ՀԱՄԱՌՕՏ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ
ՀԱՒԱՏՔԻ ԴԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
(հատվածներ)
1 Ի՞նչ է Աստուծոյ ծրագիրը մարդուն մասին:
Անսահմանօրէն կատարեալ եւ էութեամբ երջանիկ Աստւածը մարդը ստեղծեց Իր գերազանցապէս բարի մէկ ծրագրով՝ Իր ազատ կամքով, զինք Իր երանաւէտ կեանքին մասնակից դարձնելու համար: Երբ ժամանակները իրենց լրումին հասան, Հայր Աստուած մեղքի մէջ ինկած մարդոց ղրկեց Իր Փրկարար եւ Փրկիչ Որդին, որպէսզի զանոնք Իր Եկեղեցիին կանչէ եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ՝ զանոնք Իր որդեգիրները եւ երանաւէտ կեանքին ժառանգորդներն ընէ:
2 Ինչու՞ մարդը իր մէջ Աստուծոյ փափաքը ունի:
Աստուած մարդը Իր պատկերին համեմատ ստեղծած ըլլալով՝ Զինք տեսնելու փափաքը անոր սրտին մէջ Ի՛նք դրոշմեց: Մարդը նման փափաք մը եթէ նոյնիսկ կ’անգիտանայ, Աստուած կը շարունակէ զինք դէպի Իրեն քաշել, որպէսզի մարդը իր մէջ գտնէ ու ապրի ճշմարտութեան եւ երջանկութեան լիութիւնը զոր անդադար կ’որոնէ: Ուրեմն մարդը իր բնութեամբ եւ իր կոչումով կրօնամէտ էակ մըն է, ընդունակ՝ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու: Աստուծոյ հետ մտերմիկ եւ կենսական այս կապը մարդուն հիմնական հենքը կը հանդիսանայ:
6 Աստուած մարդուն ի՞նչ կը յայտնէ:
Աստուած Իր բարութեամբ եւ Իր իմաստութեամբ, մար դուն Ինքզի՛նք կը յայտնէ: Եղելութիւններու եւ իր խօսքերուն ընդմէջէն՝ Ան թէ՛ Ինքզինք կը յայտնէ եւ թէ՛ Քրիստոսի միջոցով ի յաւիտենից մարդուն ի նպաստ սահմանած իր բարեխնամ ծրագիրը: Այս ծրագիրը կը ձգտի բոլոր մարդիկը Սուրբ Հոգիին շնորհքով աստուածային կեանքին մասնակից ընելու, որպէսզի անոնք Իր միածին Որդիին ձեռքով որդեգիրներ դառնան:
7 Որո՞նք են Աստուծոյ Յայտնութեան առաջին հանգրուանները:
Աստուած նախ յայտնուեցաւ մեր նախածնողներուն՝ Ադամին եւ Եւային եւ զանոնք հրաւիրեց Իրեն հետ սերտ հաղորդութեան: Անոնց մեղանչումէն ետք, Ան Իր Յայտնութիւնը չկասեցուց, այլ անոնց բոլոր սերունդներուն փրկութիւն խոստացաւ: Ջրհեղեղէն ետք, Ան դաշինք կնքեց Նոյի հետ՝ Իր եւ բոլոր կենդանի արարածներուն միջեւ:
8 Որո՞նք են Աստուծոյ Յայտնութեան իրերայաջորդ հանգրուանները:
Աստուած Աբրահամը ընտրեց, կանչելով զայն որ իր երկիրը թողու, որպէսզի զինքը «ազգերու բազմութեան հայր» կարգէ (Ծնդ 17, 5), եւ խոստացաւ անոր մէջ «օրհնել երկրի բոլոր ազգերը» (Ծնդ 12, 3): Աբրահամի սերունդները Աստուծոյ նահապետներուն կատարած խոստումներուն աւանդապահները պիտի ըլլան: Աստուած Իսրայէլը կազմեց
9 Ո՞րն է Աստուծոյ Յայտնութեան վերջին եւ վերջնական հանգրուանը:
Այդ հանգրուանը իրականացաւ մարմնացեալ Բանին՝ Յիսու՛ս Քրիստոսի միջոցով, որ Յայտնութեան միջնորդն ու լիութիւնն է: Ան Աստուծոյ մարդացեալ միածին Որդին է, հետեւաբար Հօր կատարեալ եւ վերջնական Խօսքն է: Յայտնութիւնը իր կատարեալ իրագործումին հասած է Որդիին առաքումով եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւով, նոյնիսկ եթէ Եկեղեցիին հաւատքը անոր ամբողջական տարողութիւնը հետզհետէ պիտի ըմբռնէ դարերու ընթացքին:
12 Ի՞նչ է առաքելական Աւանդութիւնը:
Առաքելական Աւանդութիւնը Քրիստոսի պատգամին փոխանցումն է, որ քրիստոնէութեան ծագումէն ի վեր՝ կը կատարուի քարոզութեան, վկայութեան, հաստատութիւններու, պաշտամունքի, ներշնչեալ գրութիւններու միջոցով: Առաքեալները, ինչ որ Քրիստոսէն ստացան եւ Սուրբ Հոգիէն սորվեցան, զայն իրենց յաջորդ Եպիսկոպոսներուն փոխանցեցին եւ անոնց միջոցով՝ յաջորդ բոլոր սերունդներուն, մինչեւ ժամանակներուն վախճանը:
13 Առաքելական Աւանդութիւնը ի՞նչ ձեւով կ՚իրագործուի:
Առաքելական Աւանդութիւնը երկու ձեւով կ՚իրագործուի՝ Աստուծոյ Խօսքին կենդանի փոխանցումով (այլ խօսքով՝ Աւանդութեամբ) եւ Սուրբ Գիրքով, ուր փըրկութեան նոյն հռչակումը գրաւոր կատարուած է:
14 Ի՞նչ առնչութիւն կայ Աւանդութեան եւ Սուրբ Գիրքին միջեւ:
Աւանդութիւնն ու Սուրբ Գիրքը իրարու զօդուած եւ իրարու սերտօրէն հաղորդակից են: Մին եւ միւսը Քրիստոսի խորհուրդը Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եւ բեղմնաւոր կը դարձնեն, եւ աստուածային նո՛յն ակէն կը բխին: Անոնք նո՛յն սրբազան աւանդը կը բաղկացնեն, որոնցմէ Եկեղեցին կը քաղէ իր ստուգութիւնը իւրաքանչիւր յայտնեալ ճշմարտութեան շուրջ:
18 Ինչու՞ Սուրբ Գիրքը ճշմարտութիւնը կ’աւանդէ:
Որովհետեւ Աստուած Ի՛նքը հեղինակն է Սուրբ Գիրքին: Աստուա՛ծ է զայն ներշնչողը: Այս պատճառով, ան կոչուած է ներշնչուած գիրք (Աստուածաշունչ): Ան մեր փրկութեան անհրաժեշտ ճշմարտութիւնները անսխալական կերպով կ’ուսուցանէ: Արդարեւ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով է որ մարդիկը գրի առին ինչ որ Աստուած կ’ուզէր մեզի ուսուցանել: Սակայն քրիստոնեայ հաւատքը «Գիրքի կրօն» մը չէ, այլ Աստուծո՛յ Խօսքին կրօնը, «ո՛չ թէ գրի առնուած ու համր խօսքի մը, այլ մարմնացեալ եւ կենդանի Բանին» (Ս. Բեռնարդոս):
19 Ի՞նչպէս կարդալ Սուրբ Գիրքը:
Սուրբ Գիրքը կարդացուելու եւ մեկնաբանուելու է Սուրբ Հոգիին օժանդակութեամբ եւ Եկեղեցւոյ Ուսուցանող Նուիրապետութեան առաջնորդութեամբ, ըստ հետեւեալ երեք չափանիշներուն. ա) ուշադիր ըլլալ ամբո՛ղջ Սուրբ Գիրքին բովանդակութեան եւ ներքին միութեան, բ) զայն կարդալ՝ հետեւելով Եկեղեցւոյ կենդանի Աւանդութեան, գ) յարգել հաւատքի վերաբերեալ համանմանութիւնները, այսինքն՝ հաւատքի դաւանած ճշմարտութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ներդաշնակ յարակցութիւնը:
21 Ինչո՞վ Հին Կտակարանը կարեւոր է քրիստոնեաներուն համար:
Քրիստոնեաները Հին Կտակարանը կը մեծարեն որպէս Աստուծոյ ճշմարիտ Խօսքը: Անոր բոլոր գրուածքները Աստուծմէ ներշնչուած են եւ մշտակայ արժէք կը ներկայացնեն: Անոնք կը վկայեն Աստուծոյ փրկչագործ սիրոյն ջամբած դաստիարակչական դերին մասին: Անոնք մասնաւորապէս գրուած են Քրիստոսի՝ Տիեզերքի Փրկչին գալուստը պատրաստելու համար:
22 Ինչո՞վ Նոր Կտակարանը կարեւոր է քրիստոնեաներուն համար:
Նոր Կտակարանը, որուն կեդրոնական նիւթը Յիսուս Քրիստոս է, մեզի կը սորվեցնէ աստուածային Յայտնութեան վերջնորոշ ճշմարտութիւնը: Նոր Կտակարանին Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի չորս աւետարանները Յիսուսի կեանքին եւ վարդապետութեան մասին հիմնական վկայութիւններն են: Անոնք ամբողջ Սուրբ Գիրքին ծուծը կը կազմեն եւ Եկեղեցւոյ մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն:
25 Ի՞նչ է մարդուն պատասխանը իրեն յայտնուող Աստուծոյ:
Մարդը, աստուածային շնորհքով զօրացած, Աստուծոյ կը պատասխանէ հաւատքին հնազանդութեամբ, այսինքն՝ ինքզինք ամբողջովին Աստուծոյ յանձնելով եւ ընդունելով Անոր Ճշմարտութիւնը, քանի որ ան երաշխաւորուած է Աստուծմէ, որ Ճշմարտութիւնն իսկ է:
26 Սուրբ Գիրքին մէջ հաւատքի հնազանդութեան գլխաւոր վկաները որո՞նք են:
Հոն բազմաթիւ վկաներ կան, բայց յատկապէս երկու անձ. մին՝ Աբրահամը, որ փորձի ենթարկուելով՝ «հաւատաց Աստուծոյ» (Հռ 4, 3 ) եւ Անոր կանչին յարատեւ ընդառաջեց եւ ասոր համար՝ բոլոր հաւատացեալներուն հայրը եղաւ (Հռ 4, 11—18 ): Իսկ երկրորդ վկան՝ Սուրբ Կոյս Մարիամն է, որ հաւատքի հանդէպ ամենակատարեալ հնազանդութիւնը գործադրեց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին. «Եղիցի ինձ ըստ բանի քում»: Թող ըլլայ ինծի քու Խօսքիդ համաձայն (Ղուկ 1, 38 ):
27 Մարդուն համար Աստուծոյ հաւատալը՝ գործնական օրէն ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ:
Աստուծոյ հաւատալը կը կայանայ Աստուծոյ յարելու մէջ, Անոր վստահելու եւ Անոր յայտնած բոլոր ճշմարտութիւններուն իր հաւանութիւնը տալու մէջ, քանի որ Աստուած Ճշմարտութիւնն իսկ է: Կը նշանակէ հաւատալ երեք Անձերէ կազմուած մէ՛կ Աստուծոյ. Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին:
28 Հաւատքին յատկանիշները որո՞նք են:
Հաւատքը՝ Աստուծոյ ձրի տուրքն է, ան մատչելի կը մնայ բոլոր զայն խոնարհաբար հայցողներուն, ան փրկութեան համար անհրաժեշտ գերբնական առաքինութիւնն է: Հաւատքի ներգործութիւնը մարդո՛ւն՝ այսինքն մարդու խելքի՛ն ներգործութիւն է: Ան՝ Աստուծմէ դրդուած իր մարդկային կամքին ազատ հաւանութիւնը կու տայ աստւածային ճշմարտութեան: Հաւատքը նաեւ ստոյգ է, որովհետեւ հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ: Հաւաւտքը գործօն է «սիրոյ միջոցով» (Գաղ 5, 6 ): Հաւատքը յարատեւօրէն կ’աճի ու կը զարգանայ յատկապէս Աստուծոյ խօսքն ունկնդրելով եւ աղօթելով: Հաւատքը այժմէն երկինքի ուրախութեան նախաճաշակը կու տայ մեզի :
29 Ինչու՞ հաւատքին եւ գիտութեան միջեւ հակասութիւն չկայ:
Նոյնիսկ եթէ հաւատքը կը գերազանցէ մարդու բանականութիւնը, սակայն անոր եւ գիտութեան միջեւ հակասութիւն երբեք տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ երկուքին ալ ծագումը Աստուա՛ծ է: Մարդուն բանականութեան եւ հաւատքին լոյս հաղորդողը Ինք՝ Աստուած է:
30 Ինչու՞ հաւատքը միանգամայն անձնական եւ եկեղեցային արարք մըն է:
Հաւատքը անձնակա՛ն ներգործութիւն է, որովհետեւ ան մարդուն ազատ պատասխանն է Ինքզինքը մարդուն յայտնող Աստուծոյ: Բայց ան միանգամայն եկեղեցային ներգործութիւն մըն է, որ կ’արտայայտուի հաւատքին դաւանումով. «Մենք կը հաւատանք»: Իրականին մէջ Եկեղեցի՛ն է որ կը հաւատայ: Այսպէս, Սուրբ Հոգիին շնորհքով, Եկեղեցի՛ն է որ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ հաւատքը կը կանխէ, զայն կը ծնի եւ կը սնուցանէ: Այս պատճառով՝ Եկեղեցին Մայր է եւ Ուսուցիչ:
33 Ի՞նչ են հաւատքի Հանգանակները:
Հաւատքի Հանգանակները կազմաւորական բանաձեւումներ են: Կը կոչուին նաեւ «հաւատոյ դաւանութիւն», կամ «Հաւատամք», որոնց միջոցով Եկեղեցին իր հիմնադրութենէն սկսեալ՝ իր հաւատքը համադրուած ձեւով բանաձեւելէ ետք, զայն իր բոլոր հաւատացեալներուն փոխանցած է օրինադրիչ եւ ամէնուն հասարակ եղող լեզուով:
34 Որո՞նք են հաւատքի հնագոյն Հանգանակները:
Անոնք «մկրտական» Հանգանակներն են: Քանի որ Մկրտութիւնը կը մատակարարուի «Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով» (Մտթ 28, 19), հոն դաւանուած հաւատքի ճշմարտութիւններն ալ կը յօդաւորուին Սուրբ Երրորդութեան երեք Անձերուն, Անոնց ունեցած յարակցութեան համեմատ:
35 Որո՞նք են հաւատքին կարեւորագոյն Հանգանակները:
Մին՝ Առաքեալներուն Հանգանակն է, որ Հռոմի Եկեղեցւոյ գործածած մկրտական հին Հանգանակն է: Իսկ միւսը՝ Նիկիոյ (325) եւ Կոստանդնուպոլսոյ (381) տիեզերական առաջին երկու Ժողովներուն մշակած Հանգանակներն են: Անոնք այսօր եւս հասարակաց են Արեւելքի եւ Արեւմուտքի բոլոր մեծ Եկեղեցիներուն մօտ:
36 Ինչու՞ հաւատոյ դաւանանքը կը սկսի «Կը հաւատամ Աստուծոյ» բառերով:
Որովհետեւ «Կը հաւատամ Աստուծոյ» դաւանութիւնը՝ ամենակարեւորն է եւ ակնաղբիւրն է մարդուն եւ աշխարհին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հաւատացողներուն ամբողջ կեանքին հայող միւս բոլո՛ր ճշմարտութիւններուն :
37 Ինչու՞ մէ՛կ Աստուած կը դաւանինք:
Որովհետեւ Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին իբր Մէ՛կ Աստուած յայտնուեցաւ, երբ ըսաւ. «Լսէ՛, Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը Մէ՛կ է» (Բ Օր 6, 4): «Ուրիշ մը չկա՛յ» (Ես 45, 22): Յիսուս եւս նոյնը հաստատեց. «Միա՛կ Տէրը» Աստուած է (Մրկ 12, 29): Յիսուսը եւ Սուրբ Հոգին իբր Աստուած եւ Տէր դաւանիլը՝ ո՛չ մէկ բաժանում կը ներմուծէ Միա՛կ Աստուծոյ մէջ:
38 Աստուած Ինքզինք ի՞նչ անունով յայտնեց:
Աստուած Ինքզինք յայտնեց որպէս ապրող ու կենդանի Աստուած. «Աստուած Աբրահամի, Աստուած Իսահակի, Աստուած Յակոբի» (Ելք 3, 6): Իր խորհրդաւոր անունն ալ յայտնեց. «Ես եմ Ան որ Է» (ԵԱՀՎԷ): Հին Կտակարանին ժամանակէն իսկ՝ Աստուծոյ անպատում անունը փոխարինուեցաւ «Տէր» կոչումով: Նոր Կտակարանին մէջ եւս՝ Յիսուս «Տէր» անունի տակ՝ Ինքզինք իբր ճշմարիտ Աստուած կը յայտնէ:
43 Մէկ Աստուծոյ հաւատալը ի՞նչ կը նշանակէ:
Մէկ Աստուծոյ հաւատալը՝ Անոր մեծութիւնն ու մեծ վայելչութիւնը ճանչնալ է, Իրեն շնորհակալ ըլլալով ապրիլ է, նոյնիսկ մեր ձախորդութիւններուն մէջ Անոր վստահիլ է, Իր պատկերին համեմատ ստեղծուած մարդոց միութիւնն եւ իսկական արժանապատուութիւնը ճանչնալ է, Անոր արարածները ուղիղ ձեւով գործածել է:
44 Ո՞րն է հաւատքին եւ քրիստոնէավայել կեանքին կեդրոնական խորհուրդը:
Հաւատքին եւ քրիստոնեայ կեանքին կեդրոնական խորհուրդը Սուրբ Երրորդութեան Խորհուրդն է: Քրիստոնեաները կը մկրտուին Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով:
45 Կարելի՞ է Սուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը հասկնալ միայն մարդկային բանականութեան ուժով:
Աստուած Իր երրեակ էութեան հետքերը դրոշմեց արարչութեան եւ Հին Կտակարանին մէջ: Սակայն նախ քան Աստւածորդւոյն մարդեղութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին առաքումը՝ Սուրբ Երրորդական Էութեան խորութիւնը անմատչելի խորհուրդ կը մնայ լոկ մարդկային ուղեղին համար, եւ նոյնիսկ Իսրայէլի հաւատքին համար Աստուածորդւոյն Մարդեղութենէն եւ Սուրբ Հոգիին առագումէն առաջ: Սոյն խորհուրդը Յիսուս Քրիստոսով յայտնուեցաւ ու միւս բոլոր խորհուրդներուն ակնաղբիւրը կը մնայ:
46 Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ յայտնեց Հօր խորհուրդին շուրջ:
Յիսուս Քրիստոս մեզի յայտնեց, թէ Աստուած «Հայր» է, ո՛չ միայն որովհետեւ Ան տիեզերքին եւ մարդուն Արարիչն է, այլ յատկապէս որովհետեւ Ան Իր ծոցին մէջ յաւիտենապէս Որդին կը ծնի, որ Իր Բանն է, «պայծառութիւնը Իր փառքին, պատկերը Իր էութեան» (Եբր 1, 3 ):
47 Ո՞վ է Սուրբ Հոգին, զոր Յիսուս Քրիստոս մեզի յայտնեց:
Սուրբ Հոգին Սուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձն է: Ան Աստուած է, միացած Հօր եւ Որդիին եւ Անոնց համահաւասար: Ան «Հօրմէ կը բխի» (Յովհ 15, 26 ): Ան որպէս անսկիզբ նախասկիզբ՝ Սուրբ Երրորդութեան համակ կեանքին ծագումն է: Ան կը բխի նաեւ Որդիէն (եւ յՈրդւոյ), Հօր կողմէ Իր Որդիին կատարած յաւիտենական ընծայումին: Հօր եւ մարդացեալ Որդիին կողմէ առաքուած Սուրբ Հոգին Եկեղեցին կ’առաջնորդէ դէպի ճանաչումը «ամբողջական Ճշմարտութեան» (Յովհ 16, 13 ):
48 Եկեղեցին ի՞նչ ձեւով կ’արտայայտէ իր Սուրբ երրորդութենական հաւատքը :
Եկեղեցին Սուրբ Երրորդութեան հանդէպ իր հաւատքը կ’արտայայտէ դաւանելով մէ՛կ Աստուած երե՛ք Անձերով. Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի: Աստուածային այս երեք Անձերը մէ՛կ Աստուած են, որովհետեւ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը աստուածային բնութեան միա՛կ եւ անբաժանելի՛ լիութեամբ նո՛յնն է: Անոնք իրարմէ իսկապէս կը զանազանուին Զիրենք Իրարու առնչող յարաբերութիւններուն միջոցով: Հայրը կը ծնի Որդին, Որդին ծնունդ կ’առնէ Հօրմէն, իսկ Սուրբ Հոգին՝ կը բխի Հօրմէն եւ Որդիէն:
49 Աստուածային երեք Անձերը ինչպէ՞ս կը գործեն:
Աստուածային երեք Անձերը, որոնք Իրարմէ անբաժան են Իրենց համանոյն բնութեան մէջ, անբաժան են նաեւ Իրենց արարքներուն մէջ: Սուրբ Երրորդութիւնը մի եւ նոյն գործերը կը կատարէ, բայց աստուածային այս համանոյն արարքներուն մէջ՝ իւրաքանչիւր Անձ ներկայ է ըստ այն կերպին, որ Երրորդութեան մէջ Իրեն յատուկ է:
50 Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած ամենակարող է :
Աստուած Ինքզինք յայտնեց որպէս Ան որ «կարող է եւ հզօր» (Սղմ 23 [24], 8 ), որպէս մէկը՝ որուն համար «անկարելի բան չկայ» (Ղուկ 1, 37 ): Անոր ամենակարողութիւնը տիեզերական է, խորհրդասքօղ: Անոր ամենակարողութիւնը կը յայտնուի աշխարհը ստեղծելով ոչինչէն, մարդն ալ սիրելէն: Բայց Ան կը յայտնուի յատկապէս Իր Որդիին մարդեղութեամբ ու յարութեամբ, մարդուն որդեգրութեամբ եւ մեղքերուն թողութեամբ: Այս պատճառով Եկեղեցին իր աղօթքները կ’ուղղէ «Ամենակարող եւ Յաւիտենական Աստուծոյ»:
52 Ո՞վ ստեղծեց աշխարհը:
Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին աշխարհի միակ եւ անբաժանելի սկիզբն են, նոյնիսկ եթէ արարչագործութիւնը յատկապէս Հօր Աստուծոյ վերագրուած է:
53 Աստուած աշխարհը ինչու՞ ստեղծեց:
Աշխարհը ստեղծուեցաւ Աստուծոյ փառքին համար, Ան ուզեց այսպէս մարդուն յայտնել եւ հաղորդել Իր բարութիւնը, Իր ճշմարտութիւնը եւ Իր գեղեցկութիւնը: Արարչագործութեան վախճանական նպատակը այն է, որ Աստւած Քրիստոսով ըլլայ «ամէն ինչ ամէնուն մէջ» (Ա Կոր 15, 28 ), եւ ասիկա Իր փառքին եւ մեր երջանկութեան համար:
58 Աստուած ինչու՞ չարիքը թոյլ կու տայ:
Հաւատքը կը հաւաստիացնէ մեզ, թէ Աստուած չարիքը թոյլ պիտի չտար եթէ չարիքէն բարիք դուրս չգար: Աստուած ասիկա արդէն հրաշալիօրէն կատարեց Քրիստոսի մահով եւ յարութեամբ: Արդարեւ բարոյական մեծագոյն չարիքէն, որ Իր Որդիին մա՛հն էր, Ան մեծագոյն բարիքները քաղեց, այսինքն՝ Քրիստոսը փառաւորեց եւ մեզ փրկագործեց:
59 Աստուած ի՞նչը ստեղծեց:
Գիրքը կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծնդ 1, 1 ): Եկեղեցին ալ իր հաւատոյ դաւանանքին մէջ կը հռչակէ, թէ Աստուա՛ծ է ստեղծիչը տեսանելի եւ անտեսանելի ամէն բանի, անմարմին եւ նիւթական բոլոր էակներուն, այսինքն՝ հրեշտակներուն, տեսանելի աշխարհին եւ յատուկէն մարդուն:
60 Հրեշտակները ի՞նչ են:
Հրեշտակները ամբողջովին հոգեղէն, անմարմին, անտեսանելի եւ անմահ արարածներ են: Անոնք խելքով եւ կամ քով օժտուած անձնաւոր էակներ են: Անոնք Աստուծոյ տեսութիւնը դէմ առ դէմ վայելելով, Աստուած կը փառաբանեն եւ Անոր կը սպասաւորեն: Անոնք բոլոր մարդոց փրկութեան գործին մէջ Աստուծոյ պատգամաբերներն են:
62 Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ուսուցանէ տեսանելի աշխարհին ստեղծագործութեան մասին:
Արարչագործութեան նուիրուած «եօթը օրերու»ն էջերուն ընդմէջէն՝ Սուրբ Գիրքը մեզի ճանչցնել կու տայ ստեղծագործութեան արժէքը, ինչպէս նաեւ անոր նպատակը, որ կը կայանայ զԱստուած գովաբանելու ու մարդուն օգտակար ըլլալու մէջ: Ամէն էակ իր գոյութիւնը Աստուծոյ կը պարտի եւ Անկէ կը ստանայ իր լաւութիւնը, կատարելութիւնը, իր օրէնքներն եւ տիեզերքին մէջ իր գրաւելիք տեղը:
63 Արարչագործութեան մէջ մարդուն տեղը ու՞ր է:
Մարդը տեսանելի արարչութեան գագաթնակէտն է, քանի որ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համեմատ ստեղծուած է:
65 Ի՞նչ առնչութիւն կայ արարչագործութեան եւ փրկագործութեան միջեւ:
Արարչագործութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի աւելի՛ մեծ արարքով մը, որ փրկագործութիւնն է: Ան ելակէտն է նոր արարչագործութեան մը, որուն մէջ ամէն ինչ՝ իր ամբողջական նշանակութիւնն ու իր լրումը պիտի գտնէ:
66 Ի՞նչ իմաստով մարդը «Աստուծոյ պատկերին համեմատ» ստեղծուած է:
Մարդը Աստուծոյ պատկերին համեմատ ստեղծուած է, որ կը նշանակէ թէ մարդը ատակ է իր Ստեղծիչը ճանչնալու եւ զայն ազատակամօրէն սիրելու: Ա՛ն է երկրիս միա՛կ արարածը զոր Աստուած ինքնիր համար ուզեց ու ճանաչումի եւ սիրոյ ճամբով՝ զայն Իր աստուածային կեանքին մասնակցելու կանչեց: Մարդը ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած ըլլալուն համար՝ անձ ըլլալու արժանապատւութիւնը կը վայելէ: Մարդը առարկայ մը չէ, այլ մէ՛կը, որ կարող է ինքզինք ճանչնալ, ինքզինք ազատակամօրէն նուիրել եւ Աստուծոյ եւ ուրիշին հետ հաղորդակցութիւն հաստատել:
67 Աստուած մարդը ի՞նչ նպատակի համար ստեղծեց:
Աստուած ամէ՛ն ինչ մարդուն համար ստեղծեց, իսկ մարդը ստեղծուեցաւ՝ որպէսզի զԱստուա՛ծ ճանչնայ, Անոր ծառայէ, Զայն սիրէ, այս աշխարհիս մէջ՝ արարածները Անոր նուիրէ իբր գոհաբանութիւն, իսկ երկինքի մէջ Աստուծոյ կեանքին արժանանայ: Մարդուն խորհուրդը իր իսկական լուսաւորումը կը գտնէ միայն մարմնացեալ Բանին խորհուրդին մէջ: Մարդը նախասահմանուած է իր մէջ վերարտադրելու Աստուծոյ մարդացեալ Որդիին պատկերը, որ նոյնինքն «անտեսանելի Աստուծոյ կատարեալ պատկերն է» (Կող 1, 15 ):
69 Ինչպէ՞ս հոգին եւ մարմինը մարդուն մէջ մէկ էութիւն կը կազմեն:
Մարդկային անձը՝ թէ՛ մարմնաւոր թէ՛ հոգեւոր էակ մըն է: Մարդուն մէջ հոգին եւ մարմինը մէկ բնութիւն կը կազմեն: Այս միութիւնը այնքան խոր է, որ շնորհիւ հոգիին հոգեւոր բնոյթին՝ մարմինն անգամ որ նիւթական է, կը դառնայ մարդկային եւ կենդանի մարմին եւ կը մասնակցի Աստուծոյ պատկերին արժանապատուութեան:
70 Մարդուն հոգին ո՞վ կու տայ:
Մարդուն աննիւթական հոգին անոր ծնողներէն չի գար, այլ ուղղակիօրէն Աստուծմէ կը ստեղծուի եւ անմահ է: Հոգին, մարմինէն մահով անջատուելէն ետք, չի մեռնիր: Ան պիտի վերամիանայ մարմինին վերջին յարութեան պահուն:
73 Ինչպէ՞ս ըմբռնել մեղքի իրականութիւնը:
Մեղքը ներգոյ է մարդկային պատմութեան մէջ: Նման իրականութիւն մը լման կը բացայայտուի միայն աստուածային Յայտնութեան եւ յատկապէս Ամենափրկիչ Քրիստոսի լոյսին տակ, որ շնորհքը բազմառատ դարձուց հոն ուր մեղքը առատացած էր:
74 Ի՞նչ է հրեշտակներուն մեղանչումը:
Այս ասոյթով կ’ուզենք նշանակել թէ Սատանան եւ միւս դեւերը, որոնց մասին Սուրբ Գիրքն ու Եկեղեցւոյ Աւանդութիւնը կը խօսին, մինչ Աստուծոյ կողմէ բարի հրեշտակներ ստեղծուած էին, չար հոգիներ դարձան երբ իրենց ազատ եւ անյետադարձ որոշումով՝ մերժեցին զԱստուած եւ անոր Թագաւորութիւնը եւ այսպէս դժոխքին սկիզբ տուին: Անոնք այժմ կը փորձեն մարդը իրենց ըմբոստութեան ընկերակից դարձնել, բայց Աստուած Չարին դէմ Իր ապահով յաղթանակը կը հաստատէ Քրիստոսի միջոցով:
76 Ի՞նչ է սկզբնական մեղքը:
Սկզբնական մեղքը, որուն մէջ բոլոր մարդիկը կը ծնին, սկզբնական սրբութենէն եւ արդարութենէն զրկուածութեան վիճակն է: Այս մեզի «փոխանցուած» է եւ ո՛չ թէ մեր կողմէ «գործուած». մեղք մըն է ան մեր ծագումին հետ առնչուած եւ ո՛չ թէ անձնական արարք: Մարդկային ցեղին սկզբնական միաւորութեան պատճառով, այս մեղքը մարդկային բնութեան հետ կը փոխանցուի Ադամի սերունդներուն, «ո՛չ նմանողութեամբ, այլ փոխանցումով»: Այս հաղորդումը խորհուրդ մըն է, զոր չենք կրնար լման ըմբռնել:
79 Ի՞նչ է Բարի Լուրը մարդուն համար:
Բարի Լուրը Յիսուս Քրիստոսի, ’’կենդանի Աստուծոյ Որդի’’ին աւետիսն է (Մտթ 16, 16 ), որ մեռաւ եւ յարութիւն առաւ: Աստուած Աբրահամի եւ անոր սերունդին տուած խոստումը կատարեց Հերովդէս արքայի եւ Օգոստոս Կայսրի ժամանակ, երբ աշխարհ ղրկեց «Իր Որդին որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ օրէնքի տակ որպէսզի ազատագրէ օրէնքի հպատակները եւ որդեգրութեան շնորհքը մեզի պարգեւէ» (Գաղ 4, 45 ):
80 Բարի Լուրը ի՞նչ ձեւով սփռուեցաւ:
Սկիզբէն իսկ առաջին աշակերտները վառ փափաքն ունեցան Յիսուս Քրիստոսը աւետելու, բոլոր մարդիկը դէպի Անոր հաւատքին առաջնորդելու համար: Այսօր եւս Քրիստոսի սիրազեղ ճանաչումէն յառաջ կու գայ աւետարանելու եւ կրօնուսուցանելու փափաքը, այսինքն Քրիստոսի անձով Աստուծոյ ամբողջական ծրագիրը յայտնաբերելու եւ մարդկութիւնը անոր հաղորդակից դարձնելու իղձը:
81 Ի՞նչ կը նշանակէ «Յիսուս» անունը:
Աւետման օրը Հրեշտակին կողմէ տրուած «Յիսուս» անունը կը նշանակէ «Աստուած կը փրկէ»: Ան Քրիստոսի ինքնութիւնը եւ առաքելութիւնը կ’արտայայտէ, որովհետեւ «Ան է որ Իր ժողովուրդը իր մեղքերէն պիտի փրկէ»:
82 Ինչու՞ Յիսուսը կոչուած է «Քրիստոս»:
«Քրիստոս»՝ յունարէն, իսկ «Մեսիա»՝ եբրայեցերէն, կը նշանակէ «օծեալ»: Յիսուս՝ Քրիստո՛ս է, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ նուիրագործուած է եւ Սուրբ Հոգիին կողմէ օծուած է Իր փրկագործ առաքելութիւնը կատարելու համար: Անիկա է Իսրայէլի կողմէ սպասուած եւ Հօր կողմէ աշխարհ ուղարկուած Մեսիան: Յիսուս եւս Իր մասին Մեսիայի տիտղոսը ստանձնեց, անոր նշանակութիւնը բացայայտելով՝ որպէս «երկինքէն իջած» (Յովհ 3, 13 ), խաչուած եւ յարութիւն առած Անձ: Ան է տառապող Ծառան որ «իր կեանքը իբր փրկանք կու տայ բազմութեան» (Մտթ 20, 28 ): Քրիստոս անունէն առաջ կու գայ մեր քրիստոնեայ անուանումը:
83 Ի՞նչ իմաստով Յիսուս «Աստուծոյ միածին Որդին» է:
Բառին միակ ու կատարեալ իմաստով: Հօր ձայնը՝ Յիսուսի Մկրտութեան եւ Պայծառակերպութեան օրը, Զայն «Իր սիրելի Որդին» անուանեց: Յիսուս, երբ Ինքզինք ներկայացնելով որպէս Որդին որ «Հայրը կը ճանչնայ» (Մտթ 11, 27 ), կը հաստատէ Իր Հօր Աստուծոյ հետ Իր միակ եւ յաւիտենական յարաբերութիւնը: «Ան է Աստուծոյ միակ Որդին» (Ա Յովհ 4, 9 ), Սուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը: Ան է առաքելական քարոզչութեան կեդրոնը. առաքեալները Անոր մէջ տեսան «փառքը, զոր Հօրմէն կ’ընդունի իբրեւ միածին Որդի» (Յովհ 1, 14 ):
85 Աստուածորդին ինչու՞ մարդացաւ:
Աստուածորդին մարմնացաւ Սուրբ Հոգիին ներգործու թեամբ՝ Կոյս Մարիամին արգանդին մէջ մեզի՝ մարդերուս փրկութեան համար, որպէսզի մեզ՝ մեղաւորներս Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ, Իր անհուն սէրը մեզի ճանչցնէ, մեզի սրբութեան օրինակ ծառայէ եւ մեզ «աստուածային բնութեան հաղորդակից» ընէ (Բ Պետ 1, 4 ):
86 «Մարդեղութիւն» բառը ի՞նչ կը նշանակէ:
Եկեղեցին «Մարդեղութիւն» կը կոչէ աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն եւ Բանին աստուածային միակ Անձին միջեւ հրաշալի միութեան խորհուրդը: Աստւածորդին մեր փրկութիւնը իրագործելու համար «մարմին» եղաւ (Յովհ 1, 4 ) եւ ճշմարիտ մարդ դաձաւ: Մարդեղութեան դաւանանքը զատորոշիչ նշանն է քրիստոնեայ հաւատքին:
87 Յիսուս Քրիստոս ինչպէ՞ս ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ է:
Յիսուս Քրիստոս Իր աստուածային Անձին միութեան մէջ՝ անբաժանելիօրէն ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ է: Աստուածորդին, որ «ծնած է եւ ո՛չ թէ ստեղծուած եւ Հօր համագոյակից է», ճշմարիտ մարդ եղաւ եւ մեր եղբայրը դարձաւ, առանց դադրելու մեր Տէր Աստուածն ըլլալէ:
90 Մարդացեալ Աստուածորդին հոգի մը ունէ՞ր մարդ կային ճանաչումով:
Աստուածորդին ստանձնեց մարմին մը, որ մարդկային բանաւոր հոգիով կը գործէր: Յիսուս Իր մարդկային խելքով՝ շատ բան սորվեցաւ փորձառութեամբ: Բայց Աստուածորդին նաեւ որպէս մարդ՝ կը վայելէր Իր Հօր Աստուծոյ մտերիմ եւ անմիջական ճանաչումը: Ան նմանապէս մարդոց գաղտնի խորհուրդները կը ներթափանցէր եւ լիուլի գիտէր այն յաւիտենական ծրագիրները, զորս յայտնելու համար եկած էր:
91 Մարմնացած Բանին երկու կամքերը ինչպէ՞ս իրարու կը համաձայնին:
Յիսուս ե՛ւ աստուածային ե՛ւ մարդկային կամք ունի: Իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին, Աստուածորդին մարդ 482 կօրէն կամեցաւ ինչ որ մեր փրկութեան համար Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ որոշած էր: Քրիստոսի մարդկային կամքը առանց ընդդիմութեան եւ հակադրութեան կը հետեւէր աստուածային կամքին, աւելի ճիշդ՝ անոր կ’ենթարկուէր
92 Քրիստոս մարդկային ճշմարիտ մարմին ունէ՞ր:
Քրիստոս մարդկային իսկակա՛ն մարմին մը ստանձնեց, որուն մէջէն անտեսանելի Աստուածը տեսանելի եղաւ: Այս պատճառով՝ կարելի է սուրբ նկարներու միջոցով Քրիստոսը պատկերացնել եւ մեծարել:
94 Ի՞նչ կը նշանակէ «Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ յղացուեցաւ»:
Կը նշանակէ թէ Սուրբ Կոյսը Աստուծոյ յաւիտենական Որդին իր ծոցին մէջ յղացաւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ եւ առանց մարդու մասնակցութեան: Աւետաբեր Հրեշտակը Մարիամին ըսաւ. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քու վրադ» (Ղուկ 1, 35 ):
95 «Ծնաւ Մարիամ Սուրբ Կոյսէն»: Մարիամ ինչո՞վ իսկապէս Աստուծոյ Մայրն է:
Մարիամ իսկապէս Աստուծոյ Մայրն է, որովհետեւ Յիսուսի՛ Մայրն է (Հմտ. Յովհ 2, 1 եւ 19, 25): Արդարեւ Ան որ Սուրբ Հոգիին կողմէ իրմէ յղացուեցաւ եւ իր ճշմարիտ Որդին դարձաւ՝ Հօր յաւիտենական Որդին է: Ան եւս Աստուած է:
96 Ի՞նչ կը նշանակէ «Անարատ Յղութիւն»:
Աստուած ի յաւիտենից եւ լրիւ ձրի կերպով Մարիամը ընտրեց, որպէսզի ան Իր Որդիին Մայրն ըլլայ: Ան այս առաքելութիւնը կատարելու համար՝ իր յղութենէն սկսեալ անարատ մնաց: Ասիկա կը նշանակէ, թէ Մարիամ Աստուծոյ շնորհքով եւ Յիսուս Քրիստոսի արդիւնքներուն հեռազդեցութեամբ, իր յղութեան պահէն իսկ սկզբնական մեղքէն զերծ մնաց:
99 Ի՞նչ իմաստով Մարիամ «միշտ կոյս» է:
Այն իմաստով որ Մարիամ «կոյս մնաց երբ յղացաւ իր Որդին, կոյս՝ երբ ծնաւ զինք, կոյս՝ երբ կրեց զինք, կոյս՝ երբ դիեցուց զինք, կոյս մայր, մի՛շտ կոյս» (Ս. Օգոստինոս): Սակայն երբ աւետարանները կը խօսին «Յիսուսի եղբայրներուն եւ քոյրերուն» մասին, խօսքը Յիսուսին մօտիկ ազգականներու մասին է, ըստ Սուրբ Գիրքին մէջ օգտագործուած բառամթերքին:
105 Յիսուս ինչու՞ Յովհաննէսի ձեռքէն կ’ընդունի «ապաշխարութեան մկրտութիւնը մեղքերու թողութեան համար» (Ղուկ 3, 3 ):
Իր հրապարակային կեանքը չսկսած եւ Իր մահուան մկրտութիւնը կանխելով՝ մեղքէ զերծ Յիսուսը կը յօժարի մեղաւորներուն դասէն համարուիլ, Ինք՝ «Աստուծոյ Գառնուկը, որ կը կրէ աշխարհի մեղքը» (Յովհ 1, 29 ): Հայրը Զինք «Իր սիրելի Որդին» կը հռչակէ (Մտթ 3, 17 ) եւ Սուրբ Հոգին Իր վրայ կ’իջնէ: Յիսուսի Մկրտութիւնը նախապատկերն է մեր մկրտութեան:
107 Ո՞վ հրաւիրուած է մասնակցելու Աստուծոյ Արքայութեան, զոր Յիսուս քարոզեց եւ իրագործեց:
Յիսուս բոլո՛ր մարդիկը կը հրաւիրէ Աստուծոյ Արքայութեան մասնակցելու: Ամենամեծ մեղաւորն անգամ կանչուած է դարձի գալու եւ Հօր անհուն բարեգթութիւնը ստանալու: Այս Արքայութիւնը, երկրէս սկսեալ, կը պատկանի զայն խոնարհ սրտով ընդունողներուն: Անոնց է որ Արքայութեան խորհուրդները ծանուցուած են:
108 Ինչու՞ Քրիստոս Արքայութիւնը կը յայտնէ նշաններով եւ հրաշքներով:
Յիսուս Իր խօսքին կը միացնէ նշաններ եւ հրաշքներ, ապացուցելու համար թէ Արքայութիւնը առկայ է Իր մէջ, որ Ինք Մեսիա՛ն է: Նոյնիսկ եթէ Ան կարգ մը մարդիկ բուժեց, սակայն Ինք չէր եկած այս աշխարհին բոլոր ցաւերը փարատելու, այլ նախ եւ առաջ մարդիկը մեղքին գերութենէն ձերբազատելու: Սատանաներուն դէմ մղած Իր պայքարը՝ սկիզբն էր «այս աշխարհի իշխանին» դէմ (Յովհ 12, 31 ) Իր տարած խաչի յաղթանակին:
110 Ի՞նչ է Պայծառակերպութեան նշանակութիւնը:
Պայծառակերպութեան մէջ նախ Սուրբ Երրորդութիւնը կը յայտնուի. «Հայրը՝ ձայնով, Որդին՝ Իր մարդկայնութեամբ, Սուրբ Հոգին՝ լուսաւոր ամպով» (Ս. Թովմաս Աքուինացի): Յիսուս Մովսէսի եւ Եղիայի հետ Իր «մեկնումին» (Ղուկ 9, 31) մասին խօսելով, կը յայտնէ թէ Իր փառքը Խաչի ճամբէն կ’անցնի, կը կանխէ Իր յարութիւնն ու փառքով վերադարձը, «որ մեր մահկանացու մարմինը պիտի կերպարանափոխէ Իր փառքի մարմնին» (Փիլ 3, 21):
117 Յիսուսի մահուան պատասխանատուն ո՞վ է:
Կարելի չէ Յիսուսի չարչարանքներն ու մահը անխտրաբար վերագրել այդ օրերուն ապրող բոլոր Հրեաներուն եւ կամ յաջորդ ժամանակներուն եւ այլ վայրերուն մէջ ապրած միւս Հրեաներուն: Իւրաքանչիւր մեղաւոր անհատ, այսինքն իւրաքանչիւր մարդ՝ ի՛նքն է Փրկչին չարչարանքներուն իսկական պատճառն ու գործիքը: Անո՛նք աւելի ծանր յանցաւորներ կը դառնան որոնք մանաւանդ քրիստոնեայ են եւ յաճախակի մեղքի մէջ կ’իյնան եւ իրենց ախտաւոր կեանքէն հաճոյք կը քաղեն:
118 Ինչու՞ Քրիստոսի մահը Աստուծոյ ծրագրին մաս կը կազմէ:
Մեղքով մահուան դատապարտուած մարդիկը Իրեն հետ հաշտեցնելու համար, Աստուած սիրալիր նախաձեռնութիւնն առաւ Իր Որդին աշխարհ ղրկելու, որպէսզի Ան մեղաւորներուն համար մահուան ենթարկուի: Քրիստոսի մահը, որ Հին Կտակարանին մէջ գուշակուած էր յատկապէս տառապող Ծառային զոհաբերումին տիպարով, կատարուեցաւ «Ս. Գիրքին համեմատ»:
121 Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ հոգեվարքի պահուն ի՞նչ պատահեցաւ
Հակառակ մահուան պատճառած սոսկումին՝ «Կեանքի Իշխանին» (Գործ 3, 15) ամենասուրբ մարդկային բնութեան վրայ, Աստուածորդիին մարդկային կամքը Հօր կամքին կը յարի, եւ Յիսուս, մեզ փրկելու համար՝ կը յօժարի մեր մեղքերը Իր մարմինին մէջ կրել, «հնազանդելով մինչեւ մահ» (Փիլ 2, 8 ):
122 Ի՞նչ են արդիւնքները խաչի վրայ Քրիստոսի զոհաբերումին:
Յիսուս Իր կեանքը ազատակամօրէն ընծայեց իբր քաւութեան զոհ, այսինքն՝ Ան Իր սիրոյ լման ու ցմահ հնա զանդութեամբ՝ մեր սխալներուն դարման եղաւ: Աստուածորդիին այս «ի սպառ սէրը» (Յովհ 13, 1) ամբողջ մարդկութիւնը Հօր հետ կը հաշտեցնէ: Յիսուսի զատկական զոհը բոլոր մադիկը միակ, կատարեալ եւ վերջնական կերպով կը փրկանաւորէ եւ մարդոց ու Աստուծոյ միջեւ հաղորդութեան ճամբան կը բանայ:
123 Յիսուս ինչո՞ւ Իր աշակերտները կը յորդորէ իրենց խաչը կրելու:
Յիսուս երբ Իր աշակերտներէն կը խնդրէ որ իրենց խաչը կրեն եւ Իրեն հետեւին, կ’ուզէ որ Իր փրկչական զոհաբերումէն բարերարեալներուն առաջինները՝ Իր առաջին հաղորդակիցները ըլլան:
129 Յարուցեալ Յիսուսին մարմինը ի՞նչ վիճակի մէջ է:
Քրիստոսի յարութիւն առնելը՝ դէպի երկրաւոր կեանք վերադարձ մը չէ: Անոր յարուցեալ մարմինը խաչի վրայ գամուած եւ Իր չարչարանքներուն նշանները Իր վրայ կրող մարմինն է, բայց Ան, այսուհետեւ, աստուածային կեանքին մաս կը կազմէ՝ փառաւորեալ մարմնի մը յատկութիւններով: Այս պատճառով է, որ յարուցեալ Յիսուսը գերիշխանօրէն ազատ կը մնայ Իր աշակերտներուն երեւնալու ե՛րբ կամ ու՛ր որ ուզէ եւ զանազան կերպարանքներու տակ:
130 Յարութիւնը ի՞նչ ձեւով Սուրբ Երրորդութեան արարքն է:
Քրիստոսի Յարութիւնը Աստուծոյ վերանցական արարքն է: Երեք Անձերը միասնաբար կը ներգործեն, իւրաքանչիւրը Իրեն յատուկ եղանակով: Հայրը Իր զօրութիւնը կը յայտնէ, Որդին՝ Իր հոգին եւ մարմինը իրարու վերամիացնելով, Իր ազատօրէն նուիրած կեանքը «ետ կ’առնէ» (Յովհ 10, 17), իսկ Սուրբ Հոգին Զայն կը կենդանացնէ եւ կը փառաւորէ:
131 Որո՞նք են Յարութեան իմաստն ու տարողութիւնը մարդու փրկութեան համար:
Յարութիւնը Մարդեղութեան գագաթնակէտն է: Ան կը վաւերացնէ Քրիստոսի աստուածութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր բոլոր կատարածները եւ ուսուցածները: Ան Աստուծոյ կատարած աստուածային բոլոր խոստումները մեզի ի նպաստ կ’իրականացնէ: Առաւել, մեղքին եւ մահուան դէմ յաղթական Յարուցեալը՝ մեր արդարացումին եւ յարութեան նախասկիզբն է: Ան այժմէն իսկ մեզի կը հայթայթէ որդեգրութեան շնորհքը, որ իսկական մասնակցութիւն մըն է միածին Որդիին կեանքին, որ ժամանակներուն վախճանին՝ մեր մարմիններուն յարութիւն պիտի տայ:
132 Համբարձումը ի՞նչ կը ներկայացնէ:
Քրիստոս, քառասուն օր Իր Առաքեալներուն երեւնալէ ետք՝ Յարուցեալի Իր փառքը սքօղող սովորական մարդու երեւոյթին ներքեւ, երկինք համբարձաւ եւ Հօր աջակողմը բազմեցաւ: Ան Տէրն է, որ այսուհետեւ Իր մարդկային բնութեամբ՝ Աստուածորդիին յաւիտենական փառքին մէջ կը թագաւորէ եւ Հօր մօտ մեզի համար անդադար կը բարեխօսէ: Ան Իր Հոգին կ’ուղարկէ եւ մեզ կը յուսադրէ որ օր մը Իրեն պիտի միանանք, մեզի համար պատրաստած վայրի մը մէջ:
134 Տիրոջ փառաւոր գալուստը ի՞նչ ձեւով պիտի կատարուի:
Այս անցողական աշխարհին համատարած վերջին փոթորկումէն ետք, Քրիստոսի փառաւոր վերադարձը պիտի կատարուի Աստուծոյ վերջնական յաղթանակով՝ Գալուստի օրը եւ վերջին դատաստանի պահուն: Այսպէս՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը իրականութիւն պիտի դառնայ:
135 Քրիստոս ինչպէ՞ս պիտի դատէ ողջերը եւ մեռեալները
Քրիստոս պիտի դատէ ա՛յն իշխանութեամբ որու տիրացաւ աշխարհի Փրկիչ, որ մարդիկը ազատելու եկաւ: Սրտերուն գաղտնիքները պիտի քօղազերծուին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ եւ ուրիշին նկատմամբ իւրաքանչիւրին վարմունքը: Ամէն մարդ իր գործածին համեմատ պիտի արժանանայ կեանքի կամ յաւիտենական դատապարտութեան: Այսպէս պիտի իրականանայ «Քրիստոսի լրումը» (Եփս 4, 13), ուր «Աստուած պիտի ըլլայ ամէն ինչ ամէնին մէջ» (Ա Կոր 15, 18):
136 Եկեղեցին ի՞նչ կը դաւանի երբ կ’ըսէ. «Կը հաւատամ Սուրբ Հոգիին»:
Հաւատալ Սուրբ Հոգիին՝ դաւանիլ է թէ Ան Սուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձն է, որ Հօրմէն եւ Որդիէն կը բխի եւ «կը պաշտուի ու կը փառաւորուի Հօր եւ Որդիին հետ»:
137 Ինչու՞ Որդիին եւ Հոգիին առաքելութիւնները իրարմէ անանջատելի են:
Անբաժանելի Սուրբ Երրորդութեան մէջ՝ Որդին եւ Հոգին Իրարմէ կը զանազանուին, բայց Իրարմէ անանջատելի կը մնան: Արդարեւ ժամանակին սկիզբէն մինչեւ վախճանը՝ Հայրը երբ Իր Որդին կը ղրկէ, Իր Հոգին ալ կը ղրկէ, որ մեզ հաւատաքով Քրիստոսի կը զօդէ, որպէսզի կարողանանք իբր որդեգիրներ՝ զԱստուած «Հայր» կոչել (Հռ 8, 15 ): Հոգին անտեսանելի է, բայց մենք Զինք կը ճանչնանք Իր արարքով, երբ Ան Բանը կը յայտնէ եւ Եկեղեցիին մէջ կը գործէ:
138 Որո՞նք են Սուրբ Հոգիին անուանակոչումները:
Սուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձին յատուկ անունը «Սուրբ Հոգի» է: Քրիստոս Զայն նաեւ Մխիթարիչ, Փաստաբան եւ Ճշմարտութեան Հոգի կը կոչէ: Նոր Կտակարանը Զայն նաեւ Քրիստոսի Հոգի, Տիրոջ եւ Աստուծոյ Հոգի, փառքի եւ խոստումին Հոգի կ’անուանէ:
144 Հոգեգալստեան օրը ի՞նչ պատահեցաւ:
Իր Յարութենէն յիսուն օր ետք, Պենտեկոստէի օրը, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսը Հոգին առատօրէն սփռեց եւ Զայն որպէս աստուածային Անձ յայտնեց եւ այսպէս՝ Սուր Երրորդութիւնը ամողջութեամ յայտնուեցաւ: Քրիստոսի եւ Հոգիին առաքելութիւնը Եկեղեցիի՛ն առաքելութիւնը դարձաւ եւ Ան ղրկուեցաւ որպէսզի միասնական Երրորդութեան խորհուրդը տարածէ:
145 Ո՞րն է Հոգիին ներգործութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ:
Հոգին կը կարուցանէ, կ’ոգեւորէ եւ կը սր ացնէ Եկեղեցին: Որպէս Սիրո՛յ Հոգի, Ան մկրտեալներուն մէջ կը վերանորոգէ մեղքով կորսուած աստուածային նմանութիւնը եւ զանոնք Քրիստոսո՛վ կ’ապրեցնէ Սուր Երրորդութեան նոյն Կեանքին մէջ: Զանոնք կ’առաքէ Քրիստոսի Ճշմարտութիւնը վկայելու եւ զանոնք կը հաստատէ իրարու փոխադարձ պաշտօններուն մէջ, որպէսզի ոլորն ալ «Հոգիին պտուղը» երեն (Գաղ 5, 22 ):
147 Եկեղեցի բառը ի՞նչ կը նշանակէ:
Ան կը մատնանշէ ժողովուրդը, զոր Աստուած աշխարհի բոլոր կողմերէն կը համակոչէ եւ կը համախմբէ, կազմելով, համաժողովը անոնց, որոնք հաւատքի եւ մկրտութեան շնորհիւ, կը դառնան Աստուծոյ որդիներ, Քրիստոսի անդամներ եւ Սուրբ Հոգիին տաճարներ:
150 Ի՞նչ է Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:
Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է բոլոր ազգերուն աւետել եւ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ նախաձեռնուած Աստուծոյ Արքայութիւնը հաստատել: Եկեղեցին երկրիս վրայ այս փրկարար Արքայութեան սերմն ու սկզբնաւորութիւնը կը հանդիսանայ:
153 Ինչու՞ Եկեղեցին Աստուծոյ Ժողովուրդն է:
Եկեղեցին Աստուծոյ Ժողովուրդն է, որովհետեւ Աստուծոյ հաճոյ թուեցաւ մարդիկը սրբացնել ու փրկել՝ ո՛չ թէ զանոնք անջատաբար առնելով, այլ անոնցմէ մէ՛կ ժողովուրդ կազմելով եւ զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին միութեան մէջ խմբելով:
154 Որո՞նք եւ Աստուծոյ Ժողովուրդին յատկանիշերը:
Այս ժողովուրդը, որուն անդամ կը դառնանք Քրիստոսի հաւատալով եւ մկրտուելով, իբր ծագում Հայր Աստուած ունի, իբր Գլուխ՝ Յիսուս Քրիստոսն ունի, իբր նախապայման՝ Աստուծոյ զաւակներուն արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնն ունի, իբր օրէնք՝ սիրոյ նոր պատուիրանն ունի, իբր առաքելութիւն՝ երկրիս աղն ու աշխարհիս լոյսն ըլլալը, իբր նպատակակէտ՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը, որ երկրիս վրայ արդէն իսկ սկիզբ առած է:
160 Ի՞նչ են արտասովոր շնորհքները:
Արտասովոր շնորհքները Սուրբ Հոգիին յատուկ պարգեւներն են, որոնք անհատներու շնորհուած են մարդոց բարիքին, աշխարհի կարիքներուն եւ յատկապէս Եկեղեցւոյ կերտումին համար: Զանոնք զատորոշելը՝ Եկեղեցւոյ Ուսուցանող Նուիրապետութեան Հեղինակութեան կը պատկանի:
161 Ինչու՞ Եկեղեցին մէկ է:
Եկեղեցին մէկ է, որովհետեւ անոր ծագումն ու տիպարը՝ երրեակ Անձերով մէ՛կ Աստուծոյ միութի՞ւնն է: Անոր հիմնադիրը եւ պետը՝ Յիսուս Քրիստոսն է, որ բոլոր ժողովուրդները մէ՛կ մարմնի մէջ կը համախմբէ: Ան իբր ոգի՝ Սուրբ Հոգին ունի, որ բոլոր հաւատացեալները կը միացնէ Քրիստոսի Հաղորդութեան մէջ: Ան մէ՛կ հաւատք, մէ՛կ խորհրդենական կեանք, մէ՛կ առաքելական յաջորդութիւն, մէ՛կ հասարակաց յոյս եւ նոյն սէրը ունի:
163 Ինչպէ՞ս նկատի առնել՝ ոչ կաթողիկէ քրիստոնեաները:
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ամբողջական հաղորդակցութենէն անջատուած Եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական հաւաքականութիւններուն մօտ՝ կը հանդիպինք սրբութեան եւ ճշմարտութեան բազմաթիւ տարրերու: Այս բոլոր բարի տարրերը Քրիստոսէն կու գան եւ կաթողիկէ միութեան կը ձգտին: Այս Եկեղեցիներուն եւ հաւաքականութիւններուն անդամները Մկրտութեան միջոցով Քրիստոսի մարմնին մաս կը կազմեն, հետեւաբար զանոնք իբր եղբայրներ կը ճանչնանք:
166 Ինչու՞ Եկեղեցին կաթողիկէ կոչուած է:
Եկեղեցին կաթողիկէ, այսինքն ընդհանրական է, որովհետեւ Քրիստոս անոր մէջ ներկայ է. «Հոն ուր Յիսուս Քրիստոս ներկայ է, հոն կաթողիկէ Եկեղեցին է» (Ս. Իգնատիոս Անտիոքացի): Ան ամբողջ եւ ամբողջական հաւատքը կը քարոզէ: Ան փրկութեան լրիւ միջոցներն ունի եւ կը մատակարարէ զանոնք: Անոր առաքելութիւնը իր մէջ կ’ընդգրկէ բոլոր դարաշրջաններու ազգերը, ի՛նչ մշակոյթի ալ պատկանին:
182 Ի՞նչ է Պապին առաքելութիւնը:
Պապը, որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ, Եկեղեցւոյ մշտնջենաւոր եւ տեսանելի սկիզբն ու միութեան հիմնակէտն է: Ան Քրիստոսի փոխանորդն է, Եպիսկոպոսներու Դասագլուխը եւ համայն Եկեղեցւոյ հովիւը, որուն վրայ ան Աստուծմէ հաստատուած լիակատար, գերագոյն, անմիջական եւ տիեզերական իշխանութիւն ունի:
183 Ո՞րն է Եպիսկոպոսներու Դասին յանձնառութիւնը:
Եպիսկոպոսներու Դասը, եւս, հաղորդակցաբար Պապին հետ եւ երբե՛ք առանց անոր, Եկեղեցւոյ վրայ գերագոյն եւ լիակատար իշխանութիւն մը կը վարէ:
185 Եկեղեցային Վարդապետումին անսխալականութիւնը ե՞րբ կը կիրարկուի:
Սոյն անսխալականութիւնը կը կիրարկուի երբ Սրբազան Քահանայապետը, Եկեղեցւոյ Գերագոյն Հովիւի իր իշխանութեամբ կամ երբ Եպիսկոպոսներուն Դասը՝ հաղորդակցաբար Պապին հետ եւ մանաւանդ տիեզերական ժողովի մը մէջ՝ վերջնորոշ վճիռով հաւատքի կամ բարոյականի հայող վարդապետութիւն մը կը հռչակեն: Նաեւ երբ Պապն ու Եպիսկոպոսները իրենց սովորական Վարդապետումի ընթացքին՝ միաձայնութեամբ վարդապետութիւն մը որպէս վերջնորոշ կը յայտարարեն: Ամէն հաւատացեալ պարտի նման ուսուցումին յարիլ հաւատքի հնազանդութեամբ:
188 Ի՞նչ է աշխարհական հաւատացեալներուն առաքելութիւնը:
Աշխարհական հաւատացեալներուն յատուկ առաքելութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ Արքայութեան հետամուտ ըլալու մէջ՝ իրենց ժամանակի իրադարձութիւնները ըստ Աստուծոյ լուսաւորելով եւ կարգաւորելով: Այսպէս՝ անոնք կ’իրագործեն սրբութեան եւ առաքելութեան կոչը, որ ուղղուած է բոլոր մկրտեալներուն:
194 Ի՞նչ կը նշանակէ «սուրբերու հաղորդութիւն»:
Ան նախ եւ առաջ կը նշանակէ Եկեղեցւոյ ոլոր անդամներուն հասարակաց մասնակցութիւնը սուր իրողութիւններուն (սրշութիւնք), այսինքն՝ հաւատքին, Սուր Խորհուրդներուն, յատկապէս Գոհութեան խորհուրդին, արտասովոր շնորքներուն եւ հոգեւոր միւս պարգեւներուն: Այս հաղորդութեան արմատը սէրն է, որ «իր սեփական շահը չի փնտռեր» (Ա Կոր 13, 5), այլ հաւատացեալները կը մղէ «ամէն ինչ հասարակաց դարձնելու» (Գործ 4, 32), նոյնիսկ իրենց նիւթական ինչքերը իրենցմէ աւելի չքաւորին հետ:
197 Սուրբ Կոյսը ինչպէ՞ս կ’օժանդակէ Եկեղեցիին:
Իր Որդիին Համբարձումէն ետք, Սուրբ Կոյսը իր աղօթքներով օժանդակեց Եկեղեցիի սկզբնաւորումին: Երկինք վերափոխուելէն ետք եւս, ան կը շարունակէ իր զաւակներուն համար բարեխօսել, բոլորին համար հաւատքի եւ սիրոյ տիպար ըլլալ եւ Քրիստոսի յորդառատ արդիւնքներէն բխող իր փրկարար ազդեցութիւնը անոնց վրայ սփռել: Հաւատացեալները Սուրբ Կոյսին մէջ կը տեսնեն սրբանկարը եւ կանխակատարումը իրենց սպասող յարութեան, զինք կ’աղերսեն փաստաբանի, աջակիցի, օգնականի եւ բարեխօսի տիտղոսի տակ:
198 Ի՞նչ տեսակ մեծարանք կը մատուցուի Սուրբ Կոյսին:
Մեծարանքի յատուկ պաշտամունք մը կը մատուցուի, որ էապէս կը տարբերի աստուածային պաշտամունքէն, վերապահուած՝ մի միայն Սուրբ Երրորդութեան: Սուրբ Կոյսին նուիրուած այս մեծարանքի պաշտամունքը ինքնայատուկ ձեւով կ’արտայտուի Աստուածամօր ձօնուած ծիսական տօներուն եւ մարիամեան աղօթքներուն մէջ, ինչպէս՝ Վարդարանը, որ ամբողջ Աւետարանին համառօտ բովանդակութիւնն է:
200 Մեղքերը ի՞նչ ձեւով կ’արձակուին:
Մեղքերու թողութեան առաջին եւ գլխաւոր սուրբ Խորհուրդը Մկրտութիւնն է: Իսկ Մկրտութենէ ետք գործուած մեղքերուն համար, Քրիստոս Հաշտութեան կամ Ապաշխարութեան Սուրբ Խորհուրդը հաստատեց, որուն միջոցով մկրտեալը հաշտութիւն կը գտնէ Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ հետ:
201 Եկեղեցին մեղքերը արձակելու իշխանութիւնն ի՞նչ բանի համար ունի:
Եկեղեցին մեղքերն արձակելու առաքելութիւնը եւ իշխանութիւնն ունի, որովհետեւ Քրիստոս Ի՛նք զանոնք անոր յանձնեց ըսելով. «Ընդունեցէ՛ք Սուրբ Հոգին: Որոնց մեղքերը ներէք, պիտի ներուին, որոնց մեղքերը կապէք, պիտի կապուին» (Յովհ 20, 22—23):
202 Ի՞նչ կը նշանակէ «մարմին»: Ի՞նչ է մարմնին կարեւորութիւնը:
«Մարմին» բառը կը բնորոշէ մարդը իր տկար ու մահ1015 կանացու վիճակին մէջ: «Մարմինը՝ փրկութեան կեդրոնական առանցքն է» (Տերտուղիանոս): Արդարեւ մենք կը հաւատանք մարմինը ստեղծող Աստուծոյ, կը հաւատանք մարմինին փրկութեան համար մարմին առած Բանին, կը հաւատանք մարմինի յարութեան, որ լրումն է մարմինի ստեղծումին եւ փրկագործումին:
204 Ի՞նչ առնչութիւն կայ Քրիստոսի եւ մեր յարութեան միջեւ:
Ինչպէս որ Քրիստոս մեռեալներէն ճշմարտապէս յարութիւն առաւ եւ կ’ապրի ցմիշտ, Ան մեզ բոլորս ալ վերջին օրը պիտի յարուցանէ անեղծանելի մարմինով. «Անոնք որ բարիք ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չարիք գործած են՝ դատապարտութեան յարութեան համար» (Յովհ 5, 29):
205 Մահէն ետք ի՞նչ պիտի պատահի մեր մարմինին եւ մեր հոգիին:
Մահէն ետք՝ հոգին եւ մարմինը իրարմէ պիտի բաժնուին. մարմինը պիտի փտի, մինչ անմահ հոգին Աստուծոյ դատաստանին պիտի ներկայանայ եւ մարմնին վերամիանալուն պիտի սպասէ, մինչեւ որ սա, Տիրոջ վերադարձին՝ կերպարանափոխուած յարութիւն առնէ: Թէ այս յարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի պատահի, զայն գիտնալը կը գերազանցէ մեր երեւակայութեան եւ մեր իմացականութեան հասողութիւնը:
207 Ի՞նչ է յաւիտենական կեանքը:
Յաւիտենական կեանքը մահէն անմիջապէս ետք սկիզբ առնող կեանքն է, որ վերջ պիտի չունենայ: Յաւիտենական կեանքէն առաջ՝ պիտի կատարուի մէն մի մարդու առանձնական դատաստանը, զոր պիտի կատարէ ողջերու եւ մեռեալներու դատաւոր Քրիստոսը: Այս դատավճիռը պիտի հաստատուի վերջին դատաստանին օրը:
208 Ի՞նչ է առանձնական դատաստանը:
Ան անմիջական հատուցման դատաստանն է, զոր իւրաքանչիւր մարդ, հազիւ թէ մեռնի՝ պիտի ստանայ իր անմահ հոգիին մէջ, իր հաւատքին եւ իր գործերուն համեմատ: Այս հատուցումը տեղի կ՚ունենայ երբ մարդս երկնային երանութեան կը հասնի անմիջապէս կամ քաւչական համապատասխան մաքրումէ մը ետք, կամ ընդհակառակն, երբ դժոխքի յաւիտենական դատապարտութեան արժանանայ:
210 Ի՞նչ է քաւարանը:
Քաւարանը վիճակն է անոնց, որ աստուածային բարեկամութեան մէջ կը մեռնին, որոնք, իրենց յաւիտենական փրկութեան մասին ապահով ըլլալով հանդերձ, երկինք մտնելու համար տակաւին քաւչական մաքրազտումի կարիքն ունին:
211 Ինչպէ՞ս կրնանք նպաստել քաւարանի հոգիներուն մաքրազտումին:
Երկրիս վրայ տակաւին ուխտագնաց հաւատացեալները կրնան, սուրբերու հաղորդութեան զօրութեամբ՝ օժանդակել քաւարանի հոգիներուն՝ անոնց համար աղօթելով, աղերսանք եւ յատկապէս Գոհութեան զոհը մատուցանելով, ինչպէս նաեւ ողորմութիւն տալով, ներողութիւններ շահելով եւ ապաշխարանք կատարելով:
212 Դժոխքը ի՞նչ է:
Ան յաւիտենական դատապարտութիւնն է անոնց որ, իրենց ազատ ընտրութեամբ, մահացու մեղքի մէջ կը մեռնին: Դժոխքին գլխաւոր պատիժը՝ Աստուծմէ յաւիտեանս բաժանումն է: Մարդը մի՛այն Աստուծոյ մէջ կը գտնէ կեանքն ու երջանկութիւնը, որոնց համար ստեղծուած է եւ որոնց կը ձգտի: Քրիստոս դժոխքի իրականութիւնը կ’արտայայտէ հետեւեալ բառերով. «Հեռացէ՛ք ինծմէ, անիծեալնե՛ր, գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ» (Մտթ 25, 41):
214 Ի՞նչ է վերջին դատաստանը:
Վերջին (տիեզերական) դատաստանը երանաւէտ կեանքի կամ յաւիտենական դատապարտութեան վճիռն է, զոր Տէր Յիսուս պիտի արձակէ Իր շուրջ խմբուած բոլոր «արդարներուն եւ մեղաւորներուն համար» (Գործ 24, 15) երբ վերադառնայ որպէս դատաւոր ողջերուն եւ մեռեալներուն: Վերջին դատաստանէն ետք, մարդուն յարութիւն առած մարմինն ալ պիտի մասնակցի այն հատուցումին, որուն արժանացած էր առանձնական դատաստանին օրը:
215 Վերջին դատաստանը ե՞րբ պիտի պատահի:
Ան պիտի պատահի աշխարհին վերջը: Անոր օրն ու ժամը միայն Աստուած գիտէ:
216 Ի՞նչ կը նշանակէ նոր երկինքի եւ նոր երկրի յոյսը:
Վերջին դատաստանէն ետք, ապականութեան գերութենէն ազատագրուած տիեզերքը Քրիստոսի փառքին պիտի մասնակցի երբ բացումը պիտի կատարուի «նոր երկինքի եւ նոր երկիրի» (Բ Պետ 3, 13): Այսպէս՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը իր լրումին, այսինքն՝ Աստուծոյ փրկչական ծրագրին վերջնական իրագործումին պիտի հասնի, որն է «բովանդակել ամէն բան Քրիստոսով, թէ՛ երկնայինները եւ թէ՛ երկրայինները» (Եփս 1, 10): Այն ատեն Աստուած պիտի ըլլայ յաւիտենապէս «ամէն ինչ ամէն ինչի մէջ» (Ա Կոր 15, 28):
217 Ի՞նչ կը նշանակէ մեր հաւատքի դաւանանքը աւարտող «ամէն» բառը:
Սուրբ Գիրքին վերջին գլուխը, Նոր Կտակարանին կարգ մը աղօթքները, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ծիսական աղօթքները փակող եբրայական «ամէն» բառը կը համապատասխանէ մեր դաւանածին հանդէպ մեր ամբողջական վստահութեամբ արտասանած «այո»ին, ուր մենք մեզ լիուլի կը յանձնենք վերջնական «Ամէն»ին (Յայտ 3, 14), որ Տէր Յիսուսն է: