ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ
ՀԱՅՐ ՄԵՐ

Հա՛յր մեր, որ յերկինս ես, սո՛ւրբ եղիցի անուն Քո: Եկեսցէ՛ արքայութիւն Քո: Եղիցին կամք Քո որպէս յերկինս` եւ յերկրի: Զհաց մեր հանապազորդ տո՛ւր մեզ այսօր: Եւ թո՛ղ մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց: Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէ: Զի Քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն:

«Յիսուս տեղ մը կեցած կ’աղօթէր: Երբ աղօթքը աւարտեց, աշակերտներէն մին ըսաւ օր մը անոր. Տէ՛ր, մեզի աղօթել սորվեցու՛ր» (Ղուկ 11, 1): Եւ Յիսուս անոր խընդրանքին ընդառաջելով՝ «Հայր Մեր»ը սորվեցուց: Աշակերտները, իրենց ժամանակի եբրայական աղօթքին հմտացած ըլլալնուն հակառակ, իրենց Վարդապետին աղօթելու եզական բնոյթէն խորապէս տպաւորուեցան: Արդարեւ Յիսուս անդադա՛ր կ’աղօթէր (Ղուկ 5, 16): Աղօ՛թքը անոր կեանքին կարեւորագոյն պահերուն կ’ընկերակցի. Յիսուս կ’աղօթէ Յորդանանի մէջ Իր մկրտութեան պահուն (Ղուկ 3, 21), կ’աղօթէ առաքեալները կանչելէ առաջ (Ղուկ 6, 12), կ’աղօթէ Պայծառակերպութենէն առաջ (Ղուկ 9, 28), կ’աղօթէ Պետրոսի հաւատքին համար (Ղուկ 22, 3132), Սուրբ Հոգիին առաքումին համար (Յովհ 14, 15-17): Կ’աղօթէ Ղազարոսին յարութիւն տալէ առաջ (Յովհ 11, 41), Երուսաղէմ Իր յաղթական մուտքէն առաջ (Յովհ 12, 27), Վերջին Ընթրիքին՝ Հօր կ’աղօթէ Իր փառաւորումին համար (Յովհ 17, 15), Իր աշակերտներուն համար (Յովհ 17, 619) եւ բոլոր հաւատացեալներուն համար (Յովհ 17, 2026): Կ’աղօթէ Իր չարչարանքներէն առաջ (Ղուկ 22, 3946), Իր մահուան ժամուն՝ կ’աղօթէ Իր թշնամիներուն համար (Ղուկ 23, 34): Յիսուսին աղօթքը Հօր ուղղուած է երկխօսութեամբ կատարուող հնազանդութեամբ, որ Իր առաքելութիւնը կը կենսագործէ. «Իմ կերակուրս՝ Զիս Ղրկողին կամքը գործադրել եւ Անոր գործերը կատարել է» (Յովհ 4, 34): Հօր հետ այս սերտ հաղորդակցութիւնը Յիսուսի համար ուրախութեան եւ գովաբանութեան աղբիւր է. «Կը գովաբանեմ Քեզ, Հա՛յր … Որդին եթէ ոչ՝ Հայրը եւ ո՛չ ոք կը ճանչնայ Հայրը եթէ ոչ՝ Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կը հաճի յայտնել» (Մտթ 11, 25. 27): Հօր ուղղած աղօթքը Յիսուսի երկրաւոր գոյութեան շնչառութիւնն էր: Յիսուս թէեւ եկաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ, սակայն երբեք չհեռացաւ Հօր տունէն, այսինքն՝ Հօր հետ աղօթքի միջոցով Իր ունեցած հաղորդակցութենէն: Հօր հետ այս որդիական մտերմութեամբ հանդերձ, Յիսուս Իր եղբայրներուն հետ Իր  փրկչագործ եւ գթառատ մօտիկութիւնը պահպանեց մինչեւ խաչին գերագոյն զոհաբերումը:  Յիսուսի աղօթքը այսօր եւս կը շարունակուի (Եբր 7, 25): Գոհութեան Խորհուրդին մէջ, Քրիստոս որպէս գերագոյն քահանայապետ՝ Իր փրկչագործ զոհաբերումը Հօր կ’ընծայէ միասնաբար Իր Մարմինին հետ, որ Եկեղեցին է: Մեր մատուցած աղօթքներուն իւրաքանչիւրը դէպի Հայր կը բարձրանայ «մեր Տէր Քրիստոսով»: Քրիստոսի աղօթքը նեցուկ է մեր սրտերէն ու շրթներէն բխող մեր բոլոր աղօթքներուն: Երբ Եկեղեցին կ’աղօթէ, Որդի՛ն է որ Հօր ծունկերուն կը փարի: Որդիներուն աղօթքը Հօր կը բարձրանայ Անոր անդրանիկ Որդիին ձայնով: Աղօթելու, գովաբանելու եւ աղաչելու համար տարածուող բազուկներն են, բայց անոնց բոլորին կանչը նո՛յնն է. Որդիի՛ն կանչն է: Իւղանկարը ցոյց կու տայ  Գեթսեմանիի մէջ աղօթող Յիսուսը: Ան չարչարանքի դառնագոյն բաժակը մարդոց փրկութեան համար կ’ընդունի՝ Հօր հանդէպ գերագոյն հնազանդութեամբ:

578  Ի՞նչ է Հայր Մեր աղօթքին ծագումը:
Յիսուս «Հայր Մեր»ը, այս անփոխարինելի քրիստոնէական աղօթքը մեզի սորվեցուց, երբ աշակերտ մը, Իր աղօթելը տեսնելով՝ Իրմէ խնդրեց. «Մեզի աղօթել սորվեցու՛ր» (Ղուկ 11,1): Ծիսական աւանդութիւնը միշտ Մատթէոսի բնագիրը գործածած է (Մտթ 6, 9-13):

579  Ո՞րն է «Հայր Մեր»ին տեղը Սուրբ Գիրքին մէջ:
«Հայր Մեր»ը «ամբողջ Աւետարանին համադրումն է» (Տերտուղիանոս), «աղօթքներուն ամենակատարեալն է» (Ս. Թովմաս Աքուինացի): Լերան Քարոզին կեդրոնը գրաւող այս աղօթքը (Մտթ 5, 7) իր մէջ կը բովանդակէ Աւետարանին էական մասերը:

 580  Ինչու՞ «տէրունական աղօթք» կոչուած է:
 «Հայր Մեր»ը «տէրունական», այսինքն՝ «Տիրոջ աղօթք» կոչուած է, որովհետեւ Տէրը անձամբ զայն մեզի սորվեցուց:

581  «Հայր Մեր»ը Եկեղեցւոյ աղօթքին մէջ ի՞նչ տեղ կը գրաւէ:
Եկեղեցւոյ համար առանձնայատուկ եղող «Հայր Մեր» աղօթքը Մկրտութեամբ եւ Դրոշմով մեզի « փոխանձնուած է» յայտնելու համար Աստուծոյ զաւակներուն վերածնունդը աստուածային կեանքին մէջ: Սուրբ Հաղորդութիւնը այս աղօթքին ամբողջական իմաստը կը բացայայտէ, քանի որ այս աղօթքին խնդրանքները, փրկչական արդէն իրագործուած խորհուրդին վրայ հիմնուելով, լիուլի պիտի իրականանան Տիրոջ գալստեան ժամանակ: «Հայր Մեր»ը Ժամասացութեան  բաղադրիչ մէկ մասն է:

582  Ի նչու՞ կրնանք «համարձակիլ ամենայն վստահութեամբ մօտենալ» մեր Հօր:
Որովհետեւ Յիսուս մեր Փրկիչը՝ մեզ Հօր հետ՝ դէմ առ դէմ կը հանէ, իսկ Իր Հոգին՝ մեզ որդիներ կ’ընէ: Այսպէս՝ մենք կարող կը դառնանք «Հայր Մեր»ը աղօթել պարզ եւ որդիական վստահութեամբ, զուարթամիտ ապահովութեամբ եւ խոնարհ համարձակութեամբ, ապահով ըլլալով որ մենք սիրուածներ ենք եւ մեր աղօթքները  լսելի կ’ըլլան:

583  Ինչպէ՞ս կարելի է զԱստուած  «Հայր» կոչել:
Կարելի է «Հայր» կոչել, որովհետեւ Աստուծոյ մարդացած Որդին՝ Զինք  մեզի այսպէս յայտնեց, իսկ Անոր Հոգին ալ՝ Զինք մեզի այսպէս ճանչցուց: Հայրը կանչելը՝ մեզ վերանորոգ սքանչացումով Իր խորհուրդին մէջ կը ներմուծէ եւ հետը որպէս որդիներ վարուելու փափաքը կը հրահրէ մեր մէջ: Տէրունական աղօթքով՝ գիտակից կը դառնանք, թէ մենք եւս Հօր զաւակներ ենք՝ Որդիին միջոցով:

584  Ինչու՞ Հայր «մե՛ր» կ’ըսենք:
«Մեր» բառը՝ Աստուծոյ հետ ամբողջովին նոր յարաբերութեան մը արտայայտութիւնն է: Հօր աղօթելով, մենք կ’երկրպագենք եւ կը փառաբանենք նաեւ Որդին  եւ Հոգին: Քրիստոսով՝ մենք «Ի՛ր» ժողովուրդն  ենք, իսկ Ինք «մե՛ր» Աստուածը, այժմ եւ յաւիտեանս: Մենք Հայրը «մե՛րը» կը կոչենք, որովհետեւ Քրիստոսի Եկեղեցին փոխադարձ հաղորդակցութիւնն է բազմաթիւ եղբայրներու, որոնք «մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի» (Գործ 4, 32) կը կազմեն:

585   Հաղորդակցութեան եւ առաքելագործութեան ի՞նչպիսի հոգիով Հայր «մե՛ր»ը կ’աղօթենք:
Հայր «մե՛ր» աղօթելը՝ մկրտուածներուն հասարակաց բարիքն է, ուստի ասոնք ջերմ պահանջքը կը զգան մասնակցելու Յիսուսին Իր աշակերտներուն միութեան համար կատարած աղօթքին: «Հայր Մեր» աղօթելը՝ բոլոր մարդոց հետ եւ բոլոր մարդոց համար աղօթել է, որպէսզի բոլորը միակ եւ ճշմարիտ Աստուածը ճանչնան եւ մէ՛կ միութիւն կազմեն:

586  Ի՞նչ կը նշանակէ «որ երկինքն ես»:
Սուրբ Գրային այս ասոյթը  ո՛չ թէ վայր մը կը նշանակէ, այլ լինելու ձեւ մը, քանի որ Աստուած ամէն բանէ անդին եւ վեր է: Այս ասոյթը կ’արտայայտէ Աստուծոյ մեծվայելչութիւնն ու սրբութիւնը, ինչպէս նաեւ Անոր ներկայութիւնը արդարներուն հոգիներուն մէջ: Երկինքը, կամ Հօր Տունը, կը հանդիսանայ այն  իսկակա՛ն հայրենիքը, որուն լիայոյս կը ձգտինք, մինչ տակաւին երկրիս վրայ կը գտնուինք: Մենք արդէն իսկ հո՛ն կ’ապրինք, «թաքնուած, Քրիստոսով՝ Աստուծոյ մէջ» (Կող 3, 3):

587  Տէրունական աղօթքը ի՞նչ մասերէ կը բաղկանայ:
Ան կը պարունակէ Հօր Աստուծոյ ուղղուած եօթը խնդրանքներ, որոնցմէ առաջին երեքը՝ աւելի աստուածաբանական են եւ մեզ դէպի Իրեն կը տանին, Իր փառքին համար: Սիրոյ յատուկ է նախ եւ առաջ իր սիրածին մտածել: Երեք խնդրանքները մեզի ցոյց կու տան, թէ ամէն բանէ առաջ ինչ պէտք է խնդրենք. որ սու՛րբ ըլլայ Իր Անունը, որ գա՛յ Իր Արքայութիւնը եւ կատարուի՛ Իր կամքը: Միւս վերջին չորս խնդրանքները՝ մեր խեղճութիւններն ու մեր ակնկալութիւնները կը ներկայացնեն գթութեան Հօր եւ Անկէ կը հայցեն մեր սնունդը, մեր ներումը, փորձութեան մէջ օգնութիւնը եւ Չարէն ազատումը:

588  Ի՞նչ կը նշանակէ «Անունդ սուրբ ըլլայ»:
Աստուծոյ Անունին սրբացումը՝ նախ եւ առաջ գովաբանութիւն է, որ զԱստուած որպէս Սուրբ կը դաւանի: Աստւած Իր սուրբ Անունը Մովսէսին յայտնեց եւ ուզեց որ Իր ժողովուրդը Իրեն նուիրագործուի իբր սուրբ ազգ մը, որուն մէջ Ինք  կը բնակի:

589  Աստուծոյ Անունը ինչպէ՞ս կը սրբանայ մեր եւ աշխարհի մէջ:
Մեզ «սրբութեան» կանչող (Ա Թես 4, 7) Աստուծոյ Անունը սրբացնել՝ կը նշանակէ փափաքիլ որ Մկրտութեան օծումը մեր ամբողջ կեանքը կենսաւորէ: Ապա կը նշանակէ խնդրել՝ մեր կեանքին եւ մեր աղօթքին միջոցով, որ Աստուծոյ Անունը բոլոր մարդերէն ճանչցուի եւ օրհնաբանուի:

590  Եկեղեցին ի՞նչ կը խնդրէ երբ «Թող քու Թագաւորութիւնդ գայ» աղօթէ:
Եկեղեցին կը հայցէ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջնականապէս գայ՝ Քրիստոսի փառքով վերադարձին ընդմէջէն: Բայց Եկեղեցին նաեւ կ’աղօթէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այժմէն իսկ ծաւալի շնորհիւ Հոգիին միջոցով մարդոց սրբացումին, շնորհիւ նաեւ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար անոնց թափած ջանքերուն, հետեւողութեամբ Երանութիւններուն հոգիին: Այս խընդրանքը Հոգիին եւ Հարսին արձակած կանչն է. «Եկու՛ր, Տէ՛ր Յիսուս» (Յայտ 22, 20):

590  Եկեղեցին ի՞նչ կը խնդրէ երբ «Թող քու Թագաւորութիւնդ գայ» աղօթէ:
Եկեղեցին կը հայցէ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջնականապէս գայ՝ Քրիստոսի փառքով վերադարձին ընդմէջէն: Բայց Եկեղեցին նաեւ կ’աղօթէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այժմէն իսկ ծաւալի շնորհիւ Հոգիին միջոցով մարդոց սրբացումին, շնորհիւ նաեւ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար անոնց թափած ջանքերուն, հետեւողութեամբ Երանութիւններուն հոգիին: Այս խընդրանքը Հոգիին եւ Հարսին արձակած կանչն է. «Եկու՛ր, Տէ՛ր Յիսուս» (Յայտ 22, 20):

591  Ինչու՞ կը խնդրենք, որ «Քու կամքդ կատարուի երկրի վրայ ինչպէս երկինքի մէջ»:
Մեր Հօր կամքն է, որ «բոլոր մարդիկը փրկուին» (Ա Տիմ 2, 3): Ասոր համար՝ Յիսուս եկաւ. որ Հօր փրկչագործ Կամքը կատարեալ կերպով իրագործէ: Մենք Հօր Աստուծոյ կ’աղօթենք, որ մեր կամքը Իր Որդիին կամքին միացնէ, Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ սուրբերուն նման: Կ’ուզենք որ Իր սիրոյ բարեացակամ ծրագիրը լման գործադրուի, երկրիս վրայ ինչպէս երկինքի մէջ: Աղօթքի միջոցով է, որ մենք կարող կը դառնանք «գիտնալ Աստուծոյ կամքը» (Հռ 12, 2) եւ զայն «գործադրելու յարատեւութիւնը» (Եբր 10, 36) ընդունիլ:

592  Ի՞նչ կը նշանակէ «մեր ամէնօրեայ հացը տո՛ւր մեզի այսօր»:
Մեր բոլորին անհրաժեշտ ամէնօրեայ սնունդը երբ Աստուծմէ որդիական վստահութեամբ կը խնդրենք, կը դաւանինք թէ մեր Հօր Աստուծոյ բարութիւնը կը գլէ կ’անցնի ամէն չափ ու սահման: Միանգամայն կը խնդրենք  շնորհքը, որ գիտնանք ա՛յնպէս վարուիլ, որ արդարութիւնը եւ բաժնեկցութիւնը հնարաւոր դարձնեն բաժին հանելու առատօրէն ունեցողներէն՝ չունեցողներուն:

593  Այս խնդրանքը քրիստոնեային համար յատուկ նշանակութիւն մըն ալ  ունի՞:
Քանի որ «մարդը միայն հացով չ’ապրիր, այլ ամէն խօսքով որ կ’ելլէ Աստուծոյ բերնէն» (Մտթ 4, 4), հետեւաբար այս խնդրանքը հաւասարապէս կը զօրէ նաեւ Աստուծոյ Խօսքին քաղցին եւ Գոհութեան Խորհուրդով տրուած Քրիստոսի Մարմինին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգիին քաղցին: Զայն կը խնդրենք ամենայն վստահութեամբ այսօր, Աստուծո՛յ այսօրին համար, եւ ասիկա մեզի տրուած է յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեամբ, որ գալիք Թագաւորութեան խնջոյքին նախաճաշակն է:

594  Ինչու՞ կ’ըսենք «Ներէ՛ մեզի մեր պարտքերը, ինչպէս որ մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն»:
Հօր Աստուծմէ խնդրելով որ մեզի ներէ, մենք մեզ Իր առջեւ մեղաւոր կը ճանչնանք, միանգամայն Իր բարեգթութիւնը կը հռչակենք, քանի որ Իր Որդիին եւ Սուրբ Խորհուրդներուն միջոցով՝ «մենք ունինք փրկութիւնն ու մեղքերուն թողութիւնը» (Կող 1, 14): Բայց մեր խնդրանքը ընդունելի պիտի ըլլայ եթէ մենք ալ մեր կողմէն նախապէս ուրիշին ներենք:

595  Ներումը ինչպէ՞ս կարելի է գործադրել:
Բարեգթութիւնը մեր սրտերէն ներս կը թափանցէ միայն ա՛յն ատեն՝ երբ մենք ալ կը գիտնանք նոյնիսկ մեր թշնամիներուն ներել: Այս նախապայմանը գոհացնելը՝ նոյնիսկ եթէ անկարելի կը թուի մարդուն համար, սակայն ինքզինք Սուրբ Հոգիին նուիրող սիրտը կրնայ, Քրիստոսի նման, ծայրագոյն սիրով սիրել, վէրքը վերածել գթածութեան եւ վիրաւորանքը բարեխօսութեան: Ներելը՝ մասնակցիլ է Աստուծոյ բարեգթութեան եւ ասիկա՝ քրիստոնեայ աղօթքին գագաթնակէտերէն մին է:

596  Ի՞նչ կը նշանակէ «Մի՛ ենթարկեր մեզ փորձութեան»:
Մեր Հօր Աստուծմէ կը խնդրենք, որ  փորձութեան մէջ մեզ առանձին չթողու: Իսկ Հոգիէն կը խնդրենք որ կարենանք իրարմէ զանազանել մէկ կողմէն՝ նեղութիւնը որ մեզ բարիքին մէջ  կ’աճեցնէ եւ փորձութիւնը որ մեզ մեղքի եւ մահուան կը տանի, իսկ միւս կողմէն՝ զանազանենք փորձութեան ենթարկուիլը՝ փորձութեան տեղի տալէն: Այս խնդրանքը մեզ կը զօդէ Յիսուսին, որ Իր աղօթքին միջոցով փորձութեան յաղթեց: Այս խնդրանքը կը հայցէ նաեւ զգօնութեան եւ ցվերջ յարատեւութեան շնորհքը:

597  Ինչու՞ վերջաւորութեան կ’ըսենք. «Փրկէ՛ մեզ Չարէն»:
Չարը կը մատնանշէ Աստուծոյ դէմ կեցող Սատանան, որ «մոլորեցուց ամբողջ տիեզերքը» (Յայտ 12, 9): Քրիստոս Սատանային դէմ արդէն յաղթանակ տարած է: Սակայն մենք կ’աղօթենք որ մարդկային ընտանիքը ազատագրուի Սատանայէն եւ անոր գործերէն: Կը խնդրենք նաեւ խաղաղութեան թանկարժէք պարգեւը եւ Քրիստոսի գալուստին յարատեւութեամբ սպասելու շնորհքը: Ան մեզ վերջնականապէս պիտի ազատէ Չարէն:

598  Ի՞նչ կը նշանակէ վերջին «Ամէն»ը:
Յետոյ, աղօթքին աւարտին՝ կը գոչես Ամէն, եւ այս Ամէնով, որ  կը նշանակէ «թո՛ղ ըլլայ», Աստուծոյ մեզի սորվեցուցած աղօթքին բովանդակութիւնը կը ստորագրես (Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի):

Աղբյուրը՝ ՀԱՄԱՌՕՏ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ