ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

Փառք ի բարձունս Աստուծոյ

Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն: Եւ օրհնութիւն քեզ ի բարձունս, օրհնեալ ես Տէր Աստուած մեր. օրհնեմք զքեզ եւ գովեմք զքեզ: Խոստովանիմք Տէր զքեզ եւ երկիր պագանեմք քեզ. փառաւորեմք զքեզ. գոհանամք Տէր զքէն վասն մեծի փառաց քոց: Տէր թագաւոր սուրբդ երկնային. Աստուած եւ Հայր ամենակալ: Տէր եւ Որդի Հօր միածին Յիսուս Քրիստոս եւ սուրբ Որդի: Տէր Աստուած Գառն Աստուծոյ եւ Որդի Հօր. որ առեր զմերս ի կուսէն: Ողորմեցար, բարձեր զմեղս աշխարհի. եւ արդ ընկալ զաղաչանս մեր: Սուրբդ որ նստիս ընդ աջմէ Հօր ողորմեաց մեզ: Զի դու միայն սուրբ՝ դու միայն բարձրեալ ես, դու միայն Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս: Տէր եւ Հոգիդ Սուրբ՝ որ ի փառս Աստուած ընդ Հօր. ամէն:

Եւ յամենայն ժամ օրհնեմք զքեզ, Տէր, եւ գովեմք զանուն սուրբ քո յաւիտեան եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Արժանի արա Տէր զօրս զայս խաղաղութեամբ եւ առանց մեղաց պահեա զմեզ: Օրհնեալ ես Տէր Աստուած հարցն մերոց. գովեալ եւ փառաւորեալ է անուն սուրբ քո յաւիտեանս ամէն:

Օրհնեալ Տէր՝ ուսո՛ ինձ զարդարութիւնս քո (երիցս): Տէր ապաւէն եղեր մեր ազգէ յազգ: Ես աղաչեմ Տէր ողորմեա ինձ եւ բժշկեա զանձն իմ, ես մեղայ քեզ: Ցոյց մեզ Տէր զողորմութիւնս քո. եւ զփրկութիւնս քո տուր մեզ: Տէր ողորմութիւն քո յաւիտեան. զգործս ձեռաց քոց մի՛ անտես առներ: Տէր իմ զքեզ ապաւէն ինձ արարի. ուսո ինձ առնել զկամս քո, զի դու ես Աստուած իմ: Ի քէն է Տէր՝ աղբիւր կենդանութեան եւ լուսով երեսաց քոց տեսանեմք զլոյս: Ծագեա զողորմութիւնս քո՝ որք ճանաչեն զքեզ Տէր:

 

Անբաժանելի եւ համագոյ

Անբաժանելի եւ համագոյ Երրորդութեանդ, համաձայնեալք ընդ զօրս երկնից, փառս մատուցանեմք:
Փա՜ռք Քեզ, որ յանարուեստ յաթոռ բարձրացեալ՝ հանգչիս, սո՛ւրբ Աստուած՝ հզօր եւ սքանչելագործ:
Փա՜ռք Քեզ, որ յանէից գոյացուցեր զամենայն արարածս, սո՛ւրբ Աստուած՝ անճառ Հօր անեղ Որդի:
Փա՜ռք Քեզ, որ տեսչութեամբ խնամես զամենայն արարածս, սո՛ւրբ Աստուած՝ Բղխումն անսպառ աղբեր:
Տէ՛ր, ժողովրդապետք Եկեղեցւոյ ի Քէն հայցեն՝ ասելով. «Հովի՛ւ բարի, ողորմեա՛ բանաւոր հօտի»:
Ամէն. ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա:

Ժամագիրք, Գիշերային

ԱՂՕԹՔ

Տէր երկնի եւ երկրի, Արարիչ ամենայն արարածոց, երեւելեաց եւ աներեւութից: Առ քեզ կարդամք յամենայն ժամ, զի ընդ ամենայն տեղիս է տէրութիւն քո, եւ արքայութիւն քո ամենեցուն տիրէ: Շնորհեա՛ մեզ երկիւղիւ ի պաշտօն քո կանխել հանապազ. սիրել զքեզ ի բոլոր սրտէ եւ ի բովանդակ մտաց եւ յամենայն զօրութենէ մերմէ պահել զպատուիրանս քո: Համբառնալ առ քեզ զձեռս մեր ի սրբութիւն առանց բարկութեան եւ երկմտութեան եւ գտանել ի քէն զշնորհս եւ զողորմութիւն, եւ զառաքինասէր գործոցն յաջողութիւն: Վասն զի դու ես Տէր կենաց եւ Աստուած ողորմութեանց եւ քեզ վայել է փառք իշխանութիւն եւ պատիւ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

Ժամագիրք, Գիշերային

ԱՂՕԹՔ

Գոհանամք զքէն, Տէր Աստուած մեր, որ երեւելի լուսով քով զուարճացուցեր զամենայն արարածս քո, իսկ իմանալի լուսով պատուիրանաց քոց՝ զամենեսեան լուսաւորեցեր զհաւատացեալս ի քեզ: Զօրացո՛ եւ զմեզ, Տէ՛ր, ի պահպանութիւն պատուի րանաց քոց, ի տուընջեանս յայսմիկ եւ յամենայն ժամանակի: Որպէս զի լուսաւորեալ մտօք՝ միշտ զհաճոյս քո արասցուք, եւ հանդերձեալ բարեացդ հասցուք ընդ ամենայն սուրբս քո: Շնորհօք եւ մար դասիրութեամբ Տեառնդ մերոյ եւ Փրկչիդ Յիսուսի Քրիստոսի, որում վայել է փառք եւ իշխանութիւն եւ պատիւ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

Ժամագիրք, Առաւօտեան

Համբարձի շարական
ԱՁ.

Սուրբ ես, Տէր զօրութեանց, որ բնակեալդ ես ի յերկինս. եւ բարեբանիս ի սրբոց քոց: Երկնային զօրութիւնք, սերովբէք եւ քերովբէք, անդադար օրհնեն սուրբ զանունըդ քո: Քահանայք ընդ նոսին, պաշտօնեայք եւ ժողովուրդք երկիրպագեսցուք տէրութեանըդ քո:

Լոյսդ, որ յառաջ քան զյաւիտեանս ի Հօրէ առաքեցար, եւ լուսով իմանալեաւ լըցեր զարարածս. օրհնեալ ես, թագաւոր յաւիտենից: Որ ըզլոյսն ի սկըզբանէ հաստատեցեր վերըստին, եւ զխաւարն անգիտութեան յարութեամբըդ քո հալածեցեր՝ օրհնեալ ես, թագաւոր յաւիտենից: Ուստի եւ մեք լուսաւորեալքս ընդ լուսեղէն զըւարթնոցն երգեսցուք ցընծութեամբ ի յարութեան երեկոյիս, օրհնեալ ես, թագաւոր յաւիտենից:

Երկնաքաղաքացին Յովհաննէս, մեծն ի ծնունդըս կանանց, քարոզէր յանապատի ազդարարող բարբառովն զծագումըն լուսոյ արեգականն արդարութեան: Ճըշմարիտ մարգարէ եւ ձեռնադրող Որդւոյն Աստուծոյ, յառաջընթաց կարապետ եւ պատմող աստուածային օրինացն, հորդէր ճանապարհս թագաւորին յաւիտենից: Յանօրէն գինարբուսն մոլեգնեալ Հերովդիադայ, ի պարգեւի մասին խընդրէր ըզգլուխ մարգարէին. շիջուցանել զարուսեակն եւ զանաղօտ լապտերն:

Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: սրբուհւոյ Աստուածածնին բարեխօսութեամբ պարգեւեա՛ երկրպագուացս ամենասուրբ Երրորդութեանդ՝ զյարութիւն յուսոյ կենացըն յաւիտենից:

Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:
Զհաւատացեալ ժողովուրդըս սուրբ Երրորդութեանդ եւ զապաւինեալս ի խորան փառաց քոց՝ պահեա անխըռով ի խաղաղութեան:

Ժամագիրք


Կիրակամտից

Աստ օրհնեցէ՛ք ամենայն ծառայք Տեառն զՏէր, ո՛ կայք ի տան Տեառն եւ ի գաւիթս Աստուծոյ մերոյ:
Ի գիշերի համբարձէ՛ք զձեռս ձեր ի սրբութիւն, եւ օրհնեցէ՛ք զՏէր:
Օրհնեսցէ զմեզ Տէր ի Սիոնէ, որ արար զերկինս եւ զերկիր:
Խոստովան եղէց քեզ, Տէր, բոլորով սրտիւ իմով. առաջի հրեշտակաց սաղմոս ասացից քեզ:
Զի լուար զբանս 
բերանոյ իմոյ. երկիր պագից ի տաճար սուրբ քո, եւ խոստովան եղէց անուան քում, վասն ողորմութեան եւ ճշմարտութեան քոյ:
Մեծ արարեր յամենայնի զանուն սուրբ քո. յորում աւուր կարդամ առ քեզ, վաղվաղակի լո՛ւր ինձ, եւ բազում արասցես զօրութիւնս յանձն իմ:
Խոստովան եղիցին առ քեզ ամենայն թագաւորք երկրի, զի լուան զբանս բերանոյ քո, եւ օրհնեսցեն 
զճանապարհս քո:
Մեծ են փառք Տեառն. բարձր է Տէր, զխոնարհս տեսանէ եւ զբարձունս ի հեռաստանէ ճանաչէ:
Թէ
 գնացից ես ի մէջ նեղութեանց, կեցուսցես զիս ի բարկութենէ թշնամւոյն:
Ձգեցեր զձեռն քո, եւ փրկեաց զիս աջ քո. եւ Տէր հատուսցէ ընդ իմ:
Տէր,
 ողորմութիւն քո յաւիտեան, զգործս ձեռաց քոց մի՛ անտես առներ:
Աստուած, յանուան քում կեցո՛ զիս, եւ ի զօրութեան քում իրա՛ւ արա ինձ:
Աստուած, լո՛ւր աղօթից իմոց, ունկն դի՛ր բանից բերանոյ իմոյ:
Օտարք յարեան ի վերայ իմ, եւ հզօրք խնդրեցին զանձն իմ, եւ ո՛չ համարեցան զքեզ Աստուած առաջի իւրեանց:
Ահա Աստուած օգնական իմ. եւ Տէր ընդունելի հոգւոյ իմոյ:
Ի դարձուցանել 
զչարն ի թշնամիս իմ, ճշմարտութեամբ քով սատակեա՛ զնոսա:
Ես կամօք իմովք պատարագս մատուցից քեզ, եւ խոստովան եղէց անուան քում, Տէր, զի բարի է:
Յամենայն նեղութենէ իմմէ փրկեցեր զիս, եւ ի թշնամիս իմ ետես ակն իմ:
Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ:
Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

Ժամագիրք, Երեկոյեան

ՄԱՂԹԱՆՔ

Օրհնեալ Տէր, որ բնակեալդ ես ի բարձունս, եւ օրհնեալ են փառք մեութեան քոյ, որ հաստատեցեր զլուսաւորս ի բարձունս, ի յերկնից զլոյս ծագեցեր ընդ ամենայն տիեզերս: Արարեր զարեգակն լուսատու տուընջեան, զլուսինն եւ զաստեղս՝ լուսատու գիշերոյ եւ զլոյս ճրագի. դու ես լոյս գովելի, սուրբ եւ առաջին լոյսն. ի քէն փախնու խաւարն. եւ զլոյս քո կենդանի, Տէր, ծագեա ի սիրտս մեր: Եւ մեք միաբան ասասցուք. օրհնեալ է անուն սուրբ փառաց քոց. եւ քեզ երգեմք զօրհնութիւն եւ զփառս Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյդ Սրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

Ժամագիրք, Երեկոյեան

ՕՐՀՆԵՑԻՑ 

Օրհնեցից զՏէր յամենայն ժամ, յամենայն ժամ օրհնութիւն նորա ի բերան իմ:
Ի Տէր պարծեսցի անձն իմ. լուիցեն հեզք եւ ուրախ եղիցին:
Մեծ արարէք զՏէր ինեւ. եւ բարձր արասցուք զանուն նորա ի միասին:
Խնդրեցի
 ի Տեառնէ, եւ լուաւ ինձ. յամենայն նեղութենէ իմմէ փրկեաց զիս:
Մատիք առ Տէր եւ առէ՛ք զլոյս, եւ երեսք ձեր մի՛ ամաչեսցեն:
Այս աղքատ կարդաց առ Տէր, եւ Տէր լուաւ սմա. յամենայն նեղութենէ սորա փրկեաց զսա:
Բանակ հրեշտակաց Տեառն շուրջ է զերկիւղածովք իւրովք, եւ պահէ զնոսա:
Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ:
Այժմ 
եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկա՛լ, կեցո՛ եւ ողորմեա՛:
Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

Ժամագիրք, Խաղաղական

Գոհունակութեան աղօթք

Օրհնեալ եւ փառաւորեալ Աստուած՝ ամենասուրբ Երրորդութիւն, Հայր եւ Որդի եւ Սուրբ Հոգի, ընդունէ՛ մեր սրտերէն ցայտող անհուն գոհունակութեան եւ շնորհակալութեան արտայայտութիւնները, որ մեզ արժանի ըրիր տեսնելու այս օրը եւ մասնակից դառնալու մեր ուխտի նորոգման այս բացառիկ առիթին: Ամենալից օրհնութեամբդ լեցուր եւ սրբէ՛ մեզ, եւ տաճարիդ դռներուն պէս բա՛ց մեր առջեւ երկնաւոր սեղանդ, որպէսզի ուխտագնացութեան եւ հոգիի ճանապարհորդութեան յատուկ այս օրերուն՝ առատալիր կերպով վայելենք հոգեւոր բարիքներդ, եւ լեցուինք նոր շունչով ու նոր կեանքով եւ Աստուծոյդ ամենալից ու մշտական ներկայութեամբ: Ամէն:

 

Շնորհակալութիւն առ Սուրբ Երրորդութիւն

Շնորհակալութի՛ւն Քեզի, Հա՜յր ամենակալ, որ սուրբ Եկեղեցիդ մեզի պատրաստեցիր իբրեւ նաւահանգիստ, սուրբ տաճար մը, ուր սուրբ Երրորդութիւնդ կը փառաբանուի: Ալէլուիա:
Շնորհակալութի՛ւն Քեզի, Քրիստո՛ս Թագաւոր, որ մեզի կեանք պարգեւեցիր սուրբ եւ կենարար Մարմինովդ եւ Արիւնովդ: Քու առատ ողորմութիւնդ եւ քաւութիւնդ շնորհէ մեզի: Ալէլուիա:
Շնորհակալութի՛ւն Քեզի, ճշմարի՛տ Հոգի, որ սուրբ Եկեղեցին նորոգեցիր: Երրորդութեանդ հաւատքով զայն անարա՛տ պահէ այժմէն մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

Ընդունէ՛ փառաբանական մեր արտայայտութիւնները եւ մեր խոնարհ աղօթքները, ո՛վ Տէր, անդադար բարեխօսութեամբը Քու անարատ եւ ամենաերջանիկ մօրդ՝ սուրբ կոյս Մարիամի, որ Քեզ՝ Ճշմարիտ Աստուածդ ծնաւ իբրեւ մարդ, հողեղէն իր գիրկին մէջ կրելով հողեղէններու եւ հրէղէններու ստեղծիչ հուր աստուածութիւնդ՝ իբրեւ օրինակ բոլոր բանականներուս, որ մեզ արարեցիր եւ կոչեցիր՝ աստուածակիր անօթներ ըլլալու, սրբուած տաճարներ՝ ամենասուրբ Երրորդութեանդ: Այս անսահման, աներեւակայելի եւ անպատմելի շնորհքիդ համար յաւէտ կ’օրհնե՜նք Քեզ: Ամէն:

Ամենակալ Տէր, Դուն որ փառքով կը պսակես Քեզի յուսացողները եւ կը կատարես Քեզմէ վախցողներուն փափաքը, մեզ ալ արժանի ըրէ, Տէ՜ր, որ Քու վրադ մեր յոյսը պահենք, եւ համբերութիւն տուր մեզի որ մեր ընթացքը կատարենք այս նեղութեամբ, որուն մէջ կը գտնուինք: Դուն՝ որ մեր ցաւերը կը բժշկես, սրտաբեկները կ’առողջացնես, նեղեալները կը հանդարտեցնես, կապուածները կ’արձակես, սգաւորները կը մխիթարես, անյոյսներուն յոյս կու տաս, խռովածներուս՝ հանգիստ, եւ յոգնածները նաւահանգիստ կը հասցնես, Դուն՝ որ սիրով կը նայիս քու արարածներուդ եւ քու քաղցրութեամբդ կը կերակրես բոլորը, տո՛ւր մեզի, Տէ՜ր, որ մենք ալ պսակը առնենք բոլոր անոնց հետ՝ որոնք արժանի ըրիր քու անունիդ համար մեռնելու փառաւոր մահուամբ, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք յափշտակուելու քու սիրելի Որդիիդ դիմաւորութեան, երբ գայ իր ճառագայթող լոյսին մէջ առնելու սրտանց իրեն փափաքողները, եւ ճշմարտութեամբ դատելու ամբողջ տիեզերքը իր բարկութեան կրակով: Փա՜ռք քեզի, Որդիիդ եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Փա՛ռք քեզի, յաւիտենական թագաւոր, որ քու Եկեղեցիդ կ’աճեցնես եւ կը լեցնես այն լուսաւոր հաւատքով որ ունինք մենք՝ անհամար թիւով փրկուածներս, որ քու Քրիստոսիդ ճշմարիտ աստուածութիւնը ճանչցանք:
Փա՛ռք քեզի, որ մեզ արժանի ըրիր երկրորդ ծնունդով մը որդեգիր դառնալու քեզի՝ երկնաւոր Հօրդ, եւ հաղորդեցիր Միածինիդ մարմինով եւ արիւնով:

Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, Սուրբ Հոգիիդ պարգեւած սրբութեամբ պահէ մեզ, որպէսզի անարատ մնալով՝ քու կամքդ կատարենք եւ անմեղութեամբ հասնինք յաւիտենական կեանքիդ:
Ուղղէ՛ եւ քու երկիւղիդ մէջ հաստատէ մեր քայլերը. քու լուսաւոր պատուիրաններուդ հնազանդութեան մէջ պահելով մեզ, եւ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին պահէ խաղաղ եւ առանց մեղքի, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի շնրհքովն ու մարդասիրութեամբը. որուն հետ կ’օրհնենք քեզ, Հայր ամենակալ, կենդանարար Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

 

Գոհութեան աղօթք
(արեւմտահայերեն)

Շնորհակալութի՜ւն քեզի, ո՛վ Աստուած՝ մեր Տէրը, որ քու տեսանեի լոյսովդ ուրախացուցիր մեզ՝ քու բոլոր արարածներդ, իսկ քու պատուիրաններուդ հոգեւոր լոյսովը լուսաւորեցիր քեզի հաւատացողները։ Մե՛զ ալ զօրացուր, Տէ՜ր որպէսզի կարենանք քու պատուիրաններդ պահել այսօր եւ ամէն ատեն, որպէսզի լուսաւորուած միտքով՝միշտ քու կամքդ կատարենք եւ քու պատրաստած բարիքներուդ հասնինք բոլոր սուրբերուդ հետ միասին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւած շնորհքովն ու մարդասիրութեամբը։ Անո՛ր կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

Դո՛ւն ես մեր խաղաղութիւնն ու կեանքը, ո՜վ Միածին Որդի Աստուծոյ, մեր Տէրն ու փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Տո՛ւր մեզի քու խաղաղութիւնդ, որ սուրբ առաքեալներուդ շնորհեցիր՝ անոնց վրայ փչելով կենդանացնող եւ ամենազօր քու Սուրբ Հոգիդ։ Որպէսզի մենք ալ աշխարհէն եկող ամէն տեսակի փորձութիւններէն խաղաղած՝ տաճար եւ բնակարան դառնանք աստուածային շնորհքներուդ, եւ շնորհակալութեամբ փառաւորենք քեզ՝ ո՜վ Քրիստոս, մեր Աստուածը, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտեն:

 

Գոհութեան աղօթք
(գրաբար)

Գոհանամք զքէն, Տէր Աստուած մեր, որ երեւելի լուսով քով զուարճացուցեր զամենայն արարածս քո, իսկ իմանալի լուսով պատուիրանաց քոց՝ զամենեսեան լուսաւորեցեր զհաւատացեալս ի քեզ: Զօրացո՛ եւ զմեզ, Տէ՛ր, ի պահպանութիւն պատուիրանաց քոց, ի տուընջեանս յայսմիկ եւ յամենայն ժամանակի: Որպէս զի լուսաւորեալ մտօք՝ միշտ զհաճոյս քո արասցուք, եւ հանդերձեալ բարեացդ հասցուք ընդ ամենայն սուրբս քո: Շնորհօք եւ մար դասիրութեամբ Տեառնդ մերոյ եւ Փրկչիդ Յիսուսի Քրիստոսի, որում վայել է փառք եւ իշխանութիւն եւ պատիւ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

Խաղաղութիւն մեր եւ կեանք, որ ի Հօրէ առաքեցար, միածին Որդի Աստուծոյ՝ Տէր մեր եւ Փրկիչ Յի սուս Քրիստոս: Տո՛ւր մեզ զխաղաղութիւն քո, զոր շնորհեցեր սրբոց քոց առաքելոց, փչմամբ քո ի նոսա զկենդանացուցիչ եւ զամենազօր Հոգիդ քո սուրբ: Որպէս զի եւ մեք խաղաղացեալք յամենայն աշխարհական սահեցմանց, լիցուք տաճար եւ բնակարան աստուածային շնորհացդ, եւ գոհանալով փառաւորեսցուք զքեզ ընդ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյդ, Քրիստոս Աստուած մեր. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն

Ժամագիրք, Առաւօտեան

Տէրունական աղօթք
(Շուրջ 150 տարի առաջ գրուած թերթիկի մը հետեւողութեամբ)

Մեր հոգիները ժողվէ Շնորհաց գահիդ շուրջ, որպէսզի կատարենք մեր պարտականութիւնը եւ պաշտենք քեզ ճշմարտութեամբ,«Ո՜Վ ՀԱՅՐ ՄԵՐ»:

Քեզի՛ կը վայելէ ամէն փառք ու պատիւ, որովհետեւ դո՛ւն ես հզօր, սքանչելագործ եւ մեծ Աստուածը, «ՈՐ ԵՐԿԻՆՔՆ ԵՍ»:

Դո՛ւն ես, որ անհուն իմաստութեամբդ կ’իշխես բոլոր շնչաւոր եւ անշունչ արարածներուն վրայ, ուստի «ՔՈՒ ԱՆՈՒՆԴ ՍՈՒՐԲ ԸԼԼԱՅ»:

Այսուհետեւ յապաղումներ թող մեզ չզատեն քու փառաւոր գալուստէդ եւ այդ երջանիկ յոյսի կատարումէն, այլ՝ «ՔՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԴ ԳԱՅ»:

Սուրբ պատուէրներուդ հակառակողներ թող չգտնուին այլեւս, քու բարի փափաքներդ թող կատարուին, եւ «ՔՈՒ ԿԱՄՔԴ ԸԼԼԱՅ»:

Թող մեր եւ ամէնուն հնազանդութիւնը ըլլայ արագ, անվերապահ, կատարեալ, եւ առանց առարկութեան, ճիշդ «ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԿԻՆՔԻ ՄԷՋ, ԱՅՆՊԷՍ ԱԼ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ»:

Արդ, մեր մարմիններուն պէտքերը, հագուելու համար բաւականաչափ հագուստ, ցուրտէն պաշտպանուելու համար պատսպարան, եւ «ՄԵՐ ԱՄԷՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՑԸ», նաեւ կենաց Խօսքդ՝ մեր հոգիներուն կերակուրը, կ’աղաչե՜նք Տէր, քու մեծ սիրովդ եւ ողորմութեամբդ «ԱՅՍՕՐ ԵՒՍ ՄԵԶԻ ՏՈՒՐ»:

Մեր բազում յանցանքները բնաւ նկատի մի՛ առներ եւ լոյս երեսէդ մի՛ զրկեր մեզ, այլ՝ քաւէ՛ զանոնք քու Միածին Որդւոյդ արիւնով, «ԵՒ ՄԵԶԻ ՆԵՐԷ՛» նաեւ մեր բոլոր անկատար թողած պարտականութիւնները, որ պէտք էր ընէինք փառքիդ համար, եւ յետաձգուած «ՄԵՐ ՊԱՐՏՔԵՐԸ», որովհետեւ քու բերնիդ Խօսքով սորվեցանք եւ կը հաւատանք, թէ՝ դուն կը ներես ու պիտի ներես մեզի այնպէս՝ «ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ՄԵՆՔ ԿԸ ՆԵՐԵՆՔ». ուստի քու անսահման Սէրդ, որ հաճեցաւ անհուն զոհողութեամբ փրկել մեզ, թող սորվեցնէ իւրաքանչիւրիս՝ ի սրտէ ներել «ՄԵՐ ՊԱՐՏԱՊԱՆՆԵՐՈՒՆ»:

Այս անցաւոր աշխարհի հրապոյրները թող չխաբեն մեր սրտերը եւ չպաղեցնեն մեր սէրը քեզի հանդէպ, ո՜վ Տէր, «ԵՒ ՄԵԶ» մոլորեցնելով շիտակ ճամբայէն՝ չձգեն Հակառակորդին որոգայթին մէջ: Դուն ինքդ հսկէ մեր վրայ, եւ մեզ՝ տկարներս «ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ՄԻ ՏԱՆԻՐ»:

Մի՛ թողուր բնաւ, մի՛ թողուր, որ քու զաւակներէդ մէկը գայթակղի եւ մեղանչէ քեզի դէմ, «ԱՅԼ» ինչպէս հիմա, այնպէս ալ կեանքի բոլոր ելեւէջներուն մէջ, եւ մահուան ատեն, տո՛ւր մեզի ինչ որ ուզես, ըլլա՛յ քաղցր, ըլլա՛յ դառն, ըլլա՛յ ուրախութիւն, ըլլա՛յ վիշտ. միայն թէ, կ’աղաչե՜նք, «ՄԵԶ ՉԱՐԷՆ ԱԶԱՏԷ»:

Մենք որո՞ւ պիտի դիմենք, ո՜վ Տէր մեր, ո՞վ կրնայ մեզի օգնել, ո՞վ կայ քեզմէ հզօր եւ քեզմէ մեծ, «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՔՈ՛ՒԿԴ Է ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ», Եւ քու գործդ է աշխարհը, քեզմէ եւ քեզի համար են բոլոր բաները, անոնց մէջ յայտնուած անհուն իմաստութիւնը, «ԵՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՓԱՌՔԸ»:

Այո՛, եւ քու սքանչելիքներդ եւ աննման գործերդ պիտի յիշուին, եւ դուն պիտի փառաբանուիս «ՅԱՒԻՏԵԱՆՍ»:

Եւ մենք՝ տկար արարածներս պիտի դաւանինք քեզ, եւ մեր ամբողջ սրտով, հոգիով ու զօրութեամբ պիտի կրկնենք՝ «ԱՄԷՆ»: