիրոսներու բանտը, բայց պահակին տղան, մահմետական մոլեռանդութենէ տարուած կամ պարզապէս քմահաճոյքի համար, սկսած էր դուրս վռնտել ուխտաւորները եւ անարգանքի խօսքեր արտասանել նոյն ինքն Սուրբերու հասցէին: Երկու օր անց, տեղեկանալով պատահարը, գացի այդ սուրբ վայրը, հոն բարեպաշտական հրահանգներս կատարելու եւ տեսնելու համար՝ թէ արդեօք հնարաւո՞ր էր սրբատեղին անհաւատներու ձեռքէն ետ վերցնել, գէթ վարձելով տարածքը: Ամբարիշտ երիտասարդը գտայ սրբավայրի նախամուտքին մօտ. բռնուեր էր սարսափելի կծկումներէ եւ մէկ անկիւնէն միւսը կը վազէր դիւահարի մը նման: Հազիւ զիս նկատեց, պահ մը կանգ առաւ, ապա սկսաւ պոռալ. «Հայր Սուրբ, ազատեցէք զիս սատանայի ձեռքէն, որ կը չարչարէ զիս եւ կ՚ուզէ սպաննել՝ զիս դեւերու հետ դժոխք տանելու համար»: Սահմռկեցուցիչ ա՛յլ հրաշք մըն ալ:

Զաքարիա անունով մէկը, թրքական բանակի պաշտօնեայ, չեմ գիտեր մահմետականի ինչ մոլեռանդ մտքով, երեկոյ մը ուզած էր իր ձին մտցնել մեր երկու Սուրբերու մարտիրոսութեան վայրը: Պահակը կը փորձէ համոզել որ այդպիսի սրբապղծութիւն չընէ, բայց ապարդիւն, որովհետեւ Զաքարիան կ՚ըսէ թէ Աստուած չի կըրնար հրաշքներ գործել բարեխօսութեամբ երկու անձերու, որոնք հեռացեր են մահմետական կրօնքէն, որ իրեն համաձայն միակ ճշմարիտ կրօնքն է: Այսպէս պատճառաբանելով, անիրաւ Զաքարիան կը մտնէ Սուրբերու բանտը եւ ձին ալ կը քաշէ իր ետեւէն: Բայց իր ջանքերը ամբողջովին ի զուր կ՚անցնին, որովհետեւ ձին տեղէն չի շարժիր, թէեւ հեղեղանման անձրեւ մը սկսած էր դուրսը: Ձին քաշած ատեն, յանկարծ սանձը կը սահի Զաքարիայի ձեռքէն եւ ան կ՚իյնայ գետին:

Կատղած ոտքի կը կանգնի եւ կը սկսի անարգական խօսքեր արտասանել երկու Սուրբ Մարտիրոսներու կողմէ մեծարուած Խաչի հասցէին, զիրենք ալ սատանայի որդիներ անուանելով: Այդ պահուն նորէն կը սահի ու կ՚իյնայ, եւ մինչ կը փորձէ ոտքի ելլել՝ աներեւոյթ ձեռք մը ուժգին ապտակ մը կը հասցնէ անոր աջ այտին, ծռելով անոր վիզը դէպի ձախ եւ այտին վրայ ձգելով հինգ մատներուն հետքը: Այդ հետքը այլեւս երբեք չանցաւ անոր երեսէն, իսկ վիզն ալ ընդմիշտ ծուռ մնաց:

Այս պատմութիւնը անձամբ Զաքարիայի իսկ բերանէն լսեցի, որ անկեղծօրէն զղջացեր էր իր մեղքին համար, բայց ոչ այն աստիճան որ երկու Մարտիրոսները սրբացուցած հաւատքին յարէր:

 

Ձմրան ամիսներուն

Այլեւս անգործ չէի: Ամէն օր երկու ժամ կը յատկացնէի հիւանդներու օրհնութեան եւ վեց ժամ դպրոցին, որուն սակայն հարկաւոր է աւելցնել առնուազն մէկ ժամ տուած վարժութիւններս ստուգելու եւ մէկ ժամ ալ յաջորդ օրուան դասը պատրաստելու համար: Կիրակի օրուան համար պէտք է պատրաստէի Սուրբ Պատարագի քարոզը, իսկ կէսօրէն ետք կրօնագիտութեան դասեր կու տայի մեծահասակներուն, ժողովուրդին հետ կ՚աղօթէի Սուրբ Վարդարանը եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեամբ կ՚օրհնէի հաւատացեալները: Սրբազան արարողութիւններէն ետք, Մեծաւորիս կ՚ընկերանայի՝ այցելելու մեր ծուխի ընտանիքներուն:

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը խնդրեցին որ իրենց խոստովանահայրը ըլլամ. իսկ քիչ ժամանակ անց, փափաք յայտնեցին որ շաբաթը անգամ մը կրօնք դասաւանդեմ իրենց, եւ երկու դասապահ ալ դպրոցի հինգ դասարաններուն: Այդ գործը սիրով կ՚ընէի, նաեւ որովհետեւ առիթ մըն էր ստէպ հանդիպելու քրոջս՝ Քոյր Մարգարիտ Զօհրապեանին, որ Անարատ Յղութեան Միաբանուհի էր: Օրինակելի կրօնաւորուհի մըն էր, բարեպաշտ, կիրթ, ուսեալ, զինք ճանչցողներուն կողմէ միշտ փնտռուած: Կը դասաւանդէր ֆրանսերէն, թուաբանութիւն, երգ եւ դաշնամուր:

Մեծաւորներս, սակայն, ինծմէ այդքան բան չէին սպասեր, այլ միայն որ նախորդներուս աւանդական աշխատանքը կամ գործը շարունակէի: Բայց ի՞նչ կ՚ընէին եւ ինչո՞վ զբաղած էին իտալացի նախորդներս: Առաքելական եռանդի ու հոգեւոր ծառայութեան գաղափարն անգամ չունէին: Անոնցմէ ոչ մէկը հայերէն սորվեր էր, բառ մը անգամ չէին գիտեր, եւ ո՛չ ալ կ՚ուզէին սորվիլ: Թրքերէն քանի մը ծաղրական բառեր սորվեր էին կատակելու համար: Հետեւաբար, կը հարցնէք, ո՞րն էր իրենց գործը: Իտալական ասացուածքը շատ լաւ կը բացատրէ. «Անոյշ պարապորդութիւնն ու քաղցր անգործութիւնը»:

Հայ Կաթողիկէ տղաներու համար դպրոց չկար: Շատերը անխելքօրէն ըսելով՝ թէ թրքերէնը մեզի համար աւելի օգտակար է, իսլամ դպրոցներ կը յաճախէին, իրենց հայութիւնը կը կորսնցնէին, իսլամութիւն կը սորվէին: Յորդաբուխ արցունքներ թափեր եմ այս իրողութեան ի տես: Ես ինծի կ՚ըսէի. «Աստուած զիս Հայաստան ուղարկեց, ըսելով. ՚՚Գնա՛ Կարին, աշակերտէ բոլոր Հայ Կաթողիկէ մանուկները, սորվեցուր անոնց ամէն բան որ սորվեցար տասներկու տարուան մէջ՚՚»: Համոզուած ըլլալով, որ պարտականութիւնս դպրոցով զբաղիլն էր, նամակ մը գրեցի Տրապիզոնի Միսիոնի Մեծաւորին, խնդրելով որ թոյլտուութիւն եւ դրամական միջոցներ տայ ինծի դպրոց մը հիմնելու համար, յատկապէս՝ տայ իր հայրական օրհնութիւնը, որ ինծի համար յաջողութեան ամէնէն կարեւոր ազդակն էր: Ահա այս պատասխանը ստացայ. «Կը հասկնամ, որ դուն նորածին տղայ մըն ես եւ աշխարհէն բնաւ լուր չունիս: Գիտե՞ս, թէ դպրոց մը հիմնելու համար քանի՜ միլիոններ պէտք են: Եւ դեռ ուրիշ միլիոններ ալ կահկարասիի համար, ծառաներու ու վարժապետներու ամսականները վճարելու համար: Մեր Միսիոնը աղքատ է, դըրամական օգնութիւն չի կրնար տալ քեզի: Իսկ եթէ օրհնութիւն կ՚ուզես, կ՚օրհնեմ ու կ՚աղօթեմ, որպէսզի Ամենաբարին Աստուած լիուլի յաջողութեամբ պսակէ առաքելատենչ բոլոր ձեռնարկներդ»:

Մեծաւորիս խօսքերը դպրոց մը հաստատելու չէին խրախուսեր, այլ ընդհակառակն՝ խոհեմութիւն կը պատուիրէին, որպէսզի Միսիոնը պարտքերու տակ չիյնար: Բայց այժմ տես՝ թէ ինչպէս Աստուած իմ խենթ ու յիմար, ծայրաստիճան վտանգաւոր յանդգնութիւնս բարի աւարտի հասցուց:

Նամակը կարդացի, հասկցայ որ դրամով չի կրնար օգնել: Սակայն ինծի համար կարեւորը այն էր, որ Աստուծոյ կամքը կը յայտնէր, առատօրէն տալով իր օրհնութիւնը: Կարինի տեղական Մեծաւորս սակայն համաձայն չէր, ըսելով թէ մեր նախորդներէն ոչ մէկը դպրոց բացած է կամ դպրոց բանալ ծրագրած է: Բայց վերջ ի վերջոյ թոյլատրեց, ինչպէս արդէն պատմեցի, որ եղբօրս՝ Քերովբէին եւ ուրիշ աղքատներու դասաւանդեմ: Տասնեակ մը տղաք փողոցներէն հաւաքեցի ու սկսայ անոնց օրինաւոր դասեր տալ:

Հոս, սիրելի ընթերցող, կ՚ուզեմ փոքր փակագիծ մը բանալ, հոգեւոր խորհրդածութիւններս հաղորդելու քեզի, թէ առաքելական գործունէութեանս մէջ ինչպէս ունեցայ այդ բոլոր յաջողութիւնները: Որովհետեւ ոչինչ հնարաւոր է առանց Աստուծոյ շնորհքին, իսկ Աստուծոյ շնորհքին հարկաւոր է համապատասխանել, որպէսզի բարի պտուղներ հասունցնէ մեր կեանքէն ու վարքէն ներս: Կը կարծեմ, որ այս բոլոր շնորհքներուն արմատը կրօնաւորական կեանքիս պարտականութիւնները հաւատարմութեամբ ու սիրով ապրիլս էր: Փորձառութեամբ հասկցեր եմ, որ Աստուած զիս կրօնաւորական կեանքի կանչելով, հերոսական պարտականութիւններու ու պատասխանատուութիւններու ենթարկեր է: Կրօնաւորական երեք ուխտերէն ամենադժուարինը հնազանդութեան ուխտն է, որով կրօնաւորը կը հրաժարի իր կամքէն, այսինքն՝ ինքզինքը Աստուծոյ կը նուիրէ, ճանչնալով իր Մեծաւորը եւ անոր հրամանը իբրեւ Աստուծոյ կամքին արտայայտութիւնը: Կրօնաւորը, որպէսզի ընդունակ ըլլայ հնազանդութեան այս ուխտը մինչեւ վերջ գերբնական զգացումներով ապրելու, պէտք չէ քննէ՝ թէ Մեծաւորը արդեօք բարի՞ անձ մըն է ըստ մարդկային մտածելակերպի, թէ արդեօք լա՞ւ կը կատարէ իր պաշտօնը, թէ ընդհակառակն՝ իր ունեցած հեղինակութիւնը կը գոր ծածէ եւ բռնութիւն կը բանեցնէ:

Առաքելական գործունէութեանս առաջին տարուան Մեծաւորը չափազանց եսասէր անձ մըն էր, ծագումով՝ սիկիլիացի: Երբ Իզմիրէն պիտի մեկնէի, շատ թեթեւ հագուած էի, հագուստներս չփոխեցի, մտածելով որ Տրապիզոնի Մեծաւորս անշուշտ կը հոգայ: Ոտքերս ալ մերկ էին, գուլպայ չունէի: Կարնոյ լեռները Սեպտեմբեր ամսուն արդէն ձիւնով ծածկուած էին: Քաղաքն ալ ցուրտ էր, տուները վառարանով կը տաքցնէին: Յարգելի Մեծաւորս լիովին երջանիկ էր, հագուած ու կապուած, սենեակն ալ վառարանով աղուոր մը տաքցուած: Բայց հազիւ թէ ես բան մը խնդրէի, իսկոյն կը մերժէր, ըսելով թէ աղքատութեան ուխտ ըրած եմ. կարծես թէ ինքը միեւնոյն ուխտը չէր ըրած: Սաստիկ ցուրտի պատճառով աշակերտներս գթացին վրաս, հանգանակութիւն ըրին ու ինծի դրամ բերին, որպէսզի դասասենեակի վառարանին համար փայտ գնէի: Յարգելի ու խղճահար Մեծաւորս հրամայեց որ անմիջապէս ետ վերադարձնեմ այդ դրամը, ըսելով թէ քահանայի մը համար ամօթ է աղքատ տղոցմէ օգտուիլ սեփական հանգստաւէտութեան համար: Իսկոյն հնազանդեցայ: Տղաքը կը բողոքէին, ըսելով որ ինծմէ աւելի իրենք կը պաղին, առանց վառարանի պիտի հիւանդանան ու պիտի ստիպուին դպրոց չյաճախել մինչեւ օրերը տաքնան, այսինքն՝ մինչեւ Զատիկ: Եւ իսկապէս, սենեակիս մէջ ջերմաչափը զերոյէն վար տասներկու ցոյց կու տար, իսկ դուրսը՝ զերոյէն վար քսանհինգէն մինչեւ երեսունի կ՚իջնէր: Յաջորդ օրը, տասը աշակերտներէս ութը չըկրցան դասի գալ: Միայն եղբայրս ու իր բարեկամը եկան: Երեքս ալ ծառի տերեւներու նման կը դողայինք: Դեկտեմբեր ամսուն սկիզբը ծանր հիւանդացայ, սաստիկ փորհարութենէ մը բռնուելով: Մայրս խիստ մտահոգուած էր: Քանի մը զոյգ գուլպայ բերաւ, բայց Մեծաւորս չթոյլատրեց ընդունիլ, որովհետեւ մեր Միաբանութեան կանոններուն համաձայն արգիլուած է ծնողներէն նուէր ընդունիլ ու գործածել: Այդ փորհարութենէն ազատեցայ 1923ին միայն, Պոլսոյ մէջ:

Անշուշտ հասկնալի է որ չափազանց տկար էի, բայց դասերը կը շարունակէի անկողինի վրայ երկնցած: Ես, Լաւինի անունով իտալացի բժիշկս եւ Մեծաւորս ալ կը զգայինք, որ եթէ այդպէս շարունակուէր՝ Տէր Աստուած զիս յաւիտենական հայրենիք պիտի հըրաւիրէր: Ուղղակի անհաւատալի ու անըմբռնելի է Մեծաւորիս վարուելակերպը. կը տեսնէր վիճակս, գիտէր որ ինքն էր մահավտանգ հիւանդութեանս պատճառը, եւ ատով հանդերձ՝ միտքը չէր փոխեր: Բժիշկը շատ խիստ կերպով խօսեցաւ անոր հետ, ըսելով որ այս երիտասարդ վարդապետը բժշկելու միակ միջոցը անոր տաք հագուստներ տալն է, ոտքերուն գուլպայ եւ ձմեռնային տաք կօշիկ հագուեցնելն է:

Մեծաւորիս վարմունքը արդարացնելու փորձ չեմ ըներ: Արդարացնելիք բան չկայ: Ամէն անիրաւութիւն, ծանր հիւանդութիւն, անխուսափելի մահուան ենթարկուիլս սիրով կը տանէի առանց բարկանալու, առանց բողոքելու, ամէն բան Աստուծոյ սիրոյ համար կրելով: Բայց կը զարմանամ, երբ կը մտաբերեմ այդ տարուան կըրած չարչարանքներս: Ինծի համար ակնյայտ է Աստուծոյ պաշտպանութիւնը:

 

Դէպի Թորթում, Ռապատ եւ Նորշէն

1906 թուականի ամառը, Սեւ Ծովի Առաքելութեան Ընդհանուր Մեծաւոր՝ Հոգեշնորհ Հ. Էուճենիո Մոդիքացին այցելութեան եկաւ Կարին եւ զիս առողջական այդպիսի վիճակի մէջ գտնելով, ամէն գնով ուզեց խնամել զիս: Բուժումները ապարդիւն անցան եւ Սեպտեմբերին վիճակս վատթարացաւ: 1907 թուականի Մարտին համոզուած էի թէ քանի մը օր մնացած էր ինծի ապրելու, քանի որ աղիքներս կը պարպուէին օրը մօտ քսան անգամ, իսկ ջերմս գըրեթէ միշտ բարձր էր, հասնելով երեսունութէն մինչեւ քառասուն աստիճանի:

Նուիրատուութիւններ ստացած էի Սուրբ Պատարագներու դիտաւորութեան համար: Բայց քանի որ վիճակս երթալով աւելի կը վատթարանար, նամակ գրեցի Պուճճա, իմ թանկագին ընկերոջս՝ Հ. Անիէլլոյին, որ իմ դասընկերս եղած էր նորընծայութեան եւ ուսանողութեան տարիներուն: Տեղեկացուցի առողջական վիճակիս վերաբերեալ եւ խնդրեցի որ ինքը մատուցանէր այդ Պատարագները, հազիւ թէ ստանար մահուանս լուրը: Հ. Անիէլլոն մտահոգուեր էր եւ հիւանդութեանս մասին յայտնէր էր Հ. Բեռնարդոյին, Միաբանութեանս Ընդհանուր Մեծաւորին: Ամառը Հ. Էուճենիոն կրկին այցելեց Կարին եւ բժիշկ Հոֆֆերի խորհուրդը լսելով, զիս հանգիստի ղրկեց Թորթումի դաշտավայրը գտնուող հայ կաթողիկէ Ռապատ գիւղը, յուսալով որ օդափոխութիւնը դրական ազդեցութիւն ունենայ առողջութեանս վրայ: Սրտի մեծ կսկիծով կը վերյիշեմ այդ վայրերը, ուրկէ այլեւս անհետացեր են հայերը, մեծ մասամբ 1915 թուականի եղերական տեղահանութիւններու ու ջարդերու հետեւանքով:

Իմ Մկրտիչ եղբօրս հետ ճամբայ ելանք Օգոստոս 3ին: Մօտ երկու ժամ քալելէ ետք հասանք արեւելեան Եփրատի ափին եւ քանի մը գիւղերու միջէն անցնելով, երեկոյեան ժամը 7ին, հասանք Ռապատ: Զիս տեսնելով, սկսան եկեղեցւոյ զանգերը ղօղանջել եւ ամբողջ բնակչութիւնը եկաւ զիս ողջունելու: Գիւղապետը, Պրն. Պետրոս Աղալարեան, մեզ ընթրիքի հրաւիրեց, բայց այնքան յոգնած էի, որ միայն հանգչիլ կը փափաքէի: Ռապատը ինը հարիւր հոգի հաշուող գիւղ մըն էր, բոլորը հայ կաթողիկէ: Քրիստոնեայ ովասիս մըն էր, բազմաթիւ մահմետական գիւղերով շրջապատուած, եւ իր աւետարանական եռանդը պահած էր հակառակ անոր որ արդէն մօտ քսան տարի մնայուն քահանայ չունէր: Վերջին քահանան, Գերպ. Մելքիսեդեկեան, վախճանած էր 1894ին եւ այդ օրուընէ ի վեր այդ բարի ժողովուրդը միայն մեծ տօներուն քահանայի երես կը տեսնէր: Պատանիները քրիստոնէական հաւատքի մէջ կրթելու եւ մեծահասակներու աւետարանական բարոյականութեան վրայ հսկելու համար, Տէրը կը գործածէր Քոյր Պայծառը, վերեւ յիշատակուած գիւղապետ Աղալարեանի քոյրը, որ ժամանակին Սուրբ Յովսէփի Միաբանութեան մայրապետներէն եղած էր, բայց վանքէն դուրս ելած էր առողջական պատճառներով: Ամէն օր մանուկները կը հաւաքէր եկեղեցւոյ մէջ եւ կը սորվեցնէր քրիստոնէական հաւատքը, ծիսական շարականներն ու հայրենասիրական երգերը: Առաւօտեան ժամը չորսին եկեղեցւոյ զանգերը կը զարնէր եւ իր համագիւղացիները ժամերգութեան կը հրաւիրէր, որ ինքը կ՚երգէր առանց բացթողումներու: Ռապատի մէջ անցուցած օրերս նախախնամական էին այդ բարի հոգիներուն համար. բոլորն ալ խնդրեցին որ մատակարարեմ իրենց Ապաշխարութեան Խորհուրդը եւ շատերը ամէն օր կը մասնակցէին Սուրբ Պատարագին եւ կը մերձենային Ամենասուրբ Հաղորդութեան: Այդ ժամանակամիջոցը օգտակար եղաւ նաեւ ինծի համար, որովհետեւ շատ բան սորվեցայ Քոյր Պայծառէն: Տեսնելով թէ ան ինչպէս հոգիները կ՚առաջնորդէր դէպի Աստուած, կը հառաչէի ու կ՚ըսէի. «Դուն մեծ ես, Տէր Աստուած, եւ սուրբ ու զարմանահրաշ գործեր կ՚ընես: Դուն մեծ իմաստութեամբ կը զարդարես խոնարհները: Որքա՜ն խեղճ ու թշուառ եմ ես, աստուածաբանութեան ու իմաստասիրութեան բազմամեայ ուսումներէս ետք»: Ռապատի բոլոր բնակիչները, տղամարդիկ, կիներ, մանուկներ, երիտասարդներ ու ծերեր, 1915ին վեհանձնօրէն իրենց արիւնը թափեցին Քրիստոսի հաւատքին համար: Հարիւր հազար հայ մարտիրոսացաւ Էրզրումի նահանգին մէջ: Ռապատ գիւղը կառուցեր էին Անիի փախստականները, լերան ժայռերու թիկունքին, որոնք դէպի երկինք կը բարձրանային վեհաշուք երգեհոնի ձայնափողերու նման: Իր անունը կը նշանակէ հազար պարիսպ: Կը գտնուի ծովի մակարդակէն հինգ հարիւր կամ վեց հարիւր մեթր բարձրութեան վրայ եւ գրեթէ գարնանային մնայուն կլիմայ ունի: Յունուարին եւ Փետրուարին քիչ անգամ ձիւն կու գայ, իսկ յետագայ արեւոտ եղանակը աճիլ կու տայ շքեղ բուսականութիւն մը եւ կը ծաղկեցնէ պտղատու ծառերը:

Այս տարիներուն, Ռապատի բնակիչները կը զբաղէին հողագործութեամբ եւ բոլոր ընտանիքներն ալ ունէին արտեր, բանջարանոցներ, գոմեր ու հաւնոցներ: Ռապատի ցորենը հռչակաւոր էր իր խոշոր ու սննդարար հատիկներով: Գիւղացիները ունէին հաւ, սիրամարգ, սագ, բադ ու հնդկահաւ: Գոմերու տանիքներուն մէջ կը պահէին աղաւնի ու տատրակ: Որսի ալ կ՚երթային եւ կ՚որսային վարազ, եղջերու եւ նապաստակ, որոնցմով այդ շրջանը բաւականին հարուստ էր:

Թորթումի մահմետականները սերունդն են ԺԵ. դարու հալածանքներու ատեն իրենց քրիստոնէական հաւատքը ուրացած վրացիներու: Երբեմնի ծաղկուն քրիստոնէութեան վկաներն են վրացական ոճով կառուցուած գեղեցիկ եկեղեցիներն ու վանքերը, որոնք վերածուեր են համապատասխանաբար մզկիթներու եւ տէրվիշներու բնակատեղիներու: Բազմաթիւ քրիստոնեայ վրացիներ փախան Ռուսաստան, իսկ հողատէրերը չուզեցին ի սէր Քրիստոսի հրաժարիլ իրենց ունեցուածքներէն եւ ընդունեցան մահմետականութիւնը: Բայց այդ ուրացութիւնը անպատիժ չմնաց: Դաշտերը դարձան անպտուղ, իսկ ժողովուրդին մէջ տարածուեցան ամենաբազմազան հիւանդութիւններ: Հոն չտեսայ այն առողջ ու գեղադէմ մանուկները, որոնցմով հարուստ էին Ռապատն ու Նորշէնը, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ ու առաքելական միւս բոլոր հայկական գիւղերը:

Այդ շրջաններու յոյները, վրացիներու նման, հայերու անկեղծ հաւատքը չունէին: Կա՛մ կ՚ուրանային քրիստոնէութիւնը, կա՛մ ալ երկու կրօն կ՚ունենային. մահմետականը՝ բացայայտ, իսկ օրթոտոքսը՝ գաղտնի: Հարկ չկայ ըսելու, որ այդ աննկարագիր ու անողնաշար մարդիկը դատապարտուած էին շուտով ձուլուելու եւ անհետանալու, ինչպէս որ եղաւ:

Նորշէնի ժողովրդապետ Տէր Պետրոս Պաճեանը, տեղեկանալով որ Ռապատ կը գտնուէի, փափաք յայտնեց Վերափոխման տօնէն ետք քանի մը օրով զիս իր ժողովրդապետութենէն ներս հիւրընկալելու: Առողջական տկար վիճակս չէր թոյլատրեր ինծի յանձն առնել երեք ժամ տեւող ճամբորդութեան յոգնութիւնը, բայց միւս կողմէ չէի ուզեր տրտմեցնել ազնիւ քահանան եւ իր բարեսիրտ հաւատացեալները: Ի՞նչ ընէի: Ընդունեցայ հրաւէրը, պայմանով որ Վերափոխման ութօրէքի յաջորդ օրը Կարին վերադառնայի:

Նորշէնէն ինծի ընկերանալու եկած էին մօտ քսան ձիաւորներ, բոլորն ալ հրացաններով զինուած: Զիս նստեցուցին ժողովըրդապետին ձիուն վրայ: Հրացանի քսան զարկով մեկնումի ազդանշանը տրուեցաւ: Միասին ըսինք «Տէր, ուղղեա զգնացս մեր» աղօթքը եւ ճանապարհ ինկանք: Արահետները շատ ծուռումուռ էին եւ ինկած էին վիհերու եզերքին, այնպէս որ ձիերը մարդաքայլ արագութեամբ յառաջ կ՚երթային: Ռապատի հաւատացեալները ընկերացան մեզի մինչեւ խմելիք ջուրի աղբիւրը, ճանապարհին շարականներ երգելով: Երեք ժամ ետք, Ռապատէն երկու հազար մեթր բարձրութեան վրայ հանդիպեցանք Նորշէնի բնակիչներուն, որոնք թափօրով ընդառաջ ելած էին մեզի:

Ձիաւորներու առաջինն էր բարեսիրտ ու եռանդուն Տէր Պետրոս Պաճեանը, սրբազան հանդերձանքով զգեստաւորուած: Դէպի վեր բարձրացուցած կը պահէր թափօրներու համար գործածուող արծաթէ մեծ խաչը: Իրեն կ՚ընկերանային մօտ երկու հարիւր ձիաւորներ եւ ուրիշ երկու հարիւրէ աւելի մարդիկ հեծած էին եզներու, ջորիներու եւ մինչեւ իսկ գոմէշներու վրայ: Ժողովրդապետին ակնարկին վրայ տրուեցան հազարաւոր հրացանազարկեր եւ շրջակայքը թնդաց ցնծութեան աղաղակներով, մինչ յուզմունքի եւ ուրախութեան արցունքներ կը հոսէին մարդոց աչքերէն: Հաւատքի ինչպիսի՜ դրսեւորում: Եւ որո՞ւ համար: Ինծի նման խեղճ կրօնաւորի մը համար: Խորապէս յուզուած էի եւ կարող չէի արցունքներս զսպել, որոնք կը հոսէին առուակներու նման: Յուզմունքը կը խեղդէր զիս, պէտք է որ բան մը ընէի ինքզինքս գերազանցելու համար: Մէկ ոստումով ձիէն վար իջայ: Արարքս կարծես հրաման ըլլար. մէկ ակնթարթի մէջ բոլորը վար իջան եւ շուտափոյթ մօտեցան աջս համբուրելու եւ օրհնութիւնս ստանալու: Տղամարդիկ եւ կիներ, ծերերն ու երիտասարդները, երեխաները գիրկերնին մայրեր, բոլորը հաւաքուէր էին չորս կողմս եւ զիս կը ճզմէին խաղողի ողկոյզի մը նման:

Նորշէնը երեք հազար հայ կաթողիկէ բնակիչ հաշուող գիւղ մըն էր: Մինչ Ռապատի կլիման բաւականին մեղմ էր, Նորշէնը, ծովու մակարդակէն երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ ըլլալով, ամառ ըսուածը չէր ճանչնար: Ցորենը հոն չէր հասուննար, բայց առատ էին գարին ու եգիպտացորենը: Հռչակաւոր էր Նորշէնի բուրումնաւէտ կարագը: Կլիման ցրտաշունչ էր, բայց առողջարար, եւ բնակիչները, բոլորը առողջ, պնդակազմ ու աշխատասէր, իւրայատուկ գեղեցիկ կարմիր գոյն ունէին երեսնուն, զոր կը պահպանէին նաեւ ծերութեան տարիներուն: Զինուած կը պաշտպանէին իրենց գիւղը հարեւան թուրքերու շարունակական յարձակումներէն: Գիւղացիները զիրար կը սիրէին առաջին քրիստոնեաներու նման եւ աղքատները իրենց որպէս նեցուկ ունէին աւելի հարուստներու տուած օգնութիւնները: Վէճեր ու վիճաբանութիւններ գոյութիւն չունէին եւ ամէն հարց իր լուծումը կը ստանար հազիւ ծագած:

Նորշէնի մէջ մեծ պատուով մեծարուած էր Սբ. Յովհաննէս Մարտիրոսը, որ թուրքերու կողմէ սպաննուեր էր գիւղէն դէպի հարաւ արեւելք, երկու հազարամեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բլուրի մը վրայ եւ թաղուեր էր դաշտի մը մէջ, առանց վայրը ցոյց տուող նշանի մը: Տ. Ստեփանոս Մելքիսեդեկեան Եպիսկոպոսը, որ բաւականին բարեպաշտ էր Սուրբ Մարտիրոսին հանդէպ եւ երախտագէտ՝ անոր միջնորդութեամբ ստացած շնորհքներուն համար, կ՚ուզէր անոր մարմինը տեղափոխել եկեղեցւոյ մէջ, բայց Սուրբը երազին մէջ երեւցած էր իրեն եւ ըսած որ Աստուծոյ կամքը այն էր որ իր մարմինը հանգչէր հոն՝ ուր եղած էր մինչեւ այդ օրը: Տէր Պետրոսը պատմեց ինծի Սուրբին վերագրուած հրաշքներէն քանի մը հատ: Ահա անոնցմէ ամենակարեւորը Նորշէնի բնակիչներուն համար:

1895 թուականին, հազիւ թէ կը ստանան սուլթան Ապտուլ Համիտի կողմէ հայերու դէմ սանձազերծած ջարդերու լուրը, Նորշէնի բնակիչները թափօրով կ՚ուղղուին դէպի Սուրբ Մարտիրոսի դամբանը: Տէր Պետրոսը, անվախ ու անվեհեր, լռել կը հրամայէ անոնց որոնք կու լային, եւ բոլորին կը պատուիրէ անսասան սպասել ջարդարար վոհմակներուն: Քիչ անց կը տեսնեն թէ ինչպէս թուրքերու եւ քիւրտերու հրոսակախումբ մը կը մօտենար գիւղին, հրացաններով, եաթաղաններով ու գաւազաններով զինուած: Կը լըսուին առաջին կրակոցները: Տէր Պետրոսը կը պատուիրէ բոլորին արտասանել զղջումի աղօթքը եւ կու տայ արձակումը: Ապա կ’աւելցընէ. «Որդեակներ, եթէ Աստուծոյ կամքն է որ մարտիրոսանանք քրիստոնէական ճշմարիտ կրօնի համար, շնորհակալ ըլլանք այս մեծ պարգեւին համար եւ երդում ընենք որ մեր Սուրբ Մարտիրոսին դամբարանը պիտի ըլլայ խորանը, որուն վրայ որպէս զոհ պիտի ընծայենք մեր կեանքը»:

Մինչ Աստուծոյ պաշտօնեան այս խօսքերը կ՚ուղղէր իր հաւատացեալներուն, ջարդարարները յանկարծ մէկդի կը նետեն զէնքերը եւ ահ ու սարսափի ձայներ հանելով կը փախչին: Տէր Պետրոսը իր ժողովուրդին փրկութիւնը վերագրեց հրաշքի մը, իսկ թուրք մը աւելի ուշ պատմեր էր որ ջարդարարներու վոհմակը քրիստոնեաներու չորս կողմը տեսեր էր սաւառնող հրեշտակներու զօրախումբ մը, որոնք կը սպառնային մօտեցող ստահակներուն: Եզակի է նաեւ Նորշէնի հայ կաթողիկէ համայնքի ձեւաւորման պատմութիւնը: Անոնք երբեմնի յոյն օրթոտոքսներ էին, որոնք մօտ հարիւր տարի առաջ որդեգրած էին կաթողիկէ դաւանանքը եւ հայ ծէսը: Ահա Տէր Պետրոսէն լսած պատմութիւնս: Փափազ Եանին, որ գիւղի յոյն օրթոտոքս քահանան էր, արդէն ծերացեր էր եւ կը պատարագէր տարին հազիւ չորս կամ հինգ անգամ, այսինքն՝ տէրունական գլխաւոր տօներուն միայն: Եկեղեցիէն ոչ մէկ հասոյթ ունէր եւ աղքատօրէն կ՚ապրէր երէցկնոջ եւ զաւակներուն հաշուին: Հարկաւոր էր գիւղի բնակիչներուն համար ապահովել ծիսական արարողութիւններու կատարումը եւ Փափազ Եանին երէցկնոջ կ՚առաջարկէ իրենց քսանհինգ տարեկան անդրանիկ որդին քահանայ ձեռնադրել: Երէցկինը նկատել կու տայ որ Տրապիզոնի յոյն օրթոտոքս Եպիսկոպոսը ձեռնադրութեան համար պիտի պահանջէր առնուազն թրքական տասը լիրա: Ուրկէ՞ կրնային գտնել այդ գումարը, որ չէր ձեւանար նոյնիսկ եթէ վաճառէին ձին, երկու կովերն ու չորս եզները: «Մտիկ ըրէ», աւելցուց, «թէ ինչ ներշնչեց ինծի Տէրը անցեալ գիշեր երազիս մէջ: Նորշէնը կը գըտնուի Հայոց աշխարհի սահմանին, մենք հայերէն կը խօսինք, մեր համագիւղացիները հայերէնէն զատ ուրիշ լեզու չեն գիտեր եւ դուն որ յունածէս քահանայ ես, բան մը չես հասկնար այն յունարէն արարողութիւններէն՝ զոր կը կատարես: Եկուր մեր Փեթրաքին1 ղըրկենք Կարինի հայ կաթողիկէ Եպիսկոպոսին քով: Եպիսկոպոսը ինքը անոր ուսում կու տայ եւ մեր քով կը ղրկէ արդէն քահանայ դարձած: Կաթողիկէները հարուստ են եւ անոնց Եպիսկոպոսները լաւ վերաբերմունք ունին իրենց քահանաներուն նկատմամբ»:

Ծերուկ Փափազ Եանին խելացի նկատեց իր կնոջ առաջարկը: Խեղճ ծերուկին համար «հայ կաթողիկէ» կամ «յոյն օրթոտոքս» միեւնոյն բանն էր: Յոյները, կ՚ըսէր, խաչեալ Տէր Քրիստոսը կը պաշտեն յունարէն լեզուով, իսկ հայերը միեւնոյն Տէր Քրիստոսը կը պաշտեն հայերէն լեզուով: Այսպէս պատահեցաւ, որ Փեթրաքին, արդէն երկու զաւակներու հայր, հինգ տարի կրօնական ուսում առաւ Կարինի մէջ եւ Նորշէն վերադարձաւ արդէն որպէս հայ կաթողիկէ քահանայ: Ինքնաբերաբար, ամբողջ գիւղը դարձաւ հայ կաթողիկէ, քանի որ բոլորն ալ գոհ էին որ կրնային մասնակցիլ ծիսական արարողութիւններուն այն լեզուով որ կը հասկնային:

Այդ օրէն ետք Փափազ Եանին ապրեցաւ դեռ տասը տարի եւ մահացաւ որպէս հայ կաթողիկէ: Տէր Պետրոսը անոր թոռն էր, այսինքն՝ Փեթրաքիի որդին:

Նորշէնի բոլոր բնակիչները, 1915 թուականի Մայիսի վերջաւորութեան, տեղահանուեցան եւ քշուելով դէպի Կարինի բարձրաւանդակ՝ սովէն ու ծարաւէն մեռնելու դատապարտուեցան: Իսկ անոնք որոնք համարձակեցան իրենց ծարաւը Եփրատի ջուրով յագեցնել անմիջապէս սպաննուեցան անգութ գազաններու ձեռքով:

ԳԼՈՒԽ Գ.

 

Մեծաւորիս մեկնումը Կարինէն – Հայ Կաթողիկէ մանչերու վարժարանի հիմնումը – Նորանոր դժուարութիւններ – Արաքսի հովիտը – Նոր յոյսեր – Իմ գործակիցներս – Յոյն Համայնքի մերձեցումը – Յեղափոխական խմորումներ Կարինի մէջ – Արձակուրդի օրեր Ալաշկերտի մէջ  

 

Մեծաւորիս մեկնումը Կարինէն

Թորթումի մէջ անցուցած երեք շաբաթներս մասամբ վերականգնեցին ոյժերս եւ կազդուրեցին առողջական վիճակս: Կարին վերադարձայ Օգոստոս 25ին: Վերադարձիս մեծ անակնկալներ ունեցայ: Ինչպէս արդէն պատմեցի, ինծի մտերիմ միաբանակիցներէս մէկուն նամակ գրած էի, խնդրելով որ իմ տեղս մատուցանէ ինծմէ խնդրուած Սուրբ Պատարագները, երբ ստանար մահուանս լուրը: Քիչ գրած էի հիւանդութեանս մասին: Քիչ գրած էի, շատ հասկցած էր: Իսկոյն լուր տուած էր Հռոմի Ընդհանուր Մեծաւորին, ըսելով որ Հայր Կիւրեղը մահամերձ է սիկիլիացի Մեծաւորին բըռնակալ վերաբերմունքին պատճառով: Հռոմէն անյապաղ հրաման մեկնած էր Տրապիզոնի Մեծաւորին, պատուիրելով Հայր Կիւրեղը վայրկեան առաջ ազատել անգութ Մեծաւորի ճիրաններէն:

Հռոմի Ընդհանուր Մեծաւորին հրամանը յստակ էր: Կարինի տեղական Մեծաւոր Հայր Սալվաթորէն պէտք է տեղափոխուէր Տրապիզոն, իսկ Հայր Կիւրեղը կը նշանակուէր Կարինի ֆրանչիսկեան առաքելութեան Մեծաւոր: Բայց թէ՛ Տրապիզոնի եւ թէ՛ տեղական Մեծաւորս, երկուքն ալ սիկիլիացի, կը մտահոգուէին. Հայր Կիւրեղը մինակը Կարին ձգել՝ իրենց համաձայն կը նշանակէր վըտանգի ենթարկել Կարինի Առաքելութեան ապագան: Այսպիսի խօսքեր տարածեցին ամէն տեղ: Հռոմի Ընդհանուր Մեծաւորին ալ գըրած էին, ըսելով որ մեծ անխոհեմութիւն կ՚ըլլայ Հայր Կիւրեղը մինակը Կարին ձգել, որովհետեւ այդպիսով Առաքելութեան ապագան կը վտանգուէր: Բայց Մեծաւորը պատասխանած էր. «Ինչպէս որ հրամայեցի, այնպէս պիտի ըլլայ: Հայր Կիւրեղը մինակը Կարին պիտի մնայ, իսկ Հայր Սալվաթորէ անմիջապէս պէտք է հեռանայ Կարինէն»: Տրապիզոնի ու Կարինի տեղական Մեծաւորները երկու ամիս շարունակ ամէն ճիգ ու ջանք գործադրեցին, որպէսզի Հայր Սալվա թորէն Կարինէն չհեռանայ: Շատ ջանացին հասկնալու համար թէ ո՞վ է Հռոմի Ընդհանուր Մեծաւորին լուր տուողը: Ինծի հանդէպ բնաւ կասկածներ չունէին, որովհետեւ Ընդհանուր Մեծաւորը կանխաւ իրենց գրած էր որ Հայր Կիւրեղը այս հարցին տեղեակ չէ: Օգոստոս ամսուն վերջին օրերը ճամբայ ելան երկու սիկիլիացի Վարդապետները: Ճանապարհելու գացի մինչեւ Իլիճէ: Գիւղի Տէր Հօր հանդիպեցանք, որ ինծի մօտենալով հարցուց. «Ի՞նչ կ՚ըլլայ, Հայր Կիւրեղս, ճամբո՞րդ ես»: «Ե՞ս, չէ», պատասխանեցի, «այլ այս երկու սիկիլիացի միաբանակիցներս»: Ականջիս կամացուկ մը շշնջաց. «Ասոնք ուղեւորելէ յետոյ իմ տունս եկուր: Երէցկինս քեզի համար շատ համեղ թանապուր մը պիտի եփէ»: Հասկցայ, որ կ՚ուզէր ինծմէ իմանալ մեկնող Մեծաւորէս կրած չարչարանքներուս պատմու թիւնը: Բայց տեսայ, որ ամէն բանի տեղեակ էր: Ինքը կը պատմէր ես մտիկ կ՚ընէի. «Այդ մարդը կուսակրօն վարդապե՞տ է եղեր: Վա՜յ մեր գլխուն: Եթէ կարենայի ձեր վանքէն ներս մտնել, այդ արջը գետին կը փռէի: Ի՛նչ ըսել է Հայր Կիւրեղին պէս հեզ ու անոյշ Վարդապետը Յիսուսի նման չարչարել ու խաչ հանել»: «Այդպէս մի՛ ըսեր, սիրելի Տէր Հայր», պատասխանեցի, «խեղճը ինքզինքը երկինքի Սերովբէներուն ու Քերովբէներուն հաւասար կը նկատէ: Իսկ ես ինծի հանդէպ եղած անիրաւութիւններուն համար շնորհակալ եմ ու երախտապարտ, որովհետեւ հաստատուն կերպով կը հաւատամ որ սիրով կրած անիրաւութիւններս լիուլի յաջողութեամբ պիտի պսակեն առաքելական ձեռնարկներս, Աստուծոյ օրհնութեամբ»: «Դուն սուրբ մըն ես, ուրիշ ըսելիք չունիմ», եզրակացուց Տէր Հայրը:

 

Հայ Կաթողիկէ մանչերու վարժարանի հիմնումը

Հայ Կաթողիկէ Համայնքը կործանումի եզրին էր եւ ուր որ է պիտի իյնար բողոքականներու ձեռքը: Ինչպէ՞ս կրնայի անշարժ մնալ, երբ աչքիս առջեւ կը ջլատուէր այն Համայնքը որ իր բարի կեանքով ու աստուածապաշտութեամբ միշտ քրիստոնէական առաքինութիւններու հայելին եղած էր:

Բողոքականներուն դպրոցը սիրաշահած էր աղքատ ընտանիքներուն զաւակները: Սանասարեան վարժարանը երիտասարդներուն մէջ կը տարածէր հակակրօնական եւ ծայրայեղ անբարոյական գաղա փարախօսութիւն, եւ անոր շրջանաւարտները միեւնոյն մահացու սխալները կը տարածէին քաղաքի եւ գիւղերու միւս դպրոցներուն մէջ: Միայն տասնհինգ տարուան ընթացքին այդ երկու վարժարան ները կրցած էին տակնուվրայ ընել Կարինի ամբողջ նահանգին հայութեան քրիստոնէական խոր զգացողութիւնը: Ծնողները, ըլլայ առաքելականները՝ ըլլայ կաթողիկէները, ձեռքերնին դէպի երկինք պարզած կը պաղատէին ազատել ազգը այս նորայայտ չարիքէն: Երբ մինակ մնացի Կարինի մեր վանքին մէջ եւ դարձայ տեղւոյն Մեծաւորը, կաթողիկէ եւ առաքելական Համայնքներու ներկայացուցիչներ եկան ինծմէ խնդրելու որ դպրոց մը հիմնէի իրենց զաւակներուն համար, որպէսզի հոն, բնական գիտութիւններու կողքին, սորվէին նաեւ ազգային վեհ աւանդութիւնները եւ քրիստոնէական սրբազան բարոյականութիւնը: Ծնողներ, դառն արցունք թափելով, կը պատմէին միւս դպրոցներուն մէջ դասաւանդուող անաստուած ու անբարոյական գաղափարախօսութիւններուն մասին: Անոնց արցունքները զիս ալ յուզեցին, եւ առանց ակնթարթ մը յապաղելու, նոյնիսկ առանց մտածելու առած քայլիս վրայ, հանդիսաւոր կերպով խոստացայ որ թէեւ դրամական գետնի վրայ ծայր աստիճան աղքատ էի, բայց Նախախնամութեան ապաւինելով՝ հնարաւոր ամէն բան պիտի ընէի մանչերու վարժարան մը հիմնելու համար: Խոստումս ծափահարութիւններով ընդունուեցաւ:

Գործի անցայ: Ձմեռնային մատուռը եւ վանքի երկու խուցերը լաւագոյնս յարմարցուցի հարիւրի չափ տղաք հաւաքելու համար: Ղուրուշ մը անգամ չունէի դպրոցական կահկարասի գնելու համար եւ գործածեցի եկեղեցւոյ նստարանները, վանքի սեղաններն ու աթոռները: Առաքեալ եղբօրմէս պարտքով հարիւր դահեկան առի, երեք մեթր թիթեղ գնեցի, զոր սեւ գոյնով ներկելով գրատախտակի վերածեցի, գնեցի տուփ մը կաւիճ, տետրեր ու մատիտներ: Այսպիսով, Սեպտեմբեր 19ին սկսայ ընդունելութեան արձանագրութիւնները եւ նոյն ամսոյն 25ին սկսանք դասաւանդութիւնը եօթանասունվեց աշակերտով: Բոլորն ալ առաքելական ընտանիքներէ էին, որովհետեւ կաթողիկէները չեմ գիտեր ինչու չներկայացան արձանագրութեան ատեն: Իմ դպրոցէս ներս երբեք չընդունեցայ ինը տարեկանէն վեր մահմետական տղաք եւ Սանասարեան վարժարանի երրորդ տարին արդէն աւարտած նախկին աշակերտներ:

Մեր վանքը Ֆրանսայի հիւպատոսարանի պաշտպանութեան տակ էր, ուստի պարտք համարեցի դպրոցի բացումին մասին տեղեկացնել Պարոն Հիւպատոսին: Ան ուղարկեց զիս Պրն. Տիգրան Սրապեանին քով, որ կաթողիկէ հայ մըն էր եւ Հիւպատոսարանին թարգմանիչը: Ան բաւականին գովեց ձեռնարկս եւ ֆրանսական կառավարութեան օգնութիւնը ստանալու նպատակով խորհուրդ տուաւ մեր դպրոցը անուանել ,CollՌge franջais dirigռ par les PՌres Capucins de la Mer Noireե: Ինծի յանձնեց կնքուած ծրար մը, որուն մէջ թըրքական երեք լիրա գտայ: Ինչպէս նաեւ օգնեց ինծի աղուոր հաշուետուութիւն մը շարադրելու, զոր ղրկեցինք Կոստանդնուպոլսոյ ֆըրանսական Դեսպանին, Ֆրանսական Դաշինքին եւ Տրապիզոնի ու Կարինի Հիւպատոսներուն:

Հոկտեմբեր 4ին, մեր սերովբէակենցաղ Հայր Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին օրը, առաքելական աշակերտներուս ծնողները ազնուութիւնը ունեցան իրենց զաւակները ինքնակամ ղրկելու հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին եւ նուիրելու մեծ քանակով ծաղիկներ՝ խորանը զարդարելու համար:

Կէսօրէն ետք, Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, եկան նաեւ կաթողիկէ համայնքին ներկայացուցիչները: Ներողութիւն խնդրեցին մինչեւ այդ օրը ոչ մէկ օգնութիւն տուած ըլլալնուն համար եւ խոստացան օգնել դպրոցի գործունէութեան: Խոստում մը, որ այդպէս ալ չկատարեցին, այլ ընդհակառակն՝ իրենց պատճառով բաւական խոշոր պարտքեր կուտակուեցան գլխուս:

Մեր մանչերու վարժարանին պաշտօնական բացումը կատարեցինք 1907 թուականի Հոկտեմբեր 15ին: Այդ առիթով պատարագեցի Սուրբ Հոգւոյն ուղղուած աղօթքներով, որուն հանդիսաւոր կերպով մասնակցեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Հիւպատոսը, իր պաշտօնական թարգմանիչ Պրն. Տիգրան Սրապեանին հետ միասին: Եկեղեցին խուռներամ լեցուած էր եւ շատերը դուրսէն մտիկ կ՚ընէին աղօթքներն ու քարոզը: Տակաւին ձիւն չէր տեղացած քաղաքին վրայ, բայց փողոցներուն ցեխը արդէն սառեր էր: Ցուրտը թափանցեր էր դպրոցիս սենեակներէն ներս: Տղաքը ամբողջ մարմնով կը դողային եւ տաքնալու համար կը փչէին ձեռքերու ափերուն մէջ եւ ոտքերնին վեր ու վար կ՚ընէին եւ գետնին կը զարնէին: Ամենափոքրերը կու լային, մեծերը ինծի կ՚ըսէին որ եթէ շուտով չտաքցնէի դասասենեակները, առանց աշակերտի պիտի մնայի: Նստայ հաշիւներս ընելու: Քսան դահեկան ստացած էի իւրաքանչիւր աշակերտէ եւ երեք հարիւր դահեկան Պրն. Սրապեանէն: Ուրեմն, ունէի հազար ութ հարիւր քսան դահեկան: Գրողի ծոցը երթայ ագահութիւնը: Վազեցի շուկայ եւ հազար հինգ հարիւր դահեկանով գնեցի տասը թոն փայտ եւ երկու հարիւր դահեկանով անագէ երկու վառարան: Վերադարձուցի նաեւ Առաքեալ եղբօրմէս առած հարիւր դահեկանի պարտքը: Ձեռքըս քսան դահեկան մնաց:

Անհուն էր ուրախութիւնս, երբ վառեցինք վառարանները եւ տաքցած աշակերտները ուրախ զուարթ սկսան աղաղակել. «Կեցցէ՜ Հայր Կիւրեղը, կեցցէ՜ Հայր Կիւրեղին դպրոցը»:

Նորանոր դժուարութիւններ

Հայ Կաթողիկէ մեծամեծները շուտով ցոյց տուին, որ մեծ մասամբ սուտ էին իրենց տուած խոստումները: Նախապէս խոստացած յիսուն նստարանի փոխարէն ղրկեցին երեսունը, ըսելով՝ թէ միւսները կոտրտուած էին: Խոստացած դասագիրքերու միայն տաս առ հարիւրը ղրկեցին, ան ալ Մայիս ամսուն վերջաւորութեան: Փոխարէնը իսկոյն դպրոց ղրկեցին հարիւրէ աւելի աղքատ տղաք, որոնցմէ ոչինչ կրնայի սպասել, այլ ընդհակառակն՝ պէտք է զգեստաւորէի, դպրոցին վայելչութիւնը պահելու համար:

Հայ Կաթողիկէ մեծամեծները ուրիշ խաղ մըն ալ խաղցան գըլ խուս: Պայմանաւորուեր էինք, որ իրենք պէտք է վճարէին հայ եկեղեցական երաժշտութեան վարժապետին ամսականը: Առաջին երկու ամիսը վճարեցին, իսկ յետոյ թողուցին իմ ուսերուս: Ստիպուեցայ վճարել մինչեւ վերջին դահեկանը: Ուսումնական տարուան աւարտին, այդ նոյն մեծամեծները դե՛ռ աւելի մեծ դժուարութեան մատնեցին զիս: Նախապէս պայմանաւորուեր էինք, որ մեր գործածութեան տրամադրուած նստարանները պէտք է ձրի տրուէին: Վերջաւորութեան, մինչդեռ, թրքական երկու լիրայի վարձ պահանջեցին: Արիւնս երակներուս մէջ կ՚եռար եւ սիրտս կատաղութենէն պիտի պայթէր, եթէ իսկոյն չվազէի եկեղեցի եւ խաղաղութիւնս Յիսուսի ոտքերուն առջեւ չգտնէի:

Աղօթքս ուղղեր էի բոլոր Պաշտպան Սուրբերուս, Սուրբ Աստւածածնին, Սուրբ Յովսէփին, Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, Սրբուհի Թերեզային, Հայոց աշխարհի եւ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան բոլոր Սուրբերուն խնդրելով ներշնչել ինծի՝ թէ ինչ պէտք է ընէի դպրոցի վարժապետներուն ու սպասաւորներուն ամսականները վճարելու եւ միւս բոլոր կարիքները հոգալու համար: Միամտաբար կը յուսայի որ նամակով վճարագիր մը կրնայի ստանալ անծանօթ բարերարէ մը, բայց Պաշտպան Սուրբերս ա՛յլ կերպ լուծեցին դժուարութիւններս: Ամենայն Սրբոց տօնի Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, թուրք զինուորական մը եւ թրքական վարժարանի ութ ուսանողներ եկան ինծմէ խնդրելու որ իրենց ֆրանսերէն դասաւանդէի: Համաձայնեցանք որ շաբաթական հինգ դասաժամի համար իւրաքանչիւրը պէտք է վճարէր ամիսը երեսուն դահեկան: Ամսուան վերջաւորութեան, աւելի քան եօթանասուն աշակերտ ունեցայ, որոնք ամենատարբեր դասակարգերու կը պատկանէին. բանակի պաշտօնեաներ (որոնց մէջ հրամանատար Աւնի Փաշան եւ գնդապետ Ռուշտի Փաշան), թուրք, հայ, յոյն առեւտրականներ, նամակատան, հեռագրատան, ծխախոտի գործատան պաշտօնեաներ, թրքական վարժարանի եւ Սանասարեան վարժարանի ուսանողներ: Բոլորը գոհացնել կարենալու համար՝ բաժնեցի 9 խումբի: Այսպիսով, օրական տասնհինգ ժամ դաս կու տայի, որոնցմէ վեցը իմ հիմնած հայկական մանչերու դպրոցիս մէջ, իսկ ինը՝ ֆրանսերէնի դասերուն: Դիւրաւ կարելի է հասկնալ որ աշխատանքը մեծղի էր եւ եթէ տկար առողջութեանս հետ մէկտեղ չկքեցայ այդ ահագին ծանրութեան տակ, ակնյայտ է որ ինծի նեցուկ էին Պաշտպան Սուրբերս: Ֆրանսերէնի դասաժամերով կը շահէի ամիսը քսանհինգ թըր քական լիրա: Իսկ Կոստանդնուպոլսոյ ֆրանսացի Դեսպանը, Պրն. Տիգրան Սրապեանի միջնորդութեամբ, խրախուսանքի համար ինծի ուղարկեց հարիւր քսան ֆրանք: Ուսումնական տարուան աւարտին կազմակերպեցի պարգեւատրութեան հանդէս, որուն ընթացքին բաժնեցի Ֆրանսայի Դեսպանատունէն մեզի ղրկուած նուէրները: Սրահը փոքր էր եւ հրաւիրեալներուն թիւը նոյնպէս շատ սեղմ, այսինքն՝ ֆրանսացի Հիւպատոսը եւ իր թարգմանիչ Պրն. Սրապեանը, Հայ Առաքելական Եպիսկոպոս Տ. Սմբատ Սահադեթեանը, Հայ Կաթողիկէ Ընդհանուր Տեղապահ Գերպ. Յովսէփ Մելքիսեդեկեանը, ֆրանսերէնի դասերը յաճախող զինուորա կանները եւ քանի մը ազգայիններ:

Տ. Սմբատ Սահադեթեան Սրբազան Հայրը խօսք առաւ եւ ի միջի այլոց ըսաւ. «Կարինի բոլոր բնակիչներս պէտք է երախտագիտութիւն յայտնենք Տիրոջ, որ մեր քով ղրկեց այս արժանաւոր քահանան, ազատելու համար մեր զաւակները Սոդոմի ու Գոմորի մոլու թիւններու այրող հնոցէն»:

Յաջորդ կիրակի օրը կատարեցի երախտագիտութեան Սուրբ Պատարագը եւ այդպիսով փակեցինք մեր մանչերու վարժարանի ուսումնական առաջին տարին, ի փառս Աստուծոյ եւ յօգուտ մեր հայկազեան զարմի մանուկներուն:

 

Արաքսի հովիտը

Հանգիստի կարիք ունէի, կազդուրուելու եւ վերագտնելու համար ոյժերս որ այնքան ալ ծաղկուն վիճակի մէջ չէին: Միաժամանակ կ՚ուզէի օգտակար ըլլալ հեռաւոր գիւղերու բնակչութեան, որոնց սպասաւորող ամուսնացեալ քահանաները միայն ծիսակատարութեան բաժինը գիտէին, ինչ որ լաւագոյն կերպով կը կատարէին, եւ շատ վարժ չէին քարոզելու մէջ: Հետեւաբար, սիրով ընդունեցայ Ճերասոնի ժողովրդապետ Տէր Մինասին հրաւէրը՝ այցելելու Բասէնի ընդարձակ բարձրաւանդակին վրայ գտնուող իրենց գիւղը:

Կարինէն ճամբայ ելայ Օգոստոս 5ին, կէսօրէն ետք, Տէր Մինասի ընկերակցութեամբ: Օգոստոսը տարուան ամենատաք ամիսն էր: Կտրեցինք անցանք Կարինի բարձրաւանդակը եւ հասանք Գոհանամք լերան ստորոտը, որ այդպէս կը կոչուի, որովհետեւ աւանդութեան համաձայն Նոյի տեսած առաջին լեռնագագաթն է, երբ տապանը կանգ առաւ Արարատ լերան վրայ: ԺԶ. դարու հայ պատմիչ Յակոբ Կարնեցին կը վկայէ որ Գոհանամք եւ Այարլի լեռները ամբողջովին ծածկուած էին կաղնիներու եւ եղեւնիներու անտառներով, իսկ անոնց ստորոտը հարուստ էր որթատունկի ընդարձակ պարտէզներով, որոնց բերքը բնակիչները կը վերածէին նուրբ ու թեթեւ գինիի: Անոր վկայութիւնը կը հաստատուի նաեւ զանազան արձանագրութիւններով: Ճանապարհորդը այսօր ի զուր կը փընտռէ այդ գեղեցկութիւնները: Ինչպէս կ՚ըսէ Վիքթոր Հիւկոն. «Այստեղէն անցեր է թուրքը»:

Կամաց կամաց յառաջանալով Արաքսի բազմաթիւ վտակներով ողողուած հովիտով, կը հանդիպէինք զանազան ցեղախումբերու: Երեք ու կէս ժամ ձիավարութենէ ետք հասանք Բասէնի ընդարձակ հովիտը եւ գիշերեցինք Քուրուճիւք անունով քրտական գիւղին մէջ: Քրտական տոհմերը կամ ցեղերը շատ բազմաթիւ են եւ բաժնուած են երկու խումբի. մարտիկները, որ կը կոչուին Քերման, եւ հողագործները, որ կը կոչուին Կուրան: Տէր Մինասը կը ճանչնար այդ վայրերու բոլոր քիւրտ երեւելիները եւ առաջնորդեց զիս Քուրուճիւքի ցեղապետին քով, որուն ներկայացուց զիս որպէս Նորին Սրբութիւն՝ տիեզերքի բոլոր կաթողիկէներու Շէյխին տեղապահը: Այդ ահաւոր տեսքով աղան երկնցած էր մինտերին վրայ, բայց հազիւ լսեց Հռոմի Շէյխին անունը՝ իսկոյն ոտքի ցատկեց, մինչեւ գետին խոնարհեցաւ, աջս նախ իր կուրծքին տարաւ, ապա երեք անգամ համբուրելով ըսաւ. «Այսօր եկեր էք արեւուն լոյսը բերելու տունէս ներս: Ձեր մէջ ես կը տեսնեմ զԱստուած: Ինչպիսի՜ մեծ պատիւ է ինծի համար յարկիս տակ ընդունիլ Հռոմի Շէյխին ներկայացուցիչը»:

Ապա հերթով ներկայացուց իր զաւակներն ու աղջիկները: «Ասոնք պտուղներն են, զոր Աստուած պարգեւեր է ինծի: Օրհնեցէք զիրենք»: Ու աւելցուց. «Ես քերման եմ, ես թուրք չեմ: Թուրքերը զիս կ՚ատեն եւ, եթէ կարենային, կը սպաննէին զիս, կինս ու զաւակներս, եւ կը մարէին օճախիս կրակը: Թող դժոխքը զիրենք ողջ ողջ կլանէ»: Այսպէս խօսելով, քերմանը երթալով աւելի կը կատղէր եւ ես չէի գիտեր ինչպէս զինքը հանդարտեցնել: Յանկարծ հայերէն լեզուով գոչեց. «Է՜յ, Մարիամ, հոս եկուր»: Մարիամը անմիջապէս եկաւ, աջս համբուրեց եւ զիս հայերէնով ողջունեց: Քերմանի կինն էր, որ իր կնոջմով հպարտ՝ խօսքը ինծի ուղղեց. «Ահա, ես կիսով չափ քրիստոնեայ եմ եւ իմ կէսս քրիստոնեայ է: Ես կը յարգեմ իմ կինս եւ զինքը կը սիրեմ: Ես քիւրտ եմ, ծնունդով Տերսիմի շրջանէն»: Չեմ կրնար բառերով նկարագրել այն ցաւը, որ զգացի տեսնելով հայ քրիստոնեայ աղջիկը մահմետականի կին դարձած: Մտքիս մէջ ես ինծի կը հարցնէի որ չըլլայ թէ սպաններ են խեղճին ծնողքը եւ զինքը փախցուցեր՝ հոս բերեր են: Յաջորդ առտու Մարիամը տաք ջուր բերաւ ինծի լուացուելու համար: «Բարի լոյս», ըսաւ: «Աստուծոյ բարին», պատասխանեցի: «Հայր Սուրբ», շարունակեց, «ես միշտ կը խաչակնքեմ երեսս եւ առաւօտեան ու երեկոյեան աղօթքներս կ՚ըսեմ»: «Շատ լաւ կ՚ընես, աղջիկս», պատասխանեցի, «թող Աստուած օրհնէ քեզ եւ երջանիկ ընէ: Բայց ըսէ ինծի, ինչպէ՞ս յայտնուեր ես հոս»: «Հայր Սուրբ», պատասխանեց, «իմ պատմութիւնս երկար է եւ ժամանակ չկայ զայն ամբողջութեամբ պատմելու: 1895 թուականին թուրքերը սպաննեցին ծնողքս, մեր գիւղին ուրիշ շատ ընտանիքներու հետ միասին, իսկ զիս հինգ մեճիտիէով վաճառեցին ամուսնոյս հօրը: Քերմանը ինծի հանդէպ միշտ սիրով ու յարգանքով եղաւ չորս տարի եւ հինգ ամիս, այսինքն՝ մինչեւ այն օրը երբ սպաննուեցաւ թուրք աւազակներու ձեռքով: Իր զաւակն ալ ին ծի հանդէպ միշտ բարի եղած է, մանաւանդ թէ՝ իր հօր աղջիկներէն աւելի: Կարդալ եւ գրել գիտեմ, այդ իսկ պատճառով դարձայ քերմանի քարտուղարուհին եւ տեղեակ եմ ընտանիքի բոլոր գաղտնիքներուն: Այսպէս ճամբայ բացուեցաւ դիմացս եւ դարձայ ցեղին թագուհին: Համաձայնեցայ ամուսնանալ քերմանին հետ պայմանով որ քրիստոնեայ պիտի մնայի: Ամուսինս երբեք չէ արգիլած ինծի քրիստոնէական աղօթքներս ու պարտականութիւններս, մանաւանդ թէ՝ կ՚ըսէ որ պէտք է քրիստոնէական աղօթքները սորվեցնեմ նաեւ իր զաւակներուն»: Ցտեսութիւն ըսինք իրարու: Հեռացայ՝ գաղտնագողի սրբելով արցունքներս:

Շարունակեցինք մեր ճամբորդութիւնը Արաքսի հովիտով: Արաքսը իրաւացիօրէն կը կոչուէր զուտ հայկական գետ, քանի որ կը ծնի Մեծ Հայքի լեռներէն, կը հոսի Հայոց Աշխարհի հողերով եւ Կասպից Ծովը կը թափի հայկական հողատարածքի մէջ: Տէր Մինասը զգուշացուց որ պէտք է շտապենք, այլապէս արե ւը մայր մտնելէ ետք կը մնայինք արտասովոր եղեամի մը տակ, որ կրնար փճացնել մեր զգեստները: Ինչպէս հրաշալի կերպով պատահեցաւ Մովսէս մարգարէին ժամանակ, Մուշի, Բասէնի, Ալաշկերտի ու Տիգրանակերտի մարզերուն մէջ, Յուլիս, Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն մանանայ կը տեղայ, զոր հայերը կը կոչեն քազպին: Գիշերուան ընթացքին կը հաւաքուի գետնին փռուած սաւաններու վրայ, իսկ առաւօտեան զայն կը լեցնեն կաւէ անօթներու մէջ: Մեղրի նման քաղցր է եւ դե՛ռ աւելի բուրումնաւէտ: Տաքնալով կը հեղկանայ, պահելով սակայն համն ու բուրմունքը: Չի թըթուիր եւ չի նեխիր: Թարմ ատեն չորցուած, կը նմանի մեղրով շաղախուած ճերմակ ալիւրի: Խանութներու մէջ վաճառուողը կանաչ է, որովհետեւ հաւաքուած է ծառերու տերեւներուն հետ միասին: Հայկական մանանային արտաքին յատկութիւնները կը համապատասխանեն Ելից գրքին մէջ Մովսէսի կողմէ տրուած նկարագրութիւններուն: Արեւու առաջին շողերու տակ արդէն կը հալի եւ բոյսերու վրայէն վար հոսելով կը ծածկէ հողը սոսնձանման քաղցր շերտով: Անոր մէջ պարունակուած քաղցրանիւթերը կը վնասեն բոյսերուն եւ կը չորցնեն անոնցմէ ամե նանուրբերը: Վիկուրույի համաձայն, հայկական մանանան կը պարունակէ եղէգի շաքար 61,1%, քաղցրանիւթ 16,5%, տեսթերին եւ համանման նիւթեր 22,4%2:

Ի վերջոյ հասանք Ճերասոն: Բարեպաշտ գիւղացիները, իրարու ձայն տալով որ Տէր Հայրը վերադարձեր է, շուտափոյթ հաւաքուեցան անոր աջը համբուրելու եւ օրհնութիւնը ստանալու: Ուղղակի եկեղեցի գացինք եւ տակաւին շնորհակալութեան աղօթքները կ՚ընէինք՝ երբ տարեց կին մը մօտեցաւ Տէր Մինասին եւ հարցուց թէ արդեօք քովի Հայր Սուրբը հայերէն գիտէ՞ եւ կրնա՞յ Ապաշխարութեան Խորհուրդը մատակարարել: «Այո, կրնամ», պատասխանեցի եւ գացի խոստովանարան: Հոն երեք ժամ մնացի եւ դեռ դուրս պիտի չգայի՝ եթէ Տէր Մինասը ժողովուրդին չըսէր. «Թողուցէք Հայր Սուրբը քիչ մը շունչ քաշէ: Վաղը կու գաք խոստովանանքի: Շատ ժամանակ ունիք, որովհետեւ Հայր Սուրբը քանի մը շաբաթ մեր քով պիտի մնայ»:

Հասնելով տուն, Տէր Մինասը զիս ներկայացուց իր տարեց հօրեղբօրը (իր հայրը, որ գիւղի քահանան էր իրմէ առաջ, տարիներ առաջ արդէն մահացեր էր), երէցկնոջ, մանչերուն, աղջիկներուն, թոռներուն ու ծոռերուն, մօրեղբօրը եւ ուրիշ երկու հօրեղբայրներուն: Ամբողջ ընտանիքը ութսուներեք հոգի էին, եւ սակայն իրենցը Ճերասոնի վեց ընտանիքներէն ամենաբազմանդամը չէր: Ընտանիքի անդամներու թիւով առաջինն էին Քեհեայեանները, որ հարիւր եօթանասունվեց հոգի էին:

Ընտանիքի կառուցուածքը նահապետական կարգի էր: Իւրաքանչիւր ընտանիքի գլուխը պապն էր, այսինքն՝ ամենատարեցը: Ան նկատուած էր որպէս իր փոքրիկ թագաւորութեան իշխանը, կը հսկէր որ վէճեր չըլլային ընտանիքին մէջ, գործերը կը բաժնէր տղամարդոց ու կիներուն, կը մատակարարէր ընտանեկան տնտեսու թիւնը, իւրաքանչիւրին յատկացնելով իր բաժին ցորենը, կարագը, ոսպը, սիսեռը եւ ձմրան համար մորթուելիք կենդանիները: Մէկ առ մէկ եւ յանուանէ կը ճանչնար կովերը, եզները, գոմէշները եւ մինչեւ իսկ ոչխարներն ու այծերը: Միմիայն ինքը կը գանձէր վաճառքի գումարները: Իր առաջին պարտականութիւններէն մէկն էր հսկել որ ընտանիքին մէջ միշտ վառ մնար Աստուծոյ հանդէպ սէրն ու երկիւղը եւ հաւատարմօրէն կատարուէին աւանդական աղօթքներն ու բարեպաշտական հրահանգները: Պապի իրաւասութիւնն էր նաեւ ամուսնացող երիտասարդին կամ պարմանուհիին աւետել պսակադրութեան օրը, մաղթելով անոնց բազմաթիւ զաւակներ: Քեհեայեան ընտանիքի Պապին հետ զրուցելու ատեն զարման քըս յայտնեցի թէ ինչպէս կրնային ապրուստ հայթայթել այդքան բազմանդամ ընտանիքի համար եւ ինչպէս կրնային իրարու հետ սուրբ համերաշխութեամբ ապրիլ այդքան բազմաթիւ երիտասարդ կիներ: Ահա անոր վեհ ու անմոռանալի պատասխանը. «Հայր Սուրբ, մենք շատ դրամ չունինք եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք Տիրոջ, որ կ՚օրհնէ մեր ձեռքերուն գործը: Ցորենի մեր շտեմարանները միշտ լեցուն են: Մեր հարստութիւնը մեր զաւակներն են: Որքան աւելի զաւակ ունենանք, այնքան աւելի հարուստ ենք: Եւ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ, որ մեր կիները կը պարծենան իրենց զաւակներու թիւով եւ կը մրցին մէկը միւսէն աւելի ունենալու համար: Իսկ երիտասարդ կիներու միջեւ հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը ապահովելը, ինչպէս նաեւ նախանձն ու կանացի ա՛յլ տկարութիւնները ուղղելը գործն է Մամին, որ օր ու գիշեր կ՚ապրի ու կ՚աշխատի անոնց հետ եւ անոնց մօտէն կը հսկէ»: Տէր Մինասը շատ բարեպաշտ քահանայ մըն էր: Գրեթէ ճգնա ւորական կեանքով կ՚ապրէր եւ երկար ժամեր կ՚անցընէր Խորանին դիմաց աղօթելով:

Ճերասոն մնացի մինչեւ Օգոստոս 18ը: Մեկնումիս օրը մեծ ա նակնկալ մը ունեցայ: Ժողովուրդը եկաւ ինծի երթաս բարով ըսելու, բայց անոնցմէ ոչ մէկը ուզած էր դատարկ ձեռքով հրաժեշտի գալ: Որպէս նուէր ստացայ հարիւրի չափ հաւ, քանի մը տասնեակ սագ ու բադ, հորթեր, հաւկիթ, ցորենի ու բրինձի պարկեր, կարագ եւ ուրիշ ուտեստեղէն: Տէր Մինասը, զգալով որ պիտի մերժեմ, իսկոյն ըսաւ. «Հայր Սուրբ, պէտք է ընդունիք այս համեստ ընծան, որ ձեզի կը նուիրէ իմ ժողովուրդս: Եթէ մերժէք, կը նշանակէ որ գոհ չէք մեզմէ եւ մեզ չէք սիրեր»: Համաձայնեցայ եւ ընդունեցայ նուէրը, եւ այդ կերպով բաւականաչափ նուէրներ ունեցայ աղքատ աշակերտներուս ընտանիքներուն համար:

Ճերասոնի մէջ այսօր կը բնակին չերքէզները, որ Ռուսաստանէն գաղթեր են 1918 թուականին: Տէր Մինասը սպաննուեցաւ 1915ին, գիւղի եկեղեցւոյ դիմաց, զինաթափուած գիւղացիներու ներկայութեան: Իր համագիւղացիները տեղահանուեցան եւ քշուելով Կարինի բարձրաւանդակ՝ սովամահ մարտիրոսացան Եփրատի ափին:

 

Նոր յոյսեր

1907-1908 ուսումնական տարին բացուեցաւ յուսադրիչ դէպքերով: Առաքելական աշակերտներուս ծնողները եկան ինծի բարի վերադարձ ըսելու եւ այդ նրբանկատ արարքը ակնյայտ նշանն էր որ գոհ էին իմ դպրոցէս: Այցելութեան եկան նաեւ կաթողիկէ աշակերտներուս ծնողները, որոնք թէեւ պաղ վերաբերմունք ունէին ինծի հանդէպ, այնու հանդերձ վստահեցուցին որ այդ տարի նոյնպէս իրենց զաւակները իմ դպրոցս պիտի ղրկէին:

Իրական բախտաւորութիւն եղաւ ինծի համար այն իրողութիւ նը, որ մեր վանքի քանի մը սենեակները վարձած անձը յանձնեց տարածքները, որովհետեւ աշխատանքի բերումով տեղափոխուեցաւ Տրապիզոն: Ուրիշ շատեր կ՚ուզէին վարձակալել մեր շէնքի այդ մասը, բայց ես բոլորին ալ մերժեցի, քանի որ ինծի համար ակընյայտ էր որ այդպիսով Նախախնամութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէր ինծի աւելի ընդարձակելու մեր դպրոցը:

Արձանագրութիւնները սկսանք Սեպտեմբեր 1ին: Ամենաառաջինը ներկայացան Հայ Կաթողիկէ Համայնքի աղքատ աշակերտները, որոնք անվճար կ՚ուսանէին քովս: Կարինի Վալին ղրկեց իր երեք զաւակները, իսկ հրամանատար Աւնի Փաշան ինծի վստահեցաւ իր միակ զաւակը, ջերմօրէն յանձնարարելով որ չթոյլատրէի անոր շփուիլ իր միւս թուրք ազգակիցներուն հետ:

Յաղթական օրեր էին ինծի համար: Ուժասպառ աշխատանքը, որուն ենթակայ էի, ցնծութիւն կը պատճառէր հոգւոյս: Մեծ ուրախութեամբ նկատեցի որ եղած սեղանները բաւական չէին եւ ուրիշ տասներկու սեղան ալ ապսպրեցի, իւրաքանչիւրը չորս տեղանոց: Քուրուճիւքի քերմանը զիս չէր մոռցած: Օր մը յանկարծ քո վըս յայտնուեցաւ, ինքը ձիու վրայ հեծած, իսկ ետեւէն երեք եզներ՝ Աստուծոյ բոլոր բարիքներով ծանրաբեռնուած. կարագ, պանիր, ապուխտ, հաւեր, բրինձ, մեղր, եւ այլն, եւ այլն: Եկած էր ինծի յանձնելու իր չորս զաւակները: Երբեք չզղջացի այդ չորս փոքրիկ քիւրտերը ընդունած ըլլալուս համար: Իրենց հայազգի մօր կողմէ քրիստոնէաբար դաստիարակուած, փոքրիկ հրեշտակներու կը նմանէին եւ զիս ալ իրենց հօր նման անկեղծ սիրով կը սիրէին ու կը յարգէին: Յիշարժան է առաջին օրը. քանի որ իրենց ազգային, քիչ մը ծիծաղելի զգեստները հագուեր էին, թուրք դասընկերները սկսան ծաղրել զիրենք եւ շապիկներու թեզանիքներէն քաշքշել: Ծաղրածու թիւնը երկար չտեւեց, որովհետեւ քրտական բռունցքներն ու աքացի ները հարցին արմատական լուծում տուին: Երկու տղաք ունեցայ Նորշէնէն եւ ուրիշ երկու հոգի ալ Արծեթիէն: Այսպիսով, ունեցայ ութ գիշերօթիկ աշակերտ, չորսը հայ կա թողիկէ, իսկ չորսը՝ քիւրտ: Ֆրանսերէնի երեկոյեան դասապահերու աշակերտներուս թիւն ալ աւելցաւ, հասնելով հարիւր քսանի, որոնց վաթսուն առ հարիւրը թուրքեր էին: Այդ տարիներուն կարծեմ երկու հազարէ աւելի թուրք աշակերտ ունեցայ, բայց անոնցմէ միայն երեքը որոնք կը պարծենային իմ դպրոցս յաճախած ըլլալնուն համար, իսկապէս կրցան օգտուիլ իրենց ընձեռուած հնարաւորութենէն:

 

Իմ գործակիցներս

Հինգ դասարաններու բաժնեցինք մեր վարժարանի երկու հարիւր յիսուն աշակերտները: Իմ գործակիցներս էին Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան Հայրերէն Հ. Յակոբ Քօսեանը, Կոստանդնուպոլսոյ Սէն Լուի կղերանոցի սաներէն Տ. Պօղոս Չոդոյեանը, պարոնայք Հոճա Նուսրետինը, Օննիկ Էֆթեանը եւ Տիրան Լուսարարեանը Հ. Յակոբ Քօսեանը կը դասաւանդէր հայոց լեզու, ըլլայ աշխարհաբար՝ թէ գրաբար: Միշտ եղաւ իմ ամենահաւատարիմ գործա կիցս, մեր կրթական գործին սրտանց նուիրուած:

Տ. Պօղոս Չոդոյեանը կը դասաւանդէր ֆրանսերէն բոլոր դասարաններուն:

Հոճա Նուսրետինը թրքերէն կը դասաւանդէր չորրորդ եւ հինգերորդ դասարաններուն: Աշխատանքի կու գար միշտ կէս ժամ ուշացումով, բայց յանցանքը բնականաբար իրը չէր, այլ ժամացոյցին, որ շարունակ ետ կը մնար: Օննիկ Էֆթեանը թրքերէն կը դասաւանդէր ցած դասարաններուն: Իրականին թրքերէն աւելի լաւ գիտէր՝ քան Հոճա Նուսրետի նը, բայց հասկնալի է որ իրեն չէինք կրնար տալ առաջնութիւնը: Տիրան Լուսարարեանը առաջին դասարանցիներու ուսուցիչն էր: Թէեւ ուսուցիչներուն մէջ տարիքով ամենաերիտասարդն էր, տաղանդաւոր մանկավարժ մըն էր եւ ես շատ բան սորվեցայ իր դասերը մտիկ ընելով:

 

Յոյն Համայնքի մերձեցումը

Վարժարանի բացումով անմիջական շփումի մէջ մտայ Յոյն Օրթոտոքս Համայնքին հետ, որ մեծապէս գնահատեց այն իրողութիւնը որ իմ վարժարանէս ներս ուսանելու ընդունեցայ նաեւ իրենց զաւակները: Սուրբ Ծննդեան կապակցութեամբ կազմակերպուած հանդէսի մէջ իրենց մասը ունեցան նաեւ յոյն աշակերտները եւ անոնցմէ երկուքը բանաստեղծութիւններ արտասանեցին յունարէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Ծնողները եւ Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ ժողովըրդապետը ատոր համար շնորհակալութիւն յայտնեցին ինծի եւ զիս հրաւիրեցին մասնակցելու իրենց Սուրբ Ծննդեան տօնին, որ յուլեան օրացոյցին համաձայն կ՚իյնար մերինէն տասնչորս օր յետոյ: Տեղի ունեցան մարմնամարզական հանդէսներ, բանաստեղծութիւններու արտասանութիւն եւ կրօնական ու հայրենասիրական երգերու կատարում: Ուսուցիչներէն մէկը խօսք առաւ եւ, ինծի գոհունակութիւն պատճառելու ակնյայտ դիտաւորութեամբ, յիշեց վերջերս կայացած սլաւոնակաթողիկէ համագումարը, որ գումարուեցաւ մորավական Վելեհրադ քաղաքին մէջ 1907 թուականի Յուլիս 25էն 27ը: Ճառախօսը, ընդգծելէ ետք այդ համագումարին կարեւորութիւնը քրիստոնեայ Եկեղեցիներու այդքա՜ն փափաքելի վերամիաւորումին համար, մաղթեց որ Օրթոտոքս Եկեղեցին գումարէր նմանատիպ համագումար մը, հրաւիրելով նաեւ Կաթողիկէ կղերականներ, ուր կրնային գտնել միութեան հասնելու գործնական ուղիներ: Ապա խոր ցաւ յայտնեց, որ Օրթոտոքս Նուիրապետութիւնը անտարբեր գտնուած էր եւ Վելեհրադ չէր ուղարկած իր աստուածաբաններէն ոմանք, որովհետեւ, ըսաւ, յոյն աստուածաբանի մը ներկայութիւնը բաւականին օգտակար պիտի ըլլար հոն, քանի որ, թէեւ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին առաջինն է աշխարհագրական տարածումի եւ թերեւս նաեւ գործունէութեան առումով, այսու հանդերձ պէտք է ընդունի որ իր մշակոյթի մեծ մասին համար պարտական է Յոյն Եկեղեցւոյ զաւակներուն:

Ընելիք չկայ: Յոյները չեն կրնար խօսիլ կրօնական հարցերու մասին առանց հրապարակ հանելու Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած իրենց ոխակալ զգացումները:

Զիս ալ հրաւիրեցին խօսք մը ըսելու: Նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեցի այն պատիւին համար, որ ըրած էին ինծի՝ զիս նոյնպէս հրաւիրելով այդ գրեթէ ընտանեկան հանդիսութեան, ժողովուրդի մը՝ զոր անկեղծ զգացումներով սիրած էի մանկութենէս ի վեր եւ մեծ գոհունակութեամբ սորված էի անոր լեզուն, պատմու թիւնն ու գրականութիւնը: Ապա, կրկին անգամ հաստատելու համար այն մեծարանքը որ կաթողիկէները կը տածեն Բիւզանդական Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերուն հանդէպ, շնորհակալութիւն յայտնեցի Տիրոջ որ ներշնչած է Հռոմի Քահանայապետները եւ Եկեղեցւոյ Հայրապետները գնահատելու յունական աւանդութեան պատկանող Սուրբ Հայրերուն արտասովոր տաղանդը եւ անոնց ուսուցումները տարածելու կաթողիկէ աշխարհին մէջ, բոլոր քրիստոնեաներուն հոգեւոր բարիքին համար: Յիշեցի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած Սբ. Յովհան Ոսկեբերանի տասնհինգերորդ դարադարձի տօնախմբութիւնները, այդ մեծ լուսատուն Անտիոքեան Եկեղեցւոյ, որուն կանոնական գետնի վրայ ենթակայ էր Կարինի յունական թեմը: Ի վերջոյ մաղթեցի, որ շուտով ծագի այն օրը՝ երբ քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդները յոյները, հայերը, իտալացիները, ֆրանսացիները եւ միւս բոլորը հաւաքուած Կոստանդնուպոլսոյ Սրբուհի Սոֆիա տաճարին մէջ, ցնծան հաւատքի մէջ վերստին հաստատուած միութեան համար եւ ձեռքերնին դէպի երկինք բարձրացուցած Աստուած փառաբանեն:

Խօսքերս ցնծութեամբ ընդունուեցան եւ Տէր Խարալամպոս քահանան, ուրախութենէն ինքն իրմէ դուրս ելած, կը պոռար. «Ծիթո ի էնոզիս», այսինքն՝ «Կեցցէ միութիւնը»:

 

Յեղափոխական խմորումներ Կարինի մէջ

Կարինի մէջ սկսած էր զգացուիլ յեղափոխութեան շունչը: Ժողովրդական խաւը կը միանար կուսակցութեան մը, ընդդէմ կառավարութեան եւ կը պահանջէր սահմանադրութեան գործադրութիւնը: Հայրենիքի գաղափարը, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը կ՚ամրապնդուէր թուրքերու մէջ, նաեւ անգրագէտներու քով: Նոր խմորումներ կը նշմարուէին: Մահմետական պատկանելիութեան տեղը կը գրաւէր թրքական ազգային պատկանելիութեան գաղափարը: Ֆրանսերէնի երեկոյեան դասապահերուս յաճախող հրամանատար մը օր մը ըսաւ, որ թուրք ազգին ընդդիմութիւնը քաղաքակրթութեան եւ զարգացումին՝ հետեւանքն էր մահմետականութեան: Կ՚ըսէր, «Եթէ քրիստոնէական դաւանանքներէն մէկու մը համաձայն կաթողիկէ, օր թոտոքս կամ բողոքական դաստիարակուած ըլլայինք, այսօր մենք ալ կրնայինք դասուիլ քաղաքակիրթ ազգերու շարքին»:

«Հրամանատար», հարցուցի, «ինչո՞ւ քրիստոնեայ չէք ըլլար»:

«Եթէ քրիստոնեայ ըլլամ», պատասխանեց, «զիս կտոր կտոր կ՚ընեն, եւ ամենայն հաւանականութեամբ՝ նոյնը կ՚ընեն նաեւ ընտա նիքիս բոլոր անդամներուն»: Փետրուար եւ Մարտ ցուրտ ամիսներուն Կարին հասան թըր քական բանակի ուսեալ բարձր պաշտօնեաներ, որոնք արտաքսուեր էին Մակեդոնիայի քաղաքներէն: Աւելի լաւ յունարէն կը խօսէին՝ քան թուրքերէն, եւ կային ոմանք ալ որ միայն յունարէն կը խօսէին: Նորեկները շատ չանցած ամբողջ նահանգին մէջ տարածեցին իրենց յեղափոխական գաղափարները: Մարտի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ առաջին ապստամբութիւնը, որուն զոհ գնաց քաղաքին ոստիկանապետը: Անոր ձախ ոտքէն պարան անցուցին եւ քաշեցին մինչեւ Ղէուլ Պաշի թաղը: Խեղճը կէս ճամբուն մեռաւ, իսկ դիակը նետեցին հրապարակի փոսին մէջ, ուր կը հաւաքուէին քաղաքին կեղտաջուրերը:

Նոյն ճակատագիրը կը սպառնար նաեւ Վալիին, բայց անոր բախտը անով բերաւ որ իր հաւատարիմ սպասաւորը, որ ազգութեամբ հայ էր, ժամանակին լուր տուաւ անոր եւ Վալին իր ամբողջ ընտանիքով կրցաւ քաղաքէն փախչիլ:

Հայերը չմասնակցեցան ապստամբութեան: Շատ լաւ գիտէին, որ բնականոն վիճակը վերահաստատուելուն պէս, երբ ոստիկանութիւնը պիտի սկսէր փնտռել յանցաւորները, թուրքերը ամէն բան պիտի ընէին՝ ժողովրդական ապստամբութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը հայերու գլխուն բարդելու համար:

Մինչդեռ, օտարները, անարգանքներու ու անկիրթ վերաբերմունքի ենթարկուեցան: Ամբոխը փողոցի մը վրայ կեցուցեր էր անգլիացի հիւպատոսը եւ պոռացեր էր. «Դուն, օտարազգի, արժանի չես մեր երկրին օդը շնչելու: Երկիրը մեզի՝ թուրքերուս կը պատկանի: Միայն մենք՝ թուրքերս իրաւունք ունինք ապրելու այս երկրին մէջ»: Ֆրանսացի հիւպատոսը, սարսափահար, կը վախնար տունէն դուրս ելլել, այլ միայն գիշերը հեռացաւ հիւպատոսարանէն եւ ապաստանեցաւ իր թարգմանիչին՝ Պրն. Տիգրան Սրապեանին մօտ:

Արձակուրդի օրեր Ալաշկերտի մէջ

Յուլիս ամիսը պիտի անցընէի դասաւանդելով, հանապազօրեայ հացս շահելու համար: Մտադիր էի նաեւ քիչ մը դրամ հաւաքել, քանի մը օրուան հանգիստի համար գիւղական տեղ մը երթալու նպատակով: Այս էին գործերս ու մտադրութիւններս, երբ աշակերտ ներուս մէկուն հայրը, որ Ալաշկերտի քահանան էր, զիս հրաւիրեց այցելելու իրենց: Ուրախութեամբ ընդունեցայ հրաւէրը:

Ալաշկերտի ընդարձակ հարթավայրը կը գտնուի Կարինէն դէպի հարաւարեւելք: Հէքեաթային աստիճանի բերրի է եւ իր ցորենը, որուն պահանջը նոյնիսկ Ռուսաստանի մէջ բարձր է, կ՚աճի ինքնաբերաբար:

Ճանապարհին հիւրընկալուեցայ եզտիներու գիւղի մը մէջ: Հասարակաց կարծիք մը կայ, որուն համաձայն՝ Բասէնի եւ Ալաշկերտի եզտիները հայկական ծագում ունին: Իրականին, այդ շրջաններու մէջ ապրող եզտիներու վայելչագեղ կազմուածքը, միւս քոչուոր ցեղերու համեմատ բարձրակարգ խելացիութիւնը եւ մաքուր բարոյականու թիւնը կարծես թէ կը փաստեն այդ կարծիքը: Սինգեարի եզտիները, որ սերունդներէ ի վեր կը բնակէին այդ կողմերը, մեծ մասամբ ջարդուեցան թուրքերու կողմէ 1938 թուականին: Եզտիները, երբ կը դադրին պատերազմները եւ կը տիրէ խաղաղութիւնը, գերագոյն աստիճանի ազնիւ մարդիկ են, խղճահարութեան չափ կը յարգեն ուրիշներու ստացուածքները, անհուն ազնուութիւն կը դրսեւորեն օտարներու նկատմամբ, իրարու նկատմամբ բարեացակամ են, հաւատարիմ են ամուսնական խոստումներուն եւ բոլորն ալ աշխատասէր անձեր են: Եզտիներու մանուկները շնորհալի են եւ բնաւ վայրենի չեն. իրենց մայրերուն ձեռքը բըռնած, զիս դիմաւորելու կը վազէին եւ ուրախ զուարթ աջս կը համբուրէին: Ես ալ իրենց պտղահամ շաքար կը բաժնէի: Այցելեցի բոլոր վրանները եւ օրհնեցի հիւանդներն ու նորածին մանուկները: Գիւղին աւագը զիս հրաւիրեց իր վրանին տակ նստելու, որ միւսներէն քիչ մը աւելի լայն էր: Ակնթարթի մը մէջ շրջապատուեցայ հետաքրքրասէրներու բազմութեամբ: Աղջիկները իրարու հետ կը վիճէին՝ արդեօք տղամարդ էի թէ կին: «Չե՞ս տեսներ», կ՚ըսէր մէկը, «մօրուք ունի: Տղամարդ է, կին չէ»: Ուրիշ մը կը հակաճառէր. «Բայց քրիստոնեայ երկիրներու մէջ տղա մարդիկ այսպէս չեն հագուիր: Տեսակ մը շալվարներ ունին, այնքան նեղ որ ցոյց տան իրենց տղամարդ ըլլալնին»: «Ո՛չ», կը յարէր երրորդ մը, «ֆրանկ տէրվիշները մեր շէյթաններուն նման են. ո՛չ տղա մարդ են, ո՛չ ալ կին»: Տասնհինգամեայ աղջնակ մը յառաջ եկաւ, աջս համբուրեց ու հարցուց. «Հայր տէրվիշ, կ՚ուզէ՞ք ձեզի համար մեր եզիտա երգերէն մէկը երգեմ»: «Այո՛, աղջիկս», պատասխանեցի, «երգէ՛: Ատիկա ինծի համար մեծապէս հաճելի կ՚ըլլայ»: Տասնեակ մը աղջիկներ մէջտեղ ե լան եւ երկնագոյն աչքերնին դէպի վեր բարձրացնելով, սկսան երգել.

Երկինքը մեծ է աւելի մեծ է քան երկիրը:

Բայց որքա՜ն փոքր է Աստուծոյ համար որ զայն ստեղծեր է:

 Եզիտի որդի,         իմ փոքրիկ Եզիտա  քու աչքերդ երկու աստղի նման են   կը գրկեն երկինքը:

Եաւրի Եզիտի, երկիրը քուկդ է:

Սիրտդ մի՛ կապեր թշուառ դաշտին ուր պանդուխտ ես:

Անիծեալ թուրքը          զքեզ կը քշէ հիւրասէր հայուն հողէն, ա՜հ, խեղճ Եզիտա: …

Կ՚ելլեմ սուրբ լերան գագաթը, հոն կը սպասեմ թշնամիին: Եա՛ Եաւրի Եզիտի, ես ալ կու գամ, կեանքս քեզի համար կու տամ եւ դուն ալ քու կեանքդ ինծի համար:

Երթանք, վերցուր այս հրացանը  եթէ թուրքը սպաննէ մեզ, յաւիտեան միասին կ՚ապրինք սուրբ լերան վրայ:

Յուլիս 17ի երեկոյեան հասայ Ալաշկերտ: Տէր Պետրոսը գացեր էր դաշտերը աշխատելու: Հոս ալ նոյն ընդունելութիւնը գտայ ինչպէս Ճերասոնի մէջ: Տէր Պետրոսը եօթանասուն տարեկանը անց վեհ ծերունի մըն էր, հայր եօթը տղաներու եւ երեք աղջիկներու, եւ արդէն ծոռեր ունէր: Զաւակներէն ամենափոքրը տասնհինգ տարեկան էր, իմ դպրոցս կը յաճախէր եւ սահմանուած էր փոխարինելու հայրը եւ դառնալու գիւղին քահանան: Միւս բոլոր զաւակներն ալ արդէն ամուսնացած էին եւ բազմաթիւ զաւակներու երջանիկ հայրեր էին: Երեք աղջիկներէն երկուքը ամուսնացած էին, իսկ երրորդը Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մաս կը կազմէր:

Տէր Պետրոսը բարեպաշտ եւ եռանդուն քահանայ մըն էր: Վեհ արտաքինով, կարծես Աբրահամ նահապետը ըլլար: Իր բազմանդամ ընտանիքը կը դաստիարակէր աստուածսիրութեան սկզբունքներով եւ իր ամենատարեց զաւակներն անգամ քայլ մը չէին առներ առանց իր արտօնութեան: Անթերի կը կատարէր նաեւ իր քահանայական պարտականութիւնները. կ՚այցելէր ընտանիքներուն ու հիւանդներուն կը կատարէր ծիսական արարողութիւնները, կը մատակարարէր խորհուրդները եւ կը քարոզէր:

Կը մօտենար Օգոստոս ամիսը եւ ես, եզտիներու եւ ալաշկերտցիներու հիւրասիրութենէն գոհ, կ՚ուզէի քիչ մըն ալ անդին երթալ, դէպի պարսկական սահմանը, հայկական ուրիշ գիւղեր ալ այցելելու մտքով: Բայց տարօրինակ ու իրարամերժ լուրեր կը հասնէին ականջիս քրիստոնեաներու ջարդերու, օսմանեան սահմանադրութեան եւ յեղափոխութիւններու մասին, այնպէս որ որոշեցի Օգոստոս 4ին վերադառնալ Կարին:

Առաւօտեան ժամը երեքին պատարագեցի Ալաշկերտի եկեղեցւոյ մէջ, ապա ճոխ նախաճաշ մը ըրինք, որմէ ետք ես եւ Տէր Պետրոսին տասնհինգամեայ զաւակը, որ իմ աշակերտս էր, ձի հեծանք եւ ճամբայ ելանք դէպի Կարին:

1915 թուականին Տէր Պետրոսը, իր ամբողջ ընտանիքը եւ Ալաշկերտի բնակչութիւնը մարտիրոսացան քրտական ջարդարար հրոսակներու ձեռքով, այն ապերախտ քիւրտերու որոնք շատ անգամ օգնութիւն ստացած էին այդ պատուարժան քահանայէն եւ կերած էին անոր սեղանին հացը:

 

ԳԼՈՒԽ Դ.

Օսմանեան Սահմանադրութեան հրապարակումը – Մահմետականներուն հակառակութիւնը քրիստոնեաներուն դէմ – Յեղափոխութիւնը եւ Հայ Եկեղեցին – Ջարդարարներու սարսափին տակ – Հայր Նորպերթոն եւ գերմանացի Հիւպատոսը – Դպրոցական յաջողութիւններ – Արձակուրդի օրեր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ – Սատանայական դաւադրութիւն – Թալան եւ բարբարոսութիւն

 

Օսմանեան Սահմանադրութեան հրապարակումը

Կարինը ցնծութեան մէջ էր: Երիտասարդները փողոցէ փողոց կը վազէին եւ չէին դադրեր գովերգելէ ազատութիւնը, հաւասարու թիւնը, եղբայրութիւնը: Երբեմն երբեմն քանի մը կեցցէներ ալ կը լսուէին ուղղուած Հայաստանին եւ դաշնակցականներուն: Մտահոգ էի: Ի՛նչ մտածելս չէի գիտեր եւ կը խորհէի թէ թուրքերը արդեօք ի՞նչ խաղ պիտի խաղան հայերուս գլխուն: Ասկէ այրածի հոտ կու գայ, կ՚ըսէի ես ինծի: Օգոստոս 4ին ամբողջ գիշերը չկրցայ աչք գոցել: Բաւականին կանուխ ոտքի ելայ, պատարագեցի եւ կտոր մը հաց բերանս նետե լով, լուրեր ստանալու անհամբեր, ուղղուեցայ դէպի Պրն. Տիգրան Սրապեանին տունը: Տեղեկացայ որ սուլթանը տեղիք տուած էր Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ճնշումներուն եւ 1908 թուականի Յուլիս 24ին վաւերացուցած եւ հրապարակած էր Սահմանադրութիւնը, երդումով համաձայնելով դառնալ սահմանա դրական միապետ:

Մահմետական իմամները, սակայն, թուրքերու մէջ տարօրինակ լուրեր կը տարածէին: Կ՚ըսէին որ իբրեւ թէ քրիստոնէութիւնը հռչակուեր էր պետական կրօն, Ղուրանը արգիլուեր էր եւ մահմետա կանները պարտաւոր էին քրիստոնէութեան անցնիլ: Կ՚ըսէին նաեւ որ իբրեւ թէ քրիստոնեաները արտօնութիւն ստացած էին վըրէժխնդիր ըլլալու ջարդարարներէն, ուստի շատ մը թուրքեր չէին համարձակիր դուրս ելլել իրենց տուներէն:

Կարինի մէջ խռովայոյզ անորոշութեան մէջ ապրեցանք մինչեւ 29ը Օգոստոս: Նամակատարը անկանոն կ՚աշխատէր, հեռագրերը կուսակալութեան կողմէ գրաքննութեան կ՚ենթարկուէին, իսկ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները կը ջանային մերժել լուրերը որ ճամբորդները կը բերէին Կոստանդնուպոլսէն: Կարինի եւ շրջակայ բնակավայրերուն մէջ Սահմանադրութեան հրապարակումը տօնակատարուեցաւ Օգոստոս 30ին: Առաւօտեան, Առաքելական Եպիսկոպոս Տէր Սմբատ Սահադեթեանը հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը կատարեց գերեզմանատան մէջ, 1895 թուականի ջարդերուն զոհ գացածներու հոգւոյն հանգստեան համար: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ բազմաթիւ թուրքեր, որոնք մոմեր վառեցին զոհերու գերեզմաններուն վրայ:

Դժբախտաբար, այդ Սահմանադրութենէն ծնունդ առին Թուրքիոյ մէջ աւելի ուշ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւնները, որոնք յանգեցուցին Հայ Ժողովուրդի պատմութեան ամենաողբերգական դէպքերուն:

 

Մահմետականներուն հակառակութիւնը քրիստոնեաներուն դէմ

Կարինի մէջ կարծես թէ իրական անկեղծ մերձեցում կը նկատուէր քրիստոնեաներու եւ թուրքերու միջեւ: Հայերը կրնային ազատօրէն աշխատիլ եւ խաղաղութեամբ վայելել սեփական աշխատանքի արդիւնքը: Բայց գաւառներէն լաւ լուրեր չէին հասներ: Քիւրտերը կը շարունակէին թալանել գիւղերը եւ իշխանութիւնները չէին միջամտեր յանցաւորները պատժելու համար: Գիւղերու ուլեմաները կը չարախօսէին ոգեւորուած հայերուն դէմ, իբր պահանջատէրեր կը պահանջէին ունենալու իրենց սեփական տարածքները, անկախ Հայաստան մը: Եւրոպական լրագիրները լաւատես էին, բայց յանկարծ, ամբողջովին անակնկալ կերպով, տեղեկացանք որ Պուլկարիան անկախութիւն հռչակած էր 1908 թուականի Հոկտեմբեր 5ին, իսկ Աւստրիան վերջնականօրէն իրեն միացուցած էր Պոզնիան եւ Հերցոկովինան: Պուլկարիան եւ Աւստրիան, այսու հանդերձ, կը շարունա կէին ըլլալ ազատ Թուրքիոյ լաւ հարեւանները:

Այս լուրերը ինծի հաղորդելով, թուրքերը ուղիղ աչքերուս մէջ կը նայէին, կարծես թէ հարցնելով. «Աս ի՞նչ կ՚ընէք դուք՝ եւրոպացիներդ»: Մէկն ալ ուղղակի ըսաւ. «Հայր, շաբաթէ մըն ալ պիտի լսենք որ Իտալիան իրեն միացուցեր է Ալպանիան»:

Մահմետականներուն հակառակութիւնը քրիստոնեաներուն դէմ հետզհետէ աւելի կը խորանար, մինչեւ իսկ Կովկասի գաւառներու մէջ: Մահմետականներուն համար անըմբռնելի էր՝ թէ Խալիֆը ինչպէ՛ս կրցեր էր հաւասար աստիճանի վրայ դնել անհաւատ քրիստոնեաներն ու հաւատացեալ մահմետականները: Ռուսաստանը անշուշտ չէր ձգեր որ մահմետականները ջարդէին քրիստոնեաները, բայց Համիտի լրտեսներն ու գործակատարները կը քարոզէին սուրբ պատերազմ, հա մաիսլամական շարժում եւ հալածանք քրիստոնեաներու դէմ:

Նոյեմբերին թուրքերը Կարինէն հեռացուցին քրիստոնեաներուն նահանգապետը, ըսելով որ այլեւս ոչ մէկ տարբերութիւն կար թուրքերու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, ուստի անիմաստ էր երկու նահանգապետ ունենալ միեւնոյն քաղաքին մէջ: Նոր Վալին, Թէվֆիկ Փաշան, իսկապէս ազնուաբարոյ անձնաւորութիւն մըն էր, քրիստոնեաներու անկեղծ բարեկամ: Մեծապէս կը յարգէր հայերը եւ իր հաւատարիմ հայազգի սպասաւորին վստահած էր իր տան ամբողջ մատակարարումը: Ան ծանօթ էր Վանի դոմենիկեան վարդապետներուն, այդ պատճառով ալ անպայման ուզեց ծանօթանալ ինծի հետ եւ ինծի վստահեցաւ իր երկու զաւակներուն՝ Էրթողրուլի եւ Ֆիքրէթի կրթութեան ու դաստիարակութեան հարցը: Այս ազնուական պարոնին պարտական եմ կեանքս, երբ 1923 թուականին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, զիս ազատեց կախաղանի դատապարտութենէն: Սկիզբը Երիտասարդ Թուրքերու կուսակցութիւնը թշնամական կեցուածք որդեգրած էր սուլթանի եւ մահմետական իմամներու հան դէպ: Բայց ասկէ ծնունդ առաւ ժողովրդական ընդդիմութիւնը, որ սուլթանին անձին մէջ չէր տեսներ միայն ազգային առաջնորդ մը, այլ մանաւանդ՝ հոգեւոր առաջնորդը աւելի քան երեք հարիւր միլիոն մահմետականներու: Կուսակցութեան ղեկավարները նախ զիջումներ ըրին համամահմետական սկզբունքներուն, բայց ի վերջոյ նկատեցին որ համամահմետական գաղափարախօսութիւնը իրական հզօր ոյժ մը կրնար դառնալ, ուստի, անոր եռանդուն ջատագովները դարձան: Վերադարձը դէպի համամահմետական գաղափարախօսութիւն, կը նշանակէր վերադարձ համիտական քաղաքականութեան քրիստոնեաներու եւ օտարներու հանդէպ, ինչ որ ծնունդ տուաւ ազգային ապստամբութիւններուն. նախ մակեդոնացիները, ապա ալպանացիները, յետոյ մինչեւ իսկ արաբ բնակչութիւն ունեցող նահանգները, այսինքն՝ Սուրիան, Արաբիան եւ Միջագետքը:

Յեղափոխութիւնը եւ Հայ Եկեղեցին

Իսկ մեր Հայաստա՞նը:

Մեր վիճակը անշուշտ աւելի բարեյաջող չեղաւ քան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող քրիստոնեայ միւս ազգերունը: Հայաստանի գլխաւոր կուսակցութիւնը հանդիսացող Դաշնակցութիւնը համագործակցեր էր Երիտասարդ Թուրքերու կուսակցութեան հետ, որպէս անկեղծ՝ բայց միամիտ նպատակ ունենալով Թուրքիան արդի մեծ եւ հզօր տէրութիւն մը դարձնել: Երիտասարդ Թուրքերը, ընդհակառակն, գործի լծուեր էին բնաջնջելու համար Հայ Ժողովուրդը: Անոնք դաշնակցականներէն կրցան գաղտնի պահել իրենց նենգ ծրագիրները եւ իրենց պատկանելիութիւնը ամենասեւ մասսոնականութեան: Սահմանադրութեան հրապարակումէն մէկ տարի անց տեղի ունեցան Կիլիկիոյ ջարդերը: Ատով հանդերձ, երբ Ազատական Միութիւն կուսակցութիւնը ձուլուեցաւ Երիտասարդ Թուրքերու կուսակցութեան հետ, հայերը անգամ մը եւս վստահեցան թուրքերու խոստումներուն եւ կրկին համագործակցեցան անոնց հետ, նախկին միեւնոյն եռանդով, ջանալով մոռացութեան մատնել ազգին կրած ծանրածանր վնասները:

Կղերականները, մտաւորականներուն հետ համաձայնած, խաղաղութիւն եւ հնազանդութիւն կը քարոզէին թուրք կառավարութեան հանդէպ, բայց Մակեդոնիայի եւ Ալպանիայի ջարդերը անվըստահութիւն եւ վախ կը սփռէին: Ինչպէս նաեւ, Ատանայի ջարդերէն յետոյ կոտորածները համակարգուած եղանակով կը տարածուէին հայաբնակ միւս գաւառներուն մէջ: Պատրիարքները ամէն բան կ՚ընէին հոգիները խաղաղեցնելու համար, բայց դէպքերը չափազանց յստակ կը խօսէին եւ անհնարին էր չանհանգստանալ՝ թէ ի՛նչ կըրնար պատահիլ եթէ թուրքերը ազատէին եւրոպական հսկողութենէն:

Կարծես թէ բաւական չէին արտաքին հալածանքները, քրիստո նէութիւնը Անատոլուի մէջ ենթարկուեցաւ նաեւ ներքին հալածանքներու, իրենց իսկ ազգակիցներուն կողմէ: Կոստանդնուպոլսոյ Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարք Յովակիմ Երրորդը եւ Հայ Առաքելական Պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանը իրենց իսկ ժողովուրդին հարկադրանքով ստիպուեցան հրաժարական տալ: Ապստամբութեան ոգին թափանցեց նաեւ հայ կաթողիկէներու հոգիներէն ներս, խաւարեցնելով կրօնական զգացումները, որոնցմով միայն կրցած էին դիմագրաւել անցեալի հալածանքներն ու կոտորածները: Օսմանեան Սահմանադրութեան հրապարակումը կարծեմ ուրիշ ոչ մէկ տեղ այդքան աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ՝ որքան Կարինի մէջ: Թուրքերը կը բորբոքէին քրիստոնեաներուն դէմ ատելութիւնը: Հայ Յեղափոխականները կը կործանէին ազգին բարոյականութիւնը եւ կրօնական զգացումները: Մինչեւ իսկ զինեալներ յարձակեցան եպիսկոպոսարանին վրայ եւ դուրս նետեցին Տ. Սմբատ Սահադեթեան Սրբազան Հայրը: Նոյնպէս գրաւեցին հայկական բոլոր դպրոցները, ուր սկսան քարոզել իրենց անաստուած, անհաւատ ու անբարոյ գաղափարները: Կարինի առաքելական եկեղեցին գոցեցին եւ վերածեցին ուսանողութեան հաւաքավայրի, ուր կը ցուցադրէին պարեր եւ թատերական ներկայացումներ, որոնց մեծամասնութիւնը գռեհիկ լկտիութիւններ էին: Եւ երեւակայեցէք, որ բեմահարթակը պատրաստեր էին … Աւագ Խորանին վրայ:

 

Ջարդարարներու սարսափին տակ

Այդ տարուան Յուլիսին շինարարական փոքրիկ նորոգութիւններ ըրինք դպրոցին մէջ: Կը շտապէի աւարտել ատոնք, քանի որ քիչ մը հանգիստ կ՚ուզէի ընել Ռապատի մէջ: Հոն գացի Օգոստոս 3ին եւ վերադարձայ 16ին: Յաջորդ օրը քիչ մը զբօսնելու ելայ քաղաք, տեսնելու համար թէ ինչ նորութիւններ կային: Նկատեցի որ թուրքերը կը խուսափէին ինծմէ եւ զիս տեսակ մը դաժան հայեացքով կը դիտէին: Ակնյայտ էր որ դաւ մը կը նիւթէին քրիստոնեաներուն դէմ: Օգոստոս 18ին, վաղ առաւօտեան, արտասովոր շարժում մը կը նկատուէր քաղաքին մէջ, իսկ կուսակալութեան շէնքէն, քրիստոնեա ներու թաղամասին ուղղութեամբ, այս պոռչտուքը կը լսուէր. «Մենք ազատութիւն չենք ուզեր: Մենք Սահմանադրութիւն չենք ուզեր: Կ՚ուզենք մեր պաշտելի սուլթան Համիտը: Կ՚ուզենք մահմետական մնալ: Կեցցէ շարիաթը: Կործանեցէք խաչը: Կործանեցէք զանգակատուներն ու զանգերը: Մահ քրիստոնեաներուն»: Այս դիւահար աղաղակները լսելի էին ամբողջ օրուան ընթացքին եւ միայն ժամը 22ին ատենները դադրեցան: Մեր վանքը ժողովուրդով լեցուեցաւ: Մօտ երեսուն երիտասարդներ կային, որ բանակի մէջ ծառայած ըլլալով՝ գիտէին հրացան գործածել: Մեր վանքին հիանալի դիրքը կարծես յատուկ կերպով ընտրուած ըլլար հոն պաշտպանական ջոկատ տեղակայելու համար: Ժողով մը գումարեցինք խուցիս մէջ, Եղբայր Անճելոյի նախագահութեամբ: Երիտասարդները, կատակելով, անոր կ՚ըսէին որ սիկիլիացիները ամբողջ աշխարհով յայտնի էին զէնքերու հմուտ գործածութեան մէջ, ուստի, քանի որ հարցը թուրքերը սպաննելու մասին էր, ան, որպէս հարազատ սիկիլիացի, ամենայարմար անձն էր հրամանատարի պաշտօնը ստանձնելու համար: Եւ բարի վանականը, իր լիասիրտ գոհունակութիւնը արտայայտելով, զգաստ ոտքի կեցած, մատներով պեխերը կը շտկէր եւ ոգեւորուած կը գոչէր. «Մահմետի զաւակներ, վա՜յ ձեզի եթէ քրիստոնեաներուն մատով ան գամ դպչիք: Ես ձեզի ցոյց կու տամ թէ ովքեր են սիկիլիացիները»:

Բաժնեցինք մեր փոքրիկ բանակին դիրքերը. չորս հրացաններով զինուած տասը այր եկեղեցւոյ բարձրադիր պատուհանին ետեւը, ուրկէ նշանառութեան տակ կրնային պահել ոստիկանութեան պահակակէտը. ութը՝ եկեղեցւոյ բակը, ուրկէ կրնային հսկել Մուսալլա եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ (Սոքակ Քաթոլիկ Քիլիսէ) թաղերը. հինգը՝ վանքին պարտէզը, որ կը հայէր դէպի Քաւակ թաղը: Եղբայր Անճելոն, ատրճանակը ձեռքին, կեցած էր վանքի դրան: Փողոցի ցոյցերը տեւեցին երեք օր: Խառնիճաղանճ ամբոխը կը հաւաքուէր կուսակալութեան շէնքին դիմաց եւ իմամի մը առաջնորդութեամբ, որ հարիւրի չափ զինուած թիկնապահներ ունէր, կ՚ուղղուէր դէպի քրիստոնեաներուն թաղը, ջարդերու սպառնալիքներ պոռալով: Ցուցարարները տղամարդիկ, կիներ, պատանիներ տասը հազարէն աւելի էին եւ զինուած էին հրացաններով, ատրճանակներով, տապարներով, դաշոյններով ու գաւազաններով: Շարժումը կը սկսէր առաւօտեան ժամը 6ին եւ կ՚աւարտէր երեկոյեան ժամը 22ին: Գիշերը հրացանազարկեր կը լսուէին, բայց փողոցները դատարկ էին: Ուստի մեր հիւրերը կրնային ազատօրէն երթալ իրենց տուները, կերակուր եւ անհրաժեշտ բաները վերցնելու համար: Այդ օրերուն վանքին մէջ հիւրընկալուած անձերուն թիւը հինգ հարիւրի չափ էր, տղամարդիկ, կիներ եւ մանուկները միասին:

Թուրքերը, տեսնելով որ պոռալ կանչելով բան մը չեն ստանար, քաշուեցան իրենց տուները: Վալին հայերուն հրամայեց բանալ խանութները, իսկ զինուորական հրամանատարը թուրքերուն ըսաւ որ հայերը պատրաստ էին ինքնապաշտպանութեան: Մուֆթին էր միայն, որ իր մահմետականները մխիթարելու համար, խոստացաւ շուտով ներկայացնել կոտորածներու ծրագիր մը, որ իրեն հաւասարը չէր ունեցած անցեալին եւ պիտի չունենար նաեւ ապագային, քանի որ երկրի երեսէն բնաջինջ պիտի ըլլար մինչեւ վերջին հայը:

Գացի այցելելու ֆրանսացի հիւպատոս Ալֆրետ Փերալդիին: Ան յայտնեց որ լրագիրները կը խօսէին Ատանայի մէջ պատահած զարհուրելի դէպքերու մասին, ուր Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան հրամանով թուրքերը կոտորեր էին աւելի քան վաթսուն հազար հայ: Հրամանը տրուեր էր կոտորելու ամբողջ Թուրքիոյ հայութիւնը, բայց Կարինի կուսակալը թաքցուցեր էր հեռագիրը: Իսկ երբ կատղած ամբոխը գրաւեր էր նամակատունը եւ ուղղակիօրէն ստացեր էր կոտորածի հրամանը, զինուորական հրամանատարը արգիլեր էր հրամանը կատարել, վստահեցնելով թէ հայերը մինչեւ ակռաները զինուած էին:

Ատանայի ջարդերու մանրամասնութիւնները գիտցանք միայն Սեպտեմբեր ամսուն: Կոտորածը տեղի ունեցած էր երեք յաջորդական ալիքներով, այսինքն՝ այդ 1909 թուականի Ապրիլ 13ին, 25ին եւ 27ին: Այդ օրերու արհաւիրքները իրենց հաւասարը չունին անցեալի կոտորածներու շարքին: Չէին խնայած ո՛չ ծերերը, ո՛չ մանուկները, ո՛չ կիները, ո՛չ հիւանդները: Օսմանեան կառավարութեան երեսփոխան, Ատանայի կառավարական լիազօր Պրն. Պապիկեանի հաշուետուութենէ մը կ՚իմանանք որ ողջ ողջ այրեր էին հիւանդները, վիրաւորներն ու վեց տարեկան մանչերը. բռնաբարեր էին տարեց կիներն ու ութէն տասը տարեկան աղջնակները: Զոհերուն թիւը բարձրացաւ մինչեւ քսանհինգ հազար, թէեւ թրքական կառավարութիւնը կ՚ուզէր համոզել թէ եղեր են միայն հազար հինգ հարիւր քրիստոնեայ եւ հազար ինը հարիւր ոչ քրիստոնեայ զոհեր: Նիւթական կորուստները հսկայական էին, մօտենալով եօթանասուն միլիոն ոսկի ֆրանքի:

Նոյն ինքն Մեծ Վեզիր Հուսսէյն Հիլմին խոստովանեցաւ որ ջարդերը կազմակերպուած էին թրքական կառավարութեան կողմէ: Անժխտելի փաստ է, որ հայերը անզէն էին, իսկ թրքական կառավարութիւնը զէնք կը բաժնէր մահմետականներուն: Ատանայի մէջ, իրենց աչքերուն առջեւ կատարուող իրադարձութիւններէն մտահոգ, քրիստոնեաները չէին ուզեր բանալ խանութները, բայց տեղւոյն Վա լին վստահեցուցած էր որ ոչինչ կրնար պատահիլ, քանի որ ինքը եւ զինուորական հրամանատարը պիտի պաշտպանէին զիրենք: Պարզ թակարդ մըն էր, որովհետեւ շուկայի ժամացոյցը հազիւ հընչած էր ժամը 11ը, սկսած էին թալանն ու կոտորածը:

Կոտորածը ապա տարածուեր էր դէպի Օսմանիէ, Համիտիէ, Տարսոն, Հաճըն եւ ուրիշ բնակավայրեր, միշտ թրքական կառավարութեան կազմակերպութեամբ ու ծրագրով, որոնք այդ առիթով կը տարածէին ահազանգող կեղծ լուրեր՝ մահմետականներուն ծայրայե ղականութիւնն ու գազանութիւնը աւելի գրգռելու համար: Ուղղակի անհաւատալի էր ջարդարարներու դաժանութիւնը: Չէին գոհանար միայն սպաննելով, այլ հազար ձեւերով կը տանջէին զոհերը. աչքերը կը հանէին, ականջները կը կտրէին, կոկորդը կը սղոցէին, յղի կիները կը մորթէին, մայրերուն կուրծքերը կը կտրէին եւ բռնութեամբ զաւակներուն բերանը կը կոխէին: Մարդ մը կտոր կտոր ըրած էին, բայց հազիւ սկսած՝ առաջին կտորները բռնի իր իսկ բերանը կոխած էին, ստիպելով որ ուտէ: Ուրիշ մարդ մը խեղ դեր էին կոկորդը հող լեցնելով: Երիտասարդ կին մը մերկացուցեր էին եւ խաչեր էին պատին, եաթաղանի ծայրով մարմնին վրայ խաչ մը գծեր էին, կտրեր էին կուրծքերը եւ բռնի դրեր էին զաւակներուն բերանը, ստիպելով որ ծծեն: Իր աչքին առջեւ նաւթ լեցուցեր էին ամուսինին վրայ եւ ողջ ողջ այրեր էին: Բոցերը անցեր էին խեղճ կնոջ մազերուն, բայց մինչեւ մահանալը, գազանները մօր աչքին առջեւ բռնաբարեր էին փոքրիկ աղջնակը, գլխատեր էին մանչերը, հաներ էին անոնց սիրտն ու լեարդը եւ մօտեցուցեր էին մօր բերանին: Եւ ոչ իսկ յարգանք ունեցեր էին ծերութեան դիմաց: Ութսունամեայ անդամալոյծ կին մը մերկացուցած էին, բռնաբարած եւ հրաշէկ սուրով տանջած:

Այդ վայրագութիւններուն վերաբերեալ, որ կը տարածուէին Հալէպէն մինչեւ Ատանա, ֆրանսացի հիւպատոս Ռոքֆերիէն ըսած էր. «Կը կարծէի թէ Էրզրումի մէջ, ուր փոխհիւպատոս եղած էի, տեսած էի այն բոլոր սարսափները որ մարդ կրնայ տեսնել: Ինչ որ այս անգամ տեսայ, կը գերազանցէ ամէնքը»: Իսկ Մերսինի անգլիացի հիւպատոսը, որ 1900 թուականին եղած էր Փեքին, ըսաւ որ չին պոքսերներուն դաժանութիւնը ոչինչ էր թուրքերու դաժանութեան համեմատ3:

 

Հայր Նորպերթոն եւ գերմանացի Հիւպատոսը

Այսպիսին էր իրադրութիւնը, երբ Սեպտեմբեր 15ին կրկին բացինք մեր վարժարանին դռները եւ սկսանք ուսումնական նոր տարեշրջանը: Մեր աշակերտներուն թիւը հետզհետէ միշտ աւելի կ՚աճէր: Սանասարեան վարժարանին մրցակցութեան դիմակայելու համար ուսումնական ծրագիրէն ներս մուծեցի նաեւ գործիքային երաժշտութեան եւ երգեցողութեան դասեր: Ջութակ մը գնեցի եւ Տիրոջ օգնութեամբ յաջողեցայ հասկնալ թէ երաժշտական նոթաները ինչպէս կը կազմուէին այդ գործիքին վրայ: Շաբթուան մը հրահանգումով կրցայ այնքան սորվիլ որ կրցայ նոյնը սորվեցնել սկըսնակներուն:

1910 թուականի Մայիսին, Պէյրութի մէջ աւարտելով իր կրօնական ուսումները, Կարին վերադարձաւ սիրելի եղբայրս՝ Յովսէփ Զօհրապեանը, որ նոյնպէս վարդապետ էր: Մեր վարժարանէն ներս իր ծառայութիւնները կը մատուցանէր նաեւ Տէր Պօղոս Չոտոյեանը եռանդուն քահանայ մը որ կրօնական ուսումները ստացեր էր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Տէր Պօղոսը եւ Տէր Յովսէփը, սրբազան մտերմութեամբ իրարու կապուած, երկուքն ալ համոզումով նուիրուած էին մեր կրթական առաքելութեան, եւ մեր վարժարանէն ու եկեղեցիէն զատ ուրիշ ճամբայ չէին գիտեր:

1912 թուականի Օգոստոսին Կարին հասաւ Հ. Նորպերթոյ Պրեսսանոնեցին, որ Միաբանութեանս Մեծաւորներուն կողմէ նշանակուեր էր Կարինի մեր առաքելավայրին Մեծաւոր եւ վարժարանի տնօրէն: Նախապէս ան գիտութիւններ դասաւանդած էր Սուրբ Ստեփանոսի մեր կղերանոցին մէջ, իսկ յետոյ եղած էր Սամսոնի մեր աղքատախնամ ծերանոցին փոխտնօրէնը:

Հայր Նորպերթոն իր գիտելիքներով շահեցաւ Կարինի ամբողջ նահանգին ազդեցիկ եւ մեծահարուստ մարդոց յարգանքը: Ֆիզիքա կան եւ բնական գիտութիւններու մէջ ունեցած իր հմտութեան շնորհիւ՝ մեծ զարկ տուաւ մեր վարժարանի բարգաւաճումին: Թէեւ շատ գիտուն չէր թուաբանութեան մէջ, բայց կատարեալ կերպով ծանօթ էր գործիքաշինութեան, եւ չկար աւրուած գործիք մը որ ան չկարենար նորոգել: Կարինի մէջ չկար մէկը որ կարենար մրցիլ անոր հետ, եւ միւս վարժարաններուն ուսուցիչները իրեն կը դիմէին՝ բնագիտական գործիքները գործածել սորվելու, տարրաբանութեան եւ ելեկտրական փորձերը կատարելու համար: Ան առաջինն էր որ Կարինի մէջ ծանօթացուց X ճառագայթներու գործիքը եւ ձայնասփիւռի ընդունող գործիքը: Քաղաքին Կուսակալը, զինուորական հրամանատարը, թրքական, հայկական եւ յունական դպրոցներուն տնօրէնները, ֆրանսացի, ռուս եւ պարսիկ հիւպատոսները, ամերիկեան բողոքա կան առաքելութեան Վերապատուելին, նամակատան եւ հեռագրատան տնօրէններն ու աշխատակիցները Հայր Նորպերթոյի քով կու գային ներկայ գտնուելու համար X ճառագայթներու փորձարկումներուն եւ ունկնդրելու Կոստանդնուպոլսոյ նաւերու վրայէն առանց թելի հեռարձակուած հաղորդումները:

Հայր Նորպերթոն նաեւ նկարիչ էր, գծագրիչ, եբենագործ եւ դարբին, այնպէս որ ինքն իր ձեռքով կը պատրաստէր գործիքները որ իրեն հարկաւոր էին գիտութիւններ դասաւանդելու համար:

Թուրք֊Պալքանեան պատերազմէն յետոյ, Գերմանիոյ Կուլիէլմոս Կայսրը Կարին ուղարկեց Անտերս անունով ընդհանուր հիւպատոսը այդ նահանգէն ներս գերմանական առեւտուրը զարգացնելու նպատակով: Իրականին, այդ ատենները Կարինի ամբողջ նահանգին մէջ գերմանացիի մը ստուերը անգամ չկար: Յատկանշական եղաւ հիւպատոսական բնակավայրի ընտրութեան հարցը: Կոստանդնուպոլսոյ գերմանական դեսպանատունը Սանասարեան վարժարանի թուաբանութեան ուսուցիչ Պրն. Սողինեանին յանձնարարեց նորանշանակ հիւպատոսին համար տուն մը վարձել թրքական թաղամասին մէջ: Պրն. Սողինեանը հոն չկրցաւ տուն մը գտնել, որ իր կարծիքով յարմար կրնար ըլլալ այնպիսի մեծ ազգի մը՝ ինչպիսին էր Գերմանիան, եւ տուն մը վարձեց Քայղարա թաղամասին մէջ, թրքական թաղամասին հարեւանութեամբ: Ասիկա հաճոյ չեղաւ Պրն. Անտերսին, որ վարձեց ուրիշ տուն մը թրքական թաղամասին մէջ, նորոգեց իր ճաշակին համա ձայն եւ շուտով հոն տեղափոխուեցաւ: Պրն. Անտերսը հոգիով ու սրտով, իր ամբողջ էութեամբ կ՚ատէր հայերը եւ իր ամբողջ վարմունքէն կը զգացուէր իր նշանաբանը. «Մահ հայերուն»: Հայերուն վնաս հասցնելու յստակ դիտաւորութեամբ, նախ եւ առաջ հովանաւորեց հաստատումը թուրքերու մէջ զանազան արհեստակցական միութիւններուն: Սովոր էր թուրքերու առջեւ կրկնելու, որ անոնց յիմարութեան պատճառով է որ հայերը միշտ բարգաւաճ վիճակի մէջ էին, հակառակ պարբերական կոտորածներուն:

Գերմանացի հիւպատոսը ամէն բան ըրաւ Հայր Նորպերթոն իր կողմը քաշելու համար, եւ դժբախտաբար՝ մասամբ յաջողեցաւ: Մեր վարժարանին մէջ հաստատուեցաւ գերմաներէն լեզուի ուսուցումը: Ֆրանսացի հիւպատոսը սկսաւ կասկածներ սնուցանել մեզի հանդէպ եւ իր մտահոգութիւնները յայտնեց Տրապիզոնի ֆրանսական ընդհանուր հիւպատոսարանին եւ Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանատան: Այդ տարուընէ սկսեալ, Ֆրանսան դադրեցուց նախորդ տարիներուն տուած առատ օգնութիւնները: Տրապիզոնի իտալացի հիւպատոսը նոյնպէս մտահոգ էր Հայր Նորպերթոյի եւ Պրն. Անտերսի յարաբերութիւններուն պատճառով, եւ իր մտավախութիւնները յայտնած էր մեր կանոնական Մեծաւորներուն: Ժողովուրդին մէջ սկսան լուրեր տարածուիլ թէ Հայր Նորպերթոն, որ Աւստրիոյ հպատակ էր, իբր թէ Պեռլինի կառավարութեան կողմէ ուղարկուած էր քաղաքական քարոզչութիւն կատարելու:

 

Դպրոցական յաջողութիւններ

Հայր Նորպերթոյի ընդունակութիւնները մեր վարժարանին համար գերազանցութիւն շահած էին՝ թրքական վարժարանի եւ Սանասարեան վարժարանին համեմատ: Ատոր ակնյայտ փաստը ան էր որ այդ հաստատութիւններու ուսուցիչները մեր քով կու գային՝ Հայր Նորպերթոյէն ուսանելու համար գիտական գործիքներու գործածութիւնը:

Առաջնային դիրք կը գրաւէինք նաեւ թուաբանական գիտութիւններու ուսուցումին մէջ: Տէրը ինծի շնորհքը պարգեւած էր հասկնալու եւ դասաւանդելու այդ գիտութիւնները այնպիսի պարզ եղանակով մը, որ անոնք հասանելի կը դառնային նաեւ ամենաանընդունակ աշակերտներուն համար: Թուաբանական գիտութիւններու շարքին կը դասաւանդէինք թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, հանրահաշիւ, եռանկիւնաչափութիւն, դրամատնային եւ առեւտրական հաշուապահութիւն, գործնական հողաչափութիւն եւ այլն:

Լաւ ուսուցիչներ ունէինք նաեւ թրքերէնի եւ ուսուցիչ մը գերմաներէնի դասաւանդումի համար (գերմաներէնի ուսուցիչի ամսավճարը յանձն առած էր Պրն. Անտերսը): Ֆրանսերէնը մեր վարժարանի պաշտօնական լեզուն էր: Նախապէս արդէն ըսի որ կը դասաւանդէինք նաեւ գործիքային երաժշտութիւն եւ երգեցողութիւն: Ես կը շարունակէի դասաւանդել օրական տասնհինգ ժամ, քանի որ առանց երեկոյեան դասաժամերէ ստացած դրամիս՝ չէինք կըրնար ոտքի պահել դպրոցը:

1912-1913 ուսումնական տարուան աւարտին, ֆրանսացի հիւպատոս Պրն. Ալֆրեդ Տեսթրէն ներկայ գտնուեցաւ տարեվերջի քըննութիւններուն. բերանացիներուն՝ ցած դասարաններու, գրաւորներուն՝ բարձր դասարաններուն քով: Որքա՜ն խորամանկ էին այդ փոքրիկ չարաճճիները: Գիտնալով որ հիւպատոսը գրեթէ ամբողջովին խուլ էր, պատրաստակամ կը պատասխանէին կանչին, ուղիղ կը կենային դասարանի մէջտեղը եւ աչքերնին կը սեւեռէին հիւպատոսի դէմքին: Ան մատնացոյց կ՚ընէր այբբենարանի էջերէն մէկը, որպէսզի աշակերտը կարդար, եւ ասոնք պատրաստ եւ առանց նուազագոյն չափի մտավախութիւն արտայայտելու, արագ արագ կը կարդային ամբողջ էջը, այսինքն՝ կ՚արտասանէին նոյնքան անմիտ ու անկապ բառեր՝ որքան որ գրուած էին էջին վրայ: Վերջացնելով ընթերցանութիւնը, լուրջ հայեացքնին կ՚ուղղէին դէպի հիւպատոսը: Ասիկա, որ բան մըն ալ չէր լսած, կը բացականչէր. «Հիանալի է», եւ կը յարէր. «Որքա՜ն խելացի են այս փոքրիկ հայորդիները: Ասոնց տարեկից ֆրանսացիները այսքան լաւ չեն կարդար իրենց մայրենի լեզուն»: Քննութիւններու աւարտին, Հայր Նորպերթոն կազմակերպեց պարգեւատրութեան հանդէսը: Իր իսկ ձեռքերով պատրաստեց բեմը. Կարինի մէջ տեսնուած առաջինն ու միակը եւ զայն նկարազարդեց երեք տեսարաններով: Դպրոցին բակը չափազանց փոքր էր բոլոր հիւրերը եւ աշակերտներուն ծնողները ընկալելու համար, ուստի հանդէսը կատարուեցաւ երեք անգամ: Վերջնական փորձերուն ներկայ գտնուեցան կիներ, բուն հանդէսին օրը՝ քաղաքին երեւելիները, իսկ երրորդ օրը՝ ծնողները, բարեկամները, եւ ուրիշներ: Հիւրերու մէջ էին Կարինի Վալին եւ զինուորական հրամանատարը, երկուքն ալ իրենց շքախումբով, Հայ Կաթողիկէ երկու Եպիսկոպոսները՝ Գերպ. Մելքիսեդեկեանը եւ Գերպ. Քեչուրեանը, Տ. Սմբատ Եպս. Սահադեթեանը Հայ Առաքելական հոգեւորականներուն հետ, երկու յոյն քահանաները, քաղաքի մուֆթին, Օսմանեան Պանքի տնօրէնը եւ ուրիշներ:

Կոստանդնուպոլսոյ ֆրանսացի դեսպան Պրն. Պոմփարը եւ ,Alliance Franջaiseե ընկերութիւնը բազմաթիւ գիրքեր նուէր ղրկած էին մեր աշակերտներուն: Գերմանացի ընդհանուր հիւպատոսը գըրպանի ժամացոյց մը նուիրեց գերմաներէնի մէջ լաւագոյն հանդիսացած աշակերտին:

Հանդէսը բացուեցաւ սահմանադրական օրհներգով եւ մեր դըպրոցին եռաձայն քայլերգով, որ ես շարադրած էի ու եղանակաւորած: Հայր Նորպերթոն կարդաց կարճառօտ հաշուետուութիւն մը, ներկայացնելով մեր վարժարանին պատմութիւնը, ապա յայտարարեց պար գեւատրութեան արժանացած աշակերտներուն անունները, ներկայաց նելով նաեւ անոնց ստացած նիշերը: Ֆրանսացի հիւպատոս Պրն. Տեսթրէն, խուլ՝ բայց պերճախօս, պանծացուց Հայր Կիւրեղին գործը, որ ոչինչէն ստեղծած էր Կարինի հոյակապ վարժարանը: Խօսք առաւ նաեւ գերմանացի հիւպատոս Պրն. Անտերսը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ կրցած է կերպով մը օգտակար ըլլալ Հայր Նորպերթոյին, որուն երակներուն մէջ կ՚եռայ գերմանական արիւնը: Ի վերջոյ խօսք առաւ Վալին, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուած էին այդքա՜ն յաջող պատրաստուած հանդէսը:

Յուլիս 14ին, Պրն. Տեսթրէն ուզեց գերագոյն հանդիսաւորու թեամբ նշել ֆրանսական ազգային տօնը, մեր վարժարանի յաջողութիւններով պարծենալու եւ գերմանացի հիւպատոսին նախանձը գրգռելու ակնյայտ դիտաւորութեամբ: Մեր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ կատարեցինք, որուն յաջորդեց «Սրբութիւն ի բազմոցի» արարողութիւնը ,Domine salvam fac republicam gallicamե («Տէր, կեցո զհանրապետութիւն գաղղիացւոց») շարականի ընկերակցութեամբ: Այդ առթիւ հրաւիրուած էին Ֆրանսայի բարեկամները: Հիւպատոսը ընդունեցանք Ֆրանսայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ կընքուած դաշնագրին համաձայն: Սուրբ Պատարագի աւարտին, հիւպատոսը ուզեց ընդունելութիւն մը տալ մեր սրահին մէջ, հիւրասիրելով առատ շամփանյը, անուշեղէններ ու կրկնեփներ: Գաւաթ բարձրացնելով ի փառս Ֆրանսայի եւ ի բարօրութիւն անոր բարեկամներուն, ըսաւ որ շատոնց փափաքած էր իր շուրջը համախմբուած տեսնել Կարինի ֆրանսասէր բարեկամները, նաեւ դեսպան Պրն. Պոմփարի կողմէ անոնց ըսելու համար թէ Ֆրանսան որքա՜ն հպարտ էր Սուրբ Աթոռի կողմէ իրեն վստահուած պատուաբեր յանձնարարութեան համար՝ պաշտպանելու Արեւելքի քրիստոնեաները: Իր պատիւը Արեւելքի մէջ բարձր պահելու համար՝ Ֆրանսան չէր խնայած ո՛չ մարդիկ, ո՛չ ալ դրամ: «Եւրոպացի միւս ազգերը», ըսաւ, «կը նախանձին մեզի եւ պիտի ուզէին խլել մեզմէ այս առանձնաշնորհութիւնը: Ֆրանսայի համար հաճելի չէ գերմանական ընդհանուր հիւպատոսութեան ստեղծումը ֆրանսական աւանդութիւններով հարուստ այս քաղաքին մէջ, աւանդութիւններ, որ սկիզբ առած են խաչակիրներու հեռաւոր ժամանակներէն ի վեր: Գերմանիան կ՚ուզէ յափշտակել Ֆրանսայի սըրբազնասուրբ իրաւունքը եւ Աստուած չի կրնար օրհնել իր այդ փորձը: Գերմանիան թանկ պիտի վճարէ իր այս ոտնձգութիւնները, ասիկա շատ շուտով պիտի տեսնէք: Քրիստոնեաները արդէն իսկ կը կրեն թուրքերու հալածանքները գերմանացիներու հրահրումով: Հեռու կեցէք գերմանացիներէն: Բարի ոչինչ կրնայ ելլել Պեռլինէն»:

Այդ խօսքերը լսելով, միայն մէկ միտք կը դառնար ուղեղիս մէջ. «Բան մը կայ որ չի քալեր»:

Հանդիպումի աւարտին ինծի հրաժեշտ տալով, հիւպատոսը, իր տիկինը եւ թարգմանը իրենց շնորհաւորանքները ըրին Սուրբ Պատարագի լաւ երգեցողութեան համար: Երգողներուն եւ նուագողներուն համար հիւպատոսը անուշեղէններով ու պտուղներով լեցուն զամբիւղ մը նուէր ղրկեց:

  

Արձակուրդի օրեր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ

Արդէն եօթը տարի էր որ նուիրուած էի կրթական առաքելութեան եւ ուսերուս վրայ խիստ ծանր կը կշռէին դասաւանդութեան օրական տասնհինգ ժամերը: Մայիս ամսուան ընթացքին արդէն չափազանց յոգնած կը զգայի ինքզինքս եւ կարիքը ունէի լաւ մը հանգչելու: Հայր Նորպերթոն ինքը կանխեց զիս եւ մեծ եղբայրսիրութիւն ցուցաբերելով՝ մեր կանոնական Մեծաւորէն արտօնութիւն ստացաւ որ արձակուրդներս անցընէի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Մեկ նեցայ Յուլիս 18ին: Ուղեւորութեան չորրորդ օրը կանգ առինք Կումուշխանէ կոչուող փոքրիկ գիւղին մէջ: Արեւամուտէն առաջ գացի քիչ մը զբօսնելու գլխաւոր հրապարակին մէջ, ուր կը հաւաքուէին յոյներն ու հայերը: Յոյները կը զբաղէին սուրճի, թէյի, շաքարի, օճառի, օղիի, քոնեաքի, Սիւրիայի լոխումի, զանազան պտղահամ շաքարներու եւ ուրիշ ուտեստեղէններու առեւտուրով: Իսկ հայերը մասնագիտացած էին արհեստներու մէջ եւ փայտագործներ էին, շինարարներ, ոսկեգործներ, դարբիններ, կօշկակարներ, մեքենայագործներ եւ այլն: Ձեռագործներու խանութ մը մտայ, որ տեսքով հայկական կ՚երեւար, եւ հայերէն ողջունեցի: Տէրը, ոմն Անդրանիկ Նահապետեան, ուրախութենէն ինքն իրմէ դուրս ելաւ, տեղէն ոտքի ցատկեց, աջս համբուրեց եւ, արցունքը աչքերուն, կուրծքին սեղմեց: Ապա իսկոյն գոցեց խանութը եւ զիս իր տունը տարաւ:

Անդրանիկ Նահապետեանը եօթը մանչ զաւակ ունէր եւ մէկ աղջիկ, բոլորն ալ ամուսնացած: Որդիներէն երեք մեծերը, իրենց ընտանիքներուն հետ, կը բնակէին իրենց հօր նահապետական յարկին տակ: Մէկը հօրը կ՚օգնէր ձեռագործներու խանութին մէջ, երկրորդը քաղաքին լաւագոյն կօշկակարն էր, երրորդը՝ լաւագոյն դերձակը: Դուստրը, որուն անունն էր Համասփիւռ, ամուսնացեր էր Տրապիզոն բնակող ոմն Համբարեանի հետ: Չորրորդ զաւակը գաղթեր էր Մանչեսթեր եւ կ՚աշխատէր մեծ գործարանի մը մէջ: Միւս զաւակները հաստատուէր էին Կոստանդնուպոլսոյ Կալաթա թաղամասին մէջ, Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ մօտակայքը:

Գիշերեցի Նահապետեաններու մօտ: Յաջորդ օրը առաւօտեան չէին ձգեր որ մեկնիմ: Խոստացայ Կոստանդնուպոլիսէն վերադարձիս շաբաթ մը իրենց քով անցընել, Սուրբ Պատարագ մատուցանել, մատակարարել Ապաշխարութեան եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան խորհուրդները: Խոստումս մխիթարեց զիրենք: Բոլորն ալ կու լային եւ ես նոյնպէս չկրցայ զսպել արցունքներս: Խաչի նշանով օրհնեցի զիրենք եւ ճամբայ ելայ: Քանի մը օր Տրապիզոնի մէջ անցընելէ ետք, Օգոստոս 6ին նաւ բարձրացայ եւ երեքօրեայ ճամբորդութենէ ետք՝ Օգոստոս 9ին հասայ Կոստանդնուպոլիս:

Ինչպէ՞ս նկարագրեմ այն տօնական ընդունելութիւնը որ ստացայ Սէն Լուի վանքի ֆրանսացի միաբանակիցներէս: Եղբայր Ֆրանչիսկոս Զմիւռնիացին, որ եկաւ դուռը բանալու, զիս այնքան ուժգին ողջագուրեց որ բոլոր ոսկորներս ցաւցուց: ,Oh! PՌre Cyrille! PՌre Cyrille!ե, բացականչեց, «ի՜նչ երջանկութիւն է մեր մէջ ունենալ Հայր Կիւրեղը»: Վրայ հասան միւս միաբանակիցներն ալ եւ բոլորն ալ ողջագուրեցին զիս միեւնոյն ոգեւորութեամբ, եւ չէին դադրեր բացականչելէ. «Père Cyrille! Père Cyrille!»:

Մտքիս մէջ ես ինծի կը հարցնէի. «Ի՞նչ ունին ասոնք Հայր Կիւրեղին հետ»: Բան չէի հասկնար եւ իրականին մտահոգ ալ չէի հասկ նալու, յատկապէս այն բանէն ետք որ Հ. Կոստանդ Քրաոնացին աւե լցուց. «Vive la France! Esto fidelis et tibi dabo coronam vitae!» («Կեցցէ Ֆրանսան: Եղիր հաւատարիմ եւ քեզի պիտի տամ կեանքի պսակը»):

Ճաշի ատեն կրօնաւորներուն խօսակցութեան միակ նիւթը Հայր Կիւրեղն էր եւ շարունակ «France, ambassadeur, Alliance Française Monsieur Boppe» բառերուն կրկնուիլը կը լսէի: Հայր Պրունոն, որ վանքի Մեծաւորն էր, հարցուց թէ ժամանումիս մասին արդեօք տեղեկացուցա՞ծ էի ֆրանսացի դեսպանին, եւ բացասական պատասխանս ստանալով աւելցուց որ այդ առաւօտեան իսկ դեսպանը ան ձամբ ըսած էր որ կը սպասէր ինծի: Պարտաւոր էի երթալ:

Մտքիս մէջ վերադարձան Կարինի մէջ ունեցած մտածումներս. «Հոս բան մը կայ որ չի քալեր»: Պրն. Պոփը ֆրանսական դեսպանատան խորհրդականն էր: Թէեւ անձամբ չէինք ճանչնար զիրար, ինքզինք իմ մեծ բարեկամս կը հռչակէր եւ կը հիանար Կարինի մէջ կատարած գործերովս: Զինք գտնելու գացի Օսմանեան Պանքին մէջ եւ գտայ զինք հաստափոր հաշուեմատեան մը թերթելու պահուն: Հազիւ ներկայացայ, ոտքի ցատկեց, ձեռքս ջերմագին սեղմեց ու բացականչեց. «Oh! Père Cyrille!

Père Cyrille! Որքա՜ն երջանիկ եմ Ձեզի հետ ծանօթանալուս համար: Ես եւ Նորին Գերազանցութիւն Պարոն Դեսպանը Ձեզ շատ կը սիրենք, շա՜տ: Ամէն հարցով պիտի օգնենք Ձեզի, որովհետեւ գիտենք որ Դուք կը սիրէք Ֆրանսան եւ կ՚աշխատիք Ֆրանսայի փառքին ու յաղթանակին համար»:

Հոս կարիքը զգացի քիչ մը յստակեցնելու խօսակիցիս մտքերը. «Դեսպանատան ուղղած հաշուետուութիւններուս մէջ արդէն ըսած եմ, որ որպէս Աստուծոյ պաշտօնեայ՝ Աստուած կը սիրեմ ամէն ինչէ վեր: Որպէս առաքեալ՝ կը սիրեմ Քրիստոսի Եկեղեցին, անոր ընծայած եմ իմ բոլոր կարողութիւններս եւ անոր ծառայութեան տրամադրած եմ իմ բոլոր ոյժերս, տարածելու համար Աստուծոյ թագաւորութիւնը հոն՝ ուր Աստուած առաքած է զիս: Ֆըրանսերէն լեզուի ուսուցումը մեզի համար պարագաներէ բխող պարտաւորութիւն մըն է միայն»: Պրն. Պոփը, որ լաւ չհասկցաւ ըսածս կամ պարզապէս չուզեց հասկնալ, բացականչեց. «Կեցցէ՛ք, Հայր Կիւրեղ: Համոզուած եմ որ մեր թանկագին Ֆրանսայի նկատմամբ սնուցած Ձեր սէրը շատ մեծ է, որովհետեւ հիմնուած է Աստուծոյ հանդէպ ճշմարիտ սիրոյ վրայ»: Պրն. Պոփը աւելցուց նաեւ, որ պէտք է այցելէի Ֆրանսայի Դեսպանին, եւ այդ նպատակով ժամադրութիւն տուաւ Օգոստոս 18ին: Ի վերջոյ, թրքական վեց լիրա տուաւ ինծի, ըսելով. «Ծախսեցէք ասոնք, զուարճացէք, այցելեցէք քաղաքն ու կղզիները: Չափա զանց շատ աշխատած էք մինչեւ այսօր»:

Թրքական վե՜ց լիրա զուարճանալու համար: Աշխարհին կէսը կրնայի պտըտիլ այդքանով: Սէն Լուի վանքը կը վերադառնայի, երբ մէկը կեցուց զիս ԹոմԹոմ փողոցին վրայ: Պրն. Ամէտէոյ Կուլիելմին էր, Տրապիզոնի իտալական ընդհանուր հիւպատոսարանին քարտուղարը, որ հաղորդեց ինծի թէ Իտալիոյ Դեսպանը ինծի կը սպասէր: Իտալական Դեսպանատունը Սէն Լուի վանքէն քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ էր, ուստի անմիջապէս հոն գացի:

Դեսպանը հոն չէր, զիս ընդունեցաւ դեսպանատան առաջին խորհրդականը: Զիս հրաւիրեց նստելու իր գրասեղանին աջ կողմը գտնուող գեղեցիկ բազկաթոռին վրայ եւ, մինչ չեմ գիտեր ինչ կը փնտռէր, աչքին ծայրով զիս կը զննէր ոտքէս մինչեւ գլուխս, հետս ֆրանսերէն խօսելով: Ես իտալերէն կը պատասխանէի, բայց ան կը ձեւացնէր՝ իբր թէ չէր անդրադառնար: Վերջ ի վերջոյ գտաւ ինչ որ կը փնտռէր եւ հարցուց՝ թէ արդեօք իտալացի՞ էի:

«Ո՛չ, պարոն Խորհրդական», պատասխանեցի, «հայ եմ»:

Զարմացած հարցուց թէ ո՞ւր այդքան լաւ սորված էի իտալերէն լեզուն: Լսելով որ Արեւելեան Առաքելական Հաստատութեան աշակերտներէն եմ, հարցերու տարափ մը թափեց վրաս: Կ՚ուզէր գիտնալ թէ ինչո՞ւ այդ հաստատութեան ոչ ֆրանսացի աշակերտներէն ոմանք հրահրած էին ֆրանսական կառավարութեան դժգոհութիւնը, կարծել տալով թէ իբր Իտալիան կ՚ուզէր ձեռք ձգել իտալացի միսիոնարներու պաշտպանութեան իրաւունքը. ինչո՞ւ Կարինի իմ վարժարանս կոչած էի ,Lycռe Franջaisե եւ ոչ թէ ,Lycռe Catholiqueե. ինչո՞ւ կը դասաւանդէի ֆրանսերէն լեզուն եւ ոչ թէ իտալերէնը. արդեօք ճիշտ էր որ Հայր Նորպերթոն վանական դառնալէ առաջ գերմանացի զինուորական եղած է եւ որ Պեռլինի կառավարութիւնը Կարինի մէջ գերմանական ընդհանուր հիւպատոսարան բացած է Հայր Նորպերթոյի խորհուրդով:

Հարցերը շատ տարօրինակ էին, բայց դժուար չէր սպառիչ կերպով պատասխանել ատոնց, հերքելով բոլոր սխալ հասկցողութիւնները: Խորհրդականը կարծես թէ գոհ մնաց տուած պատասխաններէս, բայց խնդրեց յանձնարարել Հայր Նորպերթոյին հեռու կենալ գերմանացի հիւպատոս Պրն. Անտերսէն: «Պրն. Անտերսը», աւելցուց, «քաղաքական աշխարհի մէջ յայտնի է որպէս առաջին կարգի խաբեբայ ու դաւադիր: Ուշադիր եղէք, Հայր Կիւրեղ: Ուրիշ բան չեմ ըսեր»:

Կրկին մտքիս դիմաց յայտնուեցան Կարինի մէջ ունեցած մըտածումներս. «Հոս բան մը կայ որ չի քալեր»: Օգոստոս 18ին, Կարինէն երկու օր առաջ հասած Հայր Նորպերթոյին հետ միասին հիւրընկալուեցայ Ֆրանսայի Դեսպան Պրն. Պոմփարի կողմէ: Հայր Նորպերթոն հիանալի պերճախօսութեամբ պատ մեց թէ Հայր Կիւրեղը ինչպիսի զոհողութիւններով կրցած է Կարինի ֆրանսական վարժարանը այդ նահանգին կրթական ամենափայլուն հաստատութիւնը դարձնել: Հայր Նորպերթոն տակաւին կը շարունակէր խօսիլ, երբ Դեսպանը ընդհատեց անոր խօսքը:

«Հոգեշնորհ Հայր, մենք պիտի օգնենք ձեզի, կասկած մի՛ ունենաք: Ձեր հարցը պիտի ներկայացնենք համապատասխան Նախարարութեան, խնդրելով որ ձեզի յատկացուող տարեկան օգնութիւնը երեք հարիւր ֆրանքէն բարձրացուի վեց հարիւր ֆրանքի»:

«Շնորհակալութիւն», պատասխանեց Հայր Նորպերթոն, «բայց մենք անյապաղ կարիքը ունինք երեք հարիւր թրքական լիրայի, այսինքն՝ վաթսունինը հազար ոսկէ ֆրանքի, նաեւ որպէս պարտք, որ կը վերադարձնենք երեք տարուան ընթացքին»:

Դեսպանը պատասխանեց որ այդ պահուն անիմաստ էր այդպիսի խնդրանք ուղարկել Փարիզ: Բայց, ցոյց տալու համար թէ որքան յարգանք կը տածէր Հայր Կիւրեղի հիմնած վարժարանին նկատմամբ Հայր Նորպերթոյին յանձնեց երեք հարիւր թրքական լիրայի արժողու թեան վճարագիր մը: Պարոն Դեսպանին առատաձեռնութիւնը զարմանք պատճառեց Սէն Լուի վանքի մեր միաբանակիցներուն, որոնք չէին կրնար հասկնալ թէ ինչպէս օտարազգի մը Ֆրանսայէն նման օգնութիւն մը կը ստանար, մինչ իրենք ֆրանսացիները ոչինչ կը ստանային իրենց հայրենի կառավարութենէն:

Հայր Նորպերթոն փափաքեցաւ մնալ Կոստանդնուպոլիս, մինչ ես փափաքեցայ երթալ Սուրբ Ստեփանոսի մեր վանքը, ուր անցուցած էի ուսանողութեանս տարիները: Սուրբ Ստեփանոսի շրջակայ բոլոր հողերը կը պատկանէին Տայեան անունով առաքելական հայու մը, որ զանոնք որպէս պարգեւ ստացած էր Մեճիտ սուլթանէն, հօր կողմէ մատուցուած որոշ ծառայութիւններու փոխարէն: Երբ ես ուսանող էի, այսինքն 1898 թուականին, այդ կողմերը կը բնակէին միայն կաթողիկէներ, յոյն օրթոտոքսներ եւ հայ առաքելականներ: Երեք համայնքներն ալ ունէին իրենց եկեղեցին, իրենց կղերականներով: Գիւղի միակ մահմետականը ոստիկանութեան պաշտօնեայ մըն էր, որ կը բնակէր ողորմելի խրճի թի մը մէջ: Մինչդեռ, 1913 թուականին, գիւղին մէկ երրորդը բնակուած էր թուրք զինուորականներու ու կառավարութեան պաշտօնեաներու ընտանիքներով, որոնք ունէին իրենց մզկիթը եւ մանկապարտէզը: Սուրբ Ստեփանոսի մէջ անցուցի արձակուրդիս մեծ մասը: Օր մը Պրն. Պոփը հեռագրով մը հրաւիրեց զիս Օսմանեան Կայսերական Պանք: Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը, ընդունելով Դեսպան Պրն. Պոմփարի առաջարկը, մեր դպրոցին տրուող օգնութիւնը այդ տարուընէ իսկ բարձրացուցած էր ինը հարիւր ֆրանքի: Դրամատունէն դուրս ելլելուս այնքան ուրախ էի, որ մտածեցի որ արժէր նշել այդ իրադարձութիւնը: Գացի այցելելու ծանօթներէս մէկուն, Պարոն Հանսին, որ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան երրորդ կարգի եղբայր էր եւ հոն ճաշարան մը ունէր: Իսկոյն ճանչցաւ զիս եւ բացականչեց. «Օ՜հ, Հայր Կիւրեղ, եկէ՛ք, եկէ՛ք»:

Իր տասներկուամեայ աղջնակը վերի յարկն էր, ուրկէ վազելով վար իջաւ, աստիճանները չորս չորս ցատկելով: «Ja! Ո՞վ է ասիկա», հարցուց հօրը:

«Ասիկա հայազգի Հայր Կիւրեղն է», պատասխանեց հայրը, «զոր ես ճանչցեր եմ երբ քեզի նման պզտիկ էր»:

«Ooooo! Ja!» եղաւ փոքրիկ Թերեզային պատասխանը:

Բարձրացանք վերի յարկը եւ մտանք լայն պատուհաններով եւ հայելազարդ պատերով ընդարձակ սրահ մը: Մարմարէ փայլուն սեղանները զարդարուած էին թարմ ծաղկեփունջերով: Նստանք պատու հանի մը քով, վայելելու համար օդի զով հոսանքը:

«Հայր Կիւրեղ», հարցուց Պրն. Հանսը, «պաղ լիմոնա՞թ մը, թէ՞ գարեջուր»:

«Լիմոնաթ, ո՛չ», պատասխանեցի, «եկեր եմ գարեջուրի համար»:

«Oh! Jawohl!», բացականչեց Պրն. Հանսը եւ նստաւ իմ դիմացի աթոռին: Փոքրիկ Թերեզան բերաւ երեք գաւաթ գարեջուր, որոնցմէ երկու խոշորները ինծի եւ Պրն. Հանսի, իսկ փոքրը իրեն համար: Երեք պնակ ալ բերաւ զանազան երշիկներով, բողկով եւ թթուաշ փոքրիկ վարունգներով: Պրն. Հանսը վեր բարձրացուց գաւաթը, բոլորիս առողջութիւն մաղթեց եւ մէկ շունչով կոնծեց խոշոր գաւաթը: Փոքրիկ Թերեզան հետեւեցաւ հօր օրինակին, բայց ես…: Պրն. Հանսը բարկացած հայեացքը վրաս ուղղեց ու բացականչեց. «Ja! Ein, zwei!»: Հասկցայ որ կը խախտէի արարողակարգը, ես իմ վրաս ոյժ բանեցուցի եւ ես ալ մէկ շունչով գլուխս քաշեցի մէկ լիթր գարեջուրը: Չեմ կրնար ըսել թէ քանի գաւաթ գարեջուր խմեցին Պրն. Հանսն ու փոքրիկ Թերեզան: Կրնամ միայն ըսել որ ես կանգ առի չորրորդ գաւաթին եւ ատով զայրացուցի Պրն. Հանսը, որ իմ ստա մոքսս նմանցուց ճնճղուկի մը ստամոքսին: Վերջաւորութեան ալ նորէն զայրացուցի Պրն. Հանսը, երբ փորձեցի վճարել կերածիս ու խմածիս փոխարէն: «Ձեր օրհնութիւնը աւելին կÿարժէ՝ քան հազար դահեկանը», ըսաւ: «Ուրեմն», պատասխանեցի, «ալ շնորհակալութիւն պիտի չըսեմ: Բայց վաղը Սուրբ Պատարագը Ձեր դիտաւորութեան պիտի մատուցանեմ»: «Շնորհակալութիւն, Danke schoen!», պատասխանեց Պրն. Հանսը, «ուրեմն քովս կու գաք ամէն օր»:

Չեմ ըսեր թէ գլուխս կը դառնար, բայց շատ աւելի ուրախ էի՝ քան երբ Պրն. Պոփէն ինը հարիւր ֆրանքը ստացայ: Սեպտեմբեր 10ին վերադարձայ Սէն Լուի եւ յաջորդ օրը մեկնեցայ Կոստանդնուպոլիսէն Լլոիտ Թրիեսթինոյ ընկերութեան նաւով: Ինչպէս խոստացեր էի, շաբաթ մը կեցայ Կումուշխանէ, Պրն. Նահապետեանին քով: Այդ օրերուն պատարագեցի, մատակարարեցի Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը եւ մկրտեցի երկու երեխայ: Կարին հասայ Սեպտեմբերի վերջին օրերուն: Լեռներուն գագաթները արդէն ծածկուեր էին ձիւնի ճերմակ շերտով եւ դպրոցը արդէն սկսեր էր: Վարժարանի եւ երեկոյեան դասաժամերու աշակերտները սպասեր էին ինծի անհամբերութեամբ:

 

Սատանայական դաւադրութիւն

1913-1914 ուսումնական նոր տարուան սկիզբը բաւական աւելցաւ մեր աշակերտութեան թիւը: Գերմանացի հիւպատոս Պրն. Անտերսը ամէն ջանք կը գործադրէր՝ մեր վարժարանին համար մահմետական հարուստ աշակերտներ գտնելու համար, որոնք ընդհանրապէս զաւակներն էին առեւտրականներու, զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ Մակեդոնիայի ու Եոաննինայի նահանգներէն աքսորուած մտաւորականներու: Բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակ ներ էին, լաւ եւ մաքուր հագուած, աղուոր սանտրուած մազերով, վայելուչ եւ ազնուական շարժուձեւերով: Իրականին, սակայն, լաւ ճերմկցուած գերեզմաններու նման էին, որոնց ներսը լի է փըտութեամբ ու նեխածութեամբ: Մակեդոնացիները գոռոզ էին ու կռուազան:

Ապտուլ Համիտի կառավարութեան օրօք, «վաթան» («հայրենիք») գոյականին գործածութիւնը նկատուած էր որպէս գերագոյն աստիճանի ծանր յանցանք եւ զայն նոյնիսկ բառարաններէն դուրս հանած էին: Մակեդոնիայի թուրքերուն համար, մինչդեռ, հայրենասիրութիւնը գրաւած էր մահմետական կրօնքին տեղը, զոր անոնք սրտանց կ՚արհամարհէին: Երբ ասոնք աքսորուեցան Մակեդոնիայէն եւ հաստատուեցան Կարինի մէջ, միայն յունարէն կը խօսէին եւ չէին գիտեր թրքերէն լեզուն: Երկու տարուան ընթացքին, սակայն, ո՛չ միայն սորվեցան թրքերէնը, այլ իրենց հայրենակիցներուն այնքան լաւ բացատրեցին «վաթան» գոյականին իմաստն ու նշանակութիւնը, որ աշակերտներուն մոլեռանդութիւնը գերազանցեց ուսուցիչներունը: Մինչեւ իսկ եօթը տարեկան տղոց կրնայիք հանդիպիլ, որոնք հայրենասիրական ճառեր կը խօսէին եւ Օսմանի զաւակներուն կը յորդորէին ատել քրիստոնեաները եւ միւս բոլոր ազգերը: Անոնց նշանաբանն էր. «Դուրս անհաւատները օսմանցիներու սուրբ հողէն»:

Առաջին հայեացքէն կրնայ թուիլ թէ մահմետական հարուստ աշակերտներու հոսքը դէպի մեր դպրոցը մեծ յաջողութիւն մըն էր: Իրականութեան մէջ, սակայն, միակ օգտուողը գերմանացի հիւպատոսն էր, որ սատանայական ծրագիր մը մշակած էր՝ քայքայելու համար մեր վարժարանը: Որոմը արդէն առատօրէն ցանուեր էր մեր վարժարանէն ներս եւ մահմետական ապականող տարրը մօտեցեր էր մեր դասասեղաններուն: Քրիստոնեայ ծնողները իրաւացիօրէն սկսած էին մտահո գուիլ այն վտանգին համար՝ որուն ենթակայ էին իրենց զաւակները այսինքն՝ ազգային աւանդութիւններու եւ քրիստոնէական բարոյականութեան կորուստի վտանգը: Բայց այդ մահմետական բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակներուն ազնուական կեցուածքը, վայելուչ հագուստները եւ ուսումնավճարներու ճշտապահ կատարումը կուրցուցած էին վարժարանի տնօրէնը՝ Հայր Նորպերթոն: Եւ այսպէս սկսանք կորսնցնել մեր վարժարանին լաւագոյն աշակերտները: Հայ ընտանիքները այլեւս կ՚ատէին մեր դպրոցը եւ Տէր Սմբատ Եպս. Սահադեթեանը իմ քովս ղրկեց իր Ընդհանուր Տեղապահը, ճշմարտութիւնը իմանալու համար: Քաղաքին մէջ լուրեր կը շրջէին, որ Հայր Նորպերթոն Պեռլինի անարգ գործակատարներէն մէկն էր, գերմանացի զինուորական մը եւ Կուլիելմոս կայսրին վստահելի մարդը, որ անոր յանձնարարութիւնները կատարելու հա մար ծպտուած էր հոգեւորականի զգեստով:

Մեր ուսուցիչները կ՚այցելէին մեր վարժարանէն հեռացած աշակերտներուն տուները, համոզելու համար վերադառնալ մեր քով, բայց ի զուր: Մեր բարեկամները կը կարեկցէին մեզի, իսկ մեր վշտահար ուսուցիչները փոթորիկ մը կը կանխատեսէին, որ կրնար հողին հաւասարեցնել մեր գործը, առանց կրկին ոտքի կանգնելու յոյս ձգելու: Հայր Նորպերթոն հասկցաւ իր սխալը, բայց այլեւս շատ ուշ էր: Քրիստոնեաները սրտանց կ՚ատէին մեր վարժարանը, իսկ թուրքերը, գերմանացի հիւպատոսին գլխաւորութեամբ, կը վայելէին մեր ձախողութիւնը:

Մեր կանոնական Մեծաւորին հաշուետուութիւն տալու համար կանչուեցայ Տրապիզոն: Հայր Լորենցոյին բողոքի նամակներ հասած էին ամէն կողմէ. Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսէն, Հայ Առաքելական Եպիսկոպոսէն, Յոյն Համայնքէն, Բողոքական Առաքելութենէն, մեր վարժարանի բարեկամներէն ու գործակիցներէն: Ստիպուած էի հաստատել որ ներկայացուած բողոքները անհիմն չէին, թէեւ այդ բոլոր սխալներուն հեղինակը Հայր Նորպերթոն չէր, այլ գերմանացի հիւպատոսը: Հայր Նորպերթոն պարզապէս անոր նենգ դաւադրութեան անմիտ զոհը դարձած էր: Պէտք է ամէն բան ընէինք հիւպատոս Անտերսը Կարինէն հեռացնելու համար: Պատրաստեցինք մանրամասն հաշուեգիր, ուղղուած՝ Կոստանդնուպոլսոյ գերմանական դեսպանատան, եւ ուղարկեցինք Սուրբ Աթոռի Նուիրակին: Երբեք չէինք կրնար երեւակայել, որ կանգնած էինք ահաւոր իրադարձութիւններու սեմին, որոնցմով վերջակէտ պիտի դրուէր ո՛չ միայն մեր վարժարանին գոյութեան, այլ Կարինի ամբողջ քրիստոնեայ համայնքին:

 

Թալան եւ բարբարոսութիւն

Մինչ ես Տրապիզոն կը գտնուէի, 1914 թուականի Յուլիս 28ին Աւստրիան պատերազմ յայտարարեց Սերպիայի դէմ: Պատերազմը կամաց կամաց ներգրաւեց ամբողջ աշխարհը եւ եղերական հետեւանքներ ունեցաւ Անատոլուի քրիստոնեաներուն համար: Այդ օրուընէ ես այլեւս երբեք չտեսայ ծննդավայրս ու հարազատ քաղաքս եւ Կարինի մեր առաքելավայրը ընդ միշտ կորսնցուցինք:

Հայր Նորպերթոն, որ աւստրիացի էր, կանչուեցաւ զինուորական ծառայութեան եւ Օգոստոսի առաջին օրերուն Կարինէն մեկնեցաւ Վիեննա: Նշանակուեցաւ զինուորական մատրանապետ եւ հերոսական ծառայութիւններ մատուցանելով հոգաց զինուորներուն հոգեւոր կարիքները, արժանանալով զինուորական զանազան շքանշաններու: Երբեք չմոռցաւ Հայ ժողովուրդը եւ Մեծ Եղեռնի օրերուն իր բոլոր կարողութիւնները գործի դրաւ՝ թրքական բարբարոսութիւններուն զոհ գացած հայորդիներուն օգնելու համար: Իր շնորհիւ է որ Կարինի Մխիթարեան Հայրերը եւ Հայ Քոյրերը կրցան խուսափիլ ջարդէն եւ հասնիլ Կոստանդնուպոլիս: Ան ընդունելութիւն խնդրեց Ֆրանչիսկոս Յովսէփ կայսրէն եւ անոր դիմաց պաշտպանեց հայոց դատը: Չվարանեցաւ նոյնիսկ լրագիրներու վրայ հըռչակելու Գերմա նիոյ պատասխանատուութիւնը՝ թուրքերու կողմէ գործադրուած ջարդերը ծրագրելու մէջ: Յանդիմանեց նաեւ կաթողիկէ Աւստրիան, քրիստոնէութեան դարաւոր թշնամին հանդիսացող Մահիկին հետ դաշնակցած ըլլալուն համար: Չվախցաւ նաեւ հաստատելու թէ Գերմանիան պարտութիւն պիտի կրէր, որովհետեւ գերմանացիներուն վրայ կը ծանրանար անմեղ հայերուն արիւնը, եւ թէ Աւստրիան պիտի անհետանար երկրի երեսէն, որովհետեւ դաշնակցած էր Գերմա նիոյ հետ: Տարաբախտ հայութեան դատը այս կերպով պաշտպանած ըլլալուն համար, Հայր Նորպերթոյին անունը անցած էր գերմանացիներու եւ թուրքերու սեւ ցանկին մէջ, եւ Գերմանիա եւ Թուրքիա ճամբորդելու համար ան ստիպուած եղաւ ձեռք ձգել կեղծ անցագիր մը:

Հայր Նորպերթոյի մեկնումէն ետք, եղբայրս՝ Տէր Յովսէփը ստանձնած էր վարժարանին տնօրէնութիւնը մինչեւ Հայր Անճելոյ Զմիւռնիացիին գալուստը: Պրն. Անտերսը նոյնպէս հեռացեր էր Կարինէն: Լուրեր ստացանք որ զինք ղրկած էին Ռուսաստան, ուր զինուորական դատարանը զինք մահուան դատապարտած էր գնդակահարութեամբ, լրտեսութեան մեղադրանքով:

Կարինէն հեռացան նաեւ եւրոպացի միւս բոլոր հիւպատոսները: Անոնց պաշտպանութեան բացակայութիւնը առաջինը մենք՝ քափուչիններս զգացինք: Իրօք, հազիւ ֆրանսացի հիւպատոս Պրն. Տեսթրէն ոտքը քաղաքէն դուրս դրաւ, թրքական վարժարանին տնօրէնը գիշատիչի նման յարձակեցաւ մեր դպրոցին վրայ եւ յափշտակեց մեր գիտական ամենաթանկարժէք գործիքները:

Հայր Անճելոն, Իտալիոյ հպատակ ըլլալով, Տրապիզոնի իտալացի հիւպատոսին հետ համաձայնելով՝ մեր վարժարանին վրայ բարձրացուց Իտալիոյ դրօշը: Այսպէս, երբ քանի մը օր ետք ոստիկանները եկած էին գոցելու ֆրանսական վարժարանը, ան կրցած էր յայտարարել որ ատիկա ֆրանսական վարժարան չէր, այլ՝ իտալական: Այսպիսով զինք հանգիստ ձգած էին:

Աւելի ուշ, Հայր Անճելոն, տեղեկանալով որ Իտալիան նոյնպէս, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ կողքին, պատերազմի մէջ պիտի մտնէր, հեռացաւ Կարինէն, մեր վարժարանը եւ առաքելավայրը յանձնելով Վիեննայի Մխիթարեան եւ Աւստրիոյ քաղաքացի Հ. Յակոբ Քօսեանին: Հայր Յակոբը իսկոյն վեր բարձրացուցած էր Աւստրիոյ դրօշը: Երբ Իտալիան պաշտօնապէս պատերազմի մէջ մտաւ, միեւնոյն ոստիկանները եկած էին գոցելու նախապէս ֆրանսական, այժմ արդէն իտալական վարժարանը: Բայց անոր ճակատին աւստրիական դրօշը տեսնելով բացականչած էին. «Այս ի՞նչ տեսակ խեղկատակութիւն է ասիկա: Երէկ՝ ֆրանսացի, այսօր՝ իտալացի, եւ ժամ մը ետք՝ աւստրիացի: Իսկ եթէ Աւստրիան ալ Թուրքիոյ պատերազմ հռչակէ, ի՞նչ քաղաքացիութիւն պիտի առնէք»: «Մի՛ գայթակղիք», հանդարտօրէն պատասխանած էր Հայր Յակոբը, «մենք կաթողիկէներս կը պատկանինք բոլոր ազգութիւններուն: Եթէ Աւստրիան ալ Թուրքիոյ պատերազմ հռչակէ, մենք վեր պիտի բարձրացնենք թրքական դրօշը»:

Այդ անգամին ալ թուրքերը ներողութիւն խնդրած եւ հեռացած էին: Վերջին խօսքը, սակայն, տակաւին ըսուած չէր: 1916 թուականի Մայիսին Կարինի մէջ քրիստոնեայ այլեւս չէր մնացած: Ամէնէն վերջ մեկնած էին Մխիթարեան Հայրերը եւ Հայ Քոյրերը: Թուրքերը հողին հաւասարեցուցած էին մեր վարժարանն ու վանքը, որ արդիւնքն էին հերոս առաքեալներու կէս դար տեւած քրտնաջան աշխատանքին ու զոհողութիւններուն: Խնայած էին հաստահիմն կառուցուած եկեղեցիին, բայց ջարդ ու փշուր ըրած էին խորանները, նստարանները, խոստովանարանները եւ մինչեւ իսկ փայտէ յատակը: Իր տեղը մնացած էր միայն Սերովբէանման Հայր Սուրբ Ֆրանչիսկոսի կաւէ ծանրակշիռ արձանը: Եւ Աստուծոյ տաճարը վերածուած էր փայտագործի արհեստանոցի:

 

ԳԼՈՒԽ Ե.

 

Պատերազմի հռչակման անմիջական հետեւանքները – Հայոց Ցեղասպանութիւնը – Իմ ընտանիքիս ճակատագիրը – Անարգ առաջարկ – Իտալացի գերիներու հետ – Վերջին այցելութիւններս Մալթեփէ – Թուրք բարձրաստիճան զինուորականի մը դարձը – Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը – Հրամանատար Ֆրանշէի հանդիսաւոր մուտքը  

 

Պատերազմի հռչակման անմիջական հետեւանքները

Աւստրիոյ եւ Սերպիայի միջեւ պատերազմի հռչակումը համատարած ահ ու սարսափ նետեց Փոքր Ասիոյ մէջ բնակող եւրոպացիներուն մէջ: Օգոստոս 5ին Տրապիզոնէն նաւ նստայ դէպի Կոստանդնուպոլիս, արձակուրդի շրջանս Սուրբ Ստեփանոսի վանքէն ներս անցընելու համար: Ճամբորդեցի ֆրանսացիներու ընկերակցութեամբ, որոնք կը վերադառնային Ֆրանսա: Կոստանդնուպոլիս հասնելով, տեսայ թէ ինչպէս ֆրանսացիները, գերմանացիներն ու աւստրիացիները աճապարանքով կը վազէին դէպի նաւերն ու շոգեկառքերը, օր առաջ իրենց հայրենիքը հասնելու մտահոգութեամբ: Տեղացի քրիստոնեա ներու դէմքին արտայայտուող անձկութիւնը եւ յատկապէս կիներու արցունքները ուրախութիւն կը պատճառէին թուրքերուն:

Համատարած խառնաշփոթութեան եւ զէնքերու թնդիւնի մէջ բարձրացաւ Մեծն Քահանայապետ Սբ. Պիոս Ժ.ի ձայնը, որ 1914 թուականի Օգոստոս 2ի իր հանդիսաւոր Յորդորագրով փորձեց բոլոր ազգութիւններու ղեկավարները համոզել փրկելու խաղաղութիւնը: Սրբազան Քահանայապետին կոչը ընդունելի չեղաւ եւ ճիշտ ինքը եղաւ սկիզբ առած աղէտին առաջին զոհը, իր սուրբ հոգին աւանդելով 1914 թուականի Օգոստոս 19ի լոյս 20ի գիշերը: Սեպտեմբեր 5ին ընտրուեցաւ անոր յաջորդը՝ Բենեդիկտոս ԺԵ. Սրբազան Քահանայապետը:

Հազիւ իմացայ որ Հայր Նորպերթոն չէր կրնար վերադառնալ Կարին, աճապարանքով գացի ճամբորդական արտօնագիրներս կարգի դնելու, որպէսզի անմիջապէս վերադառնայի հայրենի քաղաքս: Ամբողջ հոգիովս կը փափաքէի Կարին վերադառնալ եւ քրիստոնէական հաւատքիս ու հայութեանս համար մարտիրոսանալ, բայց Տէրը զիս արժանի չհամարեց այդքան շնորհքի: Կառավարական պաշտօնեաները չարտօնեցին ճամբորդութիւնս, ուստի չկրցայ հեռանալ Կոստանդնուպոլիսէն եւ մնացի Սուրբ Ստեփանոսի վանքին մէջ: Եւրոպացի բոլոր հոգեւորականները մէկը միւսին ետեւէն կանչուեցան զինուորական ծառայութեան: Կաթողիկէ վանքերն ու վարժարանները գրեթէ դատարկ էին: Քրիստոնեայ Դպրոցներու Միաբանութեան կրօնաւորները մեկնելէ առաջ ինծի յանձնեցին Սուրբ Յովսէփ վարժարանի խնամքը, ուր բնակութիւն հաստատեցի Օգոստոս 30ին: Ամէն օր Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը կը տանէի հիւանդներուն, իսկ շաբաթը երեք անգամ կ՚այցելէի հիւանդանոց եւ ծերանոց: Վարձատրութիւնը, որ կը ստանայի դասաւանդութեան համար, կը ծառայէր մեր հասարակութեան եւ աղքատներու կարիքներուն:

 

Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պատերազմը արձանագրեց մեր բազմիցս նահատակ Հայաստանի պատմութեան ամենաեղերական էջերը: Թուրքիոյ Ներքին Գործերու Նախարար Թալաաթ Փաշան յարմարագոյն պահը հասած նկատեց՝ բնաջնջելու համար ամբողջ Հայ Ազգը: Ցեղասպանութեան սատանայական ծրագիրը պատրաստեց գերմանացի դեսպան Վանկենհայմը, որ Թալաաթ Փաշայի մտերիմ բարեկամը ու գնահատուած խորհրդականն էր: Գերմանացիները հեռուն ձգտող ծրագիրներ ունէին. աչք դրած էին Անատոլուի ընդարձակ տարածքներուն վրայ եւ կ՚ուզէին գերմանացիներու զանգուածային բնակեցում կազմակերպել հոն: Ծրագիրը նախատեսած էր նախ վարկաբեկող լուրեր տարածել հայերու հասցէին, ներկայացնելով զանոնք որպէս Թուրքիոյ դաւաճաններ եւ Ռուսաստանի դաշնակիցներ, ապա այս մեղադրանքով տեղահանել զանոնք իրենց տուներէն, քշել դէպի լեռներն ու անապատները եւ հոն յանձնել քիւրտերուն ձեռքը, դատապարտելով թալանի ու բնաջնջումի:

Թալաաթ Փաշան երախտագիտութեամբ ընդունեցաւ եւ որդեգրեց իր սատանայածին բարեկամին ծրագիրը, ստորագրեց բոլոր հայերու տեղահանութեան հրամանագիրը, մահապատիժ սպառնալով այն բոլոր թուրքերուն՝ որոնք կը համարձակէին թաքցնել հայերը:

Գերմանացի դեսպան Վանկենհայմը չտեսաւ իր ոճրագործ ծըրագրին իրականացումը, այլ Տիրոջ կողմէ ստացաւ իր արժանի հատուցումը: Տեղահանութեան հրամանագրի ստորագրումին նախորդող երեկոյեան, 1915 թուականի Ապրիլ 23ին, Վանկենհայմը անկողին մտած էր կատարելապէս առողջ, բայց յաջորդ առաւօտ անոր սառած դիակը միայն մնացած էր: Վանկենհայմը մեռաւ, բայց թրքական եւ գերմանական լրագիրները շարունակեցին զրպարտել հայերը: Ճշմարտութիւնը, անշուշտ, չէր կրնար թաքնուած մնալ եւ վերջ ի վերջոյ Թալաաթ Փաշան ինքը հարկադրուեցաւ խոստովանիլ դաժանութիւնները, որոնց զոհ գացած էին հայերը, առանց սակայն քաջութիւնը ունենալու ստանձնե լու ատոնց պատասխանատուութիւնը:

1914ի վերջին ամիսներուն արդէն անդադար լուրեր կը շրջէին Անատոլուի մէջ հայերու ջարդերու մասին: Դեկտեմբերին եղբայրս՝ Տէր Յովսէփը կը գրէր, որ Կարինի մէջ կ՚ապրէին տեւական մտատանջութեան մէջ, կեանքը վտանգուած էր, եւ չէր թաքցներ որ փրկութիւնը կրնար գալ միմիայն ռուսական զօրքերու յաղթանակով: Տեղեկացանք որ Տրապիզոնի հայերը ջարդուէր էին Տեյիրմենտերէի հովիտին մէջ: Հայազգի շատ մը բարձր պաշտօնեաներ ստիպուեցան հեռա նալ Կոստանդնուպոլիսէն: Կ՚ըսուի թէ անոնց թիւը մօտ հինգ հազարի չափ էր: Բոլոր զիս ճանչցողները խղճացող հայեացքով կը դիտէին զիս եւ կը զարմանային թէ ինչպէս կրնայի տակաւին շրջիլ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ առանց կալանաւորուելու: Կոստանդնուպոլիսէն հայերու արտաքսումի նախօրէին էինք եւ Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԵ.ին միջամտութիւնը միայն կրցաւ փրկել երկու հարիւր հազար մարդոց կեանքը: Հռոմէացի բարձրաստիճան հոգեւորական մը եւ պաւարիացի քափուչին Հայր Չելեսթինոն սուլթանին տարին Սրբազան Քահանայապետին ինքնագիր պատգամը: Այդ ատեն Մոհամմէտ Ե.ը արդէն ամբողջովին հեղինակազրկուած էր Թալաաթ Փաշային կողմէ, բայց Վատիկանի դիւանագիտական քայլը հաւասարապէս ստացաւ ակնկալուած արդիւնքը:

Անքարայի հայերը մինչդեռ, դժբախտ ճակատագիր ունեցան, որոնք բոլորն ալ կաթողիկէ էին: Տեղահանուեցան եւ քշուեցան դէպի հեռաւոր բարձրաւանդակները, ուր՝ քաղցէն, ծարաւէն ու յոգնութենէն մահացան: Քսան հազարէ աւելի էին, որոնցմէ հազիւ հինգ հարիւրը կրցաւ վերադառնալ տուն:

1916ի Յունուարին քիչ թէ շատ անստոյգ լուրեր կը հասնէին Թուրքիոյ ներքին նահանգներէն: Աւստրիոյ ընդհանուր հիւպատոսը, որ իմ մտերիմ բարեկամներէս էր, եկաւ ինծի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ այցելելու, բայց այնքան յուզուած էր որ խօսք մը չկրցաւ արտասանել: Գիտցայ որ Տրապիզոնի Մխիթարեան եօթը վարդապետները կալանաւորուած էին Զեֆանոսի իրենց ամառանոցին մէջ եւ սպաննուեր էին կացինի հարուածներով: Յետագային Հայր Լորենցոն պատմեց ինծի, որ մի քանի օր տեւած հոգեւոր առանձնութեան մէջ՝ աղօթքով պատրաստուեր էին մարտիրոսութեան:

 

Իմ ընտանիքիս ճակատագիրը

1914 թուականի Ապրիլին արդէն թրքական կառավարութիւնը սկսած էր հալածել Կարինի հայերը. կը բռնագրաւէր խանութներուն ապրանքները, իրենց սեփական տուներէն կը վտարէր տղամարդիկ եւ կիներ, առանց հաշուի առնելու անոնց առողջական վիճակը կամ տարիքը, եւ զանոնք քարեր կոտրելու կը դատապարտէր՝ ճանապարհաշինութեան համար: Իմ հայրս, արդէն եօթանասունամեայ, ենթարկուեցաւ այդ անասելի չարչարանքներուն:

Մայրս, հիւանդութիւններու պատճառով ուժասպառ եղած, սրբութեամբ մահացաւ Աստուածածնի ծննդեան օրը, 1914 թուականին, ստանալով եղբօրս՝ Տէր Յովսէփի հոգեւոր խնամքը: Կանխատեսելով ջարդերը, ամուսինը եւ զաւակները յորդորած էր հաստատուն մնալ հաւատքի մէջ եւ խոստացած էր աղօթել անոնց համար, որպէսզի Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակները մնային մինչեւ իրենց արեան հեղումը:

Առաքել եղբայրս դատապարտուեցաւ քար կոտրելու եւ ձիւնածածկ դաշտերու մէջ լքուած՝ ցրտահար մահացաւ 1914ի Դեկտեմբերին: Արհեստով կաշեգործ էր:

Մկրտիչ եղբայրս գաւազաններու հարուածներով սպաննուեցաւ Քեմահի բլուրին վրայ: Նոյն բլուրին վրայ սպաննուեցան նաեւ իր երեք զաւակները, որոնցմէ ամենամեծը, Գրիգորը, հազիւ հինգ տարեկան էր: Իր կինը սովամահ եղաւ Ռակքայի մէջ: Մկրտիչը նոյնպէս կաշեգործ էր, բայց շահած նուազագոյն գումարները բաւական չըլլալով իր ընտանիքի եւ տարեց ծնողներու ապրուստին համար, երեք տարիով գաղթած էր Ռուսաստան, ուր կրցած էր քիչ մը դըրամ հաւաքել՝ աշխատելով որպէս հացագործ: Կիրթ ու քաղաքավարի անձ մըն էր, գորովալի եւ շատ բարեպաշտ:

Հայրս սպաննուեցաւ 1915 թուականին: Կանխատեսելով իրեն սպասուող վախճանը, տունէն դուրս գալէն առաջ խնդրած էր որ քա հանայ եղբայրս մատակարարէր իրեն Վերջին Օծումը:

Թուրքերը, աքսորի ճանապարհին ողջ ողջ մորթազերծ ըրին եւ գետնին խաչեցին քահանայ եղբայրս՝ Տէր Յովսէփը, որովհետեւ յորդորած էր ժողովուրդը հաստատուն մնալ հաւատքի մէջ եւ կնոջ մը մատակարարած էր Ապաշխարութեան Խորհուրդը:

Մանուկ անունով մօրեղբայրս սովամահ եղաւ Կարինի լեռներուն վրայ: Իր կինը մահացաւ իրմէ քանի մը օր յետոյ:

Այդ տեղահանութիւններու ժամանակ մահացած ազգականներուս թիւը կարծեմ յիսունէն աւելի է: Հայ զոհերու թիւը, մինչդեռ, 1914էն մինչեւ 1923 թուականը, երկու միլիոնէն աւելի է:

Կարինի նահանգին հարիւր հազար հայերէն փրկուեցան հազիւ երկու հարիւր հոգի, իսկ այդ թեմին երկու հարիւր Հայ Կաթողիկէ քահանաներէն ողջ մնացին միայն Տէր Սերովբէն եւ Տէր Վահան Քեչուրեանը:

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու շարքին կ՚ուզեմ դասել նաեւ քոյրս՝ Քոյր Մարգարիտը, որ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան անդամ էր: 1916 թուականին ան տակաւին Կարին կը գտնուէր եւ միայն այդ տարուան Մայիսին կրցաւ Կոստանդնուպոլիս տեղափոխուիլ առանց որեւէ չարչարանք կամ զըրկանք կրելու, վայելելով աւստրիական ընդհանուր հիւպատոսութեան պաշտպանութիւնը: Բայց ճանապարհին տեսնելով մեր Ազգին կրած մահասարսափ դժբախտութիւնը, ծանրօրէն հիւանդացաւ եւ մահացաւ 1919 Յուլիս 18ին:

 

Անարգ առաջարկ

1916 թուականի Սեպտեմբերին Կոստանդնուպոլիս հասաւ գերմանացի կղերականներու հոծ բազմութիւն մը, որոնք եկած էին նախապատրաստելու իրենց ազգակիցներու վերաբնակեցումը մեր Հայրենիքի հողին վրայ: Անոնց մէջ կային նաեւ շատ մը թիրոլացի քափուչիններ, ինչպէս Հ. Լինոն, Հ. Անիելլոն եւ Հ. Սեպասթիանոն, որոնց յետագային միացան նաեւ Հ. Ռիքքարտոն եւ Հ. Նորպերթոն:

Հայր Ռիքքարտոն, որ Սեւ Ծովու առաքելութեան նախկին առաքեալներէն էր, հասաւ մինչեւ Անատոլուի խորերը եւ կրցաւ օգնութեան ձեռք երկարել բազմաթիւ հայերու: Այցելեց Իզմիտ, Քոնիա, Զունտուլտակ քաղաքները եւ հարեմներէն ազատեց մի քանի հարիւր հայ կիներ ու աղջիկներ: Գերմանական լրագիրներու մէջ տպագրեց յօդուածներ, ուր դատապարտեց Գերմանիոյ դաշնակցութիւնը Թուրքիոյ հետ եւ յստակ բառերով նախագուշակեց գերմանացիներու պարտութիւնը, քանի որ գերմանացիները նպաստած էին Հայոց Ցեղասպանութեան: Հայր Ռիքքարտոն նոյնպէս, Հայր Նորպերթոյի նման, անցաւ գերմանացիներու եւ թուրքերու սեւ ցուցակին մէջ եւ Թուրքիոյ մէջ չէր կրնար ճամբորդել առանց սեփական կեանքը լուրջ վտանգի ենթարկելու:

Այդ շրջանին, Կոստանդնուպոլսոյ գերմանացի կաթողիկէները կանոնական գետնի վրայ կախումնաւոր էին Վիեննայի թեմին պատ կանող աւստրիացի եպիսկոպոսէ մը: Ասիկա օր մը հրաւիրեց զիս Փերայի Սաքըզ Աղաճ փողոցին վրայ գտնուող իր պաշտօնարանը: Ընդունեցաւ զիս հիւրասենեակի շեմին, խոր յարգանքի արտայայտութիւններով հրաւիրեց ներս եւ առանց երկար բարակ նախաբաններու անցաւ բուն նիւթին:

«Թանկագին Հայր Կիւրեղ», ըսաւ, «Ձեր գործունէութեան համբաւը հասեր է մինչեւ Պեռլին եւ Վիեննա: Գիտենք որ իրական առաքեալ մըն էք, սուրբ, եռանդուն, խելացի ու խոհեմ: Մեր յաղթական կառավարութիւնը իր հայեացքը ուղղած է Ձեզի: Միայն Դուք ի զօրու էք իրագործելու մեր ծրագիրները: Կը նշանակենք Ձեզի Անատոլուի առաքելութեան եկեղեցական Մեծաւոր: Կը խնդրենք Ձեզմէ որ գերմանացիներուս համար ընէք այն ինչ որ մինչեւ օրս ըրած էք ֆրանսացիներուն համար: Մենք գիտենք, որ խորապէս կաթողիկէ առաքեալ մըն էք եւ որ ֆրանսական քաղաքականութեան նպաստած էք Ձեր քրիստոնէական գործունէութիւնը յառաջ տանելու համար: Արդ, ֆրանսացիները այլեւս գոյութիւն չունին, այսօր կամ վաղը կը սպասուի Փարիզի կործանումը, եւ մենք անոնց բախտաւոր յաջորդներն ենք: Հարկ չկայ որ մտահոգուիք Ձեր եւ Ձեր գործակիցներու ապրուստին մասին: Անատոլուի ամբողջ ընդարձակ տարածքը Ձեզի կը պատկանի եւ զայն ոսկիի կշիռով կրնաք վարձել կամ վաճառել մեր գերմանացի գաղթականներուն: Կարիք պիտի չունենաք Հռոմի դիմելու՝ չնչին օգնութիւն ստանալու յոյսով: Ասկէ զատ, գերմանական կառավարութիւնը Ձեզի պիտի տայ բանակի հրամանատարի մը բարձր ամսականը: Լսեցի …, շարունակեց ձայնին երանգը փոխելով, «լսեցի որ թուրքերը կոտորեր են Ձեր ազգականները եւ որ անոնցմէ ոմանք ապաստանած են Ռակքա»: Առանց խօսակցութիւնը ընդհատելու բացաւ տուփ մը, հանեց ափ մը թրքական ոսկի լիրաներ եւ ինծի մեկնելով ըսաւ. «Ահա փոքրիկ գումար մը սկսելու համար: Ղրկեցէք Ռակքայի Ձեր հարազատներուն …»:

Մինչ այդ անարժան եկեղեցականը այս խօսքերը կ՚արտասանէր, կը զգայի թէ ինչպէս արիւնս կ՚եռար երակներուս մէջ եւ զայրոյթս կ՚ուտէր զիս: Խոր հառաչանք մը դուրս ելաւ բերանէս եւ այսպէս ընդհատեցի խօսակցութիւնը. «Կը գայթակղիմ, թէ ինչպիսի աներեսութեամբ կ՚առաջարկէք ինծի կատարել գործ մը, որ գերագոյն աստիճանի անբարոյական է: Դուք կը հրաւիրէք զիս ոտնակոխ ընելու այն արիւնը, որ տակաւին տաք՝ կը մխայ անսահմանօրէն սիրելի Հայրենիքիս հողէն: Ջարդուածներուն եւ քաղցէ ու ծարաւէ մեռածներուն ոսկորները, Միջագետքի չոր անապատներուն մէջ ցրուած, վրէժ կը պոռան թուրքերու եւ իրենց ջարդը կազմակերպողներու դէմ: Եւ դուք կ՚ուզէք որ երթամ գերմանական դրօշա՞կը տնկեմ սիրելիներուս գանկերուն վրայ …»:

Այդ անարժան եկեղեցականը կ՚երեւի չէր սպասեր ստանալ այսպիսի նախատինք եւ կշտամբանք: Դէմքը իսկոյն կարմրեցաւ եւ քրտինքով ծածկուեցաւ: Երկարատեւ լռութենէ յետոյ ըսաւ. «Թանկագին Հայր Կիւրեղ, սխալեցայ: Կը խնդրեմ, ներեցէք ինծի: Վերցուցէք այս դրամը Ռակքայի Ձեր հարազատներուն համար»:

«Չեմ ուզեր», սաստիկ պոռացի երեսին:

«Ոչ ոք թող գիտնայ առաջարկը, որ ըրի Ձեզի»:

«Ատիկա չեմ խոստանար», պատասխանեցի, «որովհետեւ բոլորն ալ գիտեն որ գերմանացիները թուրքերը մղեցին հայութիւնը կոտորելու, որպէսզի իրենք կարենային գրաւել մեր Հայաստանը»:

Այս պատասխանը տուի եւ դուրս ելայ այդ անարժան եպիսկոպոսին պաշտօնարանէն, եւ գացի ամբողջ խօսակցութիւնը մանրամասնօրէն եւ բարձրաձայն պատմելու Սրբուհի Մարիամ ժողովրդապետութեան Կրտսեր Եղբայրներուն եւ Սուրբ Անտոնի Վանաբնակ Հայրերուն: Յաջորդ օրը ամբողջ քաղաքը կը խօսէր գերմանացի եպիսկոպոսին հետ ունեցած Հայր Կիւրեղի հանդիպումին մասին: Հրաւիրուեցայ ներկայանալու գերմանական զինուորական հրամանատարութեան, բայց մերժեցի, ըսելով որ նախ պէտք է խօսէի Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակին հետ: Գերմանացիները չհաւնեցան պատասխանս, որովհետեւ շատ լաւ գիտէին որ Առաքելական Նուիրակը պիտի չարտօնէր ինծի ներկայանալու իրենց: Բայց ինքզինքնին պարտուած չճանչցան եւ քովս ղրկեցին Հայր Ռիքքարտոն: Ասիկա, վախնալով որ իսկապէս յանցաւոր էի յանիրաւի զրպարտելով աւստրիացի եպիսկոպոսը, ուզած էր հրաժարիլ հետս կատարելիք բանակցութիւններէն, բայց զինք հարկադրած էին հնազանդելու: Ան ուշադրութիւնս հրաւիրեց այն հարցին թէ մահապատիժի ենթարկուելու վտանգի մէջ էի: «Թանկագին Հայր Ռիքքարտոյ», պատասխանեցի, «իմիններս բոլորը մեռած են եւ ինծի համար կեանքը այլեւս արժէք չունի: Կրնամ գնդակահարութեա՞ն դատապարտուիլ: Որմէ՞: Ինչի՞ համար: Ես զրպարտա՞ծ եմ գերմանացի եպիսկոպոսը: Զինք բնաւ զրպարտած չեմ, քանի որ անժխտելի է որ առաջարկեց ինծի գերմանական դրօշակը տնկել թուրքերու եւ գերմանացիներու կողմէ կոտորուած սիրելիներուս գանկերուն վրայ, խոստանալով ինծի ոսկի եւ հողեր»: Ոչ ոք կրցաւ փրկել այդ եպիսկոպոսին վարկը. շատ չանցած պաշտօնէն վար առնուեցաւ եւ ետ ղրկուեցաւ Աւստրիա:

 

Իտալացի գերիներու հետ

Թալիամենթոյի ճակատամարտէն ետք, իտալացի հինգ հարիւր տասներկու գերիներ բանտարկուած էին Մալթեփէի մէջ, որ Կոստանդնուպոլսոյ ասիական ափին գտնուող գիւղ մըն էր, Հայտար Փաշայէն շոգեկառքով մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ: Մեծապէս ուրախացայ, երբ Առաքելական Նուիրակ Գերպ. Տոլչին ինծի յանձնեց անոնց հոգեւոր խնամքը:

Հոն կ՚երթայի ամէն Կիրակի, Սուրբ Պատարագը մատուցանելու համար: Պաւարիացի կաթողիկէ բարեսիրտ զինուորական մը ուշադրութեանս հրաւիրեց որ գերիներուն մէջ կային ոմանք որ մկրտուած չէին եւ խաչակնքուիլ անգամ չէին գիտեր: Ուստի խորհուրդ տուաւ որ անոնց կրօնագիտութիւն դասաւանդեմ: Գոհացուցիչ արդիւնքի մը հասնելու համար հարկաւոր էր որ Մալթեփէ երթայի շաբաթը առնուազն երեք անգամ: Գերպ. Տոլչին համապատասխան արտօնագիր ստացաւ ինծի համար: Եռանդուն գործակից մը գտայ յանձինս հռոմէացի Ռոմէոյի, որ պատերազմը բռնկելու պահուն քահանայութեան պատրաստուող ուսանող էր: Անոր եռանդին շնորհիւ, այդ թանկագին երիտասարդները չորս ամսուան ընթացքին սորվեցան քրիստոնէական վարդապետութիւնը եւ 1917 թուականի Մայիսին ստացան առաջին Հաղորդու թիւնը: Ասկէ զատ, Ռոմէոն ամէն երեկոյ անոնց արտասանել կու տար Վարդարանի աղօթքը եւ բոլոր Սուրբերուն բարեխօսութիւնը հայցող շարականները:

Կրօնական հրահանգումը ամբողջովին փոխակերպեց այդ երիտասարդները. նախապէս շարունակ կը տրտնջային, անհնազանդ էին, տխուր եւ անպատկառ, իսկ յետոյ դարձան համակամ, հնազանդ, խաղաղ եւ ուրախ:

1917 թուականի վերջին ամիսներուն Կոստանդնուպոլսոյ ամբողջ շրջակայքը անհնարին էր հաց գտնել: Քաղաքին մէջ տեսակ մը հաց կը բաժնէին, որ պատրաստուած էր քիչ մը ալիւրի հետ խառնուած թեփով: Հասկնալի է, որ երեւելի անձերու համար մաքուր ցորենի հացը անպակաս էր եւ բաւականին աժան գինով: Ես ամէն շաբաթ երկու քիլոկրամ հաց կը ստանայի Թալաաթի անձնական բժիշկէն, որովհետեւ անձնական դասեր կու տայի անոր զաւակին: Վեսթֆալիայի վանական նահանգին պատկանող քափուչին կղերացու մը, որ այդ ատեն կը ծառայէր գերմանական բանակին մէջ, օրական իր բաժին հացը, ոսպը, լուբիան, սիսեռը, բակլան, շագանակները եւ ուրիշ շատ բաներ մեզի կը բերէր: Անշուշտ Սուրբ Պատարագի ծիսակատարութեան համար վաւերական նիւթ չէին ատոնք, բայց համեղ էին եւ սննդարար: Իտալացի գերիները ամէն օր կը ստանային հինգ հարիւր կրամ զանազան ուտելիքներ. գերմանական զինուորական հաց, չոր բակլայ, սիսեռ, դդումի կուտեր եւ այլն: Այդքանը բաւական չէր կերակրելու համար երիտասարդներ՝ որոնք օրական ութը ժամ դատապարտուած էին քար ու աւազ կրելու մէկ տեղէն միւսը եւ ապա ետ վերադարձնելու հոն ուրկէ առած էին: Չէք կրնար երեւակայել տառապանքս, երբ հայեացքնին ինծի ուղղած կը հարցնէին. «Հայր Սուրբ, կտոր մը հաց չէ՞ք բերած մեզի»: Բայց դիւրին բան չէր հաց գտնել հինգ հարիւր տասներկու քաղցած գերիներու հա մար: Սուրբ Ծնունդի կապակցութեամբ որոշեցի բան մը ձեռնարկել: Նուիրատուութիւններու հաւաք կազմակերպեցի: Իտալացի օրիորդներու խումբ մը հաւաքեց աւելի քան հազար թրքական ոսկի լիրա, Առաքելական Նուիրակը տուաւ հինգ պարկ կրկնեփ, Հայր Պեռնարտինոն հաւաքեց աւելի քան հազար կտոր ձմեռնային հագուստ, իսկ Վանաբնակ Հայրերու Մեծաւորը գերմանական գործատունէն նուէր ստացաւ երեսուն կապոց կտաւ եւ վեց հարիւր անձեռոց: Կտաւը գործա ծուեցաւ շապիկներ ու վարտիքներ կարելու համար: Տեսնելով որ իտալացի օրիորդները գործը աւելի լաւ կ՚ընէին՝ քան ես, որոշեցի կազմակերպել իտալացի գերիներու խնամքը ստանձնող մնայուն յանձնախումբ մը: Յանձնախումբը իրենց հայրենակիցները հրաւիրեց մասնակցելու Սբ. Անտոն Փատովացիի ժողովրդապետութեան սրահին մէջ կազմակերպուած բարեգործական փոքրիկ հանդէսին: Մտածած էինք կազմակերպել ընտանեկան երեկոյթ մը. օրիորդները պէտք է հրամցնէին թէյ եւ կրկնեփներ, իսկ իմ դպրոցիս աշակերտները պէտք է արտասանէին քանի մը բանաստեղծութիւն: Արդիւնքը գերազանցեց մեր բոլոր ակնկալումները. հաւաքուեցաւ քսանչորս հազար թրքական ոսկի լիրա: Քսանչո՜րս հազար ոսկի լիրա ձեռքերուս մէջ: Կեանքիս մէջ միաժամանակ այդքան դրամ տեսած չէի: Վարուեցայ՝ ինչպէս վայել է աղքատութիւն ուխտած կրօնաւորին. ամբողջ գումարը յանձնեցի Գերպ. Տոլչիին, որ իր անսահման ուրախութիւնը յայտնեց զիս ուժգին ողջագուրելով ու բացականչելով. «Ա՜հ, Հայր Կիւրեղ: Ա՜հ, Հայր Կիւրեղ»:

Յաջորդ օրը Առաքելական Նուիրակը եւ իտալացի օրիորդները քննարկած էին գերիներու համար հաւաքուած դրամը գործածելու հնարաւոր եղանակները, եւ օրիորդները միաձայն հաստատած էին որ որոշում մը կայացնելու ամենայարմար անձը Հայր Կիւրեղն է: Ես ալ իմ կարգիս ըսի որ դրամը կը պատկանի գերիներուն եւ իրենք անձամբ պէտք է որոշեն թէ ինչ բանի համար պէտք է զայն ծախսեն: Բոլորը համաձայն գտնուեցան:

«Հա՜ց, հա՜ց, հա՜ց», եղաւ գերիներու միաձայն պահանջը: Երբ փորձեցի ուրիշ բաներ ալ առաջարկել, պատասխանեցին. «Հաց կ՚ուզենք: Ուրիշ բան չենք ուզեր, այլ միայն հաց»: Յանձնախումբի անդամներէն ոչ ոք կրնար կասկածիլ թէ ինչպիսի սովահար վիճակի մէջ էին Մալթեփէի գերիները:

Հինգշաբթի, արեւը դեռ չծագած, ուղեւորուեցայ դէպի Մալթեփէ, հետս տանելով տասը պարկ հաց: Շոգեկառքի կայարանին մէջ զիս դիմաւորելու եկած էին գերիներէն տասը հոգի եւ ձեզի կը թողում երեւակայել անոնց ուրախութիւնը՝ երբ տեսան հացով լեցուն պարկերը: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը կը յիշէի. «Բանտարկուած էի եւ եկաք ինծի այցելելու»: Երբ հասանք գերիներու դաշտը, այդ թանկագին երիտասարդները զիս իրենց ձեռքերուն վրայ բարձրացուցին եւ յաղթական թափօրով տարին գերմանացի հրամանատարի գրասենեակի մուտքին: Քիչ մնաց պիտի խեղդէին զիս, այնքան պինդ կը սեղմէին զիս ամէն կողմէ, որովհետեւ բոլորն ալ կ՚ուզէին զիս իրենց ձեռքերուն վրայ կրել: Կու լային, կ՚երգէին եւ անոնց ուրախութիւնը հասեր էր գերագոյն աստիճանի, քանի որ հաւաքուած գումարը առնուազն վեց ամսուան համար կրնար բաւական ըլլալ: Սակայն, անսպասելի դէպք մը պատահեցաւ: Առաքելական Նուի րակ Գերպ. Տոլչին թուրք գերագոյն հրամանատար Էնվեր Փաշայէն արտօնութիւն ստացած էր Իտալիա վերադարձնելու մօտ քսան անդամահատուած գերի զինուորականներ, որոնք այլեւս ի վիճակի չէին զէնք վերցնելու: Նուիրակը պատշաճ չէր նկատած, որ Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցիչը զինուորները հայրենիք ղըրկէր ցնցոտիներ հագուած եւ դատարկ գրպաններով: Ուստի, աղուոր մը զգեստաւորած էր զանոնք եւ իւրաքանչիւրին թրքական լիրաներով լեցուն քսակ մը նուիրած էր: Ատկէ զատ, անոնց մեկնումի նախօրէին հանդիսաւոր ճաշ կազմակերպած էր անոնց ի պատիւ: Հասկնալի է, որ այդ զինուորականները իրենց հետ Իտալիա տարին ամենաբարի ու երախտագէտ յիշողութիւններ Առաքելական Նուիրակին մասին, բայց մարդասիրական այդ գործը Գերապայծառը կատարած էր ո՛չ թէ իր սեփական գրպանի հաշուին, այլ սպառելով Մալթեփէի գերի ներուն ապրուստը ապահովելու համար հանգանակուած գումարը: Ես լուր անգամ չունէի պատահածի մասին եւ մեծապէս ապշած մնացի երբ Առաքելական Նուիրակին պաշտօնարանը երթալով լսեցի՝ թէ այլեւս դրամ չկար: Ոչ մէկ բացատրութիւն ստացայ պատահածին վերաբերեալ:

Մալթեփէի գերիներուն ուրիշ ոչինչ կրցայ ըսել, եթէ ոչ միայն որ ինծմէ աւելի վեր կեցած իշխանութիւնները աւելի նպատակայարմար նկատած էին գործածել գումարները հայրենիք վերադարձող անդամահատուած զինուորներուն օգնելու համար: Անօգուտ էր յաւելեալ հարցումներ ուղղել ինծի, աւելի լաւ պիտի ըլլար՝ եթէ միասին աղօթէինք Սուրբ Վարդարանը, որովհետեւ վստահ էի որ Աստուածամայրը պիտի մխիթարէր մեզ: Այդ բարեհոգի երիտասարդները սրտանց ընդունեցան աղօթքի հրաւէրը, բայց ոմանք երդում ըրին վրէժխնդիր ըլլալ անոնցմէ՝ որոնք համարձակած էին վատնել իրենց ամէնօրեայ հացին դրամը: 1918 թուականի Դեկտեմբերին, անոնցմէ հինգ կամ վեց հոգի, համոզուած որ պատահածին բուն պատասխանատուն Ասպետական Հրամանատարն էր, իտալական դեսպանատան բարձրագոյն պաշտօնեան, խեղճը աղուոր մը ծեծի ենթարկեցին: Անոնց հանդիպեցայ դեսպանատունէն քանի մը քայլ անդին, հերոսական ձեռնարկէն անմիջապէս յետոյ:

Ի՞նչ կրնայի ըսել գերիներու խնամքը ստանձնած յանձնախումբին: Գլխուս յանդիմանութիւններ տեղացին ամէն կողմէ, երիտասարդներէն ու տարեցներէն: Բոլորն ալ կը բողոքէին թէ ինչպէս կրցած էի այդքան միամիտ ըլլալ, եւ ոչ ոք առիթը չէր փախցներ իր պերճախօսութիւնը ցոյց տալու համար: Յանդիմանութիւնները կ՚ընդունէի աչքերս վար խոնարհած եւ գլուխս դէպի ձախ թեքած զղջացած մեղաւորի մը նման: Վերջ ի վերջոյ, երբ կանացի պերճախօսութիւնը սպառեցաւ, խօսք առի եւ քիչ թէ շատ այս խօսքերը ըսի. «Իրաւացի էք զիս յանդիմանելով, որովհետեւ ուրիշներու յանձնեցի գերիներու դրամը առանց յանձնախումբի եւ իրենց իսկ գերիներուն կարծիքը լսելու: Սխալը արդէն գործուած է եւ կը խոստովանիմ որ սրտանց զղջացած եմ ըրածիս համար: Հարկաւոր է ձեւով մը վնասը հատուցանել: Եկէք երկրորդ հանդէս մըն ալ կազմակերպենք:

Իմ աշակերտներս պատրաստ են արտասանութեան եւ պարերու հա մար»: Առաջարկս ծափահարութիւններով ընդունուեցաւ: Ֆրանսական ասացուածք մը կ՚ըսէ. «Ինչ որ կինը կ՚ուզէ, Աստուած կ՚ուզէ»: Օրիորդները ամէն բան ըրին, որպէսզի երկրորդ հանդէսը առաջինէն աւելի լաւ ըլլայ եւ սակաւաթիւ րոպէներ տեւած տրտմութիւնը աղուոր առիթ եղաւ որ կրկնապատիկ ուրախութեամբ աշխատին իրենց հայրենակիցներուն համար: Իսկոյն փոքրիկ գումար մը հաւաքուեցաւ եւ յաջորդ անգամ Մալթեփէ երթալուս կրցայ հետս տասը պարկ հաց տանիլ: Այդ բարեսիրտ օրիորդներուն ինքնասիրութիւնը այլեւս կանգ չառաւ եւ իտալական համայնքը վեհանձնութեամբ պատասխանեց անոնց կոչին: «Տանթէ Ալիկիէրի» ընկերութեան անդամները բեմադրեցին Սիվիլիացի Վարսավիրը թատրերգութիւնը: Երեկոյթը շատ յաջող անցաւ: Արդի՞ւնքը: Առաջին անգամուան գումարին գրեթէ կրկինը հաւաքեցինք. քառասուներեք հազար թրքական ոսկի լիրա:

Աստուածամայրը օգնած էր մեզի: Յաջորդ երկուշաբթի պատարագեցի ի պատիւ Փոմփէյի Աստուածամօր եւ իտալացի օրիորդները հաղորդուեցան Սուրբ Խորհուրդին:

Այսպէս, մինչ ամբողջ Կոստանդնուպոլիս քաղաքը քաղցած էր, Մալթեփէի գերիները չափաւոր վիճակի մէջ էին: Ասկէ զատ, յանձ նախումբը որոշեց անոնց համար անհրաժեշտ ամէն բան հայթայթել. հագուստ, դեղորայք, ժամացոյցներու նորոգում, առանց սակայն հացի գումարին դպչելու: Պաւարիացի հրամանատարը թոյլատրեց որ իտա լացի օրիորդները գերիներուն այցելութեան գային կիրակի օրերը ժամը 14էն 17ը: Այդ օրիորդներէն շատերը պատերազմի աւարտին մեկնեցան Սիկիլիա, նախկին գերիներու հետ ամուսնացած:

 

Վերջին այցելութիւններս Մալթեփէ

1918 թուականի Նոյեմբերի սկիզբը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լուրեր կը շրջէին՝ թէ գերմանական բանակը մեծ կորուստներ կրած էր պուլկարասերպական ճակատին վրայ, բայց գերմանացի զինուորականներուն գոռոզ կեցուածքը՝ գրեթէ այդ լուրերուն հակառակը ցոյց կու տար: Մալթեփէի մէջ մեր պաւարիացի ազնիւ հրամանատարը բաւականին ջղային էր, բայց շատ աւելի ջղային էր պրուսիացի հրամանատարը, որ զիս հաշուետուութեան կանչեց իր գրասենեակը: Սենեակը, որ նախապէս շքեղ կահաւորուած էր, գրեթէ ամբողջովին դատարկ էր: Դաժանադէմ գերմանացին զայրացած կը քալէր սենեակին մէկ ծայրէն միւսը, ձեռքերը խենթի նման շարժելով, անըմբռնելի բառեր մրմնջալով, ինքն իրեն հարցեր տալով եւ պատասխանելով:

Հազիւ նկատեց զիս, սեղանին ետեւը տնկուեցաւ մարտաշունչ աքաղաղի կատարի նման կարմիր երեսով եւ դուրս ցցուած աչքերով: Դողացող ձայնով եւ վատ ֆրանսերէնով ըսաւ. «Լաւ մը երեսիս նայեցէք, կաթողիկէ քահանայ: Գիտէ՞ք ինչպիսի պատիժի կ՚արժանանան դաւաճանները: Վա՜յ ձեզի, եթէ իտալացի գերիներու հետ քաղաքականութեան մասին խօսիք: Եթէ գէշ խօսիք գերմանացիներու մասին, ձեզ գնդակահարել կու տամ առանց դատարանին անգամ ներկայացնելու: Այսքանը պէտք է ըսէի ձեզի: Կրնաք երթալ», ըսաւ եւ կրկին սկսաւ սենեակին մէկ ծայրէն միւսը երթալ, միեւնոյն շար ժումները ընելով:

Կամացուկ մը հեռացայ: Ե՞րբ խօսած էի քաղաքականութեան մասին: Ի՞նչ յանցանք գործած էի, հայրենիքի դաւաճան նկատուելու համար: Ի՞նչ յանցանք ունէի, եթէ գերմանացիները պարտուեր էին պատերազմի մէջ: Թերեւս իրականացեր էր երեք տարի առաջ Հայր Ռիքքարտոյի եւ Հայր Նորպերթոյի ըրած կանխագուշակումը, որ գերմանացիներն ու աւստրիացիները պիտի պարտուէին, որովհետեւ քաջալերած էին թուրքերը կոտորելու հայերը:

Իտալացի գերիները ցնծութեամբ ընդունեցան զիս. կ՚երգէին Իտալիոյ թագաւորական քայլերգը եւ կը փառաբանէին Իտալիան եւ դաշնակից պետութիւնները:

Մալթեփէ վերադարձայ Նոյեմբեր 2ին, հետս տանելով քսան պարկ հաց եւ գերիներու կողմէ խնդրուած առարկաներով լեցուն ճամպրուկ մը: Մատակարարեցի Ապաշխարութեան Խորհուրդը եւ պատարագեցի մահացած գերիներու յիշատակին:

Յաջորդ օրը, Նոյեմբեր 3ին, Մալթեփէ գացի քսան պարկ հացով, մէկ պարկ ընկոյզով եւ զանազան առարկաներով լեցուն ճամպրուկով: Կայարանին մէջ միայն երեք գերմանացի զինուորներ գտայ, որոնց գլխաւորը հրամայեց ինծի բեռներս մաքսատուն փոխադրել: Անշուշտ ես շալկեցի բեռները եւ, կարծես թէ այդքանը բաւական չէր, մաքսատան պաշտօնեան հրամայեց բանալ բոլոր պարկերը եւ մինչեւ իսկ վրայի հագուստներս մանրակրկիտ քննեց: Գերիներու դաշտին մէջ կրցայ մատուցանել Սուրբ Պատարագը, բայց ինծի արգիլուեցաւ մօտենալ գերիներուն եւ քարոզել: Ատիկա Մալթեփէ կատարած վերջին այցելութիւնս էր: Նոյեմբեր 5ին սպանական դեսպանատունէն լուր ստացայ, որ այլեւս պէտք չէ հոն երթայի, եւ իրենք հոգացին ինծի բերելու Սուրբ Պատարագի ծիսական զգեստներս եւ փոխադրական խորանը:

 

Թուրք բարձրաստիճան զինուորականի մը դարձը

1916 թուականին, Հայր Ճովաննին Կարմիր Խաչի տրամադրու թեան տակ դրած էր իրենց վանքի տարածքին երեք քառորդը, հոն տեղաւորելու եւ խնամելու համար պատերազմի ատեն վիրաւորուած զինուորները: Ամէն օր այդ խեղճերը այցելելու կ՚երթայի, բայց մե ծագոյն զգուշութեամբ կը մօտենայի մահմետականներուն: Օր մը, ուշ երեկոյեան, բարձրաստիճան զինուորականի մը մահիճին մօտ կանչեցին զիս: Ստացած վէրքը ծանր չէր, բայց սաստիկ ջերմ ունէր, ինչ որ բժիշկներուն մտահոգութիւն կը պատճառէր: Չափաւոր ֆրանսերէն գիտէր եւ ինծի այս խօսքերը ուղղեց. «Հայր Սուրբ, երէկ գիշեր Ձեզ երազիս մէջ տեսայ: Կեցած էիք ճիշտ հոն ուր հիմա կեցած էք եւ Ձեր ձեռքերուն մէջ Խաչելութիւն մը բռնած էիք, որուն վէրքերէն արեան գետեր կը հոսէին: Դուք, Հայր Սուրբ, բարկացոտ հայեացքով ինծի կը նայէիք եւ յանկարծ սկսաք ծանր կերպով յանդիմանել զիս, ձախ ձեռքով մատնացոյց ընելով Խաչելութեան վէրքերէն հոսող արիւնը: ՚՚Կը տեսնե՞ս՚՚, կ՚ըսէիք ինծի, ՚՚այս վէրքերը, որոնցմէ արեան գետեր կը հոսին: Դուն ես, որ քու մեղքերովդ խոցեր ես Յիսուսի ձեռքերը, ոտքերն ու կողը: Դուն շատ չանցած պիտի մեռնիս եւ դժոխք պիտի երթաս՝ եթէ մեղքերդ չլուաս այս արեան մէջ՚՚: Այն աստիճան սարսափած էի, որ արթնցայ: Բայց վախը կը հետապնդէ զիս եւ զիս հանգիստ չի ձգեր: Ուրիշ ոչինչ չեմ ուզեր: Հայր Սուրբ, կը վախնամ մահէն, որովհետեւ բազմաթիւ մեղքեր գործած ըլլալով՝ վստահ եմ որ դժոխք պիտի երթամ: Ի՞նչ պէտք է ընեմ, որպէսզի ազատիմ դժոխքէն»:

«Թանկագին Պարոն», պատասխանեցի, «ինծի այնպէս կը թուի որ այդ երազը Աստուծոյ կողմէ Ձեզի հանդէպ ունեցած յատուկ սիրոյ նշանն է: Արդեօք ի՞նչ ըրած էք, որ արժանացած էք այդ շնորհքին»:

Զինուորականը երկար ժամանակ լռեց: Ապա ըսաւ որ բազմաթիւ հայ կիներ ազատած էր ջարդարար քիւրտերու ձեռքէն: Յետոյ, ամբողջովին յուզուած, աւելցուց. «Սեբաստիոյ նահանգապետը հրա մայած էր ինծի սպաննել հայ կաթողիկէ քահանայ մը: Երբ քաղաքէն արդէն բաւականաչափ հեռու էինք, անոր ցոյց տուի նահանգապետին հրամանագիրը եւ ըսի. ՚՚Թանկագին Հայր Սուրբ, հալալ ըրէ ինծի4, որովհետեւ պիտի սպաննեմ քեզ: Ես յանցաւոր չեմ, պէտք է նահանգապետին հնազանդիմ: Հալալ ըրէ ինծի, որովհետեւ եթէ ինծի հալալ չըսես, կը վախնամ որ Աստուած սպաննել կու տայ իմ հինգ եղբայրներս, որ կը պատերազմին Տարտանելլիի ճակատին վրայ: Հարամ ըսէ5 այդ շուն նահանգապետին՚՚: Բայց քահանան պատասխանեց. ՚՚Ո՛չ, հալալ պիտի չընեմ քեզի: Կեանքը բոլորին համար ալ թանկագին է: Եթէ զիս սպաննես, Աստուած ալ կը սպաննէ քու բոլոր սիրելիներդ: Իսկ եթէ կեանքս խնայես, կ՚աղօթեմ իմ Տէր Յիսուսիս, որպէսզի փրկէ սիրելիներդ՚՚: Այդ քահանային խօսքերը տպաւորեցին զիս եւ վստահելի թիկնապահներու ուղեկցութեամբ զինք Սեբաստիա ղրկեցի: Իմ հարազատներս բոլորը ողջ առողջ են: Միայն ես թեթեւակի վիրաւոր եմ, բայց յոյսով եմ շուտով ապաքինիլ»:

Զինք պատրաստեցի ընդունելու քրիստոնէական սուրբ հաւատքը եւ մատակարարեցի Մկրտութեան Խորհուրդը: Անունն ալ փոխեցի ու Վարդան դրի: Մկրտութենէն անմիջապէս ետք, ամբողջովին յուզուած բացականչեց. «Ա՜հ, որքա՜ն երջանիկ եմ: Ինքզինքս երկնային հրեշտակներուն նման մաքուր կը զգամ»: Ապա հարցուց. «Ի՞նչ պէտք է ը նեմ, եթէ մոլլան գայ ինծի այցելելու եւ ուզէ մահմետական աղօթքներ կարդալ վրաս»: «Եթէ գայ», պատասխանեցի, «ըսէ որ առողջական վիճակդ լաւ չէ եւ չես կրնար ընդունիլ զինքը»:

Յաջորդ առաւօտեան գացի իրեն այցելելու: Բաւականին գէշ վիճակի մէջ էր եւ խօսելու ոյժ անգամ չունէր: Շտապեցի մատակարարել Ապաշխարութեան Խորհուրդը, արձակելով զինք իր բոլոր մեղքերէն: Մահացաւ կէսօրին, մինչ եկեղեցիներու զանգերը կը ղօղանջէին՝ կանչելով Հրեշտակ Տեառն աղօթքին, եւ երկինք գնաց մկրտական անմեղութեամբ: Սեպտեմբեր 8ն էր, Աստուածամօր Ծննդեան տօնը:

 

Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը

Գերմանիոյ եւ իր դաշնակից պետութիւններու պարտութեան լուրը Նոյեմբեր 4ին դարձաւ աւելի ուժգին: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ շատ հազուադէպ կը հանդիպէի գերմանացի եւ աւստրիացի զինուորականներու: Գերմանացի կղերականները, որոնք պիտի տեղադրուէին Հայոց հողերուն վրայ, խուճապահար կը շտապէին հասնիլ օսմանեան մայրաքաղաք, ուրկէ անյապաղ կը վերադառնային իրենց երկիրը: Վերջ ի վերջոյ ես ալ սկսած էի հաւատալ գերմանացիներու պարտութեան եւ կ՚երազէի տեսնել թրքական կայսրութեան թաղումը:

Նոյեմբեր 5ին այլեւս վստահաբար տեղեակ էինք անգլիական, ֆրանսական եւ իտալական Դաշնակցութեան յաղթանակին: Քաղաքին մէջ լուր տարածուեցաւ, որ յաղթողները կը սպասէին որ Տարտանել լիի նեղուցը ականազերծուէր, որպէսզի կարենային յաղթական մուտք գործել Կոստանդնուպոլիս: Նոյեմբեր 8ին քաղաք հասաւ անգլիացի եւ ֆրանսացի զինուորականներու խումբ մը, եւ ֆրանսացի սպայ մը եկաւ մեզի բարի լուրը տալու որ քանի մը օրէն մեզի պիտի վերա դարձուէր Սէն Լուի վանքը: Արդարեւ, հոն կրցայ երթալ Նոյեմբեր 10ի առաւօտեան, ֆրանսացի չորս զինուորներու ուղեկցութեամբ: Թուրք դռնապանը համարձակութիւնը ունեցաւ արգիլելու մեզի մուտք գործել հոն, բայց սրընթաց վազելով փախաւ՝ երբ ֆրանսացի սպան անոր ճակատին ուղղեց ատրճանակը:

Ժամը 14ն էր արդէն: Ֆրանսացի սպան, որ երիտասարդ էր եւ յոգնութիւններու ընտելացած, ուրախ զուարթ կ՚օգնէր մեզի կարգ ու կանոնի բերելու վանքը, բայց ես յոգնած էի ու քաղցած: Ինծի օգնութեան հասաւ Եղբայր Ֆրանչիսկոսը, որ բոլորս ճաշի կանչեց: Չորս զինուորականներուն հետ միասին եօթը հոգի էինք: Սպան զինուորի մը հրամայեց չորս շիշ շամփանյը բերել եւ տասը շիշ Քեանթի գինի: Չորս տարի է որ գաւաթ մը գինի խմած չէի: Այդ օրուան նման ախորժակ երբեք չեմ ունեցած. ո՛չ թէ կ՚ուտէի, այլ կը լափէի:

Սպան խնդրեց ցոյց տալ իրեն Կոստանդնուպոլսոյ եւ Քատիքոյի ֆրանսական միւս հաստատութիւններն ալ: Հարկաւոր էր իսկոյն գործի անցնիլ, նախ քան արեւը մայր մտնելը, եթէ կ՚ուզէինք բան մը փրկել թուրքերու ձեռքէն: Սկսանք Սբ. Փուլքերիա վանքէն:

Թուրքերը, տեղեկանալով Սէն Լուի վանքի մէջ պատահածին, այս վարժարանը թալանած էին ապշեցուցիչ արագութեամբ: Ով որ թուրքերը կը ճանչնայ, անոր համար դժուարին չէ հաւատալ՝ թէ որքան հմուտ են ամէն տեսակ բարբարոսութիւններու: Թիրոլացի ճարտարապետ մը կ՚ըսէր ինծի. «Երբ հին շինութիւն մը պէտք է փլենք, քրիստոնեայ գործաւորներ չենք կանչեր: Կը նախընտրենք վարձել թուրք ուսթա պաշի մը, կարեւոր չէ թէ փայտագործ է կամ որմնադիր: Մէկ օրուան մէջ շինութիւնը հողին կը հաւասարեցնէ, ինչ որ քրիստոնեաները պիտի ընէին մէկ ամսուան մէջ»: Սբ. Փուլքերիա վարժարանի Մեծաւորուհիէն խնդրեցինք որ պատրաստէ թալանուած առարկաներու մանրամասն ցանկը եւ անցանք Թաքսիմի ֆրանսական հիւանդանոցին: Ժամը 20ին վերջացուցինք յետ գրաւումի փաստաթղթային ձեւակերպումները կատարելու: Չափազանց յոգնած էի եւ մնացածը յետաձգեցի յաջորդ օրուան: Երեք օրուան բուռն աշխատանքով կրցանք ետ գրաւել Կոստանդնուպոլսոյ, Քատիքոյի, Հայտար Փաշայի եւ Ֆանարաքիի ֆըրանսական բոլոր հաստատութիւնները:

 

Հրամանատար Ֆրանշէի հանդիսաւոր մուտքը Օր մը առտու կանուխ եկան մեզի աւետելու որ ժամը 10ին

Հրամանատար Ֆրանշէ Տեսփերէն հանդիսաւոր կերպով պիտի մըտնէր Կոստանդնուպոլիս: Ուրախութենէս քիչ մնաց պիտի խենթանայի, սեղանի մը վրայ ցատկեցի, սկսայ պարել եւ երգել այն բոլոր երգերը որ այդ պահուն միտքս կու գային: Եղբայր Ֆրանչիսկոսն ալ միացաւ ինծի եւ միասին բաւականին երկար ժամանակ պարեցինք: Հայր Պոնաւենթուրան աճապարանքով դուրս ելաւ, գտնելու համար յարմար տեղ մը՝ ուրկէ կրնար հետեւիլ շքերթին: Հայր Կոստանդը միայն կրցաւ ինքզինքը հանդարտ պահել, «Փա՜ռք Աստուծոյ: Կեցցէ՛ Ֆրանսան» բացականչութեամբ միայն գոհանալով:

Հրամանատարին մուտքը պատկառելի էր եւ յուզիչ: Փողոցները լեցուն էին յաղթողներուն համակիր մարդոցմով: Մէկ թուրք անգամ չկար: Հայ երիտասարդներու խումբ մը կեցուց Հրամանատարին ձին եւ անոնցմէ մին խոյ մը մորթեց ի պատիւ յաղթական զօրքերուն, մինչ ամբոխը ամբողջ ոյժով կը բացականչէր. «Կեցցէ՛ Ֆրանսան: Կեցցէ՛ Իտալիան: Կեցցէ՛ Անգլիան: Կեցցէ՛ Հրամանատար Ֆրանշէն»: Երիտասարդները ձիերու վրայ կը ցատկէին եւ կը համբուրէին հեծեալները: Կիները, վայելուչ հագուստներով զգեստաւորուած, ծաղկեփունջեր կը նուիրէին սպաներուն ու զինուորներուն, իսկ ոմանք ալ զինուորներուն կը փաթթուէին եւ արցունքներով թրջուած համբոյրներ կը դրոշմէին անոնց դէմքին: Ամէն ոք կու լար եւ Հրամանատար Ֆրանշէն նոյնպէս կու լար: Ան, հազիւ թէ հասաւ Ֆրանսական Դեսպանատուն տանող փոքրիկ փողոցը, կեցուց ձին, աջը վեր բարձրացնելով ողջունեց ամբոխը եւ ըսաւ. «Բարեգութ Աստուծոյ օգնութեամբ յաղթեցինք այս ահաւոր պատերազմը …»: Յուզմունքը խեղդեց անոր ձայնը եւ ուրիշ խօսք չկրցաւ արտասանել: Բոլորս, կարծես նախապէս պայմանաւորուած ըլլայինք, կոկորդալիր սկսանք երգել Մարսիլիական քայլերգը:

Հրամանատար Ֆրանշէն խորապէս կաթողիկէ անձ մըն էր, երբեք չէր բացակայեր կիրակնօրեայ եւ տօնական Սուրբ Պատարագներուն, տօն օրերուն կը մերձենար Սուրբ Խորհուրդներուն եւ բարեպաշտ էր Լուրտի Տիրամօր հանդէպ: Օր մը այցելութեան եկաւ Սէն Լուի վանքը: Հայր Կոստանդը զիս Հրամանատարին ներկայացուց մեծապէս հաճոյական խօսքերով. «Ձեզի կը ներկայացնեմ Հ. Կիւրեղ Էրզրումցին, որ շա՜տ տառապած է մեզի ֆրանսացիներուս համար, մինչեւ իսկ սեփական կեանքը վտանգի ենթարկելու աստիճան: Սըրբակեաց կրօնաւոր մըն է, շա՜տ կը սիրէ Ֆրանսան, բայց ցաւօք՝ Հայր Կիւրեղը ֆրանսացի չէ»: «Մարմնով ֆրանսացի չէ», ազնուօրէն պատասխանեց Հրամանատարը, «բայց աւելի քան ֆրանսացի է սրտով, եթէ պատրաստ գտնուած է զոհաբերելու իր կեանքը ի սէր Ֆրանսայի»:

Հրամանատար Ֆրանշէ Տեսփերէն կառավարեց շատ լաւ: Սիրալիր էր բոլորին հանդէպ, երբեք չչարչարեց թուրքերը, բայց չըթոյլատրեց որ ֆրանսացի զինուորները այցելէին թուրք կիներու եւ խստիւ արգիլեց որ թուրք կիներ մտնէին ֆրանսական դեսպանատուն: Իր հրամանատարութեան կ՚ենթարկուէին անգլիական, իտալա կան եւ ֆրանսական դաշնակցութեան բոլոր զօրամասերը:

Հրամանատար Ֆրանշէի կառավարութեան օրօք, ֆրանսական կառավարութեան հրաւէրով Կոստանդնուպոլիս այցելեց Կարդինալ Տիւպուան: Հայր Պրունոն, որ պաշտօնական ընդունելութենէն դըժգոհ մնացած էր, զինք ճաշի հրաւիրեց մեր քով: Կարդինալ Տիւպուային անգամ մըն ալ հանդիպեցայ 1925 թուականին, Հռոմի մէջ: Կարդինալը Վատիկան կ՚երթար շքեղ կառքով մը, զոր կը քաշէին երկու շատ գեղեցիկ նժոյգներ: Իսկ ես կը վերադառնայի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովէն: Ժամը 11ն էր եւ հրապարակը մարդոցմով խճողուած էր: Յանկարծ տեսայ որ ամբոխը կանգ առաւ շքեղ կառքը դիտելու, որմէ Եպիսկոպոս մը վար իջաւ եւ իմ կողմս ուղղուեցաւ: Մինչ չորս կողմս կը դիտէի, հասկնալու համար թէ ով կը փնտռէր, անունս լսեցի. «Հայր Կիւրե՜ղ, Հայր Կիւրե՜ղ» կրկնելով, Եպիսկոպոսը ինծի մեկնեց իր ձեռքը: Ես, առանց հասկնալու անոր ով ըլլալը, համբուրեցի եպիսկոպոսական մատանին: «Ինչպէ՞ս», զարմացած հարցուց ան, «զիս չէ՞ք ճանչնար: Միթէ Դուք չէ՞ք այն Հայր Կիւրեղը, որ ճանչցայ Կոստանդնուպոլսոյ Սէն Լուի վանքին մէջ»: «Ա՜հ, այո՛, այո՛», պատասխանեցի ես, առանց սակայն զինք յիշելու: Երբ ան հեռացաւ, քովս կեցած մարդոց դարձայ եւ հարցուցի՝ թէ ով էր այդ Եպիսկոպոսը: «Հայր Սուրբ, կ՚երեւի որ օտար էք», պատասխանեց կին մը, «ատիկա Եպիսկոպոս մը չէ: Ֆրանսացի Կարդինալ Տիւպուան է, Փարիզի Արքեպիսկոպոսը»:

Դժբախտաբար, Հրամանատար Ֆրանշէի կառավարութիւնը մի քանի ամիս միայն տեւեց, որովհետեւ դաշնակից պետութիւններէն մէկու մը նախանձը զինք ետ կանչել տուաւ Փարիզ: Անոր յաջորդը նոյն մտածելակերպը չունէր, ընդհակառակն՝ կառավարեց հետեւելով ամբողջովին հակոտնեայ չափանիշներու: Իր ամենամեծ յաւակնութիւնը թուրքերու համակրանքը շահիլն էր. թուրքերը, որ աւելի խորամանկ են՝ քան ինչ որ եւրոպացիները կը կարծեն, շուտով կըրցան մուտք գործել ֆրանսական դեսպանատունէն ներս, մտերմիկ յարաբերութիւններ հաստատելով բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ, եւ գեղանի օրիորդներու միջոցով, որոնք ամբողջովին ուրիշ աշխատանքի ընդունակ էին՝ քան քարտուղարութեան, կրցան իմանալ դիւանագիտական ամենածածուկ գաղտնիքները: Ցաւօք ամբողջովին ճիշտ է, որ գեղադէմ թուրք օրիորդները գլխաւոր զէնքը եղան, որոնց միջոցով՝ Քեմալ Փաշան ձեռք ձգեց Թուրքիոյ անկախութիւնը: Եւրոպական կառավարութիւններու ահռելի սխալները եւ անոնց զօրքերու անբարոյական վարքը, անհետ կորսնցուցին այն բարի համբաւը որ եւրոպական ազգերը մինչ այդ կը վայելէին Արեւելքի մէջ: Կոստանդնուպոլսոյ փողոցներու մէջ կը հանդիպէին գինով եւ գետին ինկած անգլիացի, ֆրանսացի եւ ամերիկացի զինուորներու: Աւելի անախորժ էր տեսարանը, որ կը ներկայացնէին սպաները Փերայի փողոցներուն մէջ, անպատկառ խօսքերով ու շարժուձեւերով անհանգստացնելով մահմետական կիները: Ի պատիւ իտալացիներու պէտք է ըսեմ, որ անոնց վարքը միշտ օրինակելի էր, թէեւ չարամիտները անոնց բարի վարքը կը վերագրէին աւելի ագահութեան՝ քան կանոնապահութեան:

Բազմաթիւ հայ երիտասարդներ զինուորական ծառայութեան մտած էին հայկական զօրագունդին մէջ եւ պատերազմած էին ֆրանսական հրամանատարութեան ենթակայութեամբ, գինովցած իրենց տրուած խոստումէն, որ Կիլիկիոյ մէջ հայկական անկախ պետականութիւն պիտի ստեղծուէր: Ֆրանսան գրաւեց Կիլիկիան եւ զայն պահեց մինչեւ 1919 թուականը, ապա զայն յանձնեց Թուրքիոյ: Խորհրդաւոր իրողութիւն մըն է թէ Ֆրանսան ինչպէս կրցաւ գաղտնի կերպով ետ քաշել իր զօրքերը, ենթարկելով հայերը իրենց դարաւոր թշնամիներէն կոտորուելու վտանգին:

 

ԳԼՈՒԽ Զ.

 

Քեմալ Փաշան – Թուրքիոյ նոր կարգը – Սոսկալի յուշեր – Յոյն գիւղերու տխուր վիճակը – Հայ որբերու ազատագրումը – Վտանգաւոր ազատագրում մը – Զեփիւռ եւ Գոհարիկ քոյրերը – Դէպի Կոստանդնուպոլիս -Սուզաննան – Նոր նպատակակէտեր  

 

Քեմալ Փաշան եւ Թուրքիոյ նոր կարգը

Մինչ պատերազմը տակաւին ընթացքի մէջ էր, մահացաւ Մո համմէտ Հինգերորդը (3 Յուլիս 1918) եւ անոր յաջորդեց Մոհամմէտ Վեցերորդը: Ասիկա եղաւ պատմութեան մէջ վերջին սուլթանը եւ ի զուր պայքարեցաւ պահպանելու համար օսմանեան գահը: Այլեւս հասած էր Քեմալ Փաշայի ժամը, որ կը պատրաստուէր հիմնովին փոխելու հին Թուրքիան: Իր գործելակերպը կը բացատրէր յաճախ ըսելով որ նպատակի մը հասնելու համար հարկաւոր է երբեք չտարակուսիլ միջոցներուն վրայ: Խոստանալ, երդում ընել, դրժել տրուած խոստումներն ու երդումները, անարգել, սպաննել, կախաղան հանել. բոլորն ալ արդիւնաւէտ միջոցներ են, Քեմալ Փաշայի համաձայն, որոնք կրնան գործի դնել քաջասիրտ այրերը: Պատերազմի ատեն Թուրքիան կորսնցուցեր էր արդէն Սուրիան, Պաղեստինը, Անդրյորդանանը եւ ամբողջ հիւսիսային Ափրիկէն: Այնպէս կը թուէր որ եւրոպական զօրքերը Թուրքիա եկած էին անոր հանդիսաւոր թաղումը ընելու համար: Ատկէ զատ, Սեւրի պայմանագիրը (10 Օգոստոս 1920) Յունաստանին կը յանձնէր Զմիւռնիա քաղաքը, մերձակայ տարածքները եւ Եգէական ծովու կղզիներէն քա նի մը հատը: 1919 թուականին յոյները գրաւեցին Զմիւռնիան: Այս արարքը քիչ մը տհաճ թուեցաւ իտալացիներուն համար եւ ծայր աստիճան զայրացուց թուրքերը, որոնք չէին համակամիր ենթարկուիլ անոնց՝ որոնց մինչեւ քանի մը օր առաջ որպէս իրենց ստրուկները կը նկատէին: Դժբախտաբար, թուրքերու դժգոհութիւնը աւելի կ՚աճէր յոյներու դաժան վարմունքին պատճառով:

Յոյները, Զմիւռնիայի գրաւումով չգոհանալով, անգլիացիներու կողմէ քաջալերուած՝ յառաջացան մինչեւ Սեւ Ծով, յուսալով ոտքի հանել քրիստոնեաները եւ կրկին կազմել Մեծ Յունաստանը, որպէս մայրաքաղաք ունենալով Կոստանդնուպոլիսը: Հայերը խանդավառութեամբ միացան նախաձեռնութեան եւ յոյներու տրամադրութեան տակ դրին զօրավար Թորգոմի կողմէ կազմակերպուած Հայկական Զօրամասը: Բազմաթիւ յոյն զինուորներ ու սպաներ, որոնց առիթը ունեցայ ծանօթանալու յետագային, կ՚ըսէին որ հայ զինուորներու քաջութեան ու հմտութեան շնորհիւ էր որ Անատոլուէն քաշուած ատեն յոյն զօրքերը քիչ կորուստներ կրեցին: Քեմալ Փաշան, սակայն, չուզեց համակամիլ Թուրքիոյ պարտութեան: Կազմակերպեց ազգային շարժումը, որ կոչուեցաւ նաեւ քեմալական շարժում, եւ ազգային կառավարութեան գլուխ ընտրուելով՝ 1919 թուականի վերջաւորութեան հաստատուեցաւ Անքարա, ուր 1920 թուականի Ապրիլին գումարեց ազգային մեծ ժողովը: Ան երբեք չուզեց ճանչնալ Սեւրի պայմանագիրը: 1922 թուականի Օգոստոս 18ին սաստիկ հարուածով մը յարձակեցաւ յոյն զօրքերու վրայ եւ քիչ օրերու ընթացքին ետ մղեց զանոնք Զմիւռնիոյ ծովը: Յոյներու պարտութեամբ սկսաւ Քեմալ Փաշայի փառքը: Ընդդիմութեան կարծիքները հաշուի չառնելով, ջնջեց սուլթանութիւնը եւ իր հակառակորդները կախաղան հանել տուաւ Պրուսայի, Քոնիայի եւ Քէօթահիայի՝ իսլամներու համար սրբազան քաղաքներու հրապարակներու մէջ: Քեմալ Փաշայի ջանքերով իրականացած թրքական ազգային վերազարթօնքը բնաջինջ ըրաւ Թուրքիոյ ծաղկուն քրիստոնեայ համայնքները, եւ ես պէտք է որ ապրէի ու ականատես ըլլայի Պոնտոսի քրիստոնեաներու մարտիրոսութեան: Քեմալ Փաշան կ՚ատէր մահմետական կրօնքը եւ պիտի ուզէր զայն ամբողջովին ջնջել Թուրքիայէն, որովհետեւ զայն կը նկատէր թուրքերուն յետամնացութեան գլխաւոր պատճառը: Համոզուած էր, որ եթէ թուրքերը քրիստոնէութիւն ընդունած ըլլային՝ Թուրքիան ետ պիտի չմնար ո՛չ Ֆրանսայէն, ո՛չ ալ Գերմանիայէն: Կը յարգէր կաթողիկէ քրիստոնէութիւնը, բայց զայն չափազանց վեհ եւ սուրբ կը նկատէր թուրքերու իմացական կարողութիւններուն համար: Բողոքականութեան մասին կ՚ըսէր որ ամբողջովին նման էր մահմետա կանութեան, քանի որ զուրկ է հաւատքի տոկմաներէ եւ բարոյականութիւն մը ունի որ աւելի ցած է քան մահմետական բարոյականութիւնը. թուրքերը իրենց մեղքերը կը լուան ջուրով, իսկ բողոքականները՝ խօսքերով: Այս պատճառաբանութիւններու հիման վրայ ան անկրօնք պետութիւն մը հաստատեց:

Սոսկալի յուշեր

1919 թուականի Յունիսին, Սեւ Ծովու առաքելութեան Մեծաւոր Հ. Լորենցոն փափաք յայտնեց որ իրեն օգնելու երթայի Տրապի զոն, ուր մինակ մնացած էր Հ. Ֆիլիփփոյի եւ Եղբ. Էճիտիոյի հետ: Հ. Պրունոն, Սէն Լուի վանքին Մեծաւորը, բուռն կերպով ընդդիմացաւ մեկնումիս գաղափարին, որովհետեւ իմ ներկայութիւնս անհրաժեշտ կը նկատէր Արեւելեան Կղերանոցի կրթական օրակարգին համար: Երկարատեւ բանակցութիւններէ յետոյ միայն որոշուեցաւ որ Տրապիզոնէն Կոստանդնուպոլիս պիտի վերադառնայի 1919-1920 ուսումնական տարուան սկզբնաւորութեան, այսինքն Սեպտեմբերի կէսերուն:

Հ. Լորենցոյի հետ հանդիպումս շատ յուզիչ եղաւ: Ուժգին ողջագուրուեցանք, երկուքս ալ անզսպելի արցունքներ թափելով:

Թուրքերու հետ ունեցած մեր յարաբերութիւնները միշտ ալ ներշնչուած եղած են Սուրբ Աւետարանէն: Սակայն, թուրքերը միշտ կասկածամտօրէն, շարունակ մեզի կը հետեւէին՝ գտնելու համար նուազագոյն, նոյնիսկ աննշան առիթ մը, որ կրնար մեզ հալածելու պատրուակ հանդիսանալ իրենց համար: Եւ ասիկա նորութիւն մը չէր: Ջարդերու տարիներուն արդէն, 1914-1918 թուականներուն, հրացաններով զինուած չորս ոստիկաններ օր ու գիշեր պահակ կը կենային մեր վանքին չորս անկիւններուն եւ կրակ կը բանային բոլոր անոնց վրայ որոնք կը մօտենային պատուհաններուն եւ կը համարձա կէին դուրս նայիլ: Օր մը Հայր Լորենցոն կանչուեցաւ Սուրբ Խոր հուրդները մատակարարելու մահամերձի մը, բայց ոստիկանները չթողուցին որ վանքէն դուրս գար: Օր մըն ալ Եղբ. Էճիտիոն, որ այնքա՜ն սիրուած ու յարգուած էր նաեւ թուրքերու կողմէ, ոստիկանին հրամանը նախապէս ստանալով դուրս ելած էր վանքէն եւ հրապարակ իջած էր օրուան գնումները ընելու համար: Ջարդարար երիտասարդներու խումբ մը յարձակած էր վրան, գետին նետած էր զինքը, պոռալով. «Մորթենք այս անհաւատ շունը»: Բարեբախտաբար այդ վայրկեանին հոն եղած էր թուրք վաճառական մը, որ շատ կը յարգէր մեր այդ բարի վանականը, որ օգնութեան հասած էր պոռալով. «Ի՜նչ կ՚ընէք, շուն շան որդիներ: Ասիկա իտալացի մըն է: Անհաւատ հայ մը չէ»: Ոստիկան մը վախէն կիսամեռ Եղբայրը հասցուցած էր վանք եւ Հայր Լորենցոյին ըսած էր որ բացարձակ կերպով արգիլուած է կրօնաւորներուն վանքէն դուրս ելլել: «Մենք կը պաշտպանենք ձեր բնակավայրը», ըսած էր, «բայց եթէ դուք վանքէն դուրս ելլէք, մենք չենք կրնար արգիլել որ մեր հերոսները սպաննեն ձեզ»:

Այդ օրերուն սարսափելի իրադարձութիւնները պատմուած են Հայր Լորենցոյի յուշերուն մէջ, որոնցմէ կ՚արտագրեմ հետեւեալ հատուածը.

«Մեկնումի օրը հասնելով, հայերէն ոմանք կը հաւաքուին կուսակալութեան բակին մէջ, իսկ ուրիշներ ալ քաղաքային պարտէզի հրապարակին վրայ: Հայկական թաղամասը կը շրջափակուի մետաղալարով: Զինուորները կը բաժնեն տղամարդիկը կիներէն, բայց ութ տարեկանէն վար տղաքը կը քշուին կիներու կարաւանին մէջ: Թուրքերու հոծ բազմութիւն մը կեցած կը դիտէ: Զինուորները կը պոկեն մանուկները իրենց մայրերուն ձեռքէն եւ մերկացնելով ցոյց կու տան հանդիսատեսներուն, պոռալով. ՚՚Շատ անոյշ միս կը ծախեմ մէկ չէյրեքի (մէկ ֆրանք), հարիւր փարայի (կէս ֆրանք), մէկ ղուրուշի, տասը փարայի: Ուշադրութիւն: Մօր որովայնէն նոր դուրս ելած կենդանիի թարմ միս … մէկ ղուրուշի՚՚: Շատերը այսպէս ծախուեցան, իսկ վերջինները տրուեցան իբր նուէր, որովհետեւ բոլորը արդէն յագեցած էին:

Կարաւանները ճամբայ ելան: Հրացաններով ու սուրերով զինուած զինուորներ, լեռնցի լազերու խումբեր, հրացաններով ու մսագործի դանակներով զինուած քիւրտեր, ձեռքերնին պարկեր առած թուրք կիներ կը քալեն կարաւանի ետեւէն: Կը հասնին Տէիրմենտերէի հովիտին առաջին բաց տարածքը: Շեփորներու ձայնը կը հրամայէ կենալ: Ապա, բացարձակ լռութիւն: Կարաւանը առաջնորդող հրամանատարը կը պոռայ. ՚՚Մա՜հ խոզ հայերուն: Կեցցէ՛ մեր սրբազնասուրբ սուլթանը: Կեցցէ՛ իսլամը՚՚: … Մանուկներու վախճանը:

Տէիրմենտերէի ջարդին յաջորդ օրը, ծովափին, մեր գրադարանին պատուհաններուն ճիշտ տակը, մանուկներով լեցուն երկու մեծ նաւեր կը տեսնեմ, որոնք ծովու խորքը կ՚երթան, Օտեսսայի ուղղութեամբ: Թուրք ծանօթ մը կը վստահեցնէ զիս, որ մանուկները կը տանին Կոստանդնուպոլսոյ որբանոցներու մէջ տեղաւորելու: Երեք ժամ վերջ կը տեսնեմ որ նաւերը ետ կը դառնան ամբողջովին դատարկ: Թեթեւ փոթորիկ մը ալեկոծեց ծովը այդ գիշեր եւ յաջորդ օրը: Միւս օրը առաւօտեան, հարիւրաւոր մանուկներու դիակներ կը լողային ծովուն վրայ, զոր ալիքները ափ կը նետէին: Անտանելի գարշահոտութեամբ լեցուեցաւ օդը, ահաւոր համաճարակ մը կը սպառնար ամբողջ քաղաքին: Գացի Վալիին խնդրելու որ արտօնէ թաղել դիակները իմ ծախսովս: Բայց Վալին պատասխանեց. ՚՚Ըսածդ ամբողջովին սուտ է: Ծովափին ոչ մէկ դիակ կայ: Ուշադիր եղիր, ուրիշներու չպատմես այդ երեւակայութիւնդ … այլապէս …»5:

1916 թուականի Փետրուարին ռուսական զօրքերը գրաւեցին Տրապիզոնը: Ռուսական բանակի հայ զինուորները, միաձայն «Վըրէ՜ժ, վրէ՜ժ» պոռալով, յարձակեցան թուրքերուն վրայ եւ զանոնք անխնայ կոտորեցին: Կիները կը բռնաբարէին եւ միայն յետոյ կը սպաննէին: Յոյն Օրթոտոքս Մետրոպոլիտ Քրիզանթոսը քրիստոնեաները կոտորողներուն անունները մէկիկ մէկիկ կը յայտնէր անոնց:

Յոյն գիւղերու տխուր վիճակը

Յունիս 24ին, գացի Յոյն Օրթոտոքս Առաջնորդարան, յարգանքի տուրք մատուցանելու Ընդհանուր Տեղապահ Փափազ Փրոդրոմոսին, իր անուան տօնը առիթ առնելով: Ան ինծի ներկայացուց փրոթոսինկելոս (քարտուղար) Պրն. Կոստանդին Քոֆիտիսը, որ անցեալին Տրապիզոնի պատգամաւոր եղած էր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Պարոնը կ՚երեւի թէ առաջին վայրկեանէն իսկ համակրանք զգաց ինծի հանդէպ, քանի որ առանց երկար բարակ յառաջաբաններու սկսաւ ինծի պատմել, ձեռքը բռնած փաստաթուղթերով ապացուցելով ըսածները, թէ իրենց գիւղաբնակ հայրենակիցները, որոնք թուրքերու հաշուին հարստացած էին ռուսական զօրքի ներկայութեան ընթացքին, գաւազաններու հարուածով դուրս կը վտարուէին իրենց տուներէն, իսկ եթէ ընդդիմութիւն ցուցաբերէին՝ կը սպաննուէին: Առանց իր ըսելուն, հասկցայ որ կ՚ուզէր որ միասին երթայինք թուրք նահանգապետին ներկայանալու: Ժամանակ խնդրեցի մտածելու համար, ըսելով որ մինչ այդ պիտի աղօթէի Տիրամօր, որպէսզի յաջող աւարտի հասցնէր մեր առաքելութիւնը: Պրն. Քոֆիտիսը շուտով գոհացնելու յոյսով, այդ առաւօտեան իսկ գացի հանդիպելու բողոքականներու Վերապատուելի Սթեփելթոնին եւ Առաքելական Առաջնորդ Արծրունի Սրբազանին: Վիճաբանու թիւնները, սակայն, չափազանց երկար տեւեցին: Վերջ ի վերջոյ, Յու լիս 8ին, Պրն. Քոֆիտիսը, Վերապատուելի Սթեփելթոնը, Արծրունի Սրբազանը, Հայր Լորենցոն եւ ես գացինք հանդիպելու ֆրանսացի նահանգապետ Պրն. Լէփիսիէին: Հանդիպումը շատ կարճ եղաւ, զուտ այնքան՝ որքան բաւական էր որոշելու համար թէ ինչ պէտք է ըսէինք թուրք նահանգապետին: Ֆրանսացի եւ թուրք նահանգապետերու հանդիպումը անցաւ բաւականին պաղ եւ զուտ դիւանագիտական մթնոլորտի մը մէջ: Պրն. Լէփիսիէն հանդիպումը վերջացուց յաղթական պետութեան վայել հրամաններով, որոնց թուրք նահանգապետը պատասխանեց ձեռքը ճակատին տանելով եւ «Այո՛, Պարոն» պատասխանելով: Երբ նահանգապետարանէն դուրս ելանք, Պրն. Լէփիսիէն գոհ էր, բայց Պրն. Քոֆիտիսը մօտեցաւ ինծի եւ ականջիս շշնջաց. «Որքա՜ն միամիտ են այս եւրոպացիները: Հաւատացէք, սիրելի բարեկամ, թուրքերը միմիայն ռուսերէն կը վախնան»:

Ամբողջովին իրաւացի էր:

Հայ որբերու ազատագրումը

Խոտորջուրի գաւառը լեռնային շրջան մըն է, որ միայն թեթեւ գինի մը, մեղր եւ սալոր կ՚արտադրէ: Այդ շրջանին, իրենց գիւղին մէջ աշխատանք չգտնելով, երիտասարդները առանց պետական արտօնութիւններ ստանալու, գաղտնի կը գաղթէին սահմանակից Ռուսաստան: Գրեթէ բոլորն ալ անգրագէտ էին եւ կ՚աշխատէին որպէս փռապան, մասնագիտութիւն մը որուն մէջ իսկապէս գերազանց էին:

Մեծ Եղեռնէն առաջ գիւղը ունէր մօտ տասներկու հազար բընակիչ: Բոլորն ալ ենթարկուեցան մեր միւս հայրենակիցներու ճակատագրին: 1919 թուականի Յուլիս 26ին, երեսունութ խոտորջուրցիներ, որ կրցած էին փրկուիլ ջարդերէն, Անատոլուի խորքերէն հասան Տրապիզոն: Անոնք օգնութիւն կը ստանային Վրաստան ապրող իրենց համագիւղացիներէն եւ երկու ամիս յետոյ իրենք ալ տեղափո խուեցան Թիֆլիս: Տրապիզոն եղած ատեննին ամէն օր կու գային Սուրբ Պատա րագի եւ կրօնագիտութեան դասընթացքի, որ կը կատարէի վանքի սենեակներէն մէկուն մէջ: Օր մը չդիմացայ եւ հիացումս արտայայտեցի թէ մանուկները որքա՜ն ծարաւով կ՚ունկնդրէին դասերը եւ թէ մեծահասակները որքա՜ն բարեպաշտութեամբ կը մերձենային Ամենասուրբ Հաղորդութեան: «Հայր Սուրբ», պատասխանեց տարեցներէն մէկը, «մի՛ զարմանաք: Վեց տարի է որ կը տառապինք Յիսուսի ծարաւէն»:

Մխիթարութիւնը ունեցայ մկրտելու տեղահանութիւններու ատեն ծնած մանուկ մը եւ Առաջին Հաղորդութիւնը մատակարարելու հինգ պատանիներու:

Վրաստան մեկնած ատեննին քովս ձգեցին տասներկուամեայ Գուրգէնը, որ գտած էին Աղէնի բարձրաւանդակը, Խարբերդի մօտակայքը, ուր իր աչքերուն առջեւ սպաննած էին իր ծնողքը, որ Տրապիզոնի մօտակայքը բնակող հարուստ գիւղացիներ էին: Աւելի ուշ զինքը Վենետիկ ղրկեցի, Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան Հայրերու քով ուսանելու:

Հասկցայ թէ որքա՜ն բարիք կարելի էր ընել թուրքերու ձեռքը ինկած բազմաթիւ հայ որբերուն եւ իսկոյն գործի անցայ: Ժողով գումարեցի քանի մը բարեպաշտ տիկիններու հետ, ներկայացուցի ծրագիրս եւ ստացայ անոնց միաձայն ու խանդավառ համաձայնութիւնը: Իսկոյն որոշեցինք նաեւ յանձնախումբին պաշտօնները, ինչպէս տնօրէնուհի, գանձապահ եւ այլն: Պրն. Մարմարեանը, որ բժիշկ էր եւ Տրապիզոնի համանուն ննջեցեալ սուրբ Եպիսկոպոսին զարմիկը, մեզի տրամադրեց իր առողջապահական գործակցութիւնը, համաձայնելով որ մեզի պիտի ղրկէր այն բոլոր պատանիները որոնք իրեն կը ներկայանային բժշկական խնամք ստանալու նպատակով: Եւ ժամանակ չկորսնցուց, այլ իսկոյն սկսաւ կիրարկել իր այս ծրագիրը: Սկիզբը պատանիները մեզի կը ներկայանային բժիշկին այցետոմսը ձեռքերնին, որուն վրայ նշուած կ՚ըլլային պատանիին բնութագրումը եւ տունը՝ ուրկէ փախած էր: Յետագային, երբ լուր տարածուեցաւ որ բժիշկը կ՚ընդունէր բոլոր հայ որբերը, փախստականները կը ներկայանային հինգ կամ տասը հոգինոց խումբերով, ներկայացնելով բժիշկին ճերմակ այցետոմսը՝ զոր ան վստահած կ՚ըլլար տարիքով ամէնէն մեծին:

Կ՚ընդունէի բոլորը, նոյնիսկ եթէ կոյր էին, կաղ, ամէն տեսակ ախտերէ վարակուած ու … գող: Ինքզինքս չէի խաբեր, կարծելով թէ սուրբեր պիտի ըլլան, շատ լաւ գիտէի որ փախած էին թուրքերու ախոռներէն, ուր կենդանիներէն աւելի գէշ վիճակի մատնուած էին: Հարիւրէն իննսունինը գրեթէ մերկ էին, կեղտոտ, թերասնունդ եւ զզուելի միջատներէ կրծոտուած: Տղաքը գործի դրուած էին կենդանիները արօտի տանելու եւ կովերը կթելու համար, իսկ աղջիկները՝ ախոռները աւլելու եւ աթարը ծղօտի հետ խառնելու: Սրտակեղեք էր առաջին հանդիպումս աղջիկներուն հետ: Չես գիտեր ինչու կը սարսափէին ինծմէ եւ լալով կ՚ըսէին. «Տէր Հայր, ոտքերդ կը համբուրեմ: Ալլահի սիրոյն, զիս չսպաննես»: Կը սրբէի անոնց արցունքները, երեսնին կը շոյէի, կը փորձէի վստահութիւն ներշնչել, ըսելով որ իրենց պէս ես ալ հայ էի եւ իրենց հետ պիտի վարուէի իբրեւ իմ սեփական աղջիկներս: Երրորդ օրն արդէն մեր վանքէն ներս հիւրընկալուած էին տա սը տղայ եւ երեք աղջիկ: Տղաքը առաքելութեան նախկին դպրոցին սենեակներէն մէկը տեղաւորեցինք, իսկ աղջիկները՝ վանքի կեդրոնական մուտքին մօտ գտնուող սենեակ մը: Ատկէ աւելի չէի կրնար ընդունիլ, ո՛չ այնքան տրամադրելի սենեակներ չըլլալու, որքան զանոնք հսկելու համար բաւական անձնակազմ չունենալուս պատճառով: Ինչպէ՞ս կրնայի հանդարտ պահել այդքան կայտառ մանուկները, որ մեծցած էին գիւղերու անծայրածիր երկինքին տակ, արօտավայրի կենդանիներուն ընկերութեամբ միայն: Եւ աւելցնենք որ ծայր աստիճան հմտացած էին գողութեան մէջ: Բարեսիրտ Եղբ. Էճիտիոն կը հասկնար անոնց կացութիւնը եւ կը համբերէր գորովագութ սիրով: Երեխաները անոր ետեւէն կը քալէին ինչպէս ճուտիկները թխսմօր ետեւէն: Խոհանոցին մէջ ամէն բանի կը դպչէին եւ եթէ մինակ մնային՝ մէկ ակնթարթի մէջ կը մաքրէին բոլոր կաթսաները, ուղղակի կը լափէին ամբողջ հացը, պտուղները, անուշեղէնները եւ ամէն բան որ ձեռքերնին կ՚անցնէր: Խոհանոցէն վտարուելով, կը թափառէին վանքի բոլոր սրահներուն մէջ, կը մտնէին եկեղեցի ու աւանդատուն, եւ կը գողնային ամէն ինչ որ իրենց յարմար կը թուէր: Գիշերը պատուհաններէն վար կ՚իջեցնէին սաւաններ, ճերմակեղէն, խոհանոցին դանակներն ու պատառաքաղները, եւ այլն, եւ այլն, եւ յետոյ իրենց դուրսի գործակիցներուն հետ կը բաժնուէին գողցուած ապրանքներու վաճառքէն ձեւացած գումարները:

Ամբողջովին ա՛յլ էր աղջիկներուն վարքը. միշտ բարի էին, գորովալի, երախտագէտ: Ինքնակամ կը ներկայանային խոհանոցի աշ խատանքներուն եւ վանքի ու եկեղեցւոյ մաքրութեան օգնելու: Երեկոյ մը, հասարակաց հանգիստի պահուն, վանքին Մեծաւորը ըսաւ ինծի. «Հայր Կիւրեղ, ես շատ գոհ եմ որ հայ որբերը կ՚ազատես թուրքերու ձեռքէն եւ ուրախ եմ որ ամբողջ սրտով նուիրուեր ես այս գործին: Բայց դուն ալ կը տեսնես որ այս մանուկները, թուրքերու մէջ մեծցած ըլլալով, վարակուեր են անոնց ախտերով եւ գողութեան մէջ գերազանցեր են իրենց ուսուցիչներուն: Երեք օր է որ մեր քովն են, եւ արդէն դատարկեր են վանքն ու եկեղեցին, եւ քիչ մնացեր է որ զիս եւ քեզ ալ ծախեն: Խե՜ղճ պըզտիկներ: Իսկապէս կը խղճամ անոնց վրայ: Կը տեսնեմ որ բարի խորք մը ունին, կը յարգեն մեզ, եկեղեցւոյ մէջ միշտ լուռ կը կենան, մէկու մը չեն խանգարեր, սիրով կը մասնակցին Սուրբ Պատարագներուն, թէեւ շարունակ նստած կը մնան, քանի որ բան մը չեն հասկնար: Բացարձակ կերպով անհրաժեշտ է որ դուն օր ու գիշեր հսկես անոնց վրայ, այլապէս՝ սատանային համար աշխատած պիտի ըլլաս:

Դուն այդքան ժամանակ չունիս եւ մեզմէ ալ ոչ ոք կրնայ քեզ փոխարինել: Մտածէ, ուրեմն, թանկագինդ իմ Կիւրեղ, եւ մի՛ յուսահատիր: Ես պիտի աղօթեմ Տիրոջ, որպէսզի շուտափոյթ լուծում մը ներշնչէ մեզի»:

Եղբ. Էճիտիոն, երբ լսեց թէ մանուկները գողութեան մէջ գե րազանցած էին իրենց ուսուցիչները, դժգոհ ձայնով ըսաւ. «Խե՜ղճ պզտիկներ: Ի՞նչ վատութիւն ըրած են մեզի: Հնամաշ ապրանքներէն ազատեցին մեզ, որպէսզի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը նորերը ղրկէ»: Եւ իսկապէս, Պրն. Լէփիսիէն, լսելով թէ ինչ ըրած էին այդ փոքրիկ չարաճիճիները, բաւականին մեծ գումար մը նուիրեց վանքին, որով կրցանք նորով փոխարինել գողցուածը:

Դիւրին է երեւակայել թէ ինչպիսի խռովք յարուցեցին Մեծաւորիս խօսքերը հոգիիս մէջ եւ թէ ինչպէս այդ գիշեր չկրցայ աչք գոցել: Սիրտս փոթորիկի մէջ էր, աղօթքով դիմեցի Աստուածածնին եւ իսկոյն յիշեցի Վերապատուելի Սթեփելթոնին: Յաջորդ օրը առաւօտեանը ժամը 7ին բախեցի բողոքական առաքելութեան դուռը: Դուռը բանալու եկաւ ինքը Վերապատուելին, որ շապիկին կոճակները դեռ կը կոճկէր: «Oh! well!», բացականչեց, «թանկագին բարեկամս առանց ըսելուդ ալ կը հասկնամ՝ թէ ինչու եկած ես»: Վերապատուելի Սթեփելթոնը շատ բարի անձնաւորութիւն մըն էր, ամբողջովին սիրտ, եւ չէր սիրեր ձեւականութիւնները: Առանց ժամանակ կորսնցնելու հրաւիրեց իր հետ նախաճաշելու եւ, առանց ձգելու որ ներկայացնէի այցելութեանս նպատակը, ըսաւ. «Շատ բարի: Կ՚ընդունիմ բոլոր որբերը որ կը ղրկէք ինծի: Բայց որպէսզի զիրենք իսկոյն ընդունիմ իմ որբանոցէս ներս, պէտք է կատարէք հետեւեալ պահանջներս. առաջին, ածիլել մանուկներուն գլուխները. երկրորդ, տանիլ զիրենք բաղնիք եւ տաք ջուրով ու օճառով լաւ մը լուալ բոլորը. երրորդ, բաղնիքէն վերջ հագուեցնել նոր զգեստներ. չորրորդ, անխնայ այրել թուրքերու քովէն բերած բոլոր հագուստները: Այս արարողակարգը ի զօրու է ըլլայ տղաներուն ըլլայ աղջիկներուն համար»: Սրտագին շնորհակալութիւններս յայտնեցի թանկագին բարեկամիս, աճապարանքով վերադարձայ վանք եւ եղելութիւնը պատմեցի Մեծաւորիս: Ապա կանչեցի Կարմեղոսի Աստուածամօր եղբայրակցութեան անդամներէն երկուքը՝ Ռոզան եւ Ֆրանչեսքոյ Ճովէն, առաջինին յանձնեցի աղջիկները, իսկ երկրորդին՝ տղաքը, պատուիրելով ճշգրիտ կերպով կատարել Վերապատուելի Սթեփելթոնին պահանջները: Ճաշի ժամէն առաջ արդէն մանուկները վերադարձան ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս ամբողջովին փոխուած. ուրախ էին ու երջանիկ, կը խօսէին, կը ծիծաղէին, կը ցատկռտէին, կը պարէին, կ՚երգէին, ձեռքերս կը բռնէին եւ զանոնք համբոյրներով ու արցունքներով կը թրջէին, յուզումնալից ձայնով մը ըսելով. «Դուն իմ հայրիկս ես: Ա՜հ, սիրելի հայրիկ, կարենայի ոտքերուդ տակ մեռնիլ»:

Բայց հազիւ թէ գիտցան որ պէտք է ամերիկեան որբանոց տեղափոխուէին, սկսան ճչալ, կարծես թէ զիրենք սպանդանոց ղրկելու ըլլայի: «Չենք ուզեր բողոքականներուն քով երթալ: Մենք հայ ենք եւ կը սիրենք Աստուածածինը: Բողոքականները չեն սիրեր Աստուա ծածինը: Մենք քու զաւակներդ ենք եւ իրաւունք ունինք քու տանդ մէջ մնալու»: Հանդարտեցան այն ատեն երբ ըսի թէ հոն միայն երկու օր պիտի մնային, որմէ ետք զիրենք ֆրանսական նաւով Կոստանդնուպոլիս պիտի ղրկէի:

Այդ տասներեք մանուկները առաջին երախայրիքն էին հայ որբերու, զոր կրցայ ազատագրել թուրքերու ստրկութենէն: Քանի՞ հոգի եղան բոլորը միասին: Ճշգրիտ կերպով չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ երբեք մտահոգութիւնը չունեցայ զանոնք հաշուելու, ինչպէս որ երբեք մտահոգութիւնը չունեցայ հաշուելու այդ ջանքերն ու վտանգները որոնք գործադրեցի եւ որոնց ենթարկուեցայ: Ի՞նչ նշանակու թիւն ունէր իմ սեփական կեանքս՝ այդ հոգիներու փրկութեան համեմատ:

Հայ Ազգը յաւիտենական երախտագիտութեան զգացումներ պէտք է ունենայ ֆրանսացի հիւպատոս Պրն. Լէփիսիէի նկատմամբ: Գրեթէ անհաւատալի է թէ որքան ջանք գործադրեց հայերու փրկութեան համար, ըլլայ մանուկներու՝ թէ՛ մեծահասակներու: Բաւական է միայն ըսել որ միշտ ինքը վճարեց այն բոլոր որբերուն ճամբորդութեան ծախսերը, զորս ես կրցայ հաւաքել եւ առաքել Կոստանդնուպոլիս: Հայերուն ի նպաստ ծաւալած գործունէութեան պատճառով թուրքերը քանի մը անգամ մահափորձ կազմակերպեցին իր դէմ:

Վտանգաւոր ազատագրում մը

Օգոստոս 10ի առաւօտեան կանչուեցայ հիւրասենեակ, ուր ինծի այցելութեան եկած էին թրքական ոճով հագուած երեք աղջիկներ: Ոտքերուս ձայնը լսելով յառաջ եկան եւ դէմքերնին բանալով ձեռքս բռնեցին ու ըսին. «Հայր Սուրբ, մենք երեք հայ քոյրեր ենք: Մեր հայրը մեր աչքերուն առջեւ սպաննուեցաւ թուրքի մը ձեռքով, որ մեզ իր տունը տարաւ: Անոր մայրը խնամեց մեզ իրական մօր մը նման, բայց հիմա այդ թուրքը կ՚ուզէ ամուսնացնել մեզ երեք երիտասարդ թուրքերու հետ: Հարուստ են ու բարի, բայց մենք քըրիստոնեայ ենք եւ կը նախընտրենք կտոր կտոր ըլլալ՝ քան մահմետականներու կին ըլլալ: Հայր Սուրբ, դուք գիտէք որ ինչքան ալ քաղցր ըլլայ՝ սոխը չի դադրիր սոխ ըլլալէ, եւ թուրքը նոյնպէս, որքան ալ բարի ըլլայ, չի դադրիր թուրք ըլլալէ: Դուք մեր հայրն էք եւ մեր մայրը: Մենք ձեր աղջիկներն ենք: Ազատեցէք մեզ մահմետականներու ձեռքէն»:

Պատուիրեցի անոնց աղօթել, իւրաքանչիւրին մէկական Աս տուածամօր հրաշագործ մետալ տուի, օրհնեցի զիրենք եւ ետ տուն ճամբեցի յորդորելով վստահութիւն ունենալ Աստուածամօր հանդէպ, որ մեր մայրն է եւ մայրն է յատկապէս անոնց՝ որոնք կը տառապին ի սէր Յիսուսի, իր Որդիին: «Աստուածածնին կ՚ապաւինիմ», ըսի խօսքս եզրափակելով, «եւ վստահ եմ որ վաղը այս ժամուն արդէն ազատ պիտի ըլլաք այդ դժոխքէն եւ պիտի գաք իմ տանս մէջ ապրե լու»:

Յաջորդ օրը առաւօտեան, գեղեցիկ՝ բայց պինդ գաւազանով մը զինուած, ճաբայ ելայ դէպի թրքական թաղամաս, ֆրանչիսկեան Վարդարանը աղօթելով: Այն տունը, որ կը փնտռէի, չորս կամ հինգ նեղ փողոցներու խորքը կը գտնուէր: Բախեցի: Դուռը բացաւ երեսը քօղով ծածկուած կին մը, որ իսկոյն փախաւ հարեմի ներսը: Ի վերջոյ, հինգ վայրկեան սպասելէ ետք, յայտնուեցաւ մահացու մեղքի նման տգեղ պառաւ մը, որ իսկոյն վրաս յարձակեցաւ. «Ի՞նչ կ՚ուզես: Ասիկա քու փնտռած տունդ չէ: Չափահաս տղամարդոց թոյլատրուած չէ ոտք դնել այս տունը: Մենք քօղ կրող կիներ ենք: Մեր տղա մարդիկը տունը չեն: Կորսուէ այստեղէն»:

«Խանում», պատասխանեցի, «ես չեմ սխալած: Վստահ եմ, որ իմ աղջիկներս հոս են, ճիշտ այս տան մէջ: Ինծի այսպէս ըսաւ Նորին Գերազանցութիւն Նահանգապետ Սելիմ Պէյը»:

Մինչ պառաւին հետ կը վիճէի, վրայ հասան երեք աղջիկները, որոնք արտասուելով վիզիս փաթթուեցան եւ սկսան հայերէնով կանչել. «Հայրի՜կ, հայրի՜կ, հայրի՜կ»: Ես ալ իմ դերս լաւ կը խաղայի: Ես ալ իմ հերթիս գրկեցի աղջիկները եւ նոյնպէս հայերէնով բացա կանչեցի. «Աղջիկնե՜րս: Կեա՜նքս: Գա՜նձս»: Պառաւը պահ մը ապշած մնաց, բայց շուտով ուշքի եկաւ ու սկսաւ ամբողջ ոյժով պոռալ. «Կորսուէ այստեղէն, անարգ անհաւատ»:

«Սիրելի մայրիկ», հանդարտ ձայնով պատասխանեցի ես, «թոյլատրեցէք որ աղջիկներս իմ հետս անցընեն այս կէսօրը: Երդում կ՚ընեմ ձեզի, որ մուէզզինի կանչէն առաջ արդէն ետ քու քովդ կը բերեմ»:

«Լպի՜րշ, անամօ՜թ, ստախօ՜ս», երեսիս պոռաց պառաւը: «Այս աղջիկներուն հայրն ու մայրը մեռած են, եւ զիրենք իմ զաւակս որ դեգրած է»:

«Կը վստահեցնեմ ձեզ, որ ասոնց հայրը ես եմ», պատասխանեցի: «Իսկ եթէ չէք թոյլատրեր, զիրենք բռնի կը տանիմ եւ այլեւս երբեք ետ չեմ բերեր ձեզի»:

Այս վերջին խօսքերը արտասանելս, երեք աղջիկներուն հիւսքերը բռնելս եւ դուրս փախչիլս մէկ եղաւ: Պառաւը ետեւնէս ինկաւ պոռչտալով ու անիծելով: Անոր ձայնը լսելով, ուրիշ թուրք կիներ եւս ետեւնէս ինկան: Բախտաւոր եղանք, որ ճանապարհին դիմացնիս ելաւ ինծի ծանօթ ոստիկան մը: Ան մօտեցաւ եւ հարցուց ինծի՝ թէ ինչ կ՚ուզէին ինծմէ այդ կիները: Բացատրեցի, որ այդ երեք աղջիկները իմ հարազատ աղջիկներս էին, որ ինը տարի շարունակ փնտռած էի եւ վերջ ի վերջոյ, Վալիէն ստացած ցուցմունքներուն շնորհիւ, կրցած էի գտնել զիրենք որդեգրած ընտանիքին քով: Պառաւը չէր ձգած որ կէսօր մը իմ հետս անցընէին, այդ իսկ պատճառով զիրենք բռնի վերցուցած էի:

Կիները սկսան պոռալ՝ թէ ըսածներս սուտ էին եւ որ մարդկային մարմիններու վաճառական մըն էի, աւելցնելով զիս սպաննելու եւ միսերս շուներուն տալու սպառնալիքներ: Ոստիկանը հարցուց երեք աղջիկներուն եւ անոնք Մոհամմէտ մարգարէին անունով երդում ըրին որ իմ ըսածներս ճիշտ էին: Ոստիկանը դուրս քաշեց մտրակը եւ թուրք կիներուն վրայ յարձակելով հրամայեց. «Սատանային հետ դժոխք կորսուեցէք»: Ոստիկանին ընկերակցութեամբ հասանք ֆրանսական հիւպատո սարան: Պէտք է որ պարգեւատրէինք մեր բարերարը եւ ըլլայ Պրն. Լէփիսիէն, ըլլայ ես, աղուոր ձեռաձիր մը տուինք ոստիկանին:

Զեփիւռ եւ Գոհարիկ քոյրերը

Զեփիւռ եւ Գոհարիկ քոյրերուն հանդիպեցայ ամերիկեան որբանոցին մէջ, ուր կրօնագիտութեան դասեր կու տայի Արծրունի Սրբազան Հօր յանձնարարութեամբ եւ Վերապատուելի Սթեփելթոնին արտօնութեամբ, որ իսկապէս գոհ էր որ Առաքելական Առաջնորդը մեծ փափկանկատութիւն եւ զգուշութիւն պահանջող այդ գործը վստահած էր իր թանկագին բարեկամ Հայր Կիւրեղին:

Զեփիւռին եւ Գոհարիկին պատմութիւնը արցունքներու եւ արեան պատմութիւն է, ինչպէս անոնց բոլոր ընկերուհիներունը, բայց հարստացած է Աստուծոյ մասնայատուկ պաշտպանութեամբ: Իրենց մօրմէն սորված էին որ ընդունելի ըլլալու բացարձակ վստահութեամբ պէտք է միշտ դիմէին Սուրբ Աստուածածնին, եւ ակընյայտ էր որ Տիրամայրը կը հսկէր այդ բարեսիրտ աղջիկներուն վրայ: Մինակ մնալով, կրցած էին ազատիլ պագշոտ թուրքերու թակարդէն գործի դնելով հազար ու մէկ հնարամտութիւն, որ մտայղացած էր Զեփիւռը, որ տարիքով մեծն էր եւ օժտուած էր եզակի խելացիութեամբ: Մուրացկանի զգեստներ կը հագուէին եւ կեղծ կուզ կը շինէին, երեսնուն նռան հիւթ կը քսէին եւ կը պահուըտէին Պոզ Թէ փէի քարանձաւներուն մէջ: Քրիստոնէականի դասերուն մէջ ամէնէն ջանասէրներէն էին եւ Զեփիւռը խնդրեց տեղափոխել զիրենք Կոստանդնուպոլիս, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու վանքը, աւելի մօտէն եւ խոր կերպով ճանչնալու համար քրիստոնէական սուրբ կրօնքը: Օգոստոս ամսուն երկուքն ալ ընդունուեցան նորընծայարան:

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Զեփիւռը հանդիպած էր իր հօրը սպաննողին: «Ահա հայրիկին սպաննողը», սկսած էր պոռալ փողոցին մէջտեղը: Այդ աւազակը, որ վայելուչ զգեստներ հագուած էր եւ գլխուն եւրոպական ոճի գլխարկ դրած, փորձած էր պաշտպանուիլ, բայց Զեփիւռը շարունակած էր. «Այո՛, այո՛: Դուն չե՞ս տրապիզոնցի Սուլէյման Աղան, որ իմ հայրիկս սպաննեցիր մեր տան առջեւ»: Այդ մարդասպանը ձերբակալուեցաւ, դատուեցաւ եւ արտաքսուեցաւ Մալթա: Հոն միացաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպող վաթսունինը գլխաւորներու խումբին, ապրելով հաճելի արձակուրդի տասնութ ամիս6:

Զեփիւռը ամուսնութեան առաջարկութիւն ստացաւ Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Մեծաւոր Մօր զարմիկներէն մէկու մը կողմէ: Երիտասարդը շատ լաւ ընտրութիւն մը կատարած էր, բայց Զեփիւռը արդէն կատարած էր իր ընտրութիւնը՝ ուզելով ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ: 1925 թուականին ընդունուեցաւ նորընծայութեան եւ ուզեց կոչուիլ Քոյր Մարգարիտ, որպէս կեանքի օրինակ ընտրելով իմ սրբակեաց քոյրս:

Գոհարիկը նոյնպէս հետեւեցաւ իր աւագ քրոջ օրինակին եւ կոչուեցաւ Քոյր Քրիստինէ:

Դէպի Կոստանդնուպոլիս

Հայր Պրունոն մտահոգ էր որ այլեւս ընդմիշտ Տրապիզոն պիտի մնայի: Լուր ղրկեցի որ մտադիր էի խոստումս կատարելու եւ Կոստանդնուպոլիս ժամանելու ուսումնական տարուան բացումէն առաջ: Սեպտեմբեր 4ին հեռագիր ստացայ Ֆրանսական Դեսպանատունէն, ուր կ՚ըսուէր որ Լաւիզիոյ Լա Սուիփ շոգենաւին վրայ ինծի համար տեղ ապահոված էին Սեպտեմբեր 8ի համար: Տրամադրութեանս տակ մնացած երեք օրերը գործածեցի հաւաքելու համար հայ կաթողիկէ որբերը, յիսուն աղջիկ եւ քսանեօթ տղայ: Վերապատուելի Սթեփելթոնը բոլորին ալ ամառնային եւ ձմեռնային զգեստներ նուիրեց, ինչպէս նաեւ տոպրակ մը ուտեստեղէն, որ կրնար օգտակար ըլլալ՝ եթէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իսկոյն չկարենայի տեղաւորել զիրենք: Տրապիզոնի նաւահանգիստէն ճամբայ ելանք ժամը 8ին: Ծովը բաւականին հանդարտ էր, իսկ իմ որբերս՝ ծայր աստիճան ուրախ: Երեք օր ճամբորդելէ ետք, Սեպտեմբեր 11ին, ժամը 15ի ատենները, հասանք Կոստանդնուպոլիս: Նաւահանգիստը զիս դիմաւորելու եկած էին Հայր Պրունոն, Հայր Ճովաննին, Եղբ. Ֆրանչիսկոսը, բազմաթիւ իտալացի ընտանիքներ, բարեկամներ ու ծանօթներ: Նախ Հայր Պրունոն ողջունեց զիս պինդ պինդ ողջագուրումով եւ հարցուց թէ ո՞ւր էին ճամպրուկներս: «Ահա հոս են», պատասխանեցի մատնացոյց ընելով որբերս: Վառ կարմիր գոյնը, որ ակնթարթային արագութեամբ ծածկեց Հայր Պրունոյի դէմքը, անոր ամբողջ յուզմունքը արտայայտեց: Բարեսիրտ վարդապետը իսկոյն դարձաւ ու հեռացաւ մեզմէ, թերեւս ծածկելու համար արցունքները:

Ամէնքը կ՚ուզէին աջս համբուրել եւ ես, անոնցմէ ոչ մէկը վշտացնելու նպատակով, կը ջանայի ինքզինքս զուարթ ձեւացնել, ծածկելով սրտիս կսկիծը որ կը ծնէր եօթանասունեօթ մանուկներու համար տանիք մը գտնելու մտքէն: Կարծես ոչ ոք կ՚անդրադառնար՝ թէ որքան դժուարին կացութեան մատնուած էի: Բարի գալուստի պարտքը կատարելով, բարեկամներս մէկը միւսին ետեւէն հեռացան՝ զիս մտահոգութիւններուս ու որբերուս հետ միայնակ ձգելով:

Գեղեցիկ շարք մը ձեւացնելով, ճամբայ ելանք դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան: Դռնապանին կեցուածքը աւելի յուսահատական չէր կրնար ըլլալ: Աղջիկներս սկսան լալ, իսկ տղաքը՝ դժգոհիլ: Իսկ ե՞ս: Ինքզինքս թաւ անտառի մը մէջ կը տեսնէի, ուրկէ դուրս ելլելու ճանապարհը անյայտ էր: Մտքերս դէպի Աստուածածինը ուղղեցի եւ սկսայ հայերէն երգ մը երգել: Երգի ձայնը լսելով, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը փողոց նետուեցան: Մայր Թերեզա Յովնանեանը, Միաբանութեան Ընդհանուր Տեղապահուհին, ընդառաջ եկաւ ինծի եւ արտասուալից աչքերով ըսաւ. «Մեր թանկագին Քոյր Մարգարիտը հեռացաւ մեզմէ»:

«Թանկագին Մայր», պատասխանեցի, «Քոյր Մարգարիտը երկինքէն ձեզի յիսուն քոյր կը ղրկէ»:

Բարեսիրտ մայրապետը իսկոյն հասկցաւ մտահոգութիւնս եւ աղջիկներուն դառնալով ըսաւ. «Սիրելի աղջիկներս, պէտք է որ յոգնած ու քաղցած ըլլաք: Ուրախ եղէք, որովհետեւ մեր Ամենասրբուհի Մայրը շատ հարուստ է եւ չի ձգեր որ անօթի մնաք»:

Այսպէս, որբուհիներս հիւրընկալուեցան Սրբուհի Աննա որբանոցին մէջ: Հոն տեղաւորուեցան նաեւ տղաքը, մինչեւ որ կրցայ զիրենք ներկայացնել ֆրանս֊հայկական յանձնախումբին:

Սուզաննան

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, աշակերտներուս մէջ կը գտնուէր նաեւ Սուզաննա անունով աղջիկ մը, որ Էրզրումի շրջակայքը ապրած առաքելական Տէր Հօր մը աղջիկն էր: Արդէն պատրաստ էր Եկեղեցւոյ Խորհուրդները ստանալու, բայց ինքզինքը անարժան կը նկատէր, որովհետեւ, կ՚ըսէր ինքը, աններելի մեղք մը գործած էր: Ահա իր պատմութիւնը, որ պատմեց իր բոլոր ընկերուհիներուն ներկայութեամբ.

«Ինծմէ աւելի փոքր եօթ եղբայր ունէի, բայց հօրս միակ աղջիկն էի եւ հայրս զիս շատ կը սիրէր: Օր մը հայրս իր քով կանչեց ամբողջ ընտանիքը, մայրիկէն սկսելով մէկիկ մէկիկ համբուրեց մեզ նստեցուց եւ այս խօսքերը ըսաւ. ՚՚Սիրելի երէցկին, սիրելի որդիներս, սիրելի Սուզաննա, Էրզրումի Վալին պատուիրած է ինծի տե ղեկացնելու մեր ժողովուրդին, պատրաստ ըլլան մեկնելու զինուորական պահակախումբի մը ընկերակցութեամբ: Ո՞ւր պիտի տանին մեզ: Կը կարծեմ՝ կոտորելու: Պիտի խնայեն մեզի, եթէ ուրանանք Խաչը եւ մահմետական դառնանք: Որդեակներս, հաստատուն մնացէք Խաչեալի հաւատքին մէջ: Յիշեցէք, որ ձեր հայրը մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի քահանաներէն մէկն է»: Ապա զիս իր կուրծքին սեղմեց ու շարունակեց. «Սուզաննա, Տէրը քեզի շատ գեղեցիկ ստեղծած է եւ ատոր համար շատ պիտի տառապիս: Թուրքերը պիտի սիրահարուին քեզի, ամէն կերպով պիտի ջանան գայթակղեցնել քեզ, փայփայել եւ երջանկութիւն ու հարստութիւններ խոստանալ: Չձգես որ գայթակղութիւնը յաղթէ քեզի»: Երդում ըրի որ հաւատարիմ պիտի մնայի Քրիստոսին: Հայրիկը փոքրիկ շիշ մը տուաւ ինծի, ըսելով. «Աղջիկս, վերցուր այս շիշը: Մէջը զօրաւոր թոյն մը կայ, որ կրնայ գործի գալ քեզի, երբ մի միայն մահը կրնայ փրկել պատիւդ ու հաւատքդ»: Երկու շաբաթ վերջ խումբ մը զինուորներ եկան գիւղ, որոնց հրամանատարը հայրիկին ըսաւ թէ Էրզրումի Վալիէն հրաման ստացած էր գիւղացիները Երզնկա տեղափոխելու: Պէտք է որ երեք տարբեր կարաւաններով քալէինք, բայց բոլորս ալ պիտի հանդիպէինք Երզնկայի մէջ: Մոհամմէտի, Տէր Յիսուսի եւ իր զաւակներուն կեանքով երդում ըրաւ հայրիկին, որ զիս իր պաշտպանութեան տակ պիտի պահէր:

Մեր կարաւանին մէջ հարիւրի չափ աղջիկներ էինք եւ կը քալէինք հրամանատարին եւ երկու զինուորներու ուղեկցութեամբ: Գիշերները կը քալէինք, իսկ ցերեկները կը բանտարկէին մեզ ախոռներու մէջ, խստիւ արգիլելով խօսիլ անցորդներուն հետ: Հրամանատարը յարգալիր վերաբերմունք ունէր ինծի հանդէպ եւ զիս ՚՚աղջիկս՚՚ կը կոչէր: Զինուորները նոյնպէս յարգալիր էին ինծի հանդէպ, որովհետեւ կը վախնային հրամանատարէն: Ընկերուհիներս, մինչդեռ, կը նախանձէին եւ սխալ մեկնաբանութիւններ կու տային: Երեք օր քալելէ ետք հասանք Եփրատի ափին, Ռակքայի դիմացը: Գիշեր էր եւ մեզ գոցեցին պարսպապատ դաշտի մը մէջ: Հրամանատարը կանչեց զիս եւ անկիւն մը կեցած ըսաւ որ ինք պէտք Ռակքա երթար, ուր այդ նոյն գիշեր ինծի պիտի սպասէր՝ զիս հայրիկիս յանձնելու համար: Հայրիկիս կրկին տեսնելու միտքը այնքան յուզեց զիս, որ իսկոյն արտասուելու սկսայ: Հրամանատարը կարծեց թէ իրմէ բաժնուելու միտքը ինծի արտասուել կու տար, այնպէս որ աճապարանքով ուղղուեցաւ դէպի ելքի դուռը, ծածկելու համար իր յուզմունքը: Հետեւեցայ իրեն առանց իր անդրադառնալուն, եւ զինուորները, կարծելով որ հրամանատարին կամքով կը հետեւիմ իրեն, չարգիլեցին որ պարիսպէն դուրս ելլէի: Հրամանատարը նաւ մը մտաւ, իսկ ես սկսայ վազել գետի երկայնքով: Արշալոյսի մօտ իջայ գետին մէջ, ցեխը օճառի նման վրաս քսեցի եւ լաւ մը լուացուեցայ:

Արշալոյսի առաջին ճառագայթներու լոյսով խումբ մը թուփեր նկատեցի եւ գացի հոն պահուըտելու: Խոր քուն մտայ: Արթնցայ օրուան տաք ժամերուն եւ տեսայ որ երիտասարդ մը ջուր կու տար իր ձիերուն: Վախցայ եւ ինքզինքս գետը նետեցի, որպէսզի խեղդուէի ու ազատէի, բայց երիտասարդը զիս ջուրէն դուրս բերաւ: Առանց իրականութիւնը ծածկելու ըսի որ կարաւանէն փախած հայ աղջիկ մըն էի, իսկ ինքն ալ ըսաւ որ Տերսիմի մէջ բնակող քիւրտ մըն էր, տոհմի աւագին որդին: Ըսաւ որ իր հայրը բազմաթիւ հայ աղջիկներ փրկած էր, որոնք այժմ կը բնակէին իր տան մէջ: Ինքզինքս Աստուծոյ յանձնեցի, երեսս խաչակնքեցի եւ հետեւեցայ իրեն:

Գիշերները կը ճամբորդէինք, իսկ ցերեկները կը հանգչէինք երիտասարդին ծանօթներուն քով: Տերսիմի մէջ սիրալիր ընդունելութիւն գտայ: Տոհմին աւագը զիս իր կնոջ ներկայացուց այս խօսքերով. ՚՚Տէր Յիսուսը քեզի դուստր մը ղրկած է, որ ադամանդի մը նման գեղեցիկ է, աւելի գեղեցիկ ու աւելի սիրելի է քան Մարգարէին վերջին կին Այիշան: Հոգ տար անոր քու աչքերուդ լոյսին նման: Խե՜ղճ աղջիկ: Միակ աղջիկն է իմ մէկ թանկագին բարեկամիս, որ զիս կը հիւրընկալէր ամէն անգամ որ կ՚անցնէի իր գիւղէն: Երբեք այդքան բարի մարդ չեմ տեսած՝ քան այդ Տէր Հայրը: Թող Ալլահը անոր հոգին ընդունի դրախտին մէջ: Այդ խոզ թուրքերը7 զինք ծարաւէ մեռնելու թողուցին Քարա Սուի ափերուն: Երէցկինն ալ քաղցէ ու ծարաւէ մեռաւ ամուսինէն առաջ՚՚: Քիւրտ ծերունին ինծի հանդէպ միշտ յարգալիր վերաբերմունք ունեցաւ, իր աղջիկներէն ալ աւելի: Ես ալ իրեն հայրիկ կը կոչէի: Օր մը զիս մէկ կողմ տարաւ, գրկեց եւ առաջարկեց ամուսնանալ իր զաւակին հետ: Աչքերս վար առի եւ սկսայ լալ: ՚՚Հասկցայ՚՚, պատասխանեց ծերունին, ՚՚իրեն հետ չես ուզեր ամուսնանալ որովհետեւ քրիստոնեայ չէ: Քեզ շատ աւելի պիտի սիրեմ, քանի որ կ՚ուզես հաւատարիմ մնալ քու կրօնքիդ: Եւ կ՚ուզեմ բարի լուր մըն ալ տալ քեզի: Թուրքիան պարտուեր է պատերազմի մէջ եւ յաղթողները մաս մաս կ՚ընեն անոր կայսրութեան նահանգները: Եթէ կ՚ուզես, քեզ Մարտին կը ղրկեմ, ուր ֆրանս֊հայկական յանձնախումբ մը կը հաւաքէ բոլոր ողջ մնացած հայերը եւ զիրենք Հալէպ կը ղրկէ՚՚:

Ճամբայ ելայ դէպի Հալէպ, ուղեկցութեամբ չորս քիւրտ երիտասարդներու: Մարտինի եւ Տիարպեքիրի կէս ճանապարհին տասը հոգինոց զօրախումբ մը հրացանները վրանիս ցցեց: Խումբին գըլխաւորը ըսաւ որ իր հարսնացուն կը փնտռէր, որ փախած էր հինգ տարի առաջ: Մօտեցաւ ինծի, երեսիս քօղը քաշեց ու բացականչեց. ՚՚Դո՞ւն ես, …ի աղջիկ՚՚: Ո՞վ էր այդ աւազակը: Այն զինուորներէն մէկն էր, որ մեր կարաւանին ընկերացած էին մեր գիւղէն մինչեւ Եփրատի ափը: Քիւրտերուն հրամայեց հեռանալ առանց ետ նայելու: Ապա մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ որ միշտ սիրած է զիս, տակաւին չէ ամուսնացած, հիմա արդէն հրամանատար է, եւ Մարտինի ազնուական ընտանիքի մը զաւակը. եթէ համաձայնէի ամուսնանալ իրեն հետ, պիտի դառնայի իր տան սուլթանուհին եւ իմս պիտի ըլլային քաղաքին իր տունը, պարտէզը եւ իր բոլոր ունեցուածքները. իսկ եթէ չհամաձայնէի, միեւնոյնն է, պիտի ամուսնանար իմ հետս եւ զիս կենդանիի մը նման պիտի պահէր: Կը ջանայի ինքզինքս ուրախ ցոյց տալ, բայց սրտիս խորքը կ՚աղօթէի Սուրբ Խաչին, որպէսզի հասկցնէր՝ թէ արդեօք հասա՞ծ էր քահանայ եւ մարտիրոս հօրս տուած թոյնը գործա ծելու յարմար պահը: Երբ հասանք Մարտին, արդէն գիշեր էր, բայց տան մէջ մեծ տօն մը կազմակերպուեցաւ, որովհետեւ ազնուական երիտասարդը վերագտած էր իր հարսնացուն: Անոր մայրը հետս լաւ կը վարուէր, ո՛չ այնքան որովհետեւ գեղեցիկ էի, որքան որովհետեւ կ՚օգնէի իրեն տան գործերուն մէջ, ճաշը կը պատրաստէի, խմորը կը շաղէի եւ հացը կ՚եփէի, միշտ ուրախ եւ առանց տրտմութեան նշաններ ցոյց տալու: Այսպէս, դարձայ իր վստահելի անձը եւ իրմէ տեղեկացայ որ քաղաքին ֆրանս֊հայկական յանձնախումբը կը հաւաքէր հայ աղջիկները եւ զիրենք կը ղրկէր Կոստանդնուպոլիս կամ Հալէպ: Միաժա մանակ ցոյց տուաւ յանձնախումբի գրասենեակին վայրը: Երկու շաբաթ վերջ, երիտասարդին մայրը ուրախ զուարթ յայտնեց որ յաջորդ օրը երեկոյեան պիտի կատարէին մեր ամուսնութեան խնճոյքը: Կը սպասէի այդ լուրին եւ ինքզինքս պատրաստած էի ընդունելու զայն ինչպէս հարկաւոր է: Տեղէս ցատկեցի, այդ զզուելի պառաւի վիզին փաթթուեցայ եւ այտերը համբուրելով բացականչեցի. ՚՚Ա՜հ, սիրելի մայրիկ, ի՜նչ երջանկութիւն: Վաղը արդէն ազնուականի կին պիտի ըլլամ՚՚: Պառաւը ըսաւ որ հրաւիրուած էին Մարտինի մահմետականներուն բոլոր գլխաւորները, եւ թէ իմ պարտականութիւնս էր այդ օրուան ընթրիքը պատրաստելը: Կէս ձայնով մը հարցուցի թէ արդեօք հրաւիրու՞ած էին նաեւ քրիստոնեայ անձեր: Պատասխանեց որ քրիստոնեայ ոչ ոք կրնար ոտք դնել իր տունը:

Գիշերը հազար ու մէկ փորձութիւններ կրեցի: Պահ մը ոտքի ելայ, վերցուցի թոյնի շիշը, բացի եւ շրթներուս մօտեցուցի: Ինծի այնպէս թուեցաւ որ անտեսանելի ձեռք մը պահեց իմ ձեռքս, եւ ձայն մը ըսաւ ինծի. ՚՚Սուզաննա, աղօթէ Յիսուսին՚՚: Ծունկի եկայ ու աղօթեցի. ՚՚Ո՜վ Սուրբ Խաչ, օգնէ՛ ինծի: Յիսուս, փրկէ՛ զիս: Եթէ իսկապէս Աստուած ես, ցոյց տուր՝ թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ, որպէսզի ազատիմ այս անհաւատներու ձեռքէն, որոնք չեն հաւատար Քու Սուրբ Խաչիդ ամենակարողութեան՚՚:

Բացուեցաւ անարգ օրուան առաւօտը: Նախորդ օրուան արեւամուտէն առաջ արդէն բոլոր կերակուրները պատրաստ էին: Ուշ երեկոյեան պատրաստեցի տոլման, լաւ մը համեմեցի աղով, առատ պղպեղով, միսին խառնեցի քովս ունեցած ամբողջ թոյնը, փաթթեցի խաղողի տերեւներու մէջ, շարեցի ափսէի մը վրայ եւ առատ մածունով ծածկեցի: Հրաւիրուածները օղի կը խմէին գաւաթ գաւաթի ետեւէն եւ երբ տոլման սեղան բերի՝ բոլորը արդէն արբած էին: Սեղանին դնելէ առաջ ես կը համտեսէի բոլոր կերակուրները եւ նախապէս ուսումնասիրուած արտայայտութիւններով կը հասկըցնէի թէ որքան համեղ էին: Նոյն կերպով վարուեցայ նաեւ տոլմայի պարագային, բայց վրայի մածունէն միայն համտեսեցի: Երկու վայրկեան ետք, պատրուակելով թէ ստամոքսի ցաւեր ունէի, հեռացայ սեղանէն: Գացի դէպի բակին մեծ դարպասը: Դուռը բաց էր, իսկ գիշերը՝ մութ: Փախայ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուղղութեամբ, ուր զիս գրկաբաց ընդունեցաւ Հայր Գրիգոր Աբրահամեանը: Անոր պատմեցի իմ տխուր պատմութիւնս եւ յաջորդ օրը առաւօտեան, առաջին իսկ շո գեկառքով, մեկնեցայ Հալէպ»: Պատմած ատեն Սուզաննան կը դողար տերեւի մը նման եւ վերջաւորութեան չկրցաւ ինքզինքը զսպել, սկսաւ բարձր ձայնով լալ. «Աններելի մեղք մը գործած եմ: Սպաննած եմ ազնուականին ընտանիքը եւ քաղաքին մահմետականներուն գլխաւորները: Արժանի էին մահուան, որովհետեւ բոլորը, եւ այդ ազնուականը առաջին հերթին կործանած էին հայոց հարիւրաւոր օճախներ, բռնաբարած ու սպաննած էին հարիւրաւոր հայ աղջիկներ: Սուրբ Խաչի քահանայ եւ մարտիրոս հօրս օրհնած թոյնը փրկեց իմ պատիւս եւ վրէժխնդիր եղաւ հայրենակիցներուս արեան փոխարէն»:

1919 թուականի Անարատ Յղութեան տօնին օրը Սուզաննան, այլեւս խաղաղ սրտով ու խղճով, մօտեցաւ Եկեղեցւոյ Խորհուրդներուն:

Նոր նպատակակէտեր

1920 թուականի Ապրիլին, Հայր Լորենցոն, որ Սեւ Ծովու առաքելութեան Մեծաւորն էր, նշանակուեցաւ Զմիւռնիայի թեմի Առաքելական Վարիչ: Այս նշանակումը անմիջական հետեւանքներ ունեցաւ նաեւ իմ գործունէութեանս վրայ, որովհետեւ անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ որ իր փոխարէն ես տեղափոխուիմ Տրապիզոն:

Հայր Պրունոն, գիտնալով որ Ֆրանսայի Դեսպանը ընդունակ եւ վստահելի անձ մը կը փնտռէր՝ Կարինի մէջ ֆրանսական հիւպատոսական գործակատար նշանակելու համար, առաջարկած էր իմ անունս: Կանչուեցայ Դեսպանին քով: Կարինի նահանգի, կլիմայի, քրիստոնեայ ընտանիքներու, 1914-1918 թուականներուն կոտորուած քրիստոնեաներու եւ քահանաներու մասին անթիւ անքանակ հարցումներ ընելէ ետք, Դեսպանը հանդիսաւոր ձայնով մը ըսաւ. «Ուրախ եմ Ձեզի տեղեկացնելու, որ Ֆրանսական Հանրապետութիւնը Ձեզ շատ կը յարգէ: Դուք Ֆրանսայի մէջ յայտնի եւ յարգուած ֆրանսասէր մըն էք, այդ իսկ պատճառով՝ իմ Կառավարութիւնս կը նշանակէ Ձեզ Ֆրանսայի հիւպատոսական գործակատար Կարինի մէջ: Կ՚երթաք Տրապիզոն, ուր Պրն. Լէփիսիէէն կը տեղեկանաք հարկաւոր մանրամասնութիւններու վերաբերեալ եւ զինեալ պահակախումբով կը մեկնիք Կարին»:

Շնորհակալութիւն յայտնեցի զիս այդպիսի պատիւի արժանացնելուն համար, բայց կարեւոր նկատեցի ընդգծել որ քաղաքականութեամբ զբաղելու համար յարմար անձ մը չէի, բայց սիրով պիտի երթայի Կարին որպէս քրիստոնեայ վարդապետ, ուրիշ հայ որբեր ազատագրելու յոյսով:

Համաձայնեցանք որ պիտի մեկնէի Յուլիս 16ին:

   

 

ԳԼՈՒԽ Է.

 

Փոթորիկի մը նախանշանները – Քրիստոնեայ դպրոցներու փակումը – Պոնտոսի յոյներու ողբերգութեան սկիզբը – Պոնտոսի քրիստոնեաներուն աքսորը – Հալածուած քրիստոնեաներու ծառայութեան – Տրապիզոնէն աքսորուած – Ձերբակալութիւն, կտտանքներ, մահուան դատապարտութիւն – Արտաքսում Թուրքիայէն

Փոթորիկի մը նախանշանները

Կոստանդնուպոլիսէն մեկնեցայ Յուլիս 16ին, կէսօրէն ետք: Նաւապետը շատ աստուածապաշտ անձնաւորութիւն մըն էր: Խընդրեց, որ Սուրբ Պատարագը մատուցանէի ժամը 9ին, որպէսզի ամբողջ անձնակազմը հնարաւորութիւնը ունենար մասնակցելու արարողութեան: «Բարի հոգիներ են», ըսաւ, «բայց կարիքը ունին որ մէկը յիշեցնէ իրենց՝ կատարելու կրօնական պարտականութիւնները»: Եւ այդ բարի հոգիները բոլորն ալ մեծ բարեպաշտութեամբ մօտեցան Ապաշ խարութեան Խորհուրդին եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան: Տրապիզոնի նաւահանգիստը հասանք Յուլիս 20ի կէսօրուան ա ռաջին ժամերուն: Զիս դիմաւորելու եկած էին Հայր Անճելիքոն, Հայր Պետրոսը, Օսմանեան Պանքի տնօրէնը, ուրիշ ծանօթներ եւ խումբ մը հաւատացեալներ: Տրապիզոն ժամանելով, կեանքիս մէջ կը բացուէր արկածախնդրական շրջան մը եւ շուտով պիտի գտնուէի սոսկալի փոթորիկի մը ճիշտ կեդրոնը:

Լատինական փոքրիկ Համայնքը անփոփոխ վիճակի մէջ էր եւ վեց տարի տեւած բացակայութենէ յետոյ վերադարձեր էին նաեւ Քրիստոնեայ Դպրոցներու Եղբայրները: Հայ Կաթողիկէ Համայնքը վերածուեր էր միայն երեք հոգիի. բժիշկ Մարմարեանը, որուն կեանքը թուրքերը խնայած էին պարզապէս որովհետեւ անոր փոխարինող մէկը չէին գտած, իսկ Մարիմեան ու Քարանֆիլեան պարոնները Պաթումի մէջ ապաստան գտնելով փրկուեր էին: Տրապիզոն կը գտնուէր նաեւ երիտասարդ ընտիր քահանայ Տէր Մկրտիչ Գազէզեանը, որ կը մատակարարէր թեմին ստացուածքը (վարձու տրուած քսանի չափ խանութներ): Եպիսկոպոսարանը տակաւին կանգուն էր եւ գրադարանն ալ՝ անվթար: Աւելի ուշ ինծի յանձնուեցաւ այդ ստացուածքներուն մատակարարութիւնը, իսկ 1923 թուականին արդէն ստիպուեցայ հաւաքել բոլոր գրքերն ու ձեռագիրները եւ ուղարկել Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքարան: Կային նաեւ յիսունի չափ Առաքելական Հայեր, որ կրցած էին խուսափիլ կոտորածներէն եւ կ՚ապրէին ամէ նօրեայ սպառումի ապրանքներ վաճառելով:

Ժամանումիս յաջորդ օրը գացի այցելելու Պրն. Լէփիսիէին: Արժանացայ սքանչելի ընդունելութեան մը, որ իսկապէս պատշաճ էր Ֆրանսական Հանրապետութեան հիւպատոսական գործակատարի մը: Բայց Սողոմոնի իմաստութիւնը հարկաւոր չէր, հասկնալու համար որ առանց հոգիի տօնակատարութիւն մըն էր: Պրն. Լէփիսիէն տխուր էր, դէմքը գունատ, լռակեաց: Ճոռոմախօս բաժակաճառ մը կը սպասէի, մինչդեռ պարզ կենաց մը ունեցայ. ,A votre santռ, mon PՌre!ե: Եւ ոչ իսկ խօսք մը պատուաւոր նշանակումիս մասին: Հանդիպումի աւարտին, ցտեսութիւն ըսելէ առաջ, համեստաբար հարցուցի՝ թէ երբ պիտի մեկնէի Կարին: Պրն. Լէփիսիէի դէմքը կաս կարմիր եղաւ եւ յուզմունքը հազիւ զսպելով ըսաւ որ ճիշտ իմ հասած օրս լուր ստացած էր իր թուրք ծանօթներէն որ Քեմալը հրամայած էր իրեն հեռանալ Տրապիզոնէն: Պէտք է որ նոր տեղեկութիւններ սպասէի Կոստանդնուպոլսոյ Դեսպանատունէն: Պրն. Լէփիսիէի թուրք ծանօթներուն հաղորդած լուրը դըժբախտաբար ճիշտ էր: Երեք օր վերջ, ոստիկանապետը եկաւ Պրն. Լէփիսիէին հաղորդելու Քեմալի հրամանը՝ անմիջապէս հեռանալու Տրապիզոնէն, եթէ չէր ուզեր կեանքը վտանգի ենթարկել: Իրավիճակը շտկելու ապարդիւն փորձերէ յետոյ այլեւս պարզ դարձաւ, որ Պրն. Լէփիսիէն պէտք է հեռանար Տրապիզոնէն: Լուրը տարածուեցաւ կայծակնային արագութեամբ, ահ ու սարսափ սփռելով քրիստոնեաներուն մէջ, որոնք կը վախնային թէ պիտի կրկնուէին 1915 թուականի եղերական կոտորածները:

Մեր քաղաքական պաշտպանը Տրապիզոնէն հեռացաւ Օգոստոս 20ին, իր հետ Կոստանդնուպոլիս տանելով բազմաթիւ ռուս փախստականներ եւ հայ ու յոյն որբեր: Պրն. Լէփիսիէի մեկնումէն անմիջապէս յետոյ քեմալականները անցան բացայայտ գործունէութեան: Քաղաքին մէջ առնուազն ութ հարիւր մարդիկ կային, զինուած եւ լաւ կազմակերպուած: Մեկնումէն առաջ, Պրն. Լէփիսիէն լուր տարածել տուած էր թէ ֆրանսական նաւերը պիտի ռմբակոծէին թըրքական թաղամասը: Որպէս պատասխան, Քեմալը հրամայած էր դատարկել թաղամասը թուրքերէն եւ հոն տեղափոխել բոլոր քրիստոնեաները: Քրիստոնեաները խուճապահար վիճակի մէջ էին, իսկ մահմետականները տակաւին արիւնի ծարաւ ունէին: Մեր կեանքը շարունակական վտանգի ենթակայ էր, ամէն օր թալանի ու կոտորածի լուրեր կը ստանայինք եւ չէինք կրնար քաղաքէն դուրս ելլել առանց կեանքերնիս լուրջ վտանգի ենթարկելու: Եւ ոչ իսկ գերեզմանատուն կրնայինք երթալ:

1920 թուականի Դեկտեմբերին սկիզբ առաւ Պոնտոսի յոյներուն ողբերգութիւնը: Մինչ յունական բանակները անզգոյշ կերպով կը յառաջանային դէպի Անքարա, Քեմալ Փաշան կը հրամայէր նշանառութեան տակ առնել Անատոլուի յոյները:

Լատին Համայնքի տասներեք անդամներ, թէեւ ծնունդով տրապիզոնցի էին, յունական քաղաքացիութիւն ունէին: Յոբ Նահապետի նման աղքատ էին եւ կ՚ապրէին Սբ. Անտոնի եղբայրակցութեան յատկացուցած օգնութիւններով: Բոլորն ալ Թուրքիայէն աքսորուեցան ուղղակի Քեմալի հրամանով եւ ոչինչ կրցանք ընել զիրենք ազատելու համար: Պէտք է որ ճանապարհի համար անհրաժեշտ հագուստ եւ ուտելիք հոգայինք այդ խեղճերուն համար, բայց եղբայրակցութեան ամբողջ դրամագլուխը բաւական չէր եւ ոչ իսկ մէկ հոգւոյ հագուստ գնելու համար: Մինչ եղբայրակցութեան անդամներուն հետ մտահոգուած կը խորհրդակցէինք, ժպտադէմ ներս մտաւ բարեկամս՝ Վերապատուելի Սթեփելթոնը, որուն մասին ոչ ոք մտածած էր: «Oh! Well! Ի՞նչ բանի կարիք ունին այս խեղճ կաթողիկէ յոյները, որ իրականին յոյն չեն», հարցուց մեզի: Եղբայրակցութեան տիկինները իւրաքանչիւրին համար խնդրեցին թրքական տասը լիրա, ամառնային եւ ձմեռնային հագուստներու երկու ամբողջական շարք, չորս շապիկ, չորս զոյգ վարտիք, թաշկինակներ, կօշիկներ եւ այլն: Իրականութեան մէջ քիչ մը չափազանցած էին, բայց Վերապատուելի Սթեփելթոնը զիրենք ագահ որակեց, քանի որ ,Near East Reliefե ընկերութեան գանձապահուհին, այսինքն՝ իր կինը, արդէն իսկ իւրաքանչիւրին համար պատրաստած էր թրքական քսան լիրա, հագուստ դեղորայք, ծածկոցներ եւ այլն: Քանի մը օր անց, աքսորեալները մեկնեցան Պաթում:

Քրիստոնեայ դպրոցներու փակումը

Առաքելական գործունէութիւնս յառաջ կը տանէի դպրոցին միջոցով, որուն համար չէի խնայեր ոչ մէկ տեսակ ջանք եւ զոհողութիւն: Եւ սակայն, Անքարայէն հասած կառավարական հրամանագիր մը 1921 թուականի Յունուար 5ին կը հրամայէր գոցել քրիստոնէական բոլոր կրթօճախները, բացի ամերիկեան հաստատութիւններէն: Գացի հանդիպելու կրթութեան տնօրէն Ալի Էրթողրուլին, յուսալով լուծում մը գտնել այս ծանր խնդիրին, որ անակնկալ կերպով եկած էր գումարուելու արդէն իսկ կուտակուած բազմաթիւ ուրիշ խնդիրներու: Պատասխանեց որ Անքարայէն հասած հրամանագիրը յստակ կերպով կը խօսէր «իտալական եկեղեցւոյ դպրոցին» մասին, հետեւաբար չէր կրնար արտօնել որ դպրոցը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Ըսի որ իմ դպրոցս յաճախած էին Համտի Պէյ վալիին զաւակները, անոր յաջորդին զաւակները, եւ ներկայիս ալ՝ իմ դպրոցիս աշակերտներն էին զինուորական հրամանատար Ալի Ռիզա Պէյին, Թէֆիկ Պէյին եւ ուրիշ թուրք ազնուականներուն զաւակները: Պաշտօնեան ձայնը իջեցուց եւ ֆրանսերէնով խնդրեց որ որպէս աշակերտ ընդունէի նաեւ իր երեք զաւակները, երկու տղայ եւ մէկ աղջիկ, եօթէն տասներկու տարեկան: Ապա խորհուրդ տուաւ թէ ինչպէս կրնայի շարունակել կրթական գործունէութիւնս առանց խախտելու կառավարական հրամանագիրները. բաւական էր հաւաքուիլ առանձնատու ներու մէջ, երեքէն ութ հոգինոց փոքրիկ խումբերով:

Կառավարական հրամանագիրը չէր վերաբերեր անհատական դասընթացքներուն, հետեւաբար՝ կրնայի շարունակել ատոնք: Յոյները ինքնակամ կերպով փափաքեցան վճարել թրքական հինգ լիրայի ամսավարձը, անոնք միշտ յարգալիր էին եւ ջանասէր: Խնդրեցին իմ դպրոցս յաճախել նաեւ աղքատ գործաւորի մը զաւակները: Ընդունեցայ առանց վճարի: Յաջորդ օրը հայրը քովս եկաւ եւ պնդեց որ ընդունիմ վճարումը, որովհետեւ համոզուած էր որ հակառակ պարագային զաւակները լրջութեամբ պիտի չմօտենային դասերուն եւ ոչինչ պիտի սորվէին: Լուրը հասաւ մեծահարուստ պարոնայք Քափայանիտեսին եւ Թէոֆիլաքթոսին, որոնց հինգ զաւակները իմ աշակերտներս էին: Ասոնք քովս եկան բողոքելու, որ հարուստներուն հետ կը վարուէի նոյն կերպով՝ ինչպէս աղքատ գործաւորներուն: Պահանջեցին որ իրենց զաւակներուն ուսման վարձը միւսներուն եռակին ըլլայ, այսինքն՝ թրքական տասնհինգ լիրա:

Պոնտոսի յոյներու ողբերգութեան սկիզբը

Պոնտոսի յոյներու յանձնախումբը կ՚երազէր Միթրիտաթեսի կայսրութեան վերականգնումը: Շարժումին կազմակերպիչներն ու դրամով նպաստողները Թուրքիայէն դուրս կը բնակէին եւ իրենց ամենագործունեայ մասնաճիւղը Սամսոնի մէջ էր: Շարժումին յարող ներու թիւը աւելցաւ ռուսական գրաւումի օրերուն եւ Պոնտոսի յոյներու խնդիրը քննարկուեցաւ Վերսայի եւ Լոզանի մէջ: Տրապիզոնի մասնաճիւղին գլուխը Յոյն Օրթոտոքս Մետրոպոլիտ Քրիզանթոսն էր, ծնունդով Ճիանինայէն: Իր քարոզներու ատեն ուրիշ նիւթի շուրջ չէր խօսեր, այլ միայն՝ Պոնտոսի կայսրութեան վերականգնումին մասին: Բայց հազիւ լսեց քեմալական զօրքերու յառաջխաղացումին լուրը, առաջինը ինքը փախաւ Տրապիզոնէն, մինչեւ իսկ իր եպիսկոպոսական հարուստ հանդերձանքը լքելով: Երբ ռուսական զօրքերը հեռացան Տրապիզոնէն, յունամէտ բազմաթիւ հայեր հոն մնացին, յուսալով յոյներու հետ միասին պայքարիլ ընդհանուր թշնամիին դէմ: Դժբախտաբար մինակ մնացին եւ Հայաստան վերադարձան, սպասելով լաւագոյն ժամանակներու:

1921 թուականի Ապրիլի սկիզբը թրքական ոստիկանութիւնը սկսաւ խուզարկել յոյներուն տուները, Պոնտոսի կայսրութեան երեւակայական վերականգնումին վերաբերող թուղթեր գտնելու նպատակով: Խուզարկումները ապարդիւն անցան, բայց ձերբակալուեցան պրն. Քափայանիտեսը, որ «Էփոխի» թերթին խմբագիրն էր, բժիշկ Հաճի Նոթան եւ փրոթոսինկելոս Կոստանդին Քոֆիտիսը: Տարուեցան նախ Սամսոն, ապա Ամասիա, ուր դատարանի ներկայացուեցան Սամսոնի նահանգի մէջ ձերբակալուած ուրիշ վաթսունինը յոյներու հետ: Միայն բժիշկ Հաճի Նոթան փրկուեցաւ, շնորհիւ մեծղի գումարներ ստացած հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու միջամտու թեան: Միւս բոլորը կախաղանի դատապարտուեցան: Ոչ ոք բողոքեց այդ անարդարութիւններուն դէմ եւ Քեմալ Փաշան անցաւ բացայայտ գործունէութեան: Գոցուեցաւ յունական ակումբը եւ սկիզբ առին անպատմելի հալածանքներ յոյներուն դէմ: Զինեալ վոհմակ մը յարձակեցաւ Փափատոփուլոս ընտանիքին վրայ:

Ամուսինը կրցաւ փախչիլ, մինչ կինը մահացաւ ատրճանակի մը կրակոցէն: Տասնվեց տարեկանէն վեր բոլոր յոյն երիտասարդները ձերբակալուեցան եւ Էրզրում ղրկուեցան քար կոտրելու եւ ճանապարհներ կառուցելու: Անոնցմէ շատերը մեռան քաղցէն ու կրած չարչարանքներէն: Սանթա գիւղը թուրք զինուորներու կողմէ հողին հաւասարեցաւ այն պատճառով որ անոր բնակիչները համարձակած էին պաշտպանուիլ աւազակներու յարձակումներէն:

Մեր վանքը լեցուեցաւ հինգ հարիւրէ աւելի յոյներով, որոնք ապաստան կը փնտռէին մեր քովը: Երիտասարդ տղաները կիներէն աւելի կը դողային եւ ի զուր ջանացի արթնցնել անոնց քաջութիւնը՝ յիշեցնելով Լէոնիտեսի, Թեմիսթոկղեսի, Արիսթիտեսի եւ Աքիլլեսի հերոսական արարքները: Ծաղրանքի ու անարգանքի խօսքերուն ալ դիմեցի: «Դուք յոյներ չէք», կը պոռայի: «Իրական յոյնը քաջ է եւ մահէն չի սարսափիր: Վախկոտներ: Չէ՞ք ամչնար, դուք՝ երիտասարդներ, որ կը հպարտանաք՝ իբրեւ թէ իրական աթէնացիներու սերունդ էք, որոնք փախուստի մատնեցին չորս միլիոն պարսիկներ: Զէնքեր չունի՞ք»:

Յանդիմանութիւններուս արդիւնքը զգալի եղաւ: Կէս ժամուայ ընթացքին վանքի մէջ ունէինք արդէն քառասունի չափ հրացաններ, քանի մը նռնակ եւ քսան դաշոյն: Արցունքները ցնծութեան աղաղակներու փոխուեցան եւ երիտասարդները, հրացանները ձեռքերնին վերցնելով, սկսան ըսել որ մէկ յոյնը հարիւր թուրքէն աւելի կ ՚արժէ եւ ընդունակ է ամբողջ Թուրքիան տակնուվրայ ընելու: Կիները ուրախ զուարթ մտիկ կ՚ընէին եւ համաձայնութեան նշաններ կու տա յին: Նախընտրելի էր այդ տեսարանը՝ քան ողբն ու ճիչը: Պատուիրեցի որ եթէ դուռը բախելու ըլլային, բոլորը երթային պահուըտէին, իսկ դուռը բանալու կը մտածէր Եղբ. Էճիտիոն: Քիչ անց յայտնուեցաւ ոտքէն գլուխ զինուած լազերու խումբ մը: Իմ քաջասիրտ յոյներս, որ քանի մը վայրկեան առաջ պատրաստ էին ամբողջ Թուրքիան տակնուվրայ ընելու, սարսափահար եղան եւ հրացաննին ձեռքերնէն վար նետեցին: Հրամայեցի որ երթային պահուըտէին, իսկ ես շտապեցի օգնութեան հասնիլ Եղբ. Էճիտիոյին:

«Դուք չէք սպաններ ոչ մէկ յոյն, որ ապաստանած է Տէր Յիսուսի այս տան մէջ: Նախ պէտք է զիս եւ այս սուրբ փափազը սպաննէք», ըսի մատնացոյց ընելով Եղբ. Էճիտիոն:

«Երթանք այստեղէն», սկսան սարսափած իրարու ըսել լազերը «եթէ սպաննենք ասոնք, հարամ [մեղք] կ՚ըլլայ եւ Տէր Յիսուսը վրիժառու կ՚ըլլայ ասոնց համար»:

Մինչ ես կը խօսէի լազերու հետ, յոյն կիները ներսէն գաղտնագողի կը դիտէին: Կրնաք երեւակայել ուրախութեան աղաղակները՝ հազիւ թէ վանքին դուռը գոցուեցաւ լազերու ետեւէն: Լսելով այդ ուրախ աղաղակները, տղամարդիկ նոյնպէս, որ պահուըտեր էին նկուղին ամենամութ անկիւնները, մոռցան սարսափը եւ սկսան պարծենալ՝ թէ փախուստի մատնած էին հարիւրաւոր թուրքեր, որոնք եկած էին ՚՚օրթոտոքսիա՚՚ն կոտորելու: Եւ ինչպիսի՜ պերճախօսութիւն: Քիչ կը մնար որ զիս ալ համոզէին իրենց սխրանքին ու հերոսութեան մասին: Սակաւաթիւ օրեր ետք կրկին սկսան խուզարկումները: Ձերբակալուեցան աւելի քան հարիւր յոյներ եւ տասնհինգ հայեր: Տաֆունտայի եւ Սոթիրիայի քահանաները տարուեցան անյայտ ուղղութեամբ, այսինքն՝ սպաննուեցան Աստուած գիտէ ուր: Օգոստոս 22ին բռնագրաւուեցաւ քրիստոնեաներու պատկանող խանութներու ապրանքներուն քառասուն առ հարիւրը, իսկ Օգոստոս 24ին թրքական հանրահաւաք մը կազմակերպուեցաւ, որուն բոլոր մասնակիցները յոխորտաբան ճառեր խօսեցան Անգլիոյ դէմ: Սարսափը կը տիրէր նաեւ գաւառներու մէջ եւ գիւղացիները կը լքէին իրենց բնակավայրերը եւ ապաստան կը փնտռէին քաղաքին մէջ, ի զուր յուսալով հոն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն գտնել:

Պոնտոսի քրիստոնեաներուն աքսորը

1922 թուականի ամրան ամիսներուն յոյն֊թրքական պատերազմին ընթացքը ամբողջովին փոխուեցաւ եւ յոյներուն անզգոյշ յառաջխաղացումը մինչեւ Անքարայի մերձակայքը դարձաւ իրական թակարդ մը: Քեմալ Փաշան ժամանակ չէր կորսնցուցած, բաւականին ճարպիկ կերպով շահած էր Անատոլուի իր կրօնակիցներուն յարգանքն ու վստահութիւնը եւ պատրաստած էր յոյներուն տրուելիք հակահարուածը: Տրապիզոնի մէջ մէկը կոյր պէտք է ըլլար չտեսնե լու համար զինուորական մեծղի պատրաստութիւնները:

Այլեւս յոյները նոյնպէս սկսած էին բանալ իրենց աչքերը եւ նուազագոյն օգնութիւն անգամ չէին սպասեր եւրոպական տէրութիւններէն: Օգոստոս 29ին լուր տարածուեցաւ որ քեմալական զօրքերը գրաւած էին Զմիւռնիան: Սեպտեմբեր 2ին հասած լուրերը հերքեցին նախորդ տեղեկութիւնները, բայց հաստատեցին որ յոյները, Էսքի Շէիրի մօտ պարտութիւն կրելէ ետք, խուճապահար կը փախչէին ամէն բան ձգելով թշնամիին ձեռքը, ուրախ՝ գէթ սեփական մորթը փրկելով: Այդ երեկոյեան թուրքերը ջահագնացութիւն մը կազմակերպեցին քաղաքի փողոցներով եւ վերջաւորութեան այդ ջա հերը նետեցին յոյներու տուներուն մէջ: Սեպտեմբեր 6ին լուր ստացանք, որ թուրքերը գրաւած էին Ուշահը, Պիլեճիքը, Պրուսան եւ Զմիւռնիան: Մեծ էր տարածուած ահն ու սարսափը ո՛չ միայն յոյներու մէջ, այլ նաեւ Անատոլուի բոլոր քրիստոնեաներուն: Դեկտեմբեր 11ին Տրապիզոնէն հեռացաւ վալին՝ Քիազիմ Պէյը: Պաշտօնական լուրերը կ՚ըսէին որ արձակուրդի պիտի երթար քանի մը շաբթուան համար, բայց իր աղջիկը, որ իմ աշակերտուհիս էր եւ եկած էր ինծի մնաք բարով ըսելու, վստահեցուց որ իրենք այլեւս երբեք պիտի չվերադառնային: Քրիստոնեաներու այդ ազնիւ բարեկամին մեկնումէն անմիջապէս յետոյ Տրապիզոնը ստացաւ ամբողջովին մահմետական քաղաքի մը կերպարանքը եւ յոյները հեռացուեցան հասարակական պաշտօններէն: Կոտորուեցան Փլաթանայի օրթոտոքս քահանաները եւ պետական իշխանութիւնները հրաժարեցան պատժել մեղաւորները: Տէր Խարալամպոս քահանային երէցկնոջ օգնեցի որ երեխաներուն հետ միասին փախչին Յունաստան, քանի որ ականատես եղած էր ամուսինին սպանութեան եւ հետեւաբար կ՚ուզէին զինքը նոյնպէս սպաննել, անբաղձալի վկայէ մը ազատելու համար:

Քեմալ Փաշան արտօնութիւն տուաւ թալանելու յոյներուն տու ները, նկատելով զանոնք որպէս պատերազմի աւար: Թուրք կիներու վոհմակներ, դանակներով, տապարներով ու գաւազաններով զինուած, կը գողնային ամէն բան որ իրենց ձեռքերուն տակ կ՚իյնար: Ռուսաստանէն գաղթած չերքէզները կոտորեցին ու բնաջինջ ըրին Փոլիթա գիւղէն փրկուած գաղթականները: Յուսալով շարժել այդ վայրի գազաններուն գութը, գիւղին քահանան ծիսական սրբազան զգեստները հագած եւ ձեռքին խաչը բռնած ներկայացած էր աւազակախումբի գլխաւորին, խնդրելով գէթ մարդոց կեանքը խնայել: Սպաննած էին զինքը գաւազանի հարուածներով: Ամուսինին քովը վազած էր երէցկինը, հինգ զաւակներուն հետ միասին, կրծքին ալ սեղմած կաթնկեր աղջիկը: Կինն ալ, զաւակներն ալ բոլորը գլխատած էին: Քերասոնտայի բռնակալ քաղաքապետը բաւականին ուրախա ցած էր որ Քիազիմ Պէյը հեռացած էր Տրապիզոնէն: Ուզած էր որ իրեն ղրկէին յիսուն երիտասարդ յոյներ, որպէսզի զիրենք Ալլահին ընծայէր որպէս երախտագիտութեան զոհ, քանի որ մահմետական այդ սրբազան հողը ազատած էր անհաւատներու զաւակ այդ անհաւատէն, որ կը պաշտպանէր անհաւատները: Եւ այսպէս, Քերասոնտայի գլխաւոր հրապարակին վրայ յիսուն երիտասարդ յոյներ մորթուեցան այդ կաղ թուրքին հրամանով: Օրտուն ամբողջովին քրիստոնեայ քաղաք մըն էր: Դեկտեմբեր 29ին, Քեմալ Փաշային հրամանով, քրիստոնեայ բնակիչները տեղահանուեցան եւ հոն բնակութիւն հաստատեցին Ռուսաստանէն գաղթած մահմետական չերքէզները:

1923 թուականի Յունուար 14ին Տրապիզոն ժամանեց նոր վալին՝ Իշան Պէյը: Նաւահանգիստին մէջ զինք դիմաւորելու գացած էին պաշտօնական բոլոր անձնաւորութիւնները: Յոյն Համայնքի կողմէ ներկայ եղած էր նաեւ ազնուական Հաճի Փանայոթան, որ սքանչելի թրքերէնով բարի գալուստի խօսք ուղղած էր նոր վալիին: Իշան Պէյը ամէն տեսակ անարգական շարժում ըրած էր յոյն ազնուականի խօսած ատենը, ապա փոխ կուսակալին հարցուցած էր՝ թէ ով էր ատիկա որ իրեն խօսք ուղղած էր երկրին սրբազան լեզուով:

«Պրն. Փանայոթան է», պատասխանած էր փոխ կուսակալը, «յոյն ազնուական մը, մեր ազնիւ բարեկամներէն մէկը, որ մեր երկրին հաւատարիմ թուրք քաղաքացի է»:

«Մեր սահմաններէն ներս դեռ կը բնակի՞ն Փանայոթաներ, Եանիներ, Քոսթաներ ու Կարապետներ», բացականչած էր վալին: «Զիրենք անմիջապէս այն նաւը լեցուցէք, որով ես ժամանեցի: Զինուորներ, գացէք շրջեցէք ամբողջ քաղաքը, հաւաքեցէք բոլոր անհաւատները եւ լեցուցէք այս նաւը: Այս երեկոյեան իսկ թող դժոխք եր թան»:

Յաջորդ օրը առաւօտեան, նոր վալիին ստորագրած հրամանագիրը կը պարտադրէր յոյներուն եւ հայերուն՝ տասնհինգ օրուան ընթացքին Տրապիզոնէն հեռանալ: Գացի հարցնելու թէ արդեօք հրամանը ի զօրու էր նաեւ կաթողիկէներու պարագային: Վալին պատասխանեց ինծի, որ իր ստորագրածը ազգութեան վերաբերող հրամանագիր էր եւ ո՛չ թէ կրօնական հալածանքի, հետեւաբար, պէտք է հեռանային նաեւ այն յոյներն ու հայերը որոնք նախապէս մահմետական կրօնքը ընդունած էին:

Յունուար 17ին մեկնեցան բոլոր օրթոտոքս քահանաները: Ընդ հանուր Տեղապահ փափազ Փրոտրոմոսը ժամանակ չունեցաւ իր հետ վերցնելու ծիսական զգեստները եւ խնդրեց կնոջմէ որ զանոնք պահ դնէ իմ քովս: Բայց խեղճ կինը չուզեց յանձնել զանոնք ինծի, վախնալով որ ոստիկանութիւնը կրնար ատիկա իբրեւ պատրուակ գործածել վատթարագոյն գործողութիւններու համար:

Շաբաթը երկու անգամ թրքական նաւերը կու գային փոխադրելու փողոցները եւ նաւահանգիստը նետուած յոյները: Ոչ ոք կը մտահոգուէր այդ բազմաքանակ ընտանիքներու ճակատագրով եւ խեղճերը նաւերու մէջ կը լեցուէին խառնաշփոթ կերպով, լուրջ վտանգ ստեղծելով որ շատերը ընդմիշտ կորսնցնէին իրենց հարա զատները:

Իննսունամեայ քահանայ մը, որ ռուսական քաղաքացիութիւն ունէր, չորս տարիէ ի վեր անկողին գամուած էր: Բարեբախտաբար անոր չդպան եւ ես գացի իրեն այցելելու, մատակարարեցի Ապաշխարութեան եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդները, եւ խոստացայ ամիսը տասներկու թրքական լիրա տալ իրեն: Մարտին, Տրապիզոնէն հեռանալէս առաջ, կանխաւ վեց ամսուան օգնութիւն տուի, խոստանալով որ հեռուէն նոյնպէս պիտի շարունակէի օգնել իրեն:

Մահացաւ Մայիս ամսուն: Քրիստոնեաներու արտաքսումի լուրը տարածուեցաւ կայծակնային արագութեամբ եւ թուրքերը բռնութեամբ ներխուժեցին հարուստներուն տուները, դուրս վռնտելով օրինաւոր սեփականատէրերը: Եւ այսպէս, թուրքերը կը կենային տուներուն մէջ, տաքնալով բռնագրաւուած տուներուն մէջ գտած փայտով, մինչ յոյները դուրսը ցուրտէն կը մեռնէին իրենց իսկ սեփական տան պատերուն տակ: Շատ շուտով, սակայն, տարածուեցան բծատենդը, թոքատապը, կողախիթը եւ ամէն օր երեսունի չափ մարդիկ կ՚անցնէին անդենական կեանքի: Միեւնոյն հիւանդութիւններուն համաճարակները տարածուեցան նաեւ թուրքերուն մէջ, որոնք այդ հիւանդութիւնները նկատելով որպէս Աստուծոյ արդարութեան պատիժը՝ սկսան հեռանալ բռնագրաւուած տուներէն: Մինչ հեռանալը, սակայն, ամբողջովին անբնակելի դարձուցին զանոնք, քանի որ իրենց հետ տարին ամէն բան որ հնարաւոր էր տեղափոխել. դուռ, պատուհան, կահոյք, փայտեայ աստիճաններ, եւ այլն, եւ այլն: Երբեք հնարաւոր չեղաւ գիտնալ համաճարակէն մեռած թուրքերուն թիւը, բայց գիտցանք որ իմամները այլեւս կը հրաժարէին լուալ դիակները եւ մահմետական կրօնական թաղումը դարձած էր առեւտուրի առարկայ. կը ներկայացուէր սակարկումի եւ կը յաղթէր աւելի շատ վճարողը:

 

Հալածուած քրիստոնեաներու ծառայութեան մէջ

Ամբողջովին նուիրուեցայ հալածուած քրիստոնեաներու ծառայութեան եւ յոյներու տրամադրութեան տակ դրի մեր վանքն ու եկեղեցին: Այդ դժբախտ ժողովուրդը կը ջանար փրկել ինչ որ կրնար, եւ թրքական ոստիկանութեան հսկողութենէն խուսափելով՝ մեր վանքը կը տեղափոխէին եւ ինծի պահ կու տային գորգեր, հայելիներ, դաշնամուրներ, պատկերներ եւ այլն, այն աստիճան որ շուտով ծայրէ ի ծայր լեցուեցան վանքին սրահները, սենեակները, նկուղը, աւանդատունը եւ եկեղեցւոյ աղօթասրահը: Ես գիշերով կը շրջէի քաղաքին եկեղեցիները եւ վանք կը տեղափոխէի բոլոր սրբազան թանկարժէք առարկաները, խաչերը, սրբապատկերները: Հաւաքեցի երեք հազար քիլոէ աւելի ոսկեայ եւ ոսկեջրուած արծաթով պատրաստուած առարկաներ, եւ գրեթէ նոյնքան արծաթէ ու պղինձէ առարկաներ: Այդ բոլորը 1924 թուականին յանձնուեցաւ Յունաստանի կառավարու թեան:

Իմ ամէնօրեայ գլխաւոր զբաղումս ննջեցեալներու թաղումն էր: Ամէն առաւօտ տասի չափ թուրք բեռնակիրներ կը ղրկէի փորելու երկու մեթր լայնութեամբ, վեց մեթր երկարութեամբ եւ մէկուկէս մեթր խորութեամբ փոս մը: Օրուան ընթացքին Սրբուհի Մարիամ եկեղեցին բերել կու տայի փողոցներէն հաւաքուած դիակները եւ արեւամուտէն մէկ ժամ յետոյ, միեւնոյն բեռնակիրներուն օգնութեամբ, դիակները կառքի մը վրայ կը դասաւորէի եւ կը տանէի գերեզմանատուն: Բեռնակիրներէն իւրաքանչիւրը ինծմէ օրական երկու թրքական ոսկի լիրա կը պահանջէր: Ողորմութեան այդ գործը կ՚ընէի իմ սրտաբուխ կամքովս: Թէեւ յոյները զիս կը սիրէին ու կը յարգէին, բայց եթէ հնարաւոր ըլլար՝ պիտի նախընտրէին մահմետական իմամ մը կանչել՝ քան կաթողիկէ քահանայ մը: Շատ չանցած, սակայն, համոզուեցան որ ողոր մութեան այդ գործը կ՚ընէի սրտանց եւ ատիկա զիրենք կաթողի կէութեան դարձնելու տեսակ մը թակարդ չէր: Տիկին Գրամմաթիքոփուլոսը կանչեց զիս օրհնելու իր մահամերձ մայրը: Հազիւ մատակարարեցի վերջին Սուրբ Խորհուրդները, աղջիկը խնդրեց որ իր մայրը մինակ ձգէի, քանի որ շատ գէշ վիճակի մէջ էր: Պատասխանեցի որ ճիշտ այդ պատճառով կ՚ուզէի իր քովը կենալ, գրպանէս դուրս հանեցի ժամագիրքս, նստայ հիւանդին քովը եւ սկսայ աղօթքներս կարդալ: Աղջիկն ալ նմանապէս նստաւ մօր սնարին: Ամէն անգամ որ հայեացքս իրեն կ՚ուղղէի կամ իրեն կը մօտենայի, խեղճ հիւանդը աչքերը լայն կը բանար, այնպէս որ կարծես թէ բանէ մը կը վախնար: Վերջաւորութեան, սակայն, անոյշ հայեացքով մը ինծի նայելով ըսաւ. «Սիրելի Հայր Սուրբ, այժմ միայն կը հասկնամ որ իմ քովս կը կենաք Աստուծոյ հրեշտակին նման, պաշտպանելու համար զիս սատանայի փորձութիւններէն: Շնորհակալ եմ, Հայր Սուրբ, եւ թող որ Աստուած փոխարէնը հատուցանէ Ձեզի»:

«Ներողամիտ եղէք, թանկագին Հայր Կիւրեղ», իսկոյն աւելցուց աղջիկը, «քանի որ անազնիւ եղայ Ձեզի հանդէպ եւ կ՚ուզէի Ձեզ ճանապարհ դնել Սուրբ Խորհուրդները մատակարարելէն անմիջապէս յետոյ: Հիմա կը հասկնամ կաթողիկէ քահանաներու մասին ըսուածները, որ իբրեւ թէ ձեր գօտիներով կը խեղդէք հիւանդ մահամերձ ները, չարախօսութիւններ են եւ զրպարտութիւններ»:

Այդ օրուընէ սկսեալ, բազմաթիւ ընտանիքներ կը կանչէին զիս օրհնելու իրենց մահամերձ հարազատները: Բոլոր յոյն օճախներու մէջ յայտնի դարձաւ «ֆրանքոփափազ»ին անկեղծ ու անշահախնդիր սէրը յոյն ժողովուրդին նկատմամբ եւ այլեւս ոչ ոք կը վախնար որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի գօտին խեղդէր մահամերձները: Զիս իր քովը կանչեց նաեւ փափազ Նիկողայոսը, որուն թուրք ոստիկանները մահու չափ ծեծեր էին իրենց գաւազաններով. անոր մատակարարեցի Ապաշխարութեան Խորհուրդը, Ամենասուրբ Հաղորդութիւնն ու Վերջին Օծումը: Որպէս յիշատակ ինծի նուիրեց ռուսական արծաթեայ լանջախաչ մը, որ յետագային նուիրեցի Հռոմի մեր Մայրավանքի թանգարանին:

Դրամապանակս արդէն գերթէ ամբողջովին դատարկ էր եւ ես բաւականին մտահոգ էի ատոր համար: Օր մը, մինչ հագուստ եւ դեղորայք կը տանէի ծերունի փափազ Յուստինիանոսին, պրն. Եանքոյ Քոքինիտեսը, որ Թէոֆիլաքթոս դրամատան տնօրէնն էր, հրաւիրեց զիս գաւաթ մը թէյ խմելու իր տունը:

«Թանկագին Հայր Կիւրեղ», ըսաւ, «ներողամիտ եղէք որ մեր աղջիկները այլեւս Ձեր դպրոցը չենք ղրկեր: Դուք շատ լաւ գիտէք պատճառը: Անոնք միշտ կը մնան Ձեր աղջիկները եւ Ձեզ իրենց հօրմէն աւելի կը սիրեն: Ձեզի տակաւին պարտք ենք թրքական տասնհինգ լիրա: Բայց ատոր համար չէ որ այսօր հրաւիրած եմ Ձեզ: Թանկագին Հայր Սուրբ, բոլոր յոյները գիտեն որ Ձեր դրամական բոլոր միջոցները ծախսած էք մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու համար: Բոլորն ալ շնորհակալ են Ձեզի եւ յաւիտեան երախտապարտ պիտի մնան Ձեզի հանդէպ: Իմ դրամատանս Ընդհանուր Տնօրէնը արտօնած է ինծի ետ վերադարձնելու այն բոլոր գումարները որ մինչեւ օրս ծախսած էք եւ ասկէ ետք պիտի ծախսէք մեր հայրենակիցներուն օգնելու համար: Ահա հազար լիրա Ձեր ամէնօրեայ ծախսերուն համար: Նոյն ինքն Ընդհանուր Տնօրէնը յանձնարարած է ինծի խնդրելու Ձեզմէ որ ոչ մէկ գումար խնայէք, որպէսզի ոչինչ պակսի մահմետականներու կողմէ հալածուած մեր հայրենակիցներուն»:

Գերպ. Նազլեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Առաքելական Այցելուն, խնդրեց որ մատակարարեմ Հայ Կաթողիկէ թեմի սեփականութիւնները: Քրիստոնեայ Դպրոցներու Եղբայրներու տնօրէնը ինծի յանձնեց իրենց վարժարանին բանալիները, ինչպէս նաեւ երկու խանութները որ վարձած էին ազնուական լազի մը: Սուրբ Յովսէփի միաբանութեան մայրապետները նոյնպէս ինծի յանձնեցին իրենց վարժարանը, որուն կառուցումը աւարտած էր 1914-1918 թուականներու Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբէն քանի մը ամիս առաջ: Թուրքերու կողմէ գրաւումէ խուսափելու համար՝ հոն բնակեցուցի անտուն մնացած յոյները: Քրիստոնեայ Դպրոցներու Միաբանութեան վարժարանը արդէն գրաւուած էր թրքական նաւավարական դպրոցին կողմէ եւ ոչինչի ծառայեցին իմ բողոքներս: Քեմալի յաղթանակէն յետոյ ոստիկանութիւնը գրաւեց Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին շէնքը: Այդ թաղամասին ոստիկանապետը քրիստոնեաներուն բարեկամ թուեցաւ ինծի, որովհետեւ երբ գացի բողոքներս ներկայացնելու՝ խորհուրդ տուաւ հրաժարիլ միտքէս, բայց թոյլատրեց վերցնել գրադարանին բոլոր գիրքերը:

Բազմաթիւ ընտանիքներ մնացեր էին առանց տունի, ապրուստի միջոցներու, հագուստներու: 1922-1923 թուականներու ձմեռը արտասովոր կերպով ցուրտ եղաւ: Ծծկեր մանուկներու մահացութիւնը հարիւր առ հարիւր էր: Թուրքերուն խստիւ արգիլուած էր յոյներուն հաց եւ աշխատանք տալ: Ամէն օր ականատես կ՚ըլլայի դաժանութեան միշտ աւելի բազմաթիւ արարքներու, որոնք ուրիշ բացատրութիւն չունէին՝ եթէ ոչ միայն դիմացինը տառապանքի մէջ տեսնելու հաճոյքը: Օրինակ, տասնվեցամեայ Սոֆիա Ալքիմենիտեսը, որ գացեր էր աղբիւրէն ջուր լեցնելու, այն աստիճան ծեծուեր էր թուրք զինուորներու կողմէ, որ քիչ անց մահացաւ այն նաւուն վրայ՝ որով Կոստանդնուպոլիս պիտի երթար ուրիշ հինգ հազար յոյներու հետ միասին: Մեկնումէն առաջ խնդրեց որ իրեն մատակարարէի Ապաշխարութեան եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդները: Թէոդորոս Մանուէլիտեսը, որ գացած էր հիւանդ մօր համար կտոր մը միս գնելու, թուրք զինուոր մը զինք կեցուցեր եւ սպաններ էր հրացանի կոթով գլխուն զարնելով: Փետրուար 2ին Տրապիզոն հասան Սուրբ Գէորգ Թա Փարիսթե րայ օրթոտոքս վանքի վանականները: Հրա՜շք: Թուրքերը, յիշելով այդ վանականներէն ստացած բարիքները, անոնց չդպան եւ թոյլատրեցին բնակութիւն հաստատել լքուած բնակարանի մը մէջ: Գացի իրենց այցելելու:

«Տիրոջ զայրոյթը բորբոքեր է մեր ժողովուրդի մեղքերուն դէմ», ըսաւ վանահայրը:

«Իրաւացի էք», պատասխանեցի, «բայց առ այժմ խօսինք աւելի մարդկային բաներու մասին: Ինչո՞վ կրնամ օգտակար ըլլալ ձեզի:

Ի՞նչ մտադիր էք ընելու: Ո՞ւր կ՚ուզէք երթալ: Դրամի պէտք ունի՞ք»:

Առանց որեւէ ակներեւ պատճառի, վանահայրը յանկարծ սկսաւ լալ ու ողբալ: «Սիրելի Հայր Կիւրեղ», ըսաւ, «ո՛ւր էինք եւ ո՛ւր ինկանք: Եթէ Ձեզի եւ Ձեր զգացումներուն տեղեակ չըլլայի, պիտի կարծէի՝ թէ օրթոտոքսիան կը ծաղրէք: Ե՞րբ կարիքը ունեցած ենք դիմելու ֆրանկներու օգնութեան: Doxa sou, o TheՑs! (Փառք Քեզ, ո՜վ Աստուած): Մեր մեղքերը արժանի են այս խոնարհեցումին»:

Կ՚ուզէին երթալ Քաւալայի վանքը. իրենց ազգականներն ալ նոյնպէս կը փափաքէին բնակութիւն հաստատել այդ քաղաքին մէջ: Քսանհինգ վանականներ էին, տասներկու հասուն մարդիկ եւ տասնըվեց երեխայ: Բոլորին համար հայթայթեցի հագուստ, ծածկոցներ, ուտեստեղէն, գնեցի ճամբորդութեան տոմսակները, ամէնօրեայ կարիքներու համար նուիրեցի ութսունհինգ թրքական լիրա եւ Փետըրուար 7ին, Քիոս շոգենաւով, ճանապարհ դրի: Փետրուար 15ին Տրապիզոն հասան Սումելա գիւղին բնակիչները եւ հոն գտնուող Սուրբ Աստուածածնի հռչակաւոր վանքին վանականները: Խղճալի վիճակի մէջ էին: Սումելացիները յայտնի էին որպէս Պոնտոսի սպարտացիները: Թուրքերը երբեք չէին կրցած գրաւել այդ քաջասիրտ ժողովուրդին հողերը եւ 1921 թուականի ճակատամարտի ատեն աւելի քան հինգ հարիւր զինուոր կորսնցուցած էին: Զմիւռնիան գրաւելէ յետոյ, սակայն, Քեմալը հրամայած էր մեծաքանակ հեծելազօր ուղարկել սումելացիներուն դէմ, տանելով իրենց հետ բազմաթիւ թնդանօթներ ու գնդացիրներ: Հեծելազօրը իր ճանապարհին ջարդած ու կոտորած էր ամբողջ բնակչութիւնը, հիմնայատակ կործանած էր գիւղերը, վանքերն ու եկեղեցիները: Ազատածները բռնած էին գաղթի ճամբան:

Երկու օր անց, հազիւ առի անոնց գալուստին լուրը, գացի իրենց այցելելու: Վանականները գտայ Տէիրմենտերէ փողոցին մէկ անկիւնը եւ տարի տեղաւորեցի Սբ. Յովսէփի մայրապետներու վարժարանին մէջ: Գիշեր ատեն բռնի կերպով դուրս նետուեր էին վանքէն եւ ժամանակ չէին ունեցած եւ ոչ իսկ հագուելու: Վանահայրը միայն վարտիքով էր, վանականներէն մէկը՝ վարտիքով ու շապիկով, երրորդը՝ պատառոտած վարտիքով ու անթեւ շապիկով: Աւելի գէշ վիճակի մէջ էին սումելացի գիւղացիները, որ համարձակած էին պաշտպանուիլ: Երկու հազարի չափ էին, հաշուելով կիները, երեխաները եւ սակաւաթիւ տղամարդիկ: Անոնցմէ մէկ երրորդը անդամահատուած էր. մէկու մը ոտքերը կտրած էին, միւսին՝ ձեռքերուն ափերը, ուրիշին՝ ամբողջական ձեռքերը: Տասի չափ մարդոց աչքերը հանած էին: Շատերը, այր ու կին, ամբողջովին մերկ էին: Բոլորը ի մի հաւաքուած էին նաւահանգիստին մէջ:

Կորսնցնելիք ժամանակ չկար: Գործի լծեցի Սուրբ Անտոնի եղբայրակցութեան անդամները եւ մէկ օրուան մէջ հաւաքեցինք աւելի քան հինգ հարիւր թրքական ոսկի լիրա եւ աւելի քան հինգ հարիւր զոյգ ամէն տեսակի հագուստ: Վազեցի Լլոիտ Թրիեսթինոյ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն պրն. Ռատիովիչի քով եւ չորս հարիւր լիրայով ճամբորդութեան իրաւունք ստացայ բոլոր սումելացիներուն համար, ներառեալ ճամբորդութեան ատեն կերակուրը եւ ծառայութիւնները:

Դրամը չէր պակսեր, բայց հագուստ չկար: Իմ թանկագին բարեկամս՝ Վերապատուելի Սթեփելթոնը մեկնած էր վերջին հայ որբերուն հետ միասին: Քանի որ հագուստ անհնարին էր գտնել, Տիկ. Գրամաթիքոփուլոսը գաղթականներուն չկարուած կտորներ բաժնեց: Սումելացիներու մեկնումէն յետոյ կը յուսայի քիչ մը դադար առնել այդքա՜ն յոգնութիւններու մէջ: Ընդհակառակն, նորանոր մտահոգութիւններ հասան: Փետրուար 22ի ուշ երեկոյեան, այդ օրուան ննջեցեալները թաղելէ ետք, գացի այցելելու Տիկ. Գրամաթիքոփուլոսին, որ իմ եռանդուն գործակցուհիս էր ողորմութեան այդ գործերուն մէջ: Իսկոյն վրաս յարձակեցաւ, ըսելով որ կորսնցնելիք ժամանակ չկար, եթէ կ՚ուզէինք փրկել Յունական Կարմիր Խաչի հիւանդանոցին գործիքները, քանի որ վալին որոշած էր գրաւել այդ շէնքը: Յոգնութենէս հազիւ ոտքի կը կենայի, եւ ոչ իսկ կը հասկնայի թէ տիկինը ինչ կ՚ըսէր, բայց ինքնաբերաբար այո ըսի: Տիկինը ինծի սուրճ հրամցուց, որմէ ետք ինքը գնաց հիւանդանոց, իսկ ես՝ վանք:

Ժամը 5ին վանքին բակը լեցուն էր ամէն տեսակ ապրանքներով. դեղորայք, բժշկական գործիքներ, խոհանոցային առարկաներ, ճերմակեղէն եւ այլն: Տիկ. Գրամաթիքոփուլոսը նախորդ օրը բեռնակիներ վարձած էր հարիւր լիրայով: Փոքրիկ կաշառքով մըն ալ մեր կողմը քաշած էր ոստիկանապետը:

Հիւանդանոցին մէջ կը մնար տակաւին պահեստաւորուած փայտը եւ յաջորդ գիշեր այդ ալ փոխադրուեցաւ վանք: Արթնցայ ժամը 4ին եւ փայտի այդ լեռը, որ կը լեցնէր վանքի ամբողջ բակը եւ կը հասնէր մինչեւ երկրորդ յարկը, զիս իսկապէս վախցուց: Չորս օր անցած էր, երբ Տիկ. Գրամաթիքոփուլոսը եկաւ տեղեկացնելու որ ոստիկանութիւնը հիւանդանոցին ապրանքները կը փնտռէր եւ ինքը շատ կը վախնար Ահմետ Պէյէն, որ ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկուներէն էր: Մինչ կը խորհրդածէինք թէ ինչպէս կրնայինք լուծել խնդիրը, լուր ստացանք որ այդ նոյն երեկոյեան Տրապիզոն պիտի հասնէին երեք հարիւր կիւմուշխանեցի գիւղացիներ, որոնց շուտով պիտի հետեւէին ուրիշ չորս հազար հո գի: Կրնայինք անոնց բաժնել փայտը: Վանք վերադարձիս հոն գտայ Ահմետ Պէյը: Ան կը պահանջէր որ իրեն տայի Աւստրիոյ Հիւպատոսին պատկանած դաշնամուրը, կամ որեւէ մէկը այն եօթ դաշնամուրներէն, որոնք յոյներուն պատկանած ըլլալով՝ պէտք է այլեւս պատերազմի աւար համարուէին: Պատասխանեցի, որ վանքի մէջ ոչինչ կար որ պատկանած ըլլար թրքահպատակ յոյներուն: Այս պատասխանիս վրայ սկսաւ պոռալ. «Կը բաւէ, կը բաւէ: Հասկցայ: Կ՚ուզէք զի՞ս խաբել: Կը կարծէք թէ չե՞մ գիտեր որ թալանած էք յունական հիւանդանոցը: Եւ կը կարծէք թէ կո՞յր եմ եւ չե՞մ տեսած թէ ինչպէս բեռնակիրները հոս կը տեղափո խէին փայտը: Ինծի պիտի տաք այդ փայտը: Ամբողջը»:

«Ամբողջը ո՛չ», պատասխանեցի, «իմ ծախսով ձեզի կը ղրկեմ տասը թոնի չափ»:

Հեռացաւ սպառնալիքներ պոռալով: Իսկոյն գացի Տիկ. Գրամաթիքոփուլոսին քով եւ միասին գացինք այցելելու պրն. Նեմլիզատէին: Ասիկա հարուստ թուրք վաճառական մըն էր, արդէն ծերունի, որ սակայն շատ ազնիւ էր եւ քրիստոնեաներու անկեղծ բարեկամ: Իր զաւակները իմ աշակերտներս եղած էին: Ան ըսաւ որ Ահմետէն կրնայինք ամէն բան սպասել, որովհետեւ Թեսաղոնիկէ ծնած հրեայ մըն էր, որ մահմետականութիւն ընդունած էր զուտ անձնական շա հերու համար: Աւելի լաւ կ՚ընէինք՝ եթէ փայտը Կիւմուշխանէի գաղ թականներուն բաժնէինք:

Յաջորդ օրը գաղթականներէն իւրաքանչիւրը տարաւ երկու կամ երեք կտոր փայտ եւ քանի մը վայրկեանէն վանքի բակին մէջ շիւղ մը անգամ չէր մնացած: Յետոյ եկաւ նաեւ Ահմետ Պէյը, քանի մը սպառնալիքներ պոռաց, որոնք դժբախտաբար պիտի իրագործէր: «Զիս ծաղրել ուզեցիք: Միտքերնիդ պահեցէք այն ինչ որ հիմա պիտի ըսեմ: Ձեզի ցոյց պիտի տամ թէ ո՛վ է Ահմէտ Պէյը …: Ձեր մասին ամէն բան գիտեմ: Տրապիզոնի մէջ ո՞վ է յունական ապստամբութեան պարագլուխը»: Ապա դարձաւ եւ հեռացաւ ամէն տեսակի հայհոյանք դուրս տալով:

 

Տրապիզոնէն աքսորուած

Ահմէտ Պէյը իր սպառնալիքները չէր արտասանած պարզապէս զիս վախցնելու համար: 1923 թուականի Փետրուար 1ին բիրտ արտայայտութիւններով ներխուժեց աւանդատուն, մինչ ես կարգի կը դնէի ծիսական զգեստները, եւ յաղթական ձայներանգով ըսաւ որ Ուզուն Սոքաքի ոստիկանապետը ինծի կը սպասէր: Ոստիկանապետ Թահսին Պէյը զիս սառն արտայայտութեամբ ընդունեցաւ եւ ըսաւ որ ամէն օր դէմս ամէն տեսակի մեղադրանքներ կը հասնէին իրեն: Ըսաւ որ ինքը անձամբ կարեւորութիւն չէր տար ատոնց, բայց ի պաշտօնէ ստիպուած էր չանտեսել զանոնք: Բացի այդ մեղադրանքներէն, հասարակաց անվտանգութեան տնօրէնին ստորագրութիւնը կրող հաշուետուութիւն մը ստացած էր, որուն մէջ ըսուած էր որ բոլոր փաստերը կան հաստատելու որ այսպէս կոչուած Փափազ Կիւրեղ Օհաննէսը, հանգուցեալ Վարդան Զօհրապեանի զաւակը, Պոնտոսի յունական յանձնախումբի պարագլուխներէն մէկն է, յեղափոխական Մեսրոպ Սարգիսը: «Կ՚ընդունիմ, որ այս վերջինը զրպարտութիւն մըն է», եզրափակեց ոստիկանապետը, «բայց չէք կրնար ժխտել որ սրտով ու հոգիով նուիրուած էք յոյներուն եւ ամէն կերպով օգտակար կ՚ըլլաք անոնց: Չէ՞ք գիտեր, որ յոյները մեր թշնամիներն են»:

Կտրուկ կերպով ժխտեցի յունական կազմակերպութիւններուն անդամակից ըլլալուս մեղադրանքը, որովհետեւ ո՛չ միայն քաղաքականութեամբ երբեք չէի զբաղած, այլ բնաւ չէի ուզած անգամ գիտնալ քաղաքականութեան ինչ ըլլալը: Իսկ յոյներուն օգնած ըլլալս պէտք չէ որ զարմանք պատճառէր որեւէ մէկուն, քանի որ բոլորն ալ գիտէին որ սովորութիւն ունիմ օգնելու դուռս բախող բոլոր կարիքաւորներուն, առանց ինքնութեան վկայական պահանջելու անոնցմէ:

«Սիրելի պարոն Փափազ», պատասխանեց Թահսին Պէյը, «հա մոզուած եմ որ ճշմարտութիւնը կ՚ըսէք: Բայց խորհուրդ կու տամ որ խոհեմ ըլլաք: Հեռու կեցէք յոյներէն. նենգ ժողովուրդ են, մի՛ վստահիք անոնց: Մեր թշնամիներն են: Աղքա՞տ են: Ձգեցէք որ սովէն սատկին: Կը ցաւիմ ըսելու որ եթէ շարունակէք կերակրել զանոնք եւ օգնել իրենց, Ձեր վերջը գէշ պիտի ըլլայ»:

Երկու օր վերջ կրկին կանչուեցայ Թահսին Պէյին քով: Նախորդ անգամուընէ աւելի սառն ընդունելութիւն տուաւ եւ չպատասխանեց անգամ ուղղած ողջոյնիս: Դուրս հանեց ինծի վերաբերող թղթապանակը, երկու անգամ հազաց եւ ապա կարդաց. «Քանի որ Դուք, Փափազ Կիւրեղ Օհաննէս, որդի հանգուցեալ Վարդանի եւ Սառա Օհաննէսեանի, օսմանեան մեծարգոյ հեղինակութիւններու կողմէ Ձեզի քանի մը անգամ կրկնուած զգուշացումներուն հակառակ, չէք ուզեր ետ կենալ յոյներուն՝ մեր նենգ թշնամիներուն օգնելէ, մեր գլխաւորը՝ Քեմալ Փաշան կը հրամայէ Ձեզի անյապաղ հեռանալ Տրապիզոնէն»: Եւ աւելցուց. «Նախորդ օրը Ձեզ զգուշացուցած էի որ ձգէք որ այդ շուները սովէն սատկին, քանի որ ա՛յլ կերպով պիտի չկարենանք ազատիլ ատոնցմէ: Արդ, իսկոյն ճամբայ ելէք: Հո՛ն նաւահանգիստին մէջ կեցած կը տեսնեմ Ալթմիշտործատէ ընկերու թեան շոգենաւը»: Պատասխանեցի որ այդ շոգենաւով ճամբորդելու համար բաւա րար դրամ չունէի, հետեւաբար՝ ստիպուած էի սպասելու մինչեւ Մարտ 7ը, ֆրանսական շոգենաւով մեկնելու համար:

«Այս մէկը իրական սուտ է», պոռաց Թահսին Պէյը: «Դուք, որ թրքական հազարաւոր լիրաներ կը ծախսէք յոյներուն համար, դրամ չունի՞ք ճամբորդութեան համար: Դուրս կորսուեցէք այստեղէն, այլապէս նաւահանգիստ կ ՚երթաք երկու զինուորներու ուղեկցութեամբ»:

Այս անգամուանը բնաւ կատակ չէր: Ոստիկանապետին ցտեսութիւն ըսի եւ վազելով գացի Ալթմիշտործատէ ընկերութեան գրասենեակը: Հոն ինծի ըսին որ այդ շոգենաւը իրենց ընկերութեան չէր: Ուրիշ բան չուզեցի գիտնալ եւ քաշուեցայ վանք: Ժամը 15ին նաւահանգիստը ամբողջովին դատարկ էր եւ ո՛չ շոգենաւերու հետքը կար, ո՛չ ալ պարզ նաւակներու:

Դատավճիռը կայացուած էր եւ դարմանումի միջոց չկար: Պէտք է հեռանայի Տրապիզոնէն: Աւելորդ է ըսել՝ թէ սիրտս ինչպէս կը ցաւէր, մինչ կը պատրաստուէի մահմետականներէն հալածուած այդ քրիստոնեաները միայնակ ձգել: Կին եւ տղամարդ, ծերունի ու երիտասարդ, բոլորը կու լային ու կ՚ըսէին. «Հայր Սուրբ, ի՞նչ պիտի ընենք առանց Ձեզի: Ձեր զաւակներն ենք, մի՛ լքէք մեզ»:

Նաւահանգիստին մէջ ինծի ողջունելու եկաւ նաեւ Օսմանեան Դրամատան հսկիչը: Հոս կ՚ուզեմ անգամ մը եւս երախտագիտութիւնս յայտնել անոր այն օգնութեան համար, որ տուաւ ինծի ի նպաստ մեր հալածուած քրիստոնեայ եղբայրներուն: Վերջին բարի գործն ալ ուզեց ընել՝ ինծի համար առաջին կարգի ճամբորդութեան տոմսակ մը գնելով: Միեւնոյն շոգենաւով Տրապիզոնէն ընդմիշտ կը հեռանային նաեւ Պաղաշ եւ Ռոյ ընտանիքները: Տիկ. Պաղաշը եղած էր Սուրբ Անտոնի եղբայրակցութեան տնօրէնուհին: Այդ երկու ընտանիքները ամէն ճիգ թափեցին ճամբորդութեան ատեն զիս ուրախ պահելու համար:

  Ձերբակալութիւն, կտտանքներ մահուան դատապարտութիւն

Մարտ 11ին, ժամը 16ին հասանք Գաղատիա: Ոստիկան մը, անցագիրս տեսնելով՝ հրաւիրեց զիս հետեւելու իրեն դէպի անցագրային գրասենեակ: Հոն սպասեցի եօթը ժամ: Վերջ ի վերջոյ, գրասենեակին տնօրէնը եկաւ ինծի հարցնելու թէ արդեօք անունս Մեսրոպ Սարգիս է: Ստանալով ժխտական պատասխան, որուն աւելցուցի իրական անունս, ըսաւ որ այդ գիշեր պէտք է հսկողութեան տակ անցընէի եւ վաղը կը գիտնային՝ թէ ինչ պէտք է ընէին: Ֆրանսական Դեսպանատունը, ամենայն հաւանականութեամբ Տիկ. Պաղաշէն տեղեկացուած ըլլալով, սպայ մը ղրկեց անյապաղ իմ ազատ արձակումս պահանջելով, քանի որ կաթողիկէ քահանայ մը ըլլալով՝ ես ֆրանսական կառավարութեան պաշտպանութեան տակ էի: «Նոյնիսկ եթէ մէկ միլիոն զինուոր ղրկէք հոս», պատասխանեց թուրք պաշտօնեան, «ձեր Դեսպանատունը պիտի չկարենայ մեր ձեռքէն խլել այս փափազը: Ան մեր ձեռքով պիտի մեռնի, որովհետեւ գլխաւորած է յունական ապստամբութիւնը, որուն նպատակն էր կործանել մեր կայսրութիւնը»:

Կէսգիշերին մօտ զիս նաւակ մը նստեցուցին եւ տարին Սթամպուլի ուղղութեամբ: Նաւակէն դուրս ելլելով, ժամ մը ոտքով քալել տուին, ճամպրուկս սաւանով մը վիզէս կախուած: Ուժասպառ էի եւ հազիւ կը քալէի, իսկ զինուորները, ցաւակցելու փոխարէն, քայլերս կ՚արագցնէին բռունցքի հարուածներով, ապտակներով, աքացիներով ու անարգական խօսքերով: «Սատկէ՛, անհաւատ շունի զաւակ», կը պոռային: «Վաղը արդէն պիտի տեսնես Պոնտոսի թագաւորութիւնը, որ պիտի տիրէ Սանթա Սոֆիայի աշտարակէն, եւ դուն պիտի ըլլաս անոր առաջին թագաւորը»: Սահմանուած վայրը հասանք գիշերուան ժամը 1ին: Ոստիկան մը զիս փոքրիկ սենեակ մը մտցուց, նստաւ, ձեռքը վերցուց ինծի վերաբերող թղթապանակը, քանի մը էջ դարձուց, ապա հայեացքը դէմքիս լաւ մը սեւեռելով՝ հարցուց անունս: Պատասխանս զինք կատղեցուց դիւահարի մը նման եւ այնքան ուժգին ապտակ մը իջեցուց երեսիս որ բոլոր ակռաներս տեղէն շարժեցան: Իրեն համար ակնյայտ էր որ ես սուտ կը խօսէի եւ որ իմ իրական անունս թըղթապանակին մէջ գրուածն էր. «Անունը. Մեսրոպ Սարգիս: Ազգութիւնը. հայ: Ղրկուած է Սեւ Ծովու քաղաքներու մէջ յունական շարժումին օգնելու համար: Եղած է Պաթումի մէջ: Կովկասի մէջ հազարաւոր մահմետականներ սպաննելէ յետոյ Տրապիզոն եկած է ռուսական բանակին հետ միասին»: Ինքը լիովին համոզուած էր որ ես սպաննած էի թուրքերը, թալանած էի զիրենք, բռնաբարած էի մահմետական աղջիկներն ու կիները: Որքան աւելի կը փորձէի ինքզինքս պաշտպանել, այնքան աւելի ինքը կը կատղէր ու վրաս հարուածներ կ՚իջեցնէր: Վերջաւորութեան ձեռքերուս ձեռնակապեր անցուց եւ ոտքով այնքան ուժգին զարկաւ ստամոքսիս, որ գետին փռուեցայ:

Գիշերուան ժամը 3ին, միշտ ոտքով եւ ճամպրուկս վիզէս կախուած, զիս տեղափոխեցին Սերասքերայի բանտը, այսինքն՝ զինուորական ատեան: Կրնաք երեւակայել վիճակս, բայց դաւաճաններու համար գթութիւն չկայ եւ զիս խուցի մը մէջ նետեցին: Այդ խուցէն զիս դուրս հանեցին ժամը 8ին: Երկու զինուորներ առաջնորդեցին զիս սրահ մը՝ ուր բազմաթիւ սպաներ հաւաքուած էին: Անոնցմէ մէկը աթոռի մը վրայ նստաւ եւ սկսաւ թերթել ինծի վերաբերող թղթապանակը. ծանր շնչառութիւնը ցոյց կու տար անոր անհանգիստ վիճակը: Ի վերջոյ խոր շունչ մը քաշեց եւ արտասանեց դատավճիռը. «Յանուն Աստուծոյ: Մեսրոպ Սարգիսը, որ յայտնի է Կիւրեղ Օհաննէս Փափազ Զօհրապեան կեղծ անունով, գիտակից կերպով գործած է մարդասպանութիւններ, գողութիւններ, բռնութիւններ, եւ պատկանած է փառահեղ օսմանցիներու հայրենիքի հըպատակ՝ նենգ յոյներու ապստամբ յանձնախումբին: Դատապարտուած է կախաղան հանուելու ամսոյս 14ի առաւօտեան»:

«Կ՚երդնում, որ ամէն բան կեղծ է», բացականչեցի:

Զինուորներէն մէկը ապտակ մը իջեցուց երեսիս, հրամայելով որ լռեմ: Ներկաները զինուորական ողջոյնի կեցան եւ լռելեայն հեռացան: Դատաւորը մօտեցաւ ինծի, զիս պահակախումբի զինուորներուն յանձնեց եւ ականջիս կամացուկ մը ըսաւ որ ուշադիր ըլլամ ճամպրուկիս եւ չձգեմ որ որեւէ մէկը իրերուս դպչի: Ուրիշ տեղ մը տարին զիս: Ոտքի կենալու ոյժ չունէի, նետուե ցայ յատակին վրայ ու քնացայ: Զինուորներէն մէկը, պահ մը մինակ մնացած ըլլալով, արթնցուց զիս հրացանի կոթով, հարցուց թէ արդեօք կին ունէի՞, որովհետեւ ինքը կրնար կնոջս յանձնել իմ ապրանքներս: Կ՚ըսէր որ կրնայի վստահիլ իրեն, որովհետեւ վրացի մըն էր, քրիստոնեայի մը հետ ամուսնացած, բնաւ համակրանք չունէր թուրքերու հանդէպ, հայերուն միշտ բարեկամ եղած էր եւ բազմաթիւ հայ աղջիկներ փրկած էր: Չթողուցի որ խօսքը վերջացնէր, ըսի որ կտակս արդէն գրած էի, կինս ալ ամէն ինչի արդէն տեղեակ էր եւ վաղը անձամբ պիտի գար ապրանքներս տանելու: Ուրիշ հարցաքննումի մըն ալ ենթարկուեցայ: Դատաւորը կ՚ուզէր որ խոստովանէի՝ թէ ես էի Մեսրոպ Սարգիսը եւ այդ խոստովանութիւնը բերանէս դուրս քաշելու նպատակով հրամայեց ենթարկել զիս ֆալախայի կտտանքներուն: Զիս սեղանի մը վրայ հանեցին եւ հրամայեցին ծունկի գալ, այնպէս որ ոտքերուս թաթերը դուրս մնային, եւ զինուորներէն երկուքը սկսան եզան ջիղով մտրակել ներբաններս: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը երեսուն հարուած կու տար: Երկու ուրիշ զինուորներ թմբուկ կը զարնէին, հեծեծանքներուս ձայնը ծածկելու համար: Այդ կտտանքներուն ենթարկուեցայ հինգ անգամ այսինքն՝ այդ օրուան յաջորդող երկու օրերուն նոյնպէս, օրական երկու անգամ:

Այսօր, շատ տարիներ անց, տակաւին կարիքը կը զգամ փառաւորելու զԱստուած ամէն բանի համար որ գործեց իմ միջոցովս, որպէսզի փրկութեան գործիք դառնայի Պոնտոսի մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն համար: Առանց իրական հրաշքի մը միջամտութեան պիտի չկարենայի ողջ մնալ ֆալախայի հարուածներու տակ եւ հրաշքը տեղի ունեցաւ այն բոլոր հինգ անգամները որ ես ենթարկուեցայ այդ դաժան մտրակումներուն: Երբ ստացայ առաջին հարուածները, Մարտ 12ին, մօտաւորապէս ժամը 1930ին, այնպիսի սոսկալի ցաւեր զգացի, որ կը կարծէի թէ հոգիս պիտի աւանդեմ: Բայց այդ ցաւերը քանի մը ակնթարթ միայն տեւեցին, ապա ինծի թուեցաւ թէ երկինքը բացուեցաւ եւ տեսայ Ամենասրբուհի Կոյս Աստուածածինը, հրեշտակներով ու սուրբերով շրջապատուած: Կը կարծեմ, որ այս յափշտակութիւնը շատ կարճ կը տեւէր, որովհետեւ ինծի այնպէս կը թուի որ գիտակցութիւնս կորսնցուցած եմ քսաներորդ հարուածէն յետոյ: Յաջորդ չորս անգամներուն յափշտակութեան մէջ կ՚իյնայի հարուածները սկսելէն առաջ, այնպէս որ ոչ մէկ ցաւ կը զգայի, թէեւ գիտակցութիւնս հաւասարապէս կը կորսնցնէի, ինչպէս առաջին անգամ: Կրկին կը սթափէի հրամայուած վաթսուն հարուածները ստանալէ մէկուկէս կամ երկու ժամ ետք: Հարկ չկայ նկարագրելու թէ ինչ վիճակի մէջ էին ոտքերուս ներբանները: Մինչեւ այսօր կը քաշեմ այդ կտտանքներուն հետեւանքները:

Առաջին մտրակումէս մօտաւորապէս երկու ժամ յետոյ կրկին տեղափոխեցին զիս ուրիշ բանտ մը: Սթամպուլի փողոցներով անցած ատեն, հայեացքս շարունակ աջ ու ձախ կը դարձնէի, յուսալով ծանօթի մը հանդիպիլ: Տեսայ մայրապետ մը, որ կարեկից հայեացքով զիս կը դիտէր: Փորձեցի քանի մը բառ ըսել, բայց ընկերացող զինուորը արգիլեց, աքացի մըն ալ ոտքերուս իջեցնելով:

Նոր բանտին մէջ հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներ կը սպասէին կախաղան ելլելու եւ ես դրուեցայ անոնց մէջ՝ որոնք առաջին հերթին պէտք է մահապատիժը կրէին: Հոն գտայ հինգ յոյն եւ չորս հայ տղամարդիկ եւ իսկոյն մտերիմ բարեկամներ դարձանք: Կէսօրին անոնց այցելութեան եկան իրենց ազգականները եւ առատ ուտելիք բերին: Երիտասարդներէն մէկը սեղան պատրաստեց, զինուորներուն տուաւ իրենց հասնելիք մասը եւ զիս ալ հրաւիրեց միանալու իրենց եւ օրհնելու սեղանը: Կիները տխուր ու արտասուալից աչքերով կը դիտէին մեզ, բայց մենք դատապարտեալներս ուրախ էինք ու հանդարտ: Յարմար վայրկեանն էր կրօնքի ու յաւիտենական կեանքի մասին խօսելու եւ իմ խօսքերս դրական արձագանգ գտան: Երիտասարդները յուզուեցան եւ բոլորն ալ ինքնակամ խնդրեցին ստանալ Ապաշխարութեան Խորհուրդը:

Ճիշտ այն վայրկեանին, երբ այցելուները կը պատրաստուէին հեռանալու, պահակներէն մէկը եկաւ ըսելու թէ բարի լուր ունէր մեզմէ մէկու մը համար, բայց բարի լուրը հաղորդելէն առաջ բոլորէս խոստում առաւ որ բախտաւոր հասցէատէրը պէտք է աղուոր նուէր մը տար իրեն: Բախտաւորը ես չէի, ինչպէս բոլորը կը կարծէին, այլ պելճիքական ներկայացուցչութեան քով աշխատող մէկը, որուն ազատութիւն շնորհած էին: Անկէ խնդրեցի երկտող մը տանիլ Սուրբ Ստեփանոսի մեր վանքի մեծաւոր Հայր Լուիճիին: «Սիրելի Հայր Լուիճի», գրած էի այդ նամակին մէջ, «կը խնդրեմ Ձեզի, որ անյապաղ գաք ինծի այցելելու այն բանտին մէջ, որ Ձեզի պիտի ըսէ այս նամակը բերողը: Շատ բաներ ունիմ Ձեզի ըսելու եւ կախաղան ելլելէ առաջ կ՚ուզեմ խոստովանիլ: Կը խնդրեմ այս բոլորին մասին տեղեկութիւններ չտալ ֆրանսական Դեսպանութեան, որովհետեւ աւելի կը ծանրացնէ վիճակս: Ցտեսութիւն անդենական կեանքի մէջ, եթէ չկարենանք տեսնուիլ երկու օրուան ընթացքին»:

Նախկին բանտակից բարեկամս հաւատարիմ կերպով կատարած էր խնդրանքս եւ երկտողս յանձնած էր Հայր Լուիճիին: Բայց ան, հազիւ կարդացած էր նամակս, իսկոյն վազած էր ֆրանսական Դեսպանատուն: Թուրքերը իսկոյն հակազդեցին եւ ջանացին կորսընցնել տալ հետքերս: Ժամը 17ի ատենները ոստիկան մը մօտեցաւ ինծի եւ հրամայեց հետեւիլ իրեն, ըսելով. «Հոս եկուր, կախարդ, սատանայի որդի: Քու կախարդութիւններովդ տեղեկութիւններ կը հասցնես Դեսպանատուներուն, որպէսզի ազատեն քեզ կախաղանէն: Գիտցիր, ուրեմն, որ առաջինը դուն կախաղան պիտի ելլես»: Սանթա Սոֆիայի փողոցներով անցած ատեն հանդիպեցայ ծանօթներու եւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերէն մէկը բարձր ձայնով հարցուց թէ արդեօք Հայր Կիւրեղը չէի՞: «Այո՛, այո՛, ճիշտ Հայր Կիւրեղն եմ», բացականչեցի: Ուրիշ ոչինչ կրցայ աւելցնել, որովհետեւ զինուորները ուժեղ աքացիներով հեռացուցին զիս:

Կամուրջին հասնելով, զինուորները զիս նաւակի մը մէջ նետեցին եւ տարին Գաղատիա: Նոր բանտը մօտ էր նաւահանգիստին: Արեւամուտէն ետք պաշտօնեայ մը այցելեց ինծի, որ աւելի մեղմ ձայներանգով ըսաւ որ ի զուր յամառօրէն կը թաքցնէի իրական ինքնութիւնս, քանի որ դատարանը Տրապիզոնի հասարակական անվտանգութեան գրասենեակէն երդումով հաստատուած տեղեկութիւն ստացած էր որ ես էի շատոնց փնտռուած հայ յեղափոխական Մեսրոպ Սարգիսը: Դատաւորը կ՚ուզէր զիս փրկել, բայց ատոր համար պէտք է խոստովանէի ինքնութիւնս: Երդում կ՚ընէր յանուն Տէր Յիսուսի եւ Մոհամմէտ մարգարէի:

Ինչպէ՞ս կրնայի ստել: Պատասխանս լսելով, այդ պաշտօնեան հեզ գառնուկէ սարսափելի գազանի մը փոխակերպուեցաւ եւ ուժգին ապտակ մը զարկաւ ձախ այտիս, ըսելով. «Սատանային ծոցը գնա՛: Պիտի սատկիս կախաղանին վրայ, քանի որ աւելի յամառ ես՝ քան քու հայրդ սատանան»: Վերադարձաւ Մարտ 14ին, ժամը մօտաւորապէս 1930ին: Զինք ընդունեցայ բարեկամական ժպիտով մը եւ սովորական ողջոյնի խօսքերով. ,SabahՎn heir!ե, այսինքն՝ բարի օր: Կարծեց՝ թէ այլեւս տրամադիր էի կատարելու այդքա՜ն փափաքելի խոստովանութիւնը եւ ուրախ ժպիտով մը պատասխանեց. ,SabahՎn heՎr olՈ, MesrՑb EfendՎ!ե, այսինքն՝ Պարոն Մեսրոպ, թող Ձեր օրը բարի ըլլայ:

«Ինչպէս Ձեզի ըսի երէկ», խօսքը կտրեցի, «եւ ուրիշ հազար անգամ ալ ըսի, կը կրկնեմ Աստուծոյ եւ մեր Սուրբերուն առջեւ, որ իմ անունս Մեսրոպ չէ: Աստուած զիս ստեղծած է Օհաննէս Փափազ Կիւրեղ Զօհրապեան»:

Նախորդ օրուընէ աւելի կատղեցաւ եւ բռունցքի ու ոտքի հարուածներ կ՚իջեցնէր վրաս տեղատարափ անձրեւի մը նման: Իսկոյն ֆալախայի հարուածներ հրամայեց:

«Թանկագին Փաշա», ըսի իրեն սեղանի վրայ ծունկի գալէ առաջ, «ես Ձեզի կը ներեմ այն չարիքը որ կ՚ընէք ինծի, որովհետեւ ո՛չ Դուք, ո՛չ ալ դատաւորը յանցաւոր էք ասոր համար: Դուք ձեր պարտականութիւնը կը կատարէք: Յանցանքը Տրապիզոնի ոստիկանապետինն է եւ հասարակական անվտանգութեան գրասենեակի պաշտօնեաներունը: Անոնք է որ Աստուծոյ առջեւ պատասխան պիտի տան»: Եւ այսպէս, ստացայ ֆալախայի վերջին վաթսուն հարուածնե րը, որոնք ընդամէնը հասան երեք հարիւրի:

Արտաքսում Թուրքիայէն

Այդ վերջին կտտանքներէն երկուքուկէս ժամ յետոյ զիս կրկին դատարան տարին: Ժամը 2030ն էր եւ պէտք է որ վերջին ունկընդրութիւնը ըլլար, որովհետեւ յաջորդ օրը ժամը 3ին պէտք է կախաղան բարձրանայի:

Դատաւորը լաւ տրամադրութեան մէջ էր: Կը զրուցէր քովը կեցած պարոնի մը հետ եւ հասկցայ որ զրոյցին նիւթը ես էի: Տեսնելով որ ոտքի չէի կրնար կենալ, թոյլատրեց որ նստէի: Զիս քովի պարոնին ներկայացուց, ըսելով որ պնդագլուխ հայ մըն էի, յանցագործ մը որ կ՚ուրանար իր իրական Մեսրոպ Սարգիս անունը եւ կը պնդէր որ ինքը Հայր Կիւրեղ Օհաննէս Զօհրապեանն է: Կախաղանէն խուսափելու համար ինծի բաւական էր խոստովանիլ ճշմարտութիւնը եւ խոստանալ ուղղուիլ: Բայց ո՞վ կրնար համոզել զիս ատիկա ընե լու: Պարոնը, որուն ներկայացուցին զիս, ուշադիր զննեց զիս եւ ապա ըսաւ. «Հայ շուն շան որդի, սատանայէն աւելի խորամանկ: Մեսրոպը՝ կաթողիկէ փափազի մը նման հագուած: Չես մոռցած անգամ գլուխդ ածիլելու եւ վանականներուն յատուկ հողաթափներ հագուելու: Ուրկէ՞ գողցած ես այս հնամաշ հագուստները, վանական գօտին, վարդարանն ու հողաթափները»:

Ժամանակ չտուաւ որ պատասխանեմ: Կրկին հարցուց թէ իսկապէս կաթողիկէ քահանա՞յ մըն էի: Արդեօք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ յայտնի՞ էի որպէս այդպիսին: Պատասխանեցի որ Կոստանդնուպոլսոյ բոլոր կաթողիկէ քահանաները կը ճանչնային զիս: Ըսաւ. «Լսէ՛, Փափազ: Դատաւորը քեզի պիտի ղրկէ Գաղատիոյ եկեղեցին: Եթէ Պաշ Փափազը [այսինքն՝ Մեծաւորը] վկայէ թէ կը ճանչնայ քեզ, դատաւորը քեզ ազատ կ՚արձակէ: Բայց եթէ անիկա, Աստուած չընէ, ըսէ որ քեզ չի ճանչնար, այս երեկոյեան իսկ, Գաղատիայէն վերադարձիդ կախաղան պիտի ելլես, առանց վաղը առաւօտեան սպասելու»: Ջերմագին շնորհակալութիւն յայտնեցի այդ պարոնին եւ մաղթեցի իրեն երկնային ու երկրային բոլոր օրհնութիւնները, երկար կեանք, շնորհալի զաւակներ եւ Սողոմոն թագաւորին հարստութիւնները: «Եթէ զիս չճանչնան», եզրափակեցի, «ես իմ ձեռքովս պարանը վիզս կ՚անցընեմ»:

Զինուոր մը ուղեկցեցաւ ինծի դէպի Դոմինիկեան Հայրերուն վանքը: Խնդրեցի զինուորին քաշել դրան քովը կախուած պարանը եւ անատոլուցի այդ խեղճ գիւղացին ապշահար մնաց՝ երբ զանգակը հնչեց դրան միւս կողմէն: Դուռը բանալու եկաւ ինքնին վանքին Մեծաւորը, Հայր Իլարիոյ Մոնթին, որ զարմացած բացականչեց. «Օ՜հ, Հայր Կիւրեղ: Այս ի՛նչ անակնկալ է: Ո՞ր հովը Ձեզ այս կողմերը բերաւ: Եւ ի՞նչ կը նշանակեն այս շղթաները»:

«Մի՛ վախնաք», պատասխանեցի: «Դուք, Հայր, զիս կախաղանէն պիտի փրկէք: Եկէք ինծի հետ դատարան եւ երդումով վկայեցէք որ կը ճանչնաք զիս որպէս կաթողիկէ վարդապետ»:

Հայր Իլարիոն պահ մը ապշած մնաց: Այնքան բարեսիրտ վարդապետ մըն էր, որ եթէ հարկաւոր ըլլար՝ զիս փրկելու համար իր կեանքն ալ պիտի զոհաբերէր:

Մինչ Հայր Իլարիոն երդումով կը վկայէր իմ կաթողիկէ վարդապետ ըլլալս, ջիղերս այլեւս չդիմացան եւ յորդահոս արցունքները թրջեցին այտերս: Այդ պահուն, որ այլեւս փաստուեցաւ իմ անմեղութիւնս, ինծի համար այլեւս ամբողջովին անկարեւոր էր թէ պիտի կախեն զիս կամ ոչ: Հազիւ Հայր Իլարիոն երդումով հաստատեց իր վկայութիւնը, դատաւորին բարեկամ պարոնը մօտեցաւ եւ ձեռքերս ազատեց կապանքներէն: Իսկ դատաւորը ինքը ըսաւ. «Պարոն Հայր Կիւրեղ Օհաննէս Զօհրապեան Էրզրումցի, պէտք է շնորհակալութիւն յայտնէք Հայր Իլարիոյին: Մահապատիժի պիտի չենթարկուիք: Հալալ ըրէք մեզի այն մտրակումներուն համար, որուն ենթարկեցինք Ձեզ: Մեր կողմէ գործուած անարդարութեան պատասխանատուութիւնը թող իյնայ Տրապիզոնի իշխանութիւններու գլխուն: Ասով հանդերձ, քանի որ Դուք օգնած էք յոյներուն, որոնք մեր նենգ թշնամիներն են, Նորին Գերազանցութիւն Քեմալ Փաշան ընդմիշտ կ՚արտաքսէ Ձեզ Թուրքիայէն: Պէտք է խոստանաք, որ պիտի մեկնիք մինչեւ գալ շաբաթ օրը, Մարտ 17ը»: Աջս վեր բարձրացուցի եւ խոստացայ: Հայր Իլարիոն ստորագրեց յայտարարութիւն մը, որով երաշխաւորեց իմ մեկնումս:

Դատաւորին բարեկամ պարոնը միշտ քովս կեցած էր: Չէի յաջողիր խօսք մը արտասանել, բայց կը ջանայի ամբողջ երախտագիտութիւնս արտայայտել յուզումնալից հայեացքովս: Արդեօք ո՞վ էր: Բնաւ չկրցայ մտաբերել թէ արդեօք նախապէս ճանչցած էի զինքը կամ ոչ: Կը կասկածիմ, որ Թէվֆիկ Փաշան էր, Տրապիզոնի նախկին վալին, որուն Ֆիքրէթ եւ Էրթողրուլ զաւակները իմ աշակերտներս եղած էին:

Բանտէն հազիւ դուրս ելած՝ Հայր Իլարիոյի հետ գացի երախտագիտութիւնս յայտնելու Տիրոջ, Սբ. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ: Ժամը 7ին շոգեկառք առի դէպի Սուրբ Ստեփանոս: Հայր Լուիճին տակաւին մէկ դեսպանատունէն միւսը կ՚երթար՝ զիս ազատելու փորձեր ընելով: Թէեւ արդէն գիշեր էր, գացի քանի մը ընտանիքներ այցելելու: Տեղեակ էին Տրապիզոնի յոյներուն մատուցած ծառայութիւններուս, ձերբակալութեանս եւ մահուան դատապարտուելուս: Չպակսեցան ո՛չ գովասանքները, ո՛չ ալ յանդիմանութիւնները:

Ազատումիս յաջորդ օրը, այցելութեան գացի Ֆանարի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարքարան: Տօնական օր մըն էր եւ հոն միայն Տեղապահը եւ Սիւնհոդոսի եպիսկոպոսները գտայ, որոնց ներկայացայ ծիսական արարողութեան վերջաւորութեան: Տեղապահը զիս կը ճանչնար: Ձեռքս բռնեց ու ըսաւ. «Եկէք, Հայր Կիւրեղ: Յուսանք բարի լուրեր բերած էք մեզի Պոնտոսի մեր քրիստոնեաներէն»: Պատշաճ նախաբանները ընելէ ետք, ներկայացուցի Պոնտոսի քրիստոնեաներու վերաբերեալ պատրաստած հաշուետուութիւնս, հետեւելով այն նօթերուն որ ժամանակին գրի առած էի թուղթի մը վրայ: Ըսի որ թրքական թերթերու մէջ տպուած յայտարարութիւնները, որ իբրեւ թէ յոյները ինքնայօժար կերպով կը գաղթեն, բոլորն ալ սուտ են, որովհետեւ բնակչութիւնը բռնի ոյժով կը տեղահանուէր: Յունուարի 1էն մինչեւ Մարտ 7ը Տրապիզոնի նաւահանգիստէն ճանապարհ դրուած էին քսանեօթ հազար հոգի: Մօտաւորապէս երեք հազար հոգի արգելափակուած էին Տաֆունտայ թաղամասին մէջ եւ Մայր Տաճարին բակը: Ի՞նչ վիճակի մէջ էին: Քանի դեռ Տրապիզոն կը գտնուէի, կը խնամէի զիրենք Տիկ. Գրամաթիքոփուլոսին եւ Քափայանիտես Թէոֆիլաքթոս դրամատան օգնութեամբ: Քաղաքին մէջ կային հարիւր յիսուն եկեղեցի եւ մատուռ, որոնք սրբազան ա՛յլ վայրերուն հետ միասին կը հասնէին երկու հարիւր յիսունի: Բայց բոլորն ալ թալանուած էին, անգործածելի դարձած եւ մինչեւ իսկ քանդուած: Ներկայացուցի նաեւ մեկնումի սպասող գաղթականներուն ընդհանուր թիւերը եւ թէ քաղաքին մէջ քանի հոգի արգելափակուած էին: Խօսեցայ նաեւ Տրապիզոնի բանտին մասին, ուր ազատազրկուած էին Ռոտոպոլիսի մետրոպոլիտ Կիրիլը եւ ուրիշ ութ յոյներ ու հինգ հայեր: Արդեօք ի՞նչ պէտք է ընէինք այդ քրիստոնեաներուն համար: Հարկաւոր էր զիրենք նաւերով Կոստանդնուպոլիս եւ Յունաստան տեղափոխել նախ քան որ թուրքերը ստիպէին զիրենք ոտքով ճամբայ ելլել դէպի Աթէնք: Արդէն իսկ այդպէս վարուած էին Կարինի նահանգէն հաւաքուած հազար երիտասարդներու հետ, որոնք ճանապարհին օրը օրին կը մեռնէին ահաւոր ցուրտէն:

Աստուած պարգեւեց ինծի այդ մեծարգոյ Հայրերուն սիրտը յուզելու շնորհքը: Ջերմագին շնորհակալութիւններ բխեցան բոլորին շուրթերէն: Պատասխանեցի որ գովքի եւ շնորհակալութեան ծարաւը չէ որ ունէի, այլ կը խնդրէի իրենց օգնութիւնը՝ ազատելու համար այդ քրիստոնեաները կատղած դեւերու ճիրաններէն: Պատասխանեցին որ այդքան մեծաթիւ կարիքաւորներու օգնելու կարողութիւնը չունէին, եւ հաւանաբար Յունական Ներկայացուցչութիւնը նոյնպէս բան մը պիտի չկարենար ընել: Աւելի լաւ պիտի ըլլար՝ եթէ անձամբ ես Աթէնք երթայի եւ դիմէի Յունական Կառավարութեան: Ուստի պատուիրեցին փրոթոսինկելոսին, այսինքն՝ Պատրիարքարանի քարտուղարին, որ յանձնարարական նամակ մը տայ ինծի, Աթէնքի կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն ուղղուած: Պատրիարքարան վերադարձայ յաջորդ օրը, Մարտ 16ի առաւօ տեան, ստանալու համար խոստացուած յանձնարարական նամակները: Տեղապահը խորհուրդ տուաւ նմանատիպ նամակ մըն ալ խնդրել Յունական Ներկայացուցչութենէն, իսկ երբ հասնէի Աթէնք՝ կառավարութեան ներկայանայի օրթոտոքս Մետրոպոլիտին միջնորդութեամբ: Յունական Ներկայացուցչութեան գործակալը պատմութիւններըս լսեց վառ հետաքրքրութեամբ, բայց ցաւով նշեց որ ոչինչ կրնար ընել Պոնտոսի տարաբախտ հայրենակիցներուն համար, որովհետեւ իր նուազագոյն միջամտութիւնը անգամ կրնար աւելի բորբոքել թուրքերուն կատաղութիւնը: Խնդրած յանձնարարական նամակս տուաւ եւ պատուիրեց ուժգին խօսիլ Աթէնքի պարոններուն, այլապէս անհնարին էր զանոնք քունէ արթնցնել: Վատիկանի Առաքելական Նուիրակ Գերպ. Տոլչին բացակայ էր Կոստանդնուպոլսէն եւ իր Տեղապահը՝ Գերպ. Անդրէա Չեզարանոն Կոստանդնուպոլսոյ կուսակալէն խնդրեց յետս կոչել արտաքսումիս հրամանագիրը: Կուսակալութենէն պատասխանեցին, որ Հայր Կիւրե ղին յանցանքը շատ ծանր էր եւ չէր կրնար ներում գտնել:

Այցելեցի Քափայանիտես Թէոֆիլաքթոս Դրամատունը եւ երախտագիտութիւնս յայտնեցի այդ հաստատութեան ընդհանուր տնօրէ նին, իր կողմէ տրամադրած առատ օգնութիւններուն համար:

Գացի յարգանքի տուրքս մատուցանելու նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Այցելու Գերպ. Յովհաննէս Նազլեանին, որ խընդրեց ինծի ճանապարհիս այցելել նաեւ Քորֆու, ուր ապաստանած էին Փոքր Ասիոյ նահանգներէն գաղթած բազմաթիւ հայեր:

Մարտ 17ի երեկոյեան Գաղատիոյ նաւահանգիստը կը գըտնուէի, պատրաստ՝ աքսորի ճամբան բռնելու: Ներկայ էին Հայր Լուիճին, ֆրանսական վանքի եղբայրակիցներէս ոմանք, Հայր Իլարիոն եւ բազմաթիւ ծանօթներ ու բարեկամներ: Ժամը 17ին շոգենաւը խարիսխները բարձրացուց եւ ես ընդմիշտ հեռացայ Թուրքիայէն: Տրապիզոնցի գաղթական մը խորհուրդ տուաւ մէջտեղերը շատ չերեւնալ, որովհետեւ կը կասկածէր որ նաւուն վրայ ներկայ թուրքերը կրնային վրաս յարձակիլ: Ճամբորդները տեղեկացած էին՝ թէ ինչ պատճառով կը հեռանայի Թուրքիայէն եւ հետեւաբար՝ յոյները իմ հետս մեծարանքով կը վարուէին, իսկ թուրքերը ծուռումուռ եւ սպառնալի ակնարկներ կը նետէին վրաս: Թուրք կին մը, ձեւացնելով՝ իբրեւ թէ իր ընկերուհիին հետ կը խօսի, բացականչեց. «Անիծեալ անհաւատ, շունի մը նման կախաղան պէտք է հանէին քեզ:

Մեր հացը կերար, մեր անոյշ աղբիւրներուն ջուրը խմեցիր: Աստուծ մէ չվախցա՞ր, որ գլխաւորեցիր Պոնտոսի յոյներուն՝ մեր նենգ թշնա միներուն ապստամբութիւնը»: Եւ այսպէս, ընդմէջ անպատմելի տառապանքներու եւ անարգանքի, կը փակէի առաքելական գործունէութիւնս Փոքր Ասիոյ մէջ:

Մինչեւ այսօր ալ զիս կը մխիթարէ Տէր Յիսուսի խոստումը. «Երա նի՜ անոնց, որոնք հալածուած են արդարութեան համար, որովհետեւ անոնցն է երկնքի արքայութիւնը: Երանի՜ ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ եւ կը հալածեն եւ ամէն տեսակ կեղծ չարախօսութիւններ կ՚ըսեն ձեր մասին իմ պատճառովս: Ցնծացէք եւ ուրախացէք, որովհետեւ ձեր վարձքը մեծ է երկնքի մէջ» (Մտթ 5, 10-12):

Մասն Բ.

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

Աթէնքի մէջ, փրկելու համար Պոնտոսի յոյները – Քորֆուն, առաքելական գործունէութեանս անակնկալ վայրը – Հայ փախստականներու հետ առաջին հանդիպումներս

Աթէնքի մէջ, փրկելու համար Պոնտոսի յոյները

Երբեք չէի գտնուած քրիստոնեայ երկիրներու մէջ եւ 1923 թուականի Մարտ 19ի առաւօտեան՝ հայեացքս յուզմունքով լի կը հանգչէր Փիրէոյի հոյակերտ եկեղեցիներուն վրայ, որոնք իրենց գմբէթներուն վերեւ փառաւոր կերպով կը կրէին Խաչը: Ուրախութիւնս այնքան մեծ էր, որ նոյնիսկ նաւավարները, որոնք իրականին բաւական անփափկանկատ էին, ինծի մեծապէս համակրելի կը թուէին, քանի որ այդ վայրկեանին անոնց մէջ միմիայն Քրիստոսի արիւնով փրկուած եւ մկրտութեան աւազանին մէջ վերածնած եղբայրներ կը տեսնէի:

Հետս ունէի Ուղղափառ Պատրիարքարանի եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Յունական Ներկայացուցչութեան կողմէ ստացած յանձնարարական նամակները, բայց զուրկ էի անցագիրէ: Ինծի խորհուրդ տուին սպասել մաքսատան պահակախումբին հեռանալուն: Այսպէս, ժամը 10ի ատենները միայն կրցայ անարգել կերպով ցամաք իջնել: Ուղղուեցայ դէպի ժողովրդապետական եկեղեցին, որ հեթանոսներու Առաքեալին անունը կը կրէր, ուր ժողովրդապետ Տ. Յովակիմ Մէքան եւ իր տեղապահ Տ. Յովհաննէս Պրինտիզին ջերմ ընդունելութեան արժանացուցին զիս, կարծես թէ երկար տարիներու ծանօթներ ըլլայինք: Հոն հանդիպեցայ նաեւ հայ կաթողիկէ քահանայ Տ. Յովհաննէս Չերքէզեանին, որ մեծ եռանդով նուիրուած էր մեր հայրե նակիցներու հոգեւոր հոգատարութեան գործին:

1912 թուականէն ի վեր Աթէնքի կաթողիկէ արքեպիսկոպոսն էր Գերպ. Լուի Փըթին, Վերափոխման Օգոստինեաններու Միաբանութենէն, որ բիւզանդական պատմութեան յայտնի ուսումնասէրներէն մէկն էր եւ հիմնադիրը «Echos d’Orient» պարբերաթերթին: Զիս անձամբ չէր ճանչնար, բայց լսած էր իմ մասիս եւ փափաք յայտնեց որ Աթէնք մնամ իբրեւ իր հիւրը: Բնականաբար, սակայն, ես իրաւասու չէի որոշելու ապագայ ընելիքներս: Սբ. Յովսէփի տօնն էր եւ երջանիկ եղայ Սուրբ Պատարագս մատուցանելու իր անունը կրող խորանին վրայ, «Սբ. Դիոնիսիոս» Մայր Տաճարին մէջ: Սուրբ Պատարագի աւարտին ծանօթացայ ժողովրդապետ Տ. Անտոն Ռուսսոյի եւ իր ուրիշ գործակիցներու հետ: Անոնցմէ ոմանք Իտալիոյ քաղաքացիներ էին, բայց բոլորն ալ ջերմ սիրով կապուած էին Յունաստանին:

Մինչ ճաշասենեակին մէջ խօսակցութեան բռնուած էի քահանաներու հետ, աղախինը եկաւ տեղեկացնելու որ փախստականներու հոծ բազմութիւն մը բակին մէջ ինծի կը սպասէր: Զիրենք կրկին տեսնելու ակնդէտ, խօսակցութիւնը կտրուկ վերջացուցի եւ վազելով անոնց քով գացի: Պրն. Գէորգ Էնէփէկիտուն հեծկլտալով գիրկս նետուեցաւ ողջագուրուելու: Այդ արարքը նման եղաւ իրեն հետեւող ամբոխին տրուած նշանի մը. բոլորը, ամէն տարիքի այր մարդիկ ու կիներ հետեւեցան իր օրինակին, կրկնելով իր գորովալի արարքը, իսկ ես, գիտակցութիւնս կորսնցուցած, ամբողջովին ձգած էի զիս անոնց քմահաճոյքին: Այդ թանկագին բարեկամներս զիս ձեռքէ ձեռք կ՚անցընէին եւ, եթէ հնարաւոր ըլլար, կարծեմ թէ զիս ողջ ողջ պիտի ուտէին: Պրն. Էնէփէկիտուն զիս իր տունը ճաշի հրաւիրեց, Տրապիզոնի բոլոր նշանաւոր մարդոց հետ միասին:

Կէսօրէ ետք, վաղեմի աշակերտներէս ոմանք առաջնորդեցին զիս այցելելու Աքրոպոլիսը, Թէսէոսի տաճարը եւ պատմական ուրիշ կոթողներ: Սոկրատի բանտին մօտ, երիտասարդ մը, զարմացած՝ տեսնելով թէ որքան ընտանութեամբ կը վարուէին հետս, իրեն համար պարտականութիւն նկատեց զգուշացնել ինծի ընկերացողներուն, որպէսզի չխաբուէին այդ «ֆրանկ փափազ»էն, այսինքն՝ կաթողիկէ քահանայէն, որ կրնար զիրենք բոլորը ֆրանկ, այսինքն՝ կաթողիկէ ը նել: «Մի՛ վստահիք անոր», ըսաւ, «բոլոր ֆրանկները նենգ դաւա ճաններ են, սատանային նման»:

«Մի՛ մտահոգուիք», պատասխանեցին ինծի ընկերացողները, «այս ֆրանկ փափազը Պոնտոսի բոլոր քրիստոնեաներս փրկեց: Երբ մեր քահանաները արտաքսուեցան Տրապիզոնէն եւ այլեւս ոչ ոք մընաց որ կարենար մեզ պաշտպանել թուրքերու դէմ, այս ֆրանկ փափազը մեզի համար սնունդ, հագուստ, դեղորայք կը հայթայթէր, մեր զաւակները կը մկրտէր, մեր հիւանդները կը մխիթարէր, մեր ննջեցեալները կը յուղարկաւորէր: Եւ երբեք լէփթա8 մը անգամ չըխնդրեց որպէս հատուցում: Եւ այս ամէնուն համար այդ անիծեալ թուրքերը զինք կախաղանի դատապարտեցին»:

Աթէնք կը գտնուէի միմիայն Պոնտոսի դժբախտ յոյներու ազատագրումի աշխատանքները խրախուսելու դիտաւորութեամբ, որոնք թուրքերու յաջորդական թիրախը դարձած էին: Կոստանդնուպոլիս եղած ատենս ստացած խորհուրդին հետեւելով, այցելութեան գացի Յունաստանի ուղղափառ ինքնիշխան Եկեղեցւոյ գահակալ Քրիզոսթոմոս Արքեպիսկոպոս Փափատոփուլոսին: Նախասրահին մէջ քիչ մը սպասելէ յետոյ, քահանայ մը եկաւ տեղեկացնելու որ Նորին Գերազանցութիւնը ինծի կը սպասէր:

Հոգեւոր բերկրանք մը եղաւ ինծի համար տեսնելը թէ ինչպիսի պարզութեամբ ընդունուեցայ Արքեպիսկոպոսին եւ իր օգնական երեք Եպիսկոպոսներուն կողմէ: Խորին ակնածանքով համբուրեցի աջը եւ յանձնեցի Կոստանդնուպոլսոյ Յունաց Պատրիարքարանէն բերած նամակս:

«Տիեզերական Պատրիարքարան Փրոթոսինկէլոսի գրասենեակ Այս նամակին խնդրարկուն, Հ. Կիւրեղը Քափուչիններու Միաբանութենէն, սրտով եւ զգացումներով յոյն, երեք ամբողջական տարիներ Տրապիզոն բնակելով որպէս դասախօս եւ այդ ընթացքին ականատես վկայ ըլլալով մեր ազգակիցներու կրած տառապանքներուն, հակառակ իր սահմանափակ կարողութիւններուն՝ շռայլեց անոնց իր վեհանձն հոգատարութիւնը եւ մեծ քաջութիւն ցուցաբերեց անոնց օգնելու համար: Տեղական իշխանութիւններուն կողմէ արտաքսուելով՝ անցաւ մեր քաղաքէն, եւ երկրէն կը հեռանայ՝ ուղղուելով դէպի Յունաստանի հիւրընկալ հողը:

Գնահատելով անոր բարի զգացումները եւ գովելով Տրապիզոնի մէջ բնակող մեր ազգակիցներու հանդէպ ցուցաբերած սէրը, իրեն կը յանձնենք մեր քարտուղարութեան կնիքով վաւերացուած սոյն յանձ նարարական նամակը, որպէս նշան մեր յարգանքին, իր անձին եւ իր յոգնութիւններուն հանդէպ: Պատրիարքարանէն, 16 Մարտ 1923 ՓՐՈԹՈՍԻՆԿԷԼՈՍ Փանթէլէիմոն»

Նորին Գերազանցութիւնը ուշադրութեամբ կարդաց նամակը, ապա բարեպաշտութեամբ համբուրեց զայն եւ զիս հրաւիրեց նստելու եւ ազատօրէն խօսելու: Նախապէս գրի առած նօթերուս հետեւելով, ներկայացուցի Պոնտոսի յոյներու վիճակը եւ անոնց օգնութեան հասնելու անյապաղութիւնը: Մեծապէս յուզուեցան եւ որոշեցին որ իրենցմէ մէկուն ընկերակցութեամբ պէտք է երթայի փախստականներու հարցերով զբաղող Նախարարութիւն: Նորին Գերազանցութիւնը տեսնելով որ կը կաղայի, տրամադրութեանս դրաւ իր ինքնաշարժը:

Հեղինակաւոր ընկերակիցիս շնորհիւ իսկոյն ընդունուեցայ փախստականներու հարցերով զբաղող Նախարարի քարտուղարին կողմէ: Կրկնեցի ինչ որ ըսած էի Եպիսկոպոսներուն, եւ այդ պաշտօնեային ցուցաբերած սառն ու անխռով կեցուածքին դիմաց, նոյնիսկ երբ ամենաեղերական մանրամասնութիւնները կը պատմէի, հասկցայ որ յուսալիք շատ քիչ բան ունէի:

«Հոգեշնորհ Հայր», եղաւ անոր պատասխանը, «Ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն հոգատարութեան համար, որ ունեցած էք Թուրքիոյ մեր ազգակիցներուն նկատմամբ, բայց Դուք մեզմէ չափազանց շատ կը պահանջէք: Մեր երկիրը շատ աղքատ է եւ Ձեր փափաքները գոհացնելու միջոցները չունի …»:

Արդէն իսկ կը սպասէի նուազ գոհացուցիչ պատասխան մը, բայց չէի կրնար երեւակայել այդքան անպատկառութիւն: Յուզմունքս յաղթեց ինծի եւ հեծկլտալու սկսայ: «Հայր Սուրբ», զիս մխիթարելու համար ըսաւ Եպիսկոպոսը, «մի՛ յուսահատիք: Ամենասրբուհի Աստուածամայրը մեզի հետ է: Պէտք է որ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն գացած ըլլայինք: Այս Նախարարութիւնը չափազանց աղքատ է …: Օ՛ն, երթանք»:

Նախարարութեան մուտքին, շատ մը տրապիզոնցի փախստականներ այցելութեանս արդիւնքին կը սպասէին եւ երբ Եպիսկոպոսը յայտնեց որ ոչինչ կրցած էինք ստանալ այդ պաշտօնեաներէն, որոնք քրիստոնեայ հասարակ ժողովուրդի հաշուոյն հարստանալ գիտեն միայն, Յունաստանի յոյներուն դէմ անէծքներու եւ անարգական խօսքերու բացականչութիւններ միայն լսեցի: Ձեռքս վեր բարձրացուցի ու ըսի. «Թանկագին որդեակներս, անէծքներն ու անարգական խօսքերը չեն կրնար յուզել մեր գորովալի Աստուածամօր սիրտը: Այլ աւելի՛ աղօթեցէք եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեցէք, որպէսզի օգնէ մեզի եւ պարգեւէ մեր ծրագիրներուն կատարումը»:

Նախարարութեան շէնքին մէջ ներկայութիւնս բազմաթիւ պաշտօնեաներու հետաքրքրութիւնը շարժեց: Մէկը միւսին կը հարցնէր՝ թէ արդեօք ո՞վ կրնար ըլլալ այդ բոպիկ ու գլխաբաց խեղճ քափուչինը, որ Նախարարութիւն եկած էր Սուրբ Սիւնհոդոսի Եպիսկոպոսներէն մէկուն ընկերակցութեամբ:

«Պէտք է որ Պապական Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն անձնաւորութիւններէն մէկը ըլլայ, որ կ՚ուզէ ուղղափառ դաւանանքը ընդունիլ», կ՚ըսէր անոնցմէ մէկը:

«Դուն երազ կը տեսնես», կը պատասխանէր անոր մէկ ուրիշը: «Կարեւոր անձնաւորութիւն մը, որ Թիրթէոսի նման կոյր է ու կաղ»:

«Բայց պէտք է որ այդպէս ըլլայ», կը յարէր երրորդ մը: «Պէտք է որ իսկապէս կարեւոր անձնաւորութիւն մը ըլլայ, քանի որ անոր կ՚ընկերակցի Նորին Գերազանցութեան ներկայացուցիչը: Շատ լաւ յունարէն գիտէ եւ այն ալ՝ դասականը»:

Այն յուսահատական տպաւորութեան, որ ունեցած էի փախստականներու հարցերով զբաղող Նախարարութեան մէջ, յաջորդած էր յաջողութեան յոյսը: Հազիւ թէ մտանք ընդարձակ սրահի մը մէջ, մեզի ընդառաջ եկաւ երիտասարդ ու բարետես պարոն մը եւ Եպիսկոպոսը զիս անոր ներկայացուց մօտաւորապէս հետեւեալ խօսքերով. «Նոր Հռոմի9 Տիեզերական Պատրիարքարանի Աթոռակալը ձեր մօտ ուղարկած է այս սրբակեաց վանականը, որպէսզի տեղեկացնէ ձեզի այն տառապանքներուն մասին որ կը կրեն Պոնտոսի քաղաքներուն մէջ մնացած մեր քրիստոնեայ եղբայրները: Վստահեցէք անոր, քանի որ ֆրանք փափազի զգեստին տակ կը թաքցնէ ուղղափառ հոգի մը եւ իրական յոյնի բոցավառ սիրտ մը»:

Ներկայացուցի յանձնարարական նամակներս եւ անգամ մը եւս կրկնեցի ինչ որ գիտէի Պոնտոսի քրիստոնեաներու ողբերգական իրավիճակին մասին: Բարձրակարգ պաշտօնեան կ՚ունկնդրէր տեսանելիօրէն յուզուած եւ երբեմն երբեմն ճշգրտումներ կը խնդրէր: Բայց երբ առաջարկեցի անոնց ազատելու միջոցը, խոր հառաչանք արձակեց ու ըսաւ. «Արդէն իսկ բեռնաւորուած ենք Փոքր Ասիայէն եկած փախստականներով: Իրենց հետ Յունաստան բերին քաղցն ու թշուառութիւնը, մաշկային բծատենդը, ծաղկախտն ու ա՛յլ հիւանդութիւններ, որոնք սարսափելի ջարդի ենթարկած են մեր բնակչութիւնը: Շաբաթ մը առաջ մաշկային բծատենդէ վախճանեցաւ հօրեղբայրս, որ բժիշկ էր եւ փախստականները կը խնամէր»: Քանի մը վայրկեան հեկեկալէ յետոյ, վերսկսաւ խօսակցութիւնը. «Յունաստանը աղքատ է:

Մէկ ու կէս միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրը չի կրնար ընդու նիլ մէկ ու կէս միլիոն ոջլոտ փախստական»:

Ոտքի ցատկեցի ու պոռացի. «Պարոն Նախարար, Ձեր ներողամ տութիւնը կը խնդրեմ խօսքերնիդ ընդհատելու համար: Ես ո՛չ յոյն եմ, ո՛չ ալ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ զաւակ: Ազգութեամբ հայ եմ, դաւանանքով՝ կաթողիկէ եւ Հռոմի Եկեղեցւոյ ջերմեռանդ որդին: Բայց արդէն երեք տարի է որ ինքզինքս ամէն տեսակ զոհողութիւններու ենթարկած եմ՝ թուրքերու կողմէ հալածուած քրիստոնեաներու տառապանքները մեղմելու համար: Անոնց դատը պաշտպանելուս պատճառով թուրք կառավարութիւնը զիս ձերբակալեց եւ կախաղանի դատապարտեց յեղափոխականի կեղծ մեղադրանքով: Ինծի հրաշք կը թուի տակաւին ողջ ըլլալս: Ես, հայ, կաթողիկէ ու պապական, կը մտահոգուիմ Սեւ Ծովի ծովափնեայ քաղաքներուն մէջ տակաւին ողջ մնացած տարաբախտ յոյներու մասին, իսկ Դուք՝ յոյն եւ օրթոտոքս, անտարբեր էք ձեր ազգակիցներուն ճակատագրին նկատմամբ: Ես ձեռքերս կը լուամ, բայց գիտցած ըլլաք որ հազիւ ոտքս դուրս դնեմ այս յարգարժան Նախարարութենէն, պիտի երթամ մեր զրոյցը իր բոլոր մանրամասնութիւններով լրագրողներուն պատմելու»: Ստիպուած էի պահ մը լռել, քանի որ շունչս կը պակսէր: Եպիսկոպոսը մօտեցաւ ինծի, ձեռքս բռնեց եւ մօրուքս շոյելով ըսաւ. «Հայր Սուրբ, քաջութի՛ւն»:

Բարձրաստիճան պաշտօնեան առատ քրտինքով ծածկուած էր եւ կը ջանար թաքցնել իր զգացած ամօթն ու շփոթութիւնը: Ի վերջոյ ըսաւ. «Սրբազան Հայր, ես Նախարարը չեմ, այլ իր քարտուղարը: Հետեւաբար, Ձեր հայցը ընդունելու իշխանութիւնը չունիմ: Նորին Գերազանցութիւն Պարոն Նախարարը բացակայ է, բայց վաղը, չորեքշաբթի, իր աշխատասենեակը կ՚ըլլայ: Ձեզի պատուոյ խօսքըս կու տամ, որ Ձեզ պիտի յանձնարարեմ իրեն եւ վաղը անպատճառ կը ստանաք Նախարարին հրաւէրը: Կը խնդրեմ ինծի տաք Ձեր հասցէն»: Եւ քովը գրի առաւ. «Հայր Կիւրեղ, քափուչին վարդապետ, Համալսարանի փողոց, Կաթողիկէ Մայր Տաճար, Աթէնք»:

Ժամը 13ը քանի մը վայրկեան անց էր՝ երբ Նախարարութենէն դուրս ելանք: Իմ թանկագին տրապիզոնցիներս բակը անհամբեր ինծի կը սպասէին: Խօսքը Եպիսկոպոսին զիջեցայ եւ ան յորդորեց զիրենք յուսալու: Ուղղուեցայ դէպի ինքնաշարժը, բայց Պարոն Էնէփէկիտուն ձեռքէս քաշեց՝ ըսելով. «Անհնարին է: Դուք մեզի հետ ճաշի պիտի գաք Ամարուսի, ուր Ձեզի կը սպասեն տրապիզոնցի Ձեր թանկագին որդիները՝ Թուզմանոֆ, Տիոնիսիատէս եւ ուրիշ ընտանիքներ»: Հրաւէրը յօժարութեամբ ընդունեցայ: Շնորհակալութիւն յայտնեցի ինծի ընկերացող Եպիսկոպոսին եւ խնդրեցի խոնարհ յարգանքներս փոխանցել Նորին Գերազանցութեան, հաղորդելով որ դեռ պիտի վերադառնայի անոր քով, տեղեկացնելու համար բանակցութիւններու արդիւնքին վերաբերեալ: Եղբայրաբար ողջագուրուեցանք եւ իմ վերջին խօսքերս եղան. «Թանկագին Սրբազան Հայր, Ամենասրբուհի Աստուածամօր օգնութեամբ, զոր շարունակ կը հայցեմ, պիտի յաղթահարեմ սատանաներու եւ մարդոց յարուցած բոլոր խոչընդոտները: Աթէնքէն պիտի չմեկնիմ, եթէ նախ չստանամ այն՝ ինչ որ կը փափաքիմ»:

Անատոլուէն գաղթած փախստականները լաւ ընդունելութիւն չէին գտած Յունաստանի մէջ: Տիկին Էնէփէկիտուն ինծի կ՚ըսէր որ գէշ աչքով դիտուած էին բնիկ յոյներու կողմէ: Միւս կողմէն ալ գաղթականներն իրենք յուսախաբ մնացած էին, այն աղքատութեան պատճառով որ գտած էին Յունաստանի մէջ: Երբեք չէին կրնար երեւակայել, որ Յունաստան այդքան աղքատ էր: Յունաստանի համեմատութեամբ՝ Թուրքիան աւելի հարուստ էր: Տիկինը Յունաստան հասած էր Յունուարին, տասը հազար փախստականներու առաջին խումբին հետ: Երբ նաւը խարիսխ նետած է Փիրէոյի նաւահանգիստը, փախստականներուն խանդավառութիւնը աննկարագրելի եղած է. բոլորը միաձայն Յունաստանի ու Վէնիզէլոսի գովքը կը հիւսէին, իսկ երիտասարդները, որպէս տօնախմբութեան նշան, դէպի վեր կը նետէին իրենց գլխարկները: Քանիցս գէշ տպաւորուած էին, տեսնելով՝ թէ նաւավարները ինչպէս իրարու միջեւ կը մրցէին, փախստականները իրարու ձեռքէ խլելով, որպէսզի իրենք ստանային փոխադրութեան վարձը: Սուրբ Դիոնիսիոսի ժողովրդապետութեան հիւրն էի: Աթէնք ժամանումիս երկրորդ գիշերը անցուցած էի՝ մտքիս մէջ կրկին ու կրկին քննարկելով օրուան ուրախալի ու տխուր իրադարձութիւնները: Չէի կրցած մտքէս հեռացնել պատկերը այն բոլոր անձերուն, որոնք բարեկամ ձեռքէ մը օգնութիւն կը սպասէին, որպէսզի կարենային ազատիլ թշուառութենէն, քաղցէն ու մահէն: Աթէնք հասած էի Մարտ 19ի առաւօտեան եւ պատարագած էի Սբ. Յովսէփի խորանին վրայ: Արդ Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինած էր, որ հազարաւոր յոյներու ճակատագիրը պիտի որոշուէր չորեքշաբթի օր մը: Չորեքշաբթի օրերը կաթողիկէ բարեպաշտութեան կողմէ նուիրուած են Սբ. Յովսէփին: Մեծ Նահապետին նկատմամբ մանկութենէս ի վեր մասնաւոր ջերմեռանդութիւն մը սնուցած էի եւ բարեպաշտական յատուկ հրահանգումներ ըրած էի իր պատուին: Ուստի, շատ պատճառներ ունէի յուսալու որ ամէն հարց պիտի լուծուէր դրականօրէն: Ոտքի ելայ, աղօթքներս ըրի եւ գացի բաղնիք:

Հազիւ մարմինս օճառած էի, երբ ժողովրդապետին ձայնը լսեցի, որ կը պոռար. «Յունաստանի մէջ ջուրը այսպէս անմտօրէն չենք շռայլեր: Մենք աղքատ ենք: Դուք մեզի ծարաւէ մեռնելու պիտի դատապարտէք»:

Չկրցայ եւ ոչ իսկ օճառը վրայէս լուալ: Անձեռոցով մը վրայէս սրբեցի օճառը: Այդ պատահարն ալ Սբ. Յովսէփին նուիրեցի որպէս փոքրիկ զոհողութիւն մը: Սուրբ Պատարագը կրկին Սբ. Յովսէփի խորանին վրայ կատարեցի: Աւանդատունէն դուրս ելած ատենս երիտասարդ մը մեծ պահարան մը յանձնեց ինծի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան կողմէ, որուն մէջ հրաւիրատոմս մը գտայ, որով կը տեղեկացնէին ինծի՝ թէ Նախարարը կրնար ընդունիլ զիս նոյն օրուան ժամը 18ին: Այդ տեղեկագիրը զիս բաւականին յուզեց, վերադարձայ աւանդատուն եւ հոն գտնուող երկու քահանաներուն խնդրեցի Սուրբ Պատարագը մատուցանել դիտաւորութեանս համար: Կ՚ուզէի ապահովել Սբ. Յովսէ փին հովանաւորութիւնը:

Բաղնիք ընելու անյապաղ կարիքը կը զգայի եւ ինծի խորհուրդ տրուեցաւ երթալ Օմոնիաս հրապարակին վրայ գտնուող բաղ նիքը: Երբեք այդքան շքեղութիւն չէի տեսած. մարմարներ, հայելիներ, պաղ ջուր եւ տաք ջուր, ձիւնի նման մաքուր զգեստակալներ, անոյշ ջուր եւ ծովային ջուր: Բայց ապշանքս շուտով յուսախաբութեան վերածուեցաւ. անոյշ ջուրը կաթիլ առ կաթիլ կու գար եւ միայն ծովային ջուրը առատ կը հոսէր: Երբեք ցանկութիւն չեմ ունեցած ինքզինքս գովազդելու, բայց այդ օրը ունեցայ անոր առաջին փորձառութիւնը եւ սկսայ լրջօրէն վախնալ անկէ: Պարոն Էնէփէկիտուն եւ տրապիզոնցի ուրիշ բարեկամներ զիս իրենց հետ ճաշի տարին ,Grande Bretagneե շքեղ հիւրանոցին մէջ, որ աշխարհի ամենագեղեցիկ հիւրանոցներէն մէկն ըլլալու համբաւն ունի: Ճաշն ալ պատշաճ էր հիւրանոցին վայելած համբաւին: Բայց ունեցած ամենամեծ անակնկալս եղաւ ճաշարանի տնօրէնին ցուցաբերած վեհանձնութիւնը, որ չուզեց ներկայացնել ճաշին հաշիւը: «Սրբազան Հայր», ըսաւ ինծի, «մեզի համար պատիւ մըն է Ձեզ մեր հիւրանոցին մէջ որպէս հիւր ունենալը: Եթէ Ձեր ոտքերուն առջեւ դրած ըլլայինք ոչ թէ կտոր մը հաց, այլ մեր կեանքն ինքնին, տակաւին պիտի չկարենայինք հատուցանել այն բարիքները որ Դուք ըրած էք մեր ազգին: Դուք մեզի ոչինչ պարտական էք: Այս երեկոյեան Ձեզի կրկին կը սպասենք հոս, երբ աւարտէք Արտաքին Գործոց Նախարարին հետ ունենալիք Ձեր հանդիպումը: Կ՚աղաչեմ Ձեզի ի սէր Ամենասրբուհի Աստուածամօր, որ չմերժէք մեզի այդ պատիւը»:

Լրագրողներն այլեւս ծանօթ էին իմ պատմութեանս եւ ,Grande Bretagneե հիւրանոցը եկան հաւանութիւնս ստանալու համար իրենց թերթերուն մէջ հրատարակուելիք որոշ յօդուածներու վերաբերեալ, ուր ներկայացուցած էին իմ ծաւալած գործունէութիւններս Տրապիզոնի մէջ եւ կախաղանի դատապարտուիլս: Անկասկած լրատուական սքանչելի յօդուածներ էին, բայց լրագրողները իրենց առջեւ հարց չէին դրած՝ թէ այդ յօդուածները ինչպիսի հետեւանքներ կրնային առաջացնել Թուրքիոյ մէջ: Թուրքերը ազատօրէն կը տանջեն անմեղները, բայց վա՜յ թէ մէկը յանդիմանէ զիրենք այդ դաժանութիւններուն համար: Վրէժխնդիր պիտի ըլլային կաթողիկէ առաքելավայրերէն եւ յատկապէս իմ քափուչին միաբանակիցներէս: Հետեւաբար, սաստիկ կերպով հակառակեցայ, արգիլելով յիշատակել անունս, եւ խնդրեցի զիս շուքի ու լռութեան մէջ թողուլ:

Արտաքին Գործերու Նախարար Աղեքսանդրիսը շատ լաւ տըպաւորութիւն ձգեց վրաս: Զինք գնահատեցի որպէս լայնախոհ, հաւասարակշիռ ու բարեկիրթ անձնաւորութիւն: Բաւականին բարձր մակարդակի էր իր ֆրանսերէնի իմացութիւնը, թէեւ քիչ մը դանդաղ կը խօսէր: Այս պարագան զիս աւելի հանգստացուց եւ ապահովութեան զգացում մը ներշնչեց: Փափաք յայտնեց որ մանրամասնօրէն պատմէի իրեն այն ամէն ինչ որ գիտէի Պոնտոսի յոյներու ողբերգական իրավիճակին մասին: Երբ վերջացուցի խօսքս, Նախարարը խոր կերպով յուզուած էր եւ սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց այն բարիքին համար որ ըրած էի: Ապա աւելցուց. «Դուք այլեւս արժանի էք որ Ձեր անունը ոսկեղէն տառերով գրուի Յունաստանի պատմութեան մէջ»: Բացատրեց ինծի այն տնտեսական ողբերգական կացութեան մասին, որ ձեւացած էր յոյն֊թուրքական եղերական պատերազմին հետեւանքով, եւ դժուարութիւնները՝ որոնց կը հանդիպէր Կառավարութիւնը թուրքերու կողմէ հալածուածներուն օգնութեան հասնելու գործին մէջ: Բայց այդ նոյն օրուան առաւօտեան ինքը անձամբ Նախարարներու Խորհուրդին ներկայացուցած էր այն հրաշունչ խօսքերը, որոնք նախորդ օրը ես ուղղած էի իր քարտուղարին, եւ Նախարարներու Խորհուրդը արդէն հրաման տուած էր պետական համապատասխան մարմիններուն, որպէսզի յաջորդ օրը յունական նաւերը ուղղուէին դէպի Սեւ Ծով, օգնութեան հասնելու համար յոյն ազգաբնակչութեան, զիրենք Յունաստան տեղափոխելով:

Նպատակս իրականացած էր այլեւս: Մնացած ամէն բան բառին բուն իմաստով ոչ մէկ արժէք ունէր ինծի համար: Յունական Կառավարութիւնը, Տրապիզոնի Հիւպատոսին թելադրանքով, կ՚ուզէր պատուոյ շքանշանով մեծարել զիս: Չընդունեցայ, բացատրելով որ ոչինչ պիտի կարենար աւելցնել այն սիրոյ կապին՝ որով արդէն իսկ միացած էի իմ թանկագին տրապիզոնցիներուս, եւ այն բերկրանքին որ կրցած էի նպաստել իրենց սրբազան դատին:

Լրագիրներուն մէջ տպագրուած կառավարական համառօտ տեղեկատուութիւն մը նաւերու մօտակայ մեկնումի մասին, որուն գաղափարը յղացողը եւ ծրագրին իրականացումը քաջալերողը եղած է Հ. Կիւրեղ Էրզրումցի քափուչին վարդապետը, որ արդէն կախաղանի դատապարտուած էր Տրապիզոնի յոյներուն օգնած ըլլալուն համար, բաւական եղաւ որ զիս ճանչնայ ամբողջ Աթէնքը: Ամէնքը կ՚ուզէին տեսնել զիս, երբ փողոցէ մը կ՚անցնէի՝ ամէն ոք զիս մատնացոյց կ՚ընէր, իսկ հասարակաց փոխադրամիջոցներու վրայ չէին ձգեր որ տոմսակը վճարէի: Շատերը Սբ. Դիոնիսիոսի Մայր Տաճարը կու գային զիս տեսնելու եւ սակաւաթիւ չէին առաջնային կարեւորութիւն ու նեցող անձնաւորութիւնները:

Աթէնք կեցութեանս համար ծրագրուած նպատակին հասնելէ յետոյ պատրաստուեցայ մեկնելու: Կ՚ուզէի Իտալիա երթալ եւ ներկայանալ Ընդհանրական Մեծաւորներուս: Գացի շնորհակալութիւն յայտնելու Յունաստանի ուղղափառ ինքնիշխան Եկեղեցւոյ Գահակալ Արքեպիսկոպոս Փափադոփուլոսին՝ ծրագիրներուս վերաբերեալ ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Մեր հրաժեշտի հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ յարգանքի սիրալիր արտայայտութիւններով, իսկ Նորին Գերազանցութեան վերջին մտածումներն ուղղուեցան Ռոդոպոլիսի Կիւրեղ Մետրոպոլիտին, որ կը չարչարուէր Տրապիզոնի բանտերուն մէջ: Ներկայ Եպիսկոպոսներուն ուղղուելով, Նորին Գերազանցութիւնը մեղմ ձայնով ըսաւ. «Երանի՜ թէ կաթողիկէ բոլոր միսիոնարները այս քափուչինին նման ըլլային»: Ուզեցի յարգանքի տուրքս մատուցանել նաեւ Արքեպիսկոպոս Քրիզանթոսին, Տրապիզոնի յոյն օրթոտոքս մետրոպոլիտին: Ան բնակութիւն հաստատած էր Փաթիսսիոն պողոտան կտրող փողոցներէն մէկուն վրայ գտնուող փոքրիկ տան մը մէջ: Անհնարին է նկարագրել՝ թէ որքան գորովալի եղաւ այդ Եպիսկոպոսին հետ ունեցած հանդիպումս: Ես շատ յուզուած էի, իսկ ան շարունակ կը կըրկնէր՝ թէ որքան երախտապարտ էր ինծի, որովհետեւ փրկած էի իր հոգեզաւակներուն կեանքը, իր թեմի եկեղեցիներուն սրբազան սպասները եւ իր իսկ անձնական ծիսական զգեստները: Հազար անգամ կրկնեց, որ նոյնիսկ եթէ կարենար ինծի համար թափել իր ամբողջ արիւնը, ոչինչ պիտի ըլլար՝ համեմատութեամբ այն բոլոր բաներուն համար որ ես ըրած ու տառապած էի յոյներուն համար:

Զինք վստահեցուցի, որ եկեղեցական բոլոր սպասներն ու ծիսական զգեստները ապահով կերպով պահուած էին Տրապիզոնի մեր վանքին մէջ: Այս նիւթին վերաբերեալ միայն աւելցնեմ, որ քիչ ժամանակ անց, մինչ Քորֆու կը գտնուէի, նամակ մը ստացայ Տրապիզոնի մեր առաքելավայրի Մեծաւոր Հ. Օգոստինոսէն, ուր կը խնդրէր աճապարել եւ փրկել այդ ամբողջ հարստութիւնը որ վանքի մէջ կուտակած էի եկեղեցիներէն հաւաքելով, քանի որ լուրջ վըտանգ կար որ թուրքերը վանք ներխուժէին այդ հարստութիւններուն տիրանալու համար: Նամակը փոխանցեցի Արտաքին Գործերու Նախարար Աղեքսանդրիսին, որ իսկոյն կատարեց անհրաժեշտ տնօրինումները եւ ամէն բան տեղափոխել տուաւ Յունաստան:

Այցելութեան գացի նաեւ Գերպ. Գէորգ Քալաւասսիին, Յունաստանի բիւզանդածէս կաթողիկէներու Առաջնորդին: Ան տակաւին վերջերս տեղափոխուած էր Աթէնք, կամ աւելի ճիշտ՝ Իրակլիոն, գիւղ մը որ քաղաքէն տասը հազարամեթր հեռու կը գտնուէր:

Քորֆուն, առաքելական գործունէութեանս անակնկալ վայրը

Աթէնքէն հեռացայ Մարտ 26ին: Տրապիզոնցի թանկագին փախըստականներս ընկերացան ինծի մինչեւ Փիրէոյ եւ Տրապիզոնի դպրոցին ուսուցիչներէն մէկը, նաւամատոյցին կեցած, ինծի ողջոյնի խօսք ուղղեց փայլուն ճառասացութեամբ: Այդ թանկագին որդեակներս բարձրաձայն լալու սկսան եւ ոստիկաններուն միջամտութեամբ միայն հնարաւոր եղաւ նաւ բարձրանալս: «Փալակքի» նաւու կամրջակին վրայ ընդունուեցայ հրամանատարին կողմէ, որուն արդէն յայտնի էր պատմութիւնս եւ որ վերէն դիտած էր ցաւալի բաժա նումս տրապիզոնցիներէս:

Թաշկինակներու թափահարումը ողջունեց նաւու մեկնումը եւ շարունակուեցաւ մինչեւ որ նաւամատոյցը անհետացաւ հորիզոնին խորքը: Մեր աջ կողմը ձգելով Սալամինա կղզին եւ ապա Աթթիքայի բլուրներու անջրդի շարանը, կտրեցինք անցանք Կորնթոսի ջըրանցքը: Այդ վայրերուն տեսութիւնը կը խանդավառէր զիս եւ, նշմարելով հին Կորնթոսի աքրոպոլիսը, ես ինծի հարց կու տայի՝ թէ ինչպէս կրցայ արժանանալ տեսնելու այն վայրերը, որոնք ոռոգուած էին Պօղոս Առաքեալին քրտինքով:

Յաջորդ օր առաւօտը քանի մը ժամուան համար կանգ առինք Փաթրասի նաւահանգիստը, ինչ որ ինծի հնարաւորութիւնը տուաւ Սուրբ Պատարագ մատուցանելու Սբ. Անդրէաս եկեղեցւոյ մէջ եւ այցելելու քաղաքը: Նաւարկութիւնը վերսկսելով, հասանք Իթաքա եւ Սբ. Մաուրա կամ Լեւքատա կղզիները: Այդ վայրերուն տեսութիւնը յիշողութեանս մէջ կը վերարծարծէր յունական գրականութեան ամենագեղեցիկ էջերը:

Մարտ 28ի առաւօտեան Քորֆուի նաւահանգիստը կը գըտնուէի եւ դադարի չորս ժամերը ուզեցի գործածել Սուրբ Պատարագ մատուցանելու եւ քաղաքը անցողիկ կերպով այցելելու համար: Ո՞վ պիտի ըսէր ինծի, որ ոտքս ցամաք դնելով՝ առաջին քայլս կ՚ընէի Նախախնամութեան պատրաստած ճանապարհին վրայ: Նաւավար մը, որ շատ լաւ իտալերէն կը խօսէր վենետիկեան բարբառով, առաջնոր դեց զիս դէպի քաղաքին Մայր Տաճարը: Քորֆուի կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսն էր Գերպ. Լէոնարտոյ Պրինտիզին: Լրագիրներու ժրաջան ընթերցող ըլլալով, մանրամասնօրէն տեղեակ էր պատմութեանս եւ հազիւ թէ իրեն տեղեկացուցած էին ժամանումիս մասին՝ աւանդատուն եկած էր նախ քան Սուրբ Պատարագի ծիսակատարութեան աւարտը: «Թանկագին Հայր Կիւրեղ», բացականչեց, «աստուածային Նախախնամութիւնն է որ Ձեզ հոս ուղարկած է: Այս կղզիին վրայ հազարաւոր հայ փախստականներ կան, որոնք կարիքը ունին Ձեր հոգատարութեան: Չեմ կրնար թոյլատրել որ մեկնիք: Իմ պատուոյ հիւրս պիտի ըլլաք»: Եւ աւելցուց որ պէտք չէ որեւէ բանի համար մտահոգուէի, որովհետեւ ինքը անձամբ նամակ պիտի ուղարկէր Մեծաւորներուս եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ժողովին: Ոչինչ պատասխանեցի, քանի որ հաստատուն կերպով որոշած էի նաւուն վրայ ըլլալ մեկնումէն առնուազն կէս ժամ առաջ: Եպիսկոպոսը, սակայն, ինծմէ աւելի խորամանկ գտնուեցաւ եւ առանց ինծի բան մը ըսելու՝ մարդ ղրկեց նաւահանգիստ, ճամպրուկներս բերելու եւ նաւապետին լուր տալու որ ուղեւորութիւնս պիտի չշարու նակէի դէպի Իտալիա:

Աւանդատան մէջ մէկը միւսին ետեւէն հաւաքուեցան բոլոր քահանաները եւ անոնց մէջ նաեւ Տ. Գրիգոր Ինճէյեանը, Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ուսանողներէն, որ Քորֆու եկած էր զատկական տօներուն կապակցութեամբ: Մօտեցաւ ինծի եւ ձեռքէս քաշելով, հայերէնով ըսաւ. «Բաւական է, բաւական է աղօթես»: Ուրախութիւնս անսահման էր՝ այդ բարեպաշտ ու եռանդուն քահանային հանդիպելուս համար, որուն համբաւին արդէն իսկ ծանօթ էի: Ան նոյնպէս յուզուած էր այդ անակնկալ հանդիպման պատճառով, որ իրեն իսկապէս նախախնամական կը թուէր, քանի որ Քորֆուի մէջ իր կեցութիւնը չէր կրնար երկարաձգել Ապրիլ 15էն աւելի: Իրեն համար բնական կը թուէր որ ես գրաւէի իր տեղը: Ես բնաւ իրեն համամիտ չէի, բայց Գերպ. Պրինտիզիի կողմէ կատարուած իրողութեան դիմաց գտնուելով, որ նաւէն իջեցնել տուած էր ճամպրուկներս, ստիպուեցայ համակամիլ եւ ընդհատել դէպի Իտալիա ճամբոր դութիւնս:

Աստուծոյ ձեռքն էր որ զիս Քորֆուի մէջ կանգ առնել կու տար: Երբեք միտքէս անգամ չէի անցուցած՝ թէ Յունաստանը գործունէութեանս առաքելադաշտը կրնար դառնալ: Կոստանդնուպոլիսէն հեռացած էի՝ ուղղուած դէպի Իտալիա, ներկայանալու համար Հոգեշնորհ Մեծաւոր Հօրս: Եւ սակայն, առանց ակնյայտ պատճառի մը, յունական դրամի փոխած էի մօտս գտնուած թրքական դրամները, որոնք շօշափելի գումար մը ձեւացուցած էին: Քորֆու կղզին շատ գեղեցիկ է եւ կան ոմանք որ զայն աշխարհի ամենահմայիչ կղզիներէն մէկը կը նկատեն: Կլիման միշտ մեղմ է, թէեւ ձմրան քիչ մը խոնաւ է, յաճախակի պատահող տեղատարափ անձրեւներու պատճառով: Քաղաքը պահպանած է մէկը միւսին յաջորդած նուաճողներուն հետքերը, յատկապէս վենետիկեան քաղաքակրթութեան ազդեցութիւնը: Իսկ անգլիական տիրապետութեան կը պարտի քաղաքին ջրմուղ ցանցը, որ խմելու մաքուր եւ առատ ջուր կը մատակարարէ ամբողջ քաղաքին: Ուզեցի յարգանքի տուրքս մատուցանել Քորֆուի օրթոտոքս մետրոպոլիտ Աթէնակորասին: Զիս իսկոյն ընդունեցաւ մեծագոյն համակրանքով ու բարութեամբ. մինչեւ եպիսկոպոսարանի մուտքը եկաւ, զիս ընդունելու եւ խաղաղութեան համբոյրը տալու համար: Ամբողջովին յուզուած, խօսքը ուղղեց իր սպասաւորին ու ըսաւ. «Համբուրեցէք այս սուրբ քահանային ձեռքերն ու ոտքերը, որ մեր քրիստոնեաներու կեանքը փրկելու համար ինքզինքը կախաղանի վտանգին ենթարկեց»:

Հայ փախստականներու հետ առաջին հանդիպումներս

Քորֆուի մէջ ապաստան գտած էին մօտաւորապէս յիսուն հազար յոյն եւ տասը հազար հայ փախստականներ: Անոնց տխուր ճա կատագիրը կապուած է 1922 թուականին Անատոլուի մէջ յոյներու կրած պարտութեան: Ով որ անձամբ չէ ապրած այդ տխուր օրերը, չի կրնար երեւակայել՝ թէ Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու վրայ ինչպիսի տպաւորութիւն ձգեց յունական բանակին պարտութեան եւ Քէմալ Փաշային յաղթութեան լուրը: Յուշերու այս հատորիս մէջ արդէն պատմած եմ Պոնտոսի քրիստոնեաներուն եղերական վախճանը: Իսկ ի՞նչ վախճան ունեցան Կոստանդնուպոլսոյ քրիստոնեաները: Սարսափահար էին եւ բազմաթիւ ընտանիքներ լըքեցին ամէն բան եւ նաւերու մէջ նետուեցան, երջանիկ՝ գոնէ իրենց կեանքը ազատած ըլլալնուն համար: Երբեք հնարաւոր չեղաւ ճշգրիտ կերպով հաշուել Կոստանդնու պոլիսէն փախած հայ ընտանիքներուն թիւը: Գիտենք, սակայն, որ մօտաւորապէս հարիւր յիսուն հազար հայ ապաստան գտաւ Յունաստանի մէջ եւ ամերիկացիները իրենց որբանոցները տեղափոխեցին Յունաստան, Ռումանիա եւ Սուրիա: Հայկական որբանոցները համեստ կերպով շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը քանի դեռ կրցան ուտելիք եւ հագուստ ստանալ դաշնակից զօրքերէն, բայց հազիւ թէ զօրքերը հեռացան՝ Հայոց Պատրիարքարանի կազմակերպած մարդասիրական բոլոր գործերը հիմնայատակ կործանեցան: Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետը սրտին մօտիկ առաւ կաթողիկէ որբուհիներուն խնդիրը եւ անոնց տրամադրեց Քասթէլ Կանտոլֆոյի առաքելական պալատը, ուր ապաստան գտան մօտաւորապէս չորս հարիւր որբուհիներ: Հոն մնացին մօտաւորապէս տարի մը, այսինքն մինչեւ այն օրը՝ երբ որոշուեցաւ պալատը վերածել տարեց ու հիւանդ Եպիսկոպոսներու առողջարանի: Որբուհիները ղրկուեցան Թորինոյի Աղքատախնամ Մայրապետներու վանքը: Դէպի Փիէմոնթէ մեկնելէ առաջ, մասնակցեցան Սրբազան Քահանայապետին ձեռամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագին եւ անոր ձեռքէն առին Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը: Անոնցմէ քսանը առաջին անգամ կը մերձենային Ամենասուրբ Հաղորդութեան:

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Մեծաւորուհին նոյնպէս հեռացաւ Կոստանդնուպոլիսէն, իր Վարչականներուն եւ բոլոր Քոյրերուն հետ միասին, որոնք նախորդ ջարդերու ատեն արդէն բաւական տառապած՝ չէին կրնար այլեւս շարունակել ապրիլ իսլամ Թուրքիոյ մէջ: Միաբանութեան Մայր Տունը հաստատեցին Հռոմի մէջ, ուր Մալթայի Ասպետներու Մեծաւորի՝ Կալէացցո Թհուն Իշխանի առատաձեռնութեան շնորհիւ կրցան գնել շէնք մը Մայր Տան ու Նորընծայարանին համար, Վինչենցոյ Մոնթի փողոցին վրայ: Քորֆուի փախստականները ընդհանուր առմամբ թշուառութեան մէջ կ՚ապրէին, թէեւ անոնց չէին պակսիր մարդասիրական օգնութիւնները, շնորհիւ յատկապէս Ամերիկայէն առաքուած օգնութիւններուն: Հակառակ այն պարագային, որ իրենք հայ փախստականներէն աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ կը գտնուէին, այնուամենայնիւ յոյն փախստականները աւելի թշուառ պայմաններու մէջ կ՚ապրէին, քանի որ զուրկ էին նախաձեռնութեան ոգիէն եւ ոչինչ կ՚ընէին բարելաւելու համար իրենց կենսավիճակը: Անոնց մէջ այնքան բազմաթիւ էին թոքախտէ, բծատենդէ եւ վարակիչ ուրիշ հիւանդութիւններէ մահացողները, որ իշխանութիւնները ստիպուեցան ընդարձակ գերեզմանատուն մը ստեղծել՝ փախստականները հոն թաղելու համար: Հայերը, մինչդեռ, կղզիին գիւղերուն մէջ ձեռնարկած էին լուցկիի, ասեղներու, թելի, հայելիներու եւ պտուղի փոքրաքանակ առեւտուրին եւ այդ փոքրիկ հասոյթով քիչ թէ շատ բարելաւած էին իրենց վիճակը: Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետը իր սրտին մօտիկ առած էր հայ փախստականներուն խնդիրը եւ անոնց համար առատաձեռն օգնութիւններ ուղարկած էր, անոնց բաշխումը վստահելով Գերպ. Պրինտիզիին: Նոյն կերպով վարուած էր նաեւ Աթէնքի ու Սիւրիոյ փախստականներուն հետ:

«Near East Relief» ամերիկեան որբանոցին մէջ ապաստան գտած էին մօտաւորապէս հինգ հազար հայ որբեր, մանչ ու աղջիկներ: Լաւ կերակրուած էին, լաւ զգեստաւորուած, եւ կը ստանային պատշաճ կրթութիւն մը, ներառեալ հայոց լեզուի, պատմութեան եւ Հայաստանի աշխարհագրութեան դասաւանդումը: Մեծ պատիւ կը վայելէր մարմնամարզութիւնը եւ արշալոյսէն առաջ արդէն ամէնքը մարզարան կը վազէին: Բացարձակ կերպով բացակայ էր կրօնական կրթութիւնը: Աւելին. ուսուցիչներուն խստօրէն արգիլուած էր կրօնի, Յիսուսի, Աւետարանի եւ քրիստոնէական ուսմունքի մասին խօսիլը: Այսպիսով կ՚ուզէին խուսափիլ Հայ Առաքելական Պատրիարքարանի հետ հնարաւոր բախումներէն եւ չէին հասկնար այն մեծագոյն վտանգը՝ որուն ենթարկած էին այդ մանուկները, որ կը կայանար անաստուած մեծնալու մէջ: Այդ որբանոցէն դուրս ելած երիտասարդները բնակութիւն հաստատած էին Տուրղութի թաղամասը, Աթէնքէն մօտաւորապէս երկու հազարամեթր հեռաւորութեան վրայ: Վանդակներէն փախած ընձառիւծներու կը նմանէին եւ անոնց միջեւ յաճախակի էին սանձարձակ կիրքերու պատճառով գործուած սպանութիւնները: Յոյն ոստիկանութիւնն անգամ անոնցմէ կը վախնար եւ չէր համարձակեր անոնց մերձենալ:

Աւելի լաւ էր վիճակը անգլիական որբանոցին մէջ տեղաւորուած շուրջ հարիւրի հասնող որբերուն, որոնց ղեկավարն էր Գէորգ Կառվարենց հայ կաթողիկէ ուսուցիչը, աջակցութեամբ ուրիշ չորս ուսուցիչներու: Առաջին իսկ հանդիպումին խնդրեցին ինծմէ կըրօնա գիտութիւն դասաւանդել, շաբաթը երկու կամ երեք դասաժամ:

Անգլիական աղջիկներու որբանոցը կը գտնուէր Քորֆուի ամենագեղեցիկ շէնքերէն մէկուն մէջ: Տնօրէնուհին լոնտոնցի տիկին մըն էր, ազնուական ու բարեհամբոյր կեցուածքով: Ազդեցիկ հմայք մը ունէր որբուհիներուն վրայ եւ թէեւ Հայ Առաքելական Առաջնորդ Մազլըմեան Սրբազանը յարգելով՝ կրօնք չէր դասաւանդեր, իր բարի օրինակով դէպի իր աղանդը քաշած էր բոլոր ոչ կաթողիկէ աղջիկները: Եթէ ժամանակին չհասնէի, մեր աղջիկները նոյնպէս անկլիքան դարձած պիտի ըլլային: Ան ալ ինծմէ խնդրեց կըրօնագիտութեան դասեր տալ մեր կաթողիկէ որբուհիներուն, որոնք քսանի չափ էին:

Առաքելական հայերը անհովիւ գառներու նման էին: Մազլըմեան Սրբազանը, ապահովելով որ որբանոցներու մէջ կրօնական ոչ մէկ դասաւանդութիւն տրուի, աւելորդ նկատած էր Քորֆուի հայերու համար մնայուն քահանայ մը յատկացնել: Միայն անցողիկ կերպով, Սուրբ Ծնունդին ու Զատիկին, քահանայ մը կու գար Քորֆու, որու գործը կը սահմանափակուէր Սուրբ Պատարագի ծիսակատարութեամբ, Մկրտութեան մատակարարումով եւ Ամուսնութիւններու օրհնութեամբ:

Իսկոյն կապ հաստատեցի ազգակիցներուս հետ:

1923 թուականի Ապրիլ 1ին Քորֆուի բնակչութիւնը կը կատարէր հրաշագործ Սբ. Սփիրիդոնի տօնը, մասունքներու հանդիսաւոր թափօրով, որուն կը մասնակցէր Առաջնորդ Եպիսկոպոսը իր ամբողջ կղերով: Այդ օրը ամբողջ կղզին տօնախմբութեան մէջ էր եւ ամէն կողմէ մարդիկ կու գային Քորֆու, մինչեւ իսկ Փրէվէզայէն, Եոաննինայէն, Պարիէն, Պարլէթթայէն եւ Թրանիէն: Կրօնական շարականները կը հերթափոխէին նուագախումբի եղանակած քայլերգներուն, եւ աննկարագրելի էր ժխորը որ կը տիրէր ամէնուր:

Այդ միեւնոյն օրը հայոց ծիսական օրացոյցին համաձայն տօնն էր Յիսուսի Երուսաղէմ փառաւոր մուտքին: Հայերը յոյներու տօնա կատարութիւններէն բան մը չէին հասկնար եւ Տ. Գրիգոր Ինճէյեանի հետ որոշեցինք հանդիսաւոր կերպով կատարել մեր հայկական սրբազան արարողութիւնները Աւետման եկեղեցւոյ մէջ: Հայ Ծէսի համաձայն, հանդիսաւոր Պատարագի ատեն սովորական քահանան ալ կը կրէ թագ եւ գաւազան, եւ Աթէնակորաս մետրոպոլիտը մեծապէս ազնիւ գտնուեցաւ եւ մեզի փոխ տուաւ իրենները: Եկեղեցին ծայրէ ի ծայր լեցուն էր հայերով ու յոյներով, ներկայ էին նաեւ Վշտակրութեան Մայրապետները իրենց աշակերտուհիներով եւ Մալթայի Քոյրերը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պրինտիզի Արքեպիսկոպոսը, իր քարտուղար Տէր Աղեքսանդր Կուիտաթիի ընկերակցութեամբ: Երգչախումբը եղանակեց Խորհուրդ Խորինը, պատարագիչը հանդիսաւոր կերպով ելաւ աւանդատունէն, գլխուն կրելով թագը, ձախ ձեռքով գաւազանը բռնած, իսկ աջին՝ ձեռախաչ: Խորանին ոտքը հասնելով դարձաւ դէպի ժողովուրդը եւ օրհնեց ներկաները: Երգչախումբը շարունակեց օրհներգը, եղանակելով երկրորդ տունը. «Թագաւոր երկնաւոր, զԵկեղեցի քո անշարժ պահեա՛ եւ զերկրպագուս անուանդ քում պահեա՛ ի խաղաղութեան»: Պահը հանդիսաւոր էր եւ բոլորին հոգիները կը թրթռային յիշելով վերջին Սուրբ Պատարագը, որուն մասնակցեցան պանդխտութեան ուղին բռնելէ առաջ: Ընդհանուր յուզմունքը անզսպելի էր եւ բոլորը փղձկալով սկսան լալ: Գերպ. Պրինտիզին փորձեց ձեռքը վեր բարձրացնելով լռութեան հրաւիրել, բայց ինքն ալ չդիմացաւ եւ լալու սկսաւ ամէնքէն աւելի ուժեղ: Ամբողջ արարողութիւնը խոր ամփոփումի մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ: Ծիսական երգեցողութիւնը անթերի կատարուեցաւ, իսկ Աւետարանին յաջորդած քարոզը ունկնդրուեցաւ մեծ հաւատքով ու բարեպաշտութեամբ:

Այդ օրուան Երեկոյեան Ժամերգութիւնը նոյնպէս հանդիսաւոր կերպով կատարեցինք, որուն յաջորդեց արմաւենիներով թափօրը, ինչպէս կը պահանջէ Հայ Ծէսը:

Նման հանդիսաւորութեամբ կատարեցինք Աւագ Հինգշաբթի եւ Աւագ Ուրբաթ օրերու արարողութիւնները: Մեր հաւատացեալները բարեպաշտութեամբ մերձեցան Ամենասուրբ Հաղորդութեան, շարժելով ոչ կաթողիկէներու բարի նախանձը, որոնցմէ շատերը որոշեցին անցնիլ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գիրկը, խորհուրդներու մատակարարման մխիթարութիւնն ունենալու համար:

Աւագ Ուրբաթ օրը, Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքը կատարելէ յետոյ, քարոզ մը խօսեցայ Տիրոջ չարչարանքներուն մասին: Ինչպիսի՜ ողորմելի վիճակի մէջ յայտնուեցայ: Որքա՜ն ջանք գործադրեցի խօսքերը գտնելու համար: Տ. Գրիգորը նուրբ զուարճախօսութեամբ ըսաւ որ թուրքերու խարազանի հարուածները յիշողու թիւնս թռցուցած էին: Ամբողջովին իրաւացի էր:

  

 

 ԳԼՈՒԽ Բ.

Արարատեան Վարժարանը – Արարատեան Վարժարանի նոր ու վայելուչ տեղը – Հայ Ծէսի որդեգրումը – Հայոց Ցեղասպանութեան վճռագրին տարելիցը – Մեր տան մէջ – Ուսումնական տարուան հանդիսաւոր փակումը

Արարատեան Վարժարանը

Ընտանիքներու տուները եւ որբանոցները այցելելով, Տ. Գրիգոր Ինճէյեանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն օգնութիւններուն համար, որոնք մեր փախստականները կը ստանային ամերիկացիներէն: Սակայն Փախստականները բնաւ գոհ չէին իրենց վիճակէն, չէին ուզեր գնչուներու նման մուրացկանութեամբ ապրիլ, չէին ուզեր ուրիշին բեռ ըլլալ, կ՚ուզէին աշխատիլ: Տ. Գրիգորն ու ես կը կարծէինք թէ աշխատանք գտնելը այս աշխարհի ամէնէն դիւրին բաներէն մէկն է, ուստի իսկոյն աշխատունակ մարդոց ցանկ մը պատրաստեցինք, նշելով իւրաքանչիւրին մասնագիտութիւնը, եւ վստահեցուցինք որ երկու կամ երեք օրէն բոլորն ալ պիտի ունենային պատշաճ կերպով վարձատրուած աշխատանք մը: Երիտասարդները երջանիկ էին, մինչ տարեցները կը սահմանափակուէին շնորհակալութիւն յայտնելով մեր բարի կամքին ու յանձնառութեան համար:

Գործի անցանք եւ այցելեցինք բոլոր գործարանները, խանութներն ու արհեստանոցները: Ամէնուրեք կտրուկ մերժում: Միայն Պրն. Ասփիոթիսը խնդրեց արեւելեան գորգերու գծագրիչ մը եւ մօտ յիսուն ջուլհակ, առաջարկելով չնչին աշխատավարձ մը: Բարեյաջող սկզբնաւորութիւն մը եղաւ, որովհետեւ քանի մը օր անց միեւնոյն խնդրանքը ստացանք դանիական առաքելավայրէն եւ ամերիկեան ու անգլիական որբանոցներու տնօրէնութիւններէն: Կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին արեւելեան գորգերու արտադրութիւնը տարածուեցաւ Սալոնիքի, Փաթրասի, Աթէնքի, Քաւալայի մէջ, ողողելով ամբողջ Յունաստանը եւ արտահանելով դէպի Եւրոպա ու Ամերիկա: Այո՛, օգնութիւն մըն էր մեր փախստականներուն համար, բայց իրականութեան մէջ չնչին բան մըն էր:

Մեր փախստականներու միւս դժգոհութիւնը ազգային դպրոցներու բացակայութիւնն էր, ուր կարենային ուսման ղրկել իրենց զաւակները: Դժգոհ էին նաեւ որբանոցներու մէջ կրօնական դասաւան դութեան բացակայութենէն: Հարկաւոր էր բան մը ձեռնարկել եւ ես իսկոյն գործի անցայ: Տ. Գրիգորը խանդավառութեանս մասնակից չէր եւ խորհուրդ կու տար խոհեմ ըլլալ, քանի որ դպրոցի մը հիմնարկութիւնը կը պահանջէր գործակցութիւնը աշխարհական ուսուցիչներու եւ վարձակալումը յարմար կառոյցներու, իսկ ես տըրամադրութեանս տակ դրամատուն մը չունէի:

Գերպ. Պրինտիզին համախոհ չգտնուեցաւ Տ. Գրիգորի յոռետեսութեան եւ յորդորեց զիս անմիջապէս բանալ դպրոցը, առաջարկելով ինծի վարձել գերեզմանատան քովի շինութիւնը եւ խոստանալով նամակ մը ղրկել Հռոմ, օգնութիւն մը ստանալու դիտաւորութեամբ: Բայց ինծի աւելի յարմար թուեցաւ Փոթամոյի բնակիչ պարոնի մը առաջարկը, որ անվճար կերպով տրամադրութեանս տակ կը դնէր ընդարձակ սրահ մը, որ կարող էր ընդունիլ յիսունի չափ աշակերտներ: Անոր անմիջապէս երկու հարիւր երեսուն տրախմի տուի յատակը նորոգելու համար: Վերադարձայ երկու օր յետոյ: Բարերարս ընդունեցաւ զիս մեծ պատուով եւ շարունակ զիս պարոն ու գերապայծառ կ՚անուանէր, կարծես թէ Եպիսկոպոս ըլլայի: Ան իր հանդարտութիւնը անայլայլ պահեց նաեւ երբ սրահ մտնելով՝ յատակը ջարդ ու փշուր եղաւ մեր ոտքերուն տակ: Ըսաւ, որ նախապէս ստացած դրամը բաւարարած էր միայն ճեմիշներու ջրահոսքը նորոգելու համար, իսկ յատակի նորոգութեան համար հարկաւոր էր տակաւին հինգ հարիւր տրախմի: Ձախորդ համաձայնութիւն մը կնքած էի եւ ներկայ հայերը մեր լեզուով ըսին որ լաւ կ՚ընէի եթէ հեռու կենայի այդ խաբեբայէն, քանի որ այդ տունը բանի մը պիտանի չէր եւ ոչ ոք պիտի ուզէր վարձել զայն: Այսպիսով ի դերեւ ելաւ Փոթամոյի մէջ դպրոց բանալու ծրագիրը: Եղելութիւնը պատմեցի Գերպ. Պրինտիզիին եւ հանդիսաւոր յանդիմանութիւն մը ստացայ, որովհետեւ թոյլատրած էի որ յոյները խաբէին զիս, եւ խորհուրդ չէի հարցուցած իրեն, որ լաւ կը ճանչնար յոյները: Կրկին առաջարկեց վարձել գերեզմանատան քովի շինութիւնը, ամիսը երեք հարիւր յիսուն տրախմի վարձով, իսկ կահաւորումի համար յանձնարարեց ընդունակ ու ազնիւ փայտագործ մը: Միայն անցողիկ կերպով տեսած էի այդ շինութիւնը, երբ Տ. Գրիգոր Ինճէյեանի հետ այցելած էի գերեզմանատունը: Բայց այդ ատեն զիս բնաւ չէր հետաքրքրած: Վերադարձայ կաթողիկէ մալթացիներու ժողովրդապետ Հ. Յովակիմ Տէմիքոլիի ընկերակցութեամբ: Հազիւ հինգ փոքրիկ սենեակներ կային, որոնք բոլորը միասին կարող էին յիսունի չափ աշակերտ ընդունիլ, մինչ իմ փափաքս էր առնուազն հարիւր աշակերտ հաւաքել: Ասկէ զատ, հարկաւոր էր առողջապահական յարմարութիւնները հոգալ: Հ. Յովակիմը ինծի համար գործաւորներ գտաւ իր ժողովրդապետութենէն, որոնք իրեն ծանօթ էին ու վստահելի:

Աշխատանքները սկսելէ առաջ կը փափաքէի տեսակցիլ Գերպ. Պրինտիզիի հետ, յուսալով որ ան աշխատանքները իր ծախսով ընել տար, բայց ամբողջ օրուան ընթացքին անհնարին եղաւ գտնել զինքը: Մինչ այդ ամէնուր տարածուած էր հայկական դպրոցի մօտակայ բացման լուրը եւ ուշ երեկոյեան, մինչ եպիսկոպոսարան կը վերադառնայի, մուտքին զիս կեցուցին երեք հայ երիտասարդներ. Ալեքսան Կիւտենեան, Վրոյր Հալէպեան եւ Նշան Պէշիկթաշլեան: Երեքն ալ դասաւանդած էին Կոստանդնուպոլսոյ դպրոցներու մէջ եւ եկած էին առաջարկելու ինծի իրենց գործակցութիւնը: Ընդունեցայ զիրենք եւ յաջորդ օրը առաւօտեան ստորագրեցինք մեր կանոնական համաձայնագիրը, որով կը պարտաւորուէի ամիսը հազար տրախմի վը ճարել Ալեքսանին եւ հինգհարիւրական տրախմի Վրոյրին ու Նշանին: Եւ ոչ իսկ յաջորդ օրը առաւօտեան հնարաւորութիւնը ունեցայ տեսակցելու Գերպ. Պրինտիզիի հետ: Սուրբ Պատարագի ծիսակատարութենէն յետոյ, զոր կատարեցի ձեռնարկիս բարեյաջող ընթացքի դիտաւորութեամբ, գացի գերեզմանատուն: Հոն իմ երեք ուսուցիչներս գտայ, երեք կամ չորս հայ աղջիկներու ընկերակցութեամբ: Սենեակները կը մաքրէին եւ այնքան երջանիկ էին որ ուրախ ուրախ կ՚երգէին: Հազիւ թէ մօտենալս նշմարեցին, լռեցին եւ լուրջ կերպարանք առին: Քայլերս արագցուցի եւ ըսի որ պէտք է միշտ ուրախ ըլլային ու շարունակէին երգել: Կարծես թէ նախապէս համաձայնած ըլլային, երեքը միասին բացականչեցին. «Հայր սուրբ, ինքզինքնիս թագաւորի մը նման երջանիկ կը զգանք, եւ դե՛ռ աւելի: Կեցցէ՛ Կաթողիկէ Եկեղեցին»:

«Կեցցէ՛ Յիսուս», բացականչեց տասներկուամեայ աղջնակ մը:

«Կեցցէ՛ Սրբազան Քահանայապետը», գոչեց Նշանը:

«Կեցցէ՛ Մարիամ Աստուածածինը», աւելցուց ուրիշ աղջնակ մը:

Այդ թանկագին որդեակներու բերկրանքը յուզեց զիս եւ սըրտիս խորքէն երախտագիտութեան օրհներգ մը բարձրացաւ դէպի բարին Աստուած, որ ներշնչած էր ինծի դպրոց հիմնելու գաղափարը: Կայացուցած որոշումներուս հապճեպը զարմանք պատճառեց Գերպ. Պրինտիզիին: Սկսաւ խորհուրդներու շարանը. պէտք է շատ զգոյշ ըլլայի, որովհետեւ չափազանց երիտասարդ էի եւ յոյները չէի ճանչնար: Բայց ինչպէ՞ս կրնայի սպասել, երբ մանուկները կը թափառէին փողոցներու մէջ եւ անոնց մտային կրթութիւնն ու բարոյական դաստիարակութիւնը լուրջ վտանգի ենթակայ էին:

Մեր դպրոցը անուանակոչեցինք «Արարատեան Վարժարան» եւ արձանագրութիւններուն սկիզբ տուինք Ապրիլ 17ին: Նոյն Ապրիլ 19ին սկիզբ տուինք դասաւանդութեան, հարիւր քսանհինգ աշակերտով: Ինչպիսի՜ զարմանք էր տեսնելը՝ թէ ինչպէս գաղթավայրի պայմաններու մէջ մեծցած այդ մանուկները անմիջապէս կ՚ենթարկուէին խիստ կարգապահութեան: Աշակերտութիւնը նախակրթարանի երեք դասարաններու եւ մանկապարտէզի մէկ դասարանի բաժնեցինք: Ընդհանուր կարգապահութիւնը յանձնուեցաւ Ալեքսանին, որ ուսուցիչներուն մէջ ամենատարեցն էր: Նշանին յանձնուեցաւ հայերէն լեզուի դասաւանդումը, իսկ ես յանձն առի կրօնագիտութեան, ֆրանսերէնի, եկեղեցական ու հայրենասիրական երգեցողութեան դասաւանդումը: Մանկապարտէզի աշակերտները յանձնեցինք Վրոյրին. բաւականաչափ սենեակներ չունենալու պատճառով, իրենց դասերը բացօթեայ կ՚ընէին, Հարթավայր կոչուած պուրակին մէջ:

Յունարէն լեզուի դասաւանդութեան համար Նշանը ինծի ներկայացուց Աթէնքի համալսարանը աւարտած իր ընկերներէն մէկը, որ յօժարակամ յանձն առաւ օրը երեք ժամ դասաւանդել առանց վարձատրութեան, ինչպէս ինքը կ՚ըսէր՝ Երկնքի Արքայութիւնը շահելու համար: Շատ գեղեցիկ խօսքեր էին, որոնց սակայն չհամապատասխանեց իրականութիւնը: Անվճար եւ միայն Աստուծոյ սիրոյն համար աշխատող այդ ուսուցիչը չէր հանդուրժեր ոչ մէկ նկատողութիւն, ո՛չ երբ ուշ կու գար դասի, ո՛չ երբ ժամանակ կը վատնէր տխմարութիւններ պատմելով: Ասկէ զատ, ուսումնական տարուան աւարտին ինծմէ նուէրներ պահանջեց, որոնք շատ աւելի սուղ արժեցին ինծի՝ քան եթէ կանոնաւոր աշխատավարձ վճարած ըլլայի իրեն:

Արարատեան Վարժարանի բացումին օրը մխիթարութիւնը ունեցայ Աքիլլիոնի առաքելական որբերէն լսելու իրենց ինքնակամ խնդրանքը՝ ներկայ ըլլալու կրօնագիտութեան դասերուն, որոնք կու տայի կաթողիկէ աշակերտներուն: Այդ նոյն օրը ստացայ Եկեղեցւոյ պաշտօնական յանձնարարագիրը, որով կը թոյլատրուէր ու կը հրամայուէր ինծի զբաղիլ Քորֆուի փախստական հայրենակիցներովս:

Գերպ. Պրինտիզին յանձն առած էր հարցս անձամբ ներկայացնելու իմ Հոգեշնորհ Մեծաւոր Հօրս եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ժողովին, խնդրելու համար հարկաւոր թոյլատրութիւնները:

Բայց ոչինչ ըրաւ եւ ես անձամբ դիմեցի Հռոմ:

Հոգեշնորհ Հ. Մէլքիոր Պենիզան, Միաբանութեանս Ընդհանուր Մեծաւորը, շատ գեղեցիկ նամակ մը ղրկեց, գովելով առաքելավայրերու մէջ աշխատանքս շարունակելու փափաքս, հակառակ այն տառապանքներուն ու հիւանդութիւններուն, որոնք հետեւանքն էին թուրքերու հասցուցած անգութ տանջանքներուն:

Գերպ. Ֆիլիփփոյ Ճոպպէի նամակը կը տեղեկացնէր, որ վերահաստատուած էր հայ ծէսով պատարագելու եւ խորհուրդները մատակարարելու իշխանութիւնս, որ ժամանակին շնորհուած էր ինծի Տրապիզոն եղած ատենս: Ասկէ զատ, այդ արժանապատիւ հոգեւորականը կը վստահեցնէր թէ շուտով պիտի ստանայի հայ ծէսի սրբա զան զգեստներն ու ծիսական գիրքերը: Այդ եղաւ Գերպ. Ճոպպէի բարեացակամութեան առաջին արտայայտութիւնը ինծի հանդէպ եւ այդ օրէն ան իմ իմաստուն խորհրդատուս ու կանխատես պաշտպանս դարձաւ:

Արարատեան Վարժարանի նոր ու վայելուչ տեղը

Մեծ հանդիսաւորութեամբ ու կրօնական վայելչութեամբ կատարած էինք մեր գաղթավայրի անդամներէն Ներսէս Պալթայեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Նոյն օրուան երեկոյեան ընթրիքի ատեն Գերպ. Պրինտիզին շարունակ կը դրուատէր մեր աշակերտներուն բարեպաշտ կեցուածքը ամբողջ արարողութեան ընթացքին: Ամբողջովին խանդավառ, առաջարկեց տեղափոխել մեր դպրոցը այն պալատին մէջ որ ինքը վարձու տուած էր Իտալացի Միսիոնարներու Ազգային Ընկերակցութեան:

Առաջին հայեացքէն սքանչելի գաղափար թուեցաւ ինծի, բայց պահ մը խորհրդածելէ յետոյ մերժեցի առաջարկը, նախեւառաջ որովհետեւ Գերապայծառը իրաւասու չէր տնօրինելու այն տարածքները, որոնք օրինաւոր կերպով վարձակալուած էին, եւ երկրորդ՝ որովհետեւ աշակերտներս, որոնք աղքատ էին, բոպիկ ու կիսամերկ, ինքզինքնին ստորնացած պիտի զգային իտալական շքեղ դպրոցին մէջ, որու աշակերտները Քորֆուի, Փրէվէզայի ու Ալպանիայի ամենահարուստ ընտանիքներու զաւակներն էին, բոլորն ալ ճոխ հագուած, բարետես եւ ազնուական սովորոյթներով:

Իտալական դպրոցը տասնմէկ աշխարհական ուսուցիչ ունէր, եւ Տ. Ռուճճիէրի քահանան՝ կրօնի դասաւանդութեան համար: Ուսուցիչներու այդպիսի բազմութեան համապատասխան չէր աշակերտներու թիւը, որոնք ընդամէնը եօթն էին: Յանուանէ ենթակայ էր Գերպ. Պրինտիզիին, որու ներկայացուցիչն էր Տ. Ռուճճիէրին, բայց գործա դիր կառավարումը յանձնուած էր Պրն. Լապաթէին:

Գերպ. Պրինտիզին այնպիսի մէկը չէր, որ դիւրաւ փոխէր իր կարծիքը, եւ մեր դպրոցի տեղափոխութեան կապակցութեամբ իր այդ որոշումն ալ չփոխեց:

Ապրիլ 21ին, յետ միջօրէի, ընդունելով հրաւէրս, Գերապայծառը իր այցելութեամբ պատուեց մեր դպրոցը: Բաւականաչափ ընդարձակ սրահ չունենալով, զինք ընդունեցանք գերեզմանատան ծառուղիի ճամբուն վրայ: Ծափահարութիւններն ու տօնական բացականչութիւնները կարծես վերջ չունէին: Երգեցինք Յունաստանի ազգային քայլերգը եւ հայկականը՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի «Փամ բորոտան»ը: Յաջորդեցին Ալեքսանի բարի գալուստի խօսքը հայերէնով, զանազան երգեր ու բանաստեղծութիւններ: Փոքրիկ Վարդուհին քըրտերէն լեզուով երգեց իր ջարդուած եղբայրներուն ուղղուած եղերերգութիւն մը: Կու լար փոքրիկ քրտուհին եւ կու լային այն հայերը՝ որոնք կը հասկնային քրտերէն լեզուն: Վերջին խօսք առնողը եղաւ Գերպ. Պրինտիզին: Ամէն ինչէն խանդավառ էր եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ հիւսելով անմահ Հայաստանի գովքը եւ խոստանալով ընդարձակ սրահներ, որոնք կրնային ընդունիլ բոլոր հայ աշակերտները: Ծափահարութիւններու եւ կեցցէներու անվերջանալի ալիք մը պսակեց Գերապայծառին խոստումը. «Կեցցէ՛ հիւրընկալ Յունաստանը: Կեցցէ՛ Գերպ. Պրինտիզին: Կեցցէ՛ Քորֆուն: Կեցցէ՛ Կաթողիկէ Եկեղեցին: Կեցցէ՛ Պիոս Տասնըմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետը, հայերու բարերարը»: Մէկն ալ աղաղակեց. «Թող վերանան թուրքերը», բայց ես ճշտեցի. «Թող դարձի գան թուրքերը, թող վերանայ մահմէտական կրօնքը»:

Գերապայծառը ինքն իրմէ դուրս յափշտակուած էր հայերու կողմէ իրեն ընծայուած պատիւներուն պատճառով եւ զգացումներուն յորձանքը լիցքաթափելու համար ընթրիքի հրաւիրեց Տ. Կուիտաթի քահանան: Շատախօսութիւնը վերջ չունէր եւ ես, սեղանի մօտ նստած, հանդարտօրէն քուն մտայ: Գերապայծառը ամբողջ ուժով զիս ցնցեց, ըսելով. «Է՛յ, Հայր Կիւրեղ, ի՞նչ կ՚ընէք, կը քնանա՞ք: Երկուշաբթի օրը պէտք է տեղափոխէք հայկական դպրոցը արքեպիսկոպոսարանի սենեակներուն մէջ: Ձեր ներկայութիւնը նեղութիւն պիտի չըլլայ իտալացիներուն համար: … Պէտք է հնազանդիք ինծի, քանի որ ես Արքեպիսկոպոսն եմ, իսկ դուք քափուչին մըն էք եւ տակաւին նոր եկած ըլլալով Քորֆու՝ չէք ճանչնար ո՛չ յոյները եւ ո՛չ ալ իտալացիները: Ես զիրենք լաւ կը ճանչնամ, քանի որ ծնած եմ Յունաստան, իսկ իմ նախահայրերս վենետիկցիներ էին, Մորիքոնի ազնուական ընտանիքէն: …»:

Ի՞նչ կրնայի ըսել այսքան յստակ ու բացայայտ պատճառաբա նութեան դիմաց: Կէսգիշերը անց էր, բարի գիշեր մաղթեցի ու սենեակ քաշուեցայ:

Յաջորդ օրը, Ապրիլ 22ին, Գերապայծառը հրապարակաւ յայտնեց Արարատեան Վարժարանը տեղափոխելու որոշումը: Տեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 25ին: Իտալական դպրոցի տնօրէնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտները մեզ դիմաւորեցին դպրոցի մուտքին եւ Տ. Կուիտաթին առաջնորդեց մեզ դէպի մեծ հանդիսասրահը: Համառօտ խօսք մը ուղղեցի մեր աշակերտներուն, յորդորելով ըլլալ կարգապահ եւ պատիւ բերել մեր Հայրենիքին ու մեր Մարտիրոսներուն, որոնց զաւակներն էին իրենք: Պնդեցի անձնական մաքրութեան վրայ, որ մեր դպրոցը յաճախելու անհրաժեշտ պայմանն էր: Մօտ հարիւր վաթսուն աշակերտ ունէինք, ներառեալ մանկապարտէզի յիսուն մանուկները, բայց դասասենեակները բաւական էին, թէեւ դասարանները խառն էին: Անդադար ու խիստ հսկողութեամբ կ՚ապահովուէր կարգապահութիւնը, բայց պէտք է աւելցնեմ որ մեր աշակերտները առանց հսկողութեան ալ արդէն կարգապահ էին: Անկասկած անոնց վրայ կը հսկէին եւ անոնց համար կ՚աղօթէին իրենց մարտիրոս հարազատները:

Հայ Ծէսի որդեգրումը

Արդէն իսկ իշխանութիւն ունէի խորհուրդները Հայ Ծէսով մատակարարելու, բայց չունէի Հայ Ծէսի սրբազան զգեստները: Չէի ուզեր յետաձգել այս մխիթարութիւնը իմ հաւատացեալներուս եւ Կիրակի, Ապրիլ 22ին, Սուրբ Պատարագը կատարեցի ըստ Հայկական Ծէսի, բայց լատինական զգեստներով: Ոչ մէկուն լուր տուած էի, ուստի ներկայ հայերը հազիւ թէ յիսուն հոգի էին: Անհասկացողութիւններու ու գայթակղութիւններու առիթ չէի ուզեր տալ, հետեւաբար՝ երիտասարդներուն բացատրեցի որ այդ զգեստները լատինական էին, իսկ տարեցներէն խնդրեցի չորակաւորել զիս իբրեւ գառնուկի մորթ հագած գիշատիչ գայլ, քանի որ բնաւ մտադիր չէի զիրենք դէպի Լատին Եկեղեցին քաշել: Բացատրեցի որ շուտով պիտի ծիսակատարէի մեր հայկական Ծէսի սրբազան զգեստներով: Խնդրեցի նաեւ տարածել լուրը, որ յաջորդ Կիրակի եկեղեցին լեցուն կ՚ուզէի ինչպէս Սուրբ Զատիկին օրը: Քարոզի աւարտին, բարի ծերուկ մը բացականչեց. «Շնորհակալ ենք, Հայր Սուրբ: Թող Տէրն մեր Յիսուս քեզ երկար տարիներ Իր Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ պահէ»: Ժողովուրդն ալ պատասխանեց. «Ամէն»:

Հայ Ծէսի սրբազան զգեստները ստացայ Ապրիլ 27ի երեկոյեան: Բաց կանաչ գոյնի էին եւ զգեստներու հետ միասին կային նաեւ գեղեցիկ սկիհ մը, խորհրդատետր, մաշտոց եւ յիսուն տոլարի վճարագիր մը: Աննկարագրելի էր ուրախութիւնս. Նախախնամութիւնը ինծի ընդառաջ կու գար ճիշտ պէտք եղած վայրկեանին, երբ պարտաւոր էի վճարել նստարաններու, գրատախտակներու, տետրակներու եւ գրենական ա՛յլ պիտոյքներու պարտքը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուս աշխատավարձը:

Գերպ. Պրինտիզին ինքը ուզեց գանձել վճարագրին գումարը, ինչպէս միշտ մտահոգ որ յոյները չխաբէին զիս:

Մեր դպրոցին մէջ շաբաթ օրը արձակուրդ էր, որովհետեւ այդ օրը մայրերը իրենց զաւակներուն զգեստները կը լուային, որոնք փոխնորդ զգեստներ չունենալով՝ այդ օրը անկողինի մէջ կ՚անցընէին: Տուն վերադարձիս ճանապարհին հանդիպեցայ մեր աշակերտուհիներէն մէկուն, որ կուժով ջուր կը կրէր: Խնդրեցի իրմէ հաղորդել մայրիկին որ իր օգնութեան կարիքը ունէի մինչեւ կէսօր, եւ հետեւաբար իր զգեստները կէսօրէ ետք լուար: Յանձնարարութիւն տուի տեղեկացնելու մեր բոլոր ազգակիցներուն, որ վերջապէս ստացած էի Հայ Ծէսի սրբազան զգեստները, հետեւաբար՝ վաղը Սուրբ Պատարա գը պիտի մատուցանէի հայածէս արարողութեամբ:

Յաջորդ օրը ոչինչ կը պակսէր Սուրբ Պատարագի հանդիսաւոր ծիսակատարութեան համար. ունէի Գերպ. Ճոպպէի ուղարկած սրբազան զգեստները, փայտագործի մը կողմէ պինդ փայտէ պատրաստուած ձեռախաչն ու գաւազանը, Վշտակրութեան Մայրապետներու ձեռամբ կարուած քահանայական թագը, եւ յատկապէս՝ եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր ինչպէս Ծաղկազարդին ու Սուրբ Զատիկին օրը:

Հայոց ցեղասպանութեան վճռագրին տարելիցը

Ապրիլ 24ին տարելիցն էր Թալաաթ Փաշայի արձակած անմարդկային հրամանագրին, որով կ՚ուզէր բնաջնջել Հայ Ազգը: «Վա՜յ մեզի», կ՚ըսէր, «եթէ հայերուն ջարդը ամբողջական չըլլայ»: Տխուր տարելիցը կը յիշատակէին Կոստանդնուպոլսոյ մեր ազգակիցները, մինչդեռ Քորֆուի հայերը, որոնք բնիկ Զմիւռնիայէն, Ադալիայէն, Քոնիայէն ու Պրուսայէն էին, տեղեակ չէին այդ յիշատակութեան: Ես զայն մտաբերեցի Ապրիլ 23ին, կէսօրէ ետք, եւ պարտք համարեցայ հետեւիլ Կոստանդնուպոլսոյ հայերու սովորութեան: Այդ մասին խօսեցայ Պրն. Գէորգ Կառվարենցին հետ, բայց ան շեշտեց թէ ժամա նակ չունէինք հրապարակային այնպիսի ցոյց մը կազմակերպել, որ արժանավայել ըլլար մեր Մարտիրոսներուն յիշատակին: Ես, սակայն, լաւ գիտէի որ ան տաղանդաւոր բանաստեղծ էր ու երգահան, եւ բաւական էր իր հայրենասիրական լարերուն դպչիլ՝ որպէսզի յանգերը թրթռալով բխէին ինչպէս զուլալ աղբիւրի ջուրը:

Գերպ. Պրինտիզին ոչ միայն թելադրեց օրուան յայտագիրը այսինքն՝ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ Մայր Տաճարին մէջ, Մարտիրոսներուն յիշատակը ոգեկոչող ճառ մը յունարէն լեզուով եւ բանախօսութիւն մեր դպրոցին մեծ հանդիսասրահին մէջ այլ նաեւ հրաւիրեց զիս ընկերակցելու իրեն քաղաքին փողոցներուն մէջ, բոլորին յայտարարելու համար որ վաղը հայերու ազգային սուգի օրն էր եւ հետեւաբար՝ դպրոցները պէտք է փակ մնային:

Հանդիսաւոր հոգեհանգիստին մասնակցեցաւ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս յոյներու հոծ բազմութիւն մը, եւ Աթէնակորաս մետրոպոլիտը: Պատարագեց Հ. Յովակիմ Տէմիքոլին, իսկ Մարտիրոսներուն յիշատակը ոգեկոչող ճառը խօսեցաւ Տ. Արլոթթա քահանան: Խօսք առին նաեւ Գերպ. Պրինտիզին եւ Աթէնակորաս մետրոպոլիտը:

Մեր տան մէջ

Ոտքերուս ցաւը օրէ օր կ՚աւելնար, բայց Տէրը զօրավիգ էր ինծի եւ կը շարունակէի քալել ու աշխատիլ: Դպրոցս մեծ հրապոյր ունէր մեր ազգային շրջանակներուն մէջ եւ, հետեւելով իտալական դպրոցի տնօրէն Պրն. Լապաթէի խորհուրդին, ստացայ կառավարական վաւերացումը: Քորֆուի Կուսակալը այնքան ազնիւ գտնուեցաւ, որ իր քարտուղարին շարադրել տուաւ Կրթութեան Նախարարութեան ուղղուած դիմումը:

Նախազգացումս, այսինքն որ անյարմար վիճակի պիտի մատնուէինք իտալական դպրոցէն ներս, շուտով սկսաւ իրականանալ: Լսեցի՝ թէ ինչպէս իտալացի պատանի մը տնօրէնին կը սպառնար լքել իտալական դպրոցը եւ տեղափոխուիլ յունական դպրոց, վստահ որ իր օրինակին պիտի հետեւէին իր բոլոր ընկերները:

Այդ պատահարէն երկու օր անց ուսուցչարան կը գտնուէի եւ մտամփոփ կը ստուգէի աշակերտներուս լուծած վարժութիւնները: Ներս մտան իտալացի ուսուցիչները: Ես ազնուօրէն բարեւեցի, բայց անոնցմէ ոչ մէկը պատասխանեց ողջոյնիս: Չհասկնալ ձեւացուցի եւ իրենք ալ ձեւացուցին անգիտանալ իմ ներկայութիւնս, բացառութեամբ երաժշտութեան ուսուցիչին, որ բարձր ձայնով կը հարցնէր՝ թէ հայերը ի՞նչ իրաւունքով կը գտնուէին Ծերակուտական Սքիափփարէլլիի հովանաւորութեան տակ գտնուող Իտալական Ազգային Ընկերակցութեան դպրոցին մէջ:

Իրականութեան մէջ չէի կրնար յանցաւոր նկատել այդ ուսուցիչը, բայց Գերպ. Պրինտիզին զիս խղճահարի մը նման պնդագլուխ որակեց, ըսելով որ այդ պարոնը ոչ մէկ իրաւունք ունէր միջամուխ ըլլալու ուրիշներու գործերուն եւ որ Արքեպիսկոպոսը իտալական դպրոցին բացարձակ տէրն էր: Վերջացուց ըսելով որ պէտք է շարունակէի դպրոցս այդ շէնքին մէջ պահել, քանի որ ինքն էր ամէն ինչին պատասխանատուն, իսկ ինծի կ՚իյնար միմիայն հնազանդիլ:

Գեղեցիկ խօսքեր էին, բայց բաւական չէին զիս հանդարտեցնելու համար: Յաջորդ օրը կ՚ամչնայի դպրոցին մէջ հանդիպիլ իտալացի ուսուցիչներուն: Այնքան գէշ կը զգայի, որ անհանգստութիւնս անկարող էի թաքցնել նոյնիսկ իմ աշակերտներէս: Ջղայնութիւնս նուաղութեան հասցուց մարմինս, գլուխս սեղանին կռթնցուցի ու խոր քուն մտայ: Աշակերտներս խելօք խելօք սպասեցին արթըննալուս:

Այդ միեւնոյն օրուան առաւօտեան Գերպ. Պրինտիզին այցելեց իտալական դպրոց եւ չեմ գիտեր ինչ պատճառով, իտալացի ուսուցիչներուն հետ զրուցած ատեն, ըսաւ որ հայերը բնաւ խեղճ աղքատներ չէին եւ թէ Հայր Կիւրեղը օրական հազարաւոր տրախմիներ կը շահէր հարուստ ընտանիքներուն տուած իր անձնական դասախօսութիւններով եւ դաշնամուրներ նորոգելով: Եւ յետոյ Աստուած միայն գիտէ՝ թէ որքան դրամ կը ստանար Հռոմէն:

Տ. Ռուճճիէրին շտապեց հաստատել Գերպ. Պրինտիզիին խօսքերը. Հայր Կիւրեղը հարուստ է եւ ինքը կրնար վկայել ատոր, որովհետեւ անձամբ գանձած էր ինծի ղրկուած յիսուն տոլարանոց վճարագիրը: Կ՚եզրակացնէր ըսելով, որ եթէ ուզէի՝ կրնայի իտալական դպրոցէն շատ աւելի շքեղ շէնք մը վարձել իմ իսկ դրամներովս:

Յետ միջօրէի, Գերպ. Պրինտիզին փափաք յայտնեց որ ընկերանամ իրեն իր սովորական զբօսանքի ատեն: Ատիկա իւրօրինակ զբօսանք մըն էր Արքեպիսկոպոսարանէն մինչեւ Աւետման եկեղեցւոյ հրապարակը, որուն Գերապայծառը կը յատկացնէր չորսէն հինգ ժամ, մտնելով ուտեստեղէն վաճառող բոլոր խանութները, համտեսելու համար լոխում, աղի մէջ դրուած ձկնիկներ, պտղահամ շաքարներ եւ այլն: Քանի մը ափ շաքար ալ կը վերցնէր բաժնելու համար այն փոքրիկներուն, որոնք ճանապարհին կը վազէին իր աջը համբուրե լու: Բոլոր ապրանքները կը գովէր, բայց ոչինչ կը գնէր: Տուն վերադարձանք ժամը 22ը անց եւ այնքան յոգնած էի որ ընթրելու փափաք բնաւ չունէի: Կը նախատեսէի որ յոգնութիւնը եւ օրուան խռովքն ու տպաւորութիւններս պիտի չձգէին որ քուն մտնեմ, բայց չէի կրնար կանխատեսել վերջին հարուածը որ պիտի ստանայի այդ երեկոյեան: Լռութիւնը յանկարծակիօրէն խզելով, Գերապայծառը ըսաւ ինծի. «Հայր Կիւրեղ, պէտք է ուրիշ տեղ փոխադրէք ձեր դպրոցը: Հաղորդեցէք ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն, որ Գերապայծառը այլեւս չի կրնար հիւրընկալել զիրենք: Ըսէք ձեր փախստականներուն, որ կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսը հայերուն համար չէ եղած»: Ուղեղս հրաբուխ դարձած՝ զայրոյթով կը լեցնէր զիս. բայց աչ քերս վեր բարձրացուցի եւ սրտանց աղօթեցի. «Տէ՜ր, ողորմէ՛ մեզի՝ խեղճ հայերուս: Ողորմէ՛ Մարտիրոսներու զաւակներուն, զոր յանձնած ես իմ հոգատարութեանս»: Ապա Գերապայծառին ըսի. «Ձերդ Գերազանցութիւն, մենք պիտի հնազանդինք: Ձերդ Գերազանցութիւնը լրագիրներուն մէջ մեծարուեցաւ որպէս հայերու բարերար, Ձեր մարդասիրութիւնը Եկեղեցւոյ գիրկը վերադարձուց բազմաթիւ հոգի ներ: Արդ ի՞նչ պիտի ըսեմ ազգակիցներուս, զիրենք չգայթակղեցնելու համար»: Քար լռութիւն: Պատասխան մը չստացայ:

Իսկոյն գացի ուսուցիչներս փնտռելու եւ զիրենք գտայ Աւետման եկեղեցւոյ հրապարակը: Ճշմարտութիւնը ըսելու քաջութիւնը չունեցայ, միայն ըսի որ մեր աշակերտներու անբաւարար մաքրութիւնը անհնարին կը դարձնէր վայելելու իտալական դպրոցին հիւրընկալութիւնը եւ պէտք է վերաբանայինք Արարատեան Վարժարա նը, հազիւ թէ յարմար տարածքները գտնէինք:

Ընթերցողին կը թողում երեւակայել խօսքերուս պատճառած վհատութիւնը, յուսահատութիւնն ու խռովքը: «Ա՜հ, Աստուած, ինչո՞ւ կը հալածես մեզ», բացականչեց Վրոյրը: «Բաւական չէ՞ր, որ թուրքերը արտաքսեցին մեզ մեր հայրենի հողէն»: Ջանացի հանդարտեցնել զիրենք, ըսելով որ այդ պահուն պէտք է քաջ ըլլայինք եւ իսկոյն գործի լծուէինք՝ գտնելու նոր վայր մը, որ ամբողջովին մերը ըլլար: Նոյն ինքն Վրոյրը առաջարկեց դիմել իրեն ծանօթ փաստաբանի մը, որ կրնար դիւրութեամբ լուծել մեր խնդիրը: Թէեւ արդէն խոր գիշեր էր, այնու ամենայնիւ փաստաբանը տակաւին իր աշխատասենեակը կը գտնուէր: Ըսաւ որ կրնայինք փորձել վարձել Պարտաս անունով ութսունամեայ այրի տիկնոջ տունը, որ այնքան ընդարձակ էր որ ընտանիքի մը վարձելու յարմար չէր: Բայց հարկաւոր էր սպասել վաղուան: Ես կ՚աճապարէի եւ պնդեցի որ գործարքը իսկոյն կատարուի: Տանտիրուհին ընդունեցաւ մեզ, եւ համաձայնեցանք տրուելիք վարձքին եւ վարձակալութեան պայմաններուն մասին: Կանխաւ վճարեցի երեք ամսուան վարձը՝ նորոգութիւններու համար: Կէսգիշերին գործարքը արդէն կնքուած էր եւ ես ինքզինքս թեթե՜ւ թեթե՜ւ զգացի, ինչպէս զղջացած մեղաւորը լաւ խոստովանութենէ մը յետոյ:

Յաջորդ օրը աշակերտներս Սուրբ Պատարագին մասնակցելու եկան անգիտանալով այս ամէնը եւ Աւետարանի ընթերցումէն ետք բարի լուրը տուի որ դպրոց մը ունէինք ամբողջովին մերը, քանի որ Գերպ. Պրինտիզի Արքեպիսկոպոսին կողմէ տրամադրուած շէնքը յարմար չէր մեզի նման աղքատ փախստականներուն, որ ինքզինքնիս նուաստացած կը զգայինք հարուստներու զաւակներուն հետ համատեղ բնակելուն համար:

Հարկաւոր էր կահոյք հայթայթել: Արմէնակ Օրմանեանը, որ իմ համաքաղաքացիս էր եւ ամերիկեան որբանոցի փայտագործներու խումբին ղեկավարը, տրամադրեց գործաւորներու խումբը: Միասին հաշուեցինք, որ շինանիւթի համար հարկաւոր էր առնուազն չորս հազար տրախմի: Ես, մինչդեռ, միայն երեք հարիւր քսանհինգ տրախմի ունէի: Ուրկէ՞ ճարել պակսող գումարը: Ալեքսանը առաջարկեց վարկ առնել Ազգային Դրամատունէն, Գերպ. Պրինտիզիի երաշխաւորագրով: Բայց ես պատասխանեցի թէ չէինք կրնար չարաշահել Գերապայծառին բարութիւնը: «Ուրեմն դպրոց մը կը կազմակերպենք ծառերու շուքին», կատակելով ըսաւ Վրոյրը: Իրավիճակը փրկեց նոյն ինքն Արմէնակ Օրմանեանը, որ առաջարկեց փոխ դրամ խնդրել ամերիկեան որբանոցներու Ընդհանուր Տնօրէն Պրն. Թէրվէրէն: Պրն. Թէրվէրը մեծ ազնուութեամբ ընդունեցաւ մեզ եւ ես խօ սեցայ իմ թանկագին բարեկամիս՝ պատուելի Սթէփէլթոնին մասին: Մեծ եղաւ զարմանքս, երբ իմացայ որ անոր վստահելի հաշուապահ Աբրահամը ապաստանած էր այդ նոյն որբանոցին մէջ: Հազիւ թէ դիմացս ելաւ, ամբողջ ոյժով զինք ողջագուրեցի եւ երկուքս ալ չկրցանք զսպել մեր արցունքները:

Այցելութեանս շարժառիթը տակաւին չյայտնած, Պրն. Թէրվէրն ինքը ըսաւ ինծի որ արդէն իսկ որոշած էր այցելել մեր դպրոցը, ինծի յանձնելու համար տասնհինգ հազար տրախմիի գումար մը, զոր ուղարկած էին կաթողիկէ ամերիկացիներ, բայց եթէ կը փափաքէի՝ կրնար անյապաղ ինծի յանձնել այդ գումարը: Կատակելով պատասխանեցի, որ մեծապէս երախտագէտ պիտի ըլլայի՝ եթէ յանուն այն վաղեմի բարեկամութեան, որով կապուած էի պատուելի Սթէփէլթոնին, կրկնապատկէր այդ գումարը: Պահ մը խորհըրդածելէ ետք պատասխանեց որ տասնհինգ հազարը անմիջապէս կը դառնար քսանհինգ հազար, եւ որ մօտակայ ապագային կը յուսար տալ ինծի նոյնքան եւ թերեւս աւելի, պայմանով որ ամէն բան բացարձակ գաղտնի մնար: Չէի կրնար ժամանակ կորսնցնել եւ Արմէնակին հետ գացի տախտակ, գամ, ծեփ, ներկ, ապակի եւ ա՛յլ շինանիւթեր գնելու: Արմէնակը գործի լծեց իր սկսնակ գործաւորներէն երեսուն երիտասարդ եւ երեք օր ետք ունէինք երեք տեղանոց յիսուն նստարան, չորս գրատախտակ, չորս ամպիոն, ուսուցչարանի համար սեղան մը, տասներկու աթոռ, երկու պահարան: Գնեցի նաեւ ժամացոյց մը եւ փոքրարժէք ա՛յլ պիտոյքներ գրասեղաններուն համար: Ներառեալ աղուոր ձեռաձիր մը երիտասարդ փայտագործներուն, ծախսեցի ընդամէնը տասնչորս հազար տրախմի, բայց ամէնքը համոզուած էին՝ թէ ծախսած էի միայն չորս հազար:

Իւրաքանչիւր ոք կրնայ երեւակայել սեփական տուն ունենալու մեր բերկրանքը: Ոչ մէկուն նեղութիւն կու տայինք եւ մեր աշակերտները շուտով շահեցան մեր հարեւաններուն յարգանքն ու բարեկամութիւնը, այնքան որ հարեւաններն իրենք թաղային ոստիկանապետէն խնդրեցին արտօնել որ Արարատեան Վարժարանը բաց մնար նաեւ ժամը 12էն մինչեւ 15ը, այսինքն այն ժամերուն՝ երբ բոլոր դպրոցները փակ կը մնային: Երախտագիտութեամբ ընդունեցանք մեզի շնորհուած արտօնութիւնը, որովհետեւ մեր աշակերտները այդ ժամերուն երթալիք տեղ չունէին: Բայց նուազագոյն անհանգստութիւն անգամ պատճառելէ խուսափելու համար, այդ ժամերուն կ՚ընդմիջէինք դասաւանդութիւնը եւ կÿարտօնէինք որ մեր աշակերտները ինքնուրոյն դաս սորվէին կամ հանգչէին նստարաններուն վրայ:

Գերպ. Պրինտիզին այլեւս բնաւ չէր հետաքրքրուեր մեր դպրոցով, ո՛չ ալ ես կը մտահոգուէի տեղեակ պահելու զինք գործերուս վերաբերեալ: Օր մը, յետմիջօրէի իր սովորական զբօսանքի պահուն, Տէր Աղեքսանդր Կուիտաթիի ընկերակցութեամբ, զարմանքով կարդացած էր հետեւեալ գրութիւնը. «Արարատեան Վարժարան Skolion Armenion AraradiՈn»: Տ. Աղեքսանդրը անոր բացատրած էր այդ գըրութեան խորհրդաւոր իմաստը եւ Գերապայծառը փափաք յայտնած էր այցելել մեր դպրոցը:

«Դուք, Հայր Կիւրեղ, հետս իրական հայու մը նման վարուեցաք», ըսաւ ինծի՝ հազիւ թէ իրարու հանդիպեցանք: «Ինչո՞ւ չըսիք ինծի որ մտադիր էիք տուն վարձել ձեր դպրոցին համար»:

Կ՚ուզէր գիտնալ թէ ուրկէ կը հայթայթէի հարկաւոր գումար ները, որոնք պէտք չէ որ պզտիկ գումարներ ըլլային, եւ խորհուրդ տուաւ խոհեմ ըլլալ պարտքեր վերցնելու ատեն, քանի որ, կ՚ըսէր, Արքեպիսկոպոսը աղքատ է եւ չի կրնար օգնել հատուցելու այդ պարտքերը: «Չափազանց եռանդուն մի՛ ըլլաք», աւելցուց, «խոհեմութիւն ամէնուր, նաեւ սուրբ գործերու մէջ»:

Աշակերտներուն խոստացաւ տոպրակ մը շաքարեղէն, որ սակայն մոռցաւ ուղարկել:

Ուսումնական տարուան հանդիսաւոր փակումը

Փափաքեցայ որոշակի հանդիսաւորութեամբ կատարել ուսումնական տարուան փակումը: Տարեվերջի քննութիւններուն հրաւիրեցի Գերպ. Պրինտիզին եւ Աթէնակորաս մետրոպոլիտը յունարէն լեզուի համար, Տ. Դիոնիսիոսը հայերէն լեզուի համար, ֆրանսական հիւպատոսարանի պաշտօնեաներէն մէկը ֆրանսերէն լեզուի համար: Փակման արարողութեան ատեն խօսք առին, վերոյիշեալ եկեղեցականներէն զատ, քաղաքին Կուսակալը, Ոստիկանապետը, զինուորա կան Հրամանատարը, ամերիկեան որբանոցներու Ընդհանուր Տնօրէնը, մալթացիներու ժողովրդապետ Տ. Տէմիքոլին եւ ա՛յլ անուանի անձնաւորութիւններ:

Մեր աշակերտները ոտանաւոր եւ արձակ բանաստեղծութիւններ արտասանեցին եւ երգեցին երեք լեզուներով: Ամերիկեան որբանոցներու աշակերտները ներկայացան մարմնամարզական կատարումներով եւ հանդիսատեսներուն բուռն ծափահարութիւններուն արժանացան: Չպակսեցան անզուսպ նախանձի արտայայտութիւնները եւ յոյն ուսուցիչներէն ոմանք քրթմնջացին. «Ի՜նչ տգէտ ժողովուրդ ենք մենք՝ յոյներս: Արտակարգ ի՞նչ կայ ասոնց մէջ: Մեր տըղաքը հայերէն շատ աւելին գիտեն ընել»:

Առիթը չփախցուցի շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց՝ որոնք օգնած էին մեզի, մասնաւորապէս պետական իշխանութիւններուն եւ թանկագին ուսուցիչներուս:

Խօսք առաւ նաեւ Կուսակալը, մեծարելով հայերուն քաջութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, որոնք փախստական ու գրեթէ մերկ՝ անմիջապէս գործի անցած էին, կատարելով ձեռնարկներ, որ բնիկներու մտքէն անգամ չէին անցած, ինչպէս հասարակաց բաղնիքներու կառուցումը եւ պտուղներու ներքին առեւտուրը:

Զինուորական Հրամանատարը ըսաւ որ յոյն֊թրքական ձախորդ պատերազմի օրերուն պատիւը ունեցած էր իր հրամանատարութեան տակ ունենալու հայ կամաւորներ, որոնք յոյն բանակի աղէտալի նահանջի ատեն նախ եւ առաջ մտահոգութիւնը ունեցած էին փրկելու կիները, մանուկներն ու ծերերը: Եւ եզրափակեց՝ հիւսելով անմահ Հայաստանի գովքը, որ սահմանուած է վերստին յառնելու իր վաղեմի հզօրութեամբ:

Ամառնային արձակուրդներու ընթացքին ջանացի մշտական կապի մէջ մնալ իմ աշակերտներուս հետ: Շաբաթը երկու կամ երեք անգամ զիրենք կը հաւաքէի՝ կրօնագիտութիւն, հայերէն, ֆըրանսերէն, թուաբանութիւն եւ ա՛յլ նիւթեր դասաւանդելու համար, եւ յատկապէս մտահոգութիւնն ունէի որ շարունակէին մասնակցիլ ծիսական սրբազան արարողութիւններուն եւ շարականներու երգեցո ղութեան: Օրերս միշտ լեցուն էին:

Այդ ամառ, իտալական մանչերու դպրոցը յանձնուեցաւ Թորինո գաւառի Քրիստոնեայ Դպրոցներու Եղբայրներու Միաբանութեան իսկ աղջիկներունը՝ Եգիպտոսի Միսիոնար Քոյրերու Միաբանութեան: Եղբայրները Քորֆու հասան Օգոստոս 10ին, իսկ Քոյրերը՝ Օգոստոս 14ին: Նախախնամութիւնը այսպիսով կը մտածէր նաեւ հայ փախստականներու մասին, որովհետեւ մեծ եղաւ այն բարիքը որ Քոյրերը գործադրեցին անոնց նկատմամբ: Այդ Քոյրերուն լաւագոյն կերպով կը գործակցէին Օրիորդ Ռինա Աքթիսը Թորինոյէն եւ Օրիորդ Մարիա Ճոպէրթին Փուլիայի Աղեքսանդրիա քաղաքէն: Երկուքն ալ մեծապէս բարեացակամ էին հայ փախստականներու նկատ մամբ:

ԳԼՈՒԽ Գ.

 Քորֆուի գրաւումը իտալացիներու կողմէ – Արարատեան Վարժարանի վերաբացումը – Մալթայի Ասպետներու գործակից – Բանակցութիւններ Աթէնքի իշխանութիւններուն հետ – Թեսաղոնիկէի փախստականներու մօտ – Կրկին Աթէնք եւ Քորֆու

Քորֆուի գրաւումը իտալացիներու կողմէ

1923 թուականի Օգոստոս 27ի առաւօտեան, հրամանատար Էնրիքո Թէլլինին, ստորին Ալպանիայի եւ Յունաստանի միջեւ սահմաններու որոշման համար ղրկուած իտալական պատուիրակութեան գլխաւոր պետը, սպաննուեցաւ Եանինայէն դէպի Սրբոց Քառասնից տանող ճանապարհին, բժիշկ հազարապետ Լուիճի Քորթիի, տեղակալ Պոնաչինիի եւ ալպանացի թարգմանիչին հետ միասին: Իտալական Կառավարութիւնը սպանութեան համար պատասխանատու նկատեց Յունական Կառավարութիւնը եւ պահանջեց ներողութիւն խնդրել ամենաընդարձակ կերպով: Գոհացուցիչ պատասխան մը չստանալով, զինուորական ոյժով գրաւեց Քորֆու կղզին, յայտարարելով որ այդ առժամանակեայ գործողութիւններով Իտալիան մտադիր չէր պատերազմ հռչակել, այլ կ՚ուզէր պաշտպանել իր արժանապատուութիւնը եւ ցոյց տալ իր աննկուն կամքը: Օգոստոս 31ի առաւօտեան, պատերազմական տասնեօթ նաւեր յայտնուեցան Քորֆուի ծովախորշը եւ զինուորական պաշտօնեայ մը ժամը 10ին գնաց Կուսակալին առաջարկելու խաղաղութեամբ յանձնել կղզին: Կուսակալը խնդրեց ժամանակ տալ՝ լսելու Կառավարութեան կարծիքը, եւ իր քով խորհրդակցութեան կանչեց զինուորական Հրամանատարը: Վերջինս հանդիսաւոր կերպով յայտարարեց որ զինուորները կը նախընտրէին իրենց արեան մինչեւ իսկ վերջին կաթիլը թափել, քան թէ կղզիին նուազագոյն մասն անգամ զիջիլ իտալացիներուն: Կէս ժամ անց երկինքը լեցուեցաւ իտալական օդանաւերով: Ժամը 15ն էր:

Այդ առաւօտ կրօնագիտութիւն կը դասաւանդէի Վշտակրութեան Քոյրերու վանքէն ներս, ուր ժամանակաւորապէս տեղաւորած էի տասներեք հայ աղջիկներ: Ժամը 13ի ատենները արքեպիսկոպոսարան վերադարձիս, տեսնելով այդ բոլոր նաւերը, մտածեցի որ հաւանաբար Յունաստանը իրեն յատուկ տօն մը կը նշէ: Արքեպիսկոպոսարանին դուռը փակ էր, ոչ ոք եկաւ զայն բանալու եւ ստիպուեցայ վերադառնալ Քոյրերուն մօտ, կտոր մը հաց խնդրելու իբրեւ ողորմութիւն: Քոյրերը խօսեցան պատերազմական կացութեան մասին, բայց ես վստահեցուցի զիրենք՝ թէ այդպէս չէր այլ քաղաքը տօնա կատարութեան մէջ էր:

Աշակերտուհիները, Քոյրերու ըսածներէն սարսափահար, դասին մտիկ չէին ըներ եւ ամէն չնչին աղմուկէն կը վախնային: Ժամը 15ին լսեցինք հրացանի երկու կրակոց, որոնց անմիջապէս հետեւեցան ռմբակոծումներ օդէն ու ծովէն: Ես յամառօրէն կը շարունակէի կարծել թէ այդ բոլորը տօնակատարութիւններու նշաններ էին եւ բարկացած սաստեցի Քոյրերն ու աշակերտուհիները, որոնք սարսափահար՝ երկինքէն օգնութիւն կը հայցէին: Քոյրերու վանքէն դուրս ելայ ժամը 19ի ատենները եւ դէպի ծովը ուղղուեցայ լոգանքի մը համար: Չզարմացայ՝ երբ ճանապարհիս բազմաթիւ զինուորներու հանդիպեցայ, որոնք կ՚ողջունէին զիս իտալերէն լեզուով, քանի որ Քորֆուի մէջ յոյներն ալ զիս իտալերէն կը բարեւէին, որովհետեւ Քորֆուի բնակիչները կատարեալ հնչումով կը խօսին վենետիկեան բարբառը: Մինչդեռ զարմանք պատճառեց այն հարցումը, որ ինծի ուղղեցին քանի մը հայեր, թէ արդեօք քանի՞ հոգի էին իտալացիներու ռմբակոծումներու պատճառով զոհուածները: Մօտեցայ զինուորներէն մէկուն եւ յունարէն լեզուով հարցուցի թէ արդեօք յո՞յն էր: Հայեացքը աչքերուս սեւեռեց, ժպտեցաւ եւ զուտ վենետիկեան բարբառով պատասխանեց. «Ես լատիներէն չեմ հասկնար»: Իսկ երկրորդ հարցումիս, թէ արդեօք յոյն էր կամ իտալացի, պատասխանեց. «Իտալացիներ ենք»:

Այլեւս կասկած չունէի. իտալացիները ռմբակոծած եւ գըրաւած էին Քորֆուն: Վազեցի ամրոց եւ գտայ մեռեալներ ու վիրաւորուածներ: Ականատես վկաներ պատմեցին ինծի պատահած իրադարձութիւններուն մասին: Համառօտ կերպով յիշատակեմ հաւաքած տեղեկութիւններս:

Խաղաղ ճանապարհով յանձնուիլը մերժելէ ետք, ամրոցին հրամանատարը հրամայած էր աշտարակին վրայ բարձրացնել յունական դրօշը եւ ինքը փախած էր իր փոքրաստիճանաւորներուն հետ միասին: Զինուոր մը, հեռանալէ առաջ, հրացանով երկու կրակոց արձակած էր: Իտալացի Ծովակալը, դժբախտաբար, այդ արարքները մեկ նաբանած էր որպէս ճակատամարտի բացում եւ հրամայած էր ռմբակոծումը օդէն ու ծովէն: Ռմբակոծումներու թիրախը ամրոցն էր, բայց ռումբեր ինկած էին նաեւ ոստիկանութեան դպրոցին վրայ: Միայն ամրոցին մէջ կային մեռեալներ ու վիրաւորներ, այսինքն՝ տասներկու մեռեալներ, որոնցմէ ութը յոյն եւ չորսը հայ, եւ քսաներկու վիրաւոր, բոլորը հայ:

Յոյն եւ հայ փախստականներ, որ նախապէս ամրոցին մէջ բընակեցուած էին, վախնալով՝ թէ կրնան ճզմուիլ փլատակներուն տակ, գացած էին հրամանատարութեան սենեակը եւ տեսնելով որ բոլոր զինուորները փախած էին, հայ մը, որ նախապէս տասնապետ եղած էր թրքական բանակին մէջ, վար առած էր յունական դրօշը եւ անոր փոխարէն ճերմակ սաւան մը վեր բարձրացուցած էր: Անմիջապէս դադրած էին ռմբակոծումները եւ իտալացիները մտած էին կղզի:

Յաջորդ օրը գացի Կուսակալին նստավայրը: Պահակակէտի պաշտօնեան, զիս յոյն կարծելով, բարեւեց լատիներէն լեզուով, բայց պատասխանը իտալերէն լեզուով ստանալով՝ բացականչեց. «Ի՜նչ լաւ է: Դուք, Հայր, իտալացի՞ էք»: «Իտալացի չեմ», պատասխանեցի, «բայց բարեկամ եմ Իտալիոյ եւ իտալացիներուն»:

Ընդունուեցայ Նահանգապետ փոխծովակալ Աուրելիոյ Պէլլինիի կողմէ, որու հետ շատ սիրալիր խօսակցութեան բռնուեցայ: Բացատրեցի թէ ինչպէս կը գտնուիմ Քորֆու: Ան ինծի վստահելով ըսաւ, որ Քորֆուի յոյն Կուսակալը եւ ամրոցին ու ոստիկանութեան Հրամանատարը գերի բռնուած էին, բայց տրամադիր էր զիրենք ազատ արձակել եւ Աթէնք ճամբել, եթէ վկայութիւն տայի որ բարի անձնաւորութիւններ են եւ ինծի օգնած են իմ մարդասիրական ձեռ նարկներուս մէջ: Եւ այդպէս ալ եղաւ:

Լաւագոյն տեղեկութիւնները տուի օրթոտոքս մետրոպոլիտ Աթէնակորասին մասին, որպէս իմաստուն եւ խոհեմ անձնաւորութիւն: Գերպ. Պրինտիզիին վերաբերեալ ալ վստահեցուցի որ չէր ատեր Իտալիան եւ իր արտայայտած հայրենասիրութիւնը որպէս միակ նպատակ ունէր ցոյց տալ օրթոտոքսներուն որ կաթողիկէները հայրենասիրական ոգիին մէջ ոչ մէկէն ստորադաս են: Գերպ. Պրինտիզիին պահուածքը, սակայն, այնպիսին էր, որ թերեւս միայն իմ վկայու թիւնս օգնեց անոր խուսափիլ արտաքսումի դատավճիռէն:

Հ. Յովակիմ Տէմիքոլին, մինչդեռ, Գերպ. Պրինտիզիին զգացած խղճահարութիւնները չունէր եւ իր առաքելավայրէն ներս հիւրընկալեց քանի մը իտալացի պաշտօնեաներ: Սակայն, անոնցմէ նախապէս խոստում առած էր որ նեղութիւն պիտի չպատճառէին այն յոյն զինուորականներուն, որոնք նոյնպէս հիւրընկալած էր կղզիի գրաւումի ատեն: Իտալացիները ոչ միայն պահեցին տրուած խոստումը, այլ նաեւ այդ յոյներու հետ վարուեցան այնպէս՝ կարծես թէ անոնք իրենց անձնական հիւրերն ըլլային, եւ առաջին իսկ առիթով զիրենք Աթէնք ճամբեցին: Մալթացիներու առաքելավայրին համար իրական բախտաւորութիւն եղաւ այդպիսի հիւրերու ընդունումը, քանի որ շտեմարանները լեցուեցան շաքարի, բրինձի, հայսերիզի եւ զանազան ա՛յլ ուտեստեղէններու պարկերով:

Իտալական գրաւումը մեծ բախտաւորութիւն եղաւ նաեւ ծըխախոտի շատ մը առեւտրականներու եւ ոսկերիչներու համար: Հայ ուսուցիչ Գէորգ Կառվարենցը ծածուկ կերպով ըսաւ ինծի որ ծխախոտի վերավաճառումով կրցած էր չորս հարիւր հազար տրախմի շա հիլ: Ընդհանրապէս, իտալացի զինուորներու վարքը անբասիր էր: Փոխծովակալ Պէլլինին ինծմէ խնդրեց մանրակրկիտ տեղեկագիր մը պատրաստել ռմբակոծումներու պատճառած վնասներու վերաբերեալ, նշելով զոհուածներուն անունները: Իսկոյն պատրաստեցի զայն, հետեւելով Փախստականներու Միութեան կողմէ տրուած ցուցմունքներուն, որպէս միակ նպատակ ունենալով մարդոց բարիք ընե լը: Եւ երբ Փոխծովակալը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ խոստացաւ Իտալական Կառավարութեան տեղեկացնել գործունէութեանս վերաբերեալ, խնդրեցի բացարձակ կերպով չյայտնել անունս, որովհետեւ եթէ այդ փաստը հասնէր յոյներուն ականջը՝ պիտի քարկոծէին զիս որպէս անարգ դաւաճան մը: Սեպտեմբեր 26ին, Փոխծովակալ Պէլլինին ինծի յայտնեց որ իտալական զօրքերը վաղը պիտի հեռանային կղզիէն, շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայած գործակցութեանս համար եւ ինծի յանձնեց ուտեստեղէններու, հագուստներու, ծածկոցներու եւ կենցաղային ա՛յլ առարկաներու մեծ քանակութիւն մը, տուժած ընտանիքներուն օգնե լու համար: Սեպտեմբեր 27ի առաւօտեան, հազիւ թէ իտալացի վերջին զինուորը նաւ բարձրացաւ, եկեղեցիներուն զանգերը սկսան տօնական ղօղանջել, իսկ ամրոցին թնդանօթները կրակոցներով ողջունեցին կղզիին ազատագրումը: Աթէնակորաս մետրոպոլիտը հանդիսաւոր թափօր մը կազմակերպեց՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Աստուծոյ: Տէր Նիքոլա Արլոթան, կաթողիկէ Մայր Տաճարին աւագերէցը, այդ արարողութեան մասնակցեցաւ եւ հայրենասիրական այնպիսի ճառ մը խօսեցաւ որ գայթակղեցուց բոլորը, աւելի օրթոտոքսները՝ քան կաթողիկէները: Քորֆուի իտալական գրաւման ամբողջ ընթացքին ես անխափան շարունակեցի իմ բոլոր գործունէութիւններս:

Արարատեան Վարժարանի վերաբացումը

1923 թուականի Հոկտեմբեր 1ին կատարեցինք մեր դպրոցին վերաբացումը: Երբ իտալացիները հեռացան Քորֆուէն, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ գաղթեցին Լիբանան եւ Արժանթին, եւ հետեւաբար՝ աշակերտներուս թիւը իջաւ հարիւր երեսունի, հինգ դասարաններու բաժնուած: Հակառակ ասոր, ուսուցիչներուն թիւը հասցուցի տասի: Ինծի վերապահեցի կրօնքի, իտալերէնի, ֆրանսերէնի եւ թուաբանութեան դասաւանդումը: Ուսուցիչներու շարքին էին կաթողիկէ երկու վարդապետներ. Տէր Սփիրիտիոնէ Չիլիան անգլերէնի եւ Տէր Կուլիէլմոյ Ռէտիթը յունարէնի դասաւանդման համար, երկուքն ալ երկու ամենաբարձր դասարաններուն մէջ: Միւս բոլոր ուսուցիչները աշխարհականներ էին եւ, բացառութեամբ Գէորգ Կառվարենցի, բոլորն ալ առաքելական էին: Ուսուցչական կազմը ամենայն խղճմտութեամբ կը կատարէր իր գործը:

Մեր դպրոցը այցելեց բողոքական եպիսկոպոս մը, որ մեր մասին տեղեկացած էր լրագիրներու միջոցով: Հիացաւ դպրոցին մաքրութեամբ, կարգապահութեամբ եւ այդքան կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին ձեռքբերուած արդիւնքներով: Բայց Պարոն Թէրվէրէն տեղեկացայ որ Քորֆուէն հեռացած էր բողոքական առաքելութիւններուն դէմ զայրացած, որոնք չէին կրցած փախստականներուն աղքատութիւնը գործածել՝ զիրենք բողոքականութեան շահելու նպատակով: Ինչպէս նաեւ երդում տուած էր գործի լծել ամբողջ Ամերիկան, դպրոցս փակելու եւ գործունէութիւնս կասեցնելու համար:

Մալթայի Ասպետներու գործակից

Իտալական զինուորական միջամտութեան պատճառած վնասներու փոխարէն Յունական Կառավարութիւնը պարտաւորուեցաւ վճարել յիսուն միլիոն իբրեւ վնասուց հատուցում, որոնց մէկ մասը, այսինքն՝ տասը միլիոնը, Իտալական Կառավարութիւնը յատկացուց փախստականներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու գործին:

Այս առաքելութիւնը կազմակերպելու նպատակով, Մուսսոլինին դիմեց Իշխան Կալէացցոյ Թհուն ֆոն Հոհէնշթայնին, Մալթայի Ասպետներու Միաբանութեան մեծաւորին: Ան ալ, իր հերթին, յանձնախումբ մը նշանակեց, որուն անդամներն էին Իշխան Եղբայր Լուտովիքոյ Քիճի Ալպանի տէլլա Ռովէրէն, որ յանձնախումբին գլխաւորն էր, Կոմս Մափփէլլին եւ Դուքս Լուիճի Սէրրա տի Քասսանոն:

Մուսսոլինին այդ յանձնախումբին յայտնած էր որ իր նպատակն էր պարզապէս օգնութեան ձեռք երկարել արեւելքի տարաբախտ փախստականներուն, միակ պայմանով որ հեռու կենային քա ղաքական ո՛րեւէ շարժումի մասնակցելէ: Ան մտահոգուած էր որ այդ քրիստոնեաները, յատկապէս հայերը, կրնային բողոքականներուն մարդորսութեան զոհը դառնալ:

Հոկտեմբերին նամակ մը ստացայ ինծի շատ թանկագին միաբանակից Հ. Անճելիքոյ Զմիւռնիացիէն, ուր կ՚ըսէր՝ թէ Մալթայի Ասպետները լաւագոյն յատկութիւններու տէր առաքեալ մը կը փնտռէին, որ կարենար օգնել իրենց եւ խորհրդատուութեամբ նեցուկ ըլլալ՝ Իտալական Կառավարութեան կողմէ իրենց յանձնուած մարդասիրական օգնութիւններու բաշխումը իրականացնելու մէջ: «Որքան որ ինծի յայտնի է», կը գրէր Հ. Անճելիքոյ, «ճիշտ դուն ես Յունաստանի ժայռերուն մէջ թաքնուած այդ գանձը, որ Մալթայի Ասպետները կը փնտռեն եւ չեն գտներ: Ուստի, թանկագինդ իմ Կիւրեղ, երկմտանքի ատենը չէ: Անյապաղ նամակ մը գրէ Իշխան Կալէացցոյ Թհուն ֆոն Հոհէնշթայնին, որ Մալթայի Ասպետներու Միաբանութեան մեծաւորն է …»: Ես ինծի կը հարցնէի թէ արդեօք ի՞նչ կ՚ուզէր ըսել ինծի այդ բարի Վարդապետը: Մա՜լթա: Միթէ իտալացիներով բնակեցուած անգլիական իշխանութիւն չէ՞ ան: Ո՞վ երբեք լսած էր թէ այդ կղզին անկախ իշխանութիւն մըն էր: Ի վերջոյ որոշեցի գրել, բաւական պաղ շեշտով, նամակը ուղղելով Նորին Գերազանցութիւն Իշխան Կալէացցոյ Թհուն ֆոն Հոհէնշթայնին, հասցէագրելով նամակը քա ղաք Վալլէթթա: Չեմ գիտեր՝ թէ նամակս հասած էր հասցէատիրոջ կամ ոչ: Հոկտեմբեր 26ին, ,Bella Veneziaե հիւրանոցի սպասաւորներէն մէկը եկաւ զիս փնտռելու Մայր Տաճարին աւանդատան մէջ: Կարճատեւ վիճաբանութեան բռնուեցաւ լուսարար Թովմասին հետ, որովհետեւ շիտակ չէր հնչեր իմ անունս, եւ լաւ որ այդ պահուն եկեղեցի կը գտնուէի՝ Ամենասուրբ Հաղորդութեան տրուած այցելութեան մը հա մար: Սպասաւորը կրցաւ միայն ըսել որ ,Bella Veneziaե հիւրանոցին մէջ ինծի հանդիպիլ փափաքած էր Իտալիայէն ժամանած մեծապատիւ պարոն մը: Ո՞վ էր արդեօք:

Հիւրանոցի սպասասրահին մէջ ինծի կը սպասէին Կոմս Մափփէլլին եւ Դուքս Սէրրան: Իշխան Քիճին հասաւ քանի մը վայրկեան յետոյ: Ո՞վ գիտէ թէ նախապէս ինչպիսի կարծիք կազմած էր Իշխանը իմ մասիս, բայց կրցաւ քօղարկել զգացած յուսախաբութիւնը, բարեւեց մեծ ազնուութեամբ, համբուրեց աջս եւ այն իր ձեռքերուն մէջ պահելով հարցուց թէ արդեօք ե՞ս էի հռչակաւոր Հ. Կիւրեղ Էրզրումցին, որ այդքան տառապած էր թուրքերու ձեռքը:

«Այո՛, Ձերդ Գերազանցութիւն», պատասխանեցի, «քիչ մնացած էր որ մարտիրոսանայի: Բոլոր հարազատներս՝ հայրս, եղբայրներս, հօրեղբայրներս, զարմիկներս ջարդուեցան թուրքերուն ձեռքով, որովհետեւ թուրքերը կ՚ատեն մեր սուրբ հաւատքը: Եղբօրս, որ թեմական քահանայ էր, ողջ ողջ մորթազերծ ըրին եւ գետնին խաչեցին՝ Ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարած ըլլալուն համար: Բոլորն ալ արժանի էին մարտիրոսութեան դափնեպսակին: Միայն ես անարժան էի եւ Տէրը չթոյլատրեց որ մեռնէի կտտանքներու տակ»:

Իշխանին սենեակը բարձրացանք, ուր ան իրենց Յունաստան գալուն նպատակը յայտնեց ինծի եւ ըսաւ որ Գերպ. Ճոպպէն էր որ իմ անունս իրեն տուած էր: Գերապայծառը, բնականաբար, զանց չէր ըրած մանրամասնօրէն պատմելու Իշխանին նաեւ ամբողջ կեանքս ու ծաւալած գործունէութիւններս: Իշխանը ինծի յանձնեց Գերպ. Ճոպպէի ինծի ուղղած նամակը, ուր Գերապայծառը ինծի կը ներկայացնէր Իշխան Քիճին եւ կ՚ըսէր որ Սրբազան Ժողովը, տեղեակ ըլ լալով հանդերձ բազմատեսակ գործունէութիւններուս, որոնք բոլորն ալ օգտակար են Աստուծոյ Արքայութեան տարածման համար, պատշաճ նկատած էր ինծի յանձնել այս նոր պարտականութիւնը եւս՝ ըլլալու Մալթայի Ասպետներուն որակեալ խորհրդականն ու գործակիցը, այն առատաձեռն օգնութեան բաշխումի գործին որ Իտալական Կառավարութիւնը յատկացուցած էր ի նպաստ Յունաստանի հայ փախստականներուն: Կը յորդորէր ընդունիլ առաջարկուած պաշտօնը, քանի որ այդ էր Սրբազան Քահանայապետ Պիոս Տասնմէկերորդին կամքը: Կը յայտնէր նաեւ, որ քանի մը օրէն Յունաստան պիտի հասնէր Հ. Ստեփան Հարունեանը, Վիեննայի Մխիթարեաններէն, եւ որ Քորֆուէն բացակայելուս պարագային Տ. Գրիգոր Ինճէյեանը պիտի ըլլար իմ տեղապահս, որուն ժամանումը եւս Քորֆու մօտակայ էր: Այդ բարեսիրտ հոգեւորականը չէր մոռցած նաեւ առողջական վիճակս եւ նամակին վերջաւորութեան կը յորդորէր զիս Մալթայի Ասպետներուն առաքելութեան աւարտին երթալ Հռոմ, են թարկուելու բժշկական պատշաճ խնամքներու:

Հազիւ թէ աւարտեցի Գերպ. Ճոպպէի նամակին ընթերցումը, մօտեցայ Իշխանին ու ըսի. «Ձերդ Գերազանցութիւն, Ձեր տրամադրութեան տակ եմ եւ կը սպասեմ Ձեր հրահանգներուն, քանի որ Սրբազան Քահանայապետը կը հրամայէ ինծի գործակցիլ քրիստոնէական մարդասիրական այն գործին, որ պիտի ծաւալէք ի նպաստ մեր փախստականներուն»:

«Ո՜հ, ո՛չ, այնպէս չէ՝ ինչպէս Դուք կ՚ըսէք, Հայր Կիւրեղ», լուսաշող դէմքով պատասխանեց Իշխան Քիճին. «մենք ենք որ պիտի ըլլանք Ձեր գործակիցները: Մենք պիտի հետեւինք Ձեր տուած ցուցմունքներուն եւ Դուք պիտի ըլլաք մեր ծածուկ առաջնորդը»: Կոմս Մափփէլլին ալ իր հերթին աւելցուց. «Վարդապետ, Դուք օգ նեցէք մեզի եւ մենք ալ Ձեզի պիտի օգնենք կառուցելու եկեղեցի ներ, դպրոցներ ու բնակարաններ»:

Իսկոյն գործի անցանք եւ հայցելով Աստուծոյ օգնութիւնը եւ Սուրբերու բարեխօսութիւնը՝ քննարկումի ենթարկեցինք Մալթայի Ասպետներու Մեծաւորին նախագահութեամբ Հռոմի մէջ նախապէս պատրաստուած ծրագիրը: Ի միջի այլոց, ծրագիրը կը նախատեսէր Աթէնքի մէջ հայկական թաղամասի մը կառուցումը, որուն կեդրոնը պիտի ըլլային եկեղեցին, Հ. Կիւրեղի քահանայատունը եւ դպրոցը. մէկ կամ աւելի թաղամասերու կառուցումը Թեսաղոնիկէի փախստականներուն համար, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի ճախճախուտներուն չորացումը: Կը նախատեսէր նաեւ ուտեստեղէններու, հագուստներու եւ զանազան ա՛յլ օժանդակութիւններու բաշխում տարբեր Եկեղեցիներու հոգեւոր Առաջնորդներուն, դպրոցիս եւ Թորինոյի Քրիստոնեայ Դպրոցներու Եղբայրներուն:

Ճաշեցի հիւրանոցին մէջ, Մալթայի Ասպետներուն հետ, ապա իսկոյն գործի անցայ, սկսելով օգնութիւններու բաժանումը: Դուքս Սէրրան ինծի յանձնեց երկու հարիւր հազար լիրա, որ հաւասար էր մէկ միլիոն յունական տրախմիի: Առաջին այցելութիւնս տուի Տ. Աղեքսանդր Կուիտաթիին: Պատմեցի իրեն Մալթայի Ասպետներուն ժամանումի մասին եւ Իշխան Քիճիի կողմէ իրեն յանձնեցի հազար լիրա պարունակող պահարան մը:

Յաջորդ օրը առաւօտեան այցելեցի օրթոտոքս մետրոպոլիտ Աթէնակորասին: Զիս ընդունեցաւ սովորական սիրալիութեամբ: Խօսեցայ Մալթայի Ասպետներուն առաքելութեան մասին եւ իրեն յանձ նեցի հինգ հազար լիրա պարունակող պահարան մը: Մետրոպոլիտը տեղեակ էր ամէն ինչի եւ ինծի ըսաւ որ Յունաստանի Օրթոտոքս Գահակալ եւ Աթէնքի Արքեպիսկոպոս Նորին Գերազանցութիւն Քրիզոսթոմոս Փափատոփուլոսը տեղեակ էր առաքելութեան մարդասիրական նպատակներուն, ի նպաստ թրքական հալածանքներու զոհերուն: «Իմ կարծիքովս», աւելցուց, «լաւ կ՚ըլլար եթէ Դուք ընկերանայիք Ասպետներուն, ուր որ ալ փափաքին երթալ: Կրնայ պատահիլ, որ բարեգործական հաստատութիւններէն ոմանք մերժեն ձեր օգնութիւնը: Ուշադրութիւն մի՛ դարձնէք եւ ցոյց տուէք պահարանը: Զայն ձեր ձեռքէն պիտի խլեն եւ ակնթարթի մը ընթացքին իրենց գրպանը պիտի դնեն, առանց եւ ոչ իսկ շնորհակալութիւն յայտնելու: Ընդհակառակն, պիտի յանդիմանեն ձեզ, ըսելով թէ միմիայն ձեզի հաճոյք պատճառելու համար է որ կ՚ընդունին այդ գումարը»:

Գացի յոյն փախստականներու հարցերով զբաղող գրասենեակը եւ խնդրեցի աղքատներու ցուցակը, որպէսզի կարելի ըլլար անոնց ալ բաժնել ամէնօրեայ ճաշ, կօշիկ, ծածկոց, եւ այլն: Տնօրէնը շարունակ շնորհակալութիւն կը յայտնէր վեհանձն բարերարներուն եւ ինծի որ մարդասիրական այդ առաքելութեան կը գործակցէի հակառակ իմ վատառողջ վիճակիս:

Յունական որբանոցին տնօրէնը Տրապիզոնի յունական դպրոցին նախկին ուսուցիչներէն մէկն էր: Առիթը ունեցած էի իրեն բարիք մը ընելու եւ ան երջանիկ եղաւ զիս իր հաստատութեան յարկին տակ ընդունելու, եւ ուզեց զիս իր որբերուն ներկայացնել: Անոնցմէ մօտաւորապէս տասնհինգը տրապիզոնցի էին: Ողջագուրուեցայ անոնց հետ մէկ առ մէկ: Բոլորը կու լային ու կը հեկեկային եւ ես իրենցմէ ոչ պակաս: «Թանկագին որդեակներս», կը կըրկնէի, «անցեալ տարի ո՞վ կրնար երեւակայել որ զիրար Քորֆուի մէջ պիտի վերագտնէինք»: Փախստականներու հիւանդանոցը զուրկ էր անհրաժեշտ բազմաթիւ առարկաներէ եւ հիւանդներու խնամքը իսկապէս ողորմելի վիճակի մէջ էր. խեղճուկ անկողիններ, իսկ կերակուրնին միայն լուբիա, ոսպ, սիսեռ, եղերդ ու սոխ էր որոնց միակ համեմունքը քիչ մը աղն էր: Կը պակսէին ամենատարրական ծառայութիւնները: Ձեզի կը թողում երեւակայել տնօրէնին յուզմունքը, երբ իրեն յանձնեցի ութսուն հազար լիրա, որ Նախախնամութիւնը ղրկած էր իրենց՝ Մալթայի Ասպետներուն ձեռքով: Հոս ալ պատուիրեցի բացարձակ գաղտնապահութիւն, ի շահ օգնութիւնը ստացողներուն:

Ի վերջոյ հինգ հազար լիրա յանձնեցի Տէր Դիոնիսիոսին եւ խնդրեցի որքան կարելի է շուտով պատրաստել հայ առաքելական փախստականներուն ցուցակը: Երեկոյեան, սակայն, Տէր Հայրը քովս եկաւ եւ կ՚ուզէր ետ վերադարձնել դրամը, որովհետեւ Կուսակալութեան Քարտուղարը զինք գրասենեակ կանչած էր եւ սպառնացած էր խստագոյն պատիժներ ու աքսոր՝ եթէ ան ընդունէր Մալթայի Ասպետներու օգնութիւնը նոյնիսկ նուազագոյն չափով: Տէր Հօր խնդրեցի չմտահոգուիլ, քանի որ յաջորդ օրը այդ նոյն Քարտուղարը իրեն խորհուրդ պիտի տար հնարաւորին չափ շատ օգտուիլ Մալթայի Ասպետներու տրամադրած միջոցներէն: Բարի Տէր Հայրը տուն վերադարձաւ ամբողջովին մխիթարուած:

Յաջորդ օրը Իշխան Քիճին ուզեց իր յարգանքի տուրքը մատուցանել տեղական իշխանութիւններուն, սկսելով կաթողիկէ արքեպիսկոպոսարանէն, թէեւ Գերպ. Պրինտիզին բացակայ էր: Կուսակալին քով բացատրութիւններ պահանջեց նախորդ օրը առաքելական քահանային հետ պատահածին վերաբերեալ: Քարտուղարը հանդարտութիւնը չկորսնցուց, այլ պաղարիւն կերպով բացատրեց որ հայ քահանան, յունարէն լեզուն չհասկնալով, ակնյայտ է որ սխալ հասկցած էր, քանի որ Կառավարութիւնը ոչ մէկ իրաւունք ունէր արգի լելու որ աղքատները օգնութիւն ստանային, իսկ բոլորն ալ գիտէին որ Մալթայի Ասպետներու Միաբանութիւնը հիմնուած էր ճիշտ պաշտպանելու համար Արեւելքի քրիստոնեաները:

Իշխանը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ Կուսակալութեան տըրամադրութեան տակ դրաւ խոշոր գումար մը: Լիովին գոհ էր Քարտուղարին քաղաքավարութենէն եւ ի վերջոյ հարցուց ինծի թէ ար դեօք ճի՞շտ է որ Տէր Դիոնիսիոսը յունարէն չի հասկնար: «Ձերդ Գերազանցութիւն», պատասխանեցի, «Տէր Դիոնիսիոսը անշուշտ չի կրնար մրցիլ Դէմոսթէնէսի կամ Սոկրատի հետ, բայց կարծեմ կրնայ զանազանել յանդիմանութիւններն ու սպառնալիքները ազնիւ գովասանքներէն»:

Հոկտեմբեր 29ին Իշխան Քիճին հաղորդեց ինծի Մալթայի Ասպետներու Միաբանութեան Մեծաւորին կողմէ իմ պաշտօնական նշանակումս որպէս Յունաստանի մէջ Միաբանութեան առաքելութեան խորհրդական ու գործակից: Արդէն Քորֆու կը գտնուէր Տ. Գրիգոր Ինճէյեանը: Իրեն յանձնեցի դպրոցին տնօրէնութիւնը եւ զինք ներկայացուցի Վշտակրութեան Քոյրերու քով ապաստանած որբուհիներուն, Եգիպտոսի Առաքելութեան Ֆրանչիսկեան Քոյրերուն եւ ամերիկեան ու անգլիական որբանոցներուն: Ան զիս պիտի փոխարինէր կրօնագիտութեան դասաւանդման գործին մէջ: Կրնայի այլեւս մեկնիլ Մալթայի Ասպետներուն հետ՝ սկսելու համար բանակցութիւնները Աթէնքի կառավարական մարմիններուն հետ:

Բանակցութիւններ Աթէնքի իշխանութիւններուն հետ

Հոկտեմբեր 30ի երեկոյեան նաւը հեռացաւ Քորֆուէն: Յաջորդ օրը առաւօտեան Փաթրասի ջուրերը կ՚ակօսէինք: Փիրէոյի մէջ Մալթայի Ասպետները ընդունուեցան Իտալիոյ լիազօր Նախարար Նորին Գերազանցութիւն Մոնթանայի կողմէ: Բնակութիւն հաստատեցին ,Grande Bretagneե հիւրանոցին մէջ: Դժուար չեղաւ համոզել Իշխան Քիճին, որ այդքան շքեղ հիւրանոցը պատշաճ չէր աղքատ կրօնաւորին: Ես գացի կաթողիկէ Մայր Տաճար: Պատարագեցի, ապա ծունկի եկայ ժողովրդապետի աղօթարանին՝ շնորհակալութեան աղօթքի համար: Այդ տեղը ընտրած էի յատուկ նպատակով. որպէսզի քահանաներէն մէկը կամ միւսը նկատէր զիս եւ գաւաթ մը սուրճ հրամցնէր: Բայց այն նոյն քահանաները, որ ութ ամիս առաջ այդքա՜ն փառաւորած էին զիս, կ՚անցնէին ու կրկին կ՚անցնէին քովէս առանց եւ ոչ իսկ հայեացք մը վրաս նետելու կամ ողջոյնի խօսք մը արտասանելու: Ահա այսքան վաղանցուկ է աշխարհի տուած փառքը: Ինչ ընելս չէի գիտեր: Ամբողջ Ժամագիրքը ծայրէ ի ծայր աղօթեցի, Առաւօտեան ժամէն մինչեւ Խաղաղականը, եւ ի վերջոյ ոտքի ելայ ու ժողովրդապետին գրասենեակը գացի: Իմ ջերմագին ողջոյնիս պաղ բարեւով մը միայն պատասխանեց: Բացատրեցի Աթէնք գտնուելուս պատճառը եւ հիւրընկալութիւն խնդրեցի: Ինծի տրամադրելի սենեակ մը չկար եւ օրական երեսուն տրախմի վճարումով միայն ինծի յատկացուց տանիքի մէջ յարդարուած սենեակ մը, որ իբրեւ ժողովասրահ կը ծառայէր ժողովրդապետութեան բոլոր կազմակերպութիւններուն համար, առաւօտեան ժամը 7էն մինչեւ կէսգիշեր:

Լատին արքեպիսկոպոս Գերպ. Լուի Փըթին ունկնդրութիւն շնորհեց մեր խումբին: Այցելութիւնը շատ կարճ տեւեց, որովհետեւ այդ գիտուն հոգեւորականը տեւապէս շատ զբաղած էր եւ իրեն հաճելի չէին անօգուտ երկարատեւ խօսակցութիւնները: Անմիջապէս խօսակցութեան բուն նիւթին անցաւ, կասկած յայտնեց մեր առաքե լութեան յաջող աւարտին վերաբերեալ, բայց ըսաւ թէ տրամադիր է մեր խնդիրը ներկայացնել իր բարեկամ Տոքսիատէսին, որ Կարմիր Խաչի եւ Ընկերային Օգնութիւններու Նախարարն էր: «Որպէսզի ձեր առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուի», ըսաւ մեզի, «հարկաւոր է ունենալ իր արտօնութիւնը պաշտօնական փաստաթուղթով: Գեղեցիկ խօսքերուն մի՛ վստահիք»: Իշխան Քիճին Արքեպիսկոպոսին յատկացուց յիսուն հազար լիրա փախստականներու համար, որ յաջորդ օրը՝ ես անձամբ Արքեպիսկոպոսին տարի:

Ճաշեցի Մալթայի Ասպետներուն հետ միասին, ,Grande Bretagneե հիւրանոցին ընդարձակ սրահներէն մէկուն մէջ: Քերթողական բառապաշարս խիստ աղքատ է եւ պատշաճ արտայայտութիւններ չունիմ նկարագրելու համար այդ սրահին ճոխութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Բայց քանի՜ցս աւելի գեղեցիկ կը թուին ինծի վանքերու խոնարհ ու աղքատիկ սեղանատուները:

Այցելեցի Հ. Էուսթրաթիոսին, Գերպ. Քալաւասսիի առաքելութեան մեծաւորին: Ներկայացուցի Գերպ. Փափատոփուլոսին նամակը: Համբուրեց զայն, կարդաց, կրկին կարդաց, ասդին դարձուց, անդին դարձուց, երրորդ անգամ մըն ալ կարդաց, հառաչեց, հայեացքը վրաս սեւեռեց եւ վերջ ի վերջոյ ըսաւ. «Հայր Կիւրեղ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր մասին ալ մտածած ըլլալնուդ համար: Աստուած գիտէ միայն՝ թէ մեր նորածին առաքելութիւնը օգնութեան ու օժանդակութեան որքա՜ն կարիք ունի: Բայց … մենք չենք կրնար օգնութիւն ընդունիլ ո՛չ Վատիկանէն, ո՛չ Իտալիայէն, ո՛չ Մալթայի Ասպետներէն, որովհետեւ պէտք է խուսափինք յոյներուն հետ հնարաւոր ամէն տեսակի անհասկացողութիւններէն: Յամենայն դէպս, վերջնական որոշումը ինծի չ՚իյնար: Այսօր երեկոյեան կը տեղեկացնեմ Վարչական Ժողովին եւ վաղը ձեզի կը յայտնեմ իրենց պատասխանը»:

Յաջորդ օրուան պատասխանը յար եւ նման էր նախորդ օրուան ըսածներուն:

Նոյեմբեր 2ին, կէսօրէ ետք, այցելութեան գացի Նորին Գերազանցութիւն Քրիզոսթոմոս Փափատոփուլոսին, Աթէնքի Օրթոտոքս Մետրոպոլիտին եւ Յունաստանի ինքնիշխան Եկեղեցւոյ Գահակալին: Այցելութիւններու ժամ չէր, բայց Նորին Գերազանցութիւնը հաւասարապէս ընդունեցաւ զիս, կատակով ըսելով որ ծայրայեղ պապական Փաթիր Կիրիլը, հայ՝ գօտկատեղէն վար եւ յոյն՝ սրտէն վեր, իրաւունք ունէր ընդունուիլ որպէս իրենիններէն մէկը: Ողջագուրուեցանք խաղաղութեան համբոյրով: Նորին Գերազան ցութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ինծի որ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան միջոցով փութացուցած էի Տրապիզոնի եկեղեցիներու եւ վանքերու հարստութիւններուն փոխադրումը Յունաստան, որոնք նախապէս պահած էի մեր վանքին մէջ: Յիրաւի, այդ բոլոր հարստութիւնները յունական իշխանութիւններուն յանձնած էր մեր առաքելավայրին Մեծաւորը՝ Հ. Օգոստինոս Տա Մոդիքան:

Հազիւ յայտնեցի մայրաքաղաք այցելելուս նպատակը, Նորին Գերազանցութիւնը, շոյելով իր երկար ու խիտ մօրուքը, դանդաղ ու տխուր ձայներանգով, գրեթէ մելամաղձօրէն երգելով, ըսաւ. «Թանկագինդ իմ Փաթիր Կիրիլ, եթէ այս աշխարհի վրայ քահանայ մը, եկեղեցական մը կայ որ կը փափաքի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու վերստին միութիւնը, այդ մէկը ճիշտ ես եմ: Ցանկալի միութիւնը հնարաւոր դարձնելու նպատակով հրատարակեցի երկեր, որոնք մինչեւ իսկ իմ թանկագին բարեկամ Գերպ. Լուի Փըթիին հիացումին արժանացան: Չկրցայ, ուստի, առանց զարմանքի ու յուսախաբութեան ստանալ լուրը, որ ճիշտ այն քրիստոնեայ ազգերը, որոնք պարտաւոր էին արդիւնաւէտ կերպով նպաստել Եկեղեցիներու միութեան գործին, այնքա՜ն ծանր խոչընդոտներ կը յարուցանեն, որ ոչ մէկը կրնայ մոռացութեան մատնել: Իտալիա՜ն: Մեր սրտակից Իտա լիա՜ն: Իտալիան, զոր ՚՚քոյր՚՚ քաղցր անունով կը կոչենք, ինչպէ՞ս համարձակեցաւ ձեռք բարձրացնել մեր աչքերուն բիբը հանդիսացող Քորֆուին դէմ: Ի՞նչ իրաւունքով Յունաստանէն յափշտակեց յիսուն միլիոնի գումարը: Եւ արդ ի՞նչ համարձակութեամբ կ՚ուզէ բաժնել այդ գումարին մէկ մասը մեր փախստականներուն: Իտալիայէն չէինք ակնկալեր այսքա՜ն նենգ քաղաքականութիւն մը եւ այսուհետեւ մեր ժողովուրդին պիտի չկարենանք խօսիլ Եկեղեցիներու միութեան մասին: Իմ կարծիքով, միութիւնը մօտակայ էր եւ անոր յետաձգումին յանցանքը կ՚իյնայ Իտալիոյ վրայ»:

Բարձր տրամադրութեամբ ունկնդրեցի Նորին Գերազանցութեան խօսքը եւ անոր պատասխանեցի, ես նոյնպէս երգելով, բայց աւելի զուարթ ձայներանգով, որ Իտալիոյ վարած քաղաքականութիւնը ո՛րեւէ կապակցութիւն չունի Եկեղեցիներու միութեան հարցին հետ: Եկեղեցիներու միութիւնը միեւնոյնն է պիտի չկայանայ՝ եթէ Իտալիան, փոխանակ ռմբակոծումի, ճոխ օգնութիւններ ուղարկէր Յունաստանին: «Աւելի», եզրակացուցի, «ջանացէք օգտագործել յարմար առիթը՝ Ձեր աղքատներուն օգնելու համար: Եւ Ձերդ Գերազանցութիւնը քաջ գիտէ, որ մարդասիրական այս օգնութիւնները Իտալիան չէ որ կ՚ուղարկէ»:

Նորին Գերազանցութիւնը զուարթացաւ եւ ըսաւ. «Փաթիր Կիրիլ, դուք պապականներդ սովորութիւն ըրած էք միշտ վերջին խօսքը ըսել: Պատահական չէ, որ գօտկատեղէն վար հայ էք: Եւ սակայն պէտք է ըսեմ, որ ես՝ Աթէնքի Մետրոպոլիտս չեմ կրնար ոչ մէկ օգնութիւն ընդունիլ առանց վիրաւորելու Ազգային Տնտեսութեան Նախարարը: Խորհուրդ կու տամ իսկոյն այցելութեան երթալ Պրն. Տոքսիատէսին, որ մեծ յարգանք ունի Ձեզի նկատմամբ: Ուշադիր եղէք, սակայն, չգոհանալու գեղեցիկ խօսքերով, այլ պահանջեցէք գրաւոր արտօնել Ձեզի այն ինչ որ բերանացի կը խոստանայ»:

Հետեւեցանք Գերպ. Փըթիին եւ Գերպ. Փափատոփուլոսին խորհուրդին: Նախարար Տոքսիատէսը ընդունեցաւ մեր դիմումը եւ գրաւոր կերպով արտօնեց բաժնել զգեստ, ուտեստեղէն, դեղորայք, եւ դրամական օժանդակութիւն մեր ընտրած հիւանդանոցներուն՝ փախստականներու բժշկական կարիքները հոգալու համար: Արտօնեց նաեւ Աթէնքի մէջ հայկական թաղամասին կառուցումը, որուն կեդրոնը պիտի ըլլային եկեղեցին, Հ. Կիւրեղին դպրոցն ու քահանայատունը:

Հանդիպեցայ նաեւ հայ առաքելական Եպիսկոպոս Մազլըմեան Սրբազանին: Իշխան Քիճին անոր յանձնեց հարիւր հազար լիրայի վճարագիր մը եւ խոստացաւ ուրիշ օգնութիւններ եւս, առաքելական թեմի աղքատներու թիւին համապատասխան: Փիրէոյի մէջ, ծայրագոյն աղքատութեան մատնուած կ՚ապրէր Տ. Յովհաննէս Չերքէզեանը: Իր հովուական ծառայութիւնը նախապէս կատարած էր Պրուսայի թեմին մէջ: Զմիւռնիայի հրդեհէն յետոյ հաստատուած էր Փիրէո եւ քահանայական ծառայութիւն կը մատուցանէր մեր ազգակիցներուն՝ կրօնագիտութիւն դասաւանդելով մանուկներուն ու մեծահասակներուն, հիւանդներուն այցելելով, կարիքաւորներուն օգնութեան հասնելով, որոնց համար ապրուստի միջոցներ կը հայթայթէր փախստականներու օգնութեան կազմակերպութիւններէն: Այնքան եռանդով աշխատած էր, որ ինքն ալ ծայրագոյն աղքատութեան մէջ յայտնուած էր: Փիրէոյի լատին ժողովըրդապետ Տ. Յովակիմ Մէքան անոր յատկացուցած էր ժողովրդապետարանի սենեակներէն մէկը, ուր բնակութիւն հաստատած էր իր քոյրերուն հետ: Ի վիճակի չէր եւ ոչ իսկ հանրակառքի տոմսակը վճարելու եւ ամէն օր Քոքինիա, Քալլիթէա եւ Տուրղութի երթալու համար ոտքով երեսուն հազարամեթր կը քալէր: Գունատ պատմուճան մը կը կրէր կապային վրայէն, որ ծակոտկէն եղած էր աստղազարդ երկինքին նման:

Հայ փախստականները կ՚ապրէին ողորմելի խրճիթներու մէջ. սենեակ մը ութ մեթր երկարութեամբ եւ երեք մեթր լայնութեամբ, բաժնուած երկու մասի, որոնցմէ մէկը կը ծառայէր մարդոց բնակութեան համար, իսկ միւսը որպէս գոմ խոզերու, կովերու, հաւերու եւ տնային ա՛յլ կենդանիներու համար: Պատերը կառուցուած էին արեւու տակ չորցուած եւ չթրծուած կաւի աղիւսներով, իսկ տանիքները ծածկուած էին նաւթի մետաղեայ տակառներու թիթեղներով: Ամառը թիթեղները կը շիկանային եւ տունը կը վերածուէր փուռի: Ձմեռը պատերը ջուր կը ներծծէին եւ կը դառնային ցեխանիւթ զանգուած մը, որ կտոր կտոր կը թափէր կահկարասիի, ուտեստեղէնի, կենդանիներու եւ մարդոց վրայ:

Հոս պէտք է կրկնեմ ինչ որ արդէն ըսի Քորֆուի հայ փախստականներու վերաբերեալ: Ի տարբերութիւն յոյն փախստականներուն, հայերը ոչ մէկ տեսակի օգնութիւն կը ստանային եւ իրենց ճակտի քրտինքով կը շահէին իրենց օրուան հացը: Տուրղութիի մէջ, մօտաւորապէս տասը հեկտար տարածքի մը վրայ, կառուցած էին չորս հազար տուն եւ երկու հազար խանութ: Խանութները կառուցուած էին տուներու նման, միակ տարբերութեամբ որ լեցուն էին ամէն տեսակի բարիքներով, այնպէս որ կարիք չկար գնումներու համար մինչեւ Աթէնք երթալ: Ընդհակառակն, Աթէնքի բնակիչները գնումներու համար կու գային Տուրղութի, ուր գիները աւելի աժան էին: Սկզբնական շրջանին հայերը ջուր հայթայթելու համար կ՚երթային մինչեւ Սբ. Գէորգ հեռաւոր եկեղեցին, բայց կամաց կամաց իրենք իրենց համար փորեցին առնուազն հինգ հարիւր ջրհոր եւ սկսան խմելու ջուր վաճառել նաեւ յոյներուն:

Հայ փախստականներուն մէջ կային բժիշկներ, վիրաբոյժներ, ատամնաբոյժներ, եւ կարելի է դիւրաւ հասկնալ թէ ինչպէս այս մասնագէտները կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կրցան կեանքի բաւարար եւ լաւ պայմաններ ստեղծել իրենց համար: Պարզ գործաւորներն ալ, սակայն, կը ջանային բարելաւել կեանքի պայմանները եւ սակաւաթիւ չեն անոնք՝ որոնք կրցան նախանձելի դիրքի տիրանալ, աւելին՝ ուղղակի մեծահարուստ դարձան եւ գեղեցիկ տուներու տէր: 1927 թուականին Աթէնքի մէջ կային հայեր, որ սեփականատէրերն էին ինքնաշարժերու եւ հանրակառքերու, որոնցմով կ՚ապահովէին արուարձաններու կապը մայրաքաղաքին հետ եւ բեռներու փոխադրումը: Կային վարորդներ եւ շինարարութեան եւ արդիւնաբերութեան մէջ մասնագիտացած հայեր: Ճարտարապետը, որ կառուցեց Աթէնքի թագաւորական պալատը, հայ մըն էր: Եւ հայերն էին, որ կազմակերպեցին պտուղներու շուկան, բան մը որ մինչ այդ անյայտ էր Յունաստանի մէջ:

Թեսաղոնիկէի փախստականներու մօտ

Մալթայի Ասպետներու առաքելութիւնը կը նախատեսէր նաեւ Թեսաղոնիկէի փախստականներուն համար կազմակերպելիք օժանդակութիւնը: Մեկնեցայ Թեսաղոնիկէ Նոյեմբեր 8ին, ժամը 11ի շոգե կառքով: Յոյները Սբ. Տիմիթրիոսի մարտիրոսութիւնը կը յիշատակէին եւ բոլոր դրամատուները փակ էին: Յունական տրախմի չունէի քովս եւ հարկադրուեցայ երկու հարիւր իտալական լիրա փոխանակել առաջին հանդիպած խանութիս մէջ: Խանութպանը, որ անկասկած հրեայ մըն էր, զգաց անփորձ ըլլալս եւ ինծմէ չորս հարիւր տրախմի շորթեց: Խաբուած ըլլալս բաւական չէր, հանդիսաւոր յանդիմանութիւն մըն ալ Դուքս Սէրրայէն ստացայ:

Թեսաղոնիկէ հասայ յաջորդ օրը առաւօտեան ժամը 530ին, տասնութ ժամ շոգեկառքով ճամբորդելէ յետոյ: Քաղաքը, 1914-1918 թուականներու Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն առաջ արդէն հրդեհուած, տակաւին վերակառուցուած չէր եւ ֆրանսական թաղամասի փողոցները աւերակներով լեցուն էին: Մէկ ժամէ աւելի դրի հասնելու համար Լազարիսթ Հայրերու առաքելավայրը:

Թեսաղոնիկէ հասնելուս միեւնոյն օրը այցելութեան գացի Տ. Կարապետ Փառդաշեան Սրբազանին, Մակեդոնիայի եւ Արեւմտեան Թրակիայի Հայ Առաքելական թեմի Առաջնորդին: Մեր հանդիպումը շատ սիրալիր եղաւ, կարծես վաղեմի մտերիմներ ըլլայինք: Փառդաշեան Սրբազանը հաւատքի խոստովանող մըն էր եւ բանտարկութեան ու գանակոծութեան ենթարկուած էր: Ազատած էր յունական բանակին կողմէ, մինչ վերջինս յաղթական մտած էր Մանիսա, ապա ապաստանած էր Թրակիա, իսկ յետոյ բնակութիւն հաստատած էր Թեսաղոնիկէի մէջ: Այդ քաղաքին մէջ կ՚ապրէին աւելի քան տասներկու հազար հայեր, որոնցմէ մօտ չորս հազարը այրիներ ու մանուկներ էին, որոնց ապրուստը կը հոգար Առաջնորդ Սրբազանը, շնորհիւ Ամերիկայի մեր ազգակիցներու կողմէ ուղարկուած օգնութեան: Ան զայրացած պատմեց ինծի թէ ինչպէս ամերիկացի ու անգլիացի բողոքական պատուելիները մարդորսութեան բուռն աշխատանք կը տանէին մեր փախստականներուն մէջ, եւ գիտնալով որ յուսալիք շատ բան չունէին չափահասներէն, իրենց մարդորսութեան թիրախը դարձուցած էին տասներկու տարեկանէն վար գտնուող մա նուկները: Ամերիկացի ու անգլիացի կիներ տունէ տուն կը շրջէին տղաներ ու աղջիկներ հաւաքելու համար, եւ անոնց կշիռով ոսկի կը վճարէին՝ զանոնք Քանատա եւ Անգլիա ուղարկելու համար: Սրբազանը ըսաւ որ ամէն բան կ՚ընէր համոզելու համար մեր ազգակիցները չգաղթել Ամերիկա, եւ վերջաւորութեան ըսաւ որ բողոքական մարդորսութեան եւ արտագաղթի դէմ արդիւնաւէտ կերպով պայքարիլ կարենալու համար պէտք ունէր ամսական առնուազն եօթանասուն հինգ հազար տրախմիի, այսինքն՝ չորս հարիւր յիսուն հազար տրախ մի վեց ամսուան համար: Քիչ օրեր անց Փառդաշեան Սրբազանին յանձնեցի այդ գումարը: Թեսաղոնիկէէն դէպի արեւելք, մօտ մէկ հազարամեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Զէյթինլիկ անունով փոքրիկ գիւղակը, ուր փախստականներու հարիւր ընտանիք, մեծամասնութեամբ հայ, հիւրընկալութիւն գտած էին Լազարիսթ Հայրերու պուլկարական կղերանոցի շէնքէն ներս: Անոնց հոգեւոր խնամքը կ՚ապահովէր Տ. Մկրտիչ Մուրատեանը, որ Պրուսայի թեմի քահանաներէն էր: Հաւատքի ճշմարիտ խոստովանող, թուրքերու կողմէ բանտարկութեան ենթարկուած էր 1915-1922 տարիներուն: Կրցած էր փախչիլ բանտէն եւ բնակութիւն հաստատած էր Զէյթինլիկ, գտնելով Լազարիսթ Հայրերուն հիւրընկալութիւնը: Տեւապէս եռանդուն առաքեալ մնաց եւ յառաջացեալ տարիքին եւս (մահացաւ 1932ին, եօթանասունութ տարեկանը ամբողջացուցած) շարունակեց քարոզել գրեթէ ամէն օր, Սուրբ Պատարագի ատեն, եւ կրօնագիտութեան դասեր տալ մանուկներուն ու մեծահասակներուն, սորվեցնել ծիսական երգերն ու շարականները, օգնել աղքատներուն եւ այցելել հիւանդներուն: Իմ առաջարկովս, Իշխան Քիճին այդ եռանդուն քահանային նուիրեց իննսուն հազար տրախմի, որպէսզի գործածէր իր սրբազան ծառայութեան նպատակներուն համար, իր յաճախակի ճամբորդութիւններուն համար դէպի Վոլո, Քաւալա եւ Մակեդոնիայի ա՛յլ բընակավայրեր, կարիքաւորներուն օգնելու եւ գործաւորներուն աշխատանքի գործիքներ գնելու համար:

Իշխան Քիճին եւ Դուքս Սէրրան Թեսաղոնիկէ հասան Նոյեմբեր 10ի առաւօտեան: Կայարանին մէջ անոնց ներկայացուցի հրամանատար Ռոմանէլլին, իտալական բարեգործական ընկերակցութեան գլխաւոր անդամներէն մէկը, եւ Լազարիսթ Տէր Պրունէթթին: Առանց այս վերջինին օգնութեան, որ կը ճանչնար տեղւոյն մարդիկը եւ բարքերը, քիչ բան պիտի կարենայինք ընել:

Նախաճաշէն ետք իսկոյն գործի անցանք: Տէր Պրունէթթին շատ հետաքրքրական հաշուետուութիւն մը ներկայացուց Թեսաղոնիկէի տարածաշրջանը հաստատուած փախստականներուն եւ անոնց կենցաղային պայմաններուն վերաբերեալ: Մօտաւորապէս երկու հարիւր հազար հոգի էին որոնք կու գային Զմիւռնիայէն, Այտինէն, Մանիսայէն, Ատալիայէն, Տարտանէլիէն եւ Անատոլուի ա՛յլ շրջաններէն: Զմիւռնիայի հրդեհին յաջորդ օրը անգլիական ու ֆրանսական ռազմական նաւերը օրական հազարաւոր փախստականներ կը տեղափոխէին: Յունական Կառավարութիւնը օրթոտոքս յոյները տեղաւորեց եբրայական թաղամասի լքուած տուներուն մէջ: Կաթողիկէ յոյներն ու հայերը հիւրընկալուեցան Լազարիսթներուն առաքելավայրը: Հինգ հարիւր հայ կաթողիկէներ Տէր Պրունէթթիի կողմէ հիւրընկա լուեցան պուլկարական կղերանոցի շէնքէն ներս, իսկ բիւզանդածէս կաթողիկէները հիւրընկալուեցան Ենիճէ Վարտար:

Յունական Կառավարութիւնն ու զանազան կազմակերպութիւն ներ Ամերիկայէն դրամական ու նիւթական առատ օգնութիւն կը ստանային, որպէսզի բաշխուէին առանց ազգութեան ու դաւանանքի խտրականութեան: Բայց իրականութեան մէջ ամբողջը կ՚երթար օրթոտոքս յոյներուն եւ ոչ ոք կը համարձակէր բողոքել, աւելի վատէն երկնչելով: Կաթողիկէներուն կ՚ըսէին. «Դուք Պապը ունիք: Գացէք իրմէ խնդրեցէք օգնութիւն, քանի որ աւելի հարուստ է՝ քան Ռոթշիլտը»: Իսկ հայերուն կ՚ըսէին. «Դուք քրիստոնեայ չէք: Ինչո՞ւ եկած էք մեր երկիրը»:

Թեսաղոնիկէի մէջ նոյնպէս յոյն կաթողիկէները զուրկ էին նախաձեռնութիւններ ընելու ունակութենէն եւ կը գոհանային Լազարիսթներու տուած օգնութիւններով: Հայերը, մինչդեռ, գործի լծուած էին եւ առանց յուսահատելու կը ջանային ոտքի ելլել այդ խեղճ վիճակէն: Բայց հայերուն մէջ նոյնպէս բազմաթիւ էին տարեց այրի ները, հիւանդներն ու անաշխատունակները: Տէր Պրունէթթին մեր ուշադրութեան յանձնեց, որ եթէ մեր տրամադրութեան տակ եղած գումարները ծախսէինք ուտեստեղէն գնելու համար, ա՛յլ բան ըրած պիտի չըլլայինք՝ եթէ ոչ աւելի եւս ծանրաբեռնել պետական պահեստները, իսկ եթէ ծախսէինք բնակարաններ կառուցելու նպատակով, այդ բնակարաններուն տէր պիտի դառնային անոնք՝ որոնք բնակարանի կարիք բնաւ չունէին, որովհետեւ կրնայինք վստահ ըլլալ որ այդ նորաշէն բնակարանները Կառավարութիւնը փախստականներուն պիտի չյատկացնէր: Մինչդեռ հասարակական մեծ օգտակարութիւն ունեցող գործ կրնար նկատուիլ Վարտարի ճախճախուտներուն չորացումը: Մալարիան, իրօք, մշտապէս թագաւորած էր այդ տարածաշրջանին մէջ, բայց փախստականներու ժամանումէն ետք ստացած էր աւելի վնասակար նկարագիր, միանալով բծատենդի բոլոր տեսակներուն: Օրական աւելի քան հարիւր մարդ զոհ կ՚երթար ճախճախուտներու պատճառով առաջացած հիւանդութիւններուն:

Հրամանատար Ռոմանէլլին ճշտեց որ այդ գործին համար հարկաւոր էր երեք միլիոն. այս ձեռնարկը պիտի ըլլար Մալթայի Ասպետներու առաքելութեան անմահ յուշարձանը եւ երկու տարիէն աւելի տեւող աշխատանքով պիտի ապահովէր փախստականներու կեցութիւնը: Տէր Պրունէթթին աւելցուց որ մինչ այդ հարկաւոր էր հոգալ ախտավարակներուն խնամքը. իտալական հիւանդանոցին մեծ սրահը դատարկ էր եւ տնօրէնը զայն սիրով պիտի դնէր Մալթայի Ասպետ ներու տրամադրութեան տակ:

Իշխան Քիճին ընդունեցաւ այս առաջարկները եւ անմիջապէս գացինք Կուսակալութեան պալատը: Կուսակալը հոն չէր եւ ստիպուեցանք յետաձգել հանդիպումը յաջորդ օրուան: Յաջորդ օրը ժամը 11ին ընդունուեցանք արարողակարգի ամբողջ հանդիսաւորու թեամբ. Կուսակալը վար իջաւ մինչեւ մուտքի դուռը եւ յարգալիր վարուելակերպով ընկերացաւ մեզի դէպի իր աշխատասենեակը: Ըսաւ որ Նախարար Տոքսիատէսը զինք տեղեակ պահած էր մեր այցելութեան մասին: Իշխան Քիճին խօսք առաւ եւ մաքուր ֆրանսերէնով ներկայացուց Վարտարի ճախճախուտներու չորացման ծրագիրը, որուն իրականացման համար իր տրամադրութեան տակ ունէր տաս ներկուքէն տասնհինգ միլիոն տրախմի:

«Ձերդ Գերազանցութիւն», ըսաւ Կուսակալը, Իշխանին խօսքը կտրելով, այնպէս մը որ կարծես թէ հարցին տեղեակ ըլլար, «համաձայն չեմ Ձեր կարծիքին եւ վստահ եմ որ Աթէնքի կառավարական մարմինները նոյնպէս համաձայն պիտի ըլլան առաջարկիս: Այդ գումարով մենք կրնանք առնուազն երեք հարիւր բնակարան կառուցել երեք տարբեր թաղամասերու մէջ»:

Հանդիպումէն ետք մէկը ըսաւ որ Կուսակալը, իսկական յոյն մը ըլլալով, հասկցած էր որ ճախճախուտներու չորացումէն իր գրպանը ոչինչ պիտի մտնէր, մինչ բնակարաններու կառուցումին յատկացուած գումարներուն առնուազն յիսուն առ հարիւրը կրնար իւրացնել:

Իտալական հիւանդանոցը բաւականին լաւ խնամուած էր Իվրէայի Անարատ Յղութեան Մայրապետներուն կողմէ: Տնօրէնը, որուն հրամանատար Ռոմանէլլին արդէն տեղեկացուցած էր ծրագրին վերաբերեալ, յատկացուց երեսուն անկողին ընդգրկող սրահը եւ փո խարէնը առաջարկեց կառուցել յիսուն անկողին ընդգրկող եւս մէկ սրահ, այս մէկը նոյնպէս փախստականներուն համար: Ծրագիրները արդէն պատրաստ էին եւ ընդհանուր ծախսը պիտի ըլլար երկու հարիւր հազար տրախմի: Բոլորս ալ համաձայնեցանք առաջարկին եւ Տէր Պրունէթթին Մալթայի Ասպետներու կողմէ նշանակուեցաւ աշխատանքներու հսկիչ: Տնօրէնը, ի նշան իր ուրախութեան ու երախտագիտութեան, մեզի համար պատրաստել տուած էր շատ համեղ նախընթրիք մը կրկնեփներով, փոքրիկ հացիկներու մէջ դրուած հա մադամ պատառներով, փրփրուն գինիով եւ ուրիշ ա՛յլ խորտիկներով: Մայր Տըվայթը, Ողորմութեան Քոյրերու նահանգային Մեծաւորուհին, տրամադրելիութիւն յայտնեց հիւրընկալել այն բոլոր որբերը որ կ՚ուզէինք ղրկել իրեն, իւրաքանչիւրին համար խնդրելով տարեկան հազար տրախմի. բժշկական խնամքի ենթարկել երեք այր եւ երեք կին հիւանդներ, իւրաքանչիւրին համար օրական երեսուն տրախմի վճարումով, ինչպէս նաեւ բոլոր մանուկները՝ իւրաքանչիւրին համար ամսական հարիւր ութսուն տրախմի վճարումով: Ասկէ զատ, օրական չորս հարիւր տրախմի վճարումով կրնային ապահովել ներկայացող հիւանդներու խնամքը ներարկումներով եւ ծծմբային քինաթթուով: Մարդասիրական այս գործը նոյնպէս վստահուեցաւ Տէր Պրունէթթիի հսկողութեան:

Մինչ տակաւին զրոյցի բռնուած էինք Մայր Տըվայթին հետ, Տէր Պրունէթթին ըսաւ որ Տիկ. Մինասեանը իր ամուսինը ուղարկած է՝ հրաւիրելու համար մեզ իր տնօրինած որբանոցը այցելելու: Օգտակար կը նկատեմ ընթերցողներուս ծանօթացնել այս եզակի տիկնոջ պատմութիւնը, որ իր անունը կրող որբանոցին հիմնադրու հին եւ տնօրէնուհին էր: Տիկ. Մինասեանը ծնած էր Անքարա, հայ կաթողիկէ ծնողներէ, բայց ամուսնացած էր առաքելական մարդու մը հետ: Անոնց միջեւ հաստատուած էր դաւանական փոխադարձ յարգանքը: Զաւակ չունեցան եւ Տիկ. Մինասեանը նուիրուեցաւ մարդասիրական գործունէութեան: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ յայտնի էր իբրեւ բոլոր ժողովրդապետութիւններուն եւ բոլոր հիւանդանոցներուն աղքատներուն մայրը եւ Աղքատախնամ Փոքրիկ Քոյրերու տնօրինած ծերանոցին բարերարուհին: Շիշլիի որբերը ամէն կիրակի կը դիմաւորէին անոր գալուստը, որովհետեւ իրենց նուէր կը բերէր պտղահամ շաքար, լոխում, խաղալիքներ ու գրենական պիտոյքներ: Կոստանդնուպոլսոյ գրաւման տարիներուն, դաշնակից զօրքերու բարձրաստիճան հրամանատարներուն յատուկ արտօնութեամբ, Տիկ. Մինասեանը ազատ մուտք ունէր դէպի զինուորական պահեստները, ուրկէ կը ստանար ամէն բան որ կ՚ուզէր: Զմիւռնիայի հրդեհէն անմիջապէս յետոյ, 1922 թուականի Սեպտեմբերին հիմնած էր Թեսաղոնիկէի աղջիկներու որբանոցը եւ առաջին օրերէն իսկ սկսած աղջիկներու հոսքը այնպիսին եղած էր, որ ընդարձակ տարածքները այլեւս անբաւարար ըլլալով՝ Կառավարութենէն խնդրած եւ ստացած էր շէնք մը, ուր կրնային տեղաւորուիլ հարիւր աղջիկ: Այս գործին մէջ անոր կ՚օգնէին երեք օրիորդներ, որոնք կը հետեւէին դպրոցին, եւ տարիքով աւելի մեծ որբուհիները, որոնք կը հոգային բազմատեսակ ծառայութիւններու կատարումը:

1923 թուականի սկզբնաւորութեան, ֆրանսական ու անգլիական զօրաբաժանումները հեռացան Թեսաղոնիկէէն եւ անոնց մեկնու մով նուազեցան որբանոցին օժանդակող միջոցները: Տիկ. Մինասեա նի համար հասան դժուարին ժամանակներ եւ ան արիւն կը քրտնէր որոշ օգնութիւն ստանալու համար Կարմիր Խաչէն, ֆրանսհայկական Բարեգործական Միութենէն եւ յունական կազմակերպութիւններէն: Վերադառնանք մեր պատմութեան: Պրն. Մինասեանը յանուն իր տիկնոջ հրաւիրեց մեզ այցելել անոր տնօրինած որբանոցը: Տէր Պրունէթթին գովասանքով խօսեցաւ Տիկ. Մինասեանի մասին, նկարագրելով որպէս սրբակեաց անձնաւորութիւն, խղճահարութեան աստիճան փափկանկատ կին, Լազարիսթներու բարերարուհի եւ այլն: Տիկ. Մինասեանը, գործակից երեք օրիորդներու եւ քանի մը յոյն եւ հայ տիկիններու ընկերակցութեամբ, մուտքին կեցած կը սպասէր մեզի: Որբուհիները, մուտքի բակին մէջ զոյգ զոյգ շարուած, ծափահարութիւններով դիմաւորեցին մեր ժամանումը: Իշխանն ու Դուքսը շարունակ հիացումի արտայայտութիւններ կ՚ընէին կարգուկանոնի ու մաքրութեան համար, որ կ՚իշխէր այդ տան մէջ: Անոնց հիացումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ մտանք ձեռագոր ծներու ցուցասրահը: Այս նիւթին շուրջ բացարձակապէս տգէտ եմ եւ հետեւաբար կը խուսափիմ տեսածներս նկարագրելէ, քանի որ կը վախնամ նուազեցնել անոնց արժէքը: Աղջիկները հարսանեկան զգեստ մը կը կարէին. նրբահիւս ասեղնագործ ժանեակներ եւ … չեմ գիտեր ուրիշ ինչ: Իշխանը հարցուց թէ որքան կ՚արժէ. «Քսան հազար լիրա՞»: «Չափազանց է», բացականչեց Տիկ. Մինասեանը: «Հազիւ տասը հազար տրախմի: Եւ դեռ կ՚ըսեն՝ թէ շատ կը պահանջենք»:

Այցելութեան աւարտին, Տիկ. Մինասեանը Իշխանին նուիրեց սեղանի նրբահիւս սփռոց մը, թէյի սպասարկման համար օգտագործուող վեց անձեռոցներու հետ միասին: Ինծի ալ մետաքսէ շատ գեղեցիկ թաշկինակ մը նուիրեց, որ ամբողջովին զարդանախշուած էր ռոքոքո ոճով: Տիկ. Մինասեանը թէյասեղան մը պատրաստել տուած էր մեզի համար՝ կրկնեփներով, թարմ կարագով ու պտուղներով: Ի վերջոյ յայտնեց իր պահանջները. հագուստ կարելու կերպասեղէն, պահածոներ, շաքար եւ հարիւր հազար տրախմի: Իշխանը գոհացաւ միայն խոստանալով որ վարչութեան ժողովի ատեն քննարկութեան պիտի դնէր այդ առաջարկը:

Յաջորդ օրը գացի Տիկ. Մինասեանին յանձնելու իրեն համար որոշուած գումարը. տասը հազար տրախմի: Առիթէն օգտուելով Ապաշխարութեան Խորհուրդը մատակարարեցի որբուհիներուն:

Թեսաղոնիկէէն յիսուն հազարամեթր հեռաւորութեան վրայ, դէպի հիւսիս արեւելք, կը գտնուէր Ենիճէ Վարտար գիւղը, որուն մեծ մասը աւերուած էր պալքանեան պատերազմի տարիներուն: Բընակչութիւնը ամէն ինչէ զուրկ էր եւ հաւատացեալները կ՚ապրէին Լա զարիսթ Հայրերու բաշխած օգնութիւններով: Ողորմութեան Քոյրերը հոն մինչեւ եօթը տարեկան մանուկներու համար երկսեռ որբանոց ունէին: Իշխանը խոստացաւ ուղարկել տասը հազար լիրա, հագուստ ծածկոցներ, կաթ, պահածոյ ուտելիքներ եւ այլն: Ենիճէ Վարտարի տարածքը շատ բերրի է եւ եթէ բնակչութիւնը քիչ մը աւելի ջանասէր ըլլայ՝ կրնայ երկու տարուան բերքով ար դէն հարստանալ: Վերադարձին կանգ առինք հին Մակեդոնիայի մայրաքաղաք Փէլլայի աղբիւրներու աւերակներուն քով: Այդ վայրը մեծապէս հարուստ է խմելիք ջուրի մշտահոս աղբիւրներով:

Կրկին Աթէնք եւ Քորֆու

Նոյեմբեր 16ին կրկին Աթէնք վերադարձանք: Կաթողիկէ հոգեւորականները աղքատներուն բաժնուելիք օգնութիւնները պահեստաւորած եւ իսկոյն գործէն ետ քաշուած էին: Միայն Փիրէոյի ժողովրդապետ Տ. Յովակիմ Մէքան անփոփոխ եռանդով կը շարունակէր իր գործը:

Նոյեմբեր 19ին Նախարար Տոքսիատէսը իր քով հրաւիրեց Իշխանն ու Դուքսը եւ յայտարարեց որ դրամական կամ ա՛յլ տեսակի օգնութիւններ բաշխելու վերաբերեալ իր կողմէ նախապէս գրաւոր տրուած արտօնութիւնը ենթակայ է Կառավարութենէն պաշտօնապէս ճանչցուած յանձնախումբերու միջոցով կատարելու պայմանին: Ասկէ զատ ըսաւ որ Կառավարութիւնը համաձայն չէ մայրաքաղաքին շրջակայքը հայկական թաղամասի մը կառուցման: Չընդունեցաւ նաեւ յոյն կաթողիկէներուն համար թաղամաս մը կառուցելու առաջարկը, եւ ի վերջոյ համաձայնեցան կառուցել եօթանասուներկու տուն օրթոտոքս յոյներու եւ քսանչորս տուն կաթողիկէ յոյներու համար: Հարկադրուեցանք նաեւ մաքսային հարկ մուծել փախստականներուն յատկացուելիք բոլոր օգնութիւններուն համար:

Ահա այսպէս Նախարար Տոքսիատէսը կը կործանէր Աթէնքի մէջ եկեղեցի մը, դպրոց մը եւ քահանայատուն մը ունենալու իմ բոլոր ծրագիրներս: Բայց ի՞նչ կրնան ընել մարդոց խարդախութիւնները, եթէ Աստուած մեր կողմն է:

Նոյեմբեր 25ին կրկին Քորֆու գացինք: Բարեգործական խոհանոցը երեւութապէս շատ լաւ կը գործէր, բայց աղքատները կը բողոքէին որ կերակուրներու բաշխումը իրականացնող պաշտօնեաները ոմանց կը նպաստէին, իսկ ոմանց ալ ամբողջովին կ՚անտեսէին: Իրավիճակը ուղղելու նպատակով որոշեցինք կերակուրներու բաշխումը յանձնել յունական խորհուրդին եւ հայկական կոմիտէին: Բարեգործական խոհանոցէն ամէն օր կերակուր կը ստանային հինգ հազար փախստականներ:

Արդէն Քորֆու ժամանած էր Հ. Ստեփան Հարունեանը, Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութենէն: Յանձնարարական նամակին մէջ Գերպ. Ճոպպէն կը յայտնէր, որ բանակցութիւններու մէջ էր Վիեննայի Ընդհանուր Աբբահօր հետ, ուրիշ երկու Վարդապետ եւս ուղարկելու նպատակով:

Դեկտեմբեր 5ին Իշխան Քիճին եւ Դուքս Սէրրան վերադարձան Իտալիա, Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօները իրենց ընտանիքներուն հետ անցընելու համար: Անոնց հետ մեկնեցաւ նաեւ Տ. Գրիգոր Ինճէյեանը, որուն գալուստին կը սպասէր Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի ուսուցչապետ Հ. Սարգիս Տէր Աբրահամեանը:

 

ԳԼՈՒԽ Դ.

Հայ որբերու փնտռտուքի մէջ – Յիսուս Մանկան Սրբուհի Թերեզայի հովանաւորութեան տակ – Զանազան ճամբորդութիւններ – Սամոսի հայ փախստականները – Աթէնքի շրջակայքը – Խիոսի հայ փախստականները – Աղեքսանդրապոլիսի բարի Տէր Հայրը

Հայ որբերու փնտռտուքի մէջ

Մալթայի Ասպետներու եւ Տ. Գրիգոր Ինճէյեանի մեկնումէն ետք, հարկ եղած ցուցմունքները տուի Հ. Ստեփան Հարունեանին, որ զիս պիտի փոխարինէր դպրոցի տնօրինման, քահանայական պաշտօնի եւ ամերիկեան որբանոցներէն ներս կրօնագիտութիւն դասաւանդելու մէջ: Որոշած էի մեկնիլ Դեկտեմբեր 12ին, սկսելու համար Իտալիա ուսման ղրկուելիք հայ որբերու հաւաքումը, բայց Գերպ. Պրինտիզին յամառօրէն ուզեց որ իմ դպրոցս փոխադրուի Արքեպիսկոպոսական պալատի երկրորդ եւ երրորդ յարկերուն մէջ, ամիսը հազար երկու հարիւր տրախմի վարձով: Ամսոյն 15ին տեղափոխեցինք դպրոցական կահկարասին, իսկ երկու օր ետք մեր աշակերտները հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին դպրոցի նոր վայրը: Դեկտեմբեր 18ին նաւ բարձրացայ դէպի Փիրէո, որովհետեւ հոն կը խաչաձեւուէին Յունաստանի նաւային բոլոր գիծերը: Քէֆալոնիայի մէջ Ֆրանչիսկեան Մայրապետները աղջիկներու դպրոց մը ունէին, ուր կը յաճախէին նաեւ հայուհիներ, ուր հնարաւորութիւնը ունէին ուսանելու մեր մայրենի լեզուն: Շէնքին մէկ մասը վարձու տրուած էր հայ փախստականներու կոմիտէին, որ հոն կազմակերպած էր մանչերու դպրոց մը:

Քէֆալոնիայէն անցայ Զանթէ, ապա Փաթրաս, ուրկէ շոգեկառքով հասայ Աթէնք: Ամերիկեան կոմիտէն Յունական Կառավարութենէն ստացած էր Կոստանդիանոս թագաւորին պալատը եւ հոն տեղաւորած էր աւելի քան հինգ հազար հայ որբեր եւ ընդհանուր տնօրէնութեան գրասենեակները: Ընդհանուր տնօրէնուհիէն յանձնարարա կան նամակներ խնդրեցի, որպէսզի ինծի յանձնուէին ամերիկեան զանազան որբանոցներու մէջ տեղաւորուած հայ կաթողիկէ որբերը: Դժուարութիւն չհանեց, բայց պահանջեց որ Իտալական Դեսպանատունը յանձն առնէ դէպի Իտալիա մուտքի արտօնագիր շնորհել հարիւր քսան որբերու: Դեսպան Մոնթանիան նկատել տուաւ որ նմանատիպ գրաւոր յանձնառութիւնը դիւանագիտական մեծ սըխալ մը կրնար ըլլալ, բայց բերանացի կերպով խոստացաւ ինծի մուտքի արտօնագիր շնորհել այն բոլոր որբերուն, որոնք պիտի ներկայացնէի Դեսպանատան: Այս բերանացի երաշխիքը բաւական եղաւ եւ ամերիկացի տնօրէնուհին ինծի ըսաւ որ Քորֆու պիտի ղրկէր Իտալիա ուղարկուելիք որբերը:

Յիսուս Մանկան Սբ. Թերեզայի հովանաւորութեան տակ

Հոս պիտի պատմեմ միջադէպ մը, որ կը բացատրէ Յունաստա նի մէջ ունեցած առաքելական յաջողութիւններս: Սուրբ Ծննդեան նախօրեակին, քիչ մը ազատ ժամանակ ունենալով, ձեռքս առի ,Œuvre d’Orientե պարբերականը եւ սկսայ կարդալ Միջագետքի դոմինիկեաններու առաքելութեան մեծաւոր Հայր Սիմոնի հրատարակած յօդուածը: Այդ առաքեալը կը պատմէր, որ իր առաքելութիւնը վերջերս սրբադասուած Թերեզա Յիսուս Մանուկի հովանաւորութեան տակ դնելէ ետք բազմաթիւ անհաւատներ դարձի եկած էին եւ ընդունած էին Եկեղեցւոյ հաւատքը: Այդ տողերը կարդալով կանգ առի եւ սրտիս մէջ աղօթելով՝ առաքելական բոլոր գործերս յանձնեցի Սրբուհի Թերեզայի պաշտպանութեան:

Նոյն օրը երեկոյեան ինծի այցելութեան եկաւ հայ առաքելական պարոն մը, որուն երբեք չէի հանդիպած: «Հայր Սուրբ», ըսաւ, «լսեցինք որ Յունաստան եկած էք հայերուն օգնելու եւ մխիթարելու համար, եւ զիրենք կը փնտռէք ամէնուր: Ինչո՞ւ չէք գար Սամոս, ուր մեծ թիւով հայեր կը բնակին, անոնք լքուած են մեր Սրբազանէն եւ հարկադրուած են յաճախել յունական ու ֆրանսական եկեղեցիները, առանց բան մը հասկնալու: Ֆրանսական եկեղեցւոյ մէջ երկու վարդապետներ կը ծառայեն, որոնք մեզ շատ կը սիրեն, կ՚օգնեն ու կը մխիթարեն: Բայց միայն ֆրանսերէն կը խօսին եւ ֆրանսերէն կը քարոզեն: Այսքանին համար ալ շնորհակալ ենք Տիրոջ, բայց բաւական չէ: Մէկ շաբաթ անց աղջիկս մկրտեցինք, ձեռամբ ֆրանսացի քահանայի մը, եւ կինս ուզեց որ Թերեզա կոչուի, ի պատիւ սուրբ միանձնուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան, որ հակառակ ամէն յոյսի՝ կնոջս յաջող ծննդաբերութիւն պարգեւած էր»:

«Բայց ո՞վ ձեզի խօսած էր Յիսուս Մանկան Սրբուհի Թերեզա յին մասին», խօսքը կտրելով հարցուցի ես:

«Քոյր Ժընըվիեւը», պատասխանեց, «որ Թոքատ ծնած հայուհի մըն է, բայց ֆրանսական հաստատութեան մը քով կ՚աշխատի»:

Հասկցայ որ Սրբուհի Թերեզան ոչ միայն ընդունած էր իմ ընծաս, այլ նաեւ իր պաշտպանութեան տակ առած էր առաքելական գործունէութիւնս: Իսկ այդ բարի մարդուն խոստացայ Սամոս այցե լել որքան հնարաւոր է շուտով:

Զանազան ճամբորդութիւններ

Սուրբ Ծնունդը Աթէնքի մէջ անցուցի: Գացի շնորհաւորանքներս ներկայացնելու Գերպ. Քալաւասսիին եւ անոր հետ խօսեցայ Մալթայի Ասպետներուն առաքելութեան մասին: Ապա Փիրէոյէն նաւ բարձրացայ եւ յաջորդ օրը առաւօտեան արդէն Սիրայի նաւահանգիստը կը գտնուէի: Վերին Սիրայի փողոցները սալայատակուած ու երթեւեկելի չէին, եւ անպատմելի չարչարանքներ կրեցի՝ դէպի մեր վանքը տանող հինգ հարիւր երկու աստիճանները բարձրանալու համար: Յետ միջօրէի, այցելութեան գացի Գերպ. Մաքրիոնիթիս Եպիսկոպոսին: Ան մեծագոյն ազնուութեամբ ընկերացաւ ինծի եւ այցելել տուաւ իր տնօրինած որբանոցը, ուր ապաստան գտած էին տասնութ յոյն եւ երեք հայ տղաներ: Հիացայ տիրող կարգուկանոնով, կարգապահութեամբ ու մաքրութեամբ: Որբանոցին գործնական տնօրէնութիւնը յանձնուած էր Քոյր Պեռնատէթ Քիւրօղլեանին, որ Ատանայի Սուրբ Պօղոս Միաբանութեան հայ միանձնուհիներէն էր, միակը որ ազատած էր 1915ի ջարդերէն: Քոյր Պեռնատէթի հոգատարութեան յանձնուած էին դպրոցը, մաքրութիւնները, լուացքը խոհանոցը, մատուռը եւ մնացած ամէն բան: Սիրայի մէջ մօտ երեք հարիւր հոգիէ բաղկացած փոքրիկ հայ գաղութ մը գտայ, որոնց մեծամասնութիւնը առաքելականներ էին: Կ՚ապրէին հովիւէ զուրկ մնացած հօտի նման, առանց սեփական Ծէսի քահանայի եւ առանց ազգային դպրոցի: Կը յաճախէին օրթոտոքս եկեղեցիները եւ մանուկներու մկրտութեան եւ ննջեցեալներու կրօնական յուղարկաւորութեան համար կը դիմէին օրթոտոքս քահանաներու: Այսպէս կոչուած Ազգային Ժողով մը, որ կազմուած էր նախագահէն, քարտուղարէն եւ երկու օգնականներէ, հարկ եղած հարցերը կը լուծէր Յունական Կառավարութեան քով:

Դեկտեմբեր 27ին հասայ Նաքսոս, ուրկէ հինգ ժամ նաւարկելէ ետք հասայ Թիրա, ուր միայն մէկ հայ ընտանիք գտայ որ կը պատրաստուէր փոխադրուելու Փիրէոյ:

Կրկին Սիրա վերադարձայ Դեկտեմբեր 30ի երեկոյեան եւ յաջորդ օրը առաւօտեան այցելութեան գացի ամերիկեան որբանոց, ուր ապաստան գտած էին մօտ չորս հազար որբեր ու որբուհիներ: Հայկական թերթերու յարուցած գրչապայքարէն խուսափելու համար՝ սրտի մեծ կսկիծով այլեւս համակամած էին ուսումնական ծըրագիրէն դուրս ձգել կրօնի դասաւանդումը, քաջ գիտակցելով հանդերձ որ առանց կրօնական կրթութեան այդ պատանիները անդառնալիօրէն կ՚ընթանային դէպի անիշխանութիւն ու անբարոյականութիւն:

Ամերիկեան որբանոցներու ընդհանուր Տնօրէնը Սիրա եկած էր Ամանորի տօնակատարութիւնները հոն անցընելու համար: Մեծագոյն ազնուութեամբ ընդունեցաւ զիս եւ ըսաւ որ երջանիկ պիտի ըլլար եթէ կարենայի հետս տանիլ այդ բոլոր որբերը: «Մենք», ըսաւ «չենք կրնար դաստիարակել այս հետաքրքրական ու խելացի պատանիները, քանի որ մեր ձեռքերը կապուած են առաքելական եկեղեցականներու տեւական հսկողութեամբ: Եթէ այսպէս շարունակուի, այս պատանիները աւազակներ կը դառնան»:

Գտայ կաթողիկէ ընտանիքներէ սերող եօթը տղայ: Ասոնցմէ զատ, ընտրեցի ուրիշ չորս առաքելական տղաք, որոնք, ինչպէս վստահեցուց ինծի դաստիարակներէն մէկը, լաւագոյն յոյսեր կը ներշնչէին:

Սամոսի հայ փախստականները

1924 Յունուար 4ի առաւօտեան նաւ բարձրացայ, ուղղուելով դէպի Սամոս, ուր ինծի կը սպասէին իմ հայերս եւ Լիոնի Ափրիկեան Առաքելութիւններու Հայրերը: Ժամը 19ին նաւը խարիսխ ձգեց Վաթիի ծովախորշը: Զիս դիմաւորելու եկած էին Առաքելութեան Մեծաւորը եւ այն հայ պարոնը որ Աթէնք եկած էր զիս Սամոս հրաւիրելու համար:

Լիոնի Սուրբ Յովսէփի Միաբանութեան Քոյրերէն էր Քոյր Ժընըվիեւ Քաֆիտեանը, թոքատցի ազնուական հայ ընտանիքի աղջիկ:

Ան հոգ կը տանէր Սամոս ապաստանած մեր տարաբախտ ազգակիցներուն եւ անոնց վրայ ծախսած էր իր ընտանիքէն ստացած հսկայական գումարները: Վերջ ի վերջոյ ինքն ալ չքաւորութեան մատնուած էր եւ օգնութեան կարիքը ունէր՝ իր առաքելութիւնը շարունակելու համար: Անոր յանձնեցի հինգ հազար լիրա, ծածկոցներ, հագուստ եւ օգտակար ուրիշ շատ բաներ: Հաւասարաչափ օգնութիւններ յանձնեցի հոն առաքելական պաշտօն վարող Հայրերուն, ի նպաստ յոյն փախստականներուն: Քոյր Ժընըվիեւը փորձառու էր իր առաքելութեան մէջ եւ նրբահիւս ժանեակներու արհեստանոց մը հիմնած էր, որպէս նպատակ հետապնդելով հեռացնել հայ կիները ծխախոտի արտադրութենէն, տալով անոնց աշխատանք մը որ աւելի շահութաբեր էր, աւելի առողջարար եւ իրենց սեռին աւելի պատշաճ: Սկզբնական շրջանին ասեղնագործ թաշկինակները փոքրիկ շահով մը կը վաճառուէին Լիոնի շուկաներու մէջ: 1926 թուականին, Քոյր Ժընըվիեւը բարեբախտութիւնը ունեցած էր ծանօթանալու Օրիորդ Լէյլա Քարակէօզեանին, Նիւ Եօրքի հարուստ գորգավաճառի մը աղջկան, որ կը տառապէր կերակրափողի քաղցկեղով, եւ անոր խորհուրդ տուած էր հայցել տակաւին նոր Երանելի հռչակուած Թերեզա Յիսուս Մանկան բարեխօսութիւնը: Իննօրեայ աղօթքներու ընթացքին հիւանդը կատարելապէս բժշկուած էր եւ, ընդունած հրաշքին իբրեւ երախտագիտութիւն, յանձն առած էր կազմակերպել թաշկինակներու վաճառքը Նիւ Եօրքի շուկաներու մէջ, հատը մէկ տոլարի: Այդ վաճառքէն բաւական գումար ձեւացած էր, որ հնարաւորութիւն տուած էր Քոյր Ժընըվիեւին շարունակելու եւ զարգացնելու իր գործունէութիւնը, հիմնելով որբանոց մը դեռատի աղջնակներու համար, բոլոր ծախսերը սեփական միջոցներով հոգալով: 1928 թուականին, Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետը, ուզելով բարձր գընահատանքի արժանացնել Քոյր Ժընըվիեւի վաստակը, պարգեւատրեց զինք ,Pro Pontifice et Ecclesiaե շքանշանով: Տիկ. Արսէնիա Շիլիմեանը նոյնպէս նոր Երանելի հռչակուած Թերեզա Յիսուս Մանկան բարեխօսութեամբ հրաշագործուածներէն էր: Երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ եւ 1923 թուականի Սեպտեմբերին բժիշկներն ըսած էին թէ օրերը հաշուըուած էին: Քոյր Ժընըվիեւը այս լուրը իմացած էր Տիկ. Շիլիմեանի աւագ աղջիկէն. ան գացած էր ներողութիւն խնդրելու՝ որովհետեւ պիտի չկարենար դպրոց յաճախել, քանի որ հարկադրուած էր խնամել մահամերձ մայրը: Քոյր Ժընըվիեւը իսկոյն համախմբած էր դըպրոցին աղջիկները եւ անոնց հետ սկսած էր Երանելի Թերեզային ուղղուած Իննօրեան: Հիւանդը ուխտ ըրած էր եռանդուն սրտով ծառայել Աստուծոյ Եկեղեցւոյն: Հրաշալի կերպով բժշկուած էր Իննօրեային երրորդ կամ չորրորդ օրը:

Ինչպէս ըսի, Երանելի Թերեզան այս հրաշքով յայտնեց իր հովանաւորութիւնը, որ կը շնորհէր իմ առաքելութեանս: Յիսուս Մանկան Թերեզայի բարեխօսութեամբ հայ փախստականներու ի նըպաստ կատարուած այս եւ ուրիշ հրաշքներու լուրը շուտով տարածուեցաւ Յունաստանի բոլոր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ, ո՛չ միայն կաթողիկէներու, այլ նաեւ օրթոտոքսներու մէջ:

Աթէնքի շրջակայքը

Փետրուար 11ի առաւօտեան կրկին Աթէնք կը գտնուէի: Հոն գտայ Իշխան Քիճին եւ Դուքս Սէրրան, որոնք նոր վերադարձած էին Իտալիայէն եւ սրտանց կը փափաքէին այցելել մայրաքաղաքին եւ անոր շրջակայքի պատմամշակութային գլխաւոր կոթողներն ու յուշարձանները: Սկսանք թագաւորական պալատէն, որ տասնիններորդ դարու շինութիւն մըն է, գոթական բաւականին ծանր ոճով կառուցուած:

Ներսը շատ գեղեցիկ էր, իսկ շքեղ պարտէզը Զափիոն անունով մե ծահարուստ մը Օտթոն թագաւորին նուիրած էր: Փանէփիսթիմիու փողոցին վրայ կը գտնուին քաղաքային ամենակարեւոր հաստատութիւնները, որոնց շարքին Լատին Մայր Տաճարը, համալսարանը, Ազգային Թանգարանն ու Ազգային Գրադարանը: Ազգային Թանգարանին մէջ Իշխան Քիճին եւ Դուքս Սէրրան հիացան հայազգի հռչակաւոր ծովանկարիչ Այվազովսքիի նկարներուն վրայ: Փաթիսսիոն անունը կրող երկար փողոցը անցնելով՝ յայտնուեցանք Ատթիքայի գիւղական տարածքներու մէջ եւ անմշակ ընդարձակ դաշտեր անցնելէ ետք հանդիպեցանք որթատունկի ու ձիթենիներու փոքր այգիներու: Քիչ մը աւելի վար, կանաչապատ երիզ մը ցոյց կու տար Կէփիզ գետին հոսքը:

Մեր հայեացքները կանգ առին բլուրի մը կատարին վեր խոյացող զանգակատան մը վրայ: Հասած էինք Իրաքլիոն գիւղը որ հիմնած էր Օտթոն Առաջին թագաւորը: Նախախնամութիւնը զիս հայ փախստականներու ճանապարհին վրայ կը դնէր: Անոնցմէ շատերը ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած էին Ամարուսիի դաշտերուն մէջ, վրաններու տակ, եւ ես, անոնց կարիքներուն լաւագոյնս տեղեկանալու նպատակով, չյայտնեցի իմ հայ ըլլալս: Մեզի կ՚ընկերակցէին երկու աղջիկներ, որ ծանօթ էին ֆրանսերէն լեզուին եւ մեր թարգմանիչներն էին: Անձրեւ տեղացած էր եւ դաշտը ամբողջովին հեղեղուած վիճակի մէջ էր, այնպէս որ մեր ինքնաշարժը ստիպուեցաւ կանգ առնել գլխաւոր ճանապարհին վրայ: Ես ալ հարկադրուած էի բոպիկ յառաջ երթալ: Աստուած իմ, այդ ի՜նչ տեսարան էր: Այդ խեղճ մարդիկը կ՚ապրէին ամերիկեան առաքելութենէն ստացած վրաններու տակ. դաշտը իրական տղմուտ մըն էր եւ ցեխը մինչեւ ծունկերս կը հասնէր: Երիտասարդ կին մը կուրծք կու տար իր մանուկին: Հազիւ թէ զիս նկատեց, ոտքի ելաւ, աջս համբուրեց ու ըսաւ. «Հայր Սուրբ, օրհնեցէք իմ այս զաւակս»: «Աստուած թող օրհնէ զինք ու պահպանէ», պատասխանեցի: «Հայր Սուրբ», աւելցուց կինը խոր հառաչանքով, «իմ գանձս պիտի մեռնի, որովհետեւ ես կաթ չունիմ: Այս չորրորդ զաւակս պիտի ըլլայ, որ Տէրը կ՚առնէ ինծմէ: Թող միշտ օրհնեալ ըլլայ Տէրը»: Տարաբախտ կինը հեծկլտալու սկսաւ: Իրեն փոքրիկ գումար մը նուիրեցի եւ շտապեցի հեռանալ դաշտէն, ծածկելու համար արցունքներս որ այտերէս վար կը հոսէին: Ուրիշ կին մը աճապարանքով վրանէն դուրս ելաւ եւ աման մը գաղջ ջուր բերելով՝ ծունկի ե կած լուաց ոտքերս ու ծունկերս, որոնք ամբողջովին ցեխոտած էին: Երկու աղջիկները զիս վայրկեան մը անգամ մինակ չէին ձըգեր: Ուզեցին առաջնորդել զիս դէպի հայերու հրապարակը: Երեսուն վրաններով շրջապատուած տարածք մըն էր, ուր մեր փախստականները կը զբաղէին ամենատարբեր արհեստներով, ամենախոնարհներէն (կօշկակար, հնակարկատ, մսագործ եւ այլն), մինչեւ ամենապատուականները (ժամագործ, ոսկերիչ, բժիշկ, դեղագործ եւ այլն): Իշխանն ու Դուքսը իրաւացիօրէն կը հիանային այդ մարդոց քաջութեան ու աշխատասիրութեան վրայ: Որպէս վերջին հանգրուան, երկու աղջիկները առաջնորդեցին մեզ դպրոց: Արեւու տակ չորցուած եւ չթրծուած հում աղիւսներով շինուած խրճիթ մըն էր, առանց ո՛րեւիցէ կահաւորումի, բացի ուսուցիչին աթոռէն եւ կաղ սեղանէն: Հոն գտանք յիսունի չափ տղաներ ու աղջիկներ, որոնց երիտասարդ մը ծիսական շարականներ կը սորվեցնէր: Իշխան Քիճին գումար մը թողուց դպրոցին եւ կարիքաւոր մանուկներու ցանկը խնդրեց, որոնց խոստացաւ հագուստ եւ կօշիկ ուղարկել:

Շարունակելով մեր ուղեւորութիւնը, հասանք Քիֆիսսիա: Հոն ալ հայ փախստականներու բանակատեղի մը գտանք, որոնք սակայն աւելի բարւոք վիճակի մէջ էին՝ քան Ամարուսիի մեր ազգակիցները:

Այցելեցինք քանի մը գիւղ եւս եւ Փէնթէլիի վանքը, ապա վերադար ձանք Աթէնք: Այդ նոյն երեկոյեան իսկ այցելութեան գացինք բժիշկ Ալֆրէտ տ՚Օրինյիին, որ Աթէնքի ֆրանսական հիւանդանոցին տնօրէնն էր: Ան կարմիր սուլթան Ապտուլ Համիտ Խան Երկրորդի վստահելի բժիշկը եղած էր եւ այդ արիւնարբու մարդուն գահընկէց ըլլալէն յետոյ բնակութիւն հաստատած էր Յունաստան: Հիացումի արժանի էր իր մարդասիրութիւնը, յատկապէս հայ փախստականներու նկատմամբ, որոնք զինք «Հայրիկ տ՚Օրինյի» կը կոչէին: Բայց նաեւ ինքնատիպ անձնաւորութիւն մըն էր եւ ինծի այնպէս թուեցաւ որ բնաւ հետաքրքրուած չէր Իշխան Քիճիի առաջարկներով: Իշխանը անոր կը խօսէր հայ փախստականներուն իր հիւանդանոցէն ներս ապաստան տալու անհրաժեշտութեան մասին եւ ի վերջոյ հարցուց՝ թէ որքան պէտք է վճարէր տասներկու հիւանդ հիւանդանոց պառկեցնելու համար: «Տասներկու տեղի համար տասներկու տրախմի», պատասխանեց տ՚Օրինյին: Իշխանը զարմացաւ այդ չնչին գումարին ի լուր, իսկ բժիշկը աւելցուց. «Ձեզի այդ գումարը շա՞տ կը թուի: Ուրեմն ընենք վեց տրախմի: Իշխան, ես Ձեզմէ բան մը չեմ ուզեր, որովհետեւ ինչ ալ վճարելու ըլլաք՝ ողորմելի գումար մը պիտի ըլլայ, որուն համար չեմ կրնար մոռացութեան մատնել այն թանկարժէք գանձը որ բարին Աստուած ինծի կը խոստանայ»:

Խիոսի հայ փախստականները

Խիոսի Եպիսկոպոս Գերպ. Քարիքիոպուլոսի կողմէ հաղորդագրութիւն մը ստացայ թէ այդ կղզիին հայերը ինծի կը սպասէին ծիսական կարեւոր արարողութիւններու համար: Ընդունեցայ հրաւէրը եւ 1924 Յունուար 11ին նաւ բարձրացայ, ուղղուած դէպի Խիոս: Նաւ բարձրանալու ատեն, թէեւ եղանակը անձրեւոտ էր, ծովը հանդարտ էր: Բայց հազիւ թէ բաց ծով ելանք, կատաղի փոթորիկ մը սանձազերծուեցաւ, որու կ՚ընկերանային տեղատարափ անձրեւն ու կայծակները: Ուղեւորները, նաւի անձնակազմը եւ հրամանատարն ինքը սարսափահար էին եւ յոյսերնին կտրած էին կրկին տեսնելու իրենց սիրելիները: Անձնակազմի պաշտօնեաներէն մէկը ձեռքերը երեսին կը զարնէր ու կ՚աղաղակէր. «Ա՜հ, Աստուած, ի՞նչ պիտի ըլլայ կնոջս ու զաւակներուս վիճակը առանց ինծի»: Ուրիշներ ալ կային, որ իրենց թունաւոր բերաններէն անարգանքի խօսքեր կը թափէին Աստուծոյ, Աստուածամօր եւ Սուրբերու դէմ: Միայն երկու հոգի բռնուած չէին ծովային հիւանդութենէ. ես եւ հրամանատարը: Բայց փոթորիկը աւելի ու աւելի կը սաստկանար:

Միայն Աստուած կրնար փրկել մեզ, բայց մինչ ես կ՚աղօթէի, ուրիշներ կը շարունակէին օղի խմել եւ Աստուծոյ դէմ խօսիլ: Ինչպէ՞ս լռեցնել այդ թշուառ լեզուները: Իսկոյն օրհներգ մը յօրինեցի եւ սկսայ յունարէնով երգել. «Տէր, ողորմէ մեզի: Քրիստոս, ողորմէ մեզի՝ մեղաւորներուս: Քրիստոս, ներէ մեր մեղքերը: Փրկէ, ո՜վ Տէր, անոնք՝ որոնք կը հաւատան Քեզի, որոնք կը յուսան Քեզի, որոնք կը սիրեն Քեզ: Ներէ, ո՜վ Տէր, անոնց՝ որոնք անարգանքի խօսքեր կ՚ուղղեն Քեզի եւ Քու Ամենասրբուհի Մօրդ, քանի որ անոնք ալ Քու որդիներդ են, Քու թանկարժէք արեամբ փրկուած: Ներէ անոնց, ինչպէս ներեցիր մեղաւոր կնոջ ու բարի աւազակին: Ներէ անոնց, որովհետեւ գինով են եւ ըրածնին չեն գիտեր: Փրկէ, ո՜վ Տէր, Քու ժողովուրդդ եւ Քու ժառանգութիւնդ»:

Զարմացած ու հիացած, այդ հայհոյող լեզուները պապանձեցան կարծես դիւթանքով, իսկ երբ երգեցի. «Ներէ, ո՜վ Տէր, անոնց՝ որոնք անարգանքի խօսքեր կ՚ուղղեն Քեզի եւ Քու Ամենասրբուհի Մօրդ», խնդրեցին կրկնել այդ խօսքերը եւ իրենք ալ միացան աղօթքին: Այդ միեւնոյն լեզուները, որ քիչ առաջ անարգանքի խօսքեր կ՚արտասանէին, սկսան ծիսական շարականներ եղանակել եւ շարու նակեցին Տիրոջ գովքը երգել մինչեւ ճամբորդութեան աւարտը:

Խիոսի նաւահանգիստը հասանք քսանչորս ժամ ուշացումով, բայց բոլորս ալ ողջ ու առողջ էինք: Բոլորս միասին շնորհակալութեան տաղ մը երգեցինք առ Աստուած:

Ծիսական կարեւոր արարողութիւնը, որուն համար զիս հրաւիրած էին Խիոս, երկու երիտասարդներու ամուսնութեան օրհնութիւնն էր, որոնցմէ փեսան առաքելական էր, իսկ աղջիկը՝ Ազատու հին կաթողիկէ: Վերջինս Հալաճեան մականունը կրող ատամնաբոյժին աղջիկն էր: Ծագումով Զմիւռնիայէն էին, ուր միլիոնատէր եղած էին, բայց ջարդերէն ազատելու համար՝ հայրը իր բոլոր ինչքերը տուած էր բարձրաստիճան թուրք զինուորականի մը: Խիոսի մէջ անցուցած առաջին երկու տարիներու ընթացքին կրցած էր կըրկին հաստատել ատամնաբուժական աշխատասենեակ մը եւ շնորհիւ իր մասնագիտական հմտութեան՝ կրցած էր յաճախորդներու լայն շրջանակի մը տիրանալ մօտակայ կղզիներու բնակչութենէն: Դժբախտաբար, հոգեկան ներաշխարհը հիւանդագին վիճակի մը մէջ յայտնուեցաւ եւ ինքնասպանութեան մտագարութեան դէմ պայքարելու համար ինքզինք արբեցութեան տուաւ: Արբեցութեան պատճառով անոր ձեռքերը շուտով դողալու սկսան եւ յաճախորդները հեռացան իրմէ: Ոգելից խմիչքներ գնելու համար կամաց կամաց վաճառեց ատամնաբուժական գործիքներն ու տան ամբողջ կահկարասին: Կինը չդիմացաւ այդ իրավիճակին եւ անդամալուծուեցաւ: Զաւակները, մերկ ու քաղցած, կ՚ապրէին կաթողիկէ քահանաներէն ստացած օգնութիւններով: Երիտասարդ փեսան կրօնագիտութեան դասընթացքի մը հետե ւած էր Գերպ. Քարիքիոպուլոսի մօտ: Զինք քաջ պատրաստուած գտայ եւ Յունուար 15ին ընդունեցայ անոր հաւատքի դաւանութիւնը եւ թոյլատրեցի մերձենալ խորհուրդներուն: Նոյն երեկոյեան իսկ օրհնեցի նշանտուքը ըստ հայ ծիսակարգի, իսկ յաջորդ օրը օրհնեցի պսակը:

Խիոսէն վերադարձէս քանի մը օր առաջ երկու նորապսակները ներկայ գտնուեցան մատուցած Սուրբ Պատարագիս եւ արարողութեան աւարտին եկան զիս ողջունելու եւ օրհնութիւնս խնդրելու: Ազատուհին այլեւս ամուսնական ճերմակ զգեստներով չէր, որոնք իրը չէին, այլ փոխ առած էր մէկէ մը: Փոխարէնը զգեստաւորուած էր ցնցոտիներով, որոնց զարդերը անթիւ անհամար ծակերն ու պատռուածքներն էին: Զինք այդ վիճակին մէջ տեսնելով գթացի եւ հազար տրախմի նուիրեցի, խոստանալով ուրիշ օգնութիւններ ալ խնդրել Իշխան Քիճիէն:

Խիոսի մէջ գտայ քանի մը հայ կաթողիկէ ընտանիքներ, որոնք բնակութիւն հաստատած էին նախապէս վենետիկցիներու կողմէ կառուցուած, ապա ճենովացիներու կողմէ վերանորոգուած ամրոցին խոնաւ խրճիթներուն մէջ:

Ծանօթացայ Ժիրայր Պաղտասարեանին, որ առաքելական երիտասարդ մըն էր եւ Սուրբ Պատարագի ատեն կու գար սպասաւորութիւն ընելու: Անոր մէջ նշմարեցի քահանայութեան թեկնածուէն պահանջուող բոլոր յատկութիւնները եւ հարցուցի թէ արդեօք կը փափաքէ՞ր երթալ Հռոմ ուսանելու, եւ թէ արդեօք մայրը համաձայն կը գտնուէ՞ր որ ինքը կաթողիկէներու քով ուսանէր: Պատասխանեց որ իր մայրն ու եղբայրները կը յաճախէին Քափուչիններու եկեղեցին եւ բոլորն ալ շնորհակալութիւն պիտի յայտնէին Տիրոջ, եթէ ինքը քահանայական ուսման համար կարենար Հռոմ երթալ: Քովս նշում ներ կատարեցի եւ յետագային զինք առաքեցի Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարան: Սրբակենցաղ քահանայ մը դարձաւ, աշխատեցաւ հետս նախ Յունաստան եւ ապա Սուրիա: Մահացաւ 1950 թուականին, տակաւին երեսունվեց տարեկան հասակին, քահանայութեան տասներեքերորդ տարին:

Ինծմէ առաջ Խիոս եղած էր Հ. Յարութիւն Համալեանը, որ կրօնական խոր դաստիարակութիւն տուած էր Նշան Վարդանեան անունով երիտասարդին եւ անոր Մարիամ ու Արաքսի քոյրերուն: Քանի մը տարի յետոյ երեքն ալ գաղթեցին Աթէնք եւ Նշանը, զինուորական ծառայութիւնը կատարելէ եւ առեւտրական դպրոցը աւարտելէ ետք, մտաւ Սիկիլիայի նահանգի Յիսուսեաններու Միաբանու թեան մէջ:

Խիոսէն մեկնեցայ Յունուար 18ի առաւօտեան: Ճանապարհին կանգ առինք Միթիլենէ, հարիւր ութսուն հազար բնակիչ ունեցող կղզի մը: Հոն բնակութիւն հաստատած էին մօտաւորապէս հազար հինգ հարիւր հայ փախստականներ:

Առաքելական հայերը յոյներէն գործածութեան իրաւունքով ստացած էին փոքրիկ եկեղեցի մը եւ իրենց հոգեւոր խնամքին համար Եպիսկոպոսական Տեղապահ մը եւ երկու քահանաներ ունէին: Ունէին նաեւ դպրոց մը, եօթը ուսուցիչներով եւ երկու հարիւր աշակերտներով: Քահանաներէն մէկը զիս փախստականներու հարցերով զբաղող յանձնախումբին քով առաջնորդեց: Անոնք խնդրեցին որ իրենց հիւրը ըլլամ քանի մը օրուան համար, բայց քանի որ այդ անհնարին էր, իրենց թողուցի իմ հասցէս եւ խնդրեցի որ ինծի ուղարկէին երկու կողմէ ծնողազուրկ տասը տղայ եւ հինգ աղջիկ, ութէն տասնչորս տարեկան:

Շոգենաւը խարիսխները բարձրացուց ժամը 14ին: Ծովը բաւականին հանդարտ էր, բայց ժամը 18ի ատենները փոթորիկ մը բարձրացաւ, նման այն մէկուն՝ որուն ենթարկուեցանք Փիրէոյէն դէպի Խիոս ճանապարհին: Կէսգիշերէն կէս ժամ առաջ մեծ դժուարութեամբ կրցանք մտնել Լեմնոս կղզիին նաւահանգիստը: Յաջորդ օրն առաւօտեան չուզեցի ցամաք իջնել, քանի որ տեղեկացած էի որ հայ փախստականները, աշխատանքի հնարաւորութիւն չգտնելով, չէին ուզած հոն հաստատուիլ: Լեմնոսի միակ հայը սուրճի մեծաքանակ առեւտուրով զբաղող վաճառական մըն էր, ծնունդով քեմահցի, որ հոն հաստատուած էր շատ տարիներ առաջ:

Մինչդեռ այդ կղզիին մէջ ապաստանած էին աւելի քան հինգ հազար յոյն փախստականներ, որոնք գրեթէ բոլորն ալ Թրակիայէն Զմիւռնիայէն եւ Անատոլուի միւս քաղաքներէն էին:

 Աղեքսանդրապոլիսի բարի Տէր Հայրը

Յունուար 20ին, Կիրակի, Աղեքսանդրապոլիս կը գտնուէի, ուր հրաւիրուած էի Վանաբնակ Կրտսեր Եղբայրներու Միաբանութեան պատկանող Հ. Կաէթանոյի կողմէ:

Հոն բազմանդամ հայ գաղութ մը գտայ: Աղեքսանդրապոլիսի հայ գաղութը ծնունդ առած է արիւնարբու Ապտուլ Համիտ Խան Երկրորդի ժամանակ, որ ուզելով Կոստանդնուպոլսոյ բեռնափոխադրումներու մենաշնորհը քիւրտերուն տալ, թոյլատրեց որ կոտորէին ծնունդով մշեցի հայերը: Ով որ կրցաւ ազատիլ ջարդէն, հաստատուեցաւ Աղեքսանդրապոլիս, արեւելեան Թրակիայի գլխաւոր նաւահանգիստը, ուր կառուցեցին Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, ի յիշատակ Մշոյ Սուրբ Կարապետ հռչակաւոր վանքին:

Գաղութը բազմապատկուած էր Զմիւռնիայի հրդեհէն յետոյ հասած փախստականներու հոսքով եւ 1922 թուականին աւելի քան հազար հինգ հարիւր անդամ ունէր, ներառեալ Պարտիզակէն փախած հայ կաթողիկէ երեսուն ընտանիք:

Առաքելականները կաթողիկէներէն թիւով աւելի էին, ունէին եկեղեցի մը երկու քահանաներով, որոնցմէ մէկը ծնունդով աղեքսանդրոպոլսեցի էր: Ունէին նաեւ իրենց սեփական դպրոցը, եօթը ուսուցիչներով եւ երկու հարիւր յիսուն աշակերտներով:

Կաթողիկէները մօտ հարիւր քսան հոգի էին եւ ծնունդով Մանիսայէն, Ատալիայէն եւ Զմիւռնիայէն էին: Միայն հայերէն լեզուն կը խօսէին եւ այդ իսկ պատճառով կը յաճախէին առաքելական եկեղեցին: Լատին միսիոնարները ի զուր ջանացած էին զանոնք առաքելական եկեղեցիէն հեռացնել: Ոչ երկրային եւ ոչ դժոխային սպառնալիք ազդած էր: Չէին ազդած նաեւ նուէրները: Անոնք հաւատարիմ մնացած էին հայալեզու Ծէսին ու արարողութիւններուն: Քոյր Սէսիլին ընկերակցութեամբ կ՚այցելէի կաթողիկէ ընտանիքները, երբ տեղեկացուցին ինծի Տէր Հօր մը այցելութիւնը: Ան սպիտակամօրուս պատուական ծերունի մըն էր, տասը զաւակներու հայր, որոնցմէ եօթը տղայ եւ երեքը աղջիկ, բոլորն ալ ողջ, ընտանիք կազմած եւ մասամբ արդէն թոռնիկներով ճոխացած: Տէր Հայրը զիս ուժգին ողջագուրեց, կարծես ազգականներ ըլլայինք կամ մտերիմ ընկերներ, ըսելով. «Օրհնեալ ըլլաք, Հայր Սուրբ, դուք որ կու գաք յանուն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի»: Ես շատ յուզուած էի եւ չկրցայ բառ մը անգամ արտասանել: Ինծի օգնութեան հասաւ ինքը Տէր Հայրը, որ շարունակեց. «Հայր Սուրբ, Սրբազան Քահանայապետը մեր քաղաքին մէջ եկեղեցի չունի, ո՛չ ալ քահանաներ, բայց մեր կաթողիկէ եղբայրները զուրկ չեն հոգեւոր մխիթարութենէն: Մենք կը հոգանք նաեւ իրենց հոգեւոր կարիքները: Իսկ երբ կաթողիկէ քահանայ մը այցելած է մեր քաղաքը, շատ անգամներ տանս թանկագին հիւրը եղած է, կերած է սեղանիս հացը, խմած է իմ երէցկնոջ պատրաստած սուրճը, գիշերած է տանս մէջ: Երբեք ո՛րեւէ հատուցում չեմ խնդրած, քանի որ ամէն բան ըրած եմ ի սէր Աստուծոյ եւ պատուելու համար Աստուծոյ քահանան, որովհետեւ պատշաճ չէ որ Աստուծոյ պաշտօնեան հիւրանոցի մը մէջ գիշերէ: Արդ մտիկ ըրէք, Հայր Սուրբ: Ես շատ աղքատ եմ եւ հայր եմ բազմաթիւ զաւակներու, որովհետեւ Տէրը ուզեց ճոխացնել զիս բազմաթիւ զաւակներով, թոռներով ու ծոռերով: Ամէն օր երէցկինս ճաշ կը պատրաստէ քառասուներկու հոգւոյ համար: Զաւակներս աշխատասէր են, բայց բաւական աշխատանք չկայ եւ ստիպուած ամէն բան ծանրացած է իմ վրաս: Հաւատացեալները իրենք ալ աղքատ են եւ ի վիճակի չեն նուիրատուութիւններ ընելու, իսկ փախստականներու հարցերով զբաղող յանձնախումբը չնչին օգնութիւններ միայն կու տայ: Լսեցի, որ Սրբազան Քահանայապետը յանձնարարած է Ձեզի օգնել խեղճ հայ փախստականներուն: Խնդրանքս է, ուստի, որ չմոռնաք նաեւ զիս:

Կարիքն ունիմ դրամի, հագուստի, ուտելիքի, ամէն ինչի …»:

Տէր Հօրը շնորհակալութիւն յայտնեցի այն հոգեւոր խնամքին համար որ կը ցուցաբերէր հայ կաթողիկէներուն նկատմամբ եւ Իշ խան Քիճիի կողմէ նուիրեցի տասը հազար լիրա, խոստանալով Ա թէնքէն ուղարկել ուրիշ օգնութիւններ եւս:

Յունուար 24ին, ժամը 1630ի շոգեկառքով ճամբայ ելայ դէպի Կիւմիւրճինէ: Սարսափելի ցուրտ մը կը տիրէր, իսկ երկաթուղային կայարանը քաղաքէն երեք հազարամեթր հեռու կը գըտնուէր: Շոգեկառքի պատուհանը կոտրած էր եւ ինքզինքս ցուրտէն կերպով մը պաշտպանելու համար սկսայ մարմնամարզական վարժութիւններ ընել, ցատկռտել, պարել եւ ձեռքերս պատերուն զարնել: Ցուրտը անտանելի էր եւ աչքերէս առատ արցունք կը հոսէր: Կիւմիւրճինէ հասայ ժամը 1930ին եւ ամէնուր միայն սառոյց գտայ:

Կիւմիւրճինէի մէջ, սակայն, հայ կաթողիկէ ընտանիք չգտայ, ո՛չ ալ հայ կաթողիկէ որբ: Արդէն դէպի երկաթուղային կայարան վերադարձի ճանապարհին էի, երբ ոստիկան մը եկաւ ինծմէ խնդրելու որ Իտալիա ուղարկէի որբ մը, զոր իր հրամանատարը փրկած էր Մանիսայէն: Ճշգրտումներ խնդրեցի ոստիկանէն, ապա բռնեցի փոքրիկ Կարապետին ձեռքը, ողջունեցի ոստիկանը եւ շարունակեցի ճա նապարհս: Երբ կայարան հասայ, բեռնակիր մը հարցուց. «Ֆրանքոփափազ11, Լոնտոնի շոգեկառքի՞ն կը սպասէք»:

«Ի՞նչ Լոնտոն», պատասխանեցի: «Աթէնքի շոգեկառքին կը սպասեմ»:

«Խե՜ղճ ֆրանքոփափազ», յարեց բեռնակիրը: «Հոս Փարիզ չէ, ո՛չ ալ Հռոմ: Այս բնակավայրը կը կոչուի Կիւմիւրճինէ: Կը հասկ նա՞ք՝ ինչ կ՚ուզեմ ըսել»:

Հասկցայ որ յաջորդ օրուան առաւօտեան շոգեկառքին պէտք է սպասէի: Յաջորդ օրը առաւօտեան Կարապետին հետ ճանապարհ ինկայ: Միայնակ էինք եւ ժամանակը լաւագոյնս գործածելու նպատակով սկսայ կրօնագիտութեան առաջին դասերը տալ իմ փոքրիկ ուղեկիցին, խաչակնքումէն եւ հաւատքի առաջին ճշմարտութիւններէն սկսելով:

ԳԼՈՒԽ Ե.

Հայ որբերու փնտռտուք. Թեսաղոնիկէ, Զէյթինլիկ, Վոլոյ եւ Քաւալա – Մալթայի Ասպետներուն բարեգործութիւնները հայ փախստականներուն – Կրկին Աթէնք, Կորնթոս, Սիրա, Փաթրաս եւ Քորֆու – Ճամբորդութիւն դէպի Իտալիա – Նորանոր տառապանքներ Յունաստանի հայ փախստականներուն համար – Հանդիպում Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետին հետ – Վերադարձ Յունաստան

Հայ որբերու փնտռտուք.

Թեսաղոնիկէ, Զէյթինլիկ, Վոլոյ եւ Քաւալա Տրամմայի կայարանին մէջ ծանօթացայ Պրն. Զատիկին, Վոլոյի հայ փախստականներէն: Ինծի թուեցաւ որ ան առաքելութեանս Պաշտպան Սրբուհիէն առաքուած էր, որովհետեւ յանկարծակի ըսաւ որ Վոլոյի մէջ մօտ հարիւր հայ ընտանիքներ ինծի կը սպասէին:

Թեսաղոնիկէի մէջ սարսափելի ցուրտ էր, զէրոյէն տասը աստիճան վար: Ճամբաները ամբողջովին ձիւնածածկ էին, իսկ քամին ձիւնը փոշիի նման վեր կը բարձրացնէր եւ երեսնուս կը զարնէր: Արդէն ուշ գիշեր էր եւ փողոցներն ամայի էին: Պրն. Զատիկը ընկերացաւ ինծի մինչեւ քահանայատուն եւ օգնեց ճամպրուկս վերցնելու: Տաքուկ վառարանի մօտ անցուցած կէս ժամը բաւական եղաւ ցուրտէն ընդարմացած մարմինս լիովին կազդուրելու համար:

Յաջորդ օրը առաւօտեան, միշտ Պրն. Զատիկին ընկերակցութեամբ, ինծի ու Կարապետին համար տոմսակ գնելու գացի: Շոգենաւի մեկնումը որոշուած էր ժամը 18ին, բայց ցուրտի պատճառով մեկնումը յետաձգուեցաւ: Կարապետը գնաց օրուան մնացած մասը ազգականներու կամ ծանօթներու քով անցընելու, իսկ ես վերադարձայ քահանայատուն: Ճամբորդութեանս ընդմիջումէն օգտուեցայ՝ յաջորդ օրը Զէյթինլիկի մեր փախստականներուն այցելելու համար:

Աստուած իմ, որքա՜ն թշուառութեան հանդիպեցայ Զէյթինլիկի մեր փախստականներուն քով: Ամէն տարիքի փախստականներ կային:

Այդ խեղճ մարդիկը քարապատ մերկ յատակներու վրայ կը քնանային, առանց մահիճի կամ ծածկոցներու:

Ժամը 1630ին ճամբայ ելայ դէպի նաւահանգիստ, Պրն. Զատիկին եւ փոքրիկ Կարապետին հետ: Նաւը, մարդոցմէ զատ, կը փոխադրէր նաեւ հարիւրաւոր ընտանի կենդանիներ: Սենեակները ջեռուցուած չէին եւ բրդեայ բազմաթիւ ծածկոցներու տակ մտնելէ ետք միայն Կարապետը կրցաւ քնանալ, մինչ նոյն բանը անհնարին էր ինծի համար, որովհետեւ մեծապէս կը տառապէի կենդանիներու բառաչիւնէն: Ակամայ ձեռքս առի Ժամագիրքը եւ ինծի այնպէս թուեցաւ որ Պաշտպան Հրեշտակս ականջիս կ՚ըսէր. «Ահա՛ յարմարագոյն եւ Տիրոջ համար ընդունելի ժամանակը՝ առաքելութեանդ յաջող ելքը խնդրելու համար: Այս ճամբորդութիւնը Տիրոջ նուիրէ որպէս քաւութեան զոհ»: Ծունկի եկայ եւ Աստուծմէ ներողութիւն խնդրեցի անհամբերութեանս ու ջղայնութեանս համար, ապա այսպէս եզրակացուցի. «Ահաւասիկ եմ, Տէր: Ինծի հետ այնպէս վարուէ՝ ինչպէս հաճոյ կը թուի Քեզի: Քու սիրոյդ համար, այլեւս համբերութեամբ պիտի ջանամ կրել աշխարհի բոլոր կենդանիներուն բառաչիւնը: Օրհնեալ թող ըլլայ նաւուն ամբողջ անձնակազմը եւ կը խոստանամ որ բողոքի մէկ խօսք անգամ պիտի չարտասանեմ, այլ ընդհակառակն՝ ազնուօրէն պիտի ողջունեմ զիրենք»: Հազիւ այս աղօթքը ըրի, ինքզինքս շատ աւելի հանգիստ զգացի եւ այլեւս ոչ մէկ բան նեղութիւն կը պատճառէր ինծի: Ժամը 4ի ատենները քուն մտայ:

Ժամը 10ին, Կարապետին հետ, կրցայ վեր բարձրանալ մինչեւ նաւավարին կամրջակը: Ողիմպոս լերան առջեւն էինք, որ գագաթէն մինչեւ ստորոտը ծածկուած էր ձիւնէ սպիտակափայլ սաւանով: Լերան վեհ ու պայծառ տեսքը յուզեց զիս:

«Հայր Սուրբ, ի՞նչը այդքան կը յուզէ Ձեզ», հարցուց փոքրիկ Կարապետը:

«Թանկագին որդեակ», պատասխանեցի, «կը տեսնե՞ս այս բոլոր գեղեցկութիւնները: Կը տեսնե՞ս ձիւնի վիթխարի քանակութիւնը, որ ամբողջովին ծածկեր է լեռը: Կը տեսնե՞ս արեւի պայծառ ճառագայթումը, որ կը ջերմացնէ երկիրը: Կը տեսնե՞ս ծովու վեհասփիւռ ընդարձակութիւնը: Զիս կը յուզէ այն միտքը, որ այդ ամէնը Տէրը ստեղծեր է մեզի համար»: Ես եւ Կարապետը, Աստուծոյ ստեղծագործութիւններուն հայեցողութեան մէջ ընկղմած եւ բրդեայ ծածկոցներով փաթթուած, այլեւս չէինք տառապէր ցուրտէն: Ի վերջոյ, 1924 Յունուար 28ին, ժամը 1130ին, ցամաք դուրս ելանք Վոլոյի նաւահանգիստը, որ Յունաստանի ամենակարեւոր քաղաքներէն մէկն է:

Կաթողիկէ ժողովրդապետ Տ. Սեբաստիանոս Փալէոլոկոսի մօտ Գացի, որ մեծ սիրով ընդունեցաւ զիս: Կէսօրէն ետք, հայկական ակումբին մէջ ինծի ըսին որ քաղաքին մէջ եւ անոր շրջակայքը մօտաւորապէս հինգ հարիւր առաքելական հայեր կը բնակէին, բայց եւ ոչ իսկ մէկ որբ: Վոլոյի մէջ իմ համաքաղաքացի Քոյր Թագուհի Տինտինեանին հանդիպեցայ: Ինչպիսի՜ երջանկութիւն էր երեսուն տարի անց օտար հողի վրայ կրկին զիրար տեսնելը:

Իմ թանկագին փոքրիկ Կարապետը թողուցի ազգականներու կամ ծանօթներու քով եւ միեւնոյն օրն իսկ ճանապարհս շարունակեցի դէպի Քաւալա: Յաջորդ օրը ժամը 9ի ատենները Աթոս Լերան առջեւն էինք: Լերան վրայ ագուցուած թանկագին քարերու նման դուրս ցցուած էին բազմաթիւ վանքերը: Ինչպիսի՜ գեղեցկութիւն եւ ինչպիսի՜ հմայք այդ մշտադալար թերակղզիին վրայ: Սրտէս ակամայ կը բխէին աստուածաշնչեան խօսքերը. «Այստեղ իսկապէս Աստուծոյ տունն է եւ երկնքի դուռը: Երանի՜ անոնց՝ որոնք հոս կը բնակին»: Քաւալայի նաւահանգիստին մէջ ինծի դիմաւորելու եկած էր Լազարիսթներու առաքելութեան մեծաւոր Հ. Լորէնը: Քաւալայի մէջ հայ կաթողիկէները հարիւր ութը հոգի էին: Եկեղեցական ոչ մէկ կազմակերպութիւն ունէին եւ տարին միայն երկու ամիս Գերյ. Մուրատեանը կ՚այցելէր իրենց եւ հոն կը կատարէր իր քահանայական պաշտօնը: Այն պատանիները, որոնք մայրենի լեզուն կը փափաքէին ուսանիլ, կը յաճախէին առաքելականներուն դպրոցը:

Մինչդեռ, Հայ Առաքելական համայնքը, ծաղկուն վիճակի մէջ էր: Հազար հինգ հարիւր հոգի հաշուող համայնք մըն էր, իր Ազգային Ժողովով, երկու քահանայով, սեփական դպրոցով: Ազգային Ժողովը կը հոգար դպրոցին կարիքները, աշխատավարձ կու տար քահանաներուն եւ ուսուցիչներուն, եւ աշխատանք կը հայթայթէր անոնց համար՝ որոնք կարիքն ունէին: Շատերը բաւական շահութաբեր գործ գտած էին ծխախոտի արտադրութեան մէջ, որ երկրին միակ հարստութիւնն էր: Բայց այդ աշխատանքին պատճառով հարիւրաւոր աղջիկներ վարակուեցան անբուժելի հիւանդութեամբ՝ եւ երիտասարդ կեանքերնին կորսնցուցին: Փետրուար 1ին, առաւօտ կանուխ, ամերիկեան որբանոցը այցելեցի, տեղեկանալու համար թէ արդեօք հոն ապաստանած հայ կաթողիկէ որբեր կայի՞ն: Առաքելական ուսուցիչ մը ինծի յանձնարարեց ութէն տասնմէկ տարեկան երեք տղաներ, որոնց համար ամերիկացի Ընդհանուր Տնօրէնուհին բարի վարուց վկայական տուաւ:

Ամերիկացիները Քաւալայի մէջ տեղաւորած էին տասնհինգ տարեկանէն վեր գտնուող պատանիները, իսկ Յունական Կառավարութիւնը մշակելու համար հողեր յատկացուցած էր անոնց: Այդ պատանիներէն քսանհինգը ամուսնացեր էին եւ որբանոցի տնօրէնութիւնը վճարեր էր հարսին օժիտը եւ ամուսնութեան ծախսերը:

Կէսօրէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեցի զիս հիւրընկալող Հայրերուն եւ Գերյ. Մուրատեանին ու իմ երեք որբերուս ընկերակցութեամբ ուղղուեցայ դէպի նաւահանգիստ: Յաջորդ օրը Թեսաղոնիկէ կը գտնուէի, ուր եղբայրական ազնիւ հանդիպում մը ունեցայ հայ առաքելական Եպիսկոպոս Փառդաշեան Սրբազանին հետ:

Մալթայի Ասպետներուն բարեգործութիւնները հայ փախստականներուն

Հոս կարճառօտ կ՚ուզեմ յիշատակել առանց կարեւորութիւն տալու դէպքերու ժամանակագրական յաջորդականութեան այն բազմաթիւ բարեգործութիւնները որ Մալթայի Ասպետները կատարեցին ի նպաստ հայ փախստականներուն:

Թէեւ սկիզբէն ի վեր որոշուած էր առաքելութեան գործունէութիւնը կեդրոնացնել միայն ի նպաստ Յունաստան եւ Իտալիա ապաստանած հայ փախստականներուն, այնու ամենայնիւ յետագային գումարներ բաշխուեցան նաեւ Հալէպի Հայոց Ազգային Միութեան, Պէյրութի Հայկական Կազմակերպութեան եւ Արեւելեան Առաքելութիւններու Գործին:

Մալթայի Ասպետները նշանակալի կերպով նպաստեցին Երուսաղէմի մէջ հայ որբերու հիւրընկալման սահմանուած շինութեան մը տարածքներու ընդարձակումին, գործ մը որ կազմակերպած էր տեղւոյն կաթողիկէ Պատրիարքը: Այսպիսով, այդ հաստատութիւնը կրցաւ ապաստան տալ յիսուն հայ որբերու:

Դրամական օգնութիւններ յատկացուեցան Իտալիոյ հարաւային նահանգներու զարգացումով զբաղող կազմակերպութեան, աւարտելու համար Պարի քաղաքին մօտ կառուցուող հայկական Նոր Արաքս աւանը, որ սահմանուած էր գորգագործութեան մէջ մասնագիտացած փախստականներուն: Պարիէն ստացած հրաւէրներու հիման վրայ, ես ալ Տուրղութիէն Իտալիա ուղարկեցի արեւելեան գորգարուեստի մէջ հմուտ փախստականներու խումբ մը:

Միայն Քորֆուի ու Աթէնքի մէջ անյաջողութիւններ ունեցանք: Մալթայի Ասպետները Յունական Կառավարութեան կողմէ հարկադրուեցան յոյն փախստականներուն զիջիլ այն ամէն բան որ խոստացած էին առաքելութեանս՝ իմ ազգակիցներուս համար: Այս էր միակ ճանապարհը՝ Յունական Կառավարութեան կողմէ յարուցուած միւս բոլոր խոչընդոտները շրջանցելու համար:

1926 Մայիս 1ին Մալթայի Ասպետները պաշտօնապէս փակեցին իրենց առաքելութիւնը Յունաստանի մէջ, Յունական Կառավարութեան յանձնելով Տուրղութիի Սուրբ Յովհաննէս թաղամասը: Սկզբնական ծրագրաւորման համաձայն այդ թաղամասը պէտք է յատկացուէր հայերուն, որուն կեդրոնը պիտի ըլլային եկեղեցին, իմ քահանայատունս ու դպրոցը:

Կրկին Աթէնք, Կորնթոս, Սիրա, Փաթրաս եւ Քորֆու

Վերադարձայ Աթէնք, ուր մնացի միայն երկու օր: Փետրուար 13ի առաւօտեան, շոգեկառքով երեք ժամ ճամբորդելէ ետք հասայ Կորնթոս: Հոն գացի հաւաքելու համար հայ որբեր, որոնք կրնայի անվճար ուսման ուղարկել Իտալիա:

Ամերիկեան որբանոցի տնօրէնուհին ըսաւ որ հայ կաթողիկէ որբուհիները տասնեակի չափ էին եւ թէ նաեւ կային հինգ կամ վեց բողոքականներ: Ան ըսաւ թէ կրնար ինծի յանձնել նաեւ բողոքականները, եթէ անոնք կամովին ուզէին գալ: Առաքելականներու պարագային բան մը չէր կրնար ընել, որովհետեւ անոնք ենթակայ էին Մազլըմեան Սրբազանի կարգադրութիւններուն: Որբանոցի ուսուցիչներէն էր Պրն. Գուրգէն Տէր Վարդանեանը Տրապիզոնի հայ առաքելական որբանոցի նախկին ուսուցիչներէն մէկը, ուր ես կը դասաւանդէի կրօնք եւ սրբազան պատմութիւն: Արցունքներ թափելու աստիճան յուզուած, ողջագուրուեցանք երկար տարիներ զիրար չտեսած հօր եւ որդիի նման: Ուզեց ճաշ մը կազմակերպել ի պատիւ ինծի եւ հրաւիրեց իր բոլոր գործընկերները, որոնց մէջ կար նաեւ Տէր Հայր մը: Առիթէն օգտուեցայ բացատրելու համար որբանոց կատարած այցելութեանս նպատակը: Տէր Հայրը շատ գոհ գտնուեցաւ եւ խոստացաւ ամէն բան ընել՝ որպէսզի մեր որբերը կարենային օգտուիլ Մալթայի Ասպետներու ընձեռած հնարաւորութենէն:

Ամերիկեան որբանոցներու Ընդհանուր Տնօրէնուհին Կորնթոսի, Սիրայի, Օրոփոսի եւ Քորֆուի որբանոցներուն պատուիրեց Իտալիա մեկնելու համար պատրաստ պահել հայ կաթողիկէ որբերը, եւ բոլոր այն բողոքականները՝ որոնք կամովին կ՚ուզէին երթալ: Առաքելականներուն համար Մազլըմեան Սրբազանը հրահանգներ կը սպասէր Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքէն: Մազլըմեան Սըրբազանին այցելեցի Փետրուար 20ին, բայց պատասխանը դեռ չէր հասած: Այդ պատասխանը հեռագիրով հասաւ Ապրիլ 24ին, որով Պատրիարքը կը թոյլատրէր Իտալիա ուղարկել տասնութ տարեկանէն վեր եղող պատանիները: Համարժէք էր բացասական պատասխանի:

Մազլըմեան Սրբազանը երկու զարմիկ ունէր, տասէն տասներկու տարեկան: Այդ երկուքը ինծի յանձնեց եւ բացարձակ գաղտնապահութեամբ զիրենք Վենետիկ ուղարկեցի: Փետրուար 29ին Աթէնքի թագաւորական պալատ հասան քսան որբեր, տասնմէկ տղայ եւ ինը աղջիկ: Ամերիկեան որբանոցներու Ընդհանուր Տնօրէնուհին, ինծի խնայելու համար, իր միջոցներով որբերը Քորֆու հասցուց, իւրաքանչիւրին բաւականաչափ զգեստեղէն նուիրելով: Տ. Գրիգոր Ինճէյեանը, որ յատուկ այդ նպատակին համար եկած էր Հռոմէն, ուղեկցեցաւ տղոց Վենետիկ, իսկ աղջիկներուն՝ Թորինոյ: Բոլոր տղաքը կաթողիկէ էին, իսկ աղջիկներէն չորսը կաթողիկէ, հինգը բողոքական:

Ամբողջ Մարտ ամիսը անցուցի երթ ու դարձ ընելով Սիրայի, Փաթրասի, Աթէնքի ու Քորֆուի միջեւ: Փաթրասի մէջ բնակութիւն հաստատած էին վեցէն եօթը հարիւր հայ փախստականներ: Անոնց կենցաղային պայմանները իսկապէս սարսափելի էին: Փաթրաս հասած էի Մարտ 5ին եւ այսպիսով ձերբակալութեանս առաջին տարելիցը (7 Մարտ 1923) անցուցի բազմաթիւ տարաբախտներով շրջապատուած, որոնք ինծի նման կը կրէին հարազատ բնօրրանէն աքսորուած ըլլալու տառապանքը:

Մարտ 19ին, Յունաստան հասնելուս առաջին տարեդարձին օրը, կրկին Աթէնք կը գտնուէի: Պատարագեցի ի պատիւ իմ անձնական Պաշտպան Սուրբիս՝ Սբ. Յովսէփին, ապա գացի գտնելու Իշխան Քիճին: Չեմ գիտեր ինչ տեսակի ջղագրգռութիւն մը բռնած էր զիս եւ անզսպելի կարիքը կը զգայի իրեն հետ խօսելու: Զինք հիւրանոցին մէջ չգտայ եւ վերադարձայ եկեղեցի: Ինքն ալ ինծի հոն կը սպասէր, Ապաշխարութեան Խորհուրդը կատարելու համար:

Իշխանին բարեպաշտական հրահանգները կատարելէ ետք կըրկին դէպի հիւրանոց ուղղուեցանք եւ ճանապարհին անոր ըսի որ այդ օրը իւրայատուկ շնորհքի մը կը սպասէի իմ Պաշտպան Սուրբ Յովսէփէն, ինչպէս որ ան սովոր էր ընել ամէն տարի: Նախորդ տարին, օրինակ, օգնած էր ինծի փրկելու Պոնտոսի յոյները եւ բանտէն ազատելու Ռոտոպոլիսի օրթոտոքս Արքեպիսկոպոսը:

Իշխանը կասկած ունեցաւ եւ ինծի հարցուց թէ արդեօք Դուքս Սէրրան բան մը յայտնա՞ծ էր ինծի: «Ո՛չ», պատասխանեցի: Ի վերջոյ, Իշխանը ըսաւ. «Թանկագին Հայր Կիւրեղ, դուք մարգարէ մըն էք: Արդիւնաւէտ ու անշահախնդիր օգնութեան փոխարէն, որ ընծայեցիք մեզի, որպէս նշան մեր երախտագիտութեան, Դուքս Սէրրային հետ որոշեցինք Ձեզ Իտալիա տանիլ: Ցաւօք սրտի, չըկրցանք Ձեզի հետ վարուիլ այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզէինք եւ ինչպէս մեզի հրահանգուած էր եւ Դուք ալ իրաւասու էիք պահանջելու: Դուք անձամբ տեսաք՝ թէ ինչպէս Յունական Կառավարութեան անբարենպաստ տրամադրուածութիւնը չթոյլատրեց մեզի աւելին ընել»:

«Ձերդ Գերազանցութիւն», պատասխանեցի, «շնորհակալ եմ այն բարիքին համար, որ ուզեցիք ընել մեր կարիքաւորներուն: Յաւիտեան երախտագէտ պիտի մնամ: Եւ շնորհակալ եմ նաեւ զիս Իտալիա տանելու գեղեցիկ նուէրին համար: Մնացածին վերաբերեալ մի՛ մտահոգուիք: Ամէն բան տեղի ունեցաւ, որովհետեւ Աստուած կ՚ուզէ որ վստահութիւնս նուազագոյն չափով անգամ մարդկային օգնութիւններու վրայ չհիմնեմ»:

Մարտ 20ին կրկին Փաթրաս կը գտնուէի, իսկ Մարտ 24ին վերադարձայ Քորֆու: Յաջորդ օրը պատարագեցի ժամը 6ին, որովհետեւ ուզեցի ամբողջ օրը ազատ ըլլալ՝ պատրաստելու համար վերջին հաշուետուութիւններս: Այլեւս պատրաստ էի Յունաստանէն ժամանակաւորապէս հեռանալու եւ Իշխան Քիճիին հետ դէպի Իտալիա ճամբորդելու:

Ճամբորդութիւն դէպի Իտալիա

Իշխան Քիճիին հետ պայմանաւորուած էինք որ Լլոիտ Թրիէսթինոյ ընկերութեան պատկանող Ադրիա նաւը պիտի բարձրանայի Մայիս 20ին, քանի որ այդ օրը նաւը Քորֆուէն պիտի անցնէր: Իշխանը նախապէս նամակ մը ուղղած էր ինծի, ուր պատուիրած էր նաւահանգիստին մէջ դժուարութիւններ չյարուցանել, այլ պաշտօնեաներուն թոյլատրել ընելու իրենց գործը եւ առանց նուազագոյն բողոքի ընդունիլ բոլոր պատիւներն ու յարգանքի արտայայտութիւնները: Այդ նամակէն բառ մը անգամ չհասկցայ: Հասկցայ միայն երբ ճամպրուկս ձեռքիս նաւահանգիստ հասայ: Զիս պատուոյ շքերթի կեցած նաւաստիներու կրկնակի շարքի մը մէջէն անցուցին, իսկ աստիճանաւոր նաւաստի մը ձեռքէս բռնեց եւ օգնեց նաւակին մէջ տեղաւորուելու: Նաւավարներն ու բոլոր ներկաները ինծի կը դիտէին, զարմացած՝ թէ ինչպէս այդ աղքատ, բոպիկ, գլխաբաց ու կաղ վարդապետը այդքան պատիւներու առարկան կը հանդիսանար: Ես նոյնպէս իրենց միեւնոյն կարծիքին էի, բայց Իշխան Քիճիէն ստացած յանձնարարութիւններս կ՚արգիլէին ինծի արտայայտելու զարմանքս:

Դէպի տախտակամած բարձրացող աստիճաններու կատարին կանգնած, Իշխան Քիճին զրոյցի բռնուած էր հրամանատարին հետ, եւ կասկածէ դուրս է որ այդ զրոյցին նիւթը ես էի, իմ կեանքս ու գործունէութիւններս: Հազիւ թէ վեր բարձրացայ, հրամանատարը մօտեցաւ եւ մեծ բարեպաշտութեամբ համբուրեց աջս, իսկ Իշխանը վիզիս փաթթուեցաւ եւ այնպէս ողջագուրեց զիս որ կարծես թէ եղբայրներ ըլլայինք: Նաւի անձնակազմը եւ ուղեւորները իրարու միջեւ կը մրցէին ինծի մօտենալու եւ ձեռքս սեղմելու համար: Եթէ ընթերցողներէս մէկը առիթը ունեցած է զիս ճանչնալու կրնայ դիւրաւ երեւակայել՝ թէ որքան մեծ էր զգացած շփոթութիւնըս, թէ ինչպէս աչքերս վար կախած էի եւ թէ երեսս ինչպէս կարմրած էր: Իշխան Քիճին բացատրեց որ այդ հանդիսաւոր ընդունելութեամբ ուզեց քաղաքավարութեան դաս մը տալ յոյներուն, ինչպէս նաեւ դաս մը երախտագիտութեան զգացումներու, այն բարիքներուն փոխարէն որ ստացած էին ինծմէ:

Ճանապարհին կանգ առինք «Սրբոց Քառասնից» ալպանական նաւահանգիստին մէջ: Նաւէն վար չիջայ, որովհետեւ այդ գիւղը թրքական բնակավայրի մը տեսքը ունէր, իր ցիրուցան հողաշէն տուներով, առանց քաղաքաշինական կամ ճարտարապետական գէթ նուազագոյն ծրագրաւորումի եւ ծառաստաններէ ամբողջովին զուրկ:

Իտալական Պրինտիզի նաւահանգստային քաղաքը հասանք 1924 Մարտ 27ի առաւօտեան: Ինչպէ՞ս կրնամ նկարագրել յուզումս, երբ աչքերուս առջեւ տարածուած տեսայ այդ ամբողջովին քրիստոնեայ քաղաքը: Հազիւ ոտքս գետին դրի, յուզումէս ուժասպառ ծունկի եկայ եւ արտասուելով համբուրեցի այդ սուրբ հողը: Այդ վայրկեանին մարդիկ չքացեր էին աչքերուս առջեւէն, ինքզինքս ինծմէ դուրս յափշտակուած կը զգայի: Աչքերս դէպի երկինք յառեցի եւ շուրթերէս այս աղօթքը դուրս ելաւ. «Փա՜ռք Աստուծոյ: Անչափօրէն շնորհակալ եմ, Աստուած իմ, որ զիս ազատեցիր թուրքերու ձեռքէն եւ առաքեցիր զիս Յունաստան, հոն մէկ փարախի մէջ հաւաքելու համար հօտիդ ցիրուցան եղած գառնուկները: Տէր, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քեզի, որ մեռնելէս առաջ պարգեւեցիր ինծի Իտալիան տեսնելու մխիթարութիւնը: Շնորհակալ եմ, Տէր իմ: Ուրիշ ոչինչ կ՚ուզեմ այս աշխարհի վրայ»:

Ամէն բան յուզում կը պատճառէր ինծի. վաճառականները, որ աճապարանքով կ՚երթային դէպի իրենց խանութները. գիւղացին, որ կը վարէր յարդով լեցուն կառքը. ծաղկավաճառը, որ ցուցադրութեան կը դնէր բոյսերը. մինչեւ իսկ բեռնակիրներն ու նաւավարները: Ասոնք բոլորը, կ՚ըսէի ես ինծի, քրիստոնեայ են, բոլորն ալ Ընդհանրական ու Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներն են: Բեռնակիրները ինծի կ՚ուղղէին կրօնական ողջոյնի խօսքերը. «Գովեցեալ Յիսուս Քրիստոս», բոլորը կը խօսէին լեզու մը որ ինծի հոգեհարազատ էր, մանուկները կը դադրեցնէին իրենց խաղերը եւ քովս կը վազէին՝ աջս, վանական գօտիս, Վարդարանս համբուրելու համար, քանի որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի միաբանութեան կը պատկանէի: Ամէն բան ինծի այնքա՜ն բարի ու այնքա՜ն գեղեցիկ կը թուէր, որ Պրինտիզիի փողոցներուն ցեխը չէի փոխեր Թուրքիոյ բոլոր հարստութիւններուն հետ, ո՛չ ալ բեռնակիրներուն պատառոտած տաբատները սուլթաններուն ոսկիով ու թանկագին քարերով զարդարուած հագուստներուն հետ: Պատարագեցի Մայր Տաճարին մէջ: Սրբազան արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ աւանդապահը եկաւ ըսելու որ հաւատացեալները ինծի կը սպասէին խոստովանելու համար: Առաջին խոստովանողին յաջորդեց երկրորդը, ապա երրորդը եւ այնքան շատ ուրիշներ, որ չէի հասկնար՝ թէ ուրկէ կը յայտնուէին իրարու ետեւէն: Այդպէս չեմ գիտեր դեռ որքան ժամանակ պիտի շարունակէի մատակարարել Ապաշխարութեան Խորհուրդը, եթէ Իշխան Քիճին անձամբ չգար զիս խոստովանարանէն դուրս քաշելու:

Արագ այցելութիւն մը տուինք քաղաքին եւ յետ միջօրէի ճանապարհ ելանք դէպի Լէչչէ, ուր այցելեցի սրբազան արձաններու գործարան մը, քանի որ անոնցմէ Քրիստոսի երկու արձան պատուիրած էի Տուրղութիի եւ Քոքինիայի համար:

Հռոմ հասանք Մարտ 28ին, կէսօրէն ետք: Միաբանութեանս Ընդհանրական Մեծաւորը ընդունեցաւ զիս հայրական այնպիսի գորովով, որ զիս ամբողջովին շփոթութեան մատնեց: Խօսակցութեան ատեն ի միջի այլոց նաեւ ըսաւ. «Հայր Կիւրեղ, կը հիանամ քաջութեանդ ու եռանդիդ վրայ, բայց կը տեսնեմ որ հանգիստի կարիք ունիս: Լսէ ինծի: Յատուկ խնամքի կ՚ենթարկուիս հոս, Սուրբ Ֆըրանչիսկոսին տան մէջ, եւ չես վերադառնար առաքելավայրդ՝ եթէ նախ կատարելապէս չբժշկուիս»:

Ժամանումիս յաջորդ օրը գացի յարգանքի տուրքս մատուցանելու Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ժողովի յանձնախումբի անդամ Գերպ. Եսայի Փափատոփուլոսին: Հաճոյքը ունեցայ նաեւ հանդիպելու Գերպ. Գէորգ Քալաւասսիին, բիւզանդածէս կաթողիկէներու Առաջնորդին: Բայց ամենահաճելին Գերպ. Ֆիլիփփոյ Ճոպպէի հետ հանդիպումս եղաւ, որ արդէն իսկ կը պատուէր զիս ինծի հանդէպ իր տածած մեծարանքով ու բարեացակամութեամբ, թէեւ մինչ այդ առիթը չէինք ունեցած զիրար անձամբ ճանչնալու: Երկարատեւ խօսակցութիւն մը ունեցանք Յունաստանի հայ փախստականներու խնդրին վերաբերեալ: Ակնարկեցի Մալթայի Ասպետներուն չկատարուած խոստումներուն, որոնք ստիպուեցան յոյներուն տալ այն՝ ինչ որ նախապէս սահմանուած էր հայերուն: «Եթէ Դուք», պատասխանեց մեծ իմաստութեամբ, «աշխատանքի լծուիք Աստուծոյ փառքին եւ հոգիներու փրկութեան ուղիղ դիտաւորութեամբ, օգնութիւնները պիտի չպակսին, ինչպէս չեն պակսած մինչեւ օրս: Եթէ կարիքի մը մէջ յայտնուիք, գրեցէք ինծի: Մինչ այդ հարկաւոր է որ Դուք բուժուիք եւ հանգստանաք: Չէք կրնար Յունաստան վերադառնալ այսպէս կաղ ու հաշմանդամ: Ըսէք Ձեր Մեծաւորին, որ Ձեր հիւանդանոցային բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ այս Սուրբ Ժողովը»:

Գերպ. Ճոպպէն անփոփոխ պահեց ինծի հանդէպ իր տածած բարեացակամութիւնը, շարունակեց օգնութեան ձեռք երկարել ինծի նաեւ երբ այլեւս դադրած էր իր պաշտօնավարութեան շրջանը Արեւելեան Ե կեղեցիներու Սուրբ Ժողովէն ներս: Ինչպէ՞ս կրնամ մոռնալ այդպիսի ազնուասիրտ բարեկամ մը եւ այդքան վեհանձն բարերար մը:

Ապրիլ 9ին Մալթայի Ասպետներուն հիւրն էի: Իշխան Քիճին զիս ներկայացուց Մալթայի Ասպետներու Մեծաւորին, Նորին Գերազանցութիւն Իշխան Թհուն Հոհէնշթայնին, որ վատառողջ վիճակի մէջ էր, այն աստիճան որ չէր կրնար շարժիլ: Ան ուզեց որ պատմեմ Թուրքիոյ մէջ կրած տառապանքներուս պատմութիւնը եւ Ասպետներուն կողմէ Յունաստանի մէջ կատարած առաքելութեան բերած գործակցութեանս համար իր երախտագիտութիւնը յայտնեց: Այդ առթիւ ինծի յանձնեց վաթսուն հազար լիրայի վերջին վճարագիրը, որոնցմէ տասներկու հազարը հիւանդ փախստականներուն, իսկ վեց հազարը՝ Սիրայի փախստականներուն համար:

Հայ Ծէսը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը տօնակատարէ Ծաղկազարդի կիրակին, որ 1924 թուականին կ՚իյնար Ապրիլ 13ին: Հրաւիրուեցայ Սուրբ Պատարագը մատուցանելու եւ Երեկոյեան Ժամերգութեան ատեն կատարուող Անդաստանին նախագահելու Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի «Սբ. Նիկողայոս Թոլենթինացի» եկեղեցւոյ մէջ: Վարժարանին Տնօրէնը, Գերյ. Սարգիս Տէր Աբրահամեան, ուզեց զիս ներկայացնել Վարժարանի ուսանողութեան: Ամէնքը միասին տասնհինգ հոգի էին:

Արդէն պատմած եմ, որ Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետին հոգածութեամբ՝ աւելի քան չորս հարիւր հայ որբուհիներ ապաստան գտած էին Թորինոյի Աղքատախնամ Մայրապետներուն վանքը: Որբերը ուրիշ ոչ մէկ տեղ աւելի ազնիւ, գորովալի ու հոգատար ընդունելութիւն գտան՝ քան Թորինոյի մէջ: Որբանոցին ներքին տնօրէնութիւնը յանձնուած էր հայ մայրապետներուն, իսկ հոգեւոր առաջնորդութիւնը Տ. Անտոն Իսկէնտէրեանին, որ այնքան սիրուած էր որբուհիներուն կողմէ, որ զինք ՚՚Հայրիկ՚՚ կը կանչէին:

Աւելի ուշ, անոր միացան Տ. Յակոբ Կիրակոսեանը, Տ. Գրիգոր Ինճէ յեանը եւ Տ. Յովհաննէս Կամսարականը: Ուզեցի այցելել Թորինոյի մէջ ապաստանած մեր որբերերուն եւ մեծագոյն մխիթարութիւնը ունեցայ տեսնելու որ Յունաստանէն ուղարկած աղջիկներս երջանիկ էին իրենց հոն գտնուելուն համար: Ապրիլ 22ին այցելեցի Վենետիկի Սուրբ Ղազար հայոց կղզին: 1717 թուականին հոն հաստատուեցաւ Աստուծոյ Ծառայ մեծն Մխիթար Սեբաստացի Վարդապետը (1676-1749) եւ այդ օրուընէ ի վեր Սուրբ Ղազարի վանքը դարձաւ հայ ժողովուրդի կրօնական ու մշակութային պայծառ շողարձակման կեդրոն, շնորհիւ Հիմնադրին եւ իր աշակերտներուն ծաւալած առաքելական, գրական ու դաստիարակչական եռանդուն գործունէութեան: Հիացայ թանգարանով, գրադարանով, պատկերասրահով, դրամագիտական եւ ա՛յլ հաւաքածոներով:

Այցելութեան գացի նաեւ Վենետիկէն ոչ շատ հեռու գտնուող Ֆիէսսոյ գիւղաքաղաքը, ուր Մխիթարեան Միաբանութիւնը հաստատած էր մանչերու որբանոց մը: Հոն ալ ապաստան գտած էին Յունաստանէն բերուած բազմաթիւ որբեր: Անոնցմէ ամէնէն կըրտսերները կը յաճախէին Մուրատ֊Ռափայէլեան Վարժարանը, իսկ ամէնէն աւագները կը հետեւէին մասնագիտական դասընթացքներու:

Հնարաւորութիւնը ունեցայ այցելելու Փատովա եւ Ասսիզի քաղաքները, ուր հոգեւոր մեծ գոհունակութիւնը ունեցայ Սուրբ Պատարագ մատուցանելու ֆրանչիսկեան երկու հռչակաւոր սրբատեղիներուն մէջ: Ապրիլ 29ին վերջապէս կրցայ տեսնել եղբայրս՝ Քերովբէն, որ փոխտնօրէնն էր Սփոլէթոյի մէջ հաստատուած «Ումպերթո Առաջին» ազգային գիշերօթիկ վարժարանին, որ կը զբաղէր պատերազմի պատճառով որբացած մանուկներով: Զիրար չէինք տեսած տասնութ տարիներէ ի վեր եւ ընթերցողներս կրնան երեւակայել՝ թէ ինչպիսի զգացումներ ապրեցանք այդ պահուն:

Իշխան Քիճին այցելած էր Ռոտի կղզին եւ մարզպետ Մարիոյ Լակոյին առաջարկած էր հոն երկրագործական վարժարան մը հիմնել հայ որբերու համար: Մարզպետը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած էր առաջարկը: Ծրագրին իրականացումը վստահեցանք Տ. Լուիճի Օրիոնէին, որ հիմնադիրն էր Նախախնամութեան Որդիներու կազմակերպութեան: Այդպիսով առիթը ունեցայ ծանօթանալու Աստուծոյ այդ մեծագոյն Ծառային հետ, որ առաջին հանդիպումէն իսկ մեծ համակրանք ցուցաբերեց ինծի հանդէպ: Մեծ սէր ունէր ընդհանրապէս հայերու նկատմամբ եւ վշտակցութեամբ կ՚ունկնդրէր ջարդերուն պատմութիւնները: Վարժարանին հիմնարկութեան հարցերը քննեցինք Մալթայի Ասպետներու կեդրոնական տան մէջ, ներկայութեամբ Նորին Գերազանցութիւն Իշխան Թհուն Հոհէնշթայնի: Քննարկումներուն մասնակից էին նաեւ Իշխան Քիճին, Դուքս Սէրրան եւ Աստուծոյ Ծառայ Տէր Օրիոնէն: Զանազան առաջարկներ լսելէ յետոյ, որոշուեցաւ հիմնել միայն մանչերու վարժարան մը, մօտաւորապէս քառասուն պատանիներու համար:

Այդ օրերուն առողջական վիճակս բաւականին ծանրացած էր եւ մեծաւորներս ուզեցին որ բժշկական քննութիւններէ անցնիմ Հռոմի բազմաբուժական հիւանդանոցէն ներս: Վիրահատական գործողութեան մը ենթարկուեցայ, որ տեւեց երկու ժամ քսան վայրկեան10: Յետվիրաբուժական ընթացքը բաւական մտահոգութիւններ պատճառեց, չափազանց բարձր ջերմաստիճանի եւ սրտի անկանոնութեան պատճառով: Վիրաբոյժը զիս քննելու կու գար ամէն ժամ, իսկ Հ. Սթանիսլաո Տա Ֆիուճճին զիս մէկ վայրկեան անգամ առանձին չէր ձգեր: Խնդրեցի որ մինչեւ վերջին պահը չսպասէին Հիւանդաց Օծումը մատակարարելու համար, բայց խոստովանելու կարիքը չզգացի, քանի որ զայն ըրած էի նոյն օրը առաւօտեան, Սուրբ Պատարագը մատուցանելէ առաջ: Քաջ գիտակից էի, որ այլեւս բոլորը բժիշկները, մայրապետներն ու հիւանդապահները զիս փրկելու յոյսը չունէին: Այդուհանդերձ, վստահ էի որ իմ վերջին ժամս տակաւին չէր հասած: Հիւանդաց Օծումը մատակարարեցին ինծի, բայց ես զայն չեմ յիշեր: Ակնյայտ է, որ իսկապէս գէշ վիճակի մէջ էի: Վիրահատութեան ենթարկուած էի Մայիս 10ին եւ նոյն ամսոյն 20ին արդէն ի վիճակի էի վիրաբուժարանէն տեղափոխուելու բժշկկան բաժին: Շողադիտական քննութեամբ պարզ դարձաւ որ բռնուած էի կողախիթ կոչուող հիւանդութենէն, որ վարակած էր աջ թոքիս ստորին մասը: Ասոր գումարուեցաւ նաեւ երակատապը եւ այսպիսով բացարձակ անշարժութեան մատնուեցայ մինչեւ Յուլիս 10ը:

Ինչպէ՞ս նկարագրեմ այն բոլոր խնամքներն ու հոգատարութիւնը՝ որոնցմով այդ օրերուն զիս շրջապատած էին Նորին Վսեմութիւն Ծիրանաւոր Ճովաննի Թաչչին, Գերպ. Ֆիլիփփոյ Ճոպպէն, Հոգեշնորհ Մեծաւոր Հայրս, Իշխան Քիճին, բժիշկները, հիւանդապահներն ու Քրիստոնէական Մարդասիրութեան միաբանութեան Մայրապետները: Հոգեշնորհ Հ. Ֆերտինանտոյ Տա Մանէրպիոն, Քափուչիններու Առաքելութիւններու Ընդհանրական Քարտուղարը, ինծի այցելելու կու գար ամէն օր, օգտագործելով կէսօրուան հանգիստի ժամերը: Կը յիշեմ, որ այդ բարի Վարդապետը Յունիս 24ին ինծի այցելութեան գալու համար յանձն առաւ սաստիկ փոթորիկի տակ մնալ, հիւանդանոց հասնելով ամբողջովին թրջուած, բայց ժպիտը դէմքին, կարծես թէ բնաւ բան մը պատահած չըլլար:

Հիւանդանոցէն արձակուեցայ Յուլիս 23ին եւ կը խոստովանիմ որ պիտի նախընտրէի հոն մնալ. այլեւս վարժուեր էի ծառայութիւններ ընդունելու, խնամուած, սիրուած ու յարգուած ըլլալու: Այդ նոյն օրուան երեկոյեան ոտքերս կրկին ուռեցան եւ ջերմս բարձրացաւ: Կրկին բժշկական քննութեան ենթարկուեցայ եւ պատասխանը այն եղաւ որ ոչ մէկ դեղամիջոց կրնար այլեւս ետ վերադարձնել առողջութիւնս: Թերեւս օդափոխութիւնը կրնար սպասուած հրաշքը կատարել: Խորհուրդ տրուեցաւ հեռու կենալ ծովէն եւ որոշ ժամա նակով տեղափոխուիլ Ֆրասքաթի: Ֆրասքաթիի մեր վանքին մէջ հետս իշխանի մը պէս կը վարո ւէին: Հռոմի Միջազգային Վարժարանին ուսանողները իրարու հետ կը մրցէին ինծի փոքրիկ ծառայութիւններ մատուցանելու համար. մէկը բարձ մը կը բերէր՝ որպէսզի կարենայի նստիլ պարտէզի նստարաններէն մէկուն վրայ, երկու ուրիշներ քալած ատենս նեցուկ կը կենային՝ որպէսզի չիյնայի, իտալացի կղերիկոս մը դեղերու ներարկումներս կ՚ընէր, իսկ իրլանտացի մը անգլերէնի դասեր կու տար ինծի: Նախախնամական եղաւ հանդիպումս Եղբայր Տոմենիքոս Տա Պէլվիլին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալվարիոյ գաւառէն, որ Պատարագի դիտաւորութիւններ խնդրեց իմ եւ ինծի գործակից քահանաներուն համար:

Ամէն շաբաթ ինծի այցելելու կու գար Հ. Ֆերտինանտոն: Յաճախ կու գար Գերպ. Ճոպպէն եւ երկու անգամ ալ եկան Իշխան Քի ճին եւ Կոմս Մափէլլին: Ֆրասքաթիի մէջ անցուցած ապաքինումի մէկ ամիսը մեծապէս կազդուրեց զիս եւ բժիշկները մեծ յաջողութիւն համարեցին այն իրողութիւնը որ կշիռս չէր նուազած: Զիս փրկուած յայտարարեցին, երբ երկրորդ ամսուան ընթացքին կշիռս աւելցաւ տասը քիլոկրամով: Բայց նաեւ ըսին որ ոտքերս այլեւս անբուժելի էին եւ անոնք էին որ կը պատճառէին շարունակական բարձր ջերմս: Պատուիրեցին բացարձակ հանգիստ եւ ըսին որ այլեւս չմտածէի առաքելութեան մեկնելու մասին, եթէ կ՚ուզէի տակաւին քանի մը տարի եւս ապրիլ:

Նորանոր տառապանքներ Յունաստանի հայ փախստականներուն համար

Ապրիլ հանգիստ եւ առանց մտահոգութիւններու: Կրնար իմաստուն խորհուրդ մը թուիլ, բայց անշուշտ ինծմէ կախումնաւոր չէր զայն գործադրելը: Յունաստանի փախստականներուն վիճակը յուսադրական չէր եւ ես կարող չէի նորանոր դժուարութիւններու առաջքը առնել:

Մխիթարական փոքրիկ լուր մը ստացայ, որ ինծի յայտնեցին Իշխան Քիճին եւ Տ. Կաթթին: Ռոտիի երկրագործական վարժարանը կրնայինք արդէն պատրաստ համարիլ, քանի որ աւարտած էին հաստատութեան գնումի բոլոր ձեւակերպութիւնները: Կրնայի այլեւս ուսանողներ հաւաքել, ընտրելով նաեւ միակողմանի ծնողազուրկ երեխաներու մէջէն: Պարզապէս քիչ մը ժամանակի կարիք ունէի՝ հաւաքելու համար հարկաւոր քառասուն տղաները: Քիչ ժամանակ անց վրայ հասաւ դաժան ու անսպասելի հարուած մը: Իշխան Քիճին ինծի ցոյց տուաւ թերթերու մէջ հրատարակուած յօդուած մը, որ կը տեղեկացնէր Թուրքիայէն հարիւր յիսուն հազար յոյներու արտաքսման մասին: Յունական Կառավարութիւնը մտադիր էր տեղաւորել զիրենք կղզիներու մէջ, քանի որ Մակեդոնիան ու Թրակիան արդէն իսկ հիւրընկալած էին մէկ միլիոնէ աւելի փախստականներ: Ինչպէ՞ս կրնայինք անտարբեր մնալ իսլամական ծայրայեղականութեան զոհ գացած այդ մարդոց ճակատագրին նկատմամբ: Բայց յոյները գէթ կառավարութիւն մը ունէին, որ կը հոգար իրենց ապագան: Իսկ հայե՞րը: Հայերուն վիճակը օրէ օր միշտ աւելի տխուր կը դառնար, կամ աւելի ճիշտը, մարդկայնօրէն խօսելով, յուսահատական: Եւ Քորֆուի մէջ ալ իրավիճակը երթալով աւելի կը ծանրանար:

Գերպ. Պրինտիզին գրեթէ ստիպելով, ինծի համար վարձած էր եպիսկոպոսարանի շէնքը, որպէսզի հոն տեղափոխէի մեր դպրոցը: Պահանջած եւ կանխաւ վերցուցած էր նաեւ երեք տարուան վարձը: Չեմ գիտեր ինչ պատճառով, Մայիսին որոշեց կրկին տեղափոխուիլ եպիսկոպոսարանի մեզի վարձուած շէնքը եւ իր որոշումը յայտնեց Հ. Ստեփան Հարունեանին: Այս վերջինս պատասխան մը չտուաւ: Յաջորդ օրը Քորֆուի լատին Արքեպիսկոպոսը մեր դպրոցը մտաւ ընկերակցութեամբ ճարտարապետի մը եւ քանի մը գործաւորներու եւ իսկապէս անվայել ձեւով դուրս վռնտեց Հ. Ստեփանը, ուսուցիչներն ու աշակերտութիւնը: Ամէն ոք կրնայ երեւակայել այն մեծ գայթակղութիւնը, որ տարածուեցաւ ամբողջ քաղաքին մէջ: Այս հարցին շուրջ խօսեցայ Գերպ. Ճոպպէին հետ, որ շատ բարի խօսքերով պատասխանեց ինծի, բայց միաժամանակ հասկցուց որ ոչինչ կրնար ընել:

Եւ տակաւին աւելի վատը պիտի պատահէր: Չնչին միջադէպ մը ցիրուցան ըրաւ Քորֆուի հայ գաղութը եւ կործանեց իմ բոլորը գործերս այդ կղզիին մէջ:

Կրթութեան Նախարարութեան Տեսուչը եւ Քորֆուի Զինուորական Հրամանատարը խնդրած էին որ ամերիկեան որբանոցին եւ Արարատեան Վարժարանին լաւագոյն աշակերտները մարմնամարզական մրցումի մը մասնակցէին յունական վարժարանի աշակերտներուն հետ: Մրցումը տեղի ունեցած էր Մայիսի վերջին կիրակին, ներկա յութեամբ քաղաքին կառավարական անձնակազմին եւ զինուորական ու կրօնական ամենահամբաւաւոր անձնաւորութիւններուն: Տեւած էր երեք ժամ, եւ եղած էին ժամեր շարունակական պարտութիւններու՝ յոյներուն համար եւ յաղթանակներու՝ հայերուն համար: Յոյն պատանիները ինքզինքնին նուաստացած զգացած էին եւ անոնցմէ մէկը քար մը նետած էր հայ պատանիի մը ուղղութեամբ: Քարը, սակայն, դպած էր ուրիշ յոյն պատանիի մը, որ հակազդած էր բռունցքներով, աքացիներով ու անարգական խօսքերով: Այս ամէնուն յաջորդած էին դառնացած մեկնաբանութիւններ եւ այդ փոքրիկ միջադէպին պատասխանատուութիւնը նետած էին հայերուն վըրայ, որոնք փափկանկատութիւնը չէին ունեցած յոյներուն շնորհելու յաղթանակը: Յունաստանը, որ այդքան հիւրընկալ էր, արժանի էր այդպիսի ազնիւ վերաբերմունքի մը:

Այս եւ նմանօրինակ անմտութիւնները այնքան գրգռեցին մըտքերն ու հոգիները, որ Յունական Կառավարութիւնը հրամայեց որ Քորֆուի բոլոր հայերը տեղափոխուէին Սէթիա, Կրետէի արեւելեան ծայրամասը գտնուող փոքրիկ բնակավայրը, անոնց բնակութեան համար սահմանելով միայն հին ու փլուզման վտանգի մէջ գտնուող մզկիթ մը: Եկեղեցական Մեծաւորներէս հրահանգ ստացայ հոն քահանայ մը ուղարկել, որպէսզի ապահովէր այդ խեղճ ընտանիքներուն հոգեւոր կարիքները:

Արեւմտեան Թրակիայի հայերն ալ միեւնոյն բախտը ունեցան. հրաման ստացան Կալամաթա տեղափոխուիլ: Այս լուրը ստացայ Տ. Յովսէփ Խանձեանի նամակէն, որ ինծի հասաւ Հոկտեմբեր 17ի առաւօտեան: Տ. Յովսէփը իմ տեղս առած էր բացակայութեանս ընթացքին: Ան իսկոյն կազմակերպչական տաղանդ եւ առաքեալի յատուկ ո գի մը ի յայտ բերաւ: Խիոս այցելելէ յետոյ՝ հաստատուեցաւ Սամոս, ուր հոգեւոր առաքելութեամբ ծառայեց մեր ազգակիցներուն: Քիչ ժամանակ անց, սակայն, ապրուստի միջոցներ չունենալով, հարկադրուեցաւ հեռանալ Սամոսէն եւ հաստատուիլ Աղեքսանդրապոլիս, ուր իր գալուստը իրական օրհնութիւն եղաւ հայ գաղութին համար:

Բայց սկիզբ առած փոթորիկը պիտի հասնէր նաեւ Աղեքսանդրապոլիս: Կառավարական առաջին հրամանը՝ պատրաստ ըլլալ այլուր տեղափոխուելու, հայերուն հասաւ 1924ի Յունիսին: Տեղական իշխանութիւնները ոչինչ կրցան ընել այդ հրամանին դէմ եւ Յունիս 27ին առաջին խումբը, Աթէնքէն եկած զինուորներու ուղեկցութեամբ, ճա նապարհ ինկաւ անյայտ ուղղութեամբ: Երջանկութիւնը այս աշխարհի մէջ անցողիկ է եւ ունայն, բայց ա՛լ աւելի անցողիկ է մեզի՝ հայերուս համար: Հոկտեմբերի կէսին Նահանգապետը կառավարական նոր վճռագիր մը հրապարակեց, որ կը հրամայէր Թրակիայէն հեռացումը այն բոլոր հայերուն՝ որոնք հոն հաստատուած էին Զմիւռնիայի հրդեհէն յետոյ: Տասնըհինգ օր ժամանակ կու տային տեղահանումին պատրաստուելու համար:

Յանձնախումբ մը ներկայացաւ Նահանգապետին եւ հարցուց թէ արդեօք ճի՞շտ էր որ զիրենք պիտի յանձնէին թրքական կառավարութեան: Եթէ այդպէս էր, ապա կը նախընտրէին մահուան դատապարտուիլ: Նահանգապետը վստահեցուցած էր, որ տարածուած ձայները անհիմն էին: Երեք կարաւանի բաժնուած, այդ դժբախտները նաւ բարձրացուեցան Նոյեմբեր 15ին, 16ին եւ 17ին: Տ. Յովսէփը արտաքսուածներու թիւին մէջ չէր եւ իր ծուխին հաւատացեալները աղաչած էին իրենց չհետեւիլ, քանի որ իր ներկայութիւնը ո՛չ պիտի թեթեւցնէր իրենց վիճակը, ո՛չ ալ պիտի ազատէր զիրենք թուրքերու ձեռքէն:

Բայց բարի հովիւը չի կրնար լքել հօտը դժբախտութեան վայրկեանին: Ինծմէ արտօնութիւն խնդրեց մեկնելու վերջին կարաւանին հետ: Հեռագրեցի. «Չեմ կրնար ստիպել: Կ՚օրհնեմ ձեր հերոսական արարքը, որ կ՚ուզէք կատարել: Տեղեակ պահեցէք զիս բոլոր անցու դարձերուն»:

Բոլոր հայ տեղահանուածները ցամաք իջեցուցած էին Կալամաթա, Մէսսէնէ նահանգին կեդրոնական քաղաքը: Հոն, սակայն, հայերը քիչ ժամանակ կեցան, որովհետեւ հոն աշխատանք չգտնելով՝ ստիպուեցան այլուր հաստատուելու յարմար կայան մը փնտռել:

Տ. Յովսէփը նոյնպէս հաստատուեցաւ Կալամաթայի մէջ, որոշած ըլլալով հոն մնալ այնքան ժամանակ՝ քանի դեռ հայ փախստականները հոն էին: Կալամաթա մնաց երկու ամիս, ապա վերադարձաւ Աղեքսանդրապոլիս: Աղեքսանդրապոլիս վերադարձած էին նաեւ քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ, բայց աշխատասէր ու գործունեայ հայ զանգուածը այլեւս հոն չըլլալով՝ քաղաքը տնտեսական անկում ապրած էր եւ աշխատատեղերու խիստ պակաս կար: Վերադարձած ընտանիքները հարկադրուած եղած էին կրկին ճանապարհ իյնալ եւ ուրիշ տեղ փնտռել լաւագոյն ապագայ մը:

  Հանդիպում Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետին հետ

Բազմաթիւ տառապանքներու մէջ ունեցայ նաեւ իմ հոգեկան մխիթարութիւններս: Առիթը ունեցայ հանդիպելու Հ. Սթանիսլաոյին, որ բնական պատմութեան ուսուցիչս եղած էր Սուրբ Ստեփանոսի դպրեվանքին մէջ: Ներկայ գտնուած էր Զմիւռնիայի հրդեհին եւ իրական հրաշքով մը ողջ մնացած էր: Զրոյցի ատեն պատմեց այդ օրերուն պատահած արհաւիրքները:

Ամենամեծ մխիթարութիւնը ինծի պարգեւեց Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետը, որ բարութիւնը ունեցաւ զիս անձնական ունկնդրութեան ընդունիլ 1924ի Դեկտեմբեր 9ին:

Նորին Սրբութիւնը նկատեց ուժգին յուզումս եւ հետս հայրաբար խօսեցաւ. «Թանկագին Հայր Կիւրեղ, եկէ՛ք, Մեր կողքին նստեցէք այս բազկաթոռին վրայ: Մենք մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած ենք Ձեր լուրերուն, ուր ալ որ գտնուած ըլլաք: Գիտենք թէ որքան բարիք ըրած էք Տրապիզոնի օրթոտոքս յոյներուն եւ թէ որքան տառապած էք թուրքերուն ձեռքը: Գիտենք թէ ինչպիսի անշահախնդիր եռանդով գործակցած էք Մալթայի Ասպետներուն առաքելութեան: Գերպ. Ճոպպէն զիս տեղեակ պահած է ամէն բանի մասին: Քահանայապետը գոհ է Հայր Կիւրեղէն»:

Գովասանքի այս խօսքերը Քրիստոսի Փոխանորդին շուրթերէն լսելով՝ ամբողջ ներաշխարհս տակնուվրայ եղաւ եւ ծունկի եկայ Սրբազան Քահանայապետին դիմաց. «Ձերդ Սրբութիւն», բացականչեցի, «աւելիին չեմ կրնար դիմանալ: Չափազանց յուզուած եմ ինծի հանդէպ ցուցաբերած Ձեր մեծ բարութեան պատճառով: Չեմ ուզեր խլել Ձեր մեծապէս թանկարժէք ժամանակը: Օրհնեցէք իմ խեղճ անձս, քահանաներս, հաւատացեալներս, բարեգործները, կրօնաւորուհիները, բոլոր անոնք որոնք օգնութեան ձեռք կը մեկնեն ինծի առաքելութեանս կատարման մէջ, եւ այս սրբազան առարկաները որ հետս պիտի տանիմ Յունաստան»:

Այս արարքէս Սրբազան Քահանայապետը յանկարծակիի եկաւ, նայեցաւ երեսիս, ժպտեցաւ եւ ապա տուաւ խնդրուած օրհնութիւնը: «Շնորհակալ եմ, Ձերդ Սրբութիւն», ըսի ու ոտքի ելայ: Սրբազան Քահանայապետը հնչեցուց սեղանին դրուած փոքրիկ զանգակը, վարդապետ մը ներս մտաւ եւ զիս դէպի դուրս առաջնորդեց: Ունկնդրութիւնը աւարտած էր:

Միաբանակիցներս սեղանատան մէջ էին եւ ընթրիքը սկսած էր: Գրաւեցի իմ տեղս եւ ընթրիքի ատեն բոլոր մանրամասնութիւններով պատմեցի ունկնդրութեան ատեն կատարուածները: Բոլորը միասին ծիծաղելու սկսան, ըսելով որ չէի յարգած արարողակարգի կէտերէն ոչ մէկը:

Վերադարձ Յունաստան

Յունաստանէն օգնութիւն հայցող ստիպողական աղաղակներ կը հասնէին: Ամէն ոք ինծի նամակ կը գրէր՝ յայտնելու համար իր տառապանքներն ու կարիքները, բայց ոչ ոք կը հետաքրքրուէր իմ վիճակովս, ոչ ոք կը հարցնէր՝ թէ ինչպէս եմ, թէ արդեօք ամբողջովին առողջացած եմ կամ թէ արդեօք կրնամ ճամբորդել:

Հ. Ստեփան Հարունեանը կը գրէր որ հարկադրուած եղած էր վաճառելու դպրոցին կահկարասին, կարենալ վճարելու համար ուսուցիչներուն ամսեվարձը, որ մնացած էր առանց դրամի եւ առանց Սուրբ Պատարագի դիտաւորութիւններու: Տ. Յովհաննէս Չերքէզեանը կը շտապեցնէր վերադարձս Աթէնք, որովհետեւ սկսած էր պարտքեր կուտակել եւ դիտաւորութիւններու պակասի պատճառով Սուրբ Պատարագը միայն տօնական օրերուն կը մատուցանէր:

Հոգեշնորհ Մեծաւոր Հայրս պատուիրած էր ինծի չվերադառնալ նախ քան ամբողջովին առողջանալս: Բայց իսկապէս յոգնած էի անգործութենէն եւ անձկագին կը փափաքէի վերադառնալ առաքելութեանս վայրը: Ջերմս չէր նուազած, բայց այլեւս կը յաջողէի լիովին առողջ ձեւացնել, քանի որ, թէեւ բարձր էր, այնու ամենայնիւ գլխացաւ չէր պատճառեր: Այսպիսով, Դեկտեմբեր 15ի առաւօտեան կրցայ ճամբայ ելլել Հռոմէն:

Ճանապարհին կանգ առի Նափոլի քաղաքը եւ այցելութեան գացի «Սուրբ Գրիգոր Հայ» եկեղեցին, ուր կը պահուին Հայոց Լուսաւորչին մասունքները: Եկեղեցին կը պատկանի բենեդիկտեան մի անձնուհիներու վանքին: Այցելեցի նաեւ Փոմփէյի Աստուածածնի սրբավայրը եւ հոն պատարագեցի աւագ խորանին վրայ: Դեկտեմբեր 18ին Պարի կը գտնուէի: Բարեպաշտական աղօթքներս կատարեցի Սբ. Նիկողայոս Զմիւռնիացի սքանչելագործ հայրապետին մասունքները ամփոփող դամբանին դիմաց, որոնք հոն տեղափոխուած են Բիւզանդիոնէն:

1924 Դեկտեմբեր 21ին կրկին Աթէնք էի: Ուժասպառ էի եւ անմիջապէս անկողին մտայ: Սուրբ Ծննդեան տօնական օրերը Աթէնքի մէջ անցընելէ յետոյ, լաւագոյն կերպով կազմակերպելու համար մեր փախստականներուն հոգեւոր խնամքը Յունաստանի մէջ, կարիքը զգացի նոր ճամբորդու թիւն մը ընելու եւ գրի առնելու իւրաքանչիւր գաղութին վիճակը: Այսպիսով, Աթէնքէն անցայ Սիրա, ապա, Յունուար 10ին, Սիրայէն մեկնեցայ Սամոս, ուր հայերէն լեզուի ուսուցիչ մը կարգեցի Սուրբ Յովսէփի Միաբանութեան դպրոցը յաճախող մեր աղջիկներուն համար:

Աթէնք վերադարձայ Փետրուար 6ին: Բնակութեանս վայրը տակաւին քահանայատան տանիքն էր, ուրկէ զիս դուրս հանեց բըժիշկ Ալֆրէտ տ՚Օրինյին, ֆրանսական հիւանդանոցին տնօրէնը, ինծի յատկացնելով առաջնակարգ սենեակ մը, ներառեալ խոհանոցի ու լուացքատան ծառայութիւններով:

Աւագ Շաբթուան տօնակատարութիւններէն յետոյ, Ապրիլ 1ին, ճամբայ ելայ դէպի Վոլոյ: Ծանօթացայ այս բոլոր բնակավայրերուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն վիճակին եւ մօտաւոր գաղափար մը կազմեցի յետագայ ընելիքներուս վերաբերեալ, որմէ ետք կրկին Աթէնք վերադարձայ:

  

ԳԼՈՒԽ Զ.

Քոքինիայի առաքելավայրին հաստատումը – Տուրղութիի կեդրոնական տունը – Ռոտիի հայ որբերուն քով – Յունաստանի կաթողիկէ հայերու Առաջնորդ – Տուրղութիի իմ գործակիցներս – Տուրղութիի հայ կաթողիկէ Վարժարանը

Քոքինիայի առաքելավայրին հաստատումը Քոքինիայի եւ Տուրղութիի փախստականներուն բնակատեղիները այցելելով, ուր կ՚ապրէր հայ փախստականներուն մեծամասնութիւնը, համոզուեցայ որ անոնց հոգեւոր խնամքի կազմակերպումը պէտք է որպէս սկիզբ ունենար առաքելական կեդրոնի մը կառուցումը, բացարձակ առաջնութիւն տալով դպրոցին եւ քահանաներու բնակարաններուն, երկրորդ հանգրուանի մը ձգելով եկեղեցւոյ կառուցումը: Հարկաւոր էր հոգալ միաժամանակ թէ՛ Քոքինիայի ե՛ւ թէ՛ Տուրղութիի հայ բնակչութեան հոգեւոր կարիքները:

Մանուկ տարիքէս ի վեր, մայրիկս սորվեցուցած էր ինծի Մարտ ամսուան բարեպաշտական բոլոր գործերս ու աղօթքներս կատարել ի պատիւ Սուրբ Յովսէփին: Ամէն օր փոքրիկ ինքնազըրկում մը եւ աղօթք մը, եւ չեմ յիշեր Մարտ ամիս մը՝ որուն ընթացքին Սուրբ Հայրագիրը ինծի համար յատուկ շնորհք մը ստացած չըլլայ:

1924ի Մարտ ամսոյն օր մը, կէսօրէ ետք, Աթէնքի Մայր Տաճարին քահանայատունը երիտասարդի մը կը սպասէի, որ պէտք է զիս դէպի Տուրղութի առաջնորդէր: Սպասելէն յոգնած, ճաշասենեակ իջայ եւ դէպի եկեղեցւոյ աւանդատունը գացող դրան դիմաց նստած՝ այսպէս աղօթեցի. «Իմ թանկագին Սուրբ Յովսէփ, կը յիշե՞ս որ Մարտ ամսոյն մէջն ենք: Ի՞նչ նուէր պիտի ընես ինծի այս տարի: Օգնէ ինծի գտնելու Քոքինիայի եւ Տուրղութիի մեր հայերուն հա մար առաքելական կեդրոններ կառուցանելու յարմար տարածք մը»: Քանի մը վայրկեան յետոյ Տ. Յովհաննէս Նիքոլոզին հարցուց թէ ինչու այդքան տխուր էի: Պատասխանեցի. «Թանկագին Վարդապետ, տխուր չեմ, այլ՝ ամօթահար վիճակի մը մէջ, քանի որ տակաւին ոչինչ կրցայ ընել մեր առաքելավայրերը լաւ կազմակերպելու համար»: Տէր Նիքոլոզին առաջարկեց դիմել Տէր Մէքային, Փիրէոյի ժողովրդապետին, որ կը ճանչնար Քոքինիայի բոլոր հողատէրերը, որոնց տարածքները շինարարական աշխատանքներ կատարելու կառավարական արտօնութիւն ունէին: Իսկ ինչ կը վերաբերի Տուրղութիին, ան տեղեկութիւններ պիտի խնդրէր իրեն ծանօթ նօտարներէն: Տէր Նիքոլոզիի, Տէր Մամոսի եւ Քալփուցոս փաստաբանին մի ջամտութեամբ եւ գործակցութեամբ, Ռալլիս անունով հողատէրէն գնեցի վեց հարիւր յիսուն քառակուսի փիքիս11 հողատարածք մը Քոքինիայի մէջ: Պրն. Ռալլիսը սկիզբը փորձեց խարդախութիւն ընել եւ պետական գինէն վեց անգամ աւելի գումարով վաճառել հողակտորը: Բայց Քալփուցոս փաստաբանին միջամտութեամբ խարդախութիւնը բացայայտուեցաւ եւ Պրն. Ռալլիսը պարտաւորուեցաւ յաւելեալ տասը հազար տրախմի վճարել ինծի որպէս վնասուց հատուցում: Օրէնքին համաձայն պէտք է նաեւ հինգ տարի բանտարկուէր, բայց այդ մէկը ներեցի իրեն եւ մեղադրանք չներկայացուցի ոստիկանատուն:

Այսպիսով, շինարարական արտօնութիւն ունեցող հողատարածքի մը սեփականատէրը դարձած էի Քոքինիայի մէջ: Յաջորդ կիրակի օրը Սուրբ Պատարագը հոն ծիսակատարեցի: Ներկայ էին բոլոր հայերը, կաթողիկէ եւ առաքելական: Գոհ էին կատարած գնումիս համար եւ հետեւաբար՝ շարականները ո՛չ թէ երգեցին, այլ՝ պոռացին: Սրբազան արարողութեան աւարտին, կիները գետին փռեցին պարկեր, սաւաններ, գորգեր, եւ ներկաները հրաւիրեցին տեղ գրաւել: Ճերմակ զգեստներ հագուած եւ ոսկեծամ աղջնակ մը հինգ տուն հաշուող բանաստեղծութիւն մը արտասանեց հայերէն լեզուով. առաջին երկու տուները շնորհակալութիւն կը յայտնէին եւ կը մաղթէին երկար կեանք. միւս երեք տուները կը քաջալերէին օգնելու ինծի առաքելական տան կառուցման գործին մէջ: Յաջորդեցին անվերջանա լի ծափահարութիւններ: Շատերը յուզումէն կ՚արտասուէին: Ներկաներէն մէկը խոստացաւ վճարել Աւագ Խորանի կառուցման ծախսերը: Ուրիշ մը յիշեցուց որ աւանդաբար իր ընտանիքին կը պատկա նէր Տապանակը նուիրելու իրաւունքը:

Ներկայ երեւելիներէն մէկը, ուրախութենէն արբեցած, կանչել տուաւ երաժիշտներ երկու զուռնայ, մէկ քլարինէթ եւ երկու տհոլ որոնք ժամեր շարունակ պարել տուին ներկաները, մինչեւ որ ասոնք ուժասպառ գետին իյնալու սկսան: Քիչ անց, երաժիշտները օղի խնդրեցին եւ պարողներն ալ միացան անոնց պահանջին: Շատ չանցած, երաժիշտներն ալ պարողներն ալ գինովցած էին եւ սկսան գետին թաւալիլ: Հանդիսատեսները մէկը միւսին ետեւէն հեռացան եւ ամէնքէն առաջ չքացաւ այն երեւելին որ կանչել տուած էր երաժիշտները եւ պատուիրած էր օղին: Յաջորդ կիրակի օրը ստիպուած ես գոցեցի երաժիշտներուն եւ օղի վաճառողին հաշիւը, եօթը հազար տրախմի վճարելով: Քոքինիայի հողատարածքին առուծախի ատեն հանդիպած դըժուարութիւններս սակաւաթիւ չէին, ո՛չ ալ չնչին, բայց ոչինչ էին՝ համեմատութեամբ այն հակառակութեան, այն ընդդիմութեան ու այն խարդախութիւններուն, որոնք առջեւս ծառացան ճիշտ անոնց կողմէ՝ որոնք պէտք է օգնէին ինծի: Եռանդագին կը փափաքէի Քոքինիայի եկեղեցւոյ, տան եւ դպրոցին բացումը կատարել կարմեղական միանձնուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան սրբադասման օրը, բայց հանդիպած էի կաթողիկէներուս լիակատար անտարբերութեան: Բոլորն ալ անկասկած գոհ պիտի ըլլային եթէ փափաքս իրականանար, բայց երբ հարկաւոր էր այլեւս տեսականէն գործնականի անցնելու՝ ոչ ոք գործի անցաւ: Բողոքական Պատուելին եւ ուրիշ բարեկամներ ինծի կ՚ըսէին որ պէտք է գոհ ըլլայի՝ եթէ հազիւ հինգ տարուայ քրտնաջան աշխատանքով կարենայի ծրագիրներս իրականացնել. բայց ես երբեք չյուսահատեցայ գործը շուտով ամբողջացնելու: Խօսքս իմ Պաշտպան Սրբուհիին ուղղեցի. «Առաքելավայրը քու անունդ պիտի կրէ, Թերեզա Յիսուս Մանկան, եթէ բոլոր գործերը իրենց աւարտին հասնին այս 1926 Հոկտեմբեր 3էն առաջ»:

Ձեռնարկած գործիս լիովին վստահ ըլլալով, հայ նկարիչի մը պատուիրեցի Սրբուհիին պատկերը գծել: Սրբուհի Թերեզան պատկերուեցաւ Աստուածամօր առջեւ ծունկի եկած, մինչ անոր ձեռքերէն կ՚առնէր վարդերու փունջեր եւ ձիւնի փաթիլներու նման կը սփռէր Աթէնքի Աքրոպոլիս բլուրին շուրջը տեղակայուած հայ փախստականներու խրճիթներուն վրայ:

Աշխատանքները սկիզբ առին Մայիս ամսուան վերջաւորութեան: Տոքթ. Սթամպուլեանը, բողոքական առաքելութեան մեծաւորը եւ իմ անկեղծ բարեկամս, կը յորդորէր զիս խոհեմ ըլլալու, ըսելով. «Դուք աղաւնիի մը նման պարզ էք, բայց այսքանը բաւական չէ: Հարկաւոր է Աւետարանը ամբողջովին ապրիլ եւ հոս՝ Յունաստանի մէջ պէտք է գործի դնէք նաեւ օձի խոհեմութիւնը: Մի՛ վստահիք ո՛չ Ձեր փաստաբանին, ո՛չ ալ Ձեր ճարտարապետին: Յոյներուն կարելի չէ վստահիլ»:

«Թանկագին Պատուելի», պատասխանեցի, «շատ լաւ կը ճանչնամ յոյները: Անոնց համար շատ քրտնած եմ: Կախաղանի ալ դատապարտուած եմ անոնց օգնած ըլլալուս համար: Յոյները գիտեն այս բաները եւ գէթ առ ի երախտագիտութիւն պիտի չխաբեն զիս»:

«Երանի՜ Ձեզի», եզրակացուց խոհեմ Պատուելին, «Դուք սուրբ մըն էք: Ես կը հիանամ Ձեր հաւատքին վրայ: Բայց թոյլատրեցէք որ Ձեզի ամենայն անկեղծութեամբ ըսեմ, որ համաձայն չեմ Ձեր ըսածներուն: Յոյները ստացած բարիքներու փոխարէն երախտագիտութիւն ըսուած բանը չեն ճանչնար: Յիշեցէք ինչ որ Ձեզի կ՚ըսեմ»:

Աշխատանքներու դանդաղ յառաջխաղացումին նպաստեց նաեւ Փիրէոյի լրագիրներէն մէկուն էջերուն վրայ յայտնուած յօդուած մը, ուր կը զրպարտէին զիս իբրեւ Յունական Կառավարութեան թշնամի եւ օտար պետութիւններու լրտես: Սրտանց ծիծաղելով կարդացի այդ յօդուածը, համոզուած որ յոյն ընթերցողները նոյնպէս ծիծաղով պիտի ընդունէին այդ յօդուածագրին կարծիքն ու զրպարտութիւնները: Բայց այդպէս չեղաւ: Յունաստանի մէջ լրագիրները աւելի մեծ հեղինակութիւն կը վայելեն՝ քան Սուրբ Աւետարանը, եւ այդ յօդուածին հրապարակ իջնելէն երկու օր անց ոստիկանութիւնը հրամայեց դադրեցնել Քոքինիայի մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքները:

Այդ նոյն օրը ինծի այցելելու եկան Քոքինիայի հայ համայնքին երեւելիները: Բոլորն ալ չափազանց տխուր էին, այնքան որ հարցուցի թէ արդեօք մէկը մահացած էր: «Աւելի գէշ», պատասխանեց անոնցմէ մէկը: «Պէտք է հրաժարինք Յիսուս Մանկան Սրբուհի Թերեզային նուիրուած եկեղեցւոյ կառուցումէն: Ամբողջ Փիրէոն, ամբողջ Աթէնքը եւ օրթոտոքս ամբողջ Յունաստանը լարուած է մեզի հայերուս դէմ, առանց դաւանանքի խտրականութեան, առանց զանազանելու առաքելականն ու կաթողիկէն: Լուրեր կը շրջին թէ Կառավարութիւնը մեզ դուրս պիտի վտարէ մայրաքաղաքէն: Ի՞նչ պիտի ընենք: Ո՞ւր պիտի երթանք»:

Կրցածիս չափ հանդարտեցուցի զիրենք, ըսելով որ Պաշտպան Սրբուհիս պիտի հոգար ամէն բան: Այդպէս ալ եղաւ եւ այդ ամբողջ աղմուկը վերջացաւ ոստիկանապետին գրպանը դրուած չորս հազար տրախմիի նուէրով: Կրկին ստացայ աշխատանքները շարունակելու արտօնութիւնը: Եւ ինչպէս խոստացած էի, անշուշտ վստահելով Աստուծոյ օգնութեան եւ Սրբուհի Թերեզային միջնորդ բարեխօսութեան, 1926 Սեպտեմբեր 30ին հանդիսաւոր կերպով կատարեցի եկե ղեցւոյ օրհնութեան արարողութիւնը եւ դպրոցին ու առաքելատան բացումը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Ներկայ էին եւ մասնակցեցան նաեւ Վերապատուելի Ստամպուլեանը, հայ առաքելական քահանան եւ յոյն օրթոտոքս եկեղեցական մը: Սուրբ Պատարագի աւարտին ամբողջ ժողովուրդը հաւաքուեցաւ եկեղեցւոյ բակը եւ սկսաւ երգել, կամ աւելի ստոյգը՝ պոռալ, պարել եւ կենացը խմել տիտղոսակիր Սրբուհիին, առողջութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթելով նաեւ հիմնադիր Հայր Կիւրե ղին: Քոքինիայի եկեղեցւոյ կառուցումը ամբողջացնելէն առաջ արդէն Նախախնամութիւնը ուղարկած էր այն քահանաները, որ պէտք է պաշտօնավարէին: 1924 թուականէն արդէն, Հռոմ կեցութեանս շրջանին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ Ծիրանաւոր Թաչչին փափաք յայտնած էր որ Յունաստանի մէջ առաքելական գործունէութեան հնարաւորութիւն ստեղծեմ Զմիւռնիայէն ու Այտինէն արտաքսուած Վիեննայի Մխիթարեան Հայրերուն համար: Նոյն յանձնարարականը ստացած էի նաեւ Գերպ. Ճոպպէէն: Այսպիսով, շինարարական աշխատանքներու աւարտէն առաջ արդէն Գերպ. Մեսրոպ Հապոզեանը, Վիեննայի Մխիթարեաններուն Ընդհանուր Աբբահայրը, Քոքինիա առաքեց նախ Հ. Սերովբէ Քէչէճեանը, ապա Հ. Գէորգ Փանջիկեանը, որ նշանակուեցաւ Մեծաւոր, Հ. Պողիկարպոս Սամուէլեանը եւ Հ. Ստեփանոս Հարունեանը, որ նախապէս եղած էր Քորֆու: Վերջինը եկաւ Հայր Փիլիպպոս Մալճեանը:

Մխիթարեան Հայրերը մեծ բարիք ըրին Քոքինիոյ մեր ժողովուրդին: Անոնց գործունէութեան դաշտը կը տարածուէր Ֆալէրոյէն մինչեւ Սալամինա, իսկ անոնց դպրոցը երկսեռ, ինչպէս մեր հայկական միւս վարժարանները ունէր երկու հարիւրէն աւելի աշակերտ եւ տարածաշրջանին լաւագոյն վարժարանն էր: Բողոքական համայնքը նոյնպէս դպրոցական հոյակապ համալիր մը կառուցեց, բայց երբեք չկրցաւ մրցիլ մեր Մխիթարեան Վարժարանին հետ: Նոյն ինքն Վերապատուելի Ստամպուլեանը անկեղծօրէն կը խոստովանէր որ իր դպրոցին ուսուցիչները, մշակութային համապատասխան կրթութիւն չունենալով, արժանի չէին այդ տիտղոսը կրելու: Հսկայական կառոյցը, որ կրնար ընկալել հազարի չափ աշակերտութիւն, երբեք հարիւրէն աւելի չունեցաւ: Եւ բոլորն ալ մակաբոյծ ձրիակերներ էին. դպրոցին կողմէ կերակրուած, զգեստաւորուած եւ … վճարուած:

Բողոքականներուն դպրոցին մեծ սրահը կը ծառայէր որպէս ամենաբազմազան լեզուներով եւ ամենաբազմազան չափերով հրատարակուած Աստուածաշունչերու պահեստ: Վերապատուելի Ստամպուլեանը օրինակ մը ինծի նուիրեց, մեծ փափկանկատութեամբ ըսելով. «Գիտեմ, որ համոզուած կաթողիկէ մըն էք մեր մէջ ըսած՝ երանի՜ ձեզի եւ գիտեմ նաեւ որ Ձեր հաւատացեալները չգայթակղեցնելու համար պիտի չուզէք տեսանելի տեղ մը պահել մեր հրատարակած Աստուածաշունչը: Բայց կը կարծեմ, որ գէշ պիտի չըլլար, եթէ Ձեր անձնական գրադարանին մէջ կամ, եթէ կ՚ուզէք, արգիլուած գիրքերու բաժնին մէջ, Աստուածաշունչի բազմալեզու հրատարակութենէն օրինակ մը ունենաք. գրաբար եւ աշխարհաբար հայերէն, լատիներէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, թրքերէն, արաբերէն, հին եւ նոր յունարէն, գերմաներէն, ֆինլանտերէն, անգլերէն, ռուսերէն, պուլկարերէն, եբրայեցերէն, արամայերէն, քրտերէն, պարսկերէն, սանսքրիթ հնդկերէն եւ այլն»: Սիրայօժար ընդունեցայ եւ փոխարէնը նուիրեցի Թովմա Գեմբացիի «Նմանութիւն Յիսուս Քրիստոսի» հռչակաւոր երկին գեղեցիկ հրատարակութիւններէն օրինակ մը: Անչափ գոհ մնաց եւ ըսաւ որ իր երիտասարդութենէն ի վեր ատիկա եղած էր իր նախասիրած գիրքը հոգեւոր ընթերցումներու համար, եւ ուզեց որ վրան երկու տող մը գրեմ որպէս ձօն: Պօղոս Առաքեալին խօսքերը գործածելով, գրեցի. «Աղօթքս է առ Աստուած, որ ուշ կամ կանուխ, ո՛չ միայն դուն, ո՜վ թանկագին Վերապատուելի բարեկամ, այլ նաեւ քեզի հետեւող ամէն ոք, ըլլաք այնպէս ինչպէս ես եմ այսօր»: Վերապատուելին կարդաց եւ կրկին կարդաց, պահ մը լռելեայն խորհրդածեց, ապա գոցեց գիրքը, յուզուած բըռնեց աջս, ուժգին համբուրեց ու ըսաւ. «Թանկագին Հայր Կիւրեղ, անկեղծ բարեկամ, սուրբ բարեկամ: … Աղօթեցէ՛ք ինծի համար: … Ձեր աղօթքներուն կարիքը մեծապէս կը զգամ, որպէսզի ընդունելի ըլլամ Աստուծոյ»: Ես ալ յուզուեցայ եւ իրեն փարուեցայ ըսելով. «Այո՛, թանկագին բարեկամ, սիրով պիտի աղօթեմ Ձեզի համար եւ Ձեր սիրելիներուն համար …: Շնորհակալութիւն»:

Տուրղութիի կեդրոնական տունը

Քոքինիայի «Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան» առաքելական կեդրոնին կառուցումը ամբողջացնելէ յետոյ՝ կրցայ ամբողջովին նուիրուիլ Տուրղութիի մէջ համանման կեդրոնի մը կառուցումին, որ պիտի ըլլար Յունաստանի մեր առաքելութեան մայր տունը: Արդէն հողատարածքը ազնիւ եւ անկեղծօրէն հաւատացեալ գիւղացիէ մը գնած էի: Ան, երջանիկ որ Տէրը իր հողերը ընտրած էր Իր հաւատացեալներուն քով օթեւանելու համար, նպաստաւոր գին մը առաջարկած էր եւ օգնած էր ինծի հարկաւոր արտօնութիւնները ձեռք ձգելու:

Գերպ. Մամոսը ինծի ներկայացուցած էր իրեն վստահելի շի նարար մը եւ ես, վստահելով իր եւ Տ. Նիքոլոզիի վկայութիւններուն, առանց երկմտելու ստորագրած էի շինարարութեան պայմանագիրը եւ կանխիկ վճարած էի հարիւր հազար տրախմի՝ աւելի արագցնելու համար աշխատանքները: Երիտասարդ քահանայ մը, սակայն, որ ներկայ էր պայմանագրի ստորագրումին, կամաց ձայնով ըսաւ Գերպ. Մամոսի ականջին. «Ձեր այս բարեկամը ինծի վստահութիւն չի ներշնչեր»: Դժբախտաբար իրաւացի էր:

Բոլոր աշխատանքները պէտք է որ աւարտած ըլլային երկու ամիսէն, բայց շուտով վրայ հասան բազմաթիւ դժուարութիւններ ու դառնութիւններ:

Դեռ հազիւ կառոյցին հիմերը նետուած էին, երբ Նախարարութենէն հրաման հասաւ շինարարութիւնը դադրեցնելու, երկու տարի ազատազրկում սպառնալով բոլոր անոնց որոնք կը համարձակէին արտօնել աշխատանքներու շարունակութիւնը: Որքան ալ ջանացի, չկրցայ ըմբռնել կատարուածին պատճառը եւ թէ ինչպէս պէտք էր դուրս ելլել այդ իրավիճակէն: Շինարարներուս գլխաւորը կը վստահեցնէր թէ տասը հազար տրախմիյով կրնայի գնել ամբողջ Յունաստանը, առանց կաշառքի նուազագոյն մեղադրանք ստանալու: Տրամադիր էի ատոր կրկնակին ալ վճարելու, աշխատանքները վերսկսիլ կարենալու համար, բայց ներսէս ձայն մը ներշնչեց զիս բան մը չընե լու:

Այս դէպքը պատահած էր 1926 Հոկտեմբեր 1ին, այսինքն՝ Յիսուս Մանկան Սրբուհի Թերեզայի տօնէն երկու օր առաջ: Նախատօնակին երեկոյեան, հարցերու լուծման մէջ յառաջխաղացում մը չնկատելով, յանդիմանական ձայներանգով այսպէս դիմեցի Սրբուհիին. «Հիմա, որ դուն քու անունդ կրող եկեղեցին ունեցար, քեզի բնաւ չեն հետաքրքրեր ուրիշ Սուրբերուն ի պատիւ կառուցուող եկեղեցի ները: Կեցցե՜ս, Թերեզա, կեցցե՜ս»: Պաշտպան Սրբուհիս շատ լաւ հասկցաւ թէ ինչ կ՚ուզէի ըսել: Հոկտեմբեր 3ի առաւօտեան, շինարարներուս գլխաւորը աճապարանքով կանչեց զիս իր գրասենեակը եւ ըսաւ. «Հայր Սուրբ, գիտէ՞ք ինչ պատահեցաւ այսօր առաւօտ: Չլսուած բան մը: Նախարարը առտու կանուխ կանչեց զիս եւ ինքնակամ կերպով տուաւ Տուրղութիի եկեղեցւոյ կառուցումը շարունակելու արտօնութիւնը»: Այս ըսելով՝ ցոյց տուաւ ինծի Նախարարին ստորագրութիւնն ու կնիքը կրող փաստաթուղթը: Հարցուցի թէ որքան վճարած էր. տա՞սը թէ քսան հազար: «Աւելի՜ն», պատասխանեց ժպտելով, «աւելի՜ն … եւ ոչ իսկ լէփթա մը»: Բնազդաբար գոչեցի. «Կեցցէ՛ Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան»: Շինարարներուս գլխաւորը նոյնպէս համոզուած էր որ կատարուածը բնականօրէն անբացատրելի էր եւ իրական հրաշք մը տեղի ունեցած էր:

Քանի մը ամիսէ ի վեր Տ. Քամիլլոյ Պրունոն, Ռոտիի երկրագործական վարժարանին տնօրէնը, հրաւիրած էր զիս իրենց հաստատութիւնը այցելելու՝ այդ նորածին առաքելութեան վերջնական կարգաւորումի համար եւ որպէսզի քիչ մը իտալերէն սորվեցնէի աշակերտներուն: Այլեւս ոչ մէկ լուրջ պատճառ ունէի Ռոտի երթալս յետաձգելու: Յիրաւի, շինարարական աշխատանքներուն հսկողութիւնը յանձն առած էր Տ. Նիքոլոզին: Շինարարութիւնը շարունակելու արտօնութիւնը ստացած էի իմ Պաշտպան Սրբուհիիս տօնին օրը: Լիզէոյի Կարմեղոսի Մեծաւորուհի Մայր Ագնէս Յիսուսին, որ Սրբուհի Թերեզայի հարազատ քոյրն էր, նամակագրական կապի մէջ էր ինծի հետ եւ կը վստահեցնէր որ միշտ կ՚աղօթէր մեր առաքելութեան համար: Իմ երկու բարեկամ քահանաներս ինծի համար շինարար մը գտած էին որ, իրենց վկայութեան համաձայն, ո՛չ միայն ամբողջ Աթէնքի՝ այլ ամբողջ Յունաստանի ամենաազնիւ ու ամենախղճամիտ մարդն էր: Բնականաբար, այս ամէնուն համար երախտագէտ էի Նա խախնամութեան, որ կը դիւրացնէր դժուարին ձեռնարկս:

Խելացի եւ խորամանկ շինարարս, սակայն, շուտով նկատեց թէ որքան յարգանք ու վստահութիւն ունէի իրեն նկատմամբ, եւ չարաչար շահագործեց իմ այդ զգացումներս: Տեղեկացած ըլլալով որ բաւական երկար ժամանակով պիտի հեռանայի Աթէնքէն, Տ. Նիքոլոզիի միջոցով ինծի ըսաւ՝ թէ շինարարութիւնը պիտի աւարտէր քառասունհինգ օրէն եւ, ո՛րեւէ ընդհատումէ կամ ուշացումէ խուսափելու համար, լաւ կ՚ընէի՝ եթէ կանխաւ իրեն վճարէի պայմանաւորուած գումարին գէթ երեք քառորդը: Կասկած չունեցայ եւ իսկոյն ընդունեցայ առաջարկը:

Աթէնքէն բացակայեցայ երեք ամիսէն քիչ մը աւելի. այդ ժամանակահատուածին եղայ նախ Ռոտի, ապա՝ Իտալիա: Աթէնք վերադարձայ Յունուար 9ին եւ պատահաբար, տակաւին Սբ. Դիոնիսիոս եկեղեցւոյ քահանայատուն չհասած, ճանապարհին հանդիպեցայ շինարարներուս գլխաւորին: Վստահեցուց որ շաբաթէ մը ինծի պիտի յանձնէր շէնքին բանալիները: Ինչպիսի՜ մխիթարութիւն: Շնորհակալութիւն յայտնեցի Տիրոջ, երջանիկ որ այդ տարուան սկիզբէն արդէն ծիսական արարողութիւններն ու տօները պիտի կատարէի «Սբ. Գրի գոր Լուսաւորիչ» նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ:

Այնքան երջանիկ էի, որ այդ գիշեր չկրցայ քնանալ, եւ առտու կանուխ, Սուրբ Պատարագը մատուցանելէ անմիջապէս յետոյ, չուզեցի եւ ոչ իսկ առաջին հանրակառքին սպասել, այլ քալելով ուղղուեցայ դէպի Տուրղութի: Սովորաբար այդ ճանապարհը կ՚անցնէի երեք քառորդ ժամուայ մէջ, բայց այդ անգամին քսան վայրկեանէն արդէն հոն էի: Կամաց կամաց, որքան աւելի կը մօտենայի շինարարութեան վայրին՝ սիրտս այնքան աւելի ուժգին կը բաբախէր, իսկ աչքերս սեւեռած էի հորիզոնին, հեռուէն նշմարելու համար շէնքին տանիքը եւ զանգակատան գմբէթը: Որոշակի հեռաւորութեան մը վրայ, բնազդաբար սկսայ աւելի արագ քալել, կամ աւելի ճիշտը՝ վազելու սկսայ, թէեւ ոտքերս սաստիկ կերպով կը ցաւէին եւ շնչառութիւնս ալ ծանրացած էր: Ի վերջոյ, հասայ շինավայր: Ի՜նչ յուսախաբութիւն: Բացակայութեանս ատեն աշխատանքները դադրեցուցած էին, իսկ փողոցի ցեխի շաղուածքով իրարու կցուած աղիւսները փուլ եկան՝ հազիւ թէ ցուցամատս վրանին դրի: Կատաղութենէս լալու սկսայ: Վազելով գացի շինարարներուս գլխաւորին քով: Ուրախ, զուարթ ու անկաշկանդ, ըսաւ՝ թէ պահանջածիս համեմատ ծիծաղելի գումար մը միայն վճարած էի եւ պէտք է նախապէս պայմանաւորուած գումարին մէկ քառորդին չափով տակաւին վճարէի իրեն: Գերպ. Մամոսը եւ Տ. Նիքոլոզին նոյնպէս համաձայն էին որ պէտք է յիսուն հազար տրախմի եւս աւելցնէի կատարած վճարումներուս: Շինարարներու գլխաւորը հազար ու մէկ բացատրութիւններ տուաւ կատարուած ծախսերու վերաբերեալ: Եւ հարկադրուեցայ յիսուն հազար եւս վճարել:

Յաջորդ առաւօտեան տեսանք թէ ինչպիսի եռանդով շինարարները գործի անցած էին, բարձրաձայն հռչակելով որ այդ աշխատանքները կ՚ըլլային երկինքի եւ երկրին Տիրոջ ու Արարիչին համար: Այդ տեսարանը ինծի մոռնալ տուաւ անցեալը եւ տրտմու թիւնս բերկրանքի փոխուեցաւ: Երեք օր յետոյ, սակայն, իրական գողգոթայ մը պիտի սկսէր ինծի համար: Աթէնքի ամէն անկիւններէն անանուն նամակներու հեղեղ մը սկսաւ դէպի ոստիկանութեան կեդրոնական գրասենեակը, որոնց մէջ մեղադրուած էի իբրեւ ռուսերուն, իտալացիներուն եւ ֆրանսացիներուն համար աշխատող լրտես: Կանչուեցայ Ազգային Անվտանգութեան գրասենեակ, գործունէութեանս վերաբերեալ հաշուետուութիւն տալու նպատակով: Հոն նորէն արգիլեցին եկեղեցւոյ շինարարութեան աշխատանքները, ըսելով՝ որ, ես օտար ըլլալով եւ օտար դաւանանքի մը համար եկեղեցի կառուցանել ուզելով, պէտք է դիմէի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն:

Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն պահանջեցին ներկայացնել ինքնարդարացումի նամակ մը, լաւ յունարէնով շարադրուած եւ մեքենագրուած: Այդ օրերուն հարկադրուած էի բացակայելու Աթէնքէն, քանի որ պէտք է այցելէի Սամոս, Վոլոյ, Թեսաղոնիկէէ եւ Քաւալա, ուր հաւատացեալները ինծի կը սպասէին անյետաձգելի գործերու համար: Ինքնապաշտպանական նամակը, մեքենագիր տասը էջ ծաւալով, կրցայ ներկայացնել միայն Ապրիլ 4ին: Այդ նամակին մէջ համառօտ ներկայացուցած էի պատմութիւնս, եզրակացնելով որ երեք տարի առաջ իբրեւ ազգային հերոս նկատուած էի, մինչդեռ այժմ ազգին համար վտանգաւոր մէկը դարձած էի:

Իրավիճակիս մասին խօսեցայ Գերպ. Փըթիի հետ, որ ինծի յանձնարարական նամակ մը տուաւ կրօնական գործերով զբաղող Նախարարութեան ներկայացնելու համար: Տասը օր շարունակ ներկայացայ այդ Նախարարութեան, բայց այսօր այս, վաղը ուրիշ պատճառով շարունակ մերժեցին տալ ինծի Նախարարին հետ տեսակցելու հնարաւորութիւնը: Վերջ ի վերջոյ պարոն մը, կարեկցանքէ կամ հետաքրքրութենէ մղուած, հարցուց թէ ո՞վ էի, եւ երբ իմացաւ ով ըլլալս եւ թէ ինչու հոն կը գտնուէի, բարկացաւ, խորհուրդ տուաւ չվստահիլ այդ Նախարարին, այլ ներկայանալ Պրն. Թրաքասին, Ընդհանուր Տնօրէնին, որ Միւնխէնի կաթողիկէ համալսարանին մէջ ուսած ըլլալով՝ յատուկ համակրանք ունէր կաթողիկէներուն նկատմամբ: Պրն. Թրաքասի միջամտութեամբ, դիմելով գաղթականներու հարցերով զբաղող Նախարարութեան, շուտով ստացայ աշխատանքները շարունակելու արտօնութիւնը, վստահացումով որ Նախարարութիւնը ինքը այդ մասին տեղեկութիւն պիտի հաղորդէր Տուրղութիի ոստիկանութեան: Բայց ոստիկանութիւնը, հակառակ Նախարարութեան արտօնութեան, չթոյլատրեց շարունակել աշխատանքները: Գերպ. Փըթին արդէն իսկ յայտնած էր ինծի իր կարծիքը որ այս ամէնուն հեղինակը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ միայն՝ իմ շինարարներուս գլխաւորը, որ աշխատանքներու համար պայմանաւորուած գումարը ինծմէ կանխաւ կորզած ըլլալով, այժմ ամէն ջանք գործի դրած էր արգիլելու համար շինարարութիւնը, որովհետեւ այդպիսով կրնար իւրացնել վճարած գումարս: Այս անգամին հարցերու մէջ ներգրաւեց մինչեւ իսկ Աթէնքի օրթոտոքս Արքեպիսկոպոս Փափատոփուլոսը: Այս վերջինը իր քով հրաւիրած էր օրթոտոքս կղերականները եւ լրագիրներու տնօրէնները, հրամայելով ամէն ճիգ գործադրել՝ զիս Յունաստանէն դուրս նետելու համար: Եւ այսպիսով, հետեւելով Աթէնքի Արքեպիսկոպոսէն ստացած հրահանգներուն, լրագիրները սկսան երեք, չորս, հինգ եւ աւելի սիւնակներով յօդուածներ հրատարակել դէմս, շօշափուած նիւթերուն վերադառնալով երկու երեք օր անընդմէջ:

Դժոխքը իր բոլոր ոյժերը սանձարձակած էր իմ դէմս: Ի՞նչ պէտք է ընէի: Կարեկցանքի զգացումներ ունէի այդ հզօր թշնամիներուս նկատմամբ, ջանք կը գործադրէի բարի իմաստով մեկնաբանել անոնց արարքները եւ չէի դադրեր աղօթելէ. «Հայր, ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն»: Ամենադժուարին եւ մարդկայնօրէն յուսահատական պահերուն սրտիս մէջ կը լսէի Տիրոջ ձայնը. «Հաւատարիմ եղիր մինչեւ մահ, եւ քեզի պիտի տամ կեանքի պսակը» (Յյտ 2, 10): Եւ կը շարունակէի երթալ Նախարարութենէ Նախարարութիւն, օրուան ամենատաք ժամերուն: Թշնամիներս կը ծաղրէին զիս, տրապիզոնցի բարեկամներս անգամ սկսած էին կասկածիլ դիտաւորութիւններուս ուղղամտութեան, իսկ կաթողիկէ կղերականները, համոզուած որ դատս կորսնցուցած էի եւ վերջ ի վերջոյ զիս Յունաստանէն դուրս պիտի արտաքսէին, խորհուրդ կու տային գոնէ քանի մը ամիսով հեռանալ, սպասելով որ փոթորիկը քիչ մը հանդարտի:

Յունական Նախարարութիւններու քով հասարակաց ունկըն դրութիւններու ժամը տասներկուքէն մինչեւ մէկն էր, բայց հասկնալի է որ հերթին մէջ լաւ տեղ գրաւելու համար հարկաւոր էր հոն ըլլալ առնուազն ժամ մը առաջ: Եւ այդպէս ալ կը վարուէի ես, բայց նախատեսութիւնս գործի չէր գար, քանի որ քարտուղարը զիս միշտ վերջը կը ձգէր, պատճառաբանելով թէ նախ պէտք է ինծմէ աւելի արժանի անձեր ներս մտնէին: Իրականին, երեւոյթները ճիշտ հակառակը կը փաստէին, բայց ի՞նչ կրնայի ընել: Աւելի գէշ վարմունքի չենթարկուելու համար ստիպուած էի ինքզինքս յիմարի տեղ դնել: Օրուան մնացած մասը կը յատկացնէի իմ սովորական զբաղումներուս. առտու եկեղեցւոյ մէջ կ՚ընդունէի խոստովանութեան եկողները, երգեհոնը կը նուագէի սրբազան արարողութիւններու եւ յուղարկաւորութիւններու ատեն, կը հոգայի աղքատներուն թաղումը, կը մկրտէի եւ շաբաթը երեք անգամ կրօնագիտութեան դասեր կու տա յի Մարիսթներու վարժարանին մէջ: Կէսօրուան ժամերուն այցելու թեան կ՚երթայի Քոքինիայի եւ Տուրղութիի հիւանդներուն:

Դարձեալ փաստաբան Քալփուցոսը եղաւ որ զիս դուրս հանեց այդ իրավիճակէն: Գերպ. Մամոսի խորհուրդին մտիկ ընելով՝ փաստաբան Քալփուցոսը նշանակեցի իբր գործակատարս: Պայմանագիրը ստորագրելէս անմիջապէս ետք՝ փաստաբանը լուրջ կերպարանք առաւ եւ ինծի ըսաւ. «Գործերը ճիշտ ուղիի վրայ դնելու համար պէտք է ուղղենք բոլոր անկանոնութիւնները: Դուք ո՛չ ճարտարապետ էք, ո՛չ փաստաբան, ո՛չ ալ վաճառական: Միակ գործը որ լաւ կ՚ընէք, ՚՚Տէրն ընդ ձեզ՚՚ ըսելն է: Ես փաստաբան մըն եմ եւ ծանօթ եմ այս հարցերուն: Ձգեցէք որ ես գտնեմ ասոնց լուծումը»:

Ակնյայտ էր որ փաստաբանը կ՚ուզէր որ զինքը հանգիստ ձգէի եւ իրեն տայի ազատօրէն գործելու հնարաւորութիւնը: Ասկէ աւելի հաճելի բան չէր կրնար ինծմէ խնդրել. վերջապէս կրնայի իմ քահանայական պաշտօնովս միայն զբաղիլ, ժամանակ չվատնելով Յունական Նախարարութիւններուն քով, ուր միայն վճարումներ կ՚ընէի՝ առանց կարենալու գործը յառաջ տանիլ: Եւ քանի որ փաստաբանը զիս վստահեցուցած էր որ քանի մը ամիս հարկաւոր էր՝ Տուրղութիի աշ խատանքները վերսկսելու արտօնութիւնը ստանալու համար, ճամբորդեցի դէպի Ռոտի եւ այսպիսով կատարեցի Տէր Օրիոնէին եւ անոր ներկայացուցիչ Տէր Քամիլլոյ Պրունոյին տըրուած խոստումս:

1926 Սեպտեմբեր 28ն էր:

Բացակայութեանս ատեն Գերպ. Մամոսը կրցաւ ստանալ շինարարութիւնը վերսկսելու արտօնութիւնը եւ, ինչ որ նուազ կարեւոր չէր, ներկայացուց ինծի Փոճճոյ անունով ճարտարագէտը, որուն յանձնեցինք աշխատանքներուն ղեկավարումը: Գործերը վերստին յառաջ ընթացան ամբողջ թափով: Քանդեցինք նախապէս կառուցուած ամէն բան: Նոր կառոյցին բանալիները ինծի յանձնուեցան 1927 Յունիս 29ին: Յուլիս 2ին կատարեցինք եկեղեցւոյ օծումը, իսկ յաջորդ օրը՝ առաջին Սուրբ Պատարագը: Աւելորդ է ըսելը որ ներկայ ժողովուրդը տեղաւորելու համար եկեղեցին պէտք է որ առնուազն տասն անգամ աւելի մեծ ըլլար: Ամբողջ ժողովուրդը կ՚երգէր, եւ մեծ ու փոքր կարծես թէ մրցումի ելած էին՝ թէ ով կրնար աւելի բարձր պոռալ: Կարծես թէ տանիքը պայթեցնել կ՚ուզէին:

Ռոտիի հայ որբերուն քով

Արդէն պատմած եմ թէ ինչպէս հիմնուեցաւ Ռոտիի երկրագործական վարժարանը հայ որբերուն համար, վստահուած՝ Տ. Օրիոնէի նորահաստատ Միաբանութեան: Վարժարանէն ներս հիւրընկալուած էին արդէն երեսունութ որբեր, որոնք Գերպ. Նազլեանը առաքած էր Թուրքիայէն: Վարժարանի տնօրէնութիւնը յանձնուած էր Տէր Քամիլլոյ Պրունոյին, որուն կ՚օգնէին չորս ուսանող կղերիկոսներ: Ծերակուտական Սքիափփարէլլին ոգեւորուած էր եւ ինծի կը գրէր. «Շնորհիւ Տէր Պրունոյի եռանդին՝ պատանիները հիանալի յառաջընթաց արձանագրած են. մեր վարժարանին պարտէզը, արտերը, բանջարանոցները, գործիքները, կենդանիները արդէն օրինակելի նմոյշ մըն են ամբողջ Ռոտի կղզիին համար»:

Տ. Պրունոն շարունակ կը խնդրէր որ որոշ ժամանակով իրենց քով երթայի, աշակերտներուն քիչ մը իտալերէն սորվեցնելու նպատակով: Քանի որ Տուրղութիի շինարարական աշխատանքները արդէն սկիզբ առած էին, համոզուեցայ որ այլեւս կրնայի հանգիստ խղճով հեռանալ Աթէնքէն եւ երթալ Ռոտի, ուր հասայ 1925 Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, հետս տանելով եւս ինը որբեր՝ մեր երկրագործական վարժարանէն ներս ուսանելու համար:

Աշակերտներուն իտալերէն սորվեցնելու համար որդեգրեցի Պերլիթցի մեթոտը, որ տեսական դասերէ աւելի՝ գործնական հրահանգումներ կը պարունակէր: Քիչ ժամանակ անց պատանիները այլեւս թարգմանիչի կարիք չունէին իրենց պատասխանատուներուն հետ հասկցուելու համար:

Բոլորովին փոխուած էին մեր պատանիները, դարձած էին աշխատասէր, հնազանդ եւ սրտանց ու անկեղծօրէն բարեպաշտ: Մեծ եռանդով ու աստուածսիրութեամբ կը մասնակցէին Սուրբ Պատարա գին եւ կը մերձենային Սուրբ Հաղորդութեան: Մեր երկրագործական վարժարանի ուսանողութիւնը աւելի շատ նշխար կը սպառէր՝ քան Տոտէքանէզեան բոլոր կղզիներու բնակչութիւնը միասին:

Աստուածապաշտութեան հետ համընթաց՝ յառաջադիմած էին նաեւ մասնագիտական ասպարէզէն ներս: Հողը կը փորէին եւ կը հերկէին, ակօսները կը բանային, ծառեր կը տնկէին, կը ցանէին ինքնաշարժ կառքեր եւ ձիաշարժ սայլեր կը վարէին, կովերը կը կըթէին եւ ընտանի կենդանիները կը խնամէին: Նախակրթարանի չորրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու քննութիւնները տալու կը պատրաստուէին: Ռոտի եղած ատենս Իտալիոյ քաղաքացի դարձայ: Ծերակուտական Սքիափփարէլլին նամակ մը գրած էր ինծի, ուր կ՚ըսէր թէ Իտալական Ազգային Ընկերութիւնը, ի նշան ինծի հանդէպ ունեցած երախտագիտութեան, կ՚ուզէր նուէր մը ընել ինծի: Այս առաջարկին մէջ Նախախնամութեան նշաններէն մէկը տեսած էի եւ Ծերակուտականէն խնդրած էի որ ի յիշատակ մեր բարեկամութեան ինծի համար իտալական քաղաքացիութեան արտօնութիւնը ստանար: 1925 Հոկտեմբեր 3ին, կէսօրէն քիչ առաջ, բարձրաստիճան ոստիկան մը Նահանգապետին ինքնաշարժով եկաւ զիս մարզպետարան ուղեկցելու: Այնքան շփոթած էի, որ համարձակութիւնը չունեցայ եւ ոչ իսկ հարցնելու թէ ինչու կանչած էին զիս մարզպետարան, եւ զարմանքս ա՛լ աւելի աւելցաւ՝ երբ տեսայ որ Նահանգապետը անձամբ կը սպասէր ժամանումիս: «Թանկագին Հայր Կիւրեղ», ըսաւ Նահանգապետը, «Դուք մեր Կառավարութենէն խնդրած էիք իտալական քաղաքացիութիւն ստանալու արտօնութիւնը: Պատիւը ունիմ անձամբ շնորհելու Ձեզի իտալական քաղաքացիութիւնը: Դուք երէկուընէ արդէն Իտալիոյ քաղաքացի էք»: Եւ աւելցուց, որ երջանիկ էր հայրենիքին տալու քաղաքացի մը որ անոր պատիւ պիտի բերէր: Ստացայ իտալական անցագիրս: Այդ վայրկեանէն այլեւս հայրենազուրկ մը չէի եւ իրաւասու էի քահանայական պաշտօնս ազատօրէն կատարելու ամբողջ աշխարհի մէջ: Պիտի փափաքէի երկարաձգել կեցութիւնս Ռոտիի մէջ, բայց ստիպուած էի Աթէնք վերադառնալու, որովհետեւ այնտեղէն հասնող լուրերը զիս հանգիստ չէին ձգեր: Վերադարձայ մէկ տարի անց 1926 թուականի Սեպտեմբերի վերջին օրերուն:

Յունաստանի կաթողիկէ հայերու Առաջնորդ

1925 թուականի Նոյեմբերի երկրորդ կէսին կրցայ մեկնիլ Թորինոյ, ուր այցելութեան գացի մեր որբուհիներուն: Թորինոյէն, Նոյեմբեր 20ին, մեկնեցայ Հռոմ: Առողջական վիճակս բաւականին ծանր էր, ուստի Հոգեշնորհ Մեծաւոր Հայրս հրամայեց բժշկական քննութեան ենթարկուիլ: Բժիշկը կասկած յայտնեց թէ կրնայի թոքախտէ բռնուած ըլլալ, քանի որ, ոտքերուս եւ ձեռքերուս ցաւերէն զատ, շարունակական բարձր ջերմ ունէի: Ինչպէս միշտ, պատուիրեց բացարձակ հանգիստ:

Հռոմի մէջ կարճատեւ կեցութիւնս անկիւնադարձային եղաւ ամբողջ կեանքիս համար: Հայր Փանչիկեանը, Քոքինիայի Մխիթարեան Հայրերուն Մեծաւորը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ժողովին հարցուցած էր թէ ինչ էին իմ իրաւասութիւններս: Գերպ. Ճոպպէն այս մասին տեղեկացուցած էր Սրբազան Քահանայապետ Պիոս Տասնմէկերորդին, եւ Նորին Սրբութիւնը որոշած էր նշանակել զիս Յունաստանի կաթողիկէ հայերու Առաջնորդ, արժանացնելով զիս նաեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան: Այս մասին բացարձակ գաղտնի կերպով տեղեկացուց ինծի Գերպ. Փափատոփուլոսը, աւելցնելով որ լուրը պիտի հրատարակուէր Սուրբ Աթոռին «Օսսերվաթորէ Ռոմանոյ» պաշտօնաթերթին մէջ: Ստանա՜լ քահանայութեան լիութիւնը: Դառնա՜լ Առաքեալներուն յաջորդը: Ինչպիսի՜ մեծ շնորհք: Բայց ո՛չ: Չէի կրնար ընդունիլ: Վստահ էի, որ այդ համոզումը ինծի Սուրբ Հոգին կը ներշընչէր: Ուստի, անյապաղ ունկնդրութիւն խնդրեցի Սրբազան Քահանայապետէն: Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեցաւ զիս այն հայրական գորովով, որ յատուկ էր իրեն: «Թանկագին Գերաշնորհ Հայր», ըսաւ, «արժանի չէ՞ք ընդունելու քահանայութեան լիութիւնը: Բայց, սիրելի Հայր Կիւրեղ, ոչ ոք արժանի եղած է անոր եւ ոչ ոք ալ արժանի պիտի ըլլայ»: Ապա գրկախառնուեցանք եւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց զիս նստելու:

Արտօնութիւն ստանալով, քիչ թէ շատ այս խօսքերը ըսի. «Ձերդ Սրբութիւն, նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզի իմ խոնարհ անձս եպիսկոպոսական արժանապատուութեան բարձրացնել ուզելու համար: Մեծապէս գոհ պիտի ըլլայի եպիսկոպոս ըլլալով, քանի որ յոգնութիւններն ու պատասխանատուութիւնը զիս չեն սարսափեցներ: Բայց, Ձերդ Սրբութիւնը թող ներողամիտ ըլլայ, յոյները կաթողիկէ եպիսկոպոսներ չեն ուզեր իրենց երկրին մէջ, հետեւաբար՝ կրնան զիս արտաքսել Յունաստանէն»:

Այս խօսքերս լսելով, Սրբազան Քահանայապետը յուզուեցաւ եւ պահ մը խորհրդածելէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեց ինծի որ կը նախընտրէի պարզ քահանայ մնալ եւ շարունակել առաքելական գոր ծունէութիւնս: Այսպիսով, 1925 Դեկտեմբեր 21ին նշանակուեցայ Յունաստանի կաթողիկէ հայերու հոգեւոր հովիւ, եպիսկոպոսական իրաւունքներով:

Յունական Կառավարութեան կողմէ հակազդեցութեան գուշակումներս անհիմն չէին: Երբ Աթէնք վերադարձայ 1926 Յունուար 9ին, երկու օր անց արդէն հարկադրուեցայ ներկայանալ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն: Նախասրահին մէջ երկու ժամ սպասելէ ետք պաշտօնեայի մը գրասենեակը առաջնորդեցին զիս, որ հարցուց ինծի թէ արդեօք եպիսկոպոս էի: Պատասխանեցի որ եպիսկոպոս չէի, այլ Յունաստանի կաթողիկէ հայերու եկեղեցական Մեծաւորը: Այդ պաշտօնեան չէր հասկնար եկեղեցական երկու աստիճաններու տարբերութիւնը, ուստի եզրակացուց. «Եպիսկոպոս եղած էք առանց մեր Կառավարութեան համաձայնութեան, հետեւաբար՝ պէտք է այսօր իսկ մեկնիք Յունաստանէն»:

Բողոքեցի, ըսելով որ եպիսկոպոս չէի եւ թէ չէի ուզած եպիսկոպոս ըլլալ ճիշտ որովհետեւ անսահմանաչափ յարգանք կը տածէի Յունաստանի եւ իր ժողովուրդին հանդէպ: Դիմեցի Գերպ. Մամոսի եւ Աթէնքի բոլոր կղերականներու վկայութեան: Գերպ. Մամոսը կանչուեցաւ վկայութիւն տալու, իսկ ես ստիպուեցայ ներկայանալ Կրօնական Գործերու Նախարարութիւն եւ քահանայութեանս վրայ եր դում ընել որ եպիսկոպոս չէի:

1926 թուականի Ամանորի երեկոյեան մեկնեցայ Հռոմէն եւ Յունուար 3ին հասայ Քորֆու: Նաւահանգիստին մէջ զիս դիմաւորե լու եկած էին Եգիպտոսի Առաքելութեան Քոյրերը: Գերպ. Պրինտիզին ուզեց որ հինգ օր իր հիւրը ըլլամ, եւ ես սիրով գոհացուցի իր փափաքը, քանի որ լսեցի որ տակաւին հայ ընտանիքներ կային Քորֆուի մէջ: Երբ Յունական Կառավարութիւնը հայերը արտաքսեց Քորֆուէն, մօտ յիսուն հայ ընտանիքներ կրցան պահուըտիլ եւ հոն մնալ: Առաքելական քահանայ մը, տարին երկու անգամ Քորֆու կ՚երթար՝ մանուկները մկրտելու եւ ամուսնութիւնները կանոնաւորելու համար: Գերպ. Պրինտիզին կ՚ուզէր Քորֆուի մէջ տեւապէս հայ քահանայ մը ունենալ, որուն կեցութիւնը կրնար ինքը ապահովել մէկ ու կէս տարի, այն միջոցներով որ ստացած էր Սրբազան Քահա նայապետէն: Այս այցելութեանս ընթացքին հայ երիտասարդ այրի մը գտայ եւ վճարեցի իրեն՝ որպէսզի մեր հայերէն լեզուն սորվեցնէր ֆրանսացի մայրապետներուն դպրոցին մէջ:

Իտալիա վերադարձայ 1926 թուականի Յունիսի վերջին օրերուն: Հետս տարի երեք նորընծայուհի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան համար, երեք աղջնակ Թորինոյի որբանոցին համար, եւ երկու պատանի Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանին համար:

Յուլիս 21ին կրկին ունկնդրութիւն ունեցայ Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետին քով: Հանդիպումը ճիշտ քսան վայրկեան տեւեց: Նորին Սրբութեան նուիրեցի Սամոսի մեր որբուհիներու ձեռագործ աշխատանքներէն քանի մը հատ: «Քու թանկագին աղջիկներդ շատ լաւ աշխատանքներ կ՚ընեն», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, «տե՛ս ի՜նչ մաքրութիւն: Բայց արդար չէ որ Հռոմի Քահանայապետը նուէր ստանայ առանց գէթ նուազագոյն չափով փոխադարձելու: Պէտք է որ իր դրամապանակը բանայ»: Այս ըսելով, բացաւ իր գրասեղանի դարաններէն մէկը եւ ինծի յանձնեց չորս հատ հազարանոց, ըսելով. «Ահա, քու աղջիկներուդ՝ Հռոմի Քահանայապետէն»:

Հռոմէն մեկնեցայ Յուլիս 22ին եւ Յուլիս 25ին հասայ Փիրէոյ: Յաջորդ օրն իսկ հովուական այցելութեան գացի Սիրա, Սամոս եւ Քէֆալոնիա: Աթէնք վերադարձայ Օգոստոս 20ին:

Տուրղութիի իմ գործակիցներս

Տուրղութիի մեր կեդրոնական տան բացումը կատարելէ ետք շարունակեցի քահանայական պաշտօնս կատարել ֆրանսական հիւանդանոցէն ներս, Տուրղութիի կրօնական սպասարկումը յանձնելով Տ. Յովհաննէս Չերքէզեանին: Դժբախտաբար, անոր գործակցութիւնը երկարատեւ չեղաւ:

Տ. Յովհաննէսին աւագ եղբայրը կը բնակէր Փարիզ, իր կնոջ եւ մէկ քրոջ հետ: Տեղահանումներու ատեն կրած տառապանքները զինք անդամալուծած էին եւ անշուշտ հասկնալի էր իր փափաքը՝ մահէն առաջ կրկին տեսնել իր քահանայ եղբայրը եւ անոր հետ անցընել կեանքին վերջին օրերը: Տ. Յովհաննէսը ընդունեցաւ Փարիզ երթա լու հրաւէրը եւ պատրաստեց ճամբորդութեան տոմսակներն ու անձնաթուղթերը իր եւ իր երկու քոյրերուն համար, որոնք հետը կը բնակէին: Անոնք պէտք է մեկնէին 1927 Սեպտեմբեր 3ին, բայց ճիշտ Սեպտեմբեր 2ին ինքզինքը վատառողջ զգաց եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Ես բացակայ էի Աթէնքէն, որովհետեւ հոգեւոր դասախօսութիւններ կատարելու գացած էի Քանտիայի եւ Քանէայի մայրապետներուն: Աթէնք վերադարձայ Սեպտեմբեր 11ին, իսկոյն դէպի Խիոս մեկնելու համար: Մինչ կը պատրաստուէի Սուրբ Պատարագը մատուցանելու, քահանայ մը եկաւ ինծի տեղեկացնելու որ այդ գիշեր Տ. Յովհաննէսը վախճանած էր:

Քոքինիայի Մխիթարեան Հայրերուն հետ կատարեցինք հանդիսաւոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը հայ ծէսով, մասնակցութեամբ կաթողիկէ բոլոր կղերականներուն եւ Աթէնքի ու Քորֆուի Գերապայծառ Արքեպիսկոպոսներուն:

Տ. Յովհաննէս Չերքէզեանին մահը ստիպեց զիս ֆրանսական հիւանդանոցը թողուլ եւ փոխադրուիլ Տուրղութի, ուր դարձայ տեղւոյն ժողովրդապետ քահանան, եկեղեցւոյ աւանդապահը, համայնքին ուսուցիչը, քահանայատան խոհարարը եւ ուրիշ հազար ու մէկ բան: Ունէինք այլեւս մեր եկեղեցին, բայց բաւականաչափ ընդարձակ սենեակներ չունէինք դպրոցին համար, ուստի երկու սենեակ վարձեցի մեր քահանայատունէն ոչ հեռու, ուր կրցայ հաւաքել մօտ յիսուն տղայ ու աղջիկ, յանձնելով զիրենք օրիորդ Մարոյ Վարդանեանի հոգատարութեան: Այսպիսով սկիզբ առաւ Տուրղութիի հայկական դպրոցը, որ պիտի բարգաւաճէր եւ դառնար ամբողջ Յունաստանի լաւագոյն հայ վարժարանը:

Մեծապէս կարիք կը զգայի քահանաներու, յատկապէս պատանիներու եւ երիտասարդներու քրիստոնէական դաստիարակութեան համար: Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ երեք երիտասարդ քահանաներ կային, որոնք անգործ մնացած էին եւ կը փափաքէին գալ հետս աշխատելու: Հարկաւոր խնդրագիրները ուղղեցի համապատասխան մեծաւորներուն: Այսպիսով, 1927 Սեպտեմբեր 28ին Աթէնք հասաւ Տ. Ղեւոնդ Քիլերճեանը, որ քանի մը շաբաթէն ուղարկեցի Քանտիա, իսկ Դեկտեմբեր 4ին հասաւ Տ. Յովհաննէս Կամսարականը: Երկու տարի յետոյ, 1929 Դեկտեմբեր 17ին, մեզի միացաւ նաեւ Տ. Յովհաննէս Քոյունեանը:

Տ. Յովհաննէս Կամսարականը պիտի ըլլար իմ աջ բազուկս, նախ որպէս Տուրղութիի փոխ ժողովրդապետ (1927 Դեկտ. 6էն), ապա նաեւ ամբողջ Թեմին ընդհանուր տեղապահ (1928էն): Օժտուած ոչ սովորական իմացականութեամբ, զոհողութեան ոգիով եւ քահանայական եռանդով, կենսական բուռն թափ հաղորդեց մեր առաքելութեան, մասնաւորապէս դպրոցական ասպարէզէն ներս, շնորհիւ իր գիտական լայնածաւալ կրթութեան եւ երիտասարդութեան հանդէպ տածած անկեղծ ու անշահախնդիր սիրոյն:

Տ. Յովհաննէս Քոյունեանը, մինչդեռ, յայտնի դարձաւ մերձաւորներու հանդէպ տածած իր բոցավառ սիրով: Աղքատները իր նախընտրեալներն էին եւ իր ձեռքէն եկածը կ՚ընէր անոնց օգնութիւն հայթայթելու համար: Աշխատանք կը գտնէր անգործներուն, հագուստ եւ ուտելիք՝ ամենակարօտեալներուն: 1932ին նշանակուեցաւ Տուրղութիի ժողովրդապետ:

1929 Փետրուար 7ին Աթէնք հասաւ նաեւ ինծի միաբանակից, ծագումով պաւարիացի, Հ. Ռիքքարտ Ռոզէնհայմը: Նկարագրել բոլոր այն բարեգործութիւնները, որ ան ըրաւ ինծի եւ հայութեան, կը գերազանցէ կարողութիւններս: Էջեր եւ էջեր լեցնելով անգամ չեմ կրնար բաւականաչափ լուսաւոր կերպով ներկայացնել անոր կերպարը: Քանի մը խօսքով միայն փորձեմ ամփոփել անոր գործունէութեան ամենանշանակալի ու հերոսական արարքները:

Հայր Ռիքքարտը իր գործունէութիւնը ծաւալեց երկու համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին, որոնք կարճ ժամանակուան մէջ աւերածութիւն ու կոտորած տարածեցին ամբողջ աշխարհով մէկ: Հայերը իր նախասիրած ազգն էին: 1914-1918 թուականներուն արդէն, գերմանական բանակին մատրանապետներէն մին ըլլալով, բազմաթիւ հայեր ազատեց թուրքերու ձեռքէն, փրկեց բազմաթիւ հայ աղջիկներու պատիւը եւ բազմապիսի օգնութիւններ բաժնեց տե ղահանուածներու կարաւաններուն: Այսպէս իր վրայ հրաւիրեց թրքական կառավարութեան թշնամութիւնը, որոնք զինք անցուցին իրենց սեւ ցանկերուն վրայ: 1935էն մինչեւ 1945 թուականները, չկարենալով լայնածաւալ գործունէութիւն իրականացնել, կազմակերպեց ամէնօրեայ ճաշի բաշխում Աթէնքի աղքատներուն ու չքաւորներուն, ամէն օր երեք հազար կերակրաբաժին բաշխելով: Այդ վտանգաւոր տարիներուն, իր ազգութեամբ գերմանացի ըլլալը օգտագործելով, կրցաւ փրկել մեր առաքելութիւնը: Ժողովուրդին երախտագիտութիւնը իրեն հանդէպ այնքան մեծ էր, որ հիթլերական հզօր Կեսթափոն անգամ չհամարձակեցաւ դպչիլ անոր, հակառակ Հիթլերի բռնատիրութեան հանդէպ անոր բացայայտ ընդդիմութեան:

Կը տիրապետէր գերմաներէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, յունարէն լեզուներուն, որոնք կը գործածէր հոգիները դէպի Քրիստոս առաջնորդելու համար: Հաճելի էր իրեն հետ քաղաքի փողոցներուն մէջ քալելը. ամէն ոք, աղքատ թէ հարուստ, գիտուն թէ պարզամիտ, ինքզինքնին պատուըուած կը զգային՝ եթէ Հ. Ռիքքարտին բարեւէին եւ ստանային անոր պատասխան ողջոյնը: Քիչ ժամանակուայ մէջ կրցած էր շահիլ հասարակութեան ամենաբարձր խաւերու բարեկամութիւնը. ամենատարբեր ազգութիւններու դեսպաններ, հիւպատոսներ ու նախարարներ, համալսարանական դասախօսներ եւ քաղաքագիտութեան ու դիւանագիտութեան այրեր: Եւ այս ծանօթութիւնները կը գործածէր միմիայն աղքատներուն օգտակար ըլլալու համար: Քանի՜ քանի երիտասարդներ ազատած է նուաստացուցիչ աշխատանքներէ եւ անոնց տուած է վայելուչ զբաղմունք եւ կեանք: Եւ քանի՜ անգամներ ազատած է նաեւ զիս, երբ յայտնի կամ անյայտ թշնամիներուս զրպարտութիւններու պատճառով ենթարկուած եմ Յունաստանէն արտաքսուելու վտանգին:

Տուրղութիի հայ կաթողիկէ Վարժարանը Պէտք է աւարտէինք Տուրղութիի շինարարական աշխատանքները: Շատ դժուարին գործ էր, ո՛չ միայն դրամական տեսանկիւնէ դիտուած, այլ նաեւ, եւ յատկապէս, օրինական տեսանկիւնէ: Հարկաւոր արտօնութիւնները ստանալու համար պէտք է վերսկսէինք ամէնօրեայ այցելութիւնները մէկ Նախարարութենէն միւսը, կաշառք տայինք աջ ու ձախ, եւ միշտ ալ վտանգը կար որ այդ ամէնը կրնար բնաւ արդիւնք չտալ: Ճիշտ է, կրնայինք աշխատանքները շարունակել առանց այդ արտօնութիւնները ունենալու, բայց Պրն. Փոճճոն, աշխատանքները վերահսկող ճարտարագէտը, խղճահարութեան աստիճան ազնիւ, չէր ուզեր շարունակել աշխատանքները ապօրինի ճամբով: Միւս կողմէ, Գերպ. Մամոսը կը պնդէր որ աշխատանքները վերսկսէինք միմիայն արտօնութիւնները ստանալէ յետոյ, այնպէս որ կատարուէին իր բարեկամ Փոճճոյին հսկողութեան տակ: Դժուար կացութենէն զիս դուրս քաշեց Պրն. Սաւէրիօ Սթէլլան, Աթէնք ծնած իտալացի մը, որ բարեկամ էր յոյն բոլոր Նախարարներուն: Ան դարձաւ նաեւ իմ թանկագին բարեկամս եւ ինծի հաճոյք պատճառելու համար պատրաստ էր ինքզինքը զոհելու: Քաջալերեց անյապաղ վերսկսիլ շինարարութիւնը, քանի որ ինքը պիտի համոզէր համապատասխան Նախարարը զիս հանգիստ ձգելու: Միայն մէկ պայման դրաւ. իր միջնորդութիւնը պէտք է բացարձակապէս գաղտնի մնար Գերպ. Մամոսէն:

Նախ եւ առաջ նոր հողակտոր մը գնեցինք, որպէսզի մեր շինութիւնները անջատուէին մերձակայ սեփականութիւններէն, եւ սկիզբ տուինք դպրոցի ծածքին եւ երկրորդ յարկի շինարարութիւններուն: Գործի անցանք իսկապէս վստահելով Աստուածային Նախախնամութեան, քանի որ շինարարութեան կանխահաշիւը հարիւր եօթանասուն հազար տրախմիի էր, իսկ մենք միայն հարիւր հազարը ունէինք: 1928 Ապրիլ 27ին ստիպուեցայ Հռոմ մեկնիլ, մասնակցելու համար հայ ազգային եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, եւ աշխատանքներու հսկողութիւնը յանձնեցի Կամսարական Վարդապետին: Շինարարութիւնը յառաջ կ՚ընթանար առանց իւրայատուկ խոչընդոտներու: Տուրղութիի դպրոցին բացումը կատարեցինք 1928 Սեպտեմբեր 17ին, հարիւր յիսուն աշակերտով: Դարձաւ հայ համայնքին դպրոցը եւ մեր աշակերտները կու գային Աթէնքի բոլոր թաղամասերէն, Յու նաստանի գաւառներէն եւ մինչեւ իսկ Անատոլուէն: Չըխնայեցինք ո՛չ դրամ, ո՛չ ալ անձնական զոհողութիւններ, չկորսընցնելու համար մեր ժողովուրդին վստահութիւնը: Որդեգրեցինք կառավարական ծրագիրները եւ միշտ բծախնդիր եղանք ուսուցիչներու ընտրու թեան մէջ, ըլլայ մասնագիտական պատրաստուածութեան, ըլլայ բարոյական տեսանկիւնէ դիտուած: Մեր աշակերտներուն թիւը երթալով բազմացաւ, այնքան որ 1938 թուականին, այսինքն՝ դպրոցին հիմնումէն տասը տարի անց, հասաւ վեց հարիւր տասը աշակերտի:

Դպրոցին կից հիմնուեցան զանազան ընկերակցութիւններ, ինչպէս՝ Նախկին Աշակերտներու միութիւնը, Մարմնամարզական միութիւնը, Արիներու շարժումը: Ասկէ զատ, մեր սրահներուն մէջ կը կատարուէին համայնքային ժողովները, հարսանիքները, մարմնա մարզական հրահանգումները, եւ այլն: Չեմ կրնար լռել եւ չյիշել այն արդիւնաւէտ օգնութիւնը, որ տրամադրեց ինծի Մայր Տիոմիրան, Մոնտովիի դոմինիկեան մայրապետներուն Մեծաւորուհին, որ կը դասաւանդէր նաեւ Փաթիսսիոն փողոցին վրայ գտնուող իտալական դպրոցին մէջ: Քոքինիայի եւ Տուրղութիի դպրոցներուն համար ան նուիրեց նստարաններ, ամպիոններ իրենց համապատասխան աթոռներով, գրատախտակներ, լե զուներու գործնական եւ անմիջական դասաւանդութեան ծառայող ցուցանակներ, աշխարհագրական քարտէսներ, բնական պատմութեան եւ կենսաբանութեան պատկերներ, բնագիտութեան, գործիքաշինութեան, տարրաբանութեան գործիքներ, չափման տասանորդական հա մակարգի պատկերներ, երկրաչափական առարկաներ, օդահան մեքենայ մը եւ ելեկտրական լիցքակիրներ: Բոլորն ալ ակնյայտօրէն շատ սուղ առարկաներ, որոնք ես երբեք պիտի չկարենայի գնել: Այսպիսով, Մայր Տիոմիրայի շնորհիւ, մեր դպրոցները աւելի ճոխացած էին ուսումնական գործիքներով, քան պետական դպրոցներէն շատերը:

Մայր Տիոմիրային յաջորդեց Մայր Թոմմազինան, որ շարունա կեց մեր առաքելութիւններուն օգնութեան հասնելու բարի աւանդու թիւնը: Տուրղութիի մեր գրադարանը ունէր երկու հազար հատոր գիրք, բոլորն ալ ցանկուած եւ լաւ դասաւորուած: Ասոնց կ՚աւելնար Կամսարական Վարդապետին անձնական գրադարանը, հայերէն լեզուով մօտ հինգ հարիւր հատոր: Սուրբ Ծննդեան կապակցութեամբ սովորութիւն ունէինք նո ւէրներ բաժնելու մեր գաղթականներուն ի պատիւ Յիսուս Մանկան. մեծահասակներուն կը նուիրէինք հագուստ, կտոր, բուրդ, կօշիկ, պահածոյ ուտելիքներ, շաքար, եւ այլն. մինչդեռ, դպրոցներու եւ ման կապարտէզի մանուկներուն համար, կը պատրաստէինք Ամանորի Տօնածառը: 1928 թուականի Սուրբ Ծնունդին ուզեցինք որ տօնածառը շատ աւելի հարուստ ըլլար, քան միւս տարիներուն, եւ մտածեցինք որ լաւ կ՚ըլլար եթէ հրաւիրէինք նաեւ աշակերտներուն ծնողները: Կամսարական Վարդապետը պատշաճ տեսաւ հրաւիրել նաեւ առաքելական Արքեպիսկոպոս Մազլըմեան Սրբազանը, քանի որ մեր աշակերտներուն մեծամասնութիւնը իր հոգեւոր զաւակներն էին: Սրբազան Հայրը ընդունեցաւ հրաւէրը, նախագահեց տօնակատարութիւններուն, որոնց սկզբնաւորութեան գրաբարով ըսաւ «Հայր մեր»ը եւ «Պահպանիչ» աղօթքը:

Աղօթքէն անմիջապէս յետոյ երգչախումբը հնչեցուց Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի գրած հայոց ազգային քայլերգը: Յաջորդեցին բանաստեղծութիւններ, մենակատար, քառաձայն երգեր, եւ մանկապարտէզի մանուկներուն կողմէ կատարուած արտասանութիւններ: Մեր մեծարգոյ հիւրը ուղղակի հմայուած էր եւ անակնկալի մատնուած, տեսնելով թէ ինչպէս աշակերտները հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ աւելի լաւ կը սորվէին մայրենի լեզուն եւ հայրենի աւանդոյթները, քան այլուր: Այն աստիճան ոգեւորուած էր, որ անդադար ծափ կու տար: Վերջաւորութեան, ընդհանուր տեղապահս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլորին: Շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Մազլըմեան Սրբազանին, որ հաճած էր ընդունիլ մեր հրաւէրը, եւ եզրակացուց՝ հրաւիրելով Սրբազանը իր ուղերձով եզրափակելու այդ տօնական օրը: «Ուրախ եմ», ի միջի այլոց ըսաւ Սրբազանը, «Հայր Կիւրեղին դպրոցը գտնուելուս համար: Հոս կը պահպանուին մեր հայրենի աւանդոյթները, որոնք այնքան թանկարգին են հայու սրտին: Կ՚օրհ նենք մեր սրտին ամբողջ գորովով այն ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակները կը ղրկեն այս դպրոցը, ուր բարոյականութիւնը ապահովուած է լաւագոյնս, քան այլուր, եւ ուր կը տրուի կրօնական, գիտական եւ քաղաքացիական հաստատուն կրթութիւն: Կ՚օրհնենք այս դպրոցին աշակերտները: Կ՚օրհնենք Հայր Կիւրեղը եւ իր գործակիցները»:

Մեր դպրոցին կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն ալ այն գորովն էր որ մեր ոչ կաթողիկէ ուսուցիչները կը տածէին մեր գործունէութեան նկատմամբ: Մէկէ աւելի անգամներ ըսած են ինծի թէ ուրիշ ոչ մէկ տեղ կրցած են աշխատիլ այսքան ներդաշնակութեամբ, եւ իսկապէս հաճոյքով կը տեսնէի թէ որքան համերաշխ էին իրարու միջեւ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը վարձատրուած էր իր կարողութիւն ներուն համաձայն, բայց ոչ մէկը կը նախանձէր իրմէ աւելի վար ձատրուած պաշտօնակիցներուն: Քանի մը տարի անց, այսինքն 1931 Փետրուարի առաջին օրերուն, Տուրղութիի մեր դպրոցը պատիւը ունեցաւ որպէս հիւր ունենալու հայ առաքելական նախկին Պատրիարք Զաւէն Եղիայեանը: Ան չծածկեց իր հիացումը եւ կը ջանար հասկնալ՝ թէ ինչպէս հնարաւոր եղած էր այդպիսի կեդրոն մը հաստատել հայ համայնքին համար, եկեղեցիով եւ դպրոցով, ուր կը յաճախէին ո՛չ միայն կաթողիկէները, այլ նաեւ առաքելականներն ու բողոքականները: «Կը հասկնամ», ըսաւ կատակով, «որ Հայր Կիւրեղը ո՛չ կօշիկ կը հագուի, ո՛չ գուլպայ, ո՛չ գլխարկ, իսկ հագուած կապան որպէս ժառանգութիւն ստացած է Աբրահամ նահապետէն»: «Բայց ըսէք ինծի, Հայր Կիւրեղ» շարունակեց կատակելով, «ո՞ւր կը պահէք Ձեր գաղտնիքը»:

«Ձերդ Ամենապատուութիւն», պատասխանեցի, «իմ գաղտնիքս կրօնաւորական այս սուրբ զգեստին մէջն է: Միաբանութեանս սերովբէակենցաղ Հիմնադիրը այս յորդորը ուղղած է մեզի. ՚՚Եղբայրներ, եթէ դուք պահէք Կանոնագիրքը, որ յանձնեցի ձեզի, յատկապէս այն ամէն բան որ աղքատութեան կը վերաբերի, ոչինչ պիտի պակսի ձե զի՚՚»:

Գերաշնորհ Զաւէն Սրբազանը ուզեց տեսնել բոլոր առաքելական աշակերտները, բոլորին առջեւ յայտնեց իր գոհունակութիւնը որ կը յաճախէին Հայր Կիւրեղին դպրոցը, եւ քաջալերեց զանոնք որ շարունակեն յաճախել զայն, որովհետեւ հոն կ՚ուսուցանուէին մեր հայրերուն գործադրած քրիստոնէական կրօնքն ու բարոյականութիւնը:

 

ԳԼՈՒԽ Է.

Կը փորձեն աքսորել զիս – Նոր դժուարութիւններ – Մոնմարթրի Կարմեղականներու քով – Աքսորի մէջ – Աքսորիս աւարտը – Երկու կարեւոր իրադարձութիւններ աքսորիս ատեն – Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Պատրիարքին ընտրութիւնը – Ճեզիրէի Պատրիարքական Տեղապահ

Կը փորձեն աքսորել զիս

1930 Մարտ 10ի առաւօտեան, շուրջ ժամը 10ին, մինչ դպրոցն էի, ոստիկան մը եկաւ ինծի կարմրաւուն թուղթ մը յանձնելու, Պետական Անվտանգութեան Նախարարութեան կնիքով ու ստորագրութեամբ, որ կը պարունակէր հետեւեալ հրամանագիրը. «Կիւրեղ Զօհրապեան, քափուչին վարդապետ, որդի Վարդանի եւ Օհաննէսեան Սառայի, եւ Յովհաննէս Կամսարական, քահանայ, Մարտ 25ին պէտք է Յունաստանի սահմաններէն դուրս ըլլան»:

Կանչեցի Կամսարական Վարդապետը, միասին կարդացինք ու կարդացինք մեքենագրուած թուղթը եւ իրարու երես կը նայէինք առանց խօսք մը արտասանել կարենալու, գրեթէ անձայն հարցնելով՝ թէ արդեօք երա՞զ մըն էր կատարուածը: Դժբախտաբար երազ մը չէր, այլ՝ տխուր իրականութիւն:

«Թանկագին Վարդապետս», ըսի ընդհանուր տեղապահիս, «պէտք չէ յուսահատինք: Ամէն ինչի դարմանը կայ, մահէն զատ: Ես յոյները կը ճանչնամ եւ կը սիրեմ զիրենք: Բարի մարդիկ են, խելացի, բարեսիրտ եւ, հետեւաբար, թերեւս քիչ մը դիւրահաւատ: Սատանայի չարասիրտ ծնունդներէն մէկը, ուզելով կործանել մեր առաքելութիւնը, գացած պէտք է ըլլայ Փափանդրէասին քով եւ ըսած պիտի ըլլայ որ Հայր Կիւրեղ քափուչին վարդապետը եւ Կամսարական քահանան շատ վտանգաւոր անձեր են եւ եթէ Յունական Կառավարութիւնը զիրենք չաքսորէ Յունաստանէն դուրս՝ գեղեցիկ օր մը աթէնացիները Աքրոպոլիսի գագաթին յունական դրօշին փոխարէն պիտի տեսնեն չինական դրօշին ծածանումը»: Եւ եզրակացուցի. «Ես կասկած չունիմ Վարչապետին ազնուութեան մասին: Ան զոհ գացած է չարասիրտ մարդոց զրպարտութիւններուն: Պէտք է մէկը գտնենք որ անոր վստահութիւնը կը վայելէ»:

Խիղճս հանգիստ էր. անձամբ ես քաղաքականութեամբ երբեք չէի զբաղած, ո՛չ ալ թոյլատրած էի որ ենթակայութեանս տակ գտնուող քահանաները խառնուէին քաղաքական հարցերուն: Ակընյայտ էր որ արտաքսումի հրամանագիրը հետեւանքն էր չարասիրտ զրպարտութիւններու: Բայց արդեօք ո՞վ էր այդ չարախօսութիւններու հեղինակը:

Գացի ծունկի եկայ Խորանին առջեւ ու աղօթեցի. «Տէր Յիսուս, եթէ հնարաւոր է՝ անցուր ինծմէ այս դառն բաժակը: Բայց ոչ թէ իմ կամքս, այլ Քու կամքդ թող կատարուի: Տէր, տակաւին ժամը չէ հասած, որ այս առաքելութիւնը այլեւս կարիքս չունենայ: Ազատէ զիս թշնամիներէս: Թող գայ Քու արքայութիւնդ: Ցիրուցան ըլլան Քու թշնամիներդ: Հազիւ այս առաքելութիւնը հաստատուն հիմերու վրայ ըլլայ եւ կարենայ յառաջ երթալ առանց իմ օգնութեանս, այն ատեն, Տէր իմ Յիսուս, աքսորէ զիս երկրագունդի ամենահեռաւոր անկիւնները»:

Ներքին ձայն մը ինծի յուշեց խորհրդակցիլ Պրն. Սաւէրիոյ Սթէլլային հետ: Հեռաձայնեցի եւ թանկագին բարեկամս կէս ժամէն արդէն իմ քովս էր: Երբ յայտնեցի եղելութիւնը, ան բացականչեց. «Թանկագին Հայր Կիւրեղ, Դուք շատ զօրաւոր բարեկամ մը ունիք յանձինս Գերաշնորհ Քրիզանթոս Արքեպիսկոպոսին, Տրապիզոնի Մետրոպոլիտին: Ինչէ՞ն կը վախնաք: Մետրոպոլիտը շաբաթը երկու անգամ Ձեզի այցելութեան կու գայ եւ միշտ, ինչպէս նաեւ երէկ, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսքեր կ՚ուղղէ Ձեզի: Երթանք անոր մօտ: Ուրախ պիտի ըլլայ Ձեզի այս ծառայութիւնը մատուցանելով»: Քրիզանթոս Արքեպիսկոպոսին ցուցաբերած ընդունելութիւնը աւելի ջերմ չէր կրնար ըլլալ: Անդադար կը կրկնէր թէ որքան կը սիրէր զիս եւ թէ որքան երախտագէտ էր ինծի հանդէպ: Հազիւ ըսի որ իրեն ներկայացնելիք խնդրանք մը ունէի, բացականչեց. «Ա՜հ, Փաթիր Կիրիլ, ի՜նչ չեմ ըներ Ձեզի համար: Գիտէք թէ որքան կը սիրեմ Ձեզ եւ որ Ձեզի համար պատրաստ եմ թափելու արեանս վերջին կաթիլը»:

«Շնորհակալութիւն, Ձերդ Գերազանցութիւն», պատասխանեցի, «կասկած չունիմ, բայց ես ինծի թոյլ չեմ տար Ձեզմէ բան մը խնդրել որ մազի թել մը իսկ թօթափի Ձեր օծեալ գլուխէն: Ընդհակառակն, միշտ պատրաստ եմ ինքզինքս ամէն տեսակ վտանգի են թարկել՝ մէկ յոյն անգամ թուրքերու ձեռքէն ազատելու համար»:

Այս ըսելով, ցոյց տուի իրեն արտաքսումիս հրամանագիրը: Կարդաց, կարդաց եւս մէկ անգամ, գլուխը բարկացած շրջեց, ոտքի ելաւ, ձեռքը ուժգին զարկաւ սեղանին եւ զայրոյթէն կաս կարմիր դարձաւ: «Անիծեալ ազգ», պոռաց, «սատանայի ծնունդներ: Յոյները բնաւ չեն փոխուիր: Ապերախտներ, որ կը համարձակին դատապարտել Անատոլուի յոյներուն փրկիչը: Դժոխքի արժանի անիծեալներ»:

«Ձերդ Գերազանցութիւն», ընդհատեցի ես, «մի՛ անիծէք յոյները: Ես կը սիրեմ զիրենք եւ պիտի շարունակեմ զիրենք սիրել նոյնիսկ եթէ սպաննեն զիս: Այս պահուս գէշ տրամադրուած են ինծի հանդէպ, բայց ատիկա անգիտութեան արդիւնք է, քանի որ կը կարծեն՝ թէ այդպիսով պիտի ազատեն հայրենիքը հզօր եւ վտանգաւոր թշնամիի մը նենգութիւններէն: Ուստի, ես կը ներեմ իրենց եւ պիտի ներէի նոյնիսկ եթէ ատիկա ըրած ըլլային չարութեամբ ու ապերախտութեամբ: Ձերդ Գերազանցութիւն, գիտեմ որ Կառավարութիւնը մեծ համարում եւ յարգանք ունի Ձեզի նկատմամբ: Ձեզմէ կը խնդրեմ քանի մը տողնոց նամակ մը գրել Նախարարին, վկայելով որ Հայր Կիւրեղը քաղաքականութեամբ երբեք չէ զբաղած»:

Արքեպիսկոպոսը ուժգին սեղմեց զիս իր բազուկներուն մէջ եւ սիրալիր ժպիտով մը ըսաւ. «Թանկագին Հայր Կիւրեղ, կրնամ գրել ո՛չ թէ մէկ, այլ տասը հազար նամակ: Բայց նամակները, Նախարարութիւն հասնելով, կը խառնուին ուրիշ հազարաւոր նամակներու, որոնք ամիսներ շարունակ պատասխանի կը սպասեն, չըսելու համար տարիներէ ի վեր: Մինչ այդ իմ սիրելի Հայր Կիւրեղը արտաքսուած պիտի ըլլայ Յունաստանէն, նամակս մէջտեղ պիտի յայտնուի երեք կամ չորս տարի յետոյ եւ միայն այն ատեն կառավարական հրամանագիրը յետս պիտի կոչուի, բայց Հայր Կիւրեղը այլեւս պիտի հրաժարի այս ապերախտ ու անիծեալ երկիրը վերադառնալէ: Շատ լաւ գիտեմ թէ ինչ պէտք է ընեմ: Վաղը անձամբ կ՚երթամ Նախարարու թիւն եւ կրնաք երեւակայել՝ թէ որքան բարի խօսքեր պիտի ըսեմ Ձեր մասին»: Տուն վերադառնալով, ամէն բան պատմեցի Կամսարական Վարդապետին: Ինքը նոյնպէս խաղաղեցաւ, եւ այդ գիշեր ես ալ ինքն ալ մանկական անդորր քունով քնացանք եւ առաւօտեան արթնցանք պարզապէս որովհետեւ ժամացոյցին զանգը հնչեց: Սուրբ Պատարագը կատարեցի շնորհակալութիւն յայտնելու համար ստացած շնորհքին համար եւ յատուկ աղօթք մըն ալ կատարեցի բարերարիս՝ Քըրիզանթոս Արքեպիսկոպոսին համար: Ուսուցիչները, տեղեկանալով ձեռք ձգուած յաջողութիւնը, աշակերտութեան բերանով մեծ զբօսապտոյտ խնդրեցին: Այնքան մեծ էր ուրախութիւնս, որ համաձայնութիւնս տուի առանց եւ ոչ իսկ պահ մը մտածելու: Աշակերտներն ու ուսուցիչները օրազուարճի մեկնեցան, Կամսարական Վարդապետին հետ միասին: Ես տունը մնացի:

Կէսօրէն ետք ոստիկան մը եկաւ կառավարական նոր հրամանագիր մը յանձնելու. «Վարդապետ Կիւրեղ Զօհրապեանը, որդի Վարդանի եւ Օհաննէսեան Սառայի, այս հրամանագիրը ստացած վայրկեանէն քառասունութ ժամուան ընթացքին պէտք է Յունաստանի սահմաններէն դուրս գտնուի»: Բայց ինչպէ՞ս, նախ հրաման ստացայ Յունաստանէն հեռանալ մինչեւ Մարտ 25ը, իսկ այժմ կը հրամայեն մեկնիլ մինչեւ Մարտ 11ի երեկոյեան ժամը 5ը: Ոստիկանը ինծմէ աւելի շփոթած էր: «Հայր Սուրբ», ըսաւ, «ի՞նչ կ՚ուզէք որ Ձեզի ըսեմ: Յունաստանի մէջ բոլորս ալ գող ու ստախօս ենք. քաղաքականութեամբ զբաղողներ, մետրոպոլիտներ, փաստաբաններ, վաճառականներ, բոլորս ալ նոյն խմորէն շինուած ենք»:

Իսկոյն գացի Պրն. Սթէլլայի մօտ: Հազիւ կարդաց կառավարական նոր հրամանագիրը, գոյնը փոխեց, ձեռքը ճակատին զարկաւ ու պոռաց. «Բան մը չեմ հասկնար: Բայց … այո՛, հասկցայ: Դաւաճա՛ն: Յուդա՛: Փոքրոգի՛: Ապերա՛խտ»: Եւ գրեթէ վազելով տունէն դուրս ելաւ, առանց ինծի բառ մը ըսելու: Գնաց Ներքին Գործոց Նախարարութիւն, բայց այլեւս ուշ էր եւ հոն ոչ ոք կար: Վերադարձաւ յաջորդ օրը առաւօտեան: Բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, իրեն բարեկամ, խորհուրդ տուած էր չխառնուիլ Հայր Կիւրեղի հարցին, քանի որ կասկած չկար որ Փաթիր Կիրիլը կաթոլիկ քարոզիչ մըն էր եւ Մուսսոլինիի ու Ֆրանսայի քաղաքական լրտեսը:

Ներքին Գործոց Նախարարութեան քով Հայր Կիւրեղի վերաբերեալ հսկայական հատոր մը կար, որ, ի միջի այլոց, կը պարունակէր նաեւ Տրապիզոնի Մետրոպոլիտ Քրիզանթոսին նամակը. «Մեծագոյն գոհունակութեամբ տեղեկացանք, որ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը որոշած է Յունաստանէն արտաքսել Կիւրեղ անունով պապա կան միսիոնարը, քափուչին վարդապետ: Նախարարը թող անսասան պահէ որոշումը: Փաթիր Կիրիլը ամէնուր բազմաթիւ բարեկամներ ունի: Տրապիզոնցի փախստականները, որ չափազանց միամիտ են, չըսելու համար յիմար, զինքը շատ կը սիրեն, որովհետեւ զիրենք փրկած է թուրքերու ձեռքէն զիրենք պապական դարձնելու նպատակով: (Մեր տգէտ տրապիզոնցիները չեն հասկնար այս մանրամասնութիւնը): Փաթիր Կիրիլը Յունաստանի մէջ գործող ամենածայրայեղ պապականն է, ամենախորամանկը եւ ամենագործունեան: Եթէ մեր Կառավարութիւնը հանդուրժէ անոր ներկայութիւնը մեր հայրենիքի սուրբ հողին վրայ, դեռ տարի մըն ալ չանցած ամբողջ Յունաստանը պապական պիտի ըլլայ»: Պրն. Սթէլլայի համար դժուար չէր եղած փաստել անմեղութիւնս. բաւական եղած էր պատմել ընդունելութիւնը որ երկու օր առաջ ցուցաբերած էր մեզի նոյն ինքն Քրիզանթոս Մետրոպոլիտը: Կրցած էր նաեւ տեսակցիլ անձամբ Նախարարին հետ, որ, հարցերուն արդէն տեղեակ, Պրն. Սթէլլային խնդրած էր ինծի փոխանցել իր ողջոյնները, վստահեցնելով որ Յունաստանի համար պատիւ էր զիս որպէս հիւր ունենալը եւ որ ո՛չ ես, ո՛չ ալ Կամսարական Վար դապետը այսուհետեւ նեղութեան պիտի մատնուէինք:

Նոր դժուարութիւններ

Յունաստանի մէջ անցուցած օրերս դիւրին չէին եղած եւ միշտ ալ ինքզինքս մեծամեծ դժուարութիւններու դիմաց գտած էի: Պէտք է որ աւելի վատին սպասէի, այսինքն՝ Յունական Կառավարութեան կողմէ բացայայտ հալածանքին:

Տ. Կարապետ Արքեպս. Մազլըմեանը, Յունաստանի Հայ Առաքելական Առաջնորդը, իրեն հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած կուսակցութեան մը կողմէ մեղադրուեցաւ որպէս համայնավարական Ռուսաստանի գործակատար եւ Յունական Կառավարութիւնը հրամայեց անոր հեռանալ Յունաստանէն: Օգնութեան հասան Յունաստանի Օրթոտոքս Արքեպիսկոպոս Քրիզոսթոմոս Փափատոփուլոսը եւ Փարիզի յոյն դեսպան Փոլիթիսը: Յունական Կառավարութիւնը ո՛չ միայն ճանչցաւ անոր անմեղութիւնը, այլ նաեւ յայտարարեց որ Կառավարութիւնը բնաւ չէր մտածած արտաքսել զինքը Յունաստանէն:

Այս քաշքշուկներու մէջ, Արքեպիսկոպոսին ընդդիմադիր կուսակցութիւնը վատնեց աւելի քան հարիւր հազար իտալական լիրա: Մազլըմեան Սրբազանը ծախսեց ատոր կրկնակին, բայց ակնյայտ է որ աւելի լաւ արդիւնքի հասաւ:

Մեր ընդդիմադիրներուն համար մեծ յաղթանակ եղաւ Քոքինիայի Մխիթարեան չորս վարդապետներուն մեկնումը: Կառավարական ատելի հրամանագիրը որպէս արդարացում կը ներկայացնէր այն փաստը թէ հայ կաթողիկէ վարդապետներուն թիւը շատ բարձր է, համեմատ հաւատացեալներու թիւին: Նախ արտաքսուեցաւ Հ. Գէորգ Փանչիկեանը, առաքելութեան Մեծաւորն ու Ժողովրդապետը: Մեծարգոյ Վարդապետին նոյնիսկ ժամանակ չտուին անձնական իրերն ու հագուստները առնելու:

Նկատմամբ մեզի, շրջանառութեան մէջ դրուեցան ամենաանտրամաբանական զրպարտութիւնները: Առանց երկմտանքի հասան մինչեւ իսկ Կամսարական Վարդապետը որպէս լրտես մեղադրելու Թուրքիոյ մէջ, հաստատելով թէ ան տասներկու ամսուան ընթացքին տասնչորս անգամ Անքարա գացած էր թրքական կառավարութեան յայտնելու Յունաստանի ռազմավարական գաղտնիքները:

1934-1935 ուսումնական տարուան ընթացքին մեր աշակերտներուն թիւը հասաւ հինգ հարիւր տասի: Իմ հարստութիւնս միշտ եղած է Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սերովբէական աղքատութիւնը: Շարունակ պայքարած եմ դրամական վիթխարի դժուարութիւններու դէմ, բայց միշտ ալ Նախախնամութիւնը օգնութեան հասած է վեհանձն բարերարներու միջոցով: Անոնցմէ հաճելի է ինծի յիշատակել Ալսացիայի «Սէն Ժան Սաւէրն» վանքի վանահայր Ժոզէֆ Կեօլինկէրը: Տէրը զինք յանկարծակի երկինք կանչեց 1935 Մարտ 5ին: Այդ օրուան առաւօտեան մատուցած էր Սուրբ Պատարագը, բայց ժամը 10ի ատենները գէշ զգացած եւ քիչ մը ետք անզգայացած էր: Վերջին Խորհուրդները կրցած էր մատակարարել իրեն Անարատ Մարիամի Միաբանութեան վարդապետներէն մին, որ պատահաբար հոն կը գտնուէր: Հազիւ ստացանք տխուր լուրը, հանդիսաւոր Պատարագ կատարեցինք մեր ազնուասիրտ բարերարին հոգւոյն հանգստեան համար: Անկէ զատ, ես ալ անոր հոգւոյն համար երեսուն Պատարագ կատարեցի:

Մեզի համար առատաձեռն բարերարներ եղան նաեւ Պաւարիայի իմ քափուչին միաբանակիցներս, որոնք պարբերաբար դրամ կ՚ուղարկէին ինծի: Բայց երբ իշխանութեան գլուխ բարձրացաւ Հիթլերը, այլեւս ոչինչ կրցան ընել ինծի համար, որովհետեւ նացիական կառավարութիւնը խստագոյն պատիժներու սպառնալիքով արգիլած էր դրամ ծախսել Գերմանիայէն դուրս:

Դրամական օգնութիւններ կը ստանայի նաեւ Պելճիքայէն, Տիկ. Մարիա տէ Քլերքէն, բայց այդ դժուարին ժամանակներուն մէջ այդ ազնիւ տիկինը նոյնպէս չկրցաւ այլեւս օգնութեան հասնիլ մեր առաքելութեան:

Մարդկայնօրէն խօսելով, պէտք է որ եզրակացնէի որ ամէն բան հակառակ հունով կ՚ընթանար եւ թէ դրամական մուտքերը կը պակսէին ճիշտ այն ատեն՝ երբ կը բազմանային մեր կարիքները: Ինծի համար, սակայն, ակնյայտ էր որ այդպիսով Աստուած մեզ կը յոր դորէր վստահիլ միմիայն Իր Նախախնամութեան:

Մոնմարթրի Կարմեղականներու քով

Ապաւինելով Ֆրանսայի դեսպանի վստահեցումներուն որ Կամսարական Վարդապետը այլեւս նեղութիւններու պիտի չենթարկուէր, ուզեցի քիչ մը հանգիստ շնորհել ինծի եւ ընդունեցայ Փարիզ երթալու հրաւէրը, Մոնմարթրի Կարմեղականներու քով, ամսուան մը համար փոխարինելու իրենց քահանան: Աթէնքէն մեկնեցայ 1935 Յուլիս 20ին: Նաւուն վրայ հանդիպեցայ չորս հայ ընտանիքներու, որոնք Թուրքիայէն կը գաղթէին Պուէնոս Այրէս: Նաւուն վրայ կըրցայ Սուրբ Պատարագ մատուցանել, որուն մասնակցեցան մօտ երեսուն հաւատացեալներ, որոնցմէ ոմանք առիթէն օգտուեցան եւ փափաք յայտնեցին Ապաշխարութեան եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան Խոր հուրդները ստանալ, երկար տարիներու ընդհատումէ ետք: Փարիզի «Սուրբ Սիրտ» կարմեղական վանքի մէջ առաջին Պատա րագս կատարեցի Յուլիս 29ին: Հոգեկան մեծ հիացումով տեսայ այդ միանձնուհիներուն բարեպաշտութիւնն ու աղօթասիրութիւնը:

Յիշարժան է այն զրոյցը որ Օգոստոս 15ին ունեցայ Մեծաւոր Մօր հետ: Ան խնդրեց որ պատմեմ առաքելական կեանքիս գլխաւոր հանգրուանները: Ինքզինքս պատրաստ յայտարարեցի պատմելու կեանքիս անցուդարձերը, պայմանով որ իրենց վանական հասարակութիւնը ինծի միանար աղօթքի եւ զոհողութիւններու հաղորդութեան մէջ: Առաջարկս ընդունուեցաւ եւ հասարակութիւնը հաւաքուեցաւ խօսարանին մէջ: Մէկ ու կէս ժամ խօսեցայ առաքելական գործունէութեանս մասին: Կնքեցինք մեր դաշինքը: Մոնմարթրի «Սուրբ Սիրտ» կարմեղական վանքը կ՚որդեգրէր Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաքելութիւնը: Ամէն օր, Մեծաւոր Մօր կողմէ ընտրուած միանձնուհի մը իր այդ օրուան բոլոր աղօթքները, զոհողութիւններն ու արժանիքները պիտի նուիրէր Տիրոջ՝ մեր առաքելութեան դիտաւորութեամբ: Իր հերթին, Հայր Կիւրեղը յանձն կ՚առնէր իր մատուցած բոլոր Պատարագներու ատեն յատուկ աղօթքով մը յիշել «Սուրբ Սիրտ» վանքին միանձնուհիները, որոնք այդ պահէն սկսեալ մասնա կից կը դառնային իր բոլոր աղօթքներուն, զոհողութիւններուն ու արժանիքներուն: Ինչպէս նաեւ, այդ շնորհալի օրուան յիշատակը վառ պահելու համար, Հայր Կիւրեղը յանձն կ՚առնէր շարունակ տեղեակ պահել միանձնուհիները իր առաքելութեան մէջ կատարուող իրա դարձութիւններուն մասին:

Ապագան ցոյց տուաւ թէ որքա՜ն բարիք ստացայ իմ հոգւոյս եւ առաքելութեանս համար շնորհիւ Կարմեղական միանձնուհիներու ա ղօթքին ու զոհողութիւններուն: Փարիզէն նամակագրական հաստատուն կապի մէջ էի քահանաներուս հետ: Շարունակ ահազանգող լուրեր էին, որ կը դառնացնէին հոգիս, եւ դրամական նոր պահանջներ, որ կը բացմացնէին մտահոգութիւններս: Կամսարական Վարդապետը Օգոստոս 2ին կը գրէր որ հրաման ստացած էր իսկոյն հեռանալու Յունաստանէն եւ թէ կրցած էր աքսորէն խուսափիլ վճարելով տասնվեց հազար իտալական լիրա: Մեծղի գումար մըն էր, բայց ես, ապահովելու համար քահանաներէս իւրաքանչիւրին կեցութիւնը առաքելութեան մէջ, առանց երկմտանքի պատրաստ էի ինքզինքս ալ ծախել: Այնքան մեծ էր այդ նորութեան պատճառած ուրախութիւնը, որ ուզեցի իսկոյն կիսել Մեծաւոր Մօր հետ: Ուրախութիւնս կարճատեւ եղաւ: Տ. Ղեւոնդ Քիլերճեանը նոյնպէս անապահով վիճակի մէջ էր: Ոստիկանութեան ոտնձգութիւններէն խուսափելու համար, Թեսաղոնիկէէն հեռացած եւ ապաստանած էր Քաւալա, բայց հոն ալ ինքզինքը ապահով չէր զգար եւ հետեւաբար կ՚ուզէր Աթէնք տեղափոխուիլ: Այս ամէնը՝ որովհետեւ զինք մեղադրած էին ռուսական համայնավարական քարոզչութիւն կատարելու եւ Յունաստանի մէջ յեղաշրջում կազմակերպելու մէջ:

Միեւնոյն նամակը կը տեղեկացնէր որ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յունական դեսպանութիւններուն հրամայած էր դէպի Յունաստան մուտքի արտօնագիր չտալ ինծի եւ Տ. Յովհաննէս Քո յունեանին: Ուժ չունեցայ յառաջ երթալու, մահուան ճիրաններուն մէջ կը զգայի ինքզինքս եւ հազիւ կրցայ անկողին նետուիլ: Ջղային այդ սպառումը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ առողջութեանս վրայ. այդ օրուընէ սկսեալ կը տառապիմ յիշողութեան խանգարումներէ, լեզուի ծանրութենէ եւ խօսելու դժուարութենէ: Անկողինի վրայ ուշագնաց մնացի մօտաւորապէս վեց ժամ: Երբ կրկին ինքզինքս գտայ, ուզեցի նորէն կարդալ նամակը: Տակաւին յոյսի շող մը կար, մանաւանդ թէ՝ փրկութիւնը ապահով էր, բայց պայմանով որ հազարաւոր տրախմի բաժնուէր աջ ու ձախ: Նամակը կ՚աւարտէր այս կրկներգով. «Առաջնորդարանի դրամարկղը պարապ է: Հացի դրամ անգամ չունինք: Շատ ու շատ դրամ ղրկեցէք, որպէսզի կարենանք վճարել փաստաբաններուն, նախարարներուն, ոստիկաններուն, բարեկամներուն եւ … թշնամիներուն»:

Այս ամէնուն մասին խօսեցայ Մեծաւոր Մօր հետ եւ ըսի որ շատ կը ցաւիմ, բայց պէտք է իսկոյն մեկնիմ Փարիզէն եւ վերադառնամ Յունաստան:

«Չեմ գիտեր ինչ պատասխանեմ», յուզուած ձայնով ըսաւ Մեծաւոր Մայրը: «Արձակուրդի ամիս ըլլալով, դիւրին չէ փոխարինող քահանայ մը գտնելը: Թանկագին Վարդապետ, ես կը յարգեմ Ձեզ որպէս ճշմարիտ մարտիրոս մը: Կ՚ուզէք Ձեր հօտին քով գտնուիլ, ազատելու համար գառնուկները գիշատիչ գայլերու ճիրաններէն: Բայց թոյլատրեցէք յայտնել Ձեզի իմ կարծիքս: Կրկին կարդացէք նամակը, այս անգամ պաղարիւնութեամբ, կարծես հասցէագրուած ըլլար երրորդ անձի մը: Ինծի համար ակնյայտ է որ Ձեր քահանաները Ձեր ներկայութեան կարիքը չունին, որ ոչինչի պիտի ծառայէր, այլ կարիքն ունին Ձեր դրամական օգնութեան: Մեզի հետ մնացէք մինչեւ ամսուան վերջը, ինչպէս նախապէս համաձայնած էինք, եւ մենք աւելի եռանդով պիտի աղօթենք բարեսիրտ Յիսուսի: Ինչպէս նաեւ, ուշադրութիւն դարձուցէք որ նամակը կը կրէ Օգոստոս 5 թուագրութիւնը, եւ կը կարծեմ որ մինչեւ օրս դժուարութիւնները արդէն փարատած պէտք է ըլլան: Ասով հանդերձ, յաւելեալ ապահովութեան համար, անյապաղ նամակ մը գրեցէք Մայր Ագնէս Յիսուսին, որպէսզի հայցէ իր Սուրբ Քրոջ12 միջնորդութիւնը»:

Այդ սրբակենցաղ միանձնուհիին խօսքերը սրտիս մէջ վերըստին արթնցուցին Տիրոջ օգնութեան հանդէպ անսահմանափակ վըստահութիւն մը: Երեք օր անց, պատասխանելով գրած երկարաշունչ նամակիս, Մայր Ագնէս Յիսուսին, Լիզէոյի Կարմեղոսի Մեծաւորուհին, կը տեղեկացնէր ինծի որ իրենց վանական հասարակութիւնը սկսած էր իննօրեայ աղօթքներու շարք մը առաքելութեանս դիտաւորութեամբ, եւ կը յորդորէր զիս քաջ ըլլալ եւ իր Սուրբ Քրոջ պաշտպանութեան հանդէպ վստահութիւն ունենալ: Պատասխան նամակին կցած էր նաեւ Սուրբ Սրտի պատկեր մը, որուն վրայ ընդօրինակած էր Սբ. Թերեզայի ձեռքով գրուած աղօթքը. «Ո՜վ Յիսուսի աստուածային Արիւն, ոռոգէ մեր երկիրը: Թող ծլարձակեն հոս ընտրեալները»: Սրբազան պատկերին ետեւը Մայր Ագնէսը գրած էր. «Իմս կ՚ընեմ այս աղօթքը, որ Սուրբ Քոյրիկս կը կրկնէ այժմ Տիրոջ առջեւ Ձեր առաքելութեան դիտաւորութեամբ»:

Մայր Ագնէսը ուղարկած էր ինծի նաեւ երեք հարիւր ֆրանսական ֆրանքի վճարագիր մը: Ուրախութիւնս իր գագաթնակէտին հասած էր: Կրկին ու կրկին կը կարդայի այդ նամակը եւ զայն կը ցօղէի մխիթարութեան արցունքներով:

Առաքելական գործունէութեանս ընթացքին բազմաթիւ օգնու թիւններ ստացած էի «Œuvre d’Orient» կազմակերպութենէն, ուստի՝ ուզեցի յարգանքի տուրքս մատուցանել Գերյ. Քարլոս Լաժիէին: Սիրալիր կերպով ընդունեցաւ զիս եւ բաւական երկար ժամանակ խօսակցութեան բռնեց զիս Փիրէոյի, Թեսաղոնիկէի, Աթէնքի, Խիոսի եւ Կրետէի դպրոցներու մասին: Բնականաբար խօսակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ իմ գործունէութիւնս Յունաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք մեր առջեւ կը յարուցանէր Յունա կան Կառավարութիւնը: Չեմ գիտեր ինչու, բայց Գերյ. Լաժիէն այդ նեղութիւնները կը վերագրէր իմ իտալական քաղաքացիութիւն ստանալուս:

Իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն բոլոր բաներուն համար որ կ՚ընէի ի նպաստ իմ հայրենակիցներուս: «Կը ցաւիմ», աւելցուց, «որ Յունաստան կը գտնուիք: Եթէ Փարիզ ըլլայիք, առատօրէն պիտի կարենայի օգնել Ձեզի»:

Ամէն Կիրակի կ՚երթայի երկրորդ Պատարագ մը մատուցանելու հայ կաթողիկէներու եկեղեցւոյ մէջ: Քարոզն ալ հայերէն կ՚արտասանէի, թէեւ իրականին քիչերն էին որ կը հասկնային: Հոն ուրախութիւնը ունեցայ օրհնելու Վարդուհի Սարգիսեանի ամուսնութիւնը, որ 1924 թուականին Քորֆուէն տարած էի Թորինոյ: Փարիզէն մեկնեցայ Սեպտեմբեր 2ի առաւօտեան: Գացի Պելճի քա, այցելելով Պրիւքսէլ եւ Անվերս քաղաքները: Պրիւքսէլը սուգի մէջ էր երիտասարդ թագուհի Ասթրիտի մահուան պատճառով եւ ես ալ մասնակցեցայ յուղարկաւորութեան հանդիսաւոր արարողութեան Սրբուհի Կոտուլ եկեղեցւոյ մէջ:

Աքսորի մէջ

Սեպտեմբեր 9ին Հռոմ կը գտնուէի եւ միեւնոյն ամսոյն 20ին ունկնդրութեան ընդունուեցայ Սրբազան Քահանայապետ Պիոս Տասնըմէկերորդին կողմէ: Միշտ բարեսիրտ ու հայրական, հազիւ թէ զիս տեսաւ, Սրբազան Քահանայապետը ժպտելով ըսաւ. «Սիրելի Հայր Կիւրեղ, աւելի ճիշտը՝ Սրբազան Հայր բայց յոյները յանկարծ չլսեն ինչպէ՞ս էք: Ինչպիսի՞ նորութիւններ բերած էք Ձեր առաքելութենէն»:

Համառօտ կերպով պատմեցի թէ ինչպէս մեր հակառակորդները ամէն հնարք գործի դրած էին կործանելու համար մեր առաքելութիւնը: Աթէնքի Օրթոտոքս Արքեպիսկոպոսը կ՚ուզէր Յունաստանէն հեռացնել հայ կաթողիկէ քահանաները, որպէսզի կարենար հայ կաթողիկէները յունական օրթոտոքսութեան քաշել: Պատմեցի նաեւ Մոնմարթրի Կարմեղականներուն հետ կնքուած հոգեւոր դաշինքին մասին, որ կը կայանար աղօթքի ու զոհողութիւններու հաղորդութեան մէջ: Պէտք է Յունաստան վերադառնայի: Ներկայացայ Հռոմի Յունական Հիւպատոսութիւն եւ խնդրեցի մուտքի արտօնագիր փակցնել անցագրիս վրայ: Մերժեցին, որովհետեւ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արգիլած էր մուտքի արտօնագիր տալ կաթողիկէ քահանաներուն: Ոչինչի ծառայեց անդրադարձութիւնս, որ Նախարարութեան հրամանագիրը չէր կրնար վերաբերիլ արդէն իսկ Յունաստան բնակող քահանաներուն: Աւելին, Հիւպատոսարանի առաջին քարտուղարը անքաղաքավար կերպով ձեռքէս խլեց Յունաստանի մէջ բնակութեան անժամկէտ արտօնագիրս, ըսելով. «Հիմա գացէք:

Դուք այլեւս երբեք ոտք չէք դներ Յունաստան»:

Ամենամոլի հակառակորդներէս մէկն էր ոմն Սարանտոփուլոս, Օտարերկրացիներու Գրասենեակին տնօրէնը: Կաթողիկէ քահանաներուն մուտքի արտօնագիր չտալու հրամանը իրն էր: Դժբախտաբար ես ծուղակը ինկայ, մինչ Տ. Յովհաննէս Քոյունեանը, փոխանակ Աղեքսանդրիայի Հիւպատոսարանին, դիմած էր Երուսաղէմի Հիւպատոսին եւ այդպիսով, 1935 Սեպտեմբեր 16ին, անարգել կերպով մտած էր Յունաստան, Փիրէոյի նաւահանգիստէն:

Այդ կատաղի Սարանտոփուլոսը այլեւս խաղաղութիւն չտուաւ մեր քահանաներուն: 1935 Սեպտեմբեր 23ին Կամսարական Վարդապետը եւ Տ. Յովհաննէս Քոյունեանը հրաման ստացան անյապաղ մեկնիլ Յունաստանէն: Բաւական խոշոր կաշառքով մը միայն կրցան նորոգել կեցութեան արտօնագիրները:

Տ. Ղեւոնդ Քիլերճեանը, որ Քաւալա կը բնակէր, ոչ միայն ստացաւ Յունաստանէն հեռանալու հրամանագիրը, այլ նաեւ դատապարտուեցաւ, Նոյեմբեր 27ին, տասներկու օրուան բանտարկութեան եւ վեց հարիւր տրախմի տուգանքի: Բանտէն դուրս ելած էր մեր հաւատացեալներուն միջամտութեամբ, որ վճարած էին փրկագինը: Չափազանց երկար պիտի ըլլար նկարագրութիւնը այն բոլոր դատավարութիւններուն, որոնց ենթարկուեցան մեր քահանաները: 1936 Փետրուար 17ին Կամսարական Վարդապետը կը գրէր ինծի. «Այսօր մենք երեքս դատարան կանչուած էինք: Տէր Քոյունեանը դատապարտուեցաւ տասը օրուան բանտարկութեան եւ դատավարական ծախսերը վճարելու: Զիս դատապարտեցին տասնհինգ օրուան բանտարկութեան եւ դատավարական ծախսերը վճարելու: Տէր Քիլերճեա նին հրամայուեցաւ մինչեւ Մարտ 16ը հեռանալ Յունաստանէն»:

Իսկ Փետրուար 20ին կը գրէր. «Այսօր մեր ազգային մեծ տօնը տօնեցինք. Սրբոց Վարդանանց: Ժամը 9ին Տէր Քիլերճեանը պատարագեց: Միեւնոյն ժամուն ես եւ Տէր Քոյունեանը ներկայացանք դատարան. երկու դատավարութիւն իւրաքանչիւրիս համար: … Չափազանց նուաստացուցիչ է դատարան ներկայանալը եւ մարդասպաններու եւ միւս բոլոր յանցագործներու աթոռին նստիլը»:

Հ. Ռիքքարտ Ռոզէնհայմը, գործի դնելով Հրամանատար Մետաքսասին հետ ունեցած իր վաղեմի ծանօթութիւնը, կրցաւ օգնութեան ձեռք երկարել մեր քահանաներուն: Ապրիլ 7ին կը գրէր ինծի, որ կրցած էր ապահովել Տուրղութիի մեր քահանաներուն կեցութիւնը եւ որ այլեւս նեղութիւն չտային անոնց: Բայց ոչինչ կըրցած էր ընել ինծի համար: Յուսահատ չէր, բայց կ՚ուզէր իրապաշտ ըլլալ, քանի որ գիտէր որ անձամբ Արտաքին Գործոց Նախարարը հակառակ էր իմ վերադարձիս:

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը հարցս ներկայացուց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան ուշադրութեան: Ծիրանաւոր Փաչէլլին, կարդալով իմ մանրամասն հաշուետուութիւնս, հարցը ներկայացուց Իտալիոյ Կառավարութեան: Մուսսոլինին անձամբ ըսած էր անոր որ հարցը սրտին մօտ ընդունած էր եւ ամէն բան պիտի ընէր զայն լուծելու համար: Իշխան Քիճին, մինչդեռ, իմ հարցս ներկայացուց Յունաստանի Գէորգ Երկրորդ թագաւորին, որ այդ օրերուն Հռոմ կը գտնուէր, Յունաստան վերադարձի ճանապարհին: «Հայր Կիւրեղը Յունաստանի բարերարներէն մէկն է», ըսած էր անոր, «եւ արժանի է որ Աթէնքի մէջ յուշարձան մը կանգնեցուի ի պատիւ իրեն»:

Աքսորիս աւարտը

1936 Ապրիլ 12ին, Սուրբ Զատիկի գիշերը, յանկարծակի վրայ հասած մահով վախճանեցաւ Յունաստանի Վարչապետ Տէմիրտցիսը եւ անոր յաջորդեց Եոաննիս Մեթաքսասը: Կը յուսայինք, որ Հայր Ռիքքարտոյի այդ վաղեմի բարեկամը միջամտէր ի նպաստ մեզի, որովհետեւ նախապէս երբեք թշնամական կեցուածք չէր ունեցած կաթողիկէներուն նկատմամբ: Բայց բարձր պաշտօնը փոխած էր անոր կողմնորոշումները: Ակնյայտ էր, որ աթոռը պահելու համար ան նոյնպէս կարիքն ունէր որ օրթոտոքս Եպիսկոպոսները եւ կղերը նեցուկ ըլլային իրեն:

Հարցս, մարդկայնօրէն խօսելով, յուսահատ վիճակի մէջ էր: Այն աստիճան, որ 1936 թուականի Յունիսին Սուրիոյ եւ Լիբանանի առաքելութեան Մեծաւորը միաբանութեանս Ընդհանուր Մեծաւորէն խնդրեց զիս Միջին Արեւելք ուղարկել: Ընդհանուր Մեծաւորը իր համաձայնութիւնը տուաւ, բայց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը ուզեց որ հարցը ներկայացուէր Սրբազան Քահանայապետին, քանի որ խօսքը կը վերաբերէր թեմի մը առաջնորդին: Մեծաւորը քաջութիւն չունեցաւ աւելի յառաջ երթալու եւ հարցը այդպիսով փակուեցաւ:

Աղօթքի եւ զոհողութիւններու միութեան մեր հոգեւոր դաշինքին հաւատարիմ, Մոնմարթրի Կարմեղականները կը շարունակէին աղօթել ինծի համար եւ Մեծաւոր Մայրը նամակներով կը քաջալերէր զիս, որովհետեւ վստահ էր որ պիտի վերադառնայի Յունաստան: Քաջալերական նոյնատիպ նամակներ կը ստանայի Լիզէոյի Կարմեղոսի Մեծաւորուհի Մայր Ագնէսէն, Ռէփոսուարի Կարմեղոսի Մեծաւորուհի Մայր Սէսիլէն եւ Վալէնսիէնի Կարմեղոսի Մեծաւորուհի Մայր Աննայէն: Պարտական եմ անոնց աղօթքներուն, որ Յունական Կառավարութիւնը, ամբողջովին անակնկալ կերպով, թոյլատրեց ինծի վերադառնալ Յունաստան: Լուրը հաղորդուեցաւ ինծի Յուլիս 16ին, Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնեայի մը միջոցով:

Յունական Հիւպատոսարանի կողմէ լուրը հաստատուեցաւ միայն Օգոստոս 5ին: Ստացայ մուտքի արտօնագիրը, եւ անշուշտ յորդորանքը՝ չզբաղելու ո՛չ կրօնական, ո՛չ ալ քաղաքական քարոզչութեամբ: Պատասխանեցի, որ երբեք ալ չեմ զբաղած քարոզչութեամբ, այլ միայն ու միայն մեր հաւատացեալներու հոգեւոր խնամքով: Ահա այս խօսքերը եղան Հիւպատոսին պատասխանը. «Թանկագին Հայր Կիւրեղ, գիտեմ որ իրաւացի էք: Ձեզի փոխանցեցի այն՝ ինչ որ Աթէնքէն հրաման ստացած էի Ձեզի ըսելու, քանի որ պէտք է կատարեմ պարտականութիւններս: Իսկ քարոզչութիւն ընելու համար Դուք կարիքը չունիք օրթոտոքսներուն ըսելու. ՚՚Կաթողիկէ դարձէք՚՚: Ձեր ներկայու թիւնն ինքնին, Ձեր սրբակենցաղ կեանքը, Ձեր բարոյական մաքրու թիւնը քարոզչութեան շատ աւելի հզօր արարքներ են, քան որեւիցէ խօսք կամ պատճառաբանութիւն: Կը հասկնա՞ք՝ ինչ կ՚ուզեմ ըսել»: Ուզեցի շնորհակալութիւն յայտնել Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Կոմս Կալէացցոյ Չանոյին: Ան ըսաւ որ դիւրին չէր եղած վերադարձիս արտօնութիւնը ստանալը, բայց քանի որ Մուսսոլինին անձամբ խոստացած էր Ծիրանաւոր Փաչէլլիին, ամէն գնով ուզած էր կատարել խոստումը: Դէպքերը այնպիսի ընթացք ստացած էին, որ Յունական Կառավարութիւնը 1935 թուականի վերջաւորութեան խնդրանք մը ներկայացուցած էր Իտալական Կառավարութեան: Իտալացիները պատասխանած էին որ որեւէ դժուարութիւն չունին կատարելու յունական կողմին խնդրանքը, պայմանով որ Հայր Կիւրեղը վերադառնայ Յունաստան: Յոյները մերժած էին: Միեւնոյնը կըրկնուած էր 1936 թուականի Սուրբ Զատիկի ատենները: Ի վերջոյ, Յուլիսի վերջաւորութեան, Յունական Կառավարութիւնը տնտեսական համաձայնութիւն մը խնդրած էր եւ Իտալիոյ Կառավարութիւնը պատասխանած էր կրկին ներկայացնելով Հայր Կիւրեղի վերադարձի նախապայմանը: Այս անգամին յոյները զիջած էին:

Կոմս Չանոն յորդորեց զիս իսկոյն, առաջին իսկ շոգենաւով մեկնիլ Յունաստան: «Միթէ չէ՞ք ճանչնար յոյները: Մեկնեցէք հնարաւորինս շուտով, այսօր իսկ, այս պահուս: Հնարաւոր չէ վստահիլ յոյներու խոստումներուն: Միտքերնին կը փոխեն մէկ վայրկեանէն միւսը»:

Այդպիսով, վերջացան աքսորիս տասնհինգ ամիսները: Հռոմէն մեկնեցայ Հոկտեմբեր 23ի երեկոյեան: Կէսգիշերին արդէն Ֆոճճայի կայարանը կը գտնուէի: Հոկտեմբեր 24ին, ժամը 5ին, հասայ Պարի: Քանի՜ քանի յիշողութիւններ: Պարի կը գտնուէր Նոր Արաքս փոքրիկ աւանը, որ Իտալիոյ Կառավարութիւնը կառուցած էր արեւելեան գորգագործութեան մէջ հմուտ հայերու համար, որոնք ես անձնապէս ուղարկած էի Աթէնքէն: Պարի կը գտնուին Արեւելեան Եկեղեցւոյ մեծ հրաշագործ Սբ. Նիկողայոս Զմիւռնացիի մասունքները, որ մեծարուած են ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհի կողմէ: Ժամը 9ին Պրինտիզի կը գտնուէի: Նաւ բարձրացայ կէս գիշերուան մօտ: Յաջորդ օրը, առաւօտեան ժամը 930ին, պատարագեցի տախտակամածին վրայ: Որքա՜ն յուզիչ էր գտնուիլ ծովու անսահմանութեան առջեւ եւ սրբագործուած Նշխարին մէջ վեր բարձրացնել Ան որ անսահմանափակ է եւ չի կրնար պարունակուիլ որեւէ տարածքի մէջ: Փիրէոյի նաւահանգիստը զիս դիմաւորելու եկած էին մեր քահանաներն ու բարեկամս՝ Պրն. Սաւէրիոյ Սթէլլան: Յանձնարարած էի ոչ մէկուն իմացնել ժամանումիս օրուան մասին, որովհետեւ կ՚ուզէի խուսափիլ հանդիսաւորութիւններէ, որոնք կրնային գրգռել Յունական Կառավարութիւնը: Բայց բաւական եղաւ որ մեր աշակերտներէն ոմանք Տուրղութիի փողոցներուն մէջ նկատէին զիս ինքնաշարժի մէջ, որպէսզի լուրը կայծակնային արագութեամբ տարածուէր ամբողջ թաղամասով մէկ եւ քահանայատան առջեւ ամէն տարիքի ու խաւի ամբոխ մը հաւաքուէր, փափաքելով ողջունել աքսորէն վերադարձած հովիւը: Երկարատեւ աքսորս նոյնքան երկարատեւ մարտիրոսութիւն եղած էր ինծի համար, բայց նաեւ արդիւնաւէտ գործիք մը եղաւ Նախախնամութեան ձեռքերուն մէջ: Մեր թշնամիները չէին կրցած նախատեսել, որ իմ աքսորս արգասաւոր առիթ մը պիտի ըլլար՝ որպէսզի մեր քահանաները սորվէին միայնակ գործել, այսպիսով ապա հովելով մեր առաքելութիւններուն գոյատեւումը:

Երկու կարեւոր իրադարձութիւններ աքսորիս ատեն

Հռոմի մէջ անցուցած աքսորիս ատեն Յունաստանը վերահաստատած էր միապետութիւնը, կրկին գահի կոչելով Գէորգ Երկրորդ թագաւորը, որ արդէն գահընկէց եղած էր 1923 Դեկտեմբեր 19ին: Միապետութեան վերահաստատումին ամենագործունեայ կազմակերպիչներէն եղած էր Հրամանատար Եոաննիս Մեթաքսասը, որ քարոզչական արշաւը կազմակերպած էր ժողովուրդին մէջ:

Գէորգ Երկրորդը համաձայնեցաւ գահ բարձրանալ միմիայն հանրաքուէի դրական ելքէն յետոյ: Աքսորէն հայրենիք վերադառնալով, ներում շնորհեց քաղաքական յանցանքներու համար բանտարկուածներուն ու հալածուածներուն, իր գլխաւոր հակառակորդ Վենիցելոսը ներառեալ: Վերջինս, սակայն, չուզեց վերադառնալ Յունաստան եւ վախճանեցաւ Փարիզի մէջ, 1936 Մարտ 18ին: Թաղուեցաւ Լա Քանէայի մօտակայքը գտնուող իր ծննդավայրին մէջ:

Աթէնքի հայ համայնքին համար կարեւորագոյն իրադարձութիւն ներէն մէկը եղած էր Գերաշնորհ Գարեգին Արքեպս. Յովսէփեանի, Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն ուղարկուած Սրբազան Հօր հովուական առաքելութիւնը, որ նոյնպէս տեղի ունեցած էր իմ աքսորիս ընթացքին: Բոլոր հայերը ուրախացած էին այդ այցելութեան համար, բացառութեամբ համայնավարներուն, որոնք ամէն առիթ կը գործածէին բողոքելու համար Մազլըմեան Սրբազանին եւ ոչ համայնավար կուսակցութիւններուն դէմ:

Գարեգին Սրբազանը Աթէնք հասած էր 1935 Մարտ 15ին եւ յաջորդ օրը հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուած էր դէպի Քոքինիայի հայ առաքելական եկեղեցին, ընկերակցութեամբ Մազլըմեան Սրբազանին եւ երկու քահանաներուն: Առաքելական, կաթողիկէ եւ բողոքական դպրոցներու աշակերտները շարուած էին անոր անցած ճանապարհին երկու կողմերը: Կրօնական արարողութենէն առաջ, Գերաշնորհ Այցելուն բարի գալուստի մաղթանքները ընդունած էր եւ ապա ժողովուրդին խօսած էր՝ մեկնաբանելով աստուածաշնչեան այս հատուածը. «Եթէ Տէրը չէ տունը կառուցողը, ի զուր կը յոգնին շինարարները: Եթէ Տէրը չէ քաղաքին պաշտպանը, ի զուր կը հսկէ պահակը» (Սղմ 126, 2): Հարստութիւնները կը դառնան անօգուտ ու ապարդիւն, եթէ կը պակսի եղբայրական սիրոյ ու միութեան հոգին:

Խօսք առած էր նաեւ իմ ընդհանուր տեղապահս՝ Կամսարական Վարդապետը, որ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած էր այն իրո ղութեան որ հայոց բոլոր ուժերը պէտք էին միասնաբար գործել, եթէ կ՚ուզէին մէկ սերունդ յետոյ յոյներուն հետ ձուլուելու վտանգէն խուսափիլ: Մազլըմեան Սրբազանի առջեւէն անցած ատեն, բոլոր ներկաներուն բարի օրինակ տալու համար, Կամսարական Վարդապետը մօտեցած եւ յարգալիր կերպով համբուրած էր Սրբազան Հօր աջը: Այս մեծապէս քրիստոնեայ արարքէն յուզուած եւ շփոթած, Մազլըմեան Սրբազանը հազիւ լսելի ձայնով ըսած էր որ եթէ ընդդիմացած էր կաթողիկէներուն, ատիկա ըրած էր միմիայն իր Եկեղեցին պաշտպանելու դիտաւորութեամբ: Երեքշաբթի, Մարտ 17ին, Գարեգին Սրբազանը այցելած էր Քո քինիայի առաքելական եկեղեցին: Երկարաշունչ քարոզ մը խօսած էր միշտ միութեան ու համերաշխութեան նիւթին շուրջ, որուն վերջաւորութիւնը բաւականին հետաքրքրական էր. «Մեր ազգին գոյատեւումը կապուած է Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան հետ: Մենք փոքրիկ ազգ մըն ենք, բայց Հայ Եկեղեցին հոգեբանական ամբողջական արտայայտութիւնն է Հայ Ժողովուրդին. ծիսական լեզուն հայերէնն է, Հայ Եկեղեցւոյ գոյութիւնը Հայ Ժողովուրդի գոյութիւնն է: Հայ Եկեղեցին մերն է, մեր ստեղծագործութիւնն է, մեր լեզուն, մեր աւանդութիւնները, մեր աշխատանքը, մեր ազգային թանկագին Եկեղեցին է» (Նոր Օր, 1936 Մարտ 20):

Գարեգին Սրբազանի հովուական այցելութեան աւարտին, իր 29 Մարտ 1936 թուակիր նամակին մէջ, Կամսարական Վարդապետը այս տողերը կը գրէր ինծի. «Ուրբաթ, Մարտ 27ին, Հայ Առաքելական Առաջնորդարանին մէջ թէյասեղան մը պատրաստուած էր ի պատիւ Գարեգին Սրբազանին, որուն հրաւիրուած էի նաեւ ես, Հ. Ստեփանին հետ միասին: Գարեգին Սրբազանը ջանացած է խաղաղեցնել բոլոր կուսակցութիւնները եւ ամէնուր հանդիպած է բարի տրամադրութիւններու: Դժբախտաբար, իր այցելութիւնը շատ կարճ տեւեց: Մեկնեցաւ Փարիզ, ուրկէ պիտի երթայ Ամերիկա: Իր այցելութենէն յետոյ, անոնք որ մինչեւ այսօր կ՚ընդդիմանային մեզի, սկսած են մօտիկութիւն ցոյց տալ: Առաքելական քահանան եկաւ մեզի այցելելու եւ ես ալ այցելութեան գացի Մազլըմեան Սրբազանին: Մէկ խօսքով, թշնամութիւնները դադրած են: Այժմ հարկաւոր է միայն զարգացնել այս բարի տրամադրութիւնները»:

Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Պատրիարքին ընտրութիւնը

1937 Հոկտեմբեր 26ի ուշ երեկոյեան Պէյրութէն ստացայ հետեւեալ հեռագիրը. «Այսօր առաւօտեան Պատրիարքը բարեպաշտօրէն աւանդեց հոգին»:

Յաջորդ օրը հեռագիրով տխուր լուրը հաղորդեցի Թեսաղոնիկէ, Քաւալա, Քոքինիա եւ Սամոս, պատուիրելով հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանել հանգուցեալ Պատրիարքի հոգւոյն հանգըստեան համար: Աթէնքի մէջ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը կատարեցինք լատիններու «Սուրբ Դիոնիսիոս» Մայր Տաճարին մէջ: Պաշտօնակատար քահանան սկիզբը չէր ուզեր համաձայնիլ, որովհետեւ կը կարծէր թէ հայկական սրբազան երաժշտութիւնը նման է բիւզանդականին: Գերապայծառ Ֆիլիփուչչին ծանրօրէն հիւանդ էր եւ անհնարին էր մերձենալ իրեն, բայց Նոյեմբեր 3ին կրցայ այցելել իրեն հիւանդանոցի մէջ եւ, գիտնալով որ ինքը անձամբ ծանօթ էր հանգուցեալ Պատրիարքին, զինք չվշտացնելու համար պարզապէս արտօնութիւն խնդրեցի հայածէս քառաձայն Պատարագ մատուցանել իր եպիսկոպոսական Մայր Տաճարին մէջ, առանց յայտնելու պատճառը: Արտօնութիւնը տուաւ պարզունակ «Անշուշտ»ով մը: Համբուրեցի աջը եւ իսկոյն հեռացայ առանց բառ մը աւելցնելու: Պատարագիչն էր Կամսարական Վարդապետը, սարկաւագի մասը կը կատարէր Տ. Ղեւոնդը, իսկ արարողապետինը՝ Տ. Յովհաննէս Քոյունեանը: Ես երգեհոնահարն էի, իսկ մօտաւորապէս յիսուն հոգիէ բաղկացած երգչախումբը, որոնցմէ շատերը մեր աշակերտներն էին, Պրն. Կառվարենցի ղեկավարութեամբ երգեց Եկմալեանի քառաձայն Պատարագը: Ահա այդ հանդիսաւոր արարողութեան նկարագրութիւնը, ինչպէս հրապարակուեցաւ Նոր Օր լրատուական թերթի Նոյեմբեր 9ի թիւին մէջ. «Սբ. Դիոնիսիոս լատին Մայր Տաճարը ծայրէ ի ծայր լեցուն էր անուանի անձնաւորութիւններով: Բոլորը հիացած ու ապշած էին՝ ունկնդրելով մեր Հայ Ծէսին գեղեցիկ երգեցողութիւնն ու մեղեդիները, որովհետեւ բոլոր օտարազգիները մինչ այդ կը կարծէին թէ մեր Եկեղեցին յար եւ նման է եթովպական կամ յակոբիկեան Եկեղեցիներուն: … Ներկաներու շարքին տեսանք իտալական եւ ֆըրանսական Ներկայացուցչութիւններու պատասխանատուներ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ Հիւպատոսները, Պրն. Փափակոսը՝ Յունաստանի Ազգային Տնտեսութեան ընդհանուր տնօրէնը, Ֆրէր Դամիէնը՝ Մարիստ Եղբայրներու նահանգային մեծաւորը, ֆրանսական վարժարաններու տնօրէնները, կաթողիկէ յոյներու միութիւնները, Տէր Խորէնը՝ որպէս Մազլըմեան Սրբազանի ներկայացուցիչ»:

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Պէյրութ հաւաքուեցան, ընտրելու համար նոր Պատրիարքը: Բացակայ էր միայն Գերպ. Անտոն Պահապանեանը, առողջական պատճառներով: Դեկտեմբեր 3ին, ժամը 21ի ատենները, Սիւնհոդոսը Նախագահող Գերապայծառ Նազլեանէն հեռագիր մը ստացայ, որով կը տեղեկացնէր Գերպ. Աղաճանեանին ընտրութիւնը, որ առած էր Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. անունը: Յաջորդ օրն իսկ ուրախ լուրը հաղորդեցի Թեսաղոնիկէ, Քաւալա, Վոլոյ, Քոքինիա եւ Սամոս, պատուիրելով մօտակայ Կիրակի օրը հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանել եւ եղանակել «Զքեզ Աստուած» փառաբանական օրհներգը:

Հայ կաթողիկէները քիչ մը սառնութեամբ ընդունեցան այդպիսի երիտասարդ Եպիսկոպոսի մը ընտրութիւնը Պատրիարքական Աթոռին, բայց Պիոս Տասնմէկերորդ Սրբազան Քահանայապետը, որ անձամբ կը ճանչնար ընտրեալը, ըսաւ որ աւելի լաւ ընտրութիւն անհնարին էր ընել:

Նորընտիր Պատրիարքը զիս բարձրացուց Ծայրագոյն Թագակիր Վարդապետի աստիճանին, Սուրբ Պատարագի եւ Ժամերգութիւններու ատեն յիշատակուելու իրաւասութեամբ, որպէս եպիսկոպոսական իշխանութեան տէր Առաջնորդ:

Ճեզիրէի Պատրիարքական Տեղապահ

Տէր Ղեւոնդ Քիլերճեանը մօտ վեց ամիս գացած էր Սուրիա, այցելելու համար մօրը եւ քոյրերուն: Վերադարձին հրաշք մեծագործութիւններ կը պատմէր նոր Պատրիարքի եւ Հալէպի Թեմի մասին, որուն Արքեպիսկոպոս Գրիգոր Գերապայծառը բազմաթիւ թաղամասեր կառուցած էր փախստականներուն համար եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ ալ կը կառուցէր Ճարապլուսի մէջ: Կը պատմէր նաեւ, որ նոր Պատրիարքը կ՚ուզէր Եպիսկոպոս մը ուղարկել Վերին Ճեզիրէ եւ որ լուրեր կը շրջէին՝ թէ շուտով երեք նոր Եպիսկոպոսներ պիտի ձեռնադրուէին, մէկը Երուսաղէմի համար, մէկը՝ Վերին Ճեզիրէի, իսկ երրորդը՝ Գերպ. Նազլեանի փոխարէն:

1938 Նոյեմբեր 21ին նամակ մը ստացայ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանէն, ուր կ՚ըսէր. «Ճանչնալով Ձեր կազմակերպչական կարողութիւնները եւ զոհողութեան նետուելու պատրաստակամութիւնը, ստանալով Սուրբ Ժողովի արտօնութիւնը՝ կը հրաւիրենք Ձեզ հնարաւորինս շուտով գալ Պէյրութ, Աթէնքի Առաջնորդարանի տնօրէնութիւնը յանձնելով Ձեր յաջորդին, որովհետեւ Ձեզի կը վստահինք նոր Թեմի մը կազմակերպումը Ճեզիրէի մէջ: Կը նշանակենք Ձեզ Ճեզիրէի Պատրիարքական Տեղապահ, եպիսկոպոսական իրաւասութիւններով: Համապատասխան վըճռագիրը պիտի յանձնուի Ձեզի հազիւ Պէյրութ հասնիք»: Ուրիշ նամակով մը Հոգեւոր Տէրը կը պատուիրէր ինծի մեկնումէս առաջ ապահովել Յունաստանի քահանաներուս, ուսուցիչներուս եւ գործաւորներուս ամսականները, ոչինչ առնելով ինծի հետ, քանի որ Պէյրութի մէջ պիտի ստանայի ինծի հարկաւոր ամէն բան:

Իմ յաջորդս էր Կամսարական Վարդապետը, իմ ընդհանուր Տեղապահս:

Նոյեմբեր 22ին հաւաքեցի քահանաներս եւ հաղորդեցի Եկեղեցական Մեծաւորներուն կամքը:

Դրամարկղս պարապ էր եւ ստիպուած էի դիմելու Յունաստանի քափուչիններու առաքելութեան Մեծաւոր Հոգեշնորհ Հ. Ռոպերթոյ Կանճիին, որ նաեւ Քանտիայի Թեմի Առաքելական Մատակարարն էր: Մեծագոյն սիրով եւ առանց վայրկեան մը ուշացնելու տուաւ ինծի հարիւր յիսուն հազար տրախմի:

Նոյեմբեր 25ին գացի Օտարերկրացիներու Գրասենեակ, հաղորդելու համար մօտակայ մեկնումիս լուրը: Պրն. Քոքքինոսը, հազիւ տեսաւ զիս, վրաս յարձակեցաւ. «Դո՞ւք, վատահամբաւ ֆրանկոփափազ, դեռ հո՞ս էք: Ե՞րբ պիտի անհետանաք մեր երկրէն: Այս անգամին միայն մէկ շաբթուան համար պիտի նորոգեմ Ձեր կեցութեան թուղթը, որմէ ետք պէտք է հեռանաք Յունաստանէն: Կը հասկնա՞ք՝ թէ ինչ կ՚ըսեմ»: Քիչ մը աւելի մօտեցայ՝ լաւ լսելի ըլլալու համար: «Շատ շնորհակալ եմ», ըսի, «շատ ազնիւ էք ինծի հանդէպ: Պատիւը ունիմ լաւ նորութիւն մը Ձեզի հաղորդելու … այս ամսոյս 27ին, այսինքըն՝ վաղը չէ միւս օրը, կը տեղափոխուիմ նոր առաքելավայր»: Պրն. Քոքքինոսը երեսին գոյնը նետեց եւ, դողդոջուն ձայնով եւ հայեացքը աչքերուս մէջ սեւեռելով, բացականչեց. «Սուտ է»: Վստահեցուցի որ ըսածս ամբողջովին ճշմարիտ էր եւ որ Հռոմի Եկեղեցական Մեծաւորներս զիս կ՚ուղարկէին Սուրիա: Եկած էի իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու այն բարիքին համար, որ ամէն անգամ ստացած էի իրմէ, յատկապէս Հռոմէն վերջին անգամ վերադարձիս: Շնորհակալութիւն կը յայտնէի, որովհետեւ իր հալածանքները հոգեւոր բարիք կը նկատէի ինծի համար: Խեղճ մարդը յուզուեցաւ, աչքերը արցունքոտեցան եւ տեսանելի կերպով տխրեցաւ: Ես, շիտակը ըսած, բան մը չէի հասկնար:

«Սիրելի Փաթիր Կիրիլ», ըսաւ, «կը ցաւիմ, որ կը հեռանաք Յունաստանէն: Դուք պիտի չհաւատաք ինծի, բայց կեանքովս կ՚երդնում, եւ յանուն Ամենասրբուհի Աստուածածնի, որ մենք բոլորս կը յարգենք Ձեզ եւ կը սիրենք Սուրբի մը նման»:

Զիս դէպի իր գրասենեակը առաջնորդեց եւ երբ մինակ մնացինք՝ ձեռքերը ուսերուս դրաւ եւ արցունքներով փայլող աչքերը կրկին աչքերուս սեւեռեց: Ես ինքզինքս երազի մը մէջ կը կարծէի եւ չկրցայ յուզմունքս թաքցնել: «Փաթիր Կիրիլ», ըսաւ Պրն. Քոքքի նոսը, «ներեցէք ինծի: Կ՚աղաչեմ, մի՛ անիծէք զիս: Կ՚աղաչեմ ի սէր Աստուծոյ եւ Ձեր կաթողիկէ սուրբ կրօնքին, մի՛ ատէք զիս: Ես Ձեզ կը սիրեմ, կը յարգեմ, կը մեծարեմ Սուրբի մը նման»:

Կ՚ուզէի վստահեցնել իրեն, որ զինքը երբեք չէի ատած եւ որ միշտ ջանացած էի ներել ինծի հանդէպ ցուցաբերած իր անքաղաքավար վերաբերմունքը, բայց կատարեալ շփոթութեան մէջ էի եւ լեզուս քարացած էր բերանիս մէջ: Վերջ ի վերջոյ կրցայ ազատել ուսերս եւ ըսի. «Պրն. Քոքքինոս, Ձեզ երբեք չեմ ատած, Ձեզ միշտ սիրած եմ՝ ինչպէս Յիսուս կը պատուիրէ, եւ միշտ աղօթած եմ Ձեզի համար»:

«Եթէ այդպէս է», պատասխանեց, «եթէ զիս չէք ատեր եւ զիս չէք անիծեր, տուէք ինծի Ձեր օրհնութիւնը պաշտօնական բանաձեւով»:

Հինգ վայրկեան խնդրեցի հանդիսաւոր օրհնութիւն մը շարադրելու համար: Զայն իտալերէնով գրեցի եւ բարձրաձայն կարդացի. «Ամենասրբուհի Կոյս Աստուածածին Մարիամի, Սուրբ Յովսէփի, Յունաստանի Սուրբ Պաշտպաններ Պետրոս եւ Պօղոս եւ Անդրէաս Առաքեալներու, Սուրբ Գէորգի, Դեմետրիոսի, Աթանասի, Կիւրեղի, Ոսկեբերանի, Բարսեղի եւ բոլոր Սուրբերու բարեխօսութեամբ, Ամենակալն Աստուած՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, թող օրհնէ մեր թանկագին Յունաստանը, զայն դարձնէ հարուստ, մեծ եւ խաղաղ եր կիր: Թող օրհնէ Յունաստանի թանկագին որդիները, պահէ պահպանէ զիրենք, երջանիկ ընէ երկրի վրայ եւ երանելի՝ երկինքի մէջ: Թող օրհնէ նաեւ իմ թանկագին Պրն. Քոքքինոսը, իր բոլոր սիրելիներուն հետ միասին: Ամէն»:

Կրնաք երեւակայել Պրն. Քոքքինոսին ուրախութիւնը: Ինքզինքը երազի մէջ կը կարծէր, բռնեց երկու ձեռքերս եւ չէր դադրեր զանոնք համբուրելէ ու արցունքներով թրջելէ: Ապա սուրճ մը պատուիրեց եւ ինքը անձամբ պատրաստեց փաստաթուղթերս: Հարցուց թէ որքա՞ն դրամ կը տանէի ինծի հետ Սուրիա եւ թէ որո՞ւ կը ձըգէի Տուրղութիի, Քոքինիայի եւ ուրիշ տեղերու իմ սեփականու թիւններս: Պատասխանեցի, որ հետս կը տանէի միայն երեք հարիւր տրախմի, որ կրնար օգտակար ըլլալ ճամբորդութեան ատեն, իսկ ինչ կը վերաբերէր սեփականութիւններուն, ես ոչինչ ունէի որպէս սեփականութիւն, ո՛չ Տուրղութիի մէջ, ո՛չ Քոքինիայի, ո՛չ ալ այլուր: Ես աղքատ կրօնաւոր մըն էի, որ ո՛չ ունէր, ո՛չ ալ կրնար սեփական որեւիցէ բան ունենալ: Եղբայրաբար բաժնուեցանք. ես յուզուած էի՝ տեսնելով Պրն. Քոքքինոսին անսպասելի բարեացակամութիւնը, որ բոլորովին տարբեր էր նախորդ անգամներէն. ինքն ալ խոստացաւ որ մեկնումիս օրը նաւահանգիստ պիտի գար, որպէսզի ոստիկանները նեղութիւն չտային ինծի:

Բացուեցաւ 1938 Նոյեմբեր 27ի արշալոյսը: Կիրակի օր մըն էր, հիանալի եղանակ կ՚ընէր: Բազմամարդ ամբոխ մը եկած էր Սուրբ Պատարագին մասնակցելու եւ ինծի բարի ճանապարհ մաղթելու: Եկած էին Տուրղութիի եւ Քոքինիայի հաւատացեալները, մեր աշակերտները, Աթէնքի բազմաթիւ ընտանիքներ, տրապիզոնցի բազմաթիւ գաղթականներ, օրթոտոքս յոյներ: Մէկ առ մէկ կ՚ուզէին աջս սեղմել եւ բարի ճանապարհ մաղթել:

Ժամը 930ին ճամբայ ելայ դէպի Փիրէոյ, ինքնաշարժներու երկար շարանի մը ուղեկցութեամբ: Ծայր աստիճան յուզուած էի եւ ջիղերս պրկուած վիճակի մէջ էին: Ժամը 10ին հասանք նաւահանգիստ: Պրն. Քոքքինոսը արդէն հոն էր եւ ինքը զբաղեցաւ թուղթերս օրինականացնելու հարցով: Ջերմագին շնորհակալութիւններս յայտնեցի իրեն եւ զիրար ողջունեցինք՝ փոխադարձաբար մաղթելով Աստուծոյ բոլոր բարիքները: 1040ին նաւ բարձրացայ եւ ելայ վերին կամրջակին վրայ, աւելի լաւ տեսնելու համար բոլոր սիրելիներս: Ուղիղ ժամը 11ին «Պէսարաբիա» նաւը խարիսխները վեր բարձրացուց:

Մնաս բարով, սիրելի Յունաստան, որ ընդունեցար զիս փախըստական, իմ բազմաթիւ եղբայրներուս հետ միասին, որոնք քու փառաւոր հողիդ վրայ կրցան պահպանել իրենց հաւատքը եւ վերստին կառուցանել իրենց օճախը:

Մասն Գ.

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ

ԳԼՈՒԽ Ա.

Դէպի Լիբանան – Ժամանումը Պէյրութ – Առաջին տպաւորութիւնները – Դէպի Հալէպ – Տէր Զօր

Դէպի Լիբանան

Տասնվեց երկար տարիներ անցուցի Յունաստան, հոն սպառելով իմ ամբողջ կորովս՝ ի սպաս գաղթական եղբայրներուս ծառայութեան: Տէրը օրհնեց իմ ճակտիս քրտինքը եւ իմ արցունքներս, եւ կրցայ վայելել ինծի յանձնուած փոքրիկ այգիին հասունցած պտուղները: 1938 Նոյեմբեր 27ի առաւօտեան, մինչ Պեսարաբիա նաւը կը հեռանար Փիրէայի նաւահանգիստէն, կը զգայի Յունաստանի հայկական առաքելավայրէս բաժնուելու ամբողջ դառնութիւնը եւ յորդահոս արցունքներս կը հոսէին այտերէս վար: Եթէ սիրտս փոթորկալի էր, ծովը խաղաղ էր եւ իմ յուզուած հայեացքիս դիմաց կը տողանցէին Անտրոս, Սիրա, Նաքսոս եւ Սանթորինո կղզիները: Քսանեօթ ժամ ճամբորդելէ ետք, Նոյեմբեր 28ին հասայ Աղեքսանդրիա: Սիրալիր ընդունելութեան արժանացայ Սրբուհի Կատարինէի միաբանութեան եղբայրներուն կողմէ եւ հոն մխիթարութիւնը ունեցայ հանդիպելու Հ. Ճաքոմոյ Փոլլիին, որ Կոստանդնուպոլսոյ ֆրանչիսկեան առաքելութեան նախկին Մեծաւորն էր: Ոչ շատ ծանր հիւանդութեան մը պատճառով անկողին ինկած էր եւ այդ տհաճ պարագան մեզի յիշեցուց այն նեղութիւնները՝ զորս կրեցինք Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին, եւ այն մեծամեծ օգնու թիւնները՝ զորս կրցանք հասցնել Մալթեփէի իտալացի գերիներուն: Այն օրերուն, քափուչինները ցրուած էին Եգիպտոսի ամբողջ տարածքին, իսկ Աղեքսանդրիոյ մէջ իրենց առաքելութիւնը կը կատարէին լատին ժողովրդապետութիւններու, հիւանդանոցներու եւ կաթողիկէ աշխարհական հաստատութիւններու մէջ: Իրենց կ՚օգնէին Եգիպտոսի Ֆրանչիսկեան Քոյրերը, որոնք կը ղեկավարէին վարժարաններ, դպրոցներ, որբանոցներ, ծերանոցներ, հիւանդանոցներ եւ մարդասիրական ուրիշ հաստատութիւններ, որոնցմէ շատերը դրամա կան օգնութիւններ կը ստանային իտալական արտաքին առաքելութիւններու կազմակերպութենէն:

Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Աղեքսանդրիոյ մէջ բարգաւաճ վիճակ ունէր: Կը հաշուէր շուրջ 7.500 հաւատացեալ իր սեփական մընայուն Առաջնորդով, որուն ձմեռնային նստավայրն էր Աղեքսանդրիա, իսկ ամառնայինը՝ Գահիրէ: Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը ունէին դպրոց մը, աղջիկներու որբանոց մը, մանկապարտէզ մը, դարմանատուն մը եւ անօթեւաններու համար պատսպարան մը: Մանչերու վարժարան մը ունէին Մխիթարեան Հայրերը:

Ժամանումիս յաջորդ օրը ուզեցի այցելութիւն մը տալ Պրն. Յովհաննէս Քատիֆեանի, որ Սամոսի հայկական որբանոցի տնօրէնուհի Քոյր Ճենովէֆֆային եղբայրն էր եւ իմ մեծ բարերարս: Ան տրամադրութեանս տակ դրաւ իր շքեղ ինքնաշարժը եւ կրցայ հաճելի շրջապտոյտ մը կատարել քաղաքին մէջ: Առաջին այցելութիւնս կատարեցի Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսին:

Աղեքսանդրիան հանրայայտ էր որպէս Ափրիկէի ամէնէն եւրոպականացած քաղաքը, բայց ես յուսախաբ մնացի անկէ: Ինքզինքս գտայ պղնձագոյն մարդոց մէջ, կոկորդային առոգանութեամբ խօսող եւ այնքան կեղտոտ հագուստներով, որ հազիւ կը նշմարուէր լաթին նախկին ճերմակ գոյնը: Փողոցները կեղտոտ էին, իսկ շուկաները խճողուած էին մարդոցմով, կենդանիներով եւ լեռնակուտակ ապրանքներով, տասն անգամ աւելի՝ քան իրենց բնական տարողութիւնը: Անկիւնի մը վրայ կը գտնուէր ստրուկներու շուկան, ուր տեսայ սեւամորթ երիտասարդ աղջիկներ եւ վեցէն տասը տարեկան տղաք: Զարմանքս յայտնեցի թէ ինչպէս կարելի էր արտօնել այդ ամօթալի վաճառքը: Պրն. Քատիֆեանը պատասխանեց. «Դուք, թանկագին Հայր Սուրբ, շատ միամիտ էք: Եթէ հոս կենաք երեք կամ չորս օր, շատ աւելի անբարոյական վաճառքներ պիտի տեսնէք»:

Ամէնուն յայտնի է Աղեքսանդրիոյ յունական, հռոմէական եւ քրիստոնէական ճոխութիւնը Եկեղեցւոյ առաջին դարերուն: Ինչ կը վերաբերի հայրախօսական շրջանին, բաւական է յիշել Փանթենոն, Կըղեմէս Աղեքսանդրացին, Որոգինէսը, Դիդիմոս Կոյրը, Կիւրեղ Աղեքսանդրացին եւ Աթանասը: Ամէն բան տապալեցաւ իսլամական նուաճումով 642 թուականին: Քրիստոնեաներու թաղամասերը գեղեցիկ էին, մաքուր, զարդարուն, գեղատեսիլ պարտէզներով եւ հոյակապ պալատներով:

Միշտ Պեսարաբիա շոգենաւով, Նոյեմբեր 30ի առաւօտեան մըտանք Թէլ Աւիւի նաւահանգիստը, ուր կը շողար Յակոբի աստղը: Հրեայ ճամբորդներու խուռներամ բազմութիւն մը ինքզինք կը զգար իր սեփական բնակավայրին մէջ եւ լալագին զիրար կ՚ողջունէին, կրկնելով. «Շալոմ, շալոմ»: Կը մասնակցէի իրենց յուզմունքին եւ սըրտիս խորքը կ՚ըսէի. «Երանի՜ ձեզի, որ վերջապէս հայրենիք մը ունեցաք: Մինչ մենք, խեղճ հայերս, չենք կրնար գուշակել՝ թէ մեր հայրենիքը երբ պիտի կարենայ իր վրայէն թօթափել թշնամի լուծը»:

Կարճ դադարէ մը ետք, շարունակեցինք դէպի Եաֆֆա: Ի՜նչ ուրախութիւն զգացի Կարմեղոս լերան ստորոտը: Պիտի ուզէի այցելել Սուրբ Լերան կարմեղական վանքը, բայց քաղաքական անկայուն կացութիւնը արգելք հանդիսացաւ եւ ստիպուեցայ պատարագել հան դիպակաց սրբավայրին դիմաց:

Ժամանումը Պէյրութ

Դեկտեմբեր 1ին, կէսօրէն ետք, պաղեստինեան տարածքը եզերելով հասանք Պէյրութի ծովախորշը: Ռումանացի նաւաստիները պահ մը անգամ քովէս չէին հեռանար, կրկնելով որ շատ կը ցաւին ինծմէ բաժնուելու համար, որ այնքա՜ն տարբեր էի իրենց օրթոտոքս քահանաներէն: Չէին դադրեր իրենց ազնուութիւնը շռայլելու անձիս նկատմամբ եւ ամէն տեսակ ծառայութիւններ մատուցանելու: Հարկաւոր չէր շատ խելացի ըլլալ՝ գուշակելու համար որ ձեռաձիրի մը կը սպասէին: Դժբախտաբար, քովս դահեկան մը անգամ չէր մնացած: Ի՜նչ խոնարհեցում …: Արդարեւ, բառացիօրէն կատարած էի Պատրիարքին հրամանը եւ ոչինչ առած էի հետս, անհրաժեշտ իրերով միայն բաւականանալով. ժամագիրքս, բարոյական աստուածաբանութեան քանի մը հատոր, հայկական երաժշտական գիրքեր եւ յիշատակներ որ նուէր ստացած էի աշակերտներուս կողմէ: Երեկոյեան ժամը 1730ին նաւ բարձրացան պաշտօնական քըննիչները, սովորական հարցաքննութիւններու համար: Իրենց կոկոր դային առոգանութիւնը միտքս զբաղցուց, մելամաղձոտութիւն մը տիրեց ամբողջ էութեանս վրայ, երբ կը մտածէի թէ ինչպէս պէտք է քաղաք իջնէի, մինչ գրպաններուս մէջ դահեկան մը անգամ չունէի: Քիչ մը հեռուէն լողացող նաւակի մը մէջ տասնեակի չափ եկեղեցականներ նշմարեցի, բայց անոնց կոկորդային առոգանութիւնը ամէն յոյս կտրեց: «Սիրելի Հայր Յովսէփ», աղօթեցի սրտիս խորքէն, «քու օգնութեանդ կարիքն ունիմ»: Ապա բարձրացայ դահլիճ, ուր կը գտնուէին պաշտօնական քննիչները, որոնց գլխաւորը, նկատելով շփոթ կացութիւնս, ֆրանսերէնով ըսաւ որ ինքը Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան երրորդ կարգի եղբայրներէն է եւ որ պիտի ընկերանար ինծի մինչեւ Սէն Լուի եկեղեցին, հազիւ կարենար ձերբազատուիլ իր քննիչի պարտականութենէն:

Մինչ շնորհակալութիւն կը յայտնէի այդ ազնիւ պարոնին, եկեղեցական մը զիս ողջունեց հայերէն լեզուով եւ զիս ներկայացուց Պաթանեան Գերապայծառին, որ Մարտինի տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոսն էր: Վերջինս ինծի հաղորդեց Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Պատրիարքին ողջոյնները: Այնքան շփոթեցայ որ չէի կրնար բառ մը անգամ արտասանել, բայց հոգւոյս խորքէն շնորհակալութիւնս կը յայտնէի Սուրբ Հայր Յովսէփին:

Շնորհիւ Պաթանեան Գերապայծառին միջնորդութեան, շուտափոյթ կատարեցինք մաքսատան բոլոր գործողութիւնները: Սակայն ի՜նչ նեղութիւն է արաբ բեռնակիրներուն հետ գործ ունենալը: Վեր ու վար կը վազէին դիւահարներու նման, կտոր կտոր ընելով բոլոր պայուսակներս, այն աստիճան որ ամբողջովին պատռեցին ամենամեծ ճամպրուկս: Պաթանեան Գերապայծառը այս ու այն կողմ կը վազէր եւ արաբերէնով սպառնալիքներ կը տեղացնէր, որոնց բեռնակիրները կը պատասխանէին իրենց սովորական աւանդական բացականչութեամբ. «Մալէ շի Ալլահ», այսինքն՝ «Բան մը չէ: Աստուած թոյլ տուաւ որ այսպէս ըլլայ»: Յունաստանի աշակերտներէս ստացած յուշանուէրներս ամբողջովին ջարդ ու փշուր եղան, զգեստներս եւ գիրքերս ծովը թափեցան: Խեղկատակութիւնը վերջ գտաւ, երբ բեռնակիրներուն նուիրեցի պատառոտուած ճամպրուկներս, որոնց փոխարէն ստացայ իրենց շնորհակալութեան սովորական բանաձեւը. «Ձեռքդ համբուրեմ, Վարդապետ»: Քննիչ պաշտօնեան հազիւ ձերբազատուեցաւ, ողջունեցի հրամանատարը եւ երկրորդական պաշտօնեաները, պատրաստ՝ իջնելու ցամաք: Իմ լիակատար աղքատութիւնս զիս ամչցուց սպասաւորներուն ներկայութեան, որոնք թէպէտ չէին կրնար բերանացի արտայայտուիլ, բայց սովորական ձեռաձիրին կը սպասէին: Գրպանէս դուրս քաշեցի դրամապանակս եւ սկսայ օդին մէջ թափահարել, ցոյց տալու համար որ քովս դահեկան մը անգամ չունէի: Ազատ շունչ քաշեցի, երբ ոտքս մակոյկին վրայ դրի:

Առաջին տպաւորութիւնները

Հասանք Աշրաֆիէի պատրիարքական նստավայր: Մուտքին մեզի կը սպասէր Գերպ. Պետրոս Քետիճեան, Պէյրութի Պատրիարքական Փոխանորդը: Հոգեւոր Տէրը զիս ընդունեցաւ մեծ ուրախու թեամբ: Ուղեղիս մէջէն չէի կրնար հեռացնել այն միտքը որ ես գըր պանս դահեկան մ՚իսկ չունիմ: Եւ յաջորդ օրը կը սպասէի որ մէկը ինծմէ տեղեկութիւններ հարցնէր Յունաստանի մասին եւ կամ հետաքրքրուէր թէ արդեօք պատահական արգելք մը ունեցա՞յ: Կարծես դաւադրութիւն մը ըլլար: Ամէն ոք կը բաւականանար անտարբեր «բարի լոյս»ով մը: Ի՞նչ ընել: Տէր Յովհաննէս Պոյաճեանէն տեղեկացայ թէ որքան ժամանակ հարկաւոր էր քալելով հասնելու համար մինչեւ քափուչիններու վանքը: Պատասխանեց որ հանրակառքով կրնայի քառորդ ժամէն հասնիլ, երկու դահեկան միայն վճարելով: Քալելով, մինչդեռ, մէկ ժամէն աւելի կրնար տեւել: Տուած տեղեկութիւններուն համար շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ, ընտրութեան հնարաւորութիւն չունենալով, քալելով ճամբայ ելայ: Երեք քառորդ ժամէն հասայ Սէն Լուի: Դռնապանին խնդրեցի ժամանումիս մասին յայտնել հալէպցի Հայր Գաբրիէլին: Զինք գտայ իր խուցին մէջ, զբաղած իր իտալերէն֊արաբերէն բառարանին կազմութեամբ, որ կրնար մեծապէս օգտակար ըլլալ, բայց որ երբեք լոյս չընծայուեցաւ: Հայր Գաբրիէլը զիս ներկայացուց Հայր Էտմոնտին, որ առաքելութեան Մեծաւորն էր, եւ Հայր Հերոնիմոսին, որ Լիբանանի նախկին Առաքելական Տնօրէնն էր: Աւելի ուշ, սեղանատան մէջ, ծանօթացայ միաբանակից ուրիշ եղբայրներու եւս, որոնց շարքին նաեւ ազգակիցիս՝ մարտինցի Հայր Լուիճիին: Երկնային ուրախութեամբ անցուցի այդ կէսօրը իմ եղբայրակիցներուս հետ եւ կէսօրէն ետք, հանրային երկա թուղիի գիծերուն հետեւելով, քալելով վերադարձայ Աշրաֆիէ: Պատրիարքարանին մէջ ինքզինքս իբրեւ աքսորական կը զգայի, օտար երկրի մը մէջ եւ ուժգին կարօտ ունէի վանքս վերադառնալու: Աւելցնեմ նաեւ որ կը սկսէի տարակոյսներ ունենալ, որ Պատրիարքը զղջացած էր զիս Պէյրութ կանչելուն համար: Հասաւ երրորդ օրը, երբ վերջապէս քաջալերուեցայ եւ իրեն յայտնեցի բացարձակ չքաւորութիւնս: Զարմացաւ եւ բաւականացաւ ըսելով. «Լաւ, լաւ, կը մտածենք»:

Կիրակի, Դեկտեմբեր 4ին, դարձեալ գացի Սէն Լուի: Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր զանազան ծէսերու պատկանող հաւատացեալներով: Այցելութիւն մը եւս տուի Հայր Գաբրիէլին եւ յարմար առիթով մը իրեն խօսեցայ Պատրիարքին ինծի տուած նոր պաշտօնին մասին: «Սիրելի Հայր Կիւրեղ», ըսաւ, «աչքերդ տասը բաց եւ մի՛ խաբուիր: Որովհետեւ գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ Ճեզիրէ երթալ: Անապատ, անջուր, ո՛չ բուսականութիւն եւ ո՛չ իսկ տուն: Գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ անապատ: Յամենայն դէպս, եթէ կ՚ուզես՝ գնա՛, բայց նախ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ընդունէ: Կը հասկնա՞ս՝ ինչ կ՚ըսեմ քեզի»: «Այո, լաւ կը հասկնամ», պատասխանեցի: «Մինչ այդ, սակայն, բարի եղիր ինծի քանի մը դրոշմաթուղթ տալ, որպէսզի կարենամ մեր Ընդհանրական Մեծաւորին եւ Սուրբ Ժողովին գրել: Եւ եթէ քեզի նեղութիւն չէ, քանի մը դահեկան տուր հանրակառքին համար»:

Հայր Գաբրիէլը ինծի առատ դրոշմաթուղթ նուիրեց, բայց ինչ կը վերաբերի դրամին՝ կամ չհասկցաւ կամ չհասկնալ ձեւացուց: Կրցայ, հետեւաբար, գրել Մեծաւորներուս եւ ամենամտերիմ եղբայրակիցներուս, առաջին հերթին Հայր Ռոպերթոյին, որ քափուչիններու Յունաստանի առաքելութեան կանոնական Մեծաւորն էր: Մըշտական վստահութեամբ սիրտս բացի անոր եւ յայտնեցի մտադրութիւնս՝ յարելու Լիբանանի առաքելութեան, աշխատանք եւ ապրուստի միջոցներ ունենալու համար: Նամակները փոստարկղ նետելով, ջիղերս հանդարտեցան եւ ինծի թուեցաւ որ հորիզոնս այնքան ալ մթագնած չէր:

Կը պատրաստուէի Անարատ Յղութեան տօնին եւ այդ օրհնեալ օրուան համար որպէս շնորհք կը խնդրէի անվերապահօրէն ընդունիլ ամէն բան որ հնազանդութիւնը պատրաստած էր ինծի համար:

Դեկտեմբեր 8ին, կէսօրէն ետք, Հոգեւոր Տէրը զիս ընդունեցաւ Քետիճեան եւ Պաթանեան Գերապայծառներուն ներկայութեան, ինծի հաղորդելու համար որոշումը՝ որով զիս կը կանչէր Լեռնային Ճեզիրէի վիճակաւորի եւ փոխանորդի պաշտօնին: Ինծի նուիրեց ոսկեայ լանջախաչ մը, մատանի մը, զոր ժամանակին կրած էր Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանին Տնօրէն Գերպ. Ռուպեանը, ձեռախաչ մը եւ եպիսկոպոսական գաւազան մը: Յետոյ, զոյգ եպիսկոպոսներուն ներկայութեան, խնդրեց որ քափուչին կրօնաւորներու կապան փոխարինեմ հայ թեմական կղերին կրած սովորական կապայով: Ասիկա հրաման մը չէր, այլ պարզ խորհուրդ մը, փարատելու համար ամէն տեսակ տարակոյս եւ խուսափելու համար այն կարծիքէն՝ թէ պիտի ուզէի հայերը լատինացնել: Առանց որեւէ առարկութեան ընդառաջեցի այս խորհուրդին եւ Հոգեւոր Տէրը ինծի յանձնեց եպիսկոպոսական կապան:

Յաջորդեց Յունաստանի մէջ ծաւալած գործունէութեանս գովքը եւ մաղթանքը որ նոյնը կարենայի ընել նաեւ Ճեզիրէի մէջ: Մանաւանդ որ կրնայի ակնկալել ֆրանսական կառավարութեան օգնութիւնը ըլլա՛յ նոր դպրոցներու հիմնարկութեան, ըլլա՛յ եկեղեցիներու շինարարութեան եւ կղերականներու ապրուստին համար: Հոգեւոր Տիրոջ համաձայն, բոլորին ալ յայտնի էր որ իմ նոր թեմիս հաւատացեալները, Մարտինի նահատակներու զաւակները ըլլալով, մեծ մասամբ բարեկեցիկ դասակարգի կը պատկանէին եւ վեհանձն էին: Գերպ. Պաթանեանը նուազ լաւատես չէր. «Հազիւ հասնիք Ճեզիրէ, բոլոր ընտանիքները պիտի ուզեն Ձեզ իրենց սեղանակից ունենալ եւ եկեղեցի պիտի ուղարկեն ցորենով, ոսպով, լուբիայով լեցուն պարկեր, սեխ, վարունգ, սոխ, սխտոր, ձմերուկ, կարագ, մեղր եւ այլն: Այնքան առատ ուտեստեղէն պիտի ուղարկեն, որ պիտի չկարենաք սպառել, ներառեալ վարդապետներն ու կարիքաւորները: Անոնց վաճառումով, ինչպէս սովոր են ընել ասորի եւ քաղդէացի քահանաները, պիտի կարենաք պահեստի պաշար ապահովել նոյնիսկ թեմի ապագայ պաշտօնեաներուն համար: Նիւթապէս այնքան պիտի ճոխանաք, որ պիտի չգիտնաք ինչպէս ծախսել կուտակուած գումարները: 1918ի զինադադարէն ասդին, ասորի կաթողիկէները, որ քահանաներու թիւով եւ դրամական տեսակէտով՝ հայերէն աւելի գէշ վիճակի մէջ էին, բայց աւելի ձեռներէց էին՝ քան մերինները, կրցան իրենց եկեղեցիներն ու դպրոցները կառուցանել շնորհիւ մեր հաւատացեալներէն ստացած նպաստներուն: Այսպէս, մենք հայերս Հասսաքէի մէջ կառուցած ենք Ուրիմայի տիտղոսաւոր եպիսկոպոս Գերպ. Հաննա Հէպպէի բնակարանը, որ նաեւ Ճեզիրէի ասորիներու Պատրիարքա կան Փոխանորդն է: Ասորի քահանաները, որ երիտասարդ են եւ գոր ծունեայ, կ՚այցելեն ընդարձակ անապատին բոլոր բնակավայրերը եւ առանց խղճահարութեան՝ իրենց մատեաններուն մէջ կ՚արձանագրեն հայերը, յոյներն ու լատինները: Պաթանեան Գերապայծառը ծնած էր Մարտին եւ, հետեւաբար, կրնայի ենթադրել որ քաջատեղեակ էր իր համաքաղաքացիներու մասին: Այդ խօսքերը իսկապէս կրնային սիրտս կակուղցնել, ինչպէս Լա Ֆոնթէնի առակներուն մէջ պատմուող կմախք դարձած աղուէսինը, որուն գլխուն կը կարդան գիրցած շունին ճառը: Պաթանեան Գերապայծառին խոստումնալից խօսքերը, սակայն, ուղեղիս մէջէն չէին հեռացներ իմ դրամական մտահոգութիւններս, ո՛չ ալ փորձութիւնը՝ աչքի պոչով փնտռելու սեղանի վրայ եթէ ոչ դրամապանակ մը, գէթ փոքրիկ պահարան մը: Ապարդիւն: Այդ հոյակապ ճառախօսութեան յաջորդած լռութիւնը հասկցուց ինծի որ իմ դրամական բոլոր խնդիրներս Պատրիարքարանին համար արդէն լուծուած վերջացած էին:

Կիրակի օրը, Դեկտեմբեր 11ին, պատարագեցի Նոր Մարաշի Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Երգեցողութիւնը կատարեցին Մեսրոպեան վարժարանին աշակերտները, Հայր Պօղոս Պատիղեանի ղեկավարութեամբ: Ան, մեզի տուած համեստ նախաճաշէն ետք, ականջիս փսփսաց թէ արդեօք պիտի ուզէի՞ Սուրբ Պատարագի աղքատիկ նըպաստը յատկացնել դպրոցի չքաւոր սաներուն: Հարցուցի թէ որքան հաւաքուեցաւ: Պատասխանեց որ ինծի համար ծիծաղելի գումար մըն էր, այսինքն՝ լիբանանեան հինգ դահեկան: Պատասխանեցի որ ե թէ Յունաստան ըլլայինք, առանց երկմտութեան կ՚ընդունէի առաջարկը: Բայց հոս Լիբանան կը գտնուինք եւ Յոբ Նահապետէն աւելի աղքատ վիճակի մէջ եմ: Յամենայն դէպս, կը կիսուինք:

Մեսրոպեան վարժարանը հիմնուած էր Գերպ. Պետրոս Քետիճեանի կողմէ եւ հոն կը յաճախէին մօտաւորապէս վեց հարիւր կաթողիկէ եւ առաքելական տղաք: Քիչ մը անդին կը գտնուէր Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու վարժարանը, ուր կը յաճախէին նոյնպէս կաթողիկէ եւ առաքելական աղջիկներ:

Այդ նոյն օրը մասնակցեցայ Պրն. Միքայէլ Տոմի եւ Օր. Մարգարիտ Թուրանիի պսակադրութեան արարողութեան, զոր կատարեց ինքը Հոգեւոր Տէրը, Աշրաֆիէի իր մատրան մէջ: Փեսան Քամըշլիի քաղաքապետն էր, իսկ հարսը՝ Դամասկոսի մեծահարուստ ոսկերիչի մը աղջիկը: Սրբազան արարողութենէն ետք անցանք սրահ մը: Փեսան, կարծես թէ վաղեմի ծանօթներ ըլլայինք, սկսաւ մտերմօրէն հետս խօսիլ եւ հրաւիրեց իր կողքը նստելու: Կէս ժամէ աւելի հետս խօսեցաւ, քիչ թէ շատ հետեւեալ խօսքերով. «Ասիկա իմ կեանքիս ամենաերջանիկ օրն է, ո՛չ որովհետեւ Պատրիարքը օրհնեց պսակս, այլ որովհետեւ վերջապէս ընդունելի եղան քսան տարի շարունակ Սրբազան Քահանայապետին եւ Պատրիարքին ուղղած մեր աղաչանքներն ու պաղատանքները, եւ Ճեզիրէի մէջ պիտի ունենանք մեր հայ ծէսին պատկանող քահանայ մը: Ըլլալով Լեռնային Ճեզիրէի եւ Եփրատի Նահանգի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին ղեկավարը, պատիւը եւ մխիթարութիւնը ունիմ փոխանցելու Ձեզի մեր հայրենակիցներուն յարգանքն ու երախտագիտութիւնը: Կը սպասենք Ձեզի որպէս նոր Մեսիա մը, որ պիտի ազատէ մեզ ասորի կաթողիկէներու լուծէն, որոնք այս վերջին քսան տարիներու ընթացքին կողոպտեցին մեզ: Շուտով սկիզբ տուէք Ձեր առաքելութեան եւ մենք պիտի օգնենք Ձեզի այն բոլոր գործերուն մէջ որ պիտի ընէք մեր բարիքին համար: Ո՛չ եկեղեցիներ ունինք, ո՛չ դպրոցներ, ո՛չ ալ հաստատուն քահանաներ, բայց վստահ ենք որ յաջորդ Մայիս ամսուն Տէրը առատ բերքահաւաք պիտի պարգեւէ մեզի եւ մեր համայնքը, որ այսօր գրեթէ մեռած է, յարութիւն պիտի առնէ նոր կեանքի եւ պիտի դառնայ ամենաբարգաւաճ կաթողիկէ համայնքը»:

«Հրեշտակ Տեառն»ի զանգերը ընդհատեցին այդ շատ հետաքրքրական խօսակցութիւնը եւ Պաթանեան Գերապայծառը տեղեկացուց որ քաղաքապետարանին ինքնաշարժը նորապսակներուն կը սպասէր: Շնորհակալութիւն յայտնեցի Պրն. Միքայէլ Տոմին եւ խնդրեցի իմ կողմէս ըսել մեր հաւատացեալներուն որ եթէ թիկունք կանգնին իրենց նոր հովիւին, մէկ տարիէն իրենց եկեղեցին ու դպրոցները պիտի ունենան եւ պիտի վերադառնան Մարտինի մեր եպիսկոպոս եւ մարտիրոս Գերպ. Իգնատիոս Մալոյեանին բեղուն եւ բարգաւաճ օրերը: Պրն. Տոմը շնորհակալութիւն յայտնեց ինծի եւ չեմ գիտեր ին չու՝ սկսաւ բարձրաձայն ծիծաղիլ: Ապա արաբերէնով եւ հազիւ լսելի ձայնով բաներ մը ըսաւ Պաթանեան Գերապայծառին: Ակընյայտ էր որ իմ խօսքերս աւելի լուրջ չէին երեւցած, քան անցեալին իրենց տրուած գեղեցիկ խոստումները:

Ընթրիքէն ետք, պատրիարքարանին տնտեսը Միքայէլ Տոմի կողմէ ինծի յանձնեց լիբանանեան հինգ հարիւր դահեկան, որպէս իր ամուսնութեան մասնակցութեան նուէր: Ինքզինքս կրնայի այլեւս հարուստ նկատել եւ հանրակառքով երթալ քափուչիններուն վանքը:

Գերպ. Քետիճեանի առաջնորդութեամբ այցելեցի Զմմառու վանքը, որ օրրանն է համանուն Միաբանութեան: Չէի կրնար յարգանքի տուրքս չմատուցանել Գերպ. Ռէմի Լը Փրէթրին: Այդ արժանաւոր եկեղեցականը եղած էր Կրտսեր Եղբայրներու Միաբանութեան Փարիզի նահանգային Մեծաւորը, քաջահմուտ էր ֆրանչիսկեան հոգեկանութեան եւ Դունս Սքոթի իմաստասիրու թեան: Խօսակցութեան բռնեց զիս ժամ ու կէսէ աւելի եւ ապա տրամադրութեանս տակ դրաւ իր անձնական ինքնաշարժը եւ Եղբ. Ռափայէլը, Լիբանանի ամենագիտուն ուղեցոյցն ու բացատրութիւններ տուողը: Յաջորդ օրը զիս ճաշի հրաւիրեց Գերպ. Քետիճեանի հետ միասին:

Դէպի Հալէպ

Պէյրութ ժամանումէս 15 օր անցած էր արդէն: Հոգեւոր Տէրը այլեւս հասած համարեց ժամանակը որ երթայի իմ նոր առաքելավայրս: Դեկտեմբեր 15ի առաւօտեան զիս ընդունեցաւ Գերպ. Պաթանեանի ու Գերպ. Քետիճեանի ներկայութեան եւ մօտաւորապէս այս խօսքերը ըսաւ ինծի. «Ձեր նոր թեմի հաւատացեալները անհամբեր Ձեզի կը սպասեն եւ բոլորը, Պատրիարքը եւ Եպիսկոպոսները ներառեալ, վստահ են որ Ճեզիրէի մէջ պիտի կարենաք նոյնքան բարիք ընել՝ որքան ըրած էք Յունաստանի մէջ: Այս գործը երաշխաւորողները Ձեր իսկ հաւատացեալներն են, որոնք Մարտինի մարտիրոսներու որդիներն են եւ բոլորին յայտնի են իրենց հաւատքով, իրենց բարեպաշտութեամբ եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած վեհանձնութեամբ»:

Հոգեւոր Տէրը հնազանդութեանս եւ աղքատութեանս վերաբերեալ գովասանքով արտայայտուեցաւ, որոնք Սբ. Ֆրանչիսկոսի հետեւորդներու իսկական յատկութիւններն են: Իմ անմիջական կարիքներուս ընդառաջելու համար, իր խորհրդականներուն համաձայնու թեամբ՝ ինծի տուաւ լիբանանեան հազար ոսկիի պարտք մը, որ պէտք է վերադարձնէի, երբ կարենայի: Ինծի որպէս գործակիցներ տուաւ Տէր Անդրէաս Գրիգոր Ահմարանեանը, Տէր Յովսէփ Լեւոնեանը եւ Տէր Գաբրիէլ Շատարեւեանը: Առաջինը արդէն քառասուն տարիէ ի վեր առաքելական կեանք կը վարէր եւ լաւագոյն կերպով ծանօթ էր արաբերէն լեզուին եւ Ճեզիրէի կաթողիկէներուն: Երկրորդը քահանայ էր 1931էն ի վեր եւ նախապէս առաքելական գործունէութիւն վարած էր Պարսկաստանի եւ Ճեզիրէի մէջ: Երրորդն ալ քահա նայ եւ առաքեալ էր 1934 թուականէն:

Հոգեւոր Տէրը յարմար դատեց Տէր Ահմարանեանին տալ 320 լիբ. ոսկի, որովհետեւ 18 ամիսէ ի վեր անգործ եւ առանց որեւէ նըպաստի մնացած էր: Նոյնպէս պատշաճ համարեց 108 լիբ. ոսկի տալ Տէր Լեւոնեանին, Ճեզիրէի մէջ կատարած ծառայութեան փոխարէն, որուն համար ոչ մէկ նպաստ չէր ստացած: Նոյնպէս պէտք է վարուէինք Տէր Շատարեւեանին նկատմամբ, որ մէկ տարիէ ի վեր կը բնակէր Տէր Զօր, որ մինչ այդ կը պատկանէր Հալէպի թեմին: Երբ կարծիքս հարցուց, ոչ մէկ առարկութիւն ըրի, քանի որ կը կարծէի թէ հարցը կը հայէր միայն Հոգեւոր Տիրոջ առատաձեռնութեան: Աչքերս բացուեցան, երբ Պատրիարքը հաշուեկշիռը ըրաւ: Փոխ տուած էր ինծի 1000 լիբ. ոսկի, որմէ կը հանէր 636 լիբ. ոսկի վերոյիշեալ քահանաներուն՝ իմ ապագայ գործակիցներուս տալիք նըպաստներուն եւ իմ եպիսկոպոսական զգեստներուս համար: Հետեւաբար, կը մնար 364 լիբ. ոսկի: Հերթական փափկանկատութիւն մը ինծի հանդէպ: Քանի որ հմուտ չէի արաբերէն լեզուին եւ լիբանանեան դրամի արժէքին, փոխատուութեան մնացորդը Պատրիարքը յանձնեց Տէր Գրիգոր Ահմարանեանին: Ան պիտի ընկերանար ինծի մինչեւ Հասսաքէ, ուր բնակութիւն պիտի հաստատէր տան մը մէջ՝ որուն վարձը ես պիտի վճարէի: Ես, մինչդեռ, պիտի հաստատուէի Քամըշլի: Հարցուցի թէ ուր պիտի բնակէի, բայց Հոգեւոր Տէրը զիս ապահովցուց որ իմ մտահոգութիւններս անհիմն էին, քանի որ տեղւոյն ժողովուրդը, որ մեծապէս առատաձեռն է ու պատրաստակամ, ամէն բան պիտի հոգար: Ասիկա իսկապէս չափազանց էր եւ ինծի հանդէպ ծաղրանքը՝ ամբողջովին բացայայտ: Պաղ քրտինքով մը ծածկուեցայ, բայց լռեցի, որովհետեւ բանականութիւնս մթագնեց եւ լեզուս անշարժացած կը թուէր: Պէյրութէն մեկնեցայ Տէր Գրիգորին հետ եւ Հալէպ հասայ ժամը 1930ին: Զիս սիրով ընդունեցան եւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ պատուեցին Վենետիկի Մխիթարեան Հայրերը: Ընթրիքէն ետք, Տէր Գրիգորը գնաց գիշերելու իր բարեկամներուն քով, իսկ ես, Հայր Վրթանէս Խամպեկեանի ընկերակցութեամբ, գացի առաջնորդարան: Աւելի գէշ բան մը չէր կրնար պատահիլ ինծի: Շէնքը նորակառոյց ըլլալով, պատերը տակաւին խոնաւ էին: Անկողինը ծածկուած էր հալէպական նուրբ մանեակներով զարդարուած շքեղ սաւաններով եւ քրտական սեւ բուրդով հիւսուած թանկարժէք ծածկոցով մը: Սենեակին մէկ անկիւնը գերմանական հրաշալի վառարան մը կար, որ կը գրաւէր մահճակալին ամբողջ աջակողմը, բայց լուցկի չկար: Միայ նակ մնացած էի եւ ելքի ճամբայ մը չկար: Ի՜նչ ճոխութիւն, բայց նաեւ ի՜նչ ցուրտ: Ամբողջ գիշերը չկրցայ աչքերս փակել:

Առտու կանուխ ելայ եւ ուզեցի եկեղեցի երթալ, բայց զայն գոց գտայ եւ ստիպուեցայ առաջնորդարան վերադառնալ: Աւելի ուշ բախտաւոր եղայ եւ եկեղեցւոյ դուռը բաց գտնելով կրցայ ներս մտնել եւ պատարագել: Ժամը 8էն ետք եկաւ Արքեպիսկոպոսը, որ Սուրբ Պատարագը մատուցանելէ ետք զիս նախաճաշի հրաւիրեց, որմէ յետոյ այցելեցինք քաղաքը եւ անոր զանազան տեսարժան վայրերը:

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ մայր եկեղեցին արտաքինով համեստ շինութիւն մըն էր, բայց հաւատացեալներու կողմէ շատ յաճախուած էր նաեւ ոչ տօնական օրերուն: Հայ գաղութին պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ ԺԱ. դարը եւ մեզի հասած է Եպիսկոպոսներուն ամբողջական անուանացանկը: 1710 թուականէն սկսեալ, կաթողիկէ հայերը ուեցած են իրենց առանձին Եպիսկոպոսը, որ 1899էն ի վեր բարձրացած է Արքեպիսկոպոսական աստիճանի:

Այս յուշերուս ատեն, Հալէպի Հայ Կաթողիկէ թեմը կը հաշուէր շուրջ 18.000 հաւատացեալ, որոնցմէ շատերը Թուրքիայէն գաղթած էին Մեծ Եղեռնի տարիներուն, քսանի չափ թեմական քահանաներ եւ ութը Մխիթարեան Վարդապետներ: Այս վերջինները մեծապէս գնահատելի գործունէութիւն ծաւալած էին, որովհետեւ կը զբաղէին հայ երիտասարդներու կրթութեամբ, իրենց վարժարանէն ներս, Ապաշխարութեան խորհուրդը կը մատակարարէին եւ կը քարոզէին հայերէն լեզուով: Մեծապէս գնահատելի էր նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն գործունէութիւնը, որ ծաւալած էին Թէլալ փողոցին վրայ գտնուող իրենց մեծ վարժարանէն, Սրբուհի Վառվառէ դպրոցէն եւ Սբ. Թերեզա Յիսուս Մանկան որբանոցէն ներս: Կար նաեւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ ժողովրդապետական դպրոցը, ուր կը յաճախէին յիսունի չափ չքաւոր մանչեր, որոնք կ՚ապահովէին ծիսական արարողութիւններուն պատշաճ կատարումը:

Առաքելական համայնքը բնականաբար աւելի բազմաթիւ էր, հաշուելով շուրջ 70.000 հոգի: Սրբազան Առաջնորդն էր Տ. Զարեհ Փայասլեան, որ յաճախած էր Լուվէնի Կաթողիկէ Համալսարանին պատմութեան մասնաճիւղը: Կային յիսուներեք ամուսնացեալ քահանաներ, երեսունհինգ ծխական եկեղեցիներ, իւրաքանչիւրին կից դպրոց մը՝ ուր կը դասաւանդուէր հայոց լեզուն:

Լատինածէս կաթողիկէներու հովուական խնամքը յանձնուած էր Երուսաղէմի ֆրանչիսկեան Կրտսեր Եղբայրներուն: Ժողովրդապետական եկեղեցին, կառուցուած 1934-37 տարիներուն, Հալէպի ամենաարդիական ու ամենագեղեցիկ եկեղեցին էր եւ օժտուած էր հովուական տարբեր գործունէութիւններու սահմանուած բազմաթիւ օժանդակ կառոյցներով: Վանահայրը եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետն էր Հ. Յակոբոս Մելիոթան, որ մտերմօրէն հետս խօսելու սկսաւ. «Սիրելի Հայր Կիւրեղ, կը սխալիս՝ եթէ կ՚ուզես մեզ շփոթեցնել: Չափազանց հանրածանօթ ես: Մեր սիրելի եղբայրակիցն ես, իսկ ասիկա քու տունդ է՝ քեզի համար յարդարուած ու ջեռուցուած սենեակով: Այսօր մեզի հետ պիտի ճաշես եւ աղուոր պնակ մը փուլիական հայսերիզ պիտի ուտես: Քեզ Երուսաղէմի միաբանակիցներուս պիտի ներկայացնեմ»: Գերապայծառ Հինտիէ ապշած մնաց, տեսնելով թէ վանահայրը որքան մտերմօրէն կը խօսի հետս եւ շտապեց ըսելու որ իր հիւրը ըլլալով՝ իրեն հետ պիտի ճաշէի եւ իր տունը պիտի բնակէի:

Հալէպի պարծանքն էին Կրտսեր Եղբայրներու վարժարանը իր չորս հարիւր աշակերտներով եւ Սուրբ Յովսէփի միաբանութեան քոյրերու վարժարանը: Կար նաեւ ֆրանչիսկեան մայրապետներու վարժարանը: Այս վերջինները կը ղեկավարէին նաեւ իրենց վանքին մօտ գտնուող քաղաքապետական հիւանդանոցը:

Կէսօրուան մօտ, Գերպ. Հինտիէի հետ վերադարձանք քահանայատուն: Երբ առանձին մնացինք, Գերապայծառը առիթէն օգտուելով խօսք բացաւ Ճեզիրէի մասին: Առանց այլ եւ այլ նախաբաններու, խօսակցութիւնը սկսաւ ուղղակիօրէն հարցնելով՝ թէ արդեօք հետս շատ դրամ բերա՞ծ էի: Անակնկալ հարցումը բաւական զարմանք պատճառեց ինծի եւ իսկոյն պատասխանեցի որ ամբողջովին չքաւոր վիճակի մէջ եմ, այն աստիճան որ Պատրիարքը ընդառաջած է ինծի փոքրիկ փոխատուութեամբ մը, վստահելով հաւատացեալներուս վեհանձնութեան, որոնց օգնութեամբ կը յուսամ վերադարձնել պարտքս:

«Սիրելի Վարդապետ», պատասխանեց Արքեպիսկոպոսը, «չորս տարի առաջ նոյն երգը ինծի ալ երգեցին: Ուշադրութիւն դարձուցէք որ Պատրիարքին խօսքերը պարզ մաղթանք մը եղած են միայն: Եթէ իմ ըսածս շիտակ չէ եւ եթէ մարտինցիները իսկապէս այդքան հարուստ ու առատաձեռն են, ուրեմն ինչո՞ւ ծնունդով մարտինցի քահանաներն անգամ չեն ուզեր Ճեզիրէ երթալ: Հարցուցէք Տէր Գրիգոր Ահմարանեանին, որ ինքն ալ մարտինցի մըն է: Մինչեւ օրս ես հոգացած եմ Վերին Ճեզիրէի եւ Եփրատի նահանգը առանց նուազագոյն փոխհատուցում ունենալու, այլ ընդհակառակն՝ իմ գըրպանէս ծախսած եմ հսկայական գումարներ, որպէսզի ժողովուրդը տօնական օրերուն առանց ծիսական արարողութիւններու չմնայ: Քամըշլիի եկեղեցւոյ կառուցումը սկսայ եւ 17.000 ֆրանք ծախսեցի: Ո՞վ այս ծախսերս պիտի գոցէ: Պատրիարքը այս առումով բան մը չըսա՞ւ Ձեզի: Ես ոչ մէկ պարտականութիւն ունէի ուսերուս վրայ այսպիսի ծանրակշիռ բեռ մը վերցնելու: Ապաւինած էի հաւատացեալներուս վեհանձնութեան, բայց հարկաւոր է լաւ ճանչնալ մարտինցիները. խոստացած ատեննին սքանչելի են, բայց երբ խոստումնին կատարելու ժամանակը կու գայ …: Ճարպիկ վաճառականներ են, այն աստիճան որ հրեաներն ալ կրնան խաբել: Պատրիարքը իսկապէս բնաւ խօսք չըրա՞ւ Ձեզի իմ մասիս»:

Ի՞նչ կրնայի պատասխանել: Կրկնեցի որ այս պատմութիւններուն ես բնաւ տեղեակ չէի, Պատրիարքարանին պարտք էի հազար լիբանանեան ոսկի, որուն մեծ մասը արդէն գործածուեր էր իմ գալէս առաջ կատարուած գործերու համար, եւ թէ Գերպ. Պաթանեանը անդադար կը գովաբանէր իմ նոր թեմիս հաւատացեալներուն առատաձեռնութիւնը: Բարեբախտաբար հեռաձայնը հնչեց եւ տեղեկացանք որ սեղանատուն մեզի կը սպասէին: Մտքիս մէջ ես ինծի կը հարցնէի թէ ի՛նչ նպատակի համար Յունաստանէն հեռացած էի, եթէ իրավիճակը իսկապէս այդպիսին էր՝ ինչպէս կը նկարագրէր Գերպ. Հինտիէ: Անոր խօսքերը ախորժակս փախցուցած էին, ինչպէս նաեւ փափաքս՝ երթալու Վերին Ճեզիրէ:

Կէսօրէ ետք շարունակեցի քաղաքի տեսարժան վայրերուն այցելութիւններս: Այս շրջանին Հալէպը Սուրիոյ երկրորդ մեծ քաղաքն էր, Դամասկոսէն ետք: Աւելի քան երեք հարիւր հազար բնակիչ ունէր, մեծ մասամբ մահմետական, որոնք կը խօսէին հայերէն, թուրքերէն ու արաբերէն: Հայերը, առաքելական եւ կաթողիկէ, միասին մօտ հարիւր հազար հոգի էին:

 Տէր Զօր

Դեկտեմբեր 19ին, Տէր Գրիգոր Ահմարանեանի ընկերակցութեամբ, մեկնեցայ Հալէպէն եւ ուղղուեցայ դէպի Տէր Զօր: Ճամբորդեցինք հանրակառքով մը, որ չեմ կրնար նկարագրել: Կրնամ միայն ըսել որ ամբողջովին կեղտոտած էր իւղոտ մուրով մը, իսկ յատակը լայն լայն ծակեր ունէր: Տէր Գրիգորը զիս վստահեցուց որ բախտաւոր եղած էինք քիչ մը կանուխ հասնելով կայարան, որովհետեւ այդպիսով կրցած էինք նստելու տեղ ապահովել մեզի համար: Արդարացի էր, որովհետեւ քիչ անց հանրակառքը իրական Նոյեան Տապանի վերածուեցաւ, մարդոցմով, կիներով, անհանդարտ մանուկներով, հաւերով, շուներով եւ այծով մը: Քիւրտ պարոն մը ինծմէ թոյլտուութիւն խնդրեց՝ իր աղջիկը քովս նստեցնելու: Աղջիկը ամուսնացած էր տէրզօրցի երիտասարդի մը հետ եւ իր հետ կը ճամբորդէին իր մայրը, երկու եղբայրները եւ փեսային մէկ ազգականը: Հայրը նստատեղին վրայ փոքրիկ գորգ մը փռեց եւ մէկ անկիւնը ջուրով լի սափոր մը դրաւ, որ տեղացիները երբեք չեն մոռնար իրենց հետ վերցնել ճամբորդութեան ատեն: Աղջիկը, նստելէ առաջ, մեծ յարգանքով աջս համբուրեց: Ամէնուն յայտնի է որ քիւրտ կիները դէմքերնին չեն գոցեր եւ տղամարդոց հետ խօսելէ չեն խուսափիր: Այդ աղջիկն ալ իսկոյն խօսք ուղղեց ինծի, հակառակ որ Ժամագիրքը ձեռքս էր եւ աղօթքներս կ՚ընէի: Հարցուց թէ կարդացածս ի՛նչ գիրք էր, ուրկէ կու գայի, ուր կ՚երթայի, եւ այլն: Չէր կրնար սովորական հարցումն ալ չընել, այսինքն թէ ուր ձգած էի սուլթանուհիս, այսինքն՝ կինս: Պատասխանեցի որ չէի ամուսնացած, որպէսզի կարենայի աւելի լաւ աշխատիլ Ալլահի համար: «Նորին Վեհութիւն Ալլահը», պատասխանեց քիւրտ աղջիկը, «միթէ քու աշխատանքիդ կարիքը ունի՞: Ամէն բան ինքը ընելու կարող չէ՞»: «Նորին Վեհութիւն Ալլահը», պատասխանեցի, «քու հօրդ աշխատանքի կարիքը չունի՝ դաշտերուն ցորենը աճեցնելու համար, ո՛չ ալ ջաղացպանինը՝ զայն աղալու համար, ո՛չ ալ մայրիկիդ յոգնութեան՝ ալիւրը շաղելու համար, ո՛չ ալ փուռի կրակին՝ հացը թխելու համար: Ինչպէս որ հացի կարիքը չունի՝ քեզ կենսալի պահելու համար, եւ քու ծնողներուդ կարիքը չունէր՝ քեզ ստեղծելու համար: Հասկցա՞ր՝ ի՛նչ ըսել կ՚ուզեմ»: «Հայրիկ», պատասխանեց աղջիկը, «ես բան մըն ալ չեմ հասկնար: Երանի՜ քեզի, որ մօրուք ունիս եւ ամէն բան գիտես: Գիտես նաեւ կարդալ եւ գրել: Ես կարդալ չեմ գիտեր: Իմ հայրիկս զիս շատ կը սիրէ եւ ես ալ զինքը շատ կը սիրեմ, ինչպէս քեզ ալ կը սիրեմ»:

Հոս պէտք է բացատրութիւն մը տամ. քիւրտերը հայրիկ կը կոչեն բոլոր անոնք որոնք ճերմակ մազեր ունին, մօրուքն ալ իրենց քով բնորոշ նշանն է գրել կարդալ գիտցողներու:

«Ինչպէ՞ս կրնաս զիս սիրել», հարցուցի, «ո՛չ ես քեզ կը ճանչնամ, ո՛չ ալ դուն զիս: Ոչ մէկ բարիք ըրած եմ քեզի»: Հարցումս զինք շփոթութեան մատնեց եւ սկսաւ տեսակ մը բացատրութիւններ տալ, որ իր հայրը զինք այնքան կը սիրէ որ զինք ծախեր է թրքա կան Ռէշատ տեսակի չորս հարիւր լիրայով13 եւ իրեն նուիրած է ամուսնական այդ գեղեցիկ զգեստը, որ այդ պահուն կը կրէր: Իգական սնապարծութեամբ մը ցոյց տուաւ ինծի թաւ մետաքսով կարուած եւ ոսկեգոյն թելով եզերուած զգեստը, որ մինչեւ ոտնաթաթի կոճերը կը հասնէր եւ այնքան լայն էր որ երկու հոգի կրնար պարունակել: Գօտկատեղին փաթթուած ունէր քսանհինգ սանթիմեթր լայնութեամբ եւ չորս մեթր երկարութեամբ լաթ մը, իսկ ուսերէն վար կ՚իջնէր մետաքսէ գոց կարմիր գոյնի երկայն ու թաւ լաչակ մը, որուն փակցուած էին թրքական ոսկէ ղուրուշներ, մէկը միւսէն մօտաւորապէս տասը սանթիմեթր հեռաւորութեամբ: Թափանցիկ զգեստին ընդմէջէն կ՚երեւար տաբատը, որ երիզներով սեղմուած էր կոճերուն քով, որոնք ալ իրենց հերթին ամրացուած էին ոսկեզօծ արծաթի օղակներով: Մազերուն հիւսքերը բռնուած էին լաչակով մը, որմէ կախուած էին հարիւրի չափ թրքական Ռէշատ տեսակի լիրաներ: Լաչակին վրան ալ մետաքսէ քառակուսի շղարշ մը ունէր, իւրաքանչիւր կողմը մօտ յիսուն սանթիմեթր երկարութեամբ, զարդարուած՝ թրքա կան լիրաներով եւ իւրաքանչիւր անկիւնին մէկական Ռէշատ լիրայով: Չեմ ուզեր նկարագրել ոսկեայ օղերը որ աղջիկը կը կրէր իր ռունգերուն, եւ ադամանդներով ու թանկագին քարերով զարդարուած մատանիները, ոսկեայ ապարանջանները, ասոնք նոյնպէս թանկագին քարերով զարդարուած, որ կը ծածկէին աղջկան ձեռքերը արմուկներէն մինչեւ թաթերը: Ատոնցմէ մէկը ձեռքէն հանեց եւ ինծի երկարեց ըսելով. «Տես, հայրիկ, դուն որ մօրուք ունիս, արդեօք կրնա՞ս կարդալ այս գրութիւնը: Իմ աւագ եղբայրս, որ Հալէպ ուսած է, կ՚ըսէ թէ ասիկա գրութիւն չէ»: Հարցուցի. «Հայրիկդ ուրկէ՞ գնած է այս սքանչելի ապարանջանները: Չե՞ս գիտեր որ քու ապարանջաններդ, մատանիներդ ու ականջօղերդ շատ աւելին կ՚արժեն՝ քան դրամները որ կը կրես գլխուդ եւ վիզիդ»: «Հայրս ոչինչ ալ չէ գնած», պատասխանեց աղջիկը: Սկսայ զննել թանկարժէք ապարանջանը: Փորագրութիւնը արուեստական գեղեցկութիւն մը չունէր, բայց խորունկ էր, յստակ եւ հայերէն լեզուով. «Արմենակ Տէրունեան Նուէր իր սիրելի կողակիցին՝ Անահիտին Տիգրանակերտ 1912»: Հայերէն տառերը տեսնելով սիրտս ճմլելու սկսաւ, կարդալէն ետք գիտակցութիւնս կորսնցնելու եզրին էի: Կը կարդայի եւ ձեռքս բնազդաբար կ՚երկարէի դէպի աղջիկը, ապարանջանը իրեն վերադարձնելու համար, իտալերէն լեզուով մրմնջալով. «Յիսո՜ւս: Մարիա՜մ: Տէր, ներէ իրեն, որովհետեւ չի գիտեր ինչ կ՚ընէ»: Այդ երիտասարդ քիւրտ աղջիկը ոտքէն գըլուխ զարդարուած էր 1915 թուականին իր հօր ձեռքով սպաննուած հայերու ոսկիներով: Սարսափահար հարցուց թէ արդեօք ցաւ մը կը զգամ: Պատասխանեցի որ բան մը չունէի, պարզապէս յոգնած էի, ուստի պէտք է ձգէր որ հանգստանայի:

Աղջկան հայրը տեղ գրաւած էր հանրակառքին խորքը եւ հետեւաբար չէր կրնար լսել մեր խօսակցութիւնը: Նկատեց, սակայն, որ գէշ կը զգայի ինքզինքս եւ վայրկեանի մը մէջ քովս յայտնուեցաւ: Տեսնելով աղջկան, որ որոշ դժուարութեամբ կը ջանար ապարանջանը կրկին ձեռքին անցընել, դէմքը գունատեցաւ եւ շփոթութեան մատնուած՝ քայլ մը ետ գնաց: Ապա իսկոյն ուշքի եկաւ եւ կատղած եզան նման յարձակեցաւ աղջկան վրան: Տեղն ու տեղը սպաննած կ՚ըլլար աղջիկը, եթէ ձեռքէն չազատէին եւ զինքն ալ անշարժութեան չմատնէին: Սկսաւ պոռալ. «Պոռնիկ, անհաւատ պոռնիկի զաւակ: Աստուած թող վկայ ըլլայ ինծի: Մոհամմէտ Մարգարէի եւ Յիսուս Սուրբին անունով կ՚երդնում, որ յետ այսու կը դադրիմ մեր փառաւոր տոհմին գլուխը ըլլալէ, եթէ առաջին առիթով քեզ բզիկ բզիկ չընեմ եւ կտորներդ քոսոտ շուներուն չկերցնեմ»: Աղջիկը բաւականին գէշ մնաց եւ չէր հասկնար կատարուածին պատճառը: Ուրիշ ոչինչ կրցաւ ընել, եթէ ոչ՝ երեսին քաշել թանկարժէք շղարշը եւ քնանալ: Ես ալ բացարձակ լռութիւն պահեցի այդ անախորժ տեսարանին դիմաց: Երկու ժամուան ընթացքին անցանք հարիւր քիլոմեթր եւ հասանք Մեսքենէ, գիւղ մը որ Եփրատէն մէկ քիլոմեթր դէպի արեւմուտք կը գտնուէր: Անցանք նաեւ Նայրէպէն, շուրջ չորս հազար բնակիչ հաշուող գիւղ մը, արեւու տակ չորցուած հողէ աղիւսներով կառուցուած կոնաձեւ իւրայատուկ տնակներով: Քիչ մը հեռուէն կը տեսնուէին հնադարեան քաղաքներու աւերակներով ձեւացած փոքրիկ բլուրներ: Ատոնցմէ մէկն էր Թէլլ Ալաինը: Տեսանք նաեւ Էս Սապախայ աղի լիճը: Ի վերջոյ, ժամը 14ին հասանք Ռակքա եւ ճաշեցինք Եփրատի ափին: Ռակքայի մէջ աւարտած էր 1915-1918 թուականներու կոտորածը, որուն ընթացքին մէկ միլիոնէ աւելի հայեր զոհ գացած էին թրքական բարբարոսութիւններուն: Շատերը թաղումի պատիւը անգամ չէին ունեցած եւ անապատի մէջ ցիրուցան եղած անոնց ոսկորները տեսնելով սիրտս այնքան լեցուեցաւ որ հարկադրուեցայ ճամբորդութեան ընկերներէս հեռանալ, վիշտս ժայռի մը ետեւը ողբալու համար: Ռակքայի զոհերու մէջ էին նաեւ եղբօրս կինը եւ իր երեք մանկահաս զաւակները:

1918 թուականի Դեկտեմբերին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ նամակ մը ստացայ եղբօրս կնոջմէն: Երբեք չկրցայ իմանալ թէ ինչպէս տեղեկացած էր որ Սէն Լուի վանքը կը գտնուէի: Այդ նամակով լուր կու տար ինծի որ ութ, վեց եւ չորս տարեկան զաւակներուն հետ միասին Ռակքա կը գտնուէր, ամէն ինչէ զուրկ, եւ եթէ շուտափոյթ օգնութեան չհասնէի՝ սովահար պիտի մեռնէին: Հայր Քոսթանցոն, իր սովորական վեհանձնութեան համաձայն, իսկոյն ընդառաջեց խնդրանքիս եւ ինծի թրքական հարիւր լիրա տուաւ, խոստանալով որ եթէ այդ օգնութիւնը իր նպատակին հասնէր՝ յետագային դարձեալ պիտի օգնէր: Դժբախտաբար, այլեւս ոչ մէկ լուր ստացայ եղբօրս կնոջմէն եւ յետոյ միայն իմացայ որ իմ այդ թանկագին ազգականներս, բազմաթիւ ա՛յլ տարաբախտ հայ ընտանիքներու նման, քաղցէ ու ծարաւէ մահացեր էին: Տէր Զօրի մէջ անհամբեր մեզի կը սպասէին եւ բազմաթիւ ինքնաշարժներ մեզի ընդառաջ եկած էին քաղաքէն մինչեւ քսան քի լոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Տէր Զօր անունը աղաւաղումն է հին Աուզարա կամ Ազաուրա անունին, որ կը նշանակէ «Անտառներու Վանք»: Ինծի համար հաճելի է յիշել, որ արաբերէնի մէջ Զօր կամ Զաուր կը նշանակէ հնդկարմաւի եւ ուրիշ տեսակ գաճաճ ծառերու նօսր պուրակները, որ կ՚աճին Եփրատի ափերու երկայնքին: Կ՚ըսուի թէ քրիստոնէութեան առաջին դարերուն այդ վայրերը բնակեցուած էին բազմաթիւ ջերմեռանդ վանականներով, մինչեւ որ բնաջնջուեցան մահմետական արաբներու ձեռքով: Քաղաքը, որ Եփրատի նահանգին միակ կարեւոր կեդրոնն է, կառուցուած է ծովու մակարդակէն հարիւր իննսունհինգ մեթր բարձրութեան վրայ եւ այն ատեն կը հաշուէր մօտ քսանհինգ հազար բնակիչ: Ազգութիւններու եւ կրօնքներու իրական խճանկար մըն էր. ասորի կաթողիկէներ, քաղդէացիներ, հայեր, յակոբիկեաններ ու նեստորականներ: Եփրատի նահանգին գլխաւոր քաղաքն էր եւ հոն կը նստէին ֆրանսական զինուորական կառավարիչը, օժանդակ դեսպանը եւ սուրիացի կառավարիչը: Քափուչիններու առաքելական կեդրոն մըն ալ կար եւ հոն մխիթարութիւնը ունեցայ հանդիպելու ինծի շատ թանկագին Եղբայր Ռափայէլ Մարտինցիին, որմէ սորված էի ֆրանսերէն լեզուն: Չնայած իր ութսուն տարեկան հասակին, տակաւին ինքը կը զբաղէր եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ խոհանոցի աշխատանքներով: Կեդրոնին Մեծաւորն էր Հայր Ատթալոն, որ Եղբայր Ռափայէլին եւ երեք ուսուցիչներու օգնութեամբ կը ղեկավարէր դպրոց մը՝ ուր կը յաճախէին յիսունի չափ աշակերտներ, որոնք հնգամեայ դասընթացքներէ ետք կը ստանային ֆրանսական նախակրթարանի վկայական: Կեդրոնը կառուցուած էր մեր միաբանակից Եղբայր Իզիդորոսի կողմէ եւ վերին յարկին մէջ վեց սենեակ ունէր այցելու քարոզիչներուն համար: Դպրոցական շէնքը վանատան մասէն բաժնուած էր եւ ձախող կերպով կառուցուած ըլլալով՝ կարիքը ու նէր շարունակական նորոգութիւններու: Քրիստոնեայ Համայնքներու շարքին ամենամարդաշատը Հայ Կաթողիկէ Համայնքն էր, որ կազմուած էր 1915 թուականի ջարդերէն վերապրած ընտանիքներէ: Ունէր Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչին ձօնուած եկեղեցի մը, յարակից քահանայատունով: Երկուքն ալ յոռի վիճակի մէջ կը գտնուէին եւ իսկոյն լիբանանեան երեսունհինգ լիրա ծախսեցի տան մէջ ճեմիշ մը կառուցելու համար: Տեղւոյն կրօնական ամենաբարձր հեղինակութիւնն էի, ուստի հարկադրուեցայ ենթարկուիլ ամենաերեւելի անձնաւորութիւններու այցելութիւններուն, որոնց շարքին՝ նահանգապետը, մուֆթին, քաղաքական պարագլուխները, ֆրանսացի գնդապետը եւ առաքելական, նեստորական ու յակոբիկեան համայնքապետերը: Առաքելական Համայնքի ներկայացուցիչները եկան իրենց ծխական խորհրդականներուն հետ եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին որ Հայ Կաթողիկէները վերջապէս իրենց Առաջնորդը ունեցան Եփրատի եւ Վերին Ճեզիրէի նահանգին մէջ: Սուրբ Ծննդեան նախօրէին Տէր Գաբրիէլը ղրկեցի Ապու Քեմալ, մեր հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքները հոգալու համար: Սուրբ Ծննդեան եւ Տարեմուտի իմ եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագիս մասնակցեցան քրիստոնէական բոլոր Համայնքները: Ծիսական այդ օրերուն, մեր աւանդութիւններուն համաձայն, օրհնեցի մեր հաւատացեալներուն տուները, Տէր Գրիգորին առընթերակայութեամբ, որ թարգմանիչի պաշտօն ալ կը կատարէր, քանի որ ես ծանօթ չէի արաբերէն լեզուին: Ասորի ժողովրդապետը հրաւիրեցի արտասանելու տարեվերջի քարոզը: Երիտասարդ քահանայ մըն էր, հազիւ երկու տարի առաջ ձեռնադրուած, որ անտեղեակ ըլլալով այդ սովորութեան՝ խնդրեց որ ես պատրաստէի քարոզին առանցքային նիւթը: Արարողութեան մասնակցելու եկան կաթողիկէներ, ոչ կաթողիկէներ եւ մահմետականներ: Փոքրիկ եկեղեցին չէր կրնար պարունակել բոլոր հաւաքուածները, այնպէս որ շատերը ստիպուեցան գոհանալ դուրսէն մտիկ ընելով: Կրօնական արարողութենէն ետք, քաղաքին երեւելիները քահանայատուն եկան եւ խոստացան որ յաջորդ օրը նոյնպէս պիտի գային Սուրբ Պատարագին մասնակցելու եւ իրենց ա մանորեայ շնորհաւորանքները ընելու համար: Քամըշլիէն եկաւ Տէր Յովսէփը: Ինծի բերած էր իր անձնական շնորհաւորանքները, ինչպէս նաեւ բոլոր կաթողիկէներուն բարեմաղթանքները, եւ յաւելեալ դրամ կ՚ուզէր, որովհետեւ շուտափոյթ կարիք ունէր: Հարցուցի թէ ո՞րքան մնացած է Պատրիարքին կողմէ ինծի պարտքով տրուած գումարէն, եւ ան, բաւականին շփոթահար, պատասխանեց որ մնացած էր լիբանանեան երեք հարիւր ոսկիէն քիչ մը աւելի: Չէի հասկնար թէ ուր անհետացած էին միւս երկու հարիւր ոսկիները: Կցկտուր պատասխանէն յաջողեցայ հասկնալ որ իրեն հետ բերած էր հին ու անպիտան ապրանքներով լեցուն շուրջ տասը սնտուկ, ինչպէս օրինակի համար՝ անգործածելի հագուստներ, որոնք սակայն շատ թանկարժէք էին իրեն համար, քանի որ ուսանողական տարիներէն մնացած յիշատակներ էին. իրեն անծանօթ լեզուներով գրքեր, որոնք նուէր ստացած էր իր ընկերներէն, եւ այլն: «Ի՞նչ պիտի ընենք», կը հարցնեմ անոր, «եթէ այլեւս դրամ չունենանք: Աստուծոյ սիրոյն, մի՛ սնանկացներ զիս դեռ գործի չանցած»: «Տխուր երես ցոյց մի՛ տաք», պաղարիւնութեամբ պատասխանեց ան, «Նորին Գերազանցութիւն Պատրիարքը, երբ դըրամը ինծի տուաւ, ըսաւ որ չվախնամ ծախսելու, որովհետեւ Հայր Կիւրեղը հարուստ է եւ բաւա կան է որ իր Մեծաւորներուն նամակ գրէ եւ ձեզի ոչինչ պիտի պակսի»: Պաղ անձրեւ մը իջաւ խեղճ ուսերուս վրայ: Միւս կողմէ, սակայն, չէի կրնար Տէր Յովսէփը ձեռնունայն ետ ուղարկել, ուստի իրեն տուի լիբանանեան հարիւր ոսկի:

1939 Յունուար 2ին, կէսօրէն ետք, ուզեցի այցելել հայ նահատակներու գերեզմանները: Ինքզինքս գտայ գրեթէ ամբողջովին անխնամ ձգուած դաշտի մը մէջ, ուր նախապէս թաղուած էին մահմետական մոլեռանդ ատելութեան զոհերը: Այդ խեղճ ոսկորները յետագային մասամբ տեղափոխուեր էին Պէյրութ, մասամբ ալ ամփոփուեր էին Տէր Զօրի առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, բայց բազմաթիւ ոսկոր ներ տակաւին ցիրուցան էին դաշտին չորս կողմը:

Այդ տեսարանին առջեւ չդիմացայ եւ ուշագնաց գետին ինկայ: Երբ ուշքի եկայ, ինքնաշարժ մը զիս Տէր Զօրի քահանայատուն կը տանէր:

ԳԼՈՒԽ Բ.

Երկու շաբաթ Տէր Զօրի մէջ – Հասաքէ – Հեքոյ եւ Քամըշլի – Առաջին հանդիպումները – Կենցաղային խնդիրներու լուծումը – Հայազգի բանտարկեալներուն ազատումը – Սանճաքի ողբերգական վախճանը

Երկու շաբաթ Տէր Զօրի մէջ Տէր Զօրի մէջ մնացի երկու շաբաթ: Հայ ընտանիքները ինչ ընելնին չէին գիտեր՝ իրենց ուրախութիւնը արտայայտելու համար: Բոլորը զիս իրենց տունը ճաշի կը հրաւիրէին, իրենց Առաջնորդին օրհնութիւնը ունենալու համար: Հարուստները աղքատներուն կը յորդորէին ոչ մէկ ծախս ընել, որովհետեւ իրենք յանձն կ՚առնէին բոլոր ծախսերը, իրենց վերապահելով միայն Եպիսկոպոսը իրենց սեղանակից ունենալու պատիւը: Աղքատներն ալ, իրենց հերթին, կը բողոքէին, ըսելով որ իրենց ամենամեծ պարծանքը Եպիսկոպոսը իրենց յարկին տակ հիւրընկալելն էր, որուն օրհնութիւնը իրենց համար աւելի կ՚արժէր՝ քան ամբողջ աշխարհի ոսկին: Երեւելիներն ու գործաւորները եկան այդ կնճռոտ հարցը ինծի ներկայացնելու, ինծի ձգե լով հարցին լուծումը: Որոշեցի ճաշերը գործաւորներու տուներուն մէջ ընել, բացի պտուղէն եւ սուրճէն, որ վերապահեցի երեւելիներու տուներուն: Հարուստները պէտք է մասնակցէին աղքատներու կողմէ կատարուած ծախսերուն: Արարողակարգը հաստատուեցաւ ամենատարեց երեւելիին տան մէջ. ասիկա կը նախատեսէր որ հիւրընկալող տունը պէտք է զարդարուէր կնիւնենիի, ուռենիի ու բարտիի ոստերով հիւսուած յաղթական կամարով, որուն վրայ ոսկետառ գրուած պիտի ըլլար. «Բարի եկաք յանուն Աստուծոյ: Պատիւ եւ փառք մեր Գերապայծառ Կիւրեղ Զօհրապեանին»: Ասկէ զատ, որպէսզի ոչ ոք զրկուէր Եպիսկոպոսը հիւրընկալելու պատիւէն, որոշեցին օրական չորս ճաշ հրամցնել. ժամը 8ին նախաճաշ, 13ին ճաշ, 17ին նախընթրիք, իսկ 21ին ընթրիք: Հարուստներուն տուները իրենց յաղթական կամարներուն վրայ պէտք է ունենային բարի գալուստի գրութիւնը եւ Աստուածածնի կամ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի պատկերը:

Ինչպէս նախատեսուած էր, որոշուած տան դիմաց պիտի կանգնեցուէր երեք կամ չորս մեթր բարձրութեամբ յաղթական կամարը, որուն եզերքները զարդարուած էին շուկայի մէջ աւելցած բանջարեղէններու հարուստ տեսականիով: Յաղթական կամարէն մինչեւ տան մուտքը երկարող փոքրիկ տարածքը ծածկուած էր արեւելեան գորգերով, իսկ պատշգամներէն կախուած էին թանկարժէք կերպասներ: Ճաշասենեակի դերը կը կատարէր տան բակը, որ յարդարուած էր եւրոպական սովորութիւններու համաձայն: Մուտքին աջ կողմը, պարսկական գեղեցիկ գորգ մը կը ծածկէր մօտաւորապէս մէկ մեթր քառակուսի տարածքով կառոյց մը, որ իր սարսափելի գարշահոտութեամբ, գրեթէ փսխելու զգացում կը պատճառէր ինծի: Այդ անմիտ վատնումները տեսնելով բարկացայ եւ Տէր Գրիգորին հարցուցի թէ ինչ իմաստ ունէին այդ խենթ ու խելառ ծախսերը: Անոր համար, սակայն, տարօրինակ ոչինչ կար եւ ինքը բնական կը համարէր որ այդ բարեսիրտ ժողովուրդը այդպէս կ՚արտայայտէր իր Եպիսկոպոսին հանդէպ ունեցած գորովն ու յարգանքը: Տէր Գրիգորին պատասխանը զիս աւելի բարկացուց, այն աստիճան որ պատրաստ էի տեղւոյն վրայ ամէն բան ձգել ու հեռանալ:

Խռովքս ոչ մէկուն համար աննկատ չանցաւ եւ Տէր Գրիգորը ջանաց փրկել իրավիճակը. ըսաւ որ իմ զայրոյթս անոնց դէմ էր՝ որոնք համարձակած էին կոտորել այսքա՜ն բարի ու հիւրընկալ մարդոց ծնողքը: Աւելցուց որ կը տենչայի տեսնել այն օրը՝ երբ թուրքերը պիտի անհետանային երկրի երեսէն: Որոտուն ծափահարութիւններ բարձրացան ի նշան մասնակցութեան՝ իմ հայրենասիրական զգացումներուս, եւ «կեցցէ»ները բարձրացան մինչեւ երկինք: Տէր Գրիգորը, վստահ որ ներկաներէն ոչ մէկը կը հասկնար իրեն, շարունակ ականջիս կը փսփսար որ պէտք է ուշադիր ըլլայի եւ ինքզինքս գոհ ու շնորհակալ ցոյց տայի, որովհետեւ վա՜յ մեզի՝ եթէ մեր վերապահ դժգոհութիւնը մեկնաբանուէր որպէս արհամարհանք այդ խեղճ ժողովուրդին նկատմամբ. նման պարագայի, անոնց երեւութական հեզութիւնը կրնար ցասումնալի ապստամբութեան փոխուիլ եւ մեզ կրնային դուրս վտարել քոսոտ շուներու նման: Ուղտերու նման, ա նոնք երբեք չեն մոռնար ստացած վիրաւորանքները: Երկու խօսք ըսեմ ճաշատեսակներու մասին, որոնք այդ երկու շաբթուան ընթացքին միշտ նոյնն էին: Սեղանակիցները բաժուած էին քսան հոգինոց վեց խումբերու: Իւրաքանչիւր խումբ իր կեդրոնը մեծ ափսէ մը ունէր, որուն վրայ ամբողջական խոյ մը՝ փորը բրինձով լեցուած: Ինծի ճաշը պնակով հրամցուցին, մինչ միւս բոլորը ազատօրէն կը վերցնէին ինչ որ կ՚ուզէին, իրենց ձեռքերով միայն զինուած, քանի որ սեղանի վրայէն բացարձակ կերպով բացառուած էին դանակներն ու պատառաքաղները: Ասկէ զատ, անապատաբնակ մարդոց բարեկիրթ կանոններուն համաձայն, նախ եւ առաջ կը ջանան որքան հնարաւոր է շատ միս կլլել եւ յետոյ միայն կ՚անցնին ոսկորները կրծելու եւ ոսկրածուծը քաշելու արարողութեան: Խոյին յաջորդեցին բրինձ, ձաւար, միս, ոլոռ, գետնախնձոր, կաղամբ, ծաղկակաղամբ, լուբիա, դդմիկ, Տէր Զօրի սունկ, քաղցր դդում: Աւելորդ է ըսելը որ այս բոլոր կերակուրները առատօրէն համեմուած էին խոյի իւղով, զոր ստամոքսս երբեք չկրցաւ մարսել: Ճաշը կ՚աւարտէր անիւղ պանիրով ու պտուղով. խնձոր, տանձ, խաղող ու ադամաթուզ: Նախասիրեալ խմիչքն էր թանը: Սեղանակիցներս, պարապ չմնալու համար, մէկ պնակէն մինչեւ միւսը տեւող ընդմիջումը խարկուած սիսեռ, հում կամ խարկուած նուշ, դդումի, ձմերուկի կամ սեխի կուտ, Հնդկաստանի կամ Հալէպի պիստակ եւ ուրիշ տեսակի ընդեղէններ կրծոտելով կ՚անցընէին: Մօտաւոր հաշուով, այդ ճաշկերոյթները կազմակերպելու համար ծախսուեցաւ երեք միլիոն ֆրանքի գումար մը: Միթէ բարկանալու իրաւունք չունէ՞ի:

1939 Յունուար 3ին, եկեղեցւոյ բակին մէջ կազմակերպեցի ընդհանուր առաջին ժողովը, հաղորդելու համար որոշումներս: Տէր Զօրի ժողովրդապետի պաշտօնին վերահաստատեցի Տէր Գաբրիէլը, անոր ամսականը որոշելով սուրիական տասնհինգ լիրա, վրաս ստանձնելով անոր ապրուստի, լոյսի, ջուրի, մաքրութիւններու, ծառայողներու եւ անհրաժեշտ պարագաներու՝ նաեւ բժշկական խնամքի ծախսերը: Ասկէ զատ, խոստացայ պատարագուցներ ապահովել անոր համար:

Ժողովին վերջաւորութեան, չէին կրնար պակսիլ ծափահարութիւններն ու աւանդական բացականչութիւնը. «Եաիշ Սէիտնա ալ մութրան», այսինքն՝ «Կեցցէ Գերապայծառ Եպիսկոպոսը»:

Հասաքէ

Նոյն առտու մեկնեցայ Հասաքէ, որ Վերին Ճեզիրէի կեդրոնական քաղաքն է: Հարկադրուած էի հարիւր եօթանասուն քիլոմեթր ճամբայ կտրել՝ հետեւելով միայն ինքնաշարժներու թողած հետքերուն, որոնք դիւրաւ կ՚անհետանային անձրեւոտ օրերուն: Հետքերու բացակայութիւնը ճամբորդները կը ստիպէ կանգ առնել, մինչեւ որ քամին հողը չորցնէ: Եօթ օր առաջ անձրեւած էր եւ մեր ճամբորդութիւնը եօթը ժամ տեւեց, նախատեսուած երեքին փոխարէն: Կը ճամբորդէի Տէր Գրիգոր Ահմարանեանին ընկերակցութեամբ: Երեկոյեան հասանք Հասաքէ: Ոչ ոք մեզի կը սպասէր, որովհետեւ ոչ մէկուն նախազգուշացուցած էինք մեր ժամանումին մասին, անիմաստ ծախսերէ խուսափելու համար:

Հասաքէն ունէր մօտ հինգ հազար բնակիչ, որոնցմէ հազար երկու հարիւրը կաթողիկէ հայեր էին, ութ հարիւրը՝ կաթողիկէ ասորիներ, հինգ հարիւրը՝ քաղդէացիներ, երկու հազարը՝ յակոբիկեաններ, երկու հարիւրը՝ քիւրտեր եւ ա՛յլ փոքրամասնութիւններ, ինչպէս արաբներ, թուրքեր, նեստորականներ ու լատիններ:

Կաթողիկէ ասորիներու համայնքը ունէր իր Առաջնորդը, Գերպ. Հաննա Հէպպէ, Ծիրանաւոր Թափփունիի պատրիարքական փոխանորդը: Վերին Ճեզիրէի անկախութեան եռանդուն ջատագովներէն էր եւ այս իսկ պատճառով աքսորի ենթարկուած էր ֆրանսական հեղինակութիւններու կողմէ: Կաթողիկէ ասորիները ունէին իրենց Մայր Տաճարը, եպիսկոպոսարանն ու դպրոցը: Առաջնորդը եկեղեցւոյ եւ դպրոցին կարիքները կը հոգար քանի մը տուներու եւ քանի մը խանութներու վարձակալութենէ եկող հասոյթներով, ինչպէս նաեւ Հաւատքի Տարածման Ժողովին եւ ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ստացուող օգնութիւններով: Դպրոցին տնօրէնութիւնը յանձնուած էր իրենց ծէսի քահանաներէն մէկուն: Ուսումնական տարուան ընթացքին կը հետեւէին Դամասկոսի արաբական ծրագիրներուն, որոնց կ՚աւելցնէին ֆրանսերէն լեզուն, ասորերէնը եւ ծիսական ուսուցումը:

Մեր հայազգի պատանիները կը կազմէին անոնց դպրոցին չորս հինգերորդ մասը եւ ասորի ծիսակատարութիւններու լաւագոյն երգիչ ներն ու սպասաւորներն էին: Դժբախտաբար, ասորիները հազարաւոր առիթներ կը գտնէին Հայաստանը վարկաբեկելու համար, ապարդիւն կերպով յուսալով քաշել մեր պատանիները իրենց ծէսին: Կ՚ըսէին թէ հայոց լեզուն բանի մը չի ծառայեր, կ՚ըսէին թէ հայերէնը սատանային լեզուն է, տգեղ ու դժուարիմաց, որուն բոլոր բառերը «զ» տառով կը սկսին ու կը վերջանան: Քաղդէացիները նոյնպէս ունէին իրենց եկեղեցին եւ իրենց դպրոցը: Եկեղեցին կառուցուած էր բլուրի մը գագաթին, հեռուէն տեսանելի ըլլալու համար, եւ քաղդէացիները զայն Հասաքէի Եկեղեցիներու Թագուհի կ՚անուանէին: Դպրոցը երկսեռ էր, վաթսունի չափ աշակերտներով: Հոն կը դասաւանդէին համայնքի քահանան եւ ուրիշ երկու ուսուցիչներ:

Ամենաբազմանդամ համայնքը յակոբիկեան ասորիներունն էր: Եկեղեցին կառուցուած էր չթրծուած աղիւսներով: Երկսեռ դպրոցը ունէր աւելի քան վեց հարիւր աշակերտ, որոնք կը սորվէին արաբերէն, ասորերէն, քիչ մը ֆրանսերէն, եկեղեցական երգեցողութիւն եւ արարողութիւններու սպասաւորութիւն: Ժողովրդապետն էր Ուրֆացի Ապունա Օհաննիսը, որ իր մայրենի լեզուէն աւելի լաւ հայերէն կը խօսէր եւ իր ծառայութիւնները կը մատուցանէր նաեւ առաքելական հայերուն, որոնք տակաւին լաւ կազմակերպուած չէին:

Առաքելական Համայնքը ունէր երկսեռ դպրոց մը մօտ վաթսուն աշակերտով: Տակաւին զուրկ էր սեփական եկեղեցիէ եւ քահանան հարկադրուած էր ծիսական արարողութիւնները կատարել դպրոցական սրահի մը մէջ: Եկեղեցւոյ կառուցումը շատոնց սկսած էր, բայց կիսատ ձգուած էր դրամական միջոցներու չգոյութեան պատճառով: Դպրոցին մէջ կը դասաւանդէին միայն հայերէն լեզուն եւ ծիսական երգեցողութիւնը, այս պատճառով ալ չէին վայելեր Դամասկոսի արաբ կառավարութեան համակրանքը:

Մահմետականները սակաւաթիւ էին եւ գիւղին հարաւակողմը գտնուող փոքրիկ մզկիթը կը ծառայէր արաբներուն, թուրքերուն ու քիւրտերուն: Անոնք ուսումնական ոչ մէկ խնդիր ունէին, որովհետեւ իրենց համար բաւական էին պետական դպրոցները՝ ուր կ՚ուսուցանէին միայն արաբերէն եւ Ղուրան:

Հայ Կաթողիկէ Համայնքը ձեւացած էր Մարտինի նահատակներու զաւակներէն: Հարէմներու ստրկութենէ ազատած, ապաստանած էին Վերին Ճեզիրէ, ուր թափառական կ՚ապրէին, հովիւէ զուրկ գառներու նման: Զմմառու Պատրիարքէն եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովէն ի զուր խնդրած էին հայածէս քահանայ մը ուղարկել իրենց: Միայն 1935 թուականին որպէս Առաքելական Այցելու ղըրկուեցաւ Հալէպի Արքեպիսկոպոս Գերպ. Գրիգոր Հինտիէն: Ան անձամբ աւետած էր իր ժամանումը նամակով մը, ուր յոյս յայտնած էր որ պիտի ընդունուի Քրիստոսի նման: Մեր բարեսիրտ հայրենակիցները ա՛յլ բան չէին փափաքած, ուստի իսկոյն ձեռնարկած էին մեծղի նախապատրաստութիւններու: Ընդունելութեան մասնակցած էին տեղւոյն կրօնական, քաղաքական ու զինուորական հեղինակութիւնները: Գերպ. Հինտիէ բոլորին սիրտն ու հոգին շահած էր՝ առատօրէն սփռելով ամէն տեսակ խոստումներ. եկեղեցիներ, դպրոցներ, քահանաներ, Մխիթարեաններու եւ Անարատ Յղութեան Քոյրերու կեդրոններ: Ժողովուրդին խանդավառութիւնը այլեւս անզսպելի էր, բայց շուտով մարած էր, քանի որ խօսքերուն չէին յաջորդած գործերը, եւ «կեցցէ»ներուն փոխարինելու եկած էին անարգական խօսքերը ընդդէմ Գերպ. Հինտիէի, Պատրիարքին եւ Արեւելեան Ժողովին:

Հասաքէի մէջ կային նաեւ երկու քափուչին վարդապետներ եւ ֆրանչիսկեան քոյրեր: Քափուչիններու Մեծաւորն էր տիգրանակերտցի Հայր Բարսեղը, որ ժամանակին իմ քարտուղարս եղած էր Յունաստանի մէջ: Գերազանց հմտութեամբ օժտուած բազմալեզու անձ մըն էր, անսխալ կը խօսէր եւ կը գրէր իտալերէն, ֆրանսերէն թրքերէն, արաբերէն, հայերէն ու լատիներէն: Բոլոր ծէսերուն պատկանող կաթողիկէներու խոստովանահայրն էր եւ միակ քահանան էր որ կը կանչէին հիւանդները ու մահամերձները մխիթարելու: Հոն էր նաեւ լիոնցի Եղբայր Սալվաթորէն, որ զանազան արուեստներու ու արհեստներու մէջ փորձառու ըլլալով՝ իր ծառայութիւնները կը մատուցանէր տեղւոյն բնակչութեան: Գերազանց էր բանջարանոցի մշակումի եւ խաղողագործութեան մէջ: 1939 թուականին յաջողեցաւ գինի պատրաստել Սուրբ Պատարագի եւ քանի մը շիշ ալ մառանի համար: Առանց Միքելանճելոյի հետ մրցակցիլ փորձելու՝ գըլուխ կը հանէր նաեւ գործիքաշինութենէ եւ իր գործունէութիւնը մեծապէս գնահատուած էր, քանի որ քաղաքին մէջ չկային վարպետ փայտա գործներ ու որմնադիրներ: Քափուչիններուն մատուռը, միւս բոլոր շինութիւններուն նման, կառուցուած էր չթրծուած աղիւսներով, անկայուն հողերու վրայ, ուստի կարիքն ունէր շարունակական նորոգութիւններու:

Բոլոր ծէսերուն պատկանող հաւատացեալներու կողմէ մեծապէս սիրուած էին ֆրանչիսկեան մայրապետները, յատկապէս իրենց աղջիկներու դպրոցին համար՝ ուր կը յաճախէին մօտ երկու հարիւր պարմանուհիներ, ստանալով տեղւոյն ողջամիտ աւանդութիւններու համաձայն տրուած կրթութիւն մը: Անոնց դարմանատունը յաճախուած էր նաեւ արաբներու կողմէ եւ մայրապետները առիթը կը գործածէին մկրտելու համար այն երեխաները՝ որոնք մահուան վըտանգի մէջ էին: Հիւանդները կը խնամէին նաեւ ընտանիքներուն քով, առնելով միայն ինչ որ իրենց սրտաբուխ կերպով կը նուիրէին:

Յաճախ վարձատրութիւնը համեստ շնորհակալութեան արտայայտու թիւն մը կ՚ըլլար միայն:

1939 Յունուար 13ին այցելեցի գնդապետ Մարշանին: Ան ըսաւ թէ ազգակցական սերտ կապեր ունէր Յիսուս Մանկան Սբ. Թերեզային հետ: Իսկապէս, կրօնական խոր զգացումներով ներշընչուած անձնաւորութիւն թուեցաւ ինծի, բան մը որ մեծապէս մխի թարական է, եթէ ի նկատի առնենք այն պարագան որ քրիստոնեայ Ֆրանսան Արեւելքի մէջ ընդհանրապէս ներկայացուած էր անձերու կողմէ, որոնք կարծես դիտաւորեալ կերպով ընտրուած էին տեղացի քրիստոնեաները գայթակղեցնելու եւ քրիստոնեայ Եւրոպայի նկատմամբ բացասական կարծիք ստեղծելու համար: Ան բազմաթիւ հարցումներ ըրաւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի վերաբերեալ, հետաքրքըրուելով թէ արդեօք ի՞նչ ծրագիրներ ունէի ի նպաստ հայ պատանիներու: Կ՚ըսէր որ եթէ կ՚ուզէի իմ թեմէս ներս գործունէութիւն ծաւալելու համար հրաւիրել Վենետիկի Մխիթարեանները, պէտք է աճապարէի, քանի որ տեղեկացած էր որ արդէն իսկ որոշ բանակցութիւններ ընթացքի մէջ էին Մխիթարեաններու եւ Հալէպի Արքեպիսկոպոսին միջեւ: Պարզութեամբ մտիկ կ՚ընէի եւ վերջաւորութեան պատասխանեցի որ յստակ ծրագիր մը տակաւին չունէի, քանի որ չէի ճանչնար ո՛չ թեմիս հաւատացեալները, ո՛չ ալ տեղւոյն լեզուն ու կարիքները:

«Գերապայծառ Տէր», շարունակեց գնդապետը հայեացքը ուղիղ աչքերուս մէջ սեւեռելով, «անկեղծ ըլլանք: Մենք ամէն ինչի քաջատեղեակ ենք եւ գիտենք որ Մուսոլինին Սուրբ Աթոռէն խնդրած է ուղարկել Ձեզ Ճեզիրէ իտալական քարոզչութիւն ընելու համար: Քանի մը տարի առաջ արդէն, Հալէպի Արքեպիսկոպոսը յայտարարեց որ Վենետիկի Մխիթարեանները պիտի գային դպրոցներ բանալու իտալական կառավարութեան օժանդակութեամբ, որ կ՚ուզէ ֆրանսական ազդեցութիւնը փոխարինել իտալականով: Գիտցած ըլլաք, որ Ֆրանսան տեղիք պիտի չտայ»:

Այս խօսքերը լսելով խորապէս վրդովեցայ եւ մինչեւ ականջներս կարմրեցայ: Ես ամբողջովին անտեղեակ էի այդ քաղաքական նենգ մեքենայութիւններուն: Շփոթահար վիճակի մը մէջ յայտնուեցայ եւ լեզուս պապանձեցաւ: Խօսակիցս հասկցաւ որ ամէն չափ ու սահման անցած էր եւ ջանաց իրավիճակը փրկել՝ ինծի ըմպելի, սուրճ եւ կրկնեփ հրամցնելով: Մերժեցի, որովհետեւ այդ վայրկեանին կերածս իսկոյն պիտի փսխէի: Գնդապետը անցաւ դրուատանքներու եւ գովաբանական ճառը եզրափակեց յոյս յայտնելով որ Վերին Ճեզիրէի մէջ լիակատար յաջողութեամբ պիտի շարունակէի առաքելական գործունէութիւնս, որ այդքա՜ն բեղուն եղած էր Յունաստանի մէջ: Վստահութիւն յայտնեց, որ գործունէութեանս թիկունք պիտի կենային իմ հայրենակիցներս, որոնցմէ ոմանք քաղաքական հեղինակու թեան բարձր պաշտօններ կը վարէին հոն:

Խօսակիցս ակնարկեց նաեւ Վերին Ճեզիրէի անկախութեան առաջատարներուն մասին, ինչպիսիք էին Յակոբ եւ Եղիա Մրշոյեան հայ կաթողիկէ եղբայրները, որոնք կը վայելէին Ծիրանաւոր Թափփունիի եւ Գերպ. Հեպպէի լիակատար վստահութիւնը: Եղիան առեւանգած էր Դամասկոսի Վարչապետը, բայց յետոյ զինք ազատ արձակած էր: Դաւաճանութեամբ մը ձերբակալուած, տակաւին Դամասկոսի բանտերուն մէջ էր:

Գնդապետին արտասանած դրուատական խօսքերը գործի չեկան եւ միայն Աստուած գիտէ թէ ինչ վիճակի մէջ անցուցի գիշերը: Ինծի կը թուէր, որ ֆրանսական կառավարութեան համակրանքը կորսնցուցած ըլլալով՝ ինծի կը մնար միայն քաշուիլ խստակրօն վանք մը եւ նախապատրաստուիլ բարի մահուան: Առաւօտեան ժամը 4ի ատենները միայն կրցայ քուն մտնել եւ երազի մէջ ինծի թուեցաւ որ խորհրդաւոր ձայն մը կը լսէի. «Ի՞նչ կ՚ընես, թերահաւատ մարդ: Քայլ մը անգամ մի՛ նետեր առանց քու երկնային պաշտպան՝ Սուրբ Յովսէփի խորհուրդին»: Արթնցայ ու բացականչեցի. «Սիրելի Սուրբ Յովսէփ, դուն իմ պաշտպանն ես եւ այս պահուն քու օգնութեանդ կարիքը շատ ունիմ: Որո՞ւ պէտք է դիմեմ, այս նեղ կացութենէ դուրս ելլելու համար»: Տէր Յովսէփը տեղեակ չէր նախորդ օրուան տհաճ միջադէպին եւ երբ աւարտեցի իմ Պաշտպան Սուրբիս ի պատիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագը՝ խորհուրդ տուաւ գնդապետ Մարշանէն հայցել Մրշոյեան եղբայրներու ազատ արձակումը, վստահեցնելով որ այդ արարքը պիտի աւելցնէր յարգանքն ու համակրանքը որ մինչ այդ ա մէն ոք մեզի հանդէպ կը ցուցաբերէր: Խորհուրդը ընդունեցայ եւ իսկոյն գացի աղերսագիր մը յանձնելու գնդապետին, խնդրելով զայն փոխանցել բարձրագոյն գործակալ Փիւզիւին: Քիչ օրեր անց խնդրանքս հասաւ իր նպատակին: Կրկին այցելեցի գնդապետ Մարշանին, բայց այս անգամ միայն ըսելու համար որ քաղաքականութեամբ երբեք չէի զբաղած եւ միակ հոգս իմ առաքելական ծառայութիւնս էր: Այժմ, Մուսոլինիին բարեկամ եւ Ֆրանսային թշնամի որակաւորուելէ ետք, ինծի համար հաւանական էր որ զիս պիտի արտաքսէին Սուրիայէն, ինչ որ մեծ գայթակղութեան պատճառ պիտի ըլլար հաւատացեալներուն համար: Ինծի համար նախընտրելի էր ինքնակամ հեռանալ, ուստի կը խնդրէի երկրէն դուրս ելլելու արտօնագիր տալ ինծի: Գնդապետը հազար անգամ ներողութիւն խնդրեց, վստահեցնելով որ բնաւ մտածած չէր այդպիսի քայլերու դիմել: Մինչեւ իսկ սկսաւ խնդրել որ այդպիսի բան չընէի, որովհետեւ իմ մեկնումս, քանի որ կրօնական բարձր հեղինակութիւն մըն էի, իր գլխուն հազար ու մէկ դժուարութիւն պիտի բարդէր, որոնց հետեւանքով ստիպուած պիտի ըլլար պաշտօնաթող ըլլալ: «Կը խնդրեմ վստահիլ ինծի», ըսաւ, «բարեպաշտ կաթողիկէ մըն եմ եւ ազգակցական կապեր ունիմ Յիսուս Մանկան Սբ. Թերեզային հետ: Իմ կասկածներս արդիւնքն են Գերպ. Հինտիէի բաժակաճառերուն, որ արտասանած է Տէր Զօրի, Հասաքէի ու Քամըշլիի մէջ: Եպիսկոպոսի մը բերանէն ելած խօսքեր են եւ չեմ կրնար անգիտանալ զանոնք, քանի դեռ չեն հերքուած հեղինակաւոր անձերու կողմէ: Կ՚արտօնէ՞ք ինծի, որ տեղեկութիւններ խնդրեմ Աթէնքի մեր հիւպատոսարանէն»:

Իմ լիակատար ու անվերապահ հաւանութիւնս տուի: Տեղեկութիւնները խնդրուեցան հեռագրով եւ Աթէնքի հիւպատոսը պատասխանեց որ արժանի էի յարգանքի, օգնութեան ու պաշտպանութեան:

Հեքոյ եւ Քամըշլի 1939 Յունուար 16ին մեկնեցայ Հեքոյ: Այդ բարեսիրտ մարդիկ զիս առնելու համար ինքնաշարժ մը բերած էին Հալէպէն: Հարիւրի չափ տղամարդիկ, հեծելախումբ մը կազմած, զիս դիմաւորելու եկած էին գիւղէն մօտ տասը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Իսկ գիւղէն մէկ քիլոմեթր հեռու ինծի կը սպասէին ծերունիները, կիներ՝ մանուկները գիրկերնին, եւ մինչեւ իսկ քանի մը հիւանդներ: Գեղջկական գեղեցիկ նուագներ կը հնչէին սրինգով, պարկապզուկներով ու քամանչայով: Այդ սրտաբուխ ու անկեղծ ուրախութիւնը զիս խորապէս յուզեց: Մօտակայ «Ալիա» քրտական վարժարանէն Շէիք Համմէտը եւ Շէիք Իպրահիմը եկած էին իրենց իննսունամեայ հօր ողջոյնները փոխանցելու ինծի:

Յաջորդ օրը ուզեցի յանպատրաստից խորան մը կազմել, բայց ամբողջ գիւղին մէջ սեղան մը չգտնուեցաւ: Հարցը լուծեցի չթըրծուած աղիւսներով, որոնց վրայ սփռեցի մաքրափայլ երեք ծածկոցներ: Վրան երկու շիշ դրի, որոնք մոմակալի դեր կը կատարէին:

Առտու կանուխ սկսայ մատակարարել Ապաշխարութեան խոր հուրդը: Այդ փոքրիկ հօտին կրօնական կրթութիւնը բաւականին սահմանափակ էր. գիտէին որ ներում ստանալու համար պէտք է խոստովանէին իրենց մեղքերը եւ որ քահանայի կողմէ սրբագոր ծուած նշխարին մէջ ներկայ է Յիսուս, Աստուծոյ եւ Կոյս Մարիամի Որդին: Ընտանիքի մէջ աւանդուած ուսուցումներ էին, բայց գիւղի կիներէն ոչ մէկը քահանայի երես տեսած էր բնաւ: Սակաւաթիւ տղամարդիկ միայն կրցած էին Սուրբ Պատարագի մասնակցիլ Հալէպի մէջ, ուր գացած էին իրենց զանազան գործերով:

Ինչպէ՞ս խոստովանեցան: Աղիւսներու փոքրիկ կոյտի մը վրայ նստած կ՚ընդունէի ապաշխարողները, կը հրաւիրէի ծունկի գալ, կ՚օգնէի խաչակնքուելու, քանի մը հարցում կ՚ընէի՝ որպէս նպատակ ունենալով օգնել իրենց խոստովանելու իրենց մեղքերը եւ խոստանալու չուզել այլեւս զԱստուած վշտացնել: Ապա որպէս ապաշխարու թիւն ըսել կու տայի «Հայր մեր»ը եւ «Ողջոյն քեզ, Մարիամ»ը, եւ կու տայի արձակումը: Ապաշխարողը կը համբուրէր աջս եւ կը հեռա նար աղօթելով. «Տէր Յիսուս, ողորմէ եւ օգնական եղիր ինծի»: Երբեք կասկած չեմ ունեցած Ապաշխարութեան խորհուրդը մա տակարարելու այդ ձեւին նկատմամբ եւ մինչեւ օրս ալ համոզուած եմ որ Աստուծոյ ողորմութիւնը առատօրէն իջած էր այդ հաւատացեալներուն վրայ, որ անկեղծ սրտով զղջացած էին իրենց մեղքերուն համար: Հարկ էր տեսնել թէ ինչպէս կու լային, հասկնալու համար թէ ինչ կը նշանակէ մեղաւոր ըլլալու գիտակցութենէ բխած վիշտն ու ներումի յոյսը: Այնքան ազդուեցայ, որ Աւետարանէն ետք չկրցայ արտասանել սովորական քարոզը: Սուրբ Պատարագի աւարտին, հինգ մանուկ մկրտեցի:

Հեքոյ գիւղը բաղկացած էր երեսուներկու տուներէ, բայց ընտանիքները բոլորն ալ բազմանդամ էին: Բոլոր ընտանիքներն ալ կաթողիկէ էին եւ ծագումով Թէլլէրմէն գիւղէն, Մարտինի արուար ձաններէն: Ամբողջովին հայկական գիւղ մըն էր եւ կրնար քրիստո նեայ կղզի մը նկատուիլ քրտական ծովու մը մէջ: Կղզիացումը այդ հայերուն կը ստիպէր միշտ պաշտպանողական վիճակի մէջ ըլլալ՝ փրկելու համար սեփական ստացուածքները եւ իրենց կիներուն պատիւը: Այդ մթնոլորտին մէջ հայերն ալ յօժարակամ կը նուիրուէին աւազակութեան եւ դարձեր էին հմուտ վարպետներ: Անոնցմէ մէկը ինծի կը պատմէր որ մօտ ամիս մը առաջ, իրեն նման քաջարի չորս երիտասարդներու հետ գացած էր Թուրքիա եւ Տիգրանակերտի մօտակայքը ծուղակի մէջ բռնած էր թուրք վաճառականներու կարաւան մը, որ ծխախոտ եւ տարբեր տեսակի ուտեստեղէն կը փոխադրէր: Բոլորը սպաննած էին եւ Հեքոյ վերադարձած էին հարուստ աւարով: Փորձեցի նկատել տալ որ մարդասպանութիւն գործած էին, բայց խօսակիցս զարմացած պատասխանեց. «Ի՞նչ մարդասպանութիւն: Անոնք չե՞ն, որ Եղեռնի ատեն սպաննեցին իմ ծերունի հայրս, մայրս, երկու քոյրերս իրենց զաւակներով միասին: Սպաննելէ առաջ պատուազրկած էին քոյրերէս մէկը: Այդ խոզերը սպաննելը ինչպէ՞ս կրնայ մեղք համարուիլ»:

Հեքոյէն մեկնումս նուազ հանդիսաւոր չեղաւ՝ ինչպէս եղած էր ժամանումս: Հասաքէ հասայ միեւնոյն հեծելախումբին ընկերակցութեամբ եւ հրաժեշտի պահուն տարիքով ամենամեծը խնդրեց որ զիրենք օրհնեմ: Օրհնութիւնս ստանալու համար բոլորը երեսն ի վար գետնին տարածուեցան: Վերջաւորութեան, ծերունին ձեռքս բռնեց եւ խորապէս յուզուած ըսաւ. «Սէիտնա, ներողամիտ եղէք որ այսքան ընտանի կերպով վարուեցանք Ձեզի հետ: Դուք մեր հայրն էք եւ մենք գիտենք որ կ՚ուզէք մեր կողմէ սիրուիլ այնպէս՝ ինչպէս Դուք մեզ կը սիրէք: Սէիտնա, գո՞հ էք մեզմէ»:

«Այո՛, որդեակներս, ես ձեզմէ շատ գոհ եմ»:

«Սէիտնա, կրնա՞մ Հեքոյի բնակիչներուն ըսել որ գոհ էք մեզմէ»:

«Այո՛, սիրելի որդիներս», կրկին հաստատեցի ես, «Հեքոյի իմ բոլոր թանկագին որդեակներուս ըսէք որ զիրենք շատ կը սիրեմ եւ իրենցմէ շատ գոհ եմ: Ըսէք անոնց, որ իմ ուրախութիւնս ու գոհունակութիւնս պիտի արտայայտեմ այս տարուան ընթացքին մատուռ եւ դպրոց մը կառուցելով, որուն ուսուցիչ մըն ալ պիտի յատկացնեմ»:

Այդ մարդոց երջանկութիւնը հասկնալու համար հարկաւոր է փորձառութիւնը ունենալ՝ թէ ի՛նչ կը նշանակէ զրկուած ըլլալ կրօնական ամենատարրական արարողութիւններէն եւ գէթ նուազագոյն կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն:

Հասաքէի մէջ առաջին գիշերը հարկադրուեցանք պանդոկի մը մէջ անցնելու, որովհետեւ Պրն. Աշճեանը, Տէր Գրիգորին բարեկամը, կը բացակայէր ամբողջ ընտանիքով: Հարկաւոր է փորձառութիւնը ունենալ, ըսելու համար՝ թէ ՚՚մաքրութիւն՚՚ բառը ի՛նչ կը նշանակէ արաբ երկիրներուն մէջ: Առաւօտեան մեծապէս ուրախացանք՝ ինքզինքնիս ողջ ու առողջ գտնելով, թէեւ մեր հագուստները բոյն դարձած էին չեմ կրնար ըսել քանի տեսակ միջատներու համար:

Արդէն յիշատակած եմ Մրշոյեան երկու եղբայրները, Դամասկոսի մէջ բանտարկուած, որոնց սուրիական յիսուն ոսկի ղրկած էի, որպէս իմ կողմէս սրտաբուխ նուէր: Շաբաթ մը վերջ, նամակատան ճամբով Դամասկոսէն յիսուն ոսկիի վճարագիր մը ստացայ եւ նամակ մը՝ ազնուաբարոյ եւ գորովալի արտայայտութիւններով լեցուն. մեր քաղաքական երկու բանտարկեալներն էին, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէին հայրական արարքիս համար եւ կը խնդրէին այդ գումարը բաժնել կարիքաւորներուն, որովհետեւ իրենց կարիքները լիուլի կը հոգային ֆրանսական կառավարութիւնը եւ իրենց ազգականները: Նամակը կ՚աւարտէին արտայայտելով իրենց պարծանքը՝ իրենց հայ ըլլալուն համար եւ կ՚ըսէին որ միշտ պիտի մնային Հայաստանի նուիրեալ զաւակները, պատրաստ՝ Հայաստանի համար իրենց կեանքը անգամ զոհելու: Փետրուար 10ին մեզի հասաւ Սրբազան Քահանայապետ Պիոս ԺԱ.ին մահուան տխուր լուրը: Տէր Գրիգորին համար այդ լուրը որեւէ կարեւորութիւն չէր ներկայացներ: «Ինչպէ՞ս», բացականչեցի, «Սրբազան Քահանայապետին մահը քեզ չի՞ հետաքրքրեր»: Իրեն բարի օրինակ տալու համար յայտարարեցի որ Սրբազան Քահանայապետին հոգւոյն հանգստեան համար տասը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէի: Յաջորդ օրը հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցեցայ Գերպ. Հեպպէի եկեղեցւոյ մէջ եւ պատիւը ունեցայ դամբանա կան ճառը արտասանելու: Պէտք է Քամըշլի երթայի, ուր Սուրբ Աթոռը հաստատած էր իմ նստավայրս եւ ուրկէ Տէր Յովսէփը ինծմէ դրամ կը խնդրէր՝ եկեղեցւոյ շինարարութեան աշխատանքները շարունակելու համար: Ատոր մասին խօսեցայ Տէր Գրիգորին հետ եւ ան առիթէն օգտուեցաւ ըսելու համար որ ալ ժամանակը հասած էր կաթողիկէ ասորիներէն ձերբազատուելու, քանի որ մեր ժողովուրդը մեզի հանդէպ համակրանք ու վեհանձնութիւն կը դրսեւորէր: Ըսաւ որ ինքը կըրնար գոհանալ միայն մէկ կնոջ ծառայութիւններով, որուն կրնար յանձնել խոհանոցի ու մաքրութիւններու գործը: Փետրուար 27ին, մեկնումիս նախորդ օրը, երեսունի չափ մարդիկ, Ճեմիլ Տիլենճիին գլխաւորութեամբ, եկան իրենց ցաւը յայտնելու մեկնումիս համար եւ խնդրելու որ այդ երեկոյեան ընդունէի մեր հայրենակիցները Տիլենճիի տան մէջ, քանի որ մերը չափազանց փոքր էր այդ նպատակին ծառայելու համար:

Ընդունելութիւնը սկիզբ առաւ կէսգիշերէն քիչ մը առաջ: Ես շատ յոգնած էի եւ քնանալու կարիք ունէի, եւ դեռ ճամպրուկներս պիտի պատրաստէի: Սկսան բողոքել, ըսելով թէ պիտի չձգէին որ մեկնէի, եթէ նախ չխոստանայի ազատել զիրենք կաթողիկէ ասորիներու լուծէն, կառուցելով հայկական եկեղեցի ու դպրոց մը: Կը մըտաբերէի. «Աստուա՜ծ իմ, դարձեալ դրամի կարօտութիւն: Ո՜վ Սուրբ Յովսէփ, օգնէ ինծի»: Ըսի որ ամէն ինչի պատրաստ էի, բայց այդ պահուն ոչինչ կրնայի խոստանալ, որովհետեւ տրամադրութեանս տակ միջոցներ չունէի: Այս պատասխանս հաճելի չեղաւ Տէր Գրիգորին, որ զայն այսպէս սրբագրեց. «Օգնեցէ՛ք ինծի: Եկեղեցւոյ կառուցումը կ՚արժէ սուրիական հինգ հազար ոսկի: Գերապայծառը յանձն կ՚առնէ վճարել երկու հազարը»: Յաջորդեցին շառաչուն երկարատեւ ծափահարութիւններ եւ իսկոյն սկիզբ առին հանգանակութեան բաժանորդագրութիւնները: Առաջինը բաժանորդագրուեցաւ ինքը Տիլենճին, որ խոստացաւ վճարել սուրիական հինգ հարիւր ոսկի: Կէս ժամ ետք բաժանորդագրութիւնները հասեր էին հինգ հազար հինգ հարիւր վաթսուն ոսկիի:

Յաջորդ օրը առաւօտեան, ինչպէս միշտ առաջինը եկաւ Տիլենճին եւ ինծի յանձնեց խոստացած հինգ հարիւր ոսկին: Անոր յաջորդեց Անտոն Պետրոսը, որ նուիրեց երեք հարիւր ոսկի: Նախորդ օրուան բաժանորդագրութեան ատեն խանդավառութիւնը մեծ էր, բայց երբ իսկապէս վճարելու ժամը հասաւ՝ միայն հազար սուրիական ոսկի հաւաքուեցաւ:

Առաջին հանդիպումները

Ուզելով խուսափիլ տօնակատարութիւններով ու ընդունելութիւններով կատարուող աւելորդ ու վնասակար վատնումներէ, Քամըշլի ժամանումիս օրն ու ժամը չէի ուզած յայտնել ոչ մէկուն: Կէս ճանապարհին, այսինքն՝ Թէլէպրաքի մօտերը, ինքնաշարժին կնդրիտը վերջացաւ, բայց ինքնաշարժը չկեցաւ: Ուղեկիցներս կը պէնզինը, որ շարժիչը կ՚աշխատէր շնորհիւ իմ աղօթքներուս: Չըկրցայ հասկնալ թէ կ՚ուզէին զիս շողոքորթել, թէ ծաղրել:

Իսկոյն սկսան սովորական յարգանքի այցելութիւնները: Առաջինը եկաւ Միքայէլ Տոմը, որ ինքզինքը պարտաւոր զգաց յայտնելու ժողովուրդին դժգոհութիւնը որ արգիլած էի զիս տօնական արարողա կարգով ընդունիլ: Կրկնեցի արգելքին պատճառները եւ եզրափակեցի. «Ըսէք բոլորին, որ եթէ կ՚ուզեն ինծի հաճոյք պատճառել՝ թող օգնեն ինծի կառուցելու եկեղեցին, դպրոցը եւ առաջնորդարանը»:

Ինծի այցելելու եկաւ Առաքելական Համայնքի արժանավայել ծխատէրը՝ Տէր Աշոտ քահանան, որուն հետ յետագային պիտի կապուէի սերտ ու անկեղծ մտերմութեան զգացումներով:

Ան նախապէս ուսուցիչ եղած էր Տիգրանակերտի մէջ, յետոյ ընդունած էր քահանայական օծումը: Ուսուցչական երկարատեւ գոր ծունէութեան ընթացքին բաւական բան սորված էր. գիտէր թուաբանական չորս գործողութիւնները, հայերէն, թրքերէն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն: Շատ լաւ կը ճանչնար Հին եւ Նոր Կըտակարաններուն պատմութիւնը, բայց տաս֊տասներկու տարեկան մանուկներու մակարդակով: Իր աստուածաբանական գիտելիքները աւելի անդին չէին երթար: Օր մը իրեն նուիրեցի Գերպ. Նազլեանի գրքոյկներէն մէկը քահանայութեան մասին: Մեծապէս գոհ մնաց եւ կրկին ու կրկին կը կարդար, հոգեւոր օգուտ քաղելով այդ էջերուն ընթերցանութենէն: Հաւատարիմ էր իր քահանայական պարտականութիւններու կատարումին մէջ. ամէն օր կը կատարէր Առաւօտեան եւ Երեկոյեան Ժամերգութիւնները, նոյնիսկ երբ եկեղեցին դատարկ էր. կ՚այցելէր բոլոր ընտանիքներուն անխտիր, կը մատակարարէր խորհուրդները եւ կը կատարէր յուղարկաւորութեան արարողութիւնները: Կը փափաքէր որ իր Կաթողիկոսը ճանչնար իր արժանիքները եւ իմ միջնորդութեամբս ստացաւ Աւագ Քահանայի տիտղոսը, համապատասխան շքանշաններով: Անկեղծ էր եւ ինծմէ գաղտնի չպահեց որ իր պարտականութիւնը համարած էր տեղեկացնել իր Կաթողիկոսին, որ Քամըշլիի մէջ իմ ներկայութիւնս կրնար իր հաւատացեալներուն համար խթան հանդիսանալ լատինական ծէսին անցնելու: Միեւնոյն ատեն Կաթողիկոսէն խնդրած էր ուսեալ քահանաներ ուղարկել Քամըշլի, որպէսզի իր հաւատացեալներուն կրօնական ճշմարտութիւնները սորվեցնէին: Քամըշլիի մէջ մխիթարութիւնը ունեցայ հանդիպելու Տիկին Արշալոյսին, որ ծնունդով կարնեցի էր եւ ծնողքիս դրացին: Ամուսնացած էր Յակոբ Պօղոսին հետ, որ քաղաքապետարանին թարգմանն էր: Եկաւ ինծի այցելելու եւ անոր այցելութիւնը սիրտս շատ յուզեց: Իմ տրամադրութեանս տակ դրաւ իր տունը, որպէսզի հոն կարենայի ընդունիլ ինծի այցելութեան եկող անձերը, եւ ես ընդունեցայ իր այդ առաջարկը միեւնոյն զգացումներով՝ որոնցմով տիկինը ներկայացուց զայն: Երբ իրենց տունը մտայ, Յակոբ Պօղոսը զիս ընդունեցաւ ծունկի եկած եւ արտասուալից աչքերով: «Հայր Սուրբ», բացականչեց, «արժանի չեմ, որ Դուք իմ տունս մտնէք»: Ստիպուեցայ մեղմօրէն բռնութիւն բանեցնել՝ զինք ոտքի կանգնեցնելու համար: Այցելութեան եկան Խուրի Ճիպրաիլ Կաննին14, որ քաղդէացի երիտասարդ ու եռանդուն քահանայ մըն էր, Ապունա Միշէլ Ճարրոէն, որ կաթողիկէ ասորիներուն ժողովրդապետն էր, եւ Դոմենիկեան Հայրերը, ասորի կաթողիկէ դպրոցին աշակերտներէն ոմանց հետ: Հայ կաթողիկէ պատանի մը ուղերձի խօսքեր կարդաց ի պատիւ ինծի եւ ազնիւ արտայայտութիւններ ունեցաւ նաեւ կաթողիկէ ասորիներու վարժարանին հասցէին, որ հիւրընկալած էր նաեւ հայ պատանիները:

Յետ միջօրէի, Պրն. Յակոբ Պօղոսը աւետեց յակոբիկեաններու ժողովրդապետ Խուրի Մլքիին այցելութիւնը: Լուրը հաղորդելու կերպէն հասկցայ որ խօսքը կարեւոր անձնաւորութեան մը մասին էր, ուստի գացի հիւրը տան մուտքին ընդունելու: Դիմացս գտայ տղամարդ մը բարձրահասակ, թիկնեղ, զոր աւելի պատկառելի կը դարձնէին Աւագ Քահանայի յատուկ շքանշանները: Երկու երեւելիներ եւ սարկաւագ մը կ՚ընկերանային իրեն: Չեմ գիտեր ի՛նչ լեզուով ողջունեց զիս, բայց կ՚ապահովցնեմ որ զիս ուժգին սեղմեց իր կուրծքին, կարծես երկար տարիներէ ի վեր զիրար չտեսած եղբայրներ ըլլայինք: Չէր դադրեր ջերմագին կրկնելէ. «Սէիտնա Կիւրեղ, բարի եկած էք մեր մէջ Տիրոջ անունով: Օրհնեցէք մեզ: Դուք Աստուծոյ մարդն էք: Սէիտնա, մենք Ձեր ծառաներն ենք, անարժան՝ Ձեր ոտնահետքերը համբուրելու»: Արտասուե լու չափ յուզուած էր: Սարկաւագն ու երեւելիները ապշած էին եւ ինքզինքնին երազի մէջ կը կարծէին: Իրական մտամոլորութեան քանի մը վայրկեաններէ յետոյ, իրենք ալ ծունկի եկան եւ սկսան կրկնել. «Սէիտնա, օրհնեցէք մեզ»: Ես ալ զարմացած էի եւ ես ինծի կը հարցնէի թէ ինչպէ՞ս անծանօթի մը կողմէ արժանացած էի այդքա՜ն գորովի, եւ մինչեւ այսօր ալ բացատրութիւն մը չունիմ: Կրնամ, սակայն, երաշխաւոր ըլլալ անոր անկեղծութեան, եւ կ՚աւելց նեմ որ տասնվեց տարիներու ընթացքին ոչինչ կրցաւ խափանել մեր բարեկամութիւնը եւ երբեք այդ առաջին հանդիպումին ջերմութիւնը չպաղեցաւ:

Խուրի Մլքիին մէջ Քահանայական նկարագիրը չէր ջնջած իր անձնական նկարագիրը, որ պատանեկան տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած էր Միջագետքի անծայրածիր տարածքներուն մէջ, զոր երկայնքին ու լայնքին անցած էր բերնէ բերան լեցուն հրացանով: Իր աստուածաբանական գիտելիքները չէին գերազանցեր Մկրտութեան փափաք ունեցող հասուն անձի մը մակարդակը. գիտէր որ սրբագործուած հացի եւ գինիին մէջ ներկայ է յարուցեալ եւ իրական Յիսուս Քրիստոսը, որ մեր Աստուածն է եւ մեր Փրկիչը. գիտէր որ խորհրդական արձակումը կը ջնջէ Մկրտութենէ ետք գործուած մեղքերը եւ որ զայն կրնայ մատակարարել միմիայն Եպիսկոպոսէն իշխանութիւն ստացած քահանան: Իր բարոյականութիւնը բնաւ համապատասխան չէր աւետարանական բարոյականութեան, բայց ո՞վ կրնար անոր հակառակը փաստել: Համոզուած էր որ թուրքերը սպան նելը մեղք չէր, պայմանով որ գործի դրուէր անհրաժեշտ խոհեմութիւնը՝ ոստիկանութեան ձեռքը չիյնալու համար: Գռեհիկ խօսքերը բնաւ մեղք չէր նկատեր, այլ՝ ուժգին արտայայտութիւններ, որոնք միշտ օգտակար եւ երբեմն ալ անհրաժեշտ են սեփական մտքերը լաւ հասկցնելու համար: Ողջախոհութեան վերաբերեալ ամբողջովին իւրայատուկ ուսմունք մը ունէր, որ աւելի լաւ է հոս չըքննարկենք: Քահանայական ծառայութեան մէջ Խուրի Մլքին օգնական երի տասարդ քահանայ մըն ալ ունէր, որ իր միեւնոյն անունը կը կրէր: Երկու քահանաները իրարմէ զանազանելու համար՝ ժողովուրդը զիրենք կը կոչէր «Մլքի ալ Քիպիր», այսինքն՝ «Աւագ Մլքի», եւ «Մլքի ալ Սաղիր», այսինքն՝ «Կրտսեր Մլքի»: Կրտսերը աւագէն տարբեր էր ո՛չ միայն տարիքով, այլ նաեւ հանդարտ բնաւորութեամբ:

Ինծի այցելելու եկաւ նաեւ Մեծ Մուֆթին, որ մահմետական ներուն ամենաբարձր հեղինակութիւնն է:

Ապա այցելութեան եկաւ Բողոքական Համայնքի Պատուելին: Ծնունդով տիգրանակերտցի հայ մըն էր, որ տեղւոյն ամերիկեան դպրոցը յաճախելէ ետք գացած էր Ամերիկա եւ հոն նշանակուած էր Հովիւ: Իր կինը, որ նոյնպէս հայազգի էր, հաւատարիմ մնացած էր Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ զաւակները մկրտել տուած էր, ամուսինին միշտ կրկնելով որ առանց Մկրտութեան միայն թուրքերը կրնան ապրիլ:

Արեւելեան սովորութիւններուն համաձայն, Պատուելին հրաւիրեցինք մեզի հետ սեղան նստելու, բայց ան շնորհակալութիւն յայտնելով հրաժարեցաւ, վստահեցնելով որ արդէն ընթրած էր:

Կէս գիշերուան մօտ, վերջապէս կրցայ միայնակ մնալ: Տիկ. Արուսեակը սրահի յատակին յարդով հիւսուած խսիր մը փռեց, որուն վրան ալ՝ բուրդէ մահիճ մը, երկու բարձ եւ երկու ծածկոց: Բաւականին զարմացած մնաց, երբ հարցուցի՝ թէ ո՞ւր կը գտնուի ճեմիշը: Այս նիւթին շուրջ նախապէս պատմածներէս ետք՝ աւելցնելիք ոչինչ ունիմ:

Կենցաղային խնդիրներու լուծումը

Յաջորդ օրը, յետ միջօրէի, Տէր Յովսէփը եկաւ ինծի յանձնելու քանի մը նամակներ: Բացի առաջին նամակը, որ ինծի գրած էր Հայր Ռոպերթոն, Յունաստանի առաքելութեան կանոնական Մեծաւորը: Սիրելի եղբայրակիցս ինծի ուղղած էր իր ամենագորովալի արտայայտութիւնները, որոնցմով կը յորդորէր զիս չյուսալքուիլ, վստահեցնելով որ իմ նեղութիւններս արդիւնքը չէին դատարկ դրամապանակին, այլ աւելի՝ Յունաստանի եղբայրակիցներու, գործակիցներու եւ փոքրիկ հօտին հանդէպ զգացած կարօտիս: Աստուծոյ սիրոյն, կ՚ըսէր, այդքա՜ն փոթորիկներ յաղթահարելէ ետք՝ պէտք չէ գաւաթ մը ջուրի մէջ խեղդուէի: Իսկ իրմէ առած պարտքիս վերաբերեալ կ՚ըսէր որ կրնայի անհոգ ըլլալ, քանի որ իրեն եւ առաքելութեան մէջ իր գործակիցներուն անհրաժեշտ ոչինչ կը պակսէր: Պարկ մը ոսկի բաւական պիտի չըլլար մխիթարելու համար հոգիս որքան այդ նամակը: Յուզուած էի եւ արտասուեցի, վերանորոգ վստահութեամբ դիմելով իմ պաշտպան Սուրբ Յովսէփին. ջերմագին երախտագիտութիւն յայտնեցի, վստահ որ ինքը պիտի մտածէր մնացածին: Եւ չսխալեցայ: Հազիւ կրցայ՝ բացի Հայր Ֆերտինանտոյին նամակը, որ մեր Միաբանութեան Առաքելութիւններու Ընդհանուր Քարտուղարն էր: Ձեզի կը թողում երեւակայել ապշանքըս, երբ նամակին կից գտայ վճարագիր մը, երեք հազար տոլար արժողութեամբ: Ընդհանուր Մեծաւորն ալ յորդոր մը աւելցուցած էր՝ վստահելու Աստուածային Նախախնամութեան: Երբ աստղերը արդէն սկսած էին փայլիլ երկնակամարին վրայ, համայնքին երեւելիները եկան ինծի հետ քննարկելու իմ բնակավայրիս եւ ճաշի խնդիրը: Ըմբռնելու համար հարցին ծանրութիւնը, հարկաւոր է իմանալ թէ ինչպիսին էր իմ կղերականներուս վիճակը այդ ժամանակ: Քամըշլիի մէջ զիս նախորդած էր Տէր Յովսէփ Քալքոթուրեանը, որ հոն հասած էր 1937 թուականի Փետրուարին, Փարիզի եւ Թեհրանի մէջ աշխատելէ ետք: Բարի կամքով լեցուն վարդապետ մըն էր, բայց մեծ թիւով անյաջողութիւններ գրանցած էր: Գերպ. Հինտիէն անոր յանձնարարած էր կառուցանել հայ կաթողիկէ եկեղեցին, բայց ան միամտօրէն խաբուած էր ոմն Զէքի Մալոյի կողմէ եւ կորսնցուցած էր հազար երկու հարիւր ոսկի լիրա, առանց քար մը քարի վրայ դնելու: Ընծայման Քոյրերու վարժարանին մէջ հաստատած էր հայոց լեզուի դասաժամեր, բայց ասոր մէջ ալ ձախողած էր, քանի որ իրեն դասաժամեր յատկացուցած էին միւս բոլոր դասաժամերու վերջաւորութեան, երբ աշակերտները այլեւս յոգնած կ՚ըլլային: Փորձած էր երեկոյեան դասաժամեր հաստատել, բայց հաւասարապէս ձախողած էր:

Մեր համայնքի պատանիներուն կրօնական դաստիարակութիւնը յանձնուած էր Դոմենիկեան Միաբանութեան վարդապետ Հայր Հերոնիմոսին: Դժբախտաբար, ան պատրաստուած չէր այդ տեսակ առաքե լութեան եւ հայ երիտասարդները շարունակ կÿորակէր որպէս փայլուն ոճրագործներ, արբեցողներ ու անբարոյականներ: Աւելի յաջող եղած էր երգչախումբին կազմակերպումը, որ հիանալի կերպով կը կատարէր ծիսական շարականները, պայմանով որ երգեցողութեան չմասնակցէր Հայր Յովսէփը, որ բոլորովին զուրկ էր երաժըշտական լսողութենէ: Տէր Յովսէփը կ՚ապրէր թափառական արաբի մը նման: Ամէնքը կը սիրէին զինքը եւ կը փափաքէին որ իրենց սեղանակից ըլլար, բայց աղքատ մարդիկ էին՝ որոնցմէ ան չէր կրնար պահանջել ճաշի եւ ընթրիքի կանոնաւոր օրակարգ մը: Այնպէս որ Հայր Յովսէփին գլխաւոր ճաշը առաւօտեան նախաճաշն էր: Վերադառնամ իմ բնակավայրիս հարցին: Տէր Յովսէփին խըրճիթը չափազանց փոքր էր, որպէսզի կարենայի հոն հաստատուիլ: Ոմանք առաջարկեցին որ առայժմ բնակութիւն հաստատէի Քասպոյ պանդոկին մէջ: Բայց ինչպէ՞ս կրնայի ապրիլ Քամըշլիէն անցնող խաշնարած քիւրտերու ու արաբներու հետ:

Թեմիս հաւատացեալները կ՚ապրէին թշուառութեան աստիճանի աղքատ տուներու մէջ: Բաւական է ըսել որ երեք կամ չորս քառակուսի մեթր տարածքով սենեակի մը մէջ կ՚ապրէին վեցէն մինչեւ քսան հոգի, չհաշուած հաւերը, սագերը, բադերը, ոչխարները … եւ դեռ տեղ կար պահեստաւորուած կերակուրներու համար. ցորեն, պա նիր, առաստաղէն կախուած սոխ ու սխտոր …:

Մինչ ոգեւորուած կը վիճաբանէինք, եկաւ հրեայ ռաբբին, որուն անունն էր Մուշէ Շամոն, որ անվճար կերպով ինծի առաջար կեց իր սեփականութեան փոքրիկ տուն մը՝ երեք մեթր լայնութեամբ եւ հինգ մեթր երկարութեամբ: Մինչ այդ օրը շինութիւնը ծառայած էր որպէս գոմ երեք այծեամներու համար, որոնք կրնար ուրիշ տեղ փոխադրել: Մեր համայնքին երեւելիները միաձայն պոռչտուք մը բարձրացուցին, ըսելով որ այդպիսով անարգուած պիտի ըլլար ազգային արժանապատուութիւնը, եւ յամենայն դէպս՝ իրենք պիտի չհանդուրժէին որ իրենց Եպիսկոպոսը բնակութիւն հաստատէր կենդանիներու ախոռի մը մէջ:

«Քրիստոնեայ Հայաստանի թանկագին որդիներս», պատասխանեցի իրենց, «դուք մեծագոյն ամօթ կը նկատէք՝ եթէ ձեր Եպիսկոպոսը բնակութիւն հաստատէ կենդանիներու ախոռին մէջ: Բայց միթէ կը նախընտրէ՞ք որ բաց երկինքին տակ մնամ, ենթակայ անձրեւներուն, ձիւնին եւ քամիին: Աստուծոյ Որդին ուզեց ծնիլ մսուրի մը մէջ եւ ես երախտապարտ եմ Պարոն Ռաբբիին իր վեհանձն առաջարկին համար: Եթէ մեր Արարիչը, որ Տէրն է ամբողջ տիեզերքին, ուզեց ջեր մանալ կովու եւ աւանակի շունչով, ի՞նչ դժուարութիւն կրնայ զգալ Իր ներկայացուցիչը՝ հետեւելու Իր օրինակին»:

Համայնքիս երեւելիները հակառակ ոչինչ կրցան ըսել: Քամըշլիի հրեայ համայնքը հոն հաստատուած է Բաբելոնի աքսորի ժամանակներէն, Ք.ա. մօտ 586 թուականէն: Բաղկացած էր աւելի քան երկու հարիւր ընտանիքներէ եւ ունէր ժողովարան մը, ռաբբին, մսագործը, ակումբ մը եւ ծաղկուն դպրոց մը: Լաւ կազմակերպուած էր եւ ոչ ոք աշխատանքէ զուրկ էր: Հրեայ համայնքին հետ միշտ լաւ յարաբերութիւններ ունեցայ եւ վայելեցի ռաբբիին ու երեւելիներուն բարեկամութիւնը: Սովորաբար կ՚ըսեն՝ թէ հրեայ վաճառականները խաբեբաներ են, բայց իմ հետս միշտ ազնիւ վարուած են: Մրցակցութեան համար գործածուած անոնց յաղթական միջոցը ճիշտ իրենց ազնուութիւնն է եւ միւս բոլորէն աւելի ցած գիները: Անգամ մը շտապ կարիքն ունէի սուրիական հինգ հարիւր լիրայի, ուսուցիչներուն աշխատավարձը վճարելու համար: Կաթողիկէ մեծահարուստ տիկին մը պատրաստակամութիւն յայտնեց ինծի փոխ տալու այդ գումարը ամսական քսան առ հարիւր շահաբաժինով: Եւ այդպէս վարուելով՝ իբր թէ շնորհք մը կ՚ընէր ինծի, քանի որ հողագործներուն փոխ կու տար ամսական յիսուն առ հարիւր շահաբաժինով: Ես հողագործ չէի եւ այդ դրամը ինծի շահ մը պիտի չբերէր: Հետեւաբար՝ դիմեցի ռաբբիին, որ իսկոյն գումարը ինծի յանձնեց, որպէս միակ պայման դնելով որ իրեն բարեկամ մնայի մինչեւ Մեսիայի երկրորդ գալուստը:

Բնակութեանս հարցը լուծելէ ետք, մնաց ճաշի խնդիրը: Միքայէլ Տոմը իրը կը նկատէր Եպիսկոպոսին ապրուստը հոգալու իրաւունքը, քանի որ ինքն էր գիւղապետը: Գերակշռեց, սակայն, Յակոբ Պօղոսին առաջարկը՝ կազմելու յիսուն երկու ընտանիքներու ցանկ մը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը շաբթուան մը համար պէտք է հոգար իմ եւ Տէր Յովսէփին ճաշը: Չորս օր ետք, առաքելական ազնուափայլ տիկին մը, Տիգրանակերտէն փախստական, ուր կոտորած էին իր ամուսինը եւ բոլոր զաւակները, ինծի առաջարկեց իր ծառայութիւն ները ամսական սուրիական տասներկու լիրա վճարումով, որուն փո խարէն պիտի հոգար տան մաքրութեան, լուացքին եւ խոհանոցին: Սենեակ մըն ալ աւելցուցի Տէր Յովսէփին խրճիթին, այնպէս որ անձնական սենեակը առանձնանար աշխատասենեակէն, ուր սովոր էր ընդունիլ իրեն այցելութեան գացողները:

Հայազգի բանտարկեալներուն ազատումը 1939 Մարտ 3ին, Քամըշլիի ֆրանսացի նահանգապետին հրաւէրով, յարգանքի տուրք մատուցանելու գացի ֆրանսացի Բարձրագոյն Գործակալ Պրն. Փիւոյին: Չէի կրնար առիթը կորսնցնել եւ որոշեցի խնդրել ազատ արձակել Մրշոյեան եղբայրները, որոնք քաղաքական պատճառներով բանտարկուած էին: Բախտաւոր եղայ, որովհետեւ Բարձրագոյն Գործակալը խոստացաւ որ մինչեւ ընթացիկ ամսոյն վերջը մեր երկու հայրենակիցները ազատ կ՚արձակուին: Սին խոստում մը չէր եւ 1939 Մարտ 30ին երկու եղբայրները յաղթական մուտք գործեցին Հասաքէ: Անոնց հետ ազատ արձակուեցան նաեւ Յովսէփ Սեյեղը, Գրիգոր Խերիոն եւ Ռուբէնը: Տէր Յովսէփը անոնց տարաւ իմ ողջոյններս եւ օրհնութիւնս: Եղիա Մրշոյեանը իր բոլոր բանտակից ընկերները կը գերազանցէր խելացիութեամբ ու քաջութեամբ: Ժողովուրդը զինք որպէս ճշմարիտ ազգային հերոս կը նկատէր: Ամբողջ ասորի կաթողիկէ կղերական դասը, Պատրիարք Թափփունին ներառեալ, կը յուսային որ ան, իր Իսկենտէր անունով հօրեղբօր նման, անցնէր իրենց ծէսին: 1939 Ապրիլ 11ին Եղիային հանդիպեցայ Հասաքէի մէջ, ուր իրեն հետ միասին ողջունեցի նաեւ իր բանտակից բոլոր ընկերները: Անոնք ալ փոխադարձեցին ինծի այցելելով՝ Քամըշլի կատարած իրենց յաղթական մուտքին յաջորդ օրը: Ասորի կաթողիկէ քահանայ Լուի Մանսուրաթիի ներկայութեան, Եղիան հետեւեալ խօսքերը ուղղեց ինծի. «Սէիտնա, հաւատք մի՛ ընծայէք սուտ լուրերուն որ կը շրջին իմ մասիս: Ես Հայոց ազնուազարմ ազգին զաւակն եմ: Ձեր որդին եմ եւ Դուք իմ հայրս էք եւ իմ Եպիսկոպոսս: Ես երբեք չեմ դառնար ասորի կաթողիկէ: Կեցցէ՜ Հայաստանը, մեր Հայրենիքը: Կեցցէ՜ մեր Եպիսկոպոսը»: Ես ալ աւելցուցի. «Կեցցէ՜ Հայաստանը սիրող Սրբազան Քահանայապետը: Կեցցէ՜ Եղիա Մրշոյեանը: Կեցցե՜ն իր հերոս ընկերները»:

Սանճաքի ողբերգական վախճանը

Ֆրանսացի Բարձրագոյն Գործակալ Փիւոն հանդիսաւոր կերպով յայտարարած էր որ Ճեզիրէն երբեք պիտի չյանձնուէր Թուրքիոյ, բայց Ապրիլի առաջին օրերուն Քամըշլին ամբողջովին իրարանցումի մէջ էր, որովհետեւ լուրեր կը շրջէին որ իբր թէ թուրքերը արդէն գրաւած էին Քեսապը եւ Կասիոս լեռը: Կ՚ըսէին թէ հայերը ամէն բան ձգած, ուղղուած էին դէպի սուրիական Լաթաքիա քաղաքը: Կ՚ըսէին նաեւ թէ Տէր Սահակ Քէշիշեանը, գիտնալով որ թուրքերը զինք կը փնտռեն, ապաստանած էր Պէյրութ, իսկ Տէր Յովհաննէս Էքմէքճեանը ինկած էր թուրքերուն ձեռքը եւ անյայտ էր՝ թէ ինչ վախճան ունեցած էր: Տակաւին կ՚ըսէին թէ թուրքերը շրջապատած էին Քարատաղը եւ զինաթափ ըրած էին հայ բնակչութիւնը: Լուրեր կը շրջէին, որ Իտալիան արդէն պատրաստ էր գրաւելու Ֆրանսայի տեղը, եթէ ֆրանսացիները հրաժարէին պաշտպանելու քրիստոնեաները: Քամըշլի այցելութեան եկան ֆրանսացի ծերակուտական Կոթը րոն եւ պատմաբան Փօլ Վէուն: Գիւղապետ Միքայէլ Տոմը անոնց պատիւին ճոխ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց եւ առիթը օգտագործեց անոնց տեղեկացնելու թէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ի՛նչ կ՚ըսուէր Ֆրանսայի մասին: Ֆրանսացիներու դէմ ուղղուած հիմնական մեղադրանքները այն էին որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ճակատագիրը այլեւս Անգլիոյ ձեռքերուն մէջն էր, որ ֆրանսացիներուն իր ուզածը կը թելադրէր, իր շահերուն համաձայն: Ինչպէս նաեւ, հակառակ պաշտօնական հերքող հաստատումներու, Ֆրանսան չէր պաշտպաներ քրիստոնեաները մահմետականներէն: Որպէս այս մեղադրանքներուն հաստատում, Միքայէլ Տոմը կը յիշէր Կիլիկիոյ յանձնումը Թուրքիոյ: Կիլիկիան, որ հայերու արիւնով նուաճած էր, առանց նախազգուշացումի՝ Թուրքիոյ կը յանձնուէր: Ֆրանսացի սպաները Մարաշի մէջ անպատշաճ չնկատեցին մասնակցիլ թուրք պատգամաւորի տղուն հարսանիքին, ճիշտ երբ թուրքերը վերսկսած էին 1915 թուականի ջարդերը:

Միքայէլ Տոմը իրաւացի էր եւ բոլորն ալ գիտէին որ ֆրանսացիներու գլխաւոր մտահոգութիւնը մահմետականները սիրաշահիլն էր, կարծես թէ կրնային ապահով ըլլալ քրիստոնեաներու համակրանքին, ի՛նչ վերաբերմունք ալ որ ցոյց տային անոնց նկատմամբ: Ֆրանսացի երկու պարոնները ընդվզած յայտարարեցին որ Ֆը րանսան Թուրքիոյ երբեք պիտի չյանձնէ Սանճաքը, Ալեքսանդրէթի եւ ուրիշ քաղաքներու հետ միասին: Բայց բաւական եղաւ միայն երկու օր, որպէսզի ամէն ոք համոզուէր թէ որքան ճշգրիտ էին Միքայէլ Տոմին կանխատեսումները. Սանճաքը յանձնուեցաւ Թուրքիոյ եւ հայերը անգամ մը եւս հարկադրուեցան հեռանալ իրենց տուներէն, զրկուելով իրենց բոլոր ստացուածքներէն:

1939 Ապրիլ 29ին ստացանք Սանճաքը Թուրքիոյ յանձնելու պաշտօնական լուրը: Առաջին հայ փախստականները կը պատմէին մեզի, որ թուրք զինուորականները հասած էին նախապէս պատրաստ սեւ ցուցակներով, որոնց մէջ կար նաեւ կաթողիկէ ժողովըրդապետ Սահակ Քէշիշեանին անունը, համբաւաւոր դարձած կարիքաւորներու նկատմամբ ցուցաբերած իր մարդասիրութեամբ: Բարեբախտաբար, ան արդէն ապաստանած էր Լիբանան: Տէր Գաբրիէլ Գասպարեանը, որ Հալէպի աւագ քահանան էր, ժամանակին նախազգացած էր այն՝ ինչ որ արդէն ցաւալի իրականութիւն դարձած էր, եւ ամէն ջանք գործադրած էր համոզելու համար մեր հայրենակիցները՝ պատրաստ գտնուելու դէպքերու ողբերգական եզրայանգումին: Որպէս նորայայտ Յովնան, կտրած անցած էր քաղաքներն ու գիւղերը եւ հայ ընտանիքները մէկ առ մէկ յորդորած էր պատրաստ ըլլալու, եթէ չէին ուզեր ունենալ Մարաշի ու Ատանայի մեր հայրենակիցներուն վախճանը: Տէր Գաբրիէլին դէմ արտայայտուած էր ֆրանսացի պաշտօնեայ մը, որ անոր սպառնացած էր ծանր պատիժներ՝ բնակչութեան մէջ անհիմն իրարանցում առաջացնելու համար: Վարդապետը պատասխանած էր որ ինքը չէր վախնար ո՛չ մահէն, ո՛չ գանակոծութենէ, ո՛չ ալ բանտէ. ընդհակառակն, ֆրանսացի պաշտօնեան պէտք է վախնար այն վախճանէն որ կը սպասէր իրեն: Տէր Գաբրիէլին կանխասացութիւնը կատարուեցաւ, որովհետեւ ամիս մը տակաւին չանցած՝ ֆրանսացի պաշտօնեան ստիպուեցաւ անարգալի կերպով փախչիլ: Սանճաքի մէջ սկսած էին շրջիլ թրքական զինուորական տարազ հագուած անճոռնի դէմքեր, որոնք տեղեկութիւններ կը հաւաքէին թէ ուր կը բնակէին զինավարժ եւ մարմնամարզութեան մէջ հմուտ հայ երիտասարդները: Յաջորդ օրը, այդ անճոռնի դէմքերը սկսած էին հրամաններ արձակել եւ պահանջել որ բնակչութիւնը հնազանդի իրենց: Ի վերջոյ, հայ ազգաբնակչութիւնը աչքերը բացած էր եւ համոզուած էր Տէր Գաբրիէլին ըսածներուն, որ շարունակ օգնութիւն կը խնդրէր Բարձրագոյն Գործակալէն, մինչեւ որ ստացած էր բեռնատար ինքնաշարժներ, սայլեր եւ փոխադրութեան զանազան ա՛յլ միջոցներ: Հազիւ այդ օգնութիւնը իրենց հասած էր, Տէր Գաբրիէլը բոլոր դաւանանքներու հայերուն պատուիրած էր քսանչորս ժամուան ընթացքին հաւաքուիլ թուրք սուրիական սահմանին մօտակայ վայր մը: Պատուիրած էր նաեւ որ մեկնումէն առաջ այրէին ու փճացնէին տուներն ու պարտէզները, կահոյքներն ու գործիքները որ չէին կրցած տանիլ իրենց հետ: Սահմանուած ժամուն, բոլոր հայերը հաւաքուած էին սահմանէն կէս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Տէր Գաբրիէլը հագուած եղած է քահանայական հանդիսաւոր զգեստները եւ բարձր տրամադրութիւն ունեցած է: Ի վերջոյ ձեռքը վեր բարձրացուցած է եւ որպէս նորայայտ Մովսէս՝ բոլորին հրաւիրած է աղօթելու եւ քար լռութիւն պահելու, նաեւ երբ աշխատելու սկսէին բեռնատար ինքնաշարժները: Լռութիւնը խզած էին միայն երբ բոլորը արդէն անցած էին սահմանը եւ այն ատեն բոլորը սկսած էին աղաղակել. «Կեցցէ՜ Յիսուս: Կեցցէ՜ Մարիամը: Կեցցէ՜ Սուրիան: Կեցցէ՜ Հայաստանը:

Կեցցէ՜ Պէյրութի Բարձրագոյն Գործակալը»: Տէր Գաբրիէլին խորհուրդներուն մտիկ ընողներէն էր Ալեք սանդրէթի ֆրանսական հիւանդանոցին մեծաւորուհին: Այդպիսով, ան կրցաւ փրկել տասնհինգ բեռնատար ինքնաշարժ թանկարժէք առարկաներ, ինչպէս օրինակ՝ անձնական օգտագործումի իրեր, գիրքեր, մետաղէ պահարաններ, ծիսական գործածութեան կահոյք եւ այլն: Ես կրցայ գնել ծիսական առարկաներու մեծ մասը իմ թեմիս եկեղեցիներուն համար, իսկ մէկ մասն ալ նուիրեցի Պէյրութի պատրիարքական եկեղեցւոյ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԳԼՈՒԽ Գ.

Ամոտիս – Տերպեսիէ – Եկեղեցաշէն ծրագիրներ – Դաւադրութիւններ իմ եւ հայ համայնքին դէմ – Եկեղեցւոյ օծումը – Դէպի Իտալիա – Դոմենիկեաններուն դպրոցը – Հովուական մտահոգութիւններ

Ամոտիս

1939 Մայիս 8ին ինծի այցելութեան եկան Տերպեսիէի հայ համայնքէն չորս երեւելիներ, Տէր Գրիգոր Ահմարանեանին ընկերակցութեամբ, ըսելու համար որ իրենց գիւղին մէջ իմ անյապաղ ներկայութեանս կարիքը կը զգային: Չուզեցին բուն պատճառը յայտնել, բայց ինծի համար դժուար չեղաւ կռահել որ կ՚ուզէին լուծել իրենց գիւղի եկեղեցւոյ շինարարութեան հարցը: Դժուարութիւններ չյարուցի եւ անոնց հետ ճամբայ ելայ:

Ի՞նչ կրնամ ըսել ճանապարհի վերաբերեալ: Աւելի գէշ վիճակի մէջ չէր կրնար ըլլալ, անձրեւներէն աւրուած, այն աստիճան որ վարորդները կը նախընտրէին հողի ճանապարհը:

Կէս ճանապարհին կանգ առինք Ամուտա, որ վաղեմի Ամոտիսն է: Բնակչութիւնը, մօտ երկու հազար մարդ, մեծամասնութեամբ քիւրտ էր. գոյութիւն ունէին յակոբիկեաններու, կաթողիկէ հայերու (մօտ 180 հոգի), առաքելական հայերու (մօտ 15 ընտանիք), կաթողիկէ ասորիներու (20 ընտանիք) եւ քաղդէացիներու (15 ընտանիք) փոքրիկ համայնքներ:

Ինծի դիմաւորելու ելած էին բոլոր ծէսերուն պատկանող կաթողիկէները: Ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահելու եւ զիս յարգելու համար՝ բոլոր տղամարդիկ եկած էին ձի հեծած: Առաջինը զիս ողջունելու եկաւ հայ կաթողիկէ համայնքի ամենատարեց երեւելին, ութսունամեայ արժանապատիւ Քերիմ Մուշաքքան, որուն մարմնին վրայ կ՚երեւէին թուրքերու կողմէ իրեն հասցուած չարչարանքներուն սպիները: Վարորդին պատուիրեցի կեցնել ինքնաշարժը: Նախ քան ինքնաշարժէն իջնելս, այդ մեծապատիւ ծերունին բռնեց ձեռքս, զայն համբոյրներով ծածկեց եւ Սիմէոն Ծերունիին խօսքերը գործածելով՝ բացականչեց. «Այժմ, Տէր, թող որ ծառադ երթայ խաղաղութեամբ, քանի որ իմ աչքերս տեսան իմ հայերուս Լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորի տոհմէն սերող Եպիսկոպոսը, որ Քու ողորմութեամբդ ղրկեցիր մեզի, որպէսզի մեր տոհմէն սերող քահանաներու օգնութեամբ ազատէ մեր ազգը ասորիներու հետ ձուլուելէ: Փա՜ռք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: Սէիտնա, քու գալուստդ զիս կրկին երիտասարդացուց, այսօր երջանիկ եմ դրախտի երանելիներուն նման: Պիտի չթողում որ մեկնիս: Քեզ սրտիս մէջ ունիմ: Տունը, որ Աստուած տուած է ինծի, քուկդ է: Մենք տունէն դուրս պիտի ելլենք եւ քեզի մէկը նեղութիւն պիտի չտայ: Այսօր պիտի ճաշես ու ընթրես մեզի հետ եւ վաղը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանես ի պատիւ Փոմփէյի Տիրամօր, որ 1936 թուականին փրկեց մեզ ջարդարար քիւրտերէն»: Փորձեցի ներողութիւն խնդրելով հրաժարիլ հրաւէրէն, քանի որ կ՚աճապարէի հասնելու Տերպեսիէ: Բայց պատուական ծերունին ընդդիմացաւ, ըսելով որ ինծի ընդառաջ ելլելէ առաջ ծունկի եկած էր Փոմփէյի Տիրամօր պատկերին դիմաց, խնդրելով որ Սէիտնա Կիւրեղը այդ օրը իրենց քով անցընէ, եւ Տիրամայրը իր սրտին մէջ յստակ կերպով զգալ տուած էր պատասխանը որ ես իրենց գիւղը պիտի այցելէի Տերպեսիէ երթալու ճանապարհիս:

«Դուն, հետեւաբար», եզրակացուց ծերունին, «այսօր մեր քով պիտի անցընես: Մենք արդէն պատրաստած ենք կերակուրները քեզի եւ բոլոր անոնց համար՝ որոնք պիտի փափաքին գալ քեզի յարգանքի տուրք մատուցանելու»:

«Թանկագին Քերիմ», ըսի իրեն, «մի՛ սխալիր, որովհետեւ ես Եպիսկոպոս չեմ, այլ խեղճ կրօնաւոր մը»:

«Գիտեմ», պատասխանեց ծերունին, գիտեմ որ տակաւին օծուած չես, բայց գիտեմ նաեւ որ շուտով պիտի ըլլաս եւ մենք հի մակուընէ արդէն կը նկատենք քեզի իբրեւ մեր Եպիսկոպոսը»: Եւ այս խօսքերը ըսելով, սկսաւ թուարկել այն բոլոր պատրաս տութիւնները որ արեւելեան յայտնի հիւրընկալութեամբ ըրած էին ինծի ի պատիւ. խոյեր, հաւեր, ձաւար, կաթ, մածուն, եւ այլն, եւ այլն: Ինչպէ՞ս կրնայի տրտմեցնել ութսունամեայ այդ նահապետը, Քրիստոսի մարտիրոսը: Ինծի օգնութեան հասաւ Տերպեսիէի երեւելիներէն մէկը, որ այս խօսքերը արտասանեց. «Հայրիկ, չենք կրնար մերժել քեզի այն շնորհքը որ կը խնդրես միջնորդութեամբ մեր Մայր եւ Տիրուհի Մարիամի: Յիսուս Ինքը չկրցաւ մերժել Իր Մօր խնդրանքը: Ինչպէ՞ս կրնանք մերժել մենք»: Հրաւիրեցի Քերիմը որ հետս ինքնաշարժ նստի, բայց չկարենալով յաղթել անոր դիմադրութեան՝ ճամբան միասին քալելով շարունակեցինք, երկուքս ալ կաղա լով:

Ոչինչ կը պակսէր՝ որպէսզի Եպիսկոպոսին մուտքը կատարուէր ամենահանդիսաւոր կերպով: Չէին պակսեր տհոլը եւ զուռնան, տհոլին անբաժանելի ընկերը: Կար նաեւ երկսեռ երիտասարդներու ստուար բազմութիւն մը, որ կ՚ընկերանար մեզի երգելով ու պարելով:

Միայն հայերը չէին որ տօնական տրամադրութեան մէջ էին, այլ ա նոնց ուրախութեան մասնակից էր ամբողջ գիւղը:

Բարեհոգի Քերիմը իրաւունք ունէր երախտագէտ ըլլալու Փոմփէյի Տիրամօր: 1936 թուականին, Սուրիոյ մահմետականները ապստամբեցան Ֆրանսայի դէմ եւ Ամուտայի մահմետականները որոշեցին բնաջնջել իրենց տարածքներուն մէջ բնակող քրիստոնեաները: Հասկնալի է թէ որքան արագընթաց կերպով քրիստոնեաները փախուստի դիմած էին: Ծերունի Քերիմը, մինչդեռ, իր տունը դրած էր Փոմփէյի Տիրամօր պաշտպանութեան տակ եւ իրեններուն արգիլած էր հեռանալ: Բոլորը միասին յիսուն հոգի էին եւ մէկէ աւելի պատճառներ կան հաստատելու համար որ իր ըրածը Աստուած փորձել էր: Իրականութիւնը այն է որ մահմետականներու կողմէ խնայուած միակ տունը ճիշտ Քերիմի տունը եղած է, ի տարբերութիւն միւսներուն՝ որոնք հիմնովին աւերուեր ու հրկիզուեր են: Արդեօք չափազանցութի՞ւն է ըսելը որ Տիրամայրը գոցած էր մահմետական ներուն աչքերը, որպէսզի չտեսնէին Քերիմին տունը:

Ինչպէս միւս բոլոր տուները, Քերիմինը նոյնպէս շինուած էր արեւու տակ չորցուած չթրծուած աղիւսներով, բայց կը յենուր մօտ կէս մեթր բարձրութեամբ քարաշէն հիմքի վրայ: Լաւ ճաշակով կառուցուած էր եւ կը յիշեցնէր զուիցերական տնակները: Մուտքի դուռէն, որ ճերմակ ներկուած էր, սկիզբ կ՚առնէր տասը մեթր երկարութեամբ եւ երեք ու կէս մեթր լայնութեամբ սրահ մը, որ գլխաւոր սրահն էր, որուն աջ կողմէն մուտք կար դէպի գոմերը, իսկ ձախէն՝ դէպի շտեմարաններն ու մեծ բակը:

Կէսօրին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ճաշը, բայց ստամոքսիս վիճակը չթոյլատրեց լիովին գնահատել պատրաստուած կերակուրները: Կրցայ ճաշակել քանի մը պատառ միայն, որ Քերիմը հրամցուց ինծի:

Կէսօրէն ետք հաւաքուեցան բոլոր հայ կաթողիկէ երեւելիները, խնդրելու համար որ իրենց գիւղին համար եկեղեցի մը կառուցանեմ: Բարեսիրտ Քերիմը խօսեցաւ բոլորին անունով եւ յայտնեց համընդհանուր փափաքը՝ ձերբազատուելու ասորիներէն, ո՛չ որովհետեւ չէին ուզեր անոնց նիւթականով օգնել, այլ որովհետեւ ասորի քահանաները հոգատարութիւն չունէին հայ կաթողիկէ համայնքին նկատմամբ: Չես գիտեր ինչո՛ւ կը վարկաբեկէին հայերը ֆրանսական իշխանութիւններու դիմաց, բայց յետոյ հայերը կը ներկայացնէին որպէս ասորի կաթողիկէներ, իրենց համայնքը աւելի բազմանդամ ցոյց տալու նպատակով: «Սէիտնա», եզրափակեց Քերիմը, «խօսք տուր մեզի որ մեր համայնքին համար եկեղեցի մը պիտի կառուցանես եւ մենք զայն պիտի ձօնենք Փոմփէյի Տիրամօր: Այդ եկեղեցին մենք քեզմէ կը խնդրենք Տիրամօր անունով»: Եթէ շիտակ է որ սուրբերը ընդհանրապէս յամառ կ՚ըլլան, Քերիմը անոնցմէ մէկն էր եւ բնաւ չկրցայ հասկցնել անոր, որ տրամադրութեանս տակ եղած գումարները բաւական չէին: «Սէիտնա», կը պատասխանէր ինծի, «դուն եկած ես Քրիստոսի անունով եւ մենք քու անձիդ մէջ Քրիստոսը կը տեսնենք: Եթէ ուզես, կրնաս եկեղեցիներով ու դպրոցներով լեցնել ամբողջ Ճեզիրէն: Մեր եկեղեցւոյ համար՝ ես քու տրամադրութեանդ տակ կը դնեմ չորս հարիւր քառակուսի մեթըր տարածքով հողակտոր մը եւ հինգ հարիւր սուրիական լիրա, աշխատանքներու սկզբնաւորութեան համար: Ապագան յետոյ պարզ կ՚ըլլայ»: Քերիմի վեհանձն արարքին ուրիշներ ալ ուզեցին հետեւիլ: Ես ալ թուղթի կտոր մը խնդրեցի եւ իմ կողմէս խոստացայ հինգ հարիւր սուրիա կան լիրա: Հետեւեցան ուրիշ խոստումներ, առանց ժամանակի մէջ սահմանափակումի: Պէտք է իսկոյն կատարէի խոստումս, բայց քովս բնաւ դրամ չունէի: Ուստի, Քերիմէն խնդրեցի որ ինծի հինգ հարիւր սուրիական լիրայի պարտք տար: Քնանալու գացի ուժասպառ եւ կոկորդս ծարաւէն չորցած: Ան քուն գիշեր մը անցուցի, շունին հաջոցներէն չարչրկուելով:

Առաւօտեան ժամը 9ին պատարագեցի ի պատիւ Փոմփէյի Տիրամօր, ասորի կաթողիկէներուն եկեղեցւոյ մէջ: Մեր երիտասարդները, սովորութեան համաձայն, բերին մոմեր, գինի եւ մինչեւ իսկ ջուր: Ծիսակատարութեան մասնակից էր նաեւ ասորի կաթողիկէ ժողովրդապետը, որ արարողութեան վերջաւորութեան հրաւիրեց մեզ սուրճ խմելու, որ իր քոյրը պատրաստած էր ինծի եւ իր երեւելիներուն համար: Զանազան հարցերու մասին զրուցեցինք: Ապա Քերիմը նոյնպէս հրաւիրեց զիս սուրճ խմելու, քանի որ չէր գիտեր ուրիշ ի՛նչ կրնար ընել իր Եպիսկոպոսը պատուելու համար: Ստամոքսս անմխիթար վիճակի մէջ էր եւ հարկադրուեցայ գաւաթ մը դառն սուրճով եւ կտոր մը տաք հացով գոհանալ:

Ամուտայէն մեկնումս նուազ հանդիսաւոր չեղաւ՝ քան ժամա նումս. միեւնոյն երգերը, երիտասարդներու միեւնոյն պարերը, միեւնոյն խժաձայն ու աղմկալի երաժշտութիւնը: Բոլորս միասին աղօթեցինք եւ զիրենք օրհնեցի Հայ Ծէսի հանդիսաւոր բանաձեւով. «Օրհնեալ եղերուք ի շնորհաց Սուրբ Հոգւոյն: Երթայք ի խաղաղութիւն եւ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս եղիցի ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. ամէն»:

Ամուտայի մէջ օրհնեցի նաեւ ջրգողութենէ տառապող հիւանդ մը: Երբ վերադարձիս ճանապարհին նորէն իրենց քով կանգ առի զինք կատարելապէս առողջացած գտայ եւ իր ազգականները շարունակ շնորհակալութիւն կը յայտնէին ինծի: «Աստուածածնին շնորհա կալութիւն յայտնեցէք», կ՚ըսէի իրենց, «որովհետեւ Աստուածածինն է որ առողջացուց զինք»:

Տերպեսիէ

Իմ ամբողջ միամտութեամբս հաւատացած էի թէ իսկոյն Հալէպ վերադառնալու սպառնալիքս պիտի խոչընդոտէր աղմկալի ընդունելութիւններու կազմակերպումին: Մինչդեռ Տերպեսիէի հաւատացեալներս, վարուեցան ճիշտ այնպէս ինչպէս Ամուտայի բնակիչները, միայն մէկ տարբերութեամբ. այս վերջիններուն կողմէ կատարուած երգեցողութիւնը քիչ մը աւելի ունկնդրելի էր՝ քան առաջիններունը: Հոծ բազմութեամբ մը եկած էին զիս դիմաւորելու գիւղէն աւելի քան հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Տերպեսիէն Ամուտայէն մօտ երեսուն քիլոմեթր հեռու է եւ կառուցուած է լերան մը ստորոտը, որ հռոմէացիները կոչած էին Մազիուս: Լերան գագաթին, արծիւի մը նման թառած է Մարտինը, Օսմանեան Կայսրութեան համանուն նահանգին կեդրոնը: Մարտինի մօտակայքը կը գտնուի Թէլլէրմէն կոչուող բազմամարդ գիւղը, որ կառուցուած է Տիգրանակերտի աւերակներուն վրայ: Թէլլէրմէն անունը բառացիօրէն կը նշանակէ Հայոց Բլուր, որովհետեւ մինչեւ 1915 թուականը միայն հայեր կը բնակէին: Այսօր այլեւս հայազուրկ գիւղ մըն է, որովհետեւ 1915ին թուրքերը կոտորեցին անոր ամբողջ բնակչութիւնը (մօտ 3.000 հոգի), միայն քանի մը հարիւր հոգի կրցան ազատիլ եւ փախչիլ Սուրիա, ուր հիմնեցին Հեքո գիւղը:

Թուրքերը, մոռացութեան տալու համար Թէլլէրմէնի հայկական ակունքները, զայն վերանուանած են Քիզիլ Թոփրաք, այսինքն՝ Կար միր Հող, ներշնչուելով տեղւոյն հողի գոյնէն:

Նախ երեւելի Անտոն Քարազիվանի տունը հիւրընկալուեցայ: Իր տունը արտաքինով տարբերութիւն մը չունէր Քամըշլիի այծեամ ներուս գոմէն, բայց պէտք է որ ներսը տեսնէիք: Ի՜նչ իշխանական ճոխութիւն: Մինչ յատակը բնական վիճակի տափարակ հող էր, իսկ պատերը՝ չթրծուած աղիւսով շարուած, Պուքարայի մետաքսով հիւսուած խսիրներն ու գորգերը կը ծածկէին յատակը, իսկ պատերը զարդարուած էին հայելիներով եւ հայազգի հերոսներու դիմանկարներով: Անկիւնի մը վրայ անկողին մը կար բուրդէ մահիճներով, ուղտի մազով ձեռահիւս ծածկոցներով ու ասեղնագործ բարձերով: Եւ լի այլ առարկաներ, որ իգական սեռի ներկայացուցիչները միայն կրնային գնահատել: Կը խոստովանիմ, որ այդ աւելորդութիւնները ծիծաղս կը շարժէին, այնքա՜ն աններդաշնակ էին այդ ունայնութիւնները եւ այդ ժողովուրդին ունեցած քրիստոնէական ու մարդկային արժէքները: Ինծի յատկացուցին առանձին սենեակ մը, որ մէկ կողմէն միացած էր սրահին, իսկ միւս կողմէն ելք ունէր դէպի պարտէզը: Իսկապէս օրինակելի պարտէզ մըն էր՝ ձիթենիներով, որթատունկերով, ծիրանենիներով, դեղձենիներով, կիտրոններով, Եաֆայի նարնջենիներով, զարդաբոյսերով, բանջարեղէններով: Ջրհորէ մը դուրս կը քաշէին ոռոգումի համար հարկաւոր ջուրը, գործը դիւրացնելով բաւական ընդարձակ աւազանով մը: Անտոնին օրինակը ցոյց կու տար թէ ինչպէս կարելի էր այդ անապատը հարուստ այգիներու վերածել, բայց արաբները երբեք չհետեւեցան իր օրինակին, որովհետեւ հակուած են պարապորդութեան, ո՛չ ալ հայերը, որոնք վստահութիւն չունէին ապագայի նըկատմամբ:

Ժամանումիս յաջորդ օրը փոխադարձեցի յարգանքի այցելութիւնները, Ֆրանսիզ Պահտեհին ընկերակցութեամբ, որ թարգմանիչի դեր կը կատարէր: Սկսայ Ասորի Կաթողիկէ Համայնքէն, բաղկացած՝ մօտ երեսուն ընտանիքներէ, ընդամէնը՝ մօտ երկու հարիւր հոգի: Եկեղեցին կառուցուած էր չթրծուած աղիւսներով եւ ձօնուած էր Սբ. Գէորգին: Ժողովրդապետական դպրոցը երկսեռ էր, զոր կը յաճախէին մօտ յիսուն ասորի կաթողիկէներ եւ մօտ եօթանասուն հայեր: Ասորիները ընդհանրապէս չքաւոր էին, ուսման վարձ չէին վճարեր եւ դասագիրքերը անվճար կը ստանային: Դպրոցը երկու ուսուցիչ ունէր:

Խուրի Եուսէֆը ընդհանրապէս ուսում չէր ստացած, չէր քարոզեր եւ Ապաշխարութեան Խորհուրդն ալ կը մատակարարէր բաւականին հապճեպ կերպով: Ասով հանդերձ, հարկ էր տեսնել թէ որքա՜ն պերճախօս կը դառնար՝ երբ տասանորդը վճարելու պարտականութեան մասին կը խօսէր: Այժմ, որ տեղեկացած էր՝ թէ եկեղեցի մը պիտի կառուցանեմ կաթողիկէ հայերուն համար, Խուրի Եուսէֆին մտահոգութիւնները շատցեր էին: «Մինչեւ այսօր», կ՚ըսէր ինծի, «ծառայած եմ բոլոր ծէսերուն պատկանող կաթողիկէներուն եւ ապրած եմ կաթողիկէ հայերու կողմէ ստացած նուիրատուութիւններով, որ հարուստ են ու վեհանձն: Խնդրեմ, ըսէք ձեր քահանային, որ ես իր խոնարհ ծառան պիտի ըլլամ եւ իր հրահանգներուն ենթակայ: Ես աւելի հայ եմ՝ քան ասորի»: Տերպեսիէի մէջ զիս դիմաւորելու եկած էին նաեւ Դոմենիկեան վարդապետները, ընդամէնը չորս հոգի, ներառեալ Մեծաւորը՝ Հայր Ֆրանսուա Տրափիէն: Դոմենիկեան առաքելութիւնը վերջերս հիմնուած էր, Միջագետքի Առաքելական Նուիրակին խորհրդատուութեամբ, որ անբաւարար նկատած էր քափուչին վարդապետներուն թիւը: Ինչպէս արդէն վարուած էին Հայաստան, Վանի մէջ, 1915 թուականէն առաջ, Դոմենիկեանները հազիւ ոտք դրած էին Վերին Ճեզիրէ՝ յատուկ եռանդով նուիրուած էին նեստորականները դարձի բերելու խնդրին: Տերպեսիէի մէջ ունէին «Սբ. Պետրոս Առաքեալ» միսիոնարական դպրոցը, որուն ֆրանսացի բարերարը զայն հիմնել տուած էր մասնաւորապէս նեստորականներու կրթութեան համար: Իրականին այդ դպրոցը կը յաճախէին մօտ երկու հարիւր աշակերտներ, մեծամասնութեամբ հայեր եւ մաս մը յակոբիկեաններ, բայց ոչ մէկ նեստորական: Աշակերտներէն քսանը գիշերօթիկ էին եւ ամբողջովին դպրոցի հաշուոյն կ՚ուսանէին: Միւսները, մինչդեռ, համեստ վճարում մը կը կատարէին ցորենով կամ գիւղատնտեսական ա՛յլ ապրանքներով:

Իմ ունեցած տուեալներովս, աշակերտներէն ոչ մէկը անցած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ: Ասիկա զիս բնաւ չի զարմացներ, քանի որ այդ վարդապետները զուրկ էին փափկանկատութենէ եւ միջավայրին վերաբերեալ ծանօթութենէ: Չէին հասկնար որ արեւելցիները ա՛յդքան նախանձախնդիր են իրենց սեփական մշակոյթին, ազգային ու կրօնական սովորութիւններուն: Այդ վարդապետներուն վարուելակերպը, տեղացիները շարունակ կեղծաւոր ու ստախօս, հրեաներէն ու յոյներէն աւելի խաբեբայ ու գող որակաւորելը կարծես յատուկ կերպով ծրագրուած էին աշակերտներուն հակակրանքը շահելու համար: Չէին հասկնար որ դարեր տեւած թրքական կեղեքումները արեւելցիներու ենթագիտակցութեան մէջ ինքնապաշտպան յարձակողականութեան ահռելի պաշար ամբարած է, եւ վա՜յ անոր որ կը համարձակի հրահրել զանոնք: Այս կապակցութեամբ կ՚ուզեմ պատմել դէպք մը, որ պատահած է Թուրքիոյ մէջ:

Իմ ծննդավայր Կարինի մէջ միջնակարգի վերջին տարին կը յաճախէր տասնվեցամեայ տղայ մը: Ես այն ատեն կը յաճախէի երկրորդականի լսարանը: Դպրոցը կը տնօրինէին Քրիստոնէական Դպրոցներու Միաբանութեան վարդապետները: Այդ պատանին օր մը, երբ ուսուցիչը կը հարցնէ հին Հայաստանի պատմութեան մասին, կը խանդավառուի եւ բուռն ոգեւորութեամբ կը պանծացնէ մեր ազգային հերոսները: Երբ կը վերջացնէ, ուսուցիչ վարդապետը արհամար հանքի արտայայտութիւններ կ՚ընէ եւ կ՚ըսէ. «Հայաստա՜ն: Հայե՜ր: Ի՞նչ կը կարծէք ըլլալ դուք՝ հայերդ: Կոստանդնուպոլսոյ լաւագոյն բեռնակիրներն էք եւ լաւագոյն աւելածուները»: Երանի՜ թէ բերանը բացած չըլլար: Ամբողջովին այլայլած, պատանին շփոթահար «բեռնակիր, հայ, աւելածու» բառերը կը կմկմայ, ապա կայծակնային արագութեամբ կը յարձակի վարդապետին վրայ եւ աղուոր մը բռնցքահարելով զինք գետին կը տապալէ: Կրնաք վստահ ըլլալ որ եթէ միւս աշակերտները վրայ չհասնէին, առանց գթալու պիտի սպաննէր վարդապետը:

Դոմենիկեաններուն հետ հանդիպումը առիթ եղաւ Հայր Տրափիէին ընկերութիւնը շահելու: Ան կատարեալ կերպով կը տիրապետէր Վերին Ճեզիրէի արաբերէնին եւ հետեւաբար՝ բացարձակ դիւրութեամբ կը քարոզէր, բան մը որ կ՚ընէր ամենայն յօժարութեամբ, մանաւանդ ժողովուրդին բացատրելու համար կիրակնօրեայ Աւետարանը: Նաեւ հիանալի վարորդ էր, հմուտ՝ անապատին: Ֆրանսական իշխանութիւնները անոր յատկացուցած էին ինքնաշարժ մը եւ պէն զին: Միշտ առատաձեռնօրէն օգտակար եղաւ ինծի:

Եկեղեցաշէն ծրագիրներ

Կիրակի, Մայիս 14ի առաւօտեան Տերպեսիէի հաւատացեալներս հաւաքուեցան Անտոն Քարազիվանի տունը: Եկան նաեւ Դոմենիկեան վարդապետները եւ Խուրի Եուսէֆը, իրենք նոյնպէս ուզելով պատուել Հայ Կաթողիկէ Համայնքին առաջին Առաջնորդը:

Առաջինը խօսք առաւ Խուրի Եուսէֆը, ներկայ քահանաներուն մէջ ամենատարեցը: Վստահեցուց որ իմ ժամանումէս շատ առաջ արդէն իրենց հասած էր իմ համբաւս, որպէս քահանայ մը որ նուիրուած է միմիայն քահանայական առաքելութեան, հեռու՝ քաղաքականութենէ եւ վաճառականութենէ, միշտ ենթակայ մեծաւորներէն ստացած հրահանգներուն: Ամենասերտ գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ խնդրեց որ իր եկեղեցին եւ իր տունը նկատէի որպէս իմիններս: Պարզութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ ապահովցուցի որ բնաւ տրամադիր չէի կենսաոճս եւ գործելակերպս փոխելու: Ինչպէս վարուած էի մինչեւ այդ օրը, պիտի շարունակէի աշխատիլ իմ հաւատացեալներուս բարիքին համար, առանց մտահոգուելու թէ ատկէ ինչ շահ կրնայ քաղել Միաբանութիւնս: Մանաւանդ որ Միաբանութիւնս ինծմէ ոչինչ կը սպասէր եւ երբ կ՚աշխատէի Յունաստանի մէջ՝ Միաբանութիւնս անշահախնդիր կերպով նիւթական միջոցներ կը յատկացնէր ինծի, որպէսզի կարենայի իրագործել Սուրբ Աթոռին կողմէ ինծի յանձնուած առաքելութիւնը: Պիտի շարունակէի աշխատիլ միշտ միեւնոյն դիտաւորութեամբ եւ աւետարանական միեւնոյն հոգիով:

Աւելցուցի որ ուրախ էի քովս տեսնելու Սուրբ Դոմենիկոսին որդիները, որոնք, ինչպէս ես, կը պարծենային այն մտերմութեամբ որ գոյութիւն ունէր Սուրբ Դոմենիկոսին եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին միջեւ, եւ տրամաբանօրէն՝ այդ մտերմութիւնը կը շարունակուէր ա նոնց որդիներուն միջոցով:

Հայր Տրափիէն իր հերթին վերահաստատեց ինչ որ նախապէս ըսած էի այն եղբայրական կապին մասին, որ կը միացնէր Ֆրանչիսկեան եւ Դոմենիկեան Միաբանութիւնները: Կատակելով ըսաւ որ կատարեալ քափուչին ըլլալու համար իրեն միայն մօրուքը կը պակսէր, քանի որ Մկրտութեան իր անունը արդէն Ֆրանչիսկոս էր: Միշտ կատակելով, ըսաւ որ տրամադիր էր ինծի իր անձնական մեթոտով արաբերէն սորվեցնել, վստահեցնելով որ մէկ տարուան ընթացքին իրմէ աւելի լաւ արաբերէն կրնայի խօսիլ: Սկզբնական հաճոյախօսութենէն ետք, Հայր Տրափիէին խօսքերը այնպիսի ուղղութիւն մը առին որ բացարձակ կերպով չէին կրնար հաճոյ ըլլալ ինծի: Ուշադրութեանս յանձնեց որ տեղւոյն հայերուն իննսուն առ հարիւրը արաբերէն կը խօսէր, կաթողիկէ ասորիներուն եկեղեցին կը յաճախէր եւ Հայաստանի անունը անգամ չէր գիտեր: Հետեւաբար, կ՚եզրակացնէր ինքը, չ՚արժեր յոգնիլ հայկական եկեղեցիներ ու դպրոցներ կառուցանելով, այլ նախընտրելի է որ գործակցիմ կաթողիկէ ասորիներու արժանապատիւ Եպիսկոպոս Գերպ. Հեպպէի:

Այն քանի մը ասորիներն ու հայերը, որ ֆրանսերէն կը հասկնային, շատ նշանակալի հայեացքներ կը փոխանակէին եւ աչքերնին վրաս կը սեւեռէին՝ բացայայտելու համար դէմքի որոշ արտայայտութիւններ, որոնք կրնային ցոյց տալ ներկայացուած հարցին վերաբերեալ ունեցած իմ դիրքորոշումս: Հայր Տրափիէին խօսքը ողջունուեցաւ խիստ սակաւաթիւ ու սառն ծափահարութիւններով: Բաւականին նուրբ իրավիճակ մը ստեղծուած էր եւ ես պէտք է որ յըստակ դիրքորոշումս յայտնէի:

Մեր համայնքի երեւելիներուն դիմեցի ֆրանսերէնով, մինչ Հայր Տրափիէն կը թարգմանէր արաբերէնի: «Զիս Տերպեսիէ կանչեցիք, որպէսզի պարտաւորութիւն ստանձնեմ կառուցանելու ձեզի համար հայկական եկեղեցի, քահանայատուն եւ դպրոց: Արդ, այդ մեծապէս ծախսալի գործը սկսելէ առաջ կ՚ուզեմ վստահ ըլլալ՝ թէ բոլորդ համաձայն էք գաղափարին: Հաշուի առէք այն հանգամանքը, որ Խուրի Եուսէֆին եկեղեցին բաւական է թէ՛ կաթողիկէ ասորիներուն, թէ՛ հայերուն համար, եւ դուք բոլորդ փորձառութեամբ ծանօթ էք այս արժանաւոր քահանային ցուցաբերած բարութեան ու եղբայրասիրութեան: Ես ինծի հարց կ՚ուղղեմ. ՚՚Ինչո՞ւ կառուցանել կաթողիկէ նոր դպրոց մը հոն՝ ուր արդէն տասնհինգ տարի գործող դպրոց մը կայ: Ձեզմէ ոչ ոք հայերէն կը խօսի եւ ձեր զաւակները մկրտուած են ասորի ծէսով, սորված են արաբերէն լեզուն եւ ասորի ծէսը՚՚»: Ունկնդիրներս բոլորը զայրոյթէ կը դողային եւ հարկաւոր չէր յատուկ ջանք գործադրել նկատելու համար թէ ինչպէս իրենք իրենց վրայ բռնութիւն կը բանեցնէին խօսքերս լռելեայն ունկնդրելու համար: Անտոն Քարազիվանի հեղինակութիւնն էր միայն որ զիրենք տեղերնին շղթայուած կը պահէր, այլապէս անխուսափելի էր գրեթէ ապստամբ խռովքի մը ժայթքումը: Ոչ ոք ծափահարեց ինծի: Քանի մը վայրկեան դամբանային լռութիւն տիրելէ ետք, բողոքի բարձրաձայն աղաղակներ պոռթկացին. «Մենք հայ ենք եւ կ՚ուզենք հայոց լեզուն սորվիլ՝ չդաւաճանելու համար մեր հայրերուն յիշատակը, որոնք զոհ գացին թրքական բարբարոսութիւններուն: Շնորհակալ ենք Խուրի Եուսէֆին եւ միշտ ալ շնորհակալ պիտի ըլլանք: Բայց հայազգի քահանայ մը կ՚ուզենք, հայկական եկեղեցի եւ հայկական դպրոց»: Այդ համատարած խառնաշփոթութեան մէջ յանկարծակի յայտնուեցաւ Տէր Գրիգոր Ահմարանեանը եւ բոլորը սկսան պոռալով խնդրել անկէ որ իրենց պահանջքը պաշտպանէր եւ համոզէր զիս ազատելու զիրենք ասորիներու լուծէն: Տէր Գրիգորը յօժարութեամբ ընդունեցաւ միջնորդի դերը եւ եկաւ իմ կողքիս նստելու: Եկեղեցւոյ շինարարութեան համար յատկացուելիք տարածքին վերաբերեալ խնդիրներ չկային, քանի որ Գէորգ Քատէյեանը, որ ֆրանսացի հրամանատարին թարգմանիչն էր, այդ նպատակով կը նուիրէր գիւղին կեդրոնը գտնուող իր սեփական հողատարածքը, իսկ Հայր Էտմոնտոյ Լիոնցին, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի քափուչիններու Մեծաւորն էր, ընդարձակ հողակտորներ կը նուիրէր որ ֆըրանսական կառավարութենէն ստացած էր առաքելական կեդրոններու հիմնարկութեան նպատակով: Բուն խնդիրը դրամական միջոցներն էին: Ուրկէ՞ կրնայի հայթայթել վեց հազար սուրիական լիրա, որ համարժէք էր հարիւր քսան հազար ֆրանսական ֆրանքի: Այդ գումարը հարկաւոր էր շինանիւթ գնելու համար: Անտոն Քարազիվանը Տէր Գրիգորին յուշած էր որ իմ կողմէս վեհանձն նուիրատուութիւն մը միայն կրնար փրկել իրավիճակը: Տէր Գրիգորն ալ իր հերթին, լալագին ձայներանգով մը, սկսաւ զիս վստահեցնել որ արարքս կրնար մէկընդմիշտ ժողովուրդիս համակրանքը շահիլ: Աւելցուց նաեւ որ Անտոնը անհամբեր կը սպասէր գիտնալու իմ նուիրատուութեանս չափը, որպէսզի յայտնէր իրը, քանի որ չէր ուզեր պարտականութիւններ ստանձնել նախ քան վստահ ըլլալը թէ գործը յաջող աւարտ պիտի ունենայ:

Ընդունեցայ Տէր Գրիգորին առաջարկը եւ ներկաներուն յայտարարեցի որ ոչ թէ կը խոստանայի, այլ իսկոյն կու տայի իմ նպաստս: Զիրենք հրաւիրեցի գուշակելու նուիրատուութեանս չափը, բայց ոչ ոք կրցաւ ճշգրիտ թիւը ըսել: Բոլորը ափ ի բերան մնացին, երբ ըսի որ հազար սուրիական լիրա կը նուիրէի, որոնք իսկոյն յանձնեցի Անտոնին ձեռքը: Չէի հասկնար այդ համընդհանուր զարմանքին պատճառը: Բացատրութիւնը Տէր Գրիգորէն ստացայ. «Պատճառը այն է որ Դուք մեզի պէս չէք: Մենք սովոր ենք խոստանալ՝ առանց բան մը տալու: Չէինք ակնկալեր որ Ձեզի համար խոստանալ եւ տալ բա յերը հոմանիշ են»: Տուած օրինակս հմայիչ ոյժ ունեցաւ եւ նուիրատուութիւննե րը, խոստումի կերպարանքով, գերազանցեցին վեց հազար սուրիական լիրայի գումարը: Ցաւօք սրտի, հարկադրուեցայ համոզուիլ Տէր Գրիգորին ըսածներուն ճշմարտացիութեան, որովհետեւ Յովսէփ եւ Ֆրանսիզ Պահտեհ եղբայրները միայն յարգեցին հազար սուրիական լիրա նուիրելու իրենց խոստումը: Անտոն Քարազիվանը նշանակուեցաւ գանձապահ: Պատճառներ չունիմ անոր ազնուութեան վրայ կասկածելու, բայց լիրա մը անգամ չնուիրեց այս գործին, մինչ նախապէս հազար սուրիական խոստացած էր: Մահացաւ 1940 թուականին, ինքնաշարժի արկածով:

Ժողովի աւարտին, Անտոնը մեզ բոլորս ճաշի հրաւիրեց իր տունը: Երբ հրաւիրեալները ցրուեցան, Նաիմ Քարազիվանը, որ Անտոնի մէկ զարմիկն էր, զիս անկիւն մը քաշեց եւ սկսաւ ամենապարապ նիւթերու շուրջ խօսիլ, ցոյց տալով որ լուրջ բան մը ունէր ինծի ըսելիք, բայց համարձակութիւն չունէր ըսելու: Յարմար նկատեցի ընդհատելու այդ դատարկաբանութիւնը, ըսելով որ կրնար վերսկսիլ այդ խօսակցութիւնը երբ ուղղակի ոչինչ ունենայի ընելիք: Նաիմին ձայներանգը փոխուեցաւ եւ ըսաւ որ ես ճիշտ չէի հասկցած Տէր Գրիգորին խօսքերը: Ճշմարտութիւնը, իրեն համաձայն, այն էր որ հայերը իրականին գոհ էին ասորի կղերականներէն, որպէս իրենց Պատրիարք կը ճանչնային Ծիրանաւոր Թափփունին եւ որպէս իրենց Առաջնորդ՝ Գերպ. Հեպպէն: Հետեւաբար, ոչ ոք կը փափաքէր հայկական եկեղեցւոյ մը կառուցումը: Ինչո՞ւ հայազգի քահանայ մը բերել հոս, եթէ ո՛չ պիտի մկրտէ, ո՛չ ալ ամուսնութիւններ օրհնէ: Արդէն իսկ, կ՚ըսէր ան, ժողովուրդին մէջ բաւականին տրտունջներ կը լսուէին իմ հասցէիս, որ եկած էի հայերուն եւ ասորիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խաղաղութիւնը խզելու:

Անհնարին է երեւակայել թէ ինչ դաժան տառապանքներ պատճառեցին ինծի այդ խօսքերը, որ արտասանուեցան ամենայն զուարթութեամբ: Չեմ չափազանցեր ըսելով որ այդ խօսքերուն փոխարէն պիտի նախընտրէի թրքական կտտանքները: Նաիմը հասկցաւ որ ամէն չափ ու սահման անցուցած էր, ուստի իսկոյն հեռացաւ՝ ներողութիւն խնդրելով: Ես գացի պարտէզին մէջ ճեմելու: Իմ պաշտպան Սուրբերէս խնդրեցի որ ցոյց տային ինծի Աստուծոյ կամքը. եթէ Անոր կամքին համաձայն էր որ ես ոչինչ ընէի ինծի յանձնուած հայ ազգաբնակչութեան համար, հնազանդութեամբ պիտի ենթարկուէի, բայց ծրագիրներէս հրաժարելէ առաջ՝ երկինքէն նըշան մը կը հայցէի: Պատասխանը չուշացաւ: Նաիմը այդ խօսակցութիւնը իր նախաձեռնութեամբ չէր կազմակերպած, այլ Դոմենիկեան վարդապետներու կողմէ հրահրուած դեր մը խաղացած էր: Ատիկա ինքը անձամբ խոստովանեցաւ ինծի, առջեւս ծունկի գալով եւ դառնօրէն արտասուելով: Ես ալ արտասուեցի: Զինք ոտքի հանեցի եւ վստահեցուցի որ սրտանց կը ներէի իրեն: Յետագային, Նաիմը նուրբ եւ դժուարին խնդիրներու մէջ իմ անգին խորհրդականս դարձաւ:

Անտոն Քարազիվանը իսկոյն գործի անցաւ, կանչեց իրեն վըստահելի որմնադիր մը՝ տեղական շուկայէն գնումներ կատարելու համար եւ հալէպցի ձեռնարկատէր մը՝ այդ քաղաքին մէջ կատարուելիք գնումները իրականացնելու համար: Ձեռնարկատէրը, ոմն Մինաս Սիւքիւթեան, գործաւորներուն աշխատավարձը ամիս մը իր գրպանէն տուած էր, վստահ որ պիտի կարենար ետ գանձել գումարը Անտոնէն առած դրամատնային վճարագրով: Անակնկալի մատնուած էր, երբ Հալէպի Դրամատան մէջ իրեն ըսած էին որ վճարագիրը տուողին հաշիւը ամբողջովին պարապ է: Եղելութիւնը հեռագրով հաղորդեցի Նաիմին, որ պատասխանեց՝ թէ պէտք չէ մտահոգուէի. հարցը պիտի լուծուէր՝ երբ վերադառնայի Տերպեսիէ: Երբ Մինասին հետ վերադարձայ Տերպեսիէ եւ ժողով գումարեցինք, Անտոնը փորձեց վճարումներու երկարաձգում խնդրել, բայց Մինասը անտեղիտալի էր եւ կը պահանջէր իսկոյն վճարել իր կողմէ կանխուած հազար հինգ հարիւր սուրիական լիրայի գումարը, որոնց պէտք է աւելցնէինք ուրիշ երկու հազար հինգ հարիւր լիրա բանալիները յանձնելու պահուն: Ուրկէ՞ կրնայի գտնել այդ գումարը: Դիմեցի Զմմառու Պատրիարքին, Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսին: Ապարդիւն: Սուրբ Յովսէփի Միաբանութեան Քոյրերու Մեծաւորուհին խորհուրդ տուաւ դիմել Տէր Գաբրիէլ Գասպարեանին: Տէր Գաբրիէլը Քամըշլիի իմ եկեղեցւոյ մեծ բարերարներէս էր, որուն համար նուիրած էր գեղեցիկ զանգ մը եւ երկու կտաւ կողմնակի խորաններուն համար, որոնցմէ մէկուն վրայ պատկերուած էր Աւետումի տեսարանը, իսկ միւսին վրայ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը որ կը մկրտէ Տրդատ թագաւորը եւ անոր ընտանիքը: Իրականին կ՚ամչնայի տակաւին դրամ խնդրելու դրդապատճառով ներկայանալու անոր եւ փորձեցի ուրիշ բարերարներ գտնել, որոնք կարենային զիս դուրս քաշել այդ տհաճ իրավիճակէն: Բախտաւոր չեղայ, թէեւ տարեկան քառասուն առ հարիւր շահ խոստացայ անոր որ պիտի ուզէր օգնել ինծի: Ա՛յլ ելք չունէի, ստիպուած բախեցի Տէր Գաբրիէլին դուռը: Դուռը բացաւ ինքը Տէր Գաբրիէլը, որ զիս տեսնելով բացականչեց. «Գիտեմ թէ ինչի պարտական եմ այս այցելութեան պատիւը, բայց քանի որ ինծի համար չես եկած, այլ՝ դրամներուս, քեզի բան մըն ալ պիտի չտամ: Դուն չես ճանչնար հալէպցիները եւ տարեկան քառասուն առ հարիւր շահ առաջարկած ես անոնց՝ որոնք սովոր են ամսական քսան առ հարիւր շահ ունենալու»: «Շատ լաւ գիտեմ», պատասխանեցի ես, «որ Տէր Գաբրիէլը Հալէպի մէջ ծնած է ինչպէս ծաղիկը փուշերու մէջ»: «Ձեր՝ քափուչիններուդ լեզուն օձը բոյնէն դուրս կը հանէ», պատասխանեց Տէր Գաբրիէլը, «ինչո՞վ կրնամ օգտակար ըլ լալ»: Տէր Գաբրիէլը ակնկալածէս աւելի վեհանձն գտնուեցաւ, որովհետեւ անյապաղ ինծի տուաւ հազար ութ հարիւր սուրիական լիրա: Շտապեցի ճշտել որ ես միայն հազար երկու հարիւրի կարիք ունէի: «Ինչ որ գրեցի, գրեցի», եղաւ անոր պատասխանը: Ապա աւելցուց, որ այդուհետեւ միմիայն իրեն պէտք է դիմէի եւ ուրիշ ոչ մէկուն: Տէր Գաբրիէլին տուած պարտքը առանց մարման ժամկէտի էր եւ առանց յաւելեալ շահի: Ցտեսութիւն ըսելէ առաջ ձեռքէս բռնեց ու ըսաւ. «Արդէն պատուիրած եմ Աւագ Խորանը, որ քեզի պիտի յանձնուի Վերափոխման տօնին օրը»:

Հերթական շնորհքն էր, որ կը ստանայի իմ Պաշտպան Սուրբէս, իմ թանկագին Սուրբ Յովսէփէն: Որքա՜ն աղօթած էի իրեն: Վստահ էի որ պիտի ընդունէր աղօթքս, բայց ամէն ոք կրնայ դիւրութեամբ հասկնալ սպասումի ատեն զգացած թախիծս, ինչպէս ամէն ոք կրնայ նոյնքան դիւրութեամբ հասկնալ իմ ուրախ երախտագիտութիւնս: Ուզեցի շնորհակալութեան Սուրբ Պատարագ մը մատուցանել Սուրբ Յովսէփի Միաբանութեան մատրան մէջ եւ ընդունելով Քոյրերուն խնդրանքը՝ պատմեցի այն բոլոր օգնութիւններուն մասին որ մինչեւ այդ օրը Սուրբ Յովսէփ հասցուցած էր մեր առաքելութեան հիմնարկութեան գործին: Պէտք է աւելցնեմ որ բախտաւոր քարոզիչ եղայ, քանի որ Քոյրերը արտասուելու չափ յուզուեցան: Տէր Գաբրիէլէն ստացած փոխատուութեամբ հնարաւորութիւնը ունեցայ ո՛չ միայն փակելու Մինասին հետ ունեցած պարտքս, այլ կրցայ նաեւ աւարտին հասցնել Հեքոյի առաքելական կեդրոնին կառուցումը: Օգոստոս 5ին, իմ հրաւէրովս եւ մեր Պատրիարքին յանձնարա րութեամբ, Քամըշլի այցելեց Գերպ. Պաթանեանը, Տէր Սապպաղին ընկերակցութեամբ, որ Տերպեսիէի ժողովրդապետ նշանակուած էր: Պէյրութ վերադառնալէն առաջ, Գերապայծառ Եպիսկոպոսը ինծի ներկայացուց ճամբորդութեան համար կատարած ծախսերուն հաշիւը, որ է քսանվեց հազար ֆրանսական ֆրանք: Իրօք արժանացած էի այդ դասը առնելուն, որովհետեւ արդարութիւնը կը պահանջէ որ ծախսերը վճարուին հրաւիրողին կողմէ:

Դաւադրութիւններ իմ եւ հայ համայնքին դէմ 1939 Յունիս 1էն 4 Պէյրութը ապրեցաւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան հաւատքի անմոռանալի օրեր, տօնակատարելով Ամենասուրբ Հաղորդութեան ազգային առաջին համաժողովը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի քարտուղար Ծիրանաւոր Էուճենիոյ Թիսսերանի նախագահութեամբ: Արեւելեան Ծէսերու բազմահազար հաւատացեալներ մասնակցեցան համաժողովին:

Իմ թեմիս հաւատացեալներէն շատերը սիրայօժար ընդունեցան հրաւէրս՝ մասնակցելու այդ կարեւոր իրադարձութեան: Դժբախտաբար, ասորի կաթողիկէ քահանաները զիրենք Ծիրանաւոր Թիսսերա նին ներկայացուցած էին որպէս Ասորի Կաթողիկէ Համայնքի անդամ: Մերինները եկան ինծի բողոքելու՝ որպէսզի ներկայացնէի զիրենք ինչպէս որ են իրականին, այսինքն՝ որպէս կաթողիկէ հայեր: Իրենք կը կարծէին՝ թէ Ծիրանաւորը կը հասկնար արաբերէն լեզուն, ուստի շարունակ բարձրաձայն կը կրկնէին անոր որ իրենք, թէեւ արաբերէն կը խօսէին, այնու հանդերձ հայ էին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչին որդիները: Ծիրանաւորը ուշադրութիւն չընծայեց անոնց խօսքերուն եւ շարունակեց ֆրանսերէնով զրուցել Նաիմ Քարազիվանին հետ:

Այդ նոյն օրը, յետ միջօրէի, ժողովի կանչուեցանք Վերին Ճեզիրէի եկեղեցական բոլոր մեծաւորներս, այսինքն՝ Գերպ. Հաննա Հեպպէ, Գերպ. Գաբրիէլ Նաամոյ, Հայր Ֆրանսուա Տրափիէ եւ ես: Միայն ես էի որ անձամբ ծանօթ էի Ծիրանաւորին եւ այս պատճառով է որ անոր առաջին խօսքերը ուղղուեցան ինծի: Շնորհաւորեց ամէն բանի համար որ ըրած էի ի նպաստ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ թեմին, որ տակաւին կը շարունակէր ընտիր եւ առատ պտուղներ տալ: Սակայն, նկատել տուաւ Ծիրանաւորը, Սուրիոյ մէջ միջավայրը ամբողջովին տարբեր է եւ հարկաւոր էր որ ես սահմանափակէի եռանդս, չկառուցանէի նոր եկեղեցիներ եւ չբանայի նոր դըպրոցներ: Իր կարծիքով արդէն իսկ բաւական էին ասորի կաթողիկէ եկեղեցիներն ու դպրոցները, որոնցմէ կ՚օգտուէին նաեւ հայ կաթողիկէները: Պէտք է գոհանայի Քամըշլիի եկեղեցւոյ կառուցումով, բայց պէտք չէ նոր եկեղեցիներ կառուցանէի ուրիշ բնակավայրի մէջ: Անիմաստ է, կ՚ըսէր ան, հայերէն լեզուն ուսուցանել արաբ երկրի մը մէջ, ուր հազիւ հարիւրի չափ հայեր կը բնակէին:

Այս խօսքերուն վրայ չկրցայ այլեւս զսպել ինքզինքս, ընդհատեցի Ծիրանաւորին ելոյթը եւ ըսի. «Ձերդ Գերազանցութիւն, ներողամիտ եղէք ընդհատումին համար, բայց Դուք սխալ տեղեկութիւններ ունիք: Ճեզիրէի եւ Եփրատի նահանգին մէջ կը բնակին հայ կաթողիկէ մօտ վեց հարիւր ընտանիք, այսինքն՝ ասորի կաթողիկէ ընտանիքներու կրկնակին: Հայ կաթողիկէները ամէնուր աւելի են՝ քան ասորիները, նոյնիսկ եթէ խօսքը փոքրիկ համայնքներու մասին է: Օրինակ, Ռասուլսիի մէջ կաթողիկէ երեսուն ընտանիք կայ, որոնցմէ տասնչորսը հայ, եօթը՝ ասորի, վեցը՝ քաղդէացի, իսկ երեքը՝ մլքիթ: Ճիշտ է որ ասորի կաթողիկէները ամէնուր եկեղեցի եւ դպրոց ունին, ճիշտ որովհետեւ բախտաւորութիւնը ունեցած են առաջինը կազմակերպուելու: Ճիշտ է նաեւ որ հոգ կը տանին միւս ծէսերուն պատկանող կաթողիկէներուն: Հայերը շնորհակալ են ստացած բարիքին համար եւ փոխարէնը միշտ վեհանձն գտնուած են ասորի կաթողիկէ քահանաներուն, եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն նկատմամբ: Բաւական է ըսել որ Գերպ. Հեպպէն, երբ Քամըշլի կու գայ, հիւրընկալութիւն կը խնդրէ հայ ընտանիքներու քով: Ինչպէ՞ս կարելի է հաստատել թէ Հայ Կաթողիկէ Համայնքը բաղկացած է տասնհինգ աղքատ ընտանիքներէ, երբ իրականին մեր Համայնքը ամենաբազմանդամ ու ամենաառատաձեռն Համայնքն է»:

Ծիրանաւորը ապշահար մնաց եւ Գերպ. Հեպպէին կողմը դառնալով բացականչեց. «Բայց ինծի տրուած տեղեկութիւնները ամբողջովին տարբեր էին»: Գերպ. Հեպպէն նախ աջ ու ձախ դարձաւ, ապա խոր հառաչանք արձակեց ու վերջապէս ըսաւ. «Այո՛, ճիշտ է որ հայերը առայժմ աւելի բազմաթիւ են՝ քան ասորիները: Բայց ասիկա ժամանակի խնդիր է միայն, որովհետեւ լուրջ պատճառներ ունինք ըսելու որ քանի մը տարիէ բազմաթիւ յակոբիկեաններ կաթողիկէ պիտի դառնան»:

Նստած տեղէս վեր ցատկեցի, ուրախ ուրախ ծափահարեցի եւ իրօք սրտանց ծիծաղելով ըսի. «Ի՜նչ հիանալի բան: Ով կ՚ապրի յուսալով, կը մեռնի երգելով: Մենք ալ լուրջ պատճառներ ունինք յուսալու որ շուտով, կամ ալ տասնամեակներ, կամ ալ հարիւրամեակներ յետոյ բոլոր առաքելականները կաթողիկէ պիտի դառնան»:

Ժողովը փակուած հռչակուեցաւ: Ծիրանաւոր Թիսսերանը բաւականին վշտացած էր՝ տեսնելով այդ խարդախութիւնները: Այսպէս պատահեցաւ որ Դոմենիկեաններուն առաջարկը իր նպատակին չհասաւ, որոնք ծննդեան պահուն իսկ կ՚ուզէին խեղդել Հայ Կաթողիկէ թեմը, որպէսզի հայերը կամաց կամաց ձուլուէին ասորիներու մէջ: Միշտ գործած էի եկեղեցական իշխանութիւններու նկատմամբ հնազանդութեամբ, բայց Ծիրանաւոր Թիսսերանին դիրքորոշումը խորապէս մտահոգեց զիս եւ ես ինծի հարց կու տայի թէ նման պարագաներու մէջ արդեօք իսկապէս Աստուծոյ կա՞մքն էր որ շարունակէի սկսած գործերս: Այս հարցերու շուրջ խօսեցայ մեր Պատրիարքին հետ, որ ինծի հրամայեց շարունակել գործունէութիւնս, վստա հեցնելով որ ինք կը ստանձնէր ամէն պատասխանատուութիւն: Եթէ մեր Պատրիարքին խօսքերը մէկ կողմէ բաւարար եղան զիս եւ յարատեւութիւնս քաջալերելու համար, միւս կողմէ, աւելի զայրացուց հակառակորդներս, որոնք ինքզինքնին պարտուած չէին նկատեր եւ ոչինչ խնայեցին առջեւս խոչընդոտներ յարուցանելու համար, եւ ոչ իսկ զրպարտութիւնները: Նաիմ Քարազիվանը, Դոմենիկեաններուն կողմէ հրահրուած, Տերպեսիէի մեր հաւատացեալները համոզեց չկատարել խոստացուած նուիրատուութիւնները: Հակառակ ասոր, շինարարական աշխատանքները յառաջ կ՚ընթանային եւ ես ճշտապահօրէն կը վճարէի գործաւորներուն աշխատավարձը եւ մատակարարներուն հասնելիք գումարները: Իմ միակ մխիթարութիւնս իմ քահանաներուս վստահութիւնն էր ինծի հանդէպ, որոնք գոհ էին աշխատանքի եւ կեանքի պայմաններէն, եւ բոլորին առջեւ կը յայտարարէին որ ոչ մէկ Եպիսկոպոս իրենց հետ աւելի լաւ վարուած էր՝ քան Հայր Կիւրեղը:

Հակառակորդներս փորձեցին ներկայացնել զիս որպէս Ֆրանսայի թշնամի: Գիտէին որ իտալական հպատակութիւն ունէի, եւ այս հանգամանքը գործածեցին՝ զրպարտելու համար զիս որպէս Մուսսոլի նիի գաղափարակից եւ հզօր գործակատար: Յետագային գիտցայ որ ոստիկանութիւնը մէկ տարի շարունակ գրաքննութեան ենթարկած էր նամականիս: Այս տհաճ իրողութիւնը, եթէ մէկ կողմէ ուշացում պատճառեց նամակներուս առաքումին եւ ստացումին, միւս կողմէ յստակ ապացոյց տուաւ ֆրանսական իշխանութիւններուն՝ թէ որքա՜ն հեռու էի քաղաքականութենէն: Ասկէ զատ, ինծի շահիլ տուաւ ֆրանսացի հրամանատար Ացցիսին յարգանքն ու մըտերմութիւնը, որ ընդհակառակն՝ արհամարհանքով լեցուեցաւ հակառակորդներուս հանդէպ:

Ընթերցողներս պէտք չէ կարծեն, սակայն, թէ հակառակորդներուս գործադրած վարկաբեկումի փորձերը ոչ մէկ վնաս հասցուցին ինծի: Ի միջի այլոց, կորսնցնել տուին թանկագին բարեկամութիւնը Գերյ. Լաժիէի, որ տնօրէնն էր ,Œuvre d’Orientե բարեգործական հաստատութեան: Զիս մշտապէս յարգած ու քաջալերած էր, եւ չեմ գիտեր ինչպէս կրցած էր հաւատք ընծայել իմ մասիս իրեն հասած զրպարտութիւններուն: Խզեց հետս ունեցած բոլոր կապերը եւ որպէս առաջին հարուած՝ Գերպ. Հեպպէին յատկացուց վաթսուն հազար ֆրանսական ֆրանքի գումարը, որ նախապէս խոստացած էր Քամըշլիի եկեղեցւոյ համար: Վերին Սաւոյայի Կարմեղականներու Մեծաւորուհին իմ գործունէութեանս մասին խօսած էր Պրն. Տ՚Էսփենյի հետ, որ Իրաքի նաւթամշակման ընկերութեան մը տնօրէնն էր: Ան հինգ հազար ֆրանսական ֆրանքի նուիրատուութիւն մը ըրաւ Քամըշլիի «Սբ. Յովսէփ» եկեղեցւոյ Աւագ Խորանին համար: Որպէս երախտագիտութեան նշան, նուիրատուին անունը փորագրել տուի բաւականին լաւ տեսանելի կէտի մը: Ա.Ա.ն, որ զիս վարկաբեկելու քայլարշաւին գլխաւորն էր, նամակ մը յղած էր Պրն. Տ՚Էսփենյի, ըսելով որ ան վեհանձնաբար նպաստած էր Հայր Կիւրեղին ֆաշիսթական քարոզութեան, Հայր Կիւրեղին որ Մուսսոլինիի անձնական եւ մեծապէս գնահատուած բարեկամն է: Պրն. Տ՚Էսփենյը նոյն նամակը փոխանցած էր Կարմեղականներու Մեծաւորուհիին, այս յաւելեալ գրութեամբ. «Չեմ զղջար բաւականին մեծ գումար մը նուիրած ըլլալուս՝ Քամըշլիի եկեղեցւոյ Աւագ Խորանի համար: Պարզապէս կը ցաւիմ, որ այդ Հայր Կիւրեղը դաւեր կը նիւթէ մեր սիրելի հայրենիքին դէմ: Ատոր համար Աստուծոյ առաջ պատասխան պիտի տայ»: Մեծաւորուհին խորապէս վշտացած մնացած էր, բայց ուղղակի ինծմէ լուսաբանու թիւններ խնդրեց այդ հարցին մասին: Ինծի համար դժուարին չեղաւ ցոյց տալ ճշմարտութիւնը եւ Պրն. Տ՚Էսփենյը կրկին պատասխանեց բարեկամական ձայներանգով, խնդրելով որ զինք ներառնեմ իմ լաւագոյն բարեկամներուս շարքը: Նամակին կից ուղարկած էր հարիւր յիսուն լիբանանեան լիրայի, այսինքն՝ երեք հազար ֆրանսական ֆրանքի վճարագիր մը:

Հակառակորդներս ջանացին կորսնցնել տալ իմ թանկագին միաբանակից Հայր Կոստանդին յարգանքն ու գորովը ինծի հանդէպ: Անոր հետ աշխատած էի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Ան զգուշացուց զիս, որ անունս գրուած էր անբաղձալի անձերու սեւ ցուցակին մէջ, ուստի խորհուրդ կու տար ոտք չդնել Ֆրանսա: Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը նամակ մը ղրկած էր Ֆրանսայի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի քափուչին վանքերու բոլոր Մեծաւորներուն, ուր յոռի արտայայտութիւններով նկարագրուած էի ես եւ իմ գործունէութիւններս: Այդ նամակին արդիւնքն է որ միաբանակիցներս, զիս տեսնելով, կը շշնջային. «Ահա՛ դաւաճանը»:

Շատ հեռուները հասայ: Վերադառնամ դէպքերու ժամանակագրական պատմութեան:

Գերպ. Ռեմի Լըփրեթը, 1939 Սեպտեմբեր 25ին, Պէյրութի իր նստավայրին մէջ ժողովի կանչեց Վերին Ճեզիրէի եկեղեցական բոլոր Մեծաւորներս: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը արդէն սկսած էր եւ բոլորը զայն որպէս պատճառ բռնեցին, ըսելով որ չէին կրնար բացակայիլ իրենց պաշտօնավայրէն: Ես ալ պիտի ուզէի տեղս մնալ, նաեւ որովհետեւ մօտ էր եկեղեցւոյ օծման օրը, որոշուած՝ Հոկտեմբեր 3ին, Սբ. Թերեզա Յիսուս Մանկան տօնին օրը: Առաքելական Նուիրակին պատասխանը վճռական եղաւ. Ծիրանաւոր Թիսսերանին յստակ հրահանգն էր որ ես ներկայ ըլլայի ժողովին: Հնազանդեցայ: Պէյրութ հասայ Սեպտեմբեր 22ին, յետ միջօրէի, եւ ուղիղ Առաքելական Նուիրակին քով գացի՝ տեղեկանալու համար հաւաքի նպատակը: Պատասխանեց որ հաւաքին նպատակը պիտի յայտնէր աշխատանքներու սկզբնաւորութեան: Մինչ այդ, բացարձակ առարկայական մօտեցումով պէտք է պատասխանէի հարցաթերթիկին որ տուաւ ինծի:

Հոս պէտք է փոխեմ հերթականութիւնը, այսինքն՝ նախ պէտք է ներկայացնեմ Առաքելական Նուիրակին կողմէ գումարուած ժողովին նպատակը: Ծիրանաւոր Թիսսերանին կամքը այն էր որ Առաքելական Նուիրակը Վերին Ճեզիրէի մէջ գործող Արեւելեան բոլոր Ծէսերու եկեղեցական մեծաւորները համոզէր որ միաւորէին իրենց դպրոցները, ատոնց տնօրինումը յանձնելով ասորի քաղդէացիներուն, իսկ բոլոր Ծէսերուն պատկանող հաւատացեալներուն վերաբերող հովուական գործերը՝ Դոմենիկեան Վարդապետներուն, ներառեալ կղերականներու եւ հաւատացեալներուն համար կազմակերպուող հոգեւոր կրթութիւնները, ընկերակցութիւններու, երկսեռ երիտասարդութեան Կաթողիկէ Շարժումի, Արիներու հոգեւոր խընամքը, եւ այլն: Պատասխանեցի պարտուպատշաճ յստակութեամբ ու առարկայականութեամբ: Ներկայացուցի այն բոլոր տեղեկութիւնները որ գիտէի Դոմենիկեան Վարդապետներու, անոնց սովորութիւններուն, անոնց գործունէութեան, երիտասարդները դաստիարակելու անոնց գործելակերպին, անոնց ծաւալած առաքելութեան արդիւնքներուն մասին: Խղճիս առջեւ պարտաւորիչ նկատեցի ներկայացնել տեղացիներու կազմած բացասական կարծիքը, ֆրանսացի սպաներու եւ Դոմենիկեաններու ունեցած յարաբերութիւններուն նկատմամբ: Իմ կարծիքովս, առաքեալի որակումին արժանի էր Հայր Թովմասը, որ նուիրուած էր Տերպեսիէի որբերու դաստիարակութեան գործին, բայց դժբախտաբար՝ իր միաբանակիցներէն ոչ մէկը կ՚օգնէր իրեն այդ վեհ առաքելութեան մէջ: Կասկած չունէի որ կաթողիկէ դպրոցներուն միաւորումը տեսականօրէն կրնար գրաւիչ թուիլ, բայց գործնական գետնի վրայ լիակատար ցնորք մըն էր: Յիրաւի, կողմերէն ոչ մէկը համաձայն էր դպրոցներու միաւորումին: Համաձայն չէին Դոմենիկեան Քոյրերը, որովհետեւ այդ պարագային իրենց դպրոցը այլեւս ֆրանսական պիտի չըլլար եւ պիտի զրկուէր ֆրանսական կառավարութենէն յատկացուող օժանդակութիւններէն: Համաձայն չէին զանազան Ծէսերուն պատկանող Եկեղեցիները, որովհետեւ ոչ մէկը կ՚ուզէ հրաժարիլ սեփական լեզուէն եւ սեփական ծէսէն, քանի որ այդ միաւորեալ դպրոցները անշուշտ պիտի որդեգրէին միայն ասորի ծէսը եւ արաբերէն լեզուն: Պէտք չէ մոռնայինք որ կրօնական ուսուցումը կը ներառնէ նաեւ ծիսական արարողութիւններու եւ երգեցողութեան դասաւանդումը: Դպրոցներու միաւորումէն մեծապէս նպաստաւորուած պիտի ելլէին ասորիները, բայց անհնարին պիտի դառնար Արեւելեան Կաթողիկէ միւս Համայնքներուն կեանքը: Կը բացատրէի որ արաբերէն լեզուն բոլորին համար համընդհանուր ըլլալու փաստը միայն բաւական էր իրար խառնելու համար ժողովուրդներ որ իրար մէ այդքա՜ն հեռու էին մշակոյթով, աւանդութիւններով ու ծէսով:

Անկասկած, ոչ մէկ հայ պիտի ընդունէր այդ որոշումը:

Գերպ. Լըփրեթը համաձայնեցաւ իմ տեսակէտիս եւ Սեպտեմբեր 25ի ժողովին որոշուեցաւ որ Վերին Ճեզիրէի մէջ քաղդէացիներն ու հայերը կրնային կառուցանել իրենց սեփական եկեղեցիները, կազմակերպել իրենց ազգային դպրոցները եւ հոգալ երիտասարդներու կրօնական կազմաւորումը կաթողիկէ ասորիներէն անկախ: Քամըշլիի մեր հաւատացեալները, ժողովրդապետը ներառեալ, այնուհետեւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ անունը անգամ լսել չէին ուզեր, այլ ամէն գնով կ՚ուզէին ունենալ իրենց սեփական եկեղեցին, նոյնիսկ եթէ առժամեայ: Ամենայն աճապարանքով հայթայթեցինք հարկաւոր շինանիւթը տեղւոյն սովորութիւններուն համաձայն եւ իմ բնակարանիս հարեւանութեամբ կառուցեցինք տասը մեթր երկարութեամբ եւ չորս ու կէս մեթր լայնութեամբ սրահ մը: Բացումը կատարեցինք 1939 Յունիս 29ին եւ այդ օրուընէ ես ունեցայ իմ եկեղեցիս, թէեւ առժամեայ, եւ իմ առաջնորդարանս: Այնուհետեւ Տէր Յովսէփ Քալքոթուրեանը Սուրբ Պատարագները չկատարեց ասորիներու եկեղեցւոյ մէջ: Այդ սրահին աւելցուցի միեւնոյն մեծութեան երկրորդ սրահ մըն ալ, ուր տեղադրեցի լաւ յղկուած փայտով շինուած սեղան մը, որու վրան ալ տեղաւորեցի սուրբ քարը: Բուն եկեղեցւոյ օծումէն յետոյ այդ սրահները կերպարանափոխուեցան եւ դարձան մեր դպրոցը: Վերջ ի վերջոյ, մեր Համայնքը ունեցաւ իր սեփական տունը ուր կրնայինք զգալ մեզ որպէս Աստուծոյ որդիները եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակները, որու միջոցով Քրիստոս վերածնաւ մեզ եւ դարձուց եղբայրներ բոլոր Իրեն հաւատացողները:

 Եկեղեցւոյ օծումը

Մասնակցութիւնս Եկեղեցական Մեծաւորներու Պէյրութի Հա մաժողովին, անկասկած նպաստեց Հայ Կաթողիկէ եւ Քաղդէացի Համայնքներու դատին: Այնու ամենայնիւ, ինչպէս որ նախատեսած էի, վնասեց Քամըշլիի եկեղեցւոյ շինարարութեան: Շինարարներուն գլխաւորը կրցաւ ճարպիկօրէն օգտագործել այն լուրը որ Գերմանիան պատերազմ հռչակած էր Ֆրանսայի դէմ, գործաւորներուն մօտ խուճապ յառաջացուց, արագացուց գործերը եւ փախաւ Քամըշլիէն: Իր իսկ պատուէրով, իր կինը հեռագիր մը ղրկած էր իրեն, ուր կը յայտնէր թէ շուտով պիտի սկսին զանգուածային տեղահանութիւններ, ջարդեր, թալանումներ եւ այն ամենավատթար իրադարձութիւնները՝ որոնց ականատես եղած էինք Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն: Եկեղեցւոյ երկաթպեթոնէ ծածքը նախատեսուածէն շատ աւելի բարակ եղաւ: Ելեկտրագործը, որ Հալէպէն եկած էր, աշխատանքներուն շարունակութիւնը վստահեցաւ խաբեբայի մը եւ կայծակնային արագութեամբ փախաւ: Արդիւնքը այն եղաւ որ սխալ կատարուած աշխատանքները ուղղելու համար հոգիս դուրս ելաւ յետագայ հինգ տարիներու ընթացքին: Բայց այլեւս ունէինք մեր եկեղեցին եւ ատոր համար շնորհակալ էինք Աստուծոյ:

Նախապէս մտածած էի եկեղեցին անուանել «Սբ. Յակոբ», յանուն Մծբնայ Հայրապետին, զոր մեծ ջերմեռանդութեամբ կը պատուեն բոլոր հայերը, ըլլայ առաքելականները, ըլլայ կաթողիկէները: Յետագային, սակայն, ընդունեցայ այդ եկեղեցւոյ առաջին ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ Քալքոթուրեանին խորհուրդը եւ եկեղեցին անուանակոչեցի «Սբ. Յովսէփ»: Սբ. Յովսէփին նուիրեցի նաեւ Աւագ Խորանը, որուն համար Փարիզէն պատուիրեցի երեք մեթր բարձրութեամբ կտաւ մը՝ որուն վրայ Սուրբ Նահապետը պատկերուած էր Յիսուս Մանուկը գրկած: Ցաւօք սրտի, կտաւը երբեք չըհասաւ մեզի, քանի որ Մոնմարթրի Կարմեղականներու վանքին մէջ պահուած ըլլալով՝ գողցուեցաւ գերմանացի զինուորներէն: Եկեղեցւոյ օծումի արարողութեան համար գործածեցինք Սուրբ Ընտանիքը պատկերող կտաւ մը, որ փոխ առած էի Դոմենիկեան Մայրապետներէն: Յետագային, այսինքն՝ 1954 թուականին, պատուիրեցի առաջին կտաւին կրկնօրինակը:

Աւագ Խորանին աջ կողմը տեղադրեցի փոքրիկ խորան մը Սուրբ Սրտի գեղեցիկ արձանով մը, բնական մեծութեամբ, որ ուրիշ գոյքերու հետ միասին՝ գնած էի Հալէպի Սբ. Յովսէփի Միաբանութեան Մայրապետներու մատուռէն: Աւագ Խորանին ձախ կողմը տեղադրեցի Յիսուս Մանկան Սբ. Թերեզային արձանը, այս մէկն ալ բնական մեծութեամբ, որ մեզի նուիրեց Սրբուհիին աւագ քոյրը՝ Մայր Ագնէսը: Աղօթասրահին ձախ կողմը կառուցեցինք Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչին խորանը, հոն տեղադրելով գեղեցիկ կտաւ մը՝ ուր պատկերուած էր Տրդատ Թագաւորին եւ արքայական ընտանիքին մկրտութիւնը: Եկեղեցւոյ օծումի արարողութիւնը կատարեց Հալէպի Արքե պիսկոպոս Գերպ. Գրիգոր Հինտիէն: Սրբազան ծիսակատարութեան ներկայ գտնուեցան Վերին Ճեզիրէի Ասորի կաթողիկէ Եպիսկոպոս Գերպ. Հաննա Հեպպէն եւ զանազան ծէսերու պատկանող կաթողիկէ բազմաթիւ քահանաներ: Օծումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 1939 Հոկտեմբեր 3ին, բայց եկեղեցին աղօթքի եւ ծիսակատարութիւններու համար բացուեցաւ յաջորդ կիրակի օրը, Հոկտեմբեր 8ին: Առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ, Տէր Գաբրիէլ Գասպարեանէն նուիրուած զանգակը ղօղանջելու սկսաւ տօնական ուրախութեամբ: Օդը մեղմ էր եւ անամպ երկինքին մէջ կը սաւառնէին հազարաւոր բազմերանգ թռչուններ, որոնք կարծես մասնակցիլ կ՚ուզէին մեր ուրախութեան՝ զուարթ ճռուողիւնով եւ պար բռնելով զանգակատան եւ եկեղեցւոյ տանիքին շուրջը, ապա սրընթաց վար նետուելով՝ գետնին քովէն հպանցիկ անցնելով: Այծեամներս նոյնպէս կարծես տօնական օդ կը շնչէին. տեղերնին հանգիստ չէին կենար, եղջիւրակռիւ կը ձեւացնէին եւ փոխադարձ զիրար կը լիզէին: Ապարդիւն էր վրանին պոռալս, որովհետեւ ձայներանգէս կը հասկնային որ զայրացած չէի, եւ իմ բացականչութիւններս կարծես աւելի կը գրգռէին զանոնք:

Բազմաթիւ պատանիներ ու պարմանուհիներ կը վազվզէին եկեղեցւոյ բակը եւ հարկ էր լսել անոնց մեկնաբանութիւնները. «Դուն բան չես հասկնար: Եթէ Սէիտնա Կիւրեղը քափուչին չըլլար, մենք երբեք չէինք ունենար մեր եկեղեցին: Իր Մեծաւորը զինք հոս ղրկած է անհրաժեշտ ամբողջ գումարը անոր տալով»: «Սէիտնա Կիւրեղը արժանի է մարմարեայ արձանի, բայց այն Մեծաւորը որ զինք հոս ղրկած է, արժանի է ոսկեղէն արձանի»: «Ասոնք են իրական առաքեալները, որ մեզի համար կ՚աշխատին եւ մեզի համար եկեղեցիներ ու դպրոցներ կը կառուցանեն»: «Երբ այստեղէն մեկնի, Սէիտնա Կիւրեղը իր հետ ոչինչ պիտի տանի եւ հոս պիտի ձգէ ամէն բան որ ձեռք ձգած է ու կառուցած»: Ո՞վ կրնար չյուզուիլ՝ լսելով անմեղ մանուկներու շուրթերէն հնչած այս խօսքերը:

Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը կատարեց նոյն ինքն Գերպ. Հինտիէն: Սրբազան ծիսակատարութեան ներկայ գտնուեցան Գերպ. Հաննա Հեպպէն եւ բազմաթիւ ուրիշ եկեղեցականներ: Ծիսակատարութիւնը, երգեցողութիւնը ներառեալ, կատարուեցաւ անթերի կերպով, այն աստիճան որ ոչ կաթողիկէները, ինչպէս յետոյ յայտնեց ինծի իմ բարեկամս Խուրի Մլքին, ինքզինքնին երազի մէջ կը կար ծէին, որովհետեւ երբեք չէին տեսած որ սրբազան արարողութիւնները այդքան բարեպաշտութեամբ, ճշգրտութեամբ ու վեհութեամբ կատարուէին:

Արժանապատիւ հիւրերու շարքին պէտք է յիշեմ նաեւ Տէր Զօրի, Հասաքէի ու Քամըշլիի մուֆթիները: Ներկայ գտնուած քաղաքական ու զինուորական անձնաւորութիւններու շարքին պէտք է գոհանամ յիշատակելով Ֆրանսական Բարձագոյն Գործակալի ներկայացուցիչ հրամանատար Պերժիսը, Քամըշլիի հասարակական անվըտանգութեան տնօրէն հրամանատար Ացցիսը, արաբ եւ քիւրտ թափառական ցեղերու տոհմապետերը:

Ամենասուրբ Հաղորդութենէն ետք, Գերպ. Հինտիէն ըսաւ որ հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին ինծի կ՚իյնար շնորհակալական խօսք ուղղել ներկաներուն: Ամբողջովին շփոթահար մնացի, բայց փախուստի հնարաւորութիւն չկար: Երախտագիտութեանս խօսքերը ուղղեցի Աստուծոյ, որ Մեծաւորներուս միջոցով ինծի որպէս առաքելութեան դաշտ յատկացուցած էր Վերին Ճեզիրէն: Ինչպէ՞ս կրնայի երախտագիտութեան խօսքեր չուղղել նաեւ Սբ. Յովսէփին, որուն միջնորդութեամբ աղաչանքներս հասած էին Աստուծոյ, ի նպաստ իմ ժողովուրդիս: Ինչպէ՞ս երախտագիտութիւնս չյայտնէի Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնին, մեր գորովագութ Մայրիկին, որ օգնութեան հասած էր ինծի ամէնօրեայ դժուարութիւններուս մէջ, բազմապատկած էր ուժերս ու կարողութիւններս: Տօնական առիթը օգտագործեցի՝ շնորհակալութեան խօսք ուղղելու համար Ասորի քաղդէական Եկեղեցւոյ, յանձինս Գերպ. Հեպպէի, որ մայրական խնամքներ շռայլած էր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակներուն վրայ, որոնք մնացեր էին առանց հովիւներու եւ առանց քրիստոնէական վարդապետութիւնը ուսուցանողներու: Մեր հաւատացեալները, մանկական տարիքէն արդէն դուրս ելած, փափաքած էին ունենալ իրենց սեփական տունը, առանց սակայն ապերախտ զգացումներ ունենալու իրենց անցեալին նկատմամբ:

Միւսներու շարքին, մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեցի հրամանատար Ացցիսին, ինծի հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան համար, որովհետեւ ան գիտէր որ իմ գործունէութեանս միակ նպատակը հաւատքի տարածումն ու ամրապնդումն էր, առանց քաղաքա կանութեան ստուերներու խառնումի: Ես խօսքս արտասանած էի ֆրանսերէնով: Իր հերթին, Տէր Գրիգոր Ահմարանեանը խօսեցաւ արաբերէնով, հիւսելով մեր Համայնքին պատմութիւնը եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելով որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին մէկ աղքատ որդիին շնորհիւ նոր դարաշրջան մը սկսած էր Վերին Ճեզիրէի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին հա մար: Չէր կրնար պակսիլ հանդիսաւոր ճաշկերոյթը: Զայն կազմակեր պած էինք եկեղեցւոյ բակը եւ ես անձամբ կը հետեւէի որ ամէն բան առանց տհաճ միջադէպերու ընթանար: Մեծապէս զարմացայ՝ հոն չտեսնելով երգչախումբի անդամներէն ոչ մէկը, բայց Տէր Յովսէփը բացատրեց որ բոլորն ալ վշտացած էին, որովհետեւ ելոյթիս ատեն խօսք մը անգամ չէի ըսած իրենց մասին: Խնդրեցի փոխանցել անոնց որ ճառախօսութեան արուեստը իր իւրայատուկ պահանջները ունի, ինչպէս երաժշտական արուեստը: Յարմար պահու մը պիտի ստանային բոլոր գովասանքները, որոնց իսկապէս արժանացած էին: Համոզուած թէ ոչ, երգչախումբի անդամները իրենց տեղերը գրաւեցին սեղանին շուրջը եւ սկսան ուրախ զուարթ ուտել ու խմել: Հրամանատար Ացցիսէն խնդրեցի, որ խօսք առնելով ուղղէր իմ սխալս: «Ինծի վստահեցէք», պատասխանեց, «շատ լաւ կը ճանչնամ Տէր Յովսէփն ու իր երգիչները»: Յարմար պահու մը հրամանատար Ացցիսը խօսք առաւ ու ըսաւ. «Պատիւը ունիմ այս մեծապատիւ հաւաքին առջեւ յայտարարելու որ կեանքիս մէջ ներկայ գտնուած չէի կրօնական արարողութեան մը որ այսքա՜ն լեցուն ըլլար բարեպաշտութեամբ, այսքա՜ն հանդիսաւոր, այսքա՜ն գեղեցիկ՝ որքան այսօրուանը:

Յանուն բոլոր ներկաներուն՝ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ երգչախումբի հմուտ ղեկավար Տէր Յովսէփ Քալքոթուրեանին: Չեմ հասկնար թէ ինչպէս կրցաւ այսքան կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ սորվեցնել Եկմալեանի քառաձայն Սուրբ Պատարագը: Ինծի համար ասիկա հրաշք մըն է որ հարկաւոր է արձանագրել այս եկեղեցւոյ ժամանակագրութեան մէջ»: Հրամանատարը ակնարկեց նաեւ անոնց՝ որոնք դաւեր նիւթած էին զիս քաղաքական գետնի վրայ վտանգաւոր անձ ներկայացնելու եւ Սուրիայէն աքսորելու համար, մինչ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարող հեղինակաւոր աղբիւրներէ ստացած տեղեկութիւնները երաշխաւորած էին ճիշտ հակառակը:

Գերպ. Հինտիէն Հալէպ վերադարձաւ Հոկտեմբեր 12ին: Նախ քան մեկնումը՝ հիմնեց «Սբ. Թերեզա Յիսուս Մանկան» ընկերակցութիւնը, որուն պիտի անդամակցէին եկեղեցւոյ մաքրութեան ապահովումը ստանձնած աղջիկները:

Շինարարներուս ղեկավարը շուտով յայտնուեցաւ՝ պահանջելու համար մնացեալ երեք հազար սուրիական լիրաները, որ հաւասար էին վեց հարիւր հազար ֆրանսական ֆրանքի: Բողոքեցի, նկատել տալով որ աշխատանքները լաւ կատարուած չէին, եկեղեցւոյ ծածքին հաստութիւնը նախատեսուածէն աւելի բարակ էր, իսկ ելեկտըրական գիծերը իրական աղէտ մըն էին: Հարկ էր լսել այդ խաբեբային արտասանած խօսքերը: Դեմոսթենէսէն աւելի պերճախօս եղաւ, թուարկեց իր ունեցած կորուստները, որոնց պատճառ եղած էր գիներու յանկարծակի բարձրացումը առնուազն տասն անգամ: Ի վերջոյ զիս կարեկցանքի մղեց եւ ստացաւ պահանջած գումարը:

Դէպի Իտալիա

Դրամի կարիք ունէի՝ պարտքերս վճարելու եւ թեմիս եկեղեցիներու կարիքները հոգալու համար: Մեր Պատրիարքը արտօնեց ինծի որոշ ժամանակով մեկնիլ Իտալիա եւ ամբողջ ճանապարհածախսը ինքը վճարեց իմ եւ այն երեք աղջիկներուն համար՝ որոնք Հռոմ կու գային Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու նորընծայարանէն ներս ուսանելու համար:

Հռոմի մէջ զիս ընդունեցաւ Ծիրանաւոր Թիսսերանը, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական Մեծաւորներու համաժողովի դրական արդիւնքին համար:

Ճամբայ ելայ դէպի Փալերմոյ, ուր սիրալիր ընդունելութեան արժանացայ Նահանգային Մեծաւոր Հայր Մանսուէթոյի եւ բոլոր միաբանակիցներուս կողմէ, որոնք զիս շփոթահար թողուցին իրենց գորովալի եղբայրսիրութեամբ: Փալերմոյի Ծիրանաւոր Արքեպիսկոպոս՝ Նորին Գերազանցութիւն Լուիճի Լաւիթրանոն ուզեց որ ես պատարագէի եւ քարոզէի Սբ. Ֆրանչիսկոս Սաւէրիոսի տօնին օրը, որ կաթողիկէ առաքելութիւններու Պաշտպան Սուրբն է: Թեմական նորընծայարանին սաները փափաքեցան բարեպաշտական զանազան առարկաներ նուիրել ինծի եւ հրաւիրեցին իրենց կազմակերպած առաքելական գիտաժողովին մասնակցելու:

Գացի նաեւ Լիքոտիա, այցելելու համար Հայր Կղեմէսին, որ իմ պատուական նախորդն էր Կարինի առաքելական կեդրոնին մէջ: Քաթանիայի մէջ հանդիպեցայ թանկագին մէկ ընկերոջս, որուն նորընծայութեան տարիներուն դասաւանդած էի քրիստոնէական վարդապետութեան առաջին գիտելիքները: Երբ վերադարձայ Հռոմ, տեղեկատուութիւն մը հասաւ ինծի որ Միաբանութիւնս, պարտաւոր ըլլալով հոգալու Եթովպիոյ իտալական առաքելութիւնները, այլեւս ի վիճակի չէր դրամական օժանդակութիւններ յատկացնելու Վերին Ճեզիրէի իմ առաքելութեանս: Իրական պատճառը, սակայն, ամբողջովին ա՛յլ էր: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին եւ իմ Միաբանութեանս միջեւ անհամաձայնութիւն մը ծագած էր՝ Պէյրութի հայկական Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ գտնուող հողատարածքի մը վերաբերեալ: Ապարդիւն բանակցութիւններէ ետք Աղաճանեան Պատրիարքը Սուրբ Աթոռէն խնդրած էր որ քափուչիններուն պատկանող բոլոր ստացուածքներու սեփականութեան իրաւունքը գործածելով՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի սեփականութեան անցըուէր խնդրոյ առարկայ հողատարածքը: Միաբանութեանս Ընդհանուր Մեծաւորը նկատել տուած էր որ այդ հողատարածքը գնուեր է Լիոնի նահանգի քափուչիններու դրամական մեծ զոհողու թիւններուն շնորհիւ՝ հոն կառուցանելու համար քափուչիններու նոր վանքը, քանի որ քաղաքապետարանը որոշած էր քանդել հինը, լայնցնելու համար ճանապարհը: Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը ճանչցած էր քափուչիններու իրաւունքները եւ ետ վերադարձուցած էր հողատարածքը գնելու համար գործածուած գումարը: Որպէս հակահարուած, սակայն, Միաբանութեանս Ընդհանուր Մեծաւորին տեղեկացուցած էին որ Լիբանանի մէջ գործող քափուչիններու առաքելութիւնները այլեւս սովորական օժանդակութիւնները պիտի չստանային: Միաբանութիւնս, իր հերթին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին տեղեկացուցած էր որ այլեւս ի վիճակի չէր օժանդակելու Վերին Ճեզիրէի հայկական առաքելութեան: Այս սպառնալիքին տեղիք տալով, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը չեղեալ նկատած էր իր նախորդ որոշումը:

Այս վիճաբանութիւնը ինծի համար մեծ փորձութիւն եղաւ եւ, մարդկայնօրէն ըսած, չէի տեսներ թէ ինչպէս կրնայի ամբողջական սնանկացումէ խուսափիլ: Կը խոստովանիմ, որ կը զգայի թէ ինչպէս ներքին ձայն մը կը կրկնէր ինծի. «Մի՛ վախնար: Աստուած քու հետդ է»: Ականջներուս մէջ շարունակ կը հնչէին Սբ. Թերեզային խօսքերը. «Ոչի՛նչ թող մտահոգէ քեզ, ոչի՛նչ՝ վախցնէ: Ամէն բան կ՚անցնի, միայն Աստուած կը մնայ: Ով որ Աստուած իր սրտին մէջ ունի, ուրիշ բանի կարիք չունի: Միայն Աստուած բաւական է»:

Հռոմ կեցութեանս ատեն ուզեցի անգամ մըն ալ երախտագիտութիւնս յայտնել Սբ. Յովհաննա Անթիտա Թուրէթի Գթասրտութեան Քոյրերուն, այն բարիքին համար որ իրենցմէ ստացած էի հեռաւոր 1925 թուականին, երբ Հռոմի Բազմաբուժական Հիւանդանոցին մէջ ապաքինումի ենթարկուած էի:

Ընդունելութիւն ունեցայ Սրբազան Քահանայապետ Պիոս ԺԲ.ին մօտ, որ ուզեց վերյիշել՝ թէ որքան ջանք գործադրած էր զիս Յունաստան վերադարձնել կարենալու համար: Յիշեց նաեւ Հայր Բարսեղը, որ իր խոստովանահայրը եղած էր Միւնխէնի մէջ: «Ի՜նչ լաւ կը խոստովանցնէր», ըսաւ: «Որքա՜ն կը ցաւիմ, որ մահացաւ:

Շատ ծեր չէր, բայց շա՜տ տառապած էր 1915ի եւ 1918ի միջեւ ինկած տարիներուն տեղի ունեցած իր ազգականներու ջարդին պատճառով»: Սրբազան Քահանայապետը դրուատանքի խօսքեր ուղղեց նաեւ մեր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի հասցէին: Սրբազան Քահանայապետին յանձնեցի Մոնմարթրի եւ Վերին Սաւոյայի Ռեփոսուարի Վանքերու Մեծաւորուհիներուն նամակները, ինչպէս նաեւ Քոյր Ժընըվիեւ Քատիֆեանի ղեկավարած Սամոսի որբանոցի աղջիկներուն նուրբ ձեռագործներէն եւ Վերին Ճեզիրէի մէջ իմ նախաձեռնութեամբս կառուցուած եկեղեցիներու, քահանաներուս եւ տեղւոյն արաբական ու քրտական տարազներու լուսանկարներ: Ամէն բան մեծապէս հաճելի եղաւ Սրբազան Քահանայապետին, որ յետագային շնորհակալական նամակներ ու օրհնութեան գիրեր ղրկեց յիշատակուած բոլոր անձերուն: Հանդիպման աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը ուզեց օրհնել զիս եւ ես անոր առաքելական օրհնութեան կը վերագրեմ որ ի վիճակի եղայ վճարելու բոլոր պարտքերս: Սրբազան Քահանայապետէն արտօնութիւն խնդրեցի իրեն ներկայացնելու Տէր Վարդան Պաղտասարեանը եւ Պրինտիզիի Սբ. Լաւրենտիոս Վարժարանի երկու եղբայրակիցներ: Տէր Վարդանը իմ այդ օրերու ձեռքբերումն էր Վերին Ճեզի րէի թեմին համար: Զինք տարած էի նաեւ Յունաստան, ուր կրցած էի պահել ոստիկաններուն յաճախակի կաշառքներ տալով: Իմ յաջորդս չուզեց հետեւիլ իմ մեթոտիս եւ Տէր Վարդանը Յունաստանէն հեռացաւ ինծմէ ութ օր յետոյ: Հաստատուած էր Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանէն ներս եւ ի զուր ջանացած էր Պարսկաստան մեկնիլ: Առաջարկեցի իրեն Վերին Ճեզիրէ գալ, առանց թաքցնելու գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները, ինչպէս օրինակի համար՝ երկրին աղքատութիւնը, ջերմութեան ուժգին տատանումները, ամառնային ամիսներուն հասնելով յիսուն աստիճանի՝ ստուերի տակ եւ ութսուն աստիճանի՝ արեւու տակ, եւ ձմեռնային ամիսներու սաստիկ ցուրտը: Եռանդուն քահանան առանց նուազագոյն տատամսումի ընդունեցաւ առաջարկս, վստահելով Աստուծոյ շնորհքին:

Այցելեցի նաեւ Իշխան Քիճիին, որ մինչ այդ Մալթայի Զինուորական Ինքնիշխան Միաբանութեան Առաջնորդը դարձեր էր: Քասսանոյի դուքս Լուիճի Սէրրայի խորհուրդով, Իշխան Քիճին ինծի յանձնեց չորս հազար հինգ հարիւր լիրա, վերջին մնացորդը այն գումարին որ Մուսսոլինին յատկացուցած էր հայ փախստականներուն: Այդ գումարին երեք հազար մըն ալ աւելցուց իր կողմէ:

Հռոմէն մեկնեցայ 1940 Փետրուար 21ին, Տէր Վարդանի ընկերակցութեամբ: Թրիեսթէն բարձրացանք Ռոտի շոգենաւը, որ ուղղուած էր դէպի Պաղեստին: Շոգենաւը չկրցաւ ճանապարհը շարունակել դէպի Պէյրութ եւ մենք հարկադրուած իջանք Քայֆա: Զանց կ՚ընեմ նկարագրելու այն բոլոր նեղացուցիչ քննութիւններն ու խուզարկումները՝ որոնց ենթարկուեցանք հանրային անվտանգութեան գրասենեակի, մաքսատան եւ ուրիշ պաշտօնարաններու կողմէ: Վերջ ի վերջոյ կրցանք անգլիական նաւ մը բարձրանալ եւ Պէյրութ հասանք Մարտ 1ին: Հոս ալ միեւնոյն քննութիւնները: Բացին ու մանրակրկիտ խուզարկեցին բոլոր պայուսակներս, եւ ըսին որ բոլոր դեղամիջոցները պէտք է առողջապահութեան գրասենեակ ղրկուէին անհրաժեշտ ստուգումներու համար: Ի՜նչ ձանձրոյթ եւ ի՜նչ զայրոյթ: Ստուգումը կատարողը նորէն բացաւ պայուսակներէս մէկը, ապա աչքերուս մէջ նայելով ըսաւ. «Վարդապետ, ես մարոնիթ քրիստոնեայ եմ: Ձեզի հետ այդպէս վարուեցայ՝ որովհետեւ մեր գլխաւորը մահմետական է եւ պատուհանէն մեզ կը դիտէր: Հիմա սատանային ծոցը կորսուեցաւ, ուստի իսկոյն անցէք եւ հեռացէք այստեղէն: Սուրբ Պատարագ մը մատուցէք իմ ննջեցեալներուս համար»: «Նոյնիսկ երկու հատ», պատասխանեցի: Ճիշտ կէսօր էր եւ այդ մահմետական պաշտօ նեան գացած էր աղօթքէ առաջ լուացումները կատարելու:

Ի վերջոյ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան հասանք մեր բոլոր բեռներով:

Դոմենիկեաններուն դպրոցը

Քամըշլին գէշ անակնկալներու դիմաց բերաւ զիս: Եկեղեցին ու աւանդատունը խառնաշփոթ վիճակի մէջ գտայ. ամէնուր աղտոտ, սրբազան սպասները անգործածելի դարձած կամ բոլորովին անհետացած: Ամբողջ շաբաթ մը հարկաւոր եղաւ ամէն բան իր տեղը վերադարձնելու համար: Համայնքի երեւելիներէն մէկը ըսաւ ինծի որ ժողովրդապետը առանց որեւէ պատճառի աշխատանքէ հեռացուցած էր ուսուցչուհիներէն մէկը, որուն միակ յանցանքը աղքատ ըլլալն էր եւ հետեւաբար՝ համեստ հագուստները: Խեղճ կինը հեռացուցած էին առանց գէթ նուազագոյն օգնութիւն մը յատկացնելու, որով ի վիճակի ըլլար հոգալու իր անմիջական կարիքները: Անոր իսկոյն դրամական օգնութիւն մը ղրկեցի երեք ամսուան աշխատավարձին չափով, փոխհատուցեցի ըրած ճանապարհածախսը եւ նուիրեցի մէկ ամառնային եւ մէկ ձմեռնային զգեստ: Խեղճ կինը քանի մը ամիս անց թոքախտէ վախճանեցաւ:

Իտալիա կեցութեանս ատեն, Դոմենիկեան Մայրապետները, նոյն Միաբանութեան վարդապետներու խորհուրդով, դպրոց մը բացած էին Տերպեսիէի մէջ: Սողոմոնի իմաստութիւնը հարկաւոր չէր հասկնալու համար որ այդպէս կ՚ուզէին հակաթոռ մը հիմնել իմ դպրոցիս դէմ: Բարեսիրտ, բայց խաբուած մայրապետները ամէնուն շարունակ կրկնած էին որ պէտք է իրենց դպրոցը բանային առանց սպասելու որ ֆրանսական կառավարութիւնը հոգար դպրոցական շէնքին կառուցումը, որովհետեւ երբ Հայր Կիւրեղը վերադառնար Մուսսոլինիի դրամներով ծանրաբեռնուած՝ իրենցմէ առաջ պիտի անցնէր եւ զիրենք ամօթով պիտի ձգէր:

Մայրապետներէն մէկը նոյնիսկ փորձած էր համոզել Յակոբիկեաններուն ժողովրդապետը որ իր աղջիկը չարձանագրէ Հայր Կիւրեղին դպրոցը: Քահանան չորութեամբ ընդհատած էր մայրապետին խօսքը եւ ըսած էր որ իրեն համար ոչ մէկ կարեւորութիւն ունէր այն հանգամանքը՝ թէ Հայր Կիւրեղին դպրոցը երեք ամիսէն կամ մէկ տարիէն պիտի բացուէր: «Ես համբերատար եմ», ըսած էր, «եւ սպասել գիտեմ: Կը նախընտրեմ որ աղջիկս անգրագէտ մնայ՝ քան յաճախէ ֆրանսական դպրոցը, ուր կ՚ընտելանան եւրոպական անբարոյական բարքերուն»: Այդ նոյն քահանան յետագային կ՚ըսէր ինծի. «Մենք՝ Արեւելքի քրիստոնեաներս պատմութենէն սորված ենք, որ ֆրանսացիները իրենց արիւնը թափած են՝ իրենց քրիստոնեայ եղբայրները մահմետական լուծէն ազատելու համար: Կը յուսայինք որ մեզի համար բարի օրինակ ըլլային իրենց կրօնասիրութեամբ եւ Աստուծոյ պատուիրաններու պահպանումով: Նեստորական հոգեւորականներս մտահոգ էինք որ ֆրանսացիները իրենց բարի օրինակով ի վերջոյ պիտի դատարկեն մեր եկեղեցիները եւ բոլորս կաթողիկէ պիտի դարձնեն: Բայց արդ, ի՞նչ է մեր տեսածը: Ասո՞նք են Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտօնեաները: Միշտ մեծ յարգանք ունեցած եմ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նկատմամբ, կը հաւատամ որ Սրբազան Քահանայապետը Պետրոս Առաքեալին միակ յաջորդն է եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի իրական տեղապահը երկրի վրայ: Այժմ, սակայն, որ շատ կաթողի կէ հոգեւորականներ կը ճանչնամ, պիտի ըսեմ որ անոնք մեզմէ կը տարբերին իրենց ուսումնական մակարդակով, մինչ մենք ուսում չենք ստացած: Բայց ինչ կը վերաբերի բարքերուն, ի՞նչ չքմեղանք կրնան ունենալ կաթողիկէները: Միշտ ալ համոզուած եղած եմ, որ Հռոմը Քրիստոսի հիմնած միակ Եկեղեցւոյ կեդրոնն է, Սրբազան Քահանա յապետը կը սիրէ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները եւ օր ու գիշեր կ՚աղօթէ անոնց համար: Անոնց բարիքին համար հիմնած է առաքելավայրերը, ուր բազմաթիւ քահանաներ կը ղրկէ՝ որպէսզի Աւետարանը քարոզեն, ինչպէս ըրած էին Քրիստոսի կողմէ ղրկուած Առաքեալները: Բայց ես ինծի կը հարցնեմ թէ անոնց մէջ քանի՞ հոգի իսկապէս արժանի են առաքեալ անունը կրելու: Ցաւօք սրտի, անոնցմէ շատերը իրենց հոգւոյն մէջ առաքելական ոչ մէկ զգացում ունին, եւ ոչ իսկ առաքեալի կօշիկներուն փակող փոշին»:

Դոմենիկեաններուն դպրոցը աւելի յաջողութիւն ունեցաւ հայ մեծահարուստ ընտանիքներուն հետ, որոնք սին յոյսեր կը փայփա յէին թէ այդպիսով լուծած պիտի ըլլային իրենց գիւղատնտեսական արտադրանքները վաճառելու խնդիրը, քանի որ ֆրանսացի սպաներու պաշտպանութիւնն ու աջակցութիւնը պիտի վայելէին: Նոյնիսկ սպառնալիքներ կը շրջէին հոս ու հոն բոլոր անոնց հասցէին՝ որոնք կը համարձակէին ֆրանսական դպրոց չղրկել իրենց աղջիկները:

Դոմենիկեաններու դպրոցին հիմնարկութեան հետ միասին, աւելի ընդարձակուեցաւ նոյն Միաբանութեան վարդապետներուն կողմէ տնօրինուած «Սբ. Պետրոս» որբանոցը Տերպեսիէի մէջ: Այդ նպատակին ծառայեցին դրամական այն օգնութիւնները՝ որոնք Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը նախապէս սահմանած էր Վանի Նեստորականներուն քով իրականացուելիք առաքելութեան համար:

Դոմենիկեաններուն դպրոցը կը հետեւէր Դամասկոսի ուսումնական ծրագիրներուն, որոնք իրենց հերթին կաղապարուած էին ֆըրանսական ծրագիրներու նմանութեամբ: Հինգերորդ տարուան աւարտին, աշակերտները արաբերէնով կատարուած նախնական կըրթութեան վկայական կը ստանային:

Դոմենիկեաններուն դպրոցը կրնար մինչեւ չորս հարիւր աշակերտ ունենալ, բայց երբեք չհասաւ երկու հարիւրի: Այդ դպրոցը կը յաճախէին ասորի կաթողիկէներ, յակոբիկեաններ, առաքելական եւ կաթողիկէ հայեր, քաղդէացիներ, բայց որքան որ ես գիտեմ՝ ոչ մէկ նեստորական երբեք ոտք դրաւ այդ դպրոցէն ներս: Դոմենիկեանները կրնային մեծ բարիք գործել: Ի նկատի չունիմ աշակերտները դարձի բերելը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ: Կրնային պարզապէս շահիլ ոչ կաթողիկէներուն համակրանքը: Մինչդեռ ճիշտ հակառակը տեղի ունեցաւ: Հարկ չկայ որ կրկնեմ Տերպեսիէի յակոբիկեան քահանային խօսքերը: Տխուր յուշեր են ասոնք, որ պարզապէս կը պատմեմ յուսալով որ դաս ըլլան Աւետարանին ծառայող միւս մշակներուն:

Հովուական մտահոգութիւններ

Տէր Զօրի մէջ ալ լեցուն խնդիրներ կուտակուած էին: Հոն գա ցի 1940 Մայիս 3ին, Մանսուր Նաամոյի զաւակին պսակը օրհնելու համար: Տէր Գաբրիէլ Շատարեւեանը ընտանեկան գործերով գացած էր Հալէպ: Ամէն բան խառնաշփոթ վիճակի մէջ գտայ եւ երեք օր դրի եկեղեցին ու քահանայատունը մաքրելու եւ ամէն բան իր տեղը վերադարձնելու համար: Եկեղեցւոյ նիւթական վիճակը Համայնքի հոգեւոր վիճակին հա ւատարիմ հայելացումն էր: Մեր պատանիները ընկերութիւն կ՚ընէին մահմետական պատանիներու հետ, որոնք ընդհանրապէս անկիրթ ու անբարոյ էին: Հաւատացեալները համարձակութիւն չունէին քահանային հետ խօսելու, եւ ոչ իսկ տօնական օրերուն եկեղեցի կը յաճախէին, բացառութեամբ Լոլէ եղբայրներու՝ Քերիմի, Ճեմիլի եւ Սելիմի ընտանիքներուն: Տէր Գաբրիէլը ժողովուրդին կողմէ սիրուած էր իր աղօթասիրութեան, ընթերցասիրութեան եւ մեկուսի կեանք վարելուն համար: Վերջին ժամանակները, սակայն, բաւականին ջղային դարձած էր ու անքաղաքավար, այն աստիճան որ ստիպուեցայ զինք Տէր Զօրէն հեռացնել: Որոշումիս որպէս առիթ ծառայեց հետեւեալ միջադէպը:

Յուլիս ամսուան կիրակի օր մը ժողովուրդը գոց գտած էր այն սրահին դուռը՝ ուր սովոր էին հաւաքուիլ եւ ամենատարբեր հարցերու շուրջ զրուցել: Կիզիչ արեւուն տակ կենալը անհնարին էր եւ տասնութամեայ պատանի մը հանճարեղ գաղափարը յղացած էր՝ առանց արտօնութեան մտնել քահանային սենեակը եւ դէմքի յաղթական արտայայտութեամբ դուրս գալ բանալիները ձեռքին: Երանի՜ թէ ըրած չըլլար: Ճիշտ այդ պահուն վրայ հասած էր Տէր Գաբրիէլը, որ սկսած էր անէծքներ ու անարգական խօսքեր արտասանել հերոսական արարքը կատարողի հասցէին, առանց նախ հարցնելու թէ ով վերցուցած էր բանալիները: Պրն. Պաղտոն, գլխաւոր երեւելիներէն մէկը, բարկացած քահանան հանդարտեցնելու մտադրութեամբ բռնած էր անոր ուսերէն եւ լաւ մը թափ տալով ըսած էր. «Հայր Սուրբ, հանդարտէ՛: Ես եմ, որ բացած եմ քու սենեակիդ դուռը»: Տէր Գաբրիէլը առաւել եւս կատղած էր եւ իր լեզուն չզսպելով՝ գող անուանած էր Պրն. Պաղտոն: Բոլոր ներկաները իսկոյն հեռացած էին, բացի Պրն. Պաղտոյէն, որ մնացած էր Սուրբ Պատարագին սպասաւորելու համար: Սրբազան արարողութեան աւարտին, Պրն. Պաղտոն բացատրած էր եղելութիւնը: «Իրաւունք ունիս բարկանալու», ըսած էր, «բայց մտածէ որ դուն մեր հայրն ես: Մեր մէջ կը գտնուիս Քրիստոսի անունով եւ մենք քեզ կը յարգենք յանուն Քրիստոսի: Այսօր գէշ վարուեցար քու որդիներուդ հետ, զիրենք անիծելով ու անարգական խօսքերով ըսելով, ինչպէս սովոր են վարուիլ բեռնակիրներն ու գռեհիկ մարդիկ՝ որոնք նկատի չեն առներ սեփական պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Գայթակղեցուցիր բոլոր կաթողիկէները, անարգեցիր Լոլէ եղբայրները, որոնք ընտանեկան աւանդութեամբ սերտօրէն կապուած են Եկեղեցւոյ եւ քահանաներուն: Այժմ պիտի երթան քափուչիններու քով, որոնք զիրենք գրկաբաց պիտի ընդունին: Սիրելի Ապունա, մեր եկեղեցին մեռած է: Այլեւս երգ ու երաժշտութիւն ալ չկայ, քանի որ քու վարուելակերպովդ վանեցիր բոլոր պատանիները»:

«Ես ձեր ժողովրդապետն եմ», չորութեամբ պատասխանած էր Տէր Գաբրիէլը, «եւ դուք պարտաւոր էք յարգել զիս: Կ՚ընեմ այն ինչ որ յարմար կը նկատեմ, եւ ձեզի չ՚իյնար դատել զիս: Եկեղեցին իմս է, ո՛չ թէ ձերը»:

«Գիտենք որ եկեղեցին քուկդ է», պատասխանած էր Պրն. Պաղտոն, «եւ քանի որ քուկդ է, թող քեզի մնայ: Մենք հոն այլեւս ոտք պիտի չդնենք: Քեզ միշտ ալ յարգած ենք եւ պիտի շարունակենք յարգել: Եւ որպէսզի յարգանքի մէջ չպակսինք՝ քեզմէ հեռու պիտի մնանք»:

Յաջորդ շաբաթը Տէր Գաբրիէլը անցուցած էր ընթերցանութեամբ ու աղօթքով, մոռացութեան մատնելով տհաճ միջադէպը: Յաջորդ կիրակի օրը, առաւօտեան ժամը 730ին, կանոնաւոր կերպով զարկած էր Սուրբ Պատարագին հրաւիրող զանգերը: Եկեղեցւոյ բակը ոչ ոք երեւցած էր եւ Տէր Գաբրիէլը սկսած էր անհանգստանալ եւ բակին մէջ ետ ու առաջ քալել: Ի վերջոյ եկած էր Պրն. Պաղտոն եւ ըսած էր որ ջանացած էր համոզել մեր հայրենակիցները գալու մեր եկեղեցին, բայց ոչ ոք համաձայնած էր, եւ ո՛չ իսկ Լոլէ եղբայրները:

Այդ խօսքերը սարսափելի հարուած մը եղած են խեղճ քահանային համար, որ սկսած է ամբողջ մարմնով դողալ, մինչ դէմքը ծածկուեր է առատ քրտինքով: Այսու հանդերձ ըսած է. «Եթէ կ՚ուզես, դուն ալ կրնաս քու տունդ կենալ: Այլեւս ընելիք ոչինչ ունենալով այս մահ մետական անիծեալ երկրին մէջ, Հալէպ պիտի վերադառնամ, հօրս քով»: Պրն. Պաղտոն ալ համբերութիւնը կորսնցուցեր է ու պոռացեր է. «Այս վայրկեանիս ճամբայ ելիր եւ քեզի ճանապարհածախսդ ալ պիտի վճարեմ: Ոչ ոք պիտի ափսոսայ մեկնումդ»: Պէտք է լուծում մը տայի այդ իրավիճակին եւ հարկադրուեցայ տեղաշարժել քահանայական ամբողջ անձնակազմը. Տէր Զօր ղըրկեցի Տէր Գրիգոր Ահմարանեանը, Տերպեսիէ՝ Տէր Գաբրիէլ Շատարեւեանը, Քամըշլի՝ Տէր Յովսէփ Քալքոթուրեանը, իսկ Հասաքէ՝ Տէր Վար դան Պաղտասարեանը: Տէր Գաբրիէլը Տերպեսիէի մէջ դարձաւ ամբողջովին ուրիշ մէկը եւ ժողովուրդը մեծապէս կը սիրէր ու կը յարգէր զինքը: Ան այլեւս ջղային չէր, ո՛չ ալ մարդոց հետ շփումէ խուսափող ու անքաղաքավար, ինչպէս Տէր Զօրի մէջ: Ընտանիքներու կ՚այցելէր, եկեղեցւոյ մաքրութեան ու կարգ կանոնին հոգ կը տանէր, պատանիներն ու պարմանուհիները կը հաւաքէր եւ հանգստեան օրերուն անոնց քրիստոնէական վարդապետութիւն կը սորվեցնէր: Օր մը, մտերիմ զրոյցի մը ատեն ինծի ըսաւ որ հասկցած էր Տէր Զօրի մէջ կատարած իր սխալները: Չկարենալով ամէն գործ միայնակ կատարել, համաձայնեցաւ ուրիշներու ալ գործակցութիւնը ընդունիլ, սկսեալ իր քրոջմէն, որ աղջիկներուն կը սորվեցնէր կար, ասեղնագործութիւն եւ զանազան ուրիշ զբաղումներ՝ որոնք օգտակար պիտի ըլլային ապագայ ընտանիքներու մայրերուն: Ասկէ զատ, Տէր Գաբրիէլին քոյրը եկեղեցւոյ եւ տան մաքրութիւնը կը հոգար, կը հետեւէր խոհանոցին, աշակերտներուն վրայ կը հսկէր դասերու եւ դասամիջոցներու ատեն, կը սորվեցնէր հայկական ազգային երգերը եւ կը կազմակերպէր տարեվերջի հանդիսաւոր միջոցառումները: Ուզեցի որ այդ բոլոր ծառայութիւններու փոխարէն արդարացի կերպով վճարուի, որովհետեւ իմ համոզումովս ակներեւ անարդարութիւն է մերժել անձի մը հասնելիք աշխատավարձը՝ որպէս պատճառ բռնելով թէ եկեղեցականի մը ազ գականն է: Տէր Գաբրիէլը կը դասաւանդէր կրօնք, եկեղեցական երգեցողութիւն եւ սրբազան արարողութիւններու սպասաւորութիւն: Մնացած նիւթերուն համար դպրոցը ունէր եօթ ուսուցիչ: Հակառակ մեր հակառակորդներուն անողորմ քարոզչութեան, Տերպեսիէի մեր դպրոցը օրէ օր աւելի զարգացաւ, իսկ Տէր Գաբրիէլը ընտիր քահանայի եւ անզուգական ուսուցչի ու տնօրէնի համբաւ շահեցաւ:

  

ԳԼՈՒԽ Դ.

Պատերազմական իրավիճակ – Եպիսկոպոսական օծումը – Զանազան իրադարձութիւններ – Աղաճանեան Պատրիարքին այցելութիւնը Վերին Ճեզիրէ – Պէյրութ վերադարձի ճանապարհին – Տարեսկզբի դժուարին ամիսներուն – Քեսապ

Պատերազմական իրավիճակ

Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանին, Տէր Զօրէն հարիւր հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ապու Քեմալ փոքրիկ բնակավայրը: Այս շրջանին հոն կ՚ապրէին հինգ հարիւր մահմետական եւ քսանինը քրիստոնեայ ընտանիքներ, որոնցմէ քսանը՝ հայ կաթողիկէ: Մեր այդ սակաւաթիւ գաղութը շնորհալի փոքրիկ եկեղեցի մը ունէր, որ կը կրէր Սբ. Գէորգ անունը: Այդ եկեղեցւոյ կառուցումը սկսած էր բոլոր քրիստոնեաներու համատեղ ջանքերով, բայց շուտով աշխատանքները դադրած էին միջոցներու բացակայութեան պատճառով: Այդ ատեն է որ Ֆարաճի Արմալի անունով մեր մէկ հայրենակիցը յիսուն թրքական ոսկի լիրա վճարած է քաղաքապետարանին եւ հողատարածքին սեփականութիւնը անցած է Հայ Կաթողիկէ Համայնքին:

Հովուական այցելութեան գացի Ապու Քեմալ 1940 Մայիս 30ին, Տէր Գրիգոր Ահմարանեանի ընկերակցութեամբ: Հոն ութը օր մնացինք, որոնց ընթացքին Տէր Գրիգորը մշտապէս զբաղած մնաց մանուկներուն, երիտասարդներուն ու ամուսնացածներուն կրօնական ուսուցումներ տալով եւ Ապաշխարութեան Խորհուրդը մատակարարելով: Կիրակի օրը, Յունիս 2ին, ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանեցի: Փոքրիկ եկեղեցին լեցուն էր եւ բոլորն ալ մեծ բարեպաշտութեամբ մերձեցան Ամենասուրբ Հաղորդութեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ֆրանսացի հրամանատար Փուրսէլը՝ զի նուորական հանդիսաւոր համազգեստով: Վերադարձի ճանապարհին կանգ առինք Մէատտին գիւղաքաղա քը՝ այցելելու համար հայ կաթողիկէ չորս ընտանիքներու, որոնք հոն կը բնակէին եւ դաշտերու, տուներու ու խանութներու սեփականատէր էին: Հոն կատարեցինք երկու Մկրտութիւն եւ երկու Դրոշմ:

Յաջորդ կիրակի օրը, այսինքն՝ Յունիս 9ին, ֆրանսական հեղինակութիւնները պաշտօնական կերպով եկան մեր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագին մասնակցելու: Ասոր հետեւեցան Դոմենիկեաններու Մեծաւորին բողոքի բուռն արտայայտութիւնները, որովհետեւ իրենց կարծիքով՝ այդպիսով խզուեր է լատինածէս կղերականներու իրաւունքը: Ֆրանսացի հրամանատարին պատասխանը չոր ու վճռական եղաւ. Դոմենիկեաններուն չ՚իյնար միջամտել ֆրանսական հեղինակութիւններու գործերուն մէջ:

1940 Յունիս 10ի ուշ երեկոյեան երկտող մը ստացայ հրամանատար Ացցիսէն հետեւեալ կարճառօտ գրութեամբ. «Թանկագին Գերապայծառ Տէր, մեծ աղէտ մը պատահած է. Իտալիան պատերազմ հռչակած է Ֆրանսայի դէմ»:

Շուտով սկսան մտահոգիչ լուրեր հասնիլ մեզի, ինչպէս օրինակի համար գերմանացիներու յառաջխաղացումը դէպի Փարիզ եւ թուրք֊գերմանական առեւտրական պայմանագրին կնքումը: Յունիս 15ին, պետական անվտանգութեան գործակալ մը եկաւ ինծի հրամա յելու որ հեռանայի Քամըշլիէն: Տեղեկացայ որ Հալէպի ու Պէյրութի բոլոր իտալահպատակ բնակիչները բռնի ոյժով տեղափոխուած էին արգելավայրերու մէջ, որպէս պատերազմի գերիներ: Սուրիա֊Լիբանանեան Դրամատան տնօրէնը ինծի ըսաւ որ իտալացիներու պատկանող բոլոր հաշուեհամարները բռնագրաւուած էին Կառավարութեան կողմէ: Գումարները հնարաւոր պիտի ըլլար ետ ստանալ պատերազմի աւարտին միայն, անշուշտ եթէ Իտալիան յաղթող տէրութիւններու շարքին ըլլար: Ինչպէ՞ս կրնայի փրկուիլ սընանկացումէ եւ բոլոր գործերուս ձախողումէն: Ամէն բան յանձնեցի Պաշտպան Սրբուհիիս, խոստանալով տասը Սուրբ Պատարագ մատուցանել իրեն ի պատիւ: Աղօթքս բաւական եղաւ, որպէսզի ինքզինքս աւելի հանգիստ զգայի:

Գացի դրամատուն եւ տեղւոյն տնօրէնը, որ յոյն օրթոտոքս մլքիթ էր, բացայայտեց որ հաշուեհամարս գրանցուած էր յանուն, Սուրիոյ քաղաքացի, Գերապայծառ Կիւրեղ Զօհրապեանի, Վերին Ճեզիրէի եւ Եփրատի Նահանգի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդին: Եր կուքս ալ ապշած մնացինք, քանի որ երկուքս ալ գիտէինք որ ես Իտալիոյ քաղաքացի էի: Այդ տնօրէնը ինծի հանդէպ միշտ բարեացակամ եղած էր, բայց ինքզինքը պարտաւոր կը զգար բռնագրաւումի տակ պահել իմ հաշուեհամարս, չխախտելու համար ստացած հրահանգները: «Ես ալ համաձայն եմ», պատասխանեցի իրեն, «որ Դուք պարտաւոր էք գործադրել ներկայ օրէնքները: Բայց ճիշտ այդ օրէնքները չե՞ն պարտադրեր Ձեզ նաեւ հաւատք ընծայելու պաշտօնական հաշուեմատեանին: Ինչո՞ւ կասկածի տակ պիտի դնէք գլխաւոր տնօրէնին գրածը»: Պաշտպան Սրբուհիս միջամտեց ինծի ի նպաստ եւ պատճառաբանութիւններս համոզիչ եղան: Դրամատունէն դուրս հանեցի ունեցած բոլոր գումարներս, հոն ձգելով միայն մէկ լիրա: Յիսուս Մանկան Սբ. Թերեզային հանդէպ երախտագիտութիւնս յայտնելու համար, իրեն ի պատիւ կատարեցի քսան Սուրբ Պատարագ, նախապէս խոստացած տասի փոխարէն: Քաղաքականութիւնը ինծի համար միշտ ալ գաղտնածածուկ խորհուրդ մը եղած է: Մինչ իրադարձութիւններու արագ ընթացքը, Ֆրանսայի անկումը Հիթլերի բանակներու դիմաց, Ֆրանսայի մէջ Փէթէնի, իսկ Անգլիոյ մէջ Տը Կոլի կառավարութեան ձեւաւորումը, ուրիշներու համար խոշոր խնդիր կ՚առաջացնէր, իմ պարագայիս ոչինչ կը փոխէր. այնպէս որ կը շարունակէի հետամուտ ըլլալ իմ քահանայական ծառայութեանս կատարումին, թեմիս հաւատացեալներու հոգեւոր բարիքով միայն մտահոգուելով:

Նամականիս խիստ գրաքննութեան ենթակայ էր, բայց ատկէ բնաւ խնդիրներ չյառաջացան: Կեանքս կը շարունակէի ապրիլ առաջուան նման. կը հսկէի շինարարական աշխատանքներուն վրայ, ամառնային արձակուրդներու ատեն տղոցմով կը զբաղէի, որպէսզի պարապ չմնային ու փողոցները չթափառէին, ամէն օր կ՚այցելէի հիւանդներուն, պարբերաբար կ՚այցելէի բոլոր ընտանիքներուն՝ խրախուսելու համար կրօնական պարտականութիւններու կատարումը եւ աւելի ամրապնդելու համար միութիւնն ու համագործակցութիւնը մեր մէջ:

Ի վերջոյ, Յուլիս 6ին, կրցանք սկսիլ Քամըշլիի Առաջնորդարանին կառուցումը: Շէնքը բաղկացած պիտի ըլլար նկուղային յար կէ մը, որ պիտի ծառայէր որպէս մառան, եւ գետնայարկէ մը՝ չորս ննջասենեակներով, խոհանոցով, սեղանատունով, բաղնիքով, փայտանոցով եւ հիւրասենեակով: Իմ գործերս շարունակ կը կատղեցնէին բոլոր անոնք՝ որոնք կեղծաւորութեամբ կ՚արտայայտէին իրենց համակրանքը Ֆրանսայի նկատմամբ: Օր մը, եկեղեցական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը առանց այլեւայլ նախաբաններու հարցուց ինծի թէ ինչպէ՞ս Վերին Ճեզիրէի տեղացի ու ֆրանսացի բնակիչները հարկադրուած էին բազմաթիւ նեղութիւններ կրելու, մինչ ես ու իմ քահանաներս ամէն ինչով ապահովուած էինք. ինչպէ՞ս պատերազմը, փոխանակ դադրեցնելու իմ շինարարական աշխատանքներս, ընդհակառակն՝ կարծես աճապարելու մոլեգնութիւն մը ներշնչած էր ինծի. ուրկէ՞ կը ստանայի այդ հսկայական գումարները: Առանց դժուարութեան պատասխանեցի որ քահանաները պէտք է գործիք հանդիսանան Աստուածային Նախախնամութեան ձեռքերուն մէջ, առանց Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան մէջ թերանալու: Իմ իրական դրամագլուխս ճիշտ իմ անսահմանափակ վստահութիւնս էր Աստուծոյ հանդէպ: Պարզ ու անկեղծ պատասխանս առեղծուածային թուեցաւ զրուցակիցիս, քանի որ ան չէր հաւատար որ Աստուածային Նախախնամութիւնը ընելիք ուրիշ ոչինչ ունէր եւ Ճեզիրէի հայ քահանաներու շինարարութեան օգնելու եկած էր: Իր համոզումով, իմ նախախնամութիւնս Մուսսոլինին էր, որ մեծապէս բարեացակամ էր Ճեզիրէի իր խոնարհ ու հաւատարիմ ծառային հանդէպ: Ի՞նչ կրնայի ը նել նմանատիպ նախապաշարումներու դէմ:

Յունիս 26ի առաւօտեան հրաման ստացայ ուղիղ ժամը 9ին պետական անվտանգութեան գրասենեակ ներկայանալ: Հրամանը բերող զինուորը ըսաւ որ եպիսկոպոսական արժանապատուութիւնս յարգելու համար է միայն որ ձեռքերս չեն շղթայեր, ինչ որ պիտի ընեն՝ եթէ ուշանամ: Եկեղեցւոյ մէջէն անցած ատեն, այդ զինուորը ինքն իրեն կը մրմնջար որ իտալահպատակ ըլլալուս պատճառով Ճեզիրէէն պիտի վտարուէի: Կրնաք երեւակայել հաւատացեալներուս մէջ տարածուած իրարանցումը: Ես յուզումս կրցայ զսպել: Սուրբ Պատարագի աւարտին առանձնացայ, ըսելով թէ ինքզինքս անհանգիստ կը զգայի, եւ հրամայուած ժամուն ներկայացայ պետական անվտանգութեան գրասենեակ: Նախասրահին մէջ, իտալահպատակ ուրիշ քաղաքացիներու հետ միասին, որոնք բոլորը օրթոտոքս յոյներ էին, մինչեւ ժամը ինը քառորդ անց սպասեցի, երբ պաշտօնեայ մը զիս ընդունեցաւ եւ վատ ֆրանսերէնով հրամայեց նոյն օրուան ժամը 1430ին շոգեկառքով մեկնիլ Հալէպ: Բարեբախտաբար, հրամանը առկախուեցաւ նշուած ժամէն քիչ առաջ եւ յետաձգուեցաւ մինչեւ յաջորդ օրուան ժամը 7ը: Այդպիսով կրցայ կանոնաւոր կերպով կատարել երեկոյեան աղօթքի արարողութիւնը, որ կազմակերպած էի խաղաղութիւն հայցելու համար:

Մեր Հայ Կաթողիկէ Համայնքին երեւելիները երեք օրէ ի վեր արդէն տեղեակ էին ինծի պատահելիք դէպքերուն, բայց ոչ մէկը քաջութիւնը ունեցաւ այդ մասին իմ հետս խօսելու, ո՛չ ալ այդ երե կոյեան քաջութիւնը ունեցան եկեղեցի գալու, վախնալով որ կըրնային կերպով մը մասնակից դառնալ իմ ճակատագրիս: Եկան, մինչդեռ, Տոսսայի ու Իսքենտերունի երեւելիներն ու ժողովուրդը, բազմաթիւ առաքելականներ, յակոբիկեաններ ու նեստորականներ, ինչպէս նաեւ Ռաբբի Մուշէն: Հարկ էր լսել որակումները որ ներկաները Քամըշլիի մեր երեւելիներու հասցէին կ՚ուղղէին, որոնք միշտ պատրաստ էին Սէիտնա Կիւրեղին շուրջը սիրամարգի նման պտըտուելու ու պարծենալու՝ երբ ան պաշտօնական այցելութեան կ՚երթար ֆրանսական իշխանութիւններուն, մինչ հիմա այդքա՜ն վատասիրտ էին ու ապերախտ:

Յաջորդ օրը, 1940 Յունիս 27ին, առաւօտեան ժամը 6ին պէտք է վերջին Սուրբ Պատարագս մատուցանէի Քամըշլիի մէջ եւ եկեղեցին անհաւատալիօրէն լեցուած էր հաւատացեալներով, որոնք եկած էին ինծի հրաժեշտի ողջոյն տալու: Սակայն, Սուրբ Պատարագէն ժամ մը առաջ, հրամանատար Ացցիս լուր ղրկեց ինծի, ըսելով որ կրնայի հանգիստ տեղս կենալ, որովհետեւ ինքը հրամայած էր որ ինծի եւ իտալահպատակ Տէր Վարդան Պաղտասարեանին, նեղութիւն չպատճառէին, մինչեւ որ նոր հրահանգներ ստանային: Լուրը ժողովուրդին հաղորդեցի Սուրբ Պատարագէն առաջ, բոլոր ներկաներուն մէջ բերկրանք առթելով: Շտապեցին ներկայանալ նաեւ մեր երեւելիները, Միշէլ Տոմի գլխաւորութեամբ, որոնք անհամբերութեամբ կ՚ուզէին իրենց շնորհաւորանքները ներկայացնել եւ իրենց անկեղծ նուիրումը արտայայտել իմ արժանաւոր անձիս:

Հարցին անսպասելիօրէն դրական լուծումը աւելի եւս կատղեցուց իմ հակառակորդներս, որոնք չէին հասկնար թէ ինչպէ՞ս հրամանատար Ացցիսը այդքան բարեացակամութիւն կը ցուցաբերէր իտալացիի մը նկատմամբ, որ վստահաբար Մուսսոլինիի գործակատարն էր: Ի վերջոյ գացած էին նաեւ մուսթաշարին, այսինքն՝ Պէյրութի ֆրանսացի Բարձրագոյն Գործակալի ներկայացուցչին քով: Խօսած էին աւելի քան չորս ժամ, մինչեւ որ մուսթաշարը, միեւնոյն բաները լսելէ յոգնած, զիրենք ճամբու դրած էր: Մինակ մնալով իր թարգմանիչ Յակոբ Շէլլամէին հետ, ուզած էր անկէ գիտնալ հարցին էութիւնը եւ այդպիսով տեղեկացած էր որ հրամանատար Ացցիսը խոհեմաբար հետաքննած էր ամբողջ կեանքիս ընթացքը, ամէն կողմէ անկասկածելի փաստեր հաւաքելով, որոնք կ՚ապացուցանէին իմ առաքելական նուիրումս եւ քաղաքական իշխանութիւններու նկատմամբ մշտապէս ունեցած յարգանքս:

Եպիսկոպոսական օծումը

Երջանիկ էի, որ այլեւս աւարտած էր Տերպեսիէի եկեղեցւոյ կառուցումը, որ կոչած էինք մեր առաքելութեան Պաշտպան Սրբուհիին անունով: Եկեղեցւոյ օծումը կատարելու համար, որ տեղի պիտի ունենար Օգոստոս 15ին, հրաւիրեցի Պատրիարքական Տեղապահ Գերպ. Պաթանեանը: Գերապայծառը հաճոյքով ընդունեցաւ հրաւէրս եւ Քամըշլի հասաւ Օգոստոս 5ին: Միասին որոշեցինք մեր հաւատացեալներու հոգեւոր նախապատրաստութեան ծրագիրը, որոնք քսաներկու տարիէ ի վեր կը սպասէին այդ բերկրալի օրուան. հոգեւոր դասախօսութիւններու եւ աղօթքներու օրեր ամսոյն 8էն 11ը Քամըշլիի մէջ, իսկ 13էն 14ը Տերպեսիէի մէջ: Ինչպէս արդէն նշեցի, եկեղեցւոյ օծումը կատարեցինք Օգոստոս 15ին:

Գերպ. Պաթանեանը այցելեց մեր բոլոր ժողովրդապետութիւնները, մեծ գոհունակութեամբ տեսնելով այն ամէն բան որ կատարուեր էր առանց Պատրիարքարանին նուազագոյն նեղութիւն պատճառելու: Ուզեցի ժողովուրդին եւ կղերականներուն հնարաւորութիւն ընձեռել անոր հետ ազատօրէն զրուցելու, այդ իսկ պատճառով՝ Քամըշլի կանչեցի թեմիս բոլոր քահանաները, մինչ ես Տերպեսիէ մնացի:

Պատիւը ունեցայ ընկերակցելու Գերպ. Պաթանեանին դէպի Պէյրութ վերադարձի ճանապարհին, Օգոստոս 24ին, Հայաստանի Առաքեալ Սուրբ Բարթողիմէոսի տօնին օրը: Պէյրութի մէջ մեծ անակնկալ մը կը սպասէր ինծի: Երբ Պէյրութ հասանք, Պատրիարքը Զմմառու վանքը կը գտնուէր, բայց իսկոյն Պատրիարքարան վերադարձաւ՝ գաղտնի կերպով հաղորդելու համար ինծի եպիսկոպոսական աստիճան շնորհելու լուրը: Ծիրանաւոր Թիսսերանը իրեն յանձնարարած էր լուծել սուրիական իշխանութիւններու հետ ծագելիք հնարաւոր բոլոր դժուարութիւնները, որոնց առիթ կրնար հանդիսանալ իմ իտալական քաղաքացիութիւնս: Բարեբախտաբար, ոչ մէկ դժուարութիւն յարուցուեցաւ Սուրիական Կառավարութեան կողմէ: Պիտի ուզէի որ եպիսկոպոսական օծումը ինծի տրուէր Հոկտեմբեր 3ին, բայց Հոգեւոր Տէրը յարմար դատեց ամսոյն 27ը, որ այդ տարի Հոկտեմբերի վերջին կիրակին էր եւ Քրիստոս Թագաւորի տօնը:

Ժամանակին արդէն պատմած եմ, որ Պիոս ԺԲ. Սրբազան Քահանայապետը ուզած էր ինծի եպիսկոպոսական աստիճան շնորհել երբ Յունաստան կը գտնուէի եւ ես, նախատեսելով յունական իշխանութիւններու բացասական հակազդեցութիւնը, խնդրած էի յետաձգել օծումը, որպէսզի կարենայի առաքելութիւնս շարունակել Յունաստանի մէջ սփռուած հայրենակիցներուս քով: Առաջարկը այժմ մեկնած էր Գերպ. Յովհաննէս Նազլեանէն, 1940 թուականի Մայիսի Սիւնհոդոսի ատեն: Այդ օրերուն, Գերպ. Պաթանեանը ընտրուած էր Պատրիարքական Տեղապահ, իսկ Հայր Ներսէս Թայրոյեանը, որ մինչ այդ Զմմառու Միաբանութեան Մեծաւորն էր, ընտրուած էր Մարտինի Եպիսկոպոս: Այս ընտրութիւններու ծանուցումէն ետք խօսք առած էր Գերպ. Յովհաննէս Նազլեանը եւ յիշեցուցած էր, որ աւանդութեան համաձայն՝ այսպիսի հանդիսաւոր առիթներով Ժողովական Հայրերը կը դիմէին Հոգեւոր Տիրոջ եւ կը խնդրէին ծայրագոյն վարդապետական աստիճան շնորհել առաքինութեամբ ու հովուական եռանդով աչքի ինկած քահանայի մը, շնորհելով մատանի եւ թագ կրելու իրաւունք: Առաջարկը բոլորին կողմէ ընդունուած էր, բայց Հոգեւոր Տէրը պատասխանած էր որ Հայր Կիւրեղին անունը արդէն գրանցուած էր եպիսկոպոսութեան թեկնածուներու առաջին շարքին: Յիրաւի, եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը արտօնող քահանայապետական գրութիւնը թուագրուած է 1940 Յունիս 8ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին տօնին օրը: Սրբազան Քահանայապետը ինծի տուած էր Ակելիզենէի Եպիսկոպոս տիտղոսը, որուն անունին մէկ տարբերակն է Էրզինկանը, որ հայերէնի մէջ կ՚ըսուի Եկեղեաց:

Հարկադրուեցայ աճապարանքով վերադառնալ Քամըշլի եւ Հալէպէն անցած ատեն ուզեցի յարգանքի տուրք մատուցանել Գերպ. Հինտիէի, որ հրապարակաւ շնորհաւորանքներ ու մաղթանքներ ուղ ղեց ինծի: Նոյն օրը շնորհաւորական հեռագիր մը ստացայ Տէր Գրի գոր Ահմարանեանէն: Ի՜նչ հիանալի գաղտնիք: Տէր Վարդան Պաղտասարեանը, որ քիչ ատենէ ի վեր տեղափոխուած էր Հասաքէ, խնդրած էր որ այցելէի իրեն: Կ՚աշխատէր հոգեւոր անխառն բերկրանքով եւ արդէն ի վիճակի էր Մարտինի արաբերէն բարբառով քարոզելու եւ խոստովանցնելու: Հաւատացեալները մեծապէս գոհ էին իրմէ եւ կը գնահատէին անոր աստուածսիրութիւնը, եռանդն ու անբասիր գործունէութիւնը: Ուրիշ ընելիք չունէի, եթէ ոչ միայն՝ յորդորել Տէր Վարդանը յարատեւութեան եւ վերահաստատել իրեն հանդէպ ունեցած անվերապահ վստահութիւնս: Ան լաւ տեղեակ էր իմ առաքելական գաղափարականիս եւ կը գործէր ինչպէս երբ միասին Յունաստան կը գըտնուէինք: Շատ լաւ հասկցաւ իմ միտքս եւ յաջորդ օրը, Աւետարանի ընթերցումէն անմիջապէս յետոյ, մեծապէս հաճելի անակնկալ մը ըրաւ ինծի, ժողովուր դին յայտարարելով որ այդ վայրկեանէն սկսեալ, մեր սիրելի Սէիտնա Կիւրեղին օրհնութեամբ, բացուած էր ժողովրդապետութեան դպրոցը: Ծնողներուն յորդորեց պատրաստակամօրէն պատասխանել Սէիտնա Կիւրեղի փափաքին որ մեր բոլոր մանուկները այդ դպրոցը յաճախէին, հոն սորվելու համար քրիստոնէական վարդապետութիւնը, մայրենի լեզուն եւ կրօնական ու քաղաքացիական ողջամիտ դաստիարակութեան սկզբունքները: Նոյն առաւօտ մեր դպրոցը յաճախելու արձանագրուեցան ութսունեօթ մանուկներ, բոլորն ալ Հայ Կաթողիկէ Համայնքէն:

Մխիթարական այլ լուր մըն ալ ստացայ Տէր Յովսէփ Քալքո թուրեանէն, որ հաւաքած էր Հայ Կաթողիկէ հարիւր եօթ աշակերտներ:

Եպիսկոպոսական օծումին կ՚ուզէի նախապատրաստուիլ միայ նութեան ու լռութեան մէջ: Մեկնեցայ Ալէյ, Պէյրութէն մօտ քսան քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հմայիչ գեղեցկութեամբ գիւղ մը: Բնութիւնը իր գեղեցկութիւնները շռայլօրէն սփռած է այդ բլուրներուն վրայ, ուրկէ ընդարձակ տեսադաշտ մը կը վայելէի որ կ՚ընդգրկէր երկինքը, երկիրը, ծովը, անտառածածկ լեռները: Գթասրտութեան Քոյրերը հոն մանչերու որբանոց մը ունէին, ուր հարիւր քսան պատանիներ հիւրընկալուած էին: Սրբակեաց Եպիսկոպոս մը ըլլալու շնորհքը հայցելու նպատակով, բազմաթիւ Սուրբ Պատարագներ մատուցանել տուի ի պատիւ Սուրբ Հոգւոյն: Իմ քահանաներս ալ նոյնը կատարեցին: Եպիսկոպոսական օծումը ինծի տրուեցաւ Քրիստոս Թագաւորի տօնին օրը, Պէյրութի քափուչիններու եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր Աղաճանեան Պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Տարսոնի տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Գերպ. Յովհաննէս Նազլեանին եւ Աղեքսանդրիոյ Արքեպիսկոպոս Գերպ. Ներսէս Նասիմեանի: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Առաքելական Նուիրակ Գերպ. Լըփրեթրը, տարբեր ծէսերու պատկանող Եպիսկոպոսներ, Վանահայրեր ու քահանաներ: Իմ թեմիս քահանաները նոյնպէս երջանիկ էին սրբազան արարողութեան մասնակցելու համար, թէեւ այդ նպատակին համար ոչ սակաւ զոհողութիւններ դիմագրաւած էին:

Կանգ չեմ առներ յիշատակելու այն բոլոր թանկարժէք նուէրները, որ ստացայ այդ օրը: Բաւարարուիմ միայն յիշելով մեր Պատրիարքին կողմէ նուիրուած ոսկեձոյլ լանջախաչը, Քափուչիններու Մեծաւոր Հայր Էտմոնտոյին կողմէ նուիրուած ոսկէ մատանին, Գերպ. Նազլեանին կողմէ նուիրուած թանկարժէք սկիհը եւ արծաթէ ձեռախաչը, Քափուչիններու Ընդհանուր Գործակալ Հայր Կղեմէսին կողմէ նուիրուած եպիսկոպոսական զգեստները:

Զանազան իրադարձութիւններ

Պէյրութէն վերադարձիս ճանապարհին որպէս ուղեկից ունեցայ Առաքելական Եպիսկոպոս Տէր Զաւէն Սրբազան Հայրը: Հալէպի եր կաթուղային կայարանին մէջ ինծի դիմաւորելու եկած էին Գերպ. Հինտիէն, իր եղբայր Ռափայէլը, հալէպի Հայ Կաթողիկէ քահանաները եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ: Երկու երիտասարդ քահանաներու նշան ըրի որ Տէր Զաւէն Սրբազանին պայուսակները տեղաւորէին մեր ինքնաշարժին մէջ: Գերպ. Հինտիէն ուզեց որ Սրբազանը նստէր իր կողքին: Սրբազանը հասցուցինք իր նստավայրը, յետոյ միայն ուղղուեցանք դէպի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան:

Գերպ. Հինտիէն հանդիսաւոր ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր: Մայր Տաճարին բակը լեցուն էր տարբեր ազգութիւններու պատկանող անձնաւորութիւններով: Հոն էին նաեւ ֆրանսացի հիւպատոսը, իտալացի փոխհիւպատոսը եւ ֆրանսացի քանի մը սպաներ: Ինծի հագուեցուցին Գերպ. Հինտիէի եպիսկոպոսական ամենագեղեցիկ զգեստները եւ բազմեցուցին եպիսկոպոսական գահին: Չէր կրնար պակսիլ յաւուր պատշաճի ճառը եւ Հայր Վրթանէս Խամպեկեան՝ նորընծայ Եպիսկոպոսի առաքինութիւններուն գովքը հիւսեց: Արդեօք ուրկէ՛ քաղած էր այդ տեղեկութիւնները:

Յաջորդեցին սովորական հիւրասիրութիւնը, ճոխ ու հանդիսաւոր ճաշկերոյթը տարբեր ծէսերու պատկանող Եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ, եւ ի վերջոյ՝ իմ առաջին եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագս: Տէր Զօր, Հասաքէ եւ Տերպեսիէ կատարած կարճատեւ այցելութենէ մը ետք, Նոյեմբեր 6ին իմ բնականոն գործերս վերսկսայ Քամըշլիի մէջ. օրական եօթ ժամ դասաւանդութիւն, պարբերական այցելութիւններ ընտանիքներուն, ամէնօրեայ այցելութիւններ հիւանդներուն, քրիստոնէական վարդապետութեան խորացուած դասեր տօնական օրերուն, աշակերտներու հսկում ընդմիջումներու ատեն եւ ա նոնց հետ զբօսանք շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ:

1941 Ապրիլ 13ին, Սուրբ Զատիկին օրը, ֆրանսացի զօրավար Լիթթիէն եւ գնդապետ Արտուանը, հրամանատար Ացցիսին հետ համաձայնած, խնդրեցին որ տօնական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը ես մատուցանէի իրենց համար հայկական ծէսով: Իմ վարանումներս յաղթահարելու համար, հրամանատար Ացցիսը աւելցուց որ եթէ Դո մենիկեան Վարդապետները դժգոհութիւններ յայտնէին ինծի՝ զիրենք պէտք է հրամանատարին քով ղրկէի, որ գիտէր թէ ինչպէս պէտք է վարուէր անոնց հետ: «Դոմենիկեանները քաղաքականութեամբ կը զբաղին», ըսաւ հրամանատարը, «եւ զիրար չենք հասկնար: Անոնք Տը Կոլի կողմնակիցներ են, մինչ մենք՝ Փէթէնի»:

Յաջորդ օրը պատարագեցի Հասաքէի մէջ եւ հոն ալ արարողութեան ներկայ գտնուեցան ֆրանսացի սպաները: Ծիսակատարութեան աւարտին, ժողովրդապետութեան բակին մէջ զիս ողջունելու եկան հարիւրի չափ մարդիկ եւ երեւելիներէն մէկը նորէն խնդրեց որ իսկոյն սկսէի եկեղեցւոյ շինարարութիւնը: Պատասխանեցի որ այդ մասին պիտի խօսէինք շաբաթէ մը, հազիւ աւարտէին քահանայատան եւ դպրոցի կառուցման աշխատանքները: Բոլորին սակայն յիշեցուցի որ այդ վայրկեանին անհրաժեշտ չափով դրամ չունէի եւ ո՛չ իսկ ուսուցիչներուն աշխատավարձերը վճարելու եւ քահանաներուս կարիքները հոգալու համար, այն աստիճան որ ստիպուած եղայ վաճառելու լանջախաչս, մատանիներս ու թանկարժէք թագս: Ժամանակն էր որ կաթողիկէ հայերը նոյնպէս հետեւէին առաքելականներու եւ յակոբիկեաններու օրինակին, հոգ տանելով իրենց քահանաներու եւ իրենց դպրոցներու կարիքներուն, ներառեալ ուսուցիչներուն տրուելիք աշխատավարձը, եւ դադրէին ամէն բան Եկեղեցիէն սպասելէ: Խոստացան որ պիտի օգնէին ինծի, ինչպէս մինչ այդ օգնած էին ասորի քահանաներուն:

Ապրիլ 15ին պատարագեցի Տերպեսիէի մէջ: Երգեցողութիւնը կատարեցին մեր եօթանասունհինգ աշակերտները: Բազմաթիւ եղան Ամենասուրբ Հաղորդութեան մերձեցողները:

Նոյն օրը, յետ միջօրէին, անցայ Հեքոյ: Հարիւրի չափ հեծեալ տղամարդիկ եկան Տերպեսիէէն ինծի ուղեկցելու: Մեր դպրոցին աշակերտները ինծի դիմաւորելու եկած էին գիւղէն երկու քիլոմեթըր հեռաւորութեան վրայ: Մեծապէս գոհ մնացի անոնց արտասանած բանաստեղծութիւններէն, որ կատարեցին հայերէն, արաբերէն, քրտերէն ու թրքերէն: Ատիկա ակներեւ նշան մըն էր որ վարժապետ Յովհաննէս Քուփելեանը շատ լաւ աշխատանք տարած էր: Ուզեցի գո հունակութիւնս յայտնել՝ երկու ամսուան համար կրկնապատկելով անոր աշխատավարձը: Օրհնեցի տուներն ու արտերը եւ Ապաշխարութեան Խորհուրդը մատակարարեցի մինչեւ ժամը 21ը, այսինքն՝ ընթրիքի ժամը: Բարեսիրտ գիւղացիները պզտիկ տօն մը կազմակերպած էին երգերով ու պարերով, տհոլով ու զուռնայով: Հարկ չկայ յիշելու որ անպակաս էին դառն սուրճն ու օղին: Յաջորդ օրը առաւօտեան, Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին մեր դպրոցին աշակերտները: Համայնքի բոլոր անդամները մերձեցան Ամենասուրբ Հաղորդութեան:

Գերպ. Հինտիէին խնդրանքով, 1941 Յունիս 26ին, գացի Քապուր Էլ Պիտ, Քամըշլիէն մօտ երեսուն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բնակավայր մը, ամուսնութիւն մը օրհնելու համար: Առիթը օգտագործեցի՝ տեղւոյն սակաւաթիւ կաթողիկէներուն քրիստոնէական վարդապետութեան հիմնական գիտելիքները աւանդելու եւ խորհուրդները մատակարարելու համար: Որպէս եկեղեցի գործածեցինք երկաթուղային կայարանին նախասրահը, որ մեր տրամադրութեան տակ դրած էր կայարանին տնօրէն Եղիա Խուրին, որ ջերմեռանդ կաթողիկէ մըն էր: Ամբողջ շաբթուան ընթացքին, կայարա նին նախասրահը բոլորին կողմէ նկատուեցաւ որպէս սրբազան վայր եւ ոչ ոք համարձակեցաւ կենալ հոն ծխելու կամ զրուցելու: Հոն կը կատարէի կրօնական դասախօսութիւններս, կը մատուցանէի Սուրբ Պատարագը, կը մկրտէի, կը մատակարարէի Դրոշմի խորհուրդը եւ կ՚օրհնէի ամուսնութիւնները: Մկրտուածներու շարքին էր նոյն ինքըն Եղիա Խուրիին զաւակներէն մէկը, ծնած 1940 Սեպտեմբեր 19ին:

Քապուր Էլ Պիտի մէջ կը բնակէին երկու հարիւր ընտանիք, ո րոնց կէսը մահմետական արաբներ ու քիւրտեր էին, իսկ միւս կէսը՝ օրթոտոքս, յակոբիկեան, հայ առաքելական եւ սակաւաթիւ կաթողիկէ քրիստոնեաներ: Յակոբիկեանները համեստ մատուռ մը ունէին, երկու ամուսնացեալ քահանաներով: Հայերը, ըլլայ առաքելականները՝ թէ կաթողիկէները, զուրկ էին պաշտամունքի վայրերէ: Հայ կաթողիկէ տիկին մը պզտիկ մանկապարտէզ մը կազմակերպած էր, ուր երեսունի չափ մանուկներ կը յաճախէին:

Գիւղին կառավարիչը ֆրանսացի հրամանատար մըն էր: Անոր կնոջ խնդրանքով, պատարագեցի իրենց տան մէջ եւ երկու ամուսին ներն ալ այնպիսի ջերմեռանդութեամբ մասնակցեցան ծիսակատարութեան եւ մերձեցան Ամենասուրբ Հաղորդութեան, որ բարի օրինակ հանդիսացան բոլոր ներկաներուն, այսինքն՝ մաքսատան աշխատակիցներուն եւ քրիստոնեայ զինուորներուն: Հրամանատարին եւ իր կնոջ բարի օրինակին հետեւելով, քրիստոնեայ զինուորները ուզեցին խոստովանիլ՝ յաջորդ օրը Ամենասուրբ Հաղորդութեան մերձենալու հա մար: Քապուր Էլ Պիտի մէջ վերջին Սուրբ Պատարագը մատուցանեցի պատերազմի ատեն զոհուած ֆրանսացի զինուորներուն դիտաւորութեամբ եւ վերջաւորութեան՝ Ամենասուրբ Հաղորդութեամբ օրհնեցի բոլոր ներկաները: Քապուր Էլ Պիտէն մեկնեցայ Յուլիս 2ին:

Յուլիս 6ին, կիրակի, հրամանատար Ացցիսը Սուրբ Պատարագին մասնակցեցաւ մեր եկեղեցւոյ մէջ եւ խնդրեց որ զայն մատուցանէի իր դիտաւորութեան համար: Երբ մինակ մնացինք, ըսաւ որ մահմետականները ձայնասփիւռէն տեղեկացած էին Տը Կոլի զօրքերու յառաջխաղացումի մասին եւ համաձայնած էին իրենց դաշոյնները սրելու եւ ձեռքերնին վերցնելու հրացանները՝ մահապատիժի ենթարկելու համար զօրավար Փէթէնի կողմնակիցները: Դոմենիկեան Վարդապետները նոյնպէս ինքզինքնին տըկոլականներ կը հռչակէին: Անգլիացիները Տը Կոլի կողմն էին, բայց ո՞վ կրնայ վստահիլ անգլիացի ներու քաղաքական անկեղծութեան: Ո՞ր ֆրանսացին պիտի չուզէր ազատագրուած տեսնել իր հայրենիքը: Սուրիացիները բաժնուած էին. ոմանք յաղթանակ կը մաղթէին գերմանացիներուն, ոմանք՝ անգլիացիներուն, Գերպ. Հեպպէն անկեղծօրէն կը փափաքէր ֆրանսացիներու յաղթանակը, բայց ինչ կը վերաբերի փէթէնական Ֆրանսայի եւ տըկոլական Ֆրանսայի միջեւ ընտրութեան, անոր համար կարեւորը այն էր թէ անոնցմէ ո՛ր մէկը կրնար առաւելագոյնս երաշխաւորել իր անձնական շահերը: Ուզեցի հրամանատարը ճաշի հրաւիրել, բայց ան ծունկի եկաւ եւ արտասուելով խնդրեց օրհնութիւնս: Անոր արարքը մեծապէս յուզեց զիս եւ ես նոյնպէս չկրցայ զսպել արցունքներս: Գրկախառնուեցանք առանց խօսք մը ըսելու: Յետոյ ան ըսաւ. «Մնաք բարով, թանկագին Գերապայծառ: Աղօթեցէք ինծի համար: Այլեւս երբեք պիտի չտեսնուինք այս երկրի վրայ: Զօրավար Փէթէնին հետեւեցայ զուտ հայրենասիրութենէ մղուած եւ այժմ նախազգացումը ունիմ որ Տը Կոլը մեզ անյապաղ Ֆրանսա պիտի վերադարձնէ, որպէսզի իբրեւ դաւաճաններ գնդակահարութեան դատապարտէ»:

Կէսօրին նահանգապետարան գացի՝ բարեկամիս մասին լուրեր հարցնելու: Ըսին որ այդ ժամուն ան կը հանգչէր, ուստի անհնարին էր անոր հետ հանդիպիլ: Բայց ուրիշ զինուոր մըն ալ պատասխանեց ինծի, ծաղրական ձայներանգով եւ արաբերէն լեզուով. «Գեհենի այդ զաւակը աճապարանքով մեկնեցաւ դէպի դժոխք … դէպի Պէյրութ»: Բոլոր փնտռտուքներս ապարդիւն անցան: Ֆրանսացի սպաներէն ոչ մէկը կը ճանչնար անոր անունը: Վերջաւորութեան ինծի ըսին, որ քանի որ խօսքը կը վերաբերի փէթէնականի մը, անոր տեղափոխութեան վայրը գաղտնի կը պահուի: Արդեօք իրականացա՞ծ էր անոր նախազգացումը:

Միայն ես չէի որ կ՚ողբայի հրամանատար Ացցիսին կորուստը: Ինծի հետ զինք կ՚ողբային բոլոր անոնք որ առիթը ունեցած էին ճանչնալու զինք, ի՛նչ կրօնքի ու դաւանանքի ալ պատկանէին: Պատերազմական իրադարձութիւնները մեծ արագութեամբ յառաջ կ՚ընթանային եւ 1941 Յուլիս 7ին իրաքցի զինուորները, անգլիացիներու առաջնորդութեամբ, գրաւեցին Քամըշլին: Երեք հարիւր իրաքցի զինուորներուն միացեր էին նաեւ սուրիացի զինուորներ, որ դասալքութեամբ փախած էին ֆրանսական բանակէն: Զօրավար Պուիսոնը հրդեհեց ամրոցը եւ բժիշկ սպայի մը հետ փախաւ: Ֆըրանսացի նահանգապետը եւ Ֆրանսային հաւատարիմ մնացած զինուորները, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր էին, նահանջեցին դէպի Պէյրութ:

Յուլիս 9ին անգլիացիները գրաւեցին Տերպեսիէն: Անգլիացի հրամանատարը բողոքական էր եւ կրօնական լաւ դաստիարակութիւն ստացած էր: Իր ընտանիքի անդամները կը պատմէին ինծի թէ ամէն առաւօտ սենեակի մէջ կ՚առանձնանար աղօթելու, հոգեւոր ընթերցա նութիւն կատարելու եւ խորհրդածելու համար: Ես անձնապէս անոր սեղանին վրայ տեսած եմ «Նմանութիւն Յիսուս Քրիստոսի» գիրքին գեղեցիկ օրինակ մը: Քաղաքավար եւ բարեգութ էր բոլորին հանդէպ. բողոքականներուն կ՚օգնէր իր սեփական դրամով, իսկ միւս աղքատներուն ու կարիքաւորներուն՝ իր կողմէ տնօրինուած կառավարական միջոցներով:

Անգլիացի հրամանատարը ցոյց տուաւ որ քաղաքական սուր հոտառութիւն ունէր, քանի որ հրամայեց որ շարունակուի ծածանիլ ֆրանսական դրօշակը: Ես ի վիճակի չեմ գնահատելու Տը Կոլի գործերը Ֆրանսայի մէջ, բայց պէտք է ըսեմ որ ան կրցաւ ֆրանսական ազդեցութիւնը պահպանել Միջին Արեւելքի մէջ: Տը Կոլի զինուորներուն հետ միասին Տերպեսիէ վերադարձան Դոմինիկեան Վարդապետները, միշտ պատրաստ՝ ծառայելու Ֆրանսայի շահերուն: Պատերազմական իրավիճակը Վերին Ճեզիրէի մէջ նպաստեց անիշխանութեան տարածումին, իր բոլոր տխուր հետեւանքներով: Խումբ մը արկածախնդիր երիտասարդներ Ազգային Ազատագրութեան Յանձնախումբ մը հիմնեցին, որուն իրական նպատակը անապատի եւ թրքական տարածքներու մէջ թալանով զբաղիլն էր: Կազմակերպիչը մեր հարեւաններէն մէկն էր, որ իր արշաւներէն կը վերադառնար աւարով ու սպանութիւններով ծանրաբեռնուած:

Բաւական նեղութիւններու ենթարկուեցանք անգլիական իշխանութիւններու կողմէ: Տէր Վարդան Պաղտասարեանը, որ Հասաքէի ժողովրդապետն էր եւ դպրոցին տնօրէնը, հրաման ստացաւ քըսանչորս ժամուան ընթացքին հեռանալ Սուրիայէն, քանի որ իտալական հպատակութիւն ունէր: Անոր ընկերակցեցայ մինչեւ Պէյրութ, բայց Երուանդ Մալոյեանի միջնորդութեամբ, որ հայ կաթողիկէ մըն էր եւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ պետական անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը, կրցանք միասին Ճեզիրէ վերադառնալ, ստանալով նաեւ երաշխաւորումը որ անգլիացիները այլեւս նեղութիւն պիտի չպատճառէին մեզի:

Այցելութեան գացի Ային Էլ Արաբ: Ժամանումիս մասին լուր չէի տուած ոչ մէկուն: Հայ Կաթողիկէ Համայնքի երեւելիներէն առաջինն էր ոմն Սարգիս Կարաօղլանեան, որ ծնունդով մերձակայ Պիրեճիկէն էր, իսկ մասնագիտութեամբ՝ կաթսայագործ: Հայոց Մեծ Եղեռնէն կրցած էր փրկուիլ մեծ կաշառք տալով թուրք կառավարիչին, որ թոյլատրած էր անոր ապաստանիլ Ային Էլ Արաբ: Պրն. Սարգիսը իսկոյն ամէն կողմ ղրկեց իր հինգ մանչերն ու երկու աղջիկները, որպէսզի կաթողիկէներուն լուր տային Եպիսկոպոսի ժամանումի մասին եւ հրաւիրէին Սուրբ Պատարագի, որ պիտի մատուցանէի իրենց տան մէջ: Երկու տակառ իրարու մօտեցնելով եւ վրանին տախտակի երկու կտոր դնելով պատրաստեցի խորան մը, որ ծածկեցի ծիսական սփռոցներով: Ինչպէս միշտ, Սուրբ Պատարագէն առաջ մատակարարեցի Ապաշխարութեան Խորհուրդը: Տիկին Դանիէլեանը բոլորին առատ նախաճաշ հիւրասիրեց, այն քան առատ որ կրցան մահմետական մուրացիկներն ալ յագեցնել:

Այդ բարեսիրտ մարդիկը փափաք յայտնեցին հայածէս քահանայ մը ունենալ, ինչպէս նաեւ դպրոց մը եւ փոքրիկ մատուռ մը յարակից քահանայատունով: Առաջարկը ընդունեցայ եւ իմ հերթիս առաջարկեցի ընտրել ծխական խորհուրդ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար հոգալ Համայնքին կարիքները: Իսկոյն անցանք ընտրութիւններուն եւ ես այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները վաւերացուցի յատուկ գրութեամբ մը որ ի զօրու էր քաղաքական իշխանու թիւններուն հետ կայացուելիք բոլոր յարաբերութիւններուն համար: Երեք ամիս անց, 1942 Յունուար 19ին, մխիթարութիւնը ունեցայ գնելու Ային Էլ Արաբի ամենագեղեցիկ տունը, սուրիական հազար վեց հարիւր լիրա վճարելով, որոնցմէ երկու հարիւրը այդ բարեսիրտ, բայց աղքատ զաւակներուս անգնահատելի զոհողութիւններուն արդիւնքն էին:

Ային Էլ Արաբը իմ թեմիս սահմանագլուխն է: Եփրատէն անդին կը գտնուի Ճարապլուսը, Սուրիոյ վաղեմի Հիերոպոլիսը: Երկաթուղին քաղաքը երկուքի կը բաժնէ եւ կը հանդիսանայ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանը, այնպէս որ արեւմտեան թաղամասը թրքական է, իսկ արեւելեանը՝ սուրիական: Հոն գտայ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերէն ոմանք, որ կը ղեկավարէին հնգամեայ դպրոց մը եւ եռամեայ մանկապարտէզ մը, որոնք սեփականութիւնն էին Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսին: Քոյրերը շատ աղքատիկ կեանք կը վարէին, ապրելով այն ասեղնագործ ժանեակներու վաճառքով, որ կը պատրաստէին իրենց ազատ ժամերուն: Դժբախտաբար կան Եպիսկոպոսներ, որոնք համոզուած են թէ միանձնուհիները, քանի որ ընծայուած են Աստուծոյ, միայն աղօթքով եւ օդով կը սնանին: Արդիւնքը այն եղաւ որ հինգ տարի անց Քոյրերը հարկադրուեցան հեռանալ Ճարապլուսէն:

Աղաճանեան Պատրիարքին այցելութիւնը Վերին Ճեզիրէ

Այդ տարի կը լրանար Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Մայր Տաճարին հիմնարկութեան առաջին հարիւրամեակը եւ Գերպ. Հինտիէն ուզեց հանդիսաւոր շուքով տօնախմբել այդ տարեդարձը: 1941 Հոկտեմբեր 26ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցանեց՝ Գերպ. Հինտիէի, Գերպ. Պաթանեանի եւ իմ առընթերակայութեամբ:

Հոգեւոր Տէրը ուզեց այցելել Ճարապլուս, ուր կը գտնուէր Հալէպի Թեմին պատկանող միակ առաքելական կայանը: Այցելութիւն մը եղաւ որ քիչ մնաց կեանքերնիս պիտի խլէր. ինքնաշարժը ճանապարհէն դուրս սահեցաւ եւ խորխորատի մը յատակը վերջացաւ: Ուղեւորութիւննիս ուրիշ ինքնաշարժով մը շարունակեցինք մինչեւ Տէր Զօր, քանի մը ժամ կանգ առնելով Ռակքա, այդ անծայրածիր հովիտը՝ ուր 1914-1918 թուականներուն իրենց մահկանացուն կնքեցին տասնեակ հազարաւոր մեր հայրենակիցները:

Տէր Զօրի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը յափշտակութեան մէջ էր՝ Հոգեւոր Տիրոջ այցելութեան պատճառով, եւ Պատրիարքը նոյնպէս չէր թաքցներ իր գոհունակութիւնը՝ տեսնելով իր հօտի այդ փոքրիկ բաժնին վերածնունդը: Հոկտեմբեր 31ին հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանեց, ընդունեցաւ մեր Համայնքի յարգանքի տուրքը, այցելեց եկեղեցին ու քահանայատունը: Անդադար իր գոհունակութիւնը կը յայտնէր, տեսնելով թէ ինչպէս ամէն բան վերանորոգուած էր. եկեղեցին ու քահանայատունը հաստատուն շինութիւններ էին այժմ մինչ առաջ հոն մտնելը վտանգ մըն էր սեփական կեանքի համար: Երիտասարդ մը բարի գալուստի խօսք արտասանեց, լի գովասանքներով ու շնորհակալական արտայայտութիւններով՝ Տէր Զօրի եկեղեցիին համար Եպիսկոպոս մը տուած ըլլալուն, որ կը սիրէ իր հօտը, կը ճանչնայ իր գառնուկները եւ զանոնք մէկ առ մէկ իրենց անունով կը կանչէ: Ինծի համար ի՜նչ չարչարանք էին այդ գովասանքները: Բայց պէտք է ամէն բան Աստուծոյ սիրոյն համար կրել եւ չհասկնալ ձեւացնել:

Հոգեւոր Տէրը կատարեց սովորական այցելութիւնները, ֆրանսացի հրամանատար Ռէնիէրէն սկսելով: Ան ջերմեռանդ կաթողիկէ մըն էր եւ պարծանքով կ՚ըսէր թէ իր ընտանիքը կը սերէր Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սալեզացիին հարազատներէն: Հոգեւոր Տէրը այցելեց նաեւ սուրիացի նահանգապետին, մահմետական երեւելիներուն, իմ միաբանակից Հայր Բեռնարդոսին եւ Ֆրանչիսկեան Քոյրերուն:

Ինծի ըսած էին որ անցեալին Պատրիարքի մը այցելութիւնը մեծ ծախսեր կը պահանջէր, քանի որ ֆրանսացի բարձրագոյն պաշտօնեաներու նման՝ ճոխ ու հանդիսաւոր ընդունելութիւններ կը կազմակերպուէին: Ի միջի այլոց, կը հրաւիրուէին բոլոր կրօնապետները, երեւելիները, դպրոցականները, հրացաններով զինուած հեծեալներ՝ որոտընդոստ հրացանազարկերով հիւրը ողջունելու համար, եւ այլն: Ես միշտ հակառակ եղած եմ այդ շքերթներուն, որոնք ոչ մէկ կերպով կը նպաստեն Աստուծոյ Եկեղեցւոյ: Հետեւաբար, թեմիս բոլոր քահանաներուն հրամայեցի բացարձակ կերպով հեռու մնալ նըմանօրինակ աւելորդութիւններէ:

Յետ միջօրէի, Տէր Զօրէն ճամբայ ելայ դէպի Հասաքէ: Մեր հաւատացեալներէն մօտ հազար հոգի մեզ դիմաւորելու եկած էին քաղաքէն մօտ տասնհինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Եկած էին նաեւ իմ քահանաներէս Տէր Վարդանն ու Տէր Յովհաննէսը, քափուչիններ Հայր Բարսեղն ու Հայր Սալվաթորէն, հայ առաքելական, քաղդէացի, ասորի եւ նեստորական քահանաները, յակոբիկեան ներունը՝ իր տեղապահին հետ միասին, եւ բողոքական Պատուելին:

Հոգեւոր Տէրը միացաւ մեր ժողովուրդի ուրախութեան եւ անոնց հետ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իրենց աղօթքները լսելի եղած էին եւ ի վերջոյ ուրախալի իրականութիւն դարձած էր քսաներկու տարիէ ի վեր անոնց երազած բաղձանքը. այլեւս ունէին իրենց Եպիսկոպոսը եւ իրենց քահանաները, ունէին իրենց դպրոցներն ու իրենց եղբայրակցութիւնները:

Նոյեմբեր 1ին Հոգեւոր Տէրը Սուրբ Պատարագը բացօթեայ դաշտի մը մէջ մատուցանեց: Երգեցողութիւնը Տէր Վարդանին աշակերտները կատարեցին, իսկ արարողութեան մասնակցեցան բոլոր Համայնքներուն անդամները:

Դպրոցական հանդէս մըն ալ կազմակերպած էին ի պատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ այս մէկն ալ բացօթեայ կատարուեցաւ: Ամպերը բաւականին օգտակար եղան, մեղմացնելով արեւու կիզիչ ճառագայթները: Հոգեւոր Տէրը մեծապէս գոհ մնաց յատկապէս այն բանին համար, որ բոլոր երգերը, ուղերձներն ու բանաստեղծութիւնները արտասանուեցան հայերէն լեզուով, որ մեր աշակերտները նախապէս չէին գիտեր, այլ մեր դպրոցներուն մէջ միայն սորված էին: Տօնական եւ հանդիսաւոր առիթը օգտագործեցինք նաեւ քաղաքական իշխանութիւններուն ցոյց տալու համար որ մեր դպրոցները միւսներէն բնաւ ետ չէին մնար արաբերէնի ուսուցումին մէջ, եւ այս նպատակով՝ մեր աշակերտներէն ոմանք ուղերձներ կարդացին այդ լեզուով:

Ներկայ էին նաեւ քաղդէացիներու ժողովրդապետ եւ դպրոցի տնօրէն Հայր Պուլոս Պետարին, եւ կաթողիկէ ասորիներու դպրոցին տնօրէնը: Անոնք ալ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցին իրենց աշակերտները:

Յետ միջօրէի, ճամբայ ելանք դէպի Քամըշլի, որ իմ նստավայրս էր եւ Հոգեւոր Տիրոջ ճամբորդութեան նպատակակէտը: Տէր Յովսէփ Քալքոթուրեանը (որ ինքզինքը Լեւոնեան կոչել կու տար՝ ի պատիւ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի, ուր սորված եւ քահանայ ձեռնադրուած էր) մեզ դիմաւորելու եկաւ քաղաքէն տասնհինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, հազարի չափ մարդոց ուղեկցութեամբ, որոնց մէջ էին նաեւ իմ յակոբիկեան բարեկամս Խուրի Մլքին, կաթողիկէ ասորիներու ու քաղդէացիներու քահանաները, առաքելական հովիւ Տէր Աշոտը, նեստորականներու քահանան, ինչպէս նաեւ բոլոր դաւանանքներուն պատկանող քրիստոնեաներ, քիւրտեր ու եզտիներ: Քաղաք մտանք ժամը 1730ին, կրօնական յարգալիր լռութեամբ: Ինքնաշարժները կանգ առին եկեղեցւոյ դիմաց: Եկեղեցւոյ բակը եւ յարակից փողոցները լեցուն էին բոլոր ազգութիւններու եւ բոլոր կրօնքներու պատկանող մարդոցմով. հայեր, յոյներ, արաբներ, ֆրանսացիներ, թուրքեր, մարոնիթներ, ասորիներ, քաղդէացիներ, հրեաներ, եզտիներ, նեստորականներ, յակոբիկեաններ, քիւրտեր, թափառական ցեղախումբերու պատկանող մարդիկ եւ այլն:

Տօնական զարդարուած եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանելէ ետք, Հոգեւոր Տէրը ընդունեցաւ մեր Համայնքին երեւելիները, որոնք սկսան անդադար գովաբանել իրենց Եպիսկոպոսը. եռանդուն, գթասիրտ, նախաձեռնութիւններով հարուստ: Հեռացայ, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք կարենար ազատօրէն արտայայտել իր փափաքներն ու առաջարկները: Արեւամուտէն ետք այցելութեան եկաւ Դոմենիկեան Քոյրերու Մեծաւորուհին, միաբանակիցի մը ընկերակցութեամբ: Զարմացայ թէ ինչու չէր եկած Քոյր Մագդաղինէի ուղեկցութեամբ, որ իրենց Միաբանութեան միակ հայազգի անդամն էր: Ասկէ աւելի ցաւ պատճառեց ինծի այն բանը որ մեր Պատրիարքին չներկայացուց իրենց դպրոցի հայազգի աշակերտուհիները, որոնք լաւագոյններն էին՝ թէ՛ ուսման եւ թէ՛ վճարումներու մէջ:

Հոգեւոր Տէրը բարձր ջերմ ունեցաւ, բայց չուզեց դադրեցնել պաշտօնական ընդունելութիւնները, իսկ յաջորդ օրը, մեր հաւատացեալներուն տհաճութիւն չպատճառելու նպատակով, Սուրբ Պատարագը կատարեց պարզ արարողութեամբ: Գերպ. Պաթանեանը եւ ես օգնեցինք իրեն ժողովուրդին բաժնելու Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը: Ետքը, սակայն, հարկադրուեցաւ անկողին մտնել եւ բժիշկ Նէֆի զը լիակատար հանգիստ պատուիրեց իրեն: Երկու օր անց, Նոյեմբեր 5ին, Հոգեւոր Տէրը վերսկսաւ ճամբորդութիւնը եւ միասին մեկնեցանք Տերպեսիէ, հոն նոյնպէս ընդունուելով միեւնոյն ոգեւորութեամբ եւ քաղաքական, զինուորական ու կրօնական բոլոր իշխանութիւններու մասնակցութեամբ:

Հոգեւոր Տիրոջ առողջական վիճակը չթոյլատրեց որ գիշերէ Հեքոյի մէջ եւ յաջորդ առաւօտեան հոն Սուրբ Պատարագ մատուցա նէ: Սակայն, բարեհոգի մարդիկ, գիտնալով որ Հոգեւոր Տէրը հար կադրուած էր փոխելու այցելութեան ծրագիրները, չուզեցին փոխել իրենց ծրագիրները, գոնէ այն հարցերուն մէջ որ կը հայէին տօնական ցնծալի ընդունելութեան: Դպրոցական մանուկ մը յառաջ եկաւ եւ ցորենի հասկերու փունջ մը ձեռքերուն մէջ բռնած ըսաւ. «Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր, ժամանակ չունեցանք երգեր ու բանաստեղծութիւններ պատրաստելու, որպէսզի պատուէինք Ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ: Ձեր ժամանումի մասին լուր ստացանք միայն երէկ: Մեր վարժապետ Յովհաննէսը զիս ընտրեց, որպէսզի Հեքոյի Ձեր բոլոր զաւակներուն, դպրոցական իմ ընկերներուս եւ նոյն ինքն մեր սիրելի վարժապետին անունով շնորհակալութիւն յայտնեմ Ձեզի, որ մեր քով ղրկեցիք Զօհրապեան Եպիսկոպոսը, որ մեզ շատ կը սիրէ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ Սէիտնա Զօհրապեանին, որ մեզ յանձնեց վարժապետ Յովհաննէսի խնամքներուն: Ի մխիթարութեան ձեզի պիտի ըսեմ, որ մենք շատ բան սորված ենք իր դպրոցէն ներս. առաջ բնաւ չէինք գիտեր հայերէն լեզուն եւ գիրը, հիմա կը խօսինք ու կը գրենք հայերէն եւ մինչեւ իսկ գրաբար կարդալ գիտենք: Եթէ կ՚ուզէք, քննական հարցումներ ըրէք, եւ մենք ուրախութեամբ պիտի պատասխանենք: Սորված ենք նաեւ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը: Կը ցաւինք որ վաղը մեր եկեղեցւոյ մէջ պիտի չպատարագէք, ապա թէ ոչ՝ Ձեզի լսել պիտի տայինք մեր երգերը: Սորված ենք նաեւ մեր հայրենասիրական երգերը»: Վերջաւորութեան, դպրոցականը մօտեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ ցորենի հասկերը անոր տալով ըսաւ. «Սէիտնա, այս հասկերը մայրիկս պատրաստած է ճիշտ Քեզի համար, որպէսզի Դուն զայն Քու սենեակիդ պատին կախես: Հասկցա՞ր»:

«Հասկցայ», գորովալի ծիծաղով պատասխանեց Հոգեւոր Տէրը: «Իմ կողմէս շնորհակալութիւն յայտնէ մայրիկիդ: Հասկցա՞ր: Իսկ այժմ ըսէ ինծի. անգիր գիտե՞ս ՚՚Հայր մեր՚՚ աղօթքը»: Եւ ինչպէ՛ս գիտէր: Գիտէր նաեւ ՚՚Ողջոյն քեզ, Մարիամ՚՚ը, Հաւատամքը, ուրիշ շատ մը աղօթքներ, Աստուածամօր գովերգներ: Իր մանկական անմեղութեամբ, դպրոցականը արտասանեց նաեւ Տասնաբանեան, Եկեղեցւոյ պատուիրանները, Եօթ Խորհուրդները եւ այլն: Գիտէր նաեւ Երեքսրբեան Օրհնութիւնը, բայց չկրցաւ զայն երգել, քանի որ ձայնային ունակութիւններ չունէր: Ձայնային ունակութիւններէ զուրկ էր նաեւ երկրորդ դպրոցականը, որուն պատահաբար հարց ուղղեց Հո գեւոր Տէրը: Բայց ի՜նչ լաւ երգեց երրորդ դպրոցականը, հազիւ վեց տարեկան տղայ մը, որ անսխալ կերպով կատարեց երգեցողութիւնը իր արծաթեայ ձայնով, որ հրեշտակներու ձայնը կը յիշեցնէր:

Հոգեւոր Տէրը ուղղակի հիացած էր այդ բարեհոգի մարդոց պարզութեամբ եւ հաւատքով որ կ՚արտացոլար անոնց հայեացքներէն: Ով կը մօտենար Պատրիարքին, ատիկա կ՚ընէր առանց ենթակայութեան նշաններ տալու, այլ բարեպաշտ դիրքորոշումով, ինչպէս մէկը որ Եկեղեցւոյ հովիւներու մէջ կը տեսնէ Բարի Հովիւի ներկայու թեան խորհուրդը:

Հեքոյի այցելութիւնը մէկ ժամէ աւելի տեւեց:

Պէյրութ վերադարձի ճանապարհին Պէյրութ վերադարձի ճանապարհին անցանք Փալմիրայէն, առեւտրական հնադարեան ծաղկուն քաղաքը որ արամայերէն կոչուած էր Թատմոր: Ուշ երեկոյեան հասանք Դամասկոսի Պապ Թումայի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետական եկեղեցին:

Կիրակի առաւօտեան Հոգեւոր Տէրը հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանեց: Երգեցողութիւնը կը կատարէր խառն երգչախումբ մը, որ Եկմալեանի քառաձայն երաժշտութիւնը կը փորձէր վերարտադրել: Աստուած իմ, ի՜նչ տառապանք լսողներուն: Ծիսական զգեստներս շուտափոյթ հանեցի եւ երգչախումբին քով վազեցի: Իրադրութիւնը փրկելը անհնարին եղաւ եւ ստիպուեցայ երգեհոնի ձայնը հնարաւորինս բարձրացնելով եւ երգիչներուն ձայնը ծածկելով գոհանալ:

Ընդունուեցանք Հանրապետութեան Նախագահ Շէիխ Թաճետտինի կողմէ: Մահմետականութեան մէջ Շէիխ կը կոչուին անոնք որոնք կրօնքին կը նուիրուին: Շէիխերը սովորաբար մոլեռանդ կ՚ըլլան, բայց Թաճետտինը բնաւ այդպէս չէր: Քրիստոնեաներուն անկեղծ բարեկամ էր եւ այդ իսկ պատճառով լաւ դիտուած չէր Սուրիոյ իմամներու կողմէ: Մեծ գորովով ընդունեցաւ մեզ եւ աջս սեղմելով ըսաւ. «Ուրախ եմ Ձեզի հետ ծանօթանալուս համար», իսկ Հոգեւոր Տիրոջ ուղղուելով աւելցուց. «Որովհետեւ ձեր այդ Սէիտնա Կիւրեղ Զօհրապեանը յարգուած եւ սիրուած է Վերին Ճեզիրէի ամբողջ բնակչութեան կողմէ, թէ քրիստոնեայ՝ թէ մահմետական: Ոչ ոք երբեք դժգոհած է անկէ: Ընդհակառակն, ամէն ոք դրուատանքով կը խօսի անոր մասին»: Ապա խօսակցութեան նիւթ դարձաւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը: Նախագահը նկատել տուաւ որ Դամասկոսի քրիստոնէական բոլոր Համայնքները ունէին իրենց Եպիսկոպոսը: Ասորի կաթողիկէները հազիւ հարիւր ընտանիք կը հաշուէին, բայց ունէին իրենց Արքեպիսկոպոսը եւ իրենց դպրոցը: Մինչդեռ հայ կաթողիկէները, թէեւ աւելի քան չորս հարիւր ընտանիք կը հաշուէին, այնու հանդերձ չունէին ո՛չ իրենց Առաջնորդը, ո՛չ իրենց դպրոցը, ո՛չ ալ վայելուչ եկեղեցի մը: Եթէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը իր նստավայրը փոխադրէր Սուրիա, ինքը Նախագահը կը խոստանար օժանդակել Մայր Տաճարի եւ Պատրիարքարանի շինարարութեան աշխատանքներուն: Յաջորդ օրը, Նախագահը մեզ ճաշի հրաւիրեց:

Դամասկոսէն մեկնեցանք Նոյեմբեր 12ին: Անցանք Այնճարի դաշտավայրով, ուր բնակութիւն հաստատած էին մօտ հինգ հարիւր հայ ընտանիքներ: Անոնց կէսը կաթողիկէ էին, կ՚ապրէին ֆրանսական կառավարութեան կողմէ կառուցուած փոքրիկ տուներու մէջ, ունէին փայտաշէն ընդարձակ մատուռ մը: Մանչերու դպրոցը կը ղեկավարէր համայնքի քահանան, իսկ աղջիկներունը՝ Անարատ Յըղութեան Հայ Քոյրերը: Լիոնի Յիսուսեանները ունէին քահանաներու համար սահմանուած հոգեւոր կրթութեան տուն մը Թանայիլի իրենց ընդարձակ հողատարածքին մէջ: Վերջապէս ողջ ու առողջ հասանք Պէյրութ եւ 1941 Դեկտեմբեր 11ին կրցայ կրկին ճանապարհ ելլել դէպի Հալէպ: Հիւրընկալուեցայ Գերպ. Հինտիէին քով, կամ աւելի շիտակը՝ հիւրընկալուեցայ Առաջ նորդարանին մէջ, մինչ ինքը մնաց իր ազգականներուն քով: Տարեսկզբի դժուարին ամիսներուն Պատերազմը ամէնուր ողբ ու աւերածութիւններ կը սփռէր: Խղճի պարտականութիւն նկատեցի ժողովուրդը ազատ արձակել՝ 1942 թուականի տարեմուտի սովորական մաղթանքները կատարելու համար մինչեւ Առաջնորդարան գալու պարտականութենէն: Տարին սկըսած էր ուժգին սառնամանիքներով, այդպիսի ցուրտ օրեր՝ այդ սերունդի մարդիկ չէին յիշեր իրենց կեանքի ընթացքին: Մինչեւ Մարտ ամսուան կէսերը ջերմաչափը առանց տատանումներու մնաց զէրոյէն վար 7-10 աստիճաններու միջեւ: Քաղաքական ու պատերազմական իրադարձութիւնները ամբող ջովին աննպաստ ընթացք առած էին Ֆրանսայի համար, որ դարեր շարունակ եղած էր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն պաշտպանող տէրութիւնը: Սուրիական կառավարութիւնը այդ իրավիճակը կ՚օգտագործէր լիակատար անկախութիւն ձեռք ձգելու համար: Սովը կը տարածուէր գրեթէ ամէնուր, բայց Քամըշլիի նահանգը, որ Սուրիոյ ցորենի շտեմարանն է, ենթակայ չէր այդ նեղութեան, մանաւանդ թէ՝ կրնանք ըսել որ կը լողար ուտեստեղէններու առատութեան մէջ: Ցորենի վաճառականութիւնը բաւականին շահութաբեր էր եւ մեծ հողագործները կը ջանային զայն Քամըշլիի նահանգէն դուրս վաճառել, առաւելագոյն շահ ստանալու նպատակով: Այդ օրերուն աճապարանքով Քամըշլի եկաւ Ծիրանաւոր Թափփունին, որպէս նուիրատուութիւն բաւականին մեծ քանակութեամբ ցորեն ստանալով՝ իր պատրիարքարանին, կղերանոցին ու դպրոցներուն կարիքները հոգալու համար: Այդ ցորենի մէկ մասն ալ կրցաւ նուազագոյն գինով վաճառել Ասորի Կաթողիկէ Համայնքի աղքատներուն: Մեր Պատրիարքարանի Ընդհանուր Տեղապահն ալ անգործ չմնաց եւ մարտինցիները շատ լաւ ճանչնալով՝ կրցաւ նշանակալի նպաստներ քաղել: Այնքան հմուտ եղաւ, որ իմ հաւատացեալները իրեն յանձնեցին նաեւ այն պաշարները՝ որոնք սովորութեան համաձայն մէկդի կը պահէին իրենց Եպիսկոպոսին համար: Ցորենի այդ պաշարները գանձ մըն էին Պատրիարքարանի տրամադրութեան տակ, որոնց շնորհիւ կրցաւ հո գալ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի կարիքները:

Արդէն ակնարկած եմ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքական փոփոխութիւններուն, որոնց պատճառը Տը Կոլի իշխանութեան գլուխ բարձրանալն էր: Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ Տը Կոլի մարդիկը իրական հալածանք մը սկսան կառավարական պաշտօններ գրաւող կամ կառավարական գրասենեակներու մէջ աշխատող հայերու դէմ: Հալածանքներու գլխաւոր դերակատարը հրամանատար Օպուարն էր, որ յաջորդած էր ինծի բարեկամ հրամանատար Ացցիսին: Կասկածելի անցեալի տէր անձնաւորութիւն մըն էր, այն աստիճան որ մահուան դատապարտուած էր. մահապատիժէն կրցած էր ազատիլ պարզապէս քաղաքական իշխանափոխութեան պատճառով: Երբեք չկրցայ հասկնալ հայերու հանդէպ տածած իր ատելութեան պատճառը: Գիտեմ միայն, որ մասսոնականութեան մոլեռանդ անդամ էր:

Բոլորին յայտնի է որ ամէն ոք կը գովաբանէ մանկավարժներու մասնագիտութիւնը, բայց ինչ կը հայի անոնց ստացած աշխատավարձին, այս յարգարժան անձնաւորութիւնները նախանձելի ոչինչ ունին: Ես միշտ ձեռքէս եկած ամէն բան ըրած եմ ուսուցչական կազմ մը ունենալու համար, որ իր ստանձնած պարտականութիւններու մակարդակին ըլլայ եւ գիտակից՝ իր գործի պատասխանատու բնոյթին: Այս նպատակով, որքանով որ աղքատութիւնս կը թոյլատրէր, խղճի պարտք կը նկատէի այնպէս փոխհատուցել անոնց աշխատանքը որ անոնց համար խթան ըլլար գոհունակութեամբ աշխատիլ իմ փոքրիկ այգիէս ներս: Անոնց կու տայի պետական դըպրոց ներու մէջ աշխատող ուսուցիչներու կրկնակի աշխատավարձը:

Բնաւ չէի սպասեր, որ ամբողջովին ճգնաժամային իրավիճակի մը մէջ՝ Քամըշլիի մեր դպրոցին ուսուցիչները զիս միայնակ ձգէին. 1942 թուականի Մարտի կէսին բոլորը միասին ներկայացուցին իրենց հրաժարականները, որովհետեւ ցորենի վաճառականութիւնը աւելի շահութաբեր կը նկատէին: Ապշահար մնացի, կարծես թէ գաւազանով մը գլխուս զարկած ըլլային: Ուրկէ՞ կրնայի ուրիշ ուսուցիչներ գտնել, որպէսզի աշակերտները այլեւս մօտակայ քննութիւններուն պատրաստէին: Կարծես ներքին ձայն մը պատասխանեց. «Իսկ ո՞ւր է Սուրբ Յովսէփի նկատմամբ ունեցած վստահութիւնդ»: Ուսուցիչներէս ներողութիւն խնդրեցի եւ վազելով եկեղեցի գացի: Ծունկի եկայ Սուրբ Յովսէփին նուիրուած Աւագ Խորանին դիմաց եւ աղօթեցի. «Իմ թանկագին Սուրբ Յովսէփ, ներշնչէ ինծի ուսուցիչներուս տալիք պատասխանը: Շուտ ըրէ»: Ուսուցիչներուս քով վերադարձայ լիակատար վստահութեամբ որ Սուրբ Յովսէփը պիտի ներշնչէր տալիք պատասխանս: Իսկ պատասխանս այն եղաւ որ ընդունեցայ անոնց հրաժարականները, թէեւ զիս ծանր կացութեան մէջ կը ձգէին, եւ որպէս երախտագիտութեան ու բարեացակամութեան նշան՝ խոստացայ վճարել անոնց Մարտ ամսուան ամբողջ աշխատավարձը: «Եթէ ձեր նոր արհեստը չգոհացնէ ձեզ», եզրակացուցի, «գիտցէք որ մեր դպրոցին դռները միշտ բաց պիտի ըլլան ձեզի համար»: Ստիպուեցայ արիւն քրտնիլ Պէյրութի ու Հալէպի ճանապարհներու վրան, գտնելու համար նոր ուսուցիչներ որ առաջիններէն նուազ ընդունակ չըլլային: Յաջողեցայ, թէեւ հետեւանքները գրպաններս կրեցին, քանի որ հարկադրուեցայ բարձրացնել անոնց աշխատավարձը:

Իմ մտերիմ բարեկամներէս մէկը, Հայ Առաքելական Համայնքի քահանայ Տէր Աշոտը, ստիպուած էր իր Համայնքի Առաջնորդի դերն ալ կատարել, քանի որ ամբողջովին մինակ էր եւ գործակիցներ չունէր: Ատիկա իրեն համար բնաւ սնապարծութեան առիթ չէր եւ ինծի յաճախ կը կրկնէր որ Աստուած զինք չէր ստեղծած Եպիսկոպոս մը ընելու համար, ապա թէ ոչ՝ ամուսնացած պիտի չըլլար: Իր Արքեպիսկոպոսը մինչ այդ կարեւորութիւն չէր տուած անոր բողոքներուն. Տէր Հայրը նկատել կու տար որ ի վիճակի չէր վայելուչ կերպով կատարելու վարդապետի մը իւրայատուկ գործեր եւ միաժամանակ զբաղիլ իր ընտանիքով: Վերին Ճեզիրէ ժամանումս ծանրակշիռ փաստարկ հանդիսացած էր Տէր Հօր համար, որպէսզի համոզէր իր Արքեպիսկոպոսը՝ լրջօրէն մտածելու Վերին Ճեզիրէի Առաքելական Համայնքի հոգեւոր կարիքներուն: Արքեպիսկոպոսին նամակ մը գրած էր, ուր կ՚ըսէր որ Հայ Կաթողիկէ գործունեայ Եպիսկոպոսը շահած էր բոլորին համակրանքը, եւ եթէ ժամանակին չհակազդէին՝ բոլոր առաքելականները կաթողիկէ պիտի դառնային: Ազնիւ եւ ուղղամիտ անձ ըլլալով, նամակը ղրկելէ առաջ Տէր Աշոտը զայն ինծի կարդալ տուաւ եւ ուզեց իմանալ իմ կարծիքս: Վստահեցուցի որ անսխալ քայլի մը դիմած էր եւ որ շուտով վարդապետ մը պիտի ունենար: Չսխալեցայ: Իրօք, 1942 Մարտ 14ին, Քամըշլի ժամանեց Հ. Խորէն Վրդ. Բարոյեանը, ծնունդով կիպրացի եւ Անթիլիասի դպրեվանքի աշակերտ: Երկու օր անց զինք ճաշի հրաւիրեցի Հալէպի իր գործընկերոջ եւ երկու Տէր Հայրերուն հետ միասին: Առաջնորդեցի այցելելու նաեւ մեր դպրոցը, ուր հայրենասիրական գեղեցիկ միջոցառում մը կազմակերպած էինք ի պատիւ նոր Առաջնորդին:

Յունիս 6ին, անգլիացի հրամանատար Տիթչպուրնը զիս իր տունը հրաւիրեց՝ կարեւոր լուրեր հաղորդելու նպատակով: Դամաս կոսի մէջ, ՚՚երիտասարդ հերոսներու՚՚ հոծ զանգուածներ ջարդ ու փշուր ըրած էին քրիստոնեաներու խանութները եւ փորձած էին հրդեհել կաթողիկէ եկեղեցի մը: Ամէնուր լսելի եղած էին նման գոչեր. «Կործանեցէք քրիստոնէական եկեղեցիներու զանգերն ու զանգակատուները: Մեր երկրէն դուրս նետեցէք ֆրանսացի շուները: Կեցցէ Մոհամմէտ մարգարէն: Կեցցէ իսլամը: Մահ քրիստոնեաներուն, որոնք Ֆրանսայի բարեկամներն են»: Սուրիացի նահանգապետը, անկարգութիւններ նախատեսելով, պահակախումբեր հաստատած էր եկեղեցիներու եւ վանքերու մուտքին: Անգլիացի հրամանատարը այս ամէնը կը հաղորդէր ինծի տեսակ մը զուարթ ձայներանգով, կարծես ուրախ եւ շատոնց սպասուած լուրեր ըլլային: Հարցուցի թէ արդեօք այդ ցոյցերը ուղղուած էին նաեւ Անգլիոյ դէմ, քանի որ Անգլիան նոյնպէս քրիստոնեայ տէրութիւն մըն է: Պատասխանեց որ Անգլիոյ բարեացակամ դիրքորոշումը ամբողջ աշխարհի մահմետականներուն հանդէպ բոլորին յայտնի է, եւ բաւական պիտի ըլլար որ պատահական մէկու մը ըսէի որ այլեւս ոչինչ կը յուսայի Ֆրանսայէն եւ ինքզինքս անգլիական պաշտպանութեան կը վստահէի, որպէսզի խաղաղ ու անդորր ապրէինք ըլլայ ես, ըլլայ իմ ժողովուրդս, ըլլայ իմ եկեղեցիներս ու քահանաներս: Պէտք է հաշուի առնէի որ մահմետականները արդէն թալանած էին Ապու Քեմալի մեր փոքրիկ եկեղեցին, որմէ գողցած էին մինչեւ իսկ դռներն ու պատուհանները:

Խորհրդածելու կարիք չունէի՝ նման առաջարկ մը մերժելու համար: Ֆրանսական պաշտպանութենէն՝ Արեւելքի քրիստոնեաներս դարեր շարունակ բազմաթիւ օժանդակութիւններ ստացած ենք, որոնց փոխարէն երախտագիտութեան արդարացի պարտականութիւն մը ունինք: Ասկէ զատ, եւ որ ամենակարեւորն է, նմանօրինակ հարցերու մէջ ընտրութիւն կատարելը իմ իրաւասութիւններուս սահմաններէն դուրս էր եւ միմիայն Սուրբ Աթոռի որոշումին կ՚իյնար: Անգլիացի հրամանատարը բնաւ չհակաճառեց իմ պատճառաբանութիւններուս եւ մենք բարեկամաբար բաժնուեցանք: Վստահեցուց որ միշտ իմ տրամադրութեանս տակ կը գտնուէր որեւէ հարցով:

Յունիս 8ին գացի Ապու Քեմալ, Տէր Զօրի մէջ առաքելական ծառայութիւն կատարող միաբանակիցիս՝ Հայր Բեռնարդոսին եւ Տէր Գրիգոր Ահմարանեանին ընկերակցութեամբ: Ապու Քեմալը Տէր Զօրէն հարիւր յիսուն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Համոզուեցանք անգլիացի հրամանատարին հաղորդած լուրերուն ստուգութեան: Գիւղապետը, մեր ժամանումին տեղեկանալով, քաղաքավարութիւնը ունեցած էր մաքրել տալու եկեղեցին, յիսունի չափ աթոռներ կրկին տեղը դնելով եւ գողցուած պատուհաններուն տեղերը ծածկելով: Գիտցայ որ եկեղեցւոյ դռները գողցած էր մոլեռանդ մահմետական մը, իր տան ճեմիշը դռներով օժտելու համար: Ճիշտ ինքն ալ ուզած էր առաջինը գործածել ատոնք, բայց հազիւ թէ ներս մտնելով դուռը գոցած էր՝ սոսկալի ցաւերով բռնուած էր եւ սկսած էր յուսահատօրէն պոռալ: Դիւրին չէր եղած օգնել անոր, որովհետեւ ամբողջ մարմնին մէջ ցաւեր զգացած էր եւ նուազագոյն հպում անգամ չէր կրցած հանդուրժել: Հոգատարութեամբ լուացած էին զինք, բայց իսկոյն ամբողջ մարմնին վրայ յայտնուած էին անթիւ անհամար փոքրիկ վէրքեր, կարծես իշամեղուներու պարս մը յարձակած ըլլար վրան: Այդ վէրքերէն փտած դիակի մը գարշահոտութիւն ելած էր, այն աստիճան որ իր ընտանիքի անդամները անգամ չէին դիմացած եւ զինք մինակ ձգած էին: Մոհամմէտի թըշուառ մոլեռանդ զաւակը, հինգ ժամ սարսափելի տառապանքներ կրելէ ետք՝ մեռած էր:

Քեսապ

Քեսապի բողոքական առաքելութիւնը, որ վերջերս հիմնուած էր, փարթամ կերպով կը բարգաւաճէր իր դպրոցներով, իր որբանոց ներով, բժիշկներով, հիւանդապահներով ու դեղորայքով լաւագոյնս ապահովուած բուժկեդրոններով: Ամենակարեւորը այն է որ այդ կեդրոններու անձնակազմը մեծագոյն յարգանք կը դրսեւորէր տեղացիներուն նկատմամբ, կը սորվէր անոնց լեզուն, սովորոյթներն ու պատմութիւնը: Միշտ պատրաստ էին իրենց ծառայութիւնները անվճար կերպով կատարելու:

Նոր ձեւաւորուած իրադրութիւնը չէր կրնար Առաքելական Նուիրակ Գերպ. Լըփրէթրի ուշադրութենէն խուսափիլ, քանի որ բողոքական առաքելութեան հանդէպ քրիստոնեաներու համակրանքը համընդհանուր էր: Բացառութիւն կը կազմէին հայերը, որոնք բողոքա կան միսիոնարները արհամարհանքով «ֆրամասսոններ» կ՚անուանէին: Քեսապի կաթողիկէ առաքելութիւնը յանձնուած էր Սուրբ Երկրի Ֆրանչիսկեաններուն, իսկ Առաքելական Նուիրակը կ՚ուզէր զայն փոխանցել Վենետիկի Մխիթարեաններուն, որոնք կրնային մեծ բարիք գործել հոն, մանաւանդ իրենց դպրոցներով ու վարժարաններով: Այդ գործին իրենց օժանդակութիւնը կրնային բերել «Արեւելեան Առաքելութիւն» կազմակերպութիւնը եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը: Սոյն առաքելութեան կը պատկանէին Քեսապ, Գարատուրան, Պաղճաղազ, Չինարճիկ, Սաքի Արան կամ Նոր Գիւղ, Քայա ճիկ, Տուզ Աղաճ, Քեմըրխանա, Էքիզ Օլուք եւ Պաշուրտ գիւղերը:

Առաքելական Նուիրակը փափաք յայտնեց որ Քեսապ այցելէի եւ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրէի հարցը, աւելցնելով որ եթէ հնարաւոր ըլլար իրագործել իր ծրագիրը, ինքը Քեսապի ամբողջ առաքելութիւնը պիտի ուզէր իմ թեմիս իրաւասութեան անցընել: Նկատել տուի որ Քեսապը բաւականին հեռու կը գտնուի Ճեզիրէէն, առանց խօսելու դրամական միջոցներու լիակատար բացակայութեան մասին:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը համոզուած էր որ թեմիս բոլոր խնդիրները լուծած էր ինծի «Վերին Ճեզիրէի եւ Եփրատի Նահանգի Պատրիարքական Փոխանորդ»ի տիտղոսը շնորհելով: Ինչպէ՞ս կրնայի լիրա մը յուսալ Քեսապի առաքելութեան համար:

Այսու հանդերձ, ճամբայ ելայ:

1942ին կատարուած հաշուեկշիռի մը համաձայն, այդ տարածաշրջանին մէջ կը բնակէին հայ կաթողիկէ հարիւր վեց ընտանիք, ընդամէնը՝ հինգ հարիւր իննսուներեք հոգի: Հիւրընկալուեցայ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Տ. Յովհաննէս Էքմեքճեանին քով: 1861 թուականին կառուցուած քահանայատունը շատ նման էր Վերին Ճեզիրէի մեր խրճիթներուն. վերնայարկի յատակին տախտակները իրարմէ այնքան հեռացած էին, որ խոհանոցի ծուխը կը լեցուէր քահանային սենեակը, իսկ քահանայի սենեակի փոշին կը թափէր խոհանոցին մէջ: Եկեղեցին նոյնպէս կառուցուած էր 1861 թուականին եւ զուրկ էր հաստատուն նստարաններէ ու աղօթարաններէ:

Յուլիս 12ի կիրակնօրեայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագէն ետք հաւատացեալները եկան ինծի այցելելու: Այդ օրը Հայ Եկեղեցին կը կատարէր Տիրոջ Պայծառակերպութեան տօնը: Յայտնեցին իրենց կարծիքը, որուն համաձայն՝ հարցերը շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ էին՝ երբ Քեսապը Հալէպի Եպիսկոպոսի իրաւասութեան տակ էր, եւ որ ամէն բան վատթարացած էր Պատրիարքարանի իրաւասութեան անցնելէ յետոյ: Հաւատացեալներու բողոքները հաստատուեցան նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու հետ ունեցած զրոյցիս ատեն: Անոնց յանձնուած էր աղջիկներու դպրոցին խնամքը, բայց անոնց աշխատանքը բնաւ գնահատուած չէր մեր հայրենակիցներուն կողմէ, ըլլային անոնք կաթողիկէ՝ թէ առաքելական: Այդ դժգոհութեան պատճառը, սակայն, իրենք Քոյրերը չէին, այլ լատինածէս քա հանան, որուն յանձնուած էր կրօնքի դասաւանդութիւնը: Այդ քահանան ապազգայնացումի քաղաքականութիւն կը վարէր: Ծնողները չէին ուզեր իրենց աղջիկները այդ դպրոցը ղրկել, որովհետեւ այդ քահանայի վարքագիծին մէջ տեսակ մը արհամարհանք կը տեսնէին մեր լեզուին եւ մեր ժողովուրդին նկատմամբ, այն աստիճան որ կրօնագիտութեան հայալեզու դասագիրքը՝ ան փոխարինած էր թրքալեզու դասագիրքով: Դպրոցին շէնքը գեղեցիկ էր ու յարմարաւէտ, քահանայատունը տարածաշրջանին ամենավայելուչ շինութիւնն էր, մինչ Քոյրերուն բնակարանը աւելի թշուառ վիճակի մէջ չէր կրնար ըլլալ: Հոն աշխատող Քոյրերը հինգ հոգի էին: Եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ ամբողջովին լքուած վիճակի մէջ էին, ըլլայ նիւթական՝ ըլլայ հոգեւոր տեսանկիւնէ: Անոնց վերապահուած հոգեւոր խնամքը կը կայանար ամիսը անգամ մը մատակարարուող Ապաշխարութեան Խորհուրդին մէջ, առանց հոգեւոր առաջնորդութեան կամ խրախուսանքի խօսքի մը: Քեսապէն ետք ամենակարեւոր գիւղը Պաղճաղազն էր: Հոն գըտայ փոքրիկ ու պարզունակ, բայց վայելուչ եւ լաւ խնամուած մատուռ մը: Քահանայատունը միայարկ կառոյց մըն էր, որթատունկի այգիով եւ զանազան պտղատու ծառերով հարուստ պարտէզով շրջապատուած: Դպրոց կը յաճախէին յիսունի չափ տղաներ ու աղջիկներ, որոնք գարնան սկիզբը դպրոցէն կը փախչէին հողագործական աշխատանքներ կատարելու համար: Ժողովրդապետն էր եռանդուն ու քաջարի Հայր Նազարէթ Մկրտչեանը, որ արդէն եօթանասունվեց տարեկան էր: Իր ծնողներուն հետ միասին, Հայր Նազարէթը բողոքական համայնքէն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անցած էր: Քրիստոնէական հաւատքի խոստովանող մըն էր, որուն համար հինգ տարի թրքական բանտերուն մէջ անցուցած էր, ուրկէ հրաշքով միայն կրցած էր փախչիլ:

Այցելեցի նաեւ Գարատուրան: Հոն ալ մատուռ մը կար, Պաղճաղազի մատուռէն աւելի փոքր: Դպրոց մըն ալ կար, ուր կը յաճախէին տասնհինգի չափ տղաներ ու աղջիկներ: Տնօրէնը Հայ Առաքելական երիտասարդ մըն էր, որ միաժամանակ նաեւ Հնչակեան Կուսակցութեան գլխաւորն էր: Ինծի այցելելու եկաւ նաեւ Հայ Առաքելական քահանան, իննսունամեայ պատուական ծերունի մը: Խեղճը Յոբ նահապետի նման աղքատ էր: Հաւատքի խոստովանող եղած էր եւ թուրքերուն կողմէ խոշտանգումներու ենթարկուած էր, որոնք ջանացած էին իրեն ուրանալ տալ քրիստոնէական հաւատքը: Երբ Սանճաքը տրուեցաւ Թուրքիոյ, գիւղը կորսնցուց իր տարածքները եւ բնակչութիւնը չքաւորութեան մատնուեցաւ:

Յուլիս 22ին եղայ Լաթաքիա: Ֆրանչիսկեաններու քով հիւրընկալուեցայ, որոնք հոն Սուրբ Սրտի լատինածէս ժողովրդապետութիւնը ունէին, յարակից վանքով: Ժողովրդապետն էր Հայր Էմանուէլ Օզանը, Սուրբ Երկրի նախկին Ընդհանուր Տեղապահը, որ իր եօթանասունմէկ տարեկան հասակը ի նկատի չառնելով՝ երիտասարդական եռանդով կ՚աշխատէր: Հայր Էմանուէլը համոզուած էր որ Քեսապի հայերու մէջ հնարաւոր էր հոգեւոր մեծ բարիք գործել, բայց հակառակ էր առաքելութիւնը Ֆրանչիսկեան Կրտսեր Եղբայրներուն յանձնելուն: Իր կարծիքով, առաքելութիւնը պէտք է յանձնուէր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին: Հարկաւոր էր բանալ լաւ կազմակերպուած հայկական դպրոցներ, որոնք ի զօրու ըլլային մրցակցելու բողոքական եւ մահմետական դպրոցներուն հետ:

Յուլիս 26ին, ի վերջոյ, կրցայ իմ հաշուետուութիւնս ներկայացնել Առաքելական Նուիրակին: Հիմնականին մէջ կրկնեցի կարծիքս որ յայտնած էի այցելութիւններս սկսելէ առաջ. առաքելու թեան անձնակազմը փոխելէ աւելի՝ հարկաւոր էր փոխել անձնակազմին մտայնութիւնը եւ առաքելական գործելակերպը: Առաքեալները պէտք է աշխատէին Հայ Եկեղեցւոյ համար, յարգելով անոր լեզուն, աւանդոյթները եւ ազգային, կրօնական ու մշակութային իւրայատ կութիւնները: Պարտաւոր էին, հետեւաբար, խնամել հայոց լեզուի դասաւանդումը, պարտաւոր էին հայերէն լեզուն գործածել քրիստոնէական վարդապետութեան դասաւանդութեան, հասարակաց եւ անհատական աղօթքներու ատեն: Պարտաւոր էին յարգանք եւ սէր ներշնչել Հայ Ծէսին եւ Հայ Ժողովուրդին նկատմամբ:

Հաշուետուութիւնս հաճելի չանցաւ, բայց Առաքելական Նուիրակը զայն հաւասարապէս ուղարկեց Սուրբ Աթոռին: Նամակատարը, սակայն, անգլիացիներու կողմէ կանգնեցուեցաւ թրքական սահմանին վրայ եւ հաշուետուութիւնս բռնագրաւուեցաւ: Առաքելական Նուիրակը, հերթական յետաձգումներէ խուսափելու համար, Հռոմէն հեռագրով արտօնութիւն խնդրեց՝ Քեսապի առաքելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին իրաւասութեան անցընելու:

Աստուծոյ երախտագիտութիւն յայտնեցի, որ կարծիքս նուազագոյն չափով անգամ ազդեցութիւն չէր ունեցած այդ ծանրագոյն որոշումը կայացնելու մէջ:

  

ԳԼՈՒԽ Ե.

Բնական աղէտ, սով եւ հիւանդութիւն – Սուրիոյ անկախութիւնը – Դըպրոցական խնդիրներ – Հայրենադարձութիւն – Պատրիարքական Տեղապահ – Զանազան ճամբորդութիւններ – Հովուական մտահոգութիւններ – Առաքելութեան աւարտը

Բնական աղէտ, սով եւ հիւանդութիւն

Քանի մը շաբաթ Հալէպ եւ Պէյրութ անցընելէ ետք, կրկին բռնեցի անապատի ճամբան, երկու օր կանգ առնելով Տէր Զօրի մէջ, եւ 1943 Նոյեմբեր 17ին Հասաքէ ժամանեցի: Յաջորդ օրը, յետ միջօրէի, ականատես եղայ օդերեւութաբանական եզակի դէպքի մը, որուն նմանը ատկէ առաջ չէի տեսած եւ ո՛չ ալ ատկէ ետքը երբեք տեսայ: Ամբողջովին յանկարծահաս կերպով երկինքը ծածկուեցաւ ածուխի նման սեւ ամպերով, սկսաւ փչել ժամական հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ հով մը որ փոշիի ու աւազի սաստիկ փոթորիկ մը բարձրացուց, քերելով նաեւ հողաշէն տուներուն տանիքները: Ապա վրայ հասաւ հեղեղանման անձրեւ մը, որ քամիէն քշուելով՝ տուներուն կը զարնէր ամէն կողմէ: Քառորդ ժամը բաւական եղաւ որ հինգ հարիւրէն աւելի տուն հողին հաւասարէր: Այսպէս փըլեցան նաեւ Լիոնի Քափուչիններուն Վանատունը, Ֆրանչիսկեան Քոյրերուն տունը, դպրոցն ու բժշկական կեդրոնը: Ամբողջը Կահոյքը ու պահեստի ապրանքները Խապուր գետը վերջացան, կամ ալ ցեխի մէջ թաղուեցան:

Հայր Բարսեղը բացակայ էր: Իսկոյն Քոյրերուն քով վազեցի, տեսնելու համար թէ ինչով կրնայի օգտակար ըլլալ: Փոթորիկը այդ պահուն հասած էր իր ամենաբարձր ուժգնութեան, եւ երեսուն վայրկեանէ աւելի դրի անցնելու համար ճանապարհ մը՝ որուն համար սովորական ատեն հինգ վայրկեանն ալ շատ էր: Հեղեղանման անձրեւին իսկոյն յաջորդեց ամառնային կիզիչ արեւը: Քոյրերու տունէն աւերակ դարձած քանի մը պատ միայն մնացած էր, որոնք համատարած ցեխի մէջէն վեր կը բարձրանային ինչպէս ժայռոտ խութերը ծովու մէջ: Քոյրերը բակին մէջ այս ու այն կողմ կը քալէին «Մեծացուսցէ» երգելով: Միացայ անոնց, ես ալ «Օրհնեցէք զՏէր» երգելով: Ապա Մեծաւորուհիին եւ Տեղապահ Քրոջ ձեռքէն բռնելով, միւսներուն նշան ըրի որ ետեւէս գան: Զիրենք զօրանոց տարի, ուր ամիսէ մը աւելի հիւրընկալուեցան, այսինքն՝ մինչեւ որ լիոնցի բարեսիրտ Եղբայր Սալվաթորէն վերակառուցեց անոնց տունը: Այդ օրը, իրենց կրօնաւորական զգեստները լուալու եւ չորցնելու համար, մայրապետները ստիպուեցան զինուորական համազգեստ հագուիլ:

Հրամանատարը տասնեակ մը սուրիացի զինուորներ տուաւ՝ որպէսզի ինծի օգնէին փրկուելիքը փրկելու, բայց անոնք, հազիւ տեսան որ մինչեւ ուսերս ջուրը մտայ, երեսնին դարձուցին ու հեռացան: Հոն մօտաւորապէս քսան հայ աղջիկներ կային, որոնք հասկնալով մտահոգութիւնս՝ ինքնակամ ուզեցին օգնել ինծի: Անոնց կամաւոր նուիրումը յուզեց զիս եւ արտասուեցի: «Գերապայծառ Տէր», ըսին, «ինչո՞ւ կու լաք: Մենք մարտիրոսներու զաւակներ ենք: Դուք պահպանեցէք մեր զգեստները, որպէսզի սուրիացիները չգողնան»: Ապա վերնազգեստները հանեցին եւ այդպէս՝ պարկերով բրինձ ու ցորեն փրկեցին, խոհանոցային առարկաներ, ծիսական զգեստներ ու սպասներ:

Այդ ահռելի ողբերգութեան մէջ հարկաւոր էր օգնութիւն հասցնել խեղճ աղքատ բնակչութեան, որ աներդիք եւ առանց կերակուրի մնացեր էր: Բոլոր կրօնապետներով ժողով գումարեցինք եւ բոլորն ալ նպաստեցին իւրաքանչիւրը իր հնարաւորութեան չափ: Տէր Զօրի ֆրանսացի հրամանատարը նուիրեց չորս հարիւր սուրիական լիրա, իսկ Բարձրագոյն Գործակալը իր գրպանէն նուիրեց հազար հինգ հարիւր լիբանանեան լիրա:

Մալարիան Վերին Ճեզիրէի եւ Եփրատի Նահանգին մէջ տեղա կան հիւանդութիւն կը նկատուի, բայց պատերազմական տարիներուն սովորականէն աւելի ուժգնութեամբ տարածուեցաւ բնակչութեան մէջ: Անկէ վարակուեցաւ նաեւ Տէր Վարդանը, Հասաքէի ժողովըրդապետը: Հազիւ ջերմը իջաւ, զինք Լիբանան ղրկեցի, որպէսզի քիչ մը կազդուրուի: Ես գացի զինք փոխարինելու:

Հասաքէի բնակչութիւնը սովէ կը տառապէր: Պզտիկ օգնու թիւն մը տալու նպատակով, մեր գործակատարը Քամըշլի ղրկեցի, որպէսզի ութը պարկ ցորեն բերէ, իւրաքանչիւրը հարիւր քսան քիլո տարողութեամբ: Վեց պարկ ալ Տերպեսիէէն բերել տուի: Ասկէ զատ, Վերին Ճեզիրէի նահանգապետէն խնդրեցի որ բնակչութեան արտօնէր ցորենը յարմար գինով մը գնել. խորքին մէջ, խնդրածս այն էր որ այդ խեղճ մարդիկը հնարաւորութիւնը ստանային իրենց քրտինքով ապրելու: Նահանգապետը ընդունեցաւ խնդրանքս եւ վըստահեցուց որ բաւական պիտի ըլլար որ հայերը ներկայանային իմ կնիքովս վաւերացուած աղերսագրով: Այսպէս, մեր հայրենակիցները պատերազմի ամբողջ տեւողութեան կրցան քաղցէ խուսափիլ:

Հազիւ Տէր Վարդանը Հասաքէ վերադարձաւ, ես Տէր Զօր գացի, փոխարինելու համար Տ. Գրիգոր Ահմարանեանը, որ նոյնպէս հանգիստի կարիք ունէր: Կիրակի օրը, Սեպտեմբեր 19ին, սովորականին նման երկու Սուրբ Պատարագ մատուցանեցի: Երկրորդ ծիսակատարութենէն անմիջապէս յետոյ ջերմութիւնս բարձրացաւ եւ սաստիկ դողէ մը բռնուեցայ: Կարծեցի ամէն հարց լուծել պաղ լոգանքով մը, որ կատարեցի երկուշաբթի առաւօտեան: Եւ իրօք, ջերմութիւնս իջաւ երեսունեօթ ու երկուքի, բայց երեքշաբթի առաւօտեան շատ աւելի բարձր ջերմութեամբ արթնցայ, այն աստիճան որ դժուարու թեամբ ոտքի կը կենայի: Ապաւինելով Սուրբ Յովսէփի օգնութեան, Սուրբ Պատարագը ծիսակատարեցի, բայց հարկադրուեցայ իսկոյն անկողին վերադառնալ: Զիս մեծ գորովով խնամեցին Ֆրանչիսկեան Քոյրերը, Մեծաւորուհի Մայր Եօլանտային գլխաւորութեամբ: Ջերմս մինչեւ քառասուն աստիճանի հասաւ:

Հոկտեմբեր 5ին զինուորական բեռնատար ինքնաշարժ մը նըստայ, որ Հալէպ կ՚երթար: Նպատակս էր ճանապարհս շարունակել մինչեւ Պէյրութ, բայց ստիպուեցայ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ժողովրդապետութեան քով հիւրընկալութիւն խնդրել եւ անկողին մտնել: Բժիշկ Փոշը այցելեց ինծի եւ ըսաւ որ չոր կողախիթ անունով հիւանդութենէ բռնուած էի: Ութը օր ետքը միայն կրցայ ճանապարհս շարունակել դէպի Պէյրութ: Պատրիարքարանին մէջ ոչ ոք ինծմով զբաղելու ժամանակ ունէր: Երկրորդ օրը ելայ սրահներուն մէջ թա փառելու, չեմ գիտեր ի՛նչ բախտաւորութիւն գտնելու յոյսով: Կանգ առի ձայնասփիւռի մը դիմաց, միացուցի եւ … վատիկանեան կայանը ֆրանսերէնով կը հաղորդէր ինծի շատ սիրելի Հայր Ճովաննի Քափիսթրանոյի մահուան լուրը: Արցունքներս հոսելու սկսան, ծունկի իջայ եւ աղօթեցի անոր հոգւոյն հանգստեան համար: Հայր Ճովաննին իմ գործակիցս եղած էր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, 1914-1918 թուականներու Համաշխարհային Պատերազմի առաջին տարուան ընթացքին: Սուրբ Ֆրանչիսկոսի իրական զաւակներէն մէկն էր, աղքատ, խոնարհ, ծառայասէր, հնազանդ, սեփական պարտականութիւններու կատարման մէջ ճշգրիտ: Երկար տարիներ շարունակ եղած էր Արեւելեան Կղերանոցի փոխտեսուչը: Պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ օժտուած, երբեք չէր հեռանար իր աշխատավայրէն: Ժամանակը պարապ չանցընելու համար, ազատ պահերուն Վարդարան կը հիւսէր, որոնք յետոյ տարբեր առաքելավայրերուն կը նուիրէր:

1943 թուականի վերջին ամիսներուն մալարիան կրկին անգամ ուժգին տարածուեցաւ Վերին Ճեզիրէի եւ Եփրատի Նահանգին մէջ: Երիտասարդները եւ առողջ սիրտ ունեցողները փրկուեցան, բայց տարեցներն ու մանուկները մահուան զոհ կը դառնային: Եւ սակայն, իմ թեմիս հաւատացեալներէն ոչ մէկը մահացաւ: Ասիկա պատճառ եղաւ որ հրաշագործի համբաւ վաստակէի, այն աստիճան որ ժողովուրդին մէջ համոզում ձեւացած էր թէ մալարիայէն բուժուելու համար բժիշկներու խնամքին դիմելու կարիք չկար, այլ բաւական էր որ Սէիտնա Կիւրեղը հիւանդի գլխուն աղօթք մը կարդար: Ճշմարտութիւնը այն է որ այդ շնորհքը ես պարտաւոր էի Փարիզի Մոնմարթր եւ Վերին Սաւոյայի Ռեփոսուար վանքերու Կարմեղականներու աղօթքին: Փորձեցի այս իրողութիւնը հայերուս բացատրել, բայց փորձառութեամբ համոզուեցայ թէ որքան ճշմարիտ է ժողովրդական ասացուածքը. «Ի զուր է սուլել, եթէ ձին չ՚ուզեր խմել»: Սակայն ես ալ հիւանդութենէն զերծ չմնացի եւ ստիպուեցայ տուրքս վճարել այդ ահաւոր չարիքին: Ինչպէս արդէն պատմեցի, Տէր Զօրի մէջ բարձր ջերմով բռնուեցայ, սաստիկ դողի մը հետ միասին, եւ որ Հալէպի մէջ ինծի ըսուեցաւ թէ չոր կողախիթ անունով հիւանդութենէ բռնուած էի: Այս անգամին կրցայ երկու օր դիմանալ բարձր ջերմաստիճանին, քանի որ ցաւեր չունէի եւ ի վիճակի էի կատարելու սովորական գործերս: Այս անգամ հիւանդութեանըս նշան հանդիսացաւ շնչասպառութիւնը: Աճապարանքով քովս կանչեցին քիւրտ բժիշկ Նաֆիզը, որ հազիւ թէ զարկերակս ստուգեց՝ սկըսաւ վրաս պոռալ, կարծես տասը տարեկան մանչ ըլլայի. «Շուտով անկողին մտիր: Եթէ Սէիտնա չըլլայիր, ապտակ մը պիտի զարնէի: Ի՞նչ է այս ըրածդ: Ինքզինքդ սպաննե՞լ կ՚ուզես: Չե՞ս գիտեր, որ ծանրօրէն հիւանդ ես»:

Գիտակցութիւնս կորսնցուցի: Յետագային իմացայ որ ջերմութիւնս քառասուներկու աստիճանի հասած էր: Ես բնաւ բան մը չեմ յիշեր յաջորդ երկու օրերէն, բայց յետոյ իմացայ որ բժիշկ Նաֆիզը չէր կրցած թաքցնել իր տխուր կանխազգացումները եւ բոլորէն խնդրած էր որ Ալլահին աղօթէին իմ առողջութեանս համար: Բայց չէր հանդուրժած, որ կիները սենեակիս դիմաց կենային ու լային, եւ զանոնք վռնտած էր: Ի վերջոյ ջերմաստիճանս սկսաւ աստիճանաբար իջնել եւ այդ թանկագին բարեկամս ուրախութենէն արտասուելով կը բացականչէր. «Փառք Ալլահին: Շնորհակալութիւն, Ալլահ»: Վերջաւորութեան, ջերմաչափը կանգ առաւ երեսունհինգ եւ հինգ աստիճանին վրայ: Շատ տկար կը զգայի ինքզինքս, բայց ատիկա մտահոգուելու պատճառ չէր հանդիսանար:

«Սիրելի Սէիտնա», ըսաւ բժիշկ Նաֆիզը, «այլեւս առողջացած ես, բայց տակաւին շատ տկար ես: Ինծի մտիկ ըրէ: Երկարատեւ հանգիստի կարիք ունիս, քիչ մը կազդուրուելու եւ ուժերդ վերագտնելու համար: Իսկոյն Պէյրութ գնա, կամ ուրիշ որեւիցէ տեղ, միայն թէ այստեղէն հեռացիր: Հնարաւորին չափ շուտով ճամբայ ելիր, այլապէս ժողովուրդը պիտի սպաննէ քեզ իր անօգուտ այցելութիւններով»: Ապա պատուիրեց բացարձակ հանգիստ եւ արգիլեց որեւիցէ այցելութիւն:

Բայց ինչպէ՞ս կրնայի արգիլել որ այցելելու գային ինծի: Բժիշկը խօսքը տակաւին չվերջացուցած, ներս մտաւ Հայ Առաքելական Առաջնորդը: Ուրախ դէմքով, Աստուածամօր ուղղուած աղօթքը երգելով («Ընդ հովանեաւ պաշտպանութեան քոյ ապաւինիմք»), գըր կախառնումով մը ողջունեց զիս եւ ըսաւ. «Պիտի չյոգնեցնեմ քեզ, այլ պիտի զուարճացնեմ»: Եւ սկսաւ հայ գաղթօջախներէն լուրեր պատմել, յատկապէս Երուսաղէմի Պատրիարքարանէն: Ապա եկան նաեւ Յակոբիկեաններուն Առաջնորդը եւ Տէր Զօրի մահմետական մուֆթին:

Մեռնելու աստիճան յոգնած էի եւ ջերմութիւնս սկսաւ նորէն բարձրանալ: Ես չէի ուզեր որ բժիշկը կանչէին, բայց ան ինքնաբերաբար եկաւ: Առաջինէն աւելի ծանր յանդիմանութիւններ ստացայ: Հազիւ ջերմութիւնս իջաւ, այսինքն՝ 1944 Փետրուար 29ին, բժիշկ Նաֆիզը զիս Պէյրութ ղրկեց: Առանց չափազանցելու կ՚ըսեմ որ զիս բռնի ճանապարհ դրին, այնպէս որ չկրցայ ընդդիմանալ: Բժիշկը ինքը գնած էր շոգեկառքի տոմսակը, ինծի համար տեղ ապահովելով անկողինով օժտուած սենեակի մը մէջ: Եւ ինքն ալ անձամբ ուղեկցեցաւ ինծի մինչեւ Նիզիպինի կայարանը: Առաջին անգամն էր որ անկողինով սենեակի մէջ կը ճամբորդէի: Բաւականին հանգիստ զգացի ինքզինքս: Հալէպ հասայ հինգ ժամ ուշացումով: Կայարանին մէջ ինծի դիմաւորելու եկած էր Հայր Աթթալէն, որուն հեռագիրով մը լուր տուած էր բժիշկ Նաֆիզը: Այդ բարեսիրտ Վարդապետը եւ իր միաբանակիցները մեծապէս ուրախացան՝ երբ զիս ողջ տեսան, քանի որ նախորդ օրերուն ունեցած մռայլ լուրերը իմ կեանքէս գըրեթէ յուսահատցուցած էին ամէնքը:

Հալէպի մէջ ստացայ Միաբանութեանս Առաքելութիւններու Ընդհանուր Քարտուղար Հայր Ֆերտինանտոյին նամակը, որով կը հաղորդէր Քանտիայի Թեմի Առաքելական Գործակատար Հայր Իզիդորոսի մահուան լուրը, որ տեղի ունեցած էր 1943 Յունուար 20ին:

Այդ բարեհոգի Վարդապետին հանդէպ մեծապէս պարտական էի նիւթական ու հոգեւոր այն բոլոր օգնութիւններուն համար որ ինծի տուած էր Յունաստանի մէջ անցուցած դժուար տարիներու ընթացքին: Ինչպէ՞ս կրնայի զսպել արցունքներս: Իսկոյն հոգացի որ Սուրբ Պատարագներ մատուցուէին անոր հոգւոյն հանգստեան համար:

Ի վերջոյ, Մարտ 1ին հասայ Աշրաֆիէ եւ Հոգեւոր Տիրոջ գորովալի ընդունելութեան արժանացայ: Պիտի խոստովանիմ, որ ինծի համար դիւրին չեղաւ համակերպիլ Պատրիարքարանին մէջ ինծի պարտադրուած օրակարգին. բացարձակ հանգիստ, օրուան տարբեր ժամերուն տրուած առատ ուտելիք, կարճատեւ զբօսանքներ, քիչ աղօթքներ, ձայնասփիւռի գործածում:

Սուրիոյ անկախութիւնը

Ֆրանսան այլեւս կը քաշուէր Միջին Արեւելքէն եւ 1945 Յուլիս 24ին բոլոր իշխանութիւնները անցան սուրիացիներուն ձեռքը:

Զինուորները, որ մինչ այդ ծառայած էին ֆրանսական բանակին մէջ անցան սուրիական զօրքերուն շարքերը:

Բարոյեան Սրբազանէն տեղեկացայ որ հայ կամաւորները հաւատարիմ կը մնային Ֆրանսային եւ կ՚ուզէին գաղթել ֆրանսական զօրքերուն հետ միասին: Նկատի առնելով որ խօսքը մօտ երկու հազար զինուորի մասին էր, իրենց ընտանիքներուն հետ միասին, հայերուն թիւը մօտաւորապէս տասը հազար էր, որ պէտք է հեռանային Վերին Ճեզիրէէն: Ֆրանսացիները խոստացած էին փոխադրամիջոցներ յատկացնել, իսկ ասորիներուն Առաջնորդը կը խրախուսէր հայերուն արտագաղթը: Ես հրաժարեցայ արտագաղթել: Յայտարարեցի, որ ոչ մէկ պատճառով կրնայի ստանձնել այսպիսի ծանր պատասխանատուութիւն մը: Չէի կրնար քաջալերել հաւատացեալներս՝ գաղթելու չեմ գիտեր ուր: Տեղս անշարժ պիտի մնայի՝ հովուելու ինծի յանձնուած հօտը:

Միակ Առաջնորդը չէի որ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով մտահոգուած էր: Ինծի պէս մտահոգ էին նաեւ Հայ Առաքելա կան Սրբազանը եւ Յակոբիկեաններուն Առաջնորդը: Իրենք ալ սրտնեղած էին գաղթի պատճառով եւ կ՚ուզէին կասեցնել սկիզբ առած հոսքը, որովհետեւ համոզուած էին որ գաղթողները չքաւորութեան մէջ պիտի իյնային, եւ այս իսկ նպատակով հեռագիր մը ղրկեցին Դամասկոսի իշխանութիւններուն: Բոլոր կրօնապետներս ժողովի կանչուեցանք Հասաքէի նահանգապետին քով: Չէի կրնար չերթալ, թէեւ երեսունինը աստիճան ջերմ ունէի: Առաջին իսկ նիստին հասկցանք, որ ոչինչ կրնայինք ընել:

Կիրակի, Օգոստոս 5ին, Ֆրանսայի հաւատարիմ զինուորներուն ընտանիքները հեռացան մեր քաղաքէն: Ասորիներու Առաջնորդ Գերպ. Հեպպէն եւ իր գործակիցները ուրախութենէ կը ցնծային, մինչ միւս բոլոր քրիստոնեաները խորապէս ցնցուած էին: 1945 Օգոստոս 8ին, ֆրանսացիները վերջնականապէս վար առին իրենց դրօշակը Քամըշլիի մէջ, տեղը զիջելով սուրիական դրօշակին: Մէկընդմիշտ հեռացան նաեւ ֆրանսացի Դոմենիկեանները:

Այդ օրերուն նամակ մը ստացայ մեր Պատրիարքէն, որով Հոգեւոր Տէրը կը գովէր իմ խոհեմ ու անշահախնդիր կեցուածքս այդ պղտոր իրադարձութիւններու ընթացքին: Քահանաներուս թիւը պակսած էր: Ային Էլ Արաբ ղրկած էի Տէր Յովհաննէս Էքմեքճեանը եւ պարտաւորուեցայ ընդառաջ ելլել անոր կարիքներուն՝ ղրկելով դրամ, ուտելիք եւ նոյնիսկ իմ կապաս ու վերարկուս, երկուքն ալ նոր: Տէր Յովսէփ Քալքոթուրեանին մեկնումէն ետք անյարմար վիճակի մատնուեցայ: Ամէն ինչ էի եւ ստիպուած ամէն բան ես կ՚ընէի. Եպիսկոպոս, ժողովրդապետ, աւանդապահ, ուսուցիչ, դպրոցի տընօրէն, խոհարար, դերձակ եւ այլն: Պէտք է Ապաշխարութեան Խորհուրդը մատակարարէի նաեւ անձերու՝ որոնք միայն արաբերէն լեզուն գիտէին, եւ կը սահմանափակուէի զղջման աղօթքը լսելով, արձակումը տալով եւ ապաշխարութիւնը սահմանելով: Ես ալ ստիպուած էի խոստովանանքս արաբերէնով ընել ամուսնացեալ քահանայի մը քով: Ասիկա, միայն արաբերէն լեզուն գիտնալէ զատ, քիչ ընտանութիւն ունէր աստուածաբանութեան հետ եւ յորդորանքի միշտ միեւնոյն բանաձեւը կը կրկնէր, որ չեմ գիտեր երբ, չեմ գիտեր որմէ սորված էր, եւ որ ճիշտ տասը վայրկեան կը տեւէր: Այնքան լսեցի այդ բա նաձեւը, որ ես ալ գոց սորվեցայ, եւ ահա անոր վերջաւորութիւնը. «Եթէ հաւատարիմ ըլլաս պարտականութիւններուդ կատարումին, այս կեանքի աւարտին՝ բարի մահուան հրեշտակը պիտի տանի քեզ երկինք, Աբրահամին, Իսահակին եւ Յակոբին գիրկը»: Ինծի համար փոքր ապաշխարանք չէր ծունկի եկած մնալը, եւ այդ յորդորանքին վերջին խօսքերը մեծապէս կը սփոփէին զիս:

Բայց միայն դժուարութիւններու չէ որ կը հանդիպէի, եւ այդ օրերուն մեծ մխիթարութիւններ ալ ունեցայ: Հանրապետութեան Նախագահը այցի եկաւ Վերին Ճեզիրէ եւ Եփրատի Նահանգ: Մենք հայերս հանդիսաւոր ճաշկերոյթ կազմակերպելու կարողութիւնը չունէինք, ուստի գոհացանք թէյասեղանով մը պատուելու մեծապատիւ հիւրը, Հայ Առաքելական մանկապարտէզի սրահին մէջ: Նախագահին կ՚ուղեկցէին Ներքին Գործոց Նախարարը, անձնական բժիշկը եւ Դամասկոսի կարեւոր լրագրի մը մէկ թղթակիցը: Հիւրասիրութեան աւարտին, Առաքելական Համայնքապետը ճառ մը խօսեցաւ արաբերէն լեզուով: Իրմէ անմիջապէս ետք ներկայացաւ Ճաքոմինա Ռատուանլին, մեր դպրոցի չորրորդ դասարանի աշակերտուհիներէն մէկը, որ այնքա՜ն շնորհալիութեամբ բանաստեղծութիւն մը արտասանեց արաբերէն լեզուով, որ Նախագահը հարցուց թէ իսկապէ՞ս հայ փախստականներու զաւակ էր: Ապա հայրաբար շոյեց աղջկան գլուխը եւ արաբերէնով հարցուց թէ ո՞ր դպրոցը կը յաճախէր: Ներքին Գործոց Նախարարը յուշեց «պետական դպրոցը», բայց աղջիկը կտրուկ կերպով ժխտեց, կարծես զինք խայթած ըլլային. «Ո՛չ, պետական դպրոցին ուր ըլլալը չեմ գիտեր: Ես, եղբայրս եւ քոյրիկս կը յաճախենք Հայ Կաթողիկէ դպրոցը»: Պատասխանելով Նախագահին երկրորդ հարցումին, աղջիկը ճշտեց որ Հայ Կաթողիկէ դպրոցին տնօրէնը Գերպ. Կիւրեղ Զօհրապեանն է: Նախագահին վերջին հարցումին վրայ կարմրեցաւ, բայց յստակ կերպով պատասխանեց. «Այո՛, զինք շատ կը սիրեմ»: Նախագահը ձեռքս ամուր մը սեղմեց եւ արաբերէնով ըսաւ. «Սէիտնա, շնորհակալ եմ քեզի, որ մեր լեզուն կը սորվեցնես: Ալլահը թող պահէ քեզ տակաւին երկար տարիներ: Սուրբ Սէիտնա, աղօթէ՛ ինծի համար»: Չորրորդ դասարանի ուրիշ աշակերտ մըն ալ բանաստեղծութիւն մը արտասանեց, արժանանալով Նախագահին գովասանքին ու համբոյրին: Լաւագոյն յաջողութեան հասաւ Մանսուր Աթալլան, այն աստիճան որ Նախագահը Դամասկոսի թերթերուն մէջ հրատարակել տուաւ մեր այդ աշակերտին կողմէ գրուած բանաստեղծութիւնը: Նախագահին նուիրեցինք սուրիական փոքրիկ դրօշակ մը, որ մեր աշակերտուհիները հիւսած էին մետաքսով: Այնքան գոհ մնաց, որ զայն իր թիկունքին կարել տուաւ:

Հիւրասիրութեան գագաթնակէտը հանդիսացաւ Նախագահին կարճառօտ ելոյթը: Դրուատանքի արտայայտութիւններ ունեցաւ նաեւ իմ հասցէիս: «Գիտցանք», ըսաւ, «որ աշխատած ես խաղաղութեան ու համերաշխութեան համար: Գիտցանք, որ քեզի խորհուրդ տուած էին ժողովուրդդ մեզի սուրիացիներուս դէմ գրգռել, բայց դուն միշտ մերժած ես այդ նենգ խորհուրդները: Գիտցանք, որ քաջասիրտ երիտասարդներդ զինած ես՝ պաշտպանելու համար աղքատներուն իրաւունքները եւ կիներուն պատիւը, ընդդէմ ձեր թշնամիներու անարգ պահանջներուն: Շնորհակալութիւն, Սէիտնա: Ալլահը երկար տարիներու կեանք շնորհէ քեզի»: Իմ հաւատացեալներս, լսելով այդ գովասանքները, ուրախութենէ կը ցնծային: Ես պիտի նախընտրէի ուշադրութիւն չհրաւիրել վրաս, նաեւ ոմանց նախանձը չգրգռելու համար: Նախագահը այցելեց նաեւ Հասաքէի, Տերպեսիէի եւ Տէր Զօրի մեր դպրոցները, ամէնուր կրկնելով Սէիտնա Մութրան Կիւրեղ Զօհրապեանին եւ իր գործերուն ուղղուած գովասանքները:

Դամասկոսի եւ Հալէպի լրագիրները այդ օրերուն ընդարձակ կերպով խօսեցան այդ այցելութիւններու մասին եւ շարունակ ընդգ ծեցին հայերուն հաւատարմութիւնը իրենց հիւրընկալած երկրին:

Դպրոցական խնդիրներ Հարկաւոր էր Քամըշլիի հաւատացեալներուս աչքերը բանալ եւ անոնց հասկցնել որ բաւական չէ միայն առանձնաշնորհութիւններ պահանջել, եւ որ ամենալաւ դպրոցը ունենալու պարծանքը ծանր պատասխանատուութիւն կ՚ենթադրէ: Ընտանիքներուն մեծերը ժողովի կանչեցի, 1945-1946 ուսումնական տարուան ծրագիրը ներկայացնելու համար: Անոնց յստակ կերպով ըսի, որ եօթը տարի շարունակ եկեղեցւոյ, աղքատներու եւ դպրոցին տնտեսական բեռը ուսերուս վրայ կրելէ ետք՝ ստիպուած էի իրենց օգնութիւնը խնդրել, որովհետեւ դարձեր էի աղքատ ինչպէս Յոբ Նահապետը: «Ի՞նչ արժէք ունին», ըսի, «ձեր Եպիսկոպոսին ուղղուած յարգանքի, գովասանքի, սիրոյ ու երախտագիտութեան ձեր խօսքերը: Այն ամէնը որ կը տեսնէք Քամըշլիի մէջ, ճակտիս քրտինքին արդիւնքն է եւ ամէնը ի նպաստ ձեզի: Ձեզմէ երբեք լումայ մը ուզա՞ծ եմ: Ինծի երբեք լումայ մը տուա՞ծ էք»: Աւելցուցի, որ այսուհետեւ ես յանձն կ՚առնէի միայն աշակերտներուն ուտելիքին ծախսը, իսկ մնացածին հոգ տանելու համար պէտք է ծխական խորհուրդ մը ընտրէին: Ընտրուեցան ծխական ութը խորհրդականներ եւ մէկ գանձապահ: Ծխական խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ Մանսուր Աթալլան, որ մեր Հայ Կաթողիկէ համայնքապետն էր: Գանձապահին պաշտօնը ինծի վստահեցան: Ծխական խորհուրդը պէտք էր իւրաքանչիւր շաբաթ ժողով գումարել դպրոցին տնտեսական վիճակը քննելու համար: Իրականին, միայն երկու անգամ ժողով գումարեցին: Միակը, որ հաւատարմօրէն կատարեց ստանձնած պարտականութիւնները, ծխական խորհուրդի նախագահ Մանսուր Աթալլան էր, որ գործնական օգնութիւններէ զատ՝ կանոնաւոր կերպով սուրիական քսանհինգ լիրա վճարեց ի նպաստ աղքատ աշակերտներու, իր նուիրատուութեան փոքր ըլլալուն որպէս պատճառ բերելով իր անձնական աղքատութիւնը, որ իրեն չէր թոյլատրեր աւելի նուիրելու: Միւս բոլորը գոհացան քննութիւններուն ներկայ գտնուելով, որպէսզի յետոյ կարենային պարծենալ մեր դպրոցին յաջողութիւններով: Քիչ մը դրամ հայթայթելու նպատակով, վերստին սկսայ անհատական դասեր տալ, ինչպէս երկար տարիներ ըրած էի Կարինի մէջ: Քամըշլիի մեր դպրոցին տկար կէտը այն էր որ բարձրակարգ ուսումներու վկայական տալու արտօնութիւն չունէր: Պետական արտօնագիրը ձեռք ձգեցի ինծի հանդէպ բարեկամաբար տրամադըրուած մահմետական պատգամաւոր Ապտուլ Պաղին եւ Հալէպի հայ կաթողիկէ պատգամաւոր Ասիուն փաստաբանին միջնորդութեամբ:

Հասաքէի մեր դպրոցն ալ լաւ ընթացքի մէջ էր: Առանց որեւէ դժուարութեան ընդառաջեցի տեղւոյն մոհաֆէզի պահանջին՝ դըպրոցական օրերուն վեր բարձրացնելու սուրիական դրօշակը: Հոկտեմբերի առաջին օրերուն դպրոց այցելեց Կրթութեան Նախարարութեան պաշտօնեաներէն մէկը, որ գովասանքի խօսքեր չխնայեց Տէր Վարդանի ու իր գործակիցներու հասցէին, մանաւանդ արաբերէն լեզուի ուսուցման համար: Սակայն հրահանգ մը ստացանք, որ բնաւ հաճելի չէր մեզի. ուսումնական ծրագրէն պէտք է դուրս հանէինք ֆըրանսերէն լեզուի ուսուցումը:

Բաւական գոհ էի իմ քահանաներէս: Անունիս տօնին առիթը գործածեցի՝ իմ գնահատանքս ու երախտագիտութիւնս յայտնելու համար Տէր Վարդանին ու Տէր Նիկողայոսին, անոնց վարդապետական աստիճան շնորհելով:

Մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար ուրախութեան առիթ եղաւ մեր Պատրիարք Հօր՝ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանին բարձրացումը կարդինալական աստիճանի: Սրբազան Քահանայապետը համապատասխան հրամանագիրը ստորագրած էր 1946 Փետրուար 18ին: Լուրը ստանալուն յաջորդ կիրակի օրը գոհաբանա կան աղօթք կատարեցինք, երգելով «Զքեզ Աստուած» օրհներգը:

Իմ դպրոցական ծրագիրներուս հովանաւորներէն մէկը եղած է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ Հայր Աբրահամ Ադամեանը, որ Եգիպտոսի մէջ կը պաշտօնավարէր: Անոր կազմակերպած մէկ հանգանակութիւնը չորս հազար սուրիական լիրա ապահովեց մեր դպրոցին համար:

Ամբողջովին իւրայատուկ վիճակի մը մէջ յայտնուած էր Հեքոյի մեր դպրոցը, որ միայն մէկ ուսուցիչ ունէր, մինչ աշակերտութեան թիւը վաթսունի կը հասնէր: Ով որ չէր ուզեր սկզբնական ուսումներով գոհանալ, կու գար ուսումները Քամըշլիի մեր վարժարանին մէջ շարունակելու: Բոլորն ալ Հայ Կաթողիկէներ էին, որոնք կղզիացած մնացած էին ուրիշ ազգութիւններով բնակեցուած գիւղերու մէջ: Մարտինի Թէլլէրմէն գիւղէն կը սերէին, հպարտ էին իրենց մարտիրոսներով եւ նախանձախնդիր էին քրիստոնէական աւանդոյթներու պահպանումի մէջ: Աստուծոյ երկիւղով կ՚ապրէին: Կիրակին իրենց համար Տիրոջ օրն էր, որ կ՚անցընէին Սուրբ Պատարագին մասնակցելով, հոգեւոր ընթերցանութեամբ եւ անձնական աղօթքներով: Ուսումը երիտասարդները նիւթական աշխատանքներէն չէր ազատեր:

Լիովին տարբեր էր Իսքենտերունի եւ Տոսսայի պարագան, այդ երկու փոքրիկ հայկական գիւղերը, որ իրական կղզիներ էին քրտական ու արաբական գիւղերու մէջ: Ասոնց բնակիչներն ալ Մեծ Եղեռնի զոհերու զաւակներն էին, բայց փոքր տարիքէն մահմետական հարեմներու մէջ մեծցած ըլլալով՝ ամբողջովին կ՚անգիտանային մեր հաւատքին ճշմարտութիւնները: Հեքոյի մէջ ապաստանելով, ինքզինքնին կրկին քրիստոնեայ հռչակած էին, բայց կրօնական կըրթութենէ զուրկ ըլլալով՝ կը շարունակէին մահմետական սովորոյթներ գործադրել. օրինակի համար, թլփատութիւնը: Բայց Աստուած յատուկ կերպով կ՚օրհնէր զիրենք, եւ ատոր ակնյայտ նշանը այն է որ սրտանց կ՚ուզէին սորվիլ մեր սուրբ կրօնքին ճշմարտութիւնները: Բոլորին ալ պէտք է սորվեցնէինք քրիստոնէական վարդապետութիւնը, բայց եթէ կ՚ուզէինք ամուր հիմերու վրայ կառուցել, պէտք է ծնողքէն սկսէինք: Քրիստոնէականի դասերը երկու կամ երեք ամիս տեւեցին: Քրիստոնէական իրական վերածնունդ եղաւ: Այդ երկու փոքրիկ համայնքներու մէջ ալ դպրոցներ հիմնեցինք, ինչպէս Հեքոյի մէջ, իւրաքանչիւրին մէկ ուսուցիչ յատկացնելով. ուսուցիչ մը որ եռանդուն ըլլար եւ համոզուած իրական քրիստոնեայ: Տէր Յովհաննէս Էքմէքճեանը Հասաքէ տեղափոխելէ ետք՝ Ային Էլ Արաբին դպրոցը գոց մնացած էր: Հոն բնակող մեր հայրենակիցներուն եւ գիւղապետին շարունակական խնդրանքներուն տեղիք տալով, վերստին բացի դպրոցը, զայն երիտասարդի մը հոգածութեան վստահելով, որուն անունն էր Աբրահամ Մանուկեան եւ որ Քամըշ լիի մեր դպրոցի աշակերտներէն եղած էր15: Տէր Վարդանին տնօրէնութեամբ՝ Հասաքէի մեր դպրոցը լաւ ընթացքով կը յառաջդիմէր: Հոն էր նաեւ Տէր Յովհաննէս Էքմէքճեանը, որ տարիքով շատ աւելի մեծ էր, բայց ուսումով՝ շատ աւելի ցած: Բոլոր հարցերուն մէջ, սակայն, երկուքը կը համագործակցէին սրբազան համերաշխութեամբ եւ անոնց ներդաշնակ համագործակցու թիւնը բարի օրինակ էր մեր հաւատացեալներուն համար:

Շատ մը խնդիրներ կը մտահոգէին կաթողիկէ դպրոցները եւ ատոնց քննարկումին համար եպիսկոպոսական ժողով մը գումարուեցաւ Հալէպի մէջ: Տեղ հասնելով, անակնկալի մը առջեւ յայտնուեցանք, որովհետեւ ժողովը յետաձգուած էր Ծիրանաւոր Թափփունիի բացակայութեան պատճառով: Առիթը օգտագործեցի՝ այցելելու համար Քնայա, ութ հարիւր հոգի հաշուող հայկական գիւղ մը, որ լատին ծէսին կը պատկանէր: Գիւղացիները իսկապէս ողորմելի վիճակի մէջ կ՚ապրէին: Ժողովրդապետն էր Հայր Աբրահամը, ծնունդով նոյն գիւղէն: Անոր կ՚օգնէր Եղբայր Բենեդիկտոս Սպանյուոլոն: Ժողովրդապետական դպրոց մը ունէին հարիւր քսան աշակերտներով, բայց որոշ նախապաշարումներէ մղուած՝ հայոց լեզուն ուսումնական ծրագրէն դուրս ձգած էին: Իրենց կարծածին ամբողջովին հակառակ արդիւնքը ունեցած էին. ծնողները սկսած էին իրենց զաւակները Առաքելական Համայնքին դպրոցները ղրկել: Շատ չանցած, ընտանիքները ո՛չ միայն հեռացած էին լատին ծէսէն եւ ընդգրկած էին հայկական ծէսը, այլ ուղղակի անցած էին Առաքելական Համայնքին: Նոյն բանը տեղի ունեցած էր մօտակայ Եաքուպիէ գիւղին մէջ:

Հայրենադարձութիւն

Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումները նպաստաւոր առիթ հանդիսացան Ռուսաստանի համար՝ քաղաքական քարոզչութիւն կատարելու հայերու մէջ: Մեծապէս ուրախացանք, երբ մեզի Քամըշլի այցելելու եկաւ Լիբանանի մէջ Սովետական Միութեան Դեսպան Սալոթը: Գիտէինք որ ազգութեամբ հայ էր, եւ կը յուսայինք որ մեզի օգտակար պիտի ըլլար: Ես անձամբ խօսեցայ իրեն, ցոյց տալով որ մահմետական երկիրներու մէջ պաշտպանութեան կարիք ունէինք եւ յարմար պիտի ըլլար՝ եթէ մեզի հայկական քաղաքացիութիւն տրուէր: Դեսպանը առեղծուածային կեցուածք ունեցաւ. կը գոհանար միայն ունկնդրելով, հայեացքը խօսակիցի աչքերուն մէջ ուղիղ սեւեռելով ու շարունակ ժպտելով: Միակ պատասխանը այն եղաւ, ըսելով թէ եկած է Քամըշլին այցելելու, որ համբաւաւոր դարձած է հայերու աշխատասիրութեամբ:

Դեսպանի մեկնումէն քիչ օրեր անց, գեղեցիկ ու ճոխ ալպոմներ ստացանք Հայաստանի Սովետական Հանրապետութեան մասին. պալատներ, թատրոններ, գրադարաններ, գործարաններ, ելեկտրակայաններ, եւ այլն: Հպարտ էինք հայ ըլլալնուս համար: Բաւական չէ. բազմաթիւ ասորիներ ու քաղդէացիներ կը ջանային ապացուցել որ իրենց նախնիները հայ եղած են, բայց սեմական համայնքներու անցած են՝ ջարդերէն ազատելու նպատակով: Կրնար նաեւ ճիշտ ըլլալ, ինչպէս բազմաթիւ հայեր անցած էին լատին ծէսին, միշտ նոյն նըպատակով: Սովետական քարոզչութիւնը ճիշտ ժամանակին հասած էր. ժողովուրդը շատ գէշ բերքահաւաք ունեցած էր եւ անոնք որ ժամանակին հարուստ կը նկատուէին, պարտքերը վճարելու համար ստիպուած էին իրենց տան կահոյքը, գորգերը եւ մինչեւ իսկ հողակտորները վաճառել: Աւելցնենք աշխատանք գտնելու դժուարութիւնը եւ կրնանք իսկոյն հասկնալ՝ թէ ժողովուրդը ինչպէս կուրօրէն կը հաւատար որ Սովետական Հայաստանի մէջ ամէն մարդ աշխատանք եւ հաց ունէր, ուսումը անվճար էր եւ կրօնական ազատութիւն կար: Փետրուար 24ին, կիրակի, Քամըշլի հասաւ դէպի Հայաստան հայրենադարձութեան քարոզչութիւնը կատարող յանձնախումբը, Պրն. Ինճենեանի գլխաւորութեամբ, որ անձամբ եկաւ ինծի յանձնելու Պրն. Խաչատուրեանին նամակը, ուր ինծմէ կը խնդրուէր աշխատիլ յօգուտ մեր ազգային խնդիրներու յաջող լուծումին: Նամակին մէջ գրուած էր, որ Գերպ. Նազլեանին կարծիքով՝ Վերին Ճեզիրէէն պէտք է հեռանային միայն աղքատներն ու արհեստաւորները, մինչ Պրն. Խաչատուրեանը կը պնդէր որ պէտք է հայրենիք տեղափոխուէին բոլոր հայերը, առանց դասակարգերու խտրականութեան: Հարցը կենսական խնդրի մը կը հայէր, ուստի յարմար նկատեցի ժողովի մը հրաւիրել՝ ստացուած առաջարկները քննելու եւ մեր ընելիքները որոշելու համար: Ոչ մէկ եզրակացութեան հասանք: Բարոյեան Սրբազանը հակառակ էր հայրենադարձութեան, որովհետեւ անգլիացիները հակառակ էին սովետական ծրագրին, այն աստիճան որ աշխատանքէ կը հեռացնէին այն հայերը՝ որոնք Սուրիայէն գաղթելու խնդրագիր ներկայացուցած էին: Պիտի խոստովանիմ, որ սրտիս մէջ զօրաւոր կերպով զգացի հայրենիքի կանչը եւ ես առաջինը եղայ որ ստորագրեցի դէպի Հայաստան ներգաղթի խնդրագիրը: Հայ Կաթողիկէ Համայնքի բոլոր անդամները, բացառութեամբ միայն մէկ ընտանիքի, հետեւեցան իմ օրինակիս: Քաղդէական ծէսին պատկանող հարիւր ընտանիք փոխեցին իրենց ինքնութեան վկայագիրները եւ անդամագրուեցան ներգաղթողներու շարքերուն:

Այս բոլորին մասին տեղեկագիր մը ղրկեցի մեր Պատրիարքին: Կը խնդրէի իր օրհնութիւնը, որովհետեւ որոշած էի Հայաստան տեղափոխուիլ, հոն օգտակար ըլլալու համար մեր ժողովուրդին, որ այլեւս առանց քահանաներու մնացած էր: Որպէս մարտիրոս արիւնս թափելու հաւանականութիւնը զիս չէր վախցներ, որովհետեւ այդ պարագային՝ արիւնս հաւատքին աւելի պիտի ծառայէր՝ քան ինքնին կեանքս: Հոգեւոր Տէրը չպատասխանեց նամակիս եւ ես իր լռութիւնը մեկնաբանեցի որպէս լռելեայն համաձայնութիւն: Ժողովուրդիս հովուական նամակ մը ղրկեցի արաբերէն լեզուով, որուն հայերէն բնագիրը ղրկեցի նաեւ Գերպ. Կէտիկեանին: Գիտցայ միայն, որ նամակս հասած էր հասցէատիրոջ:

Ի վերջոյ, 1946 Յուլիս 16ին, ստացանք Հոգեւոր Տիրոջ հովուական նամակը: Հոն նկարագրուած էր Հայաստանի Սովետական Հանրապետութեան իրական վիճակը. կրօնական ազատութեան բացարձակ բացակայութիւն, յատկապէս կաթողիկէներու համար, որոնց արգիլուած էր որեւէ հաղորդակցութիւն ունենալ Հռոմի հետ: Տրամաբանական էր, հետեւաբար, Պատրիարքին եզրակացութիւնը. չէինք կրնար գաղթել երկիր մը, ուր քրիստոնէութիւնը հալածուած էր: Իրաւացի էր, ուրեմն, բարեկամս Տէր Աշոտը, որ այդ օրերուն կատակով կը կրկնէր ինծի. «Հայր Սուրբ, Հայաստանի մէջ չես կրնար հրամայել՝ ինչպէս հոս: Հոն Հայկական Կառավարութեան կողմէ ճանչցուած միայն մէկ Եկեղեցի կայ, այն է՝ Առաքելականը: Հոն Պապը չի հրամայեր»:

Դժուարին կացութեան մէջ յայտնուեցայ: Ի՞նչ պատասխան պիտի տայի իմ հաւատացեալներուս եւ քաղդէացիներուն: Ի՞նչ կըրնայի ընել: Հաւաքեցի ընտանիքներուն մեծերը եւ զղջացած մեղաւորի նման ծունկի եկած՝ ներողութիւն խնդրեցի կատարած սխալիս համար: Կարծած էի որ մեր սիրելի Հայրենիքը վերջ ի վերջոյ գտած էր ըղձալի խաղաղութիւնը եւ լուսաւոր ապագայի յոյսը: Ճշմարտութիւնը ա՛յլ էր, որ մեզի հաղորդած էր մեր Պատրիարքը: Մեր Հայրենիքին մէջ կրօնքը եւ քրիստոնէական բարոյականութիւնը հալածուած էին: Նման խոստովանանքս յուզեց իմ հաւատացեալներս, որոնք մէկը միւսին ետեւէն վստահեցուցին զիս, որ բոլորին ալ ակնյայտ էր որ սխալս ակամայ էր եւ միամտութեանս արդիւնքն էր: «Եթէ Դուք պիտի չերթաք Հայաստան», աւելցուցին, «մենք ալ չենք կրնար եր թալ, որովհետեւ հոն պիտի չունենանք մէկը որ մեզ հովուէ»: Քաղդէացիներէն դիւրին չազատեցայ: Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ստիպուեցայ փոխհատուցել ինքնութեան վկայականներու փոփոխութեան համար կատարուած ծախսերը: Գործողութիւն մը, որ երեք հարիւր հազար իտալական լիրա արժեց:

Այսու հանդերձ, հազար ութ հարիւր յիսուն հոգի գաղթեցին Հայաստանի Սովետական Հանրապետութիւն: Ասոնք Պէյրութէն մեկնեցան 1946 Յունիս 23ին: Հազար ութ հարիւր հոգի ալ մեկնեցան Յուլիս 14ին: Իրավիճակը աւելի լաւ չէր Առաքելական Հայերուն քով:

Բարոյեան Սրբազանը անձամբ հակառակ էր գաղթին, բայց Անթիլիասի Կաթողիկոսի հրահանգին հնազանդելով՝ սկսաւ կողմ արտայայտուիլ գաղթին, յատկապէս գիւղացիները քաջալերելով:

Իմ թեմիս հաւատացեալներէն ոչ ոք գաղթեց Սովետական Հայաստան: Գաղթողներուն ընդհանուր թիւը ութսունմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էր, որոնցմէ երեսուն հազարը Լիբանանէն, քսան հազարը՝ Սուրիայէն, հազար հինգ հարիւրը՝ Քեսապէն, եւ երեսուն հազարը՝ Յունաստանէն:

Պատրիարքական Տեղապահ

Մեր Պատրիարքը, քանի որ պէտք էր Հռոմ ճամբորդէր, ուզեց զիս իրեն Տեղապահ նշանակել: Ատիկա անակնկալ մըն էր ինծի համար: Քիչ մըն ալ շփոթահար մնացած էի, քանի որ հարկադրուած էի թեմէս հեռանալ՝ մինչ կարեւոր խնդիրներ տակաւին իրենց լու ծումին կը սպասէին: Պատրիարքարանին մէջ կը շարունակէի ֆրանչիսկեան վանականի պարեգօտով պտըտիլ, բայց Գերպ. Պաթանեանը նկատել տուաւ որ այդ սքեմը ներկայանալի չէր Տեղապահի մը համար: Սենեակ գացի փոխուելու, բայց տակաւին չէի վերջացուցած կապան ծալել, երբ նորէն մալարիայի սաստիկ դողէն բռնուեցայ: Այդ պահուն յաջողեցայ ծածուկ պահել հիւանդութիւնը, բայց ի վերջոյ, Մայիս 5ին, Պատրիարքի մեկնումի նախօրէին, անկողին ինկայ: Հոգեւոր Տէրը եկաւ ինծի այցելելու եւ հակառակ իմ բոլոր սպասումներուս՝ վերահաստատեց զիս Տեղապահի պաշտօնին մէջ, ըսելով որ ատիկա պիտի նպաստէր առողջութեանս, քանի որ հնարաւորութիւնը կ՚ունենայի բժշկական պատշաճ խնամքի ենթարկուելու: Կրնայի չմտահոգուիլ ծախսերու մասին, քանի որ ինքը ամէն բան արդէն հոգացած էր, համապատասխան հրահանգներ տալով Տէր Ղեւոնդին եւ Տէր Պօղոս Արիսին:

Հռոմ մեկնելէն առաջ, Հոգեւոր Տէրը փափաք յայտնեց որ ընկերանամ իրեն, որովհետեւ կ՚ուզէր այցելել Վիեննայի Մխիթարեաններուն Դպրանոցը, որ Աշքութի մէջ կը գըտնուէր եւ տասներեք աշակերտ ունէր: Լաւ տպաւորութիւն մը ունեցայ: Այցելեցինք նաեւ Զմմառու Մայրավանքը: Մեծաւորն էր Հայր Օգոստինոս Հատտատը, իսկ մատակարարն էր մեծարգոյ Հայր Պետրոս Յարութիւնեանը, որ ծնունդով Նորշէնէն էր, Կարինի նահանգէն: Վերադարձի ճանապարհին Հոգեւոր Տիրոջմէն խնդրեցի այցելել եւ յարգանքի տուրք մատուցանել Գերպ. Նազլեանին:

Հոգեւոր Տէրը Հռոմ մեկնեցաւ 1948 Մայիս 6ին, Համբարձման տօնին օրը, եւ ես նոր պաշտօնիս անցայ բարձր ջերմաստիճանով անկողին պառկած: Պաշտօնավարութեանս կարճ տեւողութիւնը ինծի համար հիմնական խնդիրներ չէր յառաջացներ, ուստի վստահեցայ տարբեր պաշտօններ վարող քահանաներուն եւ անոնց լիակատար ազատութիւն տուի, անշուշտ իրենց պաշտօնի ծիրէն ներս: Քիչ նորութիւններ թոյլատրեցի ինծի: Ատոնցմէ մէկը այն եղաւ, որ ամէնօրեայ գնումները կատարող քահանային արտօնեցի գործածել Պատրիարքարանին ինքնաշարժը, փոխանակ հասարակաց փոխադրամիջոցներով երթալ գալու: «Ի՞նչ պիտի ըսէ Գերպ. Աթոռակալը», վախցած առարկեց այդ խոնարհ պաշտօնը վարող քահանան: «Եթէ բողոքէ», պատասխանեցի, «թող գայ իմ քովս բողոքելու: Դուն իմ հրահանգ ներս կատարէ»: Ուրախացայ՝ հոն հիանալի երգչախումբ մը գտնելով, եւ ուզեցի յարգանքի ու երախտագիտութեան վկայութիւն մը տալ՝ ծիսական արարողութիւններու վայելչութեան նպաստելու համար: Շրջագայութեան օր մը շնորհեցի բոլորին. Յունիս 24ին աղջիկներուն, իսկ Յուլիս 1ին տղոց: Յիշարժան օրեր եղան անոնց համար: Տէր Յովհաննէս Պոյաճեանին փափաք յայտնեցի այցելելու Պրն. Մինաս Սահադեթեանին, Կարինի Հայ Առաքելական Առաջնորդին եղբօրը: Տէր Յովհաննէսը գովեց փափաքս եւ առաջարկեց այցելութիւնս տարածել Հայ Կաթողիկէ Համայնքի միւս բոլոր աղքատ ընտանիքներուն նոյնպէս: Առաջարկը առանց նուազագոյն երկմտութեան ընդունեցայ եւ այդ այցելութիւններուն համար ուզեցի զգեստաւորուիլ զատկական հանդիսաւոր հագուստներով: Այսպիսով ուզեցի աւելցնել այդ ընտանիքներուն ուրախութիւնը: Այցելութիւնը սկսանք Նոր Մարաշի խրճիթներէն, առանց սակայն ունեւորներուն ընտանիքները անտեսելու: Հոգեշահ պտուղներ ունեցան այդ այցելութիւնները. հարկաւոր էր տեսնել՝ թէ այդ խեղճ մարդիկ ինչպէս յուզուեր էին արցունք թափելու աստիճան, որովհետեւ գրեթէ իրենց աչքերուն չէին հաւատար որ Պատրիարքը իրենց տունը եկած է: Մէկէ աւելի ապօրինի միութիւններ կանոնաւորեցինք: Խաղաղեցուցինք շատերը, որոնք այլ եւ այլ պատճառներով շատոնց արդէն մոռցեր էին մեր եկեղեցւոյ տեղը: Անտարբերութեամբ տրամադրուած հոգիներ, որոնք նոյնիսկ զատկական Սուրբ Պատարագին չէին մասնակցած, խոստացան լրացնել հոգեւոր բացթողումները: Քրիստոնէական միւս Համայնքներու հաւատացեալներն ալ հոգեկան ոգեւորում ապրեցան եւ կ՚ըսէին. «Երանի՜ կաթողիկէներուն, որ այսպիսի Եպիսկոպոսներ ունին, որոնք քաղցր Յիսուսի նման՝ կ՚երթան աղքատները փնտռե լու»:

Մայիսի վերջաւորութեան պէտք է Նոր Մարաշ երթայի, մարեմական ամսուան աւարտը կատարելու համար: Տէր Յովհաննէս Պոյաճեանէն խնդրեցի որ քարոզը ինքը խօսէր թրքերէն լեզուով: Ըսած չըլլայի: Քահանաները մեծապէս գայթակղեցան եւ միաձայն բողոքեցին որ այդ նորամուծութիւնը հակառակ էր մեր Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, որ երբեք չէր հանդուրժած թրքերէն լեզուի գործածութիւնը եկեղեցիներէն ներս: Իրականին, սակայն, կը սխալէին, որովհետեւ Մարաշի եւ Անքարայի հայ եկեղեցիներուն մէջ քարոզները թրքերէնով կը կատարուէին, քանի որ մեր հայրենակիցները մոռցեր էին հայերէնը: Նոր Մարաշի հայերն ալ հայերէն չէին գիտեր, բայց մեր քահանաները յամառօրէն միայն հայերէնով կը քարոզէին: Ատոր ամբողջովին անմխիթարական հետեւանքը այն եղած էր որ շատերը ներկայ չէին ըլլար եւ ոչ իսկ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագներուն, կամ ալ եկեղեցիէն դուրս կ՚ելլէին՝ հազիւ թէ քահանան սկսէր հայերէն քարոզել: Ետ չընկրկեցայ, այլ նպատակիս աւելի լաւ հասնելու համար հրահանգ տուի որ Մայիս 30ին եւ 31ին մունետիկ մը շրջէր Նոր Մարաշի փողոցներով եւ բարձր ձայնով հռչակէր. «Աստուածածնի բարեպաշտ քրիստոնեաներ, ուշադրութի՛ւն, ուշադրութի՛ւն: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Տեղապահին խօսքը. այս երեկոյեան (կամ վաղը) մարեմական ամսուան եզրափակիչ քարոզը թրքերէն լեզուով պիտի ըլլայ: Եկէ՛ք Աստուծոյ Խօսքը ձեզի համար հասկնալի լեզուով ունկնդրելու»: Սահմանուած ժամէն երեք ժամ առաջ արդէն եկեղեցւոյ բակը լեփ լեցուն էր Ուրֆայի եւ Տիարպեքիրի շրջաններէն գաղթած Կաթողիկէ եւ Առաքելական Հայերով, Բողոքականներով ու Յակոբիկեաններով:

Այցելութեան եկաւ Բարոյեան Սրբազանը, որ Անթիլիասի Կաթողիկոսին կողմէ յարգանքի ու մտերմութեան արտայայտութիւններ փոխանցեց ինծի: Բարոյեան Սրբազանը այդուհետեւ պիտի ձգէր Վերին Ճեզիրէն, որովհետեւ պաշտօն ստացած էր օգնութիւններ հաւաքելու Պաղեստինէն փախստական Առաքելական Հայերուն համար: Իր տեղը ձգած էր Տէր Տաճատ Վրդ. Ուրֆալեանին:

Հովուական այցելութիւններս շարունակելով հասայ Պիքֆայա: Հայերը հոն թիւով քիչ էին եւ բարեկեցիկ, ուստի յատուկ խնդիրներ չկային: Հետաքրքրական էր Վենետիկի Մխիթարեաններուն տունը, ուր տասի չափ ուսանողներ կային որ սահմանուած էին Վենետիկի նորընծայարանին մէջ ուսանելու: Այցելեցինք Պիքֆայայի Հըրաշագործ Աստուածածնի սրբավայրը, որ Յիսուսեաններու կողմէ տնօրինուած է: Հոն կը գտնուէր նաեւ Հայր Յակոբոսին կողմէ կազմակերպուած որբանոցը, եօթանասուն աղջիկներով, որոնք վստահուած էին Լիբանանի Խաչի Ֆրանչիսկեան Մայրապետներու խնամքին: Հոն տակաւին հնարաւոր է տեսնել հայ Անտոնեաններուն հին վանքը, իր յարակից եկեղեցիով: Ամբողջապէս լքուած վիճակի մէջ է այն օրէն ի վեր՝ երբ Անտոնեան վանականները անցած էին հակահասունեան հոսանքին շարքերը:

Հեռագիր մը ստացայ Գերպ. Պաթանեանէն, ուր ինծի կ՚ըսուէր որ Հոգեւոր Տէրը օդանաւով Պէյրութ պիտի հասնէր Յուլիս 13ին: Հոծ բազմութեամբ մը գացինք օդակայան Պատրիարք Հայրը դիմաւորելու: Պատրիարքարանին մէջ, բարի գալուստի խօսք ըսելու պարտականութիւնը ինծի յանձնուեցաւ: Ապա գաւաթ բարձրացուցինք՝ խմելով նորանշանակ կարդինալին կենացը, որ իսկոյն խօսք առաւ, նախ հայերէնով՝ ապա ֆրանսերէնով: Ըսաւ որ երջանիկ է ինքզինքը իր զաւակներով կրկին շրջապատուած տեսնելով Լիբանանի աստղազարդ երկնքին տակ:

Ժողովրդական ասացուածքը ճիշտ կ՚ըսէ որ անհնարին է մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ բռնել: Պէտք է անյապաղ իմ թեմս վերադառնայի: Բացակայութեանս շրջանին, փոխանորդս ծով մը սխալներ գործած էր, որոնց հետեւանքները այժմ իմ ուսերուս կը ծանրանային: Կը սահմանափակուիմ միայն այս մէկը պատմելով: Բացակայութեանս ատեն ան մեր դպրոցներէն ներս ներմուծած էր դասագիրքեր՝ որոնք արգիլուած էին Կրթութեան Նախարարութեան կողմէ: Ատոր արդիւնքը այն եղաւ որ դատարանը զիս մէկ ամսուան բանտարկութեան եւ հինգ հազար լիրայի տուգանք վճարելու դատապարտեց: Մէկ ամսուան բանտարկութիւնը կրնայի փոխհատուցել հարիւր սուրիական լիրա վճարելով: Մեր Համայնքին երեւելիները փորձեցին արդարացնել զիս, ըսելով որ այդ գիրքերը իմ փոխանորդս ներմուծած էր իմ բացակայութեանս ընթացքին, բայց դատաւորը մերժեց արդարացումը, պատճառաբանելով որ ես էի դպրոցին տնօրէնը եւ մեկնելէս առաջ փոխանորդը նօտարական վաւերագրով չէի նշանակած:

Իսկոյն մալարիայի դողէն ու ջերմէն բռնուեցայ, որոնք զիս անկողին նետեցին: Բայց պետական արդարադատութիւնը հետամուտ էր իր գործին եւ ոստիկան մը դրանս առջեւ կը հսկէր, որպէսզի չփախչէի: Հասաքէի մոհաֆէզը, որ այդ օրը Քամըշլիէն կ՚անցնէր, գիտնալով որ հիւանդ էի, այցելութեան եկաւ: Հոգատարութեամբ խորհուրդ տուաւ հեռանալ Ճեզիրէէն, քանի որ խնամքի կարիք ունէի: Ինչպէ՞ս կրնայի ճամբորդել, մինչ բանտարկութեան դատապարտուած էի եւ ոստիկան մը դրանս առջեւ պահակ կեցած էր: Հազիւ այս խօսքերը ըսի, մոհաֆէզը յանձն առաւ ինքը լուծել իմ խնդիրս: Նախ եւ առաջ համոզեց ոստիկանը, որ տանս առջեւէն հեռանայ, ապահովցնելով որ ինքը պիտի խօսէր հրամանատարին հետ: Ապա ինծի ըսաւ որ պատրաստ ըլլամ օդանաւով Պէյրութ մեկնելու. արդարադատութեան հետ հաշիւներս կարգի կրնայի դնել առողջանալէս յետոյ միայն:

Զանազան ճամբորդութիւններ

1948 Յուլիս 14ին կրօնաւորական զգեստառութեանս յիսնամեակն էր: Վստահ էի, որ այդ տարեդարձը աննշմար կերպով պիտի անցընէի, քանի որ ոչ մէկուն խօսած էի այդ մասին: Աստուած ա՛յլ կերպ տնօրինած էր: Պատրիարք Հայրը զիս Պէյրութ հրաւիրեց: Հրաւէրը յետաձգելու եւ Քամըշլի մնալու բոլոր ջանքերս ապարդիւն անցան: Շնորհաւորական մաղթանքներ ստացայ նաեւ Մոնմարթրի Կարմեղական Մայրապետներէն, Միաբանութեանս Ընդհանուր Գործակալ Հայր Ագաթանգեղոսէն, Միաբանութեանս Առաքելութիւններու Ընդհանուր Քարտուղարէն եւ իմ Նահանգային Մեծաւոր Հայր Իլլումինաթոյէն: Զանց կ՚ընեմ պատմելու տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները, յիշելով միայն որ մեր Գերերջանիկ Պատրիարքը փափաք յայտնեց որ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանէի: Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ Ծիրանաւոր Թիսսերանը դրամական օգնութիւն տուաւ թեմիս կարիքներուն համար: Նոյն ձեւով վարուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակ Գերպ. Մարինան: Նահանգային Մեծաւորս նամակ մը գրած էր ինծի, ըսելով որ Իտալիա գալու պարագային պէտք է Փալերմոյին վերապահէի առաջին այցելութիւնը եւ թէ իմ Նահանգս մտադիր չէր հրաժարելու իր այս իրաւունքէն: Բաւականին դժուար եղաւ անցագրիս մէջ հարկաւոր բոլոր կնիքները դնելը, որպէսզի Իտալիա մեկնելէ ետք կարենայի նորէն Սուրիա վերադառնալ: Ստիպուած եղայ անձամբ Դամասկոս երթալ: Օգոստոս 15ին, Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ գոհունակութիւնը ունեցայ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը կատարելու, Մարտինի սովորութիւններուն համաձայն:

Ճամբորդութիւնս օդանաւով կատարեցի, որ միջանկեալ վայրէջք մը կատարեց Աթէնքի մէջ: Կը յուսայի հոն հանդիպիլ իմ թանկագին միաբանակից Հայր Ռիքքարտոյին, բայց գործադուլի մը պատճառով՝ նամակս դժբախտաբար ժամանակին չէր հասած իրեն եւ հարկադրուեցայ հեռախօսազրոյցով մը գոհանալու:

Ի՜նչ ուրախութիւն էր եղբայրակիցներուս հետ մեր վանքին մէջ գտնուիլը: Ինչպէ՞ս կրնամ նկարագրել այն տօնական ընդունե լութիւնը, որով զիս դիմաւորեցին Հռոմի մեր Մայրավանքին մէջ: Ուրախութիւնս իր գագաթնակէտին հասաւ Փալերմոյի մէջ ուր կրկին կրցայ հանդիպիլ Հայր Սթանիզլաոյին, Հայր Ռոպերթոյին, Եղբայր Ռայնէրիոյին, Եղբայր Մանսուէթոյին, Հայր Ադրիանոյին, Հայր Կոստանդինոյին եւ Հայր Ճուսթինոյին, որոնք բոլորն ալ ինչպէս ես, Արեւելքի Առաքելական Հաստատութեան զաւակներն էին:

Իտալիա գտնուելով, չէի կրնար չայցելել Միլանի միաբանա կիցներուս: Մեր Պատրիարքին հետ, ապա, մասնակցեցայ նաեւ Եկե ղեցիներու Միութեան Համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պոլոնիայի մէջ Սեպտեմբեր 15էն 19ը:

Հռոմ վերադառնալով, Սրբազան Քահանայապետ Պիոս ԺԲ.ին քով ընդունելութեան մխիթարութիւնը ունեցայ: Զինք շատ տկար ու յոգնած գտայ: Չափազանց մտահոգ էր պաղեստինեան իրադարձութիւններով եւ յատկապէս հրեաներու կողմէ քրիստոնեաներու նկատմամբ ցուցաբերուած դիրքորոշումով: Սրբազան Քահանայապետը տեղեակ էր իմ դժուարութիւններուս եւ վստահեցուց որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը ինծի պիտի օգնէր աւարտելու Հասաքէի եկեղեցւոյ կառուցումը: Յուզուեցայ եւ բարի օրինակ առի Սըրբազան Քահանայապետին պարզութենէն ու աղքատութենէն. ան ոտքի ելած էր եւ փոքրիկ տուփ մը բացած էր՝ ինծի որոշ օգնութիւն մը տալու ակներեւ դիտաւորութեամբ, բայց տուփը ամբողջովին դատարկ էր:

Հոկտեմբեր 13ին, մեր Գերերջանիկ Պատրիարքին հետ, ճանապարհ ելանք դէպի Պէյրութ: Օդանաւը նորէն միջանկեալ վայրէջք մը կատարեց Աթէնքի օդակայանը եւ այս անգամին ուրախութիւնը ունեցայ հանդիպելու իմ թանկագին միաբանակից Հայր Ռիքքարտոյին: Հանդիպեցայ նաեւ Հայր Յովսէփ Խանձեանին եւ իրմէ տեղեկացայ որ մեր բոլոր դպրոցները կը շարունակէին իրենց գործունէութիւնը, քանի որ բացուած էին յարգելով բոլոր օրէնքները: Պէյրութի օդակայանին մէջ, տարբեր ազգութիւններէ կազմուած հոծ բազմութիւն մը կը սպասէր մեր Պատրիարքի ժամանումին: Եղբայրական սիրոյ բազմաթիւ արտայայտութիւններ ստացայ կրօնաւորական կեանքիս ոսկէ յոբելեանին առթիւ: Անհնարին է ամէն բան պատմել, կը սահմանափակուիմ միայն Գերպ. Նազլեանին կողմէ կազմակերպուած ընթրիքին ակնարկելով: 1949 Յունուար 7ին ան իր տան մէջ ուզեց ընթրիք մը կազմակերպել, զիս պատուելու համար, հրաւիրելով մեր Պատրիարքը եւ Պէյրութի ուրիշ բարձրաստիճան եւ պարզ եկեղեցականներ: Հանդիսաւոր կերպով յայտարարեց որ այդ արարքով կ՚ուզէր երիտասարդներուն ցոյց տալ ազնիւ եւ փառաւոր աւանդութիւնը՝ պատուելու մեր բարերարները: Իր համոզումով՝ արժանի էի երախտագիտութեան, այն ամէն բանի համար որ ըրած էի Հայ Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս Տրապիզոնի Եկեղեցւոյ համար, որ իր առաջնորդած թեմը եղած էր եւ որ ես իր փոխարէն մատակարարած էի 1920-1923 թուականներուն Պոնտոսի մէջ ծագած հակաքրիստոնէական հալածանքներու ատեն: Յիշեց նաեւ, որ փրկած էի Տրապիզոնի գրադարանն ու դիւանը, որ Յունաստանի մէջ օգնած էի հայ հաւատացեալներուն ու քահանաներուն, եւ ի վերջոյ արդիւնաւէտ կերպով նպաստած էի իր Յուշերու հրատարակումին: Կը խոստովանիմ, որ ինծի համար քիչ մը տհաճ էր այդ հրապարակային փողահարումը, որովհետեւ բնաւ չէի ուզեր որ ձախ ձեռքս իմանայ թէ աջս ինչ կ՚ընէ:

Առողջական վիճակս նորանոր մտահոգութիւններու առիթ սկսաւ տալ: 1949 Յունիս 13ին Հալէպ կը գտնուէի: Քամըշլիէն հեռացած էի բժիշկ Նաֆիզին պատուէրով, որովհետեւ ջերմս զիս հանգիստ չէր ձգեր: Օդափոխութիւնը բաւական չեղաւ առողջանալու համար եւ ջերմաստիճանս կը շարունակէր բարձր մնալ: Յունիս 21ին տեղափոխուեցայ Պէյրութ, ուր մեր Պատրիարքը իսկապէս սարսափեցաւ զիս այդքան նիհարցած ու նուաղած տեսնելով: Բացարձակ հան գիստ պատուիրեց եւ յուզմունքի ու մտահոգութիւններու առիթներս նուազեցնելու մտադրութեամբ՝ այդ օրուընէ ինծի հասնող նամակները նախ ինքը կը կարդար, գիտնալով որ Վերին Ճեզիրէէն ինծի միայն ահազանգող լուրեր կրնային հասնիլ: Իր կարծիքով, պէտք է նուազեցնէի պատասխանատուութիւններս եւ պակսեցնել աշխատանքներս: Ամառնային արձակուրդներու շրջանն էր, ուստի յարմար նկատեցի Իտալիա երթալ: Պէյրութէն մեկնեցայ Օգոստոս 3ին եւ միեւնոյն օրը հասայ Հռոմ, միայն կարճատեւ դադար մը առնելով Աթէնքի օդակայանին մէջ, ուր կրցայ կրկին հանդիպիլ Հայր Ռիքքարտոյին եւ Տէր Յովսէփ Խանձեանին:

Դրամապանակս ամբողջովին դատարկ էր: Ծիրանաւոր Թիսսերանը զիս ցնծութեամբ ընդունեցաւ, բայց որպէս առաջին լուր ըսաւ որ այդուհետեւ պիտի չկարենար ինծի յատկացնել տարեկան սովորական օգնութիւնները, քանի որ Սրբազան Քահանայապետը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի տրամադրութեան տակ եղած գումարները գործածած էր պաղեստինցի փախստականներուն օգնելու համար: Ճիշտ այդ դարմանի կարիքն ունէի շուտով առողջանալու համար: Բայց պէտք է անվախ յառաջ ընթանայի: «Ալլահ քերիմ» (Աստուած մեծ է), կ՚ըսեն արաբները:

Այցելեցի Լոմպարտիա, քանի մը վանք Ապրուցցոյի մէջ, Նափոլի, Փալերմոյ եւ Քալթանիսեթա: Դէպի Հռոմ վերադարձի ճանապարհին ուզեցի կանգ առնել Ֆոճճա, որպէսզի հնարաւորութիւնը ունենայի այցելելու Փիէթրէլչինացի Հայր Փիոյին: Սան Ճովաննի Ռոթոնտոյ հասայ Հոկտեմբեր 9ին: Կրցայ Հայր Փիոյին հետ զրուցել իր խուցին մէջ: Շատ կարճառօտ եղայ եւ սահմանափակուեցայ խնդրելով որ Տիրոջ աղօթէր Վերին Ճեզիրէի մէջ ինծի յանձնուած առաքելութեան համար: Իսկոյն պատասխանեց. «Շատ լաւ, կ՚աղօթեմ»: Խնդրեցի որ օրհնէ զիս: Հրաժարեցաւ եւ խնդրեց որ ես զինք օրհնէի: Օրհնեցի զինք, բայց պայմանով որ յետոյ ինքն ալ զիս օրհնէր:

Համաձայնեցաւ: Քանի մը օր Հռոմի մէջ անցուցի, ապա, եղբայրակիցներուս եւ ինծի հանդէպ միշտ բարեացակամ եղած անձերու բացասական կարծիքին հակառակ, վերադարձի ճամբան բռնեցի: Այս անգամ ծովով ճամբորդեցի եւ Պէյրութի նաւահանգիստ հասայ Հոկտեմբեր 27ին: Տենդը զիս հանգիստ չէր ձգեր, բայց չարագոյժ լուրերը կը ստիպէին զիս իսկոյն Քամըշլի վերադառնալ: Մէկը մինչեւ իսկ յիշեցուց ինծի Աստուծոյ հինգերորդ պատուիրանը. «Մի՛ սպաններ», եւ ո՛չ իսկ ինքզինքդ: Բայց ի՞նչ կրնայի ընել, երբ մտահոգութիւնները զիս աւելի կը չարչարէին՝ քան ինքնին հիւանդութիւնը: Կըրցայ հասնիլ Սուրբ Ծնունդին եւ այդ մեծ տօնը կատարել մեր ծէսի բոլոր իւրայատկութիւններով հանդերձ:

Հովուական մտահոգութիւններ

Մեր Պատրիարքը ուզեց զիս իրեն Տեղապահ նշանակել: Կÿուզէի իսկոյն Պէյրութ մեկնիլ, բայց ջերմութեանս պատճառով ատիկա անհնարին եղաւ: Չէի գիտեր ուրկէ կրնայի թեմիս գործունէութեան համար անհրաժեշտ գումարները գտնել եւ, կարծես ատիկա քիչ էր, հիւանդութիւնը զիս անկողինին կը գամէր: Մինչեւ այդ օրը գործածած դեղերս այլեւս չէին ազդեր եւ երեք բժիշկներէ կազմուած յանձնախումբ մը ըսաւ որ մալարիայի պատճառած տենդով բռնուած էի, բծատենդային բարդութիւններով: Չեմ գիտեր ինչ լուծոյթ ներարկեցին ինծի, բայց յաջորդ օրը առաւօտեան տենդը անհետացեր էր եւ բնականէն միայն երկու աստիճան բարձր ջերմ ունէի:

Հիւանդութիւնս յուզեց բոլորը, Նահանգապետէն մինչեւ յետին գիւղացին: Ինծի համար Աստուծոյ կ՚աղօթէին Ռաբբի Մուշէն, մահմետական Մուֆթին եւ իմ բարեկամս Խուրի Մլքին: Մօտաւոր կերպով անգամ չեմ կրնար ըսել թէ քանի հոգի եկան ինծի այցելելու եւ անոնց ձգած նուիրատուութիւնները լիովին բաւարարեցին հոգալու մեր համայնքներու եւ աղքատ ընտանիքներուն կարիքները: Բարեպաշտութեան ու գորովի այս բազմաթիւ արտայայտութիւնները միտքէս չէին հեռացներ, սակայն, պարտքերուս մասին մտածումները: Երեւակայութիւնս օր ու գիշեր կ՚աշխատէր. գիշեր մը յանկարծակի արթնցայ եւ ինծի թուեցաւ որ Սուրբ Յովսէփը կը տեսնէի, Մանուկ Յիսուսը գիրկը, որ նուիրատուութիւններ բերողներուն ձեռքով նշան կ՚ընէր՝ կարծես ուզելով որ քայլերնին արագացնէին, որպէսզի ճամբայ բացուէր իրենց ետեւէն եկողներուն համար: Երազը կամ տեսիլքը, չեմ գիտեր ինչ էր, բացատրեցի այն իմաստով որ Սուրբ Յովսէփը աւելի մեծ օգնութիւններ կը խոստանար: Առաւօտեան աւելի լաւ զգացի ինքզինքս, Սուրբ Պատարագը մատուցանեցի եւ ապա աշխատանքի անցայ: Մեր Համայնքի երեւելիներուն նամակ մը ղրկեցի, որով զիրենք ժողովի կը հրաւիրէի, վստահ որ այս անգամին սպասումներս պիտի չդաւաճանէին: Ոչ մէկը ներկայացաւ: Նախախնամութիւնը ինծի ընդառաջ եկաւ Ռաբբի Մուշէի միջոցով: Այնքան տկար էի, որ ոչ մէկ պատճառով յանձն պիտի առնէի տունէն դուրս ելլել: Չկրցայ սակայն դիմադրել այն մտքին, որ Տէր Վարդանը օգնութեան անյապաղ կարիք ունէր: Գաւազանին յենած, Ռաբբի Մուշէ բարեկամիս քով գացի: Բացատրեցի իրավիճակը եւ Ռաբբին, առանց խօսքս երկու անգամ կրկնել տալու, պատասխանեց. «Սէիտնա, միայն այսքա՞նը: Ուրիշ բանի կարիք չունի՞ս: Սէիտնա, հոգիդ ողջ մնայ: Այս գումարը ինծի ետ կը դարձնես եթէ կարենաս, երբ որ կարենաս եւ առանց որեւէ շահի: Ինծի բաւական է քու մտերմութիւնդ, աղօթք ներուդ հետ միասին»: Տկարութիւնս երկրորդ անգամ մըն ալ յաղթեց ինծի եւ այս անգամ աւելի թատրերգական եղանակով: Մեր համայնքի երեւելիներուն վարուելակերպը եւ անոնցմէ ոչ մէկ օգնութիւն յուսալու համոզումը այնպէս ճնշեցին վրաս, որ յանկարծակի գիտակցութիւնս կորսնցուցի եւ մարած գետին ինկայ: Պատահածէն ոչինչ կը յիշեմ: Յետոյ միայն իմացայ որ իսկոյն կանչած էին բժիշկ Նաֆիզը եւ ան բոլորին արգիլած էր իմ սենեակս մտնել:

Յուլիս 24ին բժիշկը վիճակս բաւական գոհացուցիչ նկատեց եւ թոյլատրեց ճամբորդել: Բժիշկը հազիւ դուրս ելած, եկաւ Ռաբբի Մուշէն եւ ըսաւ. «Սէիտնա, հոգիդ ողջ մնայ: Լաւ մը հանգչէ, Եւրոպա գնա: Եթէ դրամի կարիք ունիս, ըսէ ինծի: Եթէ մենք՝ Էլոհիմի ծառաներս իրարու չօգնենք, ի՞նչ կրնանք սպասել աշխարհի մարդոցմէն»: Յաջորդ օրը վերադարձաւ բժիշկ Նաֆիզը եւ զայրացած պոռաց բոլոր անոնց վրայ՝ որոնք զիս չէին հարկադրած իսկոյն մեկնելու: Պատրիարքը զիս իրեն Տեղապահ նշանակեց, մխիթարական լուր մըն ալ տալով. Վերին Ճեզիրէի թեմին յատկացուցած էր երիտասարդ քահանայ Տէր Ստեփանոս Թէլլալեանը, Զմմառու Միաբանու թենէն: Տեղապահի պարտականութիւններս վերջացնելուն, կրցայ քիչ մըն ալ իմ մասիս մտածել եւ օդանաւով մեկնեցայ Իտալիա: Հռոմ հասայ Սեպտեմբեր 27ին, յետ միջօրէի, եւ ինչպէս միշտ՝ հիւրընկալուեցայ Միաբանութեանս Մայրավանքէն ներս: Իտալիա մնացի մինչեւ Դեկտեմբեր 3ը, երբ նաւով վերադարձի ճամբան բռնեցի: Պարիէն Պէյրութ նաւագնացութեան ատեն ալ օգնութեան շարունակական կանչեր կը հասնէին ինծի իմ քահանաներուս կողմէ: Պէյրութ հասնելով, ատոնց մասին ուզեցի խօսիլ նաեւ Առաքելական Նուիրակ Գերպ. Պէլթրամիին հետ, բայց յուսահատական պատասխան մը ստացայ. ես պաշտօնով Պատրիարքական Փոխանորդ ըլլալով, պէտք է իմ Պատրիարքիս դիմէի, որովհետեւ ան էր ինծի յանձնուած թեմի մէջ կատարուող բոլոր գործերու պատասխանատուն: Պատրիարքը, ապահովցուց ինծի Նուիրակը, ամէն հարց շտկելու միջոցները ունէր: Յաջորդ օրը, Պատրիարքը, Ընդհանուր Աթոռակալին ներկայութեամբ, ինծի տասը հազար լիբանանեան լիրա տուաւ՝ որպէս արտաքոյ կարգի օգնութիւն: Պատուիրեց, սակայն, նուազեցնել թեմի ծախսերը, որովհետեւ Պատրիարքարանին աղքատ վիճակը չէր թոյլատրեր աւելին ընելու: Քահանաներուս ուսերուն ծանր կը կշռէր իմ երկարատեւ բացակայութիւնս Վերին Ճեզիրէէն: Անոնց դրամական դժուարութիւնները կ՚աճէին եւ անոնք ալ շարունակ կը գրէին ինծի: Մարտի վերջաւորութեան ստիպուեցայ Քամըշլի վերադառնալ: Ճամբորդութիւնը շատ ծանր եղաւ, բայց ուրախութիւնս մեծ էր՝ երբ Քամըշլիի տանս առջեւ հաւատացեալներովս շրջապատուած գտայ ինքզինքըս: Եկած էին բազմաթիւ բարեկամներ, իշխանաւորներ եւ լեցուն ժողովուրդ:

Բարի գալուստի խօսքը քաղաքապետը ինքը արտասանեց: Փափկանկատութիւն կիրառելով՝ շատ կարճառօտ եղաւ, կարեկցանքով տեսնելով վիճակս, եւ եզրակացուց. «Սիրելի Սէիտնա, զմեզ մի՛ լքէք: Երբ Ձեզ մեր մէջ կը տեսնեմ, կը զգամ որ Ալլահը մեզի հետ է: Ոչ մէ կէն վախցէք, որովհետեւ մենք հոս ենք»:

Աստուած իմ, որքա՜ն խորհրդաւոր են Քու ճանապարհներդ: Կը սպասէի որ մէկ վայրկեանէն միւսը Աստուած հրաշք մը գործէր եւ զիս ազատէր տնտեսական նեղութիւններէն, որպէսզի քահանաներուս հետ միասին աւելի հանդարտ մտքով հետեւէինք մեր քահանայական պարտականութիւններու կատարումին: Եւ սակայն, մութի մէջ կը խարխափէի եւ լոյսի նշոյլ մը չէի յաջողիր տեսնել:

Յուլիս 20ին այցելութեան եկաւ Հասաքէի ժողովրդապետ Տէր Յովհաննէս Էքմէքճեանը: Վերջին անգամ իրարմէ քիչ մը սառնօրէն բաժնուած էինք, որովհետեւ դրամական միջոցներ չգտնելով՝ կ՚ուզէր մեր անշարժ գոյքերը վաճառել, բայց ես կտրականապէս հակառակ էի: Արդ եկած էր հարցնելու, նաեւ Տէր Վարդանի անունով, թէ ի՛նչ էր ծրագիրս մօտակայ 1951-1952 ուսումնական տարուան համար: Կ՚ուզեմ հոս ամբողջութեամբ մէջբերել իր խօսքերը, որոնք մեծապէս մխիթարեցին զիս եւ քաջալերեցին առաքելական ծառայութիւնս շարունակելու:

«Մենք Աստուծմէ կը խնդրենք, որ Ձեզի երկար տարիներ տակաւին ողջ ու առողջ պահպանէ մեր քով: Ձեր տուած ուղղութիւններուն հետեւելով, կրնանք աշխատիլ ի նպաստ Աստուծոյ փառքին, հոգիներու փրկութեան, մեր Ազգի բարիքին եւ մեր լեզուի պահպանումին: Տէր Վարդանը իմացեր է, որ վատառողջ էք եւ որ հրաժարական տուած էք, որովհետեւ ոչ ոք կ՚ուզէ Ձեզի օգնել գոցելու համար կուտակուած պարտքերը եւ կը յանդիմանեն Ձեզ որ չափազանց լաւ կը խնամէք Ձեր քահանաները, որ Ձեր գործակիցներն են: Գերապայծառ Տէր, եթէ կը սիրէք մեր Հայաստանը, մեզ՝ քահանաներս եւ մեր ժողովուրդը, եթէ կը յարգէք Քրիստոսի համար մարտիրոսացած մեր ծնողներու յիշատակը, եթէ կը սիրէք մեր քաղցր Փրկիչը Քրիստոս, մեզ մի՛ լքէք, մեզի հետ մնացէք, միշտ մեր Եպիսկոպոսը եղէք: Եթէ ձգէք մեզ, որո՞ւ քով պիտի երթանք: Ո՞վ հոգ պիտի տանի մեզի: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք շարունակել ծառայել մեր ժողովուրդին, եթէ ստիպուինք ամէնօրեայ հացին ետեւէն վազել: Տէր Վարդանը ըսաւ որ չի կրնար դիմանալ այդպիսի ծանր հարուածի մը: Վստահեցուցէք մեզ, որ Վերին Ճեզիրէէն հեռանալու նպատակ չունիք: Տէր Վարդանին խոստացեր եմ, որ ուրախ լուրերով պիտի վերադառնամ եւ պիտի կարենայ Ալէլուիա երգել»: Սիրտս ինչպէ՞ս կրնար չկակուղնալ, լսելով այս խօսքերը: Շատ յուզուած էի եւ չեմ գիտեր ի՛նչ պիտի պատասխանէի՝ եթէ ճիշտ այդ վայրկեանին չհասնէր Տէր Ստեփանոս Թէլլալեանը, որ ուրախ ձայներանգով աւետեց Գերպ. Պաթանեանին ժամանումը Յուլիս 21ին:

Ծանր սուգի առիթներ ալ ունեցայ: Նախ Լիզէոյի Կարմեղոսէն հաղորդագրութիւնը մը ստացայ, ուր ըսուած էր որ Տէրը Իր քովը կանչած էր Մայր Ագնէս Յիսուսին: Յիսուս Մանկան Սրբուհի Թերե զային հարազատ քոյրն էր եւ «փոքրիկ մայրը», որ շատ լաւ ծանօթ է Սրբուհի Թերեզայի բարեպաշտներուն: Մահացած էր 1951 Յուլիս 28ին: Մէկ ամիսէն իննսունմէկ տարեկան պիտի ըլլար: Իր հետ նամակագրական կապի մէջ էի 1925 թուականէն ի վեր: Մայր Ագնէսի մահով նոր պաշտպան մը ունեցայ երկնքի մէջ:

Միւս կորուստս աւելի անակնկալ ու աւելի ողբերգական եղաւ. մահը եկաւ անդենական կեանքին տանելու իմ սիրելի Տէր Վարդան Պաղտասարեանը, իմ թանկագին գործակիցս Յունաստանի ու Վերին Ճեզիրէի մէջ: Հեռաձայնով միայն կրցայ իմանալ որ Տէր Վարդանը մահացեր էր Հալէպի հիւանդանոցին մէջ: Հարկադրուեցայ մինչեւ Օգոստոս 18ը սպասել ու տառապիլ, մինչեւ որ կրցայ որոշ մանրամասնութիւններու ծանօթանալ, թէեւ այս ու այն կողմ բազմաթիւ հեռաձայններ ըրած էի: Հալէպի օդակայանը իջնելով, ուղղակի մեր Արքեպիսկոպոսին քով գացի, յուսալով իրմէ ստանալ բաղձալի տեղեկութիւնները, քանի որ ճիշտ իրմէ ստացած էի յուղարկաւորութեան ծախսերու հաշիւը (չորս հարիւր սուրիական լիրա): Ոչ ոք բան մը գիտէր, ոմանք ալ ուղղակի յանկարծակիի եկան, որովհետեւ նոյնիսկ մահուան լուրը չէին առած: Սիրտս ինչպէ՜ս կ՚այրէր: Ի վերջոյ կրցայ խօսիլ իտալական հիւանդանոցի մատրանապետ Հայր Ումպերթոյ Մարիա Լիսսային հետ: Իմացայ որ Տէր Վարդանը Հալէպ հասած էր Յուլիս 26ին գիշերը: Յաջորդ օրը առաւօտեան, Սուրբ Պատարագը հազիւ վերջացած, գացած էր Տէր Յովհաննէս Էքմէքճեանի ծնողքին այցելութեան, որուն մայրը իսկոյն հասկցած էր որ Տէր Վարդանը ծանրօրէն հիւանդ է, եւ անոր անձամբ տարած էր բժիշկի մը քով: Բժիշկը ախտորոշած էր մալարիա եւ բծատենդ, ուստի պատուիրած էր վարդապետը հիւանդանոց պառկեցնել: Հիւանդանոցին մէջ զինք մեծ մարդասիրութեամբ խնամած էին Նիկրիցիայի Մայրապետները, որոնք հոգացած էին նաեւ լուր տալու հայ ժողովրդապետութեան, բայց հոն մէկը չէին գտած: Ամբողջովին պատահական կերպով, այցելութեան եկած էր Տէր Գրիգոր Սարգսեանը, որ Տէր Վարդանին մատակարարած էր Հիւանդաց Օծման խորհուրդը:

Այդ պահուն մեծապէս կը նախանձէի Տէր Վարդանին, որ աչքերը գոցած էր արցունքներու այս հովիտին եւ ընկղմած էր Աստուծոյ լոյսին մէջ:

Սեպտեմբեր 6ին Պէյրութի նաւահանգիստէն նորէն նաւ բարձրա ցայ: Ճամբորդեցի Իտալիա, Սպանիա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Զուիցերիա եւ կրկին Իտալիա: Ըսեմ միայն, որ գացած էի օգնութիւն փնտռելու եւ որ այս ճամբորդութիւնս ապարդիւն չանցաւ: Իտալիա մնացի մինչեւ 1953 Մայիս 17ը, այսինքն այն օրը՝ երբ Նափոլիէն նաւ բարձրացայ, ուղեւորուելով Պէյրութ, ուր պիտի մասնակցէի Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին, որուն գործերը պիտի սկսէին Մայիս 25ին:

  Առաքելութեան աւարտը

Լիբանան վերադարձած էի յատկապէս մասնակցելու համար Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին: Աշխատանքները սկիզբ առին 1953 Մայիս 25ին, սովորական ծիսական արարողութեամբ եւ տարբեր յանձնախումբերու ընտրութեամբ: Բացումի իր խօսքին մէջ, Գերերջանիկ Պատրիարք Հայրը ներկայացուց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը, առկայ խնդիրները, նուաճուած յաջողութիւնները, եւ որոշ հարցեր՝ որոնք քննարկումի եւ լուծումի կարիք ունէին: Պատրիարքէն անմիջապէս յետոյ խօսք առին Գերպ. Պետրոս Քետիճեանը եւ Հ. Պօղոս Արիսը. առաջինը՝ Սիւնհոդոսին բարի աշխատանք մաղթելու, իսկ երկրորդը՝ Պատրիարքին շնորհակալութիւն յայտնելու համար, որ Սիւնհոդոսը կատարելու վայր ընտրած էր Զըմ մառու վանքը: Կը սպասէի, որ ուրիշներ խօսք առնեն եւ Ժողովի բուն հարցերուն անդրադառնան: Տեսնելով, որ ոչ ոք մտադիր էր նման քայլ կատարելու, քիչ մը երկչոտութեամբ ձայն խնդրեցի:

Զեկոյցիս մէջ չէի կրնար չանդրադառնալ այնպիսի հարցերու՝ որոնց գլխաւոր կորիզը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկան ու ապագան էր, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցական իշխանութիւններու պատասխանատուութիւնը, որ այդ հարցերէն կը բխէր: Մասնաւորապէս, խօսեցայ քահանայական եւ կրօնաւորական կեանքի թեկնածուներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան մասին, Հայ Կաթողիկէ կղերականներու հոգեւոր կեանքի, Խօսքի քարոզչութեան, բաժնուած եղբայրներու հետ ունենալիք յարաբերութիւններու, աշխարհականներու գոր ծակցութեան մասին: Ուրիշ զեկուցողներ ալ խօսեցան Պատրիարքարանի առաքելութիւններու մատակարարումին մասին, բարեգործութեան, կաթողիկէ հրատարակչութեան, Մխիթարեաններու հետ գործակցելու անհրաժեշտութեան, եկեղեցական գոյքերու մատակարարումի, Ամերիկայի եւ Յունաստանի թեմերու եւ ծիսական զանազան հարցերու մասին: Կը փակեմ այս նիւթը, մէկդի ձգելով բազմաթիւ ա՛յլ մանրամասնութիւններ, թէեւ արժանի են յիշուելու, ինչպէս օրինակի համար՝ մեր դպրոցները յուզող խնդիրները: Պատրիարք Հայրը ըսաւ որ գոհ մնացած էր Սիւնհոդոսի ընթացքէն: Ես գոհացայ միայն մաղթելով, որ քննարկումներուն ու որոշումներուն հետեւի անոնց գործադրումը, նոյնիսկ եթէ դանդաղ ու ճգնաջան կերպով ըլլայ:

Զմմառու Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի մասնակցութեամբ՝ կրցայ աւարտած նկատել առաքելութիւնս Վերին Ճեզիրէի մէջ: Իրօք, 1953 Յուլիս 23 թուակիր իր նամակով, Պատրիարքը տեղեկացուց որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը հաղորդած է հրաժարականիս ընդունելութեան լուրը: Այսպէս կ՚աւարտէր իմ պաշտօնավարութիւնըս որպէս Վերին Ճեզիրէի Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ: Վերադարձայ ապրելու կրօնաւորական խոնարհ կեանքս քափուչիններու մեր վանքին մէջ: Իր վերոյիշեալ նամակին մէջ, Պատրիարքը բառացիօրէն կ՚ըսէր, որ թէեւ սրտի մեծ ցաւ կ՚ապրէր՝ բայց չէր կրնար զիս Պատրիարքարանին մէջ հիւրընկալել: Յամենայն դէպս, իմ Միաբանութիւնս սիրով պիտի հոգար վերջին տարիներուս ապրուստը: Պատրիարքին համար ոչ մէկ խնդիր կար, որովհետեւ իմ ուսերուս կը ծանրանային թեմի համար կնքուած պարտքերը: Պատրիարքարանը չէր կրնար ճանչնալ ատոնք որպէս իրը, եւ եթէ նոյնիսկ ճանչնար՝ պիտի չկարենար փոխհատուցել: Եւ այսպէս, թեմին կը ձգէի տուներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ … եւ հետս Իտալիա կը տա նէի եօթ հազար տոլարի պարտքերու ծանր լուծը:

 

Անյարգալից չեմ նկատեր ինծի վերաբերեալ գործածել մեր Սերովբէանման Սուրբ Հայր Ֆրանչիսկոսին խօսքը. «Եղբայր Կիւրեղ գրէ՛. ՀՈՍ Է ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ»:

Տակաւին այսօր իսկ կը փառաբանեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տիրոջ, որ կանչեց զիս Ասսիզացի Աղքատին դպրոցը:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի  

Այսպէս վերջ կը գտնէ Հայր Կիւրեղ Զօհրապեանի յուշերուն ամփոփ ներկայացումը:

Ով Հայ ընթերցող, այս գիրքը մտածուած է քեզի համար որպէսզի հետեւելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսի այս մեծ Հայորդիին օրինակին, դուն ալ կարենաս դառնալ իսկական մարդ եւ իսկական հայ քրիստոնեայ:


1Յունարէնի մէջ «Փեթրաքի»ն Փեթրոսի փաղաքշական ձեւն է:

2VIGOUROUX F., La Bible et les dռcouvertes modernes, Paris 1896, p. 470.

3Ատանայի եւ ա՛յլ բնակավայրերու մէջ տեղի ունեցած կոտորածներու մասին տեղեկութիւններ ունի նաեւ իմ միաբանակիցս՝ Հայր Կղեմէսը իր հետեւեալ աշխատութեան մէջ. CLEMENTE DA TERZORIO, O.F.M. CAP., Le missioni dei Minori Cappuccini, vol. V, Turchia asiatica, Roma 1919, p. 467ss.

4«Հալալ ըրէ ինծի», այսինքն՝ այս գործը ինծի մեղք մի՛ համարիր:

5  «Հարամ», այսինքն՝ անէծք, մեղք:

5Հ. Լորենցոյ տա Մոնթեմարչանոյ, Տրապիզոնի Առաքելութեան Յուշեր համաշխարհային պատերազմի տարիներուն – Ձեռագիր, կը գտնուի Archivio Generale O.F.M. Cap., AC. 149.  

6 Երբ եւրոպացիները գրաւեցին Թուրքիան, ստեղծուեցան հայկական յանձնախումբեր, որոնք լիազօրուած եւ վճարուած էին եւրոպական տէրութիւններու կողմէ, ազատագրելու համար այն հայ կիներն ու մանուկները՝ որոնք ստրկութեան մատնուեր էին հարեմներու մէջ: Ինչպէս նաեւ ձերբակալուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչները եւ յանձնուեցան անգլիացիներուն, որոնք զանոնք աքսորեցին Մալթա, որ այն ատեն տակաւին ինքնիշխան պետութիւն չէր, այլ անգլիացիներուն կը պատկանէր: Անգլիացիները այդ ոճրագործներուն հետ վարուեցան ամենայն յարգանքով ու պատիւով եւ սակաւաթիւ ամիսներ ետք զանոնք ազատ արձակեցին:

7 Մարտինի քիւրտերը կ՚ատեն թուրքերը: Կը պարծենան, որ կը սերին հայկական արմատներէ: Ճաշէն առաջ հացին վրայ խաչի նշանը կ՚ընեն, ըսելով. «Եա՛ Ալլահ: Եա՛ Իսսա», այսինքն՝ «Ո՜վ Աստուած: Ո՜վ Յիսուս»:

8Լէփթան յունական դրամի՝ տրախմիի մէկ հարիւրերորդական լուման է:

9Յոյները «Նոր Հռոմ» տիտղոսը կու տան Կոստանդնուպոլիս քաղաքին:

10 Հայր Կիւրեղը անձամբ չէ յիշատակած վիրահատութեան բնոյթը« բայց զինք մօտէն ճանչցողներու վկայութեան համաձայն՝ այդ գործողութեան տեն հեռացուցած են անոր երիկամունքներէն մէկը:

11Փիքիսը յունական չափի միաւոր մըն է, որ հաւասար է 0,64 մեթրի:

12Մայր Ագնէս Յիսուսին հարազատ արիւնակից քոյրն էր միայն տասնամեակ մը առաջ սրբադասուած Սբ. Թերեզա Յիսուս Մանուկին:

13Թրքական մէկ «Ռէշատ» լիրան կ՚արժէր իտալական վեց հազար լիրա:

14«Խուրի» ասորերէն կը նշանակէ «հայր»:

15Աբրահամ Մանուկեանը յետագային կը դառնայ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ« Հայր Արիստակէս Վարդապետ անունով: