external

Հոգի Քրիստոսի

Հոգի՛ Քրիստոսի, սրբէ՛ զիս,
Մարմի՛ն Քրիստոսի, փրկէ՛ զիս,
Արիւ՛ն Քրիստոսի, արբեցու՛ր զիս,
Ջու՛ր կողին Քրիստոսի, լուա՛ զիս,
Չարչարա՛նք Քրիստոսի, զօրացու՛ր զիս:
Բարի՛ Յիսուս, լսէ՛ զիս,
Վէրքերու՛դ մէջ պահէ՛ զիս,
Մի՛ թողուր որ բաժնուիմ Քեզմէ,
Չար ոգիին դէմ պաշտպանէ՛ զիս,
Մահուանս ժամուն՝ կանչէ՛ զիս,
Հրամայէ՛ ինծի որ Քու մօտդ գամ,
Եւ սուրբերուն հետ գովեմ Քեզ
Յաւիտեա՛նս յաւիտենից: Ամէն: