ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆՈՆ

external
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ

Ղուկաս Ինճիճեան

Ով անհուն խորք գթութեան Տեառնդ Աստուծոյ, ի՞նչ գթութիւն է որ այսօր կը ցուցնես իմ վրաս, դու յաւիտենական Բանդ Աստուած, արարիչդ երկնի եւ երկրի՝ թողուցիր երկինքը, իջար երկրի վրայ զիս փրկելու համար: Ո՛վ խորք մարդասիրութեան, Բանդ Աստուած ամենակարող ըլլալով՝ մարդացար, տղայ եղար, իմ ետեւէս երկար, զիս մոլորեալ ոչխարդ գտնելու համար : Ո՛վ անբաւ իմաստութիւն, որ ծնած օրէդ ինծի քարոզել սկսար՝ գործով, զիս յապաշխարութիւն կանչել սկսար՝ քու օրինակովդ, ցրտութիւն, աղքատութիւն եւ օտարութիւն քաշելով։ Ամէն հարստութիւն ստեղծեր էիր , մէկ տուն չգտնուեցաւ քեզ արարչիդ ծնանելու համար: Ամէն հանգստութիւն դուն տուեր էիր մարդիկներուն, քեզ տեղ մը չտուին մարդիկ:

Այս ի՞նչ սէր է, Տէր իմ, որ այսօր կը ցուցնես իմ վրաս. ես զքեզ թողուցեր էի, չէի ճանչնար, չէի պաշտեր. դուն ալ ինծմէ քաշուելով անասնոց մէջ գացիր , հովուաց հետ նստար, եւ այնպէս խեղճ տղայական կերպարանքով՝ իմ կամակորութիւնս, իմ բարբարոսութիւնս ուզեցիր անուշցնել, ճամբայ բերել։ Եւ յիրաւի, իմ ապառաժ սիրտս ալ տեսնելով քու խեղճ կերպարանքդ , փոխուեցաւ, իջաւ, քովդ գալու համարձակեցաւ: Չշարժեցաւ իմ չարութիւնս ոչ ջրհեղեղին պատժով, ոչ երկնատեղաց կրակով, ոչ Սինա լերան վրայ եղած ահեղ տեսիլքով, այլ երբ այսօր Բեթղեհեմի մսրին վրայ կը նայիմք, երբ քաշած խեղճութիւնդ կը տեսնեմ, սիրտս չդիմանար , ըրած չարութեանս ու ապերախտութեանս վրայ ցա կու գայ, սիրտս կը փղձկի։ Մեղա՛յ կ՚ըսեմ, Տէ՛ր իմ, մեղայ, ես ալ հովուաց հետ Բեթղեհէմ կու գամ, քու աղքատութեանդ, քու ճգնութեանդ կը հետեւիմ. ինծի ալ ցցո՛ւր քու տեսիլքդ, ինծի ալ լսեցուր քու ձայնդ, որ հովուաց պէս հրեշտակաց հետ զքեզ օրէնեմ երգով «Փաոք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»:

Փա՜ռք խոնարհութեան քո, Տէ՛ր, որ այս աղքատութիւնս, այս խոնարհութիւնս յանձն առիր՝ իմ սիրոյս համար: Փառք մարդասիրութեան քո, Տէ՛ր, որ այնչափ զիս սիրեցիր՝ որ զիս փրկելու համար մոռցար քու երկնային փառքդ, թողուցիր հայրական ծոցը՝ եկար հողին վրայ ղիս փնտռելու։ Փառք իմաստութեան քո, Տէր , որ իմ չարութեանս վրայ ոչ սաստկութեամբ՝ այլ քաղցրութեամբ յաղթել ուզեցիր։ Այսօր ահա յաղթուեցայ քու գթութենէդ, Տէ՛ր իմ Յիսուս՝ վասն իմ մանկացեալ, սիրտս տրորեցաւ. մեղայ գոչելով ոտքդ կու գամ, ո՛վ վասն իմ մարդացեալ: Տո՛ւր ինծի ալ այն աղքատութեան շնորհքը, որ աչխարհային բաները սրտէս դուրս հանեմ: Տո՛ւր ինծի բարեխօսութեամբ սուրը Աստուածածնի մօր քոյ՝ քու խոնարհութենէդ, քու իմաստութենէդ, որ քու այսօրուան տուած օրինակդ մտածելով՝ ամեն բան ձգեմ, քեզ հետեւիմ, հաատքս, յոյսս, սէրս ամրացնելով՝ զղջմամբ անցունեմ օրերս, որպէս զի ինչպէս տեսայ քու մարդեղութիւնդ, նոյնպէս ալ քու աստուածութիւնդ դէմ յանդիման տեսնելու արժանի ըլլամ. ամէն։