ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ


 

Մայիս ամսին հավատացյալները առավել ջերմեռանդությամբ են արտահայտում իրենց սերն ու նվիրվածությունը Սուրբ Կույս Մարիամի նկատմամբ։ Մարիամ Աստվածածնին նվիրված մայիսյան ջերմեռանդությունը 13-րդ դարից է սկիզբ առել, իսկ 17-րդ դարում արդեն բուռն զարգացում ուներ: Իսկ հայ հավատացյալների մեջ մայիսյան ջերմեռանդության առաջին քարոզիչներն են եղել Մխիթարյան հայրերը:

Մեր օրերում էլ մայիսյան ջերմեռանդության մաս է կազմում Վարդարանի աղոթքը ու մարեմապաշտական այլ ջերմեռանդություններ, ուխտագնացությունը և Մարիամի անունը կրող մատուռներն ու այլ վայրերը ծաղիկներով շրջապատելը ու եկեղեցուն ծաղիկներ ընծայումը: 

Ստորև ներկայացնում ենք Տիրամոր մայիսյան ջերմեռանդությունը ըստ օրերի:

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10
11 12 13 14 15 16 17 18 19 20
21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. ՄԱՅԻՍ 1

ԱՂՕԹՔ
Ո՜վ յաւիտենական Հայր, Դուն ուզեցիր որ Գաբրիէլ հրեշտակին աւետումով Անարատ Կոյսը յղանար Քու յաւիտենական Որդիդ եւ Սուրբ Հոգւոյդ լոյսով պարուրուած՝ դառնար տաճարը Նոր Ուխտին։ Այնպէս ըրէ՛, ո՜վ Տէր, որ խոնարհաբար Քու կամքիդ միանանք, ինչպէս որ Սուրբ Կոյսը վստահեցաւ Քու խօսքերուդ։ Ամէն։

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Ա 26-33)
Վեցերորդ ամսուն, Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլեայի մէկ քաղաքը, որուն անունն էր Նազարէթ, կոյսի մը, որ նշանուած էր Դաւթի տունէն Յովսէփ անունով մարդու մը հետ եւ կոյսին անունը Մարիամ էր։ Հրեշտակը անոր մօտենալով՝ ըսաւ. «Ողջո՜յն քեզի, շնորհքներով լի, Տէրը քեզի հետ»։ Այս խօսքերուն վրայ՝ Մարիամ վրդովեցաւ եւ կը խորհէր թէ ինչ կը նշանակէ այս ողջոյնը։ Հրեշտակը ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մարիամ, որովհետեւ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտար. Ահա՛ պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի կոչես։ Ան մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի. Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւթի աթոռը եւ Յակոբի տան վրայ պիտի թագաւորէ յաւիտեան, ու անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԱՒԵՏՈՒՄԸ
Աստուած զերծ պահեց Սուրբ Կոյսը սկզբնական մեղքէն, որպէսզի լի շնորհքներով՝ արժանաւոր Մայրը դառնար Իր Որդւոյն։ Անկէ, մաքրամաքուր Կոյսէն, ծնաւ Յիսուս՝ Որդին Աստուծոյ, անմեղ Գառնուկը՝ որ քաւեց աշխարհիս մեղքերը։ Սուրբ Եկեղեցին՝ Քրիստոսի Հարսը, որ Քրիստոսէ ուզուած է անարատ եւ անթառամ ու պայծառ՝ իր գեղեցկութեամբ, կը նկատէ Մարիամը ի՛ր իսկ Մայրը, փաստաբանը շնորհքներու եւ օրինակը սրբութեան՝ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդին։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԻՄԱՍՏԸ
Մարդը Աստուծոյ ա՛յն արարածն է, որ իր մէջ կը միացնէ թէ՛ նիւթական աշխարհը եւ թէ՛ հոգեկանը։ Մարդուս նիւթական մասը մարմինն է՝ որ տիեզերքի նիւթեղէն ստեղծագործութեան մէջ՝ ամենակատարեալն է որ Աստուած ստեղծեց։ Մարդուս հոգեկան մասը, սակայն, հոգին է որ զմեզ կարող կը դարձնէ ճանչնալու բան մը եւ զայն ազատ կերպով ուզելու։ Մարդս, ինչպէս նաեւ հրեշտակները, պատասխանատու անձն է իր սեփական ընտրութիւններուն եւ իր յաւիտենական ճակատագրին։ Մենք մարդիկս ստեղծուեցանք Աստուծմէ՝ որպէսզի յաւիտենապէս երջանիկ ըլլանք Իրեն հետ Արքայութեան մէջ, ո՛չ որպէս պարզ արարածներ, այլ՝ իբրեւ Իր զաւակները։ Եւ ինչպէս հրեշտակները, մեզ ալ Աստուած փորձի կ՚ենթարկէ, տեսնելու մար թէ՝ յետ ճանչնալու Իր սէրը մեզի հանդէպ, մենքալ զԻնքը պիտի սիրե՞նք իբրեւ ամենասիրելի Հայր մը։ Մեր սիրոյն ապացոյցը տալու ենք Աստուծոյ այս կեանքի ընթացքին՝ ծառայելով Իրեն հաւատարմութեամբ եւ ամէն բանի մէջ Իր կամքը կատարելով։
«Ի՞նչ բանի կը ծառայէ կեանքը», ահա այն հարցումը որ կ՚ընէ ամէն մարդ կեանքի դառն օրերուն։ Միայն հաւատացեալ հոգին կրնայ հասկանալ իր գոյութեան գաղտնիքը։ Անշուշտ մենք չե՛նք մեր գոյութեան պատճառը եւ ո՛չ ալ մեր ծնողներն են՝ մեր գոյութեան բացարձակ ստեղծիչները։ Անոնք նպաստեցին մեր մարմինը կերպաւորելու, սակայն մեր հոգին ուղղակի Աստուծոյ ստեղծագործ ձեռքերէն առաջ կու գայ։ Աստուած արարիչ է, իսկ մենք՝ արարած։ Ան Հայր է, իսկ մենք՝ որդիներ։ Աստուած մեզ ստեղծեց որ որդիներ ըլլանք Իրեն եւ իբրեւ որդի՝ ճանչնանք, սիրենք եւ ծառայենք Իրեն այս կեանքին մէջ եւ զԻնքը վայելենք Արքայութեան մէջ։ Այս աշխարհիս ուրախութիւնները, մեծութիւնները եւ հարստութիւնները չեն յագեցներ մարդկային սիրտը. անոնք՝ մշուշի պէս շուտով կը փարատին։ «Տէր, Դուն մեզ ստեղծեցիր Քեզի համար եւ մեր սիրտը երջանիկ չէ՝ մինչեւ որ չհանգչի Քու մէջդ» (Սուրբ Օգոստինոս)։

ՕՐԻՆԱԿ – ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ԷՐ
Օր մը զաւակս, իր ինքնաշարժով, մեծ արագութեամբ կը սուրար նեղ ճամբու մը վրայ, երբ յանկարծ անակնկալօրէն երեք տարեկան աղջնակ մը ճամբան կը կտրէ մէկ մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Նոյնիսկ ուժով արգելակ գործածելուն՝ ողբերգութիւնըանխուսափելի էր։Աստուածամա՛յրը օգնութեան կը կանչէ. կարծես աներեւոյթ ձեռք մը կ՚ազատէ աղջնակը։ Յիրաւի, փոքրիկը անվնաս անցած էր ճամբուն միւս կողմը։ Ետ դառնալով, բոլորովին յուզուած՝ կ՚անդրադառնայ թէ ճամբու եզերքին կայ Աստուածամօր նուիրուած խորանիկներէն մէկը։ Իր համոզումն է՝ որ դէպքը մի միայն հրաշքի միջամտութեամբ կարելի է բացատրել. Աստուածամա՛յրը ազատած էր փոքրիկը։
(Քրեմոնացի՝ Իրենէ Կուարների, Յուլիս 1976)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Հատուցում ընենք այն հայհոյանքներուն կամ անվայել խօսքերուն՝ որ կ՚ըլլան Աստուծոյ եւ Սուրբ Կոյսին դէմ։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Ստէպ մտածենք մեր կեանքի նպատակին վրայ։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, աստղը եւ առաջնորդը մեր կեանքին՝ բարեխօսէ՛ մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մա՜յր իմ եւ Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ, Մարիամ, տակաւին անմիաբան են ընտանիքիդ անդամները, բաժան բաժան եղած, պատերազմներով խռոված եւ առանց սիրոյ։ Ե՞րբ պիտի արժանանայ քու սիրոյդ, քու մայրականքաղցր պաշտպանութեանդ։ Մա՜յր, դարձուր մեր սիրտը խաղաղմտածումներու եւ սիրոյ՝ ամէնուն հանդէպ։ Մարէ՛ ազգերու միջեւ եղած ոխի եւ ատելութեան կրակը. տապալէ՛ այն արգելքները որ կը բաժնեն եղբայրը իր եղբօրմէն։ Սուրերը թող արօրի փոխուին՝ համերաշխ գործելու համար։ Հիւլէական ռումբերը որոնք աշխարհը կործանելու համար շինուած են, թող ըլլան միջոցներ հաց եւ քաղաքակրթութիւն տարածելու յետամնաց ժողովուրդներու. խորտակուին բաժանումի պատերը, դադրի՛ն պատերազմները, տկարներու հարստահարութիւնները, զէնքերու հայթայթումները եւ ամէնուրեք իշխէ սէրը։ Օրհնէ՛, Մա՜յր, բոլոր անոնք որ հոգիներուն միութեան համար կ՚աշխատին։ Ցոյց տուր մարդոց եղբայրութեան եւ հաւատքի, համերաշխութեան եւ սրբութեան ուղիղ եւ ապահով ճամբան։ Մեր մէջ եկուր իբրեւ գողտր քոյրիկ՝ ու քալէ մեզի հետ։ Պիտի հետեւինք քեզի։ Այսպէս աւելի ապահով պիտի ըլլանք որ դուն մեզի պիտի հասցնես Աստուծոյ՝ որպէսզի պարգեւէ մեզի յաւիտենական երջանկութիւնը։
Յիշէ՛, ո՜վ Մայր, բոլոր անոնք որ յոգնած են եւ կը պայքարին թշուառութեան, հիւանդութեան եւ դժբախտութեան մէջ եւ չունին ո՛չ մխիթարութիւն եւ ո՛չ խաղաղութիւն, այլ միայն դառնութիւն կը ճաշակեն։ Յիշէ՛ նաեւ անոնք որ արհամարհուած ու խոշտանգուած են, իրաւազրկուած ու չհասկցուած՝ կ՚ապրին ամէն մարդկային արժանապատուութենէ հեռու։ Յիշէ՛ նաեւ անոնք որ չունին հաւատք եւ ոչ գաղափարական ու սրտերինին ամբողջութեամբ ցամաքած է։ Այս քու բոլոր զաւակներուդ փոխարէն, որոնք մոռցած են իրենց կեանքի նպատակը, մե՛նք կը դիմենք քեզի, ո՜վ բարեգութեւ քաղցր Կոյս Մարիամ, դուն միայն կրնաս մեզ փրկել եւ առաջնորդել քու Յիսուսիդ։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 2)

ԱՂՕԹՔ
Ո՜վ Տէր, Լեցո՛ւր մեր հոգիները Քու սուրբ շնորհքներովդ. Դուն որ Գաբրիէլ հրեշտակի աւետումով Սուրբ Կոյս Մարիամին, մեզի յայտնեցիր Քու Որդւոյդ մարդեղութիւնը, Իր Չարչարանքներուն եւ Խաչելութեան շնորհիւ, առաջնորդէ՛ մեզ դէպի Յարութեան փառքը։ Ամէն։

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Ա. 34-38)
Մարիամ հարցուց հրեշտակին. «Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ ինծի ատիկա, քանի որ ես այր չեմ ճանչնար»։ Հրեշտակը պատասխանեց. «Սուրբ Հոգին պիտի իջնէ քու վրադ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլայ քեզի. որովհետեւ Սուրբը՝ որ քեզմէ պիտի ծնի՝ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ Ահա՛ Եղիսաբեթ, քու ազգականդ ալ որդի մը յղացեր է իր ծերութեան ատեն եւ արդէն վեցերորդ ամսուն մէջ է, անիկա՝ որ ամուլ կոչուած էր. որովհետեւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ»։ Մարիամ ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ, Տիրոջ աղախինն եմ ես, ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Եւ հրեշտակը մեկնեցաւ անոր քովէն։
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։

ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ԱՒԵՏՈՒՄԸ
Գաբրիէլ հրեշտակը կը յայտնէ Մարիամին Հօր Աստուծոյ միտքը՝ փրկելու մարդկութիւնը Իր Որդւոյն միջոցով։ Սակայն այս գործին համար կ՚ուզէր Մարիամին գործակցութիւնը։ Ա՛ն է նախընտրեալը որպէս Մեսիայի Մայր։ Եւ ասիկա ամենամեծ պատիւն է որ Աստուած կրնար տալ կնոջ մը։ Սուրբ Կոյսը վստահութեամբ կ՚ընդունի փրկագործութեան ծրագիրը։ Եւ Բանն Աստուած մարմին կ՚առնէ իր արգանդին մէջ եւ բնակութիւն կը հաստատէ մեր մէջ, մեզ փրկելու համար։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻՆ
Աստուծոյ մեզի ըրած ամենամեծ շնորհքը ո՛չ թէ մեզ ստեղծելն է, այլ՝ մեզ որդեգրելն է եւ ուստի ժառանգորդ ընելը Իր յաւիտենական երջանկութեան՝ Արքայութեան մէջ։ Աստուած մեզ Իր որդիները ըրաւ՝ մասնակից դարձնելով Իր իսկ աստուածային կեանքին։ Յիսուս, Աստուծոյ մարդացած Որդին՝ մեզ Իր Հօր որդիները կը դարձնէ եւ Իրեն կը միացնէ՝ ինչպէս ուռը միացած է որթատունկին։ Իր մահուան նախօրեակին, երբ վերնատան մէջ կը գտնուէր առաքեալներուն հետ, Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ. «Ես եմ որթը եւ դուք ճիւղերը։ Ինչպէս ճիւղը ինքնիրմէն չի կրնար պտուղ բերել եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս դուք ալ՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք»։ Ինչպէս կեանքի աւիշը որ կը հոսի բունին մէջ, նոյնն է որ կը հոսի ճիւղերու մէջ. այսպէս, աստուածային կեանքը որ կայ Յիսուսի՝ Աստուծոյ Որդւոյն մէջ, նոյն կեանքը կ՚անցնի նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ։ Յիշենքայն խօսքերը զոր ըսաւ Նիկոդեմոսին. «Եթէ մէկըջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի՛ կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել»։ Անոր համար Սուրբ Հոգին է որ մեզ աւազանի սուրբ խորհուրդով կը պատուաստէ Յիսուսի վրայ եւ մեզ կրկին կը ծնի Իր աստուածային կեանքին համար։ Շատ յստակ է որ մկրտութենէն յետոյ մենք այլեւս նոյնը չենք քան ինչ որ առաջ էինք։ Առաջ պարզապէս մարդկային արարածներ էինք, իսկ հիմա՝ մէկ բան եղանք Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդւոյն հետ։ Յիսուսի աստուածային կեանքը մեր մէջ գալով, մեզ հիմնապէս կերպարանակից ըրաւ Իրեն։ Մարդս թագաւոր կարգուեցաւ բոլոր արարածներուն վրայ եւ կը գերազանցէ ամէն արարած, որովհետեւ կը մասնակցի Աստուծոյ մտքի լոյսին։ Ան իր մտքի հանճարով, դարերու ընթացքին, ի՜նչպիսի անհաւատալի յաջողութիւններ արձանագրեց ամէն մարզերուն մէջ։ Ուստի մեծ է մարդուս արժանապատուութիւնը. ան որդի է Աստուծոյ եւ ժառանգորդ՝ յաւիտենական երջանկութեան։

ՕՐԻՆԱԿ – ՉԷՐ ՈՒԶԵՐ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Ժամանակէ մը ի վեր եղբօրս համար Աստուածամօր կ՚աղօթէի. ան չէր ուզեր եկեղեցական ամուսնութիւն, այլ՝ միայն քաղաքական։ Սուրբ Պսակի ժամանակը մօտեցած ըլլալով, կը զգայի թէ ինչ մեծ ցաւ է ընտանիքի մը համար, որ պիտի կազմուի առանց Աստուծոյ օրհնութեան եւ Եկեղեցիէն հեռու. ուստի անդադար կ՚աղօթէի Աստուածամօր՝ որ միշտ մօտս եղած է կեանքիս ամենանեղ օրերուն։ Աղօթքներուս կը խառնէի նաեւ օրուան մէջ սիրով տարած նեղութիւններուս արդիւնքը։ Ու այսպէս վեց ամիս աղօթելէ յետոյ, լուրը հասաւ որ եղբայրս որոշեր է եկեղեցական ամուսնութիւն ընել ու հոգեպէս ալ պատրաստուեր է։ Այս դարձը, ինծի բոլոր ծանօթները՝ վերագրեցին մեր երկնային Մօր յատուկ միջամտութեան։
(Ս. Պ., Հռոմ 1979)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի Աստուածամայրը միշտ մեր մօտը գտնուի եւ օգնէ մեզի մեր փորձութիւններու ատեն, յարատեւելու համար ողջախոհութեան, աղքատութեան եւ հնազանդութեան
առաքինութիւններուն մէջ։

ԽՕՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Մահացնենք մեր քիմքը՝ ինքզինքնիս զրկելով համադամ կերակուրներէ։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕՔ
Մարիամ, մեր Մայրը եւ փրկչակիցը, բարեխօսէ՛ մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, Մայրը Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ, քեզի կը վստահինք մեր երիտասարդները։ Դուն զիրենք կը սիրես մայրական մեծ սրտով։ Դուն գիտես գաղտնիքը՝ անոնց սրտին խօսելու լուռ եւ քաղցր կերպով։ Դուն որ սրտերը եւ միտքերը գիտես կարդալ, քեզի կը յանձնենք զանոնք, անփորձ են կեանքին եւ ամէն կողմէ դարան լարուած է անոնց դէմ։ Վատառողջ շրջանակներու մէջ կ՚ապրին եւ ապականութիւնը պատրաստ է վրանին խուժելու։ Մարիամ, դուն անարատ Մայրն ես երիտասարդներու, մի՛ լքեր զիրենք փորձութիւններու ատեն։ Օգնէ՛ իրենց որ հաւատան թէ՝ կեանքը առանց հաւատքի՝ անյոյս գիշեր է։ Ըրէ՛ այնպէս որ մաքուր ըլլան, որովհետեւ առանց մաքրութեան սէր չկայ՝ այլ միայն զգայասիրութիւն։ Տո՛ւր անոնց զօրութիւն եւ լոյս՝ կատարեալ ուրախութեան, որովհետեւ կեանքը ա՛յն ատեն գեղեցիկ է՝ երբ գիտէ հասցնել մեզ աստուածային շնորհքի աղբիւրին։ Ըլլան անոնք պատուաւոր եւ աշխատասէր, առողջ մտքով եւ սրտով։ Աստուածամայր, կը տեսնես արցունքոտ աչքերը այնքան մայրերու՝ որոնք մտահոգուած են իրենց զաւակներուն ապագայով։ Մայրերը՝ ըլլան իրենց զաւակներուն կեանքի օրինակ եւ անսխալ առաջնորդներ՝ դժուարութիւններու մէջ։ Ազդու ըրէ անոնց խօսքերը, յաջողութիւն տուր անոնց գործերուն եւ լսէ՛ անոնց աղօթքը։ Մխիթարէ՛ զիրենք իրենց լուռ ցաւերուն մէջ եւ յարատեւ մտատանջութիւններու ատեն։ Արծարծէ՛ վեհանձն երիտասարդներու սրտին մէջ կատարելութեան եւ սրբութեան գաղափարականը։ Երիտասարդները անսասան հաւատքով եւ մաքրութեամբ, հանդիսանան լուսաւոր գարունը՝ Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյն։ Եւ այս հրաշալի վերածնունդին՝ դո՛ւն եղիր մեր ապահով առաջնորդը՝ Մարիամ Աստուածածին։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 3)

ԱՂՕԹՔ
Աստուած ամենակալ եւ հզօր, Դուն որ սիրոյդ ծրագիրներուն մէջ, ներշնչեցիր երանուհի Մարիամը, որ իր ծոցին մէջ կը կրէր Որդիդ, որ այցի երթայ Սրբուհի Եղիսաբեթին, շնորհէ մեզի որ ըլլանք հլու հնազանդ Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումներուն՝ փառաւորելու համար Մարիամին հետ Քու սուրբ անունդ, ո՜վ Տէր։ Մեր Յիսուս Քրիստոսով։ Ամէն։

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Ա 39-45,56)
Այն օրերուն Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ փութով գնաց լեռնակողմը, Յուդայի մէկ քաղաքը, եւ մտնելով Զաքարիայի տունը՝ ողջոյն տուաւ Եղիսաբեթի։ Եղիսաբեթ հազիւ թէ լսեց Մարիամի ողջոյնը, մանուկը խայտաց իր որովայնին մէջ. եւ Եղիսաբեթ լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով, ու բարձրաձայն գոչեց. «Օրհնեա՜լ ես դուն կիներուն մէջ, եւ օրհնեալ է պտուղը քու որովայնիդ։ Աս ի՞նչ կ՚ըլլայ որ Տիրոջս մայրը ինծի կու գայ։ Որովհետեւ ահա երբ քու ողջոյնիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկս ցնծալով խայտաց որովայնիս մէջ։ Եւ երանի՜ անոր՝ որ հաւատաց, որովհետեւ պիտի կատարուի ինչ որ Տիրոջ կողմէ ըսուեցաւ իրեն»։ Մարիամ շուրջ երեք ամիս կեցաւ Եղիսաբեթի մօտ, եւ իր տունը դարձաւ։
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։


ՄԱՐԻԱՄԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Գաբրիէլ հրեշտակը արդէն աւետած էր Մարիամին՝ իր ծեր եւ ամուլ ազգականին՝ Եղիսաբեթին մայրութիւնը։ Մարիամ անմիջապէս կը մեկնի Նազարէթէն եւ փութով կը հասնի Յուդայի լեռները, օգնութեան հասնելու Եղիսաբեթին, որ հազիւ թէ կը լսէ անոր ողջոյնը, Սուրբ Հոգիով լեցուած, զայն երանելի կը հռչակէ, որովհետեւ Մայրն էր Աստուծոյ։ Իսկ նախակարապետն Յովհաննէս Մկրտիչ կը խայտայ իր մօր որովայնին մէջ եւ կը սրբանայ։ Ան նախասահմանուած էր Մեսիային ճանապարհները պատրաստելու։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Ժամանակը թանկագին գանձ մըն է որ Աստուած տուած է մարդուս։ Օրերը, ամիսները եւ տարիները արագօրէն կ՚անցնին եւ մեզ շուտով կը հասցնեն յաւիտենականութեան սեմին։ Ժամանակը այն ընտիր դրամն է որ մեզ կ՚արժանացնէ դրախտին, սակայն կրնայ դառնալ նաեւ անիրաւ մամոնայ՝ որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի դժոխք։ Շատեր կը վատնեն իրենց ժամանակը սին եւ անօգուտ մտածումներով. ամբողջ օրերնին կ՚անցընեն առանց վայրկեան մը իսկ մտքերնին բարձրացնելու Աստուծոյ՝ աղօթքով կամ մտածականով մը, առանց քննելու խիղճերնին՝ թէ ի՞նչպէս կատարած են իրենց պարտականութիւնները եւ կամ ի՞նչ մեղք ըրած են։ Ժամանակնին կ՚անցընեն անիմաստ եւ անօգուտ խօսակցութիւններով, սնոտի այցելութիւններով, վնասակար տրտունջներով եւ գռեհիկ կեանքով։ Առտու եւ իրիկուն ժամանակ չունին աղօթելու, վարդարան ըսելու, տօնի օրերուն՝ Պատարագ տեսնելու, հոգեւոր կամ շինիչ խօսակցութիւն մը մտիկ ընելու, քրիստոնէաբար կրթելու իրենց զաւակները, եւ յետոյ՝ ժամեր ու ժամեր կ՚անցընեն անվերջանալի շատախօսութիւններով՝ սրճարաններու մէջ, զբօսավայրերու մէջ, հեռաձայնով, շարժապատկերի սրահներուն մէջ, մարզադաշտերու մէջ կամ հեռատեսիլի առջեւ։ Մի միայն մեր մահուան ատեն պիտի հասկնանք թէ որքան թանկագին է եղեր ժամանակը. սակայն այն ատեն ալ շատ ուշ պիտի ըլլայ մեզի ...։
Ուստի, ասկէ յետոյ, Աստուծոյ եւ Աստուածամօր օգնութեամբ, մասնաւոր կերպով ջանանք, ամէն օր, բարի գործ մը ընել, եղբայրսիրական արարք մը, աղօթք մը, զոհողութիւն մը սիրայօժար կերպով տանիլ, հիւանդներու այցելութիւն մը կատարել։ Այսպէսով մենք կ՚ունենանք մեր ոսկեմատեանին մէջ, յաւիտենականութեան համար շատ մը արժանիքներ։ Ու երբ գայ մեր երկրաւոր կեանքին վերջին օրը, Աստուած պիտի հրամայէ ըսելով. «Կանչէ՛ մշակները ...», ու մենք ուրախ սրտով պիտի երթանք Տիրոջ՝ որ մեզի պիտի ըսէ. «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մտի՛ր Տիրոջդ ուրախութեան մէջ»։

ՕՐԻՆԱԿ – ՄԵԾ ԱՂԷՏԷ ՄԸ ԱԶԱՏԱԾ
Տակաւին նոր գնած էի կազէ փուռ մը, երբ օր մը յանկարծ զօրաւոր բոց մը ելաւ փուռէն եւ ակնթարթի մէջ լափեց ամէն ինչ որ կար սենեակին մէջ։ Սարսափած՝ միտքս գնաց կազէ շիշին՝ որ եթէ պայթէր, պիտի կործանէր բոլոր տունը, մանաւանդ թէ՝ ութը մարդկային զոհեր պիտի խլէր մեզմէ։ Ու ահա, այդ ողբերգական վայրկեանին, բոլոր հաւատքովս դիմեցի Աստուածամօր՝ որ օգնութեան հասնէր մեզի։ Մինչ այդ հրշէջները հասած էին կրակը մարելու։ Յիրաւի, մեծ հրաշքով կրցան քաջ երիտասարդները կազի շիշը դուրս հանել եւ կրակը մարել՝ ազատելով մեզ մեծ աղէտէ մը։ Շնորհակալ եղայ այդ քաջ հրշէջներուն եւ մանաւանդ՝ մեր երկնային Մօր Սուրբ Աստուածամօր՝ որուն ցկեանս երախտապարտ պիտի մնամ եւ յատուկ ջերմեռանդութիւն պիտի տածեմ իրեն հանդէպ, որ զիս ազատեց այդ ահռելի արկածէն։
(Ֆաուսթինա Ծովի Թուրրա տի Վիլլա
Էսթէնսէ – Փատովա – Յունուար 1978)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի մարդիկ, ընտանիքներ եւ հասարակութիւնը, կարենան իրենց կեանքին մէջ՝ ներշնչուիլ Սուրբ Աւետարանէն։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔՎԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Ժամանակը լաւագոյնս պիտի օգտագործենք խուսափելով պարապորդութենէ, յանձնառու պիտի ըլլանք բարի գործեր ընելու եւ մեծ համակամութեամբ՝ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր նեղութիւնները։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, լի շնորհքներով՝ բարեխօսէ՛ Յիսուսին մեզի համար։


ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ Աստուածամայր, դէպի քեզ ձգէ մեզ որպէսզի հետեւինք քու առաքինութիւններուդ։ Տա՛ր մեզ քու ետեւէդ դէպի մեր եղբայրները, բոլորը՝ քու զաւակներդ են որոնք ծարաւի են՝ սիրոյ եւ լոյսի, կարօտ՝ քաջալերանքի եւ կանքի։ Քալցուր մեզ քու կողքիդ՝ աշխարհիս բոլոր ճամբաներուն վրայէն, սէր ցանելու սրտերուն մէջ, ուրախութիւն սփռելու ամէն տեղ եւ շնորհքներու գործիքներ դառնալու։ Յիշեցուր մեզի, ո՜վ Մայր, մեր եղբայրներուն բազմազան կարօտութիւնները եւ մեր խիստ պարտականութիւնները հանդէպ մեր անօթի անգործ ու առանձին մնացած կամ չարչարուած եղբայրներուն։ Լեղի դարձուր այն հացը զոր անյագօրէն կ՚ուտենք՝ երբ անդին շատեր կան որոնք հացի կտոր մը իսկ չունին ուտելու։ Լեղի դառնան բոլոր այն հանգստաւէտութիւնները, երբ գիտենք թէ քանի քանիներ անբաւարար սնունդ կը ստանան ամէն օր։ Տուր որ սիրենք ուրիշները եւ հասկնանք անոնց վիճակը։ Ըրէ այնպէս, ո՜վ Մայր, որ չըլլայ թէ շռնթալից այս քաղաքակրթութեան մէջ, մարի ձայնը մեր սրտին մէջ այն միլիոնաւոր եղբայրներուն՝ որոնք կը տառապին։ Եռանդ դիր մեր մէջ օգնելու անոնց, ո՜վ դուն Մայր՝ որ Խաչին ոտքը, Յիսուսի մահուան ատեն, մեզ ամէնքս, իբրեւ որդիներ յանձն առիր։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 4)

ԱՂՕԹՔ
Տէր, թող երանէ Քեզ Սուրբ Եկեղեցին, որովհետեւ մեծամեծ բաներ ըրիր անոնց համար որ Մարիամի օրինակին հետեւելով, հաւատացին Քու խօսքերուդ. եւ ինչպէս որ Յովհաննէս Մկրտիչ Քու Որդւոյդ ծածկեալ ներկայութիւնը զգաց՝ այսպէս ալ ցնծացող ժողովուրդը թող առանց տարակոյսի Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ ճանչնայ ճշմարիտ ներկայութիւնը իր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի՝ որ կ՚ապրի եւ կը թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Ա 46-55)
Մարիամ պատասխանեց. «Իմ անձս Տէրը կը փառաւորէ, եւ հոգիս կը ցնծայ իմ փրկիչ Աստուծովս. որովհետեւ Իր աղախինին խոնարհութեան նայեցաւ, եւ ահա՛ ասկէ վերջ՝ բոլոր ազգերը ինծի երանի պիտի տան, որովհետեւ հզօրն ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ, եւ սուրբ է անոր անունը։ Անոր ողորմութիւնը՝ իր երկիւղածներուն վրայ, սերունդէ սերունդ։ Հրաշքներ գործեց Իր բազուկով, ամբարտաւանները՝ իրենց սրտին խորհուրդովը ցրուեց, հզօրներն իրենց գահէն տապալեց եւ խոնարհները բարձրացուց։ Քաղցածները բարիքներով լիացուց եւ հարուստները ձեռնունայն արձակեց։ Պաշտպան կանգնեցաւ, իր Իսրայէլ ծառային՝ յիշելով իր ողորմութիւնը, ինչպէս խօսած էր մեր հայրերուն՝ Աբրահամին եւ անոր սերունդին, յաւիտեան»։
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։

ՄԱՐԻՄԻ ՍԱՂՄՈՍԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ
Եղիսաբեթի օրհներգութեան խօսքերուն՝ Մարիամ կը պատասխանէ իր ցնծութեան երգովը։ «Մեծացուսցէ»ի գլխաւոր նիւթն է՝ Աստուծոյ սէրը հանդէպ աղքատներուն՝ որոնց մէջ ինքը, աղքատ կոյսը, է՛ նաեւ աղախինը Աստուծոյ. նոյնպէս՝ Աստուծոյ փառքը, իսկապէս, կը յայտնուի խոնարհներու յաղթանակին մէջ։ Մարիամ երեք ամիս կը մնայ Եղիսաբեթին քով՝ անոր օգնելու համար։ Մարիամ թախանձագին սէրէ մղուած, ինչպէս իր զաւակը Յիսուս, եկաւ ո՛չ թէ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելու։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ՄԵՂՔԸ
Մարդը մեղանչելով՝ Աստուծոյ շնորհքէն զրկուեցաւ։ Եթէ Աստուած քեզ իրեն կը կանչէ երջանիկ ընելու համար եւ դուն կը մերժես Իրեն երթալ, անհնազանդ կը գտնուիս Իրեն հանդէպ եւ զԻնքը կը վշտացնես. այսպէսով ո՞վ կը վնասէ. դո՛ւն, որովհետեւ պիտի մնաս քու խեղճութեանդ մէջ։ Մեզ դատապարտութեան մատնեց Ադամի մեղքը՝ որ սկզբնական կը կոչուի, որովհետեւ սկիզբէն ի վեր կործանեց բոլոր մարդկութիւնը, ինչպէս որ ներկայիս այս կեանքին մէջ մեր գործած մեղքերը մեզ կը դատապարտեն։ Սկզբնական մեղքով Ադամ, ըլլալով նախահայրը մարդկութեան, կորսնցուց ո՛չ թէ միայն իրեն համար, այլ նաեւ բոլոր մարդոց համար, Աստուծոյ շնորհքները՝ ըլլան անոնք գերբնական կամ բնական։ Կը նմանին այն հօր՝ որ երբ թղթախաղով կորսնցնէ իր ունեցած բոլոր դրամները եւ կալուածները, ի՞նչ ժառանգութիւն կրնայ թողուլ իր զաւակներուն։ Կամ երբ առուակի մը ակը թունաւորուի՝ կրնա՞յ առուակը չթունաւորուիլ։ Բոլոր մարդկութիւնը Ադամէն առաջ գալով՝ կը ստանայ անկէ մարդկային մեղանչական բնութիւն մը։ Սկզբնական մեղքին տուած վնասները մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ հետեւեալներն են. մեզմէ խլեց գերբնական շնորհքը՝ այսինքն աստուածային շնորհքը, զոր Աստուած մեզի տուած էր, որպէսզի Իր զաւակներն ըլլայինք եւ մասնակից Իր յաւիտենական երջանկութեան՝ Արքայութեան մէջ։ Խլեց նաեւ մեզմէ մեր մարդկային բնութեան պատկանող պարգեւներն ալ, այսպէս ենթակայ եղանք գէշ հակումներու, հիւանդութիւններու եւ նոյնիսկ՝ մահուան։ Եւ սակայն բարին Աստուած մեզ չթողուց այդ խղճալի վիճակին մէջ, այլ մեզ նախասահմանեց փրկուելու Իր Միածին Որդիին միջոցով. զԱնիկա աշխարհ ղրկեց, որպէսզի սկզբնական մեղքը ջնջէ՝ եւ վերստին տայ մեզի գերբնական շնորհքները՝ որոնք աստուածային կեանքն ու Արքայութիւնն են։ Յիսուս որ կը ջնջէ սկզբնական մեղքը, կու տայ մեզի կրկին Իր աստուածային կեանքը՝ մկրտութեան սուրբ խորհուրդով։ Մեր կողմէ գործուած մեղքերը երկու տեսակ են. մին մահացու է, միւսը՝ ներելի։ Մահացու մեղքը Աստուծոյ օրէնքին դէմ գործուած անհնազանդութիւն մըն է, ծանր կերպով, գիտակից եւ ազատ կամքով։ Մինչդեռ ներելի մեղքը, ըլլալով մէկտեղ անհնազանդութիւն մը Աստուծոյ օրէնքին դէմ, սակայն թեթեւ բաներու մէջ, կամ նաեւ յինքեան ծանր բաներու մէջ, սակայն՝ առանց ուշադրութեան եւ հաւանութեան։

ՕՐԻՆԱԿ – ԱՂԱՉԵՑԻ, ՄԱՆԱՒԱՆԴ ԹԷ՝ ՄԱՐԻԱՄ ԱՂԱՂԱԿԵՑԻ
Ինքնաշարժովս դպրոց կ՚երթայի, ճամբան ցուրտէն սառած էր։ Ժամական 70-80-ի վրայ կը սուրայի։ Սակայն դարձուածքի մը վրայ երբ յանկարծ արգելակը կոխեցի, ինքնաշարժը ինքզինքը կորսնցուց՝ առանց հնազանդելու հրամաններուս։ Գիտակից էի ըլլալիքին. աղաչեցի, մանաւանդ թէ՝ Մարիամ գոչեցի, այն որ Մայրն ու օգնականն է քրիստոնեաներու։ Ինքնաշարժով փոսի մը վրայէն ցատկելով, կեցայ ճիշտ բնակարանի մը կից՝ խճուղիի մը վրայ։ Ո՛չ մէկ վնաս. ոչ ինծի, ոչ ինքնաշարժիս եւ ոչ ալ տղոց՝ որոնք դպրոց կ՚երթային։ Մի միայն սաստիկ վախցած էի։ Հրաշքով ազատած եւ անվնաս՝ ահա շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Աստուածամօր՝ որ միշտ Մայրս ու առաջնորդս եղած է կեանքիս մէջ։
(Ֆրանչեսքա Պաթթիսթին, Կորկօ Ալ Մոնթիքաթօ – Թրէվիզօ – Ապրիլ 1978)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որ մեղքէ ազատ ըլլանք եւ մեր մարմինը, որ Աստուծոյ տաճարն է՝ սուրբ պահենք։

ԽՕՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Խուսափիլ մեղքի առիթներէ՝ որոնք կը ներկայանան ընթերցումներու, ընկերութիւններու եւ անհամեստ տեսարաններու ատեն։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ՝ ապաստան մեղաւորներու, բարեխօսէ՛ Յիսուսին մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, թագուհի երկնքի եւ Մայր տիեզերքի եւ բոլոր մարդկութեան, որ Աստուծմէ ստացար պարտականութիւնն ու իշխանութիւնը, սատանային գլուխը ջախջախելու. քու մայրական հրաւէրիդ հետեւելով քեզի կու գանք, ո՜վ Մայր, որ ցոյց տաս մեզի աղօթքի եւ ապաշխարութեան ճամբան, տաս մեզի քու բարութեանդ շնորհքներն ու սքանչելիքները։ Լսէ՛ քու տառապեալ որդիներուդ աղօթքը։ Մարիամ, վճիտ լոյսը Արքայութեան, հաւատքի լոյսով հեռացուր ինծմէ սխալելու խաւարը. Յոյսի անոյշ բոյրով՝ մխիթարէ սրտաբեկ հոգիները եւ սիրոյ բոցով՝ հրահրէ մարդոց սրտերը։ Նեղութիւններու ատեն՝ զօրացուր մեզ, վտանգներու մէջ՝ պաշտպանէ՛ մեզ եւ թիկունք կեցիր մեզի պայքարներու ատեն։ Տուր որ շատ սիրենք Յիսուսը, ստէպ վարդարան ըսենք, ամէն տեղ տարածենք ջերմեռանդութիւնդ, եւ ջանանք միշտ Աստուծոյ շնորհքին մէջ ապրիլ, որպէսզի ժառանգենք երկինքի Արքայութիւնը։
Մարիամ, քանի որ մարդկային ամէն արարածներէ աւելի Սուրբ Հոգւոյն վստահութիւնը շահեցար, օգնէ՛ ամէն կերպով քու Որդիիդ Եկեղեցիին՝ որ շարունակէ նոյն հաւատարմութեամբ սփռել հաւատացեալներուն վրայ իր անիմանալի շնորհքները փրկութեան եւ սրբութեան, բոլոր մարդկութեան ազատութեան համար։ Ո՜վ մայր մարդկութեան եւ բոլոր ժողովուրդներուն. դուն գիտես անոնց չարչարանքներն ու յոյսերը. կը զգաս մայրաբար անոնց պայքարը չարին եւ բարիին, լոյսին եւ խաւարին միջեւ՝ որոնք աշխարհը կը ցնցեն։ Ընդունէ՛ մեր աղաղակը՝ քեզի ուղղուած, Սուրբ Հոգւոյն միջոցով ուղղակի՝ քու սուրբ սրտիդ, եւ մայրական սիրով տոգորուած՝ սեղմէ քու սրտիդ անոնք՝ որոնք աւելի պէտք ունին քեզի եւ ասոնց հետ նաեւ ուրիշները՝ որոնք դուն ալ գիտես որ արդէն կը սպասեն յատուկ կերպով։ Քու մայրական պաշտպանութեանդ հովանիին ներքեւ առ մարդկային ամբողջ ընտանիքը՝ որ գորովալիր հայեացքով քեզի կը դիմէ, ով Մայր բարեգութ։ Թող հասնի ամէնուն համար ժամը՝ խաղաղութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան եւ յոյսի։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 5)

ԱՂՕԹՔ
Հայր ամենակալ, թող օգնութեան հասնի մեզի սէրը Քու Որդւոյդ որ ծնելով հանդերձ կոյս Մարիամէն՝ չպակսեցուց, այլ մանաւանդ թէ՝ սրբացուց անոր մայրութեան կատարելութիւնը. թող այդ սէրը ազատէ մեզ ամէն մեղքէ եւ ընդունելի դարձնէ Քեզի մեր զոհը. Ան՝ որ կ՚ապրի եւ կ՚իշխէ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ (Ա. 16,18-21,24)
Յակոբ ծնաւ Յովսէփը, այրը Մարիամի, (որուն նշանուած էր Մարիամ կոյսը), որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս։ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այսպէս եղաւ։ Մարիամ, անոր մայրը, նշանուած էր Յովսէփի հետ, եւ դեռ իրարու հետ չբնակած՝ յղի գտնուեցաւ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ։ Բայց Յովսէփ, անոր ամուսինը, որ արդար էր եւ չէր ուզեր զայն խայտառակել, խորհեցաւ լուռ կերպով արձակել։ Եւ մինչ այսպէս կը մտածէր, ահա Տիրոջ հրեշտակը տեսիլքի մէջ երեւցաւ անոր եւ ըսաւ. «Յովսէ՛փ, Դաւթի որդի, մի՛ վախնար քովդ առնելու կինդ՝ Մարիամը, որովհետեւ անոր յղութիւնը Սուրբ Հոգիէն է։ Որդի մը պիտի ծնի, որուն անունը Յիսուս պիտի դնես, որովհետեւ ան է որ պիտի փրկէ իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն»։ Յովսէփ քունէն արթննալով կատարեց ինչպէս իրեն հրամայած էր Տիրոջ հրեշտակը։
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։

ՄԱՐԻԱՄ՝ ՅՈՎՍԷՓԻ ՀԱՐՍԸ
Յովսէփ, տակաւին Մարիամի հետ չբնակած, նկատեց որ ան յղի էր արդէն։ Հրեշտակը իրեն երեւնալէ յետոյ տեսիլքի մէջ, հանդարտեցուց զինքը՝ փարատելով ամէն տարակոյս։ Ինքը գիտէր Սուրբ Գիրքէն, որ Մեսիան պիտի ծնէր կոյսէ մը, եւ համոզուած ալ էր որ Մարիամ կոյս էր, ուստի կռահեց որ Մարիամը եղած էր Մեսիայի Մայրը։ Ուստի Յովսէփ, ինքզինքը անարժան կը համարէր անոր քով մնալ իբր ամուսին։ Կը վախնար որ աստուածային ծրագիրներուն արգելք կրնար ըլլալ՝ Մեսիային փառքին վնաս հասցնելով, ատոր համար կ՚ուզէր հեռու մնալ։ Հրեշտակի կրկին քաջալերանքին վրայ կըհաւանի։ Ան ամենամաքուր փեսան պիտի ըլլար Մարիամին, պահապանը եւ հայրագիրը Մեսիային՝ որուն անունը պիտի դնէր Յիսուս, որ կը նշանակէ Փրկիչ աշխարհի։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ՄԱՀԸ
Բարիներուն համար երջանիկ յաւիտենականութիւնը պիտի սկսի մահուընէ անմիջապէս յետոյ քանի որ սիրած էին զԱստուած իրենց բոլոր սրտովը. իսկ չարերուն՝ որոնք մերժած էին զԱստուած, բաժին պիտի իյնայ յաւիտենական տանջանքը։
«Յիշէ՛, ով մարդ, որ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս»։ Այս տխուր իրականութիւնը շատ անգամ մոռցուած է։ Մահը ամէն վայրկեան կրնայ պատահիլ մեզի։ Տարին շուրջ 58 միլիոն մարդ կը մեռնի. եւ ասոնցմէ կէսը՝ յանկարծամահ կերպով։ Եւ այս մահուընէ կախում ունի մեր երջանիկ կամ ապերջանիկ յաւիտենականութիւնը։ Եթէ ստէպ ստէպ մտածելու ըլլանք սոյն հրատապ ճշմարտութեան վրայ, ապահով՝ կրնանք փրկուիլ։
Աստուած Իր անսահման բարութեամբ ուզեց յայտնել մեզի՝ ինչ որ կը սպասէ մեզի այս երկրային կեանքէն յետոյ։ Ով որ չի՛ հաւատար Յիսուսին, չի՛ կրնար պատասխանել հետեւեալ հարցումին որ է. «Ի՞նչ պիտի պատահի ինծի մեռնելէս յետոյ»։ Անհաւատը վախի եւ անորոշութեան մէջ կ՚ապրի մտածելով թէ ի՛նչ պիտի պատահի իրեն մեռնելէ յետոյ։ Իսկ ով որ կը հաւատայ Քրիստոսի, որոշ գիտէ թէ, այս կեանքէն յետոյ, կը սկսի իրեն համար ճշմարիտ կանք մը՝ որ յաւիտենական է։ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին երբ իմացաւ թէ իր Արքայութիւն երթալու ժամանակը մօտ է, աստուածառեալ ընկերներուն հետ, Տաղ Արարածներու գովերգը երգեց եւ աւելցուց այսպէս. «Գովեալ եղիր, Տէր իմ, մեր մարմնական մահուան համար»։ Մեռաւ երգելով։ որովհետեւ մահը իրեն համար անցք մըն էր երկրէս՝ երկինք։ Մահը այն դուռն է որմէ՝ երկրաւոր կեանքէն կ՚անցինքն յաւիտենականին։ Մահուան անմիջապէս կը յաջորդէ առանձնական դատաստանը։ Մահը ամէնուն համար ցաւալի է, որովհետեւ մեղքի հետեւանք է, սակայն երբ զայն հաւատքի հոգիով ընդունինք՝ իբր ապաշխարանք մեր մեղքերուն եւ եթէ միացնենք զայն Յիսուսի խաչի մահուան հետ, փրկագործական մեծ արժէք կը ստանայ մեզի համար եւ կ՚ըլլայ վերջին մեծագոյն սիրոյ ներգործութիւնը զոր կ՚ընենք Աստուծոյ՝ աշխարհիս վրայ։

ՕՐԻՆԱԿ – ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԱՐԴԱՐ ԵՒ ԱՆՀԻՄՆ ԷՐ

Սրտիս մէջ միշտ վառ պահած եմ ծնողքէս ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւնս։ Ուստի երեւակայեցէք թէ ինչպիսի սրտի ցաւով դիմագրաւեցի այն անարդար եւ անհիմն ամբաստանութիւնը՝ թէ ես գողցած ըլլամ գործի ընկերոջմէս դրամական մեծ գումար մը։ Բանտարկութեան նուաստացումը եւ գործէ հանուիլս՝ զիս ծանր կերպով հիւանդացուցին։ Սակայն, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքովս, Սուրբ Կոյս Աստուածամօր ջերմեռանդութեամբս զօրացած, յանձն առնելով նաեւ ամէն փորձութիւն Աստուծմէ թոյլատրուած, որդիաբար եւ վստահութեամբ Աստուածամօր դիմեցի բանտի դժուարինօրերուս։ Պէտք եղաւ երեք երկարտարիներ համբերել մինչեւ որ լսելի եղան աղօթքներս, ու ես անպարտ արձակուեցայ թէ՛ գողութեան յանցանքէն, քանի գտնուած էր իրական յանցաւորը՝ որուն անունը ես մասնաւոր չէի տուած քրիստոնէական սիրոյ առաքինութեանս պարտականութեան հետեւելով։ Այսօր ես դրապէս կը վկայեմ թէ որքան ալ դառն էր ինծի համար եղելութիւնը, սակայն միշտ կ՚ընդունիմ թէ Աստուածամօր հրաշքի զօրութեամբ է որ ազատած եմ նման պարագայի զոհը ըլլալէ ու ամէնուն դիմաց խայտառակուելէ։ Երկնային Մայրս զիս միշտ պաշտպանած եւ փրկած է ամէն վտանգէ։
(Լ. Ֆ. - Բոթէնցա – 1.10.1979)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՁ
Որպէսզի Աստուած տայ ինծի բարի եւ սուրբ մահ մը։

ԽՕՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Յիշենք մեր սիրելիները որոնք տակաւին նոր թողուցին մեզ. «Երէկ իրենց վիճակուեցաւ, շուտով մեզի ալ պիտի վիճակուի»։ Պիտի աղօթենք մեր ննջեցեալներուն համար։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, հիմա եւ մեր մահուան ժամուն՝ բարեխօսէ՛ մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, Աստուծոյ ձեռակերտ գլուխ գործոցը, սքանչելի ներդաշնակութիւն մարմնի եւ հոգւոյ, բնութեան եւ շնորհքի, մարդկային եւ աստուածայինի՝ օգնէ մեզի հասկնալու մեր ամբողջ մեծութիւնը եւ յայտնելու Աստուծոյ մշտական անբաւ մեր շնորհակալութիւնը։ Յիշեցուր մեզի թէ՝ նոյնիսկ մեր դիւրաբեկ տկարութեան մէջ կը փայլի Սուրբ Հոգւոյն կայծը։ Յիշեցուր մեզի թէ ինչպիսի անգնահատելի հոգի մը ունինք՝ որ Աստուծմէ կը ստեղծուի, եւ թէ կոչուած ենք յաւիտենական կեանքի։ Անով է որ կ՚իշխենք բնութեան վրայ, կը թափանցենք իրերու էութեան մէջ եւ կը հասնինք գտնելու ճշմարտութիւնը։ Օգնէ՛ մեզի, Տիրամայր, այս տաժանակիր վերելքին մէջ՝ ուր շատ են նիւթապաշտութեան եւ սանձարձակ կիրքերու վտանգները։ Օգնէ՛ մեզի ազատելու մեր հոգին ամէն տեսակ հաճոյապաշտութենէ՝ որ հետզհետէ կ՚աճի ամէն կողմ։ Աճեցո՛ւր մեր մէջ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ որ կը սորվեցնէ մեզի ամէն ինչ կորսնցնել՝ հոգին փրկելու համար։ Սորվեցո՛ւր մեզի թէ հոգւոյն ամէնէն ազնուական գործը՝ է Աստուծոյ վրայ մտածելը եւ Անոր հետ խօսիլը։ Սորվեցո՛ւր մեզի մեր մարմնի հանդէպ ճշմարիտ յարգանքը, որ կը կայանայ զայն չարէն հեռու պահելու մէջ, ենթակայ հոգիին եւ ազատ՝ մեղքի գերութենէն։ Յիշեցո՛ւր մեզի՝ որ պէտք ենք յարգել ուրիշին հոգին եւ մարմինը, քանի ա՛ն ալ մեզի պէս յարութիւն պիտի առնէ։ Օգնէ՛ անոնց որ մարմնական հիւանդութիւններ ունին, կամ հոգեպէս կը տառապին առանձնութենէ։ Հասկցո՛ւր ամէնուս որ գերբնական կեանք մը կը սպասէ մեզի՝ ուր Աստուծոյ փառքըպիտի վայելենք։Ճիշտ այդ տեղէն դուն մեզ կը դիտես ու դէպի քեզ կ՚առինքնես, ով անարատ կոյս Մարիամ։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 6)

ԱՂՕԹՔ
Տէր Յիսուս, Դուն որ Սուրբ Մարիամի կուսական որովայնը Քեզի բնակութեան վայր ընտրեցիր, շնորհէ՛ մեզի՝ որ իր պաշտպանութեան ապաւինինք, Սուրբ Եկեղեցւոյ ուրախութիւնը վայելենք իրեն հետ: Դուն որ կ՚ապրիս ու կ՚իշխես յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ (Ա. 22-25)
Ու այս բոլորը կատարուեցաւ որպէսզի լրանայ ինչ որ Տէրն ըսած էր մարգարէին բերնով. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ, որդի մը պիտի ծնի եւ անոր անունը պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը թարգմանուի՝ Աստուած մեզի հետ»: Յովսէփ քունէն արթննալով կատարեց ինչպէս իրեն հրամայած էր Տիրոջ հրեշտակը, ու քովն առաւ իր կինը: Եւ չէր գիտեր զայն մինչեւ ծնաւ իր անդրանիկ որդին, որուն անունը դրաւ Յիսուս:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ԿՈՅՍԸՈՐԴԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՅՂԱՆԱՅ
Եսայիի մարգարէութիւնը, որուն կ՚ակնարկէ աւետարանական հատուածը, կը վերաբերի թերահաւատ Աքազ թագաւորին, որ կը մերժէ Աստուծմէ նշան մը խնդրել՝ որ իրեն պիտի ապահովցնէ յաղթանակը Ասորա-Եփրեմեան պատերազմին մէջ: Մարգարէն զայրացած՝ կը նախածանուցէ աստուածային նշանը. կուսական ծնունդը եւ մանկութիւնը Մեսիային՝ Էմմանուէլին, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ»: Նշանը որ Աստուած պիտի տար, պիտի կայանար այն բանին մէջ որ մայր մը զաւակ պիտի ունենար՝ կոյս մնալով հանդերձ: Յովսէփ հասկցաւ ասիկա երբ քովն առաւ կինը՝ Մարիամը, որ մնալով կոյս, ծնաւ որդի մը Սուրբ Հոգւոյն միջոցով եւ անունը Յիսուս դրաւ:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
Աշխարհիս վերջը ամէնուս կը սպասէ մարմիններու յարութիւնը եւ ընդհանրական դատաստանը: Աշխարհի կատարածին բոլոր մարմինները յարութիւն պիտի առնեն եւ Յիսուս երեւելի կերպով աշխարհ պիտի գայ դատելու համայն մարդկութիւնը: Մարմնի յարութիւնը եւ անոր փրկութիւնը կը նշանակէ թէ՝ Յիսուսի զօրութեամբ եւ անոր օրինակին համաձայն՝ քրիստոնեան շնորհքի վիճակին մէջ, պիտի վերակենդանանայ իր ամբողջ էութեամբը՝ փառաւորեալ, պիտի ապրի յաւիտենապէս երջանիկ: Իսկ չարերը, մեռելներու յարութենէն վերջ պիտի բաժնուին Աստուծմէ՝ ցմիշտ, եւ պիտի ենթարկուին յաւիտենապէս դժոխքի տանջանքներուն իրենց ամբողջ էութեամբ: Մեռելներու յարութեան, Աստուծոյ զօրութեամբ մեր մարմինները պիտի վերակազմուին հրաշքով եւ պիտի վերամիանան մեր հոգիներուն՝ որմէ յետոյ պիտի վիճակուի մեզի յաւիտենականութիւնը: Այն ատեն բարիները, Յիսուսով վերակենդանացած՝ իրենց մարմիններով մէկտեղ, պիտի մտնեն յաւիտենական երջանկութեան մէջ. մինչդեռ չարերը, որոնք Յիսուսը չընդունեցան, իրենք ալ իրենց մարմիններով մէկտեղ պիտի բաժնուին Աստուծմէ յաւիտենապէս:
Աշխարհիս վերջաւորութեան, Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս, երեւելի կերպով պիտի գայ երկրիս վրայ դատելու կենդանիներն ու ննջեցեալները, այսինքն բարիներն ու չարերը: Երկու տեսակ դատաստան կայ. մին առանձնական է յետ մահուան անմիջապէս, միւսը՝ ընդհանրական է եւ բոլոր մարդկութեան՝ աշխարհիս վերջը: Յիսուս մեզ պիտի դատէ մեր բարի եւ չար գործերուն համար, նոյնիսկ մեր մտածումները եւ զանցառութիւնները: Առանձնական դատաստանէն յետոյ, եթէ հոգին առանց մեղքի է եւ առանց մեղքի պատիժին, Արքայութիւն կ՚երթայ. իսկ եթէ տակաւին ներելի մեղքեր ունի կամ որեւիցէ թեթեւ պատիժ՝ որ չէ քաւած՝ կ՚երթայ քաւարան: Մահացու մեղքով մեռնողները, որոնք Աստուծոյ դէմ շատ ծանր եւ գիտակից կերպով գործած են, անոնք դժոխք կ՚երթան: Աստուած կը վարձատրէ բարիները եւ կը պատժէ չարերը քանի որ անսահմանօրէն արդար է:

ՕՐԻՆԱԿ – ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱԱՅՐԸ ԱԶԱՏԵՑ ԶԻՍ
24 Մայիս 1975-ին Լիւքսենպուրկ կը վերադառնայի, քանի մը օր Իտալիա մնալէ յետոյ: Ժամը 22-ըքիչ մը անց, մինչ ինքնաշարժիս լոյսերը ցած առած նեղ ճամբան կ՚անցնէի, յանկարծ առջեւս ի՞նչ տեսնեմ. կովերու երամակ մը: Ընդհարումը անխուսափելի էր: Զարնուած կենդանին ինքնաշարժիս քիթը ջախջախելով գացած փռուած էր ճամբու եզերքին եւ ինքնաշարժս ալ՝ դաշտին մէջ: Քանի մը տեղէ վիրաւորուած էի, սակայն ոյժն ունէի տակաւին ինքնաշարժէս դուրս ելլելու, օգնութիւն պոռալու: Հազիւ քանի մը օր մնացի հիւանդանոց եւ դարմանուած վերադարձայ ընտանիքիս մօտ: Կ՚ուզեմ յատուկ կերպով շնորհակալ ըլլալ այստեղ Աստուածամօր, օգնական քրիստոնեաներուս, որուն դիմած էի այդ ահռելի վայրկեանին եւ այդ բոլոր օրերուն, որ հիւանդանոց մնացի: Ան է որ զիս պահեց եւ ազատեց:
(Ճուզէփփէ Օրսելլօ - Լիւքսենպուրկ, Մայիս 1976)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի ազատ մնանք սատանայի փորձութիւններէն եւ անոր հրապոյրներէն:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Ամէնօրեայ խղճի քննութիւն մը եւ երբեմն երբեմն կեանքիս վերատեսութիւնը շատ պիտի թեթեւցնեն Աստուծոյ դատաստանը:

ՍԼԱՔԱԿԱՆԱՂՕԹՔ
Մարիամ, դուռը երկինքի եւ աստղը առաւօտեան, բարեխօսէ՛ մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, Մայր Յիսուսի եւ մեր Մայրը, քու միջնորդութիւնդ եւ փրկչական արարքներդ աշխարհիս մէջ շատ անգամ վկայուած են պատմութենէն. սքանչելի պատմութիւն մը, որուն ամենաարտայայտիչ խորհրդանիշներն են աշխարհիս վրայ տարածուած ուխտատեղիներդ: Տակաւին կ՚ապրին այն հազարաւոր մարդիկը՝ որոնք իրենց աչքերով տեսած են քու հզօր միջնորդութիւնը: Ամէն տեղ, ամէն օր ներկայ ես մեր մէջ քու հրաշքներովդ՝ որոնք քու ներկայութիւնդ կը փաստեն: Դուն կը հրաւիրես մարդիկը սիրոյ, խաղաղութեան, դէպի երկինք: Աստուած հրաշալի աշխարհ մը ստեղծած է մեր երջանկութեան համար: Շատեր տակաւին կը մերժեն Աստուած, կը մատնեն Քրիստոսը: Երբեք խաղաղութիւն պիտի չունենանք եւ ոչ ալ պիտի ճաշակենք ուրախութիւնը, որ կը ժպիտի մեզի, կը զգանք եւ կը փայլի ամէ բանի մէջ, եթէ չվերադառնանք Աստուծոյ եւ քեզի չվստահինք, ո՜վ Մարիամ: Աստուած քեզ կը գործածէ, մարդոց խօսելու համար, անոնց օգնելու եւ փրկելու զանոնք: Դարձի՛ր մեր մէջ ամենաքաղցր քոյրիկ, մոլորածները ուղիղ ճամբու բեր, բուժէ մարդկութիւնը մեղքի փտախտէն, ցո՛յց տուր մարդոց թէ որքան գեղեցիկ է առաքինութիւնը եւ Աւետարանի պատգամը՝ որ մեզ կը փրկէ։ Գրաւէ՛ մեզ քեզի սիրովդ եւ առաջնորդէմեզ քու Յիսուսիդ՝ որ է ճանապարհը, ճշմարտութիւնն ու կեանքը: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 7)

ԱՂՕԹՔ
Ողորմած Աստուած՝ Դուն որ ընտրեցիր անարատ կոյս Մարիամը եւ զանիկա լեցուցիր Քու Սուրբ Հոգիովդ, որպէսզի ան՝ ըլլար ճշմարիտ բնակարանը Որդւոյդ. շնորհէ՛ մեզի իր բարեխօսութեամբ, ապրելու մեր մկրտութեան սրբութեամբ, եւ ըլլալու ճշմարիտ տաճարներ Քու փառքիդ: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒՈՂԱՍԻ (Բ. 1-7)
Այն օրերուն, Օգոստոս Կեսարի կողմէ հրովարտակ մը ելաւ՝ բոլոր աշխարհը մարդահամար ընելու: Աս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ՝ երբ Կիւրինիոս Ասորիքի վրայ կուսակալ էր: Եւ ամէնքը կ՚երթային արձանագրելու, իւրաքանչիւրն իր քաղաքը: Յովսէփ ալ Դաւթի տունէն եւ սերունդէն ըլլալով՝ ճամբայ ելաւ Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն դէպի հրէաստան, Դաւթի քաղաքը, որ Բեթղեհէմ կը կոչուի, արձանագրուելու համար Մարիամին հետ, որ իր նշանածն էր եւ յղի էր:
Երբ հոն հասան՝ Մարիամի տղաբերքի ժամանակը եկաւ, եւ ծնաւ իր անդրանիկ որդին, եւ խանձարուրով պատեց ու դրաւ մսուրի մէջ, որովհետեւ իրենց համար տեղ չկար իջեւանին մէջ:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մրե:

ՄԱՐԻԱՄ ԾՆԱՒ ՅԻՍՈՒՍԸ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՐԴԻՆ
Մարդկութաեն պատմութիւնը ամէնէն աւելի՝ Աստուծոյ ձեռքին մէջն է: Հռոմէական կայսրութեան մեծութիւնը ո՛չ թէ հաճոյքի մէջ կը կայանայ կամ անոր հարստութեան մէջ, եւ կամ անոր հողային տարածումին մէջ եւ կամ ալ մարդահամարով, այլ՝ Բեթղեհէմի մսուրով՝ ուր խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած է Մարիամի Որդին: Ան է կեդրոնը ստեղծագործութեան եւ պատմութեան, նշանը սիրոյ եւ փրկութեան՝ բոլոր ազգերուն: Ատոր համար մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է համագործակցի Սուրբ Հոգւոյն գործին: Այսպէս ըրաւ Մարիամ, մնալով միշտ վեհանձն եւ սիրոյ մէջ՝ հաւատարիմ: Նոյնը ըրաւ Սուրբ Յովսէփ՝ իր փեսան, արդար եւ երկիւղած՝ Աստուծոյ մարդը, նոյնպէս մենք ալ ընելու ենք՝ վեհանձնութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ԴԺՈԽՔԸ
Չարերը որոնք զԱստուած կը վշտացնեն մահացու մեղքով, դժոխքի կ՚արժանան. որովհետեւ իրենք են որ մինչեւ մահ՝ կը մերժեն աստուածային կեանքը, զոր Յիսուս իրենց կը պարգեւէ. եւ այսպէս յաւիտենապէս կ՚որոշեն իրենց վիճակը, մնալու հեռու՝ Աստուծմէ: Անոնք որ այս աշխարհիս վրայ Յիսուսը մերժած են մեղքով եւ այդպէս ալ մեռած՝ զուրկ աստուածային կեանքէ, պիտի շարունակեն այդ մերժողական վիճակի մէջ մնալ յաւիտենապէս. որովհետեւ կարելի չէ, յետ մահու, փոխել այն ընտրութիւնը՝ զոր ըրին իրենց կեանքի վերջին պահուն: Եւ այդ ձեւով անոնք որոշած կ՚ըլլալն իրենց վիճակը մնալով մինչեւ վերջ Աստուծմէ հեռու՝ դժոխքի մէջ: Աստուած չէ որ մեղաւորները դժոխք կը ղրկէ, այլ նոյնինքն մեղաւորը որ մերժելով զԱստուած՝ ինքնաբերաբար ինքզինքը դժոխքի կը դատապարտէ: Դժոխքը Աստուծմէ զրկուածութեան յաւիտենական տուայտանքն է, եւ կրակի՝ անկէ եկած ամէն չարիքի հետ, առանց որեւէ բարիքի: Դժոխքը, յինքեան, նախ եւ առաջ յաւիտենական զրկումն է Աստուծմէ, մեղաւորի կողմէ ազատ կամքով ընտրուած՝ մինչ ազատ էր ընտրելու եւ որուն վրայ կ՚աւելնայ կրակի խորհրդաւոր ցաւը՝ որ սակայն իրական է եւ շատ աւելի ծանր է քան որեւէ ուրիշ ցաւ: Եւ մտածենք որ այս ամէնը՝ յաւիտեանս յաւիտենից: Դժոխքի խորհուրդը կը զուգադիպի մեղքի խորհուրդին հետ՝ որ է անոր անխուսափելի հետեւանքը՝ քանի որ մեղաւորը ինքն իր ազատ կամքով կ՚ուզէ մեղանչել: Արքայութեան եւ դժոխքի գոյութիւնը ստոյգ է ինչպէս նաեւ անոնց մշտնջենաւորութիւնը ստոյգ է: Մահուընէ վերջ բարիներուն համար կայ յաւիտենական կեանք մը որ է՝ նոյնինքն մասնակցութիւն մը Աստուծոյ կեանքին եւ Անոր երջանկութեան: Իսկ չարերուն համար չկայ այդ երջանկութիւնը, մանաւանդ թէ՝ անսահման ապերջանկութիւն եւ յաւիտենական մահ է անոնց բաժինը:

ՕՐԻՆԱԿ – ՆՈՐ ԵՐԻԿԱՄՈՒՆՔ ՄԸ՝ ՀԱՆՈՒԱԾԻՆ ՏԵՂ
Մեծ հայրս, Մարիոյ Վալենթին, 52 տարեկան, Ռաւեննայի մօտ՝ Լուկոյ քաղաքէն երկար ատենէ ի վեր կը տառապէրերիկամունքի հիւանդութենէ մը՝ այնչափ որ զինքը ստիպուեցանք փոխադրել Պոլոնիայի մասնագիտական Մալփիկի հիւանդանոցը: Յետ մանրազնին քննութիւններու, ենթարկուեցաւ դժուարին վիրահատութեան եւ իրմէ հանեցին հիւանդ երիկամունքը: Մնացած երիկամունքն ալ արդէն գէշ վիճակի մէջ էր: Մինչ այդ, մօրս հետ ստէպ Ռաւեննա կ՚երթայի աղօթելու համար Ֆաթիմայի Աստուածամօր նկարին առջեւ՝ որ կը գտնուի Սուրբ Տամիանոս եկեղեցիին մէջ: Ամէնքս մեծ վստահութեամբ հրաշք մը կը խնդրէինք Աստուածամօրմէն՝ որ կատարեալ առողջութիւն տար մեր մեծ հօր: Աստուածամայրը լսեց մեր աղօթքը: Գործողութենէ քիչ յետոյ հանեցինք մեր մեծ հայրը հիւանդանոցէն՝ պայմանաւ որ զինքը, երկու ամիս յետոյ, կրկին հիւանդանոց տանէինք վերաքննուելու համար: Բժշկապետ Փիէթրոյ Ծուքքելլին եւ իր օգնական բժիշկները մեծ զարմացումով նկատեցին գոյութիւնը նոր երիկամունքի մը՝ իրենց հանած երիկամունքին տեղ եւ միւս տկար երիկամունքն ալ՝ բոլորովին առողջացած: Իր 18 Հոկտեմբեր 1974 թուակիր յայտարարութեան մէջ, բժշկապետ Ծուքքելլին կը վկայէր թէ գիտութիւնը ի զօրու չէր բացատրելու այս երեւոյթը: Հայրս, մայրս եւ ես կը յայտնենք մեր անհուն երախտագիտութիւնը Ֆաթիմայի Աստուածամօր:
(Մարիզա Վալէթի - Լուկոյ, Ռաւեննա, Դեկտեմբեր 1974)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Օրերնիս նուիրենք մահամերձ հիւանդներուն համար՝ ստէպ կրկնելով. «Մայր իմ, վստահութիւն իմ»:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Գէշ ընկերակցութիւնները, անբարոյական հրատարակութիւնները եւ ներկայացումները մեղքի եւ դատապարտութեան առիթներ են. պիտի ջանամ հեռու մնալ անոնցմէ:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, Մայր բարի խորհուրդի, բարեխօսէ՛ Յիսուսի՝ մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Ո՜վ Մարիամ, եթէ կին մը եղաւ մեր կործանումին սկիզբը, դուն՝ Աստուծմէ տրուեցար մեր փրկութեան համար: Դուն Աստուծոյ գլուխ գործոցը, առանձնաշնորհեալը արարածներուն մէջ՝ որուն գոյութիւնը եւ ներկայութիւնը մարդոց մէջ, կը վկայէ պատմութիւնը: Քեզմով պատմութեան նոր ընթացք մը սկսաւ անհաւատ եւ չարացած մարդկութեան փրկութեան համար: Քու արգանդէդ ծնաւ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին: Դուն գերիվեր ես բոլոր արարածներէն: Ապրեցար խոնարհ, համեստ, աղքատ, լուռ եւ անշուք՝ թէ՛ աշխատանքի ատեն եւ թէ՛ աղօթքի: Մարիամ, դուն պիտի մնաս սքանչելի օրինակը ամէնուս դարէ դար, նոյնիսկ՝ հիւլէական դարաշրջանիս: Պիտի օրհնենքեզ բոլոր ազգերը, պիտի սիրեն քեզեւ օրինակիդ հետեւելով՝ պիտի կոչեն քեզ՝ երանուհի: Վերադարձիր մեզի, սքանչելագործ քոյրիկ, այս չարացած եւ տխրամած երկրիս վրայ՝ քու խաղաղարար եւ փրկարար դերովդ. կանչէ՛ մեզ քեզի. խօսէ՛ մեզի քու Յիսուսիդ եւ անոր Աւետարանին մասին եւ ցօղէ մարդոց վրայ յոյսը, լոյսը եւ ուրախութիւնը կեանքի: Ամէն:


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 8)

ԱՂՕԹՔ
Ամենակարող եւ ողորմած Աստուած՝ որ հաճեցար Քու աղախինիդ՝ Երանուհի Կոյսին խոնարհութեան նայիլ, եւ զինքը արժանացնել՝ Մայրը ըլլալու Քու Որդւոյդ. շնորհէ՛ մեզի, իր միջնորդութեամբ, երկրպագելու Յիսուսի՝ հովիւներու նոյն եռանդով, եւ ապրելու խոնարհութեամբ, կարենալ մտնելու համար Քու Արքայութիւնդ: Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքով: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Բ. 8-14)
Այնտեղ հովիւներ կային, որոնք գիշերը բացօթեայ պահպանութիւն կ՚ընէին իրենց հօտերուն: Տիրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոնց, եւ Տիրոջ փառքը ծագեցաւ անոնց վրայ ու սաստիկ վախցան: Հրեշտակն ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, ահա՛ ձեզի կ՚աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդինը պիտի ըլլայ: Որովհետեւ այսօր Դաւթի քաղաքին մէջ Փրկիչմը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Տէրն է: Եւայս ձեզի նշան. մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով պատուած եւ մսուրի մէջ դրուած»: Եւ յանկարծակի այդ հրեշտակներուն հետ տեսնուեցաւ երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը, որ կ՚օրհնէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին. «Փա՜ռք Աստուծոյ՝ բարձունքներուն մէջ, եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ՝ բարեացակամ մարդերուն»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՀՈՎԻՎՆԵՐԸ ԳՏԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՄԱՅՐԸ՝ ՄԱՐԻԱՄ

Այն սուրբ գիշերուան մէջ՝ երբ հնչեց հրեշտակներուն տօնական երգը, բարեսիրտ եւ պարզ հովիւները, առաջինները եղան ընդունելու այդ պատգամը՝ որ ուղղուած էր բոլոր բարեացակամ մարդոց: Հովիւները առաջինները եղան որ փութացին դէպի Բեթղեհէմի քարայրը եւ խանձարուրով պատուած, մսուրի մէջ դրուած մանուկին մէջ ճանչցան Մեսիան, երկրպագեցին եւ անոր առջեւ դրին իրենց սրտաբուխ նուէրները: Եւ Մարիամի մէջ ճանչցան Յիսուսի եւ իրենց Մայրը:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ՔԱՒԱՐԱՆԸ
Քաւարանը, յետ մահուան, այն մաքրութեան վայրն է՝ որ մարդուս վրայէն կը ջնջէ մեղքի ամէն հետք եւ արժանի կ՚ընէ զայն աստուածային տեսութեան: Ամէն քրիստոնեայ որ կ՚ապրի այս աշխարհիս վրայ պէտք է ջանայ ունենալ ո՛չ թէ միայն Յիսուսի աստուածային կեանքը, այլ նաեւ պահել անոր պատուիրանը, որկ՚ըսէ. «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ բոլորսրտովդ»: Եթէքրիստոնեան իր մահուան ատեն հասած ըլլայ այս սրբութեան աստիճանին՝ շուտով պիտի մտնէ Արքայութիւն՝ սիրելու համար զԱստուած իր բոլոր սրտովը: Այս սիրոյ ամբողջութեան մէջ, Աստուծոյ տեսութեան մէջ՝ պիտի վայելէ նոյն երջանկութիւնը: Իսկ եթէ մահուան ատեն տակաւին չէ հասած այդ աստիճանի առաքինութեան, որովհետեւ տակաւին իր սիրտը բաժնած է Աստուծոյ եւ արարածներու միջեւ՝ անիկա չի՛ կրնար, առայժմ, Արքայութիւն մտնել:
Մենք կրնանք օգնութեան հասնիլ քաւարանի մեր եղբայրներուն՝ աղօթքով, զոհողութիւններով, վարդարան ըսելով, ողորմութիւններով, բարի գործերով եւ մանաւանդ սուրբ Պատարագով: Այս օգնութիւնները, որոնք նպաստ կը կոչուին, ննջեցեալներուն կը հասնին սուրբերու հաղորդութեամբ՝ որոնց մաս կը կազմեն իրենք եւս: Մեր ննջեցեալները իրենց հոգիներով միշտ մեզի հետ են եւ հանդիսատես մեր առօրեայ կեանքին: Աստուծոյ մօտ անոնք կրնան միջնորդել մեզի համար, ստանալու շնորհքներ եւ շատ մը բարիքներ: Անոնց թաղուած մարմինները անհամբեր կը սպասեն մեռելներու յարութեան: Լոյսերը, ծաղիկները եւ կամ դամբանները քիչ կը հետաքրքրեն զիրենք. անոնք կը նախընտրեն մեր հոգեւոր օժանդակութիւնները եւ մանաւանդ մեր քրիստոնէավայել կեանքը:

ՊԱՂԱՏԱՆՔ՝ ՎԱՐԴԱՐԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ
Մարիամ, օգոստափառ Թագուհի յաղթանակներու, Տիրուհի երկինքի եւ երկրի, քու անունովդ երկինքը կը ցնծայեւ անդունդները կը սասանին: Փառաւորեալ Թագուհի Սուրբ Վարդարանի, մենք քու բարեպաշտ որդիներդ, այս հանդիսաւոր օրուան մէջ, քեզի կը յայտնենք մեր սրտին սէրը եւ որդիական վստահութեամբ՝ քեզի կը խոստովանինք մեր խեղճութիւնները: Մարիամ, քու գթութեանդ աթոռէն՝ ուր իբրեւ թագուհի կը բազմիս, մեզի դարձուր քու կարեկից նայուածքդ, մեր ընտանիքներուն, Հայաստանին եւ բոլոր աշխարհին: Վշտակից եղիր մեզի մեր նեղութիւններուն եւ ցաւերուն մէջ՝ որոնք այնքան կը դառնացնեն մեր կեանքը: Տե՛ս, Մայր, քանի քանի հոգեկան եւ մարմնական վտանգներ կը շրջապատեն մեզ, քանի թշուառութիւններ, սրտնեղութիւններ կը պաշարեն մեր հոգին: Մայր, դուն խնդրէ մեզի համար, աստուածային Որդիէդ՝ ողորմութիւն եւ թողութիւն, ու քու գթութեամբդ՝ յաղթանակէ մեղաւորներուն սրտին վրայ: Մեղաւորները մեր եղբայրներն են, իսկ քու ալ զաւակներդ. անոնք մեր քաղցր Յիսուսին սուրբ արիւնը կ՚արժեն, սակայն միաժամանակ քու գերզգայուն սիրտդ կը վշտացնեն: Ցո՛յց տուր ամէնուն թէ դուն խաղաղութեան եւ գթութեան Թագուհին ես:
Ճիշտ է որ նախ մենք մեր մեղքերով կը վշտացնենք Յիսուսի սիրտը եւ միանգամայն քու սիրտդ. կը խոստովանինք. արժանի ենք ամէն պատիժի: Սակայն յիշէ՛, ո՜վ Մայր՝ որ ընդունեցար մեզ Գողգոթայի վրայ, աստուածային արիւնով, մահամերձ Փրկչին կտակը՝ որով քեզ հռչակեց մեզի Մայր, Մայր մեղաւորներուս: Դուն ես մեր Մայրը, փաստաբանն ու յոյսը: Քեզի կը հառաչենք պաղատելով, ողորմէ՛ մեզի: Բարի Մայրիկ, գթա՛ մեր վրայ, մեր հոգիներուն, մեր ընտանիքներուն, մեր ազգականներուն, բարեկամներուն եւ մեր ննջեցեալներուն եւ մանաւանդ անոնց՝ որոնք քրիստոնեայ կը կոչուին, սակայն իրենց մեղքերով կը վշտացնեն քու սիրելի Որդւոյդ սիրտը: Այսօր գթութիւն կը հայցենք մոլորած ազգերուն համար, աշխարհիս համար, որպէսզի զղջան եւ դառնան քու Սրտիդ: Ողորմութիւն ամէնուն՝ Մայր ողորմութեան: Մարիամ, հաճիր սիրով լսել մեզի: Յիսուս քու ձեռքերուդ մէջ դրած է իր շնորհքներուն եւ ողորմութիւններուն գանձերը: Դուն պսակեալ թագուհի, քու պերճափայլ անմահական փառքովդ հրեշտակներու բոլոր դասերէն վեր կը բազմիս քու Որդւոյդ աջակողմը: Քու իշխանութիւնդ կը տարածուի տիեզերքի բոլոր տարածքին վրայ: Քեզի ենթակայ են երկիրս եւ անոր բոլոր արարածները: Դուն ես ամենակարողը շնորհքով՝ ուստի դուն կրնաս օգնել մեզի: Եթէ դուն ալ չուզես օգնել մեզի՝ որովհետեւ ապերախտ ենք ու անարժան քու պաշտպանութեանդ, այն ատեն որո՞ւն դիմենք: Քու մայրական սիրտդ պիտի չթոյլատրէ մեզ քու որդիներդ յաւիտեան կորսուած տեսնել: Յիսուս Մանուկը որ նստած կը տեսնենք ծունկերուդ վրայ եւ ձեռքիդ բռնած խորհրդաւոր Վարդարանը, մեզի վստահութիւն կը ներշնչէ, որ պիտի լսես մեզի, ո՜վ Մայր սիրելի: Բոլորովին քեզի կը վստահինք եւ քեզի կ՚ապաւինինք, իբրեւ դեռատի զաւակներ՝ բոլոր մայրերուն մէջ ամենագողտրիկ Մօր մը բազուկներուն մէջ նետուելով: Այսօր ալ տակաւին կը սպասենք քեզմէ ակնկալուած շնորհքները:
Վերջին շնորհք մըն ալ կը խնդրենք քեզմէ, Թագուհի, որ չես կրնար մերժել մեզի այս հանդիսաւոր օրուան մէջ: Շնորհէ՛ մեզի քու սէրդ անսասան եւ մասնաւորաբար՝ քու մայրական օրհնութիւնդ: Քեզմէ պիտի չհեռանանք մինչեւ որ մեզ չօրհնես: Օրհնէ՛, Մայր, մեր Սրբազան Հայրապետը: Քու նախկին հրաշալի պսակիդ վրայ, քու Վարդարանիդ յաղթանակներու վրայ՝ որոնցմէ դուն կոչուեցար՝ Թագուհի Յաղթութեանց, աւելցո՛ւր, կ՚աղաչենք աս ալ, ով Մայր, որ յաղթանակէ մեր սուրբ Կրօնքը եւ խաղաղութիւնը տիրէ ազգերու միջեւ: Օրհնէ՛ մեր կաթողիկոսները, եպիսկոպոսները եւ քահանաները եւ մասնաւոր կերպով անոնք՝ որոնք կը տարածեն քու ջերմեռանդութիւնդ եւ քու սուրբ Վարդարանդ:


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 9)

ԱՂՕԹՔ
Ո՜վ Տէր, Դուն որ ուզեցիր Քու բարութեամբդ մասնակից ընել Սուրբ Կոյս Մարիամը, Քու Որդւոյդ բոլոր խորհուրդներուն, եւ մասնաւոր կերպով մեր փրկութեան գործին աջակցելու, Տո՛ւր որ կարենանք, իր բարեխօսութեամբ, պահել բոլոր իր խօսքերը եւ մտածել անոնց վրայ մեր սրտին մէջ, եւ ապարդիւն չդարձնել մեր փրկութեան գործը, այլ՝ ապրիլ միշտ Քու սիրոյդ մէջ: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Բ. 15-20)
Երբ հրեշտակները երկինք վերացան՝ հովիւները իրարու ըսին. «Եկէ՛ք, երթանք մինչեւ Բեթղեհէմ՝ տեսնելու թէ ի՛նչ է պատահածը, զոր Տէրը մեզի ցոյց տուաւ»: Եւ փութով գնացին ու գտան Մարիամն ու Յովսէփը եւ մանուկը՝ մսուրի մէջ դրուած: Երբ տեսան զանիկա՝ պատմեցին ինչ որ մանուկի մասին իրենց ըսուած էր: Եւ բոլոր լսողները կը զարմանային հովիւներու պատմածներուն վրայ: Իսկ Մարիամ այս ամէնը կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը խորհէր անոնց վրայ: Հովիւները դարձան, կը փառաւորէին ու կ՚օրհնէին զԱստուած այն բոլոր բաներուն համար զոր լսեցին ու տեսան, ինչպէս ըսուած էր իրենց:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՄԱՐԻԱՄ ԱՅՍ ԱՄԷՆԸ ԿԸ ՊԱՀԷՐ ԻՐ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ԽՈՐՀԷՐ ԱՆՈՆՑ ՎՐԱՅ
Հովիւները մարդկութեան առաջին ներկայացուցիչներն եղան Բեթղեհէմի մասուրին առջեւ: Տեսան, հաւատացին եւ երկրպագեցին ծնեալ
Մեսիային: Անոնք որ պարզութեամբ եւ խոնարհութեամբ կ՚ապրէին, առաջինները եղան հասկնալու եւ ճանչնալու մանուկ Յիսուսը, որովհետեւ ան ալ աղքատ եւ խոնարհ էր իրենց պէս: Գիտցան նաեւ հաղորդել իրենց ուրախութիւնը եւ հռչակեցին բարի լուրը բոլոր անոնց՝ որ փրկութեան կը սպասէին: Իսկ Մարիամ կը հրճուէր եւ լռութեամբ կը պահէր իր անարատ սրտին մէջ այդ բոլոր աստուածային հրաշալիքները, եւ կը խորհէր անոնց վրայ:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Արքայութիւնը, Աստուծոյ յաւիտենական վայելքն է, եւ Իր մէջ՝ վայելքը ամէն բարիքի, ազատ՝ ամէն տեսակի նեղութենէ: Ով որ բարի է կամ կը սիրէ եւ հաւատարմութեամբ կը ծառայէ Աստուծոյ եւ Յիսուսի հետ միացած կը մեռնի, կը ժառանգէ Արքայութիւնը: Անոնց՝ որոնք կ՚ապրին եւ կը մեռնին Յիսուսի հետ միացած, Աստուած խոստացած է Իր իսկ աստուածային երջանկութիւնը: Երկրիս վրայ Աստուած՝ մեզ Յիսուսի մէջ՝ Իր որդիները կը նկատէ. իսկ մահուընէ յետոյ, միշտ Յիսուսի մէջ, մեզ Իր հայրական մտերմիկ երջանկութեան մէջ կ՚առնէ. եւ այս անգամ՝ յաւիտեան: Եւ այս մեր Աստուծոյ հետ երջանիկ եւ յաւիտենական մտերմութիւնը Արքայութիւն կը կոչենք. սակայն չկան բառեր որ կարենան ցոյց տալ այն ինչ որ Աստուած պատրաստած է անոնց՝ որոնք զԻնքը կը սիրեն: Արքայութիւնը ա՛յնքան գեղեցիկ եւ ա՛յնքան տարբեր է այս աշխարհիս վրայ երեւակայելի ուրախութիւններէն, որուն կարելի է հաւատալ եւ յուսալ՝ ինչպէս կը հաւատանք եւ կը յուսանք Աստուծոյ:
Ճամբան՝ որ մեզ Արքայութիւն կ՚առաջնորդէ, նեղ է եւ դժուարին. ջանանք անոր մէջ մտնել: Ով որ լաւ կ՚ապրի, ով որ Աստուծոյ պատուիրանները կը պահէ, Եկեղեցւոյ պատուէրները եւ իր վիճակի պարտականութիւնները կը կատարէ՝ Աստուծմէ կ՚ընդունի յաւիտենական վարձքը: Տէրը կը տեսնէ մեր յոգնութիւնները, չարչարանքները, արժանիքներն ու մեր բարի գործերը եւ ըստ այնմ կը վարձատրէ: Ու երբ մեզ պաշարեն դժբախտութիւնները ու փորձութիւնները, դէպի երկինք նայինք՝ ուր Արքայութիւն կը կը սպասէ մեզի: Սուրբ Ֆրանչիսկոս կը բացականչէր ըսելով. «Այնքան մեծ է բարիքը որուն կը սպասեմ՝ որ ամէն նեղութիւն ինծի հաճելի կը թուի»: Իսկ Սուրբ Պօղոս, երրորդ երկինք յափշտակուած, մեզ կը վստահեցնէ թէ՝ անկարելի է մարդկօրէն նկարագրել Արքայութեան երջանկութիւնը: Եթէ ստէպ խորհրդածենք այս ճշմարտութեան վրայ, եւ յաճախ աչքերնիս դէպի երկինք սեւեռենք, ու յետոյ երբ վար առնենք զանոնք, պիտի տեսնենք թէ որքան ունայն է աշխարհը, եւ անոր նեղութիւնները՝ այնչափ ալ անտանելի չեն: Համոզուինք, ուրեմն, թէ մեր հայրենիքը աշխարհս չէ, այլ՝ Երկինքը:

ՕՐԻՆԱԿ - ՄՕՐ ՄԸ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒՄԸ՝ ԻՐ ԶԱՒԱԿԸ ՍՊԱՆՆՈՂԻՆ
Վերջերս մեծ դատավարութիւն մը տեղի ունեցաւ: Յանցապարտ, դաժան ահաբեկիչ մը, զանազան գողութիւններով եւ առեւանգումներով ամբաստանուած՝ երիտասարդ մը սպաննած էր: Դատարանին մէջ ներկայ էր նաեւ սպաննուած երիտասարդին մայրը՝ բոլորովին վշտալի եւ յուսահատ վիճակի մէջ: Այդ դառն վայրկեաններուն մայրը կը մտածէր խաչին ոտքը կեցած Տիրամօր վրայ, որուն զաւակն ալ մեռցուցած էին դահիճները: Յետ Յովհաննէսի եւ բոլոր մարդկութեան Մայրը անուանուելու, Մարիամ ընծայած էր իր կեանքը իր խաչեալ որդիին հետ միատեղ, մեղաւոր մարդկութեան փրկութեան համար: Այս տեսակի խորհրդածութիւններու մէջ խորասուզուած, ցաւագին մայրը համակամեցաւ ըմպել իրեն բաժին ինկած դառն բաժակը, եւ իր այդ տառապանքը նուիրեց ահաբեկիչի դարձին եւ փրկութեան համար: Եւ դատավարութեան ընդմիջումի մը պահուն, մօտեցաւ իր զաւակը սպաննողին, եւ ականջին փսփսաց. «Խեղճ երիտասարդ, կը գթամ վրադ, քեզի համար շատ աղօթեցի Աստուածամօր, ինչպէս ան իր զաւակը Յիսուսը սպաննողներուն ներեց, այնպէս ես ալ կը ներեմ քեզի»: Երիտասարդը՝ ներումի անակնկալ խօսքերէն խռոված՝ փղձկելով դառնապէս լացաւ: Դատապարտուեցաւ բանտարկութեան, սակայն իր կեանքը փոխուած էր: Անոր սրտին մէջ վերածնած էր հաւատքը եւ կամքը՝ որ հազիւ բանտէն ելլէր, կեանքի ճամբան պիտի փոխէր: Աստուածամայրը պիտի օգնէր իրեն վերականգնումի այս նոր ճանապարհին մէջ:

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Աստուծմէ կու գանք, եւ Անոր պէտք է վերադառնանք: Այս համոզումը խորապէս տպաւորուած մնալու է մեր մտքին մէջ եւ կորիզը կազմելու է մեր խոր եւ յարատեւ խորհրդածութիւններուն:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Այնքան մեծ է բարիքը որ ինծի կը սպասէ Արքայութեան մէջ, որ ամէն նեղութիւն երկրիս վրայ, պէտք է ինծի հաճելի թուի: Պիտի մտածեմ Վարդարանի փառաւորութեան խորհուրդներուն վրայ: Աղքատներուն ողորմութիւն մը պիտի ընեմ:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, Թագուհի երկնքի եւ երկրի, բարեխօսէ՛ Յիսուսին մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, մի՛ թողուր որ անտարբեր մնանք մարդոց վէրքերուն դիմաց՝ ուր միլիոնաւոր մարդիկ, անմարդկային կեանք մը կ՚անցընեն, շատեր տակաւին անօթի կը մեռնին, տակաւին զիրար կը մեռցնեն, տակաւին լացողներ եւ չարչարուողներ շատ են: Այնպէս ըրէ՛, ո՜վ Մայր, որ վերջապէս հասկնանք թէ բոլոր այդ մարդիկը մեր եղբայրներն են: Ազատէ՛ մեզ, Տիրամայր, այս տեսակի անտարբերութենէն՝ որ մեզ անտարբեր կը դարձնէ արդի աշխարհիս մտահոգութիւններուն դիմաց: Կարողութիւն տուր մեզի հասկնալու ահռելի թիւով մարդոց աղքատութիւնը, անօթութիւնը, անգործութիւնը, մահը, եւ այս բոլորը թող սիրոյ կոչ մը ըլլայ մեզի քու կողմէդ, Մայր, օգնութեան հասնելու կարօտեալ եղբայրներուն, գործակցելու բոլոր անոնց հետ որ բարեացակամ են, վերակազմելու մարդկային ընկերութիւնը եւ բուժելու անոր շատ մը վէրքերը: Այսպէսով՝ մենք ալ զգացած եւ ապրած պիտի ըլլանք քու տիեզերական մայրութիւնդ: Յիշէ՛, ով Մայր, որ բոլոր այս խնդիրներու լուծումը մի միայն Աստուծմէ կու գայ, Անոր հաւատալով եւ Անոր աղօթելով: Ո՜վ Մարիամ, բոլոր այս խեղճ մարդիկը դէպի Յիսուս առաջնորդէ: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 10)

ԱՂՕԹՔ
Ամենակարող եւ յաւիտենական Աստուած, որ Քու Որդւոյդ գալուստով, նոր լոյս տարածեցիր աշխարհիս վրայ. մոգերու երկրպագութեամբ՝ Քու Սուրբ Աւետարանիդ կանչեցիր բոլոր մարդիկը, լսէ՛ մեր աղօթքը, ով Տէր. Քու յաւիտենական Որդիդ, ծնելով Սուրբ Կոյսէն, մեր մահկանացու մարմինը առնելով՝ մեզի եղբայր եղաւ: Անոր Արքայութեան երջանկութեան արժանի ըրէ մեզ, Տէր: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ (Բ. 1-6)
Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ, Հերովդէս թագաւորին օրով ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, եւ հարցուցին. «Ո՞ւր է հրեաներուն թագաւորը որ ծնաւ, որովհետեւ անոր աստղը տեսանք արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու անոր»:
Այս լուրին վրայ՝ Հերովդէս թագաւորը խռովեցաւ եւ բոլոր Երուսաղէմն ալ իրեն հետ. եւ հաւաքելով բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդի դպիրները, հարցուց անոնց թէ ո՞ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը: Անոնք ալ պատասխանեցին. «Հրէաստանի Բեթղեհէմ քաղաքը, որովհետեւ այսպէս գրուած է մարգարէին ձեռքով. «Եւ դուն, Բեթղեհէմ, Յուդայի երկիր, Յուդայի քաղաքներուն մէջ ամէնէն փոքրը չես, որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ իշխան մը որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:


ԲԵԹՂԵՀԷՄԸ ՄԵՍԻԱՅԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է
Հերովդէս թագաւորին տեսակցութիւնը քահանայապետներուն եւ ժողովուրդի դպիրներուն հետ՝ հետեւեալ արդիւնքը տուաւ. Միքիա մարգարէն մարգարէացած էր, որ Մեսիան՝ Բեթղեհէմի մէջ պիտի ծներ, Դաւթի քաղաքը, եւ Դաւիթի շառաւիղէն, ուստի՝ նաեւ Մարիամի եւ Յովսէփի շառաւիղէն: Մեսիայի թագաւորութիւնը պիտի ըլլար տիեզերական՝ որուն մաս պիտի կազմէին բոլոր ազգերը՝ որոնց մէջ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի տիրէր: Եւ Քրիստոս անոր թագաւորը պիտի ըլլար՝ հովուելու Իր ժողովուրդը արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ: Իսկ այս թագաւորութեան Թագուհին եւ մասնակիցը՝ Մարիամ, արքայ Մեսիայի մայրը. ուստի ինքն է տիեզերքի իշխանուհին եւ մայրը բոլոր մարդկութեան:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ
Աստուած Իր երկնային հայրութեան շնորհքը մեզի վերադարձնելու համար, աշխարհ ղրկեց Իր իսկ Միածին Որդին՝ մարդ ըլլալու մեզի պէս, մեռնելու եւ յարութիւն առնելու մեզի համար: Տեսնելով մեզ զրկուած Իր աստուածային կեանքէն, եւ մեղքի պատճառով դուրս ձգուած Իր երջանկութենէն, Հայր Աստուած աշխարհ ղրկեց Իր Միածին Որդին՝ մարդանալու եւ այդպէսով պարգեւելու մեզի Իր կեանքը: Սուրբ Հոգին իրագործեց Հօր Աստուծոյ կամքը: Այսպէսով Սուրբ Երրորդութիւնն իրագործեց մեր փրկութիւնը՝ Աստուածորդիին Մարդեղութեան խորհուրդով: Սուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը Յիսուս Քրիստոս անունը առաւ, որ կը նշանակէ՝ Փրկիչ, Աստուծոյ Օծեալը, անուն մը որ կը նշանակէր՝ Աստուծմէ խոստացուած Մեսիան՝ Հին Կտակարանին մէջ:
Աստուծոյ Որդին մեզի պէս մարդանալու համար, պէտք ունեցաւ մօր մը՝ որուն արգանդին մէջ Իր մարդկային մարմինը ձեւանար եւ ունենար մեր հոգւոյն պէս հոգի մը: Յիսուսի Մայրը Մարիամն է որ հրաշքով յղացաւ իր Որդին առանց մարդու միջամտութեան, այլ՝ Սուրբ Հոգւոյն ազդեցութեամբ: Ուստի Մարիամ մայր ըլլալով հանդերձ՝ մնաց նաեւ կոյս: Յիսուս մարդ եղաւ մեզ փրկելու եւ վերընծայելու մեզի մեղքով կորսնցուցած աստուածային կեանքը եւ արժանացնելու մեզ երկնքի Արքայութեան: Մեզ փրկելու համար, մեր մեղքերուն հատուցում ընելու համար, ինքզինքը Խաչին վրայ զոհելով, սորվեցուց մեզի ապրիլ Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն: Յիսուս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին սովրեցուց մեզի թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ օրինակով՝ ապրիլ իբրեւ Աստուծոյ որդիներ, եւ հրաշքներով ալ հաստատեց իր վարդապետութիւնը: Հիմա ալ Յիսուս, թէեւ մարմինով երկինք համբարձած է, սակայն կը մնայ մեզի հետ մինչեւ աշխարհի կատարածը: Բացի երկնքի մէջ ըլլալէ, որպէս Աստուած եւ մարդ ուզեց նաեւ մեզի հետ մնալ Սուրբ Հաղորդութեան պարգեւով:

ՕՐԻՆԱԿ - ՄԱՐԻԱՄ ԻՆԾԻ ԿԸ ՆԱՅԻ ԵՒ ԿԸ ԺՊՏԻ
Շատ երիտասարդ էի եւ անփորձ, տակաւին հօրմէս նոր որբացած՝ եւ գործի ալ նոր սկսած: Կը գտնուէի խումբ մը գործընկերներու մէջ, որոնց վարուելակերպը շատ կը նեղէր իմ զգայականութիւնս, նամանաւանդ կը վտանգէր նաեւ անմեղութեանս: Սովորութիւն ըրած էի, ամէն առաւօտ, գործատեղիս չհասած, եկեղեցի մը մտնել եւ երկար ատեն աղօթել Աստուածամօր գեղեցիկ նկարին առջեւ: Շատ կը խնդրէի իրմէ որ օգնութեան հասնէր ինծի: Ան ինծի կը նայէր իր մայրական անոյշ աչքերով եւ քաղցր ժպիտով մը կարծես ըսել կ՚ուզէր. «Այո՛»: Իրապէս ա՛ն օգնեց ինծի. աննախատեսելի կերպով եւ առանց իմ ջանքերուս, կրցայ գործս փոխել եւ գտնուեցայ բարի եւ լուրջ մարդոց մէջ, որոնք հասկցող եղան եւ մանաւանդ թէ ինծի վստահեցան այնպիսի պարտականութիւններ՝ զորս սիրով կը կատարէի եւ երջանիկ էի: Այսպէս սորվեցայ ուրախութեամբ եւ հոգեկան մեծ մխիթարութեամբ աշխատիլ:
Դիտելով թերթերը եւ հեռատեսիլը՝ կը վշտանայ հոգիս տեսնելով արիւնահեղութիւնները, ահաբեկչութիւնները, բռնաբարումները, թմրեցուցիչներուն զոհերը, վիժումները, ապահարզանները եւ անբարոյականութիւնները որ կը կատարուին աշխարհիս վրայ: Կը շարունակեմ տակաւն աղօթել երիտասարդութեանս այդ եկեղեցիին մէջ եւ տանս մէջ ունեցած Աստուածամօր նկարին առջեւ: Երբ իրեն նայիմ եւ աղաչեմ իրեն, կարծես թէ տակաւին կը ժպտի եւ յոյս կը ներշնչէ ինծի:
(Մ. Ա. Սթրիճինի - Թորինօ, 1.12.1979)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի Աստուածաշունչի ընթերցումով սորվինք թէ Աստուած որքան սիրած է մարդիկը:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Լաւ գիրքերը, Եկեղեցւոյ կողմէ արտօնուած օրաթերթերը եւ հրատարակութիւնները թող ըլլան մեր նախընտրութիւնները: Կրակի մէջ փճացնենք գէշ հրատարակութիւնները:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, Մայր ողորմութեան՝ բարեխօսէ՛ մեզի համար Յիսուսին:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Աստուածածին Մարիամ, քեզի կու գանք մեր վհատութիւններուն ժամանակ. քեզի կը դիմենք, քանի Աստուծմէ պաշտօն ստացար օգնութեան հասնելու մեզի: Քեզի կ՚ապաւինինք՝ քանի դուն ես մեր ապաւէնը՝ Աստուծմէ յանձնուած է քեզի իբրեւ պաշտօն՝ օգնել մեզի: Շուրջդ հաւաքուած, աղօթքի միութեամբ՝ ինչպէս առաքեալները վերնատան մէջ, քեզի կ՚աղօթենք Եկեղեցւոյ դիտաւորութեան համար՝ որ բազմաթիւ սուրբ կոչումներով պայծառանայ, որովհետեւ հունձքը առատ է բայց մշակները՝ սակաւ: Սատանան Եկեղեցւոյ դէմ ելած է. Եկեղեցին որ մայրն է մարտիրոսներու եւ սուրբերու: Ջախջախէ՛ քու ոտքերովդ չարին գլուխը. Սուրբ Հոգին Իր լոյսով թող ցրուէ՛ սխալը եւ Իր կրակով ջերմացնէ հոգիներու գաղջութիւնը: Մայր ողորմութեան, դուն որ աշխարհիս Փրկիչը հիւրընկալեցիր ծոցիդ մէջ, եւ Խաչին տակ ստացար բոլոր մարդկութեան մայրութեան սուրբ պաշտօնը, հաստատուն պահէ մեզի հաւատքի մէջ, զօրացո՛ւր մեզ ցաւերու մէջ, օգնէ՛ մեզի մեր պայքարին ատեն, սիրով վառէ մեր սիրտը Վարդարանի ջերմեռանդութեամբ, ցո՛յց տուր մեզի, այս աքսորէն վերջ՝ Յիսուսդ, որ օրհնեալ պտուղն է որովայնիդ, ո՜վ գթած, ո՜վ բարեգութ, ո՜վ քաղցր Կոյս Մարիամ: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 11)

ԱՂՕԹՔ
Տէր Աստուած, Դուն որ աստղերու առաջնորդութեամբ մոգերը դէպի Բեթղեհէմ առաջնորդեցիր եւ յայտնեցիր համայն մարդկութեան Քու Միածին Որդիդ, Սուրբ Կոյս Մարիամի միջնորդութեամբ՝ մեզ ալ առաջնորդէ դէպի բարին, մենք որ Քեզ ճանչցանք հաւատքով, թող որ վայելենք Քու շնորհքդ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ (Բ. 7-12)
Այն ատեն Հերովդէս գաղտնի կանչեց մոգերը եւ ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ժամանակը, եւ զանոնք Բեթղեհէմ ղրկելով ըսաւ. «Գացէք, ստուգեցէք մանուկի մասին, եւ երբ գտնէք՝ իմացուցէք ինծի որպէսզի ես ալ գամ ու երկրպագութիւն ընեմ անոր»:
Անոնք թագաւորին խօսքը լսելէ վերջ մեկնեցան. եւ ահա աստղը զոր տեսեր էին արեւելքի մէջ՝ առաջնորդեց իրենց, մինչեւ եկան կեցան այն տեղը՝ ուր կը գտնուէր մանուկը:
Երբ աստղը տեսան՝ մեծապէս ուրախացան: Եւ տունը մտնելով տեսան մանուկը իր մօրը՝ Մարիամին հետ, եւ գետին ինկած երկրպագութիւն ըրին անոր, ու բանալով իրենց գանձերը՝ ընծաներ տուին անոր, ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:
Եւ տեսիլքի մէջ հրաման ստանալով չվերադառնալ Հերովդէսի մօտ՝ ուրիշ ճամբով դարձան իրենց աշխարհը:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՄՈԳԵՐԸ ՏԵՍԱՆ ՄԱՆՈՒԿԸ ԻՐ ՄՕՐԸ՝ ՄԱՐԻԱՄԻՆ ՀԵՏ

Մոգերը արեւելքի մէջ հազիւ թէ տեսան աստղը, իսկոյն ճամբայ ելան: Հակառակ ձեռնարկին դժուարութեան, ճամբու վտանգներուն, Հերովդէսի խաբէութեան՝ անոնք հետեւեցան աստղին՝ որ զիրենք առաջնորդեց դէպի Բեթղեհէմ՝ ուր աղքատ տնակի մը մէջ, գտան մանուկ Յիսուսը՝ Իր Մօրը Մարիամին հետ: Անկարելի է Յիսուս փնտռած ժամանակ չգտնել նաեւ Մարիամը: Անոնք որ Տիրամայրը չեն սիրեր՝ Յիսուսը բնաւ պիտի չգտնեն: Երեք իմաստունները, գետին ինկած երկրպագեցին Յիսուսին եւ անոր ընծայեցին ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս: Եւ վերադառնալով իրենց աշխարհը՝ եղան առաջին առաքեալները Յիսուսի եւ Մարիամին, իրենց ժողովուրդներուն մօտ:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ԱՍՏՈՒԱԾ ՀԱՅՐ Է
Արդեօք քանի քանի անգամներ երկինքը դիտած ատենդ կամ ծովը՝ իր անհունութեան մէջ, եւ կամ դաշտի ծաղիկները եւ կամ ալ հօրդ կամ մօրդ վրայ մտածած ժամանակդ, դուն քեզի հարցուցած ըլլաս. «Ո՞վ ըրած է այս բոլորը»: Եւ հարցումիդ անմիջապէս պատասխանած ըլլաս՝ թէ Աստուծոյ գործն է այդ բոլորը: Յիրաւի ո՞վ կրնայ, Իրմէ զատ, բան մը որ գոյութիւն չունի՝ ոչինչէն ստեղծել: Սակայն բան մը որ ամէնէն աւելի յայտնի է ասոնց մէջ՝ Աստուծոյ կատարելութիւնն ու սէրն է հանդէպ մարդոց՝ որոնց ուզեց Հայր ըլլալ: Երբ դուն ծնար, մայրդ քեզ ճամբաները չթողուց, այլ քեզ խնամեց եւ մեծցուց ինչպիսի գուրգուրանքով: Հապա ո՛րչափ աւելի Աստուած՝ որ ամբողջութեամբ անսահման սէր է, պիտի խնամէ Իր արարածները: Ան որ երկինքի թռչունները կը կերակրէ եւ դաշտի ծաղիկները կը հագուեցնէ, պիտի չնախախնամէ՞ քեզ՝ որ շատ աւելի կ՚արժես քան թէ ատոնք: Երկինքի մէջ շատ են աստղերը: Սակայն Աստուած, քանի որ անսահման է Իր բոլոր կատարելութիւններով, չի՛ կրնար ըլլալ՝ եթէ ոչ միակը: Եթէ մեր մարդկային մտքով ուզենք խորանալ եւ ըմբռնել Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, պիտի մնանք կոյր, առանց բան մը հասկնալու: Ո՛չ թէ որովհետեւ Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը նուազ ճշմարիտ է, այլ որովհետեւ շատ ճշմարիտ է՝ մեր տկար բանականութեան համար՝ անհասկնալի: Այս աշխարհիս վրայ հաւատքով կրնանք ճանչնալ զԱստուած՝ Իրեն խօսքիին հաւատալով: Մինչդեռ Արքայութեան մէջ, կատարեալ կերպով պիտի ճանչնանք զԻնքը՝ քանի որ դէմ յանդիման պիտի տեսնենք զԻնքը:

ՕՐԻՆԱԿ - ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԷԻՆ ԹԷ ՀԱՐԿ ԷՐ ՎԻՐԱՀԱՏԵԼ
Կեանքիս բոլոր ընթացքին, երբ անհրաժեշտ գտած եմ Տիրամօր օգնութիւնը, միշտ ալ իրեն դիմած եմ եւ ընդունած՝ պէտք եղած շնորհքը կամ համակամութիւնը: Թոռնիկս Անթոնիոն փորի սաստիկ ցաւեր ունեցաւ եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ՝ ուր տեղւոյն բժիշկները քննելով զանիկա, համաձայնեցան բոլորը միասին, թէ ծանր պարագայ մըն է եւ պէտք է անմիջապէս գործողութեան ենթարկել: Ծնողքը բոլորովին յուսահատ վիճակի մէջ էին. ես անմիջապէս, մեծ վստահութեամբ դիմեցի Տիրամօր միջնորդութեան՝ ան որ միջնորդն է բոլոր շնորհքներուն, եւ խնդրեցի որ անպայման օգնութեան հասնէր թոռնիկիս: Եւ ահա յաջորդ օրը մինչ կը քննէին հիւանդը՝ զարմանքով տեսան թէ այլեւս պէտք չկար տագնապելու՝ քանի անցած էր վտանգը: Անոնք զարմացած էին եղածին վրայ. իսկ ես՝ ոչ, գիտէի որ պիտի լսուէր աղօթքս Աստուծմէ եւ Տիրամօրմէ: Եւ այս առթիւ կը յորդորեմ ամէնքդ որ միշտ դիմէք Աստուածամօր եւ լսելի պիտի ըլլաք՝ քանի որ անոր միջնորդութիւնը միշտ ալ ի զօրու է մեզի համար:

(Ճիուզէփփինա Մարօնէ - Ս. Անճելօ Լիմօզամօ Չ. Պ., Յունիս 1981)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի բազմանան կրօնաւորական եւ քահանայական կոչումները:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Պիտի ջանամ բարի ընկերներ ընտրել՝ հեռանալու համար գէշ ընկերներէ, եւ վերապահ պիտի գտնուիմ՝ տարբեր սեռի անձերու հանդէպ:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Ո՜վ Մարիամ, Յիսուս Փրկիչիս Մայրը՝ բարեխօսէ՛ մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Յիշէ՛, ո՜վ Մայր բարեգութ, որ սկիզբէն ի վեր, լսուած չէ երբեք՝ թէ մէկը քու բարեխօսութեանդ ու պաշտպանութեանդ դիմած ըլլայ եւ լսելի եղած չըլլայ:
Ես ալ այդ վստահութեամբ քաջալերուած, քեզի կը դիմեմ եւ քեզի կ՚ապաւինիմ, ո՜վ Կոյս կոյսերու: Անտես մի՛ ըներ իմ աղաչանքս, ո՜վ Մայր Բանին Աստուծոյ, այլ լսէ՛ գթութեամբ ու կատարէ իմ խնդրանքս:
Ո՜վ Տիրուհի, սորվեցուր մեզի՝ որ այն բարի բաները որ Աստուած մեր առջեւ կը հանէ՝ վայելենք: Սորվեցո՛ւր մեզի որ մաքուր աչքով դիտենք մեր շուրջը եւ մանկական սրտով՝ ճաշակենք աշխարհքիս հրաշալիքները, գիտարուեստի հրաշագործութիւնները եւ յառաջդիմութեան հրաշքները: Գիտնանք հանդարտ մտքով ու իրապաշտութեամբ գնահատել մեր քաղաքակրթութեան մէջ եղած դրական կէտերը: Այնպէս ըրէ՛ որ կարենանք իմաստուն կերպով արարածներէն դէպի Արարիչը, գեղեցիկ բաներէն դէպի անստեղծ գեղեցկութիւնը բարձրանալ, եւ կարենանք մենք ալ կրկնել քեզի հետ մեր շնորհակալութիւնը Աստուծոյ: Հասկցո՛ւր մեզի թէ այն ձայնը որ կու գայ արարածներէն եւ կը խօսի Աստուծոյ մասին՝ ըսելով մեզի թէ Ան է միայն մեր երջանկութիւնը՝ հաւատանք եւ ընդունինք: Մարիամ, սորվեցո՛ւր մեզի կեանքի ճշմարիտ գիտութիւնը, եւ մենք պիտի համապատասխանենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած արարածներու մեր կոչումին՝ որ պէտք է ապրինք Աստուծոյ հետ՝ հասնելու համար վերջապէս քեզի՝ վայելելու զԱստուած յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 12)

ԱՂՕԹՔ
Շնորհակալութիւն կը մատուցանենք Քեզի, ով Տէր Աստուած մեր, որ պարգեւեցիր մեզի Սուրբ Կոյս Մարիամը իբրեւ Մայր, փաստաբան եւ միջնորդ. իր բարեխօսութեամբ կը խնդրենք Քեզմէ, որ ազատես մեզ ամէն չարիքէ որ մեզ կը տանջէ. եւ մեր այս պանդխտութենէն վերջ՝ հասցո՛ւր մեզ անսպառ երջանկութեան, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ (Բ. 13-15)
Երբ անոնք մեկնեցան, ահա Տիրոջ հրեշտակը տեսիլքի մէջ երեւցաւ Յովսէփի եւ ըսաւ. «Ելի՛ր, ա՛ռ մանուկը եւ իր մայրը եւ փախի՛ր Եգիպտոս, ու հոն կեցիր մինչեւ որ քեզի ըսեմ, որովհետեւ Հերովդէս կը փնտռէ մանուկը՝ որպէսզի մեռցնէ: Ելաւ Յովսէփ եւ գիշերանց առնելով մանուկը եւ անոր մայրը՝ Եգիպտոս գնաց: Եւ մինչեւ Հերովդէսի մահը հոն մնաց. որպէսզի կատարուի Տիրոջ խօսքը, որ մարգարէին բերանով կ՚ըսէ. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:


ԵԼԻ՛Ր, Ա՛Ռ ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ ԻՐ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ՓԱԽԻ՛Ր ԵԳԻՊՏՈՍ
Գիշերը ուշ ատեն, անակնկալօրէն, Մարիամ պէտք էր արթննալ եւ Յովսէփին հետ Եգիպտոս երթալ, ազատելու համար մանուկ Յիսուսը՝ որուն կեանքին սպառնացած էր անգութ Հերովդէսը: Ամէն հրեայ իր անձին դառն փորձառութեամբ գիտէր թէ ինչ ըսել է Եգիպտոս ճամբորդել: Աքսորուողը միայն գիտէ թէ ինչ է աքսորը: Եւ սակայն Սուրբ Ընտանիքը աքսորի երթի եւ հայրենիք վերադարձի ատեն, ամէն դժուարութիւն յաղթահարեց հանդարտութեամբ, հեզութեամբ եւ հնազանդութեամբ՝ Աստուծոյ կամքին: Ովքե՞ր արդեօք պիտի ուզէին նմանիլ Սուրբ Ընտանիքին՝ իրենց հայրենիքէն հեռու, աքսորի ատեն:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ
Մեր առաջին պարտականութիւնն է Աստուծոյ հաւատալ, սիրել զԻնքը եւ ծառայել Իրեն՝ իբրեւ մեր միակ Աստուածը, մեր Արարիչն ու Տէրը: Եթէ ամէն զաւակ պատուախնդիր է իր հօր անունին եւ պատիւին, ո՛րքան աւելի պատուախնդիր ըլլալու ենք Աստուծոյ անունին եւ պատիւին, Աստուածամօր եւ
Սուրբերուն: Ուստի ամէն անգամ որ կը լսես Աստուծոյ հանդէպ նախատինք մը, դուն իբրեւ որդի՝ քու եղբօրդ մեղքը քաւելու համար պիտի ըսես. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուած», կամ. «Օրհնեալ ըլլայ Յիսուս Քրիստոս»: Յիշէ նաեւ թէ պէտք չես սուտ երդում ընել, որովհետեւ ով որ կ՚երդնու՝ զԱստուած վկայ կը բերէ իր ըսածին. եթէ սուտ է երդումդ, զԱստուած կը նախատես: Ինչպէս ամէն բարի հայր՝ նոյնպէս ալ Աստուած կ՚ուզէ Իր շուրջը հաւաքել Իր զաւակները՝ խօսելու իրենց, լսելու զիրենք եւ պարգեւելու իրենց Իր շնորհքները: Եւ այդ իսկ պատճառով Աստուած շաբաթուան մէկ օրը՝ Յիսուսի Յարութեան օրը, որ կը կոչուի Տիրոջ կամ Տէրունական օր, Իրեն վերապահած է։ Աստուծոյ եւ Իր զաւակներուն հանդիպումը ճիշտ այն ատեն կը կայանայ՝ երբ Յիսուս խորանին վրայ, մեզի հետ Հօր Աստուծոյ կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագը։ Եւ այդ օրը ազատ ըլլալու եւ հանգչելու համար՝ Աստուած կ՚ուզէ որ տօնական օրերուն, մեր սովորական աշխատանքէն դադրինք։ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած մեր պարտականութիւններէն դուրս՝ ունինք նաեւ պարտաւորութիւններ մեր մերձաւորներուն հանդէպ. սակայն նախ՝ մեր ծնողքին հանդէպ։ Անոնք Աստուծոյ ամենամօտիկ գործակիցներն են մեր ստեղծումին եւ կրթութեան. ուստի պէտք ենք յարգել զանոնք եւ հնազանդիլ իրենց եւ երբ ծերանան կամ որեւէ ձեւով մեզի կարօտին՝ երախտագիտութեամբ օգնութեան հասնինք անոնց։ Պէտք ենք յարգել եւ հնազանդիլ նաեւ մեր մեծերուն եւ օրինաւոր իշխանութիւններուն՝ երբ անոնք կը հրամայեն մեզի Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն։ Կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է. Ան է որ մեզի տուած է։ Ով որ ինքզինքը կը սպաննէ (անձնասպանութիւն) կամ ուրիշ մը (մարդասպանութիւն, վիժում, հեշտամահ) կամ կեանքին կը վնասէ բռնաբարումով, թմրեցուցիչով՝ Աստուծոյ այս պատուիրանին դէմ կը մեղանչէ։ Նաեւ մեր մարմինին՝ որ Աստուծմէ ստացած ենք, պարտականութիւն ունինք անոր հանդէպ այս աշխարհիս վրայ։ Ան Աստուծոյ տաճարն է. ով որ իր մարմինը կը պղծէ Աստուծոյ կամքին հակառակ գործելով՝ կը մեղանչէ։ Մեղքի առիթներ են նաեւ՝ նայուածքները, խօսքերը, ամսաթերթերը եւ անբարոյ ներկայացումները։


ՕՐԻՆԱԿ – ՀՐԱ՜ՇՔ, ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕ՜Ր ՀՐԱՇՔ
Ամերիկացի տարեց տիկին մը՝ Էմմա Լ. Գոթրէլ, սրունքի սաստիկ յօդացաւերով կը տանջուէր, եւ անոր ծունկը բոլորովին տձեւ կերպ առած էր. եւ այս տիկինը Միացեալ Նահանգներէն եկած էր ուխտի՝ Ֆաթիմայի Աստուածամօր՝ Սուրբ Վիթթորինոյ (Հռոմ), քահանայ զաւակին ընկերակցութեամբ։ Իր գաւազանին կռթնելով եւ բարեկամներու օգնութեամբ, քաշկռտուած էր օրհնութեան սրահը։ Աստուածամօր աղօթելէ յետոյ եւ եղբայր Ճինոյի օրհնութենէն վերջ, ոտքի կը կանգնի ու մեծ դիւրութեամբ կը ծնրադրէ պոռալով. «Հրա՜շք, Աստուածամօ՜ր Հրաշք»։ Բժշկական անմիջական քննութենէն հետեւցուցած էին թէ նախկին հիւանդութենէն ոչ մէկ հետք չէր մնացած եւ ծունկն ալ իր բնական ձեւը առած էր։ Այս պատահած էր 30 Ապրիլ 1981-ին։ Իսկ 17 Յունիսին ալ Ֆլորիտայէն եկած էր, նոյնպէս քահանայ զաւակին հետ, շնորհակալ ըլլալու Աստուածամօր։
(Սրբատեղի «ՄԻՐԻԱՄ» ամսաթերթէն – Սեպտեմբեր 1981)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի տօնական օրերու սրբացուցումը՝ հաւատացեալներուն խաղաղութիւն եւ արդարութիւն բերէ։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Բարեպաշտութեամբ եւ գործօն կերպով ներկայ պիտի ըլլամ տօնական օրերու Սուրբ Պատարագին, եւ ծառայական գործ պիտի չընեմ։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Կոյս Մարիամ, աղբիւրը մեր ուրախութեան, բարեխօսէ՛ Յիսուսին՝ մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ Մայր, քեզի կը կարօտինք։ Կը փափաքինք բարութենէդ ճառագայթող լոյսը, սփոփանքը՝ որ անարատ սրտէդ կը բխի, սէրը եւ խաղաղութիւնը՝ որոնց դուն թագուհին ես։
Վստահութեամբ քեզի կը դիմենք մեր կարիքներուն մէջ, որ օգնութեան հասնիս մեզի, մեղմացնես մեր ցաւերը, բժշկես մեր հիւանդութիւնները, մաքրես մեր հոգիները եւ մեր սրտերը լցնես սիրով եւ զղջումով, որպէսզի քու օգնութեամբդ փրկենք մեր հոգիները։
Յիշէ՛, ով սիրոյ Մայր՝ որ Յիսուս քու աղօթքներդ չի՛ մերժեր։ Տո՛ւր հանգիստ ննջեցեալներուն հոգիներուն, բժշկութիւն՝ հիւանդներուն, մաքրութիւն՝ երիտասարդներուն, հաւատք եւ հասկացողութիւն՝ ընտանիքներուն եւ խաղաղութիւն՝ բոլոր մարդկութեան։ Մոլորածները ուղիղ ճամբու բեր, պարգեւէ՛ մեզի բազմաթիւ կոչումներ եւ սուրբ քահանաներ, պաշտպանէ՛ մեր Հայրապետներն ու Եպիսկոպոսները եւ Աստուծոյ Սուրբ Եկեղեցին։
Մարիամ, լսէ՛ մեզի եւ գթա՛ մեզի։ Մեզի դարձուր քու ողորմութեանդ աչքերը։ Եւ այս պանդխտութենէն վերջ՝ ցոյց տուր մեզի քու որովայնիդ օրհնեալ պտուղը՝ Յիսուս, ով գթած, ով բարեգութ, ով քաղցր կոյս Մարիամ։ Ամէն։

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 13)

ԱՂՕԹՔ
Ամենակարող եւ յաւիտենական Աստուած, շնորհէ Քու ժողովուրդիդ՝ որ ապաւինի Սուրբ Կոյս Աստուածածնի մայրական պաշտպանութեան, ազատի ամէն տեսակ չարիքէ եւ հասնի Երկնքի յաւիտենական երջանկութեան։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով։ Ամէն։

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍՏԻ (Բ. 16-18)
Այն ատեն Հերովդէս տեսնելով որ մոգերէն խաբուեցաւ, սաստիկ բարկացաւ ու մարդ ղրկեց, ջարդել տուաւ Բեթղեհէմի եւ անոր ամբողջ սահմաններուն մէջ գտնուող երկու տարեկան եւ անկէ վար եղող բոլոր մանուկները, մոգերէն ստուգուած ժամանակին համաձայն։ Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին բերնով ըսուածը. «Ձայն մը գուժեց Հռամայի մէջ, ողբ ու հեծեծանք եւ դառն կոծ. Հռաքէլ կ՚ողբար իր զաւակները եւ չէր ուզեր մխիթարուիլ, որովհետեւ այլեւս չկային»։
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։

ԱՆՄԵՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԿՈՏՈՐԱԾԸ
Հերովդէս, կոչուած Մեծն, տեսնելով որ մոգերը չդարձան ըսելու թէ ուր ծնած էր հրեաներու թագաւորը, հրամայեց անմեղներու կոտորածը։ Քանի մը ամիս յետոյ, Աստուծոյ ձեռքը հարուածեց զինքը չարաչար մահուամբ։ Տիրամայրը իր անցուցած վտանգները եւ անմեղ մանուկներու անարգ ջարդի յիշատակը սրտին մէջ կը պահէր եւ անոնց վրայ կը մտածէր։ Այս անմեղ մանուկները առաջին մարտիրոսներն եղան։ Անոնք ո՛չ թէ խօսքով՝ այլ մահուամբ փաստեցին իրենց սէրը մանուկ Յիսուսի հանդէպ։ Հիմա ալ սարսափելի ոճիրներ կը գործուին անմեղներու դէմ. հազարաւոր մանուկներ կը սպաննուին վիժումներով. եւ այս՝ ամենամեծ յանցանքն է մարդկութեան։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ԱՂՕԹՔԸ
Ուրիշ մեծ միջոց մըն ալ որ ունինք Յիսուսի միանալու՝ աղօթքն է։ Մինչ ուրիշ խորհուրդներով Յիսուսն է որ ինքզինքը մեզի կը միացնէ, աղօթքով մենք ենք որ կը ջանանք Յիսուսի միանալ։ Աղօթքը մեր կողմէ պատասխանն է Քրիստոսի խորհրդական գործին. պէտք է միշտ կանխէ, ընկերանայ եւ հետեւի իւրաքանչիւր խորհուրդի։ Աղօթքը՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ զրուցակցութիւն մըն է Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։ Աղօթելով՝ հոգին կը վերանայ դէպի Աստուած, հրահանգուելով աստուածային երեք առաքինութիւններուն մէջ՝ ինչպէս որ որդի մը իր մտածումները կը բարձրացնէ եւ սէրը կ՚արտայայտէ իր հօր։ Քանի որ մարդս կազմուած է հոգիէ եւ մարմինէ, ան կրնայ Աստուծոյ հետ խօսիլ՝ ըլլայ Անոր վրայ մտածելով թէ խօսելով Անոր հետ։ Առաջին պարագային աղօթքը կ՚ըսուի՝ մտաւոր, իսկ երկրորդ պարագային՝ բերանացի կամ պարզապէս՝ աղօթք։ Մտաւոր աղօթքի պարագային, մարդս աւելի Աստուծոյ հետ ժամանակ կ՚անցընէ, աւելի Անոր լսելով՝ քան թէ խօսելով։ Ան Աստուծոյ վրայ կը մտածէ՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ներգործութիւններ ընելով։ Եւ որպէսզի Աստուծոյ ձայնին ունկնդրումը աւելի դիւրացնենք, լաւ կ՚ըլլայ որ սկիզբը համառօտ ընթերցում մը ընենք Աւետարանէն կամ ուրիշ հոգեւոր գիրքէ մը։ Մտածականը մեր հոգին կը պատրաստէ Աստուծոյ ձայնը լսելու եւ հետը խօսելու՝ առանց բառ մը իսկ արտասանելու։ Ձայնաւոր աղօթքը, այն է որ պէտք ենք ձայնով ընել, այսինքն բառերով՝ որոնք սակայն պէտք են ընկերանալ մտքին եւ սրտին։ Օրինակի համար, Պատարագը, ժամերգութիւնը, խորհուրդներու մատակարարումը եւ կամ ուրիշ աղօթքներ՝ որոնք կրնան ըսուիլ առանձին, ինչպէս են՝ «Հայր մեր»ը, «Ողջոյն քեզ»ը, «Փառք Հօր»ը, այս բոլորը կը կոչենք բերանացի աղօթքներ։ Ջերմեռանդութիւն մը զոր շատ կը յանձնարարէ Տիրամայրը ամէնուն՝ Վարդարանն է իր տասնհինգ խորհուրդներով։

ՕՐԻՆԱԿ – ՀՐԱՇՔՈՎ ԱԶԱՏԱԾ
Ամուսինս, 1979-ի Նոյեմբեր ամսուն մէջ, ինքնաշարժի ծանր արկած մը ունեցաւ։ Զինքը ուշակորոյս վիճակի մէջ ճամբու եզերքին տեսնելով՝ բոլոր հոգիով դիմեցի Անարատ Կոյսին, որուն հանդէպ մեծ ջերմեռանդութիւն ունիմ։ Խնդրեցի իրմէ՝ որ եթէ ամուսինս մեռնելու ըլլար, գէթ կարենար ուշքի գալ եւ սուրբ խորհուրդները ընդունելէ ետք հոգին աւանդէր, եւ պարգեւէրինծի մխիթարութիւնը ամուսինիս վերջին ժամերուն մօտը ըլլալու։ Ու ահա թէ ինչ մեծ մխիթարութիւն ինծի. Աստուածածինը ոչ թէ միայն խնդրած շնորհքս պարգեւեց ինծի, այլ ամուսինիս՝ տուաւ նաեւ կատարեալ առողջութիւն։ Քանի մը ամիս հիւանդանոց պառկելէ յետոյ, ինքզինքը գտաւ եւ բոլորովին ապաքինեցաւ՝ հակառակ որ 77 տարեկան էր։
(Է. Ֆ. Վարալլօ – Վէրչէլլի – 1.6.1981)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի Եկեղեցին ըլլայ մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Աղօթքը առտու եւ երեկոյեան, ուտելէ առաջ եւ վերջ, այցելութիւն մը Յիսուսի եւ Մարիամի՝ պիտի ըլլան մեր ամէնօրեայ պարտականութիւնները։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, բոլոր շնորհքներու միջնորդ՝ բարեխօսէ՛ Յիսուսին մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Տիրամայր, աղօթել սորվեցուր մեզի թէ՛ ուրախութեան ատեն եւ թէ՛ ցաւերու մէջ, տարակոյսներու եւ տառապանքի ատեն, դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու մէջ, գործի եւ առօրեայ զբաղումներու ատեն։ Որդիաբար քեզի կը դիմենք, ո՜վ քաղցր եւ անոյշ Մայր։ Քու մայրական բարութեամբդ դէպի քեզ առաջնորդէ մեզ. բազուկներուդ մէջ պիտի հանգչեցնենք մեր գլուխը, քեզի պիտի սեւեռենք մեր նայուածքը, որ լի ես անսահման քաղցրութեամբ։ Ու այսպէսով ինքզինքնիս պիտի զգանք աւելի վեհանձն եւ քաջ, պիտի սիրենք Յիսուսը աւելի ուժգին կերպով եւ պիտի նուիրուինք եղբայրսիրութեան գործերու։ Ամէնէն վերջ՝ պիտի հասկնանք թէ միայն աղօթքը պիտի կարենայ մեզ այս աշխարհիս զբաղումներէն անջատել եւ հասցնել մեզ Աստուծոյ՝ որ մեր յաւիտենական երանութիւնն է։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 14)

ԱՂՕԹՔ
Տէր Յիսուս Քրիստոս, Դուն որ իմաստութեամբ, հասակով եւ շնորհքով աճեցար Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին մէջ, ապրելով հնազանդ Մարիամին եւ Յովսէփին, տո՛ւր որ հետեւինք Քու օրինակիդ, խոնարհութեամբ ու հաւատարմութեամբ ապրինք մեր կոչումը: Դուն որ կ՚ապրիս եւ կը թագաւորես յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ (Բ. 19-23)
Հերովդէսի մահէն վերջ՝ ահա Տիրոջ հրեշտակը տեսիլքով երեւցաւ Յովսէփի Եգիպտոսի մէջ եւ ըսաւ. «Ելի՛ր, ա՛ռմանուկըեւ իր մայրը եւ գնա՛ Իսրայէլի երկիրը, որովհետեւ մեռան անոնք որ կ՚ուզէին սպաննել մանուկը»։ Ան ալ եկաւ, առաւ մանուկը եւ անոր մայրը ու եկաւ Իսրայէլի երկիրը։ Եւ երբ լսեց թէ Արքեղայոս իր հօրը՝ Հերովդէսի տեղ թագաւորած է Հրէաստանի վրայ, վախցաւ հոն երթալու, եւ տեսիլքի մէջ հրաման ստանալով՝ գնաց Գալիլեայի կողմերը, եւ եկաւ բնակեցաւ Նազարէթ կոչուած քաղաքը, որպէսզի կատարուի մարգարէին խօսքը, թէ Նազովրեցի պիտի կոչուի։
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։

Ա՛Ռ ՄԱՆՈՒԿԸ ՈՒ ԻՐ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ԴԱՐՁԻ՛Ր ՆԱԶԱՐԷԹ
Մարիամ, մանուկ Յիսուսի եւ Յովսէփին հետ, աքսորուած էր Եգիպտոս, ուր Հերովդէսի նենգաւոր նախանձը՝ ստիպած էր զիրենք ապաստանիլ։
Հրեշտակ մը երազին մէջ երեւցաւ Յովսէփին եւ ըսաւ անոր որ վերադառնայ իր երկիրը, որովհետեւ մեռած էին անոնք որ կ՚ուզէին սպաննել մանուկ Յիսուսը։ Յովսէփ արթննալով իր քունէն, առաւ մանուկը եւ անոր մայրը Մարիամ, եկաւ եւ հաստատուեցաւ Նազարէթ՝ որուն համար Յիսուս կոչուեցաւ՝ Նազովրեցի։ Հալածանքներու ցաւալի ոդիսականը վերջացած ըլլալով, հիմա խաղաղութեան շրջան մը կ՚անցընէին Նազարէթի տան մէջ։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մկրտութեան խորհուրդով, Սուրբ Հոգին՝ մեզ մեռած եւյարուցեալ Յիսուսին կը պատուաստէ, վերածնելովմեզ Իրաստուածային կեանքին։ Մարդը Յիսուսի հետ պատուաստուելով՝ կ՚ըլլայ ուռը այն խորհրդաւոր որթատունկին՝ որ է Սուրբ Եկեղեցին։ Ան կը ստանայ Սուրբ Հոգին՝ որ զինքը կենսապէս կը միացնէ մեռած եւ յարուցեալ Յիսուսին։ Հետեւաբար, ամէն մեղք՝ ըլլա՛յ ան սկզբնական կամ ներգործական, կը ջնջուի մեր հոգիէն։ Յիսուսի հետ այս նոր միութեամբ, մարդս Յիսուսի պատկանելու նկարագիրը կը ստանայ յաւիտեան։ Մկրտութենէն յետոյ, ան այլեւս պարզ մարդ մը չէ. այլ երկնաւոր Հօր որդին, եւ անդամ՝ միակ մարմնի մը, որ զինքը կը միացնէ Յիսուսի, ուստի նաեւ՝ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն։
Մկրտութեան նիւթը պարզ ջուրն է, իսկ բանաձեւը որ Յիսուս սորվեցուց՝ հետեւեալն է. «Ես քեզ կը մկրտեմ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։ Մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարուի այսպէս. ջուրը թափելով մկրտուողին գլխուն վրայ եւ միեւնոյն ժամանակ ըսելով այն խօսքերը զոր Յիսուս սորվեցուցած է մեզի։ Մկրտութեան պաշտօնեան՝ քահանան կամ սարկաւագն է. սակայն հարկի պարագային՝ որեւիցէ մէկը կրնայ մկրտել, բաւ է որ մկրտողը դիտաւորութիւնը ունենայ ընելու այն ինչ որ կ՚ընէ Եկեղեցին։ Մկրտութիւնը այն խորհուրդն է որ մեզ Յիսուսի մահուան եւ յարութեան կը միացնէ։

ՕՐԻՆԱԿ – ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ՔԵԶԻ, ՄԱՐԻԱՄ, ՈՐ ԳԱԲՐԻԷԼ ԶԱՒԱԿՍ ԻՆԾԻ ՊԱՐԳԵՒԵՑԻՐ
Շնորհակալ եմ քեզի, Մարիամ, ո՜վ աստղը իմ հոգւոյս, որ պարգեւեցիր ինծի զաւակս՝ Գաբրիէլը։ Շնորհակալեմ այն հոգեկան եւ ֆիզիքական ոյժին որ զիս վերբռնեց այն իններորդ ամսուան դժուարին օրերուն։ Ամէն բան վտանգաւոր էր թէ՛ ինծի եւ թէ՛ իրեն համար։ Օգնութեանդ դիմեցի եւ բոլորովին վստահ էի թէ պիտի չթողէիր զիս։ «Բարեխօսէ՛ ինծի համար, Սրբուհի Մարիամ, Մայր Աստուծոյ, հիմա եւ այդ դժուարին ժամուն»։ Եւ լսելի եղայ։ Ահա հիմա քու հրաշագործ մետալդ՝ հաւատքով եւ խոնարհութեամբ անոր օրօրոցին վրայ կը դնեմ։ Ուզեցի անոր անունը Գաբրիէլ դնել, որովհետեւ այն հրեշտակն էր որ աւետեց քեզի ծնունդը Յիսուսին՝ որ փրկեց բոլոր մարդկութիւնը։ Մարիամ, օրհնէ՛ մեր ընտանիքը որպէսզի սիրով եւ խաղաղութեամբ ապրինք միասին։
(Ս. Չ. Սքիօ – Վիշենցա – 1.6.1981)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի մահմետական աշխարհը որ քրիստոնեայ չըլլալով հանդերձ կը յարգէ Աստուածամայրը՝ գտնէ զինքը դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճամբան։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Ամէն գործ սկսելէ առաջ, առանց մարդկային ակնածանքի, համոզուած քրիստոնեայի պէս պիտի հայցենք միշտ՝ Տիրոջ աստուածային լոյսը։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, օգնական քրիստոնեաներու, բարեխօսէ՛Յիսուսին մեզի համար

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, օգնական քրիստոնեաներու, առաջնորդէ՛ մեզ ըլլալու միշտ քաղաքացիները երկնաւոր եւ երկրաւոր քաղաքին։ Տո՛ւր որ գնահատենք Աւետարանի եւ շնորհքի արժէքները եւ մեր եղբայրներուն կարիքներուն օգնութեան հասնինք։ Դարձո՛ւր մեզ յանձնառու, հետեւողական, եռանդուն աղօթասէրներ, բարեխիղճ արհեստավարժներ, ո՛չ միայն անունով քրիստոնեայ, պատրաստակամ աշխատաւորներ, խոնարհ աշակերտներ Աւետարանի եւ հասարակութեան մէջ առոյգ ոգեւորիչներ։ Թող չսարսափեցնեն մեզ լարուածութիւններն ու հալածանքները։ Համոզուինք թէ՝ մի միայն Աւետարանն է մարդուս եւ մարդկութեան փրկութեան օրինագիրքը։ Տո՛ւր մեզի, Տիրուհի, սիրտ մը որ սիրէ առանց փոխադարձը պահանջելու, երջանիկ՝ ինքզինքը ուրիշին համար նուիրելու, եւ միշտ հետամուտ՝ Քրիստոսի Արքայութեան յաղթանակին եւ հոգիներու բարիքին։
Ամէն։

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 15)

ԱՂՕԹՔ
Տէր Աստուած մեր, որ Սուրբ Սիմէոն ծերունիի բերանով յայտնեցիր Մարիամին ցաւի խորհուրդը՝ որով իր կեանքը պիտի միանար Քու Որդւոյդ փրկչական չարչարանքներուն, շնորհէ մեզի որ մենք ալ սիրայօժար հաճինք Քու կամքիդ եւ արժանի ըլլանք այն շնորհքին՝ որ մեզի համար արժանացաւ: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Բ. 21-24)
Երբ մանուկը թլփատելու ութ օրերը լրացան՝ անունը Յիսուս դրին, ինչպէս հրեշտակէն կոչուած էր, տակաւին որովայնին մէջ չյղացած:
Եւ երբ Մովսէսի օրէնքին համաձայն՝ լրացան սրբութեան օրերը, Երուսաղէմ տարին զանիկա՝ Տիրոջ ներկայացնելու համար, ինչպէս գրուած էր Տիրոջ օրէնքին մէջ. «Ամէն արու անդրանիկ Տիրոջ պիտի նուիրուի, եւ զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ ընծայ պիտի տրուի, Տիրոջ օրէնքին համաձայն»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ԸՆԾԱՅՈՒՄ ՅԻՍՈՒՍԻ
Յիսուսի ծնունդէն քառասուն օր յետոյ՝ զինքը Երուսաղէմ՝ տաճար տարին, Տիրոջ նուիրելու համար: Այդ արարողութեամբ՝ Յիսուս կ՚ենթարկուէր հին օրէնքի պատուիրանին. սակայն, իրականութեան մէջ, ընդառաջ կու գար Իր ժողովուրդին՝ որ Իրեն կը սպասէր հաւատքով: Սուրբ Հոգիէն մղուած՝ ծերունի Սուրբերը՝ Սիմէոն եւ Աննա, լուսաւորուած նոյն Հոգիով, ճանչցան Մեսիան ու հրճուանքով վկայութիւն տուին: Մենք ալ, Սուրբ Հոգիով միացած, ընդառաջ երթանք Քրիստոսի, Աստուծոյ տան մէջ՝ ուր պիտի գտնենք զԻնքը եւ պիտի վերաճանչնանք զԻնքը հացը բեկանելու ատեն՝ այսինքն, Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, այն սպասումով՝ որ Ան գայ եւ ինքզինքը յայտնէ մեզի՝ Իր փառքին մէջ:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ԴՐՈՇՄԸ
Մկրտութեամբ, Սուրբ Հոգին մեզ մեռեալ եւ յարուցեալ Յիսուսի վրայ կը պատուաստէ, ու Իր աստուածային կեանքով կը վերածնինք: Դրոշմի խորհուրդով ալ, յետոյ, կ՚աճեցնէ այս կեանքը եւ մեզ Իր վկաները կը դարձնէ այս աշխարհիս վրայ: Սուրբ Հոգին կրկին կ՚իջնէ քրիստոնեային վրայ եւ զայն խոր կերպով աւելի կը միացնէ Յիսուսի: Եւ այսպէսով՝ ան կ՚ըլլայ աւելի զօրաւոր ճիւղ մը, աւելի կենսունակ, եւ հետեւաբար՝ աւելի ունակ աստուածային պտղաբերութեան: Դրոշմով, մկրտուածը կատարեալ քրիստոնեայի կնիքը կը ստանայ, այսինքն՝ Քրիստոսի վկայ կ՚ըլլայ աշխարհիս վրայ: Աշխարհականներու առաքելութիւնը Դրոշմով ծնունդ կ՚առնէ: Դրոշմը մի միայն անոնք կրնան առնել՝ որոնք կապուած են Յիսուսի եւ մահացու մեղքով չեն բաժնուած Իրմէ: Եւ ով որ գիտէ թէ մահացու մեղքի մէջ է, թող նախ միանայ Յիսուսի ապաշխարութեան խորհուրդով: Դրոշմի պաշտօնեան հայերու մօտ քահանան է: Ով որ Դրոշմի խորհուրդը պիտի ընդունի, պէտք է Աստուծոյ շնորհքին մէջ ըլլայ. եւ եթէ չափահաս է՝ պէտք է գիտնայ հաւատքի գլխաւոր խորհուրդները եւ խորհուրդիս մօտենայ մեծ ջերմեռանդութեամբ:
Առաքեալները, Յիսուսի Համբարձումէն յետոյ, Աստուածամօր հետ միասին յարատեւ աղօթքի մէջ էին: Տասը օր յետոյ, Հոգեգալուստին, Սուրբ Հոգին կ՚իջնէ իրենց վրայ եւ զիրենք կը լիացնէ Իր առատ շնորհքներով։ Եւ այդ օրէն սկսեալ, անոնք եղան Աւետարանի քաջ վկաները։ Մենք ալ մեր Դրոշմի օրը ստացանք նոյն Սուրբ Հոգին, ստացանք Իր բոլոր շնորհքները՝ որոնք ոյժ եւ զօրութիւն կու տան մեր հոգիին։ Յիսուս կ՚ըսէ առաքեալներուն եւ մեզի՝ դրոշմեալներուս։ «Պիտի ստանաք Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը եւ պիտի ըլլաք ինծի վկաներ մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ Ասով կը բացատրուի միլիոնաւոր մարտիրոսներու զօրութիւնը, անհամար քահանաներու առաքելական եռանդը եւ կրօնաւորներու եւ մայրապետներու անխոնջ հերոսութիւնները։

ՕՐԻՆԱԿ – ԱՂՕԹՔԻ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Վիրաբոյժը ըսաւ ինծի որ շուտով պէտք էի գործողութեան ենթարկուիլ։ Մտայ Վիրահատարան, ինքզինքս յանձնելով Աստուածամօր միջնորդութեան։ Յաջորդաբար մեծ զարմացումով իմացայ թէ կատարուած վիրահատութիւնները ոչ թէ մէկ՝ այլ միաժամանակ երեք հատ եղած էին։ Այն ատեն աւելի եռանդով դիմեցի աղօթքի եւ Աստուածամօր հզօր միջնորդութեան, ինքզինքս բոլորովին իրեն յանձնեցի՝ որ երբեք անյոյս չի թողուր անոնք որ իրեն կը դիմեն։ Այս վերջին խնդրանքս աղաչական եղած էր։ Ու ահա այս համառօտ տողերով կ՚ուզեմ ամէնուն իմացնել աղօթքի զօրութիւնը. ես Սուրբ Աստուածամօր դիմած էի եւ ան ալ լսած էր ինծի։ Դուք ալ ունեցէք այդ իմ վստահութիւնս իրեն հանդէպ՝ անոր որ Աստուծոյ Մայրն է, եւ միշտ լսելի պիտի ըլլաք։
(Ֆրանքա Փիրրօնէ Քաթանիացի – 1.4.1981)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Կրօնաւորական եւ քահանայական կոչումներու համար։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Թաղիս մէջ բնակող աղքատներով, հիւանդներով, դժբախտներով, թմրամոլներով եւ մանուկներով պիտի զբաղիմ. որպէսզի կարենան քրիստոնէաբար ապրիլ հաւատքի եւ սիրոյ մէջ։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, Մայր Առաքեալներու, բարեխօսէ՛ Յիսուսին մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, երկրիս վրայի պանդուխտներուս հետ եղիր։ Այնպէս ըրէ՛ որ կարենանք մեր անձնասիրութենէն ձերբազատած, ընդառաջ ելլել՝ բոլոր մարդոց, մեր եղբայրներուն՝ մեզի հետ պանդուխտներուն, դէպի երկինք բարձրացնող ճամբուն վրայ։ Մեզի ընկերացիր, Տիրուհի, տեսնելու համար թէ որոնք մեզմէ աւելի գէշ վիճակի մէջ են, որ առանձին է՝ անօգնական, գործազուրկ, անօթի կամ անտուն։ Տա՛ր մեզ տեսնելու այն գիւղերն ու թիթեղաշէն տուները՝ ուր աղքատներ կը բնակին, կամ երկրաշարժէ փախչող մարդոց վրանաբնակ կեանքը եւ արուարձաններու անմարդավայել կեանք վարող բնակիչները։ Տեսնենք եւ հասկնանք հազար վէրքերովխոցուած անմխիթար աշխարհը։ Հասկցո՛ւր մեզի թէ մե՛նք պէտք է ըլլանք լաւագոյն եւ արդար աշխարհի մը կերտողները։ Աշխարհիս վրայ նորէն իջիր, ո՜վ քաղցր Քոյրիկ եւ տարածէ՛ օրհնութիւնդ եւ ժպիտդ ամէնուր. եւ այն ատեն վերածնունդը պիտի սկսի ու մենք ալ քու քովդ պիտի ըլլանք, ո՜վ Մարիամ։ Ամէն։

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 16)

ԱՂՕԹՔ
Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս, Դուն որ աշխարհ եկար Քու Արքայութիւնդ վերականգնելու՝ արդարութեամբ, սիրով եւ խաղաղութեամբ. եւ ուզեցիր որ մայրդ ալ մասնակից դառնայ Քու տաճար ընծայումիդ, շնորհէ՛ մեզի ալ նոյն մասնակցութիւնը Քու փրկագործութեանդ խորհուրդին եւ արժանի՛ ըրէ տեսնելու Քեզ դէմ յանդիման երկնային Երուսաղէմին մէջ: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Բ. 25-32)
Երուսաղէմի մէջ Սիմէոն անունով մարդ մը կար, արդար եւ երկիւղած, որ կը սպասէր Իսրայէլի մխիթարութեան. անոր մէջ կը բնակէր Սուրբ Հոգին, որ իրեն յայտներ էր, թէ պիտի չմեռնէր՝ մինչեւ տեսնէր Տիրոջ Օծեալը: Ան Սուրբ Հոգիէն մղուած տաճար եկաւ, եւ երբ ծնողքը Յիսուս մանուկը՝ բերաւ որպէսզի օրինական սովորութիւնը կատարեն անոր վրայ, Սիմոն գիրկն առաւ զանիկա, օրհնեց զԱստուած եւ ըսաւ. «Ո՜վ Տէր, խաղաղութեամբ արձակէ՛հիմա քու ծառադ, քու խօսքիդ համաձայն. որովհետեւ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ, զոր պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներու առջեւ, իբրեւ լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու, եւ փառք՝ Իսրայէլի, քու ժողովուրդիդ»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՍԻՄԷՈՆ՝ ՄԱՐԻԱՄԻ ՁԵՌՔԷՆ ԱՌԱՒ ՅԻՍՈՒՍԸ ԻՐ ԲԱԶՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Սիմէոն ծերունին Մեսիային կը սպասէր։ Ան Աստուծոյ կ՚աղօթէր՝ որ իրեն պարգեւէր այս մխիթարութիւնը՝ տեսնելու Մեսիան։ Անոր աղօթքը լսելի եղաւ։ Այդ մանուկին մէջ՝ զոր Մարիամ եւ Յովսէփ տաճար ընծայեցին, ճանչցաւ Փրկիչը։ Մարիամի ձեռքէն առաւ մանուկը իր գիրկը ու քաղցրութեամբ զանիկա իր կուրծքին սեղմելով՝ գոչեց փառաբանական երգով մը. «Ալ հիմա կրնամ մեռնիլ խաղաղութեամբ, աչքերս կրնան գոցուիլ հանդարտութեամբ՝ որովհետեւ հայեցան անոր՝ որ եկած է փրկելու բոլոր մարդկութիւնը»։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
Ապաշխարութեան խորհուրդով Յիսուս կրկին անգամ կու տայ մեզի Իր աստուածային կեանքը՝ զոր մեղքով կորսնցուցած էինք։ Երբ քրիստոնեայ մը դժբախտութիւնն ունենայ ծանր մեղք մը գործելու, կը նմանի ճիւղի մը որ անջատուած է ծառէն՝ որուն մէջէն այլեւս չի հոսիր աստուածային աւիշը. ան չորցած ճիւղ մըն է եւ սահմանուած՝ նետուելու յաւիտենական կրակին մէջ։ Յիսուս տեսնելով մեր ահռելի դժբախտութիւնը, կը միջամտէ իբրեւ բժիշկ եւ սիրասուն հայր։ Ապաշխարութեան եւ Հաղորդութեան խորհուրդներով մեզի կը ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ վերստին կը պատուաստէ Իրեն՝ տալով մեզի Իր բարեկամութիւնը։ Լաւ Խոստովանանք ըլլալու համար, ամէնէն կարեւորը այն է որ անկեղծօրէն ուզենք դառնալ Յիսուսի՝ իբրեւ անառակ որդի՝ որ իր հօրը կը վերադառնայ։ Խղճի քննութեան ատեն, քրիստոնեան պէտք է միտքը բերէ իր մեղքերը՝ սկսելով վերջին լաւ կատարած խոստովանանքէն։ Խղճի քննութիւնդ լաւ կը կատարես, եթէ ձեռքդ ունենաս լաւ խոստովանելու բանաձեւ մը՝ ուր դրուած կ՚ըլլան կարելիութիւնները Աստուծոյ դէմ գործուած մեղքերուն։ Պէտք ես նախ ծանր մեղքերդ ըսել եւ թէ մօտաւորապէս քանի անգամ ըրած ես՝ ըլլան անոնք մտքով կամ գործով կատարուած եւ կամ ալ՝ զանցառութեամբ։ Լաւ կ՚ըլլայ խոստովանիլ նաեւ ներելի մեղքերը։ Զղջումը պէտք է ընդգրկէ բոլոր մահացու մեղքերը. որովհետեւ իւրաքանչիւրը՝ Աստուծոյ հանդէպ նախատինք մըն է եւ պատճառ՝ աստուածային կեանքը կորսնցնելու։
Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը ցաւիլ կու տայ մեզի եւ զղջալ նաեւ ներելի մեղքերու վրայ։ Սակայն կարեւոր է նաեւ խոստումը՝ այլեւս չմեղանչելու։ Արձակումը այն վճիռն է՝ որով քահանան, Յիսուսի անունով, կ՚արձակէ ապաշխարողին մեղքերը ըսելով. «Ես կ՚արձակեմ քեզ քու մեղքերէդ, Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն անունով»։

ՕՐԻՆԱԿ – ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ՄԵԶ ՊԱՇՏՊԱՆԵՑ
Արդէն ցնցուած 23 Նոյեմբեր 1980-ի երկրաշարժէն, ստիպուեցայ ընտանիքիս հետ մէկտեղ տունն ալ թողուլ ու հեռանալ։ Քաղաքապետարանէն երկրաչափ մը եկած էր տեղեկանալու մեր շէնքին եղած վնասներու մասին եւ մեզ եւ մեր դրացիները ստիպած էր պարպելու մեր տուները եւ մեզ տեղաւորելու դպրոցական շէնքի մը մէջ։ Դեկտեմբեր 5-ի իրիկունը մեզի պատահեցաւ նոր դժբախտութիւն մը՝ որ կրնար մեծ հետեւանքներ ունենալ։ Մինչ երկաթէ աստիճաններէն վար կ՚իջնէի, գիրկս առած 14 ամսու թոռնիկս՝ Վալէնթինան, վար սահեցայ գլտորելով։ Այդ ժամանակ Տիրամայրը օգնութեան կանչեցի՝ ան որ Մայրն է Յիսուսի եւ մեր։ Զարմանքս այն եղաւ որ մինչ ես հիւանդանոց փոխադրուեցայ մարմնոյս զանազան թեթեւ վէրքերս բուժելու՝ անդին թոռնիկս եւ ոչ իսկ փոքրիկ քերթուածք մը ունեցած էր։ Այդ ահռելի վայրկեանին ես եւ փոքրիկին մայրը այնպիսի սրտագին աղօթք մը ըրինք Աստուածամօր՝ որ հիմա կրնանք հաստատել թէ ինքն էր որ զիս եւ թոռնիկս՝ Վալէնթինան պաշտպանեց այդ վայրկեանին։
(Աննա Կրացիա Քութրուփի – Թորրէ Ա. - Նափոլի – 1.2.1981)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի մխիթարուին աղքատները, հիւանդները, պանդուխտները եւ բանտարկեալները։

ԽՈՍՏՈՒՄԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Երախտագիտութեան ակնարկ մը պիտի ուղղեմ Աստուծոյ՝ ինքնաշարժէս ելլելէ առաջ, լուացքի մեքենան աշխատեցնելէ առաջ, սառնարան բանալէ առաջ եւ հեռատեսիլի յայտագիր մը վայելելէ առաջ։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, առանց սկզբնական մեղքի յղացեալ, բարեխօսէ՛ մեզի համար Յիսուսին։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Տիրամայր, մի՛ թողուր մեզ որ անտարբեր մնանք ուրիշներու դժբախտութեան դիմաց. միլիոնաւոր մարդկային էակներ՝ կ՚ապրին անմարդկային կեանք մը, անօթի կը մեռնին, զիրար կը մեռցնեն, եւ կու լան՝ դառն արցունքներ թափելով առանձնութեան մէջ։ Այնպէս ըրէ՛ որ հասկնանք թէ ատոնք մեր եղբայրներն են եւ մեզի պէս իրենք ալ նախասահմանուած են Աստուծոյ Արքայութեան։ Ազատէ՛ մեզ, Տիրամայր, այս անտարբերութենէն՝ որ մեզ կ՚օտարացնէ մարդկային տառապանքէն։ Տո՛ւր որ լսենք խեղճութեան, անօթութեան, անգործութեան, հիւանդութեան եւ մահուան աղաղակները իբրեւ կոչը քու մայրական սիրոյդ՝ որ մեզ կը հրաւիրէ մեր եղբայրներուն օգնութեան, համագործակցելու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց հետ, վերակազմելու հասարակութիւնը եւ բուժելու անոր անհամար վէրքերը։ Յիշեցո՛ւր մեզի թէ արդի խնդիրները լուծելու համար, պէտք ունինք Աստուծոյ, հաւատքի, աղօթքի եւ մեր սրտի դարձին։ Տիրամայր, զօրացո՛ւր մեր կամքը՝ որպէսզի քիչ մը աւելի ընենք մեր կարելին աշխարհիս վերանորոգման համար։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 17)

ԱՂՕԹՔ
Ո՜վ Աստուած, Դուն ուզեցիր որ տաճար ընծայուած Որդւոյդ քովը գտնուէր Իր Ցաւագին Մայրը՝ որու սրտէն ցաւի սուրը անցաւ. այնպէս ըրէ՛ որ Քու Սուրբ Եկեղեցիդ, մասնակցելով Աստուածամօր հետ Քրիստոսի Չարչարանքներուն՝ մասնակից դառնայ նաեւ Անոր Յարութեան փառքին:
Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Բ. 22-35)
Հայրն ու մայրը զարմացած էին այս խօսքերուն վրայ, որ կ՚ըսուէին Յիսուսի մասին: Սիմէոն զանոնք ալ օրհնեց եւ ըսաւ անոր մօրը՝ Մարիամին. «Ահա ասիկա շատերուն գլորելու եւ կանգնելու պատճառ պիտի ըլլայ Իսրայէլի մէջ, եւ նշան հակառակութեան: Եւ քու սրտէդ ալ սուր մը պիտի անցնի, ու այդպէս պիտի յայտնուին շատ սրտերու խորհուրդները»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՄԱՐԻԱՄ, ՔՈՒ ՍՐՏԻԴ ԱԼ ՍՈՒՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ԱՆՑՆԻ

Սիմէոն ծերունին, գիրկն առաւ մանուկ Յիսուսը՝ ցանկալի եւ այնչափ սպասուած Մեսիան, սեղմեց իրսրտին, համբուրեց եւ յետոյ ընծայեց զայն Աստուծոյ՝ գոհաբանական աղօթքով մը: Մարիամին ալ՝ զաւակին ցաւալի վիճակին մասնակցիլը՝ մարգարէացաւ: Ինչպէս Մայրն է Փրկիչին՝ պիտի ըլլայ նաեւ փրկչակից: Ցաւի սուրը անոր սրտէն պիտի անցնի Գողգոթայի խորհուրդով եւ շատ մը ուղեկորոյս որդիներու դասալքութեամբ:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ
Յիսուս, երբ հասաւ ժամը Իր Հօրմէն փառաւորուելու, սիրելով իրենները որ աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջ սիրեց զանոնք: Մինչդեռ աշակերտներուն հետ կ՚ընթրէր, հաց առաւ, գոհացաւ, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ ըսելով. «Առէ՛ք, կերէ՛ք. այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է»: Եւ բաժակն առնելով՝ գոհացաւ եւ տուաւ անոնց ըսելով. «Խմեցէ՛ք ատկէ ամէնքդ. որովհետեւ այդ է նոր ուխտի իմ արիւնս, որ շատերուն վրայ կը թափուի՝ մեղքերու թողութեան համար: Ասիկա իմ յիշատակիս համար ըրէք»։ Յիսուս Իր վերջին ընթրիքին, ուզեց յաւերժացնել փրկագործութեան յիշատակը խաչով եւ ինքզինքը Հօր Աստուծոյ նուիրելով՝ իբրեւ անարատ Գառնուկ, եղաւ կատարեալ փառաբանութիւն եւ հաճելի զոհ՝ Աստուծոյ: Այս մեծ խորհուրդով, Յիսուս կը սնուցանէ եւ կը սրբացնէ Իր հաւատացեալները, որպէսզի միայն հաւատքը լուսաւորէ եւ միայն սէրը միացնէ աշխարհիս վրայ ցրուած մարդկութիւնը: Ու մենք կը մօտենանք խորանի այս մեծ խորհուրդին՝ որպէսզի Անոր Սուրբ Հոգւոյն հեղումը մեզ կերպարանափոխէ իր փառքի պատկերին համաձայն:
Մեր Տէրը Քրիստոս՝ ճշմարիտ եւ յաւիտենական Քահանայ, հաստատեց մշտնջենաւոր զոհի արարողութիւնը, նախ՝ փրկութեան պատարագը մատոյց Հօր Աստուծոյ եւ պատուիրեց Իր աշակերտներուն եւ անոնց յաջորդներուն՝ որ կատարեն ասիկա Իր յիշատակին: Իր զոհաբերուած մարմինը մեզի համար սնունդ եւ ոյժ է. Իր արիւնը՝ որ մեզի համար թափեց՝ ըմպելի է եւ մեզ սրբող ամէն յանցանքէ: Սուրբ Հաղորդութեամբ, Յիսուս մեզ Իր եւ Սուրբ Երրորդութեան հետ կատարեալ կերպով կը միացնէ: Բոլոր սուրբ խորհուրդներն ալ սկիզբ եւ զօրութիւն կ՚առնեն Յիսուսի խաչին վրայ զոհուելէն: Սուրբ Հաղորդութիւնը կեդրոնն ու աղբիւրն է Աստուծոյ որդիներու մեր կեանքին եւ սիրոյ բարձրագոյն կատարն է: Աշխարհիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը պահուի Սուրբ Հաղորդութիւնը, որովհետեւ Յիսուս ուզեց մեզի միշտ մօտ ըլլալ՝ որպէսզի Իրեն միշտ այցելութեան երթանք, աղօթքով հետը խօսակցինք, զԻնքը մեր սրտին մէջ առնենք Սուրբ Հաղորդութեամբ եւ մասնակցինք Պատարագի սուրբ խորհուրդին:

ՕՐԻՆԱԿ - ԲՈՒՌՆ ՓԱՓԱՔ՝ ԶԱՒԱԿ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ

Արիւնի թունաւորման պատճառով, հարսս անկարելիութեան դիմաց կը գտնուէր զաւակ մը ունենալու: Արդէն երեք անմեղ արարածներ կորսուած էին իրենց գոյութեան 3-5-րդ ամիսներուն: Փիզա քաղաքը կ՚երթայ եւ հոն մասնագէտ բժիշկ մը իրեն կու տայ պէտք եղած դեղերը եւ անհրաժեշտ խնամքները կ՚ընէ, որպէսզի թունաւորումի առաջքը առնուի: Խնամքի աւարտին, կը մտածէ թէ այս անգամ իրյղի մնալը բարի պտուղ տայ: Երբհարսս կրկին սպասումի մէջ գտնուեցաւ, նորէն Փիզա գնաց իր բժիշկին խորհուրդ հարցնելու. բժիշկը խորհուրդ կու տայ անոր որ հիւանդանոց երթայ եւ հոն մնայ մինչեւ իր ծննդաբերութիւնը, կատարեալ հանգիստ ընէ, երբեք անկողինէն դուրս չելլէ եւ խիստ խնամքի տակ մնայ: Զաւակ ունենալու անսահման փափաքը զինքը մղեց ամէն զոհողութիւն յանձն առնելու, գիտնալով հանդերձ որ կրնար նոր վիժում մը ունենալ: Հակառակ ատոր ես ու հարսս մեծ վստահութեամբ անդադար Աստուածամօր կ՚աղօթէինք ու բոլոր վստահութիւննիս իր վրայ դրած էինք: Ամբողջ ընտանիքով անդադար աղօթեցինք: Վերջապէս մեր աղօթքները ապարդիւն չեղան, ու ամէն դժուարութիւն փարատեցաւ եւ լաւագոյն կերպով աշխարհ եկաւ անուշիկ աղջնակ մը եւ մենք առ ի երախտագիտութիւն Աստուածամօր՝ կոչեցինք զինքը՝ Մարիամ:
(Փիէրա Քանթինի, Լիվոռնո - 1.4.1979)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի այրիները, որբերը, տառապեալները եւ կարօտեալները՝ օգնութիւն, քաջալերանք եւ մխիթարութիւն գտնեն:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Ստէպ պիտի հաղորդուինք, եւ որպէսզի հաստատենք թէ հոգին կը գերիշխէ մարմնոյն վրայ՝ ուտելիքներու մէջ մահացուցում պիտի ընենք, նոյնը պիտի ընենք՝ հագուելու, զուարճութեան եւբոլոր օրինաւոր հաճոյքներու ատեն:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, երկինքի դուռ, բարեխօսէ մեզի համար Յիսուսին:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Ո՜վ Մարիամ, մեր հոգին կը փափաքի հրեշտակներու հացը՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը, չնուաղելու համար կեանքի այս դժուարին ճամբուն մէջ: այնպէս ըրէ՛, որ քրիստոնեաները յաճախակի՛ մօտենան Սուրբ Հաղորդութեան, որպէսզի ճաշակեն այս միակ հացէն եւ ըմպեն այս միակ բաժակէն ու մէկ մարմին ըլլան՝ Սուրբ Հոգւոյն միջոցով եւ ըլլան կենդանի ընծաներ՝ Քրիստոսով: Մարիամ, Աստուծոյ գլուխ գործոցը, օգնէ՛ մեզի որ հասկնանք մեր իրական մեծութիւնը: Յիշեցո՛ւր մեզի թէ մեր մէջ, աստուածային ճրագ մը կը փայլի եւ թէ որքան անհասանելի արժէք ունի մեր հոգին: Օգնէ՛ մեզի մեր կեանքի յոգնեցուցիչ ընթացքին մէջ, ազատէ՛ մեր հոգին հաճոյապաշտ խոչընդոտներէ: Ըմբռնել տուր մեզի ճշմարիտ յարգանքը մեր մարմնոյն հանդէպ, որպէսզի զայն անարատ պահենք ամէն տեսակ չարիքէ, հնազանդ պահենք զայն հոգւոյն եւ ազատ՝ ամէն տեսակի մեղքէ: Օգնէ՛ անոնց որ մարմնապէս կը տառապին հիւանդութիւններով. եւ միտ յիշեցո՛ւր անոնց որ իրենց կը սպասէ՝ աւելի բարձր կեանք մը՝ Աստուծոյ երկնային փառքին մէջ: Այնտեղէն է որ մեզի կը նայիս, մեզ քեզի կը ձգես, ո՜վ Տիրամայր: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 18)

ԱՂՕԹՔ
Հայր Աստուած, որ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքը մեզի կեանքի ճշմարիտ օրինակ տուիր, տո՛ւր որ մեր քրիստոնեայ ընտանիքներուն մէջ ալ ծաղկին նոյն առաքինութիւնները եւ նոյն սէրը, որպէսզի Քու տանդ մէջ միացած՝ կարենանք վայելել Քու երկնային ու անվախճան երանութիւնդ: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Բ. 38-40)
Հոն էր Աննա մարգարէուհին, Փանուէլի աղջիկը, Ասերի ազգատոհմէն, շատ յառաջացած տարիքով, որ կուսութենէն վերջ՝ եօթ տարի ապրած էր ամուսինին հետ: Ան ութսուն եւ չորս տարեկան այրի էր. տաճարէն բնաւ չէր հեռանար, այլ գիշեր ցերեկ կը ծառայէր Աստուծոյ պահքով եւ աղօթքով: Ինքն ալ նոյն պահուն վրայ հասնելով՝ շնորհակալ կ՝ըլլար Տիրոջ եւ մանուկի մասին կը խօսէր ամէնուն հետ, որ Երուսաղէմի փրկութեան կը սպասէին:
Երբ ամէն ինչ կատարեցին Տիրոջ օրէնքին համաձայն՝ վերադարձան Գալիլեա, իրենց քաղաքը՝ Նազարէթ: Եւ մանուկը կ՚աճէր ու կը զօրանար լի իմաստութեամբ, եւ Աստուծոյ շնորհքը անոր վրայ էր:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՅԻՍՈՒՍ, ՄԱՐԻԱՄ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԶԱՐԷԹ ԴԱՐՁԱՆ
Բոլոր ընտանիքներու տիպար օրինակը կը հանդիսանայ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքը: Խոնարհ տնակ մը, փորուած բլրան մը կողքին, միւս տնակներէն՝ ոչ մէկ կերպով տարբեր, մանաւանդ թէ բոլորովին անտեսուած տնակ մը: Այնտեղ կը բնակին երեք հոգի. Յովսէփ՝ ատաղձագործ գործաւոր մը՝ արդար մարդ մը որ լռութեամբ, աղօթքով եւ աշխատանքով կ՚անցընէ իր օրը: Անդին Մարիամը՝ խոնարհ աղախինը Տիրոջ, լի շնորհքով, Կոյս եւ Մայրը Յիսուսի. ան՝ որուն բոլոր կիները երանի պիտի տան: Եւ Յիսուս, Որդին Աստուծոյ եւ Մարիամի, որ կ՚աճի իմաստութեամբ եւ շնորհքով:
Անոր հետ է Աստուծոյ զօրութիւնը, եւ Ինքն իսկ Աստուած է: Աստուած մը որ կը հնազանդի Յովսէփին եւ Մարիամին եւ այդպէս կը մնայ անոնց քով մինչեւ 30 տարեկանը:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Սուրբ Հաղորդութիւնը նախ եւ առաջ Նոր Ուխտի միակ զոհն է՝ այսինքն, Խաչի զոհը, որ Պատարագի ատեն, խորհրդական նշանի երեւոյթին տակ կը ներկայանայ: Սուրբ Պատարագը կրկնութիւնն է Յիսուսի վերջին Ընթրիքի խորհուրդին, այսինքն, Խաչի զոհին նուիրումն է եւ հետեւաբար Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ կնքուած Նոր Ուխտի միակ զոհը: Եկեղեցին է որ կը կատարէ զայն՝ հնազանդելով Յիսուսի պատուէրին, որ յետ կատարելու Վերջին Ընթրիքը, ըսաւ առաքեալներուն. «Ասիկա իմ յիշատակիս համար ըրէք»: Պատարագին մասնակցելը՝ քրիստոնեաներուս համար թող գերագոյն պարտականութիւնն ու պատիւը ըլլայ։ Սուրբ Պատարագով, այսինքն Յիսուսի կատարեալ զոհաբերումով՝ Աստուծոյ եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ փառքը յագեցում կը գտնեն. բոլոր մարդկութեան եւ բոլոր ժամանակներու մեղքերը, մանաւանդ այս օրերուս մեզմէ գործուածները՝ կը ջնջուին Քրիստոսի արեան սուղ գինով՝ որուն մէկ կաթիլը կրնայ բոլոր աշխարհը իր մեղքերէն փրկել։ Եկեղեցին մայրական սիրով կը պատուիրէ մեզի ներկայ գտնուիլ Պատարագին գոնէ Կիրակի եւ պատուիրեալ տօներուն։ Իսկ կատարեալ կերպով Պատարագին մասնակցիլը կը կայանայ աստուածային զոհին միանալու, այսինքն՝ հաղորդուելու մէջ։ Օր մը Յիսուս ըսաւ. «Եթէ չուտէք իմ մարմինս եւ չխմէք իմ արիւնս՝ կեանք չէք ունենար ձեր մէջ»։ Դուն ուրեմն, ով հաւատացեալ հոգի, գիտցիր թէ ինչո՛ւ Եկեղեցին մեզ կը յորդորէ, արդարացի կերպով, գոնէ տարին մէկ անգամ, Սուրբ Զատիկին, հաղորդուելու։ Գիտցիր թէ ո՛րքան պարտուպատշաճ եւ օգտակար է մեզի համար ստէպ Հաղորդութեան մերձենալը, եթէ կարելի է՝ ամէն օր եւ մանաւանդ իբրեւ վերջին թոշակ՝ մեռնելէ առաջ։

ՕՐԻՆԱԿ – ՇՆՈՐՀՔՆԵՐՈՒ ՇԱՐԱՆ ՄԸ
Ստորագրեալս, կ՚ուզեմ թուարկել բազմաթիւ շնորհքներէն քանի մը հատ, զորս ստացայ Սուրբ Աստուածամօր միջնորդութեամբ, որուն միշտ ջերմեռանդ եղած եմ կեանքիս բոլոր ընթացքին։ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին մասնակցեցայ՝ Ալպանական ճակատի վրայ պատերազմելով. գերի բռնուեցայ գերմանացիներէն եւ երկու տարի բանտարկուեցայ Լեհաստանի եւ Գերմանիոյ մէջ՝ ուր հանդիպեցայ Լուիճի Փասսա քահանային, որուն յիշատակին յարգանքով կը խոնարհիմ։ Պատերազմէն ետք կրցայ ամուսնանալ, եւ ուրախութիւնն ունեցայ երեք զաւակներով բախտաւորուելու, որոնք այսօր ամէնքն ալ պսակուած են։ Անցեալ Օգոստոսին, յետ երկար խնամքներու եւ քննութիւններու, տիկինս ստիպուեցաւ շատ նուրբ եւ վտանգաւոր վիրահատութեան մը ենթարկուիլ. եթէ քսանչորս ժամ ուշանար երկնային միջնորդութիւնը, տիկինս կորսնցուցած կ՚ըլլայի։ Նոյն ամսուն գողերը տունս կողոպտեցին. սակայն Աստուածամօր շնորհիւ, վնասները քիչ եղան. եւ ես բոլոր սրտովս կը ներեմ անոնց յանցանքը։ Ամէն պարագայի, ընտանիքիս հետ, միշտ դիմած եմ Աստուածամօր եւ ան եղած է մեր օգնական Մայրը։
(Մարիօ Անթոնելլի – Հռոմ, 1.5.1979)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի կարենանք նմանիլ Աստուածամօր՝ խոնարհութեամբ, մաքրութեամբ,
աստուածսիրութեամբ եւ եղբայրսիրութեամբ։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Աչքէ պիտի անցընեմ մեր տան բոլոր հրատարակութիւնները եւ եթէ տեսնեմ բան մը որ պէտք է պատռել նետել՝ պիտի ընեմ Աստուածամօր սիրոյն համար։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, աստղ առաւօտեան, բարեխօսէ՛ մեզի համար՝ Յիսուսին։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Անարատ Կոյս Մարիամ, յաղթող մեղքին եւ թշնամի սատանային, օգնէ՛ մեզի որ չյուսահատինք տեսնելով մեր շուրջը գտնուած խեղճութիւնները։ Լուսաւորէ՛ մեր միտքը ցաւի եւ չարիքի խորհուրդին առջեւ։ Ցո՛յց տուր մեզի նաեւ փրկութեան անսահման հարստութիւնները՝ որ պարգեւած է մեզի Յիսուս Քրիստոս։ Հասկցո՛ւր մեզի թէ՝ կրնա՛նք մենք յաղթել մեղքին քանի որ դուն մեր մօտն ես օգնելու համար մեզի։ Այնպէս ըրէ՛ որ քեզի լսենք երբ փորձութիւնը կը մռնչէ, երբ հրապոյրը իրեն կը քաշէ մեզ, երբ վհատութիւնը մեզ կ՚ընկճէ, եւ մանաւանդ երբ անկումի ամօթը մեզ Աստուծմէ կը հեռացնէ։ Ցո՛յց տուր այն ատեն մեզի Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ քու մայրական անսահման բարութիւնդ։ Օգնէ՛ մեզի որ կարենանք յանձն առնել վշտակրութիւնները՝ մեր խեղճութիւնները քաւելու համար։ Օգնէ՛ մեզի Մայր, մանաւանդ մահը ընդունելու մեր յաւիտենական երջանկութեան համար։ Այդ սոսկալի ժամուն, դո՛ւն եկուր, Մարիամ, յանձն առնելու մեր հոգին եւ Աստուծոյ առջեւ հանելու։ Բարեխօսէ՞ մեզի համար, Մարիամ, հիմա եւ մեր մահուան ժամուն։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 19)

ԱՂՕԹՔ
Աստուած ամենակարող, աշխարհիս վրայ լոյս մը ճառագայթեցիր երբ Յիսուս՝ Քու Որդիդ, 12 տարեկանին, առաջին անգամ ըլլալով յայտնուեցաւ վարդապետ ճշմարտութեան, կեանքի եւ փրկութեան։ Լսէ՛ մեր աղօթքը. Քու յաւիտենական Բանդ՝ որ ծնելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն, մեր եղբայրը եղաւ, թող մասնակից ընէ մեզ Իր աստուածային կեանքին եւ Իր Արքայութեան փառքին։ Ան որ Աստուած է եւ կ՚ապրի յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Բ. 41-47)
Յիսուսի ծնողքը ամէն տարի, Զատկի տօնին, Երուսաղէմ կ՚երթային։ Երբ Յիսուս տասներկու տարեկան եղաւ, տօնին սովորութեան համաձայն՝ Երուսաղէմ ելան. եւ տօնական օրերը վերջանալով, մինչ ետ կը դառնային՝ Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց ու ծնողքը չէր գիտեր։ Եւ կարծելով թէ ուղեկիցներուն հետ է՝ օրուան մը ճամբայ քալեցին, յետոյ սկսան ազգականներու եւ ծանօթներու մէջ փնտռել։ Ու երբ չգտան՝ Երուսաղէմ վերադարձան զանիկա փնտռելու համար։ Եւ երեք օր ետք՝ տաճարին մէջ գտան զինքը, որ վարդապետներու հետ նստած մտիկ կ՚ընէր եւ հարցումներ կ՚ուղղէր անոնց, եւ բոլոր լսողները կը զարմանային անոր իմաստութեան եւ տուած պատասխաններուն վրայ։

Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։ ՄԱՐԻԱՄ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓ ՅԻՍՈՒՍԸ ԳՏԱՆ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Ամէն հրեայ, տարուան մէջ երեք անգամ պէտք էր Երուսաղէմ երթալ՝ Զատկի, Հոգեգալստեան եւ Տաղաւարահարաց տօներուն։ Թէեւ այս օրէնքը չէր ստիպեր հեռաւոր բնակիչները, սակայն Սուրբ Ընտանիքը կը պահէր օրէնքը։ Յիսուս տաճար մնաց վարդապետներու հետ 12 տարեկանին, ինքզինքը իբրեւ ճշմարտութեան, կեանքի եւ փրկութեան վարդապետ յայտնելով։ Յիսուսի կորսուիլը ցաւի սո՛ւր մը եղաւ Մարիամի եւ Յովսէփի համար. սակայն երեք օրուան մտատանջութենէ յետոյ, ինչ ուրախութիւն ունեցան երբ զԻնքը գտան տաճարին մէջ՝ ուր մնացած էր Իր աստուածային առաքելութիւնը կատարելու իբրեւ Վարդապետ եւ Տէր։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ԿԱՐԳ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵԱՆ
Յիսուս՝ Քահանայութեան խորհուրդով մեզ Իր ամենամտերիմ գործակիցները կը դարձնէ մարդիկը սրբացնելու գործին մէջ։ Իր փրկագործութեան խորհուրդը շարունակելու համար մինչեւ աշխարհիս վախճանը, Յիսուս Եկեղեցւոյ տուաւ Քահանայութեան Սուրբ Խորհուրդը՝ որով ոմանք կը ձեռնադրուին իբրեւ Իր պաշտօնեաները։ Այս խորհուրդը Կարգ կը կոչուի, որովհետեւ ունի պաշտօնի երեք աստիճաններ՝ մէկը միւսին ենթակայ. Սարկաւագներ՝ որոնք Աւետարանը կը քարոզեն եւ քանի մի խորհուրդներ կը մատակարարեն. Քահանաներ կամ Երէցներ՝ որոնք կը սրբագործեն Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը եւ մեղքերը կ՚արձակեն. Եպիսկոպոները՝ որոնք կու տան Քահանայութեան Սուրբ Խորհուրդը եւ իբրեւ յաջորդները Առաքեալներուն՝ կը կազմեն «Եպիսկոպոսական Դասը»։ Իրենց ամբողջութեան մէջ այս երեք աստիճանները կը կազմեն «Եկեղեցական Նուիրապետութիւնը»։ Քահանայութեան աստիճանը, բացի անկէ որ կը շնորհէ աստուածային կեանքը, ընդունողին մէջ կը դրոշմէ Աստուծոյ պաշտօնեային նկարագիրը, մատակարարելու համար, Յիսուսի հետ, աստուածային կեանքն ու ճշմարտութիւնը բոլոր քրիստոնեաներուն։ Այս սուրբ աստիճանները կրնան ընդունիլ միայն անոնք՝ որոնք կոչում ունին, այսինքն անոնք որոնք սրբութեամբ կ՚ապրին եւ Աստուծմէ կոչուած են։ Այն երիտասարդը որ կը փափաքի սուրբ աստիճանները ստանալ, պէտք է ապրի սուրբ կեանք մը եւ ունենայ միակ նպատակ մը. Աստուծոյ փառքը եւ հոգիներու յաւիտենական փրկութիւնը։ Արդարեւ, իր միակ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ գործակցիլ Յիսուսի հետ, որպէսզի բոլոր մարդիկը աստուածային կեանքը ունենան եւ զայն առաւելագոյն կերպով ունենան։ Քահանայութիւնը այն խորհուրդն է որ սրբազան իշխանութիւնը կու տայ կատարելու Սուրբ Պատարագը հոգիներու փրկութեան համար։

ՕՐԻՆԱԿ – ԶԻՆՔԸ ԿԻՍԱՄԵՌ ՎԵՐՑՈՒՑԻ
1979-ին, Յունիս 7-ին իրիկունը, մինչ չորս տարեկան զաւակիս հետ մօտակայ գիւղը պտոյտի կ՚երթայի, յանկարծ զաւակս ձեռքէս փախաւ՝ ճամփու դիմացի կողմը անցաւ շնիկ մը շոյելու համար։ Անցած միջոցին՝ մեքենայի մը բախելով ուժգին կերպով՝ քանի մը մեթր անդին նետուեցաւ։ Այդ վայրկեանին յուսահատ կերպով Աստուածամայրը օգնութեան կանչեցի՝ պաշտպանը փոքրերու։ Վերցուցի մահամերձ զաւակս ու տառապագին անգամ մըն ալ «Մարիա՜մ» գոչեցի։ Առաջին լաւ նշանը այն եղաւ որ մանուկը սկսաւ ուժգին լալ։ Ձեռքերը ու ձախ սրունքը կոտրուած էին. սակայն ողջ էր։
Եւ հիմա քանի մը ամիս յետոյ փոքրիկը արդէն ողջացած է ու կը վազվզէ աւելի կայտառ։ Մօր մը գոհունակութիւնը անսահման է։ Ուստի միշտ երախտագիտութեամբ կը յիշեմ երկնային Մայրիկը եւ շնորհակալ կ՚ըլլամ իրեն այդ հրաշագործ միջնորդութեան համար։
(Վարվելլօ տի Կրանա ընտանիք – Ասթի – 1978)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Որպէսզի քահանայական եւ կրօնաւորական կոչումները բազմանան եւ ատով Աստուծոյ Արքայութիւնը տարածուի աշխարհիս վրայ։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Պատարագի զոհը պիտի մեծարենք, եւ Աստուածամօր օգնութեամբ յանձնառու պիտի ըլլանք գործօն կերպով յաճախակի մասնակցելու անոր։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, թագուհի եւ Մայր քահանաներու, բարեխօսէ՛ մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, թագուհի առաքեալներու, յարուցանէ՛ Եկեղեցւոյ մէջ նուիրեալներու նորանոր փաղանգներ, քահանայական եւ կրօնաւորական կեանքի վեհանձն կոչումներ։ Կերպարանափոխէ քահանաները եւ կրօնաւորները, որպէսզի ըլլան շնորհքի եւ աստուածային ողորմութեան գործիքներ՝ քրիստոնեայ ժողովուրդին մէջ։ Բազմացո՛ւր Աւետարանի քարոզիչները եւ արգասաւոր դարձուր հոգիներու փրկութեան առաքելութիւնը։ Օգնէ՛, Տիրամայր, քահանաներուն՝ որ ըլլան քեզի պէս՝ Յիսուսի հետ, բոլոր եղբայրներուն փրկողներ։ Օգնէ առաքելավայրերու վարդապետներուն՝ որպէսզի կարենան տալ ուրիշներուն իրենց ստացած աստուածային պարգեւները եւ կարենան ըլլալ Քրիստոսի ձեռքին մէջ գործիքներ՝ գործելու աշխարհիս վրայ՝ որ ծարաւի է լոյսի, ճշմարտութեան եւ ուրախացուեն, կարօտ՝ ազատութեան եւ փրկութեան։
Մարիամ, միջնորդ բոլոր շնորհքներու, Քրիստոսի եւ մեր Մայրը, քեզի կ՚աղօթենք Եկեղեցւոյ համար։ Տո՛ւր անոր առաքելութեան յաջողութիւն, ըլլայ միակամ եւ աղօթող, քու շուրջդ հաւաքուած՝ դուն որ Մայրն ես Եկեղեցւոյ, ու տարածէ թագաւորութիւնը մեր աստուածային Փրկչին։ Պահէ՛ եւ արծարծէ՛ անոր մէջ հաւատքը. ցոլանայ անոր աւետարանական կնիքը, ծաղկի անոր մէջ խաղաղութիւնն ու սէրը եւ կազմէ մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ։ Ամէն։

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 20)

ԱՂՕԹՔ
Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, Դուն որ ուզեցիր Մայրդ քեզի ժիր համագործակից, կ՚աղաչենք Տէր, անոր միջնորդութեամբ՝ լուսաւորուինք Քու խօսքերէդ. հետեւինք անոնց ամբողջ սրտով։ Դուն որ կ՚ապրիս եւ կը թագաւորես յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (Բ. 48-52)
Մարիամ եւ Յովսէփ, երեք օր վերջ, տաճարին մէջ գտան Յիսուսը։ Երբ զինքը տեսան՝ զարմացան, եւ մայրը ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ, աս ի՞նչ ըրիր մեզի այսպէս. ահաւասիկ, հայրդ ու ես տառապած քեզ կը փնտռէինք»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ինչո՞ւ կը փնտռէիք զիս, չէի՞ք գիտեր որ Հօրս տունը պէտք եմ ըլլալ»։ Բայց անոնք չհասկցան այն խօսքը, զոր ըսաւ իրենց։ Անոնց հետ իջաւ, ու Նազարէթ գնաց, եւ անոնց հնազանդ էր։ Եւ անոր մայրը այս բոլորը իր սրտին մէջ կը պահէր։ Իսկ Յիսուս կը զարգանար իմաստութեամբ, հասակով եւ շնորհքով՝ Աստուծոյ եւ մարդերու առջեւ։
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։


ՅԻՍՈՒՍ ՀՆԱԶԱՆԴ ԷՐ ՄԱՐԻԱՄԻՆ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓԻՆ
Յիսուս տակաւին 12 տարեկան, տաճարին մէջ միացաւ վարդապետերու՝ անոնց մտիկ կ՚ընէր եւ հարցումներ կ՚ուղղէր։ Ան մեծ հմտութիւն ցոյց կու տար այն հարցերուն շուրջ՝ որոնց մասին կը վիճէին եւ ամէնքէն աւելի լաւ ինքը կը խօսէր։ Զարմացած Մարիամին եւ Յովսէփին կու տայ պատասխան մը որ միայն աւելի ուշ պիտի հասկնային. «Չէի՞ք գիտէր որ ես պէտք եմ հօրս գործերով զբաղիլ»։ Այս պատասխանին մէջ կայ բոլոր Իր անձին եւ առաքելութեան խորհուրդը։ Յիսուսի մանկութեան այս միջադէպը կը վերջանայ Նազարէթի խոնարհ տան մէջ, ուր կը զարգանայ աւելի մեծ սրբութիւն՝ ընտանեկան կեանքի ամենապարզ պայմաններու տակ։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդով՝ Յիսուս մեզ Աստուծոյ գործակիցները կ՚ընէ ստեղծագործութեան մէջ։ Աստուած Իր նախախնամութեամբ, մարդուս ստեղծագործումին մէջ իբրեւ համագործակից ընտրեց նոյնինքն մարդը։ Ուստի Աստուած մարդս արու եւ էգ ստեղծեց եւ ըսաւ անոնց. «Աճեցէք եւ բազմացէք եւ երկիրը լեցուցէք»։ Աստուած այսպէս ուզեց ամուսնութիւնը՝ որուն էական յատկութիւններն են՝ սկիզբէն ի վեր անլուծանելիութիւնն ու միութիւնը։ Իսկ յետոյ Յիսուս մկրտուածներու ամուսնական միութիւնը բարձրացուց Խորհուրդի աստիճանին՝ այսինքն Իր փրկչական արարքին՝ որ աղբիւրն է աստուածային կեանքին եւ մասնաւոր շնորհքներու՝ ամուսնացողներուն համար։ Այս խորհրդական միութեան մէջ, որ կ՚արտացոլայ Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ միութիւնը, բնական այս միութիւնը եւ անլուծանելիութիւնը կը բարձրացնեն ամուսնացողները աստուածային արժանապատուութեան։ Ուստի ապահարզանը քրիստոնեային համար նաեւ Քրիստոսի դէմ մեղք է։ Պսակի խորհուրդին պաշտօնեաները նոյնինքն պսակուողներն են։ Փեսան է որ՝ իբրեւ Քրիստոսի պաշտօնեայ, աստուածային կեանք կը շնորհէ իր հարսին. եւ հարսն ալ, իբրեւ Քրիստոսի պաշտօնեայ՝ կը շնորհէ աստուածային կեանքը իր փեսային։ Հետեւաբար բացայայտ է որ ամուսնացեալները պարտաւոր են կնքել ամուսնութիւնը իբրեւ որթատունկին, այսինքն՝ Քրիստոսի արդէն իսկ միացած ճիւղեր, այսինքն ուրիշ բառերով, Աստուծոյ շնորհքին մէջ գտնուող հոգւոյն հետ։
Ամուսնացողները պէտք են ըլլալ ազատ եւ գիտակից իրենց առած քայլին. պէտք են զիրար սիրել եւ յարգել իրենց բոլոր կեանքի ընթացքին։ Սիրով պիտի ընդունին այն զաւակները զոր Աստուած պիտի տայ իրենց, եւ զանոնք պիտի կրթեն Քրիստոսի եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ օրէնքներուն համաձայն։ Այն խոստումը զոր տուին անոնք Աստուծոյ եւ հաւատացեալներուն առջեւ, կը պարտաւորեն զիրենք մինչեւ իրենց կեանքին վերջ։ Անոնք իրարու միացած են զիրար սիրելու եւ յարգելու համար, հաւատարմութիւն խոստանալով երջանիկ կամ ապերջանիկ պայմաններու, լաւ կամ գէշ վիճակներու մէջ։

ՕՐԻՆԱԿ – ԱՅԴ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ՍԿՍԱՒ ԼԻԱՆԱԼ
18 տարեկան եղբայրս՝ որ արդէն սրտի վիրահատութեան ենթարկուած էր 1965-ին, ուրիշ երկրորդ եւ ծանր տեսակի գործողութեան մըն ալ ենթարկուեցաւ 1979-ի Յուլիսին։ Գործողութիւնը լաւ ընթացաւ, սակայն շուտով վրայ հասան այնպիսի բարդութիւններ որոնք լրջօրէն կը վտանգէին անոր կեանքը։ Այնպիսի՜ վստահութեամբ աղօթեցի Տիրամօր եւ աղօթել տուի սիրելիներուս որ եղբօրս կեանքը խնայուի. արդէն ամիսներ առաջ ընտանիքս ցնցուած էր 21 տարեկան եղբօրս մահով։ Բժիշկները քիչ յոյս կը ներշնչէին մեզի զինքը փրկելու, եւ ճիշտ ատոր համար շարունակեցի Աստուածամօր իննօրեայ աղօթքը։ Օր մը, գրեթէ յուսահատած՝ քահանայէ մը խնդրեցի որ իրեն Հիւանդաց Օծումը տայ։ Այդ վայրկեանէն սկսեալ եղբայրս սկսաւ լաւանալ։ 25 օր վերջը առողջացաւ եւ հիմա իր բնական կեանքը կ՚ապրի։ Երբեք պիտի չդադարիմ շնորհակալ ըլլալու մեր հզօր Տիրամօր՝ որ միշտ մեր ընտանիքին մօտը կեցած է անոր տխուր եւ ուրախ վայրկեաններուն։
(Կղերիկոս Անթոնիօ Ափրիլէ տի Մօտիքա – Ռակուզա – 1.12.1979)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Որպէսզի ընտանիքները ըլլան Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ օրէնքներուն հաւատարիմ։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Մեր ընտանիքէն ներս պիտի ջանանք համերաշխ եւ եղբայրսիրաբար ապրիլ միշտ Աստուծոյ դիմելով։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, օգնական քրիստոնեաներու, բարեխօսէ՛ մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, անոյշ հայեացքդ անպակաս ըրէ մեր ընտանիքներուն վրայէն, որ այնքան բեռնաւորուած են խնդիրներով եւ զուրկ են խաղաղութենէ եւ հանդարտութենէ։ Տո՛ւր անոնց համեստ կենսամակարդակ մը։ Հեռացո՛ւր մեր տուներէն դրամի անյագ փափաքը, բարեկեցիկ ապրելու անսանձ փնտռտուքը։ Այնպէս ըրէ՛ որ Յիսուս գայ մեր ընտանիքներէն ներս Իր սիրով, Իր շնորհքով, Իր խօսքերով եւ Իր երջանկութեամբ, խաղաղ կենակցութեամբ եւ իրար օգնութեամբ։ Տո՛ւր մեր ծնողներուն, ո՜վ Մարիամ, իրենց մեծ պատասխանատուութեան զգացումը եւ ոյժը՝ յաղթահարելու անխուսափելի տագնապները։ Տո՛ւր անոնց ոյժ ու անուշութիւն հրամայելու մէջ, յստակատեսութիւն խորհրդատուութեան մէջ, մեծահոգի ըլլան ներելու մէջ. ըրէ՛ այնպէս որ եսասէր չըլլան։ Զաւակներուն տո՛ւր սէր, հեզութիւն եւ վեհանձն հասկացողութիւն։ Ով Մարիամ, թագաւորէ՛ մեր ընտանիքներուն վրայ մայրական պաշտպանութեամբդ. հեռացո՛ւր անոնցմէ մեղքը եւ ամէն չարիք. լեցո՛ւր անոնց սիրտերը սիրով եւ խաղաղութեամբ եւ առաջնորդէ՛ զանոնք դէպի երկնքի երջանկութիւնը՝ ուր պիտի ըլլանք քեզի եւ Յիսուսի հետ Արքայութեան մեծ ընտանիքին մէջ։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 21)

ԱՂՕԹՔ
Ողորմած Աստուած Դուն որ մեզի Մայր տուիր Քու Միածին Որդիիդ Մայրը՝ Մարիամը՝ եւ անոր միջնորդութեամբ Յիսուս Իր առաջին հրաշքը կատարեց ջուրը գինիի դարձնելով Կանայի հարսանիքին, յայտնելու համար Իր Մեսիա ըլլալը. այնպէս ըրէ՛ որ քու ժողովուրդդ վստահի Աստուածամօր մայրական պաշտպանութեան՝ որ է օգնական կարօտեալներուն, առողջութիւն հիւանդներուն, մխիթարիչ վշտահարներուն, ապաստան մեղաւորներուն, բոլոր մարդոց խաղաղութիւն եւ փրկութիւն ապահովող: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ (Բ. 1-5)
Երրորդ օրը հարսանիք մը կար Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ. Յիսուսի մայրն ալ հոն էր: Հարսանիքին հրաւիրուած էին Յիսուս եւ իր աշակերտները: Երբ գինին պակսեցաւ՝ մայրն ըսաւ Յիսուսի. «Գինի չունին»: Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ով կին, ինծի եւ քեզի ի՛նչ, ժամանակս դեռ հասած չէ»: Մայրը սպասաւորներուն ըսաւ. «Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ ըրէք»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՄԱՅՐԸ Կ՚ԸՍԷ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ. «ԻՆՉ ՈՐ ԸՍԷ ՁԵԶԻ՝ ԸՐԷՔ»

Կանայի հարսանիքին, Յիսուսի եւ առաքեալներուն հետ Մարիամն ալ ներկայ էր: Անոր մայրական միջնորդութեամբ Յիսուս Իր առաջին հրաշքը կատարեց՝ ջուրը գինիի փոխելով: Այդ ատենէն Մարիամ եղաւ այն արարածը որ բոլոր շնորհքները կը բաշխէ: Մարիամի այս զօրաւոր միջնորդութիւնը իր Որդւոյն առջեւ բոլոր ժամանակներու մէջ կը կատարուի ի նպաստ բոլոր մարդկութեան, որու Մայրը հռչակուեցաւ՝ մահամերձ Յիսուսի կամքով: Բոլոր իր զաւակներուն ան կը կրկնէ իր յորդորը. «Ըրէք այն ինչ որ Յիսուս ձեզի ըսէ»: Լսելու եւ գործադրելու այս կոչին մէջ է հաւատացեալներուս երջանկութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄԸ
Հիւանդութիւնը յաճախակի եւ ցաւագին հետեւանքներէն մէկն է մեղքին: Յիսուս որ այնքան կարեկցութիւն ցուցաբերեց հիւանդներուն եւ ցաւագարներուն հանդէպ, այսօր ալ կ՚ուզէ մօտիկ ըլլալ հիւանդներուն՝ խորհուրդով մը՝ որ բոլորովին իրենցն է, «Հիւանդաց Օծումը»: Անով Յիսուս հիւանդներուն աստուածային յաւելեալ կեանք եւ մասնաւոր շնորհքներ կու տայ՝ ըլլան անոնք հոգեկան կամ նիւթական, ինչպէս նաեւ ցաւերու թեթեւութիւն՝ եւ եթէ հիւանդին բարիքն է՝ նոյնիսկ առողջութիւն: Ուստի, երբ հիւանդ ենք, Ապաշխարութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներէն ետք, հաւատքով խնդրենք նաեւ Հիւանդաց Օծումը, մանաւանդ երբ հիւանդութիւնը ծանրէ: Հիւանդաց Օծումը, կոչուած նաեւ «Վերջին Օծում», խորհուրդ մըն է, զոր Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս հաստատեց՝ մխիթարելու համար ծանր կերպով հիւանդացած քրիստոնեաները:
Յիսուս Իր առաքեալները ղրկեց քարոզելու Աւետարանը, մկրտելու եւ իւղով օծելու հիւանդները՝ որոնցմէ շատեր կ՚առողջանային: Սուրբ Յակոբ կը գրէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդանայ, թող կանչէ եկեղեցւոյ երէցները, թող վրան աղօթեն, զինքը ձէթով օծեն Տիրոջ անունով: Հաւատքի աղօթքը պիտի ազատէ հիւանդը եւ Տէրը պիտի առողջացնէ զինք եւ եթէ մեղքեր գործած է՝ պիտի ներուին իրեն»: Հիւանդաց Օծումը սրբարար շնորհքը կ՚աւելցնէ, թողութիւն կու տայ յանցանքներուն՝ զոր հիւանդը չէ կրցած խոստովանիլ. կու տայ խաղաղութիւն, ոյժ եւ համբերութիւն՝ ցաւերը տանելու. վստահութիւն կը ներշնչէ Աստուծոյ հանդէպ եւ կը նպաստէ նաեւ առողջութեան:

ՕՐԻՆԱԿ - ՅՈՒՍԱՀԱՏ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԴԻՄԵՑԻ
Երկու տարի առաջ կողախիթէ մը (pleurite) բռնուած էի, ու քիչ ժամանակի մէջ երկու լիթր արիւնի շիճուկ ձեւանալով՝ վիճակս շատ վատթարացաւ: Ստիպուեցայ բարձր ջերմով եւ հեւասպառ շնչառութեամբ հիւանդանոց մտնել ու առաջին իսկ վայրկեանին ինքզինքս յանձնեցի Աստուածամօր, առողջութիւնս խնդրելով: Թոքերէս երեք անգամ հեղուկ քաշեցին՝ թողլով զիս կեանքի եւ մահու անորոշութեան մէջ: Կը վախցուէր որ հեղուկը երկար ատեն արտադրուէր ու զիս մատնէր երկար ամիսներու խնամքի: Շատ լացի, յուսահատեցայ, բայց հաւատքս չկորսնցուցի:
Իմիններուս հետ Տիրամօր անդադար աղօթեցի եւ անսպասելի կերպով, երկու օր յետոյ միայն բժիշկները որոշեցին ա՛լ շիճուկ չարտահանել՝ որովհետեւ առողջութիւնս արագօրէն բարելաւուած էր: Մէկ ամիս յետոյ կարողացայ դպրոց վերադառնալ ուսուցումս շարունակելու համար: Երեք ամիս յետոյ, շողագիտական քննութիւնները փաստեցին թէ՝ կողախիթի (pleurite) որեւիցէ հետք չէր մնացած վրաս:

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի հիւանդները համակամութիւն ունենան եւ մահամերձները՝ Աստուծոյ շնորհքին մէջ աւանդեն իրենց հոգին:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Մեր շուրջը կա՞յ արդեօք հիւանդ մը, վշտահար մը, կամ եղբայր մը որ տագնապի մէջ է. միջամտենք անկեղծ եղբայրսիրութեամբ եւ սրտագին կերպով օգնենք անոր, յետ յիշելու քաղցր անունը Տիրամօր:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, առողջութիւն հիւանդներու, բարեխօսէ՛ մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ դուն որ ամէն ինչէ աղքատ էիր, բայց հարուստ՝ Աստուծմով եւ սիրով, սորվեցո՛ւր մեզի աղքատութեան երանութիւնը: Այն ատեն է միայն որ պիտի հասկնանք Աստուծոյ մեր բոլորանուէր ընծայման գեղեցկութիւնը, բացուածքը եղբայրներու հանդէպ եւ յոյսը՝ յաւիտենական բարիքներու: Սորվեցո՛ւր մեզի որ մեր սիրտերը անջատենք այն բաներէն՝ որոնց պէտք չունինք, աւելորդ են եւ անօգուտ. չվատնենք մեր ինչքերը եւ սակայն ագահ ալ չըլլանք: Ագահութիւնը սիրտ կրծող որդ է: Գիտնանք ճշմարիտ գործածութիւնը հարստութեան: Անով բարեկամներ շինենք որոնք մեզ ընդունին յաւիտենական կեանքին մէջ: Դի՛ր մեր ամսական հաշիւներուն մէջ «Եղբայրութիւն» ձայնը որպէսզի կարենանք իրապէս կիսել մեր հացը անոր հետ որ մեզմէ քիչ ունի կամ անոր հետ որ բնաւ չունի: Հասկցո՛ւր մեզի որ դրամ պահելու լաւագոյն ձեւը զայն դնելն է աղքատին ձեռքը: Ազատէ՛ մեզ ագահութենէ, անյագութենէ, չափազանց մտահոգութենէ՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտենք ու խմենք: Յիշեցո՛ւր մեզի թէ Հայր մը ունինք երկինքի մէջ. ան որ կը կերակրէ երկինքի թռչունները եւ կը հագցնէ դաշտի շուշանները՝ պիտի մտածէ նաեւ Իր զաւակներուն մասին՝ եթէ մենք գիտնայինք մտածել Իր մասին: Մարիամ, փառաւորեալ թագուհի երկինքի, ցո՛յց տուր մեզի երկնային ճշմարիտ բարիքները՝ որոնց տիրանալու համար կ՚արժէ ամէն բան զոհել, նոյնիսկ՝ կեանքը։ Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 22)

ԱՂՕԹՔ
Տէր Յիսուս Քրիստոս, Դուն որ Կանայի հարսանիքին, Մարիամի միջնորդութեամբ առաջին հրաշքդ ըրիր ջուրը գինիի փոխարկելով եւ այդ հարսանիքը մասնաւոր կերպով օրհնեցիր՝ զայն խորհուրդի պատիւին բարձրացնելով, տո՛ւր որ Քու Մօրդ՝ Մարիամի միջնորդութեամբ՝ որ նաեւ մեր ալ Մայրն է, ճանչնանք Քեզ իբրեւ Աստուած, ինչպէս որ առաքեալները ճանչցան, հաւատանք Քեզի եւ միշտ պահենք Քու պատուիրաններդ: Դուն որ կ՚ապրիս եւ կ՝իշխես յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ (Բ. 6-12)
Այնտեղ կային քարէ վեց թակոյկներ, որոնք հրեաներու լուացումներուն սահմանուած էին, եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը երկու կամ երեք մար տարողութիւն ունէր: Յիսուս ըսաւ սպասաւորներուն. «Թակոյկները ջուրով լեցուցէ՛ք». անոնք ալ լեցուցին մինչեւ բերանը: Ապա ըսաւ անոնց. «Հիմա առէ՛ք ու տարէք սեղանապետին»: Անոնք ալ տարին: Սեղանապետը հազիւ ճաշակեց գինի դարձած ջուրը, առանց գիտնալու՝ թէ ուրկէ էր - թէպէտ սպասաւորները, որ ջուրը լեցուցին՝ գիտէին - խօսեցաւ փեսային հետ ու ըսաւ. «Ամէն մարդ նախ անոյշ գինին կը հրամցնէ, եւ երբ արբենան՝ ա՛յն ատեն յոռին կու տայ. դուն անոյշ գինին պահեցիր մինչեւ հիմա»: Այս եղաւ հրաշքներու սկիզբը, զոր Յիսուս Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ գործեց եւ անով յայտնեց իր փառքը եւ աշակերտները հաւատացին իրեն:
Անկէ վերջ Յիսուս Կափառնաում իջաւ. մայրը, եղբայրները եւ աշակերտներն ալ հետը, եւ քանի մը օր հոն մնացին:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՅԻՍՈՒՍ ՄՕՐԸ ՀԵՏ ԿԱՓԱՌՆԱՈՒՄ ԻՋԱՒ
Կանայի հրաշքը նախածանուցումն է Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին: Հացի եւ գինիի գոյացափոխութիւնը Յիսուսի մարմինին եւ արեան՝ պատկերացուցած է ջուրը գինիի փոխակերպման մէջ, ինչպէս նաեւ կանխապէս պատկերացուած էր Աստուծոյ եւ Իր ժողովուրդին միջեւ կնքուած Ուխտի դաշինքը՝ որ պիտի աւարտէր Աստուծոյ Գառնուկին հետ յաւիտենական հարսանիքով: Քրիստոս հարսանիքը օրհնեց եւ ամուսնական կապը բարձրացուց մեծ խորհուրդի: Այս հրաշքով, Յիսուս Իր աստուածային զօրութիւնը յայտնեց աշակերտներուն եւ անոնք հաւատացին Իրեն: Յիսուս Իր Մօրը Մարիամին եւ Առաքեալներուն հետ, Կափառնաում իջաւ: Հոս, Պաղեստինի հողամասին վրայ, Իր առաքելութեան երեք տարիներուն համար, Նազարէթէն ետք, Իր երկրորդ բնակավայրը հաստատեց:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ՀԱՒԱՏՔԸ
Հաւատքը այն աստուածային առաքինութիւնն է որ մեզի կու տայ կարողութիւնը հաւատալու Աստուծոյ հեղինակութեան եւ Իր յայտնած բոլոր ճշմարտութիւններուն, եւ մեզ կը պատրաստէ նաեւ հաւատալու Իրեն՝ Եկեղեցւոյ միջոցով: Հաւատքը մեզի կու տայ կարողութիւնը տեսնելու ճշմարտութիւնը Յիսուսի աչքերով. անով կը ճանչնանք ինչ որ Յիսուս կը ճանչնայ եւ այն ստուգութեամբ՝ որով Յիսուս կը ճանչնայ: Արդարեւ, հաւատքի հիմը նոյնինքն Աստուծոյ ճշմարտութիւնն է որ մեզի կը խօսի: Ով որ հաւատք ունի, ճշմարիտ կը համարի այն ինչ որ Աստուած կ՚ըսէ իրեն եւ ո՛չ թէ որովհետեւ կը հասկնայ զայն իր իմացականութեամբ, այլ՝ որովհետեւ Աստուած է որ կ՚ըսէ զայն: Ուստի, ով որ Աստուծոյ հաւատայ՝ զԱստուած կը պատուէ, մինչդեռ ով որ չի՛ հաւատար Իրեն՝ կ՚արհամարհէ զԻնքը: Ով որ Աստուծոյ հաւատայ՝ ստոյգ կերպով կը ճանչնայ աստուածային ճշմարտութիւնները, ինքզինքը եւ իր ապագան. իսկ ով որ Աստուծոյ չի՛ հաւատար, եթէ նոյնիսկ խելացի ալ ըլլայ կամ զարգացած՝ կը մնայ խաւարի մէջ: Յիսուս, այն հօրը՝ որ կ՚աղաչէր Իրեն ազատելու զաւակը սատանայի ձեռքէն, ըսաւ. «Եթէ հաւատաս, ամէն ինչ կարելի է անոր որ կը հաւատայ»: Հայր, արցունքոտ աչքերով յարեց. «Կը հաւատամ, Տէր, դուն աւելցուր հաւատքս»: Աստուծոյ օգնութեան պէտք ունէր շնորհքը ընդունելու համար: Մկրտութեան ատեն Աստուած մեր մէջ կը դնէ հաւատքը եւ յետոյ կ՚օգնէ մեզի գործադրելու զայն:
Եկեղեցին չի՛ սխալիր երբ հաւատքի վարդապետութիւնը կը սահմանէ: Քրիստոնեան չի՛ կրնար փրկուիլ առանց հաւատքի. ուստի՝ պէտք է խոստովանիլ զայն, պաշտպանել եւ տարածել զայն ամէնուր աղօթքով եւ բարի օրինակով, ինչ որ Աստուած եւ Եկեղեցին մեզի կ՚առաջարկեն:

ՕՐԻՆԱԿ - ՀԱԿԱՄԱՆՐԷՆԵՐԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅԻՆ ԾՆԵԼԻՔ ՄԱՆՈՒԿԻ ՄԸ ԿԵԱՆՔԻՆ
Երեք յաջող ծննդաբերութիւններէս յետոյ, եւ երրորդ աղջկանս ծնունդէն շուրջ տասը տարի ետք, կը սպասէի նորի մը: Արեանս քննութիւններէն յայտնուեցաւ որ հակամանրէներ մը կը սպառնային ծնելիք մանուկին եւ իմ ալ կեանքիս: 18 Հոկտեմբեր 1979-ին պատրաստ էի «Կեսարեան» վիրահատութիւն կրելու՝ երբ կարգէս քանի մը ժամ առաջ, մինչ Սուրբ Կոյսի միջնորդութիւնը կը հայցէի թախանձագին, կը ծնէի սիրունիկ աղջնակ մը բոլորովին բնական կերպով: Դէպքը ինծի համաձայն հրաշք մըն էր: Նորածինը անմիջապէս արիւնափոխութեան ենթարկուեցաւ եւ երկու օր յետոյ վտանգէ զերծ յայտարարուեցաւ: Շատ աղօթած էինք Աստուածամօր. վստահ ենք որ ան օգնեց մեզի այդ եղերական վայրկեաններուն:
(Իօլէ Թիկանօ Քիարենցա տի Փիացցա Արմերինա - Էննա - 1.5.1979)

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի աղօթքով եւ բարի գործերով՝ դառնանք վկաները Սուրբ Աւետարանին:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Հաւատքի կատարեալ ներգործութիւն մը պիտի ընենք, զԱստուած տեսնելով՝ կարօտեալ եղբայրներու մեր ծառայութեան մէջ: Եւ նոյնիսկ եթէ այդ արժէ մեծ զոհողութիւն մը՝ պիտի խուսափինք ինչ որ Աստուծոյ անհաճոյ է՝ բարեկամութիւններէ, ընթերցումներէ, շարժապատկերներէ, անհամեստ պարերէ եւ անբարոյ ներկայացումներէ:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մայր եւ կոյս, հաւատքով լի Մարիամ, բարեխօսէ՛ Յիսուսին մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Բոլոր կիներուն մէջ օրհնեալ Մարիամ, մայրական սիրովդ նայէ աշխատաւոր դասակարգին: Այնպէս ըրէ՛, ո՜վ Մայր, որ այս յառաջդիմութեան միջոցը, մարդկային յառաջխաղացքը, անձին զարգացումը, չփոխուի ատելութեան գործիքի, դասակարգային կռիւներու, անարդարութեան, անկումի եւ բռնութեան: Գործատէրերուն՝ ներշնչէ արդարութեան եւ հաւասարութեան գաղափարը: Օգնէ՛ անոնց որ իրենց ենթակաները չնկատեն իբրեւ արտադրութեան մեքենաներ կամ շահագործելի հպատակներ, կամ կործանելի թշնամիներ, այլ իբրեւ եղբայրներ, իբրեւ արտադրութեան ընկերներ, իբրեւ օրինաւոր համագործակիցներ, շատ կարեւոր անդամներ՝ սիրեն զիրենք, արդարօրէն վարձատրեն զիրենք, լսեն անոնց եւ յարգեն: Ո՜վ Մարիամ, այնպէս ըրէ՛ որ ձեւ մը գտնուի չափազանց անարդարութիւնները վերացնելու համար աշխատաւոր դասակարգի վրայէն: Զսպէ՛ բոլոր անոնք որ անյագօրէն կ՚ուզեն հարստանալ անարդարօրէն եւ կը վնասեն իրենց եղբայրներուն: Հեռացո՛ւր բնութեան վտանգները մեր գործաւոր եղբայրներու վրայէն, նոյնպէս նաեւ փորձանքներն ու հիւանդութիւնները: Ո՜վ Մայր, ցո՛յց տուր որ իրապէս անոնց ալ Մայրն ես: Սորվեցո՛ւր ամէնուն որ իրենց պարապ ժամերը օգտակար անցընեն, որպէսզի ժամանակը միջոց մըըլլայ մարդկօրէն եւ հոգեւոր կերպով բարձրանալու եւ միանալու Աստուծոյ հետ, միջոց մը մեր եղբայրներու ծառայութեան եւ աղօթքի: Մարիամ, թագուհի աշխատանքի, բարեխօսէ՛ մեզի համար: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 23)

ԱՂՕԹՔ
Տէր Յիսուս Քրիստոս, Դուն ես մեր միջնորդը Հօր Աստուծոյ առջեւ, Դուն Սուրբ Կոյսը Մայր եւ միջնորդ կարգեցիր մեզի համար Քու քովդ, իր բարեխօսութեամբ շնորհէ բոլոր Քեզի դիմողներուն՝ Քեզմէ լսելի եղած ըլլալու ուրախութիւնը: Դուն որ կ՚ապրիս եւ կ՚իշխես յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ (ԺԱ. 27-28)
Եւ մինչ Յիսուս այսպէս կը խօսէր, ժողովուրդին մէջէն կին մը ձայն բարձրացուց եւ ըսաւ. «Երանի՛ այն որովայնին, որ քեզ կրեց եւ ստինքներուն՝ որ քեզի կաթ տուին»: Յիսուս պատասխանեց. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը կատարեն»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ԵՐԱՆԻ ԱՅՆ ՈՐՈՎԱՅՆԻՆ, ՈՐ ՔԵԶ ԿՐԵՑ
Յիսուս վերջին անգամ դէպի Երուսաղէմ կ՚ուղղուէր փրկութեան Զատիկը տօնելու համար: Իր քարոզները ընդդիմութեան եւխռովութեան առիթ էին ոմանց համար: Յանկարծ, կին մը, անտարակոյս՝ մայր մը, խանդավառ հիացումով եւ սքանչացած անոր խօսքերէն, այնպիսի բացականչութիւն մը կ՚ընէ որ գովասանքն է Աստուածամօր երջանկութեան, անոր՝ որ կեանք տուաւ մեր Փրկչին: Յիսուս չ՚անտեսեր Իր Մօրը եղած գովասանքը, այլ մանաւանդ թէ ակներեւ կը դարձնէ Մարիամի երջանկութեան ճշմարիտ աղբիւրը: Ան երանելի եղաւ որովհետեւ հաւատաց Աստուծոյ եւ հաւատարիմ եղաւ իր կոչումին: Տուաւ Անոր մարմին եւ մտիկ ըրաւ Աստուծոյ բոլոր խօսքերուն, զանոնք պահեց եւ իր սրտին մէջ խորհեցաւ անոնց վրայ: Նոյնպէս մենք ալ երանելիներ պիտի ըլլանք եթէ ունենանք անոր հաւատքը՝ լսելու եւ գործադրելու Աստուծոյ խօսքը:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ՅՈՅՍԸ
Յոյսը առաքինութիւն մըն է որ մեզ կը յուսադրէ Աստուծմէ սպասելու յաւիտենական կեանքը եւ պէտք եղած շնորհքները՝ բարի գործերով անոր արժանանալու համար: Ինչպէս որ հաւատքի առաքինութիւնը մեզ կը նմանցնէ Յիսուսին՝ իրականութեան ճանաչումին մէջ, այսպէս ալ յոյսի առաքինութիւնը մեզ Իրեն կը նմանցնէ՝ բարձրացնելով մեր փափաքները դէպի ճշմարիտ երջանկութիւնը՝ որ է նոյն Ինքն Աստուած: Ինչպէս որ հաւատքը հիմնուած է Աստուծոյ խօսքին վրայ, նոյնպէս ալ յոյսը հիմնուած է Աստուծոյ խոստումին վրայ:
Երբ որ դժուարութիւնները մեզ կ՝ընկրկեն, երբ չարչարանքները եւ դժբախտութիւնները մեզ կը տառապեցնեն, ապահով յոյսով մեր վերջին նպատակին, վարձատրութեան եւ յաւիտենական կեանքին մասին մտածենք։ Հոն է որ պիտի գտնենք հանգիստը մեր յոգնութիւններուն, սփոփանքը մեր ցաւերուն, վարձատրութիւնը մեր առաքինութիւններուն եւ վայրը ճշմարիտ երջանկութեան։ Շատ անգամ կը խաբուինք այս աշխարհիս վրայ երջանկութիւն փնտռելով, կարծելով որ տակաւին երկար տարիներ պիտի ապրինք՝ մինչ թերեւս վերջաւորութեան հասած ենք։ Աճապարենք. շատ բարի գործեր ընենք. երկինքի մէջ պիտի գտնենք ճշմարիտ կեանքը, անսահման ուրախութիւնը. հոն է որ ոչ մէկը պիտի կարենայ խլել մեզմէ մեր երջանկութիւնը։

ՕՐԻՆԱԿ – ԴԱՐՁԻ ԵԿԱԾ ԱՀԱԲԵԿԻՉԸ
Մէկը որ բնաւ չէ սարսափած ոճիրի դիմաց, ո՛չ ալ պատիժի առջեւ. հիմա սակայն, յետ 25 տարի խիստ բանտարկութեան, Դ. Վ., ծեր աւազակը, կը դողար՝ Աստուծոյ եւ Աստուածամօր ողորմութեան ապաւինած։ Քահանան որ ստիպողական կերպով կանչուած էր, կը լսէ անոր գէշ կեանքին պատմութիւնը։ «Ներէ՛ ինծի, հայր, որովհետեւ շատ մեղանչեցի։ Տարիներէ ի վեր չեմ խոստովանած եւ հաղորդուած. երիտասարդութեանս զիս չար ընկերներս մոլորեցուցին։ 14 տարեկանիս տունէն փախայ. բոլոր փողոցները թափառեցայ եւ մեղանչեցի բոլոր պատուիրաններուն դէմ։ Ձեռքերս արատաւորեցի եղբայրասպանութեամբ, գողութեամբ եւ ամէն տեսակի անբարոյութեամբ։ Մեծ մեղաւոր մըն եմ։ Հետս միշտ պահեցի, սրտի կաթուածով մեռած մօրս միակ յիշատակը՝ Տիրամօր հրաշագործ մետալը։ Միակ բանը որ մնաց ինծի կորսուած հաւատքէս, «Ողջոյնքեզ, Մարիամ»ն էզոր ամէն երեկոյ կ՚ըսեմ։ Այսօր, մինչ ծայր աստիճան յուսահատութեան մատնուած՝ ինքզինքս խեղդել կ՚ուզէի, մետալին դպայ, քիչ յետոյ երեկոյեան «Ողջոյն Քեզ, Մարիամ»ը լսուեցաւ, ապա մահազանգը։ Այն ատեն ուշքի եկայ ու լալու սկսայ. հիմա զղջացած եմ մեղքերուս վրայ՝ կը խնդրեմ Աստուծոյ ներողութիւնը եւ շնորհակալ եմ Աստուածամօր եւ իր մետալին»։ Երկար խոստովանանքէ մը վերջ, երեկոյեան մթնշաղին, քահանան անոր կու տար արձակումը։ Առաւօտուն «Հրեշտակ Տեառն»ի հնչելուն, աւազակը Յիսուս Մարիամ անունները շրթունքին մահապատիժը կը կրէր եւ անոր հոգին երկինք կը թռչէր։ Տիրամայրը փրկած էր զինքը։

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը հաստատուի ապականութեան եւ անկարգութեան դէմ։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Սովորութիւն ընենք ամէն օր Սուրբ Աւետարանէն էջ մը կարդալու, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնանք Յիսուսը, դրոշմենք մեր մէջ Իր առաքինութիւնները եւ այսպէսով մենք զմեզ դէպի երկինք մեկնող պանդուխտներ նկատենք։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, հաւատարիմ առաջնորդ, բարեխօսէ՛ Յիսուսին մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Ողջ լեր, թագուհի, Մայր ողորմութեան. մեր կեանքը, քաղցրութիւնը եւ յոյսը, ողջ լեր։ Ողջ լեր, Մարիամ, լսէ՛ նորէն խաչի վրայ մեռնող զաւակիդ՝ Յիսուսին ձայնը որ կ՚ըսէ. «Ահա քու որդիդ»։ Մեզի՛ դարձուր քու բարեգութ աչքերդ, քու զաւակներուդ՝ որոնք միշտ ենթակայ են փորձութիւններու եւ փորձանքներու, տխրութիւններու եւ ցաւերու, անձկութիւններու եւ տարուբերումներու։ Կեանքի այս պանդխտութենէն առաջնորդէ՛ մեզ դէպի մեր ճշմարիտ հայրենիքը։ Մարիամ, պարգեւէ՛ մեզի մեծ սիրտ մը՝ պատրաստ նուիրելու եւ նուիրուելու։ Մի՛ թողուր որ ատելութիւնը յաղթէ. դադրեցո՛ւր բաժանումներն ու պատերազմները. սորվեցո՛ւր մեզի ապրիլ սիրով, ուրիշներու խոնարհ ծառայութեան մէջ՝ մոռնալով մենք զմեզ։ Դարձո՛ւր մեզ սիրոյ եւ համերաշխութեան, միութեան եւ տիեզերական եղբայրութեան գործիքներ։ Այսպէսով է որ պիտի կարենանք շատ մը հոգիներ Աստուծոյ ուղղել եւ զանոնք վստահիլ քեզի։
Մարիամ, Նազարէթի հեզ կոյս, վեհանձն եւ լուռ աշխատող, վերադարձո՛ւր մեր գործունէութեան քրիստոնէական ճշմարիտ կերպարանքը՝ որ այնքան աղաւաղուած է մեղքով։ Վե՛րջ տուր անարդար կռիւներուն։ Մարէ՛ չափազանցեալ շահապաշտութիւնը։ Զսպէ՛ անյագ կերպով դրամ եւ հաճոյք փնտռողները, որոնք նախանձով եւ ոխով կը վառեն հոգիները։ Տո՛ւր գործատէրերուն սաստիկ ծարաւ մը արդարութեան եւ լայնսրտութիւն։ Ազատէ՛ զանոնք ընչաքաղցութեան փորձութենէն՝ որ կը ստանան դիմացինին թշուառութիւնը չարաշահելով։ Ցո՛յց տուր անոնց ալ երկրաւոր կեանքին վաղանցուկ կարճատեւութիւնը. իրենց շահածներէն ոչ մէկ բան պիտի կարենան տանիլ անդի աշխարհ։ Գործաւորներուն տո՛ւր խաղաղ եւ արդար տեսութիւն, քրիստոնէական խղճմտանք եւ հաւատարմութիւն իրենց ստանձնած յանձնառութիւններուն մէջ։ Մարէ՛ անոնց սրտին մէջ նախանձը, վրէժի եւ բռնութեան փափաքը, յաճախակի եւ անարդարացի գործադուլները։ Ներշնչէ՛ ամէնուն՝ ծարաւը լաւագոյն աշխարհի մը՝ աւելի եղբայրասէր, աւելի խաղաղ, առանց դասակարգային կռիւներու եւ առանց անհաւասարութիւններու։ Գործը՝ թող մարդս Աստուծոյ մօտեցնէ եւ ըլլայ միջոց մը մեր եւ ուրիշներու փրկութեան։ Ով Տիրամայր, Մայր Յիսուսի եւ մեր Մայրը, բարեխօսէ՛ մեզի համար։ Ամէն։

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 24)

ԱՂՕԹՔ
Ո՜վ Աստուած, Դուն ուզեցիր որ խաչուած Որդւոյդ քովը ներկայ գտնուէր անոր ցաւագին Մայրը, այնպէս ըրէ՛ որ Քու Սուրբ Եկեղեցիդ, միացած անոր հետ՝ Քրիստոսի չարչարանքներուն, մասնակից դառնայ նաեւ Անոր Յարութեան փառքին:
Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ (ԺԹ. 25-27)
Յիսուսի խաչին քով կեցեր էին մայրը, մօրաքոյրը՝ Կղէովպեան Մարիամը եւ Մարիամ Մագդաղենացին: Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ անոր քով՝ աշակերտը, զոր կը սիրէր, ըսաւ մօրը. «Ո՜վ կին, ահա՛ քու որդիդ»: Յետոյ աշակերտին ըսաւ. «Ահա՛ քու մայրդ»: Եւ այդ ժամանակէն աշակերտը իր քովն առաւ զանիկա:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ԱՀԱ ՔՈՒ ՈՐԴԻԴ. ԱՀԱ ՔՈՒ ՄԱՅՐԴ
Մարիամ փրկչակից է, որովհետեւ փրկագործութեան խորհուրդով՝ մասնակից դարձաւ Փրկիչին չարչարանքներուն: Ինչպէս որ Սիմէոն ծերունին կանխագուշակած էր, ցաւի սուրը խոցեց անոր սիրտը: Մարիամի մարտիրոսութիւնը իրականացաւ խաչի ճանապարհին վրայ՝ իր Որդիին հետ հանդիպումի, խաչելութեան եւ հոգեվարքի ընթացքին, եւ աւարտեցաւ՝ երբ Յիսուս խաչէն վար առնուեցաւ եւ Մարիամ կրցաւ իր կուրծքին սեղմել իր մեռած Որդին: Բարձրակէտը եղաւ այն պահը երբ մահամերձ Յիսուս մեզի յանձնեց Մարիամը իբրեւ Մայր. «Ո՜վ կին, ահա՛ քու որդիդ»: «Ահա՛ քու մայրդ»: Այդ վայրկեանէն Մարիամ Մայր եղաւ բոլոր մարդկութեան:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ՍԷՐԸ
Սէրը աստուածային առաքինութիւնն է որ մեզ կարող կը դարձնէ զԱստուած սիրելու Ինքն Իրեն համար եւ ընկերը՝ մեր անձին պէս Աստուծոյ սիրոյն համար: Այս առաքինութիւնը կը պսակէ եւ կը կատարելագործէ մեր նմանութիւնը Յիսուսի, սիրել տալով զԱստուած որդիներու նման՝ Յիսուսի մարդկային սրտին միջոցով: Սէրը հիմնուած չէ շահի եւ օգուտի վրայ, այլ՝ Աստուծոյ անսահման բարութեան վրայ: Աստուած պէտք է սիրուի ինքնիրեն համար՝ որովհետեւ Աստուած է եւ հետեւաբար պէտք է սիրուի ուրիշ ամէն բանէ վեր մեր սիրոյ բոլոր ուժերով ու կարելիութիւններով: Բացի ասկէ, քանի որ Աստուած բոլոր մարդիկը կը սիրէ՝ որպէս Իր որդիները, մենք ալ Իր սիրոյ համար, պէտք է սիրենք բոլոր մարդիկը մեր անձին պէս, նոյնիսկ եթէ չարիք ըրած են մեզի: Ընկերոջ սէրը Աստուծոյ սիրոյ ցոլացումն է: Հիմն է նաեւ մեր բոլոր քրիստոնէական վարդապետութեան: Եղբայրսիրութիւնը համադրութիւնն է Սուրբ Գիրքին եւ բոլոր քրիստոնէական կեանքին: Այն ատեն միայն ճշմարիտ ընտանիք պիտի կազմենք երբ իրապէս սիրենք զիրար: Սիրոյ օրէնքը, քրիստոնեաներուս համար աղբիւրն է աւետարանական կատարելութեան եւ լաւագոյն աշխարհի մը բարեփոխութեան: Առաջին մեծագոյն պատուիրանը, ի զօրու է ամէնուն, այս է. սիրէ՛ Աստուած բոլոր հոգւովդ, բոլոր սրտովդ եւ բոլոր կարողութեամբդ եւ սիրէ ընկերդ անձիդ պէս: Յիսուս կը պատուիրէ մեզի սիրել նաեւ մեր թշնամիները: Խաչին վրայէն կ՚աղօթէ. «Հայր, ներէ՛ ատոնց, որովհետեւ չեն գիտեր՝ թէ ի՛նչ կ՚ընեն»: Եւ բարի աւազակին կը խոստանայ. «Այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ»: Յետ պատմելու բարի սամարացիին առակը եւ յիշեցնելու իրական եղբայրսիրութիւնը, Յիսուս ըսաւ օրէնքի վարդապետին՝ որ Իրեն հարցուցած էր թէ ո՞վ է իմ ընկերս. «Գնա՛, դուն ալ նոյնպէս ըրէ՛ եւ պիտի փրկուիս»: Իսկ եթէ մենք ալ կ՚ուզենք վայելել ճշմարիտ ուրախութիւնը երկնային կեանքին, գործադրենք եղբայրսիրութիւնը եւ հաւատանք Աւետարանին: Աստուած սէր է, ով որ եղբայրսիրութիւնը կը գործադրէ, կ՚ապրի Աստուծոյ մէջ եւ Աստուած ալ՝ իր մէջ:

ՕՐԻՆԱԿ - ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒԱԾ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀՔՈՎ
Թ. Ա. Պոլինացի մոլի հայհոյող ատաղձագործ մը, օրին մէկը, զայրացած ժամանակ, անիծելով եւ հայհոյելով կը ջախջախէ Աստուածամօր արձանը, ըսելով. «Եթէ ճիշտ է որ հրաշք կը գործես, այնպէս ըրէ՛ որ վերակազմուիս»: Լուրտի ուխտագնացութեան մը առթիւ իրեն ձրի տեղ մը կը նուիրեն. մտքէն կ՚ըսէ. «Կ՚ընդունիմ, եւ այսպէսով կրանամ ուղղակիօրէն Աստուածամօր երեսին ժայթքել ինչ որ սրտիս մէջ կայ, այնպիսի բաներ պիտի լսէ որ երբեք չէ լսած»: Լուրտի մէջ Աստուածամայրը անոր սրտին խօսեցաւ խորհրդաւոր կերպով. տեսիլքներու քարայրը, Սուրբ Հաղորդութեան յետմիջօրէի թափօրը՝ հիւանդներու օրհնութեամբ, երեկոյեան ջահերթը, ճանապարհ խաչին՝ սրբատեղիի Գողգոթա բլրան վրայ, եղան խթանիչ եւ մղիչ նշաններ երկնային Մօր կողմէ: Աւելի ուշ զինքը կը տեսնենք խոստովանարանի մէջ՝ ուր հեկեկագին կու լայ եւ ապա խորանին առջեւ կը հաղորդուի: Պոլոնիա կը վերադառնայ, բոլորովին փոխակերպուած աստուածային շնորհքէն եւ Մարիամ Աստուածածնի գթութենէն:

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի մարդիկ, ներշնչուած աւետարանական պատգամներով՝ յանձնառու դառնան սիրով եւ արդարութեամբ կերտելու ընկերային կեանքը:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Պիտի ջանանք եղբայրսիրութեան մէջ չպակսիլ մտածումներով, խօսքով եւ գործով: Եղբայրսիրութիւն պիտի ցուցաբերենք վարմունքի ազնուութեամբ եւ ծառայութեան պատրաստակամութեամբ:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, սիրոյ արժանի Մայր, բարեխօսէ՛ Յիսուսին մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Աստուածամայր, ձգէ մեզ քու ետեւէդ դէպի մեր եղբայրները, բոլոր որդիներդ, որոնք ծարաւի են սիրոյ, լոյսի, քաջալերանքի ու կեանքի: Տո՛ւր որ քալենք քեզի հետ աշխարհի բոլոր ճամբաներէն եւ հոն սերմանենք սէր, բաշխենք ուրախութիւն, եւ ըլլանք շնորհքի գործիքները: Յիշեցո՛ւր մեզի, Մարիամ, մեր եղբայրներուն անհամար կարօտութիւնները: Յիշեցո՛ւր մեզի այն սարսափելի պատասխանատուութիւնը որ ունինք անօթիներու հանդէպ՝ որոնք կը տառապին առանձնութեան մէջ եւ գործազուրկ են: Հա՛ց տուր միլիոնաւոր անօթիներուն, բա՛ց մեր սիրտը՝ հասկնալու եւ ուրիշները սիրելու: Տո՛ւր որ այս դարուս աղմկալի քաղաքակրթութիւնը չխեղդէ մեր միլիոնաւոր տառապող եղբայրներուն ձայնը: Եղբայրսիրութիւնը թող միացնէ զամէնքը սիրոյ մէջ. կործանէ՛ բաժանումները եւ եսասիրութիւնները. խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը թող իշխեն ազգերու եւ ընտանիքներու մէջ: Մարիամ, տիպար օրինակը միութեան եւ սիրոյ, մի՛ թողուր որ մարի մեր մէջ սէրը Յիսուս Քրիստոսի: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 25)

ԱՂՕԹՔ
Աստուած իմ, Դուն որ Քու Որդւոյդ Յարութեամբ ուրախութիւն պարգեւեցիր բոլոր աշխարհիս, տո՛ւր նաեւ մեզի վայելելու յաւիտենական կեանքը՝ Սուրբ Կոյսին միջնորդութեամբ: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով:
Ամէն:

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ (ԻԸ. 5-10)
Հրեշտակը խօսեցաւ ու ըսաւ կիներուն. «Մի՛ վախնաք դուք, գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք. հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր. եկէ՛ք տեսէք տեղը՝ ուր դրուած էր: Շուտով գացէ՛ք, ըսէ՛ք իր աշակերտներուն թէ մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ահա ձեզմէ առաջ Գալիլեա կ՚երթայ, հո՛ն պիտի տեսնէք զինքը. ահա ըսի ձեզի»: Եւ անոնք իսկոյն վախով ու մեծ ուրախութեամբ գերեզմանէն մեկնեցան եւ վազեցին աշակերտներուն աւետելու: Եւ ահա ընդառաջ եկաւ Յիսուս եւ ըսաւ. «Ողջո՜յն ձեզի». իսկ անոնք մօտենալով ոտքն ինկան ու երկրպագութիւն ըրին: Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէք ըսէ՛ք իմ եղբայրներուս որ Գալիլեա երթան եւ հոն պիտի տեսնեն զիս»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՑՆԾԱ՛, ՄԱՐԻԱՄ, ՅԻՍՈՒՍԸ ՈՐ ԿՐԵՑԻՐ ՈՐՈՎԱՅՆԻԴ ՄԷՋ՝ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՒ
Քրիստոնէութեան ամէնէն մխիթարական ճշմարտութիւնը Քրիստոսի Յարութիւնն է: Պօղոս Առաքեալ կը հաստատէ. «Ընդունայն պիտի ըլլար մեր հաւատքը եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար»: Քրիստոսի Յարութեամբ պարտուեցան մահը, մեղքը եւ դժոխքը: Ամէնէն շատ ուրախացան աշակերտները, բարեպաշտ կիները եւ մանաւանդ Մարիամ Աստուածածին՝ որոնք եղան ականատես վկաները. անոնց վստահուեցաւ աւետելու աշխարհիս՝ թէ Յիսուս յարութիւն առաւ: Թէեւ Աւետարանը չի՛ խօսիր յայտնի կերպով թէ Յիսուս երեւցած ըլլայ Աստուածամօր, սակայն բոլոր աւանդութիւնները զայն կը հաստատեն. «Ուրախացի՛ր, թագուհի երկնքի, Յիսուսը որ կրեցիր որովայնիդ մէջ՝ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր: Դուն բարեխօսէ՛ մեզի համար: Ալէլուիա»:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿ
Յիսուս Աստուծոյ որդիներուն յայտնեց Հայրը եւ Անոր կամքը՝ զոր Եկեղեցին Հաւատամքին մէջ կը պահէ: Աստուծոյ որդիներու պէս ապրելու համար պէտք է հաւատանք այն ճշմարտութիւններուն՝ որ յայտնուեցան մեզի, եւ պահենք Անոր պատուիրանները՝ սուրբ խորհուրդներու եւ աղօթքի օգնութեամբ: Աստուծոյ կողմէ յայտնուած ճշմարտութիւնները գլխաւորաբար անոնք են որ բովանդակուած են Հաւատամքի կամ Առաքելական Հանգանակի մէջ, եւ կը կոչուին՝ Հաւատքի Ճշմարտութիւն. ուստի պէտք է հաւատալ անոնց խոր հաւատքով՝ որպէս Աստուծմէ տարուած, որ ո՛չ կը խաբէ եւ ո՛ կը խաբուի: Հաւատամքը կամ Առաքելական Հանգանակը գլխաւոր խորհուրդներու եւ միւս ճշմարտութիւններուն մեր հաւատքն է որոնք Աստուած յայտնած է Յիսուսի Քրիստոսի եւ առաքեալներու միջոցով եւ ինչ որ կը սորվեցնէ մեզի Սուրբ Եկեղեցին:
Մինչեւ հոս ճանչցար թէ Աստուած որքան բան ըրած է քեզի համար. քեզ Իր որդին ըրաւ Յիսուսի մէջ: Հիմա ալ դուն պէտք է գիտնաս թէ ինչ պէտք ես ընել Աստուծոյ համար. ապրիլ իբրեւ Անոր որդին: Այդ ալ պիտի ընես եթէ հաւատաս Անոր եւ պահես Անոր պատուիրանները: Աստուած, որ Հայրն է բոլոր մարդոց, ի՞նչպէս կրնար ինքզինքը չյայտնել անոնց:
Հետեւաբար Աստուած խօսեցաւ Իր եւ Իր ծրագիրներուն մասին զոր ունէր մարդուն վրայ՝ ըլլայ Հին Կտակարանի, մարգարէներու միջոցով, ըլլայ Նոր Կտակարանի մէջ՝ Իր Որդւոյն Յիսուսի բերանով։ Աստուծմէ մեզի տրուած ճշմարտութիւնները կը կոչուին յայտնուած ճշմարտութիւններ, որովհետեւ Աստուած Ինքը քօղազերծեց անոնք որ տեսնենք։ Անոնք, քանի որ Աստուծոյ խօսքերն են՝ անսխալական են եւ առարկաներն են մեր աստուածային հաւատքին։ Ամէն քրիստոնեայ, նախ եւ առաջ, հաւատացող մըն է Քրիստոսէ յայտնուած ճշմարտութիւններուն։ Յիսուս Ինքն է որ ըսաւ. «Ով որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքը կը ստանայ»։ Որպէսզի ամէն քրիստոնեայ կարենայ դիւրաւ ճանչնալ թէ ինչ բանի պէտք է հաւատայ, Եկեղեցին ի մի հաւաքած է եւ համառօտած Աստուծմէ մեզի յայտնուած ճշմարտութիւնները՝ որոնք մեզի կու գան նոյնինքն առաքեալներէն։ Հաւատամքի մէջ ամփոփուած ճշմարտութիւններէն երկուքը միւսներէն աւելի կարեւոր են եւ կը կոչուին գլխաւոր խորհուրդներ։ Անոնք են որոնք մեզի կը յայտնեն թէ Աստուած Մէկ է եւ Երեք Անձ ունի եւ թէ Յիսուս Քրիստոս, Որդին Աստուծոյ մարդացաւ մեզ փրկելու համար։ Այս խորհուրդները կ՚արտայայտենք երբ կը խաչակնքենք մեր երեսը։

ՕՐԻՆԱԿ – ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
1940-ին կը մեռնէր Երանելի Տոն Լուիճի Օրիոնէն, Թորթոնացի սուրբ քահանան՝ որ ինչպէս սուրբ Քոթոլենկոն, ինքն ալ հիմնած էր շատ մը բարեսիրական հաստատութիւններ՝ ի մխիթարութիւն աղքատներու եւ լքուածներու։ Իրիկուն մը յետ քարոզելու Աստուածամօր Անարատ Յղութեան Իննօրեան մեծ քաղաքի մը մէջ, հետիոտն կը դառնար Թորթոնա, երբ յանկարծ մարդկային շուք մը կը տեսնէ որ իրեն կը մօտենայ ըսելով. «Դո՞ւն էիր այս երեկոյեան քարոզիչը. կը յիշե՞ս ինչ որ ըսիր քարոզի ատեն։ Դո՛ւն ըսիր թէ նոյնիսկ ան որ կը թունաւորէ իր մայրը եւ անոր արիւնը կը խմէ ...։ Ահա ես եմ ան որ իր մայրը թունաւորեց եւ անոր արիւնը խմեց հաւատարիմ մնալու համար իր բարեկամներուն առջեւ ըրած երդումին։ Ներէ ինծի, հայր, չեմ կրնար այսպէս ապրիլ...։ Ձիւնի վրայ ծնրադրելով լալագին սիրտը կը բանայ քահանային։ Աստուծոյ հայրական ողորմութիւնը, Աստուածամօր մայրական բարութիւնը, այս անգամ եւս յաղթանակած էին։

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի երիտասարդները պահեն հաւատքն ու իրենց անմեղութիւնը եւ հարսերն ու փեսաները ապրին սուրբ ամուսնութեամբ։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Եթէ մենք մեզի հարցնելու ըլլանք. «Արդեօք ի՞նչ կ՚ընենք մեր շրջանակը բարոյականով բարձրացնելու համար», ամօթո՛վ պիտի մնանք երբ տեսնենք մեր անմաքուր կեանքը, դիւրամէտ՝ անպարկեշտ տեսարաններու, ընթերցումներու եւ խօսակցութիւններու։ Ներողութիւն խնդրենք Աստուծմէ եւ տրամադիր ըլլանք դարձի գալու։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, թագուհի կոյսերու, բարեխօսէ՛ մեզի համար Յիսուսին։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, անցան երկու հազար տարիներ եւ տակաւին կը մնաս միշտ հիանալի, օրհնեալ եւ սիրելի՝ քու մայրական միջնորդութեամբդ, հաշտարար, փրկող, լռակեաց եւ անպատմելի մարդկային սերունդին համար։ Երկու հազար տարիներէ ի վեր կը փայլիս ու կը լուսաւորես աշխարհը։ Մարդկային պատմութեան լաւագոյն էջերը լուսաւորուած եւ կենագործուած են քու լոյսովդ։ Եկո՛ւր, Մարիամ, եւ մնացիր մեր մէջ՝ ուր կը քայքայուին ընտանիքները անարդարութեամբ, անհամաձայնութեամբ, ապահարզաններով եւ վիժումներով. ուր անհամեստութիւնը իր գագաթնակէտին հասած՝ կ՚ուղղէ ընտանիքները անվայել խօսակցութիւններու, անհամեստ ներկայացումներու, ապականելով տուները եւ տանելով զանոնք ոճրագործութեան եւ հեթանոսութեան։ Եկո՛ւր, Մարիամ, կեցի՛ր մեր մօտ. խօսէ՛ մեզի Յիսուսի մասին, Անոր Աւետարանին եւ առաքինութեան գեղեցկութեան մասին։ Առաջնորդէ՛ ամէնքը Աստուծոյ։ Այն ատեն նոր գարուն պիտի գայ։ Միլիոնաւոր մարտիրոսներ եւ սուրբեր իրենց կեանքով եւ գործերով վկայեցին իրենց հաւատքը։ Մենք ալ քեզի հետ պիտի քալենք Քրիստոսի ճամբան։ Մարիամ, դուն կրնաս մեզ փրկել։ Ամէն։

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ.(ՄԱՅԻՍ 26)

ԱՂՕԹՔ
Տէր, ընդունէ՛ եւ լսէ՛ մեր աղօթքը Քու փառաւորեալ Որդւոյդ Յիսուսի յիշատակին, որ երկինք համբարձաւ Աստուածամօր եւ առաքեալներու ներկայութեան. հաստատէ՛ մեր մէջ հաւատքի պարգեւը, որ մեզ Մարիամի Որդւոյն մէջ կը ճանչցնէ Քու մարդացած Որդիդ, եւ Իր Համբարձման զօրութեամբ առաջնորդէ՛ մեզ ժառանգելու յաւիտենական կեանքը։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով։ Ամէն։

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ (Ա. 3-5, 9-11)
Յիսուս իր չարչարանքներէն յետոյ ինքզինքը կենդանի ներկայացուց անոնց առջեւ շատ ապացոյցներով, քառասուն օրուան ընթացքին երեւնալով անոնց ու խօսելով Աստուծոյ թագաւորութեան մասին։ Եւ օր մը անոնց հետ մէկտեղ սեղանի նստած ատեն պատուիրեց անոնց, որ Երուսաղէմէն չմեկնին, այլ սպասեն Հօր խոստումին, որ ըսաւ. «Ինծմէ լսեցիք, որովհետեւ Յովհաննէսը մկրտեց ջուրով, բայց դուք այս օրերէն ոչ շատ յետոյ պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիով»։ Եւ երբ այս խօսքերը ըսաւ, մինչ անոնք դեռ կը նայէին, համբարձաւ։ Ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն ծածկեց։ Եւ մինչ իրենց աչքերը յառած անոր երկինք երթալուն կը նայէին, ահա անոնց երեւցան սպիտակ զգեստներու մէջ երկու մարդիկ, որոնք ըսին. «Ո՛վ գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կանգնած դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեր մէջէն երկինք վերացաւ, պիտի գայ նոյնձեւով, ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄՈՎ

Յիսուս Իր Յարութիւնէն 40 օր ետք երկինք համբարձաւ եւ նստաւ Իր Հօր աջ կողմը։ Այնտեղէն է որ պիտի գայ դատելու համար ողջերն ու մեռածները։ Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուսի համբարձումին ներկայ էին Մարիամ՝ Յիսուսի Մայրը, Առաքեալները եւ շատ մը հետեւորդներ։ Յիսուս երկինք վերանալէ առաջ անոնց կը վստահի ընթանալ աշխարհի բոլոր ճանապարհներէն՝ աւետարանելու բոլոր մարդոց. անոնց նախ վստահած էր Մարիամը, առաջնորդը եւ ուրախութիւնը նորածին Եկեղեցւոյ։

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ – ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔԸ
Ամէն մարդ որ կ՚ապրի երկրիս վրայ ունի շատ մը բարիքներ, այսինքն առարկաներ՝ որոնք անհրաժեշտ են իրեն ապրելու համար. այսպէս՝ զգեստները, տունը, սնունդը, աշխատանքի գործիքները, դրամը։ Այս բոլոր բարիքները իր սեփականատիրութիւնն է։ Պէտք չէ վնաս հասցնել ուրիշի ունեցածներուն, ինչպէս կը պատահի գողութեամբ, ուրիշին ապրանքները փճացնելով, պարտքը չվճարելով, գործաւորին իրաւունքը չտալով կամ առանց աշխատելու ամսական առնելով։ Աստուծոյ օրէնքը նոյնպէս՝ կը պարտադրէ մեզ վերադարձնելուինչ որ գողցած ենք։ Այն բարիքները որ կ՚աւելնան մեր ընտանիքի եւ կամ արհեստի կարիքներէն, պէտք են տրամադրուիլ մեր եղբայրներուն՝ սիրոյ օրէնքին համաձայն։ Քրիստոնեան սիրողն է ճշմարտին, որովհետեւ Աստուած նոյնինքն ճշմարտութիւնն է։ Աստուած է որ մեզի կը հրամայէ որ սուտ չվկայենք։ Մեզի կ՚արգիլէ ըսել ինչ որ ճիշտ չէ, սուտեր, յատկապէս երբ ատոնցմով կը զրպարտենք ուրիշները։ Սակայն պէտք չենք լռել այն բաները որ գիտենք, երբ ըսելը խոհեմ է եւ երբ մեր լռութիւնը մէկու մը վնաս չի՛ հասցներ։ Աստուած որ կը տեսնէ մեր սրտի խորհուրդները, կ՚արգիլէ մեզի անմաքուր գործերը եւ ուրիշին ունեցածներուն անարդար սեփականացումը, անյագօրէն հարստանալը, առանց նկատի առնելու ուրիշներու իրաւունքը եւ եղբայրներու բարիքը։

ՕՐԻՆԱԿ – ՅԻՍՈ՜ՒՍ, ՉԲԺՇԿԵՑԻ՞Ր ԶԻՍ, ՄԱՅՐԻԿԻԴ ՊԻՏԻ ԸՍԵՄ
Լուրտի Աստուածամօր ազգային մեծ ուխտագնացութեան մը Ս. Թ. 17 տարեկաննոց երիտասարդ մըն ալ տարուեցաւ՝ որ գրեթէ կեանքի վերջաւորութեան հասած էր եւ որուն արդէն մատակարարուած էին վերջին խորհուրդները։ Հիւանդներու յետմիջօրէի թափօրի ատեն, երբ եպիսկոպոսը իր առջեւը հասաւ եւ օրհնեց զինքը Սուրբ Հաղորդութեամբ, ան հաւաքեց իր բոլոր ոյժերը եւ մեծ վստահութեամբ բացականչեց. «Յիսո՜ս, անիկա որ կը սիրես՝ հիւանդ է, եթէ դուն ուզես կրնաս բժշկել զիս»։ Տէրը անցաւ, բայց առողջութիւն չպարգեւեց։ Այն ատեն հիւանդը աւելի վստահութեամբկրկնեց. «Յիսո՜ւս, Որդի Մարիամի, անցար քովէս ու չլսեցիր ինծի ու չբուժեցիր զիս, Մօրդ պիտի ըսեմ. ան պիտի յաջողի համոզել քեզ»։
Ու սկսաւ սաստիկ լալ։ Եպիսկոպոսը յուզուած՝ ետ դարձաւ եւ կրկին օրհնեց զինքը Սուրբ Հաղորդութեամբ։ Հրաշքը կատարուեցաւ։ Յանկարծ, երիտասարդը ոտքի ելաւ ու սկսաւ քալել։ Ժողովուրդը յուզուած՝ սկսաւ պոռալ. «Հրա՜շք, հրա՜շք»։ Երիտասարդը ինքնիրմէ դուրս ելած՝ ուրախութենէն ըսաւ. «Յիսուս, Մարիամի Որդին բժշկեց զիս։ Իրեն եւ Իր մօրը բոլոր կեանքիս ընթացքին երախտապարտ պիտի մնամ»։

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի բոլոր աղքատները, հիւանդները, անգործները եւ պանդուխտները օգնութիւն եւ հասկացողութիւն գտնեն։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Պիտի հրաժարինք օգտակար, հաճելի եւ կարեւոր բանէ մը։ Համեստ գումար մը պիտի հասցնեմ կարօտեալի մը անոյշ ժպիտով մը, բարի խօսքով մը եւ աղօթքով մը։ Մեր ըրած բարիքը Աստուծոյ միայն թող յայտնի ըլլայ։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, օգնական եւ Մայր աղքատներու, բարեխօսէ՛ մեզի համար Յիսուսին։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, Մայր բոլոր մարդկութեան, մանաւանդ ամէնէն աղքատներուն, ամէնէն խեղճերուն, ամէնէն անտեսուածներուն՝ գթա՛ մեզի։ Հասի՛ր անոնց որ միլիոններով կը մեռնին ամէն տարի անօթութենէն, մինչդեռ անդին ինչ գումարներ կը ծախսուին պատերազմներու, զէնքերու շինութեան եւ միջմոլորակային տիեզերագնացութեան համար։ Գթա՛ մեզի, Մարիամ, եթէ շարունակենք օրը երեք անգամ ուտել, մինչդեռ քանիներ եւ ոչ իսկ մէկ անգամ ուտելու բաւարար կերակուր ունին. եթէ շարունակենք մսխել մեր դրամը աւելորդ զգեստներ գնելով, ունայն տեսարաններ դիտելով, նորոյթի ինքնաշարժներ գնելով՝ սակայն գիտնանք որ մեր քովի աղքատ դրացին կը բնակի մեր շէնքին գետնայարկը։ Պատասխանատու ըլլանք մենք ալ անօթութեան, բորոտութեան, պատերազմներու եւ անգործութեան ողբերգութեան։ Մարիամ, այնպէս ըրէ՛ որ հասկնանք թէ ամէնուս անմիջական պարտականութիւնն է օգնութեան հասնիլ աղքատներուն։ Դուն մեզի կ՚ըսես, դուն մեզի կը կրկնես, այնպէս ըրէ՛ որ վերջապէս լսենք քեզի։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 27)

ԱՂՕԹՔ
Աստուած ամենազօր եւ յաւիտենական, Յիսուսի Մօր քաղցր յիշատակով՝ որ անդադար աղօթքի մէջ միասիրտ էր առաքեալներուն հետ վերնատան մէջ, շնորհէ՛ քու ժողովուրդիդ որ վստահի Աստուածամօր մայրական պաշտպանութեան՝ ազատելով ամէն տեսակ չարիքներէ եւ հասնի երկինքի յաւիտենական երջանկութեան: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Ամէն:

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ (Ա. 12-14)
Ապա Երուսաղէմ վերադարձան Ձիթենեաց կոչուող լեռնէն, որ Երուսաղէմի մօտ է շաբաթ օրն անցնելիք ճամբու մը չափ: Եւ երբ քաղաք մտան, բարձրացան վերնատունը, ուր կը բնակէին Պետրոսը եւ Յակոբոսը, Յովհաննէսը եւ Անդրէասը, Փիլիպպոսը եւ Թովմասը, Բարթողիմէոսը եւ Մատթէոսը, Յակոբոս Ալփեանն ու Սիմոն Նախանձայոյզը եւ Յուդա Յակոբեան: Ասոնք ամէնքը, միասիրտ, յարատեւօրէն աղօթքի մէջ էին Յիսուսի մօր՝ Մարիամի եւ անոր եղբայրներուն հետ:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ԱՂՕԹՔԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ
Նորածին Եկեղեցին համախմբուած կ՚աղօթէ: Կ՚աղօթէ Յիսուսի Մօր հետ: Վերնատան մէջ առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւնը, Աստուածամօր ներկայութիւնը կը վայելէ իր առաջին քայլերուն, փորձութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջ: Թող Աստուածամօր հովանին մեր վրայ ալ տարածուի, որպէսզի մենք ալ ըլլանք աղօթքի, երկրպագութեան եւ զոհաբերումի հասարակութիւն մը:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՐԴՆԵՐԸ
Յիսուս Քրիստոս Իր Եկեղեցին հիմնեց քսան դար առաջ: Երկու հազար տարի յետոյ տակաւին կը կառավարուի Առաքեալներու յաջորդներուն կողմէ: Երկինք համբառնալէ առաջ Յիսուս հանդիսաւոր կերպով ըսաւ աշակերտներուն. «Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկնքի եւ երկրի վրայ...: Ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը»: Այս խօսքերով Յիսուս առաքեալներուն իշխանութիւն տուաւ՝ սորվեցնելու Իր վարդապետութիւնը բոլոր մարդոց, ապահովցնելով անոնց Իր ներկայութիւնը եւ օգնութիւնը: Ուստի բոլոր եպիսկոպոսներու դասը, որոնք յաջորդներն են առաքեալներուն, շարունակելով անոնց գործը մինչեւ աշխարհիս կատարածը, կը կազմէ ուսուցանող Եկեղեցին: Ուսուցանող Եկեղեցին չի՛ կրնար սխալիլ յայտնութեան ճշմարտութիւնները սորվեցնելու ատեն՝ որովհետեւ, ինչպէս որ Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ, Սուրբ Հոգին կը հսկէ իր վրայ յարատեւ կերպով:

ՕՐԻՆԱԿ - Կ՚ՈՒԶԵՄ ԱՄԷՆՔԴ ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ
Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին (1182-1226), Յիսուսի ամենակատարեալ նմանողներէն մէկն էր: Իր աւետարանական հոգեւորականութիւնը հիմնած էր բոլոր հարստութիւններէ հրաժարումի վրայ: 1216 տարուան ձմրան գիշեր մը, մինչ յաղթելու համար փորձութեան՝ իր մարմինը կը տանջէր, հրեշտակ մը զինքը կը հրաւիրէ մտնելու Փորցիունքոլա մատուռը:
Փոքրիկ եկեղեցին զօրաւոր լոյսով լուսաւորուած էր: Անոր կը տեսնուին Յիսուս, Մարիամ եւ բազմութիւն մը հրեշտակներու: Տիրամայրը յորդորեց զինքը խնդրելու Յիսուսէն ինչ շնորհք որ կ՚ուզէր եւ պիտի ստանար: Ֆրանչիսկոս հայցեց ներում եւ ողորմութիւն մեղաւորներուն համար. անոնք որոնք որ պիտի մտնէին այդ եկեղեցին զղջացած եւ խոստովանած իրենց մեղքերը՝ կատարեալ ներողութիւն եւ յանցանքներու արձակում պիտի ընդունէին: Յիսուս կը շնորհէ իրեն այդ շնորհքը: 2 Օգոստոս 1216-ին Ֆրանչիսկոս, մեծ բազմութեան առջեւ մեծ շուքով յայտարարեց հետեւեալ նշանաւոր խօսքերը. «Եղբայրներ, կ՚ուզեմ ամէնքդ արքայութիւն առաջնորդել»:

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի մեր բոլոր հոգեւորականները, Աստուծոյ օրհնութեամբ՝ մնան իրենց կարգի բարձրութեան վրայ եւ հովուեն հայ ժողովուրդը սրբութեամբ ու եռանդուն հոգիով:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Աղօթենք Աստուծոյ եւ Սուրբ Կոյսին մեր Հայրապետներուն եւ Առաջնորդներուն համար, մենք մեզի հարցադրելով՝ արդեօք կը կատարե՞նք մեր քրիստոնէական եւ քաղաքացիական պարտականութիւնները:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, առաջնորդը եւ աստղը հոգեւոր հովիւներուն, բարեխօսէ՛ Յիսուսին մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, տիպար քաղաքացի երկրաւոր քաղաքիս եւ փառաւորեալ թագուհի երկնային Քաղաքին, պահէ՛ պահպանէ՛ մեր Հայրապետներն ու Առաջնորդները: Իրենց յանձնուած հօտը թող անսասան մնայ հաւատքի եւ սիրոյ մէջ, եռանդուն ըլլայ առաքելութեան մէջ, եւ պատրաստ ու հնազանդ՝ Աւետարանը տարածելու գործին մէջ: Իբրեւ Մայր մարդկութեան՝ մեզ բոլորս անհուն սիրով կը սիրես եւ կը կոչես կազմելու Քրիստոսէ փրկուածներու ժողովուրդ մը, որ դէպի երկինք կ՚ընթանայ: Օրհնէ՛ մեր հայրենիքը Հայաստանը եւ համայն հայ ժողովուրդը որ ի սփիւռս աշխարհի՝ որ մնայ միշտ քու հովանիիդ տակ: Օրհնէ մեր եկեղեցական ու քաղաքացիական բոլոր իշխանութիւնները: Ո՜վ Մարիամ, տո՛ւր խաղաղութիւն, յաջողութիւն եւ փրկութիւն՝ բոլոր աշխարհիս: Աղօթքով, աշխատանքով եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ որդիական հաւատարմութեամբ միայն պիտի կարենանք հասնիլ մեր երկնային երանաւէտ հայրենիքին: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 28)

ԱՂՕԹՔ
Ո՜վ Տէր, Դուն որ վերնատան մէջ Աստուածամօր հետ համախմբուած Առաքեալներուն պարգեւեցիր Սուրբ Հոգին, շնորհէ՛ մեզի ալ՝ Տիրամօր միջնորդութեամբ, նուիրուելու ամբողջապէս Քու ծառայութեանդ եւ աւետելու ուրիշներուն Քու մեծամեծ գործերդ խօսքով եւ օրինակով: Ամէն:

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ (Բ. 1-4)
Երբ Պենտեկոստէի օրերը լրացան, բոլորը միասիրտ, միատեղ էին: Եւ յանկարծակի երկինքէն ձայն մը հնչեց՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնի նման. եւ լեցուց ամբողջ այն տունը, ուր նստեր էին: Եւ անոնց երեւցան բաժնուած լեզուներ, նման բոցեղէն լեզուներու, որոնք ալ նստան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ: Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՄԱՐԻԱՄ ԵՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՈՎ ԼԵՑՈՒԵՑԱՆ
Յիսուս երկինք համբարձած էր: Մարիամ, առաքեալներուն հետ ինը օր աղօթեց վերնատան մէջ՝ ուր Յիսուս Իր սիրոյն մեծագոյն փաստը տուած էր հաստատելով Սուրբ Հաղորդութիւնը: Պենտեկոստէի օրը Սուրբ Հոգին իջաւ, Աստուածածնի եւ առաքեալներուն վրայ: Այդ օրուընէ սկսեալ Մարիամը յայտնուեցաւ իբրեւ մայր, առաջնորդ եւ թագուհի առաքեալներու. անոնց հետ կը մասնակցէր «Հացի բեկանում»ին եւ նորածին Եկեղեցւոյ միւս բոլոր հանդիսութիւններուն: Այսպէս սկսաւ առաքելական գործունէութիւնը հեթանոսները աւետարանելով: Այդ օրուընէ եւ բոլոր ժամանակներու համար Մարիամ առաջնորդ եւ աստղն է Եկեղեցւոյ ճանապարհորդութեան մէջ:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Քրիստոնեաները՝ միացած խորհրդական որթատունկին՝ որ է Յիսուս, կը կազմեն Աստուծոյ զաւակներուն մեծ ընտանիքը՝ որ է Եկեղեցին: Յիսուս որթ է ու մենք՝ ուռեր: Սուրբ Հոգին մեզ պատուաստեց Յիսուսին՝ մկրտութեամբ եւ Յիսուսի աստուածային կեանքը՝ կը հոսի, ինչպէս աւիշ, մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ: Արդ ամէնքս ալ Յիսուսի հետ մէկ ընտանիք կը կազմենք ունենալով Հայր Աստուած իբր հայր եւ մենք Յիսուսի հետ՝ որդիներ: Աստուծոյ այս ընտանիքը նոյնինքն Եկեղեցին է: Ուստի, Եկեղեցին չի՛ ծնիր քրիստոնեաներու իրարու հետ միանալով, այլ՝ քրիստոնեաները Յիսուսի հետ միանալով: Եկեղեցին ճշմարտապէս Աստուծոյ մարդկային ընտանիքն է՝ որուն մաս կը կազմեն բոլոր անոնք, որոնք կը ծնին մկրտութեամբ եւ կը միանան Աստուծոյ կեանքին: Այս որդիները հաւատքի զօրութեամբ կը ճանչնան իրենց Հայրը՝ ինչպէս Յիսուս կը ճանչնայ զԻնքը, Յիսուսի նման կը վստահին իրեն յոյսի զօրութեամբ. եւ Յիսուսի հետ զԻնքը կը սիրեն՝ սիրոյ առաքինութեամբ:
Երկնաւոր Հայրը անոնց աստուածային կեանքը կը սնուցանէ Եկեղեցւոյ եօթը Խորհուրդներով եւ կ՚առաջնորդէ դէպի երկնային օթեւանը՝ եպիսկոպոսներու եւ հոգեւոր հովիւներու միջոցով: Յիսուս Ինքը հիմնեց Եկեղեցին. Ինքը ղրկեց Սուրբ Հոգին որ մեզ Իր հետ միացնէ ինչպէս ուռը միացած է որթին։ Յիսուս Ինքն է որ պատրաստեց առաքեալները որպէսզի առաջնորդեն եւ սնուցանեն Եկեղեցին, ինչպէս հովիւները կ՚առաջնորդեն եւ կը կերակրեն իրենց ոչխարները: Յիսուս ինքզինքը զոհեց խաչին վրայ Եկեղեցիին համար: Յիսուս Իր աստուածային կեանքը տուաւ անոր՝ սուրբ Խորհուրդներու միջոցով: Յիսուս Սուրբ Աւետարանին մէջ տուաւ ճշմարիտ սիրոյ օրինակը: Աստուած մէկ է եւ Իր ընտանիքն ալ՝ Եկեղեցին մէկ է: Այս միակ Եկեղեցին նաեւ Սուրբ է, որովհետեւ Ինքը Յիսուս Սուրբ է. ընդհանրական՝ այսինքն բաց է ամէնուն առանց բացառութեան, որովհետեւ Յիսուս ծնաւ, մեռաւ եւ յարութիւն առաւ ամէնուն համար: Առաքելական է Եկեղեցին՝ որովհետեւ Յիսուս զանիկա յանձնեց առաքեալներուն եւ անոնց յաջորդներուն՝ եպիսկոպոսներուն:

ՕՐԻՆԱԿ - ՏԻՐԱՄԱՅՐ, ԴԱՐՁԻ՛ ԲԵՐ ՀԱՅՐԻԿԸ
Ֆիրէնցէի մէջ, Լիվերանի ընտանիքը ցաւի մէջ է: Այս ընտանիքը բաղկացած է ծնողներէ եւ երկու զաւակներէ, մին՝ Վալերիա 10 տարեկան եւ միւսը Ֆրանչեսքօ՝ 12 տարեկան. երկու զաւակներ բարի եւ բարեպաշտ: Հայրիկը Անթոնիօ՝ անասնաբարոյ, կինը եւ զաւակները կը ծեծէ, դատարկապորտ, կը յաճախէ գինետուն եւ գիշերային զբօսավայրեր, ամէն օր կէս գիշերին տուն կը դառնայ գինով եւ ջղագրգիռ:
Ռոզա մայրիկը ամէն բան հերոսութեամբ եւ համակամութեամբ կը տանի, եւ ամէն իրիկուն կը հաւաքէ իր երկու զաւակները Աստուածամօր նկարին առջեւ վարդարան ըսելու՝ իրենց հօր դարձին համար: Իրիկուն մը, հայրը, ինքզինքը անհանգիստ զգալով եւ իր սովորական ընկերները չգտնելով, տուն կը դառնայ աւելի կանուխ: Երբ դրան առջեւ կեցած կը լրտեսէր, կը տեսնէ որ իր տիկինն ու երկու զաւակները ծնրադիր կ՚աղօթեն եռանդով. «Սիրելի Աստուածածին, պահպանէ՛ մեր ընտանիքը եւ այս իրիկունն իսկ դարձի բեր հայրիկը, որպէսզի մեր տունը դառնայ եւ վերագտնէ հաւատքը եւ սէրը: Այս շնորհքը ճիշտ այսօր կ՚ուզենք»: Այս խօսքերուն վրայ Անթոնիոն խորապէս կը յուզուի եւ տուն մտնելով կը ծնրադրէ կնոջ եւ զաւակներուն քով եւ լալով կը միանայ անոնց աղօթքին: Շնորհքը ընդունուած էր: Կնոջմէ ներողութիւն խնդրելով իր չար վարմունքին եւ զաւակներուն չար օրինակ տուած ըլլալուն համար: Այդ օրուընէ սկսեալ, Տիրամօր միջնորդութեամբ, այդ տան մէջ կը տիրեն աշխատանքը, խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը եւ փրկութիւնը:

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի Մարիամ Աստուածածինը առաջնորդէ, պաշտպանէ եւ պահէ եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւորները եւ Եկեղեցւոյ հաւատացեալները:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Տեղական եկեղեցւոյ անդամակցինք, ժողովրդապետական գործերուն մասնակցինք: Աղօթքով, գործերով եւ մահացուցումներով՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ գործունէութեան աջակցինք:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, Մայր Եկեղեցւոյ, բարեխօսէ՛ մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Տիրամայր, քեզի կը յանձնենք Սուրբ Եկեղեցին: Քու հովանիիդ տակ թող ամուր մնայ Աւետարանի վարդապետութիւնը՝ խաղաղութեան եւ սիրոյ մէջ: Ունենայ սուրբ Հայրապետներ, եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, անբասիր՝ ճշմարտութիւնը տարածելու եւ աստուածային խորհուրդները մատակարարելու մէջ: Հաւատացեալները ապրի՛ն Աւետարանը: Տիրամայր, որքան գեղեցիկ է կրկին ու կրկին խորհրդածելը, քու ժպիտիդ լոյսին տակ, Եկեղեցւոյ խորհուրդը՝ որ մեզ ամէնքս կը միացնէ մեծ ընտանիքի մը մէջ, որուն Հայրը Աստուած է, Անդրանիկ Եղբայրը՝ Քրիստոս, կեանքի աղբիւրը՝ Սուրբ Հոգին է եւ դուն՝ Տիրամայր՝ անոր գորովալի Մայրը: Օգնական բոլոր քրիստոնեաներու, ժպտէ՛ եւ մնա՛ մեր մօտը. բռնէ՛ մեր ձեռքէն եւ առաջնորդէ՛ մեզ դէպի երկնային Եկեղեցին: Լուսաւորէ՛, օգնական եղիր եւ առաջնորդէ՛ մեր հովիւները, եպիսկոպոսները եւ քահանաները. զօրացո՛ւր զիրենք իրենց դժուար պարտականութիւններուն մէջ. այնպէս ըրէ՛ որ չընկրկին դժուարութիւններու դիմաց. ըլլան անոնց լոյսի փարոսներ՝ լուսաւորելու համար մեր միտքերը: Մեզի ալ, հաւատացեալներուս, տո՛ւր սէր եւ հպատակութեան հոգի: Ամէն:


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 29)

ԱՂՕԹՔ
Ով ամենազօր եւ յաւիտենական Աստուած, երկնային փառքին հասցուցիր Տիրամայրը հոգւով եւ մարմնով, զայն թագուհի կարգեցիր տիեզերքի եւ միջնորդ ամէն շնորհքի, տո՛ւր որ ապրինք այս աշխարհիս վրայ՝ մեր ակնարկը դէպի երկինք սեւեռած, որպէսզի մասնակից ըլլանք իր փառքին: Ամէն:

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ (ԺԱ. 19, ԺԲ. 1-10)
Երկնքի մէջ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ եւ երեւցաւ Աստուծոյ տապանակը իր տաճարին մէջ: Եւ եղան փայլատակումներ, ձայներ, որոտումներ, երկրաշարժներ եւ ուժեղ կարկուտ: Եւ երկինքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ: Կին մը՝ արեգակն իր վրայ առած, լուսինն իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը: Ան յղի էր ու կը ճչար երկունքի մէջ եւ բազում ցաւերով մօտ էր ծնելու:
Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա հրակարմիր մեծ վիշապ մը, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը խոյր: Անոր պոչը կը քաշէր կը տանէր երկնքի աստղերու մէկ երրորդ մասը. եւ ատոնք երկրի վրայ նետեց: Վիշապը կանգնած էր այն կնոջ առջեւ, որ ծնելու վրայ էր, որպէսզի, երբ կինը իր որդին ծնի, անոր զաւակը կլլէ: Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ պիտի իշխէր բոլոր ազգերու վրայ երկաթէ գաւազանով: Անոր զաւակը յափշտակուեցաւ եւ տարուեցաւ Աստուծոյ եւ անոր գահին քով: Կինն ալ անապատը փախաւ, ուր անոր տեղ պատրաստուած էր Աստուծոյ կողմէ, որպէսզի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր: Եւ երկինքէն բարձր ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր. «Այժմ եկաւ մեր Աստուծոյ զօրութիւնը, փրկութիւնն ու արքայութիւնը եւ անոր Օծեալին իշխանութիւնը»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ԵՐԿՆՔԻ ՄԷՋ ԿԻՆ ՄԸ ԵՐԵՒՑԱՒ՝ ԱՐԵՒԸ ՀԱԳԱԾ
Երկինքի մեծ սքանչելիքներուն մէջ, որ կը տեսնուի սուրբ Յովհաննէսին իր Յայտնութեան գիրքին մէջ, Կին մը արեւը հագած եւ լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը, կը նշմարենք Աստուածամօր փառաբանութիւնը՝ երկինք վերափոխուած մարմնով եւ հոգիով: Աստուած չթողուց որ ան ենթարկուի գերեզմանի ապականութեան: Մարիամ անարատ յղացուած էր, իր արիւնով ծնած էր Աստուծոյ Որդին՝ կեանքի հեղինակը: Ուստի պատշաճ եւ արդարացի էր անոր երկինք վերափոխուիլը: Իր յարութեամբ փառաւորուեցաւ մարմինը՝ որ զերծ էր սկզբնական եւ ներգործական մեղքէն, իր վերափոխումով մեզի փաստեց թէ ինքը շնորհքներով լի էր, եւ երբ ինքը մարմինով եւ հոգիով երկինքի բնակիչ դարձաւ, իր կրկին մայրութիւնը հաստատուեցաւ. Յիսուսի Մայրը եւ մեր Մայրը եղաւ:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ
Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին ի յաւիտենից մէկ Աստուած են: Հոգին Սուրբ սէր է. մեր փրկութեան համար, Տիրամօր մէջ, Յիսուսի մարդկութիւնը եւ աստուածութիւնը միացուց մէկ անձի մէջ: Սուրբ Հոգին գործեց Յիսուս Քրիստոսի մէջ՝ որ իր բոլոր կեանքի ընթացքին կամքի կատարեալ միութիւնը պահեց Հօր Աստուծոյ հետ: Սուրբ Հոգին մկրտութեամբ եւ դրոշմով մեզ Յիսուսի կը միացնէ՝ ինչպէս ճիւղեր կը պատուաստուին միակ բոյսին: Սուրբ Հոգին Եկեղեցին իբրեւ մէկ մարմին կը միացնէ Յիսուսի հետ՝ իբր հիմնաքար Աստուծոյ Արքայութեան շէնքին. եւ Մխիթարիչ Սուրբ Հոգին անոր աստուածային շինարարն է: Սուրբ Հոգւոյն գալուստը, մարգարէացուած եւ շատ անգամ խոստացուած Յիսուսէն, պէտք էր կերպարանափոխել առաքեալները եւ վերածել յարմար անձերու, որպէսզի կարենային իրենց աւետարանիչի պաշտօնը լաւ կատարել աշխարհիս վրայ: Հոգեգալստեան օրը Սուրբ Հոգին բոցի կերպարանքով իջաւ Աստուածամօր եւ Առաքեալներուն վրայ՝ որոնք վերնատան մէջ կ՚աղօթէին: Այդ օրուընէ ի վեր երբեք չդադրեցաւ իջնելու Եկեղեցւոյ վրայ՝ լուսաւորելու զայն, թիկունք կանգնելու եւ ապահովելու անոր ցմիշտ սրբութիւնը եւ ճշմարտութիւնը: Կ՚իջնէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի վրայ, հաղորդելու անոնց Իր եօթը պարգեւները՝ իմաստութիւն, հանճար, խորհուրդ, զօրութիւն, գիտութիւն, աստուածապաշտութիւն եւ երկիւղ:


ՕՐԻՆԱԿ - ՆՈՐԷՆ ԼՍԵՑ ԻՐ ՈՐԴՒՈՅՆ ՔԱՂՑՐ ՁԱՅՆԸ
Մայրը իր մէկ հատիկ զաւակը նուիրած էր Ժընեւի լիճին վրայ կառուցուած Ակոնի վանքին Աստուածամօր: Աւելի ուշ՝ կրօնաւոր կ՚ըլլայ եւ ապա նաեւ քահանայ կը ձեռնադրուի՝ բարի, գիտուն եւ մասնագէտ Գրիգորեան երգերու: Յանկարծ ծանր կերպով կը հիւանդանայ, կը վատթարանայ վիճակը եւ կարճ ժամանակի միջոցին կը մահանայ երիտասարդ տարիքին: Յուսահատ մայրը ամէն օր գերեզմանատուն կ՚երթար իր տղուն գերեզմանին վրայ լալու: Չէր կրնար համակամիլ. սակայն գիշեր մը երազին մէջ Աստուածամայրը կը տեսնէ որ իրեն կու գայ զինքը մխիթարելու, կը գոչէ. «Որքան որ ապրիմ այս աշխարհիս վրայ, պիտի ողբամ իմ մէկ հատիկ զաւակիս կորուստը»: Աստուածամայրը կը պատասխանէ իրեն ըսելով. «Տղադ յաւէտ կորսուած չէ, երկնքի Արքայութեան մէջ մեզի հետ՝ յաւիտենապէս երջանիկ է: Որքան որ ապրիս, կրօնաւորներու ժամերգութեան ատեն անոր ձայնը պիտի լսես»: Յաջորդ օրը կը վազէ կ՚երթայ վանքը եւ երբ կրօնաւորները շարականները կ՚երգեն, մայրը յստակ կերպով կը լսէ իր տղուն ձայնը: Եւ այդ օրուընէ յետոյ անոր յուսալքումը կը դադրի եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը՝ ամէն օր կը մասնակցի կրօնաւորներու աղօթքներուն, երջանիկ կը զգար այդ երգերը լսելով, քանի որ իր զաւակն ալ կը մասնակցէր, իր ներդաշնակ եւ զիլ ձայնով:

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի քրիստոնեաները արժանաւոր տաճարներ ըլլան Սուրբ Հոգւոյն եւ քաջարի վկաները՝ Աւետարանին: 
Քննենք մենք զմեզ թէ արդեօք մեր ընտանիքին, կամ գործի շրջանակին եւ կամ ալ մեր հասարակութեան մէջ ձեռնտո՞ւ ենք խաղաղութեան եւ համերաշխութեան:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, աղախին Սուրբ Հոգւոյն, բարեխօսէ՛ մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, առաջին եւ քաղցր պտուղը փրկագործութեան, կը հիանանք վրադ եւ քեզի հետ կը փառաբանենք Տէրը՝ որ քու մէջդ հրաշքներ գործեց: Մեր անձերը Տէրը կը փառաւորեն, եւ մեր հոգիները կը ցնծան քու փրկիչ Աստուծովդ: Քեզի նայելով, մենք կը հասկնանք եւ կը գնահատենք վսեմ փրկագործութիւնը, կրնանք տեսնել Քրիստոսի անսահման հարստութիւնը: Օնգէ՛ մեզի, Տիրամայր, շնորհակալ ըլլալու անոր: Օնգէ՛ մեզի որ անարատ պահենք մկրտութեան առաջին օրուան շնորհքը. այնպէս ըրէ՛ որ չփճացնենք զայն մեղքով. չըլլայ թէ արհամարհենք զայն մեր անտարբերութեամբ եւ անհամապատասխանութեամբ: Դուն կրնաս մեզի օգնութեան հասնիլ՝ եթէ ուզես: Միթէ դուն չե՞ս մեր Մայրը: Միթէ դուն չե՞ս բաշխողը աստուածային գանձերուն: Չէ՛ որ դուն ես մեր միջնորդը՝ աստուածային շնորհքներուն: միթէ դուն չե՞ս մեր փրկութեան գործակիցը: Շարունակէ՛ կ՚աղաչենք քեզի, բարեխօսել երկինքի մէջ: Շարունակէ՛ պարգեւել մեզի մեր Փրկչին արեան պտուղները, այն արեան՝ որ քուկդ ալ է, քեզմէ պատրաստուած, սիրով, վեհանձնութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ՝ խաչի խորանին վրայ: Օգնէ՛ մեզի՝ որ քեզի նմանինք՝ ըլլալու փրկիչներ Յիսուսի հետ եւ մեր բոլոր եղբայրներուն հետ: Օնգէ՛ մեզի որ մեզի պարգեւուած աստուածային շնորհքը տանինք ուրիշներուն, աշխարհիս վրայ Քրիստոսի խորհուրդները ըլլալու, յագեցած լոյսով, ճշմարտութեամբ եւ ուրախութեամբ, կարօտ՝ փրկութեան եւ ազատութեան: Ո՜վ Մարիամ, ցո՛յց տուր ամէնուն թէ դուն ով ես, միաժամանակ հզօր եւ ողորմած Մայր: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 30)

ԱՂՕԹՔ
Ո՜վ Տէր Աստուած, Դուն որ մեզի իբր Մայր եւ թագուհի տուիր Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ որմէ ծնաւ Քու Որդիդ՝ Յիսուս Քրիստոս, տո՛ւր մեզի անոր միջնորդութեամբ Քու զաւակներուդ խոստացուած երկինքի արքայութիւնը: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով: Ամէն:

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ (ԻԱ. 1-5)
Ապա տեսայ նոր երկինք ու նոր երկիր, որովհետեւ առաջին երկինքը ու երկիրը անցած էին. եւ այլեւս ծով չկար: Եւ տեսայ սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը, որ կ՚իջնէր Աստուծմէ եւ երկինքէն՝ զարդարուած եւ պատրաստուած, ինչպէս հարսը իր փեսային համար: Եւ երկինքէն ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը. որ մարդոց մէջ է. Անիկա պիտի բնակի անոնց հետ, եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան, եւ ան ալ՝ անոնց Աստուածը. եւ պիտի սրբէ անոնց աչքերէն ամէն արտասուք. եւ այլեւս մահ չկայ. ո՛չ սուգ, ո՛չ աղաղակ, ո՛չ ցաւ եւ ո՛չ չարչարանք, քանի որ առաջուան բաները անցան»: Եւ գահին վրայ նստողը ըսաւ ինծի. «Ահաւասիկ ամէն բան նոր կը դարձնեմ»: Ապա ըսաւ ինծի «Գրէ՛, այս խօսքերը ճշմարիտ եւ վստահելի են»:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ՄԱՐԻԱՄ, ԹԱԳՈՒՀԻ ԵՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Դէպի երկնային փառքերու մուտքը, երկնքի ու երկրի թագուհի պսակումը՝ նշանն է իր աստուածամայրութեան ամէնէն մեծ յաղթանակին: Յայտնութեան գիրքը մեզի ցոյց կու տայ այն կատաղի պատերազմը՝ որ կը կատարեն Քրիստոս եւ Եկեղեցին, սատանային եւ չարին դէմ, եւ բարիին վերջնական մեծ յաղթանակը: Եթէ մենք հաւատարիմ հետեւորդներն ըլլան Քրիստոսի եւ ջերմեռանդներն ու նմանողները Տիրամօր, եթէ համակամութեամբ գիտնանք տանիլ կեանքի դժուարութիւնները եւ զանոնք մեր եւ մեր եղբայրներուն փրկութեան համար տարած ըլլանք, օր մը պիտի մասնակցինք Քրիստոսի եւ Աստուածամօր փառքին:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ՎԱՐԴԱՐԱՆԸ
Վարդարանի բարեպաշտութիւնը շատ հին է: Անոր ջերմեռանդութիւնը ամէնէն նշանաւորն է, ամէնէն ժողովրդականը եւ Աստուածամօր սրտին ամէնէն սիրելին: Սուրբ Կոյսն ինքն է որ յանձնարարեց զայն սուրբ Տոմենիքոյին եւ իբր ազդու միջոց մատնանշեց հաւատքը պահելու եւ աճեցնելու, աղանդները արմատախիլ ընելու, եւ աւելի առաքինի եւ աւետարանական կեանք մը ապրելու համար: Իր վերջին երեւումներուն ատեն, ինչպէս Լուրտի, Ֆաթիմայի, Սալեթի մէջ, Աստուածամայրը երեւցաւ վարդարանը ձեռքին եւ յանձնարարեց զայն յաճախակի արտասանել եւ շեշտեց թէ այս աղօթքը իրեն շատ հաճելի էր: 1917ին՝ Լուչիային, Ճաչինթային եւ Ֆրանչեսքոյին, որոնց 6 անգամ երեւցաւ Ֆաթիմայի մէջ, խոստացաւ շատ շնորհքներ եթէ ամէն օր ըսէին վարդարանը: Վերջին երեւումին, 13 Հոկտեմբերին ըսաւ. «Ես Վարդարանի Տիրամայրն եմ, եկած եմ յորդորելու հաւատացեալները, որպէսզի իրենց կեանքը փոխեն եւ այլեւս չտրտմեցնեն զԱստուած իրենց մեղքերով. արդէն շատ վշտացուցած են զԻնքը. թող վարդարան ըսեն եւ ապաշխարեն իրենց մեղքերը»: Բերանացի եւ մտաւոր աղօթքներու արժէքները կը միանան վարդարանի մէջ: Ան կը յիշէ եւ մեզ կը հրաւիրէ մտածելու Աւետարանի լաւագոյն անցքերը, Յիսուսի եւ Աստուածամօր կեանքը՝ որոնց միջոցով իրականացաւ մեր փրկագործութիւնը: Անոնք կը կազմեն հաւատքի գլխաւոր ճշմարտութիւնը, եւ մեզի վերաբերող ամէնէն աւելի ուրախարար խոստումները: Այդ խորհուրդները մեր հաւատքը կ՚արծարծեն, առաքինութիւնը ուսուցանող դպրոց են, յոյսի պատճառներ են, մեր սէրը կ՚աւելցնեն եւ կը յիշեցնեն այն մեծ սէրը որ Յիսուս Եւ Աստուածածինը ունին մեղաւոր մարդկութեան հանդէպ:

ՕՐԻՆԱԿ - ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԱՂՕԹՔԸ ԶԻՆՔԸ ԴԱՐՁԻ ԲԵՐԻՆ
Թորինոյի հիւանդանոցի մը մէջ, ծերուկ մը, ծանր կերպով հիւանդացած էր եւ մահամերձ՝ գերեզմանի դուռը հասած, կը յամառէր իր յանցանքին վրայ եւ գարշելի կերպով կը հայհոյէր: Զինքը խնամող հիւանդապահ մայրապետը գրեթէ յուսահատած էր փրկելու այդ հոգին: Մօտակայ մատրան մէջ խումբ մը բարի մանչուկներ կը հաւաքէ եւ վարդարան ըսել կու տայ այդ հիւանդին դարձին համար: Այդ բարեպաշտ մայրապետին եւ այդ փոքրիկներուն աղօթքով, սպասուած դարձը կ՚իրականանայ: Ծերուկը լսելով այդ աղաչանքները, կը յուզուի, իր մանկութիւնը կը յիշէ՝ երբ ինքն ալ ծունկի կու գար Մայիս ամսուն մէջ ու կ՚աղօթէր Աստուածամօր: Կը յիշէ իր կեանքին տխուր էջերը, թէ որքան վշտացուցած է զԱստուած, կը յուզուի, քահանայ կը խնդրէ որ խոստովանի իրի մեղքերը, եւ յետ պատմելու իր կեանքին պատմութիւնը կ՚ըսէ. «Հայր սուրբ, կ՚ուզեմ խոստովանիլ. երկար տարիներէ ի վեր չեմ խոստովանած: Աստուած թողած՝ կեանքս անցուցած եմ ծանր մեղքերով: Այժմ Տիրամայրը զիս կը հրաւիրէ դէպի Տէրը դառնալու...»: Կը խոստովանի, Հիւանդաց Օծումը կը ստանայ մեծ ջերմեռանդութեամբ եւ կը մեռնի խաղաղութեամբ՝ Յիսուսի եւ Աստուածամօր անունները կրկնելով:

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Որպէսզի ամէն տուն բարեպաշտութեամբ Վարդարան ըսէ:

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Բարի սովորութիւն պիտի ընեմ ամէն օր վարդարան ըսել, որպէս ընտանիքի հասարակաց աղօթք, մտածելով խորհուրդներուն վրայ:

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, Թագուհի Վարդարանի, բարեխօսէ՛ մեզի համար:

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, դուն ամբողջապէս Աստուծոյ կը պատկանիս, ոչ թէ որովհետեւ Աստուծոյ Որդւոյն Մայրը եղար, այլ որովհետեւ Աստուած եղաւ քու սիրոյդ միակ առարկան, քու յարատեւ բոցավառ սէրդ ու գերագոյն գաղափարականդ: Ո՜վ Կոյս Մարիամ, մեզ ալ առաջնորդէ՝ վերագտնելու համար Աստուծոյ իսկութիւնը մեր կեանքին մէջ: Շատ մը երեւոյթներու տակ կարծես կորսնցուցած ենք զԱստուած, Անոր պատկերը այլափոխած եւ մեր նմանութեան վերածած ենք՝ սխալ, հեռաւոր, կերպարանափոխ եւ անհրապոյր: Ո՜վ Մարիամ, ցո՛յց տուր մեզի կենդանի Աստուածը՝ Հայր Աստուածը մեր Տէր Յիսուսի Քրիստոսի: Սորվեցո՛ւր մեզի պաշտելու զԻնքը քու նոյն գերագոյն միտքովդ, շնորհակալ ըլլալու Անոր քու «Մեծացուսցէ»իդ սլացքովը, եւ սիրելու զԱնիկա՝ քու սրտիդ անարատ եռանդովը: Մենք չենք յաջողիր կատարել մեր պարտականութիւնները՝ Հօր Աստուծոյ հանդէպ. եթէ դուն օգնես մեզի, դիւրին պիտի ըլլայ: Հասկցո՛ւր մեզի թէ ո՛րքանով մենք պատճառ եղած ենք մեր եղբայրներուն Աստուծմէ հեռացումին: Դուն օգնէ անոնց որոնք իրենք զիրենք անհաւատ կը կոչեն կամ անաստուած, որպէսզի դառնան իրենց երկնաւոր Հօր. ըսէ՛ անոնց թէ զոյգ բազկատարած ձեռքեր եւ սիրալիր սիրտ մը զիրենք կը սպասէ։ Ո՜վ Մարիամ, խօսէ՛ մեզի Աստուծոյ մասին, առաջնորդէ՛ մեզ Աստուծոյ եւ յագեցո՛ւր մեզ Աստուծմով: Ամէն:

ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ. (ՄԱՅԻՍ 31)

ԱՂՕԹՔ
Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, Դուն որ Աստուածամայրը մեզի կեանքի օրինակ տուիր, այնպէս ըրէ՛ որ նմանինք իր հաւատքի եւ սիրոյ օրինակին, ապրինք աղքատ հոգիով եւ մաքուր սրտով, որպէսզի հասնինք աւետարանական սրբութեան: Ամէն:

ՅՈՒԴԻԹ (ԺԳ 23-25)
Բարձրեալ Աստուծոյ դուստր, օրհնեալ ես դուն աւելի, քան երկրի վրայ եղած բոլոր կիները, եւ օրհնեալ է Տէր Աստուած, որ ստեղծած է երկինքն ու երկիրը, որ յաջողութիւն տուաւ քեզի՝ կտրելու մեր թշնամի իշխանին գլուխը: Ատոր համար քու անունդ պիտի չվերանայ մարդոց մէջէն՝ Աստուծոյ առջեւ յաւիտենապէս քեզ յիշելու համար: Թող իմ Տէր Աստուածս բարձրացնէ քու անձդ եւ բարիքներ շնորհէ քեզի ի հատուցումն այն բանին, որ մեր ազգի տառապանքներուն պատճառով՝ դուն չխնայեցիր քու անձդ, այլ վրէժխնդիր եղար մեր կրած կործանարար հարուածներուն համար՝ մեր Տիրոջ առջեւ ընթանալով ուղիղ ճանապարհով:
Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր:

ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՍՈՒՐԲ ՍՐՏԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Աստուածամօր սիրտը անսահմանօրէն բարի մօր սիրտ մըն է: Իր սրտին մէջ ան կը պահէր, կը խոկար եւ կը խորացնէր Յիսուսի մանկութեան իրադարձութիւնները. իր սրտէն անցաւ ցաւի սուրը, Կանայի հարսանիքին անոր սիրտը Յիսուսի սիրտէն թախանձեց եւ ընդունեցաւ առաջին հրաշքը: Տիրամայրը Ֆաթիմայի իր երեւումին կ՚ապահովցնէ մեզ ըսելով. « ... Եւ ամէնէն վերջ իմ անարատ Սիրտս պիտի յաղթանակէ»:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ - ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
Երբ Աստուած ուզեց Իր Որդին աշխարհ ղրկել, անոր մայր մը փնտռեց: Թագուհիներ կամ ազնուամեծար տիկիններ չընտրեց, այլ խոնարհ եւ սուրբ աղջնակ մը՝ որ արդէն ի յաւիտենից նախընտրած էր. Մարիամը: Պաղեստինի փոքր գիւղակի՝ Նազարէթի մէջ էր իր տնակը: Գաբրիէլ հրեշտակապետը, Աստուծոյ անունով կ՚ողջունէ զինքը իբրեւ շնորհքներով լի եւ իրեն կ՚աւետէ որ Յիսուսի Մայրը պիտի ըլլար: Սրբուհի Եղիսաբեթ զինքը կը հռչակէ «Օրհնեալ բոլոր կիներուն մէջ»: Բեթղեհէմի մէջ սպասուած Մեսիան կը ծնի, որուն նախ հովիւները կ՚երկրպագեն, յետոյ՝ մոգերը: Եգիպտոսի աքսորէն ետք կը վերադառնայ Նազարէթ՝ ուր Յիսուս կ՚աճի ու կը զօրանայ՝ լի իմաստութեամբ: Եւ մայրը այս բոլորը իր սրտին մէջ կը պահէր: Աստուածամայրը Յիսուսի կը հետեւէր առաքելութեան երեք տարիներուն, անոր հետեւեցաւ մինչեւ Խաչին ոտքը Գողգոթայի վրայ եւ մինչեւ անոր համբարձումը՝ Ձիթենեաց լերան վրայ: Հոգեգալուստէն յետոյ կը յայտնուի որպէս Մայր Եկեղեցւոյ, Թագուհի Առաքեալներու, Օգնական Քրիստոնեաներու, մինչեւ իր մարմինով եւ հոգիով վերափոխումը երկինքի փառքին: Մարիամ մեր Մայրն է, փրկչակիցը, միջնորդը եւ բաշխողը բոլոր շնորհքներու: Աստուած զինքը գործածեց մարդեղութեան ատեն՝ հոգիներու փրկութեան եւ սրբացումին համար: Պէտք ունինք իրեն՝ փրկուելու համար. ստոյգ է որ Աստուածամօր հանդէպ բարեպաշտ հոգիները պիտի փրկուին: Պէտք ունինք իրեն՝ սրբանալու համար. իր հետ պիտի կարենանք բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել եւ հասնիլ յաւիտենական փրկութեան նաւահանգիստը:

ՕՐԻՆԱԿ - ՖԱԹԻՄԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
1917-ին Տիրամայրը երեւցաւ Ֆաթիմայի երեք փոքրիկ հովիւներուն՝ Լուչիային, Ճաչինթային եւ Ֆրանչեսքոյին, եւ փրկութեան պատգամ մը տուաւ մարդկութեան. «Իմ հայրենիքս երկինքն է։ Յիսուս կ՚ուզէ ձեզ օգտագործել՝ զիս ծանօթացնելու եւ սիրցնելու։ Դուք ձեզ մահացուցումներու ենթարկեցէք մեղաւորներու դարձին համար եւ ստէպ ըսէք, մանաւանդ երբ մահացուցում մը ընելու ըլլաք. «Յիսուս, Քու սիրոյդ՝ եւ մեղաւորներու դարձին համար»։ Շատ հոգիներ կը կորսուին որովհետեւ չկայ մէկը որ աղօթէ եւ զոհողութիւն ընէ իրենց համար։ Ես Վարդարանի Տիրամայրն եմ եւ եկած եմ յորդորելու հաւատացեալները որ փոխեն իրենց կեանքը եւ այլեւս մեղքով չվշտացնեն Տէրը՝ որ արդէն շատ անարգուած է. վարդարան ըսեն եւ իրենց մեղքերը ապաշխարեն։ Պատերազմները պատիժ են որ Աստուած կը թոյլատրէ՝ պատժելու համար մարդոց մեղքերը։ Եթէ անոնք կատարեն իմ խնդրանքներս, պատիժները պիտի հեռանան իրենցմէ կամ ալ պիտի մեղմանան, այլապէս՝ պիտի պատժուին։ Ամէնէն վերջ իմ անարատ Սիրտս պիտի յաղթանակէ»։

ԱՂՕԹՔԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Քեզի կը նուիրենք, ո՜վ Մարիամ, քու ամսուդ ընթացքին կատարած բոլոր մահացուցումները. թող պատմեն՝ քեզի հանդէպ զաւակներուդ ունեցած սէրը։

ԽՈՍՏՈՒՄ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Մարեմական կեանքի ծրագիր մը պիտի մշակենք մեր երկնային Մօր առջեւ, ջանք պիտի թափենք ամէն օր աւելի բարեպաշտ ըլլալու, եւ հետեւորդներ ու նմանողներ ըլլալու Յիսուս Քրիստոսի։

ՍԼԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Մարիամ, թագուհի խաղաղութեան, բարեխօսէ՛ մեզի համար։

ԱՂՕԹԵՆՔ
Մարիամ, Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ Մայր, շնորհակալ ենք Աստուծոյ, որ քու մէջդ մեծամեծ գործեր ըրաւ։ Քեզ կ՚ընդունինք մեր Մայրը, Թագուհին, Փաստաբանը, Միջնորդը եւ Օգնականը։ Մենք քեզ կ՚առնենք մեր քով, ինչպէս Յովհաննէս Առաքեալը, որպէսզի դուն ըլլաս մեր հոգիներուն առաջնորդը։ Քեզի կը նուիրենք մենք զմեզ, որպէսզի դուն մեզ առաջնորդես դէպի մեր Փրկիչը Յիսուս։ Քու սիրոյդ կը վստահինք. մի՛ նայիր մեր անարժանութեան, այլ՝ այն արեան՝ որ մեզ փրկեց. եւ ընդունէ՛ մեզի մեր մեղքերուն ներումը։ Ըրէ՛ մեզ արժանաւոր զաւակներ, կատարեալ քրիստոնեաներ, վկաները Քրիստոսի եւ սիրոյ առաքեալներ աշխարհիս վըրայ։ Օրհնէ՛ մեր եպիսկոպոսները, քահանաները եւ նուիրեալ հոգիները։ Մխիթարէ՛ մեր չարչարուած եղբայրները, հիւանդները, հեռաւորները, յուսահատները եւ անգործները։ Ցո՛յց տուր մանուկներուն քու մայրական գուրգուրանքդ, ազատէ՛ զանոնք չարէն, թող մեծնան առոյգ, վեհանձն եւ առողջ հոգիով եւ մարմնով։ Քեզ սիրող երիտասարդներուն վրայ հսկէ դուն։ Տո՛ւր որ անոնց սրտերը սուրբ ըլլան, ժպիտին առանց չարամտութեան, իրենց երիտասարդութիւնը ճառագայթէ խանդավառութիւն, կորով, լի մեծ փափաքներով եւ փայլուն յաջողութիւններով։ Ծնողներուն եւ տարեցներուն օգնական եղիր եւ ցո՛յց տուր ժպիտդ, ո՜վ Մայր Մարիամ, որ նախերգանքն է երկնքի եւ իրականութիւնը կեանքի։ Բոլոր աշխարհիս, ո՜վ Մարիամ, տո՛ւր սէր, խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն։ Ամէն։


ՄԱՅԻՍԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏ
Հայացուց՝ Հ. Արիստակէս վրդ. Մանուկեան. Մխիթարեան Ուխտէն։ Վենետիկ – Ս. Ղազար 1997.