ՀԱՄԱՌՕՏ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ՏԱՍԸ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ

434 — «Վարդապե՛տ, ի՞նչ բարի գործ ընելու եմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար» (Մտթ 19, 16):
Այս հարցումը ուղղող երիտասարդին, Յիսուս պատասխանեց. «Եթէ կ’ուզես կեանքի մէջ մտնել, պահէ՛ պատուիրանները»: Ապա աւելցուց. «Եկու՛ր, Ինծի հետեւէ՛» (Մտթ 19, 16-21): Յիսուսին հետեւիլ կը նշանակէ պատուիրանները պահել: Հին Օրէնքը չէ ջնջուած, այլ մարդը հրաւիրուած է զայն վերագտնելու աստուածային Վարդապետին անձին մէջ, որ զայն Իր մէջ կատարեալ ձեւով կ՚իրագործէ, անոր ամբողջական նշանակութիւնը կը յայտնէ եւ անոր յաւերժականութիւնը կը հաստատէ:

435 — Յիսուս Օրէնքը ի՞նչ ձեւով կը մեկնաբանէ:
Յիսուս զայն կը մեկնաբանէ սիրոյ զոյգ եւ միակ Պատւիրանին լոյսին տակ, որ Օրէնքին լրումն է. «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ անձովդ եւ ամբողջ մտքովդ: Ասիկա է ամենամեծ եւ առաջին պատուիրանը: Երկրորդը անոր նման է. Սիրէ՛ քու ընկերդ քու անձիդ պէս: Այս երկու պատուիրաններէն կախում ունին Օրէնքը եւ Մարգարէները» (Մտթ 22,37-40):

436 — Ի՞նչ կը նշանակէ «Տասնաբանեայ»:
Կը նշանակէ «տասը խօսքեր» (Ելք 34,28), որոնք իրենց մէջ կը համադրեն Աստուծոյ կողմէ Իսրայէլի ժողովուրդին տրուած Օրէնքը, Մովսէսի հետ կնքած Ուխտին ծիրէն ներս: Տասնաբանեան, իր առաջին երեք պատուիրաններուն մէջ, Աստուծոյ սէրը յայտնելով, իսկ միւս եօթը պատուիրաններուն մէջ՝ եղբայրսիրութիւնը ներկայացնելով, ընտրեալ ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր մարդու առջեւ կը գծէ մեղքի գերութենէն ձերբազատուած կեանքի ուղին:

437 — Ի՞նչ է զօդը Տասնաբանեային եւ Ուխտին միջեւ:
Տասնաբանեան հասկցուելու է Ուխտին լոյսին տակ, որուն մէջ Աստուած կը յայտնուի՝ Իր կամքը մարդոց յայտնելով: Ժողովուրդը, երբ պատուիրանները կը պահէ, Աստուծոյ իր պատկանելիութիւնը կը յայտնէ եւ երախտապարտ սրտով Անոր սիրոյ նախաձեռնութեան կ’ընդառաջէ:

438 — Եկեղեցին Տասնաբանեային ի՞նչ կարեւորութիւն կ’ընծայէ:
Եկեղեցին, հաւատարիմ՝ Սուրբ Գիրքին ապա նաեւ Քրիստոսի տուած օրինակին, Տասնաբանեային առաջնակարգ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն կ’ընծայէ: Քրիստոնեաները պարտաւոր են զայն գործադրել:

439 — Ի՞նչ ձեւով Տասնաբանեան կառուցային ներքին միութիւն մը կը կազմէ:
Տասը պատուիրանները կառուցային եւ անանջատելի համադրութիւն մը կը կազմեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր պատուիրան կը յղէ մէկը միւսին եւ ամբողջ Տասնաբանեային: Պատուիրան մը զանց ընելը՝ ամբողջ Օրէնքը բեկանել է:

440 — Ինչու՞ Տասնաբանեան ծանրօրէն կը պարտաւորէ:
Որովհետեւ Տասնաբանեան Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ մարդուն հիմնական պարտականութիւնները կը նշէ:

441 — Տասնաբանեան գործադրելը հնարաւո՞ր է:
Հնարաւո՛ր է, քանի որ Քրիստոս, առանց Որուն ոչի՛նչ կրնանք ընել, Իր Հոգիին պարգեւով եւ Իր շնորհքին զօրութեամբ՝ զայն գործադրելը մեզի կարելի կը դարձնէ:

«ՍԻՐԷ՛ ՔՈՒ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԴ ԲՈԼՈՐ ՍՐՏՈՎԴ , ԲՈԼՈՐ ՀՈԳԻՈՎԴ ԵՒ ԲՈԼՈՐ ՄՏՔՈՎԴ»
ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ԵՍ ԵՄ ՔՈՒ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԴ, ԻՆԾՄԷ ԶԱՏ ՈՒՐԻՇ ԱՍՏՈՒԱԾ ՉՈՒՆԵՆԱՍ

442 — Ի՞նչ կը նշանակէ աստուածային այս յայտարարութիւնը «Ե՛ս եմ քու Տէր Աստուածդ» (Ելք 20,2):Հաւատացեալին համար՝ ան կը նշանակէ պահել եւ գործադրել աստուածաբանական երեք առաքինութիւնները եւ խուսափիլ անոնց ներհակ մեղքերէն: Հաւատքի ուժով՝ կը հաւատանք Աստուծոյ եւ կը մերժենք ինչ որ Անոր հակառակ է, օրինակ՝ կամաւոր տարակոյսը, անհաւատութիւնը, հերետիկոսութիւնը, ուրացումը, հերձուածը: Յոյսի ուժով՝ վստահութեամբ կ’ակնկալենք Աստուծոյ երանաւէտ տեսութիւնն ու օգնութիւնը, խուսափելով վհատութենէն եւ յանձնապաստանութենէն: Սիրոյ միջոցաւ՝ զԱստուած կը սիրենք ամէն բանէ վեր,  հետեւաբար կը վանենք անտարբերութիւնը, ապերախտութիւնը, գաղջութիւնը, հոգեւոր հեղգութիւնը եւ հպարտութենէն ծագող՝ Աստուծոյ ատելութիւնը:

443 — Ի՞նչ կը նշանակէ Տիրոջ սոյն Խօսքը. «Պաշտէ՛ միայն քու Տէր Աստուածդ եւ միայն Անոր պաշտամունք ընծայէ՛» (Մտթ 4, 10):Կը նշանակէ զԱստուած  պաշտել  որպէս բոլոր գոյութիւններուն Տէրը, մատուցանել Անոր պատշաճ պաշտամունքը՝ անհատապէս եւ հաւաքականութեամբ, Անոր գովաբանական եւ գոհաբանական աղօթքներ եւ աղաչանքներ ընծայել, զոհեր մատուցանել եւ յատկապէս մեր կեանքին հոգեւոր զոհը՝ Քրիստոսի՛ կատարեալ զոհին միացնել, եւ վերջապէս՝ գործադրել Աստուծոյ հանդէպ կատարած մեր խոստումները եւ ուխտերը:

444 — Մարդս ի՞նչ ձեւով Աստուծոյ ճշմարիտ եւ ազատ պաշտամունք մատուցանելու իր իրաւունքը կը կիրարկէ:Ամէն մարդ իրաւունքն ու բարոյական պարտականութիւնն ունի ճշմարտութիւնը որոնելու, յատկապէս Աստուծոյ եւ անոր Եկեղեցիին վերաբերեալ եւ, ճշմարտութիւնը անգամ մը ճանչնալէ ետք, զայն ընդգրկելու եւ անոր հաւատարիմ մնալու, Աստուծոյ հարազատ պաշտամունք մատուցանելով: Մարդկային անձին արժանապատուութիւնը եւս կը պահանջէ, որ կրօնական մարզին մէջ ո՛չ ոք իր խղճին դէմ գործելու բռնադատուի եւ ո՛չ ալ, հանրային մարզին օրինաւոր սահմանէն ներս՝ անոր արգիլուի ըստ իր խղճին գործել, առանձնապէս թէ հրապարակաւ, անհատապէս թէ խմբակցաբար:

445 — Աստուած ի՞նչ կ’արգիլէ երբ կ’ըսէ. « Ինծմէ զատ ուրիշ Աստուած պիտի չունենաս» (Ելք 20, 2):
Այս պատուիրանը կ’արգիլէ.
— Բազմաստուածութիւնն ու կռապաշտութիւնը, որ կ’աստուածացնէ արարածը, իշխանութիւնը, դրամը, նոյնիսկ սատանան:
— Սնապաշտութիւնը, որ շեղում մըն է Աստուծոյ պատշաճող պաշտամունքէն եւ մարդուն կը ներկայանայ գուշակութեան, մոգութեան, կախարդութեան եւ ոգեհարցութեան ձեւերուն տակ:
— Անկրօնութիւնը, որ կը կայանայ խօսքով կամ գործով զԱստուած փորձելու մէջ, անձեր կամ սրբազան առարկաներ եւ յատկապէս Սուրբ Հաղորդութիւնը սրբապղծելու մէջ, նաեւ սիմոնականութեան մէջ, այսինքն՝ հոգեւոր իրականութիւններ գնելու կամ վաճառելու մէջ:
— Անաստուածութիւնը, որ կը մերժէ Աստուծոյ գոյութիւնը, յաճախ թիւր ըմբռնուած մարդկային ինքնավարութեան մը անունին տակ, ապա անգիտապաշտութիւնը, ըստ որուն՝ հնարաւոր չէ Աստուծոյ մասին բան մը գիտնալ: Ան իր մէջ կ’ըմբռնէ նաեւ անտարբերութիւնը եւ գործնական անաստւածութիւնը:

446 — «Քեզի համար կուռք պիտի չքանդակես» (Ելք 20, 3): Աստուծոյ պատուիրանը Պատկերապաշտութեան դէ՞մ է :
Հին Կտակարանին մէջ այս պատուիրանը կ’արգիլէր գերազանցապէս վերանցական Աստուածը՝ պատկերի տակ ներկայացնել: Բայց Աստուածորդիին մարդեղութենէն ետք՝ քրիստոնեաներուն կատարած պատկերապաշտութիւնը արդարացուած է (ինչպէս կը հաստատէ Նիկիոյ 787ին երկրորդ ժողովը), որովհետեւ ան հիմնուած է մարդացեալ Աստւածորդիին Խորհուրդին վրայ, ուր վերանցական Աստւածը տեսանելի կը դառնայ: Պատկերապաշտութիւնը պատկեր չի պաշտեր, այլ կը մեծարէ անոր ներկայացուցած Քրիստոսը, Սուրբ Կոյսը, հրեշտակները եւ սուրբերը:

ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ ԶՈՒՐ ՏԵՂ
ՊԻՏԻ ՉԱՐՏԱՍԱՆԵՍ

447 — Աստուծոյ սուրբ Անունը ինչպէ՞ս կը մեծարեն:
Աստուծոյ սուրբ Անունը կը մեծարեն զայն օգնութեան կանչելով, զայն օրհնաբանելով, գովաբանելով եւ փառաբանելով: Պէտք չէ Աստուծոյ Անունը վկայակոչել յանցագործութիւն մը արդարացնելու նպատակով, պէտք չէ նաեւ զայն անպատեհ առիթով գործածել, ինչպէս՝ հայհոյանքի պարագային, որ ըստ իր բնութեան՝ ծանր յանցանք է, նաեւ նախատական խօսքին եւ Աստուծոյ Անունով կատար ուած խոստումին հանդէպ խոստումնադրժութեան պարագային:

448 — Ինչու՞ սուտ երդումը արգիլուած է:
Որովհետեւ ան սուտի մը իբր վկայ կը կանչէ զԱստուա՛ծ, որ ճշմարտութիւնն իսկ է: Մի՛ երդնուր ո՛չ Արարիչով, ո՛չ արարածով, այլ միայն ճշմարտութեան սիրոյն, անհրաժեշտութեան պարագային եւ յարգանքով (Ս. Իգնատիոս Լոյոլացի):

449 — Ի՞նչ է երդմնազանցութիւնը:
Երդմնազանցութիւնը՝ չյարգելու դիտաւորութեամբ երդումով խոստում կատարել է, կամ երդումով կատարուած խոստումը դրժել է: Ան ծանր մեղք է՝ Աստուծոյ դէմ որ Իր խոստումներուն միշտ հաւատարիմ է:

ԵՐՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ՏԻՐՈՋ ՕՐԸ ՍՈՒՐԲ ՊԱՀԷ՛:

450 — Աստուած ինչու՞ «Շաբաթ օրը օրհնեց եւ զայն սուրբ հռչակեց» (Ելք 20, 11):
Շաբաթ օրը յիշատակութիւնն է արարչագործութեան եօթներորդ օրուան, Աստուծոյ հանգիստին, յիշատակութիւնն է նաեւ Իսրայէլի ազատագրումին Եգիպտոսի գերութենէն եւ Աստուծոյ Իր ժողովուրդին հետ կնքած Ուխտին:

451 — Յիսուս շաբաթին հանդէպ ինչպէ՞ս կը վարուի:
Յիսուս շաբաթին սրբութիւնը կը ճանչնայ եւ Իր աստւածային հեղինակութեամբ՝ անոր հարազատ մեկնաբանութիւնը կու տայ. «Շաբաթը մարդուն համար եղած է եւ ո՛չ թէ մարդը շաբաթին համար» (Մրկ 2,27):

452 — Քրիստոնեաներուն համար կիրակին ի՞նչու փոխարինեց շաբաթը:
Որովհետեւ կիրակին Քրիստոսի Յարութեան օրն է: Ան, որպէս «շաբթուան առաջին օրը» (Մրկ 16,2), կը յիշեցնէ առաջին արարչագործութիւնը, իսկ իբր շաբաթ օրուան յաջորդող «ութերորդ օրը», կը նշէ Քրիստոսի Յարութեամբ սկսուած նոր ստեղծագործութիւնը: Այս ձեւով, կիրակին քրիստոնեաներուն համար դարձաւ բոլոր օրերուն եւ բոլոր տօներուն առաջինը. եղաւ Տիրոջ օրը, ուր Տէրը Իր Զատիկով՝ հրէական շաբաթը իր կատարումին կը հասցնէ եւ մարդուն Աստուծոյ քով վայելելիք յաւիտենական հանգիստը կ’աւետէ:

453 — Կիրակին ինչպէ՞ս սրբացնել:
Քրիստոնեաները կիրակին եւ պատուիրեալ տօները կը սրբացնեն մասնակցելով Տիրոջ Գոհութեան Խորհուրդին, հեռու մնալով նաեւ այն զբաղումներէն, որոնք աստուածային պաշտամունքին արգելք կը հանդիսանան, Տիրոջ օրուան յատուկ ուրախութիւնը կամ մտքին եւ մարմնին պահանջած անդորրը կը խանգարեն: Թոյլատրուած կը մնան ա՛յն զբաղումները, որոնք անհրաժեշտօրէն կապուած են ընտանեկան պահանջներուն կամ ընկերային մեծապէս օգտակար սպասառկութիւններուն, պայմանով որ անոնք կիրակիի սրբութեան, ընտանեկան կեանքին եւ առողջութեան վնասող սովորութիւններ չստեղծեն:

454 — Ի՞նչու կարեւոր է քաղաքային իշխանութեան կողմէ կիրակիին իբր արձակուրդի օր ճանչցուիլը:
Որպէսզի բոլորին իրական կարելիութիւնը տրուի բաւարար հանգիստ եւ ազատ ժամանակ վայելելու, որոնք թոյլատրեն կրօնական, ընտանեկան, մշակութային եւ ընկերային կեանք մը մշակելու, ապա մտածականի, խորհրդածութեան, լռութեան եւ ուսումի նպաստաւոր պահեր իրենց տրամադրութեան տակ ունենալու, ինչպէս նաեւ բարեսիրական գործերու նուիրուելու, յատուկ կերպով հիւանդներու եւ տարիքաւոր անձերու օգտակար ըլլալու:

«ԸՆԿԵՐԴ ՊԻՏԻ ՍԻՐԵՍ ՔՈՒ ԱՆՁԻԴ ՊԷՍ»
ՉՈՐՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ՊԱՏՈՒԷ՛ ՀԱՅՐԴ ՈՒ ՄԱՅՐԴ

455 — Չորորդ Պատուիրանը ի՞նչ կը հրամայէ:
Կը հրամայէ պատուել ու յարգել մեր ծնողները եւ անոնք, որոնց Աստուած՝ մեր բարիքին համար, Իր իշխանութիւնը զգեցուցած է:

456 — Ի՞նչ է ընտանիքին բնոյթը Աստուծոյ ծրագրին մէջ:
Ամուսնութեամբ միացած այր ու կին իրենց զաւակներով ընտանիք մը կը կազմեն: Աստուած Ի՛նք հաստատեց ընտանիքը եւ զայն Իր հիմնական ուրոյն օրէնքներով օժտեց: Ամուսնութիւնն ու ընտանիքը նպատակադրուած են ամուսիններուն բարիքին, որդեծնութեան եւ զաւակներու դաստիարակութեան համար: Նոյն ընտանիքի անդամներուն միջեւ անձէ անձ յարաբերութիւններ եւ առաջնահերթ պատասխանատուութիւններ կը սահմանուին: Ընտանիքը Քրիստոսով՝ առտնին Եկեղեցի մը կը դառնայ, քանի որ ընտանիքը հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ հասարակութիւն մըն է:

457 — Ո՞րն է ընտանիքին տեղը ընկերութեան մէջ:
Ընտանիքը՝ մարդկային ընկերութեան ծագում տուող փջիջն է եւ կը կանխէ հանրային իշխանութեան կողմէ եկող ամէն ճանաչում: Ընտանիքին սկզբունքներն ու արժէքները ընկերային կեանքին նախահիմերը կը կացուցանեն: Ընտանիքին կեանքը նախապատրաստութիւն է ընկերութեան կեանքին:

458 — Որո՞նք են ընկերութեան պարտաւորութիւնները ընտանիքին հանդէպ:
Ընկերութիւնը պարտաւոր է ամուսնութեան եւ ընտանիքին թիկունք կանգնիլ եւ զանոնք ամրացնել, միանգամայն յարգելով լրացուցիչ օժանդակութեան սկզբունքը: Հանրային իշխանութիւնները պարտին յարգել եւ պաշտպանել ամուսնութեան եւ ընտանիքին իսկական էութիւնը, հանրային բարոյականը, ծնողներուն իրաւունքներն եւ ընտանեկան օճախին բարգաւաճումը եւ անոնց նպաստել :

459 — Որո՞նք են զաւակներուն պարտականութիւնները ծնողներուն հանդէպ:
Զաւակները իրենց ծնողներուն պարտին յարգանք (ծնողասիրութիւն), երախտագիտութիւն, հպատակութիւն եւ հնազանդութիւն եւ այսպէս նպաստել ամբողջ ընտանեկան կեանքին ներդաշնակութեան եւ սրբութեան աճումին, նաեւ շնորհիւ քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ համերաշխ յարաբերութեան: Ծնողքներուն չքաւորութեան, հիւանդութեան, մենակութեան կամ ծեր տարիքի մէջ գտնուելու պարագային, չափահաս զաւակները պարտին անոնց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն ընձեռել:

460 — Որո՞նք են ծնողներուն պարտականութիւնները իրենց զաւակներուն հանդէպ:
Ծնողները, որպէս մասնակիցներ աստուածային հայրութեան, իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան առաջին պատասխանատուները եւ հաւատքի առաջին փոխանցողներն են: Անոնք պարտին իրենց զաւակները սիրել եւ յարգել որպէս մարդկային անձեր եւ Աստուծոյ զաւակներ: Պարտին իրենց կարելիին չափով՝ անոնց նիւթական եւ հոգեւոր կարիքները հոգալ, անոնց պատշաճ դպրոց ընտրելով եւ իրենց ապագայ արհեստին եւ կեանքի ասպարէզին շուրջ անոնց խոհեմ խրատներ տալով: Ծնողները զանոնք քրիստոնեայ հաւատքին մէջ կրթելու յատուկ առաքելութիւնն ունին:

461 — Ծնողները իրենց զաւակները ի՞նչ ձեւով քրիստոնեայ հաւատքին մէջ կը կրթեն:
Գլխաւորաբար իրենց կեանքի օրինակով, աղօթքով, ընտանեկան կրօնուսուցումով եւ եկեղեցային կեանքին մասնակցութեամբ:

462 — Ընտանեկան կապերը բացարձա՞կ բարիք են:
Ընտանեկան կապերը թէեւ կարեւոր են, սակայն բացարձակ չեն, որովհետեւ քրիստոնեային առաջին առաքելութիւնը՝ Յիսուսին հետեւիլն է՝ Զայն սիրելով.«Ո՛վ որ իր հայրը կամ իր մայրը Ինծմէ աւելի սիրէ, արժանի չէ Ինծի: Ո՛վ որ իր աղջիկը կամ տղան Ինծմէ աւելի սիրէ, արժանի չէ Ինծի» (Մտթ 10, 37): Ծնողները զուարթ սրտով իրենց զաւակներուն ձեռնտու ըլլալու են որ անոնք Քրիստոսին հետեւին՝ կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նուիրեալ կեանքին կամ քահանայական առաքելութեան մէջ:

463 — Իշխանութիւնը ի՞նչ ձեւով կիրարկուելու է քաղաքային ընկերութեան զանազան մարզերէն ներս:
Ան միշտ կիրարկուելու է որպէս սպասարկութիւն, յար գելով մարդուն հիմնական իրաւունքները, արժէքներու արդար դասաւորումը, օրէնքները, բաշխական արդարութիւնը եւ լրացուցիչ օժանդակութիւնը: Ամէն մարդ, իշխանութիւնը կիրարկելու ատեն՝ փնտռելու է ո՛չ թէ իր անձին, այլ հասարակութեան շահերը, իսկ իր առած որոշումները ներշնչուելու են Աստուծոյ, մարդուն եւ աշխարհի վերաբերեալ ճշմարտութենէն:

464 — Որո՞նք են քաղաքացիներուն պարտաւորութիւնները քաղաքային իշխանութիւններուն հանդէպ:
Իշխանութեան մը հպատակները իրենց մեծերը նկատելու են իբր Աստուծոյ ներկայացուցիչները, անոնց նուիրե լով իրենց անկեղծ գործակցութիւնը հանրային եւ ընկերային կեանքին բարօր ընթացքին համար: Ասիկա կը նշանակէ հայրենիքի հանդէպ սէր եւ ծառայութիւն, քուէարկելու իրաւունք եւ պարտականութիւն, տուրքերու վճարում, երկրի պաշտպանութիւն եւ շինիչ քննադատութեան իրաւունք:

465 — Ե՞րբ քաղաքացին պարտաւոր չէ քաղաքային իշխանութիւններուն հնազանդիլ:
Քաղաքացին ի խղճէ պարտաւոր չէ իշխանութիւններուն հնազանդիլ, երբ անոնց հրահանգները դէ՛մ են բարոյական կարգին պահանջքներուն. «Հնազանդելու է Աստուծոյ քան թէ մարդոց» (Գործ 5,29):

ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ՄԻ՛ ՍՊԱՆՆԵՐ

466 — Ինչու՞ պէտք է մարդկային կեանքը յարգել:
Որովհետեւ մարդկային կեանքը նուիրական է: Մարդկային կեանքը իր ծագումով իսկ՝ իր մէջ կը կրէ Աստուծոյ ստեղծագործ արարքը եւ յատուկ յարաբերութեամբ ան մշտապէս կապուած կը մնայ իր միակ վախճանին՝ Արարչին: Ոչ ոքի թոյլ տրուած չէ անմեղ մարդ արարած մը կեանքէն ուղղակի զրկել, որովհետեւ ասիկա ծանրօրէն դէմ է անձին արժանապատուութեան եւ Արարչին սրբութեան: «Անմեղն ու արդարը պիտի չմեռցնես» (Ելք 23,7):

467 — Ինչու՞ մարդոց եւ ընկերութիւններուն արդարացի ինքնապաշտպանութիւնը դէմ չէ այս բացարձակ կանոնին:
Արդարացի ինքնապաշտպանութեամբ՝ մարդս իր նախընտրանքը կը յայտնէ ինքզինք պաշտպանելու քան թէ ուրիշը սպաննելու, եւ այսպէս աւելի կ’արժեւորէ իր կամ ուրիշին ապրելու իրաւունքը: Արդարացի ինքնապաշտպանութիւնը կրնայ նաեւ ծանր պարտականութիւն մը ըլլալ այն անձին համար, որ ուրիշի կեանքին պատասխանատուութիւնն ունի: Սակայն ինքնապաշտպանութիւնը պէտք չէ պահանջուածէն աւելի մեծ բռնութիւն գործածէ:

468 — Պատիժ մը ի՞նչ բանի կը ծառայէ:Հանրային օրինաւոր իշխանութեան կողմէ գործադրուած պատիժ մը կը ծառայէ յանցանքին ներմուծած անկարգութիւնը դարմանելու, հանրային կարգերը եւ մարդոց ապահովութիւնը պահպանելու եւ յանցագործին բարեփոխումին նպաստելու:

469 — Ի՞նչ տեսակ պատիժ հնարաւոր է կիրարկել:Կիրարկուած պատիժը համապատասխանելու է յանցանքին ծանրութեան: Այսօր, շնորհիւ այն հնարաւորութիւններուն զորս Պետութիւնը իր տրամադրութեան տակ ունի ոճիրը զսպելու եւ յանցագործը ավնաս դարձնելու, մահապատիժի բացարձակ անհրաժեշտութեան պարագաները «այսուհետեւ շատ հազուադէպ են, չըսելու համար թէ գործնականին մէջ նոյնիսկ չգոյ են» (Կենաց Աւետարանն): Երբ անարիւն միջոցները արդէն բաւարար են, իշխանութիւնը պիտի բաւարարուի անոնցմով, որովհետեւ անոնք հասարակաց բարիքին շօշափելի պայմաններուն աւելի մօտէն կը համապատասխանեն եւ մարդկային անձին արժանապատուութեան աւելի համակերպ են եւ յանցագործին մէջ ինքզինք փրկելու կարելիութիւնը վերջնականապէս չեն ջնջեր:

470 — Հինգերորդ պատուիրանը ի՞նչ կ’արգիլէ:Հինգերորդ պատուիրանը կ’արգիլէ հետեւեալները, որ պէս բարոյական օրէնքին դէմ ծանրօրէն գործուած արարք. Ուղղակի եւ կամաւոր մարդասպանութիւնը եւ անոր հետ գործակցումը: Իբր նպատակ եւ կամ միջոց ուզուած ուղղակի վիժումը եւ անոր հետ գործակցումը, որ բանադրանքի կ’արժանանայ, որովհետեւ մարդ արարածը իր յղութեան պահէն իսկ՝ բացարձակապէս յարգուելու եւ պաշտպանուելու է իր ամբողջութեան մէջ: Ուղղակի հեշտամահը, որ կը կայանայ հաշմանդամին, հիւանդին կամ մահամերձին կեանքին վերջ դնելու մէջ՝ ուղղակի արարքով մը կամ պահանջուած արարքի մը զանցառումով: Անձնասպանութիւնը եւ անոր կամաւոր գործակցութիւնը, իբր ծանր վիրաւորանք Աստուծոյ եւ Անոր ուրիշի հանդէպ տածած արդար սիրոյն դէմ: Պատասխանատուութիւնը կրնայ ծանրանալ՝ իր պատճառած գայթակղութեան հետեւանքով եւ կամ թեթեւնալ՝ հոգեխօսական յատուկ խանգարումներու կամ ծանր վախի պատճառով:

471 — Մահամերձ նկատուած անձի պարագային, բժշկական ի՞նչ միջոցառումներ թոյլատրուած են:
Հիւանդի մը ընդհանրապէս հարկաւոր եղող դարմանումները չեն կրնար օրինաւորապէս դադրեցուիլ: Իսկ օրինաւոր է դիմել ոչ մահաբեր թմրեցուցիչներուն, նաեւ հրաժարիլ «դեղերու ծայրայեղ գործածութենէն», այսինքն՝ բժշկական անհամեմատ եւ տրամաբանօրէն անյուսալի միջոցառումներէն:

472 — Ընկերութիւնը ինչու՞ պարտաւոր է մարդկային սաղմը պաշտպանել:
Ամէն մարդկային անհատ՝ իր յղութեան վայրկեանէն իսկ կեանքի անզանցառելի իրաւունքը կը վայելէ, եւ ասիկա՝ քաղաքային ընկերութեան եւ անոր օրէնսդրութեան բաղադրիչ մէկ տարրը կը կազմէ: Երբ Պետութիւն մը իր իշխանութիւնը չի գործածեր պաշտպանելու համար ընդհանուրին եւ ի մասնաւորի ամենատկարին, այսինքն տակաւին իրենց մօր արգանդին մէջ գտնուող փոքրերուն իրաւունքները, այն ատեն օրինական Պետութիւն մը իր հիմերէն իսկ կ’ականուի:

473 — Ինչպէ՞ս գայթակղութիւն պատճառելէ խուսափիլ:
Գայթակղութիւն պատճառելը՝ մարդս չարիքի մղելն է: Գայթակղութիւն պատճառելէ պէտք է խուսափինք՝ ուրիշին հոգին ու մարմինը յարգելով: Իսկ երբ մեր ազատ կամքով ուրիշը ծանր մեղքի կ’առաջնորդենք, ծանր մեղք կը գործենք:

474 — Մեր մարմնին հանդէպ ի՞նչ պարտականութիւններ ունինք:
Պարտինք տրամաբանական չափով խնամք տածել մեր եւ ուրիշին ֆիզիքական առողջութեան հանդէպ, խուսափելով սակայն մարմնապաշտութենէն եւ ուրիշ չափազանցութիւններէն: Խուսափելու ենք նաեւ առողջութեան եւ կեանքին շատ ծանր վնասներ պատճառող թմրեցուցիչներու գործածութենէն, ինչպէս նաեւ կերակուրի, խմիչքներու, ծխախոտի եւ դեղորայքի չափազանցութիւններէն:

475 — Անհատներու եւ մարդկային խմբակներու վրայ կատարուող գիտական, բժշկական եւ հոգեբանական փորձարկումները ե՞րբ բարոյապէս օրինաւոր են:
Այդ փորձարկումները բարոյապէս օրինաւոր են եթէ ենթականերուն կեանքին, մարմնի եւ հոգիի ամբողջականութեան անհամաչափ վտանգ չեն պատճառեր եւ կը ծառայեն մարդկային անձին եւ ընկերութեան համընդհանուր լաւութեան, պայմանաւ որ ենթակաները նախապէս տեղեակ պահուին եւ իրենց հաւանութիւնը տան:

476 — Մարմնի գործարաններուն պատուաստումը եւ մահէն առաջ կամ վերջ՝ զանոնք նուէր տալը թոյլատրուա՞ծ են:
Մարմնի գործարաններուն պատուաստումը բարոյապէս ընդունուած է՝ տուողին հաւանութեամբ եւ առանց որ ան չափազանց վտանգի ենթարկուի: Մահէն ետք մարմնի գործարանի մը ազնուական նուէրը կատարելու համար, հարկ է լրիւ ստուգել թէ նուիրողը իսկապէս մահացած է:

477 — Որո՞նք են մարդկային անձին մարմնական ամբող ջութեան եւ յարգանքին դէմ գործուող արարքները:
Անոնք են՝ մարդ առեւանգելն ու պատանդ պահելը, ահաբեկչութիւնը, խոշտանգումը, բռնարարքները, ուղղակի ամլացումը: Անձ մը անդամահատելը եւ հաշմանդամ դարձնելը բարոյապէս ընդունելի են միայն եթէ անոնք անձին առողջապահական նպատակներուն համար անհրաժեշտ են:

478 — Մահամերձները ինչպէ՞ս խնամելու է:
Մահամերձներն իրաւունքն  ունին իրենց երկրաւոր կեանքին վերջին պահերը արժանապատուութեամբ ապրելու եւ յատկապէս աղօթքով ու Սուրբ Խորհուրդներով զօրանալու, որոնք զիրենք կենդանի Աստուծոյ հանդիպումին կը պատրաստեն:

479 — Ինչպէ՞ս վերաբերուելու է մահացածներուն մարմիններուն հետ:
Մահացածներուն մարմիններուն հետ վերաբերուելու ենք յարգանքով եւ սիրով: Անոնց դիակիզումը արտօնուած է եթէ ան կը կատարուի՝ առանց մարմիններու յարութիւնը տարակոյսի տակ դնելու:

480 — Տէրը խաղաղութեան նկատմամբ մեր իւրաքանչիւրէն ի՞նչ կը խնդրէ:
Տէրը, որ «երանի՛ խաղաղարարներուն» (Մտթ 5,9) գոչեց, սրտերու խաղաղութիւնը կը ցանկայ եւ իբր անբարոյ կը դատապարտէ բարկութիւնը, որ մեր կրած չարիքին դիմաց վրէժ լուծելու փափաքն է, նոյնպէս ատելութիւնը, որ մերձաւորին չարիք կը ցանկայ: Այս կեցուածքները սիրոյ դէմ գործուած ծանր մեղքեր կը դառնան, եթէ յօժար կամքով գործուած են մեծ եւ ծանրակշիռ պարագաներու մէջ:

481 — Ի՞նչ է աշխարհիս խաղաղութիւնը:
Աշխարհիս խաղաղութիւնը, որ պահանջուած է մարդկային կեանքին յարգանքին եւ աճումին համար, պատերազմի չգոյութիւնը կամ հակադիր ուժերու հաւասարակշռութիւնը չէ սոսկ, այլ «կարգ ու կանոնի անդորրութիւնն է» (Ս. Օգոստինոս), «արդարութեան գործ է» (Եփս 32, 17) եւ սիրոյ արդիւնք: Երկրաւոր խաղաղութիւնը Քրիստոսի՛ խաղաղութեան պատկերն ու արգասիքն է:

482 — Աշխարհիս խաղաղութիւնը ի՞նչ կը պահանջէ:
Կը պահանջէ մարդկային բարիքներուն արդար բաշխումն ու պահպանումը, մարդ էակներու միջեւ ազատ հաղորդակցութիւնը, անձերուն եւ ժողովուրդներուն արժանապատուութեան յարգանքը, արդարութեան եւ եղբայրութեան մշտական գործադրութիւնը:

483 — Ե՞րբ կարելի է զինեալ ուժին գործածութեան հանդէպ բարոյապէս հաւան գտնուիլ:
Զինեալ ուժի դիմելը բարոյապէս արդարանալի է միայն՝ երբ հետեւեալ պայմանները միատեղ կը գտնուին.
— Եթէ ստուգուած է թէ վնասը՝ մնայուն եւ ծանրակշիռ վնաս է
— Եթէ խաղաղ միջոցներու այլընտրանքը ապարդիւն մնացած է
— Եթէ յաջողութեան կարելիութիւնները հիմնաւորուած են
— Եթէ զէնքի դիմելով՝ վատագոյն վնասներ պիտի չպատահին, նկատի առած արդիական զէնքերուն քանդիչ հզօրութիւնը:

484 — Պատերազմի սպառնալիքի պարագային, վերեւ նշուած պայմաններուն ճշգրիտ արժեւորումը որու՞ պարտականութիւնն է:
Կացութեան մը արժեւորումը կը վերաբերի ղեկավարներու խոհական դատողութեան, որոնց պաշտօնն է նաեւ ազգային պաշտպանութեան պարտականութիւնը քաղաքացիներուն պարտադրելու իրաւունքը, միանգամայն յարգելով պատերազմի դէմ խղճի հարց յարուցանողներուն անձնական իրաւունքը, պայմանաւ որ զինուորական ծառայութիւնը փոխանակուի հասարակութեան մատուցուած ուրիշ ծառայութիւններով:

485 — Բարոյական օրէնքը ի՞նչ կը պահանջէ պատերազմի պարագային:
Բարոյական օրէնքը կը շարունակէ ի զօրու մնալ նաեւ պատերազմի ատեն: Ան կը պահանջէ մարդավայել ձեւով վարուիլ ոչբանակային անձերուն, վիրաւոր զինուորներուն եւ գերիներուն նկատմամբ: Ազգերու իրաւունքին դէմ ազատ կամքով գործուած արարքները եւ զանոնք պարտադրող հրահանգները ոճրային արարքներ են, որոնք չեն արդարացուիր կոյր հնազանդութեան անունով: Դատապարտելի են զանգուածային կործանումները, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի մը կամ ցեղային փոքրամասնութեան մը բնաջնջումը, որոնք շատ ծանր մեղքեր են. բարոյական պարտաւորութիւն է զանոնք հրահանգողին հրամանին ընդդիմանալ:

486 — Ի՞նչ ընել՝ պատերազմին առաջքն առնելու համար:
Պատերազմի առաջքը առնելու համար, պէտք է ընել ամէն ինչ որ տրամաբանօրէն կարելի է ընել, նկատի առած անոր պատճառած չարիքն եւ անարդարութիւնները: Պէտք է յատկապէս արգիլել զէնքերու կուտակումն ու վաճառքը որոնք պատշաճ կերպով չեն կանոնաւորուած օրինաւոր իշխանութիւններուն կողմէ. արգիլել ի մասնաւորի տնտեսական եւ ընկերային անարդարութիւնները. ցեղային եւ կրօնական խտրութիւնները. չար նախանձը, կասկածամտութիւնը, հպարտութիւնը եւ վրէժխնդրութեան ոգին: Այս եւ ուրիշ անկարգութիւններուն առաջքն առնելու համար ինչ որ ընենք, պիտի նպաստեն խաղաղութիւնը կերտելու եւ պատերազմէն խուսափելու:

ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ՄԻ՛ ՇՆԱՐ:

487 — Մարդ ի՞նչ պարտականութիւն ունի իր սեռային ինքնութեան նկատմամբ:
Աստուած այրն ու կինը իբր անձ՝ միեւնոյն արժանապատուութեամբ ստեղծեց եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ սիրոյ եւ հաղորդակցութեան ձգտումը զետեղեց: Հարկ է որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սեռային ինքնութիւնը ստանձնէ եւ ճանչնայ անոր կարեւորութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը եւ լրացուցչական բնոյթը՝ ամբողջ անձին համար:

488 — Ի՞նչ է ողջախոհութիւնը:
Ողջախոհութիւնը անձին եւ սեռականութեան յաջող համալրումն է: Սեռականութիւնը իսկապէս մարդավայել կը դառնայ, երբ ան անձէ անձ ուղիղ ձեւով կը համալրուի: Ողջախոհութիւնը բարոյական առաքինութիւն մըն է, Աստուծոյ մէկ պարգեւը, շնորհք մը, Հոգիին մէկ պտուղը:

489 — Ողջախոհութեան առաքինութիւնը ի՞նչ կը բովանդակէ:
Կը բովանդակէ ինքնատիրացում, հասկցուած որպէս արտայայտութիւնը մարդու ազատութեան, ուղղուած՝ դէպի ինքնանուիրում: Առ այս՝ անհրաժեշտ է ամբողջական եւ մշտատեւ դաստիարակութիւն մը, որ կ’իրագործուի հանգրուանային աճումով:

490 — Որո՞նք են   ողջախոհութիւնը ապրելու օգնող միջոցները:
Տրամադրելի միջոցները բազմաթիւ են. Աստուծոյ շնորհքը, Սուրբ Խորհուրդներուն ընձեռած օգնութիւնը, աղօթքը, անձնաճանաչումը, զանազան վիճակներուն յարմարող կատարելութեան ձգտումը, բարոյական առաքինութիւններուն գործադրումը եւ յատկապէս ժուժկալու թիւնը, որ կը ձգտի մարդուն կիրքերը իմացականութեամբ ղեկավարելու:

491 — Ի՞նչ ձեւի տակ բոլոր մկրտուածները կանչուած են ողջախոհ կեանք մը ապրելու:
Բոլոր մկրտուածները կանչուած են Քրիստոսի օրինակին հետեւելով՝ ողջախոհ կեանք մը վարելու ըստ իրենց կեանքի պայմաններուն. ոմանք կուսակրօն կամ ուխտեալ կեանքով, ինչ որ գերազանց ձեւն է անբաժան սրտով ինքզինք աւելի հեշտօրէն Աստուծոյ նուիրելու, ուրիշներ եթէ ամուսնացած են՝ ամուսնական ողջախոհութիւնը պահելով, իսկ եթէ չեն ամուսնացած՝ ողջախոհութիւնը զգաստութեամբ ապրելով:

492 — Որո՞նք են ողջախոհութեան դէմ գործուող գլխաւոր մեղքերը:
Ողջախոհութեան դէմ ծանրօրէն գործուող մեղքերն են, իւրաքանչիւրը ըստ իր առարկային. շնութիւնը, գիջութիւնը, պոռնկութիւնը, պոռնկագրութիւնը, բոզութիւնը, պղծումը, միասեռական արարքները: Ասոնք հեշտասիրութեան դրսեւորումներն են: Ասոնք անչափահասներու վրայ կատարուելով՝ ա՛լ աւելի ծանր մեղքեր են, գործուած անոնց ֆիզիքական եւ բարոյական ողջանդամութեան դէմ:

493 — Ինչու՞ վեցերորդ պատուիրանը, թէեւ միայն «մի՛ շնար» կ’ըսէ, ողջախոհութեան դէմ գործուող բոլոր մեղքերն ալ կ’արգիլէ:
Թէեւ Տասնաբանեայի բնագրին մէջ՝ միայն «մի՛ շնար» կը կարդանք (Ելք 20, 14), սակայն Եկեղեցւոյ Աւանդութիւնը, հետեւելով Հին եւ Նոր Կտակարաններուն բարոյական ամբողջական ուսուցումին, վեցերորդ պատուիրանը կը նկատէ ողջախոհութեան դէմ գործուող բոլոր մեղքերը ընդգրկող պատուիրան:

494 — Որո՞նք են քաղաքային իշխանութիւններուն պարտաւորութիւնները ողջախոհութեան նկատմամբ:
Քաղաքային իշխանութիւնները, քանի որ պարտաւորութիւնն ունին մարդկային անձին արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքը հրահրելու, պարտին ողջախոհութեան նպաստաւոր կլիմայ մը ստեղծել եւ համապատասխան օրէնքներու զօրութեամբ՝ ողջախոհութիւնը ծանրօրէն վիրաւորող վերեւ յիշուած կարգ մը երեւոյթներուն տարածումն անգամ արգիլել, յատկապէս անչափահասներն ու աւելի տկար հոգիները պաշտպանելու նպատակով:

495 — Որո՞նք են բարեմասնութիւնները ամուսնական սիրոյ, որուն համար սեռականութիւնը նպատակադրուած է:
Ամուսնական սէրը, որ մկրտեալներուն պարագային սրբացած է ամուսնութեան Սուրբ Խորհուրդով, իբր բարեմասնութիւն ունի ամուսնական միութիւնը, հաւատարմութիւնը, անլուծանելիութիւնը եւ բեղմնաւորումին հանդէպ տրամադրուածութիւնը:

496 — Ամուսնական արարքը ի՞նչ նշանակութիւն կը պարունակէ:
Ամուսնական արարքը զոյգ նշանակութիւն կը պարունակէ. մին՝ միացուցիչ (ամուսիններուն իրարու փոխադարձ նուիրում), միւսը՝ բեղմնաւորիչ (կեանքի փոխանցումի տրամադրելիութիւն): Թող ո՛չ ոք, մին կամ միւսը բացառելով, բեկանէ այն անխզելի զօդը, զոր Աստուած ուզեց ամուսնական արարքին այս երկու նշանակութիւններուն միջեւ:

497 — Երբ ծնունդներու կանոնաւորումը բարոյապէս ընդունելի է:
Ծնունդներուն կանոնաւորումը, որ պատասխանատուհայրութեան եւ մայրութեան երեւոյթներէն մէկն է, առարկայականօրէն համակերպ է բարոյական օրէնքին հետ երբ ամուսիններուն միջեւ կը կատարուի ո՛չ թէ արտաքին ճնշումի տակ կամ եսասիրաբար, այլ լուրջ պատճառներով եւ բարոյականի առարկայական չափանիշներու հետ համակերպ մեթոտներով, այսինքն՝ պարբերական ժուժկալութեամբ եւ անբեղմնաւոր շրջաններու օգտագործումով:

498 — Որո՞նք են ծնունդներու կանոնաւորումին անբարոյ միջոցները:
Իր ներհուն էութեամբ՝ անբարոյ է ամէն արարք — ինչպէս՝ ուղղակի ամլացումը կամ յղութեան արգիլումը — որ իր նպատակով կամ միջոցով կը ձգտի որդեծնութիւնը խափանելու՝ ըլլա՛յ ամուսնական արարքին նախատեսութեամբ, ըլլա՛յ անոր կատարումին միջոցին, ըլլա՛յ նաեւ անոր բնական հետեւանքներուն ընթացքին:

499 — Ինչու՞ արուեստական սերմանումն ու բեղմնաւորումը անբարոյ արարքներ են:
Անբարոյ են, որովհետեւ ծննդաբերութիւնը ամուսիններուն ինքնանուիրումի արարքէն կ’անջատեն եւ անոր փոխարէն՝ մարդու ծագումին եւ վախճանին վրայ թեքնիք միջոցներու գերիշխանութիւնը կը հաստատեն: Ապա օտար անձէ կատարուած արուեստական սերմանումնով ու բեղմնաւորումով, օտար անձ մը ամոլին կեանքէն ներս թեքնիքական ճամբով միջամուխ կը դարձնեն, զաւակն ալ կը զրկեն իր ճանչցած եւ ամուսնութեամբ իրարու կապուած հայրէ ու մայրէ ծնելու իրաւունքէն, հայր ու մայր՝ որոնք եւ միա՛յն իրարու միջոցով ծնողք դառնալու բացարձակ իրաւունքը կը վայելեն:

500 — Զաւակ մը ինչպէ՞ս նկատուելու է:
Զաւակը Աստուծոյ պարգեւն է, ամուսնութեան մեծագոյն պարգեւը: «Ամէն գնով զաւակ ունենալու» իրաւունք մը գոյութիւն չունի: Ընդհակառակը զաւակի մը իրաւունքըն է ի՛ր ծնողներուն ամուսնական արարքին պտուղնըլլալու, ինչպէս նաեւ իրաւունքը իր յղացումին առաջին պահէն իսկ ի ր անձ յարգուելու:

501 — Անզաւակ ամուսինները ի՞նչ կրնան ընել:
Ամուսինները եթէ զաւակի մը պարգեւը չունեցան, ժշկութեան օրինաւոր հնարաւորութիւնները սպառելէ ետք՝ կրնան իրենց անձնանուիրումը աւելիով արտայայտել զաւակի մը հոգատարութիւնը ստանձնելով, զայն որդեգրելով կամ ալ ուրիշին համար յատկանշական ծառայութիւններ ստանձնելով: Այսպէս՝ հոգեկան թանկագին եղմնաւորութիւն մը կ՚իրագործեն:

502 — Որո՞նք են ամուսնական արժանապատուութեան դէմ գործուած մեղանչանքները:Անոնք են՝ շնութիւնը, ամուսնալուծումը, ազմակնութիւնը, սեռային յարա երութիւն՝ շատ մերձաւոր ազգականներու միջեւ, ազատ միութիւնը (անպսակ կենակցութիւնը), ամուսնութենէն առաջ կամ ամուսնութենէ դուրս սեռային յարա երութիւնը:

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ՄԻ՛ ԳՈՂՆԱՐ:

503 — Եօթներորդ պատուիրանը ի՞նչ կը սահմանէ:
Կը սահմանէ արիքներուն ընդհանրական նպատակադրումն ու աշխումը, անհատական սեփականութիւնը, անձերուն եւ անոնց ինչքերուն նկատմամ յարգանքը, արարչութեան ամ ողջական պահպանումը: Եկեղեցին այս պատուիրանին վրայ հիմնուած կը տեսնէ նաեւ իր դաւանած ընկերային վարդապետութիւնը, որ ցոյց կու տայ ուղիղ գործելակերպը՝ ե՛ւ տնտեսական գործառնութեան, ե՛ւ ընկերային ու քաղաքական կեանքին, ե՛ւ մարդկային աշխատանքին իրաւունքին եւ պարտականութեան, ե՛ւ ազգերու միջեւ արդարութեան եւ համընկերութեան, ե՛ւ աղքատներու հանդէպ բարեսիրութեան:

504 — Որո՞նք են անհատական սեփականութեան իրաւունքի մը գոյութեան պայմանները:
Անհատական սեփականութեան իրաւունքը գոյութիւն ունի՝ եթէ սոյն սեփականութիւնը արդարօրէն ձեռք բերուած կամ ստացուած է, նաեւ եթէ բարիքներուն տիեզերական նպատակադրումը առաջնահերթ կը մնայ, գոհացում տալու համար բոլոր մարդոց առաջնակարգ պահանջքներուն:

505 — Ո՞րն է անհատական սեփականութեան վախճանական նպատակը:Անհատական սեփականութեան վախճանական նպատակն է անհատ մարդուն ազատութիւնն ու արժանապատւութիւնը երաշխաւորել, օգնելով որ ան կարենայ գոհացում տալ իր պատասխանատուութեան յաձնուած մարդոց եւ չքաւորութեան մէջ ապրողներուն առաջնակարգ կարիքներուն:

506 — Եօթներորդ պատուիրանը ի՞նչ կը հրահանգէ:
Ան կը հրահանգէ ուրիշին ունեցածը յարգել՝ արդարութեան, եղբայրսիրութեան, ժուժկալութեան եւ զօրակցութեան գործադրութեամբ: Ան յատկապէս կը պահանջէ՝ տրուած խոստումները եւ կնքուած համաձայնագրերը յարգել, գործուած անարդարութեան հատուցում կատարել եւ գողցուած ինչքերը վերադարձնել, ապա արարչութեան ամբողջականութիւնը պահպանել՝ շնորհիւ տիեզերքի մէջ գոյութիւն ունեցող հանքային, բուսական եւ կենդանական հասոյթներու խոհեմ եւ չափաւոր գործածութեան, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով անհետանալու վտանգին մէջ գտնուող տեսակներուն:

507 — Մարդը ինչպէ՞ս վարուելու է անասուններուն հետ:
Մարդը բարեացակամ վարուելակերպ ունենալու է Աստուծոյ ստեղծած անասուններուն հետ, խուսափելով թէ՛ չափազանցուած անասնասիրութենէն, թէ՛ անոնց կոյր շահագործումէն, յատկապէս բանաւոր սահմաններէն դուրս գործադրուող եւ զանոնք աւելիով չարչարող գիտական փորձարկումներէն:

508 — Եօթներորդ պատուիրանը ի՞նչ կ’արգիլէ:
Ան նախ գողութիւնը կ’արգիլէ, որ կը կայանայ ուրիշին ինչքերը իւրացնելու՝ սեփականատիրոջ արդարացի կամքին հակառակ: Գողութիւն է նաեւ անարդար աշխատավարձը, ուրիշին վնաս հասցնող գիներու չարաշահութիւնը, վճարագիրի կամ հաշուեգիրի կեղծումը: Կ’արգիլէ նաեւ պետական գանձային կամ վաճառականական զեղծարարութիւնները, սեփական թէ հասարակական ինչքերուն կամաւորաբար վնաս պատճառելը, վաշխառութիւնը, կաշառակերութիւնը, ընկերային ինչքերու անհատական չարաշահութիւնը, գիտակցաբար գէշ կատարուած աշխատանքները, մսխումը:

509 — Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը ի՞նչ կ’ուսուցանէ:
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, որ Աւետարանի ճշմարտութեան օրկանական ընդլայնումն է՝ մարդու արժանապատուութեան եւ անոր ընկերային տարածքին մասին, իր մէջ կը բովանդակէ խորհրդածութեան սկզբունքներ, կը բանաձեւէ դատումի չափանիշեր եւ կ’առաջարկէ գործելու օրինաչափեր եւ ուղեգիծեր:

510 — Ընկերային հարցերուն մէջ Եկեղեցին ե՞րբ կը միջամտէ:
Եկեղեցին տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն մէջ կը միջամտէ՝ իր բարոյական դատումը տալով, երբ մարդ կային անձին հիմնական իրաւունքները, հասարակաց բարիքը կամ հոգիներուն փրկութիւնը զայն կը պահանջեն: Ընկերային եւ տնտեսական կեանքը ի՞նչ ձեւով կը կիրարկուի: Ան կը կիրարկուի իր սեփական մեթոտներուն համաձայն, բարոյական կարգի շրջագիծին մէջ, ծառայելու համար ամբողջական մարդուն եւ մարդկային ամբողջ հասարակութեան, ընկերային արդարութեան յարգումով: Անոր մէջ մարդը նկատուելու է իբր հեղինակ, կեդրոն եւ վախճան:

512 — Ի՞նչը կը հակադրուի Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան:
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան դէմ են այն տնտեսական եւ ընկերային դրութիւնները, որոնք մարդկային անձին հիմնական իրաւունքները կ’ոտնակոխեն կամ շահը կը համարին իրենց բացարձակ կանոնը կամ գերագոյն նպատակը: Այս պատճառով, Եկեղեցին կը դրժէ արդի ժամանակներու այն գաղափարախօսութիւնները, որոնք «համայնավարութեան» կամ «ընկերվարութեան» անաստւած եւ ամբողջատիրական միւս ձեւերուն դասակից են: Եկեղեցին ապա կը դրժէ, «դրամատիրութեան» կիրարկած անհատապաշտութիւնն ու մարդկային աշխատանքին վրայ շուկայի օրէնքներուն բացարձակ տիրապետութիւնը:

513 — Մարդուն համար աշխատանքը ի՞նչ նշանակութիւնունի:Մարդուս համար աշխատանքը՝ պարտականութիւն եւ իրաւունք է, որուն միջոցով ան կը գործակցի իր արարիչ Աստուծոյ հետ: Մարդը երբ իր աշխատանքը հոգածութեամբ եւ հմտութեամբ կը կատարէ, կը կիրարկէ իր բնութեան մէջ ներգոյ կարողութիւնները, կը պանծացնէ Արարչէն ստացած պարգեւներն ու ձիրքերը, կը գոհացնէ իր եւ իրեններուն պահանջքները եւ կը ծառայէ մարդկային հասարակութեան: Ապա աշխատանքը, Աստուծոյ շնորհքին օգնութեամբ, կարող է իբր միջոց ծառայել մարդուն սրբացումին եւ Քրիստոսի հետ անոր գործակցութեան, ուրիշին փրկութեան համար:

514 — Ամէն մարդ ի՞նչ տեսակ աշխատանքի իրաւունք ունի:
Ապահով եւ պարկեշտ աշխատանքի մը կարելիութիւնը ամէն մարդու մատչելի ըլլալու է, առանց անիրաւ խտրականութեան եւ յարգելով տնտեսական ազատ նախաձեռնութիւնը եւ արդար վարձատրութիւնը:

515 — Ի՞նչ է Պետութեան պատասխանատուութիւնը աշխատանքին մարզին մէջ:
Պետութիւնը պարտի ապահովել անհատական ազատութիւններուն եւ սեփականութեան երաշխաւորութիւնը, նաեւ կայուն դրամանիշ մը եւ հանրային գործօն սպասարկութիւններ. ան պարտի տնտեսական մարզին մէջ մարդկային իրաւունքներուն գործադրումին վրայ հսկել եւ զայն ուղղել: Պարագաներուն համեմատ, ընկերութիւնը պարտի օժանդակել քաղաքացիներուն որ գործ ճարեն:

516 Ո՞րն է գործարարներուն պատախանատուութիւնը:
Գործարարները իրենց գործառնութիւններուն տնտեսական եւ բնապահպանական պատասխանատուներն են: Անոնք պարտին նկատի ունենալ նաեւ անձերուն բարիքը եւ ո՛չ թէ միայն իրենց շահերուն յաւելումը, նոյնիսկ եթէ ասոնք անհրաժեշտ են ներդրումները ապահովելու, գործառնութիւններուն ապագային, գործի գոյութեան եւ տնտեսական կեանքին բարւոք ընթացքին համար :

517 — Որո՞նք են աշխատաւորներուն պարտականութիւնները:
Աշխատաւորները պարտին իրենց աշխատանքը խղճմտօրէն, ձեռնհասօրէն եւ նուիրումով կատարել, իսկ հաւանական բախումները երկխօսութեամբ լուծել: Առանց բռնութեան կատարուող գործադուլը բարոյապէս օրինաւոր է, եթէ ան կը ներկայանայ իբր անհրաժեշտ միջոցը հաւասարակշռուած շահ մը ձեռք ձգելու համար, նաեւ նկատի առնելով հասարակաց բարիքը:

518 — Արդարութիւնն ու համընկերութիւնը ազգերու միջեւ ինչպէ՞ս կը գործադրուին:
Միջազգային գետնի վրայ, բոլոր ազգերը եւ բոլոր հաստատութիւնները գործելու են համընկերութեան եւ լրացուցիչ օժանդակութեան հոգիով, որպէսզի չքանան կամ գէթ նուազին չքաւորութիւնը, տնտեսական եկամուտներուն եւ միջոցներուն անհաւասարութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային անարդարութիւնները, մարդու չարաշահումը, չքաւոր երկիրներու պարտքերուն յաւելումը եւ այն չարամիտ մեքենայութիւնները, որոնք թերաճ երկիրներուն զարգացումը կը խոչընդոտեն:

519 — Քրիստոնեաները ի՞նչ ձեւով կը մասնակցին երկրի մը քաղաքական եւ ընկերային կեանքին:
Աշխարհական հաւատացեալները իրենց երկրին քաղաքական եւ ընկերային կեանքին ուղղակիօրէն միջամուխ կ’ըլլան եւ աշխարհային իրականութիւնները քրիստոնէական շունչով կը թրծեն եւ բոլորին հետ կը վարուին իբրեւ Աւետարանի հարազատ վկաներ, իբրեւ խաղաղութեան եւ արդարութեան գործիչներ:

520 — Աղքատներու հանդէպ սէրը ի՞նչ բանէ կը ներշնչուի:
Աղքատներու հանդէպ սէրը կը ներշնչուի Աւետարանի Երանութիւններէն եւ Յիսուսի աղքատներուն հանդէպ ցուցաբերած յարատեւ հոգածութեան օրինակէն: Յիսուս ըսաւ. «Ինչ որ ըրիք Իմ եղբայրներէս ամենափոքրին, Ինծի ըրիք» (Մտթ 25, 40): Աղքատներու սէրը կը կիրարկուի դիրքաւորումով նիւթական չքաւորութեան դէմ, ինչպէս նաեւ մշակութային, բարոյական եւ կրօնական աղքատութեան բազմաթիւ տեսակներուն դէմ: Հոգեկան եւ նիւթական բարեգործութիւններն ու դարերու ընթացքին ծնունդ առած բարեգործական բազմաթիւ հաստատութիւնները՝ շօշափելի վկայութիւնն են աղքատներու հանդէպ այն նախընտրական սիրոյն, որ յատկանիշն է Յիսուսի աշակերտներուն:

ՈՒԹԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ՍՈՒՏ ՄԻ՛ ՎԿԱՅԵՐ:

521 — Մարդը ի՞նչ պարտականութիւն ունի ճշմարտութեան հանդէպ:
Ամէն մարդ կանչուած է իր վարքով եւ իր խօսքով անկեղծ եւ ճշմարտախօս ըլլալու: Ամէն մարդ պարտի ճշմարտութիւնը որոնել եւ անոր յարիլ, իր ամբողջ կեանքը դասաւորելով ճշմարտութեան պահանջներուն համեմատ: Աստուծոյ ճշմարտութիւնը լման յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսով: Ան է Ճշմարտութիւնը: Անոր հետեւողը՝ պարտի ճշմարտութեան Հոգիով ապրիլ եւ խոյս տալ երկդիմութենէն, ձեւացումէն եւ կեղծաւորութենէն:

522 — Ճշմարտութեան ինչպէ՞ս կը վկայեն:Քրիստոնեան պարտի աւետարանական ճշմարտութեան վկայել իր անհատական եւ հրապարակային կեանքին բոլոր մարզերէն ներս, եւ ի պահանջել հարկին՝ նոյնիսկ ի գին իր կեանքին: Մարտիրոսութիւնը հաւատքի ճշմարտութեան համար կատարուած գերագոյն վկայութիւնն է:

523 — Ութերորդ պատուիրանը ի՞նչ կ’արգիլէ:
Ութերորդ պատուիրանը կ’արգիլէ. Սուտ վկայութիւնը, երդմնազանցութիւնն ու ստախօսութիւնը: Սուտին ծանր հանգամանքը կը կշռուի անոր աղաւաղած ճշմարտութեան բնոյթէն, պարագաներէն, ստախօսին դիտաւորութենէն եւ զոհերուն պատճառուած վնասէն: Յանդուգն դատողութիւնը, չարախօսութիւնը, վարկաբեկումը, զրպարտութիւնը, որոնք կը նուազեցնեն կամ կը կործանեն մարդոց վայելած բարի համբաւն ու պատիւը, որոնց ամէն մարդ իրաւունք ունի: Շողոքորթութիւնը, կամ կամահաճութիւնը, յատկապէս եթէ ծանր մեղքի կը ձգտին կամ ապօրինի շահեր կը հետապնդեն: Ճշմարտութեան դէմ ամէն խօսուած սուտ, որ վնաս հասցուցած է, հատուցում կը պահանջէ:

524 — Ութերորդ պատուիրանը ի՞նչ կը խնդրէ:
Ութերորդ պատուիրանը կը խնդրէ որ ճշմարտութիւնը յարգուի՝ եղբայրասէր գաղտնապահութեան հետ միատեղ: Ասիկա կատարուելու է՝ հաղորդագրութեան եւ լրատուութեան մէջ, այնպիսի ձեւով որ անհատական եւ հասարակական բարիքը պահպանուի, առանձնական կեանքը պաշտպանուի եւ գայթակղութեան վտանգը հեռացուի: Ապահովուի նաեւ պաշտօնի պահանջած գաղտնապահութիւնը, որ միշտ յարգուելու է, բացի ծանր ու կշռադատուած պատճառներէն յառաջ եկած յատուկ պարագաներէն: Այս պատուիրանը կը պահանջէ նաեւ չյայտնել գաղտնիքի տակ վստահուած մտերիմ զրոյցները:

525 — Ի՞նչպէս գործածուելու են ընկերային լրատուական միջոցները:
Լրատուական միջոցները հասարակաց բարիքին ծառայելու են. իրենց բովանդակութիւնը միշտ ճշմարտացի պէտք է ըլլայ եւ, արդարութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը յարգելով՝ նաեւ ամբողջական: Անոնք պարկեշտ եւ վայելուչ կերպով արտայայտուելու են, միանգամայն խղճմտօրէն յարգելու են բարոյական օրէնքները, մարդու սեփական իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը:

526 — Ի՞նչ առնչութիւն կայ ճշմարիտին, գեղեցիկին եւ գեղարուեստին միջեւ:
Ճշմարտութիւնն իր էութեամբ գեղեցիկ է: Ան իր մէջ կը կրէ հոգեղէն գեղեցկութեան պայծառութիւնը: Ճշմարտութիւնը արտայայտելու, խօսքէն զատ՝ ուրիշ բազմաթիւ ձեւեր կան, ի մասնաւորի՝ արուեստի գործերը, որոնք արգասիքն են աստուածապարգեւ տաղանդին եւ մարդու աշխատանքին: Սրբազան արուեստը ճշմարիտ ու գեղեցիկ ըլլալու համար, պարտի ոգեկոչել եւ փառաբանել Քրիստոսով յայտնուած Աստուծոյ Խորհուրդը եւ մարդը մղել պաշտելու եւ սիրելու Արարիչ եւ Փրկիչ Աստուածը՝ Ճշմարտութեան եւ Սիրոյ գերազանց Գեղեցկութիւնը:

ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ՈՒՐԻՇԻՆ ԿՆՈՋ ՄԻ՛ ՑԱՆԿԱՐ:

527 — Իններորդ պատուիրանը ի՞նչ կը խնդրէ:
Իններորդ պատուիրանը կը պահանջէ նուաճել մտածումներէն եւ տենչերէն ծնող մարմնաւոր ցանկութիւնները, որոնց դէմ մղուող պայքարը կ’անցնի սրտի մաքրազտումին եւ ժուժկալութեան առաքինութեան գործադրումին մէջէն:

528 — Իններորդ պատուիրանը ի՞նչ կ’արգիլէ:
Իններորդ պատուիրանը կ’արգիլէ սնուցանել մտածումներ եւ տենչեր, որոնք կը վերաբերին վեցերորդ պատուիրանին կողմէ արգիլուած գործերուն:

529 — Սրտի մաքրութիւնը ի՞նչ ձեւով կարելի է ձեռք ձգել:
Մկրտուած հաւատացեալը Աստուծմէ ստացած շնորհքին զօրութեամբ եւ անկարգ տենչերուն դէմ իր մղած պայքարով՝ կը հասնի սրտի մաքրութեան, շնորհիւ ողջախոհութեան առաքինութեան եւ պարգեւին, շնորհիւ իր պայծառ դիտաւորութեան, իր ներքին եւ արտաքին նայուածքին թափանցիկութեան, իր յուզումներուն եւ երեւակայութեան տիրապետումին, շնորհիւ աղօթքին:

530 — Սրտի մաքրութիւնը ուրիշ ի՞նչ կը պահանջէ:
Սրտի մաքրութիւնը կը պահանջէ ամօթխածութիւն, որ մարդուն մտերմութիւնը պահպանելով՝ ողջախոհութեան նրբազգացութիւնը կ’արտայայտէ եւ անձերուն արժանապատուութեան եւ հաղորդակցութեան համեմատ՝ անոնց նայուածքն ու շարժուձեւերը կ’ուղղէ: Ան մարդը կը ձերբազատէ համատարած սեռամոլութենէն եւ կը հեռացնէ ապառողջ հետաքրքրութեան նպաստող ամէն բանէ: Ան կը պահանջէ նաեւ ընկերային կլիմայի մաքրազտում, յարատեւ պայքար մղելով բարքերու թուլացումին դէմ, որ հիմնուած է մարդկային ազատութեան թիւր ըմբռնումի մը վրայ:

ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ.
ՈՒՐԻՇԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾԻՆ ՄԻ՛ ՑԱՆԿԱՐ

531 — Տասներորդ պատուիրանը ի՞նչ կը պահանջէ եւ ի՞նչ կ’արգիլէ:
Նախորդը ամբողջացնող այս պատուիրանը կը խնդրէ ներքին յարգալիր կեցուածքով յարաբերիլ ուրիշին սեփականութեան հանդէպ, կ’արգիլէ սեփականութեան անյագութիւնը, անզուսպ ընչաքաղցութիւնը եւ չար նախանձը, որ ուրիշին ունեցածին դիմաց տխրիլն է եւ անոր տիրանալու անկարգ փափաքն է:

532 — Յիսուս ի՞նչ կը խնդրէ հոգիով աղքատներէն:
Յիսուս Իր աշակերտներէն կը խնդրէ, որ Զինք ամէն անձէ եւ ամէն ինչէ վեր գերադասեն: Աւետարանական հոգիին համեմատ հարստութիւններէն անջատուիլը եւ մեզ վաղուան մտահոգութենէն ազատող Աստուծոյ Նախախնամութեան յանձնուիլը՝ մեզ կը նախապատրաստեն «հոգիով աղքատներուն» երանութեան, «որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը» (Մտթ 5, 3):

533 — Ո՞րն է մարդուն մեծագոյն իղձը:
Մարդուն մեծագոյն իղձը՝ զԱստուած տեսնելն է: Մարդուն համակ էութեան կանչը այս է. «Կ’ուզեմ զԱստուած տեսնել»: Արդարեւ մարդը իր ճշմարիտ եւ ամբողջական երջանկութիւնը կ’իրագործէ տեսութեան եւ երանութեան մէջ Անոր, որ զինք սիրելուն համար՝ զինք ստեղծեց եւ Իր անհուն սիրով՝ զինք Իրեն կը քաշէ:
Աստուած տեսնողը արդէն ընդունած է ամէն բարիք, զոր կարող է պատկերացնել (Ս. Գրիգոր Նիւսեցի):

Աղբյուրը՝ ՀԱՄԱՌՕՏ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ