ԱՂOԹՔ ԱՌ ԵՕԹՆ ՎԷՐՍ
ԽՈՑՈՒԱԾՈՑ ԿՈՒՍԻՆ ՄԱՐԻԱՄՈՒ

Առ առաջին
Սիմէոն ծերունու մարգարէութիւնը Մարիամին
external

Սիմէոն օրհնեց զանոնք, եւ ըսաւ անոր մօր՝ Մարիամի. «Ահա՛ այս մանուկը սահմանուած է շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար՝ Իսրայէլի մէջ, եւ հակաճառութեան նշան մը ըլլալու համար. եւ քու սիրտիդ մէջէն ալ թուր մը պիտի անցնի որպէսզի շատ սիրտերու մտածումները յայտնուին»:  (Ղուկաս 2 34-35)

Ո՛վ ցաւագին սուրբ կոյս Աստուածածին, հիշէ՛ քու առջի խոցդ՝ երբոր Սիմէոն ծերունիին բերնովը լսեցիր թէ, ան կուսածին որդիդ որ կը՝ գրկես՝ կըսիրես, ատեն պիտոր գայ որ նշան հակառակութեան րլլայ. անանկ բաներ պիտոր տեսնաս որ՝ սիրտդ խոցվի, իբր թէ սուր խոթէին սրտիդ մէջը։ Աս խօսքս լսելէն ետեւ՝ սուրը սրտէդ չելա, Յիսուս չիչարչարված՝ դուն սկսար սրտիդ մէջը խոցվի լու չարչարվի. քանի՛ կընայէիր միածին Յիսուսին վրայ, սիրտդ ուրախխանալուն տեղը կըտըրորէր կըտագնապէր. արդեօք ինչ նեղութիւննէր պիտոր քաշէ կըմտածէիր, ան մտածմունքներով երսունւիրեք տարի կըտանջովէիր։

Ասոնք յիշէ՛ Տիրամայր, որ ինծի համար քաշեցիր. որպէս զի ես փրկվիմ, ես չիքաշեմ սատանային ձեռքէն՝ Յիսուս միածին յանձն առաւ իմ տեղս քաշելու, անով քեզիալ ընկաւ քաշելու աս խոցը։ Եւ յիշելով առջի քաշած վէրքդ, կաղաչեմ որ՝ այսօր իմ սրտիս մէջը տպաւորես սուրն զղջման եւ արտասուաց, որ ինչվան ’ի մահ ոչ երբէք պասի իմ սրտէս ցաւն ապաշխարութեան. Հոգւոյն սրբոյ շնորհքովը սկսիմ լալ իմ մեղքէրս, որ պատճառ եղան Յուսին չարչարաննաց, եւ քուկին ասանկ խոցվելուդ։

Անանկով Յիսուս ըլլայ ինծի կանգնելու պատճառ եւ ոչ գլորելու, Յիսուս ըլլայ իմ սրտիս խորհուրդը, իմ մաքիս յայտնութիւնը, տպաւորութիւնը։ Մտածմամբ ու ապաշխարութեամբ անցընեմ իմ մնացած կեանքս, որով փառաւորվի առաջի սրբոց եւ հրեշտակաց քուկին առջի խոցիդ արդիւնքը իմ վրայ։

Հայր մեր…
Ողջո՛յն քեզ Մարիամ…
Փառք Հօր…

Մա՛յր ցաւագին,
Հար ըզսիրտ իմ
Ցաւով քոյին,
Զոր կըրեցեր
Ի տաճարին,
Յորժամ գուժեաց
Քեզ ծերունին
Զանցըս սըրոյն
Ընդ քում անձին:

Առ երկրորդն
Մարիամի Մանկան հետ փախուստը Եգիպտոս
external

Ահա՛ Տէրոջ հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփի եւ ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը, եւ փախի՛ր Եգիպտոս. հո՛ն կեցիր՝ մինչեւ որ քեզի ըսեմ, քանի որ Հերովդէս պիտի փնտռէ մանուկը՝ կորսնցնելու համար զայն»: Ան ալ ոտքի ելաւ, գիշերուան մէջ առաւ մանուկն ու անոր մայրը, մեկնեցաւ Եգիպտոս, եւ հոն էր մինչեւ Հերովդէսի վախճանիլը: (Մատթ 2 13-14)

Ո՛վ ցաւագին ամէնօրնեալ կոյս Մարիամ, յիշէ՛ քուկին երկրորդ քաշած խոցդ, երբոր Հերովդէսին ձեռքէն փախար Եգիպտոս. սրբոյն Յովսեփայ հետ երկան ճամբորդութեան նեղութիւնը քաշեցիր, որպէս զի Յիսուս խալըսցընես Հերովդէսին կոտորածէն՝ որ կուզէր սպաննել։ Ահա՛ ե՛ս եմ ան Հերովդէսը՝ որ առաջ կեղծաւորութեամբ երկրրպագել կուզեմ Յիսուսի՝ ետքը սպաննել. Վա՛յ ինծի, քանի՛ անգամ անարժանութեամբ առնելով սուրբ խորհուրդը հաղորդութեան, իմ սրտիս մէջը իրաւցընէ ուզեր եմ սպաննել զՅիսուս։

Այլ դո՛ւ ՏիրաՄայր, այսօր յիշելով քուկին քաշածդ, տուր ինծի մեկ շնորհք մը դառնալու։ Ինչպէս որ առաջ փախար Եգիպտոս, հեռըցուցիր զՅիսուս հալածչին ձեռքէն, ետքը դադարվելով հալածումը՝ դարձար նորէն հոն եկար, Յիսուս հետդ բեր, ըելով՝ չնորհքնալ արքայութիւննալ հոն բերիր, ըրէ՛ որ՝ եսալ դադրիմ մեղանչելէս՝ որ պատճառ կըլլայ Յիսուս հալածելու, սրտէս փախցընելու։ Իմ՝ դադրելով՝ դունալ Յիսուս դարձընես բերես նորէն իմ սրտիս մէջը չնորհօք, անանկով սիրաս նորէն Յիսուսին բնակարան ըլլայ, եւ քուկին երկրորդ խոցիդ արդիւնքը ինծի համար ալ չափաւոր ըլլայ, ապրեցընելով յաւիտենական կորստենէ։

Հայր մեր…
Ողջո՛յն քեզ Մարիամ…
Փառք Հօր…

Մա՛յր ցաւագին,
Հա՛ր ըզսիրտ իմ
Ցաւով քոյին,
Զոր յԵգիպտոս
Ի փախըստին
Կրեցեր յածել
Զաստուածորդին:

Առ երրորդն
Մարիամը կորցնում է ու գտնում 12-ամյա Յիսուսին Տաճարում
external

Երեք օր ետք գտան զայն տաճարին մէջ. նստած էր վարդապետներուն հետ, մտիկ կ՚ընէր անոնց եւ բան կը հարցնէր… Երբ տեսան զայն՝ ապշած մնացին, եւ մայրը ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ, ինչո՞ւ ա՛յդպէս ըրիր մեզի. ահա՛ հայրդ ու ես կը փնտռէինք քեզ՝ չափազանց մորմոքած»: Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը փնտռէիք զիս. չէի՞ք գիտեր թէ ես պէտք է ըլլամ իմ Հօրս տունը»: (Ղուկաս 2 46-49)

Ո՛վ Մայր ցաւագին, հերիք չեղա առջի քու քաշածներդ, հետդ տանելով բերելով զՅիսուս տառապանքով աշխատանքով Եգիպտոսի երկան ճամբորդութեան մէջ, հապա երրորդ անգամ մեծ վէրք կրեցիր սրտիդ մէջը՝ երբոր իրաւցընէ կորսընցուցիր զՅիսուս Երուսաղէմ նոր ճամբոր դութեանդ մէջ, իրեք օր սիրտդ տրորեցաւ պտըտելով փընտռելով թէ ուր գդնաս այն անկորուստ գանձն աշխարհի Յիսուս։ Երբոր տաճարին մէջը գտար, ցաւագնեալ սիրտդ չիդիմացաւ, Մայրական սրտով քու քաշած տառապանքդ բացիր յայտնեցիր Յիսուսի ։

Հիմա իմ սիրտս կորսնցուցերէ զՅիսուս, բայց ամենեւին հոգ չունի պտըտելու փընտռելու. այս մէկ դի թողլով զՅիսուս, իր հանգստութիւնը՝ երջանկութիւնը արարածոց մէջ օտար տեղեր կրփընտռէ, եւ ո՛չ տաճարի մէջ՝ սուրբ գործքերու մէջ, անանկով մէկ հանգստութիւն մը չիկրնար գըտնալ. Յիսուսալ իր երեսը դարձուցած՝ ինծմէն պահվերէ, չերեւնար։ Ասանկ զըրկըված ըլ լալով Յիսուսին տեսութենէն ու խoսակցութենէն, հիմա քեզի կաղաչեմ` Մայր ցաւագնեալ բա՛ց այսօր քուկին քաշածներդ, զուրցէ՛ Յիսուսի. «Ո՛րդեակ՝ զի՞նչ գործ գործեցեր դու ընդ մեզ»: Ինչո՞ւ թողուցիր աս խեղճ՝ հոգին, որ կըպտըտի քեզ գտնալու, եւ չիյտէ ուր գտնայ։ Աս զուրցելով, առ այսօր ինծի համար մէկ նորարատեւութեան շնորհք մը, որ մեղքերս զղջալէն ետեւ ալ ոչ երբէք մեղանչեմ, եւ մեղքով չի կորսընցընեմ իմ սրտէս զՅիսուս. Այլ միշտ Յիսուսին հետ մէկ տեղ բնակակից ըլլամ. իր Հօրը տանը մէջ տաճարի մէջ փընտռեմ զՅիսուս ուր կըգտնըվի։ Եսալ միշտ հոն մնամ, հոն տեսնըվիմ իր հետը՝ որ է աղօթք եւ բարեգործութիւն. հեռու կենամ ստեղծուածներէն՝ ուսկից կըփախչի Յիսուս։

Հայր մեր…
Ողջո՛յն քեզ Մարիամ…
Փառք Հօր…

Մա՛յր ցաւագին,
Հա՛ր ըզսիրտ իմ
Ցաւով քոյին,
Զոր առ ի գիւտ
Կորուսելոյ
Կրեցեր Որդւոյդ:

Առ չորրորդն
Յիսուսի ձերբակալումը, ծաղրումը եւ դատապարտումը խաչելութեան
external

Պիղատոս ալ՝ փափաքելով գոհացնել բազմութիւնը՝ Բարաբբան արձակեց անոնց, ու խարազանելով Յիսուսը՝ յանձնեց անոնց որպէսզի խաչուէր: (Մարկ 15, 15)

Ո՛վ Մայր ցաւագին, ի՞նչ եղաւ արդեօք սիրտդ, երբոր քեզի իմացուցին որ՝ ան սիրելի միածին որդիդ բռնեցին, չարագործի պէս դատաւորնէրու առաջին տարին, ամմէն հրէաներուն ժողովքը վրան ժողվըված քահանայապետին առաջին մահապարտ վճռեցին, ապտակեցին, Պիղատոսի ատենին մէջ ձեռվընէրը կապեցին, չարաչար ծեծեցին, գլուխը փշով պսակեցին. սուտ թագաոր ձեւացընելով ծաղր ընելով սուրբ երեսը թքին, եւ հիմա պիտոր տանին խաչ հանելու։

Ասոնք թէ որ հասարակ մարդու մը վըրայ լսվի, մէկի մը սիրտ չիդիմանար՝ որչափ օտար մարդ ըլլայ, ուր մնաց անմեղ միածնի վրայ Մայրը լսէ, ասանկ կուսածին Աստուածորդի, եւ ասանկՄայր Աստուծոյ կոյս անյապական։ Ա՜խ, ի՜նչ խօսքեր են, ի՜նչ խորհուրդնէր, ինչ տեսիլ անարգանաց, ի՜նչ տեսիլ չարչարանաց խելքէ մտքէ վեր. եւ սակայն ասանկ Մայր ըլլալով սիրտդ դիմացուցիր, ետեւէն գացիր տեսնալու, որ դունալ Յիսուսին քահանայութեան խորհուրդին մասնակից ըլլաս :

Վասն զի ասչափ մեծ խորֆուրդնէրուն ասչափ դառնակսկիծ չարչարանաց պատճառ ե՛ս անարգ որդս եմ, ե՛ս Բարաբբա մարդասպան աւազակս եմ. որպէս զի ես Բարաբբա փրկըվիմ, ինքն Յիսուս քահանայապետը դրանքն առաւ իր չարչարանքով զինքը զոհել, պատարագ մատուցանել իմ մեղքէրուս թողութիւն քաւութիւն վաստըկելու համար. դունալ Մայր Աստուծոյ, որդւոյդ հետ մէկտեղ քաշելով գործակից եղար իմ փրկութեանս, մեծ խորհուրդնէրուն տեղեակ ու խելամուտ ըլլալով Սիմէոն ծերունիին խօսքը միտքդ բերիր. իմացար որ քուկին Յիսուս միածինդ անզեղջ հրէաներուն գլորումն պիտոր ըլլայ աստուածասպանութեամբ, ինծի պէս մեղաւորիս կանգնումն պիտոր ըլլայ փրկագործութեամբ, որ հեթանոս ազգէ դարձած՝ հաւատացեալ հրէանէրուն անդրանկութիւնը առի, բայց մահացու մեղքէրովս նորէն կորսընցուցի անդրանկութիւնսալ, անմեղութիւնսալ. եւ Յիսուսալ, ես եղայ պատճառ որ՝ բռնեցին, չարչարեցին, ետքնալ խաչվիլ վճռեցին:

Տուր ինծի այսօր մէկ յատուկ չնորհք եւ օգնութիւն մը, փորձութիւններէ պահվելու, աշխըրհիս՝ մարմնոյ՝ սատանայի խաբէութիւնէրու չիհաւատալու։

Հայր մեր…
Ողջո՛յն քեզ Մարիամ…
Փառք Հօր…

Մա՛յր ցաւագին,
Հա՛ր ըզսիրտ իմ
Ցաւով քոյին
Զոր ի տեսիլ
Որդւոյդ կրեցեր,
Մինչ խաչ ի յուս
Բարձեալ տանէր:

Առ հինգերորդ
Մարիամ Հանդիպում է Յիսուսին խաչի ճանապարհին
external

Յիսուսի խաչին քով կայնած էին իր մայրը եւ իր մօր քոյրը, Մարիամ՝ Կղէովպասի կինը, ու Մարիամ Մագդաղենացին: Ուրեմն երբ Յիսուս տեսաւ իր մայրը, եւ այն աշակերտը որ կը սիրէր՝ քովը կայնած, ըսաւ իր մօր. «Կի՛ն, ահա՛ քու որդիդ»: (Հովհ 19 25-26)

Ո՛վ Մայր ցաւագնեալ, ինչ եղաւ սիրտդ, երբոր Յիսուսին բռնըվիլը լսեցիր, ելար զինքը գտնելու եւ տեսնալու, եւ առջի տեսնալդ աս եղաւ որ, Յիսուս կուսածին՝ աչքովդ տեսար արիւնլըվայ եղած, խաչը շալկած կըտանէին խաչելու: Ամմէն իր քովի եղօղները՝ դահիճնէր, զինուորնէր, կատաղի անգութ հրէանէր. մէկ հատիկ իրեն իբր օդնական՝ Սիմէոն կիւրենացի, որ խաչին ծայրէն բռնած հետը կերթար, վասն զի Յիսուսին վրայ ուժ չէր մնացած ամենեւին զարնելէն՝ ծեծելէն, իր սուրբ արիւնը վազցընելէն ։ Մէյմնալ տեսար որ՝ ան ամենակարօղ բանն Աստուած՝ որ բոլոր աշխարհս ձեռքին վրայ կըտանի, ուժը հասնելէն գետինը ընկաւ աչքիդ առջին, անգութ դահիճնէրը ողորմելուն տեղը՝ զարնելով կուզէին վեր վերցընել:

Ա՜խ, ինչ եղա արդեօք ան ատենը Մայրական սիրտդ. թէ որ օտար կանայք Երուսաղէմի կուլային կողբային, որ չէին անանկ ճանչնար իր աստուածութիւնը, ի՜նչ եղար արդեօք ան ատենը դուն որ բոլորովին կըճանչնայ իր իր աստուածութիւնը, իր կուսածին ըլլալը, իր սուրբ վարքը, իր անմեղութիւնը։ Ի՜նչ եղաւ քու սիրտդ՝ երբոր նայելինի՝ քու աչքըդ Յիսուսին աչքին դպաւ, ինչպէս խորվեցաւ ճմլեցաւ սիրտդ:

Մէյմնալ երբոր միտքդ բերիր Սիմէոն ծերունիին խօսքը՝ եւ Աստուծոյ կամքը՝ մարդարէնէրուն բերնով առաջուցմէ զուրցըված որ աս քու միածին որդիդ ասանկ պիտոր չարչարվի, արիւնլըվայ ըլլայ, գետինը իյնայ, որ բոլոր ազդ մարդկան փրկըվի, ասչափ բազմութիւն մեղաւորաց ոտք ելլան կանգնվեն, դունալ Յիսուաին հետ միակամ, միաբան սրտովդ Հօրն երկնաւորի նուիրեցիր, դունալ անոր հետ մեկտեղ խորվըվեցար։ Մարդիկ առաջ Աբրահամ՝ նահապետին վրայ կըզարմանային, թէ ինչ սրտով տեսաւ իր անմեղ զաւակը Իսահակ իր վրայ փայտը շալկած լեռը կելլար որ մորթըվի: Հիմա հրեշտակները կըզարմանան որ՝ բանն Աստուած իր վրայ շալկեր է խաչափայտը Գողգոթա լեռը կելլայ՝ խաչվելու մեղաւորաց համար, եւ իրեն կուսածին Մայրը հետը կերթայ իր աչքովը տեսնալու։

Ահա ան մեղաւորներուն գլուխ ես եմ, իս փրկելու համար Յիսուս ան խաչը տարա, դո՛ւնալ իրեն հետ մէկտեղ խաչվեցար, իմ չարաշար մեղքէրս քաւելու համար մէկ տեղ խորվըվեցար։ Անանկէնէ ո՛վ Մայր Աստուծոյ, ո՛չ իմ արժանաւորութեանս համար՝ հապա միայն Յիսուսին եւ քուկին քաշածնէրդ պարապ չելլալուն համար, այսօր մէկ զօրաւոր չնորհքմը պարգեւէ՛ ինծի հինգերորդ խոցիդ համաբ, որ Յիսուսին չարչարանքները խաչվելը՝ եuալ պայծառ տեսնամ հաւատքի աչքով, իմ մեղացս գարչութիւնը իմանամ, ճշմարիտ զըղջմամբ ապաշխարեմ ։ Տո՛ւր շնորհքալ որ՝ եսալ Յիսուսին նման յօժարութիւն ունենամ խաչ քաշելու: գոնէ ինչ խաչ որ Աստուած խրկէ՝ սիրով քաշեմ, չիճչգոհամ։

Հայր մեր…
Ողջո՛յն քեզ Մարիամ…
Փառք Հօր…

Մա՛յր ցաւագին,
Հա՛ր ըզսիրտ իմ
Ցաւով քոյին,
Զոր ի տեսիլ
Որդւոյդ կրեցեր
Կալով խաչին
Քո առընթեր

Առ վէցէրոդն
Մարիամ տեսաւ Յիսուսի խաչելութիւնը եւ մահը
external

Երբ հասան Գագաթ կոչուած տեղը, հոն խաչեցին զայն եւ այդ չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը… Յիսուս բարձրաձայն գոչեց. «Հա՛յր, քո՛ւ ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ իմ հոգիս»: Ու երբ ըսաւ ասիկա՝ հոգին տուաւ: (Ղուկաս 23 33,46)

Ո՛վ սուրբ կոյս ցաագին, ի՜նչ զար զարհուրելի տեսիլ եղաւ, երբոր Յիսուս խաչը շալկած հոգնած Գողգոթա լեռը հասա, հոն աչքովդ տեսար որ՝ զինուորները խաչին վրայ տարածեցին, սուրբ ձեռվընէրը քաշկըռտելով երկընցընելով խոշոր գամերով գամեցին։ Ա՜խ, ինչ եղաւ Մայրական սիրտդ՝ երբոր գամվելուն ձանը լսեցիր. կիմանայիր որ՝ տախտակ չէր գամածնին, հապա մարմին կուսածին, մէկ հատիկ միածին որդւոյդ ձեռվընէրն էր՝ որ տախտըկի պէս կըգամ՝ին։ Գամելէն ետեւ աչքիդ առջին տեսար որ՝ ան կուսածին Յիսուսը մէկ աւազակի մը պէս խաչին վրայ տնկեցին, բարձրցուցին, բոլոր աշխարհի անարգ տեսիլմը ցըցուցին, որուն մարմինը չորս դին վիրաւորած, արիւնը գետնին վրայ կըվազէր կըլուանար։

Յիշէ՛ աս ամմէն քաշածնէրդ սուրբ Աստուածածին. Յիշէ՛ առջիդ եղած ողորմելի տեսիլքը, քուկին ցաւագին ժամուն ատենը, ուր թէ որ Աստուած հրաշքով չիպահէր, հազար անգամ կըմեռնեիր։ Եւ հիշելով ասոնք, բա՛ց շնորհօք իմին հաւատքիս աչքնալ, որ ինչպէս դուն աչքիդ առջին տեսար, ու տեսնելովդ՝ սրտէդ կսկիծը չիհանեցիր, ե՛ս ալ անանկ մտքովս աչքիս առջին տեսնողի պէս ըլլամ աս կսկիծը, ո՛չ երբէք սրտէս հանեմ Յիսուսին չարչարանքները, այլ միշտ հիշելով լամ ողբամ իմ մեղքէրս, որ պատճառ եղան այս չարչարանքնէրուն, որով մէկ դին Յիսուս մարմնով խաչվեցաւ, մէկալ դինալ դուն անարատդ Յիսուսին հետ սրտիդ մէջը մէկ տեղ խաչվեցար։

Եւ ես որ հիմա բոլորովին ապաւինէր փաթթըված կեցեր եմ աս սուրբ խաչին տակը, այսօր կատարեալ թողութիւն առնել տո՛ւ իմ պզտիկութենէ ըրած մեղքէրում, վասն զի երբոր արդարութիւնն աստուածային տեսնայ այս չարչարանքները Յիսուսին, ու քուկին քաշածնէրդ ինծի համար, գութը կըշարժի, ողորմութիւնը կըդառնայ. եւ ես կարդարանամ արդեամբք չարչարանացն Յիսուսի, եւ միջնորդութեամբ քու վիրացդ։ Անանկով սրբոց հետ ընկերանալով, յաւիտեան կըփառաւորեմ զամենասուրբ Երրորդութիւնն, եւ զքեզ Մայր կենաց եւ փրկութեան կըմեծարեմ։

Հայր մեր…
Ողջո՛յն քեզ Մարիամ…
Փառք Հօր…

Մա՛յր ցաւագին,
Հա՛ր ըզսիրտ իմ
Ցաւով քոյին,
Զոր կըրեցեր
Խոցմամբ կողին,
Եւ ըզմեռեալ
Որդւոյդ մարմին
Մինչ ի խաչէն
Վայր իջուցին:

Առ էօթնէրորդն
Մարիամ ուղեկցում է մեռած Որդուն գերեզման
external

Այն տեղը ուր խաչուեցաւ՝ պարտէզ մը կար, եւ պարտէզին մէջ՝ նոր գերեզման մը, որուն մէջ ամե՛նեւին մարդ դրուած չէր: Ուստի հոն դրին Յիսուսը՝ Հրեաներու Ուրբաթին պատճառով, որովհետեւ գերեզմանը մօտ էր: (Հովհ 19 41-42)

Ո՛վ Մայր ցաւագնեալ, որ միածին որդւոյդ հետ ինչվան ետքը քաշեցիր սրտիդ մէջը՝ ինչ որ Յիսուս քաշեց իր մարմնովը ինծի համար՝ Յիսուս ամմէն բանը քաշելէն ետեւ՝ ամմէն չար չարանքները լմնցուց. իր յաղթանակը տնկեց՝ սրբազնեալ հոգին աւանդելով երկնաւոր Հօրը ձեռքը։ Բայց քուկին խոցերդ Մա՛յր ցաւագին՝ չիլըմընցաւ, այլ երբոր Յիսուս լմնցուց, դո՛ւն ամմէնէն սաստիկ խոցը ան ատենը կրեցիր սրտիդ մէջը։ Երբոր աչքովդ տեսար Յիսուսին մեռնիլը, երբոր զրկըվեցար կենդանի տեսիլքէն Յիսուսի, կենդանի Յիսուսին տեղը՝ մեռեալ Յիսուսը աչքիդ առջին խաչէն վար առին, գիրկդ տըվին. ան կենդանի գեղեցիկ Յիսուսը քեզնէ յափշտակեցին. հիմա բոլորովին խոցոոված, խորվըված, արեան մէջ թաթխած՝ նորէն քեզի տըվին ։

Ա՜խ, հիշէ՛ ան ցաւագին ժամը ո՛վ Մայր ցաւոց, արդեօք ինչ փոխված տեսար. ո՛ր վէրքը կընայէիր, արդեօք փշեղէն պսակը, արդեօք ձեռքին ծակերը, թէ ոտքին ու կողին պատռուածքը, եւ բոլոր մարմնոյն. ի՛նչ եղաւ ան ատենը սիրադ՝ ո՛վ Մայր ծովացեալ վշտաց, յիշէ ասոնք որ ամմէննալ իմ պատճառով քաշեցիր։

Հիմա ես գլուխս մեղաւորաց, իմ մեղքէրուս ծանրութենէ յուսահատված, ահա աս սոսկալի օրը կըյիշեցնէմ ո՛վ Մայր ողորմութեան։ Մեծ են Յիսուսին եւ քուկին քաշածներդ, մի թողուր որ իմ մեղքէրս պարապ հանէ ասոնք. անտանելի են ան կըսկիծնէրը՝ որ սրտիդ մէջը կրեցիր, մի անպըտուղ թողուր իմ չարութեանս համար։ Այլ ’ի խորոց սրտէ կաղաչեմ, հիշեցո՛ւ Յիսուսի դատաւորին, եւ յիշեցընելով՝ իմ փրկութիւնս հոգա՛. վասն զի թէ որ ես ինծի մնամ՝ չեմ կրնար փրկըվիլ, ասիկայ է մէկ հատիկ յոյս իմ։

Դո՛ւ ես օրինակեալն Եսթեր տիկին. ի փրկութեանս համար զքեզ ընտրեց Հայրն յաւիտենական, եւ աս փառքիս հասուց։ Այսօր է օր փրկութեան. Իրաւի սաստիկ է բարկութիւն Հօրն երկնաւորի իմ վրա՝ քան Արտաշէսի բարկութիւնը հրէից վրայ, վասն զի աններելի են մեղքէրս. բայց երբոր Եսթեր մէկ քանի խօսք մը խօսեցաւ հրէից փրկութեանը համար, փոխվեցաւ, ողորմեցաւ Արտաշէս, ինչվան թագաւորութեան կէսը անոր տըվավ, հրեաներուն մահուան վճիռը ետ դարձուց, թուղթը պատռեց։

Ասոնք քու միջնորդութեանդ օրինակ էին ով Մայր Աստուծոյ, որ եղար թագուհի երկնի եւ երկրի, եւ գանձարան շնորհացն Յիսուսի. երբոր ցըցնես աս քուկին ետքի խոցդ մէկալ խոցէրուդ հետ մէկ տեղ, եւ մէկ քանի խօսքով բարեխօս ըլլաս իմ` փրկութեանս համար, իրաւի կըգթայ սիրտը Հօրն երկնաւորի, իմ դատապարտութեան վճիռնալ կըպատռէ, իս որդի արքայութեան կընէ քուկին անուանդ համար։ Ան ատենը աս քաշածնէրդ պարապ չեն ըլլար ինծի համար, ան ատենը ես ողորմելի մեղաւորս կըլլամ փառք սլարծանք քու անուանդ` ամմէննալ կիմանան որ՝ ինծի պէս մեղաւորը պիտոր դատապարտըվէր, միայն քու օխտը խոցիդ միջնորդունթիւնն իս փրկեց:

Անոր համար կաղաչեմ որ իմ կենդանութեանս ատենը աս իրեք չնորքը ընես ինծի։ Մէյմը՝ երբոր սատանան իս փորձութեան մէջ ձգէ, եսալ ի՛նչ ատեն որ ըլլայ՝ երբոր քուկին օխտը խոցդ բարեխօս բռնեմ, օդնութիւն կանչեմ, ան ատենը մէկէն երկնքէն հասիր ինծի, քու երկնային զօրութիւնդ խրկէ՛. իս մեղքէրէն պահէ՛. թող մի՛ տար որ՝ ան փորձութեան մէջը իյնամ: Երկրորդ՝ մեռնելէս առաջ կատարեալ զղջամբ սուրբ հաղորդութեան խորհորդոյն արժանի ըրէ՛։ Եւ երրորդ՝ ինչպէս որ Յիսուսին մեռնելու ատենը քովը գտնըվեցար, արժանի ըրէ՛ ով Մայր Աստուծո իմ մեռնելուս ատեննալ որ՝ սուրբ հաղորդութեամբ մի մարմին՝ մի անդամ եմ եղած Յիսուսի, չնորհքով երկնքէն քուկին պաշտպանութեամբդ հասնիս իս մխիթարելու, եւ հոգւոյս թշնամինէրէն ազատելու։

Աս հիմակվան ըրած աղաչանքս՝ միածնիդ մեռած օրվանը համար, կըխընդրեմ ո՛վ Մայր գթութեան, ընդունէ՛, լսէ՛, թէ որ մեռնելու ցաւագին օրս չիկրնամ աղաչել։ Եւ մեռնելէս ետեւալ քուկին բարեխօսութեամբդ իս պարզերես հանէ Յիսուսի դատաստանին առաջին, որ փրկութիւն գտնալով քեզ եւ քեւ զՅիսուս միածին յաւիտեանկան փառաւորօղ ըլլամ իր արքայութեան մէջ։ Ամէն։

Հայր մեր…
Ողջո՛յն քեզ Մարիամ…
Փառք Հօր…

Մա՛յր ցաւագին,
Հա՛ր ըզսիրտ իմ
Ցաւով քոյին,
Զոր ի թաղման
Քո միածնին
Յիշատակաւ
Կրեցեր նորին:


Աղբյուրը՝ «Աղօթագիրք նոր աշխարհաբառ», Հ. Ղուկաս Ինճիճեան, Ս. Ղազար, 1849: