Պսակաժահրի համաճարակէն պատսպարուելու աղօթք
Աստուած յաւիտենական, Հայր բարեխնամող, հանգիստ յոգնաբեկներու,
մխիթարութիւն սգաւորներու եւ բժիշկ ախտաժէտներու։
Բոլոր արարածները Քեզմէ կեանք եւ ոյժ կը ստանան։
Այս օրերու համաճարակի տխուր փորձառութիւնը
զգալի եւ շօշափելի կը դարձնէ մեր մարդկային դիւրաբեկութիւնը:
Ուստի, վստահութեամբ քեզի կը դիմենք։
Քեզի կը յանձնենք հիւանդներն ու անոնց ընտանիքները. օրհնէ՛ զիրենք,
առողջութիւն պարգեւէ անոնց մարմիններուն, մտքերուն եւ հոգիներուն։
Օգնէ՛ որպէսզի կարենանք մեզի վստահուած պարտականութիւնները
լիովին կատարել եւ ամրապնդել մեր մէջ զօրակցութեան հոգին։
Օրհնէ՛, զօրացո՛ւր եւ սրտապնդէ՛ բժիշկները,
առողջապահութեան համակարգի բոլոր աշխատակիցները եւ կամաւորները,
որոնք այս դժուարին օրերուն անձնուիրաբար կը ծառայեն վարակակիրներուն,
եւ պսակաժահրին դէմ կը պայքարին։
Աղբիւր ամէն բարիքի, առատապարգեւ օրհնութիւններդ բաշխէ՛ մարդկային ընտանիքին,
հեռացո՛ւր մեզմէ ամէն չարիք, եւ հաստատուն հաւատք շնորհէ բոլոր քրիստոնեաներուս։
Վանէ՛ մեզմէ մարդոց կեանքի պատուհաս՝ պսակաժահրը,
որպէսզի բոլորս կարենանք վերադառնալ մեր բնականոն կեանքին եւ գործերուն,
եւ վերանորոգ ու գոհունակ սրտով քեզ օրհնաբանենք։
Տէ՜ր բարեգութ, քեզի կ՚ապաւինինք,
եւ քեզի կը բարձրացնենք մեր թախանձագին աղօթքը,
բարեխօսութեամբ մեր երկնաւոր Մօր Ս. Աստուածածնին՝
մեր հզօր պաշտպանին եւ հիւանդներու խնամակալին,
որպէսզի զօրացած հաւատքով, եւ առաքինի վարքով ապրինք այս աշխարհիս վրայ,
եւ արժանանանք երանաւէտ արքայութեանդ, ուր պիտի փառաւորենք Քեզ,
Որդիիդ եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ — ՎԵՆԵՏԻԿ Ս. ՂԱԶԱՐ
Թողնել պատասխան