ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԽԱՉԻ
արևմտահայերեն

Պատրաստութեան Աղօթք

 Յանուն Հօր, եւ Որդւոյ, եւ Հոգւոյն սրբոյ:
Հա՛յր մեր, որ յերկինս ես, սո՛ւրբ եղիցի անուն Քո: Եկեսցէ՛ արքայութիւն Քո: Եղիցին կամք Քո որպէս յերկինս` եւ յերկրի: Զհաց մեր հանապազորդ տո՛ւր մեզ այսօր: Եւ թո՛ղ մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց: Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէ: Զի Քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն:
Ո՛վ Յիսուս, կ’ուզեմ այս պահուս ընկերանալ քեզի Գողգոթայի տաժանելի ճանապարհին վրայ, խորհդածելով՝ քու չարչարէնքներուդ վրայ, բաժնելով քու ցաւերդ եւ աղերսելով քու գութդ ու ողորմութիւնդ մեզի եւ բոլոր մեղաւորներուն համար։
Ըրէ՛ որ ըմբռնենք արժէքը քու չարչարանքներուդ, լեցո՛ւր մեր սրտերը կարեկցությամբ հանդէպ քու ցաւերուդ, որպէսզի մենք ալ ցաինք մեր մեղքերուն վրայ եւ աելի մեծ սիրով լեցուինք քեզի հանդէպ։

Ընդունէ՛ մեզ՝ մեր մեղքերով ու տկարութիւններով, բայց նաեւ մեր բարի գործերով ու բաղձանքներով: Տուր մեզի Ս. Հոգիդ, որպէսզի ճանչնանք մեր խեղճութիւնը եւ ջանանք աւելի սրբանուէր կեանք մը ապրիլ։ Յիշէ՛ մեզ քու անսահման ողորմութեամբդ, գթա՛ մեր ննջեցեալներու հոգիներուն վրայ եւ մեզ բոլորս արժանացո՛ւր երանաւէտ արքայութեանդ:

Առաջին կայան
Յիասուս մահուան կը դատապարտուի

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:
– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Ո՜վ Տէր Յիսուս, դուն մարդոց աւետելէ ետք փրկության՝ ավետիսը, սէր քարոզելէ ետք ամէնուն, հրաշքներով սփոփելէ ետք հիւանդներն ու տառապողները, ահա մահուան կը դատապարտուիս։

Գիտակից եմ որ ես ալ, եթէ ուզեմ հետեւիլ քու օրինակիդ՝ պիտի դատապարտուիմ մարդոցմէ, եւ ասոր համար վախը կը պատէ զիս։ Օգնէ՛ ինծի որ քաջութիւնն ունենամ քու աստուածութիւնդ դաւանելու մարդոց առջեւ, ապրելու Աւետարանիդ համեմատ եւ ի հարկին, զոհելու ամէն բանէ՝ վկայելու համար իբր քու աշակերտը։

Հայր մեր, որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո, եկեսցէ արքայութիւն քո, Եղիցին կամք քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի։ Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր, թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն։ Այլ փրկեա ի չարէ: Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս: Ամէն:

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Երկրորդ կայան
Յիսուս իր խաչը կը կրէ

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Ով Յիսուս, դուն որ նոյնինքն անմեղութիւնն ու սրբութիւնն ես, ոճրագործներու խաչը ուսիդ առած կը քալես դէպի Գողգոթա։  Այս խաչը՝ մեր ամէնո՛ւն խաչն է, եւ զայն կը կրես մեր մեղքերուն փոխարէն։

Դուն ըսիր. «Ով որ կ’ուզէ իմ աշակերտս ըլլալ, թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ»։ Գիտեմ թէ որքան դժուար է քեզի հետեւիլ, բայց գիտեմ նաեւ որ քեզմէ դուրս փրկութիւն չկայ։

Բաջութիւն տո՛ւր ինծի որ պահ մը չլքեմ քեզ առանձին, այլ՝ քալելով քու կողքիդ, թեթեւցնեմ խաչին բեռը որ ծանրացած է աշխարհի մեղքերով։

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Երրորդ Կայան
Յիսուս առաչին անգամ կ’իյնայ

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Ո՜վ Յիսուս, դո՛ւն, աշխարհի Տէ՛րը, կ՚իյնաս խաչին ծանրության տակ, հասարակ արարածի նման։ Ես ալ կ՚իյնամ յաճախ եւ խղճալի կերպով, ի՛մ մեղքերուս ծանրության տակ եւ երբեմն դժուարաւ կը վերականգնիմ, որովհետեւ կը մոռնամ քեզ օգնության կանչել։

Իսկ երբեմն՝ կը մերժեմ կրել խաչս, չուզելով հետեւիլ քու օրինակիդ, եւ այն ատեն կը զգամ թէ ո՜րքան խեղճ եմ ու ապերախտ, լքելով ու մատնելով քեզ:

Օգնէ՛ ինծի, Յիսո՛ւս, որ սիրով ընդունիմ այն փոքր կամ մեծ խաչերը որոնք իմ բաժինս են, եւ որոնցմով ցոյց պիտի տամ հաւատարմութիւնն ու սէրս քեզի հանդէպ:

Զօրացո՛ւր զիս, որ ո՛չ միայն ճամբայ ելլեմ քեզի հետ, կրելով խաչս, այլ մինչեւ կյանքիս վերջին շունչը ընկերակցիմ քեզի։

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Չորրորդ կայան
Յիսուս կը հանդիպի իր Սուրբ Մօրը

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Ո՜վ Յիսուս, կը գթամ քու մօրդ վրայ։ Անիկա քայլ առ քայլ կը հետեւի քեզի, անծանօթ կնոջ մը պէս, կորսուած՝ մոլեգնած ամբոխին մէջ, լուռ կրելով իր ցաւը, բաժնելով քու տառապանքդ: Մայրերու մէջ ո՞վ տառապեցաւ քու մօրդ նման: Բայց անիկա սիրով ընդունեցաւ ըմպել ցաւերու դառն բաժակէն, որովհետեւ քու փրկչակիցդ պէտք է ըլլար։

Ո՛վ Մարիամ, քեզի՛ կ՚ապաւինինք մեր երկրաւոր ուղեւորության ընթացքին, որպէսզի ըլլաս մեր հզօր բարեխօսը Որդւոյդ մօտ, որուն մօտիկ եղար տեւապէս աշխարհի վրայ եւ այժմ կը բաժնես անոր փառքը երկինքի մէջ։

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Հինգերորդ կայան
Սիմոն Կիւրենացին կ’օգնէ Յիսուսին

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Անծանօթ մը, Սիմոն Կիւրենացին, միակ մարդը եղաւ որ օգնեց քու խաչը կրելու, ո՜վ Յիսուս: Ակամայ օգնութիւն մը, զոր սակայն չմերժեցիր  դուն։

Որքա՞ն պիտի ուզէիր որ բարեկամներէդ, աշակերտներէդ մէկը մատուցանէր քեզի այդ ծառայութիւնը։ Անոնք չկային, որովհետեւ սարսափի մատնուած՝ փախուստ տուէր էին:

Իսկ ես, Յիսուս, քանի՞ անգամ խոյս տուած եմ երբ կանչած ես զիս որ օգնեմ խաչը կրելու: Առաքեալներուն նման, թողած եմ քեզ առանձին, մինչ դուն՝ ի՛մ մեղքերուս համար յօժարած ես կրել խաչը, որ մեր բոլորին խաչն է։

Ըրէ՛ որ ես ալ, իբր ճշմարիտ քրիստոնեայ, գիտակից դառնամ՝ թէ իմ խաչի բաժինս ունիմ կրելիք աշխարհի փրկութեան իմ բաժինս բերելու համար:

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Վեցերորդ կայան
Վերոնիքան կը սրբէ Յիսուսի երեսը

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Ո՛վ Յիսուս, կին մը, Վերոնիքա, ամբոխին մէջէն տեսաւ քեզ, տեսաւ արիւնլուայ դէմքդ եւ չդիմացաւ: Համարձակեցաւ ճեղքել ամբոխն ու զինուորներու շղթան՝ քեզի մօտենալու եւ դէմքդ սրբելու համար։

Ահա՛ վկայութիւն մը սիրոյ եւ արիութեան որ չի կրնար անտարբեր թողուլ զիս։ Կ՚ուզեմ ես ալ մարդոց առջեւ վկայել թէ դուն Տէրս եւ Աստուածն ես, հակառակ՝ նախատինքներուն ու հալածանքներուն որոնց կ՚ենթարկուի՝ այն որ քեզ կը խոստովանի։

Խնդրեմ, տո՛ւր ինծի, ո՛վ Յիսուս, այնպիսի հաւատք մը որ մղէ զիս յանձն առնելու ամէն նեղութիւն՝ քու Աւետարանիդ վկան դառնալու համար աշխարհի դիմաց:

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Եօթներորդ կայան
Յիսուս երկրորդ անգամ կ’իյնայ

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Ով Աստուածային Փրկիչ, դարձեա՛լ կ՚իյնաս խաչի ծանրության տակ, եւ անողորմ դահիճներըդ, քեզ հրելով ու քաշկրտելով, աւելի կը  սաստկացնեն ցաւերդ: Մենք այնքան յաճախ կ’յինանք ու կը մեղանչենք, այնքան ծանր են մեր յանցանքները, որ խաչիդ ծանրության չես դիմանար, եւ կը կքիս ու կ՚իյնաս։

Ով պաշտելի Յիսուս, դուն ցաւով կը նկատես որ շատերը կ՚արհամարհեն քու սէրդ, եւ շատ քիչերը կ’օգտուին քու չարչարանքներէդ, հակառակ  քու յայտնած բուռն փափաքիդ: Քու բարեկամներ անգամ կը լքեն քեզ, կանտեսեն քու զոհաբերումդ եւ կը մեղանչեն քեզի դէմ։

Աւա՜ղ, ես ալ անոնց թիւէն եմ, ես ալ անարգած եմ քեզ իմ ծանր յանցանքներովս եւ պատճառ դարձած քու անհուն տառապանքդ աւելի
ծանրացնելու:

Քու շնորհքդ է որ զիս կանգուն կը պահէ տակաւին։ Ըրէ՛ որ երբեք զուրկ չմնամ անկից, որպէսզի յարատեւեմ սիրոյդ մէջ եւ հասնիմ յաւիտենական փրկութեան:

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Ութերորդ կայան
Յիսուս կը մխիթարէ Երուսաղէմի կիները

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Մինչ Երուսաղէմի կիները կու լան քու վրադ, դուն կը հրաւիրես զանոնք՝ լալու իրենց մեղքերուն վրայ, ո՛վ Յիսուսը: Արդեօք ես ալ, այդ կիներուն պէս, չե՞մ լար ու ողբար ուրիշներու թերութիւններուն ու մեղքերուն վրայ, անտեսելով իմիններս: Չե՞մ նկատեր ամէնքը յանցաւոր՝ բացի ինծմէ:

Որքա՜ն կը համբերես ինծի եւ իմ հոգեւոր կուրութեանս, ո՛վ Յիսուս։ Ըրէ՛ որ բացուին հոգւոյս աչքերը եւ տեսնեմ ու ճանչնամ իմ թերութիւններս, ուղղելու, սրբագրելու եւ քաւելու համար զանոնք՝ քու շնորհքիդ օգնությամբ։

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Իններորդ կայան
Յիսուս երրորդ անգամ կ’իյնայ

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Երրորդ եւ վերջին անկումդ է այս, տաժանելի ուղեւորության ընթացքին, ո՜վ Յիսուս: Շատ չմնաց Գողգոթա հասնելու համար, ուր պիտի ըմպես վերջին կաթիլը դառնութեան բաժակին: Կը յիշեմ դարձյալ իմ բազմաթիւ անկումները եւ կը վախնամ՝ որ յուսալքուիմ, տեսնելով տկարութիւնս։

Զօրացո՛ւր զիս, ցո՛յց տուր ինծի սիրոյդ եւ ողորմութեանդ նշանները, որպէսզի անվհատ շարունակեմ ճամբաս, հակառակ խոչընդոտներուն որոնք կը ցցուին դէմս ամէն օր: Օգնէ՛ ինծի, որ ամէն անգամ որ իյնամ, յիշեմ քեզ եւ վերականգնիմ՝ ապաւինելով քու ողորմութեանդ։

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Տասներորդ կայան
Յիսուս կը մերկացուի իր զգեստներէն

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Ո՞վ Յիսուս, քեզ խոնարհեցնելու եւ նուաստացնելու համար, դահիճներդ զգեստդ անգամ չթողուցին վրադ, այն զգեստը զոր մայրդ այնքան գուրգուրանքով պատրաստած էր քեզի համար։ Վիրաւոր մարմինը ցուցադրուեցաւ այսպէս կատղած ամբոխին։

Այդ մերկացումը մարմնական զրկում մը չէր միայն, ո՜վ Յիսուս, այլ անով ուզեցիր ցոյց տալ խորհրդաբար թէ կը մերկանաս ամէն բանէ, ոչ միայն նիւթէ, այլ այն ամէն ինչէ որ աշխարհը կը յիշեցնէ կամ կը խորհրդանշէ:

Ըրէ՛ որ ես ալ անջատեմ սիրտս ամէն նիւթական եւ աշխարհային կապերէ եւ այն ամէն բաներէ, որ կրնան բաժնել զիս քեզմէ կամ խեղդել քու սէրդ իմ մէջս։ Կ՚ուզեմ սիրով զոհել ամէն բան քեզի, որովհետեւ քեզ ունենալով՝ ամէն բան ունեցած կ՚ըլլամ։

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Տասնմէկերորդ կայան
Յիսուս խաչին վրայ կը գամուի

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Ահա հասաւ վախճանը քու առաքելութեանդ, ո՛վ Յիսուս։ Հասաւ պահը ուր պիտի թողուս աշխարհը խաչին վրայ գամուլով։ Գառնուկի նման  թողուցիր որ գամեն ձեռքերդ ու ոտքերդ, առանց գանգատի, առանց քիչ մը իսկ արձակելու։

Ինձմէ ալ կը պահանջուի որ խաչուիմ քեզի հետ, ով Յիսո՛ւս, մեռնելով աշխարհին եւ անոր հրապոյրներուն: Ըրէ՛ որ խաչը, որ ամէն օր դէմս կ՚ելլէ, հասարակ դէպքերու մէջ թէ արտասովոր առիթներով, գիտնամ ընդունիլ ու կրել առանց տրտունջի եւ բողոքի, համոզուած ըլլալով որ քեզի նմանելու անհրաժեշտ պայմանն է այդ։

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Տասներկուերորդ կայան
Յիսուս կը մեռնի խաչին վրայ

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Երեսուներեք տարիներու պսակումն է ահա այս պահը, ուր Հօրդ կը յանձնես հոգիդ, Երեւութապէս լքուած Անկից, լքուելէ ետք մարդոցմէ: Երեւոյթներէն դատելով, ձախողանքով կը փակես երկրաւոր կեանքդ, յոգնութիւններդ ու տառապանքներդ:

Բայց դուն ըսած էիր արդէն, թէ «ցորենի հատիկը պէտք է մեռնի հողին տակ, որպէսզի պտուղ բերէ»։

Մարդկութիւնը այդ պահուն կը սպասէր, ո՜վ Յիսուս, իր փրկության ժամը տեսնելու համար։ Երանի՜ ապարդիւն չմնան ոչ ոքի համար քու չարչարանքներդ ու մահդ։ Թող ո՛չ մէկ մեղաւոր կորսուի, այլ հաւատայ քեզի եւ փրկուի, ինչպէս եղած է քու բաղձանքդ՝ խաչին մահը ընդունելով քու Հօրդ կամքին համաձայն։

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Տասներեքերորդ կայան
Յիսուս խաչէն վար կ’առնուի

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Վերջին անգամն ալ ըլլալով, մայրդ սեղմեց իր կուրծքին քու աստուածային մարմինդ, անկենդան, ո՜վ Յիսուս։ Խաղաղութիւնը իջած է այլեւս տառապած մարմնիդ վրայ, քանի կետ առ կետ կատարեցիր Հօրդ քեզի յանձնած առաքելութիւնը։ Մեզի ալ կը յանձնուի մարմինդ, բայց այլեւս ո՛չ անկենդան՝ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։

Մօրդ պէս, մենք ալ ընդունինք զայն յարգանքով ու սիրով, պահենք զայն մեր սրտին մէջ խանդաղատանքով, հեռու մնալով ամէն մեղքէ որ անհաշտ է քու ներկայութեանդ հետ մեր մէջ։

Քեզմով թող uնանի տեւապէս մեր հոգին, քեզմէ թող ստանայ կեանք եւ ուժ, որպէսզի կարենայ ապրիլ քու շնորհքիդ եւ սիրոյդ մէջ մինչեւ հասնի յաւիտենական երջանկութեան։

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Տասնչորսերորդ կայան
Յիսուս գերեզման կը դրուի

– Երկրպագութիւն կ’ընեմ քեզի, ո՛վ Յիսուս, եւ կ՚օրհնեմ քեզ:

– Որովհետեւ սուրբ խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։

Ահա՛ կը հանգչիս վերջապէս, Յիսուս, գերեզմանին մէջ, որ կարճատեւ բնակարանը պիտի ըլլայ քու մարմնոյդ։ Կը խոնարհիմ յարգանքով ու կը  պաշտեմ քեզ հրեշտակներուն հետ որ երկու օր վերջ քու յարութիւնդ պիտի աւետեն։

Մարդիկ կը կարծէին թէ վերջ գտաւ քու գոյութիւնդ այդ գերեզմանին քարին տակ, մինչ հոն է որ կը սկսի քու փրկարար խորհուրդիդ իրագործումը:

Ըրէ՛, ո՜վ Յիսուս, որ ըմբռնեմ արժէքը չարչարանքին ու մահուան, որոնց դուն ենթարկուեցար կամաւոր կերպով եւ որ բաժինն է նաեւ մե՛ր կեանքին:

Կը հաւատամ, ո՜վ Յիսուս, որ երեք օր ետք յարութիւն առիր, եւ կը սպասես մեզի արքայութեանդ մէջ, մեզ ալ բաժնեկից դարձնելու համար քու յարութեանդ եւ յաղթանակիդ։ Ամէն:

– Հայր մեր, որ յերկինս ես…

– Փառք Հօր…

– Այժմ եւ միշտ…

– Խաչեալ Յիսուս, ողորմէ՛ մեզի եւ քաւարանի բոլոր հոգիներուն։

Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ խաչեցար վասն մեր, ողորմեա մեզ: (երիցս)

 

Աղօթք

Ով Յիսուս, փրկիչ մարդոց, կը հաւատամ որ խաչովդ յաղթեցիր մահուան եւ մտար փառքի մէջ, խաչովդ մեղքերուս քաւութիւնը յանձն առիր եւ դարձուցիր զիս՝ Աստուծոյ զաւակ, իսկ աշխարհին՝ փրկության եւ երջանկության ճամբան ցոյց տուիր։
Օգնէ՛ ինծի որք ըմբռնեմ թէ՝ փառքի արժանանալու համար, պետք է անցնիմ խաչի ճանապարհին։ Դարձո՛ւր զիս գործիք մը, գիտակից բայց հլու, քու ձեռքերուդ մէջ` աշխարհի փրկության իմ մասնակցութիւնս բերելու համար։
Ըրէ՛ որ ըլլամ օրէ օր աւելի արիասիրտ եւ միշտ տրամադիր՝ կրելու քեզի հետ այն խաչը զոր կը շարունակես կրել այսօր: Արժանի դարձար զի՛ս լլալու ժառանգորդ քու շնորհքներուդ՝ հոս, եւ փառքիդ՝ Երկնքի մէջ:
Մասնակից ըրէ՛ զիս՝ յաւիտենական երջանկութեան քու փառաւորեալ Մօրդ եւ Երանեալ սուրբերուդ հետ: Ամէն:

 

Երկրպագութիւն խաչի

Խաչի քո, Քրիստոս, երկիր պագանեմք
եւ զսուրբ զչարչարանսդ քո փառաւորեմք,
եկայք հաւատացեալք երկրպագեսցուք Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ,
վասն զի եկն ի ձեռն խաչին իւրոյ շնորհեաց պարգեւս աշխարհի:

Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ մատնեցար վասն մեր ողորմեա մեզ:

Փառք սուրբ խաչիդ, ալէլուիա.
չարչարանացդ, ալէլուիա:

Նշանեցաւ առ մեզ լոյս երեսաց քոց եւ ետուր ուրախութիւն սրտից մերոց.
ի պտղոյ ցորենոյ, գինւոյ եւ ձիթոյ իւրեանց լցուցեր զնոսա:

Փառք սուրբ խաչիդ, ալէլուիա.
չարչարանացդ, ալէլուիա:

Փառք եւ երկրպագութիւն
Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ.
այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:

Փառք սուրբ խաչիդ, ալէլուիա.
չարչարանացդ, ալէլուիա:

Խաչն կենարար որ եղեւ մեզ փրկութիւն,
սովաւ ամենեքեան զքեզ բարեբանեմք:

Որ ի Հօրէ լուսոյ լոյս ճառագայթեալ ի յերկրի
եւ գաւազան զօրութեան հաւատացելոց,
սովաւ ամենեքեան զքեզ բարեբանեմք:

Որ լուսափայլ ծագմամբ հրաշափառապէս մեզ ցուցաւ
ի յօգնութիւն ընդդէմ թշնամւոյն, սովաւ ամենեքեան զքեզ բարեբանեմք:

Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ.
այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:

Որ յատենի կացեր անպարտդ կողին պատրանօք
եւ արբուցեր մեզ ի կողահոս աղբերէդ,
նորոգեա եւ զիս զապականեալս մեղօք: