Աւագ Շաբաթ օրը Քրիստոսի վարշամակը տեսանելի պիտի ըլլայ
Աւագ Շաբաթ օրը Քրիստոսի վարշամակը տեսանելի պիտի ըլլայ հեռուստատեսութեան և ընկերային լրատուամիջոցների միջոցաւ։
Վարշամակի ցուցադրութիւնը կը կատարուի թիկունք կանգնելու համար հաւատաւոր ժողովուրդին ու Քրիստոսէն հայցելու շնորհքը՝ յաղթահարելու համար չարը, այնպէս ինչպէս ըրաւ Խաչին վրայ։Այս համաճարակի ժամանակաշրջանին՝ Թորինօ Քաղաքի Արքեպիսկոպոսը, գերապայծառ Չեզարէ Նոզիլիա, որոշած է յառաջիկայ շաբաթ 11 ապրիլին, աւագ շաբաթուայ օրը, Քրիստոսին վարշամակը տեսանելի դարձնել հանրութեան եւ հաւատացեալներուն, հեռուստատեսութեան եւ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ՝ թիկունք կանգնելու համար հաւատաւոր ժողովուրդին ու Քրիստոսէն հայցելու շնորհքը՝ յաղթահարելու համար չարը, այնպէս ինչպէս ըրաւ Խաչին վրայ։
11 ապրիլի երեկոյեան 5-էն սկսեալ, Գերապայծառ Նոզիլիան՝ Վարշամակը պահպանող մատրան մէջ պիտի գլխաւորէ աղօթքի հսկումի արարողութիւնը, որ պիտի սփռուի ուղիղ եթերով, առիթ ընծայելով հաւատացեալներուն հետեւելու եւ մասնակցելու Վարշամակի դիմաց կայացած աղօթքին։
«Սէրը որով Յիսուս մեզի ընծայեց իր կեանքը եւ որ կը տօնախմբենք այս շաբթուայ ընթացքին, աւելի զօրեղ է որեւէ տառապանքէ, որեւէ հիւանդութենէ եւ որեւէ վարակումէ, փորձութենէ ու յուսալքումէ» ըսաւ այս առթիւ գերապայծառ Նոզիլիա աւելցնելով, որ «ոչ մէկը կարող է մեզ բաժնել այդ սերէն, որովհետեւ ան հաւատարիմ առ յաւէտ ու մեզ իրեն կը միացնէ անքակտելի կապով»։
Յայտնենք թէ Վարշամակի ցուցադրութեան սոյն ձեռնարկը բացառիկ իրողութիւն է, տրուած ըլլալով որ ան ընդհանրապէս կը ցուցադրուի միայն որոշ կարեւոր առիթներով, ինչպէս նախատեսուած է՝ զոր օրինակ, յառաջիկայ 28 դեկտեմբերէն մինչեւ 2021 մէկ յունուար, ի տես Թեզէի համամիութենական հասարակութեան երիտասարդներու միջազգային 43 հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Թորինօ քաղաքին մէջ։
Աղբյուրը՝ www.vaticannews.va
Թողնել պատասխան