Մեծ Պահոց աﬔնօրեայ աղօթք

«Աղօթագիրք նոր աշխարհաբառ»,
Հեղինակ՝ Ղուկաս Ինճիճեան, հրատարակչություն՝ Ս. Ղազար, Վենետիկ:

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԱՂՕԹԻՑ


ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԷՋ

Մեղաւոր հոգին երբ առ Աստուած կը դառնայ, նախ ճանչնալ կը սկսի, կը մտածէ իր ﬔղքին գարշութիւնը, ինչ փորձանք, ինչ չար պատճառած է իրեն սատանային փորձութիւնը, և իր ետևիլը՝ սատանային կամքին, և ինչպէս զրկուիլն Աստուծոյ շնորհքէն՝ իրեն ﬔղանչելով: Երկրորդ՝ կը ցաւի կը զղջայ սրտանց իր ըրած ﬔղքերուն վրայ: Երրորդ՝ կ’երթայ քահանային կը խոստովանի իր ﬔղքերը: Չորրորդ՝ սրտանց աղօթք կընէ Աստուծոյ շնորհքը խնդրելու, որ խոստովանած ﬔղքերուն թողութիւն տայ։ Հինգերորդ՝ կը պատրաստուի իր սրտին մէջ առնելու զՅիսուս՝ սուրբ հաղորդութեամբ:

Այս կարգիս վրայ առաջին հայրապետներն ալ կարգաւորեցին բոլոր ﬔծ պահքին կիրակիներուն աւետարաններին և շարականները: Առաջին և երկրորդ կիրակին կամ շաբաթը՝ Ադամայ ու Եւայի փորձութիւնները դիտելով՝ որ է պատճառ ﬔր ամէն ﬔղաց, յորդորուինք անոնց պէս ըրած ﬔղքերնիս ապաշխարհել: Ադամայ ﬔղքը մէկ է, բայց ուրիշ ﬔղքեր ալ կը մտնեն, և ﬔնք ալ ﬕշտ այն ﬔղքերուն մէջ կիյնանք, հպարտութիւն, որկրամոլութիւն, ծուլութիւն կամ՝ անհոգութիւն՝ Աստուծոյ պատուիրանքը պահելու, և անձնահաճութիւն՝ որ է իր կամքն և ուրիշին կամքը՝ Աստուծոյ կամքէն վեր դնել: Յիշենք Քրիստոսի փորձութիւնը, անով զորանանք՝ փորձութիւններու դէմ դնել, սատանան քամահրել, և ﬔղքերէ զգուշանալ:

Երրորդ շաբաթը, Անառակ որդւոյն օրինակը կարդալով՝ յորդորուինք անոր պէս ﬔղայ գոչել, զղջալ:

Չորրորդ շաբաթը, Տնտեսին օրինակով՝ համար տալ ﬔղքերնուս վըրայ՝ խոստովանելով քահանային:

Հինգերորդ շաբաթը, Քրիստոսի օրինակով սրտանց աղօթքի հետ ըլլալ, ﬔղքերնուս համար թողութիւն առնել և Աստուծոյ հետ հաշտուիլ:

Վեցերորդ շաբաթը, Քրիստոսի գալուստը յիշելով, պատրաստուիլ իրեն գալստեան՝ սուրբ խորհրդով հաղորդութեան, պատրաստուիլ նաև բարի մահուան։

Հո՛ս ալ, ահա, այս կարգով գրուած են բոլոր ﬔծ պահքին աղօթքները՝ իւրաքանչիւր օրուան համար, որ է, հոգևոր կրթութիւն՝ զՅիսուս առնելու սուրբ հաղորդութեամբ։

ԱՌԱՋՒՆ ՇԱԲԱԹ
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ

ՇԱՐԱԿԱՆ

Որ ըստ պահոց Քառասնօրեայ փրկողին պահելու հարսնացեալ եկեղեցի, զի մտցէ ի յառագաստ ընդ փեսային յարուցելոյ: Եկայք հաւացեալք Քրիսսոսի ցնծութեամբ պահեսցուք, ընդ անմահին մահու մեռանելով մեղաց, զի յարութեամբ նորա կենդանասցուք արդարութեամբ:

ԵՐԿՈԻՇԱԲԹԻ
Առաջին օր ﬔծ պահոց

Տէ՛ր իմ, Յիսուս Քրիստոս, այնչափ հարկաւոր համարեցիր պահք բռնելը, որ առաջին մարդուն, Ադամայ, նշան իր հնազանդութեան՝ պահք ապսպրեցիր՝ չուտել Գիտութեան ծառէն: Յետոյ երբ դուն աշխարհ եկար, ինծի ապաշխարհանք սովորեցնելու համար՝ առաջին բանդ եղաւ քառասուն օր պահք բռնել, չուտել, անով սատանայի փորձութեան յաղթել:

Տո՛ւր ինծի ալ, Տէ՛ր իմ, շնորհք, որ այս սուրբ օրինակիդ հետևելով, այս քառասնօրեայ պահքը բարի դիտաւորութեամբ բռնեմ ու պահքին հետ լեզուս ալ սանձեմ, ետ կենամ գէշ խօսքեր ըսելէ, անէծք տալէ, բամբասանքներէ, և ամէն մոլութիւններէս ու ﬔղքերէս դադրիմ: Տո՛ւր ﬔզ, Տէր, քու մահուդ նմանիլ՝ ﬔռելութեամբ ﬔղաց, որպէս զի կենդանարար արքայութեանդ ալ հաղորդ ըլլանք։ Աﬔնէն աւելի կ’աղաչեմ, պահես զիս այն ﬔղքէն՝ զոր գործեց Ադամ, լսելով կնոջ ձայնին՝ Աստուծոյ կամքն ոտքի տակ առաւ. չըլլայ թէ ես ալ ուրիշին կամքին չդիպչելու համար՝ Աստուծոյ կամքին դէմ բան ընեմ, Աստուծոյ պատուիրանքը կոտրեմ, անով Ադամայ պէս դրախտէն քշուիմ դուրս իյնամ։ Այլ քեզ հետ հիմա ի պարտէզն աղօթից և ապաշխարհութեան մտնելով՝ Զատկին սուրբ շնորհքներովդ զարդարուիմ, երկնային դրախտին արժանի ըլլամ:

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Երկրորդ օր ﬔծ պահոց

Մարդասէր Տէ՛ր իմ Յիսուս, այն առաջին փորձութեանդ համար զոր քաշեցիր, կատարէ՛ այսօր իմ աղաչանքս զոր քեզմէ կը խնդրեմ. յիշէ՛ երբ սատանան քեզ չճանչնալով քովդ գալու յանդգնեցաւ քեզ փորձութիւն բերելու Ադամայ պէս, ու անօթութեանդ համար ըսաւ՝ որ քարերը հաց դարձնես: Դուն զայն սուրբ գրոց խօսքով յանդիմանեցիր, ցուցնելով թէ հացի հոգը բան մը չէ, այլ ﬕայն Աստուծոյ բանը հոգալու է. անով Ադամայ որկրամոլութեան ﬔղքը ջնջեցիր։

Կ’աղաչեմ, քաւես, սրբես իմ որկրամոլութեան ﬔղքերս. և այսօր իմ սրտէս հանես այն աելորդ հոգերն իմ ապրուստիս վրայ: Վասն զի սրտով, մտքով աելի հոգ կը տանիմ ապրելուս վրա՝ քան թէ Աստուծոյ բաներուն վրայ: Ադամայ պէս մէկդի ձգեր եմ այն բաները՝ զոր Աստուած տուեր է ինծի, ետևէ ընկեր եմ այն բաներուն՝ զոր Աստուած արգիլեր է, որով դուրս ընկաւ կորսնցուց ձեոքի եղած դրախտն ալ, ես ալ անոր պէս խելքս տուեր եմ անոնց զոր արգիլել ես, որ է, այս անցաւոր աշխարհիս բաներն և մոռցեր մէկդի ձգեր եմ անդիի աչխարհին բաները։ Անհոգ կեցեր եմ Աստուծոյ պատուիրանները պահելու. աղօթքիս, պատարագ տեսնելուս ատենն ալ այսպիսի պարապ բաներու աուեր եմ ﬕտքս, մտածելով թէ ի՛նչ ընեմ, որ ապրիմ, ի՛նչ ընեմ, որ տունս պահեմ. չեմ մտածած՝ ի՛նչ ընել որ քու կամքդ կատարեմ, քեզ փառաբանեմ։

Այս աւելորդ հոգերն իմ ապրուստիս վրայ՝ իմ վրայէս վերցնես, որկրամոլութեան ﬔղքէն պահես, ժուժկալութեան շնորհք պարգևես, որպէս զի խելքս ﬕտքս տամ բարեգործութիւն ընելու, և աստուածաշունչ գրոց խօսքերը մտածելու:

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Երրորդ օր ﬔծ պահոց

Խոնարհութեան օրինակ, Տէ՛ր իմ, Յիսուս Քրիստոս, որ թող տուիր սատանային զքեզ առնել բերել Երուսաղէմ, տաճարին աշտարակին վրայ հանել, ուր սուրբ գրոց խօսքերով յանդգնեցաւ փորձութեան մէջ ձգել զքեզտեսնելով որ դուն սուրբ գրոց խօսքերով իրեն դէմ կը պատերազﬕս՝ ուզեց հպարտութեան ﬔղքի մէջ ձգել Ադամայ պէս, զԱստուած փորձել, պարապ տեղ հրաշք ընել ըսաւ փառաւորուելու համար: Դու ինքն որ խոնարհութեան ճշմարիտ օրինակն ես, դարձեալ աստուածային սուրբ գրոց խօսքերով անոր խաբէութիւնները ցրուեցիր, ամօթ ըրիր. Ադամայ փառասիրութեան ﬔղքը՝ որով դրախտէն դուրս ընկաւ, ասով քուեցիր: Տո՛ւր ինծի ալ կ’աղաչեմ, շնորհք մը խոնարհութեան՝ որ հպարտութեան և փառասիրութեան ﬔղքերն իմ սրտէս հանեմ. քանի որ սատանան ﬕտքս փորձութիւն ձգէ, աստուածաշունչ գրքին խօսքը ﬕշտ ﬕտքս բերեմք, բերանս առնումք, անով ﬔրժեմ, ցրուեմ սատանային բերած պիղծ և հպարտ խորհուրդները: Այս ալ կ’աղաչեմ, քու զօրութիւնդ տպաւորես այն սուրբ գրոց խօսքերուն վրայ, զոր զուրցածիս պէս՝ սրտէս հալածուին ամէն փորձութեան շոշորդներ. ամէն։

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Չորրորդ օր ﬔծ պահոց

Աղքատութեան սիրող, Տէ՛ր իմ, Յիսո՛ւս, երրորդ փորձութիւն մ’ալ քաշեցիր ինծի համար սատանայի ձեռքէն, երբ քեզ տարաւ բարձր լերան վրայ, ցցուց աշխարհիս ամէն թագաւորութիւնը, ու անոնց փառաւորութիւնը, և քեզ պարգևել խոստացաւ, եթէ իրեն երկրպագութիւն ընէիր: Ինչպէս որ Ադամայ ﬕտքը պղտորեց ազատութեան ու աստուածանալու ﬔղքը ձգելով, որով դրախտէն դուրս հանեց, այնպէս ալ կարծեց որ քու մարդկութիւնդ ալ Աստուծոյ դէմ ﬔղքի մէջ կրնայ ձգել: Իսկ դուն, Տէր, այն ատեն սաստելով հալածեցիր, Աստուծոյ պատուոյն դէմ այն չարին խօսիլն ալ չուզեցիր, ըսելով. Աստուծոյ ﬕայն տալու է երկրպագութիւն. անով Ադամայ ﬔղքը՝ որ չարին լսելով Աստուծոյ փառքն իրեն ուզեց առնել և ազատ ըլլալ՝ ջնջեցիր, Աստուծոյ փառքը տեղը դրիր: Ո՛վ Տէ՛ր իմ, իմ սրտէս ալ շատ անգամ կ’անցուն հարստութիւնը, փառքը, պատիւն ու ներսէս այն բաներուն բաղձանք բերել կու տայ. ես չունիմ կարողութիւն այն չարին սաստելու, իմ ﬔղաւոր մարﬓոյս համար կը թուլնամ։ Դու, Տէ՛ր իմ, այն զօրութիւնն ինծի ալ տուր, որ չար սատանային ﬕտքերը շուտով վռնտեմ դուրս ձգեմ, ﬕայն Աստուծոյ ﬔծութիւնը, Աստուծոյ փառքն ուզեմ իմ ամէն գործերուս մէջ: ամէն:

ՈՒՐԲԱԹ
Հինգերորդ օր ﬔծ պահոց

Ո՛վ երկայնաﬕտ Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս, որ Ադամայ որդիքը փրկելու համար աշխարհ եկար և Ադամայ ամէն մէկ փորձութեան ու ﬔղաց համար՝ թող տուիր որ սատանան զքեզ Ադամայ պէս մարդ կարծելով, այնչափ անգամ փորձէ, բայց դու ամէն մէկ փորձութիւններուն յաղթեցիր, Ադամայ երեսպաշտութեան, որկրամոլութեան, հպարտութեան, ազատութեան, անձնասիրութեան փորձութիւնները քաւեցիր, անոր տուած չար օրինակներուն դէմ բարի օրինակներ տուիր, այնպէս որ սատանան ամօթով փախաւ, հալածուեցա, հրեշտակներն անոր տեղ քովդ եկան զքեզ պաշտելու: Տո՛ւր ինծի ալ այն շնորհքը՝ որ քեզ նոր Ադամայ հետևելով, ամէն փորձութիւններու յաղթեմ. խելքս, ﬕտքս, սիրտս՝ ﬕայն Աստուծոյ ծառայելու տամ, որ սատանան բոլորովին ինծմէն հեռանայ, հրեշտակները քովս գան, ու բարի գործերով օրերս անցունեմ. ամէն:

ՇԱԲԱԹ
Վեցերորդ օր ﬔծ պահոց

Գթած Տէր Յիսուս Քրիստոս, ինչ որ սատանան փորձութիւն բերաւ Ադամայ, ինծի ալ ﬕշտ կը բերէ, կուզէ զիս յաւիտենական մահուամբ կորսնցնել, Աստուծոյ պատուիրանները մոռնալ կու տայ, զԱստուած վար դնել կու տայ քան իմ կիրքերս ու հաճոյքներս, քան իմ բարեկաﬓերս: Շատ անգամ իմ կամքս և բարեկամաց կամքը կատարելու համար՝ Աստուծոյ կամքն ոտքի տակ առեր եմ, ես ինծի հաւնելով յանձնապաստան եղեր եմ Ադամայ պէս դրսի զուարճութիւններու, դրսի բաներու խելքս տուեր եմ, ու իբր թէ ես ինծի ազատ տէր ըլլալ ուզեր եմ Ադամայ պէս: Այս ﬔղքերս այսօր խոստովանելով քու առջև կը դնեմ. դու որ Ադամայ ﬔղքերը քաւեցիր, իմ ﬔղքերս ալ քաւէ՛տո՛ւր այն առաքինութեան շնորհքներդ՝ զոր փորձութեանդ մէջ ցուցիր, և ինչ որ աղօթք կ’ընէիր Հօր Աստուծոյ՝ քառսուն օրուան պահքիդ մէջ, մանաւանդ առաջին շաբթուն մէջ, իմ՝ անարժան աղօթքներս ալ խառնէ՛, ﬕացո՛ւր, և ընծայէ՛ Աստուծոյ, որպէս զի արժանի ըլլամ այս շնորհքներն ընդունելու. ամէն:

ԵՐԿՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ

ՇԱՐԱԿԱՆ

Ընդ նախահօրն տրտմութեան՝ որ վասն ելիցն ի դրախտէն կենաց, ընկալցուք և մեք զտրտմութիւն ապաշխարհութեան. զի յարութեամբն Քրիստոսի արժանասցուք մտից դրախտին եկեղեցւոյ։ Որ յաղթեցեր մերով բնութեամբ ի փորձութեան կամակոր օձին, որով ետո՛ւր իշխանութիւն որդւոց Ադամայ կոխել զգլուխ չար վիշապին, և ընդ երկնայնոցն երգել զփառս ի բարձունս։

ԿԻՐԱԿԻ
Եօթներորդ օր ﬔծ պահոց

Բարերար Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս, ﬕայն սատանան չէ որ Ադամայ պէս զիս կը փորձէ, այլ նաև աշխարհ ու մարﬕն: Աշխարհիս բաներն ինծի լաւ կ’երևայ քան աստուածային բաները, սիրտս իրեն քաշել կու տայ, Աստուծմէ կը հեռացնէ, մարﬕնս ալ ապստամբ եղած՝ մտքիս չհնազանդիր, շիտակին չհետևիր, ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորի: Այն փորձութեանց համար զոր ինծի համար քաշեցիր, տո՛ւր ինծի շնորհք և կարողութիւն, որ սատանային և աշխարհիս փորձութիւններուն ալ յաղթեմ, — աչխարհիս ամէն ﬔծութիւնը, փարթամութիւնն ինծի լեղի երևնայ, ﬕայն հանդերձեալ աշխարհին բաներն անուշ գայ, զանոնք վաստակելու ետևէ իյնամ: Եւ քառասնօրեայ պահոցդ համար՝ որով սուրբ մարﬕնդ ﬔղաւոր մարﬓոյ պէս ճնշել ուզեցիր իմ սիրոյն, սակայն իմ մարﬕնս ﬔղաոր է, իմ մարﬕնս ապստամբ է, տո՛ւր ինծի շնորհք, որ երբ մարﬕնս ալ փորձութիւն բերէ, մտիկ չընեմ, պահքով ճգնութեամբ զիսպեմ՝ Աստուծոյ պատուիրանաց հնազանդեցնելով, ﬔղքերէ փրկելով, շնորհքով զարդարուելով՝ երկնային դրախտը մտնելու արժանի ըլլամ, ամէն:

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ութերորդ օր ﬔծ պահոց

Աստուա՛ծ ողորմութեան, լսէ՛ իմ աղաչանացս, և տո՛ւր այսօր շնորհք մահացուցանելու իմ զգայարանքներս, մանաւանդ իմ լսողութիւնս, չըլլայ որ ասկից վերջ գէշ խօսքերու ականջ կախեմ, ինչպէս նախամայրն Եւայ լսելով սատանայի խօսքերուն՝ չփախաւ, խօսակից եղաւ, պատասխանեց, անով ﬔղքը մտաւ, ﬔղքէն մահը տիրեց աշխարհիս վրայ՝ պտուղ և պատիժ իր ﬔղաց, որ շուտ մը աչքով տեսա իր սիրելի անﬔղ զաւակին Աբելի վրայ, լալով ողբալով անոր ﬔռելին վրայ: Այս որոգայթներու մէջ չըլլայ թէ ես ալ իմ հոգիս ձգեմ՝ սատանայի փորձութեանն ականջ դնելով: այլ ինչպէս դու սատանայի խօսքերուն չանսալով՝ սուրբ գրոց խօսքերը բերանդ առնելով՝ հալածեցիր սատանային փորձութիւններն ու հրապոյրները, ես ալ սուրբ գրոց ու հոգևոր խրատուց և քարոզներու ականջս բանամ: Անուշ գայ ինծի հոգևոր խօսքերը, լեղի երևնայ աշխարհային խօսքերը, և աստուածային բաներուն մտիկ ընելով՝ իմ ականջս սուրբ պահեմ, սիրտս աստուածային բաներուն տաքցնեմ քու շնորհքովդ. ամէն:

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Իններորդ օր ﬔծ պահոց

Տէ՛ր Աստուած, որ զիս ստեղծեցիր մարդ քու աստուածային պատկերիդ նման, և հինգ զգայարանօք զարդարեցիր, աչք տուիր՝ որով ամէն բան տեսնեմ, և քեզ փառք տամ, ես այն աչքով ﬔղանչեցի, ինչպէս նախամայրն Եւայ աչքով նայելով արգելեալ պտղոյն վրայ՝ փորձութեան ու ﬔղքի մէջ ձգեց զինք ու իրեն ընկերն զԱդամ: Դու, Տէ՛ր իմ, Եւայի ﬔղքը քաւելու համար` անոր ըրածին դէմ չնայեցար աշխարհիս ﬔծութեանց ու թագաւորութեանց վրայ, երբ սատանան փորձութիւն բերելու համար քեզ ցուցուց, զքեզ ﬔծցնել խոստացաւ, այլ ամէնն ալ տեսածիդ պէս արհամարհեցիր: Տո՛ւր ինծի շնորհք՝ որ քու սուրբ օրինակիդ հետևելով՝ զսպեմ իմ աչքս, չնայիմ արարածոց վրայ, այլ զքեզ փառաւորելու համար, Աստուա՛ծ իմ և արարիչ իմ, հո՛ս սուրբ պահելով աչքս, երկինքը քու սուրբ տեսոյդ արժանի ըլլամ. ամէն:

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Տասներորդ օր ﬔծ պահոց

Աﬔնակարող Աստուա՛ծ, որ իմ սնունդիս համար ճաշակելիք հաստատեցիր, համառութեան կարողութիւն տուիր, որով պտուղները վայելեմ, քեզ փառաւորեմ. իսկ ես նախամօր Եւայի փորձութեան հետևելով՝ ճաշակելիքիս որկրամոլութեամբ քեզ դէմ ﬔղանչեցի: Դու, իմաստուն բժիշկ, այն որկրամոլութեան ﬔղքը՝ քաւելու համար՝ քու սուրբ ճաշակելիքդ զրկեցիր ամէն կերակուրներէն զոր դուն ստեղծել էիր, չկերար, ժուժկալութիւն սովրեցուցիր: Պահոց քու սուրբ արդեանցդ համար տո՛ւր այսօր ինծի քաւութիւն, թողութիւն՝ իմ ամէն որկրամոլութեան ﬔղքերում, ինչ որ պզտիկուց ﬕնչև հիմա ըրեր եմ, և տո՛ւր շնորհք ժուժկալութեան, որ ասկից վերջ քու սուրբ օրինակիդ հետևելով, զսպեմ իմ ճաշակելիքս, պատուիրաններից դուրս չելնեմ։ Եւ այս ﬔծ պահքը ջերﬔռանդութեամբ բռնելով, ճգնութեամբ կատարելով, քեզ նմանելով, ինչ մտքով որ դրեր է սուրբ եկեղեցին՝ ընդունում, այն ամէն շնորհքները՝ իբրև բարի քրիստոնեայ, հարազատ որդի եկեղեցւոյ:

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Մետասաներորդ օր ﬔծ պահոց

Տէ՛ր իմ, Յիսո՛ւս, աշխարհային բաներէ հրաժարելով՝ անապատի մէջ առանձնանալուդ շնորհիւ տո՛ւր ինծի ալ առանձնանալ աշխարհային զբաղմունքներէ, աշխարհային գործերէ: Ուրիշ զգայութեանց հետ սուրբ պահեմ նաև հոտառութեանս զգայութիւնը. չըլլայ որ նախամօրն Եւայի հետևիմ, որ պտղոյն տեսիլքէն, հոտէն, ամէն խաբուելով՝ Աստուծոյ դրած պատուիրանը մոռցաւ, անմահութեան կեանքը կորսնցուց, մահկանացու կեանքը ժառանգեց իրեն և իր զաւակներուն վրայ տեսնելով մահը, լաց ու ողբ բերած չըլ լայ որ ես ալ այսպէս զգայարանքներովս խաբուիր, հոգիս ﬔռցնեմ:

Այլ զատուելով ու հեռանալով աշխարհային գործերէ՝ չﬔղանչեմ, ոչ տեսութեամբ, ոչ հոտառութեամբ և ոչ համառութեամբ, ﬕայն զԱստուած պաշտեմ ամէն գործերուս մէջ իմ զգայարանքներովս, զԱստուած փառաւորեմ, վերջն ալ արժանի ըլլամ արքայութեան մէջ դէմ յանդիման հրեշտակաց հետ զԱստտուած փառաբանելու յաւիտեան. ամէն:

ՈՒՐԲԱԹ
Երկոտասաներորդ օր ﬔծ պահոց

Կ’աղաչեմ աﬔնէն աւելի, Տէ՛ր իմ, լեզուս պահես ﬔղանչելէն. չիլլայ որ՝ ինչպէս նախամայրն Եւայ լեզուով յորդորելով զԱդամ` արգիլեալ պտուղը կերցուց, ﬔղքի մէջ ձգեց, անով մահ տարածեց աշխարհիս վրայ, ես ալ ուրիշը ﬔղքի մէջ ձգեմ, որուն պատիժը քաշեմք, այլ բարեգործութիւն ընելու պատճառ ըլլամ: Չըլլայ թէ լեզուս պարապ խօսքերու գործածեմ, բարկանալով գէշ խօսքեր կամ անէծք բերնէս հանեմ, դիմացինս ﬔղքի մէջ ձգեմ, բամբասելով՝ ուրիշին անունը կոտրեմ, այլ ﬕշտ բարի խօսքերու գործածեմ, զքեզ օրհնելու և զքեզ փառաւորելու:

ՇԱԲԱԹ
Երեքտասաներորդ օր ﬔծ պահոց

Հոգի՛դ Սուրբ, աղբիւր շնորհաց, իմ Յիսուսիս արդեանց համար տո՛ւր ինծի այսօր շնորհք՝ ﬔռցնելու, զրսպելու ոչ թէ ﬕայն իմ հինգ դրսի զգայարանքները, այլ նաև իմ ներսի կիրքերս, իմ հպարտութիւնս, անձնասիրութիւնս, փափկասիրութիւնս, բարկութիւնս, ծուլութիւնս, և ուրիշ ամէն իմ չար մոլութիւններս զսպեմ, շտկեմ։ Մեծութեան, փարթամութեան չցանկամ, ինչպէս որ Ադամ և Եւա ցանկանալով աստուածանալ, դրախտէն ալ զրկուեցան, մահ բերին իրենց ալ ու իրենց զաւակներուն ալ, այլ Քրիստոսի տեառն իմոյ խոնարհութեան հետեւելով՝ ﬕայն Աստուծոյ կամքը կատարելու ցանկամ, ﬕտքս ալ սուրբ պահեմ, ﬔղաց առիթներէն զգուշանամ: Կ’աղաչեմ նաև, ո՛վ մարդացեալ Աստուած իմ, Յիսուս, քու անուն սիրոյդ՝ որ զիս փրկելու համար մարդ եղար, այնչափ աշխատեցար, այս երկրորդ շաբթուս մէջ ի՛նչ երկրպագութիւններ բրիր աղոթելովդ, զանոնք իմ աղօթքներուս հետ խառնես, որ իմ աղօթքս ալ զօրութիւն առնելով, այս շաբթուս մէջ ինչ շնորհքներ որ խնդրեցի, արժանի ըլլամ առնելու, և ուղղաﬕտ ճամբու հետևելով՝ հոգիս ալ մարﬕնս ալ Աստուծոյ նուիրեմ. ամէն:

ԵՐՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ

ՇԱՐԱԿԱՆ

Ընդ անառակին որդւոյ գոչեմք առ Հայրդ գթած. մեղաք յերկինս և առաջի քո քաւիչ յանցանաց, ել ընդ առաջ սիրով, գրկեա համբուրիւ, մաքրեա զմեզ ի մեղաց մերոց:

ԿԻՐԱԿի
Չորեքտասաներորդ օր ﬔծ պահոց

Գթած Հա՛յր երկնաւոր, այսօր մտածելով և իմանամ՝ որ իմ ﬔղքէ չդառնալուս պատճառ սա է՝ որ ես զիս զղջման մէջ չեմ պատեր, այլ մարﬓաւոր ուրախութեան կը վազեմ, և իբր թէ առաջին ﬔղքերուս թողութիւն առած՝ այնպէս սիրտս հանգիստ նստիլ կուզեմ։ Այս կը ցուցնէ թէ ոչ աստուածային երկիւղ ունիմ, և ոչ աստուածային սէր. անկից կու գայ ինծի անհոգութիւն՝ առաջին ﬔղքերս լալու, անհոգութեանս պատճառաւ՝ փորձութիւններուն չեմ կրնար դիմադրել, նորանոր ﬔղքի մէջ կիյնամք:

Բայց այսօրուան անառակ որդւոյն օրինակով իմ սիրտս չարժեցայիշեցի իմ առաջին ըրած ﬔղքերս, թէ քանի ապերախտութիւն ըրի երկնաւոր Հօրդ դէմ, քանի հարստութիւն շնորհաց ունէի և զանոնք ցրուեցի, մկրտութեան և ուրիշ խորհրդոց շնորհքները, զորս դու, Հա՛յր երկնաւոր, ինծի պարգևեր էիր՝ կորսնցուցի, ապականեցի: Բայց ինչպէս որ անառակ որդւոյն ﬕտքը բացուեցաւ, ինքն իրեն եկաւ, զղջուﬓ ընել՝ ﬔղայ ըսել առաջադրեց, այն շնորհաց լոյսը, կ’աղաչեմ, իմ մտքիս մէջ ծագէ այսօր, որ անոր պէս տեսանեմ ﬔղաց գարշութիւնը: Իմանամ իմ խեղճութիւնս անառակ որդւոյն պէս՝ թէ երկնաւոր Հօրս տունը ձգեցի, խոզերուն հետ նստիլ և ուտել ուզեցի. քու հոգևոր բարիքներդ ինծի ծանր եկան: Հոգևոր ճամբան երթալ, հոգևոր խօսքեր լսել, քու սուրբ պատուիրանները պատել՝ անհամ երևցաւ ինծի. անոր տեղ՝ ընդունայն աշխարհիս զուարճութիւնը սիրեցի, որոնք պիտի անցնին երթան և զիս չեն կրնար կշտացնել ﬔղաւոր մարդկանց հետ խոզերու նման նստիլելնել ուզեցի: Այս գարշութիւնն աղէկութեան տեղ դրեր եմ ու այնպէս կը շարունակեմ. ﬔռնելու օրս վրայ չհասած՝ այսօր լուսաւորէ՛ զիս քու շնորհքովդ որ արթննամ, ասկից վերջ զզուիմ ու ﬔղքերէս ետ կենամ:

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Հնգետասաներորդ օր ﬔծ պահոց

Թէպէտ շատ է իմ ﬔղքիս ծանրութիւնը, թէպէտ անարժան եմ քու շնորհացդ, Տէ՛ր իմ, սակայն անհուն է, չհատնիր քու ողորմութիւնդ: Կը խնդրեմ, կաղաչեմք, պարգև՛ ինծի այսօր այն շնորհաց լոյսը՝ որ անառակ որդւոյն պէս ոչ թէ ﬕայն ﬔղքերուս գարշութիւնն իմանամ, այլ նաև հոգևոր ճամբուն գերազանցութիւնն իմանալով ﬕտքս բացուի, և ըսեմ. «Քանի վարձկանք են ի տան հօր իմոյ հացալիցք, և ես աստ սովամահ կորնչիմ»: Պայծառ տեսնեմ ո՛րչափ լաւ է անﬔղութեան ճամբան, ո՛րչափ լաւ է քու սուրբ պատուիրանները պահելով քեզ ծառայել՝ քան թէ սատանայի: ո՛րչափ լաւ է աշխարհային ցանկութիւններէ հեռու կենալ, խղճմտանքս մաքուր պահել, քու շնորհքովդ հարստանալ, ինչպէս որ սուրբ արդար մարդիկները կ’ընեն։ Այս իմանալով, ասկից վերջ քու պատուիրաններդ ինծի թեթև երևնայ, ﬔղաց ճամբան գէշ երևնայ, իսկ հոգևորն՝ անուշ երևնայ, հոգևոր խօսք լսելը, կարդալը՝ ինծի զուարճալի երևնայ: կարենամ մտածական ընել, ինչպէս որ ըրաւ անառակ որդին, և պայծառ մտօք ճանչնամ իմ խեղճ ﬔղաւոր կացութիւնս, և քու ծառաներուդ հոգևոր կացութիւնը, հարստութիւնը, հոգևոր բարիքները՝ զոր հիմա շնորհքով կը վայելեն ու օր մ’արքայութեան մէջ ալ պիտի վայելեն:

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Վեշտասաներորդ օր ﬔծ պահոց

Որ անսպառդ ես ողորմութեամբ, Հայր բարեգութ, տո՛ւր կաղաչեմ, այսօր ինծի այն շնորհքը, որ ճանչնամ ﬔղքերուս գարշութիւնը՝ և սուրբ պատուիրաններուդ հոգևոր անուշութիւնը, և գործով ընելու առաջադրեմ. անառակ որդւոյն պէս ես ալ ըսեմ. «Յարուցեալ գնացից առ Հայր իմ, և ասացից՝ Մեղայ»։ Առաջադրեմ զղջում, ընելու, ﬔղայ գոչելու առաջադրեմ, քահանային ոտքն երթալու՝ որ է քու փոխանորդ. ﬔղքերս մէկիկ մէկիկ խոստովանիմ անոր առջև, ցաելով խոստովանիմ, առաջադրելով ﬔռնիլ քան թէ ﬔղանչել անհուն բարութեանդ դէմ:

ՉՈՐԵՔՇԱԲԻ
Եօթնևտասաներորդ օր ﬔծ պահոց

Ցաւագնեալ սրտիւ, խոնարհեալ մտքով կու գամ այսօր, Հայր աﬔնողորմ, ոտքդ կ’իյնամ, ﬔղայ կը գոչեմ անառակ որդւոյն պէս: Մեղա՛յ յերկինս և առաջի քո, Հա՛յր սուրբ, վասն զի քու հայրութիւնդ ուրացայ, քու պատուիրաններդ ոտքի տակ առի։ Մեղա՛յ յերկինս և առաջի քո, Որդիդ ﬕածին, վասն զի քու ըրած մարդասիրութիւնդ չճանչցայ, դարձեալ զքեզ խաչ հանել ուզեցի իմ ﬔղքերովս: Մեղ՛այ յերկինս և առաջի քո, հոգիդ Սուրբ, վասն զի քու սուրբ խորհուրդներդ պղծեցի, քու բարի ներշնչուﬓերդ քամահրեցի, բանի տեղ չդրի։ Իմ ﬔղքերս շատ են աւազէն, ծանր են, քարերէն բազմաթիւ. վասն զի քեզ ﬕայնոյ ﬔղայ և գիտութեամբ ﬔղայ և չարաչար ﬔղայ: Աշխարհիս պատրանք զիս խաբեցին, իմ մարﬕնս զիս մոլորցուց, սատանան զիս որոգայթներու մէջ ձգեց, այսօր կը խոսսովանիմ իմ յանցանքներս, թողութիւն կը խնդրեմ ըրած անօրէննութեանս վրայ, և կը դառնամ իմ Հօրս արարչիդ քով:

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Ութևտասներորդ օր ﬔծ պահոց

Հա՛յր գթութեանց և Աստուած ողորմութեան, երբ կը լսես այս իմ ﬔղայ գոչելս, իմ զղջման ձայնս, դու ալ երկնքէն ﬕ՛ դարձներ քու երեսդ, ﬕ՛ յիշեր իմ անօրէնութիւնս, այլ յիշելով որ քու զաւակդ եմ սուրբ մկրտութեամբ՝ խոնարհ, լսէ իմ ձայնս, ելիր ընդ առաջ` ինծի հետ հաշտուելու ըսելով. «Այս որդի իմ ﬔռեալ էր և եկեաց, կորուսեալ էր և գտա»: Ինչպէս որ ըսաւ անառակ որդւոյն Հայրը։ ﬕ գարշիր իմ աղտեղի կերպարանքէս, որ ﬔղքերով աղտոտեցի, խոզերու հավասար եղայ, այլ փոխել տուր, կրկին հագցնել տո՛ւր ինծի առաջին պատմուճանը սուրբ աւազանին մըկրտութեան՝ զոր կորսնցուցի։ Այն կօշիկը՝ որ է արիութեան շնորհքը՝ ինծի պարգևի, որ ասկից վերջ սուրբ պատուիրաններուդ ճամբան բռնեմ, հին օձը՝ սատանան իմ ոտքս չխոցէ, զիս չմոլորցնէ. այն մատանին՝ որ է յարատևութեան շնորհք հոգւոյն Սրբոյ, կապանք՝ բարեգործութեան մէջ ﬓալու, ինծի պարգևէ՛, որպէս զի անﬔղութեան և արդարութեան շնորհքով փայլիմ: Իմ սիրտս որ յուսահատութեան մէջ ընկած է, կանգնի, քաջալերուի, ասկից վերջ ﬕայն քու կամքդ կատարէ:

ՈՒՐԲԱԹ
Իննևտասներորդ օր ﬔծ պահոց

Ո՛վ Հայր յաւիտենական, դու յաւիտենից պատրաստեցիր ինծի համար զեզն պարարակ. որ է Յիսուս ﬕածին զենեալ ի վերայ խաչին, և ի խորհուրդ պատարագին: Երբ այս իմ խնդրած շնորհքներով զիս կը զարդարես, շնորհէ՛ ինծի արժանաւորապէս ճաշակելով վայելել այն պարարակ եզը, որ ինծի համար կը մորթուի սուրբ սեղանոյն վրայ: Այսպէս արժանաւորապէս առնելէս վերջ՝ խնդրեմ ուրիշ շնորհք մ’ալ տաս ինծի, որ, քարացեալ սիրտս կակղանայ, փղձկի, ﬕշտ յիշելով ըրած ﬔղքերս՝ լամ: Ինչպէս որ Դաւիթ մարգարէն ունէր այս շնորհքն ու կ’ըսէր. «Լուացի զաﬔնայն գիչեր զմահիճս իմ, և զանկողինս իմ արտասուօք թացի»: Ինչպէս Պետրոս առաքելոյն վրայ անգամ մը նայելով Յիսուս ﬕածին՝ տուաւ այս շնորհքը, որ ﬕշտ յիշելով իր ﬔղքերը կու լար, կը զովանար Յիսուսի սիրոյն վրայ իր խոցուած սիրտը: Իմ սիրտս ալ այնպէս խոցէ՛, Տէ՛ր իմ, որ լամ, թէ ինչու գթած Հօրդ սիրտը կոտրեցի, շնորհաց փարթամութիւնը կորսնցուցի, սուրբ պատուիրանները կոխեցի: Այսպէս լալով սիրտս զովացնեմ, աստուածային սէրս աւելցնեմ. այն լացով իմ ցաւիս արմատը բժշկուի, ու չդառնայ ինծի ﬔղաց հիւանդութիւնը, դարձեալ չիյնամ ﬔղքերուս մէջ, այլ ﬕայն քեզ ծառայեմ յաւիտեանս. ամէն։

ՇԱԲԱԹ
Քսաներորդ օր ﬔծ պահոց

Կ’աղաչեմ, Հայր աﬔնակարող, երբ այս շնորհքները կ’ընես, քու արդարութիւնդ դէմ կ’ելնէ՝ անառակ որդւոյն ﬔծ եղբօր պէս, մէկիկ մէկիկ ﬔղքերս դատաստանին մէջ բերելով իմ անարժանութիւնս կը ցուցնէ, քու որդիութեանդ ժառանգութենէ կ’ուզէ զիս զրկել այն ատեն քու բացարձակ կարողութեամբդ, հայրական սիրովդ մէկդի թող արդարութիւնդ. անոր տեղ գըթութիւնդ ձեռք առ, ինչպէս ըրաւ անառակ որդւոյն հայրը, ﬕ՛ յիշեր իմ ﬔղքերս: «ﬕ՛ մտաներ ի դատաստան ընդ ծառայի քում, զի ոչ արդարանայ առաջի քո աﬔնայն կենդանի»: Այլ յիշէ՛, Տէ՛ր իմ և Աստուած, քու առաջին ըրած ողորմութիւնները՝ դարձեալ շնորհէ՛ ինծի, նաև ճգնութեան շնորհն աւելցուր, որ ոչ թէ ﬕայն ըրած ﬔղքերում վրայ լամ, այլ իմ մարﬕնս ճնչեմ, ըրած ﬔղքերուս պատիժը հոս քաշեմ, ինչպէս ամէն քու սիրելի ծառաներուդ հոս քաշել տուիր՝ որ արքայութեան մէջ վայելեն: Տո՛ւր ինծի ալ այս շնորհքս՝ որ դժուար չերևի ճգնութիւն քաշելը, ապաշխարելը. եթէ դուն ալ խաչ ղրկես իմ վրայ, համբերութեամբ, սիրով քաշեմ և որդիութեանդ ժառանգութեան արժանի ըլլամ:

Հա՛յր սուրբ, այս շաբթուս մէջ ի՛նչ ճգնութիւն, արթնութիւն, ծընրադրութիւն, ծոմապահութիւն որ ըրաւ քու ﬕածին սիրելի Որդիդ, ինծի համար ըրաւ, զանոնք իմ կողմանէս ալ ընդունէ՛ իբր նուէր և պատարագ ընդունելի, և անարժան աղօթքներուս հետ մէկ տեղ խառն որ հաճոյ ըլլայ քեզ իմ աղօթքներս ալ: Մեղքերուս թողութիւն տո՛ւր և ﬔղաց պատիժն ալ հոս քաշել տուր՝ որ անդին արքայութեան մէջ սուրբ տեսութեանդ արժանի ըլլամ. ամէն:

ՉՈՐՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ

ՇԱՐԱԿԱՆ

Որ տիրականս առ ի քէն կարգեալ տնտես բնութեան մերոյ իմաստութեամբ զպարտիս եթող քոյոց պարտապանաց. թող և զմեր զյանցանս ողորմութեամբ քո Քրիստոս:

ԿԻՐԱԿԻ
Քսանևﬕ օր ﬔծ պահոց

Հովի՛ւ քաջ և բարի, Տէ՛ր իմ, Յիսո՛ւս, դու որ իբրև հոգ տանող վարդապետ մը՝ առակներով զիս ուզեցիր խրատել, և այնպէս այսօրուան աւետարանիդ խօսքով ինծի յիշեցուցիր՝ թէ համար պիտի ուզես իմ ամէն ըրածներուս վրայ, ըսելով. «Տո՛ւր զհամար տնտեսութեան քո»: Ա՜խ, քանի որ այս հաչիւ տալը կը յիշեմ, բոլոր մարﬕնս դող կելնէ. ես զիս քննելով՝ կը գտնեմ, որ ծանր ﬔղքեր շատ գործեր եմ, իսկ պզտիկ ﬔղքեր անհատնում ըրեր եմ, բարեգործութ եանս մէջ ալ չարութիւն խառնել եմ. ուրեﬓ քու աﬔնատես աչքդ ինչե՜ր պիտի գտնէ:

Բայց ինչպես այն տնտեսն՝ իմաստուն փրթաւ և որ իր մարդիկներուն քով երթալով հաշուեգիրքը բացա ու ջնջեց, ուզածը գրել տւաւ, իր գործը շտկեց. կ’աղաչեմ, տո՛ւր ինծի այսօր նման լոյս մը՝ որ իմ ամէն ըրած ﬔղքերս պզտիկուց ﬕտքս բերելով, քահանային քով խղճմտանքիս գիրքը բանամ, մէկիկ մէկիկ զղջմամբ խոստովանիմ, տընտեսին պէս ջնջեմ, ﬔղքերս, մանաւանդ հպարտութեան ﬔղքերս, թէ՛ ծածուկ և թէ յայտնի, թէ մարﬓաւոր և թէ հոգևոր:

Վասն զի, ծածուկ սրտիս մէջ շատ հպարտութիւններ ունեցեր եմ՝ ես ինծի հաւնելով, կամ այնպէս ըրած եմ, որ ուրիշէն գովուիմ. երբ ընկերս գովուեր է՝ չեմ ուզած, չեմ հանած, ներսէս վար զարկեր եմ. յայտնի հպարտութիւն ալ ըրեր եմ պարծենալով, ուրիշները քամահրելով, ծաղր ընելով: Վա՛յ ինծի, որ ամէն արհամարհանքի արժանի եմ, ես որ ինծմէն բան մը չունիմ, բայց եթէ ﬔղք ու պակասութիւն, անուն վաստըկիլու տենչ, ցանկացել եմ որ ամէն տեղ վրաս խօսուի, ճանչցուիմ. այսպէս հպարտութեամբս իբր գող եղեր եմ այն փառքին՝ այն ﬔծութեան՝ որ քեզ ﬕայնոյ Աստտուծոյ կը պատշաճի, վասն զի ամէն աղէկութիւն, ամէն տուրք բարիք քեզմէ են, ո՛վ Հայր լուսոյ: Այս չար հպարտութիւնը սրտիս մէջ տընկած ունենալովս՝ ուրիշ ամէն ﬔղքի մէջ ալ ընկեր եմ, ինչ որ ինքնահաւանութիւնը կը բերէ կամքիս դէմ եղած բաներուն վրայ սրդողիլ, ինծմէ ﬔծերուս լիրբ պատասխան տալ, կամապաշտութիւն, կամակորութիւն ընել, իմ կամքս չկոտրելով. ասկից զատ ﬔղաց պատճառ տուեր եմ ուրիշներու, և զիս խրատելու և շտկելու տեղ՝ նայեր եմ, որ ուրիշը խրատեմ:

Եւ աﬔնէն ցաւալին այն է, որ իմ չար հպարտութիւնս հոգևոր բաներու մէջ ալ մատուցեր եմ. աղօթք, պատարագ տեսնելս, խոստովանութիւնս, ողորմութիւն տալս՝ կեղծաւորութեամբ ըրեր եմ, որպէս զի ուրիշներն ինծի հոգևոր է ըսեն. կամ եթէ չընեմ՝ չըլլայ թէ զիա վար զարնեն, ուստի, այս չար մտքերով՝ հոգևոր գործերս ալ աւրեր եմ քու առջև, Տէ՛ր իմ, ես անարգ և ոչինչ որդս:

Երբ ասոնք մէկիկ մէկիկ դատաստանին օրը յիշես, ըսելով. «Տո՛ւր զամար տնտեսութեան քո», հպարտութեան գործերուդ վրայ՝ որ ըրիր խոնարհութեան դէմ, ես այն ժամանակ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ: Բայց, ներող Աստուա՛ծ գթութեան, տեսնելով այսօր՝ որ ես ինձմէ այս ﬔղքերս կը խոստովանիմք, քահանային ըսելով՝ քեզի կըսեմք, կը յիչեմ, կը զղջամ, դու ﬕ յիշեր այն սոսկալի օրը, ﬕ տար երեսիս, այս բոլորովին ջնջէ՛, թողութի՛ւն տուր ﬔղքերուս:

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Քսանևերկրորդ օր ﬔծ պահոց

Լո՛յս ճշմարիտ, Տէ՛ր իմ, Յիսուս, շփոթութեան խաւար մը մտքիս վրայ ձգեր է սատանան՝ որով կը պղտորի, չեմ կրնար ﬕտքս բերել իմ ﬔղքերս, և ոչ ﬕտքս պահել։ որով շատ ﬔղք կը մոռնամ, կամ թէ չեմ կրնար պարագաներով զրուցել, կամ կը տարակուսիմ որ լաւ չեմ հասկցներ քահանային. հետևաբար խոստովանանքը ծանր բան կ’երևի ինծի, հոգևորէ պաղիլ կու գայ: Բայց, դու Տէ՛ր, ինչ շնորհք տուիր Դաւիթ մարգարէին, որ քու առջևդ ﬕշտ զղջմամբ կը յիշէր, իր ﬔղքերը խոստովանիլ չէր ձանձրանար, և ինչ շնորհօք որ կ’ընես ուրիշ մարգարէի բերնով՝ թէ դու առաջ ըuէ՛ քու ըրած անօրէնութիւնդ՝ զոր ես ալ ջնջեմ, այն շնորհքը ղրկէ՛ հիմա ինծի ալ՝ որպէս զի այս մութն և շփոթութիւնը փարատի մտքէս:

Ո՛րչափ նախանձու ﬔղքեր ըրեր եմ պզտիկուց ﬕնչև հիմա, այսօր խոնարհութեամբ ու զղջմամբ կը խոստովանիմ քահանային՝ քու փոխանորդիդ: Ո՛րչափ ընկերոջս բարւոյն վրայ նախանձեր եմ, աչք տնկեր եմ իր հարստութեան, յաջողութեան, ﬔծնալուն, անուանի ըլլալուն. եթէ անոր յաջողութիւն մը եղեր է՝ ցաեր եմ, եթէ ձախորդութիւն կամ փորձանք մը եկեր է՝ ախորժեր եմ, ուրախացեր եմ: Երբ անիկայ ﬔծցուցեր, գովեր են՝ տրտﬔր եմ. երբ վար զարկեր են, չեն հանած, սրտէս ուրախացեր եմ, մանաւանդ թէ ձեռքի տակէ այնպէս ըրեր եմ՝ որ վար զարնեն կամ չհանին ընկերոջս:

Այսպէս վարուեր եմ պզտիկուց ﬕնչև հիմա. վասն զի նախանձու այս ախտը՝ ինծի բնական եղեր է, և նախանձէն ինչ ﬔղքեր որ յառաջ կու գան, անոնց մէջն ալ ընկեր եմ չարաչար. քէն ընել, ոխակալութիւն պատել, վրէժխնդրութիւն ուզել, ցանկանալով՝ ձեռքէս եկած ﬖասը հասցնել ընկերոջս, սրտիս մէջէն անէծք տալ: Հետևաբար դատեր եմ, բամբասեր եմ, ﬔղադրեր եմ, կամ երբ օտար մ’անոր անունը կոտրեր է՝ ոխասրտեր եմ, բանսարկութիւն ըրեր եմ:

Այսչափ ու ասոնց նման բազար նախանձու ﬔղաց մէջ ինկեր եմ, եղբայրսիրութեան պատուիրանքիդ դէմ գործեր եմ: Բայց այժմ որ կը նաիմ այս ըրածներուս վրայ, ու ձեռքէս եկածին չափ զղջալով կը խոստովանիմ քեզ, դատաւոր բարեգութ, ներէ՛, քաւէ՛, այժմէն ջնջէ՛ իմ հաշուեգրքէս՝ որչափ նախանձու ﬔղք գրուած է մէջը։

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Քսանևերրորդ օր ﬔծ պահոց

Առաջնորդ կուրացելոց, Քրիստո՛ս Աստուած, սատանան ահաւասիկ կը ջանայ և աﬔնայն հնարք կը բանեցնէ որ խոստովանութիւնս ուշացընեմ: Ի՛նչ շահ կ’ելլէ այս խոստովանանքէն, կ’ըսէ ﬕտքս, որովհետև դարձեալ պիտի իյնամ նոյն ﬔղաց մէջ, և դարձեալ ﬔղանչելով՝ չարագոյն պիտի ընեմ՝ սրբապղծութեան մէջ իյնալով։ Բա՛ց աչքս կ’աղաչեմ, փարատէ սատանային կուրութիւնը՝ որ ﬕտքս տեսնէ. արդեօք գիտե՞մ, ողջ կրնա՞մ ﬓալ ﬕնչև վաղուան օրը լուսաւորուի, իմանայ ﬕտքս՝ որ եթէ այժմէն սկսիմ ապաշխարհել, տարիներ չեն բաեր կատարեալ ապաշխարհելու, պատիժներս քաելու, չար սովորութիւններս բարի սովորութեանց դարձնելու՝ զսպելով իմ կիրքերս:

Եւ այսպէս լուսաւորուելով՝ այսօրուն է խոստովանիմք ի՛նչ որ բարկութեան ﬔղքեր ըրեր եմ, վասն զի մանկութենէ սկսեալ՝ կամքիս դէմ բան մը եղածին պէս՝ սրդողեր եմ, ուրիշներուն հանդարտութիւնը խռովեր եմք, տունը տակնուվրայ ըրեր եմ, զուրիշը ﬔղքի մէջ ձգեր եմ, կամ սրտանց զայրանալով, սիրտս դնելով, երեսս ծռելով՝ ﬔծի ու պզտիկի սիրտը կոտրեր եմ:

Վա՛յ ինծի, այս իմ բարկութեանս երես տալով ուրիշ ալ աւելի ﬔծ ﬔղքերու մէջ ընկեր եմ, ինչ որ բարկութիւնը կը բերէր իմ սրտիս հանդարտութիւնն աւրելով՝ աղօթքէ պաղեր եմ, զԱստուած մոռցեր եմ, դիմացինս նախատեր եմ, հայհոյեր եմ. սիրտ ծակելու ծանր խօսքեր զրուցելով, ﬕնչև պիղծ խօսքեր անգամ՝ որ մարդու չեն վայլեր՝ թող թէ քրիստոնէի: Վա՛յ ինձ, նաև Աստուծոյ անունն այս պիղծ խօսքերուն մէջ բերանս առեր եմ բարկութեամբ. երդում ալ ըրեր եմ Աստուծոյ անուան վրայ, սպառնալով՝ որ իրեն չարիք պիտի ընեմ. սրտիս մէջէն ցանկացել եմ որ անոր փորձանք մը գայ, բերնովս ալ յայտնի ուզեր եմ վրէժխնդրութիւն ընել, անով լսողներուն գայթակղութիւն տուեր եմ, բարկութեամբ տաքնալով՝ ձեռք վերցուցեր՝ զարնել ուզեր եմ:

Այսպէս, ընկերոջս սիրտն աւրելով՝ բաժնուեր եմ, չեմ նայած որ սիրտը շինեմ, կամ թողութիւն առնեմ, հետն արուած կեցեր եմ, բարև չեմ տուած, չեմ խօսած։ Արտաքուստ ﬕշտ երեսպաշտութիւն իրեր եմ. կեղծաւորութեամբ բարեկամ ձևանալով՝ ներսէս ատելութիւն, թշնամութիւն և ոխ պահեր եմ. բարկութենէս երբեﬓ բամբասելով՝ անունը կոտրեր եմ:

Սսոնք ու ասոր նման հազար կերպ բարկութեան գործեր ըրեր եմ: Այժմ եկեր, ﬔղա՛յ, կ’ըսեմ, անօրինեցայ և յանցեայ։ «Աստուած քաեա՛ զիս զﬔղաւորս». Թո՛ղ իմ բարկութեան ﬔղքերս, ﬕ՛ յիշեր, այլ փութա՛ ջնջել, որովհետև ե՛ս կը յիշեմ, ե՛ս կը խոստովանիմ աստուածութեանդ առջև:

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Քսանևչորրորդ օրը ﬔծ պահոց

Պարձուցիչ մոլորելոց, Տէ՛ր իմ, Յիսուս, սիրտս քարացուցեր է սատանան, աﬔնևին զղջուﬕ չգար. որչափ ես կը ջանամ ցաւ զգալ, ա՛յնչափ ցաւս կը պակսի. Կ’ուզեմ, որ լﬓցնեմ ելնեմ զղջումէ, պարապ ատեն անցունել մը կու գայ ինծի։ Կ’աղաչեմ, Տէ՛ր իմ, դու որ Զաքէոսին սիրտը մէկ խօսքով զղջուﬕ բերիր, և Պետրոս առաքեալը մէկ նայուածքով մը լացուցիր, այսօր ապառաժ սիրտս կակղցո՛ւր, որ ﬔղքերուս աղտեղութիւնը տեսնելով՝ զղջամ, ցաիմ անոնց վրայ, մանաւանդ ծուլութեանս վրայ. վասն զի ժամանակս պարապ անցուցի, և բնաւ չմտածեցի որ եթէ մահը յանկարծ վրայ հասնի՝ ի՛նչ պիտի ընեմ:

Եթէ դու ինծմէ համար ուզես, այսչափ տարի քեզ կեանք տուի, ի՞նչ ըրիր ամէն աﬕս, ամէն օր, ես ի՞նչ պատասխան պիտի տամ, ես՝ որ բոլորովին ծուլացեր եմ, ձգեր եմ հոգևորը, իբր թէ տէր մը, արարիչ մը չունիմ ծառայելու, ինքնագլուխ իմ կամքիս ետևէն գացեր եմ, օր մը չէ եղած՝ որ քու ծառայութեանդ մէջ անցանեմք. եթէ քու ծառայութիւնդ ալ ըրեր եմ, ուրիշ դիտաւորութիւններ խառներ եմ, ես ինծի ծառայեր եմ, ես ուզեր եմ:

Այս ծուլութիւնը պատճառ եղեր է որ աղօթքներս ալ շատ անգամ ձգեմ. կամ թէ ակամայ ըրեր եմ, արտորալով, բերնէ թափուք, անուշադիր, ասդիս անդին նայելով, խելքս ուրիշ տեղեր ցրուելով. այնպէս եղել է պատարագ տեսնել ալ: Կիրակի օրերը՝ որ ալ աւելի պէտք էի քեզ ծառայել, մանաւանդ այն օրն աելի ևս ծուլութիւն ըրեր եմ, պարապ անցուցեր եմ, ակամայ պատարագ մը տեսեր եմ, քարոզ կամ հոգևոր խրատ լսելէ, հոգևոր գիրք մը կարդալէ՝ փախել եմ, մանաւանդ թէ կիրակի օրերն ալ աւելի ﬔղք ըրեր եմ։ Գործ ողորմութեան կրնայի ընել. հիւանդներու, վչտացեալներու, բանտի մէջ եղողներու կրնայի ի տես երթալ, ﬗիթարել, չեմ ըրած, անհոգ եմ եղեր, կարօտեալներուն ձեռքէս եկած ծառայութիւնը չեմ ըրած. մանաւանդ աղքատաց ձեռքէս եկած ողորմութիւնը չեմ տուած, այլ արհամարհելով ետև դարձուցեր եմ: Դարձեալ, ինչ որ կը հետևի պարապ կենալէն՝ այն ﬔղքերուն մէջն ալ ընկեր եմ, դատարկաբանութիւն ընել, ուրիշը ծաղրել, բամբասել, անցաւոր ունայն զուարճութեանց ետևէ իյնալ: Եթէ համար ուզես իմ քանքարս բանեցնելու վրայօք, ես ի՛նչ պատասխան պիտի տամ. շատ լաւութիւններ կրնայի ընել ընկերացս և օտարաց՝ և չըրի, ﬕայն այս զանցառութեան ﬔղքը զիս կը վախցնէ չըլլայ որ քանքարաթաքոյց ծառայի պէս դատապարտուիմ:

Բայց, այսօր, Տէ՛ր իմ, կը ճանչնամ և կը խոստովանիմ իմ անօրէնութիւնս. դու ևս ﬕ յիշեր, այլ ջնջէ՛, ո՛վ աղբիւր ողորմութեան, Տէ՛ր իմ Յիսուս, տո՛ւր շնորհք՝ որ ﬓացած կեանքս պարապ չանցունեմ, այլ արիութեամբ բարեգործութեան հետ ըլլամ:

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Քսանևհինգերորդ օր ﬔծ պահոց

Բժշկութիւն և զօրութիւն հոգւոց, Տէ՛ր իմ Յիսուս, ﬔծապէս կը վախնամ, որ արդեօք թողութիւն կ’ըլլա՞յ իմ ծանր ﬔղացս, այս վախէն՝ շփոթութիւն և յուսահատութիւն կը բերէ սատանան. ուստի պաղութիւն կը զգամ խոստովանանքէն, և անհանգստութիւն մը: Դո՛ւ, Տէ՛ր, կարող աﬔնայնի, նայէ՛ երկնքէն վրաս ողորﬔլով, ﬕ՛ թողուր որ քու մոլորեալ ոչխարդ կորսուի, այլ քու սուրբ արեանդ համար տո՛ւր ինծի այսօր յոյս մը՝ որով խոստովանիմ ﬔղքերս, մանաւանդ ագահութեան, որ չափէն աւելի ապրուստիս վրայ հոգ տարեր եմ, հոգևոր գործս՝ երկրորդական ընելով, իսկ մարﬓաւոր շահը՝ առաջին: Ագահութեամբ՝ սիրտս աշխարհիս փարթամութեան տուեր եմ, ﬔծութեան և զեղխութեան սէր ձգելով՝ փառաւոր երևնալ ցանկացեր եմ. սիրտս շահած ստակիս կապեր եմ, չեմ կրցեր հարկաւոր բաներու գործածել. ստակ դիզելու սէր մը ձգեր եմ ագահութեամբ, իբր թէ պաշտեր եմ:

Առուտուրի մէջ ալ անիրաւութիւն իրեր եմ, կերպ կերպ ճամբաներով ինծի եմ քաշեր, խաբելով, գողութիւն և զրկում ընելով եղբօրս, շատ աւելի գնով ծախելով, խարդախութիւն ընելով, գէշն աղէկի տեղ, պակասն ամբողջի տեղ տալով: Այսպէս գրեթէ կռապաշտ եղեր եմ Պօղոս առաքելոյն ըսածին պէս, արծաթը պաշտելով, հոգիս մատնելով։ Վա՛յ ինծի, եղեր է որ՝ այսպիսի խարդախ առուտուրի մէջ ալ սուտ երդում ըրեր եմ՝ քու սուրբ անուանդ վրայ, բան մը առնելու ծախելու ատեն՝ աւելի գին զրուցեր եմ, ես ինծի անցուցեր եմ, ուրիշին պարտքը չեմ վճարած։

Ո՜հ, ո՞րը յիշեմ, ո՞րը զրուցեմ. սակայն այսչափ զրուցելովս ընդունէ՛, Տէ՛ր իմ, խոստովանութիւնս, թողութիւն ու շնորհք տուր, որ Զաքէոսին պէս ըսեմ. «Թէ զոք զրկեցի, հատուցից չորեքկին»։

ՈՒՐԲԱԹ
Քսանևվեցերորդ օր ﬔծ պահոց

Բարեգութ Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս, դու Յակոբոս առաքելոյն բերանով պատուիրեցիր. «խոստովան լերուք ﬕﬔանց զﬔղս ձեր» ըսելով: Բայց այսօր, Տէ՛ր, իմ բերանս, որ խոստովանիմ՝ զղջալով, ես ինծմէ պատﬔմ՝ քու առջևդ լալով իմ՝ անօրէնութիւնս, մանաւանդ ինչ որ որկրամոլութեամբ ﬔղանչեր եմ: Դու, Տէ՛ր, հազար բարիք ստեղծել ես՝ որ չափով ուտելով՝ անոնց կերպ կերպ հաﬓ առնումք, զքեզ Արարիչդ, յիշեմ, ու շնորհակալ ըլլալով օրհնեմ. ասոնք պիտի հարցնես դատաստանին օրն, ըսելով. «Տո՛ւր զհամար տնտեսութեան քո»: Վա՛յ ինձ ﬔղաւորիս, ես ի՞նչ պատասխան պիտի տամ, որ այսչափ համով բան կերեր եմ, և աﬔնևին Արարիչդ չեմ յիշած, փառք չեմ տուած, անբանի պէս իմ ախորժակս նայեր եմ որկրամոլութեամբ, և իմ ախորժակս հեշտացնելու համար՝ անյագութեամբ կերեր ու չափէն աւելի խմբեր եմ, առողջութիւնս աւրել եմ՝ նոյն իսկ զիս ﬔղաց առիթներու մէջ ձգելով։ Ասոնք կը մտածեմ, ու ինծի վա՛յ կու տամ, ո՛րը լամ, ո՛րը խոստովանիմ: Բայց դու, Տէ՛ր ողորմութեան, այսչափ խոստովանելով՝ ամէն որկրամոլութեան ըրած ﬔղքերս ջնջէ՛ այսօր, սրբէ՛, և զղջումս ընդունելով՝ թողութիւն պարգևէ՛:

ՇԱԲԱԹ
Քսանեօթներորդ օր ﬔծ պահոց

Սրբութեան սիրող Աստուա՛ծ իմ Յիսուս, բերանս չբացուիր խոստովանելու, սատանան ինծի ամչնալ կը բերէ. դու, Տէ՛ր, արիացո՛ւր զիս որ փոխանակ խոստովանելէն ամչնալու՝ ﬔղք ընելէ ամչնամ։ Դու որ չխոստովանածներս գիտես, ամէն ﬔղքերս տեսեր ես, բայց այսօր բերանս՝ որպէս զի ինչ ﬔղք որ ըրեր և մարﬓովս քեզ դէմ, խոնարհութեամբ խոստովանիմք, Տէ՛ր իմ Յիսուս:

Ինչ որ մտքովս գործեր եմ՝ անկարգ բաներ մտածելով, ինչ որ աչքով ﬔղանչեր եմ՝ գէշ նայելով նաև հոգևոր և սուրբ տեղերու մէջ, ինչ որ բերանովս՝ անկարգ առասպելական խօսքերով, ցոփաբանութեամբ խօսեր եմ աշխարհասէրներու հետ, կամ ծիծաղերես մտիկ ըրեր եմ անոնց ըսածներուն, մանաւանդ պզտիկներու առջև ալ խօսելով՝ չար օրինակ ու գայթակղութիւն տուեր եմ։ Ուրեﬓ ինչ որ ասոնց նման ﬔղքեր գործեր եմ մանկութենէս ﬕնչև հիմա, մտքով, աչքով, բերնով, ձեռքով, հինգ զգայարանքներով և բոլոր մարﬓովս, հիմա ինկած առջևդ՝ զղջացեալ սրտով կը խոստովանիմ:

Դու, Տէ՛ր Յիսուս, իմ ապականեալ վէրքերս սրբէ՛, բորոտութիւնս բժշկէ՛, ինչպէս որ ﬔղաւոր կինը ﬕայն ոտքդ իյնալով, արցունք թափելով՝ դուն իմացար անոր սրտանց խոստովանիլը, ու բերնով չզրուցած՝ իւր ամէն ﬔղքը թողուցիր։ Սյսօր ալ իմ այսչափ խոստովանելովս՝ ինչ ﬔղք որ ալ մոռցեր եմ կամ չեմ ճանչցեր՝ աﬔնուն թողութիւն տո՛ւր, ըսելով սուրբ բերնովդ: «Թողեալ լիցին քեզ ﬔղք քո բազում»։ Եւ փոխանակ այն եօթն մահացու ﬔղքերուն՝ զորս ես գործեցի, դու, Տէր, եօթն առաքինութիւն պարգևի ինծի այսօր, որ է Խոնարհութիւն, Եղբայրսիրութիւն, Հեզութիւն, Արիութիւն, Աղքատսիրութիւն, ժուժկալութիւն, և Սրբութիւն հոգւոյ և մարﬓոյ:

Աստուա՛ծ իմ, որ կը բանաս ականջդ զղջացեալ ﬔղաւորաց, կ’աղաչեմ, այս խոստովանանքս որ այս շաբթուս մէջ ըրի, տնտեսին հետևելով՝ խղճմտանացս հաշուին գիրքն այժմէն շտկել ուզեցի, այնպէս ընդունէ՛ խոստովանանքս՝ իբր թէ մահուան ատենն ըրած ըլլայի. եթէ այն ատեն հիւանդութեանս համար չկարենամ ընել, այժմէն ընդունէ՛, ու պահէ՛ զիս որ դարձեալ չﬔղանչեմ: Եւ քու այս շաբթու սուրբ ծոմապահութեանդ մէջ ի՛նչ փառաբանութիւն, ի՛նչ ճգնութիւն, ի՛նչ աղօթք որ ըրիր առ Հայրն երկնաւոր, Տէ՛ր իմ Յիսուս, յիշէ՛, և իմ խոստովանութեանս ուզղջմանս հետ խառնելով Հօրն երկնաւորի ընծայէ՛, վասն զի ինծի համար ըրիր զանոնք, ինծի մաքրութիւն, փրկութիւն հոգւոյս և մարﬓոյս՝ անոնք պիտի ըլլան յաւուրն դատաստանի:

ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ

ՇԱՐԱԿԱՆ

Որ պատուիրան ճշմարտութեան աւանդեցեր եկեղեցւոյ քոյ Քրիստոս, անսահման ժամանակաւ աղօթել միշտ առ Աստուած՝ հոգւով և մտօք։ Դատաւոր արդար, որ հաստատեցեր ի մեզ դատոող բնութիւն զմիտս մեր, շնորհեա սմա դատել զանձինս իրաւամբք և արդարութեամբ, խնայեա ի մեզ սէր ողորմութեամբ։

ԿԻՐԱԿԻ
Քսանևութերորդ օր ﬔծ պահոց

Պատաւոր արդարութեան, Քրիստո՛ս, արդարութեանդ հետ ﬕանագամայն ողորմած ես և գթած. դու, որպէս գթած Հայր՝ այսօրուան աւետարանին խօսքով կը սովորեցնես թէ ինչ ընեմ, որ արդար դատաստանէդ ազատիմ, ողորմութիւն գտնեմ: Այս ճամբան սովրեցուցիր՝ որ ﬕայն աղօթքն է, ինչ որ չեմ կրնար ընել՝ աղօթքով կրնամ առնուլ. որչափ որ սատանան փորձութիւն բերէ, աշխարհ և մարﬕն հոգւոյ դէմ ելնեն, դու սովրեցուցիր՝ որ աղօթքն է ﬕակ դեղ։ Աղօթքով քեզ կաղաղակեմ, քեզ կը բողոքեմ, այնչափ որ իմ անարժանութեանս չնայիս, այլ իբր թէ ձանձրանալէդ ինծի ողորﬕս, ինչ շնորհք որ պէտք է ինծի տաս:

Այժմ ես այս ճամբան քեզմէ սովրելով, համարձակութիւն առնելով, կը խնդրեմ ամէն բանէն առաջ որ աղօթելու շնորհք տաս ինծի, և մասնաւորապէս այսօր պարգևես ինծի առաջին աստիճան աղօթից, որ է աղօթելու սէրը: Սիրով, յօժարութեամբ նստիմ աղօթքի, քանի որ պէտք ըլլայ. վասն զի աղօթքն ինծի ծանր բան մը կ’երևցնէ սատանան. քանի անգամ, որ նստիմ աղօթելու՝ ձանձրութիւն, քուն կը բերէ։ Խնդրեմ, Տէ՛ր իմ, ﬕ զրկեր զիս այս շնորհքէն, վասն զի դու սովրեցուցիր՝ առանց ձանձրանալու խնդրել և առնուլ:

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Քսանևիններորդ օր ﬔծ պահոց

Օրհնեալ գովեալ ըլլայ անհուն ողորմութիւնդ, Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ ինծի սիրտ տալու համար՝ աւետարանին խօսքերով զքեզ նմանցուցիր անիրաւ դատաւորի մը, որպէս զի ես չդադրիմ աղօթելէ: Արդ կ’աղաղակեմ առ քեզ. «Դատ արա ինձ տէր յոսոխէ իմմէ», որ է սատանան: Եթէ դու դատաւորդ չհալածես անոր փորձութիւնները, անոր ըրած անիրաւութիւնները, ես չեմ կրնար ազատիլ, վասն զի ﬕշտ շուրջս կը պտըտի՝ հոգիս կորսնցնելու համար: Գիտեմ, որ իմ աղաղակելս, իմ աղօթելս, անարժան է, վասն զի չեմ գիտեր աղօթելու կերպը, ջերﬔռանդութիւն չկայ աղօթքիս մէջ, սրտէս չբղխիր, այլ չոր ցամաք, բերնէ թափուք, համ չեմ առներ աղօթքէս: Սատանան ալ յուսահատութիւն կը բերէ, ﬕտքս ձգելով որ այսպիսի աղօթք Աստուծոյ ընդունելի չէ, պարապ է. այսչափ տարի է՝ խնդիրքդ չկատարուիր, ի՛նչ շահ ունի աղօթելը: Կ’աղաչեմ, Տէ՛ր իմ, տո՛ւր ինծի այսօր երկրորդ աստիճան աղօթից, որպէս զի որչափ որ սիրտս խիստ ըլլայ, քու շնորհքովդ ետ չկենամ. ﬕշտ անդադար աղօթք ընեմ սրտանց ու խոնարհութեամբ, ինչպէս որ դու սովրեցուցիր խօսքով, նաև օրինակովդ, գիշերը ﬕնչև լոյս աղօթք ընելով Հօրն Ատուծոյ:

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Երեսներորդ օր ﬔծ պահոց

Երկայնաﬕտ Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս, որ կերպ կերպ առակներով, ճամբաներով ինծի փրկութիւն սովրեցուցիր, շատ բան սովորեցնելէն վերջ՝ իմ փրկուիլս ալ քու վրադ ձգեցիր. հասկցնելով՝ թէ որչափ ալ աշխատիմ, ես զիս չեմ կրնար փրկել ﬕնչև որ դու, Տէ՛ր, ձեռքէս չբռնես չօգնես, Քու օգնութեանդ ալ արժանի ըլլալու համար՝ ﬕ ﬕայն աղօթք ընելը սովրեցուցիր, անդադար աղօթելով, այնչափ՝ որ զԱստուած ձանձրացնել, բայց ես չձանձրանամ, ﬕնչև որ Աստուած իբր թէ բռնադատուած՝ փրկութեան շնորհք տայ ինծի:

Այսօր ահա, Տէ՛ր իմ, ցաւագին սրտիւ, անդադար ձայնիւ կ’աղաղակեմ. «Դատ արա ինձ, Տէ՛ր յոսոխէ իմմէ», որ է ի մարﬕնս։ Սա ոսոխ մ’է, թշնաﬕ է, որ ներսի դիս է, իմ հետս է. չեմ կրնար բաժնուիլ, և ﬕշտ զիս կը մոլորցընէ. քու օգնութիւնդ ﬕայն կրնայ զիս ապրեցնել: «Ապրեցո՛ զիս, Տէր, ի չար մարﬓոյս յայսմանէ»: Ես որ հիմա այսպէս կաղաղակեմ, կ’աղօթեմ, քիչ մը անցնելուն պէս կը ձանձրանամ աղօթքէ, և ﬕտքս հազար ու մէկ տեղ կը ցրուի, ալխարհիս անցաւոր դատարկ բաները՝ իբր խիստ հարկաւոր բանի պէս՝ աղօթքի աﬔն ﬕտքս կու գան, ինչ ընելու է, ինչ խօսելու եմ, ինչպէս արուեստ բանեցնելու եմ, աղօթքի ատեն պայծառ ﬕտքս կը բերէ սատանան, անով անպտուղ պարապի հանել կու տայ աղօթքս:

Դու, Տէ՛ր, որ վերէն երկնքէն կը տեսնես իմ այս կերպ աղօթելս, խնայէ՛, խղճալով ողորմէ՛, տո՛ւր ինծի այսօր երրորդ աստիճան աղօթից՝ որ աղօթքի ատեն ﬕշտ ﬕտքս վրաս պահեմ, երկրաւոր մտածուﬓերը ձըգեմ, երկնաւոր աստուածային բաներ մտածեմ, կամ գոնէ ջանք ունենամ ﬕտքս վրաս ժողվելու, բարի բաներ մտածելու, պարապ բաները դուրս հանելու. ինչպէս որ դու, Տէ՛ր իմ, օրինակովդ սովրեցուցիր, որ քաղքէն և մարդիկներէն հեռանալով՝ լեռը ելնելով՝ այնպէս կ’աղօթէիր:

ՉՈՐԵՔՇԱԲԻ
Երեսունևﬕ օր ﬔծ պահոց

Փառաւորեմ և ﬔծացուցանեմ զանբաւ գթութիւնդ, Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ ինծի այսօր ﬔծ գանձ տուիր աղօթքը, և աղօթքով սովրեցուցիր ամէն շնորհք քեզմէ առնուլ: Այժմ հոգւոյս խեղճութիւնն առջևդ կը դնեմ, որ շնորհքէ զրկուած ըլլալով, քեզմէ հեռանալով՝ այրի մը դարձեր է խեղճ ողորﬔլի, նման այն այրւոյն՝ զոր օրինակ բերիր աւետարանին մէջ. հրեշտակներն ինծմէ երես դարձուցեր են, իմ ոսոխներս սատանաներն եկեր պատեր պաշարեր են, խաղ կ’ընեն: Ինծի ճար չկայ ասկից ազատելու՝ բայց եթէ աղօթելով. բայց սատանան այնչափ տիրեր է վրաս՝ որ աղօթքէ ալ պաղեցուցեր է. աշխարհիս երկրաւոր ﬔծութիւնը՝ հարստութիւնը, փառքն իմ աչքիս հարկաւոր կերևնան, իսկ աղօթքն ու երկնաւոր փառքը՝ ոչինչ մը։ Իշխանի մը հետ տեսնուիլ, խօսակից ըլլալն՝ ուսկից շահ մը չկայ, ինծի ﬔծ փառք կը համարի, չեմ ձանձրանար, իսկ աղօթքով քեզ հետ խօսակից ըլլալն՝ որ ես թագաւոր թագաւորաց, և ուսկից է իմ ամէն կենդանութիւնս, ոչինչ կը համարիմ ու կը ձանձրանամ:

Այժմ ոտքդ կ’իյնամ, այն այրի կնոջ պէս կ’աղաղակեմ. «Դատ արա ինձ, Տէ՛ր, ոսոխէ իմմէ», որ է աշխարհ. Ազատէ՛ զիս այս աշխարհիս խաբէութենէն: Եւ տո՛ւր ինձ, Տէ՛ր, այսօր չորրորդ աստիճան աղօթից, որպէս զի աղօթքի ատեն սիրտս աշխարհային բաներէն հեռացնեմ, ﬔծութիւն և փարթամութիւն բանի տեղ չդնեմ, չմտածեմ, այլ մանաւանդ աշխարհիս ունայնութիւնը՝ անցաւորութիւնը պայծառ տեսնեմ, յիշելով քու խօսքդ. «Զի՞նչ օգուտ է մարդոյ եթէ զաշխարհ աﬔնայն շահեսցի, և զանձն իւր տուժեսցէ»: Ես որ այս խօսքիդ ներհակ ճամբայ բռներ եմ, այսօր փոխեմ ինքզինքս. աղօթքն ինծի ﬔծ գանձ և վաստակ համարելով՝ առաջին գործս աղօթքն և հոգևոր գործերն ըլլան. երկրորդ գործը՝ աշխարհային գործերս և մարﬓաւոր ապրուստս, և յօժարութեամբ ու սիրով ընեմ աղօթքս, որով երկնային յաւիտենական ﬔծութիւնը, հարստութիւնը վաստկիմ, որ է արքայութիւնը. ամէն:

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Երեսոենևերկրորդ օր ﬔծ պահոց

Առ քեզ կը դիﬔմ, ո՛վ աղբիւր ողորմութեան և արդարութեան, նայէ՛ քու դատաւորական աթոռէդ և ողորմէ՛: Դու իմ մարﬕնս և հոգիս ﬕասին ստեղծելով՝ իբր թէ քաղաք մը շինեցիր, և անոր դատաւոր դրիր իմ խղճմտանքս՝ որ ուղիղ դատաստան ընէ, բայց ես ետևէ ետև ﬔղքերու մէջ իյնալով այս խղճմտանքս բոլորովին կուրացուցի՝ որով չտեսներ իւր խեղճութիւնը՝ իմ ﬕտքս խստացուցի՝ չուզեր աﬔնևին ﬔղքերէ ետ կենալ. սիրտս քար դարձուցի՝ չուզեր աﬔնևին զղջում ընել քանի որ կը ջանամ խղճմտանքս շտկել՝ աﬔնևին չլսեր, անիրաւ դատաորի նմաներ է։ Այժմ ես ալ երկնաւոր դատաւորիդ ոտքը կըյնամ, կ’աղաղակեմ, «Դատ արա ինձ, Տէ՛ր, յոսոխէ իմմէ», որ է իմ կուրացեալ խղճմտանքս, չար սիրտս, դու ես իմ փրկութիւնս: Կ’ուզեմ, քեզ դիﬔլ աղօթքով, բայց անոր ալ իմ ամէն օրուան գործերս թող չեն տար, սիրտս, ﬕտքս քեզմէ կը հեռացնեն, աղօթքէ կը խափանեն։

Կ’աղաչեմ, Տէ՛ր իմ, անգին արեանդ համար տո՛ւր ինձ այսօր հինգերորդ աստիճան աղօթից, որ ամէն օրուան արտաքին գործերս ալ այնպէս ընեմ՝ որ անոնք ալ աղօթք ըլլան: Առաւօտ ինչպէս որ կառաջադրեմ իմ ամէն գործերս ի փառս Աստուծոյ ընելու, այնպէս ալ գործերս ընելու ատեն՝ ﬕշտ զԱստուած աչքիս առջև ունենալով՝ նոյն առաջադրութեան հետևիմ, զԱստուած յիշելով՝ ի փառս Աստուծոյ ընեմ, ինչպէս որ սուրբ առաքեալը կը սովորեցնէ. «Թէ ուտիցէք, և եթէ ըմպիցէք, զաﬔնայն ինչ ի փառս Աստուծոյ արասջիք»:

Այսպէս՝ սիրտս, ﬕտքս բոլորովին արտաքին գործերուն չտամ, այլ այն գործերու մէջ ալ հաւատոյ, յուսոյ, սիրոյ ներգործութիւններ ընելով՝ Աստուծոյ յիշատակը ﬕշտ սրտիս մէջ պահեմ, կատարող ըլլամ, քու հրամանիդ, թէ «Յաﬔնայն ժամ աղօթս արարէք»: Որպէս զի երբ աղօթքի նստիմ, ﬕտքս շուտով առ Աստուած բարձրացնեմ ինծի պէտք եղած շնորհքներն առնելով՝ փրկութեան հասնիմ։ «Եղիցին քեզ հաճոյ բանք բերանոյ իմոյ, և խորհուրդք սրտի իմոյ առաջի քո յաﬔնայն ժամ, Տէր, օգնական իմ և փրկիչ իմ»:

ՈՒՐԲԱԹ
Երեսունևերրորդ օր ﬔծ պահոց

Մարդասէր Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս, հիմա ողորմութեան աթոռն ես նստած. ցո՛յց ինձ զողորմութիւնս քո, իսկ արդարութիւնդ՝ իմ ոսոխներուս վրայ, որոնց դէմ կաղաղակեմ. «Դատ արա և ողորմէ՛»: Այս ոսոխները՝ այն թշնաﬕներն են, որ աղօթքն ինծի ծանր բան մը կը ցուցընեն, և զիս կ’ուզեն հեռացնել աղօթքէ. բա՛ց ուրեﬓ մտքիս աչքը՝ որ արթննայ, տեսնէ զքեզ յաթոռն նորէաց նստած: Եթէ ﬔծ իշխանի մ’առջև ելնեմ, և գիտնամ՝ թէ ինչ որ ուզեմ պիտի առնում, բոլոր օրը սիրով կ’աղաչեմ, չեմ ուզեր անկից բաժնուիլ, ուրեﬓ որչափ աւելի պէտք է զքեզ սիրով աղաչեմ, որ թագաւոր ես թագաւորաց, և պատրաստ ես ամէն բարիք տալու՝ ինչ որ ուզեմ աղօթքով։

Անոր համար խնդրեմ տո՛ւր ինծի այսօր վեցերորդ աստիճան աղօթից, որպէս զի զքեզ պայծառ մտօք տեսնելով՝ այն անուշութիւնը զգամ զոր կը զգան սուրբերը. անոր կամար, թէպէտ երկրիս վրայ են՝ բայց իբր թէ երկինքն են՝ այնպէս չեն կշտանար աղօթելէն. իմանամ որ աղօթքով աﬔնակարող Աստուծոյդ առջև կ’ելնեմ, աղօթքով քեզ Արարչիդ հետ համարձակ կը խօսիմ, դու ալ ինծի հետ կը խօսիս երբեﬓ՝ շնորհք տալով, ﬕտքս լուսաւորելով:

Այս բանիս սատանան նախանձելով թող չտար. վասն զի ինք թէպէտ հոգեղէն գերազանց ստեղծուած է, բայց չկրնար առջևդ երևնալ ու խօսիլ, անարգեալ ըլլալով քեզմէ, իսկ ես հողեղէն տկար ստեղծուած մը բլալով՝ կրնամ աղօթքով իբր որդի ընտանեբար սիրտս բանալ քեզ Հօր երկնաւորի, անոր համար կը հակառակի, խափանել կը նայի։ Բայց ես քու ստեղծուածդ եմ, Տէ՛ր իմ, և արեամբ քով փրկուած, ﬕ թողուր զիս այն չարին ձեռքը, այլ որչափ որ անարժան եմ, արժանի ըրէ զիս այն քաղցրութեան աղօթից:

ՇԱԲԱԹ
Երեսոշնևչորրորդ օր ﬔծ պահոց

Կը յիշեմ, Տէ՛ր իմ, այն շնորհքը վերանալոյ մտաց առ Աստուած, որ քու սուրբերուդ պարգևեր էիր, ինչ զմայլում կ’իմանային հաւատքով և սիրով՝ որ կը յափշտակէր զանոնք աղօթքի ատեն: Որոնց մէջ մէկն ալ սուրբ Արսէնն էր, որ արևը մտնելու ատեն դէպ ի արևելք աղօթքի նստելով կը վերանար, ﬕնչև անգամ գիշերուան անցնիլը չէր իմանար, առաւօտեան արևին ճառագայթն աչքին զարնելովը կիմանար, աղօթքէ կ’ելնէր: Ասոնց գլուխ և օրինակ դուն եղար, Տէ՛ր իմ Յիսուս, երբ քու անճառելի մարդկութեամբ, բոլորովին Աստուծոյ կը յափշտակուէիր. «հանելով զգիշերն ի գլուխ յաղօթսն Աստուծոյ»:

Արդ, ես անարժանս՝ ﬕջնորդ բռնելով զբարեխօսութիւն Մօր քո և կուսի, և աﬔնայն սրբոյ, և աղաչեմ տո՛ւր ինծի այսօր եօթներորդ աստիճան աղօթից: Եթէ այս շնորհքն ինծի տաս, որ ﬕտքս բոլորովին քեզ վերանայ, այն ատեն՝ ﬕտքս, սիրտս կը կտրուին երկրաւոր մտածութիւններէ, աղօթքի կը վազեն քեզ դիﬔլով. Ա՜խ, Տէ՛ր իմ, կը յիշեմ այն սուրբերուն Ալէլուիան, որ երկինքը քեզ կերգեն, ալէլուիա մը՝ յաւիտենական, աղօթք մը՝ անվախճան, զոր Սուրբ Յովհաննէս աւետարանիչ լսեց։ Չունին բան մը քեզմէ խնդրելու, բայց իրենց ﬔծ փառք և ուրախութիւն կը համարին զքեզ օրհնել, և զքեզ փառաւորել. քանի՛ օրհնեն՝ այնչափ օրհնելնին կու գայ, և այնչափ աւելի կ’ուզեն փառաւորել:

Այն դասք հրեշտակաց` սերովբէից և քերովբէից, այն դասք առաքելոց և աﬔնայն սրբոց, որոնց գլուխ և դասապետ Սուրբ Աստուածածինն է, ﬕաձայն, ﬕաբերան, ﬕաբան՝ սուրբ, սուրբ, սուրբ երգելով չեն կշտանար, յաւիտեան կը զմայլին, իսկ ես ողորﬔլիս ի՞նչպէս կը ձանձրանամ: Եթէ սուրբերը ﬕայն զքեզ փառաւորելու համար այսպէս չեն դադրիր աղօթելէ, ես որ ողորմութեանդ, քու շնորհքներուդ այսչափ կարօտութիւն ունիմ, ինչպէս աղօթքս կարճեցնել կուզեմ: Բայց, Տէ՛ր իմ, այս ամէն բան կուղղուի, եթէ քու այս շաբթուս մէջ ըրած աղօթքներ, արդիւնքդ, հառաչանքդ խառնելով իմ անարժան աղօթքիս հետ, երկնաւոր Հօրդ և Հոգւոյն Սրբոյ առջև հանելով՝ այսօր առնես ինծի համար այս շնորհքը: Հոգին Սուրբ թող զիս սովորեցնէ, զիս զօրացնէ՝ այնպէս նստիլ աղօթքի՝ որ բոլորովին ﬕտքս առ Աստուած վերանայ, յափշտակուի, որ է շնորհք շնորհաց:

ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՇԱԲԱԹ
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ

ՇԱՐԱԿԱՆ

Յորժամ փառօք հայրինի Քրիստոս ծազիս ի յերկնից, և յարուցանես զմեռեալսն, յայնժամ դասեա՛ ընդ աջմէ քումմէ, և կոչեա զմեզ ի մի փառս քո:

ԿԻՐԱԿԻ
Երեսունևհինգերորդ օրը ﬔծ պահոց

Թագաւոր ահաւոր, այսօրուան աւետարանով ինծի իմացուցիր քու գալուստդ թագաւորի պէս, համար ուզելով ինծմէ ամէն գործերուս վրայ, կ’աղաչեմ, քու սուրբ վիրացդ համար՝ հանէ՛, փարատէ՛, ինծմէ մտքիս թմրութիւնը, որ անզգայի մը պէս աﬔնևին չյիշեր քու գալուստդ: Բա՛ց, լուսաւորէ՛ ﬕտքս որ մահը ﬕտքս բերեմ, մտածեմ թէ կեանքս պիտի վերջանայ, և քու առջևդ պիտի ելնեմ համար տամ. որչափ օրերս կը կարճնան, այնչափ ալ ﬔռնիլս կը մօտենայ:

Այս թմրութիւնն այնչափ սաստիկ է վրաս՝ որ թէպէտ աչքովս ալ կը տեսնեմ` աﬔնուն մէկիկ մէկիկ ﬔռնիլը, բայց ինծի այնպէս կերևայ թէ ես աւելի շատ պիտի ապրիմ։ Վա՛յ ինձ, չեմ արթննար, չեմ իմանար, որ վաղուան օրն ալ ձեռքս չէթէպէտ դու, Տէ՛ր իմ, ինծի յիշեցուցիր ըսելով. «Արթուն կացաք, զի ոչ գիտէք յորում ժամու տէրն ձեր գայ. Ոչ գիտէք զօրն և ոչ զժաﬓ»: Կ’աղաչեմ, Տէ՛ր իմ, այս թմրութիւնը զոր սատանան ձգեր է վրաս, դու փարատէ՛ այսօր և լուսաւորէ՛, որպէս զի ﬕշտ մահս յիշելով՝ պատրաստ կենամ քու գալստեանդ:

ԵՐԿՈՇԱԲԹԻ
Երեսունևվեցերորդ օր ﬔծ պահոց

Դու, Տէ՛ր իմ Յիսուս, առաջ Երուասաղէﬕ ﬔղաւորներուն վա՛յ կարդացիր՝ որ արթննան ու ապաշխարհեն, յետոյ թագաւորի մը պէս եկար մը տար յԵրուսաղէմ քու քաղաքդ՝ ովսաննաներով, հասկցնելով ինծի, թէ իմ հոգիս ալ որ քու քաղաքդ է՝ սրբեմ ապաշխարհութեամբ, որպէս զի երբ գաս թագաւորի պէս՝ հոգիս ցնծալով ընդունի զքեզ: Ա՜խ, Տէ՛ր իմ, այսօր այս խրատովդ հոգւոյս վրայ ﬔծ շնորհք մը տպաւորէ՛ որ ﬔռնելուս յիշատակը պայծառ յիշեմ, մանաւանդ երբ կիրքերու մէջ կ’ըլլամ:

Երբ բարկութեան կիրքս ելնէ, ցանկութեան կիրքս իշխէ, պարտութեան խորհուրդներս կը տիրեն՝ այն ատեն շուտ մը ﬕտքս բերեմ իմ ﬔռնիլս, որով իջնան այն կրքերը, իմանայ հոգիս որչափ պարապ բան է՝ սրդողիլս, նեղանալս՝ ուզածս չըլլալուն համար: Երբ մտածէ՝ որ իրա վաղուան օրը կը ﬓայ արդեօք աշխարհիս վրայ թէ չէ, այն ատեն կը պահին աշխարհասիրութեան խորհուրդներն: Երբ պայծառ տեսնէ՝ որ վաղն իր մարﬕնը դագաղին մէջ մտնելով՝ աﬔնքն ալ իրմէ կը փախչին, հողին տակը կ’երթայ, որ այն ատեն հպարտութիւնը, փառասիրութիւնը՝ երբ իրաւ իմանամ որ ﬔռնելէս վերջ ոչ ոք զիս պիտի յիշէ, պիտի մոռցուիմ երթամ: Այս բաներուս դեղ է ﬕշտ մաքուան յիշատակը, ինչպէս որ դու ալ յանձնեցիր, Տէ՛ր իմ. «Եղերուք պատրաստք, զի յորում ժամու ոչ կարծիցէք, գայ որդի մարդոյ»: Կ’աղաչեմ, ուրեﬓ, տո՛ւր ինծի այս շնորուքը՝ որ երբ կրքերս չարժին, սատանան զիս փորձութեան մէջ ձգէ, շուտ մը յիշեմ մահս, անով զգաստանամ. ես զիս արթնցնելով մաքրեմ, սրբեմ իմ սիրտս, տեղի և օթևան պատրաստեմ քու գալստեանդ, որ զատկական սուրբ հաղորդութեան խորհրդով գաս նստիս իմ սիրտս, շնորհքով թագաւորես յաւիտեան: Եւ ապա մահուանս ատեն աստուածային փառաւոր գալստեանդ արժանի ըլլամ, ամէն:

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Երեսունևեօթներորդ օր ﬔծ պահոց

Իմաստութեան գանձ, Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ իբրև իմաստուն Հովիւ առաջուց զրուցեցիր քու գալուստդ, պատրաստութիւն տեսնել ապսպրեցիր, ըսելով. «Զգոյշ լերուք անձանց, գուցէ ծանրանայցեն սիրտք ձեր շուայտութեամբ և արբեցութեամբ, և հոգովք աշխարհականօք, և յանկարծակի հասանիցէ ի վերայ ձեր օրն այն, զի իբրև զորոգայթ հասանիցէ ի վերայ աﬔնեցուն՝ որ բնակեալ են ընդ աﬔնայն երեսս երկրի»: Ա՜խ, Տէ՛ր իմ, որովհետև ﬔռնիլս չեմ յիշեր, արթուն չեմ կենար, այն է՝ որ քու ապսպրածիդ դէմ սիրտս ծանրացուցեր եմ՝ մանաւանդ աշխարհիս հոգերով ու մտմտուքներով. իբր թէ ﬕշտ երկրիս վրայ պիտի ﬓամ՝ այնպէս ամէն օր ﬕտքս օտար բաներու կու տամ. մահն ինծի հեռու բան մը կերևնայ, չեմ յիշեր քու գալուստդ, որով աղօթքէ ալ կը պաղիմ. և թէպէտ դու ներհակը կ’ապսպրես, ինծի ջուրի ձայն կու գան խօսքերդ:

Ո՞ւր է այն արդար հոգին՝ որ սիրտն աշխարհիս վրա չտաքցնելով, իրեն հոգւոյն պատրաստութիւնն աﬔն օր տեսնելով՝ այս կեանքէս զզուած՝ բարի մահուան կը ցանկար ըսելով. «Վա՛յ ինձ, զի ընդ երկար եղև պանդխտութիւն իմ. Ո՛ տայր ինձ թևս, զի թռչէի սլանայի յերկինս»: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ինծի, Տէ՛ր իմ. կը վախնամ՝ որ ինչպէս Երուսաղէմ եկար, բայց տեսնելով որ քաղաքը պատրաստութիւն չունէր, զքեզ Աստուծոյ տեղ չէր դրեր, ինչ որ պէտք էր՝ չէր ըրած, լացիր վրան ու անիծեցիր, ըսելով. «Եթէ գիտէիր դու գոնէ յաւուրս յայսﬕկ զխաղաղութիւն քո, բայց այժմ ծածկեցաւ յերեսաց քոցզի եկեսցեն աւուրք ի վերայ քո, և ոչ թողուցուն քար ի քարի վերայ յաﬔնայնի ի քեզ, փոխանակ զի ոչ ծանեար զժամանակ այցելութեան քո»: Եթէ գոնէ այս օրերուս մէջ քու խաղաղութիւնդ գիտնայիր, բայց հիմա քու երեսիդ ծածկուեցաւ. վասն զի քու վրադ օրեր պիտի գան, և քու մէջ քար քարի վրայ պիտի չթողուն, քանի որ քու այցելութեանդ ժամանակը չճանչցար:

Ա՜խ, չըլլայ թէ իմ վրաս ալ լաս, զիս ալ թշնամւոյն, իմ ախտիցս ու ﬔղքերուս ձեռքի մատնես՝ որ զիս շնորհքէդ զրկեն, ինչ բարիք որ տւեր էիր ինծի՝ քակեն կորսնցնեն, և այնպէս երեսէդ իյնամ՝ անարգուածի. շատ կը վախնամ կը դողամ այս բանէս: Uյլ դու, ողորմութեա՛ն Աստուած, որ դեռ ինծի ժամանակ տալով՝ կ’երևայ իմ ապաշխարհութեանս կը սպասես, տո՛ւր ինծի լոյս՝ ﬕշտ աչքիս առջև ունենալ այս խօսքերուդ յիշատակը, քու գալստեանդ ահաւորութիւնը, ﬔռնելուս մօտ ըլլալը, որպէս զի ձգեմ աշխարհիս բոլոր պարապ մտմտուքները, ﬕայն հոգիս հոգալու հետ ըլլամ, և ﬔռնելուս ատենն ալ բարի պատրաստութիւն տեսնելով՝ սուրբ խորհուրդներն առնելու արժանի ըլլամ. ամէն:

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Երեսունևութերորդ օր ﬔծ պահոց

Փառաւորեա՛լ Տէր, որ փառօք Հօր երկնաւորի պիտի գաս աշխարհիս վրայ, ու աﬔն մարդու՝ աﬔնուն առջև ընդհանրական՝ դատաստան պիտի ընես անաչառ, ուր մէկու մը բարեխօսութիւնը չանցնիր, մէկէ մը կաշառք չառնուիր, ﬕայն աղէկ գործերն ու գէշ գործերը կը յիշուին, ինչ որ Աստուծոյ համար ըրի, և ինչ որ աշխարհիս համար, մէկուն համար ﬕայն վարձք պիտի առնում, ﬕւսին համար՝ պատիժ:

Ես ի՞նչ պիտի ընեմ ան ատեն, երբ իմ աղէկ կարծուած գործս ալ զուտ Աստուծոյ սիրոյն համար չեմ ըրած, ամէնն ալ ինծի համար ըրեր եմ, ես կարօտներուն չեմ հասեր, հիւանդներուն տես չեմ գացեր, բանտարկելոց ﬗիթարութիւն չեմ տուած, անօթիները չեմ յագեցուցած. վասն զի ինչ որ ըրեր եմ ասոնցմէ՝ զուտ եղբայրսիրութեան համար չեմ ըրած, խոտոր ﬕտք մատուցեր եմ մէջը, որով զիս ուզեր եմ, զիս փնտռեր եմ, ոչ թէ զԱստուած: Ասոնք երբ յայտնի ըլլան դատաստանին օրը՝ ես ի՞նչ պատասխան պիտի տամ. իսկ իմ անօրէնութիւններս, իմ հոգւոյ և մարﬓոյ չարութիւններս երբ բացուին աﬔնուն առջև, ես ի՞նչ պիտի ըսեմ, յաւիտեան դատապարտելոց մէջ պիտի իյնամ և եթէ հիմա յիշելով՝ այսչափ կը դողամ, այն օրն ի՞նչ պիտի ըլլամ:

Բայց դու, ողորմութեան Աստուած, այս աﬔղ դատաստանից յիշատակը ﬕշտ մտքիս մէջ տպաւորէ, որ ահիւ և դողութեամբ իմ, փրկութիւնս հոգամ քու առաքելոյդ ըսածին պէս. և ﬕշտ աղօթքի հետ ըլլամ քու պատուիրածիդ պէս. «Յաﬔնայն ժամ աղօթս արարէք, զի արժանի լինիջիք զերծանել յայնմ աﬔնայնէ որ լինելոց է, և կալ առաջի որդւոյ մարդոյ»: Այս կերպով հիմա պատրաստութիւն տեսնեմ զատկական սուրբ հաղորդութեան խորհրդով արժանապէս զքեզ ընդունելու համար: Յետոյ երբ հոգիս պիտի բաժնուի մարﬓէս, արժանի ըրէ՛ որ ﬕտքս զգաստ ըլլալով, սրտանց զղջում ընելով, սատանայի փորձութիւններուն դէմ դնելով՝ ելնեմ առջևդ, բարի պատրաստութեամբ ընդունիմ քու գալուստդ՝ թագաւոր փառաց. և յաւիտեան ﬓամ քու երկնային թագաւորութեանդ մէջ:

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Երեսունևիններորդ օր ﬔծ պահոց

Դատաւո՛ր արդար, որ դատաստանդ աւարտելէ վերջ՝ ﬔղաւորներն արդարութեամբ տանջանքի պիտի ղրկես դժոխքին մէջ, ըսելով. «Երթայք յինէն անիծեալք ի հուրն յաւիտենական»: Սատանաներն ալ անոնց դահիճ պիտի դնես տանջելու։ Ա՜հ, ինչ տանջանք է ﬕայն սատանաներուն քով նստիլը, և ﬕայն ﬔղաւորներուն հետ ընկերութիւն ընելը. եթէ հոս ժանտ կռուարար հոգւոյ մը հետ չեմ կրնար նստիլ, որ ﬓաց դժոխքին մէջ, ուր բիւրք բիւրուց հոգիներ՝ ամէնն ալ Աստուծմէ հեռացած, Աստուծոյ թշնաﬕ եղած են: Իսկ տանջանքնե՞րը՝ զոր անգութ դահիճները պիտի տան ﬔղքերուն հաﬔմատ, այն կրակին այրե՞լը, այն սրտի խղճմտանքին խայթե՞լը. «Ուր որդն նոցա ոչ ﬔռանի, և հուրն ոչ շիջանի»: Իսկ Աստուծոյ տեսութենէն զրկուի՞լը, որ եթէ ուրիշ տանջանք ալ չըլլար՝ այս ﬕակ բաւական տանջանք էր. այն յաւիտենականութիւնը՝ ուսկից յաւիտեան ազատիլ չկայ: Ասոնք երբ կը մտածեմ, բոլորովին դող կելնեմ. վասն զի իմ գործերս զիս դըժոխքի արժանի կ’ընեն:

Բայց դու, բարեգո՛ւթ Աստուած, այս դժոխքին յիշատակը ﬕշտ իմ արտիս մէջը տպաւորէ, որպէս զի յիշելով այն տանջանքները՝ ետ կենամ ﬔղքերէ, և առաջին ﬔղքերս ապաշխարհեմ: Կ’աղաչեմ, հիմակուց իմ ﬕտքս վերնատան պէս պատրաստէ, որ վարի բաները թողում, վեր ելնեմ մտքով՝ ու վերի բաները ﬕայն մտածեմ: Սիրտս ալ զարդարէ՛ այն ամէն շնորհքներով՝ որ կարևոր են, որպէս զի ինչպէս այն զարդարուած վերնատունն արժանի եղաւ զատկական ընթրեաց ու սուրբ խորհըրդոյն, այնպէս ալ իմ սիրտս շնորհքներով զարդարուած՝ արժանի ըլլայ զքեզ ընդունելու զատկական սուրբ հաղորդութեան խորհրդով: Յետոյ երբ հոգիս մարﬓէս բաժնուի՝ արժանի ընես պահապան հրեշտակն ինծի ուղեկից և առաջնորդ ղրկել՝ սատանաներէն փրկելու համար:

ՈՒՐԲԱԹ
Քառասներորդ օր ﬔծ պահոց

Պարգևատու բարեաց, Տէր և Աստուած, արդարներուն դատաստանը տեսնելէ վերջ՝ իրենց բարի գործոց հաﬔմատ վարձք մը պիտի տաս՝ որ, լեզուով չկրնար պատմուիլ, ըսելով: «Եկայք օրհնեալք Հօր իմոյ, ժառանգեցէք զպատրաստեալ ձեզ զարքայութիւնն ի սկզբանէ աշխարհի»: Այն արքայութիւնը՝ ուր ընկերութիւն է աﬔնայն սրբոց, ուր ամէնը բարի, ուր ամէնը մէկմէկու խիստ սիրելի, մէկմէկէ գերազանց են, իսկ հրեշտակաց հետ նստիլը՝ որ բոլորովին հոգեղէն գերագոյն ստեղծուած ըլլալով՝ ﬔզի չեն նմանիր: դաս դաս սերովբէներու քերովբէներուսուրբ Աստուածածնայ փառքը՝ եօթնարփեան լուսով զարդարուած, քու մարդկութեանդ փառքը, Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ ամէն մէկ վէրքերիդ մէկմէկ լոյս պիտի ճառագայթէ: Բայց աﬔնէն վեր, լոյս փառաց մը ծագելով ամէն սարբոց վրայ՝ այնպէս քու աստուածութեանդ փառքը պիտի ցուցնես, որ խելքէ մտքէ դուրս է. հո՛ն տեսնելով զաﬔնասուրբ Երրորդութիւնդ. Հայր, Որդի և Հոգին Սուրբ Աստուած՝ ամէն բարութիւն պիտի տեսնեն ու իմանան, ամէն գեղեցկութիւն, զուարճութիւն, իմաստութիւն և զօրութիւն, և ﬕշտ տեսնելով պիտի զմայլին յաւիտեան։

Ա՜հ, երբ այս սուրբերուն փառքը կը յիշեմ, սիրտս վեր կ’ելնէ, կը ցանկամ արքայութիւն մտնել, բայց երբ իմ ﬔղքերս կը յիշեմ, յայտնի կը տեսնեմ՝ որ դուրս պիտի ﬓամ: Այս մտածելով՝ կ’այրիմ, կը տոչորիմ՝ իմ ըրած ﬔղքերուս վրայ. եթէ հիմա այսչափ կայրի, ուրեﬓ ի՛նչ պիտի ըլլայ դատաստանին օրը, երբ տեսնեմ՝ որ յիրաւի կը բաժնեն զիս սուրբերուն մէջէն, կը հեռացնեն Աստուծոյ տեսութենէն:

Այո, ո՛վ Աստուած ողորմութեան, դու որպէս գթած Հայր՝ յիշէ՛ քու ﬕածնիդ քառասուն օրուան պահքը, և ա՛յլ ամէն չարչարանքները՝ որ իմ փրկութեանս համար քաշեց: Յիշէ Սուրբ Աստուածածնին եօթը խոցը, որ ﬕածին որդւոյն հետ մէկտեղ քաշելով՝ այնչափ կսկիծով ու խոցերով չարչարուեցաւ իմ ﬔղքերուս համար։ Ասոնց արդիւնքը յիչելով՝ նայց այսօր վերէն երկնքէն, և արքայութեան այս յիշատակը ﬕշտ սրտիս մէջ տպաւորէ, որ քանի ատեն ունիմ` լամ առջի ըրած ﬔղքերս Դաւիթ մարգարէին պէս, բընաւ չձանձրանամ ապաշխարհելէ ու բարեգործութիւն ընելէ։ Այս կերպով քեզ հետ հաշտուիմ, և զատկական հաղորդութեան խորհրդով՝ անբաժան ﬓամ աստուածութենէդ այս աշխարհիս մէջ, որպէս զի ﬔռնելու օրս՝ դատաստանին մէջ բարեկաﬕ պէս լսեմ քեզմէ այն երանական ձայնը. «Մո՜ւտ յուրախութիւն տեառն քո»:

ՇԱԲԱԹ
Քառասներորդ առաջներորդ օրը ﬔծ պահոց

Քրիստոս Յիսուս, յոյս ﬔղաւորաց, ճշմարիտ բարեխօսդ վասն ﬔր. քանի որ քու գալուստդ կը յիշեմ, արդարութեանդ դատաստանը, ﬔղաւորաց տանջանքը, արդարոց փառքը, սիրտս դողալէն բան մ’ալ չեմ կրնար ընել. վասն զի տեսնելով իմ չար գործերս, իմ ծոյլ կենալս, անհոգ ըլլալս՝ ապաշխարհելու և աղօթելու, գիտեմ, որ պիտի չկարենամ ժառանգել արքայութիւնը, և պիտի դատապարտուիմ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ իմ բանս՝ մտածելով յուսահատած կեցեր եմ, հոգիս ալ ﬔռեր է, սիրտս ալ ﬔռեր է, բարի բան մը չեմ կրնար ընել:

Դու ո՛վ բժիշկ հոգւոց, յարուցիչդ ﬔռելոց, այս իմ ﬔռած հոգւոյս խեղճութիւնը լսելով՝ հասի՛ր ինծի, ինչպէս որ ասար այսօր Ղազարու, ըսելով. «Ղազարոս բարեկամ ﬔր ննջեաց, այլ երթամ զի զարթուցից զնա»: Ո՛վ Տէր, ես թէպէտ քու բարեկամդ չեմ իմ ﬔղքերուս համար, բայց քու ստեղծուածդ եմ, քու ծառայդ եմ, ես զիս ﬔռուցի, ﬔղքերու մէջ թաղեցի, ոչ թէ չորս օրուան՝ այլ շատ տարուան. հիմա իմ լալագին աղօթքս քեզ ընդ առաջ կը ղրկեմ՝ Ղազարոսին քրոջ պէս գո չելով: «Տէ՛ր, ե՛կ և տես. եթէ աստ էիր դիպեալ, ոչ էր ﬔռեալ հոգի իմ»: Եւ յուսահատած ըլլալով իմ հոգւոյս ողջանալուն վրայ, կ’աղաղակեմ. «Տէ՛ր, արդ հոտեալ իցէ»: Ե՛կ Տէ՛ր իմ, տես մէկիկ մէկիկ իմ խոցերս, իմ փտտած կիրքերս. լա՛ց իմ հոգւոյս գերեզմանին վրայ, ինչպէս լացիր Ղազարոսի գերեզմանին վրայ: Տո՛ւր նախ հաւատք՝ ըսելով։ «Եթէ հաւատասցես՝ տեսցես զփառսն Աստուծոյ»: Որ ես ալ ըսեմ սրտէս. «Այո՛ Տէ՛ր, ես հաատացի, եթէ դու ես Քրիստոսն որդի Աստուծոյ»: Դո՛ւ ես ﬔղաւորաց յարութիւն և կեանք, կարող ես ﬔղքերս քաւել:

Դո՛ւ կարողդ աﬔնայնի, հրամայէ՛ իմ քարացեալ սրտիս՝ ըսելով. «Ի բաց արարէք զվէմդ»: Վերցնել տո՛ւր խստասրտութեան սա ապառաժ քարն իմ վրայէս, որ լոյսդ Քրիստոս ծագի խաարած մտքիս մէջ, ինչպէս որ ծագեցաւ և լուսաւորեց Ղազարու գերեզմանը: Սաստիկ ձայնով կանչէ՛ իմ ﬔռած հոգւոյս. «Ղազարէ՛, արի եկ արտաքս»: Ելի՛ր ո՛վ հոգի, ի՛նչ կեցեր ես ﬔռեալ ﬔղաւորներուն մէջ: Ելի՛ր, դուրս եկուր ո՛վ ﬔռեալ հոգի. ինչո՞ւ լոյսը, կեանքը թողուցիր, որ եմ ես, գացիր խաւարին ու մահուան քով, որ է ﬔղքն ու սատանան: Արարչիդ այս կենդանարար ձայնն առնելով իմ ﬔռած հոգիս՝ կ’ելնէ կը կենդանանայ, բայց ﬔղքերուս չար սովորութիւնները կը ﬓան, վասն զի սատանան անոնցմով փաթթեր է զիս, չորս կողմս կարեր կապեր է, ուզեմ ալ ելնել՝ չեմ կրնար։ Դու, Տէ՛ր իմ, հրամայէ՛ հրեշտակներուն, որ քակեն, փարատեն ինծմէ չար ախտերը, այս ունակութիւնները, ըսելով. «Լուծէ՛ք զդա և թողեք երթալ»:

Ա՜խ, Տէ՛ր իմ, այսչափ աղաչանք և կրթութիւններ որ ըրի այս ﬔծ պահքին մէջ, կրթութիւն՝ զղջման, խոստովանութեան, աղօթքի ու բարի մահուան պատրաստութեան, ասոնք պարապ չանցնին: Այւ կ’աղաչեմ որ քու անբաւ մարդասիրութեամբդ ընդունելով, զիս արժանի ընես այս Զատկիս՝ մաքրութեամբ ընդունել զքեզ սուրբ հաղորդութեան խորհրդով. որպէս զի յարատևութեան նոր յատուկ շնորհք մը առնելով՝ բոլոր տարին այս կրթութեանս վրայ ﬓամ, վարքս ուղղեմ բարեխօսութեամբ մօր քո և կուսի, և բարի մահուան, և գալստեանդ ատեն սուրբ տեսութեանդ արժանի ըլլամ. ամէն:

ԱՒԱԳ  ՇԱԲԱԹ

ԿԻՐԱԿԻ

Ծաղկազարդ

Թագաւո՛ր թագաւորաց Քրիստոս, քու հոգևոր թագաւորութեանդ օրինակ մը տալ ուզելով՝ առաջ Երիքով քաղաքը մտար, հոն Զաքէոս ﬔղալորը տեսար՝ ժանտաթզենի ծառին վրայ ելած, ձայն մը տալով վար իջեցուցիր զայն ժանտ ծառէն, զըղջումով սիրտը լեցուցիր, և նա ապաշխարհեց, դարձաւ ամէն ﬔղքէն: Այսօր, Տէ՛ր իմ, ինծի ալ ձայն մը տուր, զիս ալ կանչէ, ըսելով. «Փութա՛ է՛ջ այտի»:

Երբ իմ ﬔղաւոր հոգիս ալ քու ձայնդ առնէ, ձայն արարչիդ ըլլալով՝ չուտ մը վար կ’իջնէ այն ժանտ ու գարշելի ծառէն որ իր ﬔղքերով բարձրացած է, կը խոնարհի իր բարձրաﬕտ հպարտութենէն ու խստասրտութենէն, և սիրտս փորձկելով՝ շուտ մը զղջուﬕ կու գայ ըսելով. «Տէր, ինչ ﬔղք որ ըրի, հոգիս շնորհքներէն զրկեցի, չորեքկին զղջամ և վճարեմ՝ լալով, խաչ քաշելով»: Դուն ալ դառնաս ըսես ինծի թէ «Այսօր ի տան քում արժան է ինձ ագանել»: Այսօր քեզ կու գամ, զքեզ ﬔղքերէ կը սրբեմ, քու հոգիդ կը փրկեմ։ Ես ալ այն ատեն բոլորովին կը փոխուիմ, սրտանց կը դառնամ, և արժանի կ’ըլլամ այն խօսքը լսելու, «Այսօր եղև փրկութիւն տանս այսﬕկ, զի և սա որդի Աբրահամու էր»:

Ո՛վ Տէ՛ր իմ, Յիսո՛ւս, զիս ալ արժանի ըրէ՛ լսելու. «Այս հոգիս ալ փրկութեան որդի է, սա ալ նախասահմանեալ է. ﬔղքերուն թողութիւն տուի, արքայութեան որդի ըրի», այն արքայութեան՝ որ լեզուով չպատմուիր, ուր որ աﬔնասուրբ Երրորդութիւնդ յաւիտեան փառաւորելու արժանի ըլլամ. ամէն:

Ուրիշ աղօթք

Այսօրուան ըրած շնորհքներդ, Տէ՛ր իմ, ինծի ալ պարգևէ՛: Դու երբ մօտիկցար Ձիթենեաց լերան, Երուսաղէմ մտնելէ առաջ, կապուած էշն արձակել՝ քու քովդ բերել հրամայեցիր, անով մտար յԵրուսաղէմ. իմ հոգիս ալ սատանան կապեր է ﬔղքերով, թող չտար քովդ գալու, խոստովանութեամբ, զղջմամբ ﬔղքերս զրուցելու, իրեն ուզած բեռները՝ որ է ﬔղքը՝ վրաս կը բեռցնէ։ Դու իբրև արարիչ, իբրև տէր թագաւոր՝ թող ﬕ՛ տար զիս այսպիսի օտարներու ձեռք, այլ ինչպէս որ ղրկեցիր առաքեալները՝ հրամայելով: «Լուծէ՛ք, ած՛էք ինձ»: Ինծի ալ ղրկէ՛, Տէ՛ր իմ, այսօր քու երկնային շնորհքդ և հրեշտակները, որ սատանային կապէն զիս արձակեն, քեզ բերեն՝ ըսելով. «Տեառն իւրում պիտոյ է», վասն զի քուկդ եմ, դու ալ իմ տէրս ես:

Երբ քու գալուստդ լսեցին, այն պզտիկ տղոց կապուած լեզուներն ալ արձկուեցան, զքեզ օրհնելէ ու փառաւորելէ չէին կշտանար իմ՝ լեզուս ալ, Տէ՛ր իմ, սատանան կապեր է ծուլութեամբ, թող չտար որ լեզուս արձկեմ, զքեզ օրհնեմ: Եթէ այսօր ինծի ալ գաս, Տէ՛ր իմ, շնորհքով, իմ լեզուս ալ կը բացուի, աղօթելու սիրտս կը շարժի, ﬕտքս վրաս է՝ բայ, կամքս կը բաղձայ, կը յօժարի՝ ջերﬔռանդութեամբ, ախորժով աղօթքիս հետ աղաղակելով. «Ովսաննա՛ Բարձրելոյն, օրնեալ որ գասդ յանուն Տեառն, խաղաղութիւն յերկինս, և փառք ի բարձունս»: Եւ թէպէտ սատանան կը ջանայ զիս խափանել աղօթքէն, ինչպէս որ հրեաներն ուզեցին փակել տղոց բերանը, բայց դու սաստէ՛ քու իշխանութեամբդ, ինչպէս սաստեցիր հրէից՝ որ քարացեալ սիրտս շարժի զքեզ օրհնելու և փառաւորելու, վասն զի քու գալստեամբդ քարերն ալ կը շարժին օրհնութեան:

Յետոյ մտար տաճարը, տեսար՝ որ Աստուծոյ տունը հրեաներն առուտուրի տուն ըրեր էին. Աղօթքի տեղ՝ աւազակներում տեղ դարձուցեր էին: Եկո՛ւր իմ սիրտս ալ, տե՛ս որ այն քու շինած հոգևոր տաճարը՝ որ քու տունդ պիտի ըլլար, սատանաները՝ ﬔղքերով, իմ չար սովորուաթիւններովս իրենց տուն վաճառի ըրեր են, առուտուր կ’ընեն, մէկը չկայ որ դուրս հանէ, այսօր երևցի՛ր անգամ մը, ապաշխարհութեան չընորհքով՝ անոնց աթոռները, սեղանները ցրում, դուրս հանէ իմ սրտէս՝ ըսելով: «Տուն իմ՝ տուն աղօթից կոչեսցի»: Այս սիրտս ես ստեղծեցի, որ ես բնակիմ շնորհքով. իմ Հօրս տուն և տաճար պիտի ըլլայ, այս ﬔղքերն ի՛նչ գործ ունին հոս:

Այսպէս իմ սիրտս սրբելով, Տէ՛ր իմ, եկո՛ւր այսօր տաճար ըրէ՛ քեզ։ Նստէ՛, թագաւորէ՛ իմ վրաս, քեզ ծառայ ըրէ՛, որ ուրիշը չիշխէ, ես ալ ﬓացած իմ կենացս մէջ զքեզ ﬕայն պաշտեմ, որ վերջին շունչս տալու ատեն՝ քեզ հետ թագաւորելու արքայութեան մէջ արժանի ըլլամ, ամէն:

ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Քրիստոսի պարտիզին ﬔջ աղօթելուն յիշատակաւ

Տէ՛ր իմ, Յիսուս Քրիստոս, այնչափ բարերարութիւններ, այնչափ բարի խրատներ և օրինակներ տալէն վերջ, այսօր ուզեցիր քու սուրբ չարչարանքներովդ զիս փրկել: Առաջ պարտիզի մը մէջ մտար աղօթելու, որ պարտիզի մէջ Ադամայ ըրած ﬔղքը քաւես ծնրադրութեամբ, խոնարհութեամբ աղօթք ըրիր, որ ոտքով ձեռքով Ադամայ ըրած պարտութեան ﬔղքը ջնջես, այն՝ որ ոտքով արգելեալ ծառին գնաց, ձեռքով արգելեալ պտուղը կերաւ: Մէկ կողմէն քաշելու չարչարանքներդ ﬕտքդ բերելով, ﬕւս կողմէն մարդկային ﬔղքերը յիշելով՝ այն սոսկալի տագնապը քաշեցիր, ﬕնչև արիւն քրտնեցար: Այն օրն ի հարկէ իմ ﬔղքերս ալ յիշեցիր, զոր մտքովս, աչքովս, բերնովս և բոլոր մարﬓովս գործեցի. անոնց գարշութիւնը, ﬔծութիւնը, մտքիդ առջև գալով՝ այն տագնապը բերելու պատճառ եղան:

Ցաւագին սրտով աղաղակեցիր: «Հա՛յր, անցո՛ յինէն զայս բաժակ»: Բայց Հայրն յաւիտենական ուզեց՝ որ դուն մարﬓովդ չարչարանք քաշես, որպէս զի ես հոգւովս չքաշեմ, չդատապարտուիմ, դու ալ իբրև գառն՝ հնազանդեցար իմ սիրոյս համար՝ Հօրն երկնաւորի, ըսելով. «Ոչ որպէս ես կաﬕմ, այլ որպէս դու»: Յանձն առիր՝ որ դու չարչարուիս, ﬕայն թէ ես փրկուիմ: Ախ, Տէ՛ր իմ, այս քու սէրդ՝ և երկնաւոր Հօրդ սիրտը տեսնելով այսօր իմ վրաս, կամչնամ իմ ըրած ﬔղքերուս վըրայ, կը դողամ ըրած ապերախտութեանս վրայ. և կ’աղաղակեմ առ Հայրն երկնաւոր. «Հա՛յր, անցո՛ յինէն զբաժակ բարկութեան քո»: Վասն զի քու Որդիդ ﬕածին իմ տեղս կառնու զայս բաժակ չարչարանաց. ինծի համար այս տագնապը կը քաշէ, իմ ﬔղքերուս համար այս արեան քրտինքները կը թափէ. որչափ որ ﬔղք ըրեր եմ պզտիկութենէս վեր, ամէնն ալ աչքին առջև դրած կ’աղաչէ քեզ, ո՛վ Հայր երկնաւոր:

Ո՛րչափ որ շատ էր տագնապը՝ այնչափ ալ մտադիւրութեամբ աղօթքի հետ եղար, մէկէ մը ﬗիթարութիւն չգտար, առաքեալներուն քով եկար՝ բայց զանոնք ալ քունի մէջ գտար: Կ’աղաչեմ, Տէ՛ր իմ Յիսուս, այն աղօթքիդ արդեանց համար տո՛ւր ինծի շնորհք Զգաստութեան և Արթնութեան: Անհոգութիւն մը կայ վրաս՝ հոգիս հոգալու, Աստուծոյ պատուիրանքները պահելու, այս անհոգութիւնը, ծուլութիւնը մէկդի ձգեմ, արթննամ, իմ ﬔղքերուս վրայ ապաշխարհեմ: Աﬔնէն աելի աղօթքիս հոգացող ըլլամ. ամէն բանիս մէջ նախ աղոթքի վազեմ, ինչպէս որ դուն չարչարուիլ սկսելու ատենդ՝ աղօթքի հետ եղարծ: Եւ ﬕտքս վրաս պահելով՝ այնպիսի մտադիւրութեամբ աղօթք ընեմ, ինչպէս դուն օրինակ տուիր: Երբ նեղութիւն, կամ հիւանդութիւն, և կամ մտմտուք մ’ունենամ՝ չշփոթիմ, աղօթքներս չձգեմ: Որչափ որ քուն բերէ սատանան աղօթքիս ատեն` ես արթուն կենալ ջանամ: Որչափ որ ծուլութեան, ձանձրութեան, մաղձոտութ եան մատանան իմ հոգևոր գործերս խափանել ուզէ, զիս ջերﬔռանդութենէ պաղեցնէ, անոնք ամէնը փախչին, հալածուին քու աղօթելովդ: Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ ինծի համար աղօթեցիր, այսչափ արեան քրտինք թափեցիր, որ զիս Ադամայ հետ կրկին նորոգելով՝ երկնաոր դրախտը մտցնես փառաւորել զաﬔնասուրբ Երրորդութիւնդ յաւիտեանս. ամէն:

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Քրիստոսի չարչարանաց յիշատակաւ

Ո՛վ ծայրագույն մարդասիրութիւն աստուածային, որ իմ ﬔղքերս վրադ առնելով՝ ﬔղաւորի պէս մատնուեցար անօրէն Յուդայի ձեռքով՝ որ քու աշակերտդ էր, սիրտդ կսկծալէն՝ իր ﬔղքն իր երեսին զարնելով ըսիր. «Յուդա, համբուրելո՞վ մատնես զորդի մարդոյ». Ե՛ս եմ այն Յուդան, Տէ՛ր իմ, ե՛ս եմ՝ որ մէկտեղ սուրբ հաղորդութեան սեղանը նստելով, ճաշակելով, սրբապղծութեամբս զիս սատանային՝ և իմ ﬔղքերուս ձեռքը կամաորապէս մատնեցի։

Աւազակի մը պէս բռնուելով: սուրերով, թուրերով, քաշկռտուելով դու ճշմարիտ Քաանայապետը՝ սուտ քահանայապետից առջև կեցար, արդար դատաւորդ՝ սուտ դատաւորէն դատապարտուեցար, իմ աներեսունթիւնս, լրբութիւնս քաելու համար՝ սուրբ երեսովդ ապտակուեցար և սիրտդ չդիմանալով՝ ապտակ զարնողին ողորմագին ձայնիւ ըսիր. «Ընդէ՞ր հարկանես»: Այս ողորմուկ ձայնդ ինծի է. վասն զի ես եմ, որ այսպէս լիրբ ըլլալովս՝ քու սուրբ պատուիրաններդ ու սուրբ խորհուրդներդ արհամարհեցի՝ ոտքի տակ առնելով՝ իբր թէ քու երեսիդ զարկի։

Վա՜յ ինձ ﬔղաւորիս, իմ մարﬓոյս չարաչար ﬔղքերը սրբելու համար՝ բոլոր մարﬓովդ չարաչար ձաղկուելով խոցուեցար, որով կուսածին մարﬕնդ արիւնլուայ եղաւ: Գլխով, մտքով, աչքով ըրած ﬔղքերուս համար՝ փշով պսակուեցար, արիւններն աչուըներէդ կը վազէին՝ սրբող մը չկար: Իմ զԱստուած անարգելուս համար՝ նախատական խօսքերով անարգուեցար: Ճշմարիտ թագաւորդ թագաւորաց՝ սուտ թագաւորի պէս ծաղր եղար, եղէգով զարնուեցարձ:

Ո՛վ Հովիւ քաջ, դու որ այս ամէն չարչարանքները յանձն առիր` զիս մոլորեալ ոչխարս փրկելու համար, այս սոսկալի քաշածներուդ արդիւնքը ﬕ՛ պարապ հաներ, Տէ՛ր իմ Յիսուս: Իմ ըրած անօրէնութիւններս՝ ի՛նչ որ մանկութենէս ի վեր գործեցի՝ մարﬓով, հոգւով, քու սուրբ չարչարանքներովդ սրբէ՛: Ի՛նչ որ անարժան մտածմունքով կամ հայեցուածովք Աստուծոյ դէմ գործեցի, զԱստուած անարգեցի, դուն քաւէ՛։

Եւ քու քաշածներուդ արդիւնքն իմ վրաս տպաւորէ՛. նախ տո՛ւր ինծի շնորհք մաքրութեան, որ ասկից յետոյ սուրբ և մաքուր պահեմ իմ զգայարանքներս: Ապտակողին հեզութեամբ պատասխանելուդ համար՝ տո՛ւր ինծի շնորհք հեզութեան. բոլոր մարﬓով ծաղկուելուդ համար՝ տո՛ւր ինծի շնորհք ճգնութեան, սուրբ պահէ մարﬕնս ի մէջ փորձութեան: Գլուխդ փշով պսակուելուն համար՝ տո՛ւր ինծի շնորհք բարի խորհրդեան, որ ﬕշտ բարին մտածեմ: Նախատական խօսքեր լսելուդ համար՝ տո՛ւր շնորհք լեզուի մաքրութեան, որ սուրբ պահեմ լեզուս, հոգիս և մարﬕնս, որպէս զի, սրբութեամբ ﬔռնելով, արքայութեանդ մէջ զքեզ տեսնելով, հո՛ն քեզ շնորհակալութիւնս ընեմ այսչափ երկայնմտութեանդ ու մարդասիրութեանդ համար զքեզ օրհնելով յաւիտեան. ամէն:

ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
«Ահա՛ այրդ ցձեզ» խօսքին յիշատակաւ

Հա՛յր յաւիտենական, տե՛ս ահա պատկեր ﬕածին Որդւոյդ. իմ տեղը ինք կը քաշէ պատիժ անարգանաց՝ որչափ որ ըրեր եմ՝ պզտիկուց ﬕնչև հիմա՝ քու աստուածութեանդ դէմ իմ ﬔղքերովս։ Քու ﬕածին Որդւոյդ այս պատկերը քեզ կ’ընծայեմ, Հա՛յր սուրբ, տե՛ս, և քու բարկութիւնդ իմ վրայէն վերցո՛ւր: Ինծի համար փշով պսակուեր է այն Որդիդ՝ զոր դու այնչափ կը սիրէիր: Ինծի համար իր սուրբ արիւնն երեսն ի վար կը վազէ, իմ անարգական ﬔղքերուս համար՝ ապտակ անարգանաց սուրբ երեսին զարնուած կեցեր էր իմ սրբապղծութիւններուս համար՝ թքով լեցուած, սուտ թագաւորի պէս ծաղր եղած, գաւազանի տեղ՝ եղէգ ձեռքն առած, թագի տեղ՝ սուրբ գլուխը փուշեր խոթուած, ծիրանւոյ տեղ՝ կուսածին մարﬕնը ﬔրկացած, քղաﬕդ նախատանաց հագած:

Այս կերպարանքով առջևդ կեցած կ’աղաղակէ. Հա՛յր սուրբ, թո՛ղ տուր, ներկայս ﬔղաւորիս աններելի ﬔղքերը. ես ահա կը քալեմ անոր տեղ ես թող ﬔռնիմ. իսկ այս անօրէն Բարաբբան թող որ ազատի: Հիմա ես ալ կ’աղաղակեմ, այս ողորﬔլի պատկերը՝ քու սիրական Որդւոյդ պատկերն է, այս ձայնը քու ﬕածնիդ ձայնն է, օտարի մը չէ: Ե՛ս ﬔղաւորս, ե՛ս զԲարաբբաս, այսօր քեզ կը ցուցնեմ, Հա՛յր գթութեանց, բարկութիւնը դադրեցուր իմ վրայէս, արդարութիւնդ մոռցիր՝ գթութիւնդ ցցո՛ւր, զիս ազատէ՛ ﬔղացս պատիժներէն:

Ողջ տեղ չէ ﬓացեր իր մարտ ﬓոյն վրայ, ուժ չէ ﬓացեր կեանքին վրայ. ասոր խեղճութեան վրայ՝ մարդու սիրտ չդիմանար, ի՜նչպէս դիմանայ քու հայրական սիրտդ: Բոլորովին ջնջէ՝ այսօր իմ ﬔղքերս, վասն զի քու այնչափ սիրական Որդիդ բոլորովին զինք պատարագեց ինծի համար: Նայէ՛ երկնքէն, Հա՛յր սուրբ, այս պատկերիս վրայ՝ զոր այսօր քեզ կը ցուցնեմ, ﬕ նայիր իմ անօրէնութեանս վրայ:

Ես այս պատկերին տակ կ’ապաւինիմ՝ աﬔն անգամ որ քու բարկութիւնդ շարժի իմ վրաս, թէ հիմա և թէ ﬔռնելուս ատեն։ Երբ դատաստանին օրն ինծմէ համար ուզես ըրած սրբապղծութեանս, յանդգնութեանս, անարգութեանս վրայ, ես այս պատկերին ապավինած՝ այն օրը կաղաղակեմ. Տէ՛ր, յիշէ՛, նայէ՛ այս ﬕածնիդ պատկերին, ու իմ ամէն ﬔղքերուս թողութիւն տուր։

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Ոտնլուայի, և Հաղորդութեան աﬔնասուրբ խորհրդոյն յիշատակաւ

Ի՜նչ խոնարհութեան օրինակ էր, Տէ՛ր իմ, որ այսօր ﬔզ ցուցիր. դու ինքդ մաքրութիւն ըլլալով՝ յանձն առիր խոնարհիլ լուանալ մարդու ոտքը, որպէս զի դրսի աղտը լուանալով՝ հոգւոյն ներսի աղտն ալ լուանաս, որ մարդկային էպարտութիւնը ջնջես, խոնարհութիւն սովրեցնես: Իմ հոգիս ալ աղտոտ է ահա եօթն մահացու ﬔղքերով. այսօր, Տէ՛ր իմ, իմ հոգիս ալ լուա՛, սրբէ՛: Սիրտս լեցուած է հպարտութեամբ, ամբարտաւանութեամբ, չեմ կրնար զիջանիլ, ինծի անարգանք կը համարիմ՝ խոնարհիլ իմ եղբօրս: Ե՛ս եմ ﬔղաւորը, իմ եղբայրս յանցաւոր կը համարիմ, կը հեռանամ իրմէ։ Ես եմ անարգանաց արժանի, իմ եղբայրս կ’անարգեմ, կը նախատեմ, կը դատեմ, կը բամբասեմ: Ո՛վ անբուն խոնարհութիւն Աստուածորդւոյդ, ի՞նչ պատասխան պիտի տամ դատաստանին օրը, երբ քու այսօրուան ըրած խոնարկութիւնդ ցուցնես ինծի, և իմ հպարտութիւնս երեսիս զարնես, որ ոչ թէ եղբօրս ոտքը չլուացի, այլ և ոչ գութ մը ցուցի. քեզմէ օրինակ չառի, սիրտս քար դարձուցի եղբօրս վրայ, զինք քամահրեցի: Դո՛ւ, Տէ՛ր, այսօրուան ըրած խոնարհութիւնդ իմ սրտիս մէջ տպաւորէ որ փոխուի՛, քեզ նմանող ըլլամ:

Շատ շնորհքներ ըրեր էիր մարդուս. բայց ի՛նչ շնորհք, ի՛նչ հրաշագործութիւն, ի՛նչ պարգև էր, զոր ըրիր այսօր, Տէ՛ր իմ և Աստուած իմ: Ինծի սքանչելի օրինակ խոնարհութեան տալէդ վերջ, ուրիշ ալ աւելի սքանչելիք մ’աւելցուցիր, որուն վրայ ամէն սուրբք և ամէն հրեշտակք կը զարմանան։ Դու որ սրբութիւնդ ես սրբոց, ուզեցիր իմ ﬔղքով լիցուած սրտիս մէջ նստիլ: Դու որ ահաւորդ ես սերովբէից, ինծի հարկիք ուրախութեան ըրիր, մէկտեղ սեղանակից եղար, այն սեղանին վրայ՝ զիս սաստիկ սիրելէդ՝ դուն զքեզ մոռցար. ինծմէ չբաժնուելու համար՝ իմ սրտիս կերակուր եղար. ուզեցիր իմ մարﬕնս քու մարﬓոյդ հետ, իմ արիւնս քու արեանդ հետ խառնել:

Ո՜վ իմաստութիւն անհուն, այն աստուածացուցիչ կարծուած պտուղը, զոր Ադամայ ատեն երկրաւոր դրախտին մէջ կը փափաքէի ճաշակել, բայց արգիլուած ըլլալով՝ ինծի մահ կը բերէր, այսօր փոխեցիր և այս սեղանն երկնային դրախտ մ’ըրիր, և սքանչելի պտուղ ինծի ճաշակել տուիր՝ որ աստուածութեանդ հետ ﬕաւորիմ: Փա՛ռք անբաւ իմաստութեան քո, Տէ՛ր, որուն վրայ կը զարմանան հրեշտակք, ուսկից կը դողան զուարթունք, ես զայն բերնովս կ’առնեմ, կը ճաշակեմ, սրտիս մէջ կ’ընդունիմ, մէկ կ’ըլլամ:

Ո՜վ սրբութիւն սրբոց, դուն որ զիս արժանի ըրիր այսպիսի ﬔծ պարգևի, սրբէ՛ հոգիս, մաքրէ՛ մարﬕնս, հեռացո՛ւր յուդայեան սատանաները, վռնտէ՛ ﬔղքերը, եկո՛ւր թագաւորէ՛ իմ սրտիս մէջ: Սկից վերջ մէկը չիշխէ իմ վրաս՝ բայց դու ﬕայն, Տէ՛ր իմ, և Աստուած իմ. մէկտեղ նստինք շնորհօք, մէկտեղ սիրենք աստուածային սիրով: Ասկից վերջ թող ﬕ՛ տար որ ﬔղք մը գոյանայ սրտիս մէջ. Լուսաւորէ՛ հաւատքս, զօրացո՛ւր յոյսս, վառէ՛ սէրս, որ ﬕայն զքեզ փառաւորեմք, քեզ նմանիմք, որպէս զի անդին ալ դէմ յանդիման տեսնելով զքեզ հետդ ﬓամ յաւիտեան. ամէն:

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ
Քրիստոսի Խաչին վրայ բարձրանալույն յիշատակաւ

Ո՜վ աﬔղ արդարութիւն աստուածային, որ իմ ﬔղքերուս կ’ուզես վրէժխնդրութիւն ընել, իրաւամբ քեզ կը ցուցնեմ ﬕածնի Որդւոյդ Աստուծոյ այս պատկերը. Տե՛ս թէ ո՛վ է որ կը բարձրանայ խաչին վըրայ: Եթէ ես չեմ ճանչնար անոր ﬔծութիւնը, անոր անﬔղութիւնը, անոր անձը՝ թէ ո՛վ է, սակայն դու, Տէ՛ր, կը ճանչնաս ու կը գթաս: Ահա ինծի համար է որ գաﬔրը ձեռքերուն մէջ խոթել տուաւ, ինծի հանմար՝ աւազակներու մէջ աւազակի մը տեղ դրուելով՝ խեղճ կերպարանաքով փայտին վրայ գամուեցաւ:

Այս բանիս՝ քարերը չեն դիմանար, կը պատռտին, արևը՝ երեսը կը գոցէ, լուսինը՝ կը խաւարի, քու հայրական սիրտդ ինչպէս պիտի դիմանայ, ով Հայր երկնաւոր: Ինքն Յիսուս, ինծի համար խաչին վրայ բազկատարած՝ խղճալի ձայնիւ կաղաչէ. «Հա՛յր, թո՛ղ սմա, զի ոչ գիտէ զի՛նչ գործէ»: Հա՛յր, ես կը քաշեմ, կը զոհուիմ, ﬕայն թէ այս ﬔղաւոր հոգին չքաշէ, և ազատի: Երբ Դաւիթ մարգարէին ձայնը լսեցիր թէ՝ «Զի՛ս զարկ, ժողովուրդը ﬕ՛ զարներ». երբ Դաւթին անբան անասնոց զոհը տեսար՝ սիրտդ իջաւ, ժողովրդեան հարուածը դադրեցուցիր. հիմա դու, Հա՛յր գթութեանց, ﬕածին Որդւոյդ այս ողորմուկ աղեկտուր ձայնը լսելով՝ ի՞նչպէս պիտի չշարժիս, այս կենդանի զոհը տեսնելով՝ ի՞նչպէս պիտի չթողուս իմ ﬔղքերս, ինչպէս չիջնայ քու բարկութիւնդ իմ վրայ՝ զոր իմ աններելի ﬔղքերովս շարժեցի։

Բայց ես այս խաչին տակ պըլլուած կը կենամ, կը փաթթուիմ ինչպէս ըրաւ Մարիամ Մագդաղենացին, ուր որ ﬕածնիդ արիւնն իր խոցերէն ծովի պէս վրաս կը վազէ, այս անհուն ովկիանոսին արեան մէջ՝ ես զիս կը ձգեմ, կը լուացուիմ: Քու սաստիկ արդարութիւնդ ալ տեսնելով զիս այս սուրբ արեանս մէջ թաթխուած, կատարեալ թողութիւն պիտի տայ իմ սոսկալի ﬔղքերուս. վասն զի արիւնն Յիսուսի է՝ որ լւաց իմ աղտեղութիւնս, ներկեց իմ հոգիս ու մարﬕնս. վրաս չերևնար ըրած ﬔղքերուս պղծութիւնը, այլ քու Որդւոյդ արեան գոյնը կ’երևնայ, որ զամէնն ալ ի գութ կը շարժէ:

Այսօր է թողութեան օրը, ո՛վ Աստուած իմ, ներէ՛ ինծի քու տասն պատուիրանացդ դէմ գործած եօթն մահացու ﬔղքերս: Այսօր է օր հաշտութեան, ո՛վ անհուն գթութիւն. ներէ՛, քաւէ՛ և հաշտուէ՛ ո՛վ Տէր արարիչ և փրկիչ, որ եկար զիս փրկելու, և անսուտ բերնովը ըսիր. «Եւ ես յորժամ բարձրացայց յերկրէ, զաﬔնեսին ձգեցից առ իս»: Այսօր ահա կը բարձրանաս խաչին վրայ, և բարձրանալովդ՝ բիւրաւոր կորսուած ﬔղաւորները քեզ կը ձգես, կը փրկես. ես ալ անոնց մէկն եմ, զիս ալ քեզ ձգէ, քեզ քաշէ՛, վասն զի ես ալ քու արեամբդ գնուած ծառադ եմ: Տո՛ւր այսօր շնորհք՝ որ ասկից վերջ ﬕշտ քեզ ծառայեմ, և արքայութեան մէջ զքեզ փառաւորեմք յաւիտեանս. ամէն։

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ
Քրիստոսի Խաչեն իջնելուն և թաղման յիշատակաւ

Ի՛նչ օր եղա այս օրս՝ յորում Քրիստոս Բանն Աստուած ﬔռաւ, աշխարհիս ստեղծողը՝ աշխարհ աւրողի պէս սպաննուեցաւ. մէկ հատիկ անﬔղ ﬕածին որդին Մարիամու՝ թաղելու կը տանին իր ծաղիկ հասակին մէջ ﬔռած։ Ա՜խ, սուրբ Աստուածածին, աչքիդ առջև ﬔռած զաւակիդ ձեռուները գաﬔրէն հանելով՝ Խաչէն իջուցին, գիրկդ տուին: Դու ալ ողջագուրելով կ’ողբայիր և կ’ըսէիր. Վա՜խ, ո՛վ որդեակ, արդար, անարատ, ո’վ զքեզ այսպէս ըրաւ. վա՜խ իմ ﬕածին որդի, ի՞նչ ﬔղքիդ համար էր՝ որ զքեզ այսպիսի անարգական մահուամբ ﬔռուցին, աւազակ մը չէիր տեսած՝ աւազակներու պէս զքեզ ողջ ողջ սպաննեցին, հիմա ալ թաղելու կը տանին:

Այս ողբալի ձայնդ լսելով, ո՛վ Մայր ցաւագին, իմ քարացեալ սիրտս ալ չդիմանար, կը յիշէ իր ըրած անօրէնութիւնը, ես ինձմէ կու գամ կը խոստովանիմ ﬔղքերս: Եթէ կը փնտռես՝ թէ ով այսպէս ըրա, ես զիս ահա կը ցուցնեմ, ես կը խոստովանիմ իմ ըրած անգթութիւնս: Իմ դատողութիւններս, իմ գէշ մտածմունքներս էին որ զՅիսուս փշով պսակեցին. իմ մարﬓամոլութիւններս էին որ զՅիսուս ծեծել տուին. իմ գէշ խօսքերս, բամբասանքներս էին որ ծարաւած Յիսուսի լեղին խմցուցին. իմ յանդգնութիւնս, կամաւորապէս ﬔղանչելներս էին որ Յիսուսին ձեռքերն ու ոտքերը Խաչին վրայ գավել տուին, հիմա թաղելու կը տանին:

Բայց այս ըրած անօրէնութիւններուս վրայ հիմա ցաւելով կը զղջամ. գիտեմ, կը ճանչնամ, որ ﬔծ ﬔղքեր ըրի զՅիսուս տանջելովս, և իրեն արիւնը թափելովս, բայց նոյն արիւնն է՝ որ իմ սարսափելի ﬔղքերուս համար թողութիւն կը խնդրէ. նոյն Յիսուսին ﬔռնիլն՝ ինծի կեանք կու տայ, կ’աղաղակէ. «Ես այս ﬔղաւորիս տեղ կը ﬔռնիմ, կ’ըսէ, որպէս զի այս ﬔղաւորը յաւիտենական մահուանէ փրկուի, ինչպէս փրկեցի աւազակը»:

Օրհնեա՛լ ըլլայ անհուն գթութիւնն Յիսուսի՝ որ ինծի համար չարչարուեցաւ որպէս զի ես չի չարչարուիմ։ Գովեա՛լ ըլլայ անբաւ մարդասիրութիւն Յիսուսի, որ ﬔռաւ, որպէս զի ես չﬔռնիմ։ Փառաւորեա՛լ ըլլայ գթած սիրտն Յիսուսի, որ իմ թշնամութիւնս չյիշելով՝ իմ քովս կու գայ, իմ սրտիս մէջ շնորհքով կը բնակի, որպէս զի արքայութեան արժանի ըլլամ, ամէն: