ԵՐԳԱՐԱՆ

ԵՐԱՆԵԼԻ ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄ
Երանելի կոյս Մարիամ,
Խոնարհ սրտով քեզ կը դառնամ.

Ընդունէ զիս թեւերուդ տակ,
Ու պահպանէ միշտ անսայթաք: — Կրկ.

Կարկառէ ինձ, Մայր սիրելի,
Գթոտ ձեռքերդ շնորհալի,

Որպէսզի միշտ սուրբ իղձերով
Վայելեմ քու սէրն ու գորով: — Կրկ.

Ահ, երջանիկ կը համարիմ
Ըլլալ որդի քեզի Մայր իմ.

Որովհետեւ դուն տիրապէս
Տիեզերքի Փրկչին Մայրն ես: — Կրկ.

Յիսուսէն վերջ դուն ես իմ յոյս
Ես արժանի համակ սիրոյս,

Գրաւէ սրտիս բոլոր իղձեր,
Զոր կ՛ընծայեմ քեզի նուէր: — Կրկ.


ԱՄԻՍՆ ԱՀԱ Ս. ԿՈՒՍԻՆ

Ամիսն ահա՛ Սուրբ Կուսին,
Ամիս յոյժ գեղեցիկ.
Աստուածամօր միասին
Ուղղե՛նք երգ մը քաղցրիկ:

Ծաղիկներով խնկահոտ,
Զարդարե՛նք իր տաճար.
Նըւագներով եռանդնոտ,
Գովե՛նք իր գեղն անճառ:
Նոր գարունին գեղանի
Կը գովեն թոյրն ու բոյր.
Մարիամ անկէ շատ ունի
Թէ՛ շնորհք թէ՛ հրապոյր:

Աստղեր պայծառ շողշողուն երկընքի շափիւղայ,
Նըւազ ցոլքեր կը հեղուն Քան աչքերն Մարեմայ:
Հորիզոնին վերեւի Արշալոյսն ակնաթով,
Անշուք նըսեմ կ՚երեւի, Մարեմայ գեղոյն քով:

Մեր հայրենեաց անձկաւէտ
Ըրէ՛ մեզ արժանի,
Որ դրուատենք առ յաւէտ
Փառքըդ, մա՛յր գեղանի:

Թրգմ. Խ.Վ. ԱԹԱՆԱՍԵԱՆ


ՇՈՒՔՆ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ
Շուքն երկրի վրայ կը ծաւալի,
Տե՛ս, զաւակներդ կը դառնան,
Ոտքըդ կու գան, Մա՛յր պանծալի,
Քեզ նուիրելու վերջն օրուան:

Կրկներգ
Ո՛վ կուսամայր խնամակալ,
Ո՛վ մեր յոյսն աննըման,
Ընդունէ՛ մեր աղօթքն ալ,
Աղօթքն ու երգն երեկոյեան:

Արշալոյսին ծագած ատեն,
Ծունկիդ առջեւն էինք մենք.
Ահաւասիկ կու գանք նորէն,
Հսկէ՛ մեր վրայ, կը գոչենք:

Ո՛վ բարի մայր, հսկէ՛ մեր վրայ,
Մեր նախանձոտ թշնամին
Անդուլ մեր շուրջը կը դառնայ,
Նենգահընար, զայրագին:

Թրգմ. Խ. Վ. ԱԹԱՆԱՍԵԱՆ


Ո՜Վ ՍԻՐՏ ՄԱՐԻԱՄՈՒ
Ո՜վ Սիրտ Մարիամու,
շնորհքի գանձարան
Ծով անըսպառ բարութեան.

Երկնային սիրոյ, անշէջ վառարան
Աղօթեա՛, աղօթեա՛ վասըն մեր:
Ո՜վ Սիրտ Մարիամու,
գանձ ողորմութեան:

Արդարներու ապաստան.
Մեղաւորին յոյս,
լաստ մեր փրկութեան
Աղօթեա՛, աղօթեա՛ վասըն մեր:

Պ. Վ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ


ԵՐԲ ԿԸ ԿՐԿՆԵՄ ԱՆՈՒՆԴ
Երբ կը կրկնեմ անունդ ո՜վ Մայր,
Սիրտս յոյզերով կը լեցուի.
Կ՚ուզեմ երգել ես անդադար,
Սէրդ ու գորովդ մայրենի:

Կրկներգ  
Օրհնեալ ըլլայ ամենուրեք
Անունդ ո՜վ Մայր աննըման
Դուն կորովն ես իմ կեանքիս հէք
Լոյսն ու ժըպիտը մահուան:

Երբ կը կրկնեմ անունդ ո՜վ Մայր,
Կամքըս նոր ոյժ կը զգենու.
Կը դիւրանայ ամէն պայքար,
Կ՚իյնան խութերը հուժկու:

Երբ կը կրկնեմ անունդ ո՜վ Մայր,
Կը մոռնամ ցաւը կեանքի.
Հոգ չէ խոցեն զիս անհամար,
Փուշերը սուր ու վայրի:

Երբ կը կրկնեմ անունդ ո՜վ Մայր,
Երազի պէս կ՚անհետին,
Փորձութիւնները դեւին չար,
Եւ հաճոյքներն աշխարհին:

Պիտի կրկնեմ ես Մա՛րիամ
Անունդ անուշ մայրենի
Պիտի կրկնեմ ես յարաժամ,
Թէ՛ հոս թէ տունն հայրենի:

Պ. Վ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ


ՀՈՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԵՆՔ ԶԻՆՔ
Հոն պիտի տեսնենք զինք, Հայրենեաց մէջ յարաժամ.
Պիտի տեսնենք մենք Մարիամ, Եւ իրմով ըզմայլինք:

Կրկներգ  
Երկի՜նք, Երկի՜նք, Երկի՜նք,
Հո՛ն պիտի տեսնենք զինք.
Երկի՜նք, Երկի՜նք, Երկի՜նք,
Հո՛ն պիտի տեսնենք զինք:

 Հոն պիտի տեսնենք զինք, Այս է դարման մեր ցաւոց
Այս արտասուաց հովտին ծոց, Ուր նժդեհ կը շրջինք:

Հոն պիտի տեսնենք զինք, Զըւարթնոց հետ միատեղ,
Պիտի գովենք իրեն գեղ, Երջանիկ միշտ լինինք:

Հոն պիտի տեսնենք զինք, Պիտի մերձինք իր գահին,
Առնունք թագեր երկնային, Իրեն հետ գահ բազմինք:

Հոն պիտի տեսնենք զինք, Աստուածամայրն երկնագով,
Պիտի երթանք իրեն քով, Իր սիրո՛վ տոգորուինք:

Հոն պիտի տեսնենք զինք, Երթա՛նք երկրէ շատ հեռու
Սըրտին վըրայ Մարիամու Խաղաղիկ միշտ հանգչինք:


ԻՆՉՊԷՍ ՆԱՒԱԿ Մ՚ԱԼԵՅՈՅԶ
Ինչպէս նաւակ մ՚ալեկոյզ
Կիրքերու բիրտ հողմին տակ
Կորուսած ղեկ մ՚ամէն յոյս
Կը տատանիմ միայնակ:

Կրկներգ
Վերջ տուր այլեւս, ո՛վ Մարիամ,
Հեծեծանքին թըշուառիս.
Յիշէ՛ Որդւոյդ խաչն ու գամ,
Յիշէ՛ արցունքդ, յիշէ՛ զիս:

Երկինք ցասկոտ մըթամած,
Գութի նըշոյլ մը չունի
Ուղեկորոյս մոլորած
Եւ ալեմոյն նաւորդի:

Յուսակըտուր, թեւաբաց՝
Ալիքներու մոլուցքէն
Քե՛զ կը կանչեմ, ո՛վ գըթած,
Մոլորեալին ապաւէն:

Պ. Վ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ


ԳԱԲՐԻԷԼ Ի ՁԵՌԻՆ
Գաբրիէլ ի ձեռին, Ծաղիկն անթառամ,
Աւետեց քեզ՝ Փըրկչին Խորհուրդն, ո՛վ Մարիամ:

Կրկներգ  
Ողջո՜յն, ողջո՜յն, ողջո՜յն քեզ Մարիամ:
Ողջո՜յն, ողջո՜յն, ողջո՜յն քեզ Մարիամ:

Քու խօսքովդ Տէրն երկնից Անվիշտ ու անցաւ,
Յարգանդիդ սուրբ անբիծ Եկաւ հանգչեցաւ:

Գաբրիէլ հրեշտակին Հետ եւ մենք այսօր
Կ՚ողջունենք բերկրագին, Ըզքեզ, Կոյս հըզօր:

Մարիամ, Մայր գըթած Ոտքերուդ առջին՝
Հոգիս արդ խոնարհած Կ՚երգէ կաթոգին:

Հոգիիս քաղցր սընունդ, Եւ բերկրանքն անճառ,
Ըլլայ քու սուրբ անունդ Կրկնել անդադար:

Ղ. Վ. ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ


ՈՂՋՈ՛ՅՆ, ԱՍՏՂ ԾՈՎՈՒ
Ողջո՜յն, Աստըղ ծովու,
Տիրամա՛յր գըթալից,

Եւ միշտ կոյս սիրարկու,
Երանեալ դուռն երկնից: — Կրկ.

Գաբրիէլ քեզ տուաւ
Երկնառաք այս ողջոյն.

Եւայի մեղսաքաւ,
Տո՛ւր հանգիստ մեր հոգւոյն: — Կրկ.

Խորտակէ՛ կապ մեղաց,
Պարգեւէ՛ կուրաց լոյս,

Հալածէ՛ չարն ի բաց,
Ա՛ռ բարիք ամէնուս: — Կրկ.

Ցո՛յց տուր մեզ որ ես Մայր,
Մեր աղօթքն ընծայէ՛

Անոր որ մեզ համար
Ծընաւ, ո՛վ Կոյս, քեզմէ: — Կրկ.

Ո՜վ Կոյս զերծ արատէ,
Ամէնէն սուրբ եւ հեզ,

Մեղքերնէս ազատէ՛
Եւ ըրէ՛ սուրբ ըզմեզ: — Կրկ.

Թրգմ. Խ. Վ. ԱԹԱՆԱՍԵԱՆ


ՍԻՐՏՍ ԿԵՆԱՑ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ
Սիրտըս կենաց անապատին մէջ կ՚հիւծի.
Բայց սակայն մի ձայն դաշըն քաղցրալուր,
Գորովագին, մեղմիկ կ՚ըսէ միշտ ինծի.
Երկինք կը տանիմ ետեւէս եկուր:

Ո՜հ, ասիկա ձայնն է կուսին անարատ,
Կը պաշտպանէ զիս հովտիս մէջ տըխուր.
Ինծի անդուլ կ՚ըսէ մայրն իմ գըթառատ,
Երկինք կը տանիմ ետեւէս եկուր:

Ի՜նչ կայ քաղցրիկ քան ձայնը մօր մ՚անուշակ.
Ան կը բուժէ ցաւն ամէնէն դըժնէ.
Ան կ՚ըսէ ինձ, երբ կենաց դառն է ճաշակ,
Երկինք կը տանիմ, օ՛ն քաջալերուէ՛:

Երբ նըւաղկոտ կեանքըս մարի, շիջանի,
Այն ատեն իրեն պիտի պաղատիմ.
Պիտի գոչէ ինծի ձայնով մայրենի
Երկինքն աւասիկ, եկո՛ւր զաւակ իմ:

Այն ժամանակ պիտի գոչեմ ես հոգւով.
Երթամ երգեմ իր սէրը մայրական,
Եւ ընդունիմ փառքի պըսակն անվըրդով,
Երկնից մէջ ուրախ ըլլամ յաւիտեան:

Թրգմ. Խ.Վ. ԱԹԱՆԱՍԵԱՆ


ՅԻՍՈՒՍ ԽՈՆԱՐՀ ԵՒ ՀԵԶ
Յիսուս, Յիսուս, խոնարհ եւ հեզ
Սիրտըս ըրէ՛ Սուրբ Սըրտիդ պէս
Հնազանդ, խոնարհ, քաղցըր եւ հեզ:
Յիսուս, Յիսուս, խոնարհ եւ հեզ
Սիրտըս ի սպառ դի՛ր Սըրտիդ քով
Սիրտըս այրէ Սըրտիդ հրով:


ԱՆՁՆ ԻՄ ԱՀԱ ԾԱՐԱՎԻ
Անձն իմ ահա ծարաւի
Աղբիւրիդ զովարար,
Ո՛վ Փրկիչ իմ սիրելի
Կը դիմէ խանդավառ:

Կրկներգ  
Ո՛վ երջանիկ հրեշտակներ
Տըւէք ինձ ձեր վառ սէր,
Ձեր պաշտաման առարկայ
Աստուածն այն ինձ կու գայ:

Տապանակին մէջ ի սպառ
Կենարար իմ Յիսուս
Կը սպասես դու ինձ համար
Տալով ինձ խըրախոյս:


ՈՎ ՔԱՂՑՐԱԳՈՒԹ ՍԻՐՏ ՅԻՍՈՒՍԻ
Ո՛վ քաղցրագութ Սիրտ Յիսուսի
Զըղջմամբ սըրտի եւ դառնագին
Կը խոնարհի առջեւդ հոգիս
Դարձո՛ւր նայուածքըդ կաթոգին:

Ինչո՞ւ համար քու փըրկարար
Աստուածային օրէնքներուդ
Քաղցրութենէն հոգիս ի սպառ
Զուրկ մնայ այսպէս հեռի եւ ցուրտ:


ՀԱՑՍ ԱՅՍ
Հացս այս՝ Մարմին է Քրիստոսի,
Բաժակս՝ Արիւն նորոյ Ուխտի.
Ծածկեալ Խորհուրդըն մեծ յայտնի,
Աստուած ի սմա մեզ տեսանի:

Սա է Քրիստոս Բանն Աստըւած,
Որ ընդ աջմէ Հօրըն բազմի,
Եւ աստ ի մեզ պատարագի,
Բառնայ ըզմեղըս աշխարհի:


ԵՐԿԻՆՔ ԵՐԿԻՐ ԿԸ ՀԻԱՆԱՆ
Երկինք երկիր կը հիանան
Գեղեցկութեանդ վըրան,

Ով՛ դիւթիչ ծիածան
Աստղ առաւօտեան: — Կրկ.

Քու փառքերդ կը պատմեն
Հրեշտակներն ամէն.

Արշալոյս լուսագեղ,
Կոյս ամենագեղ: — Կրկ.

Իմաստութիւնն յաւերժական
Յաւիտենից տուաւ հրաման,

Որ ծոցիդ մէջ շուշան
Մարմին առնու բանն: — Կրկ.

Այն որուն ակնարկին
Աստղերն երկնքին,

Ցրուեցան զերթ փոշի
Խորքերն անհունի: — Կրկ.


ՄԻՆՉ ՕՐՐԱՆԷՍ
Մինչ օրրանէս, ով Մայր երկնի,
Բացիր աչերս գթոյդ մայրենի,
Օհ այն ատեն հեռու քեզմէ,
Սիրոյդ ստուեր սիրտ իմ պաշտէ:

Կրկներգ
Այլ երբ իմ շուրթ չըսէ Մարիամ,
Սրտիս հեծմունք թող քեզ խօսի,
Երբ ալ իմ շունչ ի սպառ մարի,
Սիրոյդ ի ծով թող չքանամ,
Սիրոյդ ի ծով, ով Կոյս Մարիամ:

Այլ երբ օրհաս գամ աքսորիս,
Զիս երեսէդ մէ՛ վտարեր.
Երբ իմ աչքերս գոցուին յաստիս,
Քեզ թող տեսնէ իմ հոգւոյս սէր: