Հայր Վահան Հովհաննիսյանի աղոթքները
Մխիթարյան միաբան հայր Վահան Հովհաննիսյանը իր գրական ստեղծագործության մեջ ունի նաև աղոթքներ, որոնք բխում են իր հոգևոր կյանքից և խորը ապրած հավատքի արտահայտություն են: Նյութերը վերցված են «Մարեմական» տաղարանից, որտեղ խմբված են հայր Վահանի 1952-1954 գրի առած կրոնաշունչ երգերը։
ԱՍՏՂ ԾՈՎԱՅԻՆ
Կ՚ուզէի որ դուն, ո՜վ Նարեկացի,
Հըպէիր սրտիս անգամ մը միայն,
Ու նա բաբախէր քու սրտիդ նըման,
Անգամ մը միայն փոխուէր Նարեկի:
Եւ ութսուներորդ աղօթքըդ ըլլար
Իմ երազներուս ծիրանի երկին,
Եւ ես երթայի պատմելու երկրին՝
Թէ կոյս մը չքնաղ եղաւ Տիրամայր:
Ու զայն կոչեցին աստըղ ծովային,
Ծոցը լուսափայլ, շուրջը ծիածան,
Ծիածան՝ որուն գոյները գըտան
Կարմրուկ այտերէն սիրուն Մանուկին:
Մայրութիւնն առտուան լոյսն էր կաթնորակ,
Ինչպէս հաճոյքն է սրետերու անմեղ,
Զոյգ աչքեր կային արեգակի տեղ
Եւ երկու ձեռքեր շաղոտ բարունակ:
Տեսայ Նարեկի նեղ պատուհանէն
Այդ աստղը ծագած Վանայ լըճակէն:
ԱՂԲԻՒՐ ՅՈՐԴԱՐԱՏ
(Շարական)
Ո՜հ, ես ըլլամ ոտքերուդ տակ բուրաստան,
Ըլլամ շուշան հովիտներու ըստուերոտ,
Եւ դուն, ո՜վ Մայր, անցնիս սրտիս այնքան մօտ՝
Որ բողբոջին բոլոր տենչերըս խոպան:
Եւ ես ըլլամ շուրջըդ պարող ծաղիկներ,
Ցորեանի արտ, խնծիղներով հասկաթուռ,
Եւ Եդեմէն դու վար իջնես, ջինջ աղբիւր,
Ջըրարբելու ծարաւ հոգիս անհամբեր:
Լըսեմ յաւէտ կարկաչանքիդ շարական,
Շընորհքիդ ձա՛յնը պարտէզին մէջ սրտիս.
Ես խոնջ ճամբորդ չորս ծագերէն աշխարհիս,
Ըմպեմ անյագ սրտիդ ակէն մայրական,
Եւ թեւերուդ զով շուքին տակ՝ խանդակաթ
Երգեմ գարունս, աղբիւրիդ մօտ յորդարատ:
ԱՍՏՂԸ
Անցաւ երկու հազար տարի
Աստղն է անշէջ Բեթղեհէմի,
Կ՚երեւայ միշտ եւ կը խօսի
Քարայրին հետ հընամենի:
Ես չեմ գիտեր ո՛վ կը վառէ
Այդքան պայծառ ամէն գիշեր,
Կարծես աշխարհս հին մըսուրն է
Եւ ծնրադիր շուրջն հովիւներ:
Աչքն է, կ՚ըսեն, նա Տիրամօր,
Որ չի զատուիր այդ սուրբ վայրէն,
Կ՚երազէ միշտ մայրութեան օրն
Երբոր ծագեց Լոյսն իր ծոցէն:
Այնքան կ՚իջնէ ցած՝ կարծես որ
Կ՚ուզէ գրկել քարայրն աղուոր:
ԱՀԱՒԱՍԻԿ ԿԱՍ ԳԵՂԵՑԻԿ
Հազար տարիներ անցան եւ դարձեալ
Կը վառին մոմեր խորանէ խորան,
Կը բացուին վարդեր քեզ համար միայն,
Սիրով անթառամ, գեղով լուսափայլ:
Ամէն արշալոյս քեզ համար կու գայ
Եւ ամէն ծաղիկ աղօթք մ՚է լոյսի.
Միայն քեզ համար ժամանակ չըկայ,
Միշտ կը յայտնուիս չքնաղ աւելի:
Հազար գմբէթներ բարձրացան երկին,
Եւ քարերն եղան երգող քանդակներ,
Եւ անունդ աստղերն աշխարհէս առին.
Արեւն երազեց Մայիսի օրեր,
Դու միշտ գեղեցիկ արքայութեան պէս
Եւ միշտ Տիրամայր՝ Խաչին տակ ինչպէս:
ՈՒՐԱԽ ԼԵՐ ԲԵՐԿՐԵԱԼԴ…
Իջի՛ր հրեշտակ, իջի՛ր նըման փայլակին,
Պատռէ՛ կապոյտն ինչպէս ճամբան ծիր կաթին.
Դուն ծոցիդ մէջ ունիս սիրոյ աւետիս,
Ո՜հ, մի գուցէ այդ փառքին մէջը մեռնիս:
Քեզ կը սպասէ տառապակոծ մի աշխարհ,
Քեզ կը սպասէ կոյս մը հիւղին մէջ խոնարհ.
Ահա եւ նա կերոնի պէս աղօթուն
Հարս կ՚ընծայուի պահելով իր կուսութիւն:
———-
Ահա պարզեց թեւերն ինչպէս ճաճանչներ
Բռնեց երկինքն, առին ծովերն երանգներ,
Ցնծաց աշխարհս առնելով կանգ իր վազքէն
Եւ փառքերով կարծես զատուած երկնքէն:
Եւ երբ փըչեց գարնանային քաղցրիկ հով,
Հրեշտակն իջաւ, սարսափած իր պատգամով,
Թեւերն ոսկի հորիզոնէ հորիզոն,
Ամփոփուեցան ինչպէս աշնան երեկոն:
Եւ թրթըռուն բառերն առին ձայն քնարի,
Թըռան վանկերն ինչպէս ճերմակ աղաւնի.
Աւետի՛ս քեզ, ողջո՜յն երկնի Թագուհի,
Մայր պիտ՚ ըլլաս, կոյս օրօրան Յիսուսի:
———-
Ո՜հ, ե՛տ գընա, ո՜վ հըրեշտակ, ե՛տ գընա,
Աստուած է տէր եւ իմ սրտիս լոկ փեսայ,
Եւ կուսութիւնն ինձ առագաստ երկնային
Ուր սիրելով պիտ՚ ըսպառիմ առանձին:
Ո՜հ, ե՛տ գընա, ո՜վ հըրեշտակ, ե՛տ գընա,
Թող չըհնչեն այստեղ բամբիռ եւ ծնծղայ,
Ոչ մարդկային շունչ առնէ հոս ելեւէջ,
Ես պիտ՚ ապրիմ այստեղ ուրիշ սիրոյ մէջ:
———-
Ոչ մէկ Մայիս պիտի մընայ Կոյս այնքան
Քան դու Մարիամ յետ արփածին մայրութեան,
Միայն ուզէ՛, բա՛ց շրթունքներդ այգային
Եւ պիտ՚ առնէ սրտէդ թըռիչք «Եղիցի»ն:
Եւ պիտ՚ ըլլայ վըրադ Երկինք հովանի,
Ու քեզ փեսայ՝ Հոգին ամբիծ աղաւնի,
Շուշանն ինչպէս ցօղ կ՚ընդունի կուսութեամբ,
Մայր պիտ՚ ըլլաս եւ դարձեալ կոյս մայրութեամբ:
Ուրա՛խ լեր դու, ուրախութիւն աշխարհի,
Երկինքն ահա ձեռքն երկարած է երկրի,
Պար կը բռնեն շուրջըդ էջերը Գրքին,
Դու ըսպասում, դու գուշակուած խոստում հին:
Մըտի՛ր, ով Կոյս, առագաստին մէջ բեհեզ,
Ոտքերուդ տակ աստղեր մարգրիտ, աստղեր հեզ,
Դո՛ւ թագուհի եւ դուն խոնարհ աղախին,
Ըսէ միայն Աստուածածին, «Եղիցի»ն:
———-
Եւ ահա Կոյսն աչքերով թաց եւ ամփոփ
Արտասանեց իր «Եղիցի»ն սրտատրոփ.
Յանկարծ դարձաւ ամբողջ կապոյտն ոսկի ծով
Ու ծաղկեցաւ աշխարհս հազար գոյներով:
Աստուած իջաւ, Արքայութիւնն ալ իր հետ,
Մայր է հիմա, Հարս է Մարիամ արփաւէտ,
Եւ Նազարէթն է ապարանք երկնաշէն,
Շուրջը պահակ սերովբէներ հըրեղէն:
ՈՂՋՈՅՆ ՔԵԶ
Երեկոյեան զանգերուն հետ դաշնաւոր
Եւ ծիրանի գոյներուն մէջ ոսկեթուռ,
Կը տարածուի նուագ մը յուշիկ, հեշտօրօր,
Լարին վրայ անուն մը սուրբ եւ աղուոր.
Աստուածամա՜յր, Աստուածամա՜յր, ողջոյն քեզ…
Եւ աղբիւրներ աղբիւրներու արձագանգ,
Անտառներու սօսափիւններ մեղմօրօր
Զայն կը կրկնեն, կը համբուրեն անուշ վանկն,
Անուն մը սուրբ, անուն վարդի պէս բոսոր,
Աստուածամա՜յր, Աստուածամա՜յր, ողջոյն քեզ:
Ցոլքեր կ՚իյնան ջուրերու ջինջ երեսին,
Կը նկարեն անուն մը կոյս, ոսկեթել,
Զոր ամէն օր համբուրելու գայ արփին.
Անուն օրհնեալ, անուն սրտին հետ ընտել…
Աստուածամա՜յր, Աստուածամա՜յր, ողջոյն քեզ:
Շաղերու մէջ եւ վարդերու երեսին,
Սէրն առանձին անուն մ՚ունի ոսկեգիր,
Անուն մ՚այնքան նըման գարնան ժըպիտի՝
Որ կը թըւի իրերու երգ սիրալիր:
Աստուածամա՜յր, Աստուածամա՜յր, ողջոյն քեզ:
ԲԱՐԻ՛ ԵԿԱՐ, ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐ
Դու սրտերու երգով եկար,
Ծաղիկներու բոյրով եկար,
Երկոտասան աստղեր գլխիդ՝
Երկինքներու փառքով եկար:
Քեզի համար սփռեց գարուն
Մայիսներու գեղեցկութիւն,
Որ տունէ տուն ելլես այցի
Շողերուն հետ արշալոյսի:
Քեզ դարերով ըսպասեցին,
Այդ հէգ աշխարհն եւ այս երկին.
Մեր յարկերուն ներքեւ խոնարհ,
Բարի՛ եկար, Աստուածամայր:
Բարի եկար ժամերուն մեր
Օրհնելու սեմն ու խորաններ,
Եւ ըլլալու ինչպէս գմբէթ
Մեր յոյսերուն երանաւէտ:
Բարի եկար մանուկներուն
Տալու անմեղ գեղեցկութիւն,
Եւ սրտերուն ալ կուսական
Դընելու ձե՛ռքըդ պահապան:
Եկար տալու ծերերուն յոյս,
Պարմաններուն ալ խըրախոյս.
Դու մայրերու մէջ տիպար մայր,
Բարի՛ եկար, Աստուածամայր:
Հոն ուր կ՚իջնէ սուրբ հովանիդ,
Կը ծաղկի սէր լուսափըթիթ.
Մինչ աչքերէդ միշտ կը հոսի
Գութը նըման ճերմակ կաթի:
Ու բազուկներ կը բարձրանան
Ինչպէս ծաղկած վարդ ու շուշան,
Քեզ կանչելու երկնքէն վար,
Յիսուս գրկիդ մէջ սիրավառ:
Ո՜հ, դուն անցիր մեր տուներէն,
Որ թուխ ամպեր մեզ չըպատեն,
Եւ ամէն սիրտ ըլլայ խորան,
Ամէն շրթունք՝ նոր շարական:
Պարզէ՛ յաւէտ երկնէ երկին
Խաղաղութեան սուրբ ձիթենին,
Թող անխըռով դառնայ աշխարհ.
Աստուածամա՜յր, Աստուածամա՜յր:
ԱՄՊ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ
(Շարական)
Սին օրերու խօլ տենչերով տօթակէզ
Քու հովանիդ կը փնտռեմ.
Առանց գարնան անձրեւներու դաշտ եմ ես,
Երկնայի՛ն ամպ, ծարաւ եմ:
Իջի՛ր վըրաս ծիածանի պէս պարփակ,
Ինչպէս վըրան սնդուսէ,
Եւ ես բացուիմ ծիլ մը մատղաշ՝ թեւիդ տակ
Հեռու այրող խորշակէ:
Այնպէս ինչպէս Կոյս ծոցիդ մէջ կը պահես
Խարտեաշ Մանուկդ յաւիտեան,
Վարդ-ամպ եղիր, որ իմ աչքերս ալ ծածկես
Թովչանքներէ մեղսական:
Ու շուքիդ տակ ապրիմ մանուկ քաղցրութեամբ,
Հովանաւոր ճերմակ ամպ:
ԵՕԹԸ ԽՈՑ
Ըսի, ես երթամ խնդրեմ թուփերէն
Սըրինգ մը մասուր, եօթն աչքեր բանամ,
Եօթն արցունք հոսին վիրաւոր սրտէն
Ըսփոփեմ հոգիս յաւերժ ողբալէն:
Յետոյ զայն դընեմ Տիրամօր դիմաց
Թերեւըս ծաղկի յոյսերով կրկին,
Սուրբ Կոյսն ալ ունի սիրտ մը խոցոտուած
Կարմիր արցունքով, իր անհուն վշտին:
Թող տանին հովեր իր ձայնն ողբական,
Սրտերուն խօսի, խօսի տրտմութեան,
Թերեւըս ծաղկի Մայիսի նըման,
Երբ հառաչանքով ըսեն Վարդարան:
Աչքերն այդ, գիտեմ, կը բանան իսկոյն
Եօթը կարմիր վարդ Տիրամօր սիրոյն:
ՄԱՅՐ ՍՈՒՐԲ …
(Շարական)
Այս պաղատանքն է իմ ամբողջ ցեղիս,
Հաւատքով լեցուն, սիրով դիւցազուն,
Ցնծութեան կանչն է մեր զանգակներուն,
Եւ կիրակնօրեայ աղօթք վարդագոյն:
Այս մեր Մայր Սուրբն է ծագող արեւուն,
Անդերուն վըրայ ծըռած մըշակին,
Եւ ցորեններուն ոսկիացած գոյնն,
Ինչպէս իրիկուան դայլայլ սոխակին:
Երգ խաղաղութեան՝ օրերուն մըռայլ,
Եւ մեր հաւատքին յաղթական բոմբիւն,
Նա մերն է միայն, իր սիրով անհուն
Խնկեալ շարական մեր տաճարներուն,
Մայր ծիրանեծին որ կու գայ յաւէտ
Ջահելու մեր վրան աչքերն արփաւէտ:
ՀԱՐՍՆ ԸՆԾԱՅԵԱԼ …
(Շարական)
Ոսկեփրփուր, ոսկեկոհակ
Ես ծով ըլլամ ոտքերուդ տակ,
Եւ մարգարիտ ու նունուֆար
Քու մայրութեա՛նըդ, Տիրամայր:
Եւ բարձրանաս դու ամպէ ամպ
Արքայութեան գեղեցկութեամբ,
Հարս մեր երկրէն եւ հարս երկնի
Պատմուճանով արեգակի:
Ու խնդութեամբ լուսապարար
Ծափէ երկին, ծափէ աշխարհ,
Տափ՝ լուսընկան, տաւիղ աստղեր,
Համայնական հիւսեն երգեր:
Հարս ընծայեալ երկրէ երկին,
Սերովբէներ թող խոնարհին,
Եւ Պետութիւն եւ Զօրութիւն
Կրկնեն յաւերժ քու սուրբ անուն:
Ես լըսեցի թեւերու ձայն,
Մեր ժամերուն ինչպէս ծնծղան,
Եւ դէմքերով երկինք զեղուն
Կը կանչէին Մարիամ անունն:
Կը բարձրանար նա հեզաքայլ,
Երկրէ երկին հարս ընծայեալ,
Շողը շողէն սրտազեղուն
Կը հըպէր իր քըղանցքներուն:
Քաղցր է հիմա արքայութիւնն
Մարեմական շաղով զեղուն,
Եւ երգն անոյշ, երգն հոգեզմայլ
— Երկրէ երկին հարս ընծայեալ —
ԱՆԱՐԱՏ ԿՈՅՍ
(Շարական)
Շարականի պարտէզին մէջ քեզ տեսայ,
Արեւագալն էր ուսերուդ պատմուճան,
Եւ սաղմոսներ գլխուդ աստղեր լուսածոր,
Դուն կ՚երգէիր Մեծացուսցէ-ն յակինթեայ:
Այնտեղ ես միշտ մեր ժամերուն զերդ երկին,
Որուն սէրդ է անծայրածիր պարունակ,
Ու մայրօրէն գրկած ես միշտ Արեգակն,
Այն որ Աստուած է եւ Որդիդ է Միածին:
Ու կ՚անձրեւեն դէմքիդ ցոլքեր կաթնորակ,
Ամէն շիթ՝ սէր, ամէն կայլակ՝ Սրբութիւն,
Դուն ես Մայիսն այս անձկաւէտ օրերուն,
Որուն վարդերն աղօթք են ու սուրբ փափաք:
Ո՜հ, ցօղէ՛, Կոյս, սրբութենէդ երկնահամ,
Անարատ կոյս, Աստուածածին Մարիամ:
ԱՅՍՕՐ ԱՍՏԵՂՔ …
(Շարական)
Տասներկու հատ լուսաթի՜ռ
Շոշոր Աստղեր տասներկու,
Տիրամօր քով ծնրադիր
Արեգակներ են հըլու:
Ու լոկ գիտեն պսպըղալ,
Ճաճանչներով աղօթել,
Զերդ բուռվարի բոցն օրհնեալ,
Միշտ մերձենալ եւ սիրել:
Լոյս են լոյսին հետ յաւերժ,
Եւ կոյս դէմքին շրջանակ,
Կարծես սիրոյ նոր ջրվէժ
Ամէն կաթիլ հըրեշտակ:
Տասներկու հատ լուսաթի՜ռ
Տիրամօր քով ծնրադիր:
ԱՐԵՒԵԼՔ ԱՐԵԳԱԿԱՆ
(Շարական)
Ուրկէ՞ կու գայ այս արփին,
Աստուածային հըպումով,
Ծովերն ոսկի կը փոխուին,
Կը լեցուի վարդն երազով:
Եւ շուրջն հազար պարունակ
Ծիածանի գոյներու,
Թեւերուն մէջ ամրափակ
Մանուկ մ՚ունի սիրելու:
Հազար ճաճանչ, հազար շող
Ամենուրեք կը սփռին,
Եւ իր ծոցին մէջ ծագող
Արեւելքն է Արեւին,
Եւ նա կոյսի դէմք ունի
Աչքեր ունի շուշանի:
ԱՅՍՕՐ ՑՆԾԱՆ ԵՐԿՆԱՅԻՆՔ
(Շարական)
Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր ծաղիկ Եդեմի,
Չորս գետերու եզերքին,
Աղուո՜ր ժըպիտ, աղուո՜ր կոկոն ես լոյսի
Երանութեան Յիսուսի:
Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր հըրաշք Անմահին
Ըստեղծագործ օրերուն,
Երբ քեզ պարզեց զերդ առագաստ երկնքին
Գեղեցկութիւն իր սիրոյն:
Քերովբէներ, սերոբէներ միաձայն
Շուրջըդ յաւէտ կը պարեն,
Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր արեւ աննըման,
Թագ Յիսուսի լուսեղէն:
Ամենուրեք եւ ամէն ժամ սիրելի,
Աղուո՜ր, աղուո՜ր Տիրուհի:
ՄԱՔՈՒՐ ԱՂԱՒՆԻ
(Շարական)
Հրեշտակներուն եւ սուրբերուն համօրէն
Երամին մէջ ոսկեփետուր աղաւնի,
Մեր ժամերուն ցնծութեան մէջ լուսեղէն,
Խորհրդական միւռոնաբոյր աղաւնի:
Տապանակին շուրջը պարող լոյս զուարթ,
Ուր թեւերուդ սուրբ հըպումով կը վառին
Հազար ջահեր, հազար տենչեր խանդակաթ,
Մեր աղօթքներն երկինք տանող աղաւնին:
Կուրծքիդ վըրան դուն լուսատիպ կը կըրես
Բանն Աստուծոյ, առուակն ինչպէս ցոլքն ոսկի,
Ո՜հ, երանի՛ քեզ, աղաւնի սիրակէզ,
Որուն թեւերն հրեղէն կառք են վերելքի,
Թեւեր որոնք նըման շաղոտ ճաճանչի
Կը փոխեն սիրտն՝ հըպելով՝ թարմ կանանչի:
ՍԱՓՈՐ ՈՍԿԵՂԷՆ
(Շարական)
Այդ սափորին ոսկեղէն
Սէրն ես ըմպեմ կուսական,
Ու մանկանամ ես նորէն
Ինչպէս գրկիդ Երեխան:
Գիտեմ թէ հոն կը պահես,
Խեփորն ինչպէս մարգարիտ,
Նշխարը սուրբ ձիւնի պէս
Եւ ողկոյզի ոսկի շիթ:
Արեւի պէս ամէն օր
Կը պարպըւիս անսպառ,
Միշտ արշալոյս երկնածոր
Եւ միշտ սափոր սիրավառ:
Ո՜հ, դուն հոսէ՛, հոսէ՛ Կոյս
Այդ սափորէն սէր եւ լոյս:
Թողնել պատասխան