ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ

external
ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ

Ղուկաս Ինճիճեան

Տէ՛ր իմ, Յիսո՛ւս Քրիստոս, Քու վարքդ իբր հայելի օրինակ տուիր ինծի. խորհրդով կատարեցիր ամէն ըրածներդ. նախ չարչարուեցար, խաչուեցար, յետոյ յարութիւն առիր. այսօր փառօք համբարձար երկինքը՝ ցուցիր ասով ինծի՝ որ առաջ պէտք է նեղութիւն և խաչ քաշել, յետոյ՝ այն քաշածներուն փոխարէն փառք վայելել:

Առաքեալները կանչեցիր՝ որ Ձիթենեաց լեռը ելնեն, ուր որ սկսեր էիր քաշել քու սուրբ չարչարանքներդ՝ հոն խրատներդ ու վերջին ողջոյնդ տուիր: Իմ հոզիս ալ ահա կեցած է այսօր այնպէս տրտմած, կը սպասէ՝ որ դու Ձիթենեաց նեղութեան լեռը կանչես, որ սրտովս, մտքովս հեռանամ, վեր ելնեմ այս աշխարհէս՝ իբր բարձր լերան վրայ. ձգեմ, զզուիմ աշխարքային բաներէ, և բարձր երկնային բաներու փափագիմ. Ի՛նչ նեղութիւն, ի՛նչ խաչ ղրկես՝ սիրով քաշեմ, Հոգւոյն Սրբոյ շնորհքով մխիթարուիմ։

Երբ պիտի բաժնուէիր, հետերնին խօսելով՝ իբր թէ ցաւելով բաժնուեցար. զՀոգին Սուրբ ղրկել խոստացար՝ որ սիրտ առնեն: Իմ Հոգիս որ քեզմէ բաժնուած է, քու սիրտ տալդ կը խնդրէ. կարօտ է Հոգւոյն Սրբոյ շնորհքին և մխիթարութեան:

Ամէն բան աւարտելէ վերջ, ձեռքդ վեր վերցնելով՝ օրհնեցիր առաքեալները, և այնպէս համբառնալ սկսար: Ա՜խ, յիշէ՛, Տէ՛ր իմ, այսօրուան քու ըրած մարդասիրութիւնները: Ո՞ւր են, Տէ՛ր, քու առաջին ողորմութիւններդ: Ես ալ այսօր սուրբ լեռն ելած պատարագիդ առջև, քու քովդ ընկած կեցած եմ՝ զղջմամբ ու խոստովանութեամբ, զքեզ կը տեսնեմ սուրբ խորանին վրայ: Իմ վրաս ալ ձեռքդ դիր, զիս ալ օրհնէ՝ որ մեղքերս սրբուին, հոգիս լուսաւորուի. Հոգւոյն Սրբոյ շնորհքը ղրկէ՝ որ ասկից վերջ միշտ քու խրատներդ բռնեմ, պատուիրանները սիրով պահեմ, շնորհքով հո՛ս քեզմէ չբաժնուիմ՝ որ արքայութեան մէջն ալ միշտ քեզ հետ մնամ յաւիտեան. ամէն:

 

Ուրիշ աղօթք

Թագաւո՛ր թագաւորաց, Տէ՛ր իմ, Յիսո՛ւս, այսօր է քու թագաւորութեանդ օրը, այսպիսի փառաւոր հանդիսաւոր օր մը՝ երկրաւոր թագաորները պարտապաններուն կը ներեն, բանտարկեալները կ’ազատեն, աղքատներուն պարգև կը բաշխեն: Քանի՜ աւելի պիտի ըլլայ քու շնորհացդ չափը, ո՛վ թագաւոր երկնաւոր, նայէ՛ իմ խեղճութեանս վրայ. մի թողուր զիս այսօր առանց շնորհացդ. ո՛րչափ անարժան ըլլամ՝ թողութիւն տո՛ւր, պատռէ՛ այսօր իմ աններելի մեղքերու պարտեաց թուղթը, ազատէ՛ զիս սատանային կապանքներէն, մեղաց բանտէն, և ողորմութիւն մը, շնորհք մը տո՛ւր ինծի, որ ասկից վերջ սիրտս միտքս բոլորովին աշխարհքէ կտրեմ, երկինքն առ Աստուած համբառնամ:

Եւ երբ սատանան զիս յուսահատցնէ, հաւատքս խաւարեցնէ, որով զքեզ չեմ տեսներ, աղօթքէ համ չեմ առներ, աղօթքիս մէջ ամենևին ջերմեռանդութիւն չեմ իմանար, քու սուրբ պատկերդ մտացս առջևէն աներևոյթ կ’ըլլայ, սուրբ ձայնդ կը հեռանայ, անոր տեղ այս աշխարհիս պղտոր ու ամպոտ փորձութիւնները կերևան աչքիս, այն ատեն ղրկէ՛, Տէ՛ր իմ, քու երկու հրեշտակներդ, ինչպէս որ ղրկեցիր առաքեալներուն, որպէս զի անոնք խօսելով զիս մխիթարեն, հաւատքս զօրացնեն, թմրութիւնս ու ապշութիւնս փարատեն. Յիսո՛ւս, դարձեալ քեզ պիտի գայ՝ ըսելով, աւետիս ուրախութեան տան: Ես ալ առաքելոց պէս պայծառ հաւատքով՝ ջերմեռանդն աղօթքի հետ ըլլամ, միշտ քեզ ծառայելով՝ Հոգւոյն Սրբոյ շնորհաց արժանի ըլլամ. ամէն: