ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ՀԱՄԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆ
ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ՀԱՄԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆ
Վերջերս տարբեր բառարանագիրներու կողմէ լոյս ընծայուած են արդի հայերէնի մէջ գործածուող օտար բառերու հսկայական ցանկեր պարունակող բառարաններ։ Այդ բառարանները շուրջ 3.500 բառ ծաւալէն մինչեւ 15.000 բառմիաւոր կը պարունակեն:
Ինչպէս նշուած է Ա. Աւետիսեանի «Հայերէնում գործածուող օտար բառերի բառարան»-ի մուտքին, օտար ծագում ունեցող բառերու «յաճախ կարելի է հանդիպել ինչպէս առօրեայ կեանքում, այնպէս էլ պարբերական մամուլում, գիտահանրամատչելի, գեղարուեստական գրականութեան մէջ, լսել հեռուստատեսութեամբ, կարդալ ինտերնետ (հիմա՝ համացանց — Ա. Ս., Յ. Ա.) կայքերում», նմանապէս դիմատետրի գրառումներու մէջ: Փաստօրէն սոյն բառարանները գրական հայերէնի բառապաշարի մաքրազտման փոխարէն այն աւելի եւս աղաւաղելու, օտարաբանութիւններով խճողելու գործընթացին կը նպաստեն:
Այս բառարանը սահմանափակուած է միայն յաճախակի գործածուած օտար բառերու ցանկով։ Վերստին շեշտենք, որ մանաւանդ Հայաստանի մէջ հրատարակուած հայերէն բացատրական բառարանները կը պարունակեն անհարկի բազմատասնեակ հազարաւոր բառեր։ Մեր սկզբունքն է եղած ամէն բառի դիմաց համապատասխան յարմարագոյն մէկ կամ երկու հայերէն բառ զետեղելը, թիւրիմացութիւն չստեղծելու համար։
Բառարանի մէջ բառերու հայաստանեան գրելաձեւը պահուած է, բայց դասական ուղղագրութեամբ: Ներկայ բառարանը վերոնշեալ բոլոր բնագաւառներու հայորդիներուն յստակօրէն կը մատուցէ անհարկի գործածուող օտարամուտ բառերու հայեցի յանձնարարելի ձեւերը, կ՚օգնէ ամէն օր միմիայն տասը հայերէն բառ սորվելով ընդամէնը հինգ ամսուան աւարտին իւրացնել աւելի քան 1.500 զուտ հայեցի բառեր:
Բացի վերոնշեալ բնագաւառներու հայորդիներուն օգտակար ըլլալու գնահատելի իրողութենէն, սոյն բառարանը մեծապէս կ՚օժանդակէ նաեւ կրթական, տնտեսական, մարզական եւ այլ ոլորտներէն ներս մայրենի լեզուի մաքրութեան հարցերով նախանձախնդիր խաւերուն։
Յաջողութիւն կը մաղթենք սոյն բառարանէն օգտուողներուն:
Տոքթ. Յ. Այնթապլեան
Փրոֆ. Ա. Սարգսեան
ԲԱՌԱՐԱՆ