Ե՛կ Սուրբ Հոգի
(արեւմտահայերեն)
Ե՛կ Սուրբ Հոգի եւ երկինքի բարձունքներէն մեզի ղրկէ՛ ճառագայթ մը Քու լոյսէդ: Ե՛կ, ո՛վ Հա՛յր աղքատին, բաշխող բարիին, լո՛յս սրտերուն: Ե՛կ, գերագոյն մխիթարիչ եւ քաղցըր հիւր հոգիներուն, ո՛վ կազդուրիչ զովութիւն: Դուն ես հանգիստ յոգնութեան դու՝ զովացում ջերմութեան եւ սփոփանք լացողին: Ո՛վ Լոյս երջանիկ, թափանցէ՛ ներսիդին Քեզի հաւատացողին: Առանց Քու զօրութեան, մարդուն մէջ ամենայն բո՛յն է ապականութեան:
Աղտը մաքրէ՛, չորը թրջէ՛, վէրքը բուժէ՛, կարծրը կակղէ՛, պաղը տաքցու՛ր, ծուռը ուղղէ՛: Քեզի հաւատացողին, Քեզի վստահողին եօթնարփեան շնորհքներդ պարգեւէ՛: Առաքինին վարձատրէ՛, տու՛ր վերջնական փրկութիւն, անվախճան ուրախութիւն. Ամէն: