ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ
Հայերէն լեզուով «պաշտամունք» բառին դիմաց գործածուող բառերէն մէկն է «երկրպագութիւն»: Պատարագի ընթացքին յաճախ կրկնուող այս բառին տառացի իմաստն է «գետինը պագնել»: Շատ բան կ’ըսէ այս բացատրութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ կատարուածը հասկնալու տեսակէտէն: Քրիստոնեայ բոլոր հին Եկեղեցիներուն նման Հայ Եկեղեցին ալ պաշտամունք կը մատուցանէ ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ ծիսական բնոյթի շարժումներով, որոնք կը բացայայտեն խօսքի միջոցներէն անդին՝ Աստուծոյ մասին ունեցած մեր հաւատքը եւ Անոր հետ ունեցած յարաբերութիւնը: Խօսքը եւ մտածումը միայն բաւական չեն արտայայտելու ա՛յն՝ ինչ որ մենք կը հաւատանք: Մարմինը իր ամբողջութեամբ եւ բոլոր զգայարանքները մաս կը կազմեն այս գործին: Խունկի մատուցումը, ոտքի կանգնիլը, ձեռամբարձ աղօթելը, խոնարհիլը, ծունկի գալը, պաշտելը, թափօր դառնալը, հաւատքի նշանները բարձրացնելը եւ երգելը՝ գործօն միջոցներ են մեր հաւատքը արտայայտելու:
«Պաշտամունք» բառը եւս, որ կը գործածուի բոլոր հին Եկեղեցիներու կողմէ, հայերէնով եւ յունարէնով ջանք կ’ենթադրէ: (Յունարէն նոյն արմատը կարելի է նշմարել նաեւ energia, «ներգործութիւն» բառին մէջ): Պաշտամունքը Հայ Եկեղեցւոյ մեծ ծիսական բնոյթ ունի, եւ հաւատացեալէն կը պահանջէ ջանք եւ ներգործութիւն: Թէեւ Եկեղեցւոյ մէջ գտնուող նստարանները, վարագոյրը եւ բարձրադիր խորանը կրնան Սուրբ Պատարագին տալ նստող հանդիսականներու կողմէ դիտարկուող ներկայացման մը երեւոյթը, Պատարագը բեմադրութիւն չէ երբեք: Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ամբողջ ժողովուրդը կը մատուցանէ Սբ. Պատարագը՝ փառք տալով իր իսկ փրկութեան համար Եկեղեցւոյ մէջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: Փրկութիւնը, որ մենք կը փառաւորենք, նոր եւ անվախճան վիճակ մըն է, որուն մէջ մարդիկ իրենց Ստեղծիչին հետ կ’ապրին յաւիտենական եւ երանական հաղորդակցութեան մէջ: Նոր Կտակարանը կը հաստատէ, թէ ինչպէս Աստուած մարդկային պատմութեան մէջ մուտք գործեց եւ մարմնապէս յայտնեց Ինքզինք աշխարհին՝ Իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի Անձով: Անոր մարդացումը, մահը եւ յարութիւնը Աստուծոյ հետ մարդկութեան ունեցած յարաբերութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց: Աստուած այս բոլորը կատարեց Իր արարածներուն հանդէպ ունեցած մեծ սիրոյն համար, եւ Ան կ’ուզէ որ մենք միայն ընդունինք զԱյն, գիտակցինք թէ ո՛վ է Ան եւ ինչ կատարած է մեզի համար: Պաշտամունքին նպատակը հետեւեալն է՝ յայտարարել եւ փառաւորել խօսքով եւ ծիսակատարութեամբ՝ Հայր Աստուծոյ Իր Որդւոյն միջոցով մեզի պարգեւած նոր կեանքը Եկեղեցւոյ մէջ:
Ուրեմն, մեր պաշտամունքը հասարակաց է՝ պարտականութիւնը Եկեղեցւոյ, որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ խոստումներով օրհնուած մարդոց հաւաքականութիւնը: Քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին մէջ ճիշտ է, որ առանձնական աղօթքը եւս ունի իր տեղը, բայց Քրիստոնէական Հաւատքը միշտ հիմնուած է մարդոց հաւաքականութեան վրայ: Քրիստոսի առաջին գործը եղաւ Իր առաքելութեան սկզբնաւորութեան Իր շուրջը հաւաքել հետեւորդներու հաւաքականութիւն մը: Եկեղեցւոյ գլխաւոր պաշտամունքին՝ Սբ. Պատարագին հիմնական նպատակն է Սբ. Հաղորդութեան միջոցաւ հաղորդութիւն հաստատել Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն եւ Յիսուս Քրիստոսի միջեւ: Ահա այս է պատճառը, որ մեր պաշտամունքի ընթացքին յաճախ կը կրկնենք՝ «Զանձինս մեր եւ զմիմեանս Տեառն Աստուծոյ ամենակալին յանձն արասցուք» եւ մեր աղօթքներու մեծ մասին մէջ կը գործածենք առաջին դէմքի յոգնակի ձեւը՝ «մեք»:
Առաւել եւս՝ պաշտամունքը կը պատկանի Եկեղեցւոյ: Նոյն տեղը եւ նոյն ժամուն առանձնական աղօթք ընող մարդոց համահաւաք արտայայտութիւնը չէ Սբ. Պատարագը: Պաշտամունք կը նշանակէ հաւաքականութիւն մը որ սրտով, հոգիով եւ մտքով, միակամ եւ միաբերան եւ միաբան կերպով կ’աղօթէ Աստուծոյ, ինչպէս որ մեր աղօթքները կը յուշեն: Ուրեմն, Պատարագի ընթացքը պարտաւոր են գիտնալ բոլոր մասնակցողները եւ ո՛չ թէ միայն քահանան, դպրապետը եւ սարկաւագները: Հայ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները ըստ դիպուածի չեն յօրինուիր կամ շաբաթէ շաբաթ հիմնական փոփոխութեանց չեն ենթարկուիր: Ասոր նպատակն է միասին աղօթել:
Իսկ մեր պաշտամունքն է նաեւ յիշատակութիւն: Եթէ պաշտամունքը քարոզել է՝ թէ Աստուած ո՛վ է եւ ինչ ըրած է մեզի համար, մենք պարտաւոր ենք յիշատակելու մեր փրկութեան աստուածաշնչական պատմութեան իւրաքանչիւր դրուագ մի առ մի: Արդէն Հին Ուխտի շրջանին՝ իսրայէլացիները այս ձեւով կը պաշտէին՝ ցուցակագրելով իրենց պատմութեան բոլոր դէպքերը, որոնց վրայ Աստուած ազդած էր (Սղ. 136, Յեսու 24.1-15): Եկեղեցւոյ համար ամէն ծիսական արարողութիւն, եւ մանաւանդ Սբ. Պատարագը փառաբանութիւն է, որուն ընթացքին Եկեղեցին կը յիշատակէ իր փրկութիւնը («յիշեա՛» բառը յաճախ կը գործածուի Սբ. Պատարագի ընթացքին): Ասիկա կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի ընթացքին, Իր մարդեղութեամբ, մկրտութեամբ, բժշկութեան եւ քարոզչութեան առաքելութեամբ, մատնութեամբ, խաչելութեամբ, մահուամբ, թաղմամբ, յարութեամբ եւ երկինք համբարձմամբ, ուր Ան կը թագաւորէ Հօր Աստուծոյ հետ: Յիշատակութեան մաս կը կազմեն նաեւ դէպքեր, որոնք դեռ չեն պատահած, ինչպէս՝ Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը ժամանակի վերջաւորութեան, վերջին դատաստանը եւ Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն լրումը: Ուրեմն, քրիստոնէական պաշտամունքը յիշատակութիւնն է անցեալին, ներկային եւ ապագային, այսինքն՝ Աստուծոյ եւ Իր ժողովուրդին միջեւ յարաբերութեան բովանդակ պատմութիւնը:
Ի՞նչ է Սբ. Պատարագը
Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական գլխաւոր արարողութիւնը Սբ. Պատարագն է: Սբ. Պատարագը Եկեղեցւոյ կատարուած արարողութիւններէն մէկը չէ պարզապէս: Եկեղեցւոյ հաւատքին եւ ինքնութեան ամենակարեւոր արտայայտութիւնն է:
Իր երկրային կեանքի վերջին երեկոյեան՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս հաւաքեց Իր աշակերտները՝ վերջին ընթրիք մը ունենալու համար անոնց հետ: Ընթրիքը հրեաներու աւանդական ծիսական ճաշ մըն էր, որուն մաս կը կազմէին աղօթքներ, սաղմոսերգութիւն, բաղարջ հացի բեկում եւ բաժակէն գինիի արբեցում: Նոր Կտակարանի մէջ այս դէպքի վերաբերեալ նկարագրութիւններէն կը տեղեկանանք, որ ընթրիքը բնական ընթացքի մը մէջ էր, երբ Յիսուս առաւ բաղարջ հացը, օրհնեց եւ կտրեց զայն, այնպէս՝ ինչպէս միշտ ըրած էր, եւ անսպասելիօրէն ըսաւ. «Այս է Իմ Մարմինս, որ ձեզի համար է»: Կրնանք միայն երեւակայել Քրիստոսի աշակերտներուն շփոթութիւնը այս առթիւ: Աւանդական ընթրիքի սովորական ընթացքէն շեղիլը գայթակղութեան տեղի կրնար տալ: Ապա Յիսուս՝ օրհնելէ ետք գինիի բաժակը բարձրացուց աշակերտներուն առջեւ եւ ըսաւ. «Այս բաժակը նոր ուխտ է Իմ Արիւնովս. ըրէք ասիկա Իմ յիշատակիս համար՝ քանի անգամ որ խմելու ըլլաք»:
Յիսուսի առաքեալները կրկնեցին այս ծէսը իրենց Տիրոջ յիշատակին: Չորս Աւետարանները, Գործք Առաքելոցը, Սբ. Պօղոս առաքեալի նամակները եւ ա՛յլ հին քրիստոնէական գրութիւններ կը յայտնեն, թէ Քրիստոսի կողմէ հաստատուած այս ծիսակատարութեան սովորական կիրառկումը քրիստոնէական ամենակարեւոր պարտականութիւնն է:
Անոնց համար միջոցն էր Յիսուս Քրիստոսի հետ միանալու եւ վերակոչելու կատարեալ եւ յաւիտենական կեանքի խորհուրդը Աստուծոյ հետ, որ Ան բերաւ իրենց, այն յաւիտենական կեանքը, որ Ինքն իսկ էր՝ «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհ. 14.6): Քրիստոնէական հաւատքին տարածումով՝ Սբ. Պատարագի արարողութիւնը զարգացաւ քրիստոնէացած այլեւայլ մշակոյթներու ոլորտին մէջ՝ որպէս խորհրդանիշը Սբ. Եկեղեցւոյ ինքնութեան: Հայերէնով հնագոյն գրութեանց մէջ կարելի է տեսնել, որ Հայերը Սբ. Պատարագը — այն արարողութիւնը, որուն խարիսխն է Քրիստոսի Մարմնին եւ Արեան հետ հաղորդութիւնը — կը նկատէին իրենց քրիստոնէական հաւատքին գլխաւոր արտայայտութիւնը: Հինգերորդ դարու Հայ պատմիչներ, Փաւստոս Բիւզանդ եւ Ագաթանգեղոս, կը յիշեն թէ Հայերը Գոհաբանութիւն կը մատուցանէին վանքերուն եւ ա՛յլ վայրերու մէջ: Անոնք կը մէջբերեն աղօթքներ, որոնք այսօր ալ գործածութեան մէջ են: Սոյն աղօթքներու բեկորները եւ Սբ. Պատարագի մասերը կը հանդիսանան օղակը մեր եւ հին շրջանի Հայ քրիստոնեաներուն միջեւ:
Սբ. Պատարագի երկու մասերը
Բոլոր հին Եկեղեցիներու մօտ Ս. Պատարագը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր մասերէ՝ Ճաշու ժամ եւ Գոհաբանութիւն: Հայոց Պատարագին մէջ այս երկու մասերէն իւրաքանչիւրին կը նախորդէ նախապատրաստական բաժին մը եւ կը հետեւի հակիրճ վերջաբան մը: Այս երկու բաժիններն ալ ուշ շրջանի յաւելումներ են՝ հնաւանդ երկմասնեայ կառուցուածքին վրայ:
Ճաշու ժամը, որուն միջազգային հոմանիշը «սինաքսիս» է եւ կը նշանակէ ժողով, յաճախ կը կոչուի նաեւ Բանին Պատարագ, որովհետեւ Սբ. Պատարագի այս մասը հիմնուած է Աստուածաշնչական եւ մանաւանդ նոր կտակարանային ընթերցումներու վրայ: Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը միշտ շեշտած են, որ աւետարանական ընթերցումներու միջոցաւ Յիսուս Քրիստոս Ինք է որ կը յայտնուի: Ութերորդ դարու առաջին կիսուն՝ հայ աստուածաբան Ստեփանոս Սիւնեցի կը գրէ. «Պատգամաբեր մը չէ, որ կ’արտասանէ Աւետարանը, եւ ոչ իսկ հրեշտակ մը, այլ երկինքի եւ երկրի Տէրը, որ կ’ըսէ՝ “Ելայ Հօրմէն եւ եկայ աշխարհ” (Յովհ. 16.28): Քրիստոս կը յայտնուի աւետարանական ընթերցուածին մէջէն եւ ասիկա կը համապատասխնէ Սբ. Հաղորդութեան միջոցաւ Իր Մարմնին եւ Արեան յայտնութեան:
Ճաշու ժամը կը ծագի հին հրէական ժողովարանի արարողութենէն: Վաղագոյն շրջանի քրիստոնեաները հրէութենէ կրօնափոխ եղած էին, եւ ամենաուշը մինչեւ երկրորդ դարու սկզբնաւորութիւնը, անոնք շարունակեցին իրենց նախահայրերու ծիսական աւանդութիւնները, որոնց թեքում տուին նոր քրիստոնէական հաւատքի ոգիին ուղղութեամբ: Սբ. Յուստիանոս վկան (շուրջ 165ին) կը նկարագրէ քրիստոնէական «սինաքսիս»ը՝ աստուածաշնչական ընթերցումներ, քարոզ, հասարակաց աղօթքներ եւ ողջոյն, որոնց կը հետեւի Գոհաբանութիւնը: Սոյն ուրուագիծը կը յիշեցնէ մեր այսօրուան Պատարագը:
Հայոց մօտ՝ Ստեփանոս Սիւնեցին կը ներկայացնէ Ճաշու Ժամու վաղագոյն եւ կատարելագոյն նկարագրութիւնը: Ան կը ներկայացնէ Երրորդ ժամու (առաւօտեան ժամը 9:00) արարողութիւնը, որ կը կատարուի «Տիրոջ յարութեան մեծ օրը» (Կիրակի): Սոյն արարողութիւնը կը սկսի Եկեղեցւոյ մէջ դէպի խորան թափօրով. թափօր Աւետարանով՝ խորանին շուրջ, մինչ կ’եղանակեն «Սուրբ Աստուած», Սարկաւագի քարոզ, աստուածաշնչական ընթերցուածներ, ալէլուիա, Աւետարանի ընթերցում, «Հաւատոյ Հանգանակ»ի արտասանութիւն, Սարկաւագի եզրափակիչ քարոզ եւ աղօթք: Սոյն հնագոյն ուրուագիծը կը համապատասախանէ մեր Ճաշու Ժամու արարողութեան՝ մէկդի ձգելով մինչեւ Ժ. դար ներմուծուած կարգ մը մանր յաւելումներ:
Գոհաբանութիւն
Սբ. Պատարագի երկորդ մասը կը կոչուի Գոհաբանութիւն, որ թարգմանութիւնն է յունարէն «Eucharistia» բառին: Գոհութիւն կամ շնորհակալութիւն կը մատուցանենք Տիրոջ՝ մեզի փրկութիւն պարգեւելուն եւ մեզ խնամելուն համար: Հին քրիստոնէական աւանդութեան մէջ Գոհաբանութեան կորիզը կը կազմէ Խորհրդամատոյցը կամ Գոհութեան աղօթքը [Anaphora]: Սոյն երկար աղօթքը Պատարագիչ քահանան կ’արտասանէ ժողովուրդին կողմէ:
Հին Եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատուկ գոհաբանական աղօթքները, որոնք նման են իրենց գրական կառուցուածքով եւ նիւթով, բայց կը տարբերին բովանդակութեամբ: Անոնց մեծ մասը հին են եւ կը վերագրուին Եկեղեցւոյ մեծ Հայրերուն: Ներկայ հատորին մէջ հրատարակուած գոհութեան աղօթքը, որ աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող Հայ Եկեղեցիներուն մէջ կը կիրարկուի, կ’ընծայուի Սբ. Աթանաս Հայրապետին, չորրորդ դարու մեծանուն եգիպտացի աստուածաբանին, որ խորունկ ազդեցութիւն ունեցած է Հայ աստուածաբանական մտածողութեան վրայ: Սբ. Աթանասի Գոհութեան աղօթքը կը ցոլացնէ Հայաստանի մէջ ապրուած քրիստոնէական հաւատքին իւրայատկութիւնը: Ան կը միաւորէ Սբ. Պատարագի հետ առընչութիւն ունեցող բոլոր երեւոյթները, ինչպէս՝ գոհաբանութիւն, պաշտամունք, յիշատակութիւն, զոհագործում, Սբ. Հաղորդութիւն եւ փրկագործութեան փառաւորում:
Սբ. Պատարագի ընթացքին՝ Եկեղեցին Աստուծոյ կը մատուցանէ բաղարջ հաց եւ գինի: Կ’աղօթենք, որ Աստուած օրհնէ զանոնք Իր Սուրբ Հոգիով եւ փոխէ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնին եւ Արեան, որ միջոց մըն է Անոր հետ մեր հաղորդակցութեան: Հայ Եկեղեցին կը հաւատայ, որ երբ Հաղորդութիւն ստանանք, պարզապէս հաց եւ գինի չենք ճաշակեր: Մենք կ’ընդունինք մեր մէջ նոյն Ինքն Քրիստոսը աստուածային հրաշագործութեամբ մը, որ մեր հասկացողութեան սահմաններէն անդին է: Սբ. Հաղորդութիւնը կը խորհրդանշէ միութիւնը Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն, իրարու եւ Աստուծոյ հետ: Երբ նշխարը փոքր կտորներու կը վերածուի եւ կը բաժնուի խումբի մը անդամներուն, միութիւն գոյացնելու գործողութիւն է այդ: Նշխարը, որ առաջ մէկ ամբողջութիւն էր, այժմ մաս եւ բաժին կը դառնայ խումբի անդամներէն իւրաքանչիւրին: Ան կը միացնէ զանոնք: Գինիի բաժակին եւս բաժնեկից դառնալը նոյն իմաստը ունի: Արդարեւ, երբ նշխարը դադրած է սոսկ հաց ըլլալէ եւ դարձած է նոյն Ինքն Քրիստոսը, ու երբ գինին դադրած է սոսկ գինի ըլլալէ եւ դարձած է Քրիստոսի կենդանի Արիւնը, այն ատեն՝ կրնանք զգալ այս ծիսակատարութեան զօրութիւնը՝ իսկական հաղորդութիւն իրարու եւ Աստուածորդիին հետ: Ասիկա կատարելով՝ կը դառնանք Եկեղեցի, Քրիստոսի Մարմինը, իր ամբողջական իմաստով: Ահա Քրիստոնէութիւնը այս է: «Օրհնութեան բաժակը, որ մենք կ’օրհնենք՝ արդարեւ Հաղորդութիւն չէ՞ Քրիստոսի Արիւնին. հացը զոր կը կտրենք՝ արդարեւ Հաղորդութիւն չէ՞ Քրիստոսի Մարմնին, որովհետեւ մէկ հաց, մէկ մարմին ենք ամէնքս, քանի որ ամէնքս ալ այդ միակ հացէն կը վայելենք» (Ա.Կորնթ. 10.16):
Մենք լրիւ կը մասնակցինք Սբ. Պատարագին, երբ կը ստանանք Սբ. Հաղորդութիւն: Ասիկա քրիստոնեայ հաւատացեալին համար մեծագոյն առանձնաշնորհումն է եւ իտէալականօրէն Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած անձեր Սբ. Հաղորդութիւն պէտք է ստանան ամէն անգամ որ Սբ. Պատարագ մատուցուի:
Ինչպէ՞ս իմաստալից կերպով մասնակցիլ Սբ. Պատարագի խորհուրդին:
1. Յանձնառու ըլլալ: Սբ. Պատարագը գործողութիւն մըն է: Անոնք, որոնք կը բաղձան զայն աւելի հաղորդակից դարձնել իրենց կեանքին՝ պէտք է պատրաստական ըլլան ճիգ ընելու: Ասիկա է հաւատքի եւ աստուածգիտութեան, ինչպէս նաեւ Սբ. Պատարագի մասնակցութեան ճանապարհը: Հաւատքի նման պաշտամունքը եւս դիւրին չէ եւ բնականօրէն չի՛ ստացուիր:
Եկեղեցի երթալ ամէն Կիրակի եւ մասնակցիլ Սբ. Պատարագին: Սբ. Պատարագը չենք սորվիր կարդալով եւ կամ անոր մասին խօսելով, այլ զայն հաւատարմօրէն մատուցանելով: Պաշտամունք կատարել խօսքով եւ ծիսակատարութեամբ: Խաչակնքեցէ՛ք դուք ձեզ որպէս նշան հաւատքի՝ ամէն անգամ որ Տիրոջ անունը յիշուի, աղօթքներու սկզբնաւորութեան եւ վերջաւորութեան, եւ ա՛յլ առիթներով՝ երբ որ փափաքիք: Երբ Սարկաւագը ձայնէ՝ «Աստուծոյ երկրպագեսցուք», խոնարհեցէ՛ք Տիրոջ առջեւ: Արտասանեցէ՛ք «Նիկիական Հանգանակ»ը եւ ջանք թափեցէ՛ք հաւատքի այդ յայտարարութիւնը ապրելու: «Տէ՛ր, ողորմեա՛» երգի երգեցողութեան ընթացքին՝ աղօթեցէ՛ք Եկեղեցւոյ մէջ գտնուող բոլոր հաւատացեալներուն համար, յականէ յանուանէ, եթէ գիտէք անոնց անունները: Սարկաւագի խնդրուածքները անձնականացուցէ՛ք, լռելեայն աւելցնելով անունները յատուկ անձերու կամ նպատակներու, որոնց համար կ’ուզէք աղօթել: «Ողջոյն»ի ատեն, որ կը խորհրդանշէ մեր Աստուծոյ զաւակներ ըլլալը, ձեր քով կեցող անձը սիրով ողջագուրեցէ՛ք:
2. Սորվիլ Պատարագը: Մտադիր կերպով կարդացէ՛ք բնագիրները եւ անգիր ըրէ՛ք զանոնք: Քահանային կատարած աղօթքները իր անձին համար չեն եւ անոր չեն պատկանիր: Ան ժողովուրդին ձայնը կը ներկայացնէ: Աղօթքները կը պատկանին ժողովուրդին: Դուք մասնակից կը դառնաք Սբ. Պատարագին այնքանով, որ աղօթքները հասկնալի են ձեզի եւ դուք ձեր հաւանութիւնը կը յայտնէք՝ արտասանելով «Ամէն»:
3. Աստուածաշունչ կարդալ: Աստուածաշունչը Սբ. Պատարագի սերտողութեան գիրքն է: Սբ. Պատարագը Աստուածաշունչն իսկ է՝ գործողութեան մէջ: Ս. Պատարագին իւրաքանչիւր խօսքը ազդուած է Աստուածաշունչէն, յաճախ տառացի կերպով: Իւրաքանչիւր ծէս, որուն ականատես կ’ըլլաք, իր արմատները ունի Աստուածաշունչին մէջ: Շարականները մեկնութիւնն են Աստուածաշունչի մասին:
Արդեօք Սբ. Պատարագը աստուածաշնչակա՞ն է: Անտարակոյս: Ոչ միայն այդ, այլեւ Աստուածաշունչը ծիսական է: Քրիստոսի առաքեալները Գոհաբանութիւն կը մատուցանէին Սբ. Պօղոս Առաքեալի գրի առած Վերջին Ընթրիքի վաղագոյն աստուածաշնչական նկարագրութենէն (Ա.Կորնթ. 11.23-26) եւ նոյն դէպքի աւետարանական նկարագրութիւններէն շատ առաջ: Սաղմոսները եւ Հին ու Նոր Կտակարաններուն աստուածաշնչական օրհնութիւնները կ’երգուէին վաղագոյն Եկեղեցւոյ մէջ՝ նախքան անոնց արձանագրութիւնը Աստուածաշունչին մէջ: Պարտաւոր ենք ճանչնալ Աստուածաշունչը՝ պաշտամունք գործնականօրէն կատարելու համար:
4. Հոգեպէս պատրաստեցէք դուք ձեզ: Որեւէ հանդիսութեան կամ տօնական օրուան առընչութեամբ ստացուած գոհացումին կէսը կանխաւ մեր ունեցած ակնկալութեան մէջ է: Ասիկա Սբ. Պատարագի առընչութեամբ եւս ճիշտ է: Շաբաթ երեկոյ եւ մանաւանդ Կիրակի առաւօտուն սկսեցէ՛ք կեդրոնանալ Սբ. Պատարագի խորհուրդին վրայ՝ աղօթքով եւ պահեցողութեամբ: Պահեցողութիւնը մարմնական տեսակէտէ օժանդակող միջոց մըն է, որ կը մղէ անձը աղօթելու: Անօթութեան դոյզն զգացում մը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր գտնելիք իրական գոհունակութիւնը ուտելու հաճոյքին մէջ չէ, այլ՝ Քրիստոսի եւ Անոր պարգեւած հոգեկան սնունդին մէջ:
5. Ընդունիլ Քրիստոսը: Սբ. Հաղորդութեամբ Քրիստոսը ընդունիլ իւրաքանչիւր Սբ. Պատարագի մատուցման ընթացքին, եթէ կարելի է: Աւելի լաւ միջոց չկայ մասնակցելու Սբ. Պատարագի Խորհուրդին եւ դարձնելու զայն իմաստալից եւ հզօր ոյժ մը մեր կեանքին մէջ՝ քան ընդունիլ մեր մարմնին մէջ Մարմինը եւ Արիւնը կենդանի Աստուածորդիին եւ թոյլ տալ, որ Ան ներսէն ներգործէ մեր մէջ:
Աղբյուրը՝ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Թողնել պատասխան