ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐ

Սիրոյ երկու պատուիրանները
1. Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր անձովդ եւ բոլոր մտքովդ:
2. Պիտի սիրես քու ընկերդ քու անձիդ պէս:

Երանութիւնները  (Մատթ 5, 3-12)
Երանի՛ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը:
Երանի՛ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը:
Երանի՛ սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուին:
Երանի՛ անոնց որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան:
Երանի՛ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն:
Երանի՛ սրտով սուրբերուն, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն:
Երանի՛ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին:
Երանի՛ արդարութեան համար հալածուողներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը:
Երանի՛ ձեզի երբ ձեզ նախատեն, Իմ պատճառովս ձեզ հալածեն կամ ամէն տեսակ չարախօսութիւններով ձեզ զրպարտեն: Ցնծացէ՛ք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ երկինքի մէջ:

Ոսկի կանոնը (Մատթ 7, 12)
Ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, դուք ալ նոյնը անոնց ըրէք:

Աստուածաբանական երեք առաքինութիւնները
1- Հաւատք:
2- Յոյս:
3- Սէր:

Չորս գլխաւոր առաքինութիւնները
1- Խոհեմութիւն:
2- Արդարութիւն:
3- Զօրութիւն:
4- Ժուժկալութիւն:

Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւները
1- Իմաստութիւն:
2- Հանճար:
3- Խրատ:
4- Զօրութիւն:
5- Գիտութիւն:
6- Աստուածպաշտութիւն:
7- Աստուծոյ երկիւղ:

Սուրբ Հոգիին տասներկու պտուղները
1- Սէր:
2- Ուրախութիւն:
3- Հեզութիւն:
4- Խաղաղութիւն:
5- Համբերութիւն:
6- Երկայնամտութիւն:
7- Բարեսրտութիւն:
8- Քաղցրութիւն:
9- Հաւատարմութիւն:
10-Համեստութիւն:
11-Ժուժկալութիւն:
12-Ողջախոհութիւն:

Եկեղեցւոյ հինգ պատուիրանները
1- Կիրակի եւ պարտաւորիչ տօներուն՝ պատարագի մասնակցիլ, ձերբազատուելով այն աշխատանքներէն եւ զբաղումներէն, որոնք կրնան սոյն օրերուն սրբացումին արգելք հանդիսանալ:
2- Տարին գէթ մէկ անգամ մեղքերը խոստովանիլ՝ Հաշտութեան Սուրբ Խորհուրդին միջոցով:
3- Սուրբ Հաղորդութեան մերձենալ առ նուազն Զատկին:
4- Պահք եւ ծոմ պահել Եկեղեցիէն սահմանուած օրերուն:
5- Եկեղեցիին նիւթական կարիքներուն օժանդակել, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ:

Եօթը հոգեւոր բարեգործութիւնները
1- Տարակուսողներուն խրատ տալ:
2- Տգէտները ուսուցանել:
3- Մեղաւորները յանդիմանել:
4- Վշտացեալները մխիթարել:
5- Վիրաւորանքներուն ներել:
6- Տաղտկալի մարդոց համբերել:
7- Ողջերուն եւ մեռեալներուն համար աղօթել:

Եօթը մարմնաւոր բարեգործութիւնները
1- Անօթիները կերակրել:
2- Ծարաւիները յագեցնել:
3- Մերկերը հագցնել:
4- Ուխտաւորին ապաստան տալ:
5- Հիւանդներուն այցելել:
6- Բանտարկեալին այցի երթալ:
7- Մեռելները թաղել:

Եօթը գլխաւոր մեղքերը
1- Հպարտութիւն:
2- Ագահութիւն:
3- Նախանձ:
4- Բարկութիւն:
5- Անմաքրութիւն:
6- Որկրամոլութիւն:
7- Ծուլութիւն կամ հեղգութիւն:

Մարդուն չորս վերջինքը
1- Մահ:
2- Դատաստան:
3- Դժոխք:
4- Արքայութիւն: