Աղօթք մեր ազգին համար

Ո՛վ Աստուածային Սիրտ Յիսուսի, կ՚ուզենք Քեզի նուիրել մեր Ազգը: Հայ ազգը շատ հինէն ճանչցած ու սիրած է Քեզ, փառաւորած է Քեզ քրիստոնէավայել կեանքով ու հոյակերտ տաճարներով, ու պաշտպանած է հաւատքը իր արիւնով: Անհուն գթութեամբդ ա՛յնպէս տնօրինեցիր, որ շատ մը մեծ ազգերէ առաջ՝ Հայ ազգին հեթանոսական խաւարը փարատեցաւ Աւետարանիդ լոյսով: Շրջապատուած քեզի թշնամի ցեղերէ, Հայ ազգը չարչարուած, հալածուած է, որովհետեւ յանձն չէ առած ուրանալ Քեզ, հեռանալ քու Եկեղեցիէդ: Մարտիրոսներուդ մէջ բիւրաւորներ կան նաեւ մեր ազգէն:

Աւա՜ղ, սակայն, որքա՛ն փոխուած է մարտիրոսներու սերունդը: Նոր հեթանոսութեան մը խաւարը կը թանձրանայ մեր մէջ: Քեզի համար նահատակուողներուն սերունդը կ՚ուրանա՛յ, կ՚անպատուէ՛ ու կը մոռնա՛յ Քեզ: Բայց Դո՛ւն, Տէ՛ր, մի՛ մոռնար մեր նախնիքներուն հաւատքն ու սէրը, ու անոնց սիրոյն համար՝ մի՛ մոռնար, մի լքեր, մի՛ մերժեր մեզ:

Դուն կրնաս վերստին յարուցանել մեր Ազգին մէջէն դիւցազներ հաւատքի ու սիրոյ: Վերստին թագաւորէ՛ մեր սրտերուն վրայ: Տո՛ւր մեզի հայրեր ու մայրեր՝ որ փայլին ընտանեկան հաւատարմութեամբ ու սրբութեամբ:

Տո՛ւր մեզի մանկամարդ օրիորդներ ու կտրիճ երիտասարդներ, որոնց պարծանք ըլլայ գեղեցկութիւնը առաքինութեան եւ ո՛յժը բարոյականութեան:

Տո՛ւր մեզի մանուկներ, որոնք ուրախութիւնն ու պսակը ըլլան Եկեղեցւոյդ եւ Ազգին:

Եւ տո՛ւր ամբողջ ազգին՝ շնորհք զղջումի եւ վերադարձի:

Զայս կը խնդրենք բարեխօսութեամբ քու Մօրդ, Տիրամօր Կուսին: Ամէն: